Մեր
Կամսարականն
եւ
քեռորդին
մտան
յունաց
բանակը,
որ
Վաղարշակերտի
շուրջը
տարածուէր
էր:
Հռոմէական
անունը
թէպէտ
կը
պահէին
Բիւզանդիոյ
կայսերք,
եւ
արտաքին
փայլը
դեռ
կ'երեւար,
բայց
ամէն
բան
եւ
զինուորութեան
ամէն
կարգ,
կանոն
թուլցած,
աւրուած
էր,
հռոմէական
արծիւն
էր,
որ
լեգէոններուն
գլուխը
թեւերը
կը
տարածէր,
բայց
թշնամուոյն
առաջին
դիմադրութեան
եւ
հարուածին
կը
սլանար
ի
փախուստ,
եւ
այդ
լեգէոնները
միշտ
մեծ
քաջութիւն
ցոյց
կ'ուտային
ներքին
խռովութիւնք
հանելու
քան
թէ
թշնամուոյն
դէմ
պատերազմելու:
Եթէ
զինուորին
քով
վատութիւն
եւ
անկարգութիւն
սովորական
էին
դարձած,
զօրավարները
նաեւ
շատ
անգամ
շնորհուկով
անուանեալ
եւ
ոչ
արժանաւորութեամբ
գոռոզ
յանձնապաստան
եւ
անարգ
պալատական`
հրամայել
միայն
դիտէին
խաղաղութեան
ժամանակ
քան
թէ
առաչնորդել
պատերազմի
մէջ:
Այսպիսի
անձ
մի
էր
Պրոկոպիոս,
որ
այս
հռոմէական
անուանեալ
բանակին
Սպարապետն
էր,
եւ
որ
Թէոդորոսի
թախանձանոք
եւ
յորդորանոք
հազիւ
կրցեր
էր
շարժիլ
եւ
հասնիլ
Կարնոյ
ի
Բագրեւանդ
ամենայն
դանդաղութեամբ:
Ուստի
Սուրէն
եւ
Գրիգոր
երբ
մտան
բանակը,
ուղղուեցան
Սպարապետին
վրանը,
որու
դռան
առաջ
շարուած
կանգնած
էին
հայ
զօրավարին
թիկնապահները:
Երբ
Սուրէն
ուզեց
անցնիլ,
յոյն
արարողապետը
իմացուց
թէ
արգելք
կար
ներս
մտնելու,
թէպէտ
ձայները
բարձր
եւ
զայրագին
կը
լսուէին:
Թէոդորոս
փորձ
պատերազմող`
առաջին
ակնարկին
տեսաւ,
որ
այդ
բանակը
թէեւ
բազմաթիւ,
բայց
օգուտ
չունէր
երկրին
իւր
անշարժութեան
մէջ,
երբ
թշնամի
մը
կար
իւր
առջեւ
յանդուգն
եւ
կատաղի,
որ
մինչեւ
այն
օր
յաջողէր
էր
իւր
ամէն
արշաւանաց
մէջ,
եւ
այդ
յաջողութեան
համար
յանձնապաստան
այնչափ,
որ
կը
համարձակէր
թշնամի
մեծ
բանակի
մը
առջեւ
երկուքի
բաժնել
իւր
զօրութիւնը:
Ուստի
յորդորեց
զպրոկոպ
արագ
յարձակմամբ
հասնիլ
Արտազ,
խորտակել
արաբաց
մեծ
գունդը
եւ
միւսին,
որ
անցել
էր
Երասխը
նահանջի
ճամփան
արգիլել
եւ
բնաջինջ
ընել:
Այս
պարզ
առաջարկութեան
յունաց
զօրավարը
գոռոզութեամբ
պատասխանեց.
Ես
կայսերական
բանակին
մեծ
Սպարապետ`
ոեւիցէ
մարդու
եւ
մանաւանդ
հայ
իշխանի
մը
խրատուն
կարօտութիւն
չունիմ,
քու
պարտքդ
ինձ
հնազանդիլ
է
եւ
ոչ
խորհուրդ
տալ:
Իսկ
քու
երկրիդ
կորուստը,
աւերը,
գերութիւնը
իմ
ամենեւին
հոգս
չէ:
—
Կ'իմանամ
թէ
այդ
խօսքերուն
մէջ
կան
այնպիսի
ծանր
բառեր,
որոնց
հիմա
պատասխանել
յարկ
չեմ
համարիր:
Բայց
որովհետեւ
ես
պաշտօն
ունիմ
կայսրեն
այս
երկիրը
կառավարելու
եւ
սորա
փրկութեան
հսկելու,
եւ
կը
տեսնեմ
վտանգը,
որ
թէ
երկրին
կը
սպառնայ
եւ
թէ
այս
բանակին,
կը
խնդրեմ
իմ
խորհուրդներս
եթէ
արհամարհելի
թուին,
գոնէ
այնպիսի
թշնամի
մը
չարհամարհես,
որ
քիչ
ժամանակի
մէջ
եւ
մէ
աչաց
առջեւ
ոչ
միայն
Ասորիք,
Եգիպտոս
յափշտակեց
ի
կայսրէ,
այլ
դեռ
երէկ`
մէկ
ահագին
հարուածով`
պարսից
ինքնակալութիւնը
հիմն
ի
վեր
տապալեց:
—
Զիս
կայսրը
հոս
չուղարկեց
քեզմէ
ուսնելու
համար
ոչ
թշնամուոյն
արարքը
եւ
ոչ
իմ
պարտաւորութիւնքս,
պէտք
է
գիտնաս
թէ
շատ
համբերեցի
մինչեւ
հիմա
այդ
քու
շաղակրատութեանցդ,
ուստի
լռէ՛
եւ
դուրս
ել
առջեւես:
—
Կայսեր
հրամանները
եւ
իր
սպարապետները
գիտեմ
յարգել,
—
ըսաւ
Թէոդորոս
ոտք
ելնելով
եւ
սանձելով
սրտմտութիւնը,
—
բայց
գիտեմ
եւ
տեսեր
եմ
նաեւ
այնպիսիներ,
որ
տան
մէջ
գիտեն
հրամայել
իրենց
չափեն
վեր
եւ
որոտալ,
եւ
պատերազմի
ասպարէզին
մէջ`
թշնամուոյն
առաջ
վատանալ
եւ
փախ
չիլ:
Կը
փափագիմ,
Յունաց
զօրավար,
որ
այս
վերջի
բախտին
չի
փափագիս:
Եւ
երբ
այս
խօսքերն
ըսելով
դուրս
կ'ելնէր
վրանեն,
Պրոկոպիոս
կատաղութեամբ
ետեւեն
կը
նետեր
սպարապետական
գաւազանը,
հայհոյանք
եւ
նախատինք
ժայթքելով
հայ
իշխանին,
որ`
առանք
գլուխը
նաեւ
դարձնելու,
հայկական
խումբին,
որ
իրեն
կը
սպասէր`
«Երթանք,
տղա՛ք,
Իսմայէլի
որդուոց
դէմ»,
—
ըսաւ,
եւ
ամէնքը
հեծնելով
շտապաւ
հասան
Վարդանակերտ:
Բոլոր
ճամփան
երկայնութեան
մէջ
ոչ
ոք
համարձակեցաւ
եւ
ոչ
Սուրէն
խօսք
մը
խօսիլ
Թէոդորոսի
հետ:
Թէպէտ
գիշերը
վրայ
հասած`
բայց
անխոնջ
զօրավարը
քաշեց
իւր
փոքրիկ
բանակը
Սարեակ
ըսուած
բլուրներուն
վրայ
եւ
հոն`
այն
կիրճերուն
բերանը
դարանամուտ
կը
սպասէր
թշնամուոյն,
աշնան
գիշերներ
ցուրտ
էին
այդ
սարերուն
բարձրութեան
վրայ,
բայց
ո՞վ
կը
համարձակէր
գանգտիլ,
երբ
ինք
Թէոդորոս
առանց
կրակի
գիշերը
կ'անցնէր,
որպէսզի
իւր
ներկայութիւնն
իմաց
չի
տայ
թշնամուոյն:
Հոն
երեք
օր,
երեք
գիշեր
կեցած
կը
սպասէր
ոչ
միայն
թշնամուոյն
գալուն,
այլ
նաեւ
կը
սպասէր
Յունաց
Սպարապետին
փրկարար
մէկ
շարժման,
որ
եթէ
յառաջանար
եւ
դիրքը
փոխէր
թերեւս
թշնամին
կարէնար
հարուածել:
Բայց
թշնամին
երեւցաւ,
եւ
յոյնք
իրենց
անշարժութեան
մէջ
մնացին:
Թէպէտ
այս
նոր
թշնամուոյն
անունը
մեծ`
իրեն
կրօնամոլ
կատաղութեան
առջեւ
մինչեւ
այնօր
ամէն
դիմադրութիւն
խորտակուէր
էր,
բայց
Ռշտունեաց
իշխանն
անսասան
կուզեր
չափը
առնուլ
նորա
զօրութեան:
Ուստի
երբ
թշնամին
գրոհ
տուաւ
կիրճին
մէջ
անկասկած,
արդէն
բաժնուած
հայ
խումբը
կիրճին
երկու
բարձանց
վյրայեն
սոսկալի
նետաձգութեամբ
զինք
շփոթեց,
եւ
վերջը
այդ
ժայռերուն
կը
ռնկեն
դուրս
թափելով
սպառազէն
խումբերը
եւ
արաբաց
շփոթութեան
սթափելու
ժամանակ
չի
տալով
աջ
ու
ձախ
կը
կոտորէին
անխնայ,
եւ
առնելով
ինկածներուն
կողոպուտը`
կ'անցնէին
Վարդանակերտի
մօտեն
Երասխայ
հունը
օգնելու
համար
այն
եղբարց,
որ
արաբաց
ուրիշ
մէկ
գնդին
կատաղութեան
զոհ
կ'երթային:
Կը
շտապէր
Թէոդորոս
եւ
թոյլ
ու
դադար
չէր
տար
զօրաց,
որպէսզի
հասնի
թշնամուոյն,
բայց
նա
սատանայական
արագութեամբ
իւր
դառնութեան
գործեր
կատարէր
էր
եւ
ամէն
տեղ
Նախիջեւանէ
մինչեւ
ի
Գողթն
գաւառ,
գիւղ,
աւան
եւ
անպատսպար
քաղաք
աւերակ
էր
եղեր,
դէզադէզ
մարդկանց
դիակնէր
եւ
արեանց
ճապաղիք
այդ
բարբարոս
աւազակաց
հետքերն
էին,
հուր,
սուր,
մահ
իրենց
նշանակներն
էին,
որ
թողէր
էին
ետեւնեն:
Լեռներու,
բերդերու
ապաստան
եալ
մարդիկ
կ'իջնային
գունդագունդ
ողբ
ի
բերան
փնտրելու
համար
իրենց
սիրելիները,
որ
կամ
սրոյ
ճարակ
եղած
էին`
կամ`
որ
աւելի
սոսկալին
էր`
անողորմ
ազգին
գերութեան
գնացած:
Տուն,
ամառանոց,
եկեղեցի`
ամէն
բան
կը
մխար,
ամէն
բան
արիւն
կը
հոտեր:
Ծեր
պատերազմողք,
որ
կարծէին
թէ
նոր
չի
կայ
իրենց
համար
պատերազմի
հետեւանք
թշուառութեանց
մէջ,
երբ
կը
տեսնէին
եղած
անգթութեանց
ու
պղծութեանց
հետքերն,
երբ
կը
դիտէին
յօշոտեալ
անդամներ,,
կրակի
մէջ
նետուած
կանանց
եւ
կաթընկեր
տղայոց
դիակնէր,
անօգուտ
կատաղութեանց
վրայ
սոսկմամբ
կը
նայէին
եւ
գլուխնին
շարժէլով
երեսնին
անդին
կը
դարձնէին:
Ատոմ
Շահունի,
որ
պարսից
հետ
եւ
դէմ
պատերազմած
էր
տարիներով,
որ
քուշանաց
եւ
կովկասային
ամէն
ժողովրդոց
հետ
կռուած
էր,
Սմբատ
բազմայաղթի
ամէն
պատերազմներուն
մէջ
գտնուելով,
եւ
շատ
բան
կ'ըրնար
պատմէք
եթէ
ուզէր
խօսիլ,
նա
եւս,
երբ
եղածները
կը
տեսնէր,
որ
գազանութեան
չափն
անցեալ
էին,
երեսը
թթուեցնելով
«էհ»
մը
արձակեց:
Իսկ
Թէոդորոս,
որ
ամէն
ջանք
կ'ընէր
օգնելու
խեղճ
ժողովրդոց,
յանկարծ
Սուրէն
Կամսարական
փնտրելով,
մէկ
կողմ
առաւ.
—
Սուրէն
իշխան,
դու
շուտ
մը
ա՛ռ
Դաւթի
որդին
եւ
գնա,
—
ըսաւ,
—
վասնզի
ո՜յ
գիտէ
եթէ
այդ
անպիտան
յոյները
յաղթուին,
որ
շատ
հաւանական
է,
այս
ամէն
չարիք
եւ
անզգամութիւնք
Կոգովիտ
եւ
Բագրեւանդ
կրնան
գործուիլ
այդ
անողորմ
ազգին
ձեռքեն:
Գնա՛
շուտով,
քոյրդ
միայն
մի
թողուր:
Ես
էլ
կ'ուգայի,
բայց
պէտք
է
այս
գաոանաց
ջանամ
հասնէի
թերեւս
գերիները
կարէնամ
թափել
իրենց
մադիլներէն:
Ուստի
Սուրէն
ու
Գրիգոր
իրեն
խումբով
բաժնուեցան
զօրավարեն
երթալու
Կոգովիտ,
որ
իրօք
այն
վիճակին
մէջն
էր
հորում
երեւակայեց
Թէոդորոս:
Արաբք
Թէոդորոսի
հարուածեն
վերջ
զօրացեալ
ուրիշ
դնգաց
օգնութեամբ,
աւելի
զգուշութեամբ
եւ
խոհեմութեամբ
առաջ
քայլեցին,
եւ
իրենց
յառաջապահներէն
իմանալով
յունաց
անհոգ
դիրքը,
չսպասեցին,
որ
թշնամին
իրենց
վրայ
յարձակի,
այլ
ամենայն
կրօնամոլ
կատաղութեամբ
յարձակեցան
Պրոկոպիոսի
բանակին
վրայ,
որ
արդէն
իմացած
նոցայ
պարտութիւնը
հայոց
գնդեն
եւ
բանակին
փոքրիկութիւնը,
ինչպէս
հեռուեն
նոյնպէս
մօտեն
արհամարհէր
էր
զիրենք:
Պատերազմը
երկար
չի
քշեց,
եւ
վաթսուն
հազար
հոգուոյ
բանակ
մը
տասն
հազար
արաբացի
զօրաց
առաջ
քանի
մը
ժամ
դիմադրութենէ
վերջ
չարաչար
խորտակեալ
կը
փախչէր,
իր
բոլոր
բանակը
թողլով
կապուտ
կողոպուտ
յաղթողին,
որ
ամէն
բանի
տիրանալէ
ետք,
ասպատակ
սփռած
ամէն
տեղ
կավարէր`
կը
քանդեր
ըստ
իւր
սովորութեան,
ո՛ւր
որ
ոտքը
հասնէր:
Մեծ
խումբ
մը
այս
բարբարոսաց
անտէր
անտէրունչ
գտնելով
երկիրը,
որ
յունաց
այս
մեծ
կոտորածեն
զարհուրէր
էր,
սփռեցան
Կոգովիտ,
եւ
ինչ
որ
դիւրամատոյց
գտան`
աւարելէ
եւ
ղերելէ
վերջ
յարձակեցան
Վարդանակերտի
աւանին
վրայ,
որ
կատաղի
դիմադրութիւն
ըրաւ
այս
անօրինաց,
որ
յուսահատելով
թողին
պաշարմունքը:
Նոյն
միջոցին
փոքրիկ
գունդ
մը,
որ
Վարդանաբերդի
գեղեցիկ
շէնքը
տեսած
հեռուեն
եւ
չորս
կողմը
պտոյտներ
ըրած
էին,
մեծ
հարստութիւն
եւ
գանձ
յուսալով,
եկան
խումբին
զօրավարին,
որ
Ալի
անունով
Շէյխ
մ՚էր,
իրեն
առաջարկեցին`
թէ
երկրին
տիրոջ
ամրոցը
հեռու
չէր
եւ
լաւ
աւար
մը
անշուշտ
պատրաստ
կար
եթէ
յաջողէին
մտնել:
Շէյխ
Ալի
առած
իր
գունդը
եկաւ
զննեց
բերդը
ն
երբ
տեսաւ
պարիսպներուն
բարձրութիւն
եւ
ամրութիւնը
երկաթապատ
դռները,
ցաւագին
գլուխ
մը
շարժեց
նշան
յուսահատութեան:
Բայց
սատանայական
աչքերով
երիտասարդ
մը
նոյն
ատեն
իրեն
մօտենալով.
—
Յուստհատելու
բան
չկայ,
Տէր,
—
ըսաւ.
—
եթէ
աս
գիշեր
աշխատինք
ամէնս
եւ
անդադար,
կրնանք
այդ
բերդն
առնուլ
—
Ինչպէ՞ս,
—
հարցուց
Շէյխը:
—
Եթէ
բարձրեն
առնուլ
անկարելի
է,
կաշխատինք
գետնի
տակեն
կը
փօրենք
այս
պարիսպներուն
հիմքը,
եւ
աստուած
կը
յաջողէ:
—
Լաւ
է
այս
խորհուրդը,
—
ըսաւ
Շէյխը,
որ
վաթսունամեայ
մարդ
մ՚էր,
եւ
որու
վրայ
մեծ
համարմունք
ունէին
իւր
զօրականք,
վասնզի
Մարգարէին
առաջին
սպաներուն
մէկն
էր:
Ուստի
բահի,
բրչի
պատրաստութիւնք
տեսնուեցաւ,
եւ
երբ
գիշերն
եկաւ
սկսան
խրամը
փորել
եւ
խորն
իջնել
այդ
ճիւաղները
շարունակ
կը
փոխուէին
եւ
մրջիւններու
պէս
կ'աշխատէին.
երբ
մէկ
մասը
հող
կը
կրէր.
միւսը
փորուած
հողէ
կամարը
ցիցերով
կ'ապահովէր,
այսպէս
առաջ
կ'էրթային
եւ
պարսպին
կը
մօտենային:
Իսկ
բերդին
պահապանները
միամիտ
կեցած
եւ
փորձ
մարդ
ներսը
չի
գտնուելով,
վասնզի
Տիկինը
բոլոր
պատերազմի
հմուտ
անձինքը
ղրկած
էր
որդուոյն
հետ,
պարիսպներուն
բարձրութեան
վստահացած
հանգիստ
նստած
կը
սպասէին:
Մահաբեր
գործը
կը
յառաջանար,
եւ
դիւական
յաջողութեամբ
ոչ
ժայռ,
ոչ
արգելք
մը
կը
հանդիպէր
այդ
ճիւաղներուն,
որք
առաւօտեան
դէմ
պարիսպը
անցած
էին
եւ
սկսէր
էին
բարձրանալ.
եւ
որպէսզի
պաշարելուց
ուշադրութիւնը
գրաւէին`
զօրաց
խումբն
սկսաւ
յարձակումներ
ձեւացնել,
սանդուխներ
բերել
պարիսպներուն
մօտեցնել,
նետաձգութիւնք
ընել
դէպի
պարիսպները,
ան
ել
ժայռերէ
վեր
ելնել
եւ
կախուիլ:
Պահապանք
թէպէտ
թուով
քիչուոր`
բայց
պաշտպանութեան
համար
զիրենք
բաւական
տեսնելով
ավիզի
զուարճութիւն
քան
թէ
երկիւղ
կը
զգային
այս
տեսաբանեն.
ուստի
պարսպաց
աշտարակներուն
մէջ
երբ
միամիտ
կանգնած
էին,
յանկարծ
ձայն
մը
լսուեցաւ
թէ
թշնամին
բերդին
մէջն
է:
—
Սարսափն
ամէնքը
պաշարեց,
երբ
տեսան
բերդին
գաւթին
մէջ
արաբացի
ճիւաղներու
սուսերամերկ
խումբ
մը,
որ
քանի
կ'երթար
կ'աւելնար,
պահապանք
վար
թափուեցան
պարիսպներէն
եւ
կատաղի
կռիւ
սկսաւ
այդ
յօրին
բերանը
ուսկից
թողալով
դուրս
կը
ժայթքէին
այդ
գազանները.
մէկ
ինկնողին
տեղ
երկուք
կը
բուսնէին
վայրկեանէ
վայրկեան,
պահապանաց
յուսահատ
կռիւը
յայտնի
բաւական
չէր
ազատելու,
ներքին
պալատը,
որ
մեծ
ամրութիւն
չունէր,
ուստի
կանանց
եւ
տղայոց
վայնասունը,
ճիչն
ու
աղաղակը,
այդ
զինուց
շառաչմանց,
մեռնողներու
ողորմ
հառաչանաց,
կատաղի
պատերազմողաց
յիշոցներուն
եւ
հայհոյութեանց
հետ,
տեսնողի
եւ
լսողի
ահուդող
կը
պատճառէր:
Վերջապէս
յարձակողք
յաջողեցան
մեծ
բերդին
դուռը
բանաւ,
եւ
էլ
ուրիշ
յոյս
չի
մնաց
դիմադրելու,
բոլոր
արաբացի
խումբը
կը
դիմէր
ներս
կատաղաբար:
Ո՜վ
պիտի
պաշտպանէր
այդ
գազաններուն
դէմ
խեղճ
կանայք
եւ
մանկտիք,
քանի
մը
զինեալ
սպասաւորք
դռները
եւ
պատուհանները
ամրացուցեալ
կահ-կարասեօք`
վերջին
եւ
անյոյս
ճիգ
մը
թափեցին
դիմադրութեան,
քանի
մը
յուսահատ
կանայք
աչվնին
դարձած`
յիմարացեալ
յուսահատութենէ
եւ
երկիւղէ
վերի
բարձր
պատուհաններէն
ինչ
որ
ձեռվնին
կը
հանդիպէր
կը
նետէին
այն
պատերազմողաց
վրայ,
որ
տապարներով
եւ
մուրճերով
կը
ջանային
դուռն
պատուհան
կոտրելու,
եւ
ահագին
ցօղերով
երկաթի
վանդակներ
կը
ճարճատեցնէին:
Կին
մը
միայն,
որ
այս
վիճակը
կը
տեսնէր
եւ
որուն
երեսին
վրայ
նկարուած
էր
այլայլութիւն
եւ
յուսահատութիւն,
Բիւրեղ
տիկին,
առանց
ինքզինք
կորսնցնելու
իր
կենաց
պահպանութենեն
աւելի
ուրիշ
մտածութիւն
մը
մտքին
մէջ
յանկարծ
գալով,
մտաւ
իր
աղջկանց
սենեակը,
տեսաւ
Նազէնիկը,
որ
գոզալով
ծունկի
վրայ
կ'աղօթէր,
իւր
քրոջ
անկողնին
քով,
որ
հանգիստ
եւ
անխռով
կը
քքէանար:
Այդ
կինը,
որուն
աչքերը
ոչ
արտասուքով
այլ
արիւնով
լցուած
էին,
առանց
խօսելու
գրկեց
մէկը
եւ
միւսին
ձեռքեն
բռնելով`
կայծակի
արագութեամբ
վազելով
իջաւ
սանդուխներէն
վար,
իջաւ
պարտէզին
գահերեն
վար,
մինչեւ
լճին
եզերքը.
հոն
դրաւ
փոքրիկ
մակոյկին
մէջ
տղան.
մտուց
իւր
շփոթած
աղջիկը,
եւ
ինքն
որ
մտաւ,
«փա՜ռք
քեզ
աստուած
իմ»
աղաղակեց
եւ
թիակ
մը
ձեռքին
առած
բացուեցաւ
ցամաքեն,
ուրախութեան
ծիծաղ
մը
եկաւ
երեսին,
եւ
երկու
ձեռքով
աղջկանը
փաթաթուելով.
«Ահա
ազատեցանք,
Նազէնիկս,
մեր
պատիւը
անարատ
կրնանք
հոս
այս
լճիս
մէջ
թաղել»,
—
ըսաւ:
Իսկ
այդ
քնքուշ
եւ
միամիտ
աղջիկը.
«Հոս
չեն
կրնա՞ր
հասնիլ
ուրեմն
այդ
անզգամները,
մայրիկ»,
—
կը
հարցնէր:
Իսկ
փոքրը`
զարմացած,
շփոթած
իւր
սուր
եւ
սեւ
աչքերեն
քունը
թօթափելով.
«Ո՞ւր
կ'երթանք
մայրիկ,
դու
գիտե՞ս
թիավարել»,
—
կ'ըսէր:
«Այո,
զաւակս,
այսօր
պիտի
թիավարեմ»,
—
ըսաւ
եւ
թիակներն
անցուց
եւ
սկսաւ
ամենայն
զօրութեամբ
հեռանալ`
ուղղուիլ
դէպի
այդ
լճակին
միմիայն
փոքրիկ
կղզին.
միշտ
աչքերը
դէպի
ամրոցն
ունելով:
Խեղճ
կինը
այդ
լճակը
փոքրիկ
կը
գտնէր
եւ
այդ
յուսահատութեան
մէջ
դեռ
նուազ
յոյս
մը
կը
պահէր
եթէ
մէկը
այդ
գազաններէն
զինքը
չի
տեսնէր.
բայց
աչն
յոյսն
էլ
ոչնչացաւ,
երբ
հազիւ
թէ
կղզուոյն
եւ
բերդին
մէջտեղի
միջոցն
հասաւ,
տեսաւ,
որ
մէկ,
երկու,
երեք
եւ
դեռ
քանի
մը
հատ
ճիւաղներ
իրենց
մէջ
կը
խոսէին.
թէպէտ
լեզունին
չէր
հասկնար,
բայց
կ'իմանար
իրենց
շարժմունքեն
թէ
իւր
վրայ
կը
խոսէին,
եւ
իրեն
հասնելու
հնարք
կը
փնտրէին:
Յուսահատութիւնը
արտաքոյ
կարգի
զօրութիւն
մը
տուած
էր
իրեն,
զարմանալի
յաջողութեամբ
կը
թիավարէր
եւ
նոյն
միջոցին
կը
եսներ,
որ
քանի
մը
հատ
այդ
ճիւաղներէն
կը
թողուին
իրենց
զգեստները
կը
նետուէին
ջուրը
չուր
ետեւեն.
ոմանք
շուտ
մը
ետ
կը
դառնաչին,
բայց
ահագին
խափշիկ
մը
ձուկի
պէս
կը
լողար
եւ,
երբ
ինք
կղզուոյն
ափունքը
գտաւ,
այդ
գազանը
կէս
ճամփան
առած
էր
արդէն,
ուստի
անշփոթ
փոքրիկ
տղուն
ձեռքեն
բռնեց
գիրկն
առաւ:
«Դու
այստեղ
այս
լճափը
նստէ,
սիրուն
Արփենիս,
իմ
աննման
զաւակս,
իմ
գեղեցիկ
հրեշտակս,
աստուած
քեզի
պահապան
լինի,
մեր
թշուառութիւնը
քեզի
ողորկութիւն
դարձնէ
եւ
երջանիկ
ընէ»,
—
ըսաւ,
համբոյրներով
ծածկելով
նորա
երեսները
եւ
աչս
առաջին
անգամ
աչս
պարագային
մէջ
արցունքով
թրջեց.
եւ
դնելով
կղզին
ծածկող
ձարխոտին
վրան`
եղէգներու
վարագուրի
մը
ետին`
«Դու
այստեղ
պահուէ,
զքեզ
մէկը
չտեսնէ,
մինչեւ
որ
մենք
գանք»,
—
ըսաւ.
տղան
շփոթած
մօրը
խօսքը
մտիկ
ըրաւ
եւ
ձարխոտին
մէջ
ծածկուեցաւ:
Ան
ատեն
ինք
ձեռքերը
երկինք
տարածեց,
կարճ
աղօթք
մ՚ըրաւ
մտքեն,
վերջը
գօտին
քակեց
Նազէնիկին
գօտուոյն
անցած
եւ
իրեն
կապեց
եւ
մակոյկին
մէջի
պզտի
խարսխին
չուանը
նուչնպես
իւր
մէջքին
կապեց
եւ
անթարթափ
աչօք
սկսաւ
նաչիլ
այդ
սեւ
խափշիկին,
որ
քանի
կ'երթար
կը
մօտենար,
երբ
իւր
ընկերներն
ամէնքը
յուսահատ
ետ
դարձեր
էին:
Երբ
տեսաւ,
որ
քանի
մը
նաւակի
միայն
միջոց
մնաց
չուր
եւ
նորա
մէջ,
ողորմուկ
ձաչնով`
«Տէ՛ր,
մի՛
համարիր
զայս
ինձ
ի
մեղս»,
—
ըսաւ
եւ
ղրկելով
գգուելով
իւր
Նազէնիկը,
նետուեցաւ
լճին
մէջք
Թշուա՜ռ
կին,
չի
տեսաւ
նետ
մը,
որ
նոյն
միջոցին
սլացաւ
եւ
զարկաւ
խափշիկը,
չի
լսեց
ձայն
մը,
որ
գոչեց.
«Ա՜յ
Տիկին,
մի…»
…լճին
խաղաղ
ջուրերը
ճղքուեցան
րոպէ
մը
կղզուոյն
քով`
եւ
վայրկեան
մը
ետքը
կատարեալ
միապաղաղ
ծածկեցին
այդ
համեստութեան
զոհը
եւ
գեղեցկութեան
հրեշտակը:
Քիչ
անդին
սոսկալի
յիշոցք
մը
լսուեցաւ,
ջուրը
կարմիր
ներկուեցաւ
եւ
ճղփիւն
մը
լսուեցաւ,
որ
իջեցուց
լճին
յատակը
խափշիկին
մարմինը:
Լճին
եղերքը
թափառող
անօրինաց
աչքերը
տեսան
այդ
կնոջ
եւ
իր
աղջկան
ջուր
նետուիլը,
իրենց
սեւերես
ընկերոջ
անունը
գոչեցին
քանի
մը
անգամներ.
եւ
երբ
տեսան
ձայն,
պատասխան
չի
կար,
յուսահատ`
ժամանակ
չի
կորսնցնելու
եւ
բերդին
աւարեն
չի
պակսելու
համար
թողին
ծովեզրը
եւ
ներս
մտան:
Ան
ատեն
լճին
եղէգնուտին
կողմեն
ջուրը
շարժեցաւ,
հիմա
ուրիշ
մէկն
էր
կը
լողար,
բայց
այնպէս
որ
հազիւ
քիթը
դուրս
էր
ջրէն,
թեւերը
չէին
շարժէր
այլ
ոտքերուն
մահտները
միայն,
եւ
այս
գողի
պէս
լողացող
մարդը
եկաւ
մօտեցաւ
կղզուոյն
անշշունջ,
առանց
երեւալու`
միշտ
եղէգներու
սեզերն
իրեն
վարագոյր
պահելով
ելաւ
ցամաք
եւ
գետնի
վրայ
սողալով
գրեթէ
եւ
ոչ
քայլելով
իբրեւ
թէ
բան
մը
կը
փնտրեր,
եւ
վերջապէս
դտաւիր
փնտրածը:
Արփենի
նստած`
երկու
թեւերով
ծունկերը
գրկած`
խոտերուն
մէջ
կէս
մը
կորսուած
կը
մտածէր.
անշուշտ
ինքնիրեն
«Մայրիկը
ուշացաւ»
կ'ըսէր,
երբ
կամաց,
հաստ
եւ
իրենց
շատ
ծանօթ
ձայն
մը
«Արփենի,
Արփենի,
սիրուն
Արփենի,
հոս
ի՞նչ
կ'ընես»
ըսաւ:
—
Զաւէն
հայրիկ,
դո՞ւ
ես,
մայրիկին
կը
սպասեմ,
—
զրուցեց
աղջիկը
տեղաց
ցատկելով:
—
Մայրիկը
զիս
ղրկեց
քեզ
տանելու
համար,
եկ
երթանք:
—
Բայց
դու
լիճն
ընկեր
ես,
Զաւէն
հայրիկ,
վրադ
գլուխդ
բոլոր
թրջէր
է:
—
Հոգ
չէ
երբ
ես
ջուրն
ընկնիմ,
աղջիկս:
—
Բայց
մայրիկը
կըսէ,
որ
ջուրն
ընկնիք`
կը
խեղդվփք:
—
Այդ
ինձ
համար
չէ,
սիրուն
Արփենի,
աստուած
քեզ
պահէ,
որդեակ:
—
Ինչո՞ւ
երեսդ
անդին
կը
դարձնես,
Զաւէն
հայրիկ:
—
Արեւն
աչքիս
կը
զարնէ
անոր
համար:
Բայց
հիմա
խօսելու
ատեն
չէ,
եկ
ինձ,
որդեակ:
—
Ինչ
կ'ընես,
Զաւէն
հայրիկ,
զիս
կը
թրջես,
բոլոր
ջուր
եղայ:
—
Հոգ
չէ,
Արփենի,
դու
ձայն
մի՛
հանէր,
ամենեւին
մի՛
խօսիր,
մինչեւ
որ
ցամաք
ելնենք:
Խեղճ
տղան
կուրծքին
վրայ
պառկեցուցած
նոյնպէս
լողալով
կ'երթար
Զաւէն
մինչեւ
ցամաքը
գտան.
այն
ատեն
եղէգներու
մէջ
ելաւ
կանգնեցաւ,
հագաւ
իր
սպառազինութիւնը,
եւ
երբ
աչքը
դարձուց
Վարդանաբերդի
տեսաւ
մուխ
մը
կը
բարձրանար.
աչվները
կրակ
դարձած
սոսկալի
յիշոցք
մը
տուաւ
ատամները
կրճտելով,
այնպէս
որ
Արփենի
սոսկմամբ
«Ի՜նչ
եղար,
Զաւէն
Հայրիկ»
ըսելով
սկսաւ
փախչիլ.
«Կա՛ց
որդեակ,
կա՛ց
Արփենի,
միտքս
չեկաւ
թէ
հրեշտակներու
քով
ամէն
պարագայի
մէջ
իրենց
լեզուին
չափ
պէտք
է
դնեն»,
զրուցեց
եւ
ուժով
մը
սուլեց.
Վայրկեան
մը
չանցած
իր
նժոյգը
եկաւ
վազելով
եւ
եղէգները
կոտրտելով:
Իսկ
երբ
Արփենին
գիրկն
առաւ
Զաւէն,
խելօք
ձին
մեշքը
խոնարհեցուց,
որ
դիւրութեամբ
հեծնա
զինուորը,
եւ
Կ'աղզուանայ
ճամփան
բռնեցին: