Բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՔԱՂՑՐԻԿ ԹՌՉՆՈՑ ԿԱՔԱՒՈՒՑ

Փութա' առ մեզ, նաղշուն կաքաւ,
Սարերն ամէն կանաչացաւ,
Զարդ ըզգեցեալ պայծառացաւ.
Յայդ լեռներէն ի վայր փութաս,
Յաւուրս գարնան պարեալ ցնծաս,
Նաղշուն ձագերով շուրջ կուգաս,
Արա'գ-արա'գ ոստոստելով,
Ծաղկանց վերայ թաւալելով,
Վասն ո՞յր թըռչիս,
Ընդէ՞ր փախչիս,
Կամ զի՞ թագչիս,
Կողկողալով ձայն արձակես,
Գախգըղա~, գախգըղա~, գախգըղա~,
Մի'շտ հառաչես ու կարկաչես:

Ոսկիափայլ փետուր քոյին`
Զանազան գունով շողշողին,
Որպէս ըզլոյս բոլորովին.
Յայդ լեռներէն ի վայր փութաս,
Յաւուրս գարնան պարեալ ցնծաս,
Նաղշուն ձագերով շուրջ կուգաս.
Արա'գ-արա'գ ոստոստելով,
Ծաղկանց վերայ թաւալելով,
Վասն ո՞յր թըռչիս,
Ընդէ՞ր փախչիս,
Կամ զի՞ թագչիս,
Կողկողալով ձայն արձակես,
Գախգըղա~, գախգըղա~, գախգըղա~,
Մի'շտ հառաչես ու կարկաչես:

Փառօք ճեմիս որպէս իշխան,
Լերինքըն քեզ յարկ սեպհական,
Դաշտերն ամէն համանգամայն.
Յայդ լեռներէն ի վայր փութաս,
Յաւուրս գարնան պարեալ ցնծաս,
Նաղշուն ձագերով շուրջ կուգաս,
Արա'գ-արա'գ ոստոստելով,
Ծաղկանց վերայ թաւալելով,
Վասն ո՞յր թըռչիս,
Ընդէ՞ր փախչիս,
Կամ զի՞ թագչիս,
Կողկողալով ձայն արձակես,
Գախգըղա~, գախգըղա~, գախգըղա~,
Մի'շտ հառաչես ու կարկաչես:

Ծիծաղաձայն քաղցրիկ թըռչուն,
Չըքնաղատիպ եւ յոյժ սիրուն,
Ի մէջ ծաղկանց նընջես ի քուն.
Յայդ լեռներէն ի վայր փութաս,
Յաւուրս գարնան պարեալ ցնծաս,
Նաղշուն ձագերով շուրջ կուգաս,
Արա'գ-արա'գ ոստոստելով,
Ծաղկանց վերայ թաւալելով,
Վասն ո՞յր թըռչիս,
Ընդէ՞ր փախչիս,
Կամ զի՞ թագչիս,
Կողկողալով ձայն արձակես,
Գախգըղա~, գախգըղա~, գախգըղա~,
Մի'շտ հառաչես ու կարկաչես:

Վարդն ու շուշանըն շաղամած,
Եւ մանուշակըն անտառաց`
Բարձք ւ անկողինք քեզ վայելեաց.
Յայդ լեռներէն ի վայր փութաս,
Յաւուր գարնան պարեալ ցնծաս,
Նաղշուն ձագերով շուրջ կուգաս,
Արա'գ-արա'գ ոստոստելով,
Ծաղկանց վերայ թաւալելով,
Վասն ո՞յր թըռչիս,
Ընդէ՞ր փախչիս,
Կամ զի՞ թագչիս,
Կողկողալով ձայն արձակես,
Գախգըղա~, գախգըղա~, գախգըղա~,
Մի'շտ հառաչես ու կարկաչես:

Այդ լեռներու հուպ առընթեր,
Դէպ զառ ի վայր եւ զառ, ի վեր`
Թերաբաց թեւովք ճեմս առեր.
Յայդ լեռներէն ի վայր փութաս,
Յաւուր գարնան պարեալ ցնծաս,
Նաղշուն ձագերով շուրջ կուգաս,
Արա'գ-արա'գ ոստոստելով,
Ծաղկանց վերայ թաւալելով,
Վասն ո՞յր թըռչիս,
Ընդէ՞ր փախչիս,
Կամ զի՞ թագչիս,
Կողկողալով ձայն արձակես,
Գախգըղա~, գախգըղա~, գախգըղա~,
Մի'շտ հառաչես ու կարկաչես:

Կարկաչական այդ ձայն քո սուրբ
Տոչորէ զիս` սիրոյ քոյ հուրբ,
Չետ զովանալ արտասուաց ջուրբ.
Յայդ լեռներէն ի վայր փութաս,
Յաւուր գարնան պարեալ ցնծաս,
Նաղշուն ձագերով շուրջ կուգաս.
Արա'գ-արա'գ ոստոստելով,
Ծաղկանց վերայ թաւալելով,
Վասն ո՞յր թըռչիս,
Ընդէ՞ր փախչիս,
Կամ զի՞ թագչիս.
Կողկողալով ձայն արձակես,
Գախգըղա~, գախգըղա~, գախգըղա~,
Մի'շտ հառաչես ու կարկաչես:

Քեւ ճոխանան ամէն լերինք
Եւ համօրէն մարգագետինք,
Ըզքեզ գովեն ազգք եւ ազինք.
Յայդ լեռներէն ի վայր փութաս,
Յաւուր գարնան պարեալ ցնծաս,
Նաղշուն ձագերով շուրջ կուգաս.
Արա'գ-արա'գ ոստոստելով,
Ծաղկանց վերայ թաւալելով,
Վասն ո՞յր թըռչիս,
Ընդէ՞ր փախչիս,
Կամ զի՞ թագչիս,
Կողկողալով ձայն արձակես,
Գախգըղա~, գախգըղա~, գախգըղա~,
Մի'շտ հառաչես ու կարկաչես:

Ա'րդ, բարձրացո' զձայն քո ըստ իս,
Եւ փարատեա' ըզսուգ սրտիս,
Հայցմամբ քոյոյ երգաբանիս.
Յայդ լեռներէն ի վայր փութաս,
Յաւուր գարնան պարեալ ցնծաս,
Նաղշուն ձագերով շուրջ կուգաս,
Արա'գ-արա'գ ոստոստելով,
Ծաղկանց վերայ թաւալելով,
Վասն ո՞յր թըռչիս,
Ընդէ՞ր փախչիս,
Կամ զի՞ թագչիս,
Կողկողալով ձայն արձակես,
Գախգըղա~, գախգըղա~, գախգըղա~,
Մի'շտ հառաչես ու կարկաչես: