Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ո՜վ անդունդք անսահման.
Ըզքնքուշ մանկութիւն քան մատնել պղծութեան
Չէ՜ր լաւ եւս ի վերա անպաշտպան այդ մահճին
Գերանդեաւ կտրատել գեղանի զայդ մարմին`
Ձիւնափայլ վիզն առնուլ ոլորել ոսկորներ:
Չէ՜ր լաւ եւս երկաթեայ ձեռնոցով կիր աւէր
Լուսատիպ երեսաց զերթ դիմակ զետեղել.
Քան հայլի ջինջ վտակ արտաքուստ ցուցանել`
Արտասփիւռ զծաղկունս` սըրարշաւ զաստեղունս,
Ի ծոցին ամրարեալ դըժոխոց ժահ ըզթոյնս:

ԱԼ. ՏԸ ՄԻՒՍԷ

Զաւէն, երբ ելաւ երկրորդ առաւօտուն իւր աղքատիկ բնակարանեն եւ աչքը դարձուց պալատին, ուր էր իւր Արփենին, ապշեցաւ մնաց. թէպէտ առաւօտ էր եւ շատ կանուխ` տեսաւ փառաւոր պատգարակներ, կառքեր ու ձիեր լցուցեր էին նաւամատոյցի հրապարակը մինչեւ այդ տան դռները, որոց երկու փեղկերը բաց էին: Եթէ առջի օրուան սպասաւորաց խօսակցութիւնը չլինէր` ծեր զինուորը պիտի կարծէր այդ պալատը արքունիքն էր, բայց յայտնի էր իրեն թէ Կ'ոստանդնի սիրուհին լինելով այդ կինը ամէնքը մեծ եւ պզտի կը դիմէին նորա պաշտպանութունն մուրալու: Իսկ որ Զաւէնի շատ տհաճելի երեւցաւ, այն էր, որ զինուորաց խումբ մը պահպանութիւն կ'ընէր:

Բայց տխուր կամ ուրախ պէտք էր հասնէր նպատակին, ուստի մտաւ իւր բնակարանը, հագաւ իւր մաքուր զգեստները եւ խառնուեցաւ կառապանաց, ձիապանաց, պատգարակ կրողաց խումբին մէջ, մտիկ ընելու համար նոցայ խօսակցութիւնը: Նոյն միջոցին ծեր զօրավար մը բազմաթիւ սպասաւորաց խումբով կը հասնէր եւ կը մտնէր ներս, երբ ձիասպասը ձին դուրս հանեց եւ լսեց, որ ծառայքը հայերէն կը խոսէին` կենդանութիւն առաւ: Չորս տարուան ժամանակի մէջ երբեմն հայոց հանդիպած էր, բայց շատ քիչ անգամ նոցայ հայերէն խօսիլն լսած, ուստի գաղտնի զուարթութեամբ ուշ կը դնէր: Սոքա սպասաւորք էին Թէոդորոս Ելէիզացի հայ զօրավարին, որ Հերակլի հաւատարմաբար ծառայէր էր եւ որ անդրանիկին` օրինաւոր ժառանգի իրաւունքը չէր փափագէր ոտնակոխ լինիլ: Ուստի Ծերակոյտի ժողովքին մէջ ամէն ջանք ըրած էր զկոստանդին աթոռ բարձրացնելու համար: Եւ Փիլակրիոսի` որ մեծ հազարապետ անուանեալ էր արքունեաց եւ տէրութեան առաջին պաշտօնեայ` այցելութիւն կ'ուտար:

Զաւէն այն ատեն վիճակը յայտնի եւ պայծառ տեսաւ. թշնամին, որ իր Արփենին գողցեր յափշտակէր էր, շատ զօրաւոր էր եւ նորա հետ պատերազմիլ իւր կ'արողութենեն վեր. բայց թողուլ երթալ, երբ աստուած իրեն յաջողութիւն ցոյց էր աւէր տեսնելու իւր սիրելի կորուստը, այս նաեւ անկարեւի էր, Ուրեմն կ'ըսէր. «Պէտք է համբերել եւ սպասէի այսպիսի անզգամաց յաջողութիւնը անշուշտ երկար չի տեւէր, եւ պէտք է նաեւ աղջիկը տեսնել անգամ մը` հետը խօսիլ, գուցէ յանկարծ չուզէ երթալ, եւ ես այն ատեն ի՜նչ ընեմ: Եթէ այնպիսի պարագայ մը հանդիպի, ակամայ իւր կամաց պէտք է այդ խեղճ աղջիկը այդ ապականութեան պալատեն ազատեմ. եթէ մեր Տիկինը` նորա մայրը ողջ լինէր եւ ինձ ըսէր. «Զաւէն, գնա՛, զաւակս գտի՛ր եւ ինձ բեր», ի՞նչ պիտի ընէի, տղու պէս պիտի խորհրդածէի, ոչ, այլ եթէ յարկ լինէր սուր ի ձեռին` զինք պիտի կորզէի… Այդ սուրբ Տիկնոջ մահուան` իր աս զաւկին ողջութեան աստուած ղիս վկայ եւ գործիք ըրաւ, որ իւր առաքինութեան ժառանգ եւ յաջորդ լինի Արփենին: Եթէ տեսայ եւ հետը* խօսեցայ եւ ուզեց ինձ հետ գալ սիրով, լաւ՛, ապա թէ ոչ բռնութեամբ նաեւ պէտք է զինք հանեմ այդ խորխորատեն»:

Այս խորհրդածութեամբք, սկսաւ ամէն օր այն տեղուանքը շրջիլ. թեթեւ ծառայութիւններ ընել, Փիլակրիոսի սպասաւորաց ձրի օգնել, այնպէս որ ամիս մը չեղած` Զաւէն անունը ծանօթ եղաւ պաղատի ծառայից, բեռ մը, ծանր բան մը վերցնելու օգնութեան եթէ պէտք լինէր դուրսեն մէկը փնտրել, զզաւէն կ'ուզէին եւ Զաւէն կը կատարէր ուրախութեամբ ամէն գործ, եթէ բան մը չի տային ձայն չէր հանէր, եթէ քիչ տային առանց վրան նայելու գրպանը կը դնէր, ոչ գանգատ եւ ոչ դժգոհութիւն ամենեւին չէր ցցնէր: Ուստի գոհ էին իրմէ ամէնքը, որոց առաջին շահ շորթումն էր: Իւր այս անշահասիրութիւնը դիտելով տնտեսը, որ իր պաշտօնին պարտաւորութեամբ պալատին առաջին գողը կրնար համարուիլ, հրաւիրեց զզաւէն իւր բնակարանը թողուլ եւ ծովեզրին մօտ` պարտէզին ծայրը գիշերային պահպանութեան համար փոքրիկ խրճիթը բնակիլ: Այս գերաղոյն առաջարկութիւն մ՚էր կորովի ծերուն համար, որ շուտ մը իւր թեթեւ կարասիքը բերաւ եւ այն խրճիթին մէջ զետեղեցաւ:

Հիմա իւր Արփենին կրնար տեսնել եւ միջոց նաեւ ունենալ հետր խօսելու առանձին, եթէ դիպուածը ներկայանար` եւ որ չուշացաւ: Նոյեմբեր ամսու գեղեցիկ առաւօտ մը կանուխ տեսաւ, որ պարտէզի դուռը բացուեցաւ, եւ Մամիկոնեան Օրիորդը ելաւ դուրս եւ առանց պարտէզին ուշադրութիւն ընելու շտկուեցաւ դէպի ծովեզրը: Զաւին իւր փոքրիկ լուսամուտեն կը դիտէր ոչ միայն նորա կերպարանքը, այլ ամենափոքր շարժմունքը. աչքերն այդ արտաքոյ կարգի սեւութիւնը եւ գեղեցկութիւնը պահած էին անփոփոխ, երկայն թարթիչները այնպիսի բնական քօղ մը ձգած էին այդ աչաց վրայ, անպատմելի քաղցրութիւն մը կ'ուտային իւր նայուածքին. արեւը տկար ճառագայթներ կ'արձկէր Խրիսուպոլսոյ կը սղմեն եւյրոպական ծովեզրին վրայ, ծովը հանդարտ լիճ մ՚էր, եւ Արփենի նստած այդ գեղեցիկ տեսարանին կը նայէր: Զաւէն տեսաւ, որ աղջկան աչքերը լցուեցան եւ այդ առանձնութեան մէջ իբրեւ մեծ մարդ խորհրդածելով արցունք կը թափէր: Այդ արցունքը ծերուն սիրտը ոչ տխրութեամբ` այլ ուրախութեամբ լցուց. ուստի ելաւ սիրտը թունդ իւր բնակարանեն եւ սկսաւ մօտենալ ծովեզրին:

Արփենի աչքը սրբեց եւ դարձուց դէպի ծերը. իսկ սա աւելի մօտենալով, քաղցրութեամբ եւ հայերէն

Զիս կը ճանչե՞ս, Արփենի, հարցուց:

Երկայն լռութիւն մը յաջորդեց այս հարցմունքին, աղջիկն անշարժ ծերուն երեսը կը նայէր. կարծես թէ այդ պշումին մէջ յիշատակութիւնը կ'ուգար ոչ միայն դիմացինին կերպարանաց` այլեւ լեզուին, որ չորս երկայն տարիներ ոչ խօսած էր, ոչ լսած: Եւ ահա տխուր ծիծաղ մը եկաւ այդ երեսին, եւ ծանր, հատիկ-հատիկ`

Զաւէն հայրիկ, դո՞ւ ես, ըսաւ Արփենիի քաղցրիկ ձայնը:

Այս չորս բառերուն մէջ` զրուցուած եղանակին ու ձեւին եւ այդ անշարժութեան մէջ այնպիսի անբացատրելի բան մը կար, որ ծերուն սիրտը տրորեց եւ աչքերն արտասուքով լցուեցան. այդ բոլորը կը զրուցէին իրեն, որ այդ աղջիկը կ'իմանար թէ որբ էր, թէ պանդուխտ էր, թէ թշնամեաց ձեռք գերի էր, թէ անպաշտպան էր, փրկութեան յոյս չունէր, եւ այս ամէնքը դեռ տասնմէկերորդ տարիքին մէջ: Ուստի ծերը մօտեցաւ.

Սիրուն Արփենի, ինչպէ՞ս մեծցեր ես, ինչպէ՞ս գեղեցիկ ես:

Դարձեալ պատասխան չիկար. նոյն նայուածքն էր. իբրեւ թէ տղան բան մը կը փնտրեր, փնտրածը լեզուն էր. բառերը խառնակ կ'ուգային իր յիշողութեան մէջ, եւ վերջապէս դարձաւ ըսաւ. «Զաւէն հայրիկ» եւ մնացածը յունարէն.

Ինչչա՞փ ժամանակ է, որ ես այստեղ եմ, եւ դու ո՞ւր ես. ես մէկը չունիմ, ամէնքը հայր, մայր, եղբայր, քոյր ունին, ես ոչ ոք, բայց կը յիշեմ թէ ունէի. մայրիկս միտքս է, իւր անկողնին քով կը պառկէի. նա զիս կը սիրէր, կը պագնէր, մենք պզտի ծով մը ունէինք. ես այս ամէնքը կը յիշեմ, երբ առանձին եմ: Մենք բարբարոս ենք, պէտք չէ այդ յիշատակութիւններն ընենք, այնպէս կ'ըսեն ինձ ամէնքը, բայց միշտ այդ բաներն իմ միտքս կ'ուգան. եւ ես կը սիրեմ այն տղայութեան ժամանակները, այն լեռները, այն ծաղիկները, հոն ոչ ոք ինձ չէր բարկանար, ամէնքը քաղցր էին ինձ հետ, ամէնքը զիս կը սիրէին:

Քեզ հոս չե՞ն սիրէր, Արփենի:

Չէ՛, ես հոս Արփենի էլ չեմ. Զոյի եմ: Մէկ նոր մարդ մը եկաւ հիմա, մեր տիրուհուոյն եղբայրն է. նա զիս կը սիրէ. բայց ես այդ մարդեն կը վախեմ, կը քաշվիմ, նա զիս իր փոքրիկ բարբարոսր կանուանէ, երբ զիս գիրկը կառնու, կը համբուրէ ինձ սոսկում կ'ուգայ, կը փախչիմ: Իսկ ուրիշները զիս չեն սիրէր, այդ մարդն էլ չեմ ուզէր, որ սիրէ:

Բայց մենք քեզ կը սիրենք, Արփենի, չե՞ս ուզէր մեզի դառնալ, այն լեռները երթալ, այն ծաղիկներուն երթալ, որ դու ըսիր թէ կը սիրես:

Կարելի՞ է դառնալ` հոն երթալ. ամէն բան կործանած է հոն, ըսին, բարբարոսք ամէն բան ոչնչացուցեր են, այրեր են. մարդիկը բոլոր սպաննէր են:

Բարբարոսք ամէն բան կ'ուզեն ոչնչացնել, բայց մենք աստուծով կը շինենք, եւ բոլորովին չենք ոչնչանար, ինչպէս զիս կը տեսնես, որ աստուած պահէր, որ զքեզ դամ ազատեմ եւ տանիմ նորէն քու մայրիկիդ տունը: Աիս չե՞ս յիշէր, Արփենի:

Ես զքեզ կը յիշեմ, որ զիս ձիուդ վրայ կառնուիր, բայց ես հիմա էլ չեմ ուզէր ձիու վրայ նստիլ, ետքը հիւանդ կը լինիմ:

Խե՜ղճ Արփենի, այդ անզգամը զքեզ վախցուցեր է: Հիմա ինձ այն զրուցէ` չե՞ս ուղեր քու եղբօրդ, ազղականներուդ, քու տունդ երթալ, որ զքեզ կը սիրեն, եւ հոն տիրուհի լինիլ:

Ինչպէ՜ս չեմ ուզէր, ըսաւ աղջիկը աչքերը բանալով, բայց կարելի է երթալ, ինձ այն զրուցէ:

Ես պիտի երթամ, կ'ուգա՞ս հետս:

Կ'ուգամ, բայց կը թողո՞ւն:

Մենք ծածուկ կը փախչինք կ'երթանք:

Քեզի հետ ամէն տեղ կ'երթամ, Զաւէն հայրիկ, բայց դու այսչափ ատեն ինչո՞ւ զիս մոռցար:

Խե՜ղճ աղջիկ, քանի տարի է, որ զքեզ կը փնտրեմ եւ դեռ նոր գտայ:

Երթանք ուրեմն, ըսաւ տղան եւ ոտք ելաւ:

Հիմա դեռ պատրաստ չենք, դու մեր այս խօսքերը պէտք չէ, որ մարդու յայտնես. դու զիս ճանչելդ, իմ անունս մարդու պէտք չէ իմացնես. ես գաղտուկ ամէն բան կը պատրաստեմ, կարգի կը դնեմ. եւ օր մը յանկարծ կ'երթանք քեզ հետ մայրիկին:

Մայրիկն ուրեմն ո՞ղջ է, ըսաւ Արփենի եւ աչքերուն արտաքոյ կարգի կենդանութիւն մը եկաւ:

Նուրբերը ողջ են միշտ, իմ սիրուն Արփենի:

Արփենի այս խօսքին զօրութիւնը չիմացաւ, եւ ծերուն ձեռքը բռնելով.

Շուտ տես պատրաստութիւններդ, Զաւէն հայրիկ, ըսաւ:

Դու համբերէ. երբեմն եկ հոս այսպիսի ժամանակ, երբ ամէնքը քձնած են. կը տեսնուինք եւ կը խօսինք: Միայն մի՛ մոռնար, որ մարդ պէտք չէ իմանայ:

Դու երեխա՞յ ես:

Լաւ՛, ըսաւ ծերը ծիծաղելով այս հարցմունքին, գնա՛, որդեակ, ոչ ոք կասկած չառնու:

Եւ աղջիկը «մնաս բարով» զրուցեց ու մտաւ տուն: Իսկ Զաւէն կը նալեր ետեւեն եւ կը մտածէր ու կ'ըսէր ինքնիրեն. «Ի՞նչ վիճակ է ալս աղջկան վիճակը, ինչո՞ւ ալդ փոփոխութիւնը իւր վրայ, ես կարծէի թէ զիս տեսնելուն ու Կանչելուն ինձ պիտի դիմէ` գիրկս պիտի ընկնի… «Զաւէն հայրիկ» ըսաւ. բայց այն հին ոգին, հին եռանդը թուի թէ կասկածը, գերութիւնը, բռնութիւնը սպաննէր են: Այնպէս թուի, որ եթէ ազատութլան հասնելու փափագը չէ մեռած, յոյս եւ հաւատք գրեթէ մեռէր են լուր փոքրիկ սրտին մէջ… Այո՛, ալդ ճիւաղները փրկութլան յոյսը սպաննէր են սրտին մէջ: Հայաստան քանդեր խլէր են իր սրտեն: Տէր աստուած, ի՞նչ խօսք էր այդ` «Մենք բարբարոս ենք», եւ ինչ տխուր եւ յուսահատ եղանակ ալդ խօսքը զրուցելուն, եւ ալդ Մամիկոնեան ի մը` Վարդաններու եւ Վահաններու թոռներուն բերանը… Ո՜հ, եթէ Կամսարական Սուրէն իշխանը Հոս լինէր, տեսնէր լուր աշխոյժ քեռորդուն ալս ջլատ ձեւը եւ տխուր բարբառը… Բայց ի՜նչ խառնուրդ տղայութեան եւ արբունութեան իւր կերպին եւ խօսից մէջ… Եւ ալս ամէնքը հետեւանք չորս դառն ստրկութեան տարիներու…

«Օրինակ մը ահա իմ սիրտս կը յուզէ, իսկ անո՜նք, որ հազարներով գնացին ալդ Արաբաց երկիրը, ուր ոչ խաչ կայ, ոչ Աւետարան եւ ոչ Քրիստոս: Եթէ Գրիգոր կենդանի է, նա էլ այս գերութլան վիճակեն անցած կը լինի, ինչե՜ր քաշած է ալդ արաբաց ձեռք… բայց նա անշուշտ ազատութիւն գտած է հիմա. հօրեղբայրքն անշուշտ փրկանք տուած են… եթէ մեռած լինէր դիակը ես կը գտնէի, անտարակոյս գերի գնացել է, նոյնպէս Կամսարականը. եւ այդ վանահայրը, որ ալնպես լուրջ մարդ էր ինձ խոստացաւ Մամիկոնէից ամէնուն իմացնելու, որ մարդ ղրկեն Արարատ երկիրը… Աստուած, որ Արփենին պիտի ազատէ` Գրիգոր էլ կազատէ. Հիմա ես երթամ պատրաստութիւն տեսնեմ զնայ փախցնելու: Մանչ տղու մը զգեստներ, նաւ մը մեզ Տրապզոն կը հանէ կամ Ճորոխի ափանց մօտ տեղ մր, էլ Հայաստան ոտք դրած կը համարիմ: Ելլենք անգամ մը եւ ժամ առաջ ալս անիծեալ քաղքեն… ո՜հ անզգամ Թումայ, քու փոքրիկ բարբարոսդ, Մամիկոնեանց եւ Կամսարականաց սերունդը՜… եւ ալդ մարդիկն են, որ աշխարհք կը կառավարեն. անմեղութիւնը` դեռաբոյս գեղեցկութիւնը իրենց գարշելի կրից խաղալիք ընել կը փափագին… բայց դու, աստուած իմ, չես ներէր ալս պղծութեանց, դու ինձ յայտնեցիր Արփենին, դու զնայ պիտի փրկես»:

Բայց թողուք Զաւէն երթալ ի գործ դնել իւր խորհուրդը, մտնենք վայրկեան մը Արփենիի հետ պալատին ներքին կեանքը տեսնելու:

Թողունք նաեւ հայ աղջիկը, որ երթայ իւր սենեակը, ուր տարեկից աղջիկներ ամէնքը դեռ քնած տեսնելով սիրտը կը հանգստանայ` ապահով լինելով թէ ոչ ոք չէ իմացեր իւր տեսութիւնը հայ գիշերապահին հետ:

Երթանք վայրկեան մը այդ Անկելինայ տիկնոջ սենեակը, ուր փափուկ գորգեր, ոսկեզարդ մահճակալներ, փետրալից անկողինքեւ բաստեռունք, զանազան ձեւերով աթոռներ, ծիրանի վարագոյրներ, արծաթի հայելիք, մետաքսեայ եւ բեհեզեայ հանդերձանք միայն կ'երեւէին: Ի՛նչ որ բիւգանդական հեշտութիւնը հնարած էր պերճանք եւ զեխութիւն եւ անառակութիւն, ամէնքը հոն կարելի էր տեսնէի մինչեւ պատերը այնպիսի նկարներով էին զարդարեալ, որ կրնային սուրբ ճգնաւորները անգամ գայթակղեցնել եւ սատանայի աշակերտ ընել: Անկելինայ նոր ելած անկողնեն բեհեզներու եւ ազնիւ մուշտակներու ծածկուած փափուկ բազմոցի մը վրայ ընկողմանեալ էր, երբ եղբայրը` Թումայ ներս մտաւ:

Ես կ'ուզէի քեզ տեսնել, եղբայր, ըսաւ Տիկինը, շատ հարկաւոր խօսք ունէի քեզ ըսելու:

Ի՞նչ է արդեօք այդ հարկաւորը` շատ հետաքրքիր եմ իմանալու:

Հարկաւորն այն է, որ դու այդ հայ աղջիկը բոլորովին ինձ պիտի թողուս:

Միթէ՜ քեզ թողած չեմ, դու իր տիրուհին չե՞ս:

Ոչ, իմ խօսքս չես ուզէր իմանալ. այդ աղջիկը գիտեմ ի՛նչ նպատակաւ յափշտակէր ես, բայց այդ նպատակդ պէտք է մոռնաս:

Հիմա որ աղջիկը հասաւ, դու էլ ինձմէ՞ կ'ուզես յափշտակել, ըսաւ ծիծաղելով Թումայ, այդ անկարելի բան է, այդ պզտի բարբարոսը այնպիսի աչքեր ունի, որոց նմանը բոլոր Կոստանդնուպոլիս կ'արեւի չէ գտնել:

Ահա այդ բանին համար, որ այնպիսի աչքեր ունի, դու պէտք է իրմէ հրաժարիս բոլորովին:

Այս ի՞նչ կը նշանակէ, այս ի՞նչ բռնութեօմն է, Անկելինայ. դու իմ պզտի քոյրս, որ այնչափ խնամքով, այնչափ հոգերով, այնչափ զոհողութեամբ այս վիճակը հասուցի, այս հրամայական ձեւերը ինձի՞ հետ նաեւ կը գործածես. էրկանդ հետ մինչեւ հիմս: վարուեցար ինչպէս ուզեցիր, խեղճ մարդը բաւական չէ, որ գերի ես ըրեր, հիմա զիս էլ կ'ուզես հար եւ նման գերի ընել եւ ոտքերուդ տակ ճզմել: Բայց մտածէ, լաւ մը չափէ, որ իմ անունս Փիլակրիոս չէ…

Գիտեմ թէ քու անունդ Թումայ է, գիտեմ նաեւ թէ ո՛ւր կը հասնի քու սրտիդ ազնուութիւնը, բայց իմ անունս էլ Անկելինայ է, ըսաւ Տիկինը հեգնութեան ծիծաղով: Եւ յանկարծ կերպարանքը փոխելով` շտկուելով եւ սլաքի պէս աչքերը փայլեցնելով, ի՜նչ եւ ո՜ւմ կը պարծիս թէ խնամք, հոգ եւ զոհողոկթիւն ունեցեր ես իմ վրաս, եւ այս վիճակի ես հասուցեր. քու շահուդ համար` քեզի պատուանդան շինելու համար իմ գեղեցկութիւնս, իմ մարմինս, զիս` որբ քոյր մը` առիր սնուցիր, ինչպէս այդ որբ թշուառ աղջիկը քու ապագայ անարգ պագշոտութեանց յագուրդ պատրաստեցիր: Երանի թէ քեզ նման եղբայր չունենայի, եւ գեղացի աղջիկ մը պարզ ու համեստ մնայի:

Ո՜վ կարգիլէ քեզ դարձեալ պարկեշտ ու համեստ լինիլ, քաշուիլ գիւղի մը մէջ, սոխ սխտորով ապրիլ, անառակ պերճութիւնդ ուրանալ, հաստ կապերտի մը վրայ ընկողմանիլ, փոխանակ արքայական գգուանաց` կոպիտ էրկան մը բռնցի հարուածներուն տանիլ, փոխանակ բռնաւոր տիրուհի լինելու խոնարհ աղախին…

Տէ՜, տէ, երկայն ճառերու պէտք չի կայ: Որովհետեւ ուզեցիր եւ ջանացիր զիս բռնաւոր տիրուհի մը ընել` դու պէտք է հնազանդիս իմ կամացս եւ իմ հաճույիցս:

Այ՞ս աստիճանի կ'իջեցնես զիս, Անկելինայ:

Այո, այս աստիճանի:

Բայց վերջը կը զղջաս:

Յիմա՜ր, անմիտ մարդ: Չե՞ս իմանար, չե՞ս տեսնէր, որ ել քեզմէ զօրաւոր եմ. մոռցա՞ր թէ ինչ որ ես եւ եղեր ես իմ շնորհիւքս է, եւ ինձի՜ կը սպառնաս: Դո՛ւ վատ եւ անպիտան` զօրավար լինելու մա՞րդ էիր առանց իմ կամացս, դու պատճառ Հայաստանի բանակին պարտութեան եւ առաջին փախստական, ինչպէ՞ս պիտի արդարանայիր Պրոկոպիոսի ամբաստանութենեն եւ զինուորական դատաստանեն, եթէ իմ ազդեցութիւնս չի հասնէր, դու գող աւազակ, որ բանակներ անօթի, անզէն թողէր էիր, եւ իմ շնորհիւ քեզմէ հաշիւ պահանջողներուն բերանը կարկեցաւ: Եւ հիմա ելեր ի՞նձ կը սպառնաս:

Բայց դու կը մոռնա՞ս, Անկելինայ, որ մենք մինակ ենք այս սենեկիս մէջ, եւ ես սուր մը ունիմ…

Սո՜ւր ունիս դու եւ ինձ կը պարծենաս, յիմար, բիւր անգա՜մ յիմար: Այդ սուրովդ գնա ուրիշներուն պարծի՛ր: Նայէ՛, դա աս գաւաթին եթէ ձեռք դպցնես, քովեն անցնիս` ես հեռուեն կանցնիմ. դու կրնաս թունաւորին քու այդ քաշութիւնդ գիտեմ եւ փորձը տեսեր եմ. բայց սո՜ւր քաշել, քաւ՜ լիցի, քեզի պէս քաշ զօրավարի գործ չէ:

Բայց շա՛տ եղաւ, Անկելինայ:

Մանաւանդ թէ շատ քիչ եղաւ. եւ եթէ ուզես դեռ շատ բան կրնամ գտնել խօսելու:

Բայց դու, սիրական քուրիկս, զրուցէ անգամ մը թէ ի՞նչ կրնաս ընել ինձ, որ կը պարծիս թէ զօրաւոր ես:

Հա՛, այդպէս անուշ խոսէ, թատերական ձեւերդ մոռցի՛ր, երբ ինձ հետ ես: Աղուէս, առիւծ մի՛ ձեւանար, կատու, օձու պէս մի մռնչէր. քու հին արհեստդ ձեռք ա՛ռ, սողուն, գետինը գալարիր որպէսզի թունաւորես:

Ես չեմ ուրանար թէ անզգամ մ՚եմ, բայց դուն էլ, Անկելինայ, ինձ արժանի քոյր ես:

Այո այս նաեւ ճշմարիտ է, միայն հոն է մեր երկուսին տարբերութիւնը, որ դու ի բնէ անպիտան ու վատ ծնէր ես, իսկ ես ինչ որ անզգամութիւն ունիմ քու չարութեանդ հետեւանքն է, եւ վտանգի առջեւ գոնէ անխռով քաշութիւն ունիմ:

Ո՜վ իմ սիրելի քոյրս ինչչա՜փ ազնիւ յատկութիւնք ունիս, ինչչա՜փ առաքինութեանց եւ մոլորութեանց խառնուրդ ես…

Լռէ՛, թո՛ղ ձեռքս, մի՛ հպիր ինձի, հեռո՛ւ:

Կը վախես ինձմէ` քու մէկ հատիկ եղբօրմեդ:

Թումայ, լաւ համոզուի, որ քեզմէ չեմ վախեր, եւ ինչո՞ւ, գիտե՞ս:

Ինչո՞ւ:

Ստութեան, խաբէութեան սատանայ, չգիտե՞ս. ես քու մտքիդ մէջինը գիտեմ, եւ դու չդիտե՞ս: Լաւ, զրուցեմ, որ գոհ լինիս: Ես քեզ պէտք եմ, առանց ինձ դու ոչինչ ես, այդ բանին համար սեպենք թէ վաղր դու յաջողիս զիս թունաւորել եւ ես մեռնիմ, ո՜վ քեզ պիտի պաշտպանէ. ահա միմիայն պատճառը, որ ես իրաւունք ունիմ քեզմէ չի վախելու: Դեռ երէկ կայսրը կ'ըսէր ծիծաղելով. «Եղբօրդ պէս վատթար զինուոր եւ անամօթ գող հատ մ՚էլ չի կայ բոլոր կայսրութեան մէջ: Քու սիրոյդ համար միայն կարելի է համբերել, եթէ ոչ տասն անգամ կախաղանի դատապարտուած էր մինչ հիմա»:

Իրաւ, այդպէ՞ս ըսաւ կայսրը:

Անամօ՜թ, դու կը ծիծաղիս այս լսելով, եւ ես ամաչեցի: Տէ՜, գլուխս ցաւ մտաւ, շատ խօսեցայ հետդ եւ կիրք էլ ելայ, որ չէր արժէր: Ահա քեզի կը պատուիրեմ կրկին եւ կրկին. ոչ մարդու առջեւ, ոչ առանձին այդ հայ աղջկան մազին, զգեստնին պիտի չի հպիս. վա՛յ քեզ եթէ լսեմ եւ իմանամ: Աղջկանը կ'իմացնեմ, որ մինչեւ քու նայուածքդ ինձ իմացնէ, զիս մի պարտաւորէր խստութեան: Իմացա՞ր, կրնաս երթալ:

Լաւ՛, ես յանձն կառնում այդ զոհողութիւնն ըսել եւ այդ գոռոզ հրամանաց զիջանիլ, բայց գոնէ զրուցէ ինձ, ի՞նչ է միտքդ:

Էհ, շատ երկայն եղաւ այս խօսակցութիւնը եւ դու գիտես թէ քանի մը տարիներ կան ոչ Փիլակրիոսի, ոչ քեզի խորհուրդ հարցնելու պէտք չեմ զգացեր, եւ ոչ իմ մտաձութիւնքս յայտնելու:

Յանցանք իմս էր, որ քեզի պէս գազանի մը յանձնեցի աղջիկը, իբրեւ թեւ մարդ կը պակսէր, ըսաւ Թումայ` ելաւ եւ սկսաւ երթալ:

Զրուցէ ինչ որ կ'ուզես, բայց մի՛ մոռնար իմ պատուերս, զի վերջը կը զղջաս…

Իսկ երբ եղբայրն անհետ եղաւ, իր գոռոզ գլուխը շարժէլով կ'ըսէր ինքնիրեն. «Յիմարնե՜ր, չեն իմանար թէ երբ իմ ապագան կ'ապահովեմ, իրենցն ապահոված կը լինիմ»: