Առաւօտուն
երբ
արթնցաւ
Գրիգոր,
ձմեռուան
արեւու
ճառագայթները
սենեկին
պատուհանները
կը
լուսաւորէին.
Աղթամարայ
ծովակը
կը
փալփլէր,
բնութիւնը
կենդանութիւն
էր
առէր:
Շուտ
մը
ելաւ,
եւ
երբ
հագուելու
եղաւ
զարմանքով
տեսաւ,
որ
իւր
տխուր
զգեստներն
անհետացեր
եւ
տեղը
իշխանազնի
մը
վայել
զգեստներ
դրուած
էին:
Յայտնի
էր,
թէ
Սէթայ
չէր
կ'ամեցէր,
որ
իր
հիւրը
ստորին
վիճակի
մարդկանց
զգեստներով
երեւա,
ուստի
հագուեցաւ
եւ
բնական
գաղտնի
գոհութեամբ
նաեւ,
վասնզի
սիրահար
երիտասարդ
ինչչա՛փ
փիլիսոփայ
որ
լինէր`
Թենիի
վայելուչ
երեւելի
կը
փափագէր:
Բայց
երբ
դահլիճը
մտաւ`
զարմանքով
մնաց,
իշխանուհուոյն
քով
նստած
էր
Ատոմ
Շահունի
եւ
նոցայ
քով
Թենի:
Գրիգոր
որ
ամենխին
տեղեկութիւն
չունէր
ծեր
զօրավարին
եւ
Ռշտունեաց
Օրիորդին
մտերմութեան
եւ
չէր
կրնար
ըմբռնել
այդպիսի
ընտանութիւն
վասնզի
դաժան
ծերուն
երկայն,
չոր
եւ
դեղնած
մատներուն
մէջ
կորած
կը
տեսնէր
աղջկան
փափուկ
ձեռքը,
եւ
ինչչա՛փ
պիտի
զարմանար
եթէ
մէկն
ականջեն
գար
ըսէր
թէ`
«Այդ
ահարկու
ծերը
միայն
գիտէր
իրենց
սիրոյն
գաղտնիքը»:
Բայց
առանց
յայտնի
ընելու
իւր
զարմանքը`
ողջունեց
յարգանօք,
գլուխը
վեր
առնելով`
—
Զօրավար,
—
ըսաւ,
—
կը
ճանչե՞ս
Մամիկոնեան
Գրիգոր
իշխանը,
Դաւթի
որդին:
Ատոմ`
րոպէ
մը
զննելեն
վերջ`
իւր
քաղցր
ձայնով`
—
Տղա՛յ,
—
ըսաւ,
—
դու
Սարեակի
պատերազմին
չէի՞ր
Կամսարական
Սուրէնի
հետ:
—
Այո,
զօրավար:
—
Ես
քեզ
կը
յիշեմ,
դու
լաւ
կը
ռուեցար
կարիքիդ
համեմատ:
Այս
գովութիւնն
ընելէ
վերջ`
վայրկեան
մը
կեցաւ
ծերը`
եւ
Թենիին
դառնալով,
աւելցուց.
—
Լաւ՛
տղայ
է:
Գրիգոր
Հազիւ
կրցաւ
այս
վճռին
վրայ
իւր
ծիծաղը
սանձել
վասնզի
այն
իւր
առաջին
արշաւանաց
օրերը
ծերը
տեսեր
եւ
ճանչեր
էր,
եւ
այսչափ
խօսք
նորա
բերնեն
կ'իմանար
թէ
մեծ
գովութիւն
էր:
էսեր
էր
նաեւ
թէ
ծիծաղի
եւ
շատախօսութեան
մեծ
թշնամի
էր
նա:
Ուստի
լուռ
կեցաւ.
իսկ
ծերը
անշարժ
կ'ենալեն
վերջ`
—
Սուրէնէ
լուր
ունի՞ս,
—
հարցուց:
—
Մէկտեղ
էինք
Դամասկոս,
ճամփան
մեր
փախստեան
ժամանակ
արաբաց
խումբ
մը
զմեզ
բաժնեց,
մենք
Եփրատէ
անցանք,
նա
Կ'ոմակենի
ճամփան
բռնեց,
անկից
վերջը
լուր
չունիմ:
—
Քաջ
մարդ
է
նա,
—
ըսաւ
ծերը
դարձեալ
Թենի
ի
դառնալով:
Իսկ
Սէթայ,
որ
իւր
նամակին
ընթերցմունքը
վերջացուց,
դարձաւ
երիտասարդին.
—
Ահա
իշխանեն
նամակ
բերաւ
զօրավարը,
կը
գրէ
թէ
ամիսի
մը
չափ
ժամանակ
դեռ
պիտի
ուշանայ,
վասնզի
Պոլիս
մեծ
խռովութիւնք
ելեր
են
այս
քանի
մը
ամսուան
մէջ,
Կոստանդին
կայսրը
թունաւորուած
Մարտինէ
մորմեն
մեռէր
է,
եւ
տեղը
իւր
փոքր
եղբայրն
է
թագաւորէր:
Հիմա
ժողովուրդը
եւ
զօրքր
ապստամբէր
են,
օրինաւոր
ժառանգը`
դեռ
պատանի
մը`
նստուցեր
են
աթոռը:
Իշխանը
կը
յուսա
եւ
կը
գրէ
թէ
րագրատունեաց
Ասպետին
ազատութիւնն
այս
անգամ
ապահով
է,
վասնզի
աքսորանաց
դարձին
հրովարտակը
ելեր
է.
եւ
թէ
իրեն
բարեկամ
հայազգի
մը
զօրավար
կարգ
ված
է
Կարնոյ
յունաց
բանակին.
ուստի
ինք
Թէոդոսուպոլիս
պիտի
երթայ
նախ
իրեն
հետ
տեսնուելու
եւ
յետոյ
պիտի
դառնայ
հոս:
—
Եթէ
իշխանն
ուշանայ`
ես
ինչ
պէտք
է
ընեմ,
իշխանուհի,
—
հարցուց
Գրիգոր:
—
Այդ
բանին
համար
ամենեւին
հոգ
մ՚ընէր.
ես
քեզի
համար
զբաղմունք
կը
գտնեմ:
Ահա
ուրիշ
նմսմակ
մ՚էլ
կայ,
որ
Արծրունեառ
Սահակ
իշխանը
կը
գրէ
եւ
գունդ
մը
զօրք
ինձմէ
կը
խնդրէ
Մարդաս
տանի
իւր
զօրաց
օգնութեան
պարսիկ
ասպատակաց
դէմ:
Վարդ
եթէ
այստեղ
լինէր`
նա
կ'ուղարկէի,
որովհետեւ
հօրը
հետ
է,
դու
էլ
ր
իմ
զաւակս
ես
քեզ
կ'ուղարկեմ
եթէ
յանձն
կառնուս:
—
Ամենայն
սիրով,
հիմա
եթէ
կը
հրամայէք:
—
Այսօր
անկարելի
է,
վաղն
առաւօտ
ամէն
բան
պատրաստ
կը
լինի,
եւ
ճամփայ
կ'ելնէք:
Գրիգորի
հաճոյքը
մեծ
էր,
օգտակար
լինելու
ուրախութիւնը
կ'երեւէր
երեսին
վրայ:
Իսկ
ծեր
զօրավարը,
որ
անխօս
կը
նշմարէր
այդ
երեւոյթը,
մեծ
ախորժով
իմացաւ,
եւ
կամաց
մը
գլուխը
կը
շարժէր,
որ
իւր
սովորութեանց
մէջ
«բարի
նշան
է»
ըսել
էր:
Թենի
իւր
կարգին
մէջ
ոչինչ
նշան
հաւանութեան
կամ
ոչ
հաւանութեան
չէր
յայտնէր:
—
Հիմա
այս
նամակիս
մէջ
կան
քանի
մը
մութ
եւ
անյայտ
բանէր,
որ
Ատոմ
զօրավարեն
կ'իմնաս`
կըսէ
գիրը.
ուրեմն
այդ
նեղութիւնը
յանձն
առնելով
ինձ
պիտի
բացատրես,
իշխան:
Ատոմ
Թենիի
ձեռքը
թողուց.
սա
ոտք
ելաւ
եւ
հարցուց
ծերուն
ժպտելով.
—
Մենք
երթա՞նք
ուրեմն,
հայրիկ:
—
Հը՛,
—
ըսաւ
ծերը
աննշմարելի
կնճիռով
մը,
որ
ծիծաղ
կը
նշանակէր
եւ
միայն
Թենիի
պահած
էր:
Գրիգոր
այն
ատեն
ինքն
էլ
դուրս
ելաւ
եւ
Թենի
ըսաւ.
—
Գրիգոր
իշխան,
մի՞տքդ
է
այն
ժամանակը,
որ
մեր
գրքատունը
շտկեցիր,
կարգի
գրիր:
—
Այո՛,
Օրիորդ,
եւ
այն
ժամանակեն
վերջը
ինչպէս
ամէն
սիրելի
բանէ
զրկուեցայ,
գրքի
տեսութենէ
նաեւ
զրկուած
մնացի:
—
Ինձմէ
զատ
այդ
խեղճ
գրքերուն
այցելութիւն
ընող
չի
մնաց
այն
ատենեն
ի
վեր:
—
Միատեղ
այցելութիւն
մ՚ընե՞նք,
—
հարցուց
Գրիգոր:
—
Ես
էլ
այն
կ'ուզէի,
մանաւանդ
որ
դու
վաղը
պիտի
թողուս
զմեզ,
եւ
այնչափ
ուրախութեամբ:
—
Այդ
ուրախութիւնը`
մինչեւ
այսօր
անօգուտ
կեանք
մը
Ռշտունեաց
տան
ծառայութեամբ
օգտակար
ընելու
փափագն
է:
Եւ
երբ
մտան
գրոց
սենեակը
երկու
երիտասարդ
սրտերը
կը
բաբախէին,
եւ
Գրիգոր
նո՛րս
սիրելի
ձեռքը
յափշտակելով
երկայն
համբոյր
մը
երբ
դրոշմեց`
Թենի
հարցուց
ժպտելով
եւ
ինքզինքը
սանձելով.
—
Ուրեմն
զիս
չե՞ս
մոռցեր,
Գրիգոր:
—
Կարելի
էր
զքեզ
մոռնալ:
Ի՜նչ
մնացել
էր
ինձ
աշխարհքիս
վրայ
եթէ
քու
յիշատակդ
չլինէր,
այն
մեր
վերջի
գիշերը
երջանկութեան,
որու
վրայ
այնպիսի
սոսկալի
խավարմունք
մը
պիտի
տիրեր…
Իմ
գերութեան
շղթայներուն
միմիայն
կասկածելի`
մանաւանդ
թէ
յուսահատ
յոյսր
այն
էր,
որ
Թենի
թերեւս
զիս
չէր
մոռցեր
եւ
կը
սիրէր,
այդ
միայն
կենաց
կապ
մնացեր
էր
աշխարհքիս
վրայ:
—
Խե՜ղճ
Գրիգոր,
եւ
կը
կասկածէի՞ր
իմ
սիրոյս
վրայ:
—
Ներէ,
Թենի:
Այնչափ
հարուածք
եւ
այնչափ
սաստիկ
իրարու
յաջորդեցին,
որ
կարծեցի
թէ
իմ
թշուառութեանցս
փուշէ
պսակը
այն
միայն
մնացեր
էր,
սրտատրոփ
ահուդողով
կը
նայէի
Ոստանի
տշտարակներուն:
Մինչեւ
որ
զքեզ
չի
տեսայ
երէկ
եւ
լուսալիր
աչքերդ
յոյս
չի
տուին
եւ
ձեռքդ
ինձ
չի
խօսեցաւ…
ո՛հ
զրուցէ
անգամ
մ՚էլ
թէ
կը
սիրեմ:
—
Այո՛,
կը
սիրեմ
եւ
միայն
զքեզ
կը
սիրեմ:
Այս
խօսքերուն
երկար
գրկախառնութիւն
մը
յաջորդեց,
մինչեւ
որ
Թենի
ցնցուելով
ելաւ
Գրիգորի
բազկաց
մէջեն,
եւ
նստելով
բազմոցի
մը
վրայ`
աթոռ
մը
ցցուց
Գրիգորի,
որ
սիրով
յափշտակեալ
կուզեր
քովր
մօտենալ,
եւ
այնպիսի
հրամայական
ձեւով
ցուցամատով
կրկնեց
հրամանը
եւ
—
Մի՛…
այդ
աթոռին
վրայ,
—
ըսաւ:
Որ
Գրիգոր
կաշկանդեալ
ակամայ
նստաւ,
ուր
հրամայեց
սիրուհին
եւ
բեկեալ
—
Անգո՛ւթ,
միթէ՞
այս
վայրկեանը
նորէն
կը
դառնա՜,
—
ըսաւ
—
Աստուած
որ
այս
վայրկեանը
բերաւ
աւելի
երջանիկներն
էլ
կը
բերէ,
ես
քու
մահուանդ
վրայ
ինչչա՛փ
արտասուք
թափէր
ես`
եւ
կ'ուզէի
կուսանալ,
բայց
յոյսը
զքեզ
տեսնելու,
ծնողացս
դիմադրութիւնը
եւ
Ատոմ
Հայրիկի
յորդորները…
—
Ո՜վ
է
Ատոմ
հայրիկ,
ծեր
զօրավարը
միթէ՞:
—
Այո՛,
նա
ամէն
բան
գիտէ,
նա
միայն
իմ
մտերիմս
է:
—
Ի՞նչ
կը
թսես,
միթէ՞
կարելի
է
այդ
դաժան
ծերը…
—
Այդ
դաժան
ծերը
ինձ
համար
ամենաքաղցր
հայը
մ՚է,
նա
զիս
կը
մխխթարեր
քու
կորսայեանդ
վրայ,
վասնզի
նա
միայն
գիտէր,
թէ
ես
կը
սիրեմ
զքեզ:
Հիմա
քաջ
եղիր
պատերազմի
մէջ,
բայց
մի՛
մոռնար
ինքզինքդ
պահպանեւ
Թենիիդ
համար:
—
Օ՜հ,
ի՜նչ
երջանկութիւն,
դու
զիս
այսչա՜փ
կը
սիրես,
Թենի:
—
Ինչչա՛փ
կրնամ
սիրել:
Բայց
դու
այղ
քու
քեռուոյդ`
սքանչելի
մարդուն`
Աուրենի
մեր
սիրոյն
գաղտնիթը
չէի՞ր
յայտնած:
—
Ինչպէ՞ս,
ի՞նչ
երեսով
յայտնէի
շղթայակապ
եւ
անյոյզ
գրեթէ,
եթէ
իմ
երագներս
զրուցէի
ապահով
էի,
որ
զիս
պիտի
ծաղրէր:
Այս
խօսակցութեան
մէջ
Գրիգորի
աթոռն
այնչափ
մօտեցեր
էր
բազմոցին,
որ
իւր
ծունկերը
Թենիի
ծնկվներուն
սկսէր
էին
դպիլ:
—
Հիմա
էլ,
սա
գրադարանին
մէջեն,
—
ըսաւ
Օրիորդը
հատոր
մը
ցցնելով,
—
այդ
գիրքն
ինձի
տուր:
Գրիգոր
գնաց
գիրքն
առաւ,
եւ
երբ
դարձաւ`
տեսաւ,
որ
աթոռն
իր
առաջի
տեղը
դրուած
էր,
Թենիի
նայեցաւ,
որ
ժպտելով`
—
Ապահով
եղիր,
զրուցեց,
որ
Ատոմ
հայրիկ
ո՛ւր
որ
է,
կ'ուգայ
հիմա
զմեղ
կը
գտնէ.
ուստի
տեղդ
հանդարտ
նստէ:
Իսկ
այդ
գիրքն
ա՛ռ,
մի՛
բանար,
մի՛
խախտեր
մատենակապր,
մի՛
կարդար,
դիր
քու
պայուսակիդ
մէջ,
մինչեւ
որ
վաղը
ճամփայ
ելնես:
Խօսք
տո՛ւր:
—
Մեր
սիրոյն
վրայ
խօսք
կ'ուտամ.
եւ
եթէ
կ'ուզես`
հիմա
կ'ուտամ
Զաւէնի,
որ
պահէ
եւ
ան
ատեն
միայն
ինձ
տա…
Այս
միջոցին
դուռը
ճռնչեց,
եւ
Ատոմ
ներս
մտաւ:
—
Խօսքերնիդ
վերջացա՞յ
վ,
հայրիկ,
—
հարցուց
Թենի:
—
Այո.
հիմա
դու
գո՞հ
ես,
Թենի:
—
Շատ
գոհ
եմ,
հայրիկ,
եւ
քու.
մխիթարութեանցդ
համար
էլ
շատ
շնորհակալ.
դու
զիս
քաջալերեցիր
եւ
քեզմէ
զատ
մտերիմ
ոք
չունէի:
Քեզնէ
ի
զատ
էլ
մարդ
չի
կայ,
որ
մեր
սիրոյն
գաղտնիքը
գիտենա:
Ատոմ
ժպտեցաւ
ըստ
իւր
սովորութեան,
եւ
վերջը
Գրիգորի
մօտենալով,
ձեռքը
սուրին
գրաւ
եւ
ըսաւ.
—
Դաւթի
որդի,
այդ
գիրքը
թո՛ղ.
պատերազմի
կ'երթաս,
քաջ
եղիր,
խելօք
եղիր:
Հիմա
այնտեղ
կը
գտնես
Արծրանեաց
Սահակը,
քու
զօրավարդ
է`
հնազանդէ
որպէս
աստուծոյ.
բայց
նոյնպէս
քեզնէ
վար
զինուորէ
նոյն
հնազանդութիւնը
պահանջէ:
Խիստ,
բայց
արդար
եղի՛ր:
Քաղցր,
անուշ
լեզու
մարդոցմէ
վախցիր,
հեռու
պահէ
քեզնէ:
Այդպիսեաց
մեծ
մասը`
եթէ
ոչ
ամէնքը`
կեղծ
եւ
անարգ
շողոքորթներ
են:
Քաշերը
վարձատրէ.
վատերը
պատժէ
առանց
գթութեան,
զինուորը
պէտք
է
թշնամի
են
աւելի
իւր
զօրավարեն
վախէ,
բարի
օրինակ
քաջութեան,
վտանգն
արհամարհէ,
զինուորը
երբ
կը
տեսնէ
թէ
զօրապետը
չի
վախեր
մահվնէ,
ինքն
էլ
կարհամարհէ
մահը.
յաղթութեան
եւ
յաջողութեան
բոլոր
գաղտնիքը
հոն
է:
Միշտ
միտքդ
լինի
եւ
դիտցիր,
որ
ես
այսօր
քեզ
համար
երաշխաւոր
եղեր
եմ
իշխանուհուոյն
եւ
ըստ
այնմ
շարժէ:
Թող
ուրեմն
այդ
գիրքը:
Գրիգոր
Թենիի
նայեցաւ,
եւ
սա`
—
Հայրիկ,
այդ
դիրքը
պատմական
գիրք
մ՚է,
Մամիկոնեանց
պատերազմն
ու
քաջութիւնը
կը
պատմէ.
ես
տուի
Գրիգորին:
—
Լաւ՛,
եթէ
դու
տուիր,
Թենի:
—
Ուրեմն
պահէ,
քու
նախնեացդ
պէս
եղիր.
հիմա
դու
իջիր,
իմացիր,
թէ
ինչչա՛փ
մարդ
քեզի
հետ
պատերազմի
պիտի
երթայ,
ո՛ւր
Արծրունեաց
գունդին
հետ
պիտի
միանաս,
քանի
օրուան
պաշարի
պէտք
ունիս,
զօրքը
լաւ
զէնք,
վերարկու,
ոտքի
աման
ունի՞ն.
քանի
որ
այստեղ
ես`
ամէն
բան
լաւ
կարգի
դիր,
վերջը
կը
զղջաս:
Գիտցիր,
որ
այս
Ռշտունեաց
տան
մէկ
հատիկ`
միմիայն
անքաւելի
մեղքը
դու
չես
ճանչեր,
Յուսիկ
անուն
ժլատ
մ՚է.
ի՛նչ
բանի
որ
պէտք
ունիս
կամ
կրնաս
ունենալ,
պէտք
է
ո՛չ
ուզես`
այլ
բռնի
առնուս
եւ
աչացդ
առջեւ
եւ
այնպէս
ճամփայ
ելնես.
եթէ
չես
ուղեր,
դու
էլ,
զինուորդ
էլ
անօթի
կը
մեռնիք.
գնա՛,
մանրամասն
ամէն
բան
իմացի՛ր.
ձի,
գրաստ,
պաշար,
պարէն,
ինչ
որ
պէտք
կայ
ա՛ռ.
այդ
անպիտան
աւազակին
խոստմանց
մի՛
հավտար:
—
Շատ
շնորհակալ
եմ,
զօրավար,
տուած
խրատներուդ,
երթամ
ուրեմն
նախ
իշխանուհին
տեսնեմ:
Երբ
Գրիգոր
դուրս
ելաւ,
ծեր
զօրավարին
խրատներուն
ճշտութեամբ
հետեւեցաւ.
չորս
հարիւր
հոգուոյ
խումբ
մը
իրեն
կը
յանձնէր
Ռշտունեաց
Տիկինը,
նոցայ
ամէն
պէտքը
գիր
առած`
գնաց
Յուսիկի
հետ
խօսեցաւ
քաղցրութեամբ`
շոյելով
անուշ,
սպառնալիքներ
ընելով
եւ
նորա
հոգիեն
ու
սրտեն
յաջողեցաւ
իւր
ամէն
ուզածը
փրցնել:
Երկրորդ
առաւօտուն
Թենի
Ոստանին
պատշգամբեն
կը
տեսնէր
երիտասարդ
զօրավարը,
որ
նաւերու
վրայ
բարձած
իւր
փոքրիկ
խումբը
եւ
նոցայ
պիտոյքը
կը
նաւարկէր
Աղթամարայ
ծովուն
արեւելման,
հիւսիսային
կողմը,
եւ
երբ
հեռացաւ
առաւ
Զաւէնի
ձեռքեն
Փարպեցիի
հատորը,
եւ
գրքին
վերջի
պարապ
էջերը
գտաւ
մանր,
փոքրիկ,
գեղեցիկ
գրերով
յիշատակարան
մը
այն
ամէն
Յուսահատական
եւ
տխուր
զգացմանց,
որ
ունեցեր
էր
Թենի
այն
չորս
երկայն
տարիներու
բաժանման,
ուր
երբեմն
իր
սիրելոյն
մահը
կ'ողբար,
երբեմն
յուսոյ
նշոյլ
մը
կը
զգար,
երբեմն
միանձնուհի
լինելու
փափագներ
կը
յայտնէր,
երբեմն
զինք
հարսնութեան
ուզող
երիտասարդաց
վրայ
դատողութիւններ
կ'ընէր:
Վերջապէս
այդ
գրութեան
մէջ
կը
տեսնէր
Գրիգոր
աղջկան
հաստատամտութիւնը
իւր
սիրոյն
վրայ,
եւ
այդ
չորս
տարուան
միջոցին
իւր
մտաւոր
կատարելութեանց
զարմանալի
զարգացումը
մարդիկ
եւ
երկիրը
դատելու
վրայ:
Ո՜վ
կրնայ
պատմել
Զաւէնի
ուրախութիւնը,
որ
կը
տեսնէր
Գրիգոր
հրամանատար
փոքր
խմբի
մը,
որ
յառաջաբան
եւ
սկիզբն
կը
համարէր
իւր
իշխանիկին.
արդէն
ինք
առանց
Գրիգորի
եւ
Թենիի
սիրոյն
գաղտնեաց
տեղեակ
լինելու`
իւր
մտքին
մէջեն
հաւանութիւն
աւէր
էր
նոցայ
ամուսնութեան,
եւ
իրեն
համար
այդ
ժամանակի
խնդիր
էր.
ուստի
մինը
կարդալով
եւ
միւսը
երազելով
եւ
երկուքն
էլ
մէկ-մէկ
քիչ
քուն
լինելով`
հասան
Բերկրուոյ
մօտ
ցամաքը,
եւ
անկից
ուղեւորեցան
Մարդաստան`
ուր
գտան
Արծրունեաց
նախարարը,
որ
առաջ
Գրիգորի
երիտասարդութեան
խորհրդածեց
մտքեն,
երբ
նորատէգ
մորուոք
երիտասարդ
մը
տեսաւ.
բայց
երբ
փոքրիկ
խազմեր
տեղի
ունեցան
եւ
տեսաւ
տղուն
շրջահայեաց
յանդգնութիւնը,
գուշակութեան
ոգին,
որ
թշնամեաց
ամէն
շարժմունք
կը
նախատեսէր
եւ
կը
հարուածէր,
ուղղութեան
եւ
արդարութեան
ոգին,
որ
մեծին
ու
պզտիկին
վստահութիւն
կը
բերէր,
իւր
գունդերն
էլ
իրեն
յանձնեց
ու
գնաց
Վանտոսպ:
Եւ
լի
գովութեամբք
շնորհակալութեան
նամակ
մը
գրեց
Ռշտունեաց
Տիկնոջ
իւր
ընտրութիւնը
շնորհաւորելով:
Իսկ
Գրիգոր`
Արծրունեաց
նախարարին
հեռանալեն
օգուտ
քաղելով`
յարձակեցաւ
մինչեւ
Կ'ապուտան
ծով,
սարսափ
ձգեց
բոլոր
մեծ
ու
պզտի
բռնաւորաց
վրայ,
որ
Պարսից
տէրութեան
իյնալեն
անիշխանութեան
հետեւանք
եւ
ծնունդք
էին,
եւ
գարնան
Հետ
ետ
դարձաւ
Ռշտունիք
յաղթանակաւ
եւ
մեծ
ուրախութեամբ,
բայց
ուրախութիւնը
տրտմութեան
փոխուեցաւ: