Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մենք Ռշտունեաց Ոստանի մէկ դահլիճը տեսանք, ուր Թէոդորոս հայ իշխանաց ոմանց հետ երկրին պաշտպանութեան կէտերը զօրացնել պատսպարել կը մտածէր, այնպէս որ այս լեռնային երկրին, ինչպէս էր Հայաստան, զանազան կիրճերն եւ անցքերը բռնելով, նաեւ զօրաւոր թշնամուոյ մը քիչ զօրքով երկայն դիմադրութիւն ընել դիւրին կը լինէր եւ այնպիսի նեղ տեղուանք պատերազմիլ բազմաթիւ զօրաց դէմ Յաղթութիւն կրնար պարզեւել:

Թէոդորոսի մարզպանութեան հասնիլը հազիւ մէկ-երկու տարի էր, բայց Հայոց զօրավարի անունը եւ պատիւյյ տասը-տասնհինգ տարի էր, որ կը կրէր. այնպէս որ Վարազտիրոց Բագրատունուոյ եւ Դաւիթ Սահառունուոյ մարզպանութեանց ժամանակ ոչ միայն սոսկ իբր զօրավար, այլ իւր անձին գերազանցութեան եւ մտաց ու զինուց կարողութեամբ մեծ ազդեցութիւն ունէր երկրին մէջ, եւ այն աստիճան, որ մարզպաններուն անունը երբ հազիւ թէ կը յիշուէր` Թէոդորոսի անունն էր, որ կը գործեր: Ամառները շատ անգամ Այրարատայ եւ Բարձր Հայոց կողմերը Թէոդոսուպոլիս եւ Դուին գտնուելով, ձմեռները գործերուն դադարման ժամանակ Ոստանը կ'ուգար հանգչելու, թէպէտ այդ անդադար եւ գործունեայ բնաւորութիւնը հանգչել չէր գիտէր: Կը յիշեն ընթերցողք, թէ մեր այս պատմութեան սկիզբ լսեցինք, որ Ռշտունեաց Սէթայ տիկին առնացի բնաւորութեամբ ինչպէ՛ս կառավարութեան ոգի ունէր եւ գիտէր երկիրը յանձանձել իշխանին բացակայութեան, որ սովորական բան էր: Ռշտունեաց Ոստան կատարեալ արքունական պալատի կերպարանք ունէր. աւանին եւ ծովուն մօտ բարձրացեալ սարաւանդին վրայ պարսպապատ եւ ամրակառոյց, որին վերջին ամրութիւնն Աղթամարայ կղզին էր: Ծովահայեաց դահլիճը, ուր ձմեռները Թէոդորոս նստած գրեթէ բոլոր Հայաստան կը կառավարէր, ամառները Սէթայի` Ռշտունեաց եւ Վասպուրականի մեծ մասին կառավարութեան ատեանն էր, ուր շարունակ սուրհանդակներ կը հասնէին` հեծելոց սպառազէն խումբեր կ'ուգային եւ կ'անցնէին նորա պատուհաննեբուն առջեւեն, ամէն աստիճանի հիւրեր` իշխանազունք եւ բարձրաստիճան եկեղեցականք կ'երթեւեկէին, եւ այդ կինը որ ձմեռներն իբր թէ կը քաշուէր եւ իշխանին կը թոյ զուր երկրին կառավարութիւնը, դարձեալ ինքն էր ամէն բան տեսնողը, վասնզի Թէոդորոս այդ տեսակ գործերը եւ աղերսագիրները Տիկնոջ կ'ուղարկէր: Ուստի Ռշտունեաց ընդարձակ գաւառին բնակիչք գիտէին ում պէտք էր դիմել, եւ իշխանուհին կանանոցին առաջին յարկը դիւանատուն մը դարձուցեր էր, որու մէկ քանի սենեակը Ատոմ Շահունիի սահման եալ եւ ուր նա միշտ գաւառին զինուորական գործերուն յանձանձիչն էր` ինչպէս ըսինք:

Յայտնի էր թէ իշխանուհին խելացի եւ սրամիտ կին էր, ունէր թէ դատաստանական, թէ մատակարարութեան գործերու համար փորձառու մարդիկ, որոց խորհրդով եւ գործակցութեամբ կը վարուէր եւ ամէնքը գոհ կ'ընէր, բայց, որ ամենեն կարեւորն էր, իւր գանձապետն էր` տան վերակացու` Յուսիկ Արտամէտցի, որ բացառութիւն կրնար համարուիլ իւր պաշտօնակցաց մէջ:

Այս Յուսիկ իւր ագահութեան համար ոչ ոք բարեկամ չունէր Ոստանին եւ բոլոր Ռշտունեաց մէջ, եւ իւր առաջին հակառակորդ իշխանուհին ինքն էր, վասնզի ամէն օր հետը վիճելու եւ գանգտելու նիւթ ունէր: Իսկ Յուսիկ ինքն համբերութեան, քաղցրութեան, հեգնութեան եւ հաւատարմութեան զարմանալի խառնուրդ մ՚էր. եւ բարկութեամբ խօսողին ինքն համբերութեամբ կը պատասխանէր անվրդով իւր առաջադրութեան մէջ: Այնպէս որ իրեն հետ գործ ունեցողը կը յուսահատէր եւ հնարք չէր գտնէր զինքն որսալու: Ուստի շարունակ գանգատ եւ բողոք անպակաս էին իր անձին դէմ: Ման աւանդ զինուորական դասը միշտ դժգոհ իրմէ կը գանգտէին, երբեմն կը նախատէին եւ երբեմն կը սպառնային: Միայն մէկ մարդ կար, եւ այն Թէոդորոս ինքն չէր, որուն կամքը շուտ եւ անդանդաղ կը կատարէր Յուսիկ, եւ ինչ գումար դրամոյ որ խնդրէր, վայրկենին կ'ուղարկէր կամ կը վճարէր, այդ մարդը Ատոմ Շահունին էր: Վասնզի ծեր զօրավարը օր մը յայտնի ըսէր էր Ռշտունեան իշխանին եւ իշխանուհուոյն թէ` «Լաւ գիտենա այդ Յուսիկ, որ ես կատականաց գիտեմ համբերել, բայց օր մը չի կարծած վայրկենին կախել կ'ուտամ զինք առանց երկար արարողռւթեանց»: Երբ իմացուցին գանձապետին այս սպառնալիքը, քիչ մը մտածեց, ետքը քթին տակն կամաց մը ժպտեց, յետոյ գնաց ծեր զօրավարին հետ խօսեցաւ եւ համաձայնեցաւ: Երբ իրեն կ'առարկէին թէ Ատոմին հրամանները շուտ կը կատարէր եւ անդանդաղ` կը պատասխանէր. «Ռշտունեաց գաւառին մէջ այդ ծերուն պէս անշահասէր մարդ մը ինձ ցցուցէք, ես պատրաստ եմ Հայոց զօրավարին բոլոր գանձն իրեն յանձնելու»: Եւ վերջը ծիծաղելով կ'ըսէր` «Ոսկին ի՛նչ պիտի ընէ այդ ծերը, ինք արդէն ոսկի է, ինձ եթէ չէք հաւատար` երեսը նայեցէք», Ատոմի դեղնած երեսին ակնարկելով:

Իսկ երբ Թէոդորոս գանգատներէ ձանձրացած Յուսիկն իր պաշտօնեն հանել կը մտածէր, Սէթայ միշտ կը հակառակէր, վասնզի լաւ խելահաս եղած էր թէ այդ ծեր Յուսիկ ամենահաւատարիմ մարդ էր եւ գերագոյն մատակարար: Իւր ագահութիւնը իր անձին հարստութեան համար չէր այլ ոսկին կը սիրէր իր բնութեան համար, գանձը բանալ, իւր տետրակներուն հաշիւը քննել, տեսնել եւ միշտ եկամուտը ծախքեն աւելի գտնել, հոն էր իւր բոլոր զուարճութիւնն ու գոռոզութիւնը եւ այն ատեն ինքնիրեն կամաց եւ անլսելի ձայնով կ'ըսէր. «Թող տեսնեն Ռշտունիք թէ ի՛նչ մարդ է Արտամէտցին Յուսիկ եւ ինչ կընէ, երբ գանձատան մը գլուխ կը կենայ»:

Եւ այս բացագանչութեան վրայ զմայլած էի դարձեալ, երբ Ատոմ Շահունի իւր դաժան կերպարանքով սեւ մուխի մը պէս ներս մտաւ. աչքերը սովորականեն աւելի խոր թաղուած եւ երեսին սովորական ղեղնութեան վրայ կնճիռներն աւելի սաստկացած իւր դէմքին աւելի խստութիւն մը տուած էին: Յուսիկ, որ բնականաբար չէր գիտէր ոչ Թենիի խօսակցութիւնը եւ ոչ երիտասարդ իշխանաց վարի դահլճին մէջ երգիծական ծիծաղին հետեւանքը ծեր զօրավարին վրայ, այսպէս բարկացած զինքը տեսնելով զարհուրեցաւ բայց առանց յայտնի ընելու եւ ամենայն քաղցրութեամբ եւ ակամայ ժպիտով`

Ի՞նչ հրաման ունիք, զօրավար, ըսելով ոտք ելաւ:

Դու բոլոր Ռշտունեաց գաւառի ազգահամարն ունիս, Յուսիկ, այնպէս չէ՞, գոչից որոտաձայն ծեր զօրավարը:

Այո՛, իշխան:

Լաւ՛, այս գիշեր ցուցակը շինել տուր եւ վաղն առաւօտ կանուխ ինձ պէտք է տաս:

Բայց, զօրավար…

Բայց, ի՞նչ ըսել է բայց… բայց-մայց չի կայ. այդ բոլոր քու արկղերդ, քու դարաններդ գլուխդ կ'անցնեմ:

Լաւ՛, շատ բարի, շատ բարի, ըսաւ Յուսիկ հեզ ու քաղցր ձայնիւ եւ իւր սովորական ժպիտով:

Ի՜նչ, ըսաւ ծերը կատաղութեամբ, զիս կը ծաղրե՞ս, իմ վրայ ծիծաղիւ կը համարձակի՜ս…

Ի՞նչ կ'ըսես իշխան, պատասխանեց Յուսիկ աչքերը բանալով` ետ-ետ քաշուելով եւ հեռանալով իրմէ` տեսնելով ծերը, որ տաք առնելով իրեն կը մօտենար ո՞ւմ մտքեն կրնայ անցնիլ ձեզի պէս ազգանուէր, բազմարդիւն զօրավարը ծաղրել. եթէ այդպիսի լիրբ մը գտնուէր Հայաստանի մէջ` Վասպուրական նմանը գտնել կարելի չէ ժողովուրդը այդ մարդը չապրեցնէր. իշխանեն սկսեալ մի թէ` ամէն մարդ ձեզ չի ճանչեր… Ձեր կամքը կը կատարուի, ապահով եղէք:

Ծերը ձեռքը երախակալեն վեր առաւ եւ ելաւ գնաց առանց բան մը զրուցելու: Իսկ Յուսիկ ետեւեն նայելով, երբ գուռզը զոցուեցաւ` «Այս կատաղի ծերը ո՞ր դժոխք դուրս թափեց, կ'ըսէր ինքնիրեն տետրակներն առաջ քաշելով բարկութեամբ, ե՞րբ եկաւ, որ մարդ նաեւ չիմացաւ: Այս մարդն աստուծոյ պատուհաս է իմ գլխուս, ամէնուն խօսք հասկցնել կարելի է` մէկուն երեսին կը ծիծաղիս, միւսը կ'անուշես, ուրիշի մը իրաւունք ունիս կ'ըսես եւ գիտցածդ կ'ընես. բայց սա գազան մ՚է` խօսք չի հասկնար, քաղցր խօսիս` կը կատղի, դառն խօսիս` սուր կը քաշէ, կամքը չի կատարես` կը կախեմ կըսէ, վերջապէս պատուհա՛ս, պատուհա՛ս: Չէ՞ որ զինուոր են, մարդկային արիւնով շաղախ եալ, շաղուեալ մարդիկ. ի՞նչ տարբերութիւն ունին աւազակներէ: Օրինաւոր աւազակնե՛ր, ոչ մարդու յարգ գիտեն, ոչ արծաթի: Սոցայ ամենեն լաւը, ամենեն խելօքը իշխանն է, որ կարդալ դրել դիտէ, հաշուել նաեւ գիտէ, եւ այդ մարդը զիս իմ պաշտօնես հանել կրցեր է մտածել առանց խորհրդածելու թէ ուրիշ Յուսիկ մը գտնել կարելի չէ բոլոր Վասպուրականի մէջ. վերջապէս զինուո՜ր, եւ որովհետեւ քանի մը քսակ ոսկուոյ ձեռք ձգէր է ո՛յ գիտէ ուստից` անշուշտ աւազակութեամբ` միտքը դրեր է թէ Յուսիկի պէտք չի կա… Իբրեւ թէ ոսկուոյ աղբիւր գտեր է: Բարեբախտաբար իշխանուհին` թէպէտ շատ պակասաւոր բայց էրկնեն խելօք` իմացեր է թէ Ռշտունեաց տունը առանց Յուսիկի չի դառնար, զինքն արգիլել է, ինչպէս եւ խոստովանեցաւ… Երբեմն կը մտածեմ, վասնզի ինձ էլ կիրք կ'ուգայ, որ սոցայ հպարտութիւնը պատմելու համար թողում հրաժարիմ: Այո, հրաժարիմ, երթամ քաշուիւմ Արտամէտ, նստիմ տունս. հանգիստս նայիմ, բայց երբ միտքս կ'ուգայ թէ այսչափ տարի խնայութեամբ ժողւուած հազարաւոր ոսկուոյ քսակներս պիտի թողում, որ գան յւլրիշները յիմարաբար, շռայլաբար, ցանուցիր ընեն, գողնան, գողցնեն, չեմ կրնար համոզուիլ: Ոչ իշխանը, ոչ իշխանուհին չեն հասկնար` խելքերնին չի հասնիր. Աւետարանը զրուցէր է. «Մի՛ արկանէք զմարգարիտս ձեր առաջի խոզաց». մե՜ծ խրատ կայ այդ խօսքին մէջ. ես լաւ կը Հասկնամ, պէտք չէ, որ այսչափ տարի աշխատելես վերջ թողում այս ոսկիները, որ դարձեալ մարգրիտ կը նշանակեն, եւ աւելի լաւ արժէք ունին. ժամանակին կը դիմանան, դեղնելէ վախ չունին, չեն ժանգոտիր, հրդեհէ չեն վախեր: Բարեբախտաբար չեն գիտէր նաեւ թէ ի՞նչ ունին տայս Ռշտունիք, եւ ես չեմ յայտներ…»:

Այս խորհրդածաթեանց վրայ էր Յուսիկ, երբ սպասաւոր մը եկաւ թէ իշխանուհին զինք կուզեր տեսնել: Արկղ, երկաթի դուռ, փայտի դուռ` ամէնն էլ զգուշութեամբ գոցելեն վերջ, ուղղուեցաւ իշխանուհուոյն սենեակը:

Սովորական կին չէր Ռշտունեաց Տիկինը, Հազիւ քառասնամեայ` շատ աւելի պակաս կը ցցնէր. իւր կերպարանաց գեղեցկութիւնը այնպիսի փայլ չունէր, որ աչք շլացնէր, այլ այն վարպետներու նկարներուն կատարելութիւնն ունէր, որ քանի նայի ոք` աչքը կը գրաւի, կը յափշտակէ, վայելուչ հասակը, դիմաց համեմատութիւնը, հոնից եւ աչաց հրամայող ակնարկը խառնուրդ խստութեան եւ քաղցրութեան, որք ձգող եւ տիրապետող զօրութիւն մ՚ունէին, ժպիտը, որ հաճոյք կամ արհամարհանք կը յայտնէր, իւր նազելի շարժմունքն ու քայւուածքը, իւր մանր ձեռքերն ու ոտքերը, եւ վերջապէս բոլոր այս մարմնոյ կատարելութիւնք իւր սրամտութեան, իւր նուրբ ճաշակին հետ միացեալ կանանց ակումրի մէջ նաեւ ամէն մարդու նկատողութեան եւ ակնածութեան զինք առարկայ կ'ընէին: Ո՜ւր մնաց որ Ռշտունեաց Տիկին մ՚էր, եւ ամէնը գիտէին թէ առանց իշխելու էրկանը վր` մեծ ազդեցութիւն ունէր իւր մտաւոր կարողութեանց համար եւ նորա կատարեալ վստահութիւնը: Մարգարտային վարսակալ պսակը ճակտին բեհեզեայ քօղին վրայ, փունջ մը մազերու խոպոպիք իջած այտից երկու կողմեն, սամուրենին մետաքսեայ պարեգօտին վրայեն ձգեալ, ոսկեթել մուճակներ ոտքերուն, Ռշտունեաց Տիկինը թագուհուոյ կը նմանէր իւր բազմոցին վրայ: Վստահ իւր արժանեաց եւ Թէոդորոսի սիրոյն` գեղեցիկ սպասուհիներէ էր շրջապատեալ. իւր բնական առատաձեռնութեամբ միշտ ամէնուն սիրելի էր, եւ դիտէր այնպիսի ձեւ տալ խնայութեան, որ ատելին` խեղճ Յուսիկին վրայ կիյներ, թէպէտ սա էլ ամէն խոժոռ նայուածքէ չէր վիրաւորուիր:

Այսպէս յոգնած տարածեալ էր իշխանուհին իւր ծիրանի բազմոցին վրայ, երբ Յուսիկ ներս մտաւ, ողջունեց խոնարհաբար եւ հարցուց թէ ի՞նչ հրաման ունէր. Սէթայ` իշխանազն հիւրերուն համար սեղանի պատրաստութեանց վրայ կրկին եւ կրկին պատուերներ տալեն վերջ, որպէսզի խնայողութեամբ չի վարուի իւր տան վերակացուն, եւ երբ Յուսիկ թթու երեսով դուրս ելնելու կը պատրաստուէր, ըսաւ իշխանուհին

Մոռցայ նաեւ զրուցել քեզի թէ իշխանը հրաման ունի, որ Ատոմ զօրավարն ինչքա՛ն դրամ ուզէ պէտք է տալ, դիտես իւր բնաւորութիւնը, պէտք է ջանալ քաղցրութեամբ գոհ ընել զինքն ամէն կերպով:

Յուսիկի երեսը խաւարեցաւ վայրկեան մը, քիչ մը մտածելեն վերջ, դարձեալ ժպիտ ի շրթունս`

Ով կարող է Ատոմի դիմադրել, պատասխանեց, տէրը դուք էք, եթէ կ'ուզէք գանձին բանալիքները նաեւ իր առաջը դնեմ:

Անշուշտ, Յուսիկ, դու իրեն հետ վէճ մը ունեցեր ես, կերպդ, ձեւդ այնպէս կը ցցնէ, ըսաւ Տիկինը ծիծաղելով եւ նուրբ հայուացք մը ձգելով:

Վէ՜ճ… ես մարդու հետ չունիմ, իշխանուհի, ուր մնաց Ատոմի հետ. բայց ճշմարիտը խօսելով ինձ շատ հաճելի է իւր սիրուն կերպարանքը, անուշ նայուածքը, քաղցր ձայնը չի լսել եւ չի տեսնել տարիներով եւ բոլոր կեանքիս մէջ, եւ եթէ կարելի է հանդերձեալ կենաց մէջ նաեւ իրեն չի հանդիպիլ, որ շատ հաւանական է:

Թուի թէ իրեն չի հանդիպելու համար արքայութենէ նաեւ պիտի հրաժարիս:

Մանաւանդ թէ արքայութիւն երթալու համար ամէն ջանք պէտք է ընեն անոնք, որ Ատոմ Շահունիի հանդիպիլ չեն ուզէր անդին, վասնզի հոն յայտնի է թէ իւր տեղը արքայութիւն չի կրնար լինիր

Ինչպէ՞ս, խե՜ղճ Ատոմ, այդչափ գէշ համարմո՞ւնք ունիս դու իւր վրայ:

Գէշ համարմո՞ւնք ունենալ, ո՛չ երբեք. բայց ես այնպէս կը հաւատամ թէ արքայութիւն ըսուած տեղը պատերազմի դաշտ չէ, ուր մարդիկ ջարդեն, կոտրեն, հայհոյեն, հրդեհեն, այլ այնպիսի տեղ մը, ուր մարդիկ հանդարտ, սիրով, խաղաղութեամբ…

Անշուշտ նաեւ խնայութեամբ ապրելու համար պիտի երթան, ըսաւ իշխանուհին ծիծաղելով, եւ ամէնքն սկսան խնդալ: Իսկ Յուսիկ անխռով ժպտելով`

Այո՛, իշխանուհի, խնայութիւն ամէն աեղ պէտք է, իսկ արքայութեան մէջ անհրաժեշտ է, պատասխանեց, վասնզի հոն ոչ ուտել, ոչ խմել, ոչ շինել ոչ հագնիլ եւ ոչ պատերազմիլ կայ:

Եթէ ամէնքը քու խորհրդոցդ հետեւին` աշխարհք արքայութիւն կը դառնա այսօր եւ վաղն անապատ:

Ես չեմ ըսէր թէ մարդիկ չուտեն, չզգենան, չբնակին, այլ աւելորդ ծախքեր չընեն, որով շատ անգամ նեղութեան կը դատապարտուին. տեսէ՛ք, ահա Կ'ամսարականք, որ օրաւուր կ'ոչնչանան, Շիրակայ մէկ մասը դեռ երէկ ծախէր են Բագրատունեաց Տիկնոջ, անշուշտ քանի մը տարիէ մնացածն էլ կը ծախեն եւ Բագրատունիք, որ ագահ անուն ունին, հայոց առաջինք կը լինին. ո՛չ քաջութեամբ, վասնզի Ատոմ Շահունիէ ո՜վ քաջ կայ. փա՜ռք ստեղծողին, ձեռքը միշտ սուրին վրայ է, մարմինը` անսպի, ողջ տեղ չի կայ դրամի չափ, այլ խեւքով եւ խնայութեամբ:

Այս միջոցիս Թէոդորոս, որ ներս մտէր էր եւ Կամսարական, Շիրակ, Բագրատունեաց անունները լսելով կանգ առէր էր, առանց տեսնուելու Յուսիկէ առաջ անցաւ:

Դու ուսկի՞ց գիտես, ըսաւ, որ Շիրակայ մէկ մասը գներ է Բագրատունեաց Տիկինը, ես որ այն կողմերն էի դեռ երեք ամիս կայ հազիւ` չիմացայ: Երկու գիշեր Շիրակաւան Կամսարականաց հիւր էի, նշան մը չի տեսայ:

Եթէ Յուսիկ միասին լինէր, զրուցեց իշխանուհին ծիծաղելով, շատ նշաններ կը տեսնէիր…— Եւ յանկարծ շուրջ եւ տխուր կերպարանք առնելով, բայց Կամսարականը սելով չանցնինք, Բիւրեղի համար ձայներ կան թէ Վարդանաբերդի քանդուելուն չէ կրցեր ազատիլ, ոմանք կ'ըսեն թէ գերի տարեր են ընտանեօք, ոմանք կ'ըսեն թէ ջարդուէր են: Դու, իշխան, տեղեկութիւն չունի՞ս:

Ինչպէ՞ս չունիմ, պատասխանեց Թէոդորոս դառնութեամբ: Երանի՜ թէ հիւր չլինէի գիշեր մը Վարդանայ բերդ եւ անգամ մը եւս տեսած չլինէի այդ հրեշտակային կինը:

Ուրեմն ճշմարի՞տ է իւր մահը, ըսաւ Սէթայ դողալով եւ ոտք ելնելով:

Տուր եւ աղջկան մարմինը լճին մէջեն հանէր են:

Ո՜հ խեղճ Բիւրեղ, թշուա՜ռ մայր, զրուցեց Սէթայ եւ հեկեկանոք սկսաւ լալ երկու ձեռաց մէջ երեսները ծածկելով:

Ես գիտէի թէ ինչչափ ցաւ պիտի պատճառէ քեզ այս լուրը, եւ անոր համար մինչեւ հիմա լռեցի:

Բայց այդ ճիւաղները՞, այդ գազանները՞…

Այդ գազաններուն ձեռք չընկնելու համար իւր նորահաս աղջկան հետ ինքզինք նետեր է լիճը եւ խեղդուէր:

Ռրդին, Գրիգոր` որ մեզի հիւր էր` նա ի՞նչ եղեր է:

Գրիգոր եւ քեռին մեզ հետ էին. իւր տարիքեն վեր քաջութեամբ կը պատերազմէր. երբ մենք Գողթն էինք, յորդորեցի, որ երթան, որպէսզի Բիւրեղ մտատանջութենէ ազատի, գնացին, եւ թէպէտ հարցնել տուի` լուր չի կրցայ առնուլ:

Սէթայ կւուլար կամաց ձայնով, Թէոդորոս խոժոռ վեր-վար կը պտըտէր, Յուսիկ կը խորհրդածէր, սպասաւորք եւ սպասուհիք իրենց տեարց օրինակին հետեւելով տխուր կերպարանք առէր էին:

Բայց Սէթայ քանի մը վայրկենեն վերջ, աչքերը սրբելով, դարձաւ իշխանին`

Գոնէ, ըսաւ, արժանավայել թաղում մը լինէր այդ առաքինի եւ հրեշտականման կնոջ:

Թաղման հանդէսն կատարողը Հայոց օրինաւոր կաթողիկոսն է, Քրիստափոր ինքն, ըսաւ Թէոդորոս, ես իրմէ խնդրեցի, որ վայելուչ շիրիմ մը նաեւ կանգնէ իւր վրայ եւ նա խոստացաւ: Եւ պէտք եղած ծախքը նաեւ տուի:

Երկրորդ եւ երրորդ օրը ինչպէս միշտ Թէոդորոս իր ծանր զբաղմանց հետ էր. Սէթայ թէպէտ բարեկամուհին կը յիշէր` բայց գաւառին եւ մեծ տան մը հոգերը զինք գրաւած էին. միայն խեղճ Թենի տխուր էր ամիսներով եւ գրեթէ ոտքի վրայ հիւանդ կը նիհարնար ի մեծ մտատանջութիւն իւր ծնողաց: Իսկ Ատոմ առանց մարդու հետ խօսելու, իւր զինուորական մարզերեն քանի մը օրն անդամ մը կը դառնար, մխիթարական խօսքեր կ'ընէր աղջկան, անիծելով բոլոր Մամիկոնէից յիշատակը, նոքա, որ անհետ կը լինէին` եւ նոքա, որ իբրեւ ժառանգ Կ'ոգովիտի գաւառը կը գրաւէին: Վասնզի Մուշեղ եւ Համազասպ հօրեղբօրօրղիք Գրիգորի` իբրեւ ժառանգորդք` առանց երկար խոյզ եւ խնդիր ընելու եւ քիչ մը գոհութեամբ նաեւ Գրիգորի մահուան լուրը տարածելով գրաւեցին Կոգովիտ: