Հողային հարցը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԵԱՑՔ ՄԸ ԽՆԴՐՈՅՆ ԵՒ ԻՐ ԾԱԳՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Յայտնի է թէ հողային վէճը օսմանեան երկրին մէջ բոլոր հողագործ ազգաբնակութիւնները շահագրգռող ընկերային մեծագոյն հարցերէն մէկն է, որ արդարեւ կը կարօտի արմատական լուծումի մը։ Նպատակ չունիմ քրքրել այս բարդ ու շատ խոշոր հարցը իր բոլոր երեւոյթներով, ինչ որ իմ ձեռնհասութենէս վեր է, այլ կը փափաքիմ տալ կարգ մը վիճակագրական տեղեկութիւններ՝ միայն հայ հողագործներու յատուկ՝ ծանօթ հողային գրաւումներու մասին՝ ձեռք բերուած տեղեկութեանց չափով եւ հակիրճ տեսութիւն մըն ալ թոռան եւ րայեայ Քիւրտերու արդի դրութեան ու վիճակին վրայ, որոնք իբր համաբնակից Օսմանցիներ, արժանի են ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան եւ դեր ունին այս վէճին մէջը։

Հետեւաբար նախ պիտի սկսինք հայկական հողային թալանէն, որ մեզի համար ամէնէն կենսական խնդիրներէն մէկը կը կազմէ, եւ որուն անմիջական կերպով կապուած են հայ երկրագործութիւնը ու պետական շահը։ Հողագործ տարր մը, որուն կեանքը հողին շաղուած է, հողով կը սնանի, հազարանց տարի անով պահեր է իր գոյութիւնը, իր պատմութիւնը, տարակոյս չկայ թէ առանց հողի՝ դատապարտեալ մըն է, ինպէս այսօր, անօթի եւ չքաւոր՝ տառապելու, ցրուելու եւ կորսուելու։

Գիտենք թէ նախորդ բռնապետական շրջանին՝ արընքամ վիճակներ ստեղծուեցան հայաբնակ գլխաւոր նահանգներուն մէջ, որոնք աւարառութեան թատր դարձան, գիտենք թէ հողային գրաւումներն ու յափշտակութիւնները ուղղուեցան ամէնէն աւելի հայապատկան կալուածներու դէմ։ Իրա՛ւ է թէ ուրիշ հողագործ տարրեր ալ վնասուած են, ինչպէս րայեայ Քիւրտեր, Ասորիներ եւ այլն, սակայն հայերուն դէմ եղած հալածանքը մասնաոր քաղաքականութեան մը արդիւնք ըլլալով, հետեւանքն ալ ամէնէն քայքայիչն եղաւ անոնց համար։

Քայքայիչ շրջանին, Հայերու շարժական թէ անշարժ կալուածներուն դէմ չարաչար յափշտակութիւնները տեղի ունեցած են նախ Պիթլիսի, Վանի, Մուշի, Տիարպէքիրի շրջակաները ու յետոյ Կարնոյ, Խարբերդի, Սեբաստիոյ կողմերը եւլն, ու ալան թալանի այս բռնի գրաւումները կազմեցին արդի վէճին մեծ հանգոյցը, որ երթալով ա՛լ աւելի պիտի կնճռոտի, եթէ կառավարութիւնը չփութայ վարչային եղանակով արդարութիւնը վճռել։ Եւ այս կարգադրութիւնը, ո՛չ թէ իբր բացառիկ շնորհ մը նկատելով փութացուելու է, այլ, անաչառապէս օրէնքի տրամադրութիւնը գործադրելու առաջադրութեամբ, հիմնուած պետական հողային կանոններու եւ վաղեմի տիրապետութեան շա՛տ որոշ եւ ուղիղ սկզբունքներու վրայ։

Յայտնի է թէ՝ ինչպէս ամէն տեղ, նոյնպէս օսմանեան երկիրներու մէջ ալ՝ անշարժ կալուածներու սեփականութիւնը եւ տիրապետութիւնը ապահովուած է իւրաքանչիւր սեփականատիրոջ ունեցած կալուածագրերով եւ պետական արձանագրութիւններով, ըստ այսմ, արձանագրուած կալուածի եւ հողի գրաւումը՝ բացարձակ յափշտակութիւն է։ Իսկ ուր որ ալ պետական թափուի կանոնը չէ գործադրուած, դարձեալ օրէնքին նախատեսած տրամադրութեամբ (հագգը գարար, եւլն. ), անարձանագիր կալուածները կը պատկանին անոնց, որոնք ժառանգաբար ու դարեւոր տիրապետութեամբ վարած, պետական տուրքերը վճարած են եւլն։ Հետեւաբար, չարաբաստիկ հալածանքին ատեն, անկանոն եղանակով ու բռնի խլուած հողերը չեն կրնար յափշտակողներուն օրինական սեփականութիւն նկատուիլ, որովհետեւ ըստ օրինի՝ բռնութեան դէմ միւրուր զէման, ու հագգը գարար եւ կալուածագրի դէմ անհատական վկայութիւն, պարզ մուրհակ եւայլն, նշանակութիւն չեն կրնար ունենալ։

Գործին լուծումը դժուարացնելու համար թիւրիմացութիւններ ալ եղան թէ՝ ցեղային ատելութիւններ կրնան ծագիլ, ինչ որ անուղիղ է եւ սխալ է կարծել թէ հողային վէճի առթիւ բոլոր հայ եւ քիւրտ հողագործները իրարու դէմ լարուած են, որովհետեւ սխալ է կարծել թէ բոլոր հայ եւ քիւրտ հողագործները ընդհանրապէս իրարու հետ վէճեր ունին։

Հողազուրկ ժողովուրդին հետ վէճ հանող եթէ կան՝ հողերը յափշտակող դաս մը պէկեր, աղաներ եւ անոնց նմաններուն հետեւորդներն են, ո՛չ թէ ամբողջ քիւրտ ու թուրք ազգաբնակութիւնները, ինչպէս տարաձայնուած է։

Եւ արդէն հայ հողագործները հողերու համայնացում կամ աւատական ընդհանուր հողատիրութեան ու ագարակներու գոյութեան ջնջում չէ՛ որ կը պահանջեն երբէ՛ք։ Չնայելով որ արեւելեան Անատօլուի կողմերը. մանաւանդ Մուշի դաշտին մէջ գրեթէ ագարակներ չեն եղած. հազիւ թէ քանի մը հատ։ Սակայն ժողովուրդը խնդիր չէ հանած եւ չի հաներ այն տեսակ հողերու համար՝ որոնք համայօժար ու կանոնաւոր առուծախով սեփականացուած են, այլ խնդիր հանած է ու կը բողոքէ, միայն, նախնիքներէն իր անվիճելի սեփականութիւն եղած եւ սակայն բռնակալ շրջանի յատուկ անորակելի ճնշումներով ու կեղեքումներով իրմէն խլուածներուն համար։ Այս է ահա իր պահանջը եւ իր արդար դատը։

Այսօր, եթէ գաւառներու, հայաբնակ գիւղերու մէջ կառուցուած քէօշքերով՝ չիֆթլիկներու ապօրէն գոյութիւն մը կը ցուցադրուի, այս չի նշանակեր թէ անոնք վաղեմի սեփականութիւններ եղած ըլլան պէյերու, աղաներու ու սալաֆտարներու։

Օրինակի համար, ի նկատի ունենանք Մշոյ դաշտը, անոր 150է աւելի գիւղերուն մէջ, 20 եւ առ առաւելն 25տարի առաջ միայն երեք ագարակներ կը գտնենք, (անոնց ալ գոյութիւնը 30-35 տարի է), առաջին՝ Խարդոս, Մշեցի հաճի Ասատ աղայենց, երկրորդ՝ Ըշքէֆթեան-Նորակն, Ակնայ նահապետական ընկերութեան, եւ երրորդ՝ Շէխպրիմ, Մշեցի Կըռընճօյեաններու, յետոյ գրաւուած Հաճի Ասատենց ժառանգորդներէ։

Մնացեալ գիւղերուն բոլոր էմլաք-արագին բնիկ հողագործներու ստացուածքն էին եւ են, սա տարբերութեամբ որ նախորդ շրջանի վերջերը առիթէն օգտուելով աղաներ ու սալաֆաարներ անոնց մէջ մտան, գրաւումներ ըրին ու տանջուած ժողովուրդին արցունքով-քրտինքով քէօշքեր բարձրացան։

Ասիկա ա՛յնքան կարկառուն ճշմարտութիւն մըն է, որ արեւու պէս յայտնի է եւ որուն կը վկայեն քիւրտ ու թուրք բոլոր խըղճամիտ քաղաքացիները, որոնք գիտեն թէ գրաւուածները ժողովուրդի հալալ մալն են եւ գրաւողները երբեք բան մը չունէին հոն այդ շրջանէն առաջ, ո՛չ տուն, ո՛չ տեղ, ո՛չ արտ, ո՛չ ափ։

Ու պէտք է գիտնալ թէ զրկուած հողագործ տարրը՝ այսօր իր հողերը ետ պահանջելով ո՛չ թէ զանոնք գրաւողներուն զրկանք ընելու կամ վնաս հասցնելու նպատակ ունի։ Ամենեւին՞։

Ան, առանց հաշուելու թէ իր հողերը գրաւողները, զինքը զրկողները տասնապատիկ օգտուած են վաշխերով ու հողերու շահագործումով նա իր հողերը ստանալու համար՝ պատրաստ է նոյնիսկ շապիկը ծախել ու վճարել՝ եթէ գրաւողը ո՛ եւ է իրաւացի պահանջ մը կամ առնելիք մը ունենայ։ Բայց եթէ պահանջ եւ իրաւունք չունի, եւ եթէ ունենայ ալ հատուցում պիտի ստանայ ա՛լ ո՞ր օրէնքով ո՞ր խղճով իր հողերը գրաւուած կը մնան։ Չէ՞ որ բռնութեան շրջանը անցած է, չէ՞ որ իրենք ալ բազմավաստակ Օսմանցիներ են, թալլուած, թաղթպուա՜ծ… իրենց առանձին նպաստ մը չտրուեցա՞ւ, ո՛չ ոք հարցուց թէ՝ վաղուան համար հաց, հալաւ ունի՞ք…։ Կʼաղաղակէ ժողովուրդը եւ շատ իրաւամբ։

Կարեւոր եւ շահեկան ըլլալով՝ ամէնէն առաջ՝ նախորդ շրջանին տեղի ունեցած գրաւումներու էութիւնը պարզել, ինչ որ գործին ուսումնասիրութեան տեսակէտով ալ շատ հարկաւոր է, կը շտապիմ ամփոփել՝ այս մասին պատկանած ժողովրդական տեղեկագրերէ եւ զանազան աղբիւրներէ հանուած հետեւեալ եզրակացութիւնները։