Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ամէն կրօնքներու առաջինն է իւր կրօնքը պահել, եւ երջանկութեանց ամենեն մեծն է զայն լաւագոյնը կարծէր

ՊԻՒՖՈՆ

Բայց այդ հարուածն նաեւ չի յուսահատեցուց զթէոդորոս. գնաց Կարին իւր բարեկամ եւ անուանակցին հետ տեսնուելու, եւ դեռ քաղաք չի մտած յունաց սպայակոյտին վրայ գոռոզ փոփոխութիւն մը նշմարեց: Առանց կարեւորութիւն տալու, Ստրատելատին բնակարանը ուղղուեցաւ եւ տեսաւ սպասաւորաց եւ թիկնապահաց երեսները գունատ եալ եւ պատրաստութիւն ճանապարհի: Եւ երբ բարեկամին սենեակը մտաւ, տեսաւ, որ նա զբաղած էր շատ մը թղթեր այրելու:

Ժամանակին հասար, բարեկամ, ըսաւ Երիզացին, վասնզի ես առանց զքեզ տեսնելու նաեւ պարտաւորուած էի երթալ: Դու լաւ կշռէր էիր այդ երիտասարդ կայսրը. գազան մը գահին վրայ հանեցինք:

Պաշտօնեդ կը զրկէ՞ քեզ այդ տղան:

Եթէ վտանգն այնչափ է, գոհ պէտք է լինիմ: Երեւակայէ, որ երեք օր է չորս սուրհանդակ ստացեր եմ մայրաքաղաքեն, եւ ահա հինգերորդը, որ այս առաւօտ կը հասնի, ինձ սաստիկ հրաման կը բերէ վայրկենին զօրավարութեան պաշտօնս յանձնել Մաւրիանոսի եւ դառնալ Պոլիս: Եթէ կին եւ զաւակներ, եւ ամէն բան այդ գազանին ձեռքին մէջ չլինէին, գիտէի ի՛նչ ընելիքս:

Բայց ի՞նչ է իւր արարքը, այն պատմէ՛, եղբայր:

Աստուածաբանութեան կատաղութիւնն ունի այս երիտասարդը, կ'երեւայ թէ այս կայսերական աթոռին վրայ ժառանգական է այդ հիւանդութիւնը: Իւր պապը Հերակլիոս վերջին ժամանակները երբ պատերազմին դաշտը թողած դարձաւ Պոյ, չիս, ես ի պաշտօնէ բռնադատ եալ, իւր քով մտայ իմացնելու համար, թէ Եգիպտոս եւ Աղեքսանդրիա նաեւ մահմեդականաց ձեռքն են ինկեր: Ծեր կայսրը չուր վարդապետներէ շրջապատեալ նստած էր. իմ տխուր կերպարանքս տեսնելով հարցուց, թէ ի՛նչ նոր լուր ունէի. ես երբ զգուշութեան ձեւերով եւ երկիւղով իմացուցի աշխարհին կորուստը, նա վայրկեան մը մտածութեան ինկաւ. եւ վերջը ինձ հարցուց. «Թէոդորո՛ս, դու ինչպէ՞ս կը հաւտաս, Քրիստոս, որ երկու բնութիւն ունի, մի՞ կամք ունի, թէ՞ երկու»: Ես շփոթած այս անակնունելի հարցմունքին վրայ, պատասխանեցի թէ «Այսպիսի խնդիրներ կ'արողութենես վեր են, ինչ որ եկեղեցին որոշէ` այն կընդունիմ»: Բայց մտքես ցաւեցայ, որ այդ մարդը, որ մենք դիւցազն մը տեսեր էինք պատերազմի դաշտին վրայ, այդ զառամութեան էր հասեր: Երեւակայէ՛, եղբայր, որ թոռը հիմա այդ աստուածաբանական խնդրոյն վրայ հաւատոյ դաւանութիւն մը կը հրատարակէ , եւ Մաքսիմոս պատրիարքը, վասնզի դէմ գրեր եւ քարոզէր է այդ դաւանութեան ու հերետիկոսական անուանէր է, աստուծոյ քահանային լեզուն եւ աջը կտրել տուեր էր:

Այսչա՞փ միայն:

Ո՛չ, դեռ կայ, մէկ հատիկ եղբայրը` Թէոդոս, սարկաւագ ձեռնադրել տուեր է, նորա ձեռքեն հաղորդուէր է եւ դարձեալ գոհ չլինելով` սպաննել տուեր է:

Ուրի՞շ:

Բանտերը լցնել տուեր է այն մարդիկներով, որոց վրայ հաւատոյ կամ իւր անձին դէմ կասկած ունեցեր է:

Դեռ ուրի՞շ:

Եղբա՛յր, քեզի էլ բռնաւոր հաւնեցնել յիրաւի շատ դժուար է: Այսչափը բաւական չէ՞:

Ո՛չ այդպէս, շատ կը սխալիս, ես բռնաւորի կը հաւնիմ, բայց ոչ այդպիսի յիմար բռնաւորներու, որ ոչ նպատակ ունին եւ ոչ գիտեն, որ ի՞նչ կ'ուզեն եւ ո՞ւր կ'երթան: Ես իմ ուզած բռնաւորս եթէ գտնէի…

Բռնաւորին լաւը չի կայ, Ռշտունի, ես կը զարմանամ թէ ինչ դիպուածով իմ գլուխս ուսերուս վրայ մնացեր է եօթանասունհինգ տարի. ութ հատ կայսր տեսեր եմ, որոց առաջին երկուքը` ամենեն լաւերը` չեմ կրնար դատել, իսկ Մորիկէ սկսած մինչեւ այս Կոստանդ ամէնն էլ արիւնկզակ բռնաւոր: Ի՞նչ օգուտ ունեցեր են աշխարհքի եւ իրենց անձանց ու րնտանեաց: Իսկ թէ հայ ազգը ի՛նչ է քաշէր սոցայ օրով եւ թէ ի՛նչ քաջ նախարարք եւ իշխանք զոհ գնացեր են այսչափ միջոցի մէջ, եթէ մէկիկ-մէկիկ համրեմ…

Մի՛ համրէր, անօգուտ է, ես լաւ գիտեմ: Թէ որ կարէնայի զքեզ մեր Ոստանը տանիլ, կրնայի ցցնել այս վերջի հարիւր տարուան միջոցին հայոց բիւրաւորաց կոտորածներու ցուցակը ի յունաց եւ ի պարսից, հօրս եւ պապուս ժամանակեն դրուած ճշտութեամբ: Բայց ո՞ւմ է յանցանքը, մեռնողի՞ն թէ՞ մեռցնողին:

Երկուքին հաւասար: Ես հոս Կարին` այս պաշտօնիս մէջ աւելի բան իմացայ մեր երկրին վերաբերութեամբ, քան թէ ինչ որ իմացեր էի այնչափ տարի Բեօլզանդիոյ արքունեաց մէջ: Այս Կարնոյ դիւանատան մէջ գտայ թղթակցութեանց շարք մը պարսից եւ յունաց մէջ, Մօրիկ կայսեր եւ Խոսրովու ժամանակի. տե՛ս թէ ինչպէ՛ս իրարու հետ կը խօսին:

Եւ այս ըսելով Երիզացին հանեց թուղթի մը օրինակ եւ տուաւ Ռշտունուոյն, որ լռութեամբ կ'արդալեն վերջ այդ ուղթը, ուր յոյնը կը գրեր պարսկին` հայոց համար. «Խոտոր եւ անհնազանդ ազդ մի են, մեր մէջ կացած պղտորութիւն կը ձգեն: Բայց եկ, ես ինձ հնազանդեալքը կը ժողուեմ եւ Թրակիոյ կողմն կանցնիմ հոնաց եւ նմանեաց հետ պատերազմելու համար. դու քուկիններուդ հրամայէ ժողուել եւ Արեւելք տանիր Վասնզի եթէ մեռնին` թշնամիք կը մեռէին, եւ եթէ սպաննեն զթշնյյյմիս կը սպաննեն, եւ մենք խաղաղութեամբ կապրինք: Զի եթէ դոքա իրենց երկրին մէջ մնան` մենք հանգստութիւն չպիտի գտնենք»: Բարձր ձայնով կարդաց երկրորդ անգամ եւ հեգնական ծիծաղով ըսաւ.

Ողորմելի՛ քաղաքագիտութիւն, որ իւր ներքին վիճակը չի տեսնէր, եւ ուրիշին թշուառութենեն օգուտ քաղել կը կարծէի աշխարհք մը կոչնչացնէ, եւ իւր անձին զօրութիւն չի գտնէր եւ աւելի կը տկարացնէ: Խոսրով այդ նամակի իմաստր յայտնած էր Սմբմատայ: Բայդ դժբախտաբար Հայաստանի համար` եւ Խոսրովու իւր անձին համար, Սմբատ շուտ մեռաւ, եթէ ոչ ի՛նչ գեղեցիկ ու մեծ խորհուրդներ ունէր այդ մեծ` մարդը, որ քուշանաց զօրութիւնը ջախջախելեն վերջ, Հայաստանի վերականգնութեան խոստմունքն առած էր արքայից արքայեն: Եւ այն` ինչ որ ես տկար ձեռոք կը փափագիմ գործել, նա հզօր ձեռոք ապահով ի գլուխ կը հանէր. բայց մահը ամէն խորհուրդ առաւ տարաւ…

Հիմա էլ իւր որդուոյն` Ասպետին մահը ամէն յոյսեր փչացուց:

Ի՞նչ ընենք, քանի որ շունչ ունինք պէտք է աշխատինք: Բայց դու որոշած էիր երթալ:

Ուրիշ ի՜նչ Կարելի է ընել…

Մտախոհ լռութիւն յաջորդեց այս խօսակցութեան, երբ մասնաւոր սուրհանդակ մը Երիզացուոյն բերաւ նամակ մը, որ կ'իմացնէր նոր-նոր դաւանութիւնք, նոր բանտարկութիւնք եւ նոր արեանց հեղմունք, այնպէս որ ժամանակին պատմաբանք կը պարտաւորին կոտորածներն յիշելով ըսել թէ` «Ոչ մնաց ի թագաւորութեանն այր խորհրդական, զի միահամուռ սպառեցան բնակիչք աշխարհին եւ իշխանին»: Նամակը կ'իմացնէր նաեւ հայ իշխանաց մէջ Գրիգոր Մագիստրոսի եւ Մանուէլի եւ Մարդունիի մահը, որ անէր էր Բագրատունի Ասպետին եղբօր, եւ կը յորդորէր զթէոդորոս ժամ առաջ հասնիլ, որպէսզի կասկածոտ կայսեր միտքը չի կատղեցնէ իւր ընտանեաց վրայ: Ծեր Ստրատելատը իւր ընթերցմունքը լմնցնելեն վերջ` ամէն բան իմացուց Ռշտունուոյն եւ իւր վերջին հրաժարականը տուաւ իմացնելով, որ այլեւս յոյս չունէր ուրիշ տեսութեան. Հայոց զօրավարը Դուինի ճամփան բռնեց, երբ Երիզացին կ'երթար դէպի Պոնտոս մտնելու նաւ` դառնալու Պոչիս, ուր հիւանդ հազիւ հասնելով, բնական մահն եկաւ ու Կոստանդինի ձեռքեն զինքն ազատեց:

Թէոդորոս Ռշտունի այս անակնունելի դիպուածոց վրայ դառնացեալ, այլ ոչ երբեք սրտաբեկ, երբ հասաւ Դուին, միտքը դրած էր երկրին կարեւոր գործերն կարգի դնել, եւ դառնալ Ռշտունիք, վասնզի Տիկինը սուրհանդակ սուրհանդակի վրայ կ'ուղարկէր եւ անհամբեր էր դարձին, «զի ընտանեկան պարագայներ կային, որ իւր «գալուստը կը պահանջէին եւ որ նամակաւ դժուար էր իմացնել»:

Բայց հազիւ երկրին մատակարարութեան գործերը կարգի դրաւ Ներսէս կաթողիկոսի, Սմբատ Կիւրապաղատի եւ քանի մը ուրիշ իշխանաց հետ, ահա հրովարտակ կը բերէր Յունաց կայսրեն Դաւիթ անուն մարդ մը աստուածաբանական ուսմանց տեղեակ` բաղարանցի, որ կը հրամայէր վերցնել ամէն խտիր եւ միաբանիլ յունաց հետ ի դաւանութիւնս: Ուստի կաթողիկոս եւ նախարարք պարտաւորեցան հրաւէր յուղարկել ամէն կողմ, եւ իշխանք եւ եպիսկոպոսք զանազան գաւառաց ժողուեցան ի մայրաքաղաքն Դուին, եւ ամիսներով կը վիճէին, կը խոսէին հրովարտակին պատասխանը պատրաստելու համար:

Կային հայ նախարարաց մէջ այնպիսի անձինք նաեւ, ինչպէս էր Համազասպ Մամիկոնեան, տեղեակ աստուածաբանական խընդրոց, որ եպիսկոպոսաց հետ կը խառնուէին վիճաբանութեանց եւ գործը կ'երկարէր: Իսկ Թէոդորոս, որ ամենեւին չէր խոսէր` այլ տխուր, ուշադրութեամբ մտիկ կ'ընէր, երբ իր կարծիքը հարցուցին օր մը, այսպէս խօսեցաւ.

«Աստից գրեթէ տասնհինգ կամ տասնվեց տարի առաջ, Կարնոյ քաղաք, Հերակլ կայսեր հրամանաւ ժողովք մը եղաւ. Եզր կաթողիկոսի հետ ես դարձեալ այս նիւթերու վրայ տեսայ, որ խորհրդածութիւնք, վիճաբանութիւնք տեղի ունեցան. վիճեցին, խօսեցան, ճառեցին. եւ հետեւանքը այն եղաւ, որ կաթողիկոս, եպիսկոպոս եւ վարդապետ կայսեր հետ հաղորդուեցան, նորա դաւանութիւնը դաւանեցան, ընծաներ, պարեւներ առին, եւ երբ ժողովքեն դուրս ելան` հայ ազգը` ժողովքը տարբեր, ժողովուրդը տարբեր լինիլն յայտնի ըրաւ, եւ այդ որոշմունքներուն մէկը չընդունեց, եւ Եզր իւր զաւկներուն խորթ հայր մը եղաւ եւ այնպէս ատելի մեռաւ: Ես` ա՛յն Շաւարշ Ռշտունուոյն թոռն եմ, որ երբ բոլոր հայ ազդը մկրտուիցաւ Եփրատայ մէջ ի Ս. Լուսաւորչէ, Ասորեստան էր իր գնդով, եւ ձմեռը դառնալով եկաւ Վաղարշապատ, Տրդատայ հրամանաւ յանձն առաւ քրիստոնէութիւնը. Լուսաւորիչ եւ թագաւորը Տարօն էին, ուստի ասորի եպիսկոպոս մը` կը պատմեն յիշատակարանք` զինք պիտի մկրտէր: Երբ, մէկ ոտքը դնելով աւազանին մէջ հարցուց. «Իմ հարցս` Ռշտունեաց նախարարաց հոգիք ո՞ւր են հիմա. նոյն արքայութիւնն ե՞ն, ուր դու ինձ քարոզեցիր թէ՞ ուրիշ տեղ մը»: Եպիսկոպոսն անհանճար` շուտ մը պատասխանեց թէ` «Դժոխքին մէջտեղն են»: Շաւարշ ետ քաշուելով` «Եթէ այդպէս է` ես իմ նախահարցս քով կ'ուզեմ երթալ, քու արքայութիւնդ քեզ լինի, ասորի», ըսաւ եւ քաշուեցաւ: Վերջը Լուսաւորիչ ջանաց համոզել այդ Ռշտունեաց տէրը` թէ աստուծոյ դատաստանի գաղտնիք են, իէք ողորմած է հեթանոսաց, որ Քրիստոսի Աւետարանին տեղեկութիւն չունին, մարդս չի կրնար դատապարտութեան վճիռներ տալ, եւ թէ եպիսկոպոսը մեծ յանդգնութիւն ըրած էր այդպիսի վճռողական պատասխան տալով: Յիշատակարանք չեն զրուցէր, բայց ես կ'երեւակայեմ թէ առանց Տրդատայ օգնութեան Լուսաւորիչ ինքն լինելով` համոզած չէ կատարելապէս այդ Ռշտունեաց Տէրը աւազանին մօտենալու երկրորդ անգամ: Ես` Թէոդորոս Ռշտունի, այդ Շավարշայ թոռն եմ, եւ ճիշտ այդ յետին շինականին պէս կը մտածեմ, որ առանց աստուածաբանական ուսմունք ունենալու կը զրուցէր. այդ Եզր կաթողիկոսը Թադէոսէ, Բարդուղիմէոսէ, Լուսաւորչէ լաւ՞ գիտէ հայութիւնը, քրիստոնէութիւնը. մեղա՜յ աստուծոյ, մենք Լուսաւորչայ դաւանութիւնը թողո՞ւնք, որովհետեւ այդ Եզր Կողբաց աղեհանք կը սեփականացնէ, աստուած հեռի՜ ընէ, ինքն աղն ուտէ եւ մեզ աղու տա: Բացի հայն, մտաբերեցէք, որ այդ պահանջմանց վերջը չի կայ, այդ յունաց ազգն ամէն օր նոր բան կստեղծէ ի հաւատս, այդ Կոստանդին կայսրը իր եկեղեցուոյն Հետ միաբան չէ, պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ կը չարչարէ, կաքսորէ հաւատոյ խնդիրներու համար: Կայսրը մեզնէ հաւատարմութիւն ուզէք պատրաստ ենք իրեն ծառայելու, բայց մեր հաւատքին, մեր խղճմտանքին չի հպի լաւ կընէ»:

Հրովարտակին երկար պատասխան մը գրուեցաւ, ուր հայոց կաթողիկոս, նախարարք եւ եպիսկոպոսունք կը յայտնէին, թէ Նիկիոյ դաւանութենեն աւելի բան մը ընդունիլ իրենց անկարելի էր: Այն ատեն յոյնքն եւ իրենց սակաւաթիւ համախոհք սկսան աւելցնեւ հակառակութիւնը եւ Հայաստանու արեւմտեան զավառաց մէջ յայտնի հալածանք եւ բռնութիւն ի գործ դնել ընդդէմ հայոց: Սմբատ Կիւրապաղատ թոյլ մարդ էր, Ներսէս կաթողիկոս յունական դաստիարակութեամբ աւելի հակամէտ սկսաւ երեւիլ, յունաց նախարարք անհոգ միաբանութեան կապն էլ խզեցին, եւ Թէոդորոս այնչափ հոգերէ ու տառապանքէ վերջ` կը տեսնէր թէ իւր բոլոր աշխատութիւնք ոչինչ դարձած` ամէն բան իր խորհրդոց դէմ իբրեւ թէ դաւադիր կը լինէր: