Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժամանակն արդէն ձմեռնային` ցուրտը սաստիկ էր այն տարի Հայաստանի բարձր գաւառներուն մէջ: Եւ այդ Թաւուսկերտի պալատին մէջ, ուր պառաւ Տիկին մը քաշուած կը բնակէր, որ շատ փառք, մեծութիւն, պատիւ տեսած էր իւր էրկանը կենդանութեան եւ որդուոյն առաջի տարիները, եւ որ այն օրերը կը յիշէր, երբ արքայից արքային ընծաներն ու նուիրակները իրարու կը յաջորդէին, յաղթութեանց աւետաբեր սուրհանդակները շարունակ իւր դուռը կը բախէին եւ Պարսկաստան ու Հայաստան

Բազմայաղթ անունը Բագրատունեաց իշխանին կ'ուտային. իսկ հիմա ինք Տիկինը մոռցուած, բարձիթողի եղած, այդ հայոց կանանց առաջինը երբեմն պատուոյ եւ հարստութեան մէջ, կը նստեր տխուր ձմեռուան պէս, եւ կը համրէր օրերը, որ լուր չէր առած իւր սիրական եւ անդրանիկ որդուոյն:

Թէպէտ մահ եւ աքսոր տխրութիւն բերէր էին այդ պալատը, եւ Տիկինը սգաւոր` բայց սպասաւորաց, աղախնայց եւ թիկնապահաց թիւն ու հանդերձանքը գրեթէ չէր նուազեալ: Երկրին կառավարութիւնը թէպէտ Սարգիս` բնիկ Տայեցի իշխանի մը ձեռքն էր, բայց ոչ երբեք առանց Բագրատունի Տիկնոջ խորհուրղին բան մը կը կատարուէր, վասնզի այս Սարգիս այն քաջերեն էր, որ Սմբատ Մարզպանի բախտին եւ դրօշակին հետեւելով` փառաց եւ մեծութեանց տէր եղած էին:

Երբ այսպէս Տիկինը տխուր եւ միայնակ նստած էր, իմացուցին իրեն թէ Սարգիս իշխանը կը խնդրէր զինք տեսնել, եւ թէ հետը երիտասարդ մ՚էլ կար: Եւ Սարգիս մտնելով խորին յարգանօք ողջունելեն վերջ Տիկինը` ներկայացտւց Ներսէս Սպան, որ նոր կը դառնար Յունաստանէ եւ որ նամակ ունէր Վարազտիրոց Ասպետն առ Տիկինն եւ առ Թէոդորոս Ռշտունի:

Բագրատունի Տիկինը առաւ իւր որղուոյն նամակը եւ շտապաւ կ'արդալեն վերջ երկրորդեց եւ երրորդեց իր ընթերցմունքը, վասնզի շատ համառօտ էր եւ դառնալով զօրականին`

Կը տեսնես, որդեակ, ըսաւ, իմ զաւկիս նամակը շատ համառօտ է. քեզմէ պէտք է տեղեկութիւն առնեմ, ինչպէս ինք կը գրէ. ինչպէ՞ս տեսար զինք, լաւ՞ է, առո՞ղջ է, ինչպիսի՞ կղզի է այս աքսորանաց կզզին. միթէ՞ ազատելու յոյս չի կա…

Առողջութիւնը լաւ վիճակի մէջ է, վասնզի ույդ կղզին շատ գեղեցիկ է` օդն առողջ, նարնջի եւ լիմոնի ծառերով զարդարուած, թէպէտ խիստ պահպանութեամբ կը հսկեն, որ չի փախչի. ընտանիքն էլ բոլորը լաւ են: Իսկ ազատելու յոյս չլինիլ կարելի չէ, ինչպէս յայտնի է, կայսրը իրեն խոստացել է երդմամբ ազատութիւն, բայց պալատին մէջ կան թշնամիք, որ կը ջանան յետաձգել այդ խոստմունքը, ինչպէս ես կրցայ իմանալ:

Կրնա՞նք իմանալ ինչպիսի անձինք են, որ քեզ այդ տեղեկութիւնք տուին:

Այո, իշխանուհի, Թէոդոս զօրավար Երիզացի, որ ձեր որդուոյն Ասպետին շատ բարեկամ կ'երէի, նա ինձ հրամայեց գաղտնի երթալ եւ տեսնել եւ լուր բերել իշխանին համար: Կայսրը առջի մարդը չէ բոլորովին փոխուած` քանի որ տարիքը կառնու, կը թուլանայ, Մարտինէ կայսրուհին է, որ կը կառավարէ երկիրը, եւ դժբախտաբար այդ կինը չէ, որ գիտէ լաւ կառավարել, այլ խելքը, միտքը թագաժառանգին տեղ իւր որդին անցնելու լինելով, իւր ձեռնասուններն առաջ կը քշէ, եւ այսպէս ամէն կարգ, կանոն տակնոււյրայ եղած է:

Նոյն միջոցին սպասաւոր մը ներս մտաւ իմացնելու թէ Թէոդորոս Ռշտունին հասաւ. եւ երբ եկաւ զօրավարը` մեծ յարգանօք ողջունեց Տիկինը եւ ներկա անձինքը, ահա հանեց Ներսէս երկու նամակները Ասպետին եւ Երիզացի Թէոդորոսի կողմանէ: Մեծ ուշադրութեամբ կարդաց իշխանր, եւ կարելի չէր իմանալ իր երեսեն նոցայ պարունակութիւնը, մինչեւ Տիկինը չի կարէնալով համբերել, հարցուց.

Այդ նամակներէն կրնա՞ս մեզի տեղեկութիւն տալ, իշխան, թէ որդիս Ասպետը, ի՞նձ պիտի դառնայ:

Ո՞ւր էր թէ այդ ձեր փափագը, իշխանուհի, որ իմ նաեւ մեծ փափագս է, կատարուէր, վասնզի Ասպետին Հայաստան դառնալը, աս միջոցին մեզի կեանք կրնայ տալ. դուք հոս Հայաստանի մէկ ծայրը չէք գիտէր թէ ի՛նչ սոսկալի արշաւանք կրեց եւ ի՛նչ վիճակի մէջ է աշխարհքիս արեւելեան կողմը…

Եւ սկսաւ պատմել Նախջեւանի, Գողթան, Կ'ոգովտի գաւառաց անցքերը: Եւ ասոնք ամէնքը յիշելեն վերջ` դառնալով Ներսէսի`

Ահա ասոնք ամէնքը յունացդ քաջութիւններուն արդիւնքն են, ըսաւ:

Խնդրեմ, իշխան, զիս յունաց ստացուածք մ՚ընէր, վասնզի ես իրենց ծառայութեան մէջ մտած լինելովս, իմ հայութիւնս երբեք ուրացեալ չեմ, հոգով, սրտով հայ մնացած եմ եւ պիտի մնամ: ուրիշ բան է` եթէ իրենց երկրին մէջ գտնուելով` իրենց լեզուին եւ գիտութեանց տեղեկութիւն առէր եմ եւ այդ բանին համար կարծեմ թէ գէշ բան մը ըրած չեմ:

Եթէ այդ գիտութիւնքը քու ազգիդ օգտին ծառայեցնելու միտք ունիս` աստուած քեզ օրհնէ. մենք իրենց ուսմանց թշնամի չենք, բայց շատ ու շատ վարձ տուին մեզ իրենց վատութեան պատերազմի մէջ, եւ իրենց քաջութեան ժամանակ շատ վատ բան ըրին, երբ կրօնական խառնակութեամբք Հայաստանի ամէն տուն խռովեցին:

Եւ այս խօսքերը զրուցելուն Թէոդորոսի աչքերը սոսկալի փայլ մը առին եւ դառնալով Բագրատունի իշխանուհուոյն`

Այդ Քրիստափորը, որ ամէն հայոց նախարարք միաբանեցան, վար առին կաթողիկոսական աթոռեն, իբրեւ անդուռն բերան, իբրեւ զրպարտիչ, իբրեւ չարալեզու, սուրբ մ՚էր, իսկ մենք յիրաւի արժանի պատիժը կրեցինք եւ կը կրենք այսօր կաթողիկոս մը ունենալով, որ երկիւղին եւ տգիտութեան կը զոհէ մինչեւ իր Լուսաւորիչը: Ասպետը, Տիկին, այս մարդն աթոռը գրաւ, ինք աքսոր գնաց, եւ ես մինակ մնացի ամէն Հայաստանի մէջ` ուր եթէ քանի մը սիրտ ու գութ ունեցող մարդիկ գտնուէին, այս խեղճ հայրենիքը կարելի կը կենդանացնել: Թշուառութիւն ամէն կողմեն կը տեղա, արաբացիք` աստուածային նոր պատուհաս` փոթորկի պէս զարկին` անցան գնացին. յոյնք վատ եւ ամբարտաւան իբրեւ ջախջախ եղէգ խորտակեցան. հիւսիսականաց կատաղութիւնն սանձելու համար հազիւ կը բաւեն Վիրք, Աղուանք եւ Սիւնիք, Արծրունիք եւ Անձեւացիք շփոթած հազիւ կը խոստանան երբեմն արեւելեան կողմը պաշտպանել, Մամիկոնեանք Մուշեղ եւ Համազասպ տարտամ պատասխաններ կ'ուղարկեն իմ հրաւիրանցս, իսկ Մոկացուոց նախարարն Արդուկ յայտնի համարձակ անամօթութեամբ առաջնորդ եղեր է արաբաց: Դուրսեն թշնամիք, աւարառութիւնդ, հուր, սուր, կործանմունք, ներսեն անհոգութիւն, թուլութիւն, հարստահարութիւն եւ մատնութիւն… ո՜ւմ դիմես եւ ուստի՜ յուսաս օգնութիւն: Աստուա՜ծ, կ'ըսեմ ես ինքնիրենս. բայց Քրիստոսի փոխանորդը` Հայոց կաթողիկոսը կը տեսնեմ թէ կայսրեն կը վախէ, իւր ժողովուրդեն կը վախէ. աթոռը թողած` Կարնոյ պարիսպներէն չհամարձակիր ելնելու. իմ հրաւէրներուս իւր ծերութիւնը` հիւանդութիւնը ցոյց տալով կը պատասխանէ: Ահա վիճակը, իսկ դարմանը ուրտե՞ղ… չեմ տեսնէր:

Այս խօսքերուն տխուր եւ երկար լռութիւն յաջորդեց. Թէոդորոս կը մտածէր, դառնութիւն երեսին վրայ էր նկարուած: Սարգիս իշխանը ծեր զինուոր իբր յանցաւոր դիմացը կը նայէր: Ներսէս նոր հայրենիք դարձած` լսածներուն վրայ կը խորհրդածէր երբ Համասպրուհի տիկինը գլուխը վեր առնելով`

Իշխան, ըսաւ, միթէ՞ Պարսից պետութիւնը բոլորովի՞ն ինկաւ, միթէ՞ նա բան մը չէ կարող ընել այս վիճակին:

Ի՞նչ կ'ըսէք, Տիկին, այն ժամանակները, երբ մենք դեռ պատանի էինք եւ դուք երիտասարդ, արքայից արքայ մը կը յիշէք, որ Տիզբոն կը նստեր, որուն հրամանները աշխարհք կը սարսեցնէին, եւ սմբատ Բագրատունի մարզպան մը կար, որ շատ թագաւորներէ բարձր էր, այդ բաներն երազի պէս անցան: Արքայից արքային Խոսրովու թոռը ո՜յ գիտէ փախստական կը թափառի թէ` մեռած կորած է աշխարհքիս մէկ անծանօթ կողմը, մէկը չգիտէր, այդ փառաւոր մայրաքաղաքը` Տիզբոն, որուն դուք ականատես` ոսկեղէն պալատները կը յիշէք, այդ մերկ, ողորմելի արաբաց աւար եղաւ, եւ հրոյն ճարակ կործանեցաւ, եւ անապատ դարձաւ. այդ անհամար բանակները եւ ահագին Սասանեանց զօրութիւնը ոչինչ դարձան` հալածեցան եւ ցրուեցան:

Միթէ՞ այս արաբացիք անյաղթելի էակներ են, եւ կարելի չէ դոցայ դիմադրել, պէտք է թողուլ, որ Հայաստան սոցայ ոտից տակ ընկնի եւ ոչնչանայ:

Ես թէ այդ կ'արծիքեն լինէի` հիմա այսպէս չէի դառնանար, բայց փորձեցի` տեսայ իրենց զօրութիւնը` եթէ այս ստնակոխ եւ ընկճեալ Հայաստան հիմա գլուխը վերցնէ` կանգնի միաբան եւ միասիրտ, իմ արեւը՜ վկայ, որ օտարի հետք անգամ չի մնար այս երկրիս մէջ:

Բայց այդ արաբացիք, զօրավար, ըսաւ Ներսէս ակնածութեամբ, յունաց մեծ եւ ահագին բանակները խորտակեցին ոչ միայն հոս Կոգովիտ, ինչպէս կը լսեմ, այլ Ասորիք, Եգիպտոս եւ Պարսից տէրութեան այդ անակնունելի հարուածը տուին: Հայաստան ինչպէ՞ս այդ ասպատակաց հարուածներուն կրնայ դիմանալ. ես գոռ պատերազմողներ տեսայ, որ սոսկմամբ կը խոսէին նոցայ կատաղի քաշութեան վրայ:

Ես իրենց քաջութիւնը չեմ ուրանար, բայց չեմ կրնար նաեւ մոռնալ, որ դեռ երէկ երկու հազարով նոցայ կրկնապատիկ զօրութիւնը խորտակեցի աստուծով: Եթէ այդ Պրոկոպիոս իմ ուզած մարդս լինէր, այդ Կոգովիտ մտնողներէն մէկ հատ` այո, մէկ հատ մը միայն չէր ապրէր: Բայց երբ վատութիւն եւ ամբարտաւանութիւն կը միանան զօրավարի մը սրտին մէջ յիմարութիւն է յաղթութեան սպասել: Ի՜նչ կընէ, մանաւանդ թէ ի՞նչ ըրաւ Հերակլ, ո՜ւմ կը սպասէր նստած իւր թագաւոր եալ քաղաքին մէջ, մի թէ առաջի օրէն պէտք չէ՞ր, որ արթննար թմրութենեն. ո՛չ, այն քաջը չէ, որ մենք տեսանք երբեմն այս Հայաստանի մէջ, երբ կը յարձակէր պարսից վրայ, եւ նոցայ բանակներն կը խորտակէր: Ո՛չ, այլ նստած անիմանալի կրօնական վէճերու մէջ կը մտնէ, ինչպէս երբեմն մեզի նաեւ օրինակը տուաւ Կարին: Զարմանք չէ, որ ինք կայսր` եւ զինուոր երբ պատերազմէ կը փախչի, յաղթութիւնն էլ իրմէ կը փախչի: Փոխանակ կենաց փայտը մէկ ձեռքը եւ սուրը միւսին առնելով պատերազմելու անհաւատից դէմ, սուրբ խաչը առէր Կոստանդնոլպոլիս փախեր է, եւ ս. քաղաքը Երուսաղէմ մահմեդականաց ձեռք է մատնուէր:

Այս խօսքերը երբ կ'ըսէր Թէոդորոս` դարձեալ աչքերը կրակի պէս կը փայլէին, եւ Երուսաղէմի ընկնիլը լսելով` ամէնը սոսկմամբ իրարու կը նայէին, եւ Ներսէս աւելի շփոթած`

Բայց միթէ՞ այդ լուրն ստոյգ է, հարցուց, վասնզի ես երբ Կոստանդնուպոլիս թողի, Եւրոպա եւ Ասիա սաստիկ զօրաժողով կը լինէր եւ կայսրը անձամբ գնացեր էր Ասորիք:

Կայսրը գնացեր էր Անտիոք, աստուածաբանութիւն ընելու է զբաղէր, իր զօրքերը պատերազմէր են եւ յաղթուէր, եւ արաբացիք Երուսաղէմի տէրեր եւ բոլոր Ասորիք արեան ծով են դարձուցեր: Ահա ինչ որ Կեսարիայի մասնաւոր սուրհանդակաւ նամակ մը կիմացնէ: Քու ինձ Թէոդորոս Երիզացիէ բերածդ չորս ամսուան նամակ է:

Այո, մենք ծովուն վրայ հակառակ քամիներով շատ ուշացանք մինչեւ Տրապիզոն:

Բագրատունի պառաւ Տիկինը` այս վերջի խօսքերուն խոր լռութիւն մը կը պահէր անշարժ արձանի պէս: Եւ երբ ամէնքն էլ լռեցին, վառարանին ճարճատիւնը միայն կը լսուէր եւ ձիւնախառն փոթորկին ձայնը: Սարգիս իշխանը, որ մինչեւ վերջ բերանը չէր բացէր, ոտք ելաւ հրաժարականը տալու. Ներսէս նորա օրինակին հետեւեցաւ:

Սարգիս իշխան, ըսաւ Տիկինը, եթէ այս երեկոյ ընթրիքը մեզ հետ միատեղ ընէք ձեր սպային հետ, մեզ շատ գոհ կ'ընէք:

Սարգիս ընդունեցաւ խոնարհաբար Տիկնոջ հրաւէրքը, եւ Տիկինն ու Թէոդորոս մինակ մնացին: Համասպրուհի ոտք ելաւ, եւ թէպէտ եօթանասունն անցեալ եւ գեղեցկութիւնը խամը եալ, բայց վսեմութիւն միշտ կար իւր կերպարանաց եւ քայլուածքին վրայ: Գնաց դէպի դուռը, նիգը գրաւ, եւ փոքրիկ բանալի մը հանելով` ատաղձեալ պատին մէկ կողմը խրեց, եւ անյայտ դուռ մը բացուեցաւ:

Որդեակ Թէոդորոս, ըսաւ, դու դիտես թէ ես ոչ միայն իբրեւ զաւակ զքեզ կը սիրեմ, այլ նաեւ քու վրադ մեծ համարմունք ունիմ. այս դուռր գաղտնիք մ՚է, որ միայն Վարազտիրոց իմ անդրանիկս գիտէ. եւ հիմա ահա քեզի նաեւ կը յայտնեմ. եւ ոչ միայն գիտնալուդ համար բացի առջեւդ, այլեւ անոր համար, որ Բագրատունեաց գանձատունը Թէոդորոս Ռշտունուոյ առաջ բաց է, երբ ազգին պիտոյքը պահանջէ եւ ինչչա՛փ ուզէ լիաձեռն առնու եւ գործածէ: ուստի արի եկ, որ տեսնես: Երբ Թէոդորոս մօտեցաւ, տեսաւ փոքրիկ սենեակ մը լեցուն դրամոց քսակներ իրարու վրայ դիզուած. իսկ պառաւը նոյն սենեկին մէջ գաղտնի դուռ մ՚էլ բացաւ, որ ընդարձակ սենեակ մը կը հանէր եւ որ յիրաւի արքայական գանձատուն համարիլ կարելի էր: Հազարներով լիտր ոսկի, ձոյլ-ձոյլ դրուած էր գետինը. ազնիւ փայտերէ գզրոցնէր, որ անտարակոյս գոհարեղէն կը պարունակէին, ոսկի եւ արծաթ գահոյքներ, արգարտահեռ վարսակալներ, զարմանալի եւ անգին ոսկէ զարդ զէնքեր դարերէ ի վեր դիզեալ եւ հաւաթեալ աչք եւ միտք կը շլացնէին: Թէպէտ Բագրատունեաց խնայութիւնը հռչակեալ էր ի Հայաստան, բայց Թէոդորոս չէր կարծէր եւ չէր կրնար հաւտալ եթէ աչօք չի տեսնէր այնչափ հարստութիւն: Իսկ պառաւը`

Առանց դրամի բան առաջ չէրթար, որդեակ Թէոդորոս, ըսաւ, դու այսօր ազգին միմիայն յոյսն ես, առանց շողոքորթութեան կրնամ զրուցել թէ Ասպետը` որդիս նաեւ եթէ հոս լինէր իրմէ աւելի քու վրադ վստահութիւն ունիմ, ինչպէս գիտեմ թէ նոյնպէս Հայաստան քու վրադ միայն կրնայ այսօր յոյս դնել աստուծմէ վերջը. եթէ ազգը պիտի կորչի, թո՛ղ Բագրատունիք եւ իրենց գանձերն ալ կորչին: Դարձեալ կը կրկնեմ, ինչ որ պէտք ունենաս ազգին համար այս գանձատունը քեզի բաց է, աւելորդ է քեզի յանձնել թէ որդիս դարձնելու համար աքսորէ պէտք եղած ծախքը չես խնայէր: Ա՛ռ, ուզէ ինչչա՛փ որ յարկ կը համարիս:

Թէոդորոս քիչ մը մտածելեն վերջ ծանրութեամբ այս պատասխանը տուաւ.

Իշխանուհի, ես միշտ յարգէր եմ զքեզ ինչպէս գիտէք, Բագրատունեաց Տէրը` ձեր այրը, մեր հայրը եւ մեր զօրավարն էր: Պատերազմի արհեստին մէջ ոչ միայն ես` այլ գրեթէ հայոց ամէն նախարարք իւր ձեռասունն եղած են. իւր գերազանցութիւնն ոչ ոք կրնար ժխտել, հիմա եթէ ինք ողջ լինէր, Հայաստան կը հանզչեր աներկբայ: Վասնզի իր ձայնին անհնազանդ լինիլ մէկը չէր յանդգնէր: Դուք, Բագրատունեաց Տիկին, իմացէք ձեր այս առաջարկութեամբ` ինչպէս միշտ յայտնի ըրած էք` թէ նորա ոգին ի ձեզ կենդանի է. երբ ազգը պէտք ունենա, կը դիմեմ ձեզ, ապահով եղիք. հիմիկուհիմայ կրնաք Սարգսի հրամայել, որ հազար հոգուոյ ընտիր խումբ մը կազմէ եւ պէտք եղած ժամանակը ինք անձամբ առաջնորդելով, հոն բերէ ուր ես հրամայեմ: Գարնան հաւանական թէ պէտք ունենանք ընտիր խումբի մը. ո՜յ գիտէ, բախտը ի՞նչ կը պահէ մեզի:

Բայց, ըսաւ Տիկինը, դու որ այդ աւերակաց եւ թշուառներուն այց ըրիր Գողթն, Նախջեւան եւ Կոգովիտ, ես զքեզ կը ճանչեմ, անշուշտ այդ խեղճերուն տուիր ինչ ունէիր, եւ հիմա ստակի պէտք ունիս Ռշտունեաց երկիրը հեռու է. ուստի կարեւոր պիտույից համար հարկաւոր եղածը առնունք եւ այնպէս դռները գոցենք:

Եւ ինչպէս ըսաւ այնպէս էլ ըրաւ: Թէոդորոս կանչելով իր գանձապետը յանձնեց թանի մը քսակ ոսկուոյ: Եւ երբ միայն մնացին այն ատեն սկսաւ իշխանը Տիկնոջ յայտնել իր մտքերը Հայաստանի եւ Ասպետին փրկութեան համար, վասնզի նորա ներկայութիւնը անհրաժեշտ կը համարէր այն մեծ գործին: