Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կարնոյ դաշտը պատերազմի ասպարէզն էր, ուր երկու բանակ իրար դէմ կանգնած` զիրար կը դիտէին օրերով: Թէոդորոս իմանա­լով թէ իրեն օգնութեան կ'ուգար տարոնացի մեծ խմբով Համազասպ Մամիկոնեան` գիշերով անցաւ Եփրատ եւ բանակեցաւ Կարնոյ քա­ղաքի հարաւային բլրոց վրայ, յոյս ունէր նաեւ այդ դիրքով ար­գիլել թշնամուոյն հասնելու ոեւէ՛ օգնութիւն, որ կրնար գալ արեւ­մուտքէ: Մաւրիանոս այս շարժմունքին կարեւորութիւնն ուշ իմա­ցաւ. ուստի պատերազմը ուզեց գրգռել, վասնզի օրաւուր կը տես­ներ, որ հայոց բանակը կը զօրանար, եւ իրեն նոր օգնութիւն չէր հասնէր: Բայց Թէոդորոս բացէիբաց մերժեց պատերազմը, եւ բա­վականացաւ իւր բանակն ամրացնելով: Գիտնալով, որ յունաց մեծ ուժը իրենց հետեւակազօրին վրայ է, կը ցրուէր իւր հեծելոց խում­բը դաշտին վրայ, արգիլելով իրենց հասնիլ պաշար` պարէն եւ ճա­րակ անասնոց: Մեծ յոյսով կը սպասէր նաեւ Փոքր հայոց Վասակայ եւ Սուրէնի օգնութեան. ուստի պատերազմն ամենեւին վտանգի դ­նելու յոյս չունէր, թէպէտ ոմանք նախարարք հայոց սկսան գան­գտիլ այս դանդաղութեան վրայ: Իսկ երբ հասաւ Համազասպ, այն ատեն որոշեց պատերազմը, եւ առաւօտուն, երբ փողերը պիտի հն­չեցնէին, ահա երկու հազար Ռշտունեաց նոր գնդով կը հասնէր Գրիգորմամիկոնեան, եւ այդպիսի վայրկենի եկած փոքր օգնութիւնը նաեւ յաջողութեան նշան համարուեցաւ բանակին մէջ:

Մաւրիանոս այն ժամանակի յոյն զօրավարաց առաջինը կը համարուէր իւր փորձառու հմտութեամբ եւ յանդգնութեամբ, ուստի պատերազմը յամառ եւ արիւնռուշտ եղաւ, եւ մինչդեռ հա՛յ նախա­րարաց յանդգնութիւնը, որ թշնամուոյն աջ թեւը հալածելու հա­մար` իրենց կեդրոնեն հեռանալով վտանգի մէջ դրին յաղթութիւ­նը` եւ այս դէպքը Թէոդորոսի մեծ տագնապ կը բերէր, եւ Գրիգորի նորահաս ու յոգնած ռշտունականք հազիւ թէ կը տոկային յունաց յարձակմանց դիմադրելու` եւ կարկամեալ մնացեր էին չի կրնալով վանել, ահա Եփրատայ ափունքն ի վեր փոշի մ՚է երեւցաւ. հազարի չափ ձիաւորաց խումբ մը կը հասնէր սուրալով, գռռալով, իրենց նշաններէն եւ դրօշակներէն իմացաւ Թէոդորոս թէ Սուրէնի խումբն էր, ուստի ըսաւ Գրիգորի խումբին. «Ձեր յաղթութիւնը յափշտա­կելու համար գունդ կը հասնի, տղա՛ք, եւ դուք կը դանդաղի՜ք»: Այս համառօտ խօսքերն ահագին ձայնիւ զրուցուած եւ լսուած ամենեն` կատաղութեամբ լցուց զօրքը, յոյնք սկսան ընկրկիր Իսկ երբ Սու­րենի մոլեկան գունդն հասաւ` բոլորովին խորտակեցան, խառնի­խուռն փախան քաղաք. հազիւ յունաց քառորդ մասը կրցաւ ազա­տիլ, մեծ մասը սրոյ ճարակ եղաւ, եւ շատ քիչեր գերի ինկան:

Յաղթութիւնը մեծ էր, թշնամեաց բանակը ոչնչացէք էր եւ իւր մնացորդքը Կարնո՜յ հզօր պարիսպներու շնորհիւք կը մնար, ամէնքը յաղթութեամբ արբէր էին, ուրախութեան երգեր` սրինգ եւ տաւիղ երկինք կը բարձրանային, մեծ եւ փոքր, զօրապետ եւ զինուոր, Հա­յաստանի հիւսիսն եւ հարաւը, արեւելք եւ արեւմուտք եւ մինչեւ Փոքր Հայոց բնակիչք ներկա էին, եւ զիրար կը տեսնէին օտարին դէմ, հա­րստահարողին դէմ, կրօնից եւ խղճմտանքի բռնաբարողին դէմ միաբան: Հոն` տարիներով բաժանեալ ծանօթք, բարեկամք եւ մեր­ձաւորք իրարու հանդիպած` իրարու հետ գրկախառն եալ հին ատե­լութիւններ կը մոռնային, սէրը կը նորոգէին, եղբայրութիւն կը հմսստատէին. ամէն մարդ գոհ էր եւ զուարթ: Միայն մարդ մը անթա­փանց ամէն ուրախութեան, թշնամի արեամբ ներկուած, քրտինքը ճակատը, փոշիով ծածկուած, դեռ ձիեն չէր իջած. ամէն կողմ կը դիմէր, մեռելները թաղման կը պատրաստէր, վիրաւորները գիւ­ղերը բաժնել կ'ուտար, եւ բանակին` պահապանաց խումբեր կը որո­շեր: Այդ մարդը Թէոդորոսս Ռշտունին էր:

Կ'էս-գիշերուան մօտ էր, երբ հասաւ Վասակ պատրիկ փոքրը բայց ընտիր բանակաւ, ճիշտ այն ժամուն, որ հայոց իշխանք եւ զօրավարք` յունաց սպարապետին վրանին մէջ պիտի ընթրէին: Մեծ ուրախութիւն էր տեսնել հոն, հայոց պատմական ճոխ եւ փա­ռաւոր անուններ կրողները սեղանի մը շուրջ միացած եղբայրա­բար. հոն էին Բագրատունիք եւ Արծրունիք, Սիւնիք եւ Մամիկոն­յանք, Կ'ամսարականք եւ Ռշտունիք, Աղուանք, Խորխոռունիք, Ամա­տունիք, Վահեւունիք, Առաւեղեանք, վերջապէս ամէն անունք, որ քանի մը ամիս առաջ Թէոդորոսի ամբաստանող եւ զրպարտիչ նաեւ լքյնիլ չէին դանդաղէր, եւ անոնք, որ իրեն հետ միաբան բիւզան­դացի կայսեր դէմ խիզախէր էին: Նա ամէնուն քաջութիւնը գո­վեց, ամէնուն սիրալիր կերպարանք ցցուց, ամէնուն եղբօր կամ որդուոյ քաղցր անուն տուաւ. բայց դարձեալ ուրախ չէր, այնչափ տարուան ջանք, բանագնացութիւնք, դաշնադրութիւնք ընդունայն գնացած զինք լաւ համոզած էին թէ այդ մարդիկը զօրութեան, լուծի եւ անձնական ողորմելի շահու առջեւ միայն կը խոնարհէին, հայրե­նասիրութեան, կրօնասիրութեան սկզբոմսք արմատ չունէին իրենց սրտին մէջ:

Սուրէն եւ Գրիգոր նոյն օրը պատերազմի դաշտին մէջ զբաղ­յալ` իրար տեսնելու համար ժամանակ չէին ունեցեր, հիմա իրարու քով նստած անցեալ աւուրց թշուառ արկածներու վրայ կը խոսէին, եւ եւ Սուրէն տեսնելով Գրիգորի ուրախութիւնը կը զուարթանար, վասնզի այդ երիտասարդը, որոմս բնական սրամտութիւնը, կորովը զինք գերազանց կ'ընէին իւր ընկերակցաց մէջ, ազնիւ հոգի նաեւ ունէր եւ կը յիշէր իւր քեռուոյն անմոռանալի երախտիքը: Հոն` Կ'ամսարա­կան ցեղին մեծ ուրախութիւն էր տեսնել ոչ միայն իրենց եղբայրը, քեռորդին ողջ-առողջ գտնել, այլեւ զարմանքով կը տեսնէին, որ երկուքն էլ տարիներով մեռած համարուելէ վերջ` հիմա փառազարդ ճակատ մը կը ցցնէին, վասնզի Վասակ պատրիկ Սուրէնի քաջու­թիւնը կը գովեր եւ Թէոդորոս զգրիգոր բարի օրինակ հայ երիտա­սարդութեան ցոյց կ'ուտար իւր քաջութեան հաւասար իմաստու­թեան եւ գիտութեան համար:

Իսկ երբ ընթրիքը վերջացաւ, Թէոդորոս ժողուեց նախարարաց գլխաւորքը, հարցուց իրենց կարծիքը, եւ վերջապէս միաբան միա­խորհուրդ որոշուեցաւ թողուլ Կարնոյ մօտ քանի մը հազար զօրաց խումբ մը եւ յարձակիլ Պոնտոսի կողմն յունաբնակ գաւառաց վրայ: Եւ ահա այդ յաղթող բանակը կը շարժէր, կ'իջնէր Բարձր Հայոց գա­վառներէն, կը զարնէր, կավարէր, բոլոր ծովեզրը կառնուր ինչպէս եւ Տրապիզոն քաղաքը, եւ կը դառնար մեծ աւարաւ եւ գերութեամբ:

Թէոդորոս արաբացի խումբը ընծայուք լի կը դարձնէր առ ամիրապետն եւ ինք հրաւիրուած կ'երթար Դամասկոս: Մաւիաս մե­ծարեց զինքն «Ոսկեթել եւ Ոսկեղէն ընծայուք եւ դրօշակոք», տուաւ իշխանութիւն Հայոց, Վրաց եւ Աղուանից եւ մինչեւ Ճորայ պահակին վրայ:

Գարնան գեղեցիկ օրերով Ռշտունեաց Ոստանը մեծ հանդէս էր կրկին հարսանեաց Գրիգոր Մամիկոնեանի Ռշտունեաց Օրիորդին հետ` եւ Վարդի` Սիւնեաց Օրիորդին հետ: Վասպուրական եւ բոլոր Հայաստան երջանիկ օրուան արշալոյս մը հասած կը կարծէին, վասնզի միաբանութիւն կը տիրէր հայ նախարարաց մէջ, եւ այն­պես կը համարուէր թէ թշնամի չի կար, որ համարձակէր ոտնակոխ րնել հայուն հայրենիքը:

Բայց երբ հաստատ օրինաց եւ սահմանափակ իշխանութեանց վրայ չէ ամրապնդեալ երկրի մը վիճակը, ոչ երբեք երջանկութեան պէտք է սպասէի դիպուած մը, պարագայ մը, արկած մը, որ ոմանք բախտ անուանած են, ամէն բան վեր ի վար կրնայ ընել եւ ամէն յոյս եւ ջանք ի դերեւ հանել:

Այսպէս եղաւ նաեւ Թէոդորոսի ծանր եւ երկար հիւանդութեամբ:

Ենք ժողուեց հայ նախարարքը, դրաւ իրենց առաջ երկրին վի­ճակը եւ երկու մեծ տէրութեանց` յունաց եւ արաբաց տկար ու զո­րաւոր կողմերը, յայտնեց թէ ոչինչ կը համարէր ամիրապետին իրեն տուած իշխանութիւնը եւ ամենեւին գոհ չէր է թէ ինք աւելի սիրով յանձն կառն ուր հնազանդիլ ազգային իշխանութեան մը, զօր նա­խարարք իրենց ազատ կամօք ընտրէին, միայն թէ այդ իշխանու­թեան սահման մը եւ չափ կը փափագէր, որպէսզի զեղծմանց չհան­դիպէր, եւ որպէսզի իմանան թէ ինք իշխանութեան աչք չունէր` եր­դում ըրաւ թէ իրեն տրուած ոիցէ ձայն ինք պիտի չընդունէր: Այս խօսքերն ըսելով թողուց ժողովքը եւ Խլաթայ նաւահանգստեն նաւ մտաւ եւ ելաւ Աղթամարայ կղզուոյն պալատը, վասնզի սաստիկ հիւանդ կը գտնէր ինքզինքը:

Ի՞նչ ըրին հայ նախարարք, մենք չենք ուզէր դատել, այլ ահա մէջտեղ կը դնենք ժամանակակից պատմագրի մը խօսքերը, եւ ըն­թերցողք թող դատեն:

«Իսկ իշխանին Հայոց, որ ի Իւնաց եւ ի Տաճկաց կողմանէ, Համազասպ եւ Մուշեղ, եւ այլն ամենայն եկէալ ի մի վայր միաբա­նեցան, եւ արարին ընդ միմէանս հաշտութիւն, զի մի եղիցի ի մէջ նոցայ սուր եւ արիւնհեղութիւն, եւ անցուցին խաղաղութէամբ զաւու­րըս ձմերայնւոյն, զի եւ զշինականս ապրեցուցանեն: Քանզի Ռշտու­նէաց Տէրն անկաւ եախտս հիւանդութէան եւ չոքաւ անկալ եաղթամար կղզին: Ել ոչ գոյր նմա լինիլ կարողութիւն ելանել արտաքս կամ խորհիլ ինչ, եւ բաժանեցին զերկիրն ըստ թւոյ իւրաքանչիւր հեծելոց եւ կարգեցին հարկապահանջս ոսկւոյ եւ արծաթոյ:

Եւ աստ էր տեսանել զաղէտս տարակուսի, զօրէն հիւանդաց եօրժամ տագնապեսցին ցաւն եւ հատանիցէ ի խօսից, այնպէս ինչ եղէն, զի ոչ գոյր մարդկան տեղի փախստի եւ թագստէան եւ ոչ խնայել ի ներքուստ, այլ որպէս ոք զի անկցի ի ծով` եւ ոչ կարիցէ գտանել:

Ել իբրեւ ետես զայս Ռշտունէաց Տէրն խնղրէաց իւր զօրս յիս­մայէլացւոց զի հարցէ զհայն եւ հալածական արասցէ եւ զուիրս սատակեսցէ ի սուր սուսերի»:

Ոեւէ Հայու ծանր է կարդալ այս տողերը, ծանր էր նաեւ այն մարդուն, որ բոլոր կենաց մէջ աշխատէր էր Հայաստան հայով փր­կելու եւ միարանութիւն այդ բանին համար հաստատելու, տեսնել այդ միաբանութիւնն ի վնաս ժողովրդեան դառնալ, անտանելի հա­րստահարութեանց գործիք լին իլ եւ երկրին կործանմունքը հայ ձեռքե­րէ տեսնել: Ուստի յուսահատ` այն դեղին կը դիմէր, որ թոյն էր եւ ոչ դեղթափ, այն երկաթին կը դիմէր, որ վիրաբոյժի դանակին առող­ջութիւնը չէր կրնար բերել` այլ մահ:

Եկաւ արարացին, երբ միաբանութիւնը քակտեցաւ, տի­րեց երկրին եւ առաւ պատանդ տարաւ նախ զթէոդորոս բոլոր իւր ընտանեօք, եւ ամբողջ հայ նախարարութեան ծաղիկը ժողուեց իջե­ցուց ի Դամասկոս:

Չանցաւ շատ ժամանակ` Ռշտունեաց երկիրը կը տանէին հայրե­նական շիրմաց մէջ դնելու այն մարդուն մարմինը, որ եօթանասուն երկայն տարիներու մէջ առաջին մարդն եղած էր աշխարհին սիրած էր իր հայրենիքը, մորմոքէր էր իւր ազգին ցաւոց եւ տառապանաց վրայ, իւր կեանքը չէր խնայէր ոչ պատերազմի եւ ոչ խաղաղութեան մէջ, ամէն ջանք ինչ որ մարդկօրէն կարելի էր` աշխատէր էր ի գործ ունել եւ վերջապէս տխուր, դառնացեալ, բայց ոչ երբեք յուսահատ եղել էր: Իւր վերջին խօսքերը փեսին Գրիգորի ասոնք եղան. «Իմ երկար կենացս մէջ, որդեակ իմ, վասնզի թշուառութեան եւ ձա­խորդութեան տարիներն երկայն են միշտ, միմիայն զեղջ եւ ապա­շաւ այն եղաւ, որ իմ հայրենակցաց անիրաւութիւնը պատուհա­սելու համար` օտարին զէնքը հրաւխրեցի, չի կրցի նախատեսել թէ օտարին շահասէր բարերարութիւնը ընտանեաց անիրաւութենեն վատ է, եւ դորայ պատիժը ահա կը կրեմ օտարութեան մէջ վերջացնե­լով կեանքս: Այո, արդար են աստուծոյ դատաստանները: Դու` այն­պես կը հաւտամ, որ Հայաստանի կեանքին մէջ պիտի խառնուիս եւ պիտի գործես: Յորդորէ՛, խրատէ ամէնքն, որ եթէ չեն կարող պատ­ժել համբերութեամբ տանին իրարու պակասութեանց, յանցանաց եւ եղեռանց անդամ, այլ անքաւելի ոճիր համարին օտարը հրաւիրել, օտարին` հայրենի երկիրն ոտնակոխ ընել տալ»: