Թումայ
ընկողմանեալ
էր
վառարանին
քով,
եւ
ուշադրութիւն
անգամ
չըրաւ
մտնողաց,
որ
յարգանօք
ողջունեցին.
իր
երկու
զինուորները
հոտին
կանգնած–
էին
դռան
քով:
Կ'աղզուանի
աւագերէցը
նստած
էր
վարը
փոքրկացած
յոյն
զօրավարին
ներկայութեան:
Զաւէն
այս
վիճակը
տեսնելով`
քահանան
հրաւիրեց
վառարանին
քով
անցնիլ
նստիլ.
եւ
նկատելով
նորա
դանդաղութիւնը`
օգնեց
նաեւ
թեւէն
բռնելով
եւ
վեր
վարելով,
եւ
նքն
անցաւ
քովը
նստաւ:
Բիւզանդացի
յոյնը
իւր
դիրքին
մէջ
այս
ամէն
շարժմունք
տեսաւ,
եւ
լաւ
իմացաւ
թէ
իր
արհամարհանաց
փոխարէն
պատասխանող
մը
անցաւ
իւր
առաջ,
բայց
չիմանալեն
եկաւ:
Իսկ
Զաւէն,
որ
բաւական
յունարէն
կը
խոսէր,
սկսաւ
հանդարտ
կերպով
ժողովրդեան
գանգատները,
իւր
զինուորներէն
եղած
անիրաւ
պահանջները
առաջ
դնել,
յոյս
յայտնելով
թէ
«իրեն
պէս
բարձր
զօրավար
մը
այնպիսի
անկարգութեանց
ներողամիտ
չէր
կրնար
լինիլ»:
Զաւէնի
այս
վերջին
խօսքերը,
ուր
երգիծանքը
շատ
սուր
եւ
կծու
էին,
յոյնին
բարկութիւնը
այն
աստիճանի
գրգռեցին,
որ
շակուելով
եւ
նստելով`
եւ
խիստ
ակնարկ
ձգելով
Զաւէնի
հարցուց.
—
Դու
որ
զինուորի
կը
նմանիս
կերպարանքովդ,
ո՞ւմ
քով
ծառայած
ես
մինչեւ
հիմա:
—
Իմ
ըսած
խօսքերս
կ'երեւայ
թէ
չի
կրցայ
հասկցնէի
ես
աղաչանք
մը
ըրի,
որ
հրաման
ընէք
զինուորներուն
անիրաւ
պահանջներ
չընելու.
իսկ
դուք
ինձ
կը
հարցնէք
թէ
ո՞ւմ
քով
զինուորած
եմ.
այդ
հարցմունքը
ինձ
զարմանք
կ'ուտայ,
ուստի
ես
էլ
համարձակութիւն
կառնում
ձեզ
հարցնելութէ
ի՞նչ
կը
նշանակէ
այդ
հարցմունքը:
—
Դու
հասարակ
շինական`
կը
համարձակիս
ինձ`
հոռոմ
իշխանի
հարցմո՞ւնք
ընել:
—
Ի՞նչ
յանցանք
կայ
այդտեղ,
մարդ
չգիտցածը
միշտ
իրաւունք
ունի
հարցնել:
Դուք
ինձ
կը
հարցնէք
թէ
ո՞ւմ
քով
ծառայէր
եմ,
նոյնպէս
ես
էլ
հասարակ
շինական
համարձակութիւն
առի
ձեզ
հարցնել
թէ
ի՞նչ
մտօք
այդ
հարցմունքը
կ'ընէք.
չար
միտք
եթէ
ունենայի
կրնայի
հարցնել
թէ
դո՞ւք
էիք
արաբաց
դէմ
այդ
մեծ
յաղթութիւնը
կարգադրողը
թէ
Պրոկոպիոս:
—
Դեռ
նախատե՞լ
զիս
կը
համարձակիս,
անա՛րգ
շինական,
—
ըսաւ
Թումայ
եւ
ելաւ
սուրն
առնելու:
—
Հանդարտ
տեղդ
նստէ,
հոռոմ
իշխան,
—
ըսաւ
Զաւէն
ծանր
եւ
արհամարհոտ
ձայնով
եւ
ամենափոքր
շարժմունք
նաեւ
չընելով.
—
ես
երբ
հոռոմ
իշխան
կ'ըսեմ,
պէտք
է
իմանաս
թէ
իմ
մտքիս
մէջ
այդ
քու
անարգ
շինականներեդ
աւելի
անարգ
բան
մը
կ'իմանամ,
քու
այդ
սուրեդ
վախցող
մարդ
չի
կայ
այստեղ,
ես
գրաւի
կ'ուգամ,
որ
այդ
խեղճ
սուրը
պատեանեն
անգամ
ելած
չէ
տարիներէ
ի
վեր
եւ
ժանգոտած
է:
Իսկ
եթէ
այս
խեղճ
շինականի
սուրը
պատ
եանեն
ելնէ
յանկարծ`
Լուսաւորի՜չ
վկայ,
որ
առանց
քանի
մը
հոգի
հանելու
տեղը
չի
դառնար:
Այն
անշարժութիւնն,
այն
հանդարտ
ձայնը,
այն
արհամարհոտ
կերպը,
որ
Զաւէնի
վրայ
նկատեց
յոյն
զօրավարը,
բաւական
եղան,
որ
կերպը
փոխէ
եւ
ինքզինքը
սանձէի
ուստի
կիրքը
թողուց
եւ
արհամարհանաց
ձեւ
մը
առնելով
նստաւ:
—
Հա՛,
այդպէս
խելօք
նստինք
եւ
մարդու
պէս
տեսնուինք,
դուք
մեր
հիւրն
էք,
մեր
հայրենական
սովորութիւնն
է
հիւրը
պատուել,
բայց
հիւրը
եթէ
աւազակութիւն
ընէ`
դեռ
այն
ժամանակներում
չհասանք
բոլորովին,
որ
անպատիւ
թողունք,
ուստի
հիմա
քեզ
կ'իմացնեմ
բարեկամաբար,
որ
եթէ
այս
վայրկենես
փոքրիկ
բռնութիւն
մը
լինի
աւանիս
մէջ,
բոլոր
յոյները
ջարդել
կ'ուտամ,
եւ
որպէսզի
մեղք
ինձ
չի
համարուի`
ահա
քու
առջեւդ
կը
հրամայեմ.
—
Տէր
Հայր,
—
ըսաւ
աւագերէցին,
որ
իւր
քով
նստած
էր,
—
գնա
շուտով
եկեղեցին,
ամէն
տեղ
իմաց
տուր,
որ
զէն
բերնին
պատրաստ
կենան,
եւ
առաջին
անիրաւութեան
եկեղեցիներն
իմաց
տան
եւ
եկեղեցուոյ
մը
կոչնակները
զարնուած
վայրկենեն
ամէն
ոք
իրաւունք
ունենա
գտած
յոյնը
սպաննելոս
Տէ՛,
իմացա՛ր,
գնա՛:
Քահանան
թեւատարած
ոտք
ելաւ
երթալու,
երբ
Թումայ,
որ
նստեր
մտիկ
կ'ընէր,
ձայնը
եւ
կերպը
փոխելով
մէկեն
քաղցրութեամբ
ըսաւ
քահանային.
—
Դու,
որ
Քրիստոսի
եւ
աւետարանի
աշակերտ
ես
կրնա՞ս
այսպիսի
անգութ
պատուէր
մը
քարոզել:
—
Աւազակներու
պաշտպանութիւն
ո՞ւր
քարոզեց
Քրիստոս,
հոռոմ
իշխան,
—
պատասխանեց
Զաւէն:
Ես,
թագաւոր
եալ
քաղաքը`
Կարին,
Տրապզոն
կախաղաններ
տեսայ
եւ
աւազակներ
կախուած,
ձեր
հոռոմի
Քրիստոսը
աւազակներու
ներողութիւն
չի
քարոզէր
եւ
մեր
հայոց
Քրիստոսը
կ'ուզէ՞ք
որ
քարոզէ:
Հրաման
տուր
քու
մարդոցդ,
որ
անիրաւութիւն
չընեն,
յափշտակութիւն
չընեն,
կանանց
պատուոյն
չի
դպչին,
այդ
անառակ
երգերը
դադրեցնեն.
եւ
երբ
դու
հրաման
տաս`
մէկը
չի
հնազանդի
եւ
դու
պատմես,
այն
ժամանակ
կ'իմանամ
թէ
քու
մարդիկդ
զինուոր
են
եւ
ոչ
աւազակ.
իսկ
եթէ
դու
լուռ
կենաս,
գանգատանաց
ականջդ
խփէս,
գողին
գողակից
կը
չինիս
եւ
ինձ
իրաւունք
կ'ուտաս,
որ
քեզ
եւ
քոյոցդ
ինչ
չարիք
կրնամ
հասցնեմ,
եւ
ինձ
սրբազան
պարտք
կը
դառնա
անիրաւութիւնը
որ
քեզմէ
սկսաւ`
քեզմով
վերջացնեմ.
բայց
դու
եթէ
գիտնայիր
քու
գլխուդ
հասած
վտանգր`
ինձ
պէտք
էր
շնորհակալ
լինէիր,
որ
ժամանակին
եկայ
հասայ.
արդէն
բոլոր
աւանին
բնակիչք
պատրաստուած
էին
զձեզ
ամէնքդ
սուրէ
անցնել,
եւ
կոտորածը
հիմա
այս
վայրկենիս
թերեւս
սկսած
էր,
բարեբախտաբար
ես
եկայ
եւ
արգիլեցի:
Այս
վերջի
խօսքերը
բոլորովփն
կերպարանափոխ
ըրին
յոյն
զօրավարը:
Շուտ
մի
ելաւ
հրամայեց
իւր
զինուորներուն,
որ
երթան
բոլոր
աւանը
իմացնեն
իւր
կողմեն,
որ
ամենափոքր
անկարգութիւն
ընողը
սուրէ
անցնել
պիտի
տար,
եւ
թէ
թոյլտւություն
էր
բնակչաց
բռնութիւնը
բռնութեամբ
վանել
եւ
անզգամին
անզգամութեամբ
փոխարինել:
Եւ
դառնալով
Զաւէնի,
որ
նորա
խօսքերեն
բառ
մը,
շարժմունք
մը
չի
կորցնելով
անշարժ
նստած
էր:
—
Իրօք
շատ
շնորհակալ
եմ,
—
ըսաւ,
—
որ
դու
խոհեմութեամբ
վարուեցար
այս
նիւթիս
մէջ
եւ
արիւնահեղութեանց
պատճառն
արգիլեցիր.
ես
չէի
կրնար
հաւատալ
թէ
մեր
զինուորները
այն
աստիճանի
անիրաւութիւն
ընեն,
որ
բնակչաց
այսչափ
զայրոյթ
պատճառեն.
եւ
շիտակն
ըսելով
ձեզմէ
առաջ
ոչ
ոք
գանգատ
մը
չէր
ըրած:
Ուստի
շատ
գոհ
եմ
ձեզմէ:
—
Այո
խօսքերը`
բիւզանդական
կերպարանքին
վրայ
դիմակ
ծածկելով
ըսելէ
վերջ`
ձեռքը
Զաւէնի
երկնցուց,
որ
այս
շարժմունքը
գուշակելով`
իբր
թէ
այդ
վատ
ձեռքը
չտեսնելով`
դարձաւ
իր
դրացեաց
եւ
ըսաւ.
—
Գնացէք
դուք
էլ,
եղբարք,
հան
դարտեցուցէք
երիտասարդները,
որ
չելլեն
տարիքի
կրակով
բան
մը
հանեն.
լսեցիք
ահա
իշխանին
խօսքերը
եւ
պատուերները,
դուք
էլ
ամէն
փողոցի
զլուխ
զինեալ
պահապաններ
դրէք,
որ
արգիլեն
անկարգութիւն`
ուսկից
որ
գայ.
երթա՛ք
բարով:
Մարդիկը
գոհ
սրտով
ողջունեցին
եւ
ելան
գնացին:
Նոյնպէս
Զաւէն
աչն
ատեն
ելաւ
եւ
ձեռքը
կուրծքին
վրայ
գնելով,
ողջունեց
յոյն
իշխանը
եւ
քաշուեցաւ
իւր
ներքին
սենեակը`
ուր
ընտանիքը
ժողովուած
կը
նստէին.
երախայք
արդէն
քնացած
էին:
Հոն
իր
երեք
տղոց
ապսպրեց,
որ
կարգաւ
գիշերը
պահպանութիւն
ընեն
եւ
դիտեն
յունաց
ամէն
շարժմունքը.
ինք
հեծաւ
իւր
ձին
աւանին
ամէն
կողմը
պտոյտ
մ՚ընելեն`
թաղապետները
տեսնելեն
եւ
զգոյշ
կենալու
խորհուրդ
տալէ
վերջ`
դարձաւ
տուն
հանգչելու
համար
այն
երկար
աւուր
քաշած
մտաւոր
ու
մարմնաւոր
աշխատանքեն:
Առաւօտեան
կոչնակին
ձայնին
ելաւ
Զաւէն
երթալու
եկեղեցի:
Յունաց
համար`
որ
աւազակութիւնը
թողած
հիւր
էին
հիմա`
նախաճաշ
պատրաստեցին
կանայք:
Մատղաշ
տղայք
անկասկած
իրենց
խաղալուն
զբաղած
էին:
Արփենի,
որ
քսանչորս
ժամուան
միջոցին
մէջ
ամէնուն
հետ
բարեկամ
եղած`
էր,
երբ
Զաւէնն
տեսաւ
եկեղեցիէ
դարձած,
դիմեց
իրեն
հարցնելու
թէ`
«Մայրիկը
բերի՞ր»,
իսկ
Զաւէն,
որ
որոշած
էր
սիրակայսնելուտղայն
Կամսարականաց
ամրոցը,
«Ես
քեզ
մայրիկին
պիտի
տանիմ,
սիրուն
Արփենիս»
ըսաւ,
եւ
նա
այն
գաղափարով
մխիթարուած`
ներս,
դուրս,
պարտէզը,
փողոցը
կը
շրջագայէր.
երբեմն
մտնելով
սենեակը,
ուր
յոյն
իշխանը
եւ
Զաւէն
նստած
էին:
Ամէն
բան
յայտնի
կ'ընէր
հոռոմին,
որ
այդ
տղայն
բացի
դիմաց
գեղեցկութենեն`
թէ
իր
զարդերուն
եւ
բեհեզեայ
զգեստներուն,
թէ
իր
մորթի
ճերմկութեան,
թէ
ոտքերուն
ձեռքերուն
մանրութեան,
թէ
իր
համարձակութեան
համար
տարբերութիւն
մը
ունէր
ուրիշ
տեսած
տղոցմեն:
Ազնուականութեան
կնիքը
ճակտին
վրայ
դրոշմուած
էր,
եւ
որ
իրեն
աւելի
հաճելի
էր,
յունարէն
նաեւ
եւ
կը
խոսէր,
վասնզի
նախարարական
տուներ
ինչպէս
երբեմն
պարսկերէն`
նոյնպէս
յունարէն
խօսելու
սովորութիւն
մտած
էր
ժամանակներէ
ի
վեր
եւ
շատ
պալատներու
մէջ
յոյն
ուսուցիչներ
եւ
դայակներ
կը
գտնուէին:
Զանազան
խօսակցութիւններէ
իմացաւ
նաեւ
թէ
որբ
աղջիկ
մ՚է,
ուստի
անզգամ
խորհուրդ
մը
յղացաւ
մտքին
մէջ,
եւ
երբ
բոլոր
աւանը
զբաղած`
ամէն
ոք
կէս
աւազակ,
կէս
զինուոր
յունաց
վրայ
ուշադրութիւն
կը
դարձնէր,
յոյն
իշխանը
Արփենիի
հետ
կզբօսնուր,
կը
խոսէր,
կատակներ
կ'ընէր
եւ
յանկարծ
երբ
մէկ
միջոց
մը
մենակ
էր
իր
երկու
սպասաւորաց
հետ,
տղան
պառկեցուցին.
բերանը
թաշկինակ
մը
խցկեց`
լաւ
մի
փաթաթեց,
որ
չի
կարէնայ
շարժիլ
եւ
պարկի
մը
մէջ
դնելով`
իրեն
ուրիշ
կարասեաց
պէս
իւր
ծառայից
մէկուն
շալակը
տուաւ
եւ
ինք
ձի
հեծնելով
արտորնօք,
բիւզանդական
ծիծաղով
Զաւէնն
ու
կաղզուանցիք
ողջունեց
եւ
Բասեան
գաւառի
ճամփան
ինկաւ:
Երբ
աւանեն
դուրս
ելաւ,
հինգ-վեց
ձիաւոր
իւր
սպասաւորներէն
հետը,
քանի
մը
վայրկեան
սաստիկ
արշաւանքով
հեռացաւ
իւր
փախստական
գունդեն.
ան
ատեն
հանեցին
խեղճ
տղեկը
իւր
սոսկալի
պարկեն,
տեսան,
որ
մօտ
էր
խեղդուելու,
հանեցին
բերնի
խցիկը,
եւ
թէպէտ
մարած
եւ
ինքզինքեն
ելած`
բայց
իշխանը
առաւ
նժոյգին
վրայ,
կը
քշէր
կատաղութեամբ,
երբ
գիւղ
կը
հասնէր`
իւր
լայն
վերարկուին
տակ
ծածկած
խեղճ
որբը
կ'անցնէր
արագութեամբ,
որպէսզի
այս
սոսկալի
գողութեան
հետք
մը
չի
ձգէ:
Վերջապէս
ամայի
տեղ
մը
ջուրի
մը
քով
իջաւ
ձիեն,
տղուն
քիչ
մը
ջուր
տուաւ
խմելու,
արիւնոտ
բերանը
լուաց.
գոյն
չէր
մնացել
սիրուն
տղեկին
երեսը,
աչքերը
մարած
էին
բոլորովին,
գլուխը
չէր
կրնար
բռնել.
հարցուց
թէ
բան
ուտել
կուզե՞ր.
երբ
պատասխան
չառաւ,
հեծաւ
ձիուն
վրայ,
աւաւ
տղեկը
թիկնապահաց
մէկուն,
որ
բարեբախտաբար
աւելի
բնական
գթած
սիրտ
ունենալով
ինչչափ
կարելի
էր
ջանաց
քիչ
չարչրկել,
մինչեւ
հասան
Կարին.
հոն
ամիս
մը
հիւանդ
պառկելէ
վերջ,
հազիւ
թէ
առողջացաւ,
եւ
գարնան
արեւն
իր
աչաց
կենդանութիւն
բերաւ:
Բայց
այս
միջոցիս
ի՞նչ
ըրաւ
Զաւէն.
երբ
տեսաւ
թէ
Արփենին
չի
կայ.
բոլոր
Կ'աղզուան
վեր-վար
ըրաւ,
ամէն
ծակ,
ամէն
խոռոչ
խոյզ
եւ
խնդիր
եղաւ
եւ
երբ
ամէն
յոյս
կտրուեցաւ`
խեղճ
զինուորը
ձեռքը
ծնօտին
դրած
յուսահատութեան
արցունք
կը
թափէր,
կը
հարցնէր
Երասխայ
ալիքներուն,
կը
հարցնէր
երկնքի
թռչուններուն,
ամէնքն
անտարբեր`
պատասխան
չէին
տար:
Վերջապէս
յուսահատ
կ'երթար
եկեղեցի
ժամերով
կ'աղօթէր
եւ
տխուր
տուն
կը
դառնար:
Շաբաթն
անգամ
մը,
կը
հեծնէր
ձին,
կ'երթար
լճին
քով
կը
նստեր`
անթարթափ
կը
նայէր
կղզին
եւ
կը
դառնար,
իսկ
երբ
լիճը
կատարեալ
սառեցաւ`
իւր
Տիկնոջ
գերեզմանին
վրայ
արտասուք
կը
թափէր
եւ
կը
դառնար:
Օր
մը,
որ
մեծ
պահոց
երկրորդ
կիրակին
էր,
ելաւ
դուրս,
մտածութիւն
մը
զինք
բոլորովին
գրաւէր
էր.
հազիւ
ճաշն
ըրաւ`
ձին
ուզեց
եւ
գնաց
այն
ճգնաւորաց
մենարանը,
որոց
դիմէր
էր
իւր
վիրաւորը
դարմանելու
եւ
մեռելները
թաղելու
համար:
Առաւ
նոցայ
վանահայրը,
հեծուց
իւր
ձիուն
վրայ
եւ
իջեցուց
լճին
քով.
սառած
ջուրին
վրայեն
քայլելով
բերաւ
Բիւրեղի
գերեզմանին
վրայ,
հանգստեան
կարգ
մը
կատարել
տալեն
վերջ`
խնդրեց,
որ
Աւետարանը
գերեզմանին
սառած
հողին
վրայ
դնէ
եւ
բանայ,
Վանահայրը
միամտաբար
բացաւ,
Զաւէն
մատը
դրաւ`
«Կարդա՛յ,
Հայր
Սուրբ,
սա
խօսքը»,
—
զրուցեց.
«Խնդրեսջիք
եւ
տացի
ձեզ,
հայցեցէք
եւ
գաջիք,
բախեցէք
եւ
բացցի
ձեզ.
զի
ամենայն
որ
խնդրէ`
առնու
եւ
որ
հայցէ`
գտանէ
եւ
որ
բախէ`
բացցի
նմա:
(Ղուկաս
գլ.
ժայ.
9)»,
—
կարդաց
քահանան:
Զաւէն
ձեռքերը
երկինք
տարածեց`
«Փա՜ռք
քեզ,
աւստուած
իմ»,
—
աղաղակեց:
Այն
րոպէին
կարծես
ծերը
երիտասարղացաւ,
իր
աչաց
կորովն
եկաւ,
եւ
երբ
տուն
դարձաւ,
ամէնքը
փոփոխութիւնը
տեսան
եւ
զարմացան.
առջի
մարդն
էր
իւր
կնոջ
համար,
առջի
հայրիկն
էր
իւր
զաւկներուն,
առջի
Զաւէն
եղբայրն
էր
իւր
դրկիցներուն
եւ
բարեկամաց
համար:
Զատիկը
կատարեց
ուրախ,
զուարթ
իւր
ընտանեաց
եւ
ազդականաց
հետ,
եւ
չորեքշաբթի
առաւօտուն
հասարակ
մշակի
զգեստներ
հագած,
մախաղ
մը,
վերարկու
մը,
երկսայրի
կարճ
սուր
մը
գօտիին
մէջ
ծածկած,
տրեխներ
ոտքը
եւ
գաւազան
ի
ձեռին,
ժողովեց
կինը
եւ
զաւկները,
խրատեց
զամենքը,
ապսպրեց
մորերնուն
միշտ
հնազանդ
լինիլ,
րենց
մեծ
եղբայրը
յարգել
եւ
մեծարել,
զնայ
էլ
յորդորեց
ամէնուն
հետ
քաղցրութեամբ
եւ
սիրով
վարուիլ,
օրհնեց
զամենքը,
համբուրեց
մէկիկեւմէկիկ
եւ
ելաւ
երթալ
իւր
կորուստը
փնտրելու:
Մենք
թողունք
Զաւէն
Կարնոյ
ճամփուն
վրայ,
եւ
երթանք
փնտրել
Գրիգոր
ու
Սուրէն,
որոց
դիակունք
չի
գտնելով
նա`
յոյս
ըրած
էր
թէ
օր
մը
երբ
իշխանիկը
դառնար,
Արփենին
գոնէ
իրեն
պիտի
ներկայացնէր,
միայնակ
եւ
սիրասուն
նշխար
Մամիկոնեան
հայրենի
ճոխութեան
եւ
հրեշտականման
մօր
եւ
քրոջ:
Վիրաւորը
մեզ
պատմեց
թէ
ինչպէ՞ս
Սուրէնի
եւ
Գրիգորի
ձիաւոր
խումբը
Վարդանաբերդի
հրդեհը
տեսնելով
դիմէր
էին
հոն
նահանջի
ճանապարհ
միշտ
իրենց
յուսալով,
եւ
թէ
ինչպէս
թշնամուոյն
բազմաթիւ
հեծելոց
խումբր
վրայ
հասնելով`
շրջապատեալ
յամենուստ
սկսած
էին
պատերազմիդ
Սուրէն
քանի
մը
հողի
կ'որսնցնելեն
վերջ
իր
խումբեն`
տեսնելով
անխուսափելի
վտանգը
փոքրիկ
բլուրի
մը
վրայ
քաշուեցաւ
իրեններով,
այդ
բլուրը
Վարդանաբերդի
գերեզմանատունն
էր,
քիչ
հեռաւորութեամբ:
Այդ
զերեզմանոցին
մէջ`
մահարձանները
պատնէշ
առած`
յուսահատ
կռուով
իրենց
կեանքը
թանկ
ծա
խել
որոշեցին
հայ
փոքրիկ
խումբը.
Սուրէնի
հզօր
ձայնը`
«Տղա՛ք,
մեռնի՜նք,
բայց
մեռցնենք
եւ
այնպէս
մեռէինք
քաջութեամբ»,
կ'որոտար
ամէնուն
ականջին.
այդ
քառասուն-յիսուն
հոգին
շրջապատ
եալ
հազարներէ,
այնպիսի
դիմադրութիւն
ըրին
եւ
այնպիսի
կատաղութեամբ
կռուեցտն
երկու
ժամ,
իրենց
աղեղներէն
ելած
նետերը,
իրենց
պարսատիկներէն
ելած
քարերը
այնպէս
կը
հարուածէին
հեռուեն,
եւ
յարձակումներու
դէմ
իրենց
վաղակաւորներն
ու
մուրճերը
այնպիսի
հարուածներ
տուին
թշնամուոյն
մօտեն,
որ
Շէյխ
Ալի
այդ
քաջութեան
վրայ
հիացած
ղադրեցուց
յարձակմունքը
եւ
պատգամաւոր
մը
յուղարկեց
յայտնելով
թէ`
«Ինք
պատրաստ
էր
իրենց
կեանքը
շնորհել
եթէ
անձնատուր
լինին»:
Եւ
կէս
ժամ
միջոց
կ'ուտար
մտածելու:
Սուրէն
դաշնադրութեան
մտնելու
յանձնառու
եղաւ.
բայց
արաբը
պայման
մը
միայն
ունէր.
«կեանք
միայն
շնորհել».
երբ
Սուրէն
զիջանիլ
յանձն
առաւ,
իրեն
դէմ
անկարծելի
դժուարութիւն
մը
ելաւ:
Գրիգոր
որ
առիւծի
պէս
եւ
իւր
հասակեն
վեր
պատերազմէր
էր,
«մեռնի՜նք»
բառեն
զատ
բերնեն
ուրիշ
խօսք
չէր
հանէր,
այդ
հայրենի
պալատան
բոցն
ու
ծուխը
զինք
համոզած
էին
թէ
իր
մայրը
եւ
քոյրերը
մեռած
էին,
ուստի
«մեռնի՛նք,
մեռնի՛նք»
կը
կրկներ:
Սուրէնի
բոլոր
ազդեցութիւնը
անօգուտ
պիտի
լինէր`
եթէ
ամէն
պատերազմողք
վերջապէս
յանձն
չառնուեն
գերութիւնը
կենաց
հետ
փոխանակել:
Ուստի
պատանին
երբ
մինակ
մնաց
եւ
ամէնքը
զէնքերը
թողին,
ինք
այն
րոպէին
ինկաւ
գերեզմանի
մը
վրայ,
եւ
արտասուաց
հեղեղ
մը
սկսաւ
իջեցնել.
բոլոր
Սուրէնի
յորդորներուն
եւ
ապագային
համար
տուած
յոյսերուն
պատասխան
անգամ
չի
տուաւ:
Մամիկոնեանց
սերունդը
է՛լ
անզգայ
եղաւ
շղթայներու,
ինչպէս
անզգայ
էր
իւր
քեռուոյն
ձայնին,
որ
քաղցրութեամբ
«Որդեակ
Գրիգոր,
այս
օրերս
էլ
կանցնին,
դժբախտութիւնը
ինչչափ
որ
սոսկալի
լինի
մշտնջենաւոր
չի
կրնար
լինիլ»,
—
կ'ըսէր:
Բայց
պէտք
էր
կ'ամա-ակամայ
անողոք
բախտին
հնազանդիլ,
մանաւանդ
որ
կը
տեսնէր
Սուրէն,
այդ
մարդը,
որուն
վրայ
երբեք
կեանքին
մէջ
շողոքորթութիւն,
փոքրկութիւն,
վատութիւն
չէր
նշմարած,
լռութեամբ
եւ
անմռունչ
կը
տանէր
նախատանաց,
հայհոյութեանց
եւ
հարուածոց:
Այդ
աննկուն
Կամսարականը,
որ
անտարբեր
էր
իր
անձին
համար
յամենայնի,
միայն
այն
խնդրէր
էր
Շէյխեն,
որ
զինք
այդ
պատանուոյն
չի
բաժնէ,
եւ
արաբը
խոստացաւ
եւ
խոստմունքին
վրայ
կեցաւ:
Բոլոր
այդ
դաժանելի
ուղեւորութեան
մէջ,
ծանրաբեռն
եալ
շղթայուք,
շատ
անգամ
հետի,
դատապարտեալ
եղանակաց
խստութեան,
անօթութեան
եւ
ծարաւի,
ինքզինք
զրկելով
հացին
պատառեն,
ջուրին
կաթիլեն,
ծնողական
խնամքով
հազիւ
կրցաւ
ողջ
հասցնել
զգրիզօր
Կ'ոգովտի
գաւառներէն
Դամասկոսի
շրջակայքը,
ուր
էր
Շէյխ
Ալիի
բնակութեան
վայրը:
Հոն`
այդ
գերութեան
շղթայներուն
մէջ
թողլով
այս
մեր
երկու
նախարարազունքը,
դառնանք
Հայաստան,
որուն
մասամբ
ոտնակոխ
եւ
եղերական
վիճակը
յայտնի
եղաւ
բաւական
մեր
մինչեւ
հիմա
տուած
նկարագրեն:
Տեսանք
թէ
ինչպէս
երջանիկ
տուներ
բարձր
եւ
խոնարհ,
ինկան`
կ'ործանեցան
եւ
հիմնահատակ
եղան
դժոխային
արշաւանքի
մը
սաստկութեան
առաջ:
Տեսանք
նաեւ
թէ
այն
Յունական
կայսրութիւնը,
որ
երկրին
տէր
ինքզինք
կը
համարէր`
ինչպէս
պաշտպանեց
երկիրը,
—
տեսնենք
հիմա
թէ
նոքա,
որոնց
պարտքն
էր
իրենց
անձանց
եւ
ազդին
վրայ
հսկել,
ինչպէ՛ս
իրենց
պարտաւորութիւնը
կատարեցին: