Իսկ
նոյն
միջոցին
Մուշեղ
Մամիկոնեանց
մեծ
իշխանը,
Գրիգորի
երթալեն
վերջ
Ներսէհի
նամակը
ձեռքը`
քիլ
մը
մտածեց
եւ
յօնքերը
պարզելով
աչքերը
վերուց
սպասաւորին,
որ
կը
սպասէր
—
Այդ
պատգամաւորը
հոս
բեր,
բայց
զգուշացիր,
որ
այդ
երիտասարդին
հետ
չի
տեսնուի,
եւ
ոչ
միայն
չի
տեսնուին`
այլեւ
իրար
ամենեւին
չի
տեսնեն:
Այս
հրամանն
առնելով
սպասաւորն
ելաւ
դուրս,
եւ
երբ
Գրիգոր
հեռացաւ`
առաւ
պատգամաւորն
ու
բերաւ
իշխանին
քով.
սա
անշարժ`
մտնող
մարդուն
վրայ
ակնարկ
մը
նետելով,
վայրկենին
ճանչեց
իւր
եղբօր
Դաւթի
հաւատարիմ
մեր
քաջածանօթ
Զաւէնն
էր
որ
իւր
զինուորական
կերպարանքն
ու
սպառազինութիւնն
ձսռած
աւելի
երիտասարդ
կ'երեւէր,
քան
թէ
մշակի
հագուստներով
ի
Պոլիս:
—
Բարի
է
գալուստդ,
Զաւէն
եղբայր,
—
ըսաւ
Մուշեղ,
—
ուրախալի
լուր
մը
կ'ուտայ
մեզ
քու
բերած
նամակդ,
եղբօրս
աղջկան
Պոլսէ
դարձն
աւետելով,
ինչչափ
որ
դժուար
հաւատալի
էլ
լինի,
դարձեալ
մեծ
ուրախութիւն
կ'իմանանք
այսպիսի
լուր
մը
առնելով
եւ
շնորհակալ
ենք
Կամսարական
իշխանին,
որ
մեզ
զայն
կիմացնէ:
Միայն
նամակը
այնպիսի
խօսք
մ՚էլ
ունի,
որ
ես
չի
կրցայ
հասկնալ,
ի՞նչ
կը
նշանակէ.
«Եթէ
Գրիգոր
օր
մը
երեւան
չելնէ,
Ձեր
եղբօր
Դաւթի
ժառանգ
յայտնի
լինելով,
Արփենին,
Մամիկոնեանց
եւ
Կամսարականաց
սերունդը
բոլորովին
շիջեալ
չի
համարուի:
Այս
միայն
ուրախութեան
առիթ
է
Ձեզ
համար,
ինչպէս
եղաւ
մեզ
համար»:
—
Մեծ
իշխան,
ես
գրագէտ
մարդ
չեմ,
—
պատասխանեց
Զաւէն,
—
որ
ձեզ
պէս
կարէնամ
իշխանական
դրութեանց
մեկնութիւն
տալ,
բայց
ինձ
այնպէս
կ'երեւայ
թէ
այդ
խօսքերը
կը
նշանակեն.
աստուած
մի
արասցէ
եթէ
Գրիգոր
իշխանը
մեռած
նաեւ
լինի,
իւր
քոյրն
Արփենին
օրինաւոր
ժառանգ
է
հայրենի
իշխանութեան
եւ
կալուածոց:
Եւ
այս
խօսքերն
ըսելուն`
տեսնելով
Զաւէն
Մուշեղի
երեսին
խաւարիլը,
շուտ
մը
աւելցուց.
—
Դարձեալ
կը
կրկնեմ,
իմ
խելքս
չի
հասնիր,
եւ
տեղեկութիւն
չունիմ
ամենեւին
օրինաց.
ձեր
հրամանեն
բռնադատ
եալ
ըսի
ինչ
որ
ինձ
թուեցաւ:
—
Այո,
—
ըսաւ
Մուշեղ
հեգնական
ժպիտով,
—
եթէ
այդպէս
կ'իմանան
Կ'ամսարականք,
բոլոր
նախարարական
օրէնք
եւ
սովորութիւնք
վեր
ի
վայր
կը
լինին,
եւ
Բաբելոնական
խառնակութիւն
կը
տիրէ
Հայաստան:
—
Բաբելոն
գնացած
չեմ,
Տէր
իշխան,
—
զրուցեց
ամենայն
պարզամտութեամբ:
—
Այո,
Բաբելոն
գնացած
չես,
բայց
անոր
շրջակայքը
գտնուած
ես:
—
Լսած
եմ,
Տէր,
Տիզբոն
եղած
ժամանակս,
եւ
դուք
նաեւ
հոն
էիք,
արքայից
արքային
դուռը,
թէ
Բաբելոն
շատ
հեռու
չէր:
Մուշեղ,
որ
մարդը
կը
ճանչեր
եւ
չէր
իւղեր
վիճաբանութեան
մէջ
մտնել
շինական
զինուորի
մը
հետ`
չիմանալու
զարկաւ
այդ
սրախօս
պատասխանը
եւ
խիստ
ձայնով
հարցուց.
—
Այդ
նամակը
ե՞րբ
գրեց
իշխանը,
ո՞վ
կար
իւր
քովը,
նամակի
գրութեան
տեղը
Դուին
դրուած
է:
—
Այո՛,
Տէր,
Ռշտանեաց
իշխանին
հետ
եւ
իւր
պալատն
էին
կաթողիկոսն
եւ
ուրիշ
նախարարք,
երբ
Կամսարական
իշխանն
զիս
փնտրել
տուեր
էր
եւ
ինձ
յանձնեց
ձեր
տէրութեան
տանիլ
այս
նամակը,
եւ
պատասխանը
բերել:
Մուշեղի
երեսը
բոլորովին
մթնեցաւ,
եւ
զսպեալ
կիրքով
ըսաւ.
—
Դու
միա՞յն
եկար
թէ
ուրիշ
մարդ
էլ
ընկեր
ունիս:
—
Կը
տեսնէք,
Տէր,
թէ
ես
ինչչա՞փ
ծերացեր
եմ.
Կամսարական
իշխանը
ինձ
հետ
երկու
թիկնապահ
էլ
դրաւ:
—
Ո՞ւր
են
այդ
մարդիկը:
—
Վարը
քաղաքը
թողի
եւ
ես
միայն
ելայ:
—
Բայց
պէտք
է
դիանալ,
որ
ես
առանձին
այդ
նամակին
պատասխան
չեմ
կրնալ
տալ.
պէտք
է
Համազասպ
Մամիկոնեանի
նաեւ
հաղորդեմ
եւ
ըստ
այնմ
պատասխանեմ:
—
Ենք
մեզ
ըսաւ
թէ
այդ
նամակին
պատասխանը
Մամիկոնեանց
նահապետին
կը
վերաբերի,
եւ
այդպէս
նամակաւ
պատասխանել
խոստացաւ
Կամսարական
իշխանին,
վասնզի
ես
հոս
չեկած
Համփու
վրայ
Խնուն
հանդիպեցայ
եւ
նամակ
մ՚էլ
իրեն
ունէի`
տուի:
—
Այս
ի՞նչ
կը
նշանակէ,
—
ըսաւ
դառնութեամբ
իշխանը,
—
կաթողիկոս,
զօրավար,
նախարար
միաբանէր
են
թուի
թէ
իմ
անձիս
դէմ,
բարեկամական
նամակի
մը
ձեւով
փափագ
կայ
հին
նահապետական
դրութեան
օրէնք
եւ
սովորութիւնդ
վեր-վար
ընելու,
եւ
այն
միջոցին,
որ
ինձ
նամակ
մը
կ'ուղարկեն,
Համազասպայ
նաեւ
յուղարկել
ի՜նչ
ըսել
է.
կ'երեւայ
թէ
Մամիկոնեանս
տան
մէջ
տարաձայնութիւն
ձգելու
կամք
ունեն:
—
Տէր
իշխան,
ես
այդպիսի
իմ
մտացս
կարողութենէ
վեր
խնղիրներու
մէջ
չեմ
կարող
մտնել,
ինձ
ինչ
հրամայեցին
ըսել`
ըսի,
ինչ
հրամայեցին
ընել`
ըրի:
Հիմա
դուք
եւս
ինչ
պատասխան
որ
հրամայէք
տանիլ`
կը
տանիմ:
—
Տէ՛,
դու
ի՞նչ
բանի
կը
խառնուիս,
մա՛րդ,
քեզ
հետ
խօսողն
ո՜վ
է,
ես
ինքնիրենս
կը
խորհրդածեմ:
—
Շատ
բարի
շատ
իրաւացի
է
ձեր
յանդիմանութիւնը,
ներեցէք
իմ
միամտութեանս:
—
Այդ
աղջիկը
քանի
տարու
կայ
հիմա,
եւ
ի՞նչ
նոր
հրաշքով
մէջտեղ
ելեր
է.
Զաւէն
լուռ
կեցաւ
եւ
գետին
կը
նայէր:
—
Քեզ
կ'ըսեմ,
մա՛րդ,
ինձ
պատասխան
չե՜ս
տար:
—
Կը
ներէք,
իշխան,
ես
կարծեցի
թէ
դուք
ինքնիրեննիդ
կը
խորհրդածէք,
եւ
ուշադրութիւն
չըրի
ձեր
հարցմունքին:
—
Լաւ՜
մարդ
ընտրէր
են
Կ'ամսարականք
ինձ
յուղարկելու:
Դարձեալ
Զաւէն
լուռ
կեցաւ.
իսկ
Մուշեղ
ոտք
ելնելով
եւ
խիստ
դէմքով
ըսաւ.
—
Դու
գնա՛,
հանգչէ
դուրսը,
եւ
երբ
յոգնութիւնդ
առնուս,
կարելի
է
աւելի
շնորհքով
խօսիս
իշխանաց
հետ:
Եւ
այս
զրուցելով`
ինք
սկսաւ
վեր-վար
շրջագայիլ
սենեկին
մէջ:
Այս
Կամսարականաց
նամակը
բոլոր
իւր
խորհուրդներն
հիմն
ի
վեր
կը
տապալէր,
վասնզի
Բագրեւանդայ
գաւառին
մէկ
մասը,
որ
Գրիգորի
մահուամբ
ապահով
իրեն
սեփականեալ
կը
կարծէր,
հիմա
կը
տեսնէր,
որ
փոքրիկ
աղջկան
մը
մէջտեղ
ելնելու`
կ'ուզէին
իրմէ
յափշտակել:
Եթէ
Կ'ամսարականք
միայն
լինէին
խնդրոյն
մէջ`
պատրաստ
էր
իւր
պատասխանը,
բայց
ժողով
մը
նախարարաց
ի
Դուին,
ի
գլուխ
կաթողիկոսն
եւ
մանաւանդ
Թէոդորոս
Ռշտունի,
որ
խօսելէ
աւելի
գործել
գիտէր,
վտանգաւոր
դրացի,
որուն
մէկ
ձեռքը
Բզնունեաց
գաւառն
ակը
եւ
միւսը
Բաղէշ,
այնպէս
որ
արեւելքի
եւ
հարաւոյ
կողմեն
իբրեւ
թէ
գրկած
էր
իւր
Տարօնս
երկիրը,
իրեն
սրտին
միշտ
երկիւղ
եւ
կասկած
ազդած
էին,
իսկ
հիմա
կը
տեսնէր
նոյն
Թէոդորոս
Արծափաց
պատերազմի
յաղթութեամբ
պսակեալ`
Կամսարական
Ներսէհ
գործիք
առած
իւր
ձեռքը`
փոքրիկ
աղջկան
մը
կեղակարծ
իրաւունքը
կը
պահանջէր
իրմէ:
«Եւ
ինչ
խօլական
եւ
անտեղի
իրաւունք
որ
հիմն
չունի,
կ'ըսէր
ինքնիրեն,
ո՜վ
օրէնք
գրած
է,
որ
աղջկունք
կարէնան
նախարարական
կալուած
ժառանգել,
ո՞ւր
կ'երթայ
աչս
պէս
նախարարութեանը
նահապետական
իրաւունքը:
Բայց
Համազասպ
տկարամիտ
մէկն
է,
կելնէ
յիմարաբար
հաւանութեան
թուղթ
մը
կը
գրէ
փոխանակ
բողոքելու,
եւ
Թէոդորոս
կը
հասնի
իւր
դիւական
նպատակին
Մամիկոնեանք
տկարացնելով
եւ
բաժնելով
Պէտք
է
շուտով
տեսնեմ
այդ
տղան,
այո,
այդ
մորուեղ
տղան,
որ
չի
մեծնար,
եւ
եթէ
ձեռքեն
չբռնեմ
կ'երթայ,
կը
գլորի
գահավէժէ
ի
գահավէժ,
բարեբախտաբար
որ
չի
նմանիր
այդ
յանձնապաստան
երիտասարդ
իշխանազանց,
որ
վստահ
իւրեանց
գիտութիւն,
ոսմունք
ըսած
բաներուն,
կը
խօսի,
կը
վիճեն,
այս
տրամաբանութիւն
է,
այդ
փիլիսոփայութիւն
է,
այն
աստուածաբանութիւն
է
ըսելով,
վարդապետի
յատուկ
ձանձրալի
երկարաբանութեամբ:
Այլ
խրատի
կը
լսէ
եւ
կը
յարդէ
իւր
Նահապետին
հրամանները»:
Այս
մտածությտմբք
Մուշեղ
բոլորովին
մոռցեր
էր
այդ
շիրակացի
երիտասարդը
եւ
արաբացի
նժոյգները:
Նոյն
վայրկենին
նամակաւ
սուրհանդակ
կը
հանէր
ի
Խնուն
առ
Համազասպ,
որ
դա
շտապաւ,
առանց
պատասխանելու
Կամսարականին:
Եւ
ինք,
երբ
քիչ
մը
հանգստացաւ
եւ
սկսաւ
ցուրտ
արիւնով
խորհրդածել`
զղջաց,
որ
Զաւէնի
հետ
խօսելուն
կիրք
յայտնէր
էր,
վասնզի
ի
բնէ
խորամանկ
եւ
քինախնդիր
մարդ
լինելով,
շատ
քիչ
կը
հանդիպէր
իրեն
բարկանալ
եւ
յայտնել
իր
սիրտը,
ուստի
Զաւէնն
հարցուց,
եւ
երբ
իմացուցին
թէ
դնացեր
իջեր
էր
քաղաք,
խնդրակ
հանեց
ետեւեն,
որ
գայ:
Իսկ
Զաւէն,
որ
Մուշեղի
զօշաքաղութեան
եւ
նախատանաց
առջեւ
զայրոյթը
հազիւ
կրցեր
էր
զսպել,
եւ
մեծ
ուրախութեամբ
իւր
ներկայութենեն
հէոացեր,
դուրս
ելնելուն`
չորս–չորս
ոտք
իջաւ
սանդուխները,
ձիուն
վրայ
նետուեցտաւ
եւ
հասաւ
քաղաք:
Իջեւանին
առաջ,
ուր
թողէր
էր
իւր
երկու
թիկնապահները,
երբ
ձիեն
կ'իջնէր`
տեսաւ
որ
նոքա
զուարթ
եւ
ուրախ
կը
խօսին
մարդու
մը
հետ,
զօր
կը
հրաւիրէին
երթալ
իրենց
հետ
ընթրելու,
եւ
մէկն
ուրախութեամբ
արբած
—
Սուրբ
Խա՜չ
վկայ,
որ
քեզ
հոստից
յունայ
չեմ
թող
տար,
կ'ըսէր,
դու
մարտիրոս,
դու
խոստովանող
ես
Գազրիկ,
դու
առաջինն
ես,
որ
կը
տէ)սնեմ
այդ
անիծեալ
աւազակաց
ձեռքեն
աստծով
ազատ
եալ,
երթանք
ընթրենք,
մեր
Զաւէն
եղբայր
իշխանին
հետ
անշուշտ
կընթրէ
այս
գիշեր,
երթանք,
Մշոյ
գիսուով
զուարթանանք:
—
Տղա՛ք,
զիս
թողէք,
իմ
իշխանիկս
ինձ
կսպասէ,
ես`
փառք
տուի
աստուծոյ,
զաւակացս,
ընտանեացս
ողջ-առողջ
ըլլալուն
լուրը
ձեզմէ
իմանալով.
բայց
այն
պատուական
տղուն
ինչպէ՞ս
համարձակիմ,
ի՞նչ
բերնով
ըսեմ
թէ
քու
մայրդ,
քոյրդ
մեռէր
են,
մէկ
փոքրիկ
տղեկ
մը
միայն
ազատէր
է:
Ձիւնը,
որ
հեզիկ
եւ
խոշոր
կ'ուգար
նոյն
միջոցին`
վարագոյր
մը
եղած
ծածկած
էր
Զաւէն
եւ
իւր
ձին
այս
մարդկանց
աչքեն,
օտարականին
խօսքերը
Զաւէնի
բոլոր
ուշը
զարթուցին
եւ,
առանք
երկար
խորհրդածութեան`
սիրտը
տրոփելով`
ձեռքը
նորա
ուսին
վրայ
դնելով
եւ
բռնելով
իբրեւ
թէ
չի
փախչի,
իւր
հայրական
ձայնով
ըսաւ.
—
Ռրդեա՛կ,
զրուցէ՛,
ո՞վ
է
քու
իշխանիկն,
պատուական
տղան,
որուն
չես
համարձակիր
ըսելու
թէ
մայրը,
քոյրը
մեռէր
են
եւ
փոքրիկ
տղեկ
մը
միայն
մնացեր
է:
Զրուցէ՛,
ո՞վ
է:
Իսկ
Գազրիկ
շփոթած`
դարձաւ
եւ
Կանչելով
Զաւէն
ձեռքը
պագաւ.
իսկ
սա
առանց
միտ
դնելու
այն
յարգանաց,
որ
ամէն
հայ
երիտասարդ
սովոր
է
մատուցանել
ծերութեան`
—
Զրուցէ՛,
որդեակ,
զրուցէ՛
այդ
իշխանիդ
անունը,
—
կրկնեց
հրամայաբար:
—
Գրիգոր
Մամիկոնեան:
—
Ո՞ւր
է,
ո՞ւր,
այն
զրուցէ՛:
—
Վերը`
հիւրանոցի
սենեակը:
—
Տէ՛,
քալէ
ցոյց
տուր:
Ծերը
կը
վազեր
սանդուխներէն
վեր
այնպէս
որ
երիտասարդներն
հազիւ
կը
հասնէին
իրեն,
իսկ
երբ
դռան
մօտեցաւ,
եւ
Գազրիկ
«հոս»
ըսաւ,
ծերուն
ուրախ
երեսը
մթագնեց,
վայրկեան
մը
Գազրիկի
թեւէն
բռնեց,
արգիլեց
դուռը
բանալու.
—
կը
մտածէր,
այո,
այն
կը
մտածէր
ինչ
որ
քիչ
մը
առաջ
Գազրիկ
զրուցէր
էր.
«մայր
մը,
քոյր
մը
մեռէր
են»:
Բայց
ինչ
որ
արգիլեց
ուրիշին`
չի
կրցաւ
արգիլել
իւր
սրտին,
բացաւ
դուռը
եւ
մտաւ:
Քառակուսի
սենեակ
մ՚էր
լուսամուտը
երդիկեն.
դռան
անմիջապէս
դիմացը
վառարան
մը
իւր
գեղեցիկ
բոցով
խուցին
աղքատիկ
վիճակը
կը
լուսաւորէր
եւ
կը
զուարթացնէր.
վառարանին
երկու
կողմը
տախտակամած,
վրան
քանի
մը
կապերտ,
ձիոց
թամբք
եւ
տապճւակք,
կաշեայ
մախաղք
եւ
զէնք,
ահա
սենեակը,
ուր
նստած
էր
Գրիգոր
եւ
տխուր
կը
մտածէր:
Երբ
դուռը
բացուեցաւ
եւ
ինք
տեսաւ
Զաւէնի
կերպարանքը,
որ
չորս
տարուան
միջոցին
քիչ
մը
աւելի
ճերմկեր
էր
միայն`
վայրկենին
ճանչեց,
«Զաւէն
հայրիկ»
ըսաւ
եւ
ցատկեց
ուրախութեամբ
վիզը
փաթթուեցաւ,
իսկ
Զաւէն`
«Ոհ,
իմ
իշխանիկս,
աստուած
քեզ
պահէ»
կ'ըսէր
եւ
աչքեբեն
արտասուք
կը
հոսէր:
Երբ
առաջին
վայրկենին
յուզմունքն
անցան,
—
Զրուցէ՛,
Զաւէն
հայրիկ,
ի՞նչ
եղան
իմ
մայրս,
քոյրերս…
Չե՞ս
խօսիր,
ո՜հ
ամէնքն
էլ,
ամէնքն
էլ
մեռան,
ո՜վ
աստուած
իմ,
—
ըսաւ
Գրիգոր
եւ
նստաւ
տախտակին
վրայ
ու
ձեռքը
ճակտին
տարաւ:
—
Ոչ
ամէնքն
էլ,
իշխանիկս,
աստուած
Արփենին
քեզ
պահեց,
ինչպէս
զքեզ
իրեն:
Հեկեկանաց
խղդուկ
ձայն
մը
ու
«մայր
իմ,
մայր
իմ…
ո՜վ
սիրելի
մայրս…
ո՜վ
հրեշտակս»
բառերը
միայն
կը
լսուէին
երբեմն,
եւ
չորս
հոգուոյ
շնչառութիւնը
կարծես
դադրած
էր
եւ
լուռ
այս
որդիական
ողբոց
առջեւ.
կրակը
կը
ճարճատէր,
ոչինչ
ուրիշ
շշունջ
չէր
լսուէր
սենեկին
մէջ:
Հեկեկանքը
կ'ընդմիջէին
երբեմն
տխուր
լռութիւն
կը
տիրէր,
որու
դառն
հեկեկանք
եւ
հեծութիւն
կը
յաջորդէին
դարձեալ:
Գրեթէ
ժամ
մը
այս
վիճակը
տեւեց
եւ
Զաւէնի
օրինակին
հետեւելով
ամէնքը
լռութեամբ
յարգեցին
նորա
ողբը,
մինչեւ
ելաւ
Գրիգոր
ջուր
ուզեց,
խմեց,
լուացուեցաւ:
Դառնալով
Զաւէնի`
—
Զաւէն
հայրիկ,
—
ըսաւ,
—
չորս
տարի
է
կ'երեւակայէի,
կը
գուշակէի
թէ
այս
սրտիս
ամենադառն
գոյժը
պիտի
լսեմ,
բայց
այնչափ
տկար
է
մարդկային
սիրտը,
որ
շատ
անգամ
ինքզինքիս
յոյս
կ'ուտայի
եւ
զիս
կը
խաբէի…
ո՞ւր
է
հիմա
Արփենին,
լաւ՞
է,
առո՞ղջ
է…
—
Փա՜ռք
աստուծոյ
առողջ
է
եւ
կայտառ,
եւ
ինչպէ՜ս
գեղեցիկ,
եւ
ինչպէ՜ս
խելացի,
եւ
ինչպէ՜ս…
—
Ո՞ւր
է
հիմա:
—
Մաղասբերդ,
մօրաքրոջ`
Մամեր
տիկնոջ
քով
է,
եւ
քեզ
կսպասէ:
—
Ին՞ձ
կսպասե…
յոյս
ունէի՞ք
դուք
իմ
դարձիս,
զիս
ո՞ղջ
գիտէիք:
—
Ուրիշներն
երբ
զքեզ
մեռած
կը
համարէին`
ես
կը
հաւտայի
միշտ
թէ
քու
ողջ
դարձդ
պիտի
տեսնեմ,
բայց
կը
յուսայի
քեզ
հետ
տեսնել
Սուրէն
իշխանը,
միատեղ
չէի՞ք:
—
Միատեղ
էինք,
բայց
ճամփան
զատուեցանք
ակամա…
երկայն
պատմութիւն:
—
Այո,
պէտք
է
երկայն
խօսինք,
իշխանիկս.
թշուառ
եւ
սգալից
պատմութեանց
յուսանք
աստուած
վերջ
տա,
եւ
ուրախ
պատմութիւնք
յաջորդեն,
վասնզի
այս
քանի
տարիներ
են…
Այս
միջոցին
սենեակին
դուռը
բացուեցաւ,
եւ
վանապետը
ներս
նայելով
դուրսը
կեցողներուն`
«Ահա
հոս
են
փնտրուած
մարդիկդ»,
—
ըսաւ
եւ
գնաց:
Երկու
թիկնապահք
Մամիկոնեան
իշխանին
ներս
մտան,
եւ
ողջունելով
զզաւէն,
«իշխանը
քեզ
կուզէ,
Զաւէն
եղբայր»,
—
ըսին:
—
Շատ
բարի,
ժամանակն
արդէն
ուշ
է,
վաղն
առաւօտ
կանուխ
կ'ուգամ:
—
Մեզ
այս
իրիկուան
համար
պատուիրել:
—
Իմ
յարգանաց
ողջոյններս
խնդրեմ
իրեն
մատուցանել.
այս
երեկոյ
ծերութեանս
ներողութիւն
շնորհէի
վաղվնէ
վերջ
եթէ
հաճի
բոլորովին
իրեն
հիւր
կը
լինիմ:
Մարդիկը
քիչ
մը
մտածեցին,
ողջունեցին
եւ
գնացին
դժգոհ:
—
Հօրեղբօրդ
հետ
տեսնուեցա՞ր,
իշխան,
—
հարցուց
ծեր
զինուորը:
—
Այո,
Զաւէն
հայրիկ,
միայն
առանց
զիս
յայտնելու:
—
Այդ
կ'իմանամ,
—
ըսաւ
ծերը
ժպտելով,
—
ի՞նչ
մտածեցիր:
—
Այն
որոշեցի,
որ
ժամ
առաջ
հեռանամ
Տարոնոյ:
—
Ապրի՜ս
իշխանիկս,
ես
միշտ
կ'ըսէի
թէ
դու
շատ
խելօք
ես:
Ուրեմն
հիմա
կ'ընթրենք,
կը
հեծնենք
ճամփայ
կ'ելնենք:
—
Այ՞ս
գիշեր,
—
հարցուց
Գրիգոր
զարմանքով:
—
Այո,
իշխանիկս,
պապենական
առակը
«Աղուէսի
շուքին
տակ
չի
պառկիլ»
կը
պատուիրէ:
—
Տղա՛ք,
դուք
ելէք,
մեզ
ընթրիք
պատրաստեցէք,
շուտով
ձիերան
գարին
կ'ախեցէք:
Տղաքը
ելան,
եւ
երկուքը
միայն
մնացին:
—
Բայց
ինչո՞ւ
այդչափ
շտապենք,
հայրիկ:
—
Քու
հօրեղբայրդ
է`
բայց
շատ
օձ
է,
իշխանիկս:
Ես
զինք
լաւ
կը
ճանչեմ:
Քիչ
մը
ձիւնի
նեղութիւն
կը
քաշենք
երկու
ժամի
չափ,
բայց
աւելի
ապահով
եւ
հանգիստ
կ'երթանք`
Առաքելոց
վանքը
այս
գիշեր
կ'անցնենք,
եւ
վաղն
առաւօտ
ի՛նչ
ճամփայ
բռնելիս
կը
մտածենք:
—
Շատ
բարի:
Շուտ
մը
ելան.
խորովածը
պատրաստ
էր,
Տարօնս
գինին
գերագոյն
եւ
առատ:
Կերան
կը
շտացան.
երբ
ձիերը
կը
թամբէին,
Գրիգոր
հրամայեց:
—
Գազրիկ,
երրորդ
արաբացի
նժոյգը
Զաւէն
եղբօր
համար
թամբել
տուր,
եւ
բեռ
եթէ
կայ
նոր
ձիուն
վրայ
դնել:
Հանդարտ
ձիւնաբեր
օդ
մ՚էր,
Զաւէն,
որ
Հայաստան
ամբողջ
իւր
տան
պէս
կը
ճանչեր,
առջեւեն
կը
ձգէր
ձին,
մինչ
որ
Առաքելոց
վանք
հասան:
Վանահայրը,
որ
ծերուն
հին
բարեկամն
էր,
մեծ
սիրով
զիրենք
րնդունեց
եւ
այն
պիշեր
Գրիգոր
Զաւէնի
հետ
ձմեռուան
երկայն
պիշերն
անցուց
պատմելով
իւր
պատմութիւնը
եւ
լսելով
իւր
ընտանեաց
դժբախտութիւնը.
հազիւ
թէ
առաւօտեան
դէմ
անկողին
մտան
մեր
այս
բարեկամք: