Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կան աշխարհքիս մէջ մեծասիրտ մարդիկ, որ Դիոգինէսի` կամ անապատ ականներ ու եւ կամ տեսակ մը փիլիսոփաներու պէս կ'արհամարհեն հարստութիւն եւ շատ անգամ խստութեամբ կը դատեն հարուստները եւ նոցայ հարստութեան միջոցները, բայց փորձը յայտնի կը ցցնէ, որ շատ քիչեր կը գտնուին, որ իրենց սրտին ճշմարիտ համոզմունքը կը խոստովանին, վասնզի արդար կամ անիրաւ շահն նաեւ ձեռք բերելու եւ պահելու համար բնական յարմարութիւն եւ պարագայից օգնութեան պէտք է: Շատ անգամ դիտողութեան արժանի է, որ չքաւորութենէ հարստութեան ելած մարդիկ ոչ միայն իրենց կենցաղավարութիւնը կը փոխեն, այլեւ իրենց լեզուն. արհամարհ ոսկին կ'անցնի իր արժանավայել աթոռը, ուր մարդկութիւնը զինք ամուր եւ անշարժ զետեղէր է. վասնզի առանց անոր ոչինչ մեծ գործ կարելի չէ առաջ տանիլ:

Սպարտա այն օրը, որ Յունաստանի տէր լինիլ մտքին մէջ հաստատեց, իւր երկաթի դրամը թողուց եւ ոսկին ձեռք առաւ:

Թէոդորոս բարձր եւ ազնիւ սրտով այն մարդոցմէ էր, որ ոսկին չեն պաշտէր, բայց անոր կարեւորութիւնը մեծ գործ մը առաջ տանելու համար լաւ կը ճանաչեն, ուստի Բագրատունի Տիկնոջ գանձին օգնութիւնը իր սրտին յոյս բերաւ, եւ երբ սեղան նստան ամէնքը նշմարեցին, որ իւր ճակտին կնճիռները բաւական պարզուած էին, եւ այդ մարդը աւելի քաղցր ու զուարթ կը խոսէր:

Ներսէս Տայոց գաւառի Իշխան գիւղեն էր, գրեթէ քառասնամեայ, վայելուչ, սիրուն կերպարանոք էր. ազատ եւ չքաւոր ծնողաց զաւակ, զինուորութեան հետեւելով, սրամիտ եւ ուսումնասէր ի փոքր հասակեն, մայրենի լեզուին հետ յունարէն նաեւ սովրելով, Հայաստանի զանազան գաւառները շրջելեն վերջ, թողած էր հայրենի տունն ու երկիրը, գնացեր էր Յունաստան, Անտիոք, Աղեքսանդրիա եւ Կոստանդնուպոլիս զինուորական աստիճաններու մէջ բաւական յառաջայ դիմութիւն ունեցեր էր, ոչ զինուորական քաջութեանց համար` այլ աստուածաբանական վիճաբանութեանց մէջ բաւական հմտութիւն ցցնելուն: Վասնզի ո՞վ էր մարդ այն ատեն, որ գիտուն կամ տգէտ այն անսահման եւ անիմանալի գիտութեան անտեղեակ լինէր. արքայական գահույից բարձրութեան վրայ նստեալ կայսրը ոսկի գաւազան ի ձեռին աստուածածին բնութեան քննութեան կը պարապէր լրջաբար, լրջաբար նոյնպէս խոհակերը ջնջոց եւ դրգալ ձեռին, նոյն նիւթերուն վրայ կը խորհրդածէր, մին իւր տէրութեան կառավարութիւնը կը մոռնար` միւսը` իւր կերակուրին վիճակը:

Ռշտունեաց տէրը, որ յունաց սովորութեանց լաւ տեղեակ էր` անրնդհատ յարաբերութիւն ունենալով այս ազգին հետ, որ գրեթէ Պարսից տէրութեան անիշխանութեան եւ տկարանալեն վերջ Հայաստանի տէր ինքզինք կը համարէր, ամէն տեսակ տեղեկութիւն կը հարցնէր, կը փնտրեր այդ յունական սպային, որ իւր Հարցմանը խելօք եւ գոհացուցիչ կը պատասխանէր, եւ որ մեծն է տխուր համեստութեամբ զարմացուց զթէոդորոս, մինչեւ որ իւր սովորական զգոյշ ծանրութենեն ելնելով, հարցուց.

Այս ամէն իմ հարցմանց կը տեսնեմ, որ շատ հմտութեամբ կը պատասխանես, բայց խնդիր մը միայն կը մնա պարզել, ընդհանուր քու վրայ տխրութիւն մը կը տեսնեմ, միթէ կարելի չէ իմանալ թէ ինչի հետեւանք է այդ:

Ժամանակիս դառնութեան վիճակը, իշխան, ամէն անհատի վրայ իւր ազդեցութիւնն ըրած է կերպով մը. ես էլ բնական թէ իմ բաժինս պէտք էր ունենայի` եւ ունեցայ այս ունայնութեան աշխարհիս վրայ, եւ կը գտնեմ, որ շատ ապրեցայ, զարմանք չէ, որ ուրախ չեմ:

Քառասունը հազիւ անցած այս լեզուն գործածելու եւ այս սրտի տխրութեան համակելու համար պէտք է որ մարդու մը շատ յոյսերն դերեւ ելած լինին. ես քու գաղտնեաց հետաքրքիր լինելու փափագ չունիմ, բայց խորհուրդ կ'ուտամ, որ ոեւիցէ՛ դժբախտութեան եւ բախտին հակառակութեան առջեւ մարդ եթէ մարդ է կորով ունենա եւ չընկճի մինչեւ իւր շունչի վերջի վայրկեանը: Դու դեռ երիտասարդ` պատերազմի դաշտի վրայ զէնքերու մէջ փորձ առած, ինչպէ՞ս կը համարձակիս այս ծեր զօրավարին առջեւ (ցցնելով զսարզիս Տայեցի), որ Սմբատայ նիզակակից` Հեփթաղայ ահագին մարտից մասնակցէր է, երբ հարիւր հոգուով ի բիւրաւորաց պաշարեալ ոչ օրով, ոչ շաբաթով այլ ամիսներով յուսահատութեան պատերազմը պատերազմէր է, այսպէս խօսիլ: Փոխէ՛ այդ լեզուդ, ո՜վ քաջ, ե՛կ ինձ հետ, տե՛ս որչափ գործ եւ ինչչափ ընդարձակ ասպարէզ կայ առջեւնիս. կամ այն է որ կը կանգնեցնենք այս խեղճ Հայաստան, այս ինկած հայրենիք, կամ իրեն հետ կ'իջնենք գահավէժ… Բայց ոչ, մենք շատ կարելի է, որ իջնենք, բայց նա դեռ կ'ապրի եւ պէտք է ապրի, վասնզի աստուած չի կրնար մեր նախարարաց, իշխանաց, ազատաց յանցանքը տուժել տալ անմեղ ժողովրդեան, որ մեր լուծը կը տանի, որ զմեզկը սնուցանէ, որ մեր պերճութեանց, մեր քմահաճույից, մեր անառակութեանց կը ծառայէ, եւ զօր մենք մեր գոռոզ ամբարտաւանութեան մէջ` անազատ եւ շինական կ'անուանենք արհամարհանոք եւ իր համբերող ուսոց վրայ բեռ բեռան աւելցնել չենք դադարիր անխղճաբար: Այո՛, կ'ուգայ անշուշտ օր մը, օրը ապագայ գարուց ստուերներու մէջ ծածկեալ, այն օրը, ուր մեր նախարարական անունները անհետ, աներեւոյթ լինին Հայաստան աշխարհքի վրայեն եւ ապատն ու անազատ ի մի ձուլեալ բռնութեան մուրճերու հարուածներէն` միաբան եւ միաւսիրտ թօթափեն շղթայները եւ եղբայր զիրար անուանէն:

Եթէ այդ խօսքերը Ռշտունեաց Տէրը` Հայոց Մարզպանն եւ զօրավար չի զրուցէր` եւ ինձի պէս սովորական ազատ մը համարձակէր` իբրեւ խռովարար ժողովրդեան ամէն իշխան պատմել իրաւունք կը համարէր:

Ի՜նչ զարմանք, որ ամէն իշխան անիրաւութիւնը օրէնք համարի, երբ Լուսաւորչայ աթոռին հաստատութեան պահապանն նորա հիմունքը կը վարէ: Բայց ո՞ւմ է յանցանքը. դարձեալ եւ միշտ կ'ըսեմ. անաչառ մարդը` Քրիստափոր, անարգեցինք, նորա լեզուն «սուր սուսեր» է րսինք, չարախօսներ, զրպարտիչներ, սուտ վկաներ բերինք եւ աստուծոյ մարդուն կենաց սրբութիւնը աղտեղել ջանացինք. իսկ նա ինչպէս կը վայելէր ճշմարիտ քահանայապետի աստուծոյ, այս միայն ըսաւ. «Իբրեւ յաջորդ Ներսէսի Մեծի այս աթոռին բարձրութիւնը չեմ խոնարհեցնէր անարգանոք. այլ անոր պատիւը եւ միութիւնը պահելու համար իմ կամօքս կը հեռանամ. Քրիստոս հրամայեց զփոշի ոտից թօթափել, ես ահա այս փակեղը կը թողում: Աստուած, որ կը սիրէ իւր հոտը` արժանաւոր հովիւ տա իրեն»: Եւ աստուած, որ չէր կրնար սիրել ապերախտ ժողովուրդ մը, Եզրը տուաւ իրեն կաթողիկռս, որ իւր հոտը հերկուս պատառեց: Բայց թողունք այս խօսքերը. հանգչինք, եւ վաղն առաւօտ երթանք մեր ճամփան, տեսնենք աստուած` ի՞նչ կը ցցնէ:

Ի՞նչ էր Թէոդորոսի միտքը: Հայաստանի վերա կազմութիւն մը ինք կ'երկնէր: Տեսնելով Պարսից անկումը, Յունաց ինքնակալութեան տկարութիւնն ու թուլութիւնը, կը մտածէր միաբանութեան ուխտ մը հաստատել հայ նախարարութեանց գլխաւորներուն մէջ, միացնելով վրաց եւ աղուանից իշխանները, որով շատ լաւ կարելի էր դիմադրել ամէն օտարաց: Արաբաց այդ սոսկալի նորածին զօրութիւնը փոխանակ զինք վհատեցնելու` իր մեծ հոգուոյն կորովն աւելցուց, եթէ այդ վայրենի ժողովուրդք, որոց անունը, խօսքը չի կար քանի մը տարի առաջ, հիմա իրենց հռչակաւ, իրենց զօրութեամբ, իրենց աշխարհաւարութեամբ կը սպառնային, ոչինչէ ինչ դառնալով, ուրեմն կարելի էր նոցայ օրինակաւ խրախուսվփլ, գոնէ երկրին պաշտպանութիւն մը կազմակերպելու համար:

Կը յիշէր ինք իւր սուր յիշողութեան մէջ երիտասարդութեան այն օրը` որ ցնցոտիներու փաթաթեալ կիսամերկ մուրացկան ողորմելի արաբ մը, արքայից արքային Խոսրովու կը ներկայանար Տիզբոնի ոսկեղէն արքունեաց եւ յաղթական փառաց մէջ, թուղթ մը ի ձեռին Մուհամմեդի առաքելոյն աստուծոյ գրեալ առ Խոսրով` թագաւոր Պարսից, որ հազիւ ակնարկի մը արժանի համարելով` պատռած նետած էր զայն արհամարհանոք: Եւ ո՜յ կ'ըսէր թէ այդ ինքնակալին, որու դուռը ինը հարիւր վաթսուն փիղք, քսան հազար ուղտք, վեց հազար նժոյգ կանգնած կը սպասէին արքունեաց հաճույից եւ փառաց ծառայելու համար, որու վեց հազար թիկնապահք, տասներկու հազար ստրուկք, եւ երեսուն հազար ազատորդիք` պարծանք Ասիական աշխարհաց պահպանութեան կը հսկէին, որու դարբասին գրակոնտիկոն կապոյտ գմբէթը հազարաւոր արծաթեայ սիւներ կ'ամբառնային, ուսկից բլուր ոսկի գնդակներ կախուած երկնից աստղազարդ կամարը երկրիս վրայ կը կերպարանէին եւ ուրիշ անբաւ ճոխութիւնը` պերճանք ոսկեթել կիտուած բեհեզներ` մետաքսեղէններու, ականց, գոհարեղինաց, խնկեղինաց, ո՛վ կրնար հաշիւն ընել, եւ ո՛վ կը գուշակէր, որ այդ ինքնակալին, որոյ նախնեաց դարաւոր համբաւոյ մեծութիւնը եւ այդ հռչակաւոր մայրաքաղաքը հազիւ թէ քսան տարի անցած` իբրեւ փոշի մը ի հողմոյ ոչինչ եւ ի չիք պիտի դառնար, նոյն այդ Մուհամմեդի հետեւողաց եւ յաջորդաց արշաւանաց առջեւ:

«Եթէ աշխարհքիս բախտը այդչափ անկայուն է, որ մէկ կողմէ այդչափ մեծութիւն եւ այդչափ զօրութիւն այսպէս շուտով քանդուին, եւ միւս կողմեն այսչափ նուազութիւն եւ այսչափ տկարութիւն այսպէս շուտով կը կանդնին, ի՜նչ ուրեմն կարգիլէ կենդանացնել այս ժողովուրդը, որ ոտնակոխ կը հեծէ առաջին ամպատակին առաջին յարձակողին դիմաց, վեց-յոթ գլխաւորաց միակամութիւն եւ միաբանութիւն` բաւական են երկաթեայ կորով մը իրեն տալու եւ կանգնեցնելու»:

Այս խորհրդածութեամբք ահա երկրորդ օրը կը թողուր Թաւուսկերտ, կ'ելնէր ճամփայ դէպ հիւսիս, Ռշտունի որավարը իւր հետն առած Ներսէս սուրհանդակ արձկելով առջեւեն` վրաց իշխանաց փափագ յայտնելով իրենց հետ տեսնուելու: Գուգարաց գաւառը Շամշուլդէ ժամադիր կը լինէր, եւ երբ նոքա իր հրաւէրին պատասխանելով եկան ժողովուեցան` յայտնեց իր խորհուրդը թէ ընդհանուր հասարակաց օգտին համար եկեր էր ինք, եւ թէ միաբանութիւն մը միայն երեք ազգութեանց, որ միեւնոյն աղբիւրէ էին սերեալ` կրնար զամենքը փրկել արաբական պատուհասեն. յայտնի ցոյց կ'ուտար թէ ի՛նչ վիճակի էր հասեալ Բիւզանդական կայսրութիւնը եւ որու վրայ յոյս դնելր ինչչա՛փ անօգուտ էր, եւ զներսէս նոր հասած ի Յունաստանէ վկայ կրներ իւր բանից. եւ այնպէս չուր խօսքերեն համոզուեցան վրաց իշխանք, որ երդմամբ ուխտ եւ դաշինք դրին փոփոխակի օգնութեան հասնիլ, յարձակումը ուստից գայր, եւ ժամադրեալ տեղին գտնուիլ իւրաքանչիւրն իրեն զօրքով եւ կարողութեամբ:

Այսպէս Վրաց այդ դաշանց միաբանելեն վերջ, առանց ձմեռուան ցուրտին ուշ դնելու կ'անցնէր Թէոդորոս Սիւնեաց երկիրը եւ հոն դարձեալ Սիւնեաց եւ Աղուանից նախարարքը ժողուելով, նոյն միաբանութեան դաշինքը կը հաստատէր, գրով եւ երդմամբ ամէնքը կ'ապահովէր, եւ կ'ուգար Վասպուրական իւր համազգի եւ համակամ Արծրունեաց Նահապետին ցոյց կ'ուտար մինչեւ այնօր ինչչափ կրցեր էր յաջողիլ, եւ այնպէս կը դառնար իր Ռշտունեաց Ոստանը հանգչելու պատերազմի եւ տաժանելի ուղեգնացութեանց յոգնութենեն: Իւր հանգիստը նաեւ անխոնջ գործունէութիւն մ՚էր, բերդերը կ'ամրացնէր, Աղթամարայ կղզուոյն ջրային պարիսպը բաւական չի համարելով աշտարակաց ամրութեամբ անառիկ կ'ընէր, գիւղացուոց ապահովութեան համար ի բնէ ամուր տեղուանք հողապատնէշներով կը զօրացնէր եւ համբարանոցնէր կը շինէր. եւ ամէն տեղ անձամբ կը շրջէր աչօք տեսնելու համար թէ իր հրամանները լաւ կը կատարուէի՞ն: Ոստանի մէջ զէնքեր, զրահներ կը շինուէին, Բզնունեաց ծովուն վրայ նաւերու թիւը կ'աւելնար, եւ Ռշտունեաց երկրին երիտասարղք ամէնքը զինավարժութեան կը զբաղէին ազատք եւ անազատք:

Ռշտունեաց Տիկինն Սէթայ, իշխանին առաջին օգնականն էր այս աշխատութեանց մէջ, շատ անգամ կը տեսնուէր, որ էրկանն սկսածը ինք վերակացութիւն կ'ընէր ի գլուխ հանելու համար: Վասնզի Թէոդորոս մեծ մասը ժամանակին երկրեն դուրս անցնելու պարտաւորեալ` միշտ կնոջը կը յանձնէր երկրին կառավարութիւնը: Իսկ զինուորական կառավարութեան գործերը կը կատարէր Ատոմ Շահունի` ծեր զօրավարը, որուն բնաւորութեան խստութեանը մանաւանդ թէ դաժանութեան փորձն առինք նախընթաց գլխոյ մը մէջ: Բայց առանց պատճառի չէր բոլորովին այս դաժանութիւնը, բախտին զանազան եւ բազմադիմի հարուածներ զինք դառնացուցեր էին, ուստի ոչ մէկ տեղ իւր ժպիտը չէր տեսնուէր, եթէ ոչ Ռշտունեաց Ոստանը, եւ այն շնորհքը միմիայն անձի մը համար պահուած էր եւ այն` տասներկու-տասներէք տարեկան Ռշտունեաց Օրիորդն էր: Թէոդորոս իսքը նաեւ, որու վրայ միայն Ատոմ համարմունք եւ յարգանք կը ցցնէր` կարճ եւ համառօտ պատասխան կ'ընդունէր: Իր սպասաւորքը շատ անգամ վարժած էին իմանալ նորա կամքը ակնարկութենէ մը եւ պէտք է նաեւ արդար լինելու համար ըսել թէ ամենակարեւորն միայն կը պահանջէր եւ եթէ ծառայքը դանդաղէին ինք անձամբ իւր պէտքը կը լցնէր: Եօթանասունն անցած` տոկուն եւ անխոնջ պատերազմի մէջ` խիստ էր զօրաց պարտաւորութեանց մասին, որոց կատարման ինք օրինակ կ'ուտար անձամբ: Բայց ինչպէս խիստ էր պատժելու, նոյնպէս ճիշտ էր վարձատրելու: Ուստի զինուորը, որ իրմէ սաստիկ կը վախեր` նոյնչափ էլ կը սիրէր: Քսան տարիէ աւելի էր, որ թողած իւր հայրենի գաւառը` Շահունիք, Բզնունեաց ծովուն եզերքը անառիկ դիրքի մը վրայ դղեակ մը շինած կը բնակէր, երբ պատերազմի ձայն չի կար եւ երկրին մէջ խաղաղութիւն կը տիրէր: Ժամերով նստած ծովեզրը տխուր ալեաց կը նայէր, եւ ոչ ոք չէր համարձակէր զինքն այն վիճակեն արթնցնեւու, հազիւ երբեմն կ'ելնէր պտոյտ մ՚ընելու շրջակայ գիւղեր, ոչ մեծի, ոչ պզտիկի հետ ամենեւին մերձաւորութիւն չընելով: Կիրակիէ կիրակի ու տօնի օրեր կ'երթար մօտակայ Աստուածածնայ փոքրիկ եւ անշուք վանքը միշտ առաջին լինելով մտնողներուն եւ վերջին ելնողներուն: Քանի մը ծեր սպասաւորք միայն կային, որ իւր ծառայութիւնն կ'ընէին, իսկ յիսունի չափ թիկնապահաց խումբը իւր տունեն հեռու ունէին իրենց բնակարանները պարիսպներուն քով, որպէսզի ձայն իրեն չհասնէր: Իւր կահ-կարասիքը պարզ էին եւ սովորական, բայց մաքուր, եթէ շքեղութիւն մը կար` իւր զէնքերուն եւ զրահներուն վրայ կարելի էր նշմարել, եւ իւր քանի մը նժոյգներուն, սրոց երբեմն այցելելու պատիւ կ'ընէր: Եթէ այս միայ յնութենէ յանկարծ ելնէր որ երբեմն երկու-երէք ամիս կը տեւեր, Ռշտունեաց Ոստանը էրթալու համար էր, եւ իւր պատրաստութենեն կ'իմանայ լին սպասաւորք թէ երկրորդ օր ուղեգնացութիւն կար, ու երբ կը տեսնէին ծեր զօրավարը իւր ճանապարհի պարկերը կարգադրած, կ'իմանային թէ առանձնութենէ փորը կը շտացէր է:

Բայց այս անգամ հազիւ թէ Թէոդորոս Ոստան հասաւ, մասնաւոր նամակաւ սուրհանդակ հանեց Ատոմայ, որ գայ զինք տեսնէ, եւ ահա երկրորդ օրն Ատոմ ճամփայ ելաւ գալու հրաւէրին. երբ Թէոդորոս իրեն իմացուց թէ զինուորական կրթութիւն կը փափագէր բոլոր երիտասարդաց համար գաւառին մէջ, եւ իրեն կը յանձնէր այս պաշտօնր, ծեր զօրավարը «լաւ» բառը միայն պատասխանեց եւ գնաց քաշուեցաւ իր սենեակր: Իսկ ուրիշ իշխաններ եւ սպանէր երբ կը հարցնէին Թէոդորոսի թէ` «Այդ պատասխանով գոհ կրնա՞ր լինիլ, որ ըստ իւր փափագանաց պիտի կատարէր Ատոմ այդ գործը». Թէոդորոս պատասախնեց թէ` «Երբ Ատոմ լաւ կ'ըսէր, էլ ոչ ոք իրաւունք չունէր իրմէ հաշիւ պահանջելու, վասնզի իւր սովորութիւնն էր միշտ լաւը գործել»:

Եւ իրօք, քանի մը ժամ ետքը եկաւ Ատոմ եւ թուղթ մը տուաւ Թէոդորոսի, եւ ինք նստաւ անմռունչ, այն թուղթը կը բացատրէր ճշտիւ թէ ինք ինչպէս եւ ինչ եղանակաւ պիտի կարգագրէր այդ զինամարզութիւնը, այնպէս որ ոչ ժողովրդեան մեծ շարժմունքներ ու եւ դժուարութեանց առիթ լինի եւ ոչ իրենց առտնին գործոց վնասակար. եւ միեւնոյն ժամանակ օգտակար իրենց զինուորական կրթութեան: Թէոդորոս շատ շնորհակալութեամբ երբ «կեցցէ՜ս Ատոմ հայրիկ» ըսաւ, ծերուն` չոր երեսին կնճիռները քիչ մը պարզուեցան, որ նշան էր իւր գոհունակութեան: «Վաղը ուրեմն գործի կսկսինք», ըսաւ եւ ելաւ քանի մը պտոյտ ընելեն վերջ սենեկին մէջ հաջ ու ձախ` հարցուց իշխանին.

Թենին չիմացաւ՞ իմ գալս, զօրավար:

Կը ներես, հայրիկ, ըսաւ Թէոդորոս, հիմա… եւ դառնալով թիկնապահաց… Տղաք, զրուցեց, իմաց տուէք Թենիին թէ Ատոմ հայրիկ եկաւ եւ զինք կուզէ: