Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երբ այս պատմութիւնը լսեցին եւ երիտասարդը դուրս եղաւ, Ռշտունին պատուհան են դուրս կը նայէր քամահաբար, եւ կարծես թէ խոր խորհրդածութեան մէջ էր: Իսկ Երիզացին քովը մօտենալով, եւ իբր թէ քունէ արթնցնելու համար առաջ ուսը կամաց մը ծեծելով եւ ժպտելով`

Եղբայր, այդ քու մտածութիւնքդ իմ քովս շատ հին են, ըսաւ, բայց միտքդ դիր թէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կապրինք, այս կայսրութիւնն այսպէս նկեր, այսպէս պիտի երթայ. յիմար, վատ զօրական մը ոչ միայն զօրապետ կը դառնա կնոջ մը շնորհիւ, այլ կայսերական թագը գլուխը եւս դնելու կը ձգտի: Ես արքունիք կ'երթամ հիմա, դու ճաշդ ըրէ, եւ պատրաստ եղիր, ահա սա սենեկին մէջ ի՛նչ զէնք եւ սպառազինութիւն կուզետս կրնաս գտնիլ. ես քեզի իմաց կ'ուտամ` եւ ըստ այնմ կը շարժիս: Ուրեմն մնա, ս բարով:

Ժամ մը հազիւ անցած Թէոդորոս Ռշտունի նամակ մը կառնուր իւր բարեկամեն, որ զինք կը յորդորէր անցնիլ պատրաստական գնդին գլուխը, եւ իւր անձնապահապետին առաջնորդութեամբ գալ կրկէսը առանց վայրկեան մը կորսնցնելու: Երբ Թէոդորոս սպառազինեալ իջաւ պալատին ընդարձակ գաւիթը, , որ ցամաքային դռան առաջն էր, տեսաւ փառաւոր ձի մը եւ երեք հարիւր սպառազէն հեծելոց խումբ մը, որ իրեն կը սպասէին. հազիւ թէ փողոցին մէջ քիչ մը յառաջացաւ երկու խումբ պատրաստական զօրաց միացան իւր խմբին հետ եւ այդ հազարաց գունդին առջեւ ամբոխը կը բացուէր, կը խոսէր, մինչեւ անարգէք կրկէսին մօտեցան, բայց ահա հոն ահաւոր֊ տեսարան մը ներկայացաւ Թէոդորոսի առաջ, Վաղենտիանոսի սպառազէն հինգ-վեց հազար յօդուոյ խումբը հրապարակը գրեթէ բովորովին գրաւէր, ժողովուրդը Ս. Սոփիա եկեղեցին վտարէր եւ գաւթին մէջ կատաղի կոտորած մը կը շարունակէր: երիզացուոյն անձնապահապետին դարձաւ նա`

Տղա՛յ, ո՞վ է մեր թշնամին, հարցուց:

Այդ սպառազէն Վաղենտինի զօրքերը, պատասխանեց երիտասարդը:

Քալեցէ՛ք ետեւես, տղաք, գոչեց Թէոդորոսի ահագին ձայնը:

Եւ մերկ սուրբ ձեռին յարձակեցաւ իւր զնդով այդ սպառազինաց կողքին վրայ կրկէսին մէջտեղ, եւ աջ ու ձախ կոտորով երկու բաժնեց թշնամի խումբը, որու մէկ մասը ազատ ճամփայ ունելով սկսաւ փախչել, իսկ միւսը փակուած Թէոդորոսի եւ եկեղեցուոյ մէջ ջախջախեցաւ բոլորովին եւ զրեթէ անհետացաւ: Այս դիւրին յաղթութեան վրայ Թէոդորոս ինք զարմացած կը մտածէր, երբ արքունի դռան կողմեն երեւցաւ փոքրիկ խումբ մը կայսերական թիկնապահաց, որոց գլուխը կանգնած հասաւ Երիզացին եւ հրաւիրեց Ռշտունին եւ իւր զօրքը կայսերական պալատը` ներկայանալու երիտասարդ կայսեր:

Դեռ պատանի մ՚էր կայսրը, շփոթութիւն եւ երկիւղ երեսին վրայ նկարուած էին, հազիւ գահը բարձրացած` կը տեսնէր թէ այն մարդը Վաղենտին, որ իւր թագաւորութեան առաջին զօրծիքն եղած էր, առաջին գաւաճանն էր, ուստի բնական կասկածոտ աչօք կը նայէր շուրջանակի, բայց բիւզանդական քաղաքավարութեամբ եւ կեղծաւորութեամբ գիտէր ինքզինք քօղարկել: Երբ Երիզացին իմացուց իրեն թէ` «Ամէն վտանգ հեռացաւ, եւ Վաղենտինի փախստական էր ի շնորհես Թէոդորոսի քաջութեան` որ նոյն Վաղենտինի հրամանաւ կապեալ եկէք էր Հայաստանէ», կայսրը` «Վաղենտիոսի զլուխը թող բերուի, հիմա՛, հիմա՛», կ'ըսէր: Բայց նոյն միջոցին, երբ լրտեսներ եկան իմացուցին, թէ ժողովուրդն արդէն սպաննէր է Վաղենտին եւ եկեղեցուոյ հրապարակին վրայ կ'այրէր նորա մարմինը, ուրախացաւ: Յարմար ժամանակ համարեց այն ատեն Երիզացին` Բագրատունի Ասպետին համար խնդրել, եւ հրաման եղաւ նորա աքսորանաց վերջ տալ: Նաւակներ կը թռչէին Իշխանաց կղզիքը բերելու համար Վարազտիրոց:

Միեւնոյն օրուան մէջ Ռշտունին ազատեցաւ շղթայներէ, Վաղենտիոսի զօրութիւնը խորտակեց, եւ Բիւզանդիոյ արքունեաց մէջ տեսաւ իւր տղակութեան ընկերն ու բարեկամը եւ «արտասուք կը թափէին Ասպետ ու Ռշտունեաց տէրն իրարու պարանոցի վրայ, վասնզի սննդակից էին Խոսրովու Պարսից արքային Դուռի»: Իսկ կայսրը Վաղենտինի տեղ զօրավար կ'անուանէր զթէոդորոս Երիզացին, Թէոդորոս Ռշտունուոյն հրաման կ'ուտար հայրենիք դառնալու եւ սուրհանդակ կը հանէր Թումայի Կոստանդնուպոլիս գալու: Իսկ Վարազտիրոցի ազատութիւն կ'ուտար Կոստանդնուպոլիս բնակելու ընտանեօք, որ դարձեալ աքսոր կը նշանակէր, վասնզի տարիներէ ի վեր հայրենի երկրին էր ծարաւի:

Այն գիշերը Երիզացուոյն պալատը ուրախութեան տօն կը կատարէին այս երեք հին բարեկամք, որ տարիներով իրարմէ հեռու բնակելով, մեծութեան եւ աքսորանաց, յաղթութեան եւ պարտութեան, արքայական շնորհից եւ նախատանաց եւ վերջապէս բախտին զանազան արկածից մատն եալ, միշտ ակնածելի եղած էին նաեւ թշնամեաց եւ արքայից: Ուստի երբ առանձին մնացին, Հայաստանի վիճակին վերա եկաւ խօսքը, եւ Բագրատունին տխուր ու դառնացեալ` ըսաւ.

Ի՞նչ կրնայ ընել մարդ, երբ իմ վիճակիս մէջ գտնուի. այս մայրաքաղաքը իւր բոլոր պերճութեամբ, իւր բոլոր գեղեցկութեամբ իմ Տայոց մէկ զիւղեն աւելի արժէք չունի աչացս. դու, Ստրատելատ, հոստից կրնաս օգտակար լինիլ հայրենեաց եւ մեզի, ինչպէս եւ եղար մինչեւ այսօրս. իսկ ես` հոն հայրենի հողին վրայ միայն կրնամ ծառայութիւն մ՚ընել ազգիս:

Եւ մեծ ծառայութիւն, ըսաւ Ռշտունին, ինչպէս ձեզի հասկըուցի, վասնզի քու ներկայութեամբդ կրնանք միաբանել այդ նախարարները, որոց աչքին ես վտանգի եւ կասկածի նիւթ եղած եմ:

Ես այսօր միջոց մը գրեթէ համոզէր էի, ըսաւ Երիզացին, երիտասարդ կայսրը քեզ հրաման տալ դառնալու հայրենիք, բայց դժբախտաբար այդ Փիլակրիոս վրայ հասաւ եւ ամէն խորհուրդ վեր-վայր շրջեց: Եր՞բ պիտի համոզուին յոյնք, թէ հայոց հետ ար-

դարութեամբ վարուիլն է միմիայն ճանապարհ կցորդելու զիրենք:

Ի՞նչ կրնայ սպասուիլ այդ մարդիկներէն, որ իրենց օգուտը նաեւ չեն ճանչեր, եւ որ կարծեն թէ զհայերը նեղելով կրօնթի մասին, նոցայ դաւանութիւնը բռնաբարելով, անպաշտպան թողլով երկիրն եւ աւար աւազակաց , յարկաց ծանրութիւն բեռնաւորելով եւ ժողովուրդն աղքատցնելով` Հայաստանի կատարեալ տէր կը դառնան, զրուցեց Ռշտունին:

Բայց այդ երիտասարդ կայսրը, պատասխանեց Երիզացին, ես կը յուսամ, թէ օրաւուր ճշմարտութեան կը համոզեմ, եւ քանի որ ապականութիւնը սրտին խորը չէ թափանցէր` կարելի է զինքն ազնուութեան եւ արդարութեան հէեւցնել:

Ող՜ջ լեր, իմ պատուական բարեկամս, աստուած հաւատքդ աւելցնէ, դու կը յուսա՞ս թէ այս կրօնամոլութեան եւ յիմարութեան քաղաքի մէջ ու գահույից վրայ կարելի է ազնուութեան եւ արդարութեան սերմ հասցնել: Թո՛ղ այդ տղայական երազներդ եւ ջանանք միատեղ մեր հայրենի երկրին փրկութեան:

Զրուցէ՛ համարձակ, քեզ խօսք կ'ուտամ ինչ կրնամ ընելու:

Իմ միմիայն փափագս ինձ հետ Ասպետը Հայաստան տանիլն է, մնացածը աստուած կը յաջողէ եթէ ուզէ:

Այդ… քանի մը օրուան մէջ կարելի չէ. պէտք է որ կայսրը քոռնայ Փիլակրիոսի յորդորները: Դու եթէ կ'ուզես` սպասէ, մինչեւ Յարմար առիթը հասնի…

Ո՞վ կրնայ երաշխաւորել թէ յարմար առիթ չհասած անյարմար առիթներ չեն հասնիր այս անիծեալ քաղքիս մէջ, նոյնպիսի առիթներ, որ Վարազտիրոցի հետ զիս նաեւ առնուն օւկիանոսի կղզի մը չի նետեն, քաղաք մը, ուր մատնութիւն, զրպարտութիւն, շոգմոգութիւն սովորական բանէր են: Ի բաց թողունք, որ քու այդ երիտասարդ կայսրը այնպիսի նայուածք մը ունի եւ այնպիսի կերպարանք, որ ինձ ամենեւին վստահութիւն չի տար: Երբ այդ կայսրդ «Վաղենտինի գլուխը, հիմա, հիմա» կ'ըսէր` ես վատութեան չափ անգթութիւն կը նշմարէի: Դու եթէ կ'ուզես հայրենեաց եւ բարեկամաց ծառայել` հնարք զտիր Վարազտիրոց ազատելու:

Կ'ուզես ըսել փախցնելու, բայց այդ նաեւ դիւրին չէ, վասնզի այս վայրկենիս` հիմա շատ խստութիւն կայ մայրաքաղաքիս մտնող ելնողներուն համար, եւ Վարազտիրոցի պէս ահագին եւ նշանաւոր մարդ փախցնելն դիւրին բան չէ, բայց վերջապէս հնարքը կը գտնուի: Իսկ դու իրաւունք ունիս չի վստահանալու քաղքիս եւ եթէ կ'ուզես ինձ լսել մի՛ կենար եւ ժամ առաջ դարձիր հայրենիք, քանի որ հրաման ունիս:

Ուրեմն որոշենք. Ռշտունեաց Տէրը թո՛ղ երթայ, եւ դու կը խոստանաս հնարքով զիս հեռացնել:

Այդ իմ պարտքս է, պատասխանեց Երիզացին:

Եւ ութ-տասն օր վերջը Թէոդորոս Ռշտունի կը մտնէր նաւ երթալու Տրապզոն: Անյաջող քամիներ, որ զինք կարգելուին` կ'օգնէին իւր թշնամուոյն Թումայի, որ թէպէտ յաջողութեամբ կը հասնէր կայսերական քաղաքը, բայց անյաջող ընդունելութիւն կը գտնէր Վաղենտիոսի կողմնակից համարուելով, եւ իւր քոյրը Անկելինայ նաեւ կորուսէր էր իւր ազղեցութիւնը, վասնզի դեռահասակ կայսրը կասկածոտ` հազիւ թէ Փիլակրիոսի խորհրդոց ուշ կը դնէր: Փիլակրիոս եւս իւր կողմեն Երիզացուոյն ազդեցութիւնեն ազատելու համար Թումայի տեղ զնայ Հայաստանի յունական զօրաց սպարապետն անուանեւ տուաւ: Այնպէս որ Վարազտիրոց մնաց մայրաքաղաքն իւր գլխաւոր պաշտպանը կորսնցնելով:

Ան ատեն Վարազտիրոց փոխեց կեանքին ձեւը, մեծ եւ փառաւոր պալատ մը վարձեց ու զարդարեց, տուաւ զինք ուրախութեան եւ գիներբուաց, Բագրատունեաց սեփական խնայողութիւնն անհետ եղաւ, հանդէսք եւ խնջոյք իրարու կը յաջորդէին, բոլոր բիւզանդացի պալատականք խուռն կը դիմէին նորա հրաւիրանաց, Փիլակրիոս ինք նաեւ սկսաւ ընտանենալ Ասպետին հետ: Երկու-երէք ամսուան միջոցին` Վարազտիրոց` շուայտութեանց մէջ` կայսերական քաղքին զուարճալի կեանքը վեր կը քարոզէր իւր լեռներուն փապարներէն: Եւ այս կեանքը շարունակելով` աղերսադիր տուաւ կայսեր, որ չորս հոգի իւր հաւատարիմներէն ուղարկէ Տայոց գաւառը իւր ստացուածքը եւ գանձերը բերել տալու համար: Եւ այս չորս անձանց համար հրովարտակ առնելով, ինքն ծպտեալ թիկնապահաց հետ նաւ մտաւ եւ յաջողակ հողմով եկաւ Ճորոխի ափանց վրայ, եւ թռչունի արագութեամբ հասաւ Տայոց գաւառը: Տայեցիք մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին զինք. աւելորդ է պատմել Բագրատունեաց պառաւ իշխանուհուոյն երջանկութիւնը իւր սիրելի զաւկին տեսութեան: Բայց ուրախութեան ժամանակ չէր. մէկ կողմեն բերդերը կ'ամրանային, ժողովուրդք գիւղերը կը թողէին` անառիկ տեղեր կը բարձրանային, զինուորներ դրօշակներու տակ կը ժողւուէին, եւ բոլոր Տայոց գաւառը քանի մը օրուան մէջ այնպէս պատրաստութիւն տեսաւ, որ իբր թէ յունաց բոլոր բանակները հոն պիտի թափէին: Եւ միւս կողմեն Ասպետը` գաղտնի սուրհանդակ կը հանէր Դվփն` իմացնեւու համար Ռշտունուոյն, որ դեռ նոր հասեր էր հոն, իւր գալուստը, եւ սա որ պատրաստութիւն կը տեսնէր Ռշտունիք դառնալու, շտապաւ նամակ կ'ուղարկէր Սէթայի` յայտնելով իւր գալուստը եւ զօրաց պէտք ունենալը:

Նոյն միջոցին կայսերական հրաման կը հասնէր առ Թէոդորոս Երիզացի սպարապետ յոյն զօրաց, որ ճամփաները բռնէ եւ ամրութիւնքը փնտրէ գտնելու համար Ասպետ եւ դարձնելու Կ. Պոլիս: Եթէ Թէոդորոս կամք նաեւ ունենար` անկարելի էր այդ հրամանը կատարել, վասնզի Վարազտիրոց իւր բոլոր զգուշութիւններն ըրած էր: Ուստի բանագնացութեան մտաւ, կայսեր դրեց, Ներսէս կաթողիկոսը դեսպան ղրկեց առ Ասպետն, որ ապստամբութեան չդիմէ եւ հնազանդի կայսեր, եւ խոստացաւ բերել տալ կինն ու զաւկները մայրաքաղաքեն, միայն թէ հնազանդութեան թուղթ գրէ կայսեր: Բագրատունին շուտ մը նամակաւ յայտնեց կայսեր թէ «Այնչափ տարի անիրաւ աքսորանաց տանելով ապստամբութեան միտք չէր ունեցեր, այլ միայն երկիւղը դարձեալ նոյն աքսորանաց մատնուելու եւ հայրենի երկրին սէրը զինք բռնադատէր էին փախչելու»: Այս թուղթին փոխարէն կիւրապաղատութեան պատիւ, պսակ, արծաթեղէն գահոյք եւ կինն ու զաւկները կայսրեն ընդունեցաւ:

Թէոդորոս Ռշտունի գոհ այս եղածներէն, իւր այնչափ ժամանակի խորհուրդները կը տեսնէր վերջապէս զլուխ ելնելու մօտ. ուստի միաբանութեամբ Ասպետին ու կաթողիկոսին հրաւիրանաց նամակներ գրուեցան առ ամենայն նախարարս հայոց, որ ղան ժողովուին Դուին խորհիլ ազղին կանոն մը դնելու: Այսպիսի յարմար ժամանակ քիչ կը հանդիպէր, հայոց նախարարաց մեծ մասը արդէն համոզուած էին, թէ բան մը պէտք էր ընել, ուստի յօժար էին միաբանելու. իսկ Ներսէս կաթողիկոս ոչ միայն քաղաքագէտ մարդ էր, այլեւ ուսմունք սովրած, Յունաց կայսրութեան մեծ մասը պտրտածդ ամէն բանի տեղեակ, արդէն դաշնագրին գլխաւոր կէտերը Թէոդորոսի հետ գրի առած էին, եւ Ասպետը, որ Թէոդորոսի ուղղութեան վրայ կատարեալ վստահութիւն ունէր` առանց երկմտութեան ընդունեց իրենց պայմանները: Հակասութիւն երկու նախարարութեանց կողմանէ միայն կարելի էր. Մամիկոնեանց եւ Մոկաց:

Դաշնագրին պայմանները պարզ էին, նպատակը անիշխանութեան տարտամ վիճակեն հանել էր Հայաստան եւ կեդրոնական կառավարութիւն մը հաստատել, որ թէ օտարեն յարձակմանց եւ թէ ներքին հարստահարութեանց կարէնար ընդդիմանալ եւ ժողովուրդը անտանելի յարկաց ծանրութենէ եւ երկիրն աւերմունքէ կարէնար պաշտպանել:

Արդէն կայսեր կողմանէ կիւրապաղատ եւ զօրավար անուանեալ անձինք որոշուած էին, ուրեմն դատաստանական բարձր ատեան մը եթէ հաստատուէր, մեծ նախարարաց նվփրակներէ կազմեալ, որուն վճիռներուն ամէն ոք պարտաւորուէր հնազանդիլ, եթէ ժողովք մը նաեւ կազմուէր որոշելու համար յարկաց արդար բաշխումը, եւ կանոնաւորեալ զինուորութիւն մը ըստ մարդաթուոյ, Հայաստան ապահովեալ կը համարուէր:

Եւ մինչեւ այս մեծ գործը կատարելու վրայ էր, ահա յանկարծ Վարազտիրոց քանի մը օրուան մէջ կարճ հիւանդութեամբ մեռաւ Դուին, եւ միաբանութիւնն վտանգեցաւ: Վասնզի թէպէտ կայսրը, նորա որդին Սմբատ հօր տեղ կիւրապաղատ անուանեց, բայց հօր ազդեցութիւնն ունենալէ շատ հեռու էր: