Մուշեղի
սիրտը
թէեւ
նեղացած
էր
Զաւէնի
իւր
հրաւէրը
չընդունելուն
վրայ,
բայց
ձայն
չի
հանեց,
ինք
կը
սպասէր,
որ
գայ
առաւօտուն,
կը
սպասէր
նաեւ
այդ
շիրակացի
երիտասարդին,
որու
նժոյգները
յիշեց,
բայց
նա
եւս
չերեւցաւ,
ձիւնը
երբեմն
կ'ուգար,
երբեմն
կը
դադրէր:
Համազասպ
արդեօք
կ'ուգա՞ր,
կը
հարցնէր
ինքնիրեն,
եւ
ահա
իւր
պատուհաններէն
դաշտին
հիւսիսային
կողմի
ճամփան
ճերմակ
ձիւնին
վրայ
տեսաւ
սեւութիւն
մը
որ
երբեմն
փայլ
կառնուր.
զինեալ
մարդիկ
կ'ուգային,
ուրեմն
Համազասպ
էր:
Իսկ
Զաւէն`
կէսօր
էր
եւ
չէր
երեւար,
մարդ
ղրկեց
իջեւան,
որ
իմանան.
վանահայրը
պատասխանեց
թէ`
իւր
հիւրերը
առանց
ձիւնին
նայելու,
որ
բաւական
առատութեամբ
կ'ուգար,
գիշերով
թողէր
Սուրբ
Կարապետ
գնացեր
են:
Կասկածոտ
մարդ`
ինչպէս
ամէն
խորամանկ`
չէր
սիրէր
Զաւէն
առջի
տեսած
օրէն,
իւր
եղբօր
Դաւթի
ժամանակեն,
եւ
խէթիւ
կը
նայէր
միշտ
իրեն.
ուստի
հիմա,
գիշերով
անհետանալն
`այզ
շիրակացուոյն
հետ
տեսակ-տեսակ
կասկածներ
տվփն.
խումբ
մը
թիկնապահաց
հրամայեց,
որ
երթան
Ս.
Կարապետ
եւ
դարձնեն
բերեն
զամենքը
քաղցրութեամբ
կամ
բռնութեամբ:
Նոյն
միջոցին
Համազասպ
իշխանը
երեւցաւ.
ծանրագլուխ
երիտասարդ
մ՚էր
սա,
ազնիւ,
հանդարտ
եւ
քաղցր
կերպ
ունէր,
իւր
ժամանակին
ոչ
միայն
ուսումնասէր,
այլեւ
ուսումնականը
կը
սեպուէր:
Հայրենի
հնաւանդ
սովորութեանց
հնազանդ
եւ
պատկառ,
թէպէտ
ակամայ`
շատ
անգամ
Մուշեղի
տեղի
եւ
անիրաւ
հրամանաց
նաեւ
կը
հնազանդէր:
Թէպէտ
իւր
այս
հպատակութիւնը
ոմանք
շահասիրութեան
կ'ուտային,
վասնզի
Մուշեղ
ժառանգ
չունէր
եւ
յամառ
մարդ
էր
եար
կարծեաց
վրայ:
Սիրով
ընդունեց
զինք
Մամիկոնեանց
նախարարը,
եւ
բնականաբար
առաջին
հարցմունքն
այն
եղաւ
թէ
ի՞նչ
կը
պարունակէր
Կամսարականաց
կողմեն
եկած
նամակը,
երբ
իմացաւ
թէ
գրեթէ
նոյն
իմաստն
ունէր
—
Ի՞նչ
պատասխան
տւքփր,
—
հարցուց:
—
Դեռ
պատասխան
չի
տուի,
վասնզի
ուզեցի
հարցնել`
խնդիրն
աւելի
ձեզ
պատկանելով,
որ
գլուխ
էք
Մամիկոնեանց
տան:
Այս
պատասխանը
զուարթութեամբ
լցուց
զմուշեղ,
իւր
իրաւունքներն
կը
յարգէր
Համազասպ:
—
Բայց
ի՞նչ
կարծիք
ունիս
այս
առաջարկութեան
վրայ,
ի՞նչ
պատասխան
կարծես
որ
պէտք
է
տանք:
Երկրի
մը
կառավարութիւն
կանանց
յանձնել
կարելի՞
է,
—
հարցուց
Մուշեղ:
—
Խնդիրը
եթէ
այդպէս
առն
ունք,
կանանց
իրաւունք
կ'ուտանք,
վասնզի
մենէ
առաջ
եւ
մեր
օրով
կը
տեսնենք
նախարարաց
այրի
կանայք,
որ
տարիներով
բացարձակ
իշխանութիւն
կը
վարեն
մինչեւ
իրենց
զաւակաց
մեծնալր:
Սիւնեաց
երկիրը
հարիւր
տարուան
միջոցի
մէջ
երեսուն
տարի
կանանց
ձեռոք
կառավարուէր
է
Սահաթայ
եւ
Բիւրեղ
տիկնանց
օրով,
եւ
բնակիչք
աւելի
գոհ
եղեր
են
շատ
անգամ
նոցայ
կառավարութեամբ:
Բայց
խնդիրը
հոն
է
թէ
կանայք
իրաւունք
ունի՞ն
նախարարական
իշխանութիւն
ժառանգելու,
հայրենի
ժառանզութենեն
արտ
մը,
ագարակ
մը,
տուն,
պալատ
կրնան
ունենալ,
բայց
կալուածական
իշխանութեան
օրինակ
չի
կայ
Հայաստանի
մէջ:
—
Ահա
պատասխանը,
որ
ես
կ'ուզեմ
ընել
այդ
մարդկանց,
որ
առանց
ամաչելու
այդպիսի
առաջարկութիւն
կ'ընեն
մեզ:
—
Միայն
պէտք
է
խորհրդածէք,
Տէր,
որ
այդ
առաջարկութիւն
հր
կաթողիկոս,
մարզպան
եւ
նախարարաց
ժողովս
մը
հաւանութեամբ
կը
լինի:
—
Այդ
է,
որ
զիս
կը
զայրացնէ:
Վասնզի
կը
տեսնեմ,
որ
կաթողիկոս
եւ
նախարար
մարդու
մը
քմահաճույից
կը
ծառայեն
ստրկաբար:
Եւ
այդ
մարդը`
այդ
Թէոդորոս,
դուք
չէք
ճանչեր
եւ
ես
կը
ճանչեմ
ու
կը
գուշակ
եմ:
Տղայ
էինք
Տիզբոն
արքայից
արքայի
դուռը,
երբ
սա
էլ
եկաւ,
անհանդարտ,
կռուասէր,
բռնաւոր,
կամակոր,
ամէնուն
կուղէր
իշխել,
այն
տարիքին
ցոյց
կ'ուտար
թէ
ինչ
էին
իւր
բոլոր
դիտաւորութիւնքը,
որ
այսօր
համարձակ
կուզեր
ի
գործ
դնել,
տկարներուն
պաշտպան
հանդիսանալ
եւ
նոցայ
օգնութեամբ
հզօրներուն
գլուխը
ջախջախել:
Իրեն
հոգ
չեն
հայրենի
օրէնք,
հնաւանդ
սովորութիւնք
եւ
կանոնք,
ամէն
բան
կարհամարհէ,
առաթուր
կը
կոխէ
իւր
նպատակին
հասնելու
համար:
Ի՜նչ
էր
Ռշտունեաց
գաւառը,
երբ
ժառանգեց
հօր
իշխանութիւնը.
փոքրիկ
վիճակ
մը.
—
ի՞նչ
դարձաւ
այսօր.
ահագին
նահանգ
մը:
Վասպուրականի
մէջ
Արծրունեաց
արծիւը
սմքէր,
թռիչքը
սանձուէր
է:
Ռշտունեաց
բազէն
թեւերը
կը
տարածէ
եւ
կը
խոյանայ:
Բզնունեանց
երկրին
տէր
եղաւ:
Բաղէշ
իւր
ամրութիւնն
է.
Աղթամարայ
ծովուն
բացարձակ
տէր
եղաւ.
Խորխոռունիք
իւր
ամենախոնարհ
ծառայքն
են
դարձեր:
Մոկացիք
եւ
մենք
միայն
ազատ
ենք
մնացեր
իւր
ազդեցութենեն:
Հեռաւորներու`
Վրաց
եւ
Աղուանից,
Սիւնեաց
դաշնակից,
մերձաւորներու
բռնաբարիչ,
Հայաստան
այնպիսի
փառասէր,
յանդուգն
մարդ
մը
չի
տեսաւ
Վասակ
Սիւնիեն
ի
վեր:
Թագաւորել
միմիայն
երազն
է
այդ
մարդուն:
Կինն
էլ
իրեն
յարմար,
տուն
նստել
չգիտէ,
քաղքէ
քաղաք
կը
շրջագայի
աղջկութենեն
որսորդութեան
սովոր
կին,
քաղաքներ,
վիճակներ
որսալու
կ'աշխատի,
չա՛ր
օրինակ
ամէն
իշխանազն
կանանց,
որ
վաղը
պիտի
ելնեն
իշխանութիւնը
բաժնելու
իրենց
էրկանց
հետ,
եւ
ամէն
տուն
ապստամբութեան
եւ
խռովութեան
բոյն
պիտի
դառնայ:
Այդ
կնոջ
բանսարկութեամբ,
խառնակչութեամբ
րզնունեաց
գաւառին
տէր
դարձան
Ռշտունիք.
երկու-երէք
իշխանք
խաղաղութեամբ
կը
տիրէին
հրկրին,
այդ
կինը
առանց
երեւալու,
առանց
տեսնուելու
մին
միւսի
հետ
ձգեց:
Ճիշտ
այն
ժամանակին,
երբ
ես
զբաղած
էի
Հաշտենից
գաւառի
գործերու
հետ,
իշխանը
հիւսիսականաց
դէմ
էր
գնացեր:
Ենք
կին`
առանց
ամաչելու
եկաւ
Դատուան
նստաւ
արքայօրէն
ճոխութեամբ,
ատեան
կապեց,
ամբաստանութիւնք
հնարեց,
իշխան
մարդիկ
զատել,
դատապարտել
տուաւ,
ինք
առերեսս
ներկա
չի
գտնուելով`
իբրեւ
թէ
բանի
մը
չի
խառնուեցաւ,
եւ
միայն
վճիռն
ի
գործ
դրաւ.
մէկը
Բաղէշու
բերդը
փակեց
իբրեւ
մահապարտ
դատապարտեալ,
միւսը`
որու
յանցանքը
մեզի
բողոք
ըրած
լինիլն
էր,
անբնակ
կղզի
մը
դնել
տուաւ
ընտանեօք
եւ
երկիրներն
գրաւեց.
միայն
Գարեգին
Բզնունի,
որ
ոչխարի
պէս
ապուշ
մէկն
էր,
թողուց
երկրին
մէջ,
եւ
դարձեալ
ապահով
չի
համարելով
Ռշտունեաց
իշխանութիւնը`
իյրտուիլակ
բերաւ
հաստատեց
ծովան
եզերքը
այդ
դաժան
ծերը,
Ատոմ
Շահունին:
Իսկ
ինք`
միշտ
զբաղած
է.
ահա
երրորդ
կաթողիկոսն
է,
որ
կը
դնէ,
միշտ
նախարարաց
ժողով
կը
հնարէ
Դուին,
եւ
ժողովին
մէջ
ինք
կը
խօսի,
ինք
կը
գործէ.
համարինք
թէ
զինուոր
է,
զինուորութեան
վրայ
վիճի
եւ
վճռէ,
իշխան
է
կառավարութենէ
կը
հասկնայ
իրաւունք
ունենա
հրամայելու,
բայց
ի՜նչ
ընենք,
որ
վարդապետ,
եպիսկոպոս,
կաթողիկոս
կը
լռեցնէ,
գլխնոայ
աստուածաբան
կը
դառնա:
Գիտեմ,
իր
փափագը
միշտ
ան
եղած
է,
որ
հաստատ
ժողով
մը
կազմէ
նախարարաց
ի
Դուին,
եւ
այդ
ժողովքին
զօրութեամբ
իշխէ
բոլոր
Հայաստանի,
բայց
Մուշեղ
դեռ
կենդանի
է:
Համազասպ
լուռ
մտիկ
կ'ընէր
այս
խօսակցութիւնը,
թէպէտ
լաւ
դիտէր
թշնամիք,
որ
իրար
կ'ատեն
երբեք
արդար
չեն
կրնար
լինիլ
իրենց
դատողութեանզ
մէջ:
Ուստի
նստաւ,
Մուշեղի
բերնեն
երկայն
պատասխան
գրեց
Կամսարական
իշխանի
նամակին,
մերժելով
կանանց
ամէն
ժառանգական
իրաւունք
գաւառաց
վրայ,
հազիւ
թէ
ընդունելով
Դաւթի
իւր
եղբօրորդուոյն
իրաւունքը
հայրենի
բնակարանին
վրայ,
որ
էր
Վարդանաբերդ:
Այս
նամակը
Համազասպայ
ձեռոք
գրեալ`
Մուշեղի
կնքով
վաւերացեալ,
երբ
կը
սպասէին
Զաւէնի
Ս.
Կարապետէ
վերադարձին,
որ
յանձնեն
եւ
երթա,
ահա
թուղթ
մը
բերին
Մուշեղի
սպասաւորք,
որ
շինական
մը
աւէր
եւ
գնացեր
էր:
Իշխանը
չի
բացած`
տուաւ
Համազասպայ,
որ
կարդայ,
եւ
նա
սկսաւ
կարդալ.
«Մեծազօր
իշխանիդ
Մուշեղի,
Մամիկոնէից
Տեառն
խնդալ.
ուրախալիր
լուր
կը
հաղորդեմ.
ձեր
եղբօրորդուոյն
Գրիգորի
յաջողութեամբ
դարձն
ի
գերութենէ.
իմ
պաշտօնս
վերջ
կառնու
բնականաբար
ինչպէս
ձեր
պատասխանն
առ
Կամսարական
իշխան`
նորա
գալստեամբ:
Ձեր
բարձր
տէրութեան
խոնարհ
ծառայ`
Զաւէն
Կ'աղզուանեցի»:
—
Ոչ
թուական
եւ
ոչ
տեղի,
քաղաքի
կամ
շէնի,
միայն
կնիք
«Յիսուս
Քրիստոսի
ծառայ
Չաւեն»,
ըսաւ
Համազասպ
գլուխը
վեր
առնելով:
—
Խաբէութիւն
կայ
այս
բանիս
մէջ,
—
զրուցեց
Մուշեղ,
—
երբ
տեսան
թէ
ես
պիտի
չընդունեմ
աղջկան
մը
երեւակայալ
իրաւունք`
այս
դաւը
պատրաստեցին:
—
Բայց…—
կ'ըսէր
Համազասպ
զիրը
լաւ
մը
զննելով,
—
ես
կը
յիշեմ
Գրիգորի
գիրն,
այս
նորա
գրին
բոլորովին
կը
նմանի:
Շուտով
գնացէք,
—
կը
հրամայէր
Մուշեղ
սպասաւորաց,
—
ո՛վ
որ
այդ
շինականը
դտնէ,
ինձմէ
պարզն
կը
ստանայ:
Ծառայք
դուրս
թափեցան
եւ
ժամ
մը
չանցած`
ահա
տրեխաւոր
խեղճուկ
գիւղացի
մը
կանգնեցուցին
Մուշեղի
առաջ:
—
Դո՞ւ
էիր,
որ
այս
թուղթը
բերիր,
—
հարցուց
Մուշեղ
խստութեամբ:
—
Այո,
տէր:
—
Ո՞վ
տուաւ
քեզ
այդ
թուղթը:
—
Ալեւոր
հեծեալ
զինուոր
մը:
—
Ո՞ւր
տուաւ
քեզ
այդ
թուղթը:
—
Արքունի
ճանապարհին
վրայ:
Ես
նորաշէնէ
ելած`
Առաքելոց
վանքին
մօտ
տեսայ
զիրենք.
հինգ
ձիաւոր
էին.
ծերը
ինձ
տուաւ
թուղթր,
որ
բերեմ
ձեզ,
երիտասարդ
մը,
որ
շատ
լաւ
ձի
ունէր`
ինձ
ոսկի
մը
տուաւ:
—
Տեսնեմ
ոսկին:
—
Ահա,
—
ըսաւ
գեղացին
եւ
շուտ
մը
շորերու
փաթոյթէ
հանեց
տուաւ
իշխանին:
—
Սասանեաց
ոսկի
մը,
—
ըսաւ
Մուշեղ
նայեւեն
վերջ
եւ
նետելով
դարձուց
շինականին:
—
Ո՞ր
կողմ
գնացին:
—
Դէպի
Բաղէշ
կ'երթային:
—
Ինչպէ՞ս
մարդ
էր
երիտասարդը:
—
Քսան-քսաներկու
տարու,
քիչ
մորուոք,
քաղցր
եւ
գեղեցիկ
աչքերով
տղամարդ
էր:
—
Լաւ՛,
իմացայ.
եւ
իշխանը
ձեռոք
ըրաւ,
որ
երթայ:
Երբ
գիւղացին
դուրս
ելաւ
ոսկին
զետեղելով
գրպանին
մէջ,
Մուշեղ
երկար
մտածութեան
թաղուեցաւ,
միտքը
կը
բերէր
արաբացի
ձիերու
տէր
երիտասարդը,
նորա
քաղցր
ու
գեղեցիկ
աչքերը,
տարիքը,
դեռաբոյս
միրուքը,
եւ
Համազասպայ
ըսելը,
թէ
նամակին
գիրը
Գրիգորի
գրին
կը
նմանէր:
Այն
նաեւ
կը
խորհրդածէր
թէ
Սուրբ
Կարապետ
երթալու
խօսք
ըրած
էին
այդ
մարդիկր,
եւ
փոխանակ
հիւսիս
երթալու
հարաւ
կ'էրթային:
Ինչպէ՜ս
նոյն
գիշերը
իւր
յուղարկած
խումբը
դառնալով
լուր
բերին,
թէ
այնպիսի
մարդիկ
չէին
եկած
վանք:
—
Բայց
ինչո՞ւ
Բաղէշ
կ'երթային:
—
Զաւէն
այնպէս
որոշեց,
որպէսզի
եթէ
Մուշեղ
կասկածի
իրենց
փախստեան
վրայ
եւ
խնդրակ
հանէ,
իրենք
հակառակ
ճամփով
Ռշտունեաց
իշխանութեան
երկիրն
արդէն
հասած
լինին.
ինչպէս
եւ
եղաւ:
Նոյն
գիշերը
մտան
Բաղէշ
հանգիստ:
եւ
զուարթ`
ինչչափ
որ
դառն
յիշատակներ
կը
ներէին
Գրիգորի
զուարթ
լինիր
Զաւէնի
խորհուրդը
այն
էր,
որ
մինչեւ
Ռշտունեաց
Ոստանը
հասնէին
չի
յայտնէ
մարդու
Գրիգորի
էութիւնը.
այս
նաեւ
Գրիգորի
փափագն
էր,
որ
մայրը
կ'որսնցնելեն
վերջը`
իւր
բոլոր
սիրտր
Թենիի
վրայ
դարձուցեր
էր
եւ
չի
համարձակելով
ումէք
յայտնել
իւր
սէրը`
անձամբ
կուզեր
երթալ
տեղեկանալ:
Ուստի
այն
գիշեր
Բաղէշ
անցնելեն
վերջ`
երկրորդ
առաւօտուն
ելան
ճամփայ
ուղղուելով
դէպ
Ոստան:
Քանի՛
կը
մօտենար
Գրիգոր
իւր
նպատակին`
երկիւղը
սրտին
կը
տիրէր,
նախանձը,
որ
միգուցէ՛
Թենի
իրմէ
յուսահատ
ուրիշի
մը
իւր
սիրտր
տուած
լինի`
զինքը
կ'ուտէր:
Հինգ
օր
ուղեղնացութենէ
վերջ
մտան
Ոստան:
Թէոդորոս
հոն
չէր.
ձմեռային
դահլիճը
զիրենք
տարին
սպասաւորք
եւ
ահա
մեր
հին
բարեկամր
Յուսիկ
եկաւ
ողջունելու
հիւրերը
եւ
տեղեկանալու
իրենց
որպիսութեան
վրայ:
Գրիգորի
մթագոյն
հագուստները,
իւր
դեռաբոյս
միրուքը
բաւական
էին,
որ
Յուսիկ
չյիշէ
երիտասարդը.
ուստի
երբ
իմացաւ
թէ
Գրիգոր
Մամիկոնեան
զերութենէ
ազատ
եալ
եկեր
է,
գնաց
Ռշտունեաց
Տիկնոջ
իմացնելու:
Բոլոր
պալատը
շուտ
մը
տարածուեցաւ
այդ
գալստեան
համբաւը,
Սէթայ
շատ
ազնիւ
եւ
քաղցր
ընդունելութիւն
ըրաւ
Գրիգորի,
երբ
մօրը
խօսքը
բացուեցաւ
եւ
Գրիգոր
արտասուքը
կը
ջանար
սանձելու,
ինք
նաեւ
փղձկելով,
«Որդեակ
Գրիգոր,
—
ըսաւ,
—
արտասուքէ
մ՚ամաչէր,
ամէն
քարէ,
ապառաժէ
սիրտ
ունեցող
անզգաները
մի՛
կարծէր
թէ
քաջասիրտ
կը
լինին,
ահա՛
մեր
Յուսիկը,
աշխարհք
ջարդուկոտոր
որ
լինի
կաթիլ
մը
արցունք
չունի,
բայց
մերկ
սուր
մը
տեսնելուն
ձեռքն
ու
ոտքը
կը
դողա»:
Տիկինը
խօսքը
փոխելու
եւ
միանգամայն
տեղեկանալու
համար
սկսաւ
հարցնել
նորա
գերութեան
կեանքին
համար,
երբ
Թենի
ներս
մտաւ`
իւր
տասնեօթ
տարիներու
գեղեցկութեամբ:
Գրիգորի
աչքերը
շլացան.
Թենի
աճել
էր`
եւ
իւր
գեղեցկութիւնը
նոյնպէս
հետն
էր
աճել,
այլայլութիւնը,
փափուկ,
թեթեւ
կարմրութիւն
մը
թերեր
իր
երեսին,
եւ
իր
լուսալիր
աչքերը
ուրախութեան
եւ
միանգամայն
սպասող
ու
յուսահատ
տխրութեան
կնիքը
կը
կրէին:
Մտքի
արագութեամբ
բաղդատութիւն
ըրաւ
խեղճ
երիտասարդը
իւր
արաբական
արեւեն,
խորշակեն,
սառնաշունչ
քամիներէն
այրած
երեսին,
իւր
դժնդակ
գերութենէ,
ճանապարհորդութեանց,
սրտադողներէ,
վտանգներէ
հալած
մաշած
մարմնոյն,
եւ
իւր
անձը
շատ
ստորին
գտնելով
ամպ
մը
աչքերը
պատեց:
Բայց
երբ
Ռշտունեաց
Օրիորդը
եկաւ
ձեռքեն
բռնեց,
եւ
բաւական
միջոց
ժամանակի
հետը
խօսելով`
զայն
սղմեց,
քաջալերուեցաւ
եւ
Տիկնոջ
հարցմունքին
պատասխանելով
նկարագիրն
ըրաւ
չորս
տարուան
կենաց,
որ
կարելի
էր
զրուցել
տանջանաց:
Տեսաւ
Թենի,
որ
գաղտնի
աչքերը
կը
սրբէր,
եւ
երբ
գերութենէ
ազատեալ
արաբացի
խումբերու
հետ
իրենք
երեք`
տասնի-քսանի
դէմ
նկարագիրն
էլ
ըրաւ`
կը
տեսնէր
Թենիի
կերպարանքին
այլայլութիւնը
եւ
երբ
Եփրատէ
անցնիլ
ու
կատարեալ
ազատութիւն
գտնելը
պատմեց`
տեսաւ
նորա
ուրախութիւնը,
սիրտ
առաւ,
եւ
յուսոյ
համոզմունք
մը
եկաւ
սրտին,
թէ
Օրիորդը
զինք
կը
սիրէր
դեռ:
Բայց
միւս
կողմեն
Սէթայ
նաեւ
սրատես
աչքեր
ունէր:
Այդ
առաջին
անգամ
նշմարեց`
եթէ
ոչ
սէր
իւր
աղջկան
եւ
երիտասարդին
մէջ.
գոնէ
համակրութիւն:
Եւ
այս
համակրութեան
ինք
հակառակ
չէր,
վասնզի
Գրիգորի
արժէքը
թեթեւ
կերպով
չէր
դատեր,
այլ
կը
նայէր
վայելուչ
եւ
համեմատ
հասակին
հետ
դիմաց
գեղեցկութեան,
որու
վրայ
օդոց
խստութիւնը
թոյլ
հարուածով
անցէր
եւ
առնացի
կորով
բերելով`
կանացի
մեղկութեան
ստուեր
չէր
թողէր:
Նոյնպէս
դիտեց
եւ
կշռեց
նորա
մտաւոր
կարողութիւնը,
որովհետեւ
բոլոր
այդ
պատմութեան
մէջ
Սուրէնի
արժանաւոր
գովութիւնները
տալով`
երիտասարդը
երբեք
իւր
անձին
պարծանքի
փայլ
չի
տուաւ:
—
Իսկ
ուրացութեան
մասը
Գրիգորը
լռութեամբ
անցաւ,
վասնզի
այդ,
որ
իւր
սրտին
վրայ
կը
ծանրանար`
հազիւ
թէ
առանձին
քահանայի
մը
խոստովանելու
քաջութիւնը
կը
զգար,
իսկ
բազմութեան
մէջ
աշխարհաքարոզ
լինիլ
կ'արողութենեն
վեր
էր:
Թէպէտ
Գրիգոր
Թենիի
սիրոյն
վրայ
սկսաւ
յուսալ
թէպէտ
Սէթայի
համակրութիւնը
կը
տեսնէր,
որ
իր
վրայ
մօր
խնամք
կը
ցրցնէր,
բայց
դժբախտութեան
բովուց
մէջ
փորձեալ`
հազիւ
թէ
հասակին
գարունքը
ոտք
դրած
հայր,
մայր,
քոյր,
ազատութիւն,
ստացուածք,
իշխանութիւն,
վերջապէս
ամէն
բան
իրարու
վրայ
կորուսած`
եւ
որ
աւելին
է
իւր
ամենամերձ
համասէրունդ
ազգականները
տեսնելով,
որ
իւր
մահուանը
կը
փափագէին
եւ
իւր
կենդանութեանը
զիրենք
թշնամի
նկատելով
պարտաւոր
եալ
էր
փախստեամբ
իրենցմէ
հեռանալ,
շրջահայեաց
կը
մտածէր
թէ
միգուցէ՛
խաբուի`
աղջկան
եւ
մօր
կարեկցութիւնն
ու
գութը
սիրոյ
փոխանակ
առնելով.
ուստի
յուսոյ
եւ
երկիւղի
մէջ
տատանեալ
սիրտը
կը
ծփար,
եւ
դիպող
ժամուն
կը
սպասէր
Թենին
առանձին
տեսնելու:
Բայց
ամառուան
եղանակին
մէջ
չէինք:
Ոչ
պարտէզ
կար,
ոչ
ծաղկոց,
ոչ
ծովու
հանդարտ
գեղեցկութիւն,
ոչ
լուսնի
քաղցր
նշոյլ,
բոլոր
յոյսը
գրքատան
վրայ
էր,
ուր
թերեւս
կարելի
լինէր
առանձին
տեսութիւն
մը
ունենալ:
Երեկոյին
ընթրեցին.
Զաւէն
այս
եղերգին
բոլոր
պատմութիւնը,
որուն
ինք
ականատես
էր
եւ
որ
իրեն
կը
վերաբերէր
պատմեց
պարզութեամբ
եւ
ամէնքը
արտասուքով
լսեցին.
Յուսիկ
նաեւ
հետաքրքրութեամբ
ուշ
կը
դնէր
ամէն
պարագայից.
եւ
երբ
կ'էս-գիշէր
եղաւ
եւ
Գրիգոր
իրենց
ի
Տարոնոյ
խոհեմութեամբ
հեռանալը
պատմեց
ու
լռութիւն
յաջորդեց`
Ռշտունեաց
Տիկինը
կանգնեցաւ,
եւ
ամէնքը
ոտթ
ելան.
«Ժամանակն
ուշ
է,
որդեակ
Գրիգոր,
—
ըսաւ
մօտենալով,
—
մենք
մոռցանք
քու
ճամփորդութեան
յոգնութիւնդ
յանգիր
այս
գիշեր,
վաղր
եւ
ձմեռուան
մնացորդն
ունինք
տեսնուելու
համար:
Իշխանը
քանի
մը
օրէն
կ'ուգայ,
կ'իմանայ
քեզ
դէմ
եղած
անիրաւութիւնքը,
իւր
արդար
հոգին
չի
կրնար
հանդուրժել
զրկանաց.
անտարակոյս
իւր
բոլոր
կարողութեամբ
իրաւունքդ
պիտի
պաշտպանէ,
եւ
քու
բոլոր
քաշած
նեղութիւնքդ
ժամանակը
պիտի
մոռցնէ:
Ես
շատ
ուրախ
եմ,
որ
հօրեղբօրդ
անիրաւութիւնը
Ռշտունեաց
հովանուոյն
դիմելու
քեզ
բերաւ,
դու
իմ
սիրելի
եւ
սուրբ
բարեկամուհուոյս
զաւակն
ես,
մի՛
զարմանար,
եթէ
մօր
մը
սիրտ
զգամ
քեզ
համար,
եւ
կը
փափագիմ,
որ
այս
վիշտերուդ
երջանիկ
օրեր
փոխանակեն»:
Այս
քաղցր
խօսքերուն
Գրիգոր
իշխանուհուոյն
ձեռքը
միայն
պագնելով
պատասխանեց:
Երբ
նա
Օրիորդին
հետ
իւր
սենեակները
քաշուեցաւ,
Յուսիկ
տարաւ
զգրիգոր
եւ
Զաւէն
իրենց
համար
պատրաստեալ
սենեակները,
ուր
չորս
տարվնէ
վերջ
Գրիգոր
կը
գտնէր
փետրալից
անկողին,
գիշերային
զգեստներ
եւ
իշխանական
կենաց
ամէն
դիւրութիւն,
որ
Վարդանայ
բերդի
վերջին
երեկոյեն
ի
վեր
բոլորովին
մոռցեր
էր:
Բայց
Գրիգոր
չի
մոռցաւ
զգազրիկ`
իւր
գերութեան
եւ
ճամփու
ընկերը,
Յուսիկի
հետ
գնաց
զինք
տեսաւ,
որ
թիկնապահաց
հետ
հանգիստ
կը
խորդար,
եւ
նորա
մասնաւոր
խնամող
յանձնեց
պատուական
մարդը,
ու
գնաց
մտաւ
իւր
խուցը: