ԹՈՌՈՒՆՆԵՐԸ
Ասոնք՝
քիւրտ
ասպետներու
դասակարգը
կը
համարուին՝
իբր
ամէնէն
խելացիները
եւ
յանդուգն
քաջերը:
Շատ
նախանձախնդիր
են
եղած,
աւելի
առաջները՝
իրենց
ցեղային
սովորութիւններն
ու
բարքերը
պահելու
Համար:
Ընդհանրապէս՝
բոլոր
Թոռունները
ձիաւոր
են,
լաւ
հեծնողներ,
եւ
կռւողներ,
մանաւանդ
իրարու
դէմ:
Մարզուած
էին
չարքաշութեան,
եւ
ի
հարկին՝
սակաւապետութեան.
–
թէեւ
հիմա
շատ
փոխուած
են,
հաստատուն
բնակութեան
վարժուելով:
Քրտերէնի
ամէնէն
մաքուր
գաւառաբարբառը
Թոռուններու
մէջն
է:
Քառասուն
տարի
առաջ՝
Թոռունները
կը
կրէին
տէգ,
սուր
եւ
դարապինտ:
Բայց
նորահնար
հրացաններու
երեւումէն
յետոյ,
ձգեցին
տէգը
եւ
սուրը
ու
սպառազինուեցան
Մարթինով,
Մաւզէրով,
դաշոյնով
եւ
րիվոլվըրով:
Զէնք
ու
ձի
չունեցող
Թոռունը
կնամարդի
կը
համարուի
իրենց
մէջ:
Ցեղային
տարազը
թէեւ
նոյնութեամբ
պահած
էին,
բայց
Համիտիէ
Հեծելագունտերու
կազմութենէ
վերջ,
Թոռուններու
տարազը
մեծապէս
փոխուեցաւ,
եւ
այդ
հեծելագնդին
արձանագրուած
եւ
մանաւանդ
սպայութեան
կոչուած,
մեծ
ու
փոքր
բոլոր
ցեղապետները՝
նոյն
գնդին
յատուկ
զինուորական
զգեստ
հագան
ու
կը
գործածեն
զայն
ստէպ
իրենց
պաշտօնական
հանգամանքը
շեշտելու
համար:
Արեւելեան
նահանգներու
գլխաւոր
Թոռուններն
են
Մըլանցիները,
որոնց
մեծ
մասը
կը
բնակի
Տիարպէքիրէն
վար՝
Գարճատաղ,
Վէրան
Շէհիր
եւն.:
Ամէնէն
կարիճ
եւ
ազնուական
ցեղը
կը
համարուի
ասիկա:
Ծանօթ
Իպրահիմ
փաշան
այս
Աշիրէթին
ցեղապետն
էր:
Մլանցիներէն
մէկ
մասը՝
իբր
մէկ
դար
առաջ՝
զատուած
եւ
դէպի
Պինկէօլ
քաշուած
է,
որոնք
աճելով՝
այսօր
չորս
նշանաւոր
աշիրէթ
կը
ձեւացնեն,
Մըմըգացինք,
Հասնանցիներ՝
Պուլանըգի,
Մանազկերտի
եւ
Խնուսի
կողմերը.
Ճպրանցնիներ՝
Վարդօ,
Պինկէօլ,
Կէօյնուկ,
Խնուս,
Պուլանըգ
գաւառները
եւ
մասամբ
Մշոյ
դաշտը.
Զըռըքցիներ՝
Խնուսի
եւ
Կէօքսուի
մէջ.
Մալպաթներ՝
Մանազկերտ,
Պուլանըգ
եւն.
Սիպկանցիներ՝
Ալաշկերտ:
Հայտարանցիներ՝
Բաթնոց,
Պայազիտ,
Վանի
կողմերը
եւն:
Ամէնէն
ստուարաթիւ
ցեղն
է
ասիկա:
Կան
հետեւակ
աշիրէթներ
ալ,
որոնք
թոռուն
չեն
համարուիր,
այլ
կը
պահեն
իրենց
ինքնութիւնը,
մեծ
մասամբ
լեռնաբնակ.
օրինակ
Պատըքանցիներ
(12
ճիւղ),
Ալմանցիներ,
Ռչգոթանցիներ,
Բաղրանցիներ
Մոտկանցիներ,
Պողըքցիներ
եւ
Պալաքցիներ
(որոնք
արաբերեն
եւ
Հայերէն
կը
խօսին),
ատուար
Թուով
տարածուած
են
Խութ-Բռնօչէնի
եւ
Արեւելեան
Սասնոյ
կողմերը:
Թոռանները՝
պէտք
է
խոստովանիլ
որ
նկարագրով
վեր
են
հետեւակ
աշիրէթներէն:
Անոնց
համար
աւանդական
էր,
իրենցմէ
խոնարհ
ու
տկար
տարրերու
հետ
վեհանձնութեամբ
վարուիլ.
անզէն
մարդիկ
սպաննելը՝
վատութիւն
կը
համարուէր:
Բայց
անգութ,
անագորոյն
դէմքեր
պակաս
չէին
եւ
չեն
անոնց
մէջ,
որոնց
թիւը
վերջին
քայքայող
շրջանին
մէջ՝
դժբաղդաբար
շատցաւ
ալ.
բայց
եւ
քիչւոր
ալ
չէին
անոնք՝
որ
ասպետական
վերաբերում
ցոյց
տուած
էին՝
Հայերու
եւ
ուրիշ
րաեա
տարրերու
հանդէպ,
նույն
իսկ
ջարդերու
ատեն:
Իրա´ւ
է
որ
Թոռունները
յուղկահարութեան,
աւարառութեան
տեսակէտով
արմատացած
հակումներ
ունին,
որովհետեւ,
հինէն,
շատ
մը
ցեղեր
իրենց
պէտքերը
հոգալու
համար՝
յափշտակութիւնները
իբր
արհեստ
ընդունած
էին,
սակայն
կրօնամոլ
չէին
ու
մարմաջ
չկար
իրենց
մէջ
տկարներու
արիւնը
թափելու:
Կը
թալանէին,
ու
քիչ
հեղ՝
թալանուողը
կը
սպաննուէր:
Միայն՝
սոսկալի
էին
երբ
թոռունը
թոռունի
հետ
կռուի
բռնուէր:
Այն
ատեն
իրարու
վնասել
ու
սպաննել,
ափ
մը
ջուր
խմելու
պէս
էր:
Եւ
եթէ
վերջին
տարիները՝
Թոռուններէն
ալ
յաճախակի
սկսան
տկար
ու
անմեղ
Հայերը
սպաննել,
այդ՝
մեծ
մասամբ
արդիւնք
էր
Սեւ
Շրջանի
երկրաւեր
քաղաքականութեան
եւ
անոր
դաս
մը
արբանեակներու
անխիղճ
վերաբերումներուն
ու
թելադրութեանց:
Բայց
եւ
այնպէս՝
Թոռունները
չսարքեցին
մեծ
ու
խժդժական
դէպքեր՝
Ուրֆայի,
Արաբկիրի
եւ
Ատանայի
եւն.
անլուր
աղէտներուն
նման,
իրենց
ա՛յնքան
վաստակաւոր
դրացիին
դէմ,
որուն
հետ,
երկար
ատեն
կենակցելով՝
գրեթէ
ընտելացած
էին
անոր
կրօնական
ու
ցեղային
աւանդութիւններուն:
Իրենց
անծանօթ
չէին
քրտացած
Հայեր,
Հայուհիներ
եւ
անոնցմէ
սերածները։
Նույն
իսկ
կարգ
մը
ցեղերու
համար
կ’աւանդուէր
թէ
անոնք
քրտացած
Հայեր
են՝
ինչպէս
Պալաքցիներ
(արաբախօս
եւ
հայախօս)
Սասունի
մէջ,
Խորոմաքցիներ
(Գըզըլպաշ
աղանդի
հետեւողներ)
Վարդօ-Պինկէօլի
մէջ
եւ
ուրիշներ:
Վերջին
երեսուն
տարուան
շրջանին
արեւելեան
քանի
մը
վիլայէթներու
մէջ՝
քրտացած
Հայերու
թիւը
նուազ
քանակութիւն
մը
չէ
որ
կը
կազմէ:
Ստոյգ
է
թէ
Կիւլհանէի
օրէնսդրութենէն
վերջ՝
առեւանգութեան
դէպքեր
շատ
աննշան
էին
մինչեւ
1888-90ին,
բայց
անկէ
ետք
ա՛յնքան
յաճախադէպ
եղան,
որ
սահմանադրական
վերջին
երկու
տարիներու
մէջ
անգամ,
կիներ-աղջիկներ
առեւանգուացան
կամ
քրտացան:
Ասոնց
մեծ
մասը
պժգալի
հետեւանքներն
էին
բռնապետական
հայահալած
քաղաքականութեան,
որ
կարծես
կոչուած
էր
միմիայն
գրգռելու
ու
գզուելու՝
ջարդի
ու
աւերութեան
հակամէտ
բնազդները:
Ու
այսպիսի
խժդժական
բնազդներու՝
շուտով
եւ
աւելի
անձնատուր
եղան
հետեւակ
աշիրէթներէ
ու
նման
տարրերէ
բաղկացած՝
շատ
մը
քաղաքացի
եւ
գիւղացի
խուժաններ,
զորս
կը
ղեկավարէին
նախկին
բռնակալութեան
դաս
մը
անխիղճ
եւ
երկրաւեր
արբանեակները:
Դ.
Դասակարգը
կը
կազմեն
րաեա
Քիւրտերը,
որոնք
ստուար
թիւ
մը
կը
կազմեն
եւ
տարածուած
են
Կարնոյ,
Վանի,
Տիարպէքիրի
վիլայէթներուն
մէջ
եւ
այլ
տեղեր:
Նախորդ
հայահալած
քաղաքականութեան
զոհ
եղած
մեր
մշակ
դասակարգէն
վերջը՝
եթէ
կայ
զրկուած
ուրիշ
դասակարգ
մըն
ալ,
այդ՝
քիւրա
րաեաներու
դասն
է,
զոր
չենք
կրնար
մոռնալ
եւ
որ
տեղ
տեղ
ստրկական
տուայտանքի
մէջ
է:
Ու
այս
տուայտանքը՝
որչափ
որ
հայկական
վիրալից
ու
սոսկալի
տառապանքեն
հետ
չի
համեմատուիր,
ոչ
ալ
մասնաւոր
քաղաքականութեան
մը
հետեւանք
է,
եւ
սակայն
կրնայ
քայքայիչ
ու
կործանարար
ըլլալ
անպաշտպան
րաեա
Քիւրտերուն
համար,
որոնք
կարծես
դատապարտուած
ըլան
անմռունչ
տանելու
ստրկութեան
անարգ
լուծը,
ոչ
նուազ
կարօտ
ցեղային
հաւասարութեան
փրկաւէտ
սկզբունքին:
Րաեա
Քիւրտերուն
տառապանքը
ուղղակի
հոտեւանք
է
աւատապես
աղաներու,
պէյերու
եւն,
ավանդական
բռնակալութեան:
Անոնք
ինքնակոչ
իշխաններն
են
իրենց
րաեաններու
բոլոր
դասակարգին.
չեն
բաւականանար
կեղեքելով,
թալլելով՝
այլ
եւ
իբր
ստրուկներ
կʼաշխատցնեն
տարապարհակ,
որքան
որ
ուզեն,
եւ
երբեմն
սպաննելով
իսկ
զանոնք:
Շատ
տեղ
նույնիսկ
րաեանները
տէրը
չեն
իրենց
հողին
եւ
ստացուածքին,
որոնք
աղաներու
քմահաճոյքին
կապուած
են:
Ցաւալին
միայն
տառապանքը
չէ:
Անկէ
ցաւագինը
կայ:
Աւազակաբարոյ
աշիրաթապետներէն
շատերը
իրենց
այս
ստրուկներէն
մաս
մը
մղած
ու
վարժեցուցած
էին
դատարկապորտութեան,
ոճրագործութեան
եւ
աւարառութեան:
Այսպիսիներէն
շատերը
կը
զբաղէին
միմիայն
ավազակութեամբ
եւ
աւարառութեամբ,
իբրեւ
արհեստ
նկատելով
զայն:
Յաճախ
եղբայրասպան
կռիւներու
մէջ
էին,
եւ
կո՜յր
գործիք
իրենց
աղաներու
արիւնածարաւ
քինախնդրութիւնը
յագեցնելու:
Նախորդ
շրջանին,
յայտնի-համարձակ՝
դաս
մը
աւազակաբարոյ
ցեղապետներ՝
րաեաէ
կազմուած՝
յելուզակներու
խումբեր
ունեին
30-50,
մինչեւ
100
հոգիներէ
բաղկացած,
որոնք
կը
զրկուէին
զարնելու,
թալլելու
եւ
աղային
աւարի
շտեմարանները
լեցնելու:
Անցեալ
տարի
մեր
պաշտօնակից
թուրք
պատգամաւոր
Հաճի
Իլիաս
Էֆ-ի
հետ
Պուլանըգէն
անցած
ատեն՝
ճամբուն
վրայ
մեզի
ներկայացաւ
ի
մէջ
այլոց
երիտասարդ
քիւրտ
ձիաւոր
մը,
որ
միանգամայն
շէյխերու
ընտանիքի
մը
կը
վերաբերէր
ու
գտնուած
էր
Հասնանլը
աշիրաթապետներէն
քանիներու
ծառայութեան
մէջ:
Ան
առանց
քաշուելու
յայտարարեց
թէ
հինգ
տասը
տարուան
մէջ,
մինչեւ
Գանունը
էսասիի
հրատարակութիւնը,
ետեւէ
ետեւ
քառասունէ
աւելի
Հայեր
ու
Քիւրտեր
սպաննած
էր,
իբր
թէ
յարգելու
համար
աղային
հրամանը...
Մինչդեռ
ինքը
աղաներէն
ա՛լ
աւելի
դատապարտելի
էր
իբր
ոճրագործ...
Ահա
թէ
ի՞նչ
են
աւատապետներու
ծառանները:
Եւ
ահռելի
ոճրագործը,
ուրախ
էր
որ
Օսմ.
Խորհրդարանը
ընդհանուր
ներումով
արձակած
էր
զիրենք
բանտէն:
Դեռ
հերու
Յուլիսին
բողոքուեցաւ
թէ
Սասունցի
աւազակապետ
մը՝
քիւրտ
Փափուրէ
Կէնճօ՝
եւ
որդին
Ազիզը
փոխանակ
զգաստանալու
պետական
ներումէն՝
իրենց
ղօլամներով
սպաննել
տուած
էին
Նոր
գեղի
Հայ
գիւղապետը,
հողերը
իրենց
չյանձնելում
համար:
Ու
Մշոյ
Դաշտին
մէջ՝
Չխուրի
պէյերու
ուրիշ
ղօլամ
մը,
քիւրտ
Խազլօ
այս
տարի
գնդակահար
կը
սպաննէր
Արտօնքցի
Ալէքսանը,
երբ
անիկա
միւտիրիէթը
կ’երթար
գանգատելու:
Ըսել
չենք
ուզեր
անշուշտ
թէ
բոլոր
քիւրտ
րաեաները
այսպէս
ոճրագործութեան
տուած
են
ինքզինքնին,
այլ՝
եթէ
ընդմիշտ
շարունակուին
այս
մեքենական
ծառայութիւնները՝
անոնք
վտանգաւոր
պիտի
ըլլան
հանդարտաբարոյ
եւ
աշխատաւոր
ժողովուրդին
համար
եւ
պատուհաս
մը՝
երկրագործութեան
զարգացումին:
Րաեա
Քիւրտերը
ընդհանրապէս
հողագործ
ու
խաշնարած
են:
Եթէ
գրգռիչները
չըլլան,
եթէ
աղաներ-պէյեր
եւն.
չմղեն
զանոնք
չարագործութեան
եւ
եթէ
ջանքեր
թափուին
զանոնք
տակաւ
մարզել
տալու
խաղաղ
ապրուստի,
պիտի
սովրին
բաւականանալ
իրենց
աշխատութեամբ
ու
պիտի
յարին
համերաշխ
կենակցութեան՝
համարուեստ
եւ
համաբնակ
դրացիներու
հետ,
մանաւանդ
երբ
իշխանութիւնը
անաչառօրէն
հսկէ,
ու
օրէնքի
սահմանած
պատասխանատուութեան
ենթարկէ
անխնայ
չարագործ
ու
ոճրապարտ
աւազակները,
ինչ
կարգէ
ալ
ըլլան:
Խուժանը
այն
ատեն
աւելի
շուտով
կը
համակերպի
կարգ
ու
կանոնի,
եւ
իր
պատրաստ
հնազանդութիւնը
կը
բերէ՝
մանաւանդ
երբ
գործով
տեսնէ
թէ
կտրուկ,
անաչառ
եւ
անյողդողդ
քաղաքականութեան
մը
առջեւ
կը
գտնուի
ինքը:
1895ի
ջարդերուն
ատեն
Տիարպէքիր
էի:
Հոկտ.
20ին
սկսած
եւ
24ին
կանգ
առած
արիւնահեղ
ջարդին
սարսափը
եւ
ջարդարարներու
սպառնագին
վիճակը
շատ
երկար
տեւեցին՝
ահ
ու
դողի
մեջ
չարչրկելով
Հայերը
եւ
մտահոգ
պահելով
քաղաքը
խաղաղեցնելու
համար
հասած
զինուորական
մարդասէր
հրամանատարը:
Բայց
երբ
վերջինը,
կարծեմ
Ճէվտէթ
փաչա
կը
կոչուէր,
կտրուկ
միջոցի
դիմեց,
յանկարծ
բռնեց
եւ
աքսորեց
ջարդին
մէկ
պարագլուխը,
անմիջապէս
խուժանը
կծկեցաւ,
եւ
կը
զարմանաք,
երբ
ըսեմ
որ
նույն
գարնան
միայն
երկու
զապթիէով
անկէ
Մուշ
անցայ՝
այս
ցեղերու
մէջէն,
որոնք
այնքան
աւեր
ու
թալան
գործեր
էին,
եւ
ոչ
ոք
կը
համարձակէր
բան
մը
ընել:
Այո՛,
ուղիղ
եւ
հաստատակամ
քաղաքականութիւնը
միայն
կրնայ
մարզել
եւ
բարձրացնել
ժողովուրդները:
Բայց
եթէ
խաղաղ
ժողովրդի
կեանքը,
հանգիստը
խռովող,
օրէնքին
դէմ
ըմբոստացող,
իր
դրացիներու
իրաւունքները
բռնաբարող
չարագործները
անպատասխանատու
թողուին,
կամ
պատժի
թեթեւացումով
արձակուին,
երես
առնեն,
բնականաբար
ոչ
անոնք
կը
զգաստանան,
ոչ
ալ
ժողովուրդը
օրէնքի
ոյժը
եւ
արդարութիւնը
կ’ըմբռնէ.
եւ
պէտք
է
ըսել
թէ
կը
յուսահատի
ու
կ’ուծանոյ
օրէնքէն:
Րաեա
Քիւրտերը
դեռ
այն
հաւաստիքը
չունին
թէ
զիրենք
նեղող
աւատապետներու
դէմ
իրենց
բողոքը,
իրենց
լացը
կը
լսուին
եւ
անմիջական
հետեւանքներ
կ’ունենան:
Ինչպէս
կ’ըսեն,
պատահած
է
անցեալին
մէջ,
երբ
փոխանակ
պաշտպանուելու
նորանոր
չարիքներ
հրաւիրած
են
իրենց
վրայ,
բողոքներ
ըրած
ըլլալնուն
համար:
Բայց
Գանունը
էսասիէն
յետոյ՝
րաեաներու
կողմէ
ալ
ոչ
նուազ
գանգատներ
տեղի
ունեցած
են:
Հերու
եւ
թէ
այս
տարի
հանրագրեր
ու
հեռագրեր
եկան
բազմաթիւ
քիւրտ
գիւղացիներէ,
որոնք
հավասարապէս
կը
գանգատին
զիրենք
կեղեքող,
իրենց
շարժական
եւ
անշարժ
ստացուածքը
յափշտակող
գիւղացի
եւ
քաղաքացի
պէյերու,
աղաներու
դէմ:
Պիթլիսի
շրջակայ
30է
աւելի
քիւրտ
գիւղացիներ
գանագատներ
ըրին
Պիթլիսցի
մէկ
քանի
նշանաւոր
սալաֆտարներու
եւ
աղաներու
դէմ՝
իրենց
հողերու
գրաւման
առթիւ.
հերու
Խորհրդարանին
ներկայեցինք
Մանազկերտի
Աղվերան
գիւղի
րաեա
Քիւրտերու
մէկ
հանրագիրը՝
Հասնանալը
Րիզա
պէյի
եւ
իրեններուն
կեղեքմանց
դէմ,
որ
հարստահարութեան
բազմադիմի
եւ
ահռելի
դրուագներով
լի
էր:
Նուազ
չէ
թիւը՝
իրենց
հողերէն
եւ
գիւղերէն
զրկուած
իսլամ
րաեաներու,
որոնք
նոյնպէս՝
Գանունը
էսասիէն
արդարութիւն
կ'ակնկալեն,
ինչպէս
Մանազկերտի
Պօյուն-Չապկըն
քիւրտ
գիւղացիները,
Հասան
Կօրանի
մուհաճիրները
եւն.
եւն.
։
Կը
յիշենք
որ
մեր
ընտրութեան
առաջին
տարին,
երբ
Պիթլիսէն
Խարզանի
Զիարէթ
անունով
գիւղը
եկանք
(Իսլամներու
ծանօթ
ուխտավայր
մը),
թէքքէին
Շէյխը
ծունգի
եկած
ծանրապէս
կը
գանգատէր
Մոտկանլը,
Ռըշգօթանլը,
Բագրանլը
քիւրտ
աշիրէթներէն
եւ
կ’ըսէր.
«Կը
տեսնէ՞ք
այս
պատուական
գաւառը.
գրեթէ
աւերակ
մըն
է,
մեծ
մասամբ
ինքզինքնին
ավազակութեան
տուած
այս
աշիրներու
երեսէն:
Ասոնց
աւատապետները
վարժուած
են
խաֆիրութեամբ
եւ
աւազակութեամբ
ապրելու:
Մինչեւ
որ
ասոնցմէ
մաս
մը
չզգաստացուի
ու
չզսպուի,
այս
գաւառին
հողագործ
ժողովուրդը
չպիտի
համարձակի
խաղաղ
աշխատութեան
նուիրել
ինքզինքը»։
Այն
ատեն,
միայն
Խարզանի
մէջ՝
60է
աւելի
աւերակ
գիւղեր
կային
րաեա
Հայերու,
Քիւրտերու,
Ասորիներու
եւ
Եզիտիներու:
Չեմ
գիտեր
թէ՝
ամայացած
այս
գիւղերու
բնիկները
կրցա՞ծ
են
վերադառնալ:
Տիարպէքիրի
մօտակայ
Պիսմիլ
անուն
թրքաբնակ
եւ
200
տունէ
բաղկացած
գիւղին
Իսլամները
գանգատեցան
ասպատակող
աշիրէթներէ
պաշտպանուելու
համար
իրենց
ամբողջ
հողերը,
որ
հազարներ
կ’արժեն,
500
ոսկիով
թողուցին
Տիարպէքիրցի
Մստաֆա
պէյին...
Ամէն
տեղ՝
ուրկէ
անցանք,
րաեա
Քիւրտերը
կը
գանգատէին
աւատապետներէ
եւ
մաս
մը
կառավարական
նախկին
զեղծագործ
պաշտօնեաներէ,
ու
կ’ըսէին.
«Մինչեւ
որ
չարագործները
չզգաստացուին,
մինչեւ
որ
կեղեքող
նախկին
պաշտօնեաները
կառավարութեան
գործերէն
ձեռք
չքաշեն,
անկարելի
է
որ
հանգիստ
ընենք
ու
բարգաւաճինք»:
Ու
շա՛տ
իրաւունք
ունէին:
Պէտք
է
լսել
զիրենք:
Բայց
տեղական
իշխանութիւնները,
անաչառ
ու
կարգապահ
վարչութեամբ
մը
ո´չ
միայն
յարատեւ
հանդարտութեան
ներքեւ
կը
պահեն
րաեա
տարրերը,
այլ
լաւապէս
կրնան
ազդել
Թոռուններում
եւ
Աշիրէթներուն
ալ,
որոնք
ի
բնէ
հեռատես
ու
խելացի,
շուտով
կը
զգաստանան
եւ
կը
զգուշանան
ծայրայեղութիւններէ:
Սահմանադրական
կառավարութեան
պարտականութիւնն
է
մասնաւոր
ուշադրութեան
առարկայ
ընել
հողագործ
բոլոր
ժողովրդի
գանգատները,
դիւրացնել
անոնց
արդիւնագործ
աշխատանքը,
որպէսզի
րաեաները
աւելի
եռանդով
փարին
նոր
ռէժիմին
եւ
նոր
մարդոց.
ու
կազմուի
օսմանեան
գեղեցիկ,
այլ
դժբախտ
հայրենիքին
նորագոյն
ու
լաւագոյն
կեանքը,
ինչ
որ
ցանկալի
է
ամէնուս
առհասարակ:
Լաւ
է
անագան,
քան
երբեք: