Գրիգոր
տխուր
էր`
վասնզի
մարդուս
կեանքին
մէջ
վիճակի
անորոշութիւնը
հիւանդութիւն
մ՚է,
մանաւանդ
երիտասարդութեան
մէջ
երկայն
են
օրերը
որ
կանցնին,
եւ
ժամանակը
երբ
կը
թռչի`
կը
սլանայ
մէկ
կողմեն,
միւսեն
կըսէ
երիտասարդին`
«Սպասէ,
յուսա,
քեզի
էլ
կ'ուգայ
յաջողութեան
կարգը,
քու
բոյնդ
էլ
կը
շինուի,
կ'ուգայ
ատեն,
որ
երազներդ
իրագործուին»:
Եւ
նա
կը
յուսա,
կերազէ,
երջանկութեան
դրախտներու
մէջ
կանցնէ
ծանր
երեւակայութեամբ,
առասպելներ
կը
շինէ,
եւ
նոյն
միջոցին
նիւթական
աշխարհքիս
մէջ
կը
կռուի
տաժանելի
պատերազմը,
կը
ջանայ
կործանել
արգելքները,
որ
պարագայներն
իրեն
դէմ
կը
ստեղծեն,
յաջողութիւնք
եւ
ձախողութիւնք
իրարու
կը
յաջորդեն,
կեանքն
էլ
կ'անցնի,
մինչդեռ
երիտասարդութեան
գարունն
էլ
կ'անցնի
շատերուն
համար,
զարուն,
որոյ
շատ
անգամ
ծաղկունք
ջարդուած
կարկտի
հարուածէ,
խամրեալ
կիզիչ
արեւէ,
ամայի
պարտէզի
տխուր
կերպարանին
կը
ցցնեն:
Բարեբախտութիւն
մ՚է
նաեւ
երբ
երիտասարդութիւնը
ունի
անուն
մը,
ունի
ժառանգութիւն
մը,
ունի
պաշտպան
մը,
ունի
հայրենիք
մը,
ունի
կին
մը,
որ
զինք
կը
սիրէ.
կենաց
դժուարութիւնք
այն
ատեն
կը
դիւրանան
անոնց
համար,
որ
իրեն
բախտեն
աւելի
մեծ
սիրտ
մը
կը
զգան
հինքեանս,
որ
ուժով
կը
բաբախէք
Գրիգոր
մեծ
անուն
մ՚ունէր,
բայց
իւր
հօրեղբայրը
զայն
իրեն
կը
զլանար,
ժառանգութիւն
ունէր,
որ
իւր
ազզականք
գրեթէ
յափշտակէր
էին,
պաշտպան
մ՚ունէր,
որ
գրեթէ
երկու
տարի
կը
կորուսէր
էր
եւ
կենաց
նշան
չէր
տար,
—
կին
մը`
դեռահաս
աղջիկ
մը
կար,
որ
զինք
կը
սիրէր,
ահա
հոն
էր
իւր
միմիայն
մխիթարութիւնը:
Բայց
այդ
սէրը
նաեւ
ունէր
արգելքներ,
եւ
ինք
քաջ
թշնամեաց
առջեւ
չէր
զգար
քաջութիւն
համարձակիլ
զրուցելու
կնոջ
մը`
նորա
մօրը,
թէ
«այդ
աղջիկը
կը
սիրեմ,
գա
իմս
է»:
Եթէ
իւր
պաշտպանը`
Սուրէն
հոն
լիներ…
Բայց
ուր
էր
Սուրէն
որ
կովի
մը,
գինուց
շկահմանց
մէջ
կորսուէր
ձայն
չէր
տար:
Եթէ
ողջ
է`
ինչպէ՞ս
մոռացեր
էր
իւր
սիրելի
քեռորդին:
Մեռա՞ծ
կամ
դարձեալ
գերութեան
էր
մատնուած:
Բայց
այդ
մարդը
յաջողակ,
յանդուգն,
որ
դժուարութիւն
մը
չէր
արգիլեր,
այդ
մարդը
չէր
կրնար
մեռնիլ.
—
Գրիգորի
համոզմունքն
այդ
էր:
Մենք
Սուրէն
թողինք
իւր
փրփրերախ
երիվարին
վրայ,
որ
կը
դիմէր
սրընթաց
Ամանոսի
լեռը,
արաբացի
հալածիչ
գունդը
ետեւին,
որու
ձեռքեն
ազատիլն
յայտնի
էր
իրեն`
երբ
անգամ
մը
փոքրիկ
միջոց
թողուց
իւր
եւ
նոցայ
մէջ:
Բայց
միշտ
այն
կը
խորհեր
թէ
այս
իրարու
յաջորդող
խումբերը
միթէ՞
մեծ
գունդի
մը
յառաջապահք
չէին:
Այս
մտածութեամբ
ահա
ձիուն
զօրութիւնը
կը
խնայէր
եւ
կը
փափագէր,
թէ
ինչ
որ
պիտի
գայ
թող
գայ,
որպէսզի
այս
տարտամ
վիճակեն
ազատի
քանի
որ
ինք
եւ
ձին
դեռ
կտրէին
տոկալ,
վասնզի
իւր
եւ
կենդանուոյն
պաշար
չէր
մնացեր:
Արեւն
սկսաւ
խոնարհիչ,
եւ
երկիրն
սկսաւ
փոխուիլ.
բարձունք
երեւեցան
եւ
ինք
վերջապէս
աւազը
թողուց
եւ
ամուր
հողի
վրայ
սկսաւ
երթալ,
վտանգը
թեթեւցած
էր,
վասնզի
կ'երեւակայէր,
որ
արաբն
այդ
երկրները
կոխելով`
քրիստոնեան
բարձունքը
քաշուած
էր.
տեղ-տեղ
հիւղեր
կը
նշմարուէին,
եւ
տեսաւ
երկու-երէք
հետեւակ
մարդիկ,
որ
դէպի
կիրճ
մը
կ'ուղղուէին,
շտապեց
ձին
եւ
հարցուց,
թէ
մօտ
բնակութիւն
կա՞ր.
նոցայ
կասկածոտ
նա
յուածքր,
զգեստներուն
աւելի
մաքրութիւնը,
զէնքերուն
ձեւը
յայտնի
ըրին
թէ
քրիստոնեայ
ասորիք
էին,
ուստի
առանց
սպասելու
նոցայ
պատասխանին`
«Ես
քրիստոնեայ
եմ,
-
ըսաւ,
–
ինձմէ
մի՛
կասկածիք,
եթէ
դուք
քրիստոնեայ
էք
զրուցեցէք
համարձակ»:
Մարդկանց
վստահ
ձեւը
եւ
ուրախութիւնը
նաեւ
յայտնեց
թէ
քրիստոնեայ
էին,
ինչպէս
խոստովանեցան,
բայց
իմացուցին
թէ
այն
օրերը
շատ
վտանգաւոր
յարձակումներ
կրած
էին
յարաբաց,
եւ
թէ
մօտերը
նոցայ
աւազակաց
խումբեր
կը
թաււառէին
եւ
թէ
իրենք
Մարտայիթ
ըսուած
քրիստոնեայք
էին,
որ
Լիբանանու
եւ
Ամանոսի
մէջ
ամրացուած
կը
կռուէին`
այն
կողմերը
միակ
պատուար
մնացած
քրիստոնէութեան:
Սուրէն
ապահովեալ
էր
յարաբաց,
գնաց
հիւր
եղաւ
այն
գիշեր
նոցայ
լեռնային
խրճիթներուն
մէջ,
իմացաւ
թէ
Կ'իլիջայի
մօտերն
էր,
ուստի
հանգստացաւ,
եւ
առաւօտուն
ելաւ
ուղղուեցաւ
հանտիոք
Կ'ոմակենի,
վասնզի
կուզեր
ժամ
առաջ
հասնիլ
քաղաք
մը,
որ
կարէնար
իւր
ազգայիններէն
մարդ
գտնել,
եւ
կը
յուսար,
բայց
երբ
հասաւ
քաղաքը
գրեթէ
անապատ
էր,
ինչպէս
բոլոր
ասորուոց
քաղաքները,
ամէն
ոք
ինչքն
առած`
լեռներն
ելեր
եւ
հիւղաբնակ
էր
եղեր.
հազիւ
քանի
մը
կրպակ
կային,
ուր
կենաց
ամենակարեւոր
պիտոյք
կը
գտնուէին,
ուստի
ինք
նաեւ
Գերմանիկ
երթալու
համար
Ամանոսի
ճամփան
բռնեց,
բայց
հազիւ
ժամուան
չափ
հեռացեր
էր
լքեալ
քաղքեն`
բլուրի
մը
վրայ
բարձրանալով
տեսաւ
որ
երկու
խումբ
կատաղաբար
կը
կռուէին
իրարու
հետ:
Իւր
վարժ
եւ
սուր
աչքը
որոշեց
մահմեդական
արաբացին
եւ
քրիստոնեայ
ասորին,
առանց
վայրկեան
մը
տատամսելու
յարձակեցաւ`
մտաւ
այդ
խառնուրդին
մէջ,
իւր
զգեստներուն
պերճութիւնը
կամ
արաբ
նժոյգը
չէր,
որ
քրիստոնեայ
եւ
մահմեդական
զարմանոք
եւ
սոսկմամբ
շփոթեց,
այլ
իւր
ահագին
սուրին
փայլը
եւ
արագութիւնը,
որ
արեան
գետեր
կը
հոսեցնէր,
երկու
կողմը
գերմարդկային
էակ
մը
զինք
կարծեցին,
եւ
երբ
մահմեդական
գնդին
պարագլուխը
նաեւ
կայծակնահար
ինկաւ
գլորեցաւ
իւր
Սուրէն
երկու
ճզքուած,
հեթանոսաց
զօրքը
ցանուցիր
սկսան
փախչիլ,
յաղթութիւնը
քրիստոնէից
եղաւ,
ամէնքն
օւսաննաներով
Սուրէնի
ձիուն
առջեւ
կը
տարածէին
իրենց
վերարկուները
եւ
գովասանութիւն
երգերով
կ'առաջնորդէին
Ամանոսի
լեռը,
որ
այն
ժամանակներէն
եւ
մահմեդականաց
«Կեաւուռ
տաղը»
անունն
ստացաւ:
Այդ
օտարականը,
որ
քրիստոնեայ
էր
եւ
արաբական
ոչինչ
չունէր
բացի
իւր
զէնքերեն,
ձիեն
եւ
զգեստներէն,
որ
այն
նեղ
վայրկենին
իրենց
օգնութեան
հասեր
էր,
եւ
որ
այնչափ
քաջութիւն
եւ
յաջողութիւն
ունէր,
իբրեւ
սուրբ
կամ
իբրեւ
երկնային
էակ
սկսան
նկատել
այդ
լեռնականք
եւ
կը
խնդրէին,
որ
չթողու,
չերթայ.
այլ
մնա
իրենց
քով,
լինի
իշխան
եւ
զօրավար:
Հազիւ
հասան
իրենց
լեռնային
գիւղը,
որ
Ամանոսի
ըարձանց
վրայ
զետեղեալ
խրճիթներու
հաւաքմունք
մ՚էր,
ի՛նչ
պատիւ
եւ
ի՛նչ
յարգանք
որ
կրնային
մատուցին,
կանայք,
աղջկունք,
երբ
կ'անցնէր,
մատնանիշ
զինք
կը
ցցնէին,
եւ
ծերերու
պատկառելի
խումբը
բոկոտն
կը
մօտենար
իրեն,
մինչեւ
եկաւ
հրապարակի
նման
տեղ
մը,
ուր
ընդարձակ
խրճիթ
խաչի
նշան
վրան`
կը
յայտնէր
թէ
եկեցեղին
եկած
էին:
Հոն
ասորի
եպիսկոպոս
մը
իւր
եկեղեցական
դասուն
հետ
խաչիւ
եւ
Աւետարանաւ
զինքն
ընդունեց:
Սուրէն
այս
կրօնական
նշաններուն
առջեւ
իջաւ
ձիեն
եւ
արժանի
երկրպագութիւնը
մատոյց,
բայց
խնդրեց,
որ
իրեն
հանգստեան
տեղ
ցցնեն,
վասնզի
յոգնած
էր
կ'ըսէր,
եւ
մանաւանդ
թէ
յոգնած
էր
այն
ցոյցերէն
եւ
չէր
ուզէր
յայտնել:
Գիւղին
ամենալաւ
խրճիթը
տուին
Մարտայիթք
Սուրէնի,
որ
շէնքովն
թէպէտ
հասարակ
եւ
անտաշ
փայտերու
կերտուած
մ՚էր
երկու
դռներով
առանց
պատուհանի,
որոց
մէկը
պայծառ
վտակի
մը
վրայ
կը
բացուէր
դարաւոր
կաղնիներով
հովանաւորեալ:
Ճաշի`
խորովածն
ու
գինին
առատապէս
առաջը
դրին,
եւ
ոչ
ոք
սեղանին
չմասնակցեցաւ
ի
նշան
յարգութեան
եւ
ոչ
եպիսկոպոսն,
որ
խոնարհաբար
նստած
էր
հեռու
ժողովյյդեան
ծերակոյտին
հետ:
Սուրէն
հարցուց
իրենց
վիճակը
եւ
իմացաւ
թէ
այդ
ժողովրդեան
մեծ
մասը
մահմեդական
կ'ատաղութենեն
փախած
այդ
լեռներուն
ապաստանեալ`
գրեթէ
շարունակ
պատերազմի
մէջ
էին
եւ
թէ
օրաւուր
յուսահատութիւնը
կը
տիրէր
իրենց
վրայ,
վասնզի
Հերակլ
կայսեր
Ասորիք
թողլով
երթաւեն
եւ
մեծին
Անտիոքայ
իջնելեն
վերջ`
նոր
կորուստ
մը
նաեւ
ունէին,
իրենց
իշխանը,
որ
շատ
քաջ
մարդ
էր`
մեռէր
էր
դարանամուտ
մահմեդականաց
ձեռոք,
եւ
նոր
դժբախտութիւն
մը
նաեւ
հիմա
կը
հասնէր
իրենց
այն,
որ
Կոստանդին
կայսրը`
Հերակլի
թոռը,
իրենց
ղրկէր
էր
հաւատոյ
դաւանութիւն
մը,
եւ
որ
իրենց
բոլոր
աստուածաբանք
հերետիկոսական
գտնուելով
չէին
ընդունէր,
բայց
դարձեալ
թուղթ
մը
հասեր
էր
կայսրեն
նոյն
այն
միջոցին,
որ
կը
հրամայէր
խստիւ
ընդունիլ
իւր
առաջարկած
դաւանութիւնը`
սպառնալով
ջնջել
զիրենք
աշխարհքիս
վրայեն:
Այսպէս
մէկ
կը
սղմեն
մահմեդականութիւնն
կը
սպառնար
իրենց,
միւսեն`
բիւգանդական
նոր
հերետիկոսութիւնր:
Ինչ
ընելնին
շփոթած
էին:
Սուրէն
պարտաւոր
եալ
համառօտ
պատմեց
իր
արկածքը,
եւ
երբ
ամէնքը
քաշուեցան,
զնացին,
իջաւ
վտակը,
լուացուեցաւ,
եւ
քանի
մը
ժամ
քունէ
վերջ`
կաղդուրեալ
արթնցաւ:
Երբ
կը
պատրաստուէր
ելնել
շրջան
մ՚ընելու
գիւղին
մէջ,
ահա
եպիսկոպոսը
եւ
ծերերու
խումբը
եկան
դարձեալ,
եւ
այս
անգամ
կողովներով
արմաւ,
փւիստակ,
չամիչ
եւ
ուրիշ
այսպիսի
չոր
պտուղներու
ընծաներով
իրեն
ներկայացան,
խնդրելով,
որ
զիրենք
չթողու,
այլ
մնա
իրենց
բով
եւ
հանգուցեալ
իշխանին
տեղ
տիրէ
այդ
լեռներուն,
խոստանալով
հաւատարմութեամբ
ծառայել
իրեն:
Այսպիսի
առաջարկութիւն
մը
Սուրէնի
ծիծաղ
եւ
բարկութիւն
բերաւ
միանգամայն,
բայց
ինքզինք
սանձել
խոհեմութիւն
համակելով
պատասխանեց
թէ`
«Այդպիսի
խնդիր
մը
մերժել
իւր
կողմանէ
այնչափ
տմարդութիւն
էր`
ինչչափ
այդ
խնդիրն
ընողներուն
սրտի
ազնուութեան
յայտնութիւն
էր,
որ
իր
փոքրիկ
մէկ
օգնութիւնը
այդպիսի
մեծ
պատուով
կ'ուզէին
վարձատրել:
Բայց
խորհըրդածելով
թէ
ինք
րնտանեաց
տէր
էր,
եւ
իւրայինք
տարիներով
կը
սպասէին
աչքերնին
ճամվւան,
ո՞ր
հայրը
իրենցմէ
կրնար
ներել
իւր
անտարբերութեան,
եթէ
մոռնար
ընտանիքը»:
Այս
խօսքերը
թէեւ
քաղցր
կերպով
զրուցուած`
դարձեալ
մերժումն
էին,
եւ
ծերերը
տխրեցան.
իսկ
եպիսկոպոսը,
որ
հայր
չէր,
սկսաւ
սուրբ
գրոց
յարմար
կամ
անյարմար
վկայութեամբք
քարոզ
մը
տալ
իրեն,
ուր
Յուդա
Մակաբէ`
Փրկիչ
զինք
կուզեր
ընել,
եւ
իւր
վերջին
փաստը
անջրելն
եւ
անհակառակելին
մէջ
բերաւ`
երբ
ըսաւ,
—
Հիմա
դու,
ո՜վ
քաջդ
եւ
ազնուական,
երբ
կ'ամա-ակամայ
այս
մեր
լեռները
կենաս,
մեր
իշխանուհին
տեսնես
որ
քաջ
է
այր
մարդու
պէս,
որ
շուշան
իւր
սպիտակ
մորթով
եւ
վարդ
իւր
շրթանց
կարմրութեամբ,
որու
մեծ
եւ
գեղեցիկ
աչքերը
եղնիկի
են,
որու
վիզը
ջայլեման
եւ
հասակն
արմաւենեաց,
դու
կը
մոռնաս
քու
մեռած
կամ
թողած
կամ
զքեզ
մոռացած
կինդ
ու
զաւկներդ:
Աստուած
ձեզի
նոր-նոր
ընձիւղներ
կ'ուտայ,
որ
իւր
տան
վայելչութիւնը
շքեղանայ,
այս
բարձունք
կը
զարդարուէին
փառաւոր,
քան
զսիոնի
լեռը,
կը
ծաղկին,
քան
զզիթենեաց
պարտէզը:
Մարտայիթ
եպիսկոպոսին
ճառը,
որ
Սուրէնի
ճաշակին
համար
ախորժելի
եւ
անախորժ
կողմերն
ունէր
եւ
մանաւանդ
հետաքրքրական
էր,
իր
սովորական
լուրջ
երեսին
ժպիտ
մը
չի
կրցաւ
արգիլել,
եւ
լեռնցի
ծերակոյտր
այդ
ժպտին
ծիծաղներով,
ուրախութեան
ձայներով
եւ
շշունջներով
պատասխանեց:
Սուրէն
տեսնելով
թէ
այդ
մարդիկը
այնչափով
գոհ
եղան,
էլ
պատասխան
չի
տուաւ
այդ
ճառին:
Երեկոն
սկսած
էր`
ընթրիքն
ծառայեցին
իւր
դռան
առաջ
դուրսը,
ուր
մեծ
կրակ
մը
կը
լուսաւորէր
եւ
միանգամայն
կը
տաքցնէր,
եւ
լեռնային
երաժշտութիւն
մը
եւ
կաքաւ
գիշերուան
մէկ
մասը
գրաւեց:
Ինք
քաշուեցաւ
կ'էս-գիշերուան
մօտ
իւր
խրճիթը,
մտածելով
Սեւ
լեռան
իշխանութեան
եւ
այրի
իշխանուհուոյն
վրայ,
որ
այնչափ
գեղեցկութիւն
հինքն
կը
պարունակէր,
մինչեւ
որ
քունը
աչքերուն
իջաւ:
Երկու-երէք
ժամ
քունէ
վերջ
արթնցաւ,
դռան
քով
կամաց
ձայնով
խօսելու
շշուկ
կար,
ուշ
դնել
սկսաւ,
եւ
լաւ
լսեւու
համար
մօտեցաւ
դռան,
նայեցաւ`
ծակէ
մը
տեսաւ
դուրսի
կրակին
մօտ
երկու
զինեալ
երիտասարդ
պառկած
քուն
կը
լինէին,
երկուք
էլ
ծնկվնին
ծալլած
նստած
կը
խոսէին,
մին
կ'ըսէր.
—
Ո՞ւր
պիտի
երթայ,
ձին
որ
Միքայէլ
հրեշտակապետի
ձիուն
կը
նմանի,
միայն
թեւեր
կը
պակսին,
եպիսկոպոսին
տունը
կապուած
է,
իշխանուհին
կ'ուգայ
վաղն
առաւօտ,
կը
տեսնէ,
կրհաւնի
այդ
մարդուն
անտարակոյս
մէկ
մաղ
ճերմակ
չունի
ոչ
գլխուն
եւ
ոչ
ծնօտին
վրայ,
թէպէտ
քիչ
մը
խորշոմեալ
է
ճակատը
եւ
դաժան
նայուածքը:
Բայց
մեր
վախճանեալ
Ամիրն
աւելի
գեղեցիկ
չէր,
եւ
ասկից
աւելի
քաջ
չէր:
Այս
մարդուն
գեղեցկութիւնը
բազկին
վրայ
է:
—
Լաւ՛,
բայց
կին
ըսածդ
իւր
քմահաճոյքն
ունի,
մանաւանդ
մեր
իշխանուհին,
որոմն
ներքին
կեանքը
զարմանալի
կը
պատմեն,
ո՛ւր
մնաց
որ
այդ
մարդն
էլ
իւր
երկիրը
կին,
զաւակ
ունի
եղեր:
—
Բայց
երբ
իրեն
կին,
իշխանութիւն
կ'ուտան
հոս,
երբ
իրեն
ծառայելու
համար
այկչափ
ժողովուրդ
պատրաստ
կը
մնան,
եւ
ինք
գոհ
չլինիր,
այն
ատեն,
երբ
աղաչանք,
պաղատանք
բաւական
չլինին
զինք
համոզելու
բռնութիւն
ի
գործ
կը
դնեն:
«Քանի
մը
օր
բանտ
կը
մնա`
կը
համոզուի»:
Այսպէս
կ'ըսէին
ծերերը,
ես
լսեցի:
—
Աստուած
խելք
ու
միտք
տա
այդ
մարդկանց,
զիս
ուզէր
իշխանուհին`
ես
ամենեւին
չէի
նազեր,
սիրով
յանձն
կ'առնուի
իր
հետ
ամուսնանալ,
—
ըսաւ
մէկը
ծիծաղելով:
—
Նա
էլ
քեզպես
ոչինչ
երիտասարդն
ի՞նչ
պիտի
ընէ.
սա
սովորական
մարդ
չէ,
վտանգի,
պատերազմի
ժամանակ
մեզ
կարող
է
կառավարել:
Մանաւանդ
որ
կայսրը
մեր
վրայ
կը
բռնանայ,
մեզ
հաւատքէ
կուզէ
հանել:
–
Բայց
ժամանակ
է,
որ
մեր
ընկերներն
արթնցնենք,
բաւական
քնացան:
Սուրէն
այդ
խօսակցութիւնը
լսելով,
կամաց
մը
դարձաւ
իւր
ընձենիներուն
վրայ
ընկողմանեցաւ,
սկսաւ
մտածել
այս
նոր
վիճակին,
որ
իրեն
շատ
ախորժելի
չէր:
Չորս
տարի
գերութեան
շղթայներէ
ազատելեն
վերջ`
դարձեալ
նոր
տեսակ
շղթայներու
վտանգի
ենթարկուել
ծանր
խնդիր
էր`
մանաւանդ,
երբ
հայրենեաց
դռան
էր
հասել: