Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գրիգոր այն միջոցին մտախոհ կը կենար Եփրատայ ափանց քով, երբ Գազրիկ, որ Սուրէնի խիստ հրամանն առած էր` ըսաւ.

Բայց մտածելու ատեն չէ, պէտք է անցնինք, վասնզի իշխանը կրկին, կրկին ապսպրեց անցնիլ եւ ճամփայ ելնել: Եթէ մենք քիչ մը ուշանանք` այդ անօրէնները մեր ետեւեն կը հասնին, ի՜նչ օգուտ կը լինի, մանաւանդ որ մենք նորա յաջողականութիւնը չունինք, եթէ նա չլինէր մենք երկուքս էլ մեռած էինք:

Բայց ինք հիմա ի՞նչ վիճակի մէջ է, թշնամիներէ պաշարեալ, կ'ըսէր Գրիգոր տխրութեամբ:

Դու ի՞նչ կարծես, այդ մարդը իսքզինքը միշտ կազատէ, քալէ, իշխանիկս, անցնինք Եփրատ եւ յետոյ կը խօսինք:

Աստուած ինք հոգա զմեզ եւ զնայ:

Եւ Գրիգոր այս խօսքը զրուցելեն վերջ` հանուեցաւ, կապեց զգեստները ձիուն վրայ եւ մէկ ձեռքը երասանակ սկսաւ լողալ: Գազրիկ նոյն օրինակին հետեւեցաւ, մինչեւ հասան Եփրատայ ձախ կողմը:

Հիմա, կ'ըսէր Գազրիկ, քիչ մը բան ուտենք, իշխանիկս, մինչեւ այն ատեն եթէ իշխանը հասաւ` բարի, եթէ չի հասաւ` կը շարունակենք մեր ճամփան եւ ինչպէս ինքն ըսաւ` Հայաստան կը տեսնուինք:

Բայց, Գազրիկ, դու կարծես թէ Եփրատ որ անցանք` Հայաստա՞ն մտանք:

Ո՛չ, գիտեմ թէ Հայաստան շատ հեռու է, բայց այն նաեւ գիտեմ թէ այս արաբաց երկրեն մէկ մը որ դուրս ելնենք եւ քրիստոնէից երկրի հողը կոխենք` է՛լ փրկուած ենք:

Ո՞ր քաղաք հասնիս կարծես թէ փրկուած ենք:

Ես իմ չի տեսած քաղաքաց անունները չգիտեմ, երանի՜ թէ այդ անիծեալ Դամասկոսի անունն էլ չդիանայի: Երբ քաղաք մը կը հասնինք, ուր խաչի նշան` եկեղեցուոյ սրածայր գմբէթի վրայ կանգուն տեսնեմ, մարդիկ, որ քրիստոնէի պէս հայեվար կը խօսին` աստծու բարեւը կ'ուտան առաւօտ եւ իրիկուն, այն ատեն կ'իմանամ, թէ փրկութիւն գտած ենք: Բայց խօսքով ժամանակ չանցնենք, իշխանիկս, քիչ մը հաց ուտենք եւ ճամփայ ելնենք:

Այս ըսելով բարի շինականը գնաց պաքսիմատի պարկը բերաւ, եւ տեսնելով Գրիգոր, որ տխուր կը մտածէր ու չէր շարժէր ուտելու`

Գիտեմ, ըսաւ, ինչ կը մտածես, իշխանիկս, բայց հոգ մ՚ընէր, նա այն մարդն է, որ ո՛ւր երթա հաց կը գտնէ: «Հացը քարէն կը հանէ», որ կըսէ առակը` Սուրէն իշխանն է. ես նորա Հայաստան ողջ-առողջ հասնելուն ամենեւին չեմ տարակուսիր. մենք մեր գլխուն ճարը տեսնենք…

Նայելով, որ Գրիգոր դարձեալ չուտէր` ինքն էլ գնաց ձիերուն գարին տուաւ եւ գնաց մէկ կողմ տխուր նստաւ:

Գազրի՛կ եղբայր, ես ախորժակ չունեմ, երբ որ ուզեմ քեզ կը զրուցեմ:

Լաւ՛, ըսաւ Գազրիկ եւ տրտմութեամբ առաւ պարկը տեղը դրաւ:

Բայց դու չե՞ս ուտէր:

Երբ դու ախորժակ չունիս, ես էլ չունիմ:

Բե՛ր ուրեմն, եղբայր, զրուցեց Գրիգոր յուսահատած, եւ սկսաւ պաքսիմատ մը կրծել:

Ահա հիմա իմ ախորժակս էլ եկաւ, զրուցեց պարզ մարդը, եւ ինքն եւս սկսաւ ուտել:

Երբ ձիերը գարին կտրեցին, եւ իրենք էլ կը շտացան, Եփրատայ ջուրն էլ խմեցին, հեծան եւ սկսան իրենց ճանապարհը շարունակել գետն ի վեր:

Դիւրին էր մտածել թէ Եփրատն ի վեր շարունակելու էր ընթացքը հասնելու համար Հայաստան: Բայց երկիրն աւերակ էր գրեթէ եւ Եփրատայ եզերքը գտնուող քաղաքները արաբական արշաւանքներէ անմարդի: Իսկ մեր երկու ճանապարհորդք, որ երկրին վիճակին տեղեկութիւն չունէին, չգիտէին թէ շէնը՞ իրենց աւելի վտանգաւոր էր թէ անշենր, բայց զարմանալի բարեբախտութեամբ գիշեր եւ ցերեկ ճանապարհեւով` քիչ հանգիստ առնելով անվտանգ հասան մինչեւ Պիրդայ, ուր աոաջին անգամ քրիստոնէի երես տեսաւ մեր Գազրիկ եղբայրը: Երբ երկրորդ գշերը մտան Եդեսիա, ուր ոչ միայն քրիստոնեայ կար` այլեւ հայ քրիստոնեաք, երկրորդ առաւօտուն խեղճ մարդը գնաց մտաւ իւր հայրենական եկեղեցին եւ չորս երկայն տարիներէ վերջ կը լսէր դարձեալ սաղմոսները, շարականները, որ իւր տղայութենեն ի վեր լսած էր, յայտնի է թէ անգրագէտ մարդ քիչ բան կը հասկնար, բայց ի՞նչ քաղցր էին նոքա իւր ականջին. ինչչա՞փ անցելոյն յիշատակներ կային ծնողաց, ամուսնոյ եւ զաւակաց այդ աղօթքներուն մէջ: Կրկին եւ կրկին երկրպագութիւն կը կրկներ, հազար անգամներ երեսը կը խաչակնքէր:

Հեռուն` դռան մօտ կանգնած էր Գրիգոր` Վարդանայ թոռը, խեղճ երիտասարդ, իբր թէ ամօթով էր խաչելութեան պատկերին առաջ, իւր վայրկենական ուրացութիւնը խիղճը կը խայթէր, հայրենեաց դռան առջեւ հասած` իր պալատին հրդեհը ոչինչ կը համարէր, բայց մայրը, քոյրերը, բայց ընտանիքը, այդ Զաւէնը, որոմն այնչափ խնամքը վայելէր էր. ամէնքը աչաց առաջեն կ'անցնէին, եւ ասոնցմէ ո՞վ կենդանի պիտի կարէնար տեսնէի ո՜ւմ համար պիտի զրուցէին թէ մեռաւ, ո՜ւմ համար թէ գերի գնաց բարբարոսաց: Իր յիշատակաց համար Աբգարու քաղաքն էր այդ, այդ քաղքին մէջ Խորենացին մատենադարաններ խառնած էր, այդ եկեղեցուոյն մէջ հայ պատմադրաց հայրը պատարագ մատուցեր էր: Եւ քսանմէկ տաբու երիտասարդը, որ արտաքոյ կարգի սրամտութիւն ունէր եւ իւր ժամանակին համար մեծ հմտութիւն, այդ բաները կը յիշէր, կ'աղօթէր եւ երանի կ'ուտար այդ տգէտ, բարի կրօնասէր իւր ընկեր շինականին, որ մեծ յոյս ունէր իւր ընտանիքն ու փափուկ զաւկները տեսնելու: Իսկ ինք չէր դիտէր, որ Ռշտունեաց Ոստանը զինք յիշող մը մնացե՞ր էր…

Դեռ Եդեսիա չի մտած Գրիգոր պատուիրած էր Գազրիկի մարդու չի յայտնել իւր ով լինիլն. նա էլ հաւատարմաբար այս պատուերը պահելով` անծանօթ օտարականք իրենց զդեստներու հայկական ձեւ տալով ելան Եդեսիայէ եւ քանի մը ճանապարհորղաց հետ հանգիստ եւ անվտանգ երթալով հասան Ամիդ. առանց դադարելու Հայաստանի այդ սահմանագլխոց վրայ կ'անցնէին Ծոփաց եւ Աղձնեաց գաւառներէն ու կը մտնէին Տարօն` ժառանգութիւն Մամիկոնեան մեծ իշխանաց Մուշեղայ եւ Համազասպայ: Գրիգոր` որուն սրտին մէջ կասկած մտած էր Սուրէնի խորհրդածութիւններէն` հօրեղբօրը եւ հօրեղբօր որդուոյն վրայ, դարձեալ խստիւ պատուիրեց Գազրիկի ամենեւին մարդու չի յայտնել իւր ո՛վ լինիլն, եւ այնպէս մտան Մշոյ քաղաքը:

Մուշ Տարոնոյ գլխաւոր քաղաքն էր բլրի մը վրայ շինուած, բաւական ընդարձակ, աթոռանիստ Գրիգորի հօրեղբօր Մամիկոնեան Մուշեղի, որու պալատը ամրացեալ պարսպօք եւ աշտարակոք կը բարձրանար կը տարածուէր իւր պարտէզներով` բոլոր Մշոյ դաշտին վրայ ձգելով իւր հայեցուածքը: Իսկ Հմաեակ Մամիկոնեան, որ աւելի հեռաւոր ազգական էր Գրիգորի, կը բնակէր Արածանիէ անդին Խնունի բերդը:

Մեր երկու ճամփորդք եկեղեցուոյ մը քով իշեւանեցան, բայց ինչչա՛փ որ պարզ էին իրենց զգեստները, ամէնուն ուշադրութիւնը վրանին դարձնելու դարձեալ բան մը կար. եւ այն բանը` իրենց արաբացի աննման նժոյգներն ու զէնքերն էին: Ուստի շատ ժամանակ չանցաւ, երկրորդ առաւօտուն հրաւէր եկաւ տեսութեան Մամիկոնեան իշխանեն Եդեսիոյ եկող երկու հիւրերու: Գրիգոր արդէն կը փափագէր այդպիսի մի տեսութեան, գրեթէ վստահ լինելով թէ հօրեղբայրը զինք չէր կարող ճանչել, վասնզի տասը տարիէ ի վեր տեսած չունէր. ուստի միայն քանի մը հրահանգներ տուաւ Գազրիկի, որ միգուցէ անհամաձայն գտնուին իրենց խօսակցութեանց մէջ:

Ժամանակը ձմեռ էր, կաղնի փայտի փայլուն կրակ մը կը ճարճատէր վառարանին մէջ. Մամիկոնեան նախարարը իւր գահույից վրայ նստած, սամոյրներու մէջ թաղուած, հիսնամեայ մարդ մ՚էր Գրիգոր զինք հազիւ կրցաւ ճանչեւ, այնչափ վախուած էր եւ ժամանակեն առաջ ալեւորեալ, այտերը խոռոչացեալ բայց իւր կապոյտ աչքերը դեռ շատ հուր ունէին եւ շատ խորամանկութիւն: Երբ Գրիգոր ներս մտաւ` ըստ հայկական սովորութեան գնաց ձեռքը պագաւ, Մուշեղ քովը տեղ ցցուց եւ հրամայեց նստիլ. իւր սովորութիւնն էր. խոր աչքերը ուղղելով երիտասարդին` լաւ մը զննելեն վերջ`

Բարի ես եկեր, ըսաւ, լսեցի թէ Եդեսիոյ կ'ողմերեն կ'ուգաք, այդ կողմերը պէտք է շատ վտանգաւոր լինին այս ժամանակներս:

Այո՛, Տէր, պատասխանեց Գրիգոր անխռով պարզութեամբ, բայց մենք, գոհութիւն աստուծոյ, անվտանգ եկանք:

Ո՞ւր տեղացի ես դու, որդեակ:

Շիրակայ կ'ողմերեն:

Ի՞նչ գործով գնացիր Եդեսիա:

Ազգականի մը ժառանգութիւն կար, այն առնելու համար.

Գոնէ յաջողեցա՞ր, նպատակիդ հասա՞ր:

Քիչ-շատ յաջող գնաց զօրծերնիս, Կամսարական իշխանը արաբացի նժոյգ կուզեր երեք հատ, անոնք առինք իւր հաշուին, եւ այնպէս կը դառնանք:

Մենք Կամսարականաց հետ բարեկամ ենք, խնամութիւն նաեւ ունեցել ենք, այդ կենդանիները մեզ նաեւ ծախէք` զինք գոհ կ'ընէք կարծեմ: Բայց այդ խօսքը թող մնայ հիմա: Արաբաց վրայ ի՞նչ կը զրուցուի Եդեսիա:

Մեծ երկիւղ կայ այդ բարբարոսաց յարձակմունքեն: Վասնզի ինչպէս կը պատմեն բոլոր ասորուոց տիրէր են արդէն եւ Կիլիկիա կը յարձակին:

Մեզ է, շատ վնաս տուին անօրէնները, եղբօրս տան մուխը մարեցին, անճետ ըրին աշխարհքէ:

Բայց մենք լսեցինք, Տէր, երբ Եդեսիա էինք թէ ձեր եղբօրորդին իւր քեռուոյն Կամսարական Սուրէն իշխանի հետ ազատէր են դերաթենէ եւ հասեր են Մալաթիայ:

Այս խօսքերն ամենայն միամտութեամբ զրուցելով Գրիգոր, հօրեղբօր կերպարանքը դիտեց, որ լսելուն յօնքերը կնճռեց, բայց դարձեաւ անտարբեր կերպն առնելով րոպէին վրայ բերաւ.

Երանի՜ թէ ստոյգ լինէր այդ լուրը, բայց գազանաց ձեռքեն ազատիլ դիւրի՞ն բան է: Ես քանի՛ խնդրակներ ղրկեցի Արաբիայ, ամէնն էլ անօգո՜ւտ, պարապ դարձան: Գաւառը` Կոգովիտ աւերակ եղաւ, օգնեցի բնակչաց, փախստականները դարձուցի, ջանացի, որ երկիրը շէննա, եղբօրորդիս, որ գայ շէնք շնորհք գտնէ, ըսի, անցեալ տարի դարձեալ եկան անօրէնները, Դուինը աւարեցին, այս ամառ եկան մտան Այրարատ, ես հիւանդ էի, չի կրցայ ելնել, աստուած երկա՜ր կեանք տա, Ռշտանեաց Տէրը Արծափայ քով լաւ հարուած քը տուաւ անօրինաց, Համազասպին հրաման ղրկեցի, որ երկրին յօդ տանի, բայց աւերակ աւերակի վրայ աւելցաւ: Աստուած ինքն ողորմի, ի՜նչ զրուցեմ:

Դուք, Տէր Մամիկոնէից, իբրեւ հայ եւ նախարար ձեր պարտքը կատարէր էք, եւ շատ կարելի է, որ ձեր այդ խնդրակաց շնորհիւ ազատած լինին այդ Մամիկոնեանն ու Կամսարականը:

Այս խօսքերուն, ծեր աղուէսը շեշտակի եւ խուզարկու նայուածք մը ձգելով երիտասարդին վրայ եւ տեսնելով նորա պարզամիտ ձեւը, իւր կասկածները դարձեալ փարատեցան եւ բեկեալ ու ցաւած սրտիւ պատասխանեց.

Եմ խնդրակներս երկու տարի եւ աւելի է, որ գնացին եւ դարձան յուսահատ. երկուքն էլ վախճանուած են խոստովանող մահուամբ, իրենց հոգիները մեզ բարեխօս ընդունի աստուած:

Եւ այս զրուցելուն` երեսը կը խաչակնքէր, Գրիգոր պարտական լինելով նորա խաբէութեան հետեւելու ինքն էլ խաչակնքեց, եւ որոշեց այլեւս իւր կողմեն չի կրկնել այդ ազատութեան դիպուածը, վասնզի յայտնի տեսաւ, որ անյագ ծերը այդ ժառանգութեան տիրանալու մեծ փափադ ունէր եւ իր նպատակին հասնելու համար ամէն բանի ձեռնարկել կարող էր. ուստի ոտք ելաւ հրաժարականը տալու համար, իսկ Մուշեղ`

Նիստ, որդի, ի՞նչ կը շտապես, ըսաւ, սա նժոյգներուն խօսքը դեռ չի կրցանք լմնցնել, քեզի էլ մեղք է, ես գիտեմ, որ հիմա աչդ Կ'ամսարականք Արշակունեաց տեարք` մեծ գին չեն կարող վճարել, վասնզի իրենց մեռած եղբօր Սուրէնի ժառանգութիւնը Բագրատունեաց Տիկնոջ ծախեցին, ուստի դու լաւ կ'ընես եթէ մեզի տաս այդ կենդանիները եւ արժէքն ընդունիս մեր գանձեն:

Ձեր կամքը հրաման է, իշխան, բայց ես եւ իմ ընտանիքս Բագարան կը բնակինք եւ եթէ ձեռնունայն դառնանք` Կամսարական իշխանին կամքը առանց կատարելու, ձեր իմաստութիւնը կերեւակայէ թէ ի՛նչ դժուար վիճակի մէջ կրնանք գտնուիր

Այո, այդ ճշմարիտ է, բայց Կ'ամսարականք շատ բարեսիրտ են եւ ներողամիտ, միայն այդ Սուրէնը շատ խիստ եւ չարահոգի էր, ես իրեն պէս կամակոր, ոխապահ տղայ չեմ տեսել հայոց իշխանաց մէջ, աստուած լուսաւորէ հոգին: Բայց Ներսէս լաւ մարդ է, անյիշաչար է, դու կրնաս աներկիւղ ձիերն ինձ տալ, որդի՛:

Շատ սիրով, միայն մենք պզտի մարդիկ ենք, կը վախենք, իշխան, հրաման տուէք ձեր ատենադպրին երկու տող գրել` իմացնելով Կամսարական իշխանին թէ ձեր բարձր հրամանին հնազանդելու համար ձիերը թողինք. եւ մեր նուաստութիւնը ուրախ եւ հանգիստ սրտով կ'երթանք:

Հիմա շուտով ճամփա՞յ պիաի ելնէք:

Ոչ, դեռ քանի մը օր հոս ենք: Դեռ ուխտ ունինք Սուրբ Կարապետ…

Լաւ՛, դեռ ժամանակ կայ այս նիւթիս վրայ խօսելու: Վաղն առաւօտ այս ատեններս եկ տեսնուինք:

Հրաման է իշխանիս, ըսաւ Գրիգոր եւ խոնարհաբար ողջունելով երբ դուրս պիտի ելնէր` սպասաւոր մը ներս մտաւ ձեռքը թուղթ մը եւ ըսաւ.

Տէր, պատգամաւոր սուրհանդակ մը Կամսարականաց Ներսէհ իշխանի կողմեն հասաւ, այս թուղթը կը բերէ Ձեր տէրութեան:

Մուշեղ առաւ թուղթը կնճռոտ եւ զբաղած երեսով, ձեռքով նշանացի իմացուց Գրիգորի, որ կրնայ երթալ, եւ նա ելաւ դուրս, բայց բնականաբար շատ հետաքրքիր էր իւր քեռուոյն պատգամաւորը տեսնելու եւ իւր մօր ընտանեաց վրայ տեղեկութիւն առնըլու, վասնզի մորմեն յուսահատած` խօսքն անգամ կը վախեր ընելու. մանաւանդ որ հօրեղբայրը կը տեսնէր յայտնի թէ իւր մահուան ինչչա՛փ աւելի կուզեր հաւատալ քան կենդանութեան: Սակայն դանդաղիլ այս ապարանից մէջ խելք չէր, ուստի ելաւ դուրս եւ հարցուց զգազրիկ. իսկ սա զինք տեսնելուն` խորհրդաւոր կերպարանք առած մօտեցաւ եւ կամաց ձայնով «Երթա՜նք, իշխանիկս, քեզ բանէր ունիմ պատմելու», ըսաւ: Եւ երբ պալատեն քաղաք կ'իջնէին, սկսաւ Գազրիկ իւր պատմութիւնը.

Նախ պէտք է զրուցեմ թէ քու հօրեղբայրդ` եթէ ծառայից հարցնես` շատ… ընդունելի մարդ չէ: Որովհետեւ նոքա այնպէս կը պատմեն թէ շատ սուտ եւ խարդախ է: «Անպիտա՛ն, կ'ըսէր մէկը միւսին, գնացիր Բռնաշեն չորս ամիս տունդ պառկեցար, ետքը մէջտեղ ելար թէ Արաբաց երկիրը գնացի իշխանին եղբօր որդին փնտրելու համար, մեռէր ու թաղուէր է ըսիր երդումով, եւ ահա ամէն տեղ ձայն կը տարածուի, որ Գրիգոր եւ քեռին Սուրէն` երկուքն էլ ողջ եւ կենդանի ազատէր Հայաստան կ'ուգան: Այդ մարդիկն այնչափ տարի քու խաբէութեամբդ չարչարուէր են, եւ քու սուտ երդմանց համար Կամսարական իշխանին խնդրակները ետ դարձան ու նոցայ փրկանաց դիները ետ տարին»:

Լաւ՛, այս ի՞նչ կը նշանակէ, Գազրիկ, այն միայն որ հօրեղբայրս խարդախ ծառայ մը ունի եղեր, որ զինք խաբէր է:

Բայց դու պատմութիւնն ամբողջ մտիկ ըրէ` վերջը դատէ: Այդ ծառան առաջ համբերեց, կատակի տեղ առաւ այդ խօսքը, յետոյ երբ մէկ քանին վրայ ինկան եւ սկսան զինք նախատել` «Ես իմ գլխես այս բանը չի հնարեցի, եղբարք, մեծ իշխանին հրամանաւ եւ խրատով չարժեցայ», ըսաւ: Այն ժամուն ես կարծեցի թէ ամէնքը պիտի լռեն, բայց ահա մէկն ելաւ, «Իշխանը այդպիսի բանէր հնարելու շատ վարպետ է, ըսաւ, այս ամառ, երբ իրեն լուր տուին Ամդայ թէ արաբը կ'ուգայ` ձայն չի հանեց, չիմանալ կեղծեց. երբ Տարօն մտնելու եղած` հազիւ թէ գեղերու ձայն տուաւ, որ ամբանան, շատ մարդ ոտքի տակ գնաց, ինքն էլ սուտ հիւանդ եղաւ, երբ Ռշտունին օգնութեան զօրք ուզեց»: Ամէնքն այսպիսի պատմութիւններ ըրին: Յայտնի կը խօսին եւ կը զրուցեն թէ ինք Կոգովիտ գրաւելու համար եղբօրորդուոյն քու մահը կը փափագի: Հիմա իմացա՞ր, խելքը ժամ առաջ փախչիլն է: Այսպիսի բան ես հօրեղբօրդ համար չէի համարձակէր զրուցել, բայց իւր ամէն ծառայք երեքը, չորսը համարձակ միաբան կ'ըսեն:

Բայց ես, Գազրիկ, ուրիշ բան մը կը մտածեմ, Կամսարական Ներսէհ իշխանի կողմանէ պատգամաւոր մը եկեր է Մուշեղի, ինձ շատ փափագելի է այդ մարդը տեսնել. բայց հօրեղբօրս կերպեն յայտնի եղաւ թէ ինք չուզէր իմ տեսութիւնս նորա հետ` որովհետեւ մեր նժոյգներն առնուլ կուզէ, եւ ես ըսի թէ Ներսէին են նոքա:

Ես երթամ այդ մարդը տեսնելու:

Երթալ դիւրին է, բայց ի՞նչ պատճառանք պէտք է կարկըտես, հնարես ներս մտնելու համար:

Այդ չգիտեմ… ի՞նչ զրուցեմ… կրտեմ թէ ես, որ շիրակացի եմ, լսեցի թէ մեր գաւառացի մարդ եկեր է եւ ինձ ազգական, նա կ'ուգամ տեսնելու:

Երթանք հիմա իջեւան եւ այդ մասին մտածենք: