Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անցան երկու տարի եւ աւելի ժամանակ այս դէպքերուն վրայ, ոտնակոխ եղած Հայաստանի այդ հարուստ գաւառաց ժողովուրդը սկսաւ քիչ մը հոգի առնուլ, շինականը իւր տունը դարձեալ շինեց գետնի խորը, զօր ոմանք որջ անուանեցին, առանց մտածելու առանց հաշուելու թէ անտէր, աւազակաց եւ անիշխանութեան մատնեալ Հայաստանի մէջ, ուր յենք, ասպատակք եւ գաղթականք անպատսպար երկիր մը կը դիմէին յամենուստ Քսենոփոնի օրերէն ի վեր, ուրիշ տեսակ տուն շինել անօգուտ էր:

Թէոդորոս կ'աշխատէր` կը դիմէր ամէն կողմ, ժողովուրդը կը քաջալերէր եւ կը պաշտպանէր, մեծամեծները միութեան եւ դաշնակցութեան կը յորդորէր առանց երբեք յաջողելու իւր մտածութիւնը ընդունել տալու համար: Յայտնի դիմադրութիւն ոչ ոք չէր ցոյց տալ, բայց զանխուլ դիմադրութիւն կար, որ անտարբերութիւն նաեւ չէր: Նախարարաց շատերը օտարեն աւելի Թէոդորոսէ կը վախէին. այդ մարդուն գործունէութիւնը, պատերազմի մէջ քաջութիւնը, խորհրդոց մէջ առաջնութիւնը, օտարաց առաջ իւր համբաւը, անիրաւութեանց դէմ խստութիւնը միմիայն պատճառ էին իւր առաջադրութեանց ընդունելի չլինելուն: Հեռաւորք` Վիրք, Աղուանք եւ Սիւնիք կը միաբանէին, մերձաւորք` Անձեւացիք, Արծրունիք, Մամիկոնեանք, Մոկացիք խէթիւ կը նայէին: Թէոդորոս շատ սրամիտ էր, որ չի հասկնար, ոճստի ամէն ջանք ի գործ կը դնէր Վարազտիրոց Ասպետը բերել տալու համար աքսորեն: Իւր բարեկամաց հետ ան անպակաս կը թղթակցէր, եւ հազիւթէ գործը կարգի կը դնէր կամ խռովութիւն մը պալատին մէջ կամ որսաց եալ զօրաւոր պաշտօնէի մը փոփոխութիւնը իւր ջանքերեն ի դերեւ կը հանէին: Եւ իրօք, եթէ Բագրատունեաց նախարարը դար` շատերու մտքին մէջ կշիռ մը կը կազմուէր զօրութեան եւ Թէոդորոսէ երկիւղ կրողները ուրիշ յենակէտ մը ունենալով, միաբանութեան դաշինքեն հեռու չէին կենար:

Այս միջոցիս Գրիգոր եւ Սուրէն Դամասկոսի մօտերը իրենց գերութեան շղթայները կը կրէին, նախատանաց` դժնդակ ծառայութեանց կը տանէին եւ աչաց առջեւ կը տեսնէին գունդագունդ ուրացողաց թիւը, որ ստրկութեան տառապանաց չդիմանալովդ ազատութիւն կը գտնէին ուրիշ տեսակ մը գերութեան մատնուելով, ուրանալով կրօնից հետ հայրենիք` վերջապէս ամէն հին կապերը խզելով, արաբացի կնոջ կամ մարդու մը հետ կապուելով:

Զաւէն նոյն ժամանակներուն Կարինէ մինչեւ Տրապզոն ծանր ճանապարհորդութեամբ ամէն քաղաք կենալով եւ հետազօտելով, իւր Արփենին կը փնտրեր եւ այնպէս կը հասնէր Կոստանդնուպոլիս. մշակութիւն, ծառայութիւն, շէնքերու մէջ բանուորութիւն, ամէն բան ընելով կ'ապրէր, խելքը, միտքը իւր կորուստին վրայ միշտ լինելով. խեղճ մարդը շատ անգամ բեռն ուսին` փոքրիկ տղայ մը տեսնելուն պէս կը վազեր կը սլանար, որ տեսնէ որոշ թէ միգուցէ Արփենին լինի: Իշխանաւոր, զինուորական կամ քաղաքական կը դիտէր, որ տեսնէ միգուցէ Թումայ լինի. վասնզի Կարին առած տեղեկութիւնքը զինք համոզած էին թէ Թումայ էր իւր աւազակը, բայց անօգուտ. հայկական յարատեւութեամբ միտքը դրած թէ օր մը չէ օր մը անշուշտ իւր կորուսեալ որդին կը գտնէ` թաղ-թաղ իւր աշխատութեան տեղերը կը փոխէր այդ ծովացեալ մայրաքաղաքին մէջ:

Այսպէս, Կաղզուանի գիւղացի զինուորը Բիւզանդիոյ փողոցները կը պտըտէր, մշակի հագուստներու տակ ծածկած ազնիւ սիրտ մը եւ անիրաւ գողութեան մը դէմ իւր մտքին մէջ պատերազմ հրատարակէր էր մեծ իշխանի մը հակառակ, եւ որ թուի թէ իրմէ կը փախչէր, վասնզի տեղ մը զինք չէր գտնէր: Չորս երկայն տարիներ անցան: Ոչ զթումայ եւ ոչ զարփենի տեսաւ. տխրութիւնը զինք պատեց, լքաւ, զօրութիւնը տկարացաւ, եւ ինքնիրեն, «Ո՜հ, աստուած իմ, կ'ըսէր, միթէ՞ կարելի է, որ քու Աւետարանդ զիս խաբէ, քու սեղանիդ առջեւեն ինձ ձայն եկաւ թէ` «Այս իմ որդին, որ կորուսեալ էր` գտնուեցաւ, եւ սուրբ մայր մը իր գերեզմանին մէջեն կրկնեց քու խօսքը. «խնդրեցէք եւ տրուի ձեզ» եւ այս չորս տարին կը կատարուի, որ պանդուխտ թափառական կը պտըտիմ, որբ մը` հրեշտակ մը կը փնտրեմ եւ չեմ գտնէր. ո՜հ աստտուած իմ, յիշէ քու արդարութիւնդ եւ ողորմէ՛ ինձ, ողորմէ՛ որբացեալ հրեշտակին»: Այսպէս կ'աղօթէր առաւօտ մը խեղճ Զաւէն, եւ այդ երկաթեայ մարդը իր ողորմելի բնակարանին մէջ` իր խշտիին վրայ ինկած արցունք կը թափէր: Յետոյ աչքերը սրբելով ելաւ փողոց, տեսաւ ժողովուրդն աղմկեալ, ամէն կերպարանաց վրայ երկիւղ եւ յոյս կը տիրէին, ամէնքն իրարու լուր կ'ուտային թէ կայսրը մեռած է եւ կը դիմէին Սուրբ Սոփիա եկեղեցուոյ եւ արքունեաց կողմը: Հերակլես մօտեն տեսած եւ իւր յաղթական դրօշակին տակ պատերազմած մարդ էր Զաւէն, իր մտքին մէջ դիւցազին յիշատակը միայն կենդանի էր, նորա վերջին տարիներուն մեղկութիւնը, որ վատութեան գրեթէ կը հաւասարեր, չէր կրնար զղալ եւ հաւատալ. զարմանալով կը նայէր ժողովրդեան` նորա մահուան համար տեսնուած անտարբերութեան վրայ, որ իւր յաջորդին համար աւելի եռանդուն էր: Ոմանք մեծ որդուոյն Կոստանդինի կողմնակիցք էին, ոմանք նորա հակառակ կյսրուհուոյն եւ փոքր որդուոյն Երակլոսի կողմը կը բռնուէին: Ուստի ինք, որ որոշած էր ճանապարհորդել դառնալ հայրենիք` թողած իւր շալակը իւր բնակարանին մէջ` սկսաւ հետեւիլ այդ խառնիճաղանջ ժողովրդեան, որու ալեկոծ ընթացքին մէջեն որոտման ձայներ կ'ելնէին, կեցցէ Կոստանդին, կամ կեցցէ Երակլեակ աղաղակելով: Զաւէն աչքը շուրջ պտըտցնելով եւ տեսնելով այդ խուժանին փրփրած վիճակը որ քանի կ'երթար կը շատնար կատաղի եւ զինեալ խումբերով, ձեռքը գօտիին կը տանէր երկսայրի պատրաստ վիճակի մը մէջ դնելով, եւ այնպէս ժողովյրդեան հետ մտաւ Մայր եկեղեցին, ուր գիշերվնէ բերուած էր կայսեր ոսկեղէն դագաղը եւ մէջտեղ դրուած բարձր արծաթեայ պատուանդաններ ու վրայ: Վերջին անգամ մը տեսնելու Համար այդ քաջին կերպարանքը, որուն դրօշակին տակ Նինուէի դաշտերուն մէջ պատերազմած էր, իւր կորովի բազուկներուն ուժ տուաւ եւ ճեղքելով ժողովուրդը անցաւ հասաւ մինչեւ թիկնապահաց խումբին կռնակը, որ շրջանակ մը կը կազմէին դագաղին չորս կողմը. հոն ականակապ պսակ ի գլուխ ծիրանիներու մէջ տեսաւ կապկի դիակը այն քաջին, զօր ինք պատերազմի դաշտին վրայ առիւծ մը տեսեր էր. զզուանք եկաւ իրեն, կը ռւզէր ետ քաշուիլ, երբ խումբ-խումբ պալատականաց փառաւոր ամբոխը սկսան շարուիլ կարգաւ դագաղին շուրջը. եւ ահա կայսրուհին Մարտինէ եւ հարազատ որդին Երակլեակ եւ թագաժառանգը Կոստանդին եկան իրենց պատրաստ եալ գահույից վրայ բարձրացան: Անմիջապէս եկեղեցական երգեր լսուեցան, եւ պատրիարքը կրօնական շքեղ խումբով հանգստեան կարգն սկսաւ կատարել: Զաւէն` լուրջ մարդ` այս հանդէսին պերճանաց վրայ աչք մը պտտցնելէ վերջ` սկսաւ դիտել այդ ամէն կերպարանքները. կը տեսնէր Մարտինէ, որ իւր խորթ որդուոյն վրայ այնպիսի աչքեր կը դարձնէր, որ երկու թունաւոր սլաք կարելի էր համարէր կը տեսնէր Կոստանդին ժամանակեն առաջ ծերացեալ, աչվներուն լոյսը մարած, մարմնոյն կորովը կորած. իսկ Երակլեակ թեթեւ երիտասարդ հօրը դիակը չի տեսնելով` կանանց խումբին կը հառէր. պալատականք, սինկղիտոսք եւ բոլոր մեծամեծք իրենց նայուածքներէն, իրենց կերպարանքեն հա եանի կ'ընէին թէ աստուածային երգերուն ուշադրութենէ աւելի ուրիշ կարեւոր մտածութիւնք ունէին իրենց գլխուն մէջ: Այս դիտողութեանց ժամանակ յանկարծ Զաւէնի աչքին հանդիպեցաւ Թումայի կերպարանքը, որ թագաժառանգին մօտ կանգնած էր իւր հետեւորդաց մէջ: Կարծես նոր կեանք, նոր յոյս, նոր զօրութիւն առաւ Զաւէն. աչքերն այդ հրաշալի գմբէթին դարձնելով եւ միտքը գմբէթեն վեր թռչելով. «Փառք քեզ, աստուած, փառք քեզ», ըսաւ. եւ իբրեւ թէ Արփենին թեւերուն մէջ` իւր նժոյգին վրայ Հայաստանի ճամփան կ'երեւակաչէր թէ կը սլանար: Սիրտն ուրախութեամբ կը տրոփէր եւ աչքերը Թումայի վրայ տնկած` նորա ամէն ակնթարթը, ամէն շարժմունքը կը դիտէր, որ աչքէ չի կորսնցնէ:

Բայց սրտի առաջին յուզմունքն անցնելեն վերջ` մտածեց թէ, երբ հանդէսը վերջանար եւ Թումայ այդ արքունական ամբոխին հետ անհետ լինէր, ինք ուսկի՞ց զայն պիտի գտնէր: Ուստի պէտք էր նոյն միջոցին տեղեկութիւն առնուլ այդ մարդուն վրայ, եւ այդ բանին համար աչքն սկսաւ շուրջը պտըտցնել. տեսաւ քիչ մը հեռուն թեթեւսոլիկ, շատախօս մարդ մը, որ շարունակ պալատականաց կը նայէր եւ քովփններուն հետ կը խոսէր. ամէն ջանք ընելով` հրելով, հրմշտկելով մօտեցաւ: Առաջ նորա ամէն խօսքերուն մեծ ուշադրութիւն տուող ձեւացաւ եւ վերջը քանի մը անձանց վրայ սկսաւ տեղեկութիւն հարցնել, մինչեւ կարգը Թումայի բերաւ հասուց: Իսկ այդ շաղակրատը Թումայի ազգաբանութենեն սկսելով կը պատմէր թէ Թրակացի էր նա, թէ Պրոկոպիոսի հետ դառնալով Հայաստանի պատերազմեն կորակոր` ինչպէս սովորութիւն էր այն ատեն դառնալ յունաց ամէն բանակներու ամէն տեղէ, թագաժառանգին հետ գնացեր էր հասորիք եւ նոյնպէս դարձեր էր կորակոր, եւ թէ դեռ քանի մը շաբաթ առաջ միայն եկեր էր Կոստանդնուպոլիս եւ սիրելի եղած էր արքայորդուոյն իւր ծառայական բնաւորութեամբ եւ թէ այդպիսի անպիտաններուն շուքն անկարելի էր, որ երկար տեւէր, վասնզի կայսրուհին շատ մեծահանճար կին էր եւ իր Երակլեակը պիտի թագաւորեցնէր: Իսկ Զաւէն, որ համբերութեամբ մըտիկ ըրած էր ամէն բան, հարցուց, ուր էր այդ Թումայի տունը եւ իմացաւ թէ Պրոպոնտիդի վրայ` ծովեզրեայ պալատ մը` իւր քրոջ հետ կը բնակէր, որ Փիլակրիոս անուն թագաժառանգին կինն էր: Եւ թէ այդ իւր քրոջը շնորհիւք, որ Կոստանդինի սիրուհին էր, այդ Թումայ զօրավար լինիլ յաջողէր էր:

Այս պատասխանը լսելով ծերը` տղու պէս ուրախութենեն պիտի ցատկէր եթէ չամաչէր եւ այդ սեղմուած վիճակին մէջ շարժէլու տեղ ունենար: Ուստի հանդէսը երբ վերջացաւ, մեծ եռանդով ինչչափ որ կրցաւ ջանաց շուտով դուրս ելնել եկեղեցիեն, եւ ամբոխին խուժանեն հազիւ թէ ազատած մտաւ իւր բնակարանը, առաւ իւր թեթեւ կարասիքը եւ թողլով այն կեդրոնական թաղը, հաստատուեցաւ նոյն ծովեզրին մօտ` իջեւանի մը սենեակ, ուր էր Փիլակրիոսի պալատը:

Թէպէտ կը տեսնէր ութ տասը պալատանման տուներ, բայց ապահով էր թէ պիտի զտներ Արփենին, ուստի նստած ծովեզրը տախտակէ նաւամատոյցին վրայ գեղեցիկ ծովուն հանդարտ ծուփը կը նայէր. այդ թաղը հանդարտ թաղ մ՚էր, մանաւանդ այն օրը, վասնզի խառնիճաղանջ եւ հասարակ ժողովրդեան բնակարանք քիչ կային, եւ ճամփաները մարդ չէր երեւէր. ամբոխը բոլոր թաղին կեդրոնը` վերն էր: Այդ մեծ պալատներու քանի մը մաքուր հազուած ծառայք իրարու հետ կը խռսէին, կը վիճէին, վասնզի նոքա ալ իրենց տեարց պէս Կ'ոստանդնի կամ Երակլեակի կողմնակիցք էին եւ ամէն աստիճանի մարդ քաղաքագիտութիւն ունէր իւր ծոցը հաւասար աստուածաբանութեան:

Զաւէն ուշադրութեամբ մտիկ կ'ընէր երկու սպասաւորաց մէջ խօսակցութիւն մը, որ երկու մեծ դռան մէջ կեցած կը վիճէին բաւական բարձր ձայնիւ.

Ո՞ւր է քու Կոստանդինի առաւելութիւնը, կ'ըսէր մէկը միւսին, կնոջ մը տիրապետութենեն, որ դու վնասակար կը համարիս: Այսպիսի ժամանակ. ի՜բր թէ Հերակլի օրով եւ այդ քու Կ'ոստանդնի աչաց առջեւ Երուսաղէմ եւ Անաիոք չի կորուսի՞նք. եւ այսօր Եգիպտոսի կորուստը կատարեալ եղեր է, վասնզի Աղեքսանգրիայ նաեւ արաբաց ձեռքն է անցէր, եւ այդ քու Կոստանդինը իբրեւ զօրավար կայսրութեան բանակաց ոչինչ չի կարէնալով ընել անօգնական թողէր, փախեր եկեր է, եւ դուք նորա կուսակիցք կը ծածկէք ժողովրդեն: Բայց այդպիսի դուժ կարելի՞ է ծածկել, վաղը ինչպէ՞ս պիտի սնուցանէք այս էովու նման քաղքին բնակիչքը, որ իւր հացը Եգիպտոսեն կ'ընդունէր:

Եթէ Կոստանդին` որ պատերազմաց մէջ այնչափ քաջութիւն ցոյց տուած էր` չի կրցաւ այդ կատաղի արաբաց դէմ դնել եւ յաղթուեցաւ ու ետ քաշուիլ պարտաւորուեցաւ, տկար կնոջ մը այդ ձեր ողորմելի Մարտինէի ձեռքին տակ ի՞նչ կը յուսաք, որ լինի այս ինքնակայ էութիւնը, վասնզի Երակլեակը մարդ չէ` թեթեւսոլիկ երիտասարդ մ՚է խեղճ, գործիք իր մօրը ձեռքին մէջ:

Տէ՜, յիմար, կանանց վրայ մի՛ համարձակիր լեզուդ արհամարհանոք երկնցնելու: Առանց կնոջ մը աչաց քու վրադ խոնարհելուն ի՞նչ էիր դու եւ ո՞ւր պէտք է գտնուէիր հիմա. ինչ շուտ մոռցար քու երէկուան յարդանոցդ, ախոռապետի ծառայ, եւ հիմա չես ուզէր յիշել թէ սա րոպէիս վերեն Տիկնոջդ հրամանն` ամենափոքր ակնարկութիւնը զքեզ կը սարսեցնէ եւ իւր մտերմական հաճույից գոզալով կը ծառայես. ինչպէ՞ս կը մոռնաս, որ այդ Տիկնոջդ գեղեցկութեան շնորհիւն է, որ Փիլակրիոս իր էրիկը եւ Թումայ իր եղբայրը եղած են ինչ որ են:

Զաւէն Թումայի անունը լսելուն աչքերը բացաւ. տունը որ կը տեսնէր` հոն էր անշուշտ իւր Արփենին. ուստի բոլորովին ուշադրութիւն դարձուց բառ մը չի կորսնցնելու համար. կը ջանար իւր սրտին բաբախմունքը նաեւ դադրեցնել` եթէ կարելի լինէր: Բայց խօսակցութիւնը յանկարծ դադրեցաւ, վասնզի սրարշաւ ձիու մը սմբակներու ձայն լսուեցաւ, եւ արքունական սպասաւոր մը գահավիժելով ձիեն իջաւ, «աւետի՜ս, կեցցէ՜ Կոստանդին կայսր» աղաղակելով:

Զաւէն, որ դռան մօտեցեր էր, կը տեսնէր գաւթին ներսը սպասաւորք եւ սպասուհիք ուրախութեան ձայներով «աւետի՜ս, աւետիս» գոչելով տունը կը հնչեցնէին, սանդուխներէ վեր կը վազէին Պատուհաններ կը բացուէին աւետաբերը տեսնելու, եւ ահա երեւցաւ երիտասարդ կին մ՚էլ իւր բոլոր գեղեցկութեամբ Ափրոդիտի նման, որու երեսին վյւայ ուրախութիւն կը նշուլէր եւ լեցուն քսակ մը ձեռքը աւետաբերին կարկառէր:

Նոյն միջոցին միւս քովի պալատան` ուր Մարտինէ կայսրուհուոյն կողմնակիցքը կը բնակէին, դռները կը գոցուէին եւ վարագոյրները կը ծածկուէին, իսկ Զաւէն իւր տեսածով գոհ չի կրնալով լինիլ, կը դառնար ծովեզրը, կը նստեր նաւամատոյցին վրայ, եւ կը մտածէր թէ իր սիրուն Արփենին արդեօք հոն ներսը` այդ պալատին մէ՞ջն էր, այդ այնչափ գեղեցիկ եւ այդչափ անբարոյական կնոջ ճանկերուն մէջ ի՜նչ չար օրինակներու ենթարկուած էր:

Այս մտածութեամբք եւ մտատանջութեամբք երկայն ժամանակ մնացած` ծովուն ալիքներուն կը նայէր, երբ յանկարծ թիակներու ձայն մը լսեց եւ ճերմակ ներկուած ոսկենիշ եւ ոսկեզօծ թեւատարած արծիւ մը ծայրը մեծ նաւակ մը տեսաւ, որ ծովուն ափունքը կը քերեր. եօթ ջուխտ կորովի երիտասարդք կը թիավարէին. նաւուն խորը կ'երեւէր գեղեցիկ կին մը բեհեզներու եւ ծիրանիներու մէջ փաթաթ եալ, ոսկեթել բաստեռանց վրայ ընկողմանեալ: Շուրջը` վեց Հատ տասը-տասներկու տարեկան շքեղազարդ աղջկունք շարուած էին, իսկ կռնակը բարձրաւանդակին վրայ մաքուր հազուած սպասաւոր մը սիրամարգի փետուրներէ հովանոց մը կը բռնէր Տիկնոջ գլխուն վրայ` որու ծարիր աչքերը ուրախութեան մէջ կը լողային: Այս նոր Կը ղէոպատրան իւր քիչ առաջ տեսած Տիկինն էր, որ արքունիք կ'երթար, ուատի իւր սուր աչքերը տնկեց Զաւէն եւ քիչ մնաց, որ նաւուն մէջ նետեր ինքզինքը. վասնզի անմիջապէս դիմացը մօտը ճանչցաւ Արփենիի աննման աչքերը. «ո՜հ» ըրաւ եւ ինքզինք սանձեց. ինչչափ մեծցեր էր չորս տարուան մէջ: ուզեց ոտք ելնել եւ ոտքերը կ'ապուեցան. նաւակը սրացաւ անցաւ ճերմակ փրփուր մը եւ ճեղք մը թողլով ծովուն երեսին վրայ, որ քանի մը վայրկենեն անհետացաւ: Ծերը ծունկի եկաւ, «Փա՜ռք քեզ, աստուած իմ, փառք քեզ, դու որ այսօր այսչափն ինձ շնորհեցիր, անշուշտ իմ հրեշտակիս ազատութիւնը նաեւ կը շնորհես, դու չես ներէր, որ Մամիկոնեանց անարատ ծաղիկը այդ աղտեղի ձեռաց մէջ խամրի, եւ խեղճ Զաւէնի կը շնորհես տանիլ Արփենին իւր սուրբ մօր գերեզմանին քով չոքեցնելու եւ եղբօր ձեռքը յանձնելու»:

Այսչափ յուզմունքներ ունենալեն վերջ ազնուասիրտ զինուորը ելաւ կանգնեցաւ եւ մտքին մէջ հազար տեսակ հնարքներ կը ստեղծէր յափշտակելու համար իւր կորուստը, երբ մութն սկսաւ իջնել, եւ ինք քաշուեցաւ իւր խղճուկ բնակարանը, այն մեծ գոհութիւնն «ունենալով, որ իւր Արփենին իրմէ հեռու չէր: