Հողային հարցը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԻԹԼԻՍԻ ՎԻԼԱՅԷԹ
(Քանի մը շրջանակներու բաժնուած)

Ա. Բաղէշի շրջակայ Ախլաթ, Չուգուր, Տատիկ, Կիւզալտէրէ, Խիզան, Սոլակերտ, գաւառակներու բազմաթիւ գեղերը հողային յափշտակութիւններ, զանազան տեսակ, գրաւմանց չափը իբր 60-80, 000 օրավար: Օր. Չուգուր-Մոզակ գիւղ, 23 հայ եւ 11 քիւրտ տնւոր հողագործներու իբր 80 շէնքեր, 553 օրավար հող, 38 չայիրներ՝ չնչին փոխարինութեամբ.

  Քաղաքին մօտակայ Խըմպըլ. ջուրի Հայերէն՝ արտեր, մարգեր եւն. :

  Ախլաթի Խուլթիկ գեղի Հայերու ընդարձակ հողեր չէրքէզներէ գրաւեալ:

  Խիզանի Թութէ գեղի հողերու մեծ մասը՝ Միւֆթիզատէ Սայիա Էֆ. է եւն. :

  Չուգուրի Երուան գիւղի հողերուն գրէթէ ամբողջութիւնը Հաճի Նէճմէտտին Էֆ. է եւն.:

Բ. Բաղէշի ենթարկեալ սանճագներէն՝

Կինճի Գուրի, Խիան, Փէչար, Ճապաղջուր, Մարաշդութ, Չքթէ [1], եւ Կինճի մօտակայքի 30է աւելի հայաբնակ գիւղերու արտեր, տուներ, անտառ, ջրաղաց, մարգագետիններ եւն.: Օր. Արտըշէն գիւղի եւ շրջակայքի իբր 200 արտ, 50 չայիրներ, 15 գոմեր եւն.: Արծէնք, 31 արտ, 1 չայիր, 3 տուն, 3 գոմ, 3 մարագ, 1 ջրաղաց: Խալապա, 13 արտ, 5 չայիր, 1 գոմ: Պոկլան, տեղւոյն Գմլիկ աղաներ գրաւած են հայերուն իբր 60 արտեր, 11 չայիր, 2 տուն, ձ ջրաղաց եւն., այլ եւ այլ համեմատութեամբ Գուբիի, Փէչարի, Կէօյնուկի կողմեր:

Գ. Խաֆիրութեան բռնակալական տուրքին հողային իճարէի գոյն տալով, ինչպէս եւ սալաֆով ու բռնի միջոցներով, հակառակ Հայերու բազմաժամանակեայ տիրապետութեան ու սեփականութեան Քիւրտ աշիրէթներու կողմէ բռնի գրաւումներ Խութի, Բռնաշէնի, Սասունի, Մօտկանի, Հազզօյի, Շատախի, Փսանքի եւլն. գաւառակներու 82է աւելի գիւղերու մէջ, որոնցմէ մէկ քանիին հողերուն ամբողջը, քանիին կէսը եւ մնացեալներուն այլեւայլ համեմատութեամբ՝ գրաւման չափը կʼենթադրուի ինր 60000 օրավար (Ծանօթ. Այս լեռնականներու արտերը ընդհանրապէս փոքր են, բայց թանկարժէք):

Օրինակ = Շատախ-Երիցանք. վերջին տարիներ 4-5 տնւոր Քիւրտեր բռնի գիւղ մտած եւ Հայոց արտերուն մէկ մասը գրաւած են, ուր այս տարի Հայ մըն ալ սպաններ են:

Խոցօվանք, Հայերուն մեծ մասը փախած եւ խաֆիրառու Քիւրտերը հողերու մեծ մասը գրաւած են: Խութ, Գիլօնք, իբր 20 տուն Հայեր փախուցած եւ անոնց տուները, արտերը, անտառը գրաւած են Պալագլը Շէկօյի տան Մահմուտի տղաք: Բռնաշէն-Կծանք, Սասունլը Քրտեր Չաթօ Ուսօ, Մաքէ, Ամար եւլն. 12 տնւոի Հայերը փախուցած, անոնց հողերու մեծ մասը Պալաքլը Քրտերուն հետ իրենց մէջ բաժնած ու մնացողներն ալ կիսրար լուծք ընել կուտան: Գրաւած են եւ Ս. Աղբերկայ Տնկաձորի անտառը եւլն.:

Շահվէրտի Պալագլը Իպրահիմ, Սալիմ են գրաւած են տեղւոյն Հայերու 230 օրավարէ աւելի հողերը, նոյնպէս Լորտնձոր, Թաղավանք եւլն. եւլն:

Դ. Բաղէշի ենթարկեալ Խարզան, Շիրվան, Նախիպան, Էրուն, Պէրվարի գավառակներու 63ի մօտ գիւղերու Հայերէն գրաւուած են մեծ տարածութեամբ հողեր, ագարակներ, արօտավայրեր, տուներ եւլն. հողերու տարծութեան չափը կʼենթադրուի 100-120, 000 օրավար:

Օր. Ղարզանի Ճէվիզ գիւղի Հայոց 46 ընդարձակ հողերը՝ Մալլա-պողէ աշիրէթէն:

Օր. Ղարզանի Մլքիշահ գիւղի Հայոց իբր 3500 արտավար հողերը՝ Չօսապան աշիրէթէն եւլն.:

Օր. Զանկով, Հաֆըք, Մրերի, Գալլա, Շալմօ եւլն., իբր 20 գիւղերու բոլոր հողերը ու տուները գրաւուած, Չալըքցի, Փիրօքանցի եւլն. աշիրէթներէն. ասոնցմէ քանիները ամայացած էին բոլորովին, թէ այժմ ի՛նչ վիճակ ունին, չենք գիտեր:

Նոյն կողմեր հողային գրաւումներ կան րայե ա Քիւրտերէ, Ասորիներէ, Եզիտիներէ եւլն. որոնց չափը յայտնի չէ:

Ե. Մշոյ սանճագի Պուլանըգ, Մանազկերտ, Վարդօ գաւառակներու բազմաթիւ գիւղերէն հազարաւոր արտեր, տուներ, շէնքեր եւլն. եւլն.: Օր. Պուլանըգի Բլուր գիւղի Հայերէն 2-3000 արտավար՝ նորեկ Քրդերէ, Լաթար (հին Դալարիսը) 73 խոշոր արտեր՝ 600 քիլէի տեղ կամ 2400 օրավար 56 չայիրներ (իբր 1000 բարդ խոտի տեղ) տեղւոյն շեխերէն:

Մանազկերտ, Խանօղլը 47 ընդարձակ արտեր, 12 մարգեր, իբր 3000 օրավար Ռստամգետիկ-զիւղերու հողերուն եւ չայիրներուն մեծ մասը, Վարդօ, Պասկան, իբր 80 արտեր, մօտ հազար օրավար եւլն.:

Չափ գրաւմանց՝ իբր 70, 000 օրավար:

Զ. Մշոյ Դաշտի Զիարէթ, Ախճան, Աւազաղբիւր գիւղախմբերու 60-70 հայաբնակ գիւղերէ հազարաւոր արտեր, տուներ, Պարտէզներ, ջրաղաց, արօտատեղիներ եւլն. եւլն.:

Օրինակ. Փողրկով՝ 164 արտ, չայիր, 30ի մօտ տուներ, մարագ, ջրաղաց եւլն., Ախճան՝ 185 արտեր եւլն., Տոմ՝ 150ի մօտ արտեր, չայիր, 35ի չափ տուներ, մարագ, ջրաղաց եւլն., Շմլակ՝ իբր 200 արտ, 40 շէնքեր, 30 կալ, 25 այգի, ծառաստան եւն.: Դաշտին մէջ աւելի համեմատութեամբ հողային գրաւմանց ենթակայ են նաեւ Ավազաղբիւր, Քիւրտմէյտան, Խորոնք, Քարձոր, Արդխօնկ, Խաշխալտաղ, Խոփեր, Ունան, Ալիճան, Առաղ, Առինջ, Քրտագոմ, Քոլոսիկ, Ծղակ, Վարդխաղ, Մասնիկ, Թել, Երիզակ եւն. եւն. :

  Յօժարակամ ծախուած եւ օրինաւորապէս սեփականուած հողերու մասին խնդիր չկայ, եւ կարծեմ Տեղական կառավարութեան ու դատարանին ժողովրդի կողմէ յարուցուած բողոքները կը վերաբերին վիճելիներու մասին, որոնք կամ բռնի, կամ բողոքի նիւթ եղած խարդախ միջոցներու կիրարկութեամբ խլուած են՝ օգտուելով ժամանակի աննպաստ պայմաններէ: Օրինակ, Ճիպրանլը Մահմուտ աղա՝ Հասան օվայի Հայերէն նախորդ շրջանին իբր 10 արտեր կը դնէ եղեր. յետոյ 60 արտի եւ չայիրի տէր կը հռչակէ զինքը եւ կը գրաւէ՛ ինքը որ արդէն ընդարձակ հողեր եւ կալուածներ ունի…։

Անարդար գրաւումներու դէմ մինակ Հայէր չեն, մեր իսլամ հայրենակիցներն ալ կը բողոքեն: Չափ գրավումներու իբր 60, 000 օրավար:

Է. Նորեկ Իսլամ գաղթականներուն տրուածները:

Տեղական իշխանութիւնները՝ 1902-1907՝ հետզհետէ ու հակառակ օրէնքի եւ սեփականութեան իրաւանց, բնիկները զրկելով՝ իսլամ գաղթականներ զետեղեցին Մշոյ դաշտի՝ 3, Պուլանըգի՝ 8, եւ Խնուսի՝ 2 հայաբնակ գիւղերուն մէջ: Խնուս՝ Չէրքէզները գրաւած էին Սիմօ եւ Լագպուտագ անուն երկու հայապատկան գիւղեր ալ: Ընդամէնը 15 գեղերէ գրաւեալ առնուազն 20, 000 արտավար հողեր, եւ շատ մը տուներ եւն.:

Օրինակ. Մշոյ Առնիստ գիւղի 21 տնւոր Հայոց 77 արտեր, 20 չայիր, 17 կալեր, 28 բանջարանոց, պասմալըք եւն., արօտատեղի, իբր՝ 1500 արտավար: Տարակոյս չկայ որ թափուն, կալուածագիրը եւ տուրքը Հայոց վրայ են:

Ինչպէս յայտարարեցինք, գրաւումներու ամբողջական եւ լիակատար ցանկերը չեն, այլ հասած այլ եւ այլ վիճակագիրներէ քաղուածներ, ուստի գրաւմանց չափերը մօտաւորագոյն հաշուով՝ ցոյց տրուած, ըստ այսմ, գրաւմանց չափն է ընդամէն

 

Ա. Կարնոյ վիլայէթի եւ յարակից գաւառներէ իբր

Օրավար

100, 000

Բ. Խարբերդի վիլայէթի եւ յարակից գաւառներէ իբր

  200, 000

Գ. Սեբաստիոյ վիլայէթի եւ յարակից գաւառներէ իբր

  80, 000

Դ. Տիարպէքիրի վիլայէթի եւ յարակից գաւառներէ իբր

200, 000

Ե. Վանի վիլայէթի եւ յարակից գաւառներէ

  100, 000

Զ. Պիթլիս-Մուշ վիլայէթի եւ յարակից գաւառներէ իբր

   350, 000

Համագումար

1, 030, 000

Կան նաեւ, զանազան վիլայէթներու մէջ՝ մեր վանքերու՝ եկեղեցիներու պատկանեալ հողային-կալուածական գրաւումներ, որոնց պիտի ակնարկենք, քիչ յետոյ:



[1]            Ծանօթ. Չքթէի ափ մը Հայեր 1895ի ջարդերուն մեծ մասամբ քրդացուցուած են. նոյնպէս բաւական թուով Հայեր Փէչարէ և Դարպասան գեղէ: Այս սանճագին մեծ մասը լեռնային, քարուտ է, հետեւաբար արտերը փոքր և նուազագոյն տարածութիւն ունին: Գրաւմանց չափը կʼենթադրուի իբր 20, 000 օրավար: