Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այդպէս է անտառաց մէջ տերեւներու սերունդը, եւ այդպէս նաեւ մահկանացուացը: Տերեւներէն ոմանք` քամին գետին կը թափէ, եւ ոմանք կանաչ անտառը կը բողբոջէ` երբ գարնան եղանակը հասնի, այդպէս մարդկանց սերունդք երբեմն կը ծաղկին, երբեմն կը վերջանան:

ՀՈՄԵՐՈՍ

Թէոդորոսի հետ իջած պատանդներն ի Դամասկոս հազար եօթ հարիւր եօթանասունհինգ հոգի, բոլորն էլ ազնուական, բոլորն նախարարական, երբ Մուշեղ եւ Համազասպ ապստամբեցան չի կրնալով դիմանալ մահմեդական բռնութեան, մէկ օրուան մէջ ջարդ­վեցան հասորիս: Եւ ինքն Մուշեղ Թէոդորոսի պէս վերջացուց իր կեանքը օտարութեան մէջ, գերութեան դառն հացն ուտելով, հարաւի խորշակեն հալած, աչքերը հիւսիս դարձուցած` փրկութեան սպա­սելով, որ չէր հասնէր:

Նախախնամութեան խրատներն էին սոքա, բայց դժբախտաբար անօգուտ անցան: Մարդ եթէ չի խրատուիր իւր հարց, իւր նախնեաց օրինակեն, չուսնիր նոցայ պատմութիւնը, կ'ինկնի նոյն սխալա­նաց մէջ, կը մատնուի նոյն տառապանաց, նոյն տանջանաց: Մար­դուս յատկութիւնը եւ հանասնոց տարբերութիւնը` ասուն լինիլը չէ, այլ անցեալեն խրատուելովդ օրաւուր կատարելագործուիլն է, որուն յառաջադիմութիւն ըսէր են:

Հայոց իշխեցողք նախարար, կաթողիկոս եւ իշխան շատ անգամ կը տեսնենք պատմութեան մէջ, ման աւանդ այն ժամանակին պատ­մութեան եւ նորա շարունակութեան մէջ, ամուր եւ անառիկ դիրքերու վրայ վանքեր, դղեակներ, բերդեր եւ ոստաններ կը շինէին իրենց առանձին եւ անձնական պահպանութեան համար, ընդհանուրին մտածող շատ քիչ կը գտնուէր, եթէ գտնուէր` այդ ընդհանուրը ծա­ռայեցնելու նպատակ միայն ունէր:

Ընդհանուրի համար եթէ մտածէին, իրենց շէնքերը թերեւս զի­րենք պահպանէին, բայց իրենք հասկնալ չուզելով այդ, փառաւոր շէնքերը վանք, եկեղեցի եւ պաատ աւերակ, յափշտակութիւնդ ախոռ սրբապիղծներու եւ անօրինաց կը տեսնենք:

Մամիկոնեան Գրիգորի շինութիւնքը Զաքարէի եւ Իւանէի ձեռոք նորոգեալ, դարձեալ կիսաքանդ տեսանք, որ ժողովուրդն ընկերու­թեամբ կը շինէր եւ աւերակներուն մէջեն կը կենդանացնէր եւ ինչ որ Գրիգոր չէր ըրած` այն կը հաւելուր: Ուսումնարան ի Հառիճ:

ժողովրդեան միաբանական ոգի եւ ուսումնարան, այս երկու բան կարող են հայ ազգին կենդանութեան շունչ բերէր

Համերաշխութիւն ( solidar ité ) բառին գաղափարը չի կար, նոր բառ է, հայ երիտասարդութիւնը մտուց այս բառը լեզուին մէջ, ուստի գաղափարն էլ մտած է. վասնզի կօգնէ իւր ազգի երկրին հաւատարիմ եղբարց, իւր քիչ գիտութիւնը կ'ուտայ ձրիաբար նոցայ, որ ծարաւի են ուսման, իւր լուման կ'ուտայ նոցայ, որ նօթի են հացի: