Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բարեբախտաբար ժամանակը ձմեռ էր, այդ սոսկալի արաբական կլիմայի տաքը չի կար, եւ արեւը երբ ելաւ, մեր երեք ճանապարհորդէք սիրով ողջունեցին նորա ելքը, թէպէտ աւելի սիրելի Գազրիկ տեսնելով այն միջոցին Սուրէնի քունը` դարձաւ ըսաւ Գրիգորի.

Յիրաւի, իշխան, քու քեռին զարմանայի մարդ է, այս մեր փախուստը եւ ամէն պէտքերը ինչպէ՛ս մտածեց ու պատրաստեց:

Ինչչա՞փ ժամանակ է, որ դու այս իր խորհուրդը եւ պատրաստութիւնքը գիտէիր:

Տարի մը կայ եւ աւելի, որ կէսօրէն վերջ սաստիկ տաք ատեն, երբ ամէն մարդ թուլցած շարժէլու կարողութիւն չունէր, դիպուածով մտայ այդ կիսաւէր սենեակը եւ տեսայ իշխանը երկայն փայտի մը օգնութեամբ այդ մեծ քարը շարժէլ կը ջանար, եւ քրտինքը ճակատն ի վար կը վազեր: Երբ զիս տեսաւ, «Գազրիկ, դու գաղտնիք պահող եւ ուժով մարդ ես, եկ ինձ օգնէ»— ըսաւ. իսկ ես, մեղա-մեղա՜՜, որ այդպիսի քարեր շատ վերուցեր եմ, մեծ զրուցել չլինի, մեր գիւղի շրջակայքը եւ Բագրեւանդայ մէջ կրնամ ըսել թէ քիչ մարդ կար, որ ինձ չափ ծանր բան կարէնար վերցնել, «կաց իշխան», ըսի, փորձեցի եւ. տեսայ, որ քարը կը շարժի` ուժ տուի եւ սահեցուցի. «Ապրիս, Գազրիկ», ըսաւ եւ վար նայեցինք, որ մարդաչափ փոս մը միայն կար առաջնիս. ինձ սպասել հրամայեց եւ պահպանութիւն ընել. ինք մտաւ ներս. տեսայ, որ ժամի չափ անցաւ եւ իշխանը չէր երեւէր, վախը զիս առաւ թէ վտանգի հանդիպեցաւ, ուստի ես էլ իջայ, որ նայիմ` եւ տեսայ թէ երկու ճամփայ կար, մէկը դէպի ներս տան մէջ կը տանէր` իսկ միւսը դէպի դուրս: Իշխանն անշուշտ դէպի դուրս գնաց կարծելով` այն ճամփան գնացի խարխափելով եւ վերջապէս երբ երկուքի տեսայ բաժնուած այդ ստորերկրեայ ճամփան` ետ դարձայ, եւ հակառակ ուղղութիւնը բռնեցի, վերջապէս լուսոյ տկար գիծ մը երեւեց, եւ իշխանը տեսայ, որ պատի մը կռթնած կեցէր դէպի լոյսը ներս կը նայէր: Երբ զինք ողջ գտայ` փառք տուի աստուծոյ, վասնզի իմ վախս այն էր, որ օձի, կարճի, գահավէժի վտանգ մը յանկարծ իրեն հանդիպած չլինի. ուստի ետ դարձայ նոյնպէս զգուշութեամբ, որ ոտքի շղթայիս ձայնը չի լսուի: Իշխանն էլ ետեւես հասաւ եւ ելանք դուրս. դարձեալ քարը տեղաւորեցի, եւ ոչ հարցուցի ի՞նչ էր այդ տեղը, իսկ ինք քանի մը անգամ մտաւ հոն, մինչեւ վերջին անցեալ գիշեր եւ ոչ հարցմունք մ՚ըրի:

Բայց անցեալ գիշեր դու էլ այդտեղ իջար, Գազրիկ:

Անցեալ գիշեր իջանք իրեն հետ` ինք ճրագն առջեւեն կ'երթար. եւ ես բրիչը ձեռքս ետեւեն. մինչեւ հասանք այդ մուկի ծակին բերանը, զգուշութեամբ անձայն` պատը ձեռքով քան թէ բրիչող քակեցինք, եւ նոյն բերանն էլ մեծցուցինք, որ աւելի դիւրին էր քան թէ քովի ամուր փայտէ դուռը բանալ, որ այդ ստորերկրեան կը հանէր: Իշխանը գլուխը ներս երկնցուց` երկայն ուշ գրաւ, սենեակը մարդ չի կար, ուստի երբ ծակն այնչափ եղաւ, որ ինք կրցաւ անցնիլ` ցատկեց ելաւ վեր եւ ճրագն առած սկսաւ ինձ անցնել նախ զէնքերը մէկիկ-մէկիկ, յետոյ բանալիքներու խուրձ մը, յետոյ զգեստները. վերջը կոտրեց բացաւ փոքրիկ երկու գզրոցնէր` պարպեց մեյինները` այդ կաշեայ երկբերան մախաղին մէջ, որ պատեն կախուած էր, եւ երբ այն էլ անցուց ինձ նոյն զգուշութեամբ` բայց բեռնաւորեալ այդ ամէն բաներով` մտանք ճամփուն մէջ. հոն այդ բանալիքներով իմ շղթայես զիս ազատեց եւ ելանք դուրս: Նախ գնացինք ախոռները, ուր երկու ձիապան կը խորդային, զանոնք գամեցինք գետին եւ անկից վերջ ընտրեցինք, թամբեցինք ու խռիւներ եւ խոտի խուրձեր բերինք լցրինք ամէն գլխաւոր դռներու առջեւ: Բան մը չի մոռցաւ նա` մեր եւ ձիերու ճամփու պաշարն էլ մտածէր էր: Զարմանալի մարդ է:

Ինձի ինչո՞ւ չիմացուցիր այս ձեր նախապատրաստութիւնը:

Իշխանը կ'ըսէր թէ` նա շատ բարեսիրտ է, արիւն թափելու թշնամի է, աւելի լաւ է, որ ամէն գործ կատարուի եւ յետոյ իմանայ ինք:

Դու ի՞նչ կարծես, Գազրիկ, աստուած մեզմէ հաշիւ չի՞ պահանջէր այդ արիւններուն համար, այդ հրդեհին մէջ ողջ-ողջ…

Իշխա՜ն, բայց այդ մարդիկը մեր երկիրն հրով ու սրով քանդեցին, չորս տարուան մէջ ամէն օր սպաննեցին մեր ղաքը, երբ չէին ուրանար եւ կը մեռնէին` շան սատակ կը համարէին: Մենք էլ այդ թաները աստուծոյ կը յիշեցնենք եւ ամէն բան կը վերջանայ:

Գրիգոր տեսաւ, որ Գազրիկ Սուրէնի վարդապետութեան աշակերտներէն էր` վերջացուց խօսքը: Եւ դեռ երբ կը շարունակէին ճամփան նայեցաւ, որ սուրին քովեն ահագին մուրճ մը կախուած էր Գազրիկի գօտիեն, հարցուց թէ այդ զէնքը շատ օգտակա՞ր կը սեպեր:

Ո՜հ իշխանիկս, կ'ըսէր Գազրիկ, այդ` սուրէ լաւ է ինձ համար, ես տեսայ Շէյխին սենեակը այդ եւ աչքս մնաց. երբ Սուրէն իշխանը ուշադրութիւն չէր դարձնէր` խնդրեցի առնուլ. մենք շինականքս աւելի լաւ գիտենք գործածել զայս քան թէ սուրբ:

Բայց արեր ելաւ հորիզոնին վրայ, եւ քիչ մը առաջ անցան` ահա քաղաք մը երեւցաւ հեռուեն: Գրիգոր քաշեց ձիուն գլուխը, եւ կենդանիները կանգ առին. Սուրէն վայրկենին արթնացաւ, եւ աչքերը շփելով, «Ի՞նչ կայ, ի՞նչ եղաք», հարցուց:

Եւ տեսնելով կանգուն ահագին տուներ, պարիսպներու բեկորներ, իմացաւ թէ Բալմիրայի աւերակներուն առջեւ հասած էին, եւ Եփրատ հեռու չէր:

Երթանք, տղաք, ըսաւ, հայրենի հողը թէպէտ հեռու` բայց ջուրը մեզի հասաւ, երթանք նորա եզերքը յոգնութիւն առ նունք:

Գրիգոր սքանչացաւ մնաց այդ մեծ քաղքին աւերակաց վրայ, անապատին մէջ այդպիսի փառաւոր քաղաք մը իւր հետաքրքրութիւնը կը շարժէր եւ ակամայ` ձիուն գլուխը դէպի արեգական տաճարը կը շրջէր: Կը կենար կարդալու համար յունական արձանագրութիւնները: Իսկ Սուրէն իմանալով քեռորդուոյն ձգտմունքը`

Որդեակ Գրիգոր, ուրիշ օր մը այդ փափագը կը լեցնենք, հիմա ժամ առաջ այս անիծած երկրեն դուրս նետենք մեր անձինքը, ըսաւ:

Անցան քաղքին արեւելեան դռնեն եւ շարունակելով ճամփան` Եփրատ իւր բոլոր վսեմութեամբ երեւցաւ իրենց, իջան եզերքը ջուր խմեցին, իրենց պաքսիմատը կերան ձիերուն դադար եւ ուտելիք տուին, իրենք նաեւ հանգչեցան:

Հապա՛, տղաք, կարծեմ ժամ է հեծնելու, երկու ճամփայ կայ առաջնիս, կամ այս կողմեն գետն ի վեր, կամ անցնիլ գետը եւ դիմացեն երթալ, դուք որը՞ կ'ընտրէք:

Դո՛ւ որոշէ, պատասխանեց Գրիգոր, մենք պատրաստ ենք քեզ հետեւելու: Բայց ահա դիմացի կողմը ձիաւորներ կ'երեւան, վեց հոգի են:

Ուրեմն այդ մարդիկը, ըսաւ Սուրէն դիտելով, մեզ կ'ուզեն զրուցել թէ` եթէ կամիք խաղաղ ու հանգիստ ձեր ճամփան շարունակել, գնացէք այդ կողմեն, մեզ մի՛ մօտիք, վասնզի աւազներու որդի աւազակ կը ծնինք եւ աւազակ կապբինք եւ աւազակի պէս կը մեռնինք:

Սկսաւ Սուրէն գետին աջ կողմեն երթալ դարձեալ: Թէպէտ Շէյխին գանձատունեն առած էր զէնքերը` բայց չէր զննած նոցայ լաւութիւնն. հիմա միտքն եկաւ` քաշեց պողովատը եւ սքանչանալով երկաթին վրայ ու շողացնելով, գոհ սրտիւ գրաւ պատեանը եւ դառնալով իր ընկերաց ըսաւ.

Այդ մեր Շէյխը լաւ աւարի վրայ ինկեր է, իր անապատները չէին կրնար բուսցնել ոչ այսպիսի զէնք եւ ոչ այդպէս ոսկիներ: Նայեցէք ձեզ տուած ոսկիներս` բոլոր Սասանեանց են, եւ այս զէնքերն էլ բոլոր Պարսից արքայական դրոշմը կը կրեն:

Այս խօսքերը զրուցելուն գլուխը կը դարձնէր երբեմն դիմացեն եկող հեծելոց, որ գետին կը մօտենային յանդուգն արշաւանոք: Իրենց այս ընթացքը, որ Սուրէնի կ'իմացնէր եւ իրենց նպատակը, փոխել չի տուաւ իւր հանդարտ քայլուածքը եւ քթին տակեն կ'ըսէր. «Եթէ այսքան քիչուոր էք` մեզմէ ձեզի օգուտ չի կայ»: Աչքը դիմացը կը հետազօտէր, աւազի բլուր մը հանդիպելով ձին քշեց վեր ելաւ. առջի նայուածքին` յօնքերը խաւարեցան րոպէ մը, սեւ ամպ մը պատեց երեսը. բայց փայլակի պէս անցաւ եւ ժպիտ մը յաջորդեց, սակայն այդ ժպիտը նաեւ ահարկու էր:

Տղաք, ըսաւ, տասն-տասներկու հոգի մեր առջեւ կ'ելնեն, մեր ձիերը Արաբիոյ հազարներու ընտիրքն են, մեր զէնքերն ամենալաւն են, դու, Գրիգոր, Մամիկոնեանց քաջ թոռն ես, դու էլ, Գազրիկ, որ անզէն` արջ մը խղդելու ուժ ունիս, քաջ եղի՛ր, միայն ամուր կեցիր ձիուդ վրայ, նիզակի հարուածներէ լաւ պաշտպանէ ինքզինքդ վահանովդ, իսկ մուրճդ` գործածէ՛ ինչպէս գիտես: Տէ՜, մտրակեցէ՛ք ձիերը եւ ինձ հետեւեցէ՛ք:

Այս խօսքերուն վրայ ամպի փոշի մը պատեց երեք հեծեալքը եւ ձին, որ պաշարը բարձած էր` կը հետեւեր անբաժան Գազրիկի ձիուն որուն ընկերն էր: Երբ արաբք տեսան սոյլս ընթացքը, որ իրենցմէ կը իսուսէին եւ կը խոտորէին հաջէ ձախ, իրենք էլ խոտորեցան արգիլելու համար: Երկու-երեքը միասին նիզակով Սուրէնի վրայ յարձակուիլ կը պատրաստուէին, որ միշտ առջեւեն կը ձիավարէր, եւ որու նիզակի հարուածը նոցայ առաջինը գլորեցուց առանց շարժէլու ժամանակ թողլու: Գրիգոր նորա օրինակին հետեւելով նիզակի հարուած մը տուաւ իւր վրայ յարձակող աւազակին եւ այնպիսի սաստկութեամբ, որ նիզակը խորտակեցաւ, երբ մարդը գետինն ինկաւ: Իսկ Գազրիկ, որ իւր նիզակը բեռ մը կը համարէր` «Ա՛ռ իշխանիկ» րսաւ եւ Գրիգորի տուաւ: Ենք մուրճը աջն առած` վահանով պատրաստեալ սկսաւ շարունակել իր ընթացքը, վասնզի արաբացի խումբը երկու զոհ տալեն վերջ դադրեցաւ եւ կը նայէր այս երեք անձանց մոլեգին գնացքին եւ, որու հասնիլ կարելի չէր եւ վտանգաւոր էր: Բայց չի թողուց բոլորովին մեր հայոց հետքը: Սուրէն սրատես եւ սրամիտ, երբ տեսաւ, որ արաբը հեռուանց իրենց կը հետեւեր, վայրկեան մը ուշացուց ընթացքը եւ ըսաւ ընկերաց:

Տղա՛ք, մեր առաջը հաւանական թէ թշնամեաց ուրիշ խումբ մը կայ, վասնզի այս անզգամներն անօգուտ մեր ետեւեն չէին գար: Մի՛ թուլանաք, քաջ եղիք: Աստուծով` լաւ սկսանք, լաւ կը վերջացնենք:

Շատ չանցաւ, աւելի բազմաթիւ խումբ մը երեւցաւ, Սուրէն նոյն առաջին գործողութիւնն ըրաւ, խոտորեցաւ արահետեն եւ սկսաւ բացուիլ, քանի որ հեռու էին թշնամիք. նոյնպէս այս արաբք սկսան ճապաղիլ, որպէսզի սոցայ ճամփան արգիլեն, եւ այս անգամ, տեսաւ Սուրէն, որ աւելի դժուար էր գործը, վասնզի հսկայ արար մը ահագին նիզակ ճեռին իւր վրայ կը դիմէր, առանց շփոթելու ուղղեց նժոյգը նորա դէմ, եւ երբ նա նիզակն իրեն կը շեշտեր` մտրակ մը տուաւ ձիուն, հարուածը վահանին վրայեն սահեցուց եւ նիզակը աւազին մէջ մղելով սուրբ հսկային վրայ փայլեցուց: Սա վահանաւ ուզեց արգիլել հարուածը, բայց այնպէս էր Սուրէնի արագութիւնը, որ գլխուն կէսը կտրեց, եւ հսկան գետին զլորեցաւ: Գրիգոր նոյն միջոցին կը կաւեր կատաղի մարդու մը հետ, որ երկու տեղեն վիրաւորուած` արիւնլուայ նիզակի տկար հարուած մը միայն կրցաւ տալ Գրիգորի ձիուն, եւ այդ աննման կենդանին այնպէս զայրացուց, որ կատաղի ընթացք մը առաւ եւ Գրիգոր այդ պատերազմեն դուրս գտաւ ինքզինքը եւ Եփրատի ափանց վյրայ: Սուրէն տեսնելով նորա անհետանալբ, տեսնելով եւ Գազրիկ երկու թշնամեաց մէջ առաջեն ու ետեն զինք շամփրել կը ջանային իրենց նիզակներով եւ կորովի շինականր, որ առջեւինին դէմ իւր վահանը բռնած դիպող առթի կը նայէր մուրճը իջեցնելու, յարձակեցաւ եւ ետեւին սպառնացող վտանգեն ազատեց նիզակի հարուածով մը, ճիշտ նոյն րոպէին, երբ Գազրիկ նաեւ դիմացինին գլուխը ջախջախելով ձի են վար կը գլորէր:

Բայց մեր կորովի զինուորները վտանգեն չէին ազատած. երկու քաջաձի նիզակաւորք կը մօտենային. իսկ Սուրէն պատրաստուելով նոցայ դէմ հարձկելու, ըսաւ Գազրիկի` «Դու զիս թո՛ղ, գնա՛յ սա ուղղութեամբ հասիր Գրիգորի, նա Եփրատի ափունքը գտած պէտք է լինի: Ես եթէ ձեզ հասայ քանի մը վայրկեանէ` լաւ՛, եթէ ոչ անցէք գետը, Հայաստան կը տեսնվփնք, քաջ եղի՚ք, մի՛ յուսահատիք, հայոց աստուածը մեծ է»:

Գազրիկ ճամփան ազատ գտնելով մտրակեց ձին եւ անհետ եղաւ, բայց մէկ քանի րոպէեն լսեց, որ արշաւասոյր մէկը կ'ուգար ետեւեն, իւր արիւնաներկ մուրճը ձեռքը` շրջեց ձիուն գլուխը եկող թշնամուոյն դէմ, բայց իւր ձիուն ընկեր պաշարակիր ձին էր, որ կ'ուգար խխնջելով եւ դափր հատանելով: Ուստի շարունակեց ընթացքը եւ տեսաւ Եփրատայ ափանց քով Գրիգոր, որ իջած կը լվար ձիուն վէրքը:

Իսկ նոքա, որ Սուրէնի վրայ կ'ուգային` տեսնելով նորա իրենց դէմ յարձակելու պատրաստութիւնքը` պաշտպանողական դիրք մը առին եւ իրենց միւս ընկերաց կը նայէին, որ կ'ուգային բազմութեամբ վեց եօթ հոգի միասին իր ճամփան կտրելով, որ չի կարէնայ Եփրատայ կողմն երթալ. իսկ սա տեսնելով նաեւ, որ առաջին խումբը եկեր միւսներուն կը խառնուի, եւ Գրիգոր ու Գազրիկ ազատած են, աստուծոյ յանձնէք զանոնք ու մտրակեց երկու ոտքով, ապահով, որ ոչ ոք իրեն կրնայ հասնիլ, եւ նժոյգն սկսաւ թռանիլ Ամանոսի լեռանց ուղղութեամբ: