Սուրէն
Գերմանիկ
հասաւ
առանց
դիմադրութեան
մտաւ
Փոքր
Ասիա,
եւ
երկրին
վիճակին
վրայ
Հայելով
կատարեալ
անիշխանութիւն
մը
տեսաւ,
որ
կը
տիրէր:
Իբրեւ
թէ
Յունաց
կայսրութեան
մէկ
գաւառն
էր,
բայց
իրօք
ոչ
յունաց,
ոչ
արաբաց
կը
վերաբերէր,
ուստի
նստաւ
Արապիսուս
եւ
սկսաւ
իր
գունդը
մեծցնել,
կանոնաւոր
զօրաժողով
շինելով
ի
հայոց:
Խիստ
ընտրութեամբ`
շատերուն
միայն
երեսը
եւ
աչքին
մէջ
նայելով
անդարձ
կը
մերժէր.
կորովի,
առողջ
երիտասարդք
էին
ընդունեալ,
շարունակ
օրը
հինգ-վեց
ժամ
կրթութիւն
սովորական
բան
էր
իրենց
համար.
ամենափոքր
զանցառութիւն
հրամայալ
օրինաց
կամ
անիրաւութիւն
խստիւ
կը
պատժուէր,
մաքուր
եւ
սննդարար
էր
իրենց
ուտելիքը,
իրենց
զգեստներն
ու
զէնքերն
ընտիր:
Իրենց
ռոճիկն
աւելի
էր
յունաց
եւ
արաբաց
տրուած
ռոճիկեն,
աւարին
կէսն
իրենց
պիտի
բաժնուէր
արդարութեամբ,
կէսը
զօրավարին:
Պատերազմէ
փախչողի
պատիժը
մահ
էր:
Արապիսուսի
յոյն
իշխանը
վախեն
լաւ
ընդունելութիւն
ըրաւ
Սուրէնի
եւ
գաղտնի
իմացուց
Կեսարիս
կուսակալին
այսպիսի
կ'ասկածելի
հիւրի
մը
ներկայութիւնը,
որ
առանց
վնաս
տալու
արդէն
զօրաւոր
գունդ
մը`
աւելի
եւս
կը
զօրացնէր,
թէեւ
ամենեւին
բռնութիւն
մը
չէր
տեսնուած
ոչ
իր,
ոչ
իր
զօրաց
կողմանէ:
Կ'իմացնէր
նաեւ,
որ
իւր
հիւրը
միտք
ունէր
քանի
մը
օրէն
Մալաթիոյ
ճամփեն
երթալ
Հայաստան:
Կեսարիս
կուսակալ
Վասակ
անուն
հայ
իշխան
մ՚էր,
եւ
այնպիսի
վտանգաւոր
դիրքի
մը
մէջ
կը
գտնուէր
նոյն
միջոցին,
որ
այս
լուրը
լսելուն`
շուտ
մը
բարելաւման
հրաւէր
գրեց
Սուրէնի,
որ
իւր
գունդն
առնու
եւ
գա
Կեսարիա,
երդմամբ
ապահովցնելով
զինք
ամէն
կերպով
գոհ
ընելու:
Սուրէն
ընդունեցաւ
հրաւէրը
եւ
երբ
հասաւ
Կեսարիա,
զարմացաւ,
որ
Վասակ
անձամբ
հեծելոց
փոքր
գնդով
կ'ուգար
զինք
դիմաւորելու.
եւ
երբ
մօտեցաւ,
իջաւ
ձիեն
եւ
պագտուելով
իբր
հին
բարեկամ.
—
Եղբայր,
—
կ'ըսէր,
—
ինչչափ
ժամանակ
է,
որ
քեզի
կը
սպասեմ.
Թէոդորոս
Ռշտունի
քանի՛
նամակաւ
է,
որ
զքեզ
կը
յիշէ,
Կամսարական
եղբարքդ
զքեզ
կը
հրցնեն,
քեռորդի
մը
ունիս
եղեր
Մամիկոնեան,
նա
ողջ-առողջ
հասեր
է
հայրենիք,
զքեզ
մեռած`
կը
համարին,
եւ.
ես
ուրախ
եմ,
որ
ոչ
միայն
ողջ-առողջ
զքեզ
կը
տեսնեմ,
այլեւ
լաւ
գնդի
մը
զօրագլուխ:
Շատ
լաւ
ըրիր,
որ
իմ
հրաւէրս
ընդունեցար
եւ
Հայաստան
չգնացիր:
Երթանք,
ցցնեմ
քեզ
նամակներ:
—
Բայց
ես
հայրենեաց
վրայ
լուր
մը
չունիմ,
առաջին
անգամ
է,
որ
հինգ
տարի
ժամանակէ
վերջ,
ինձի
ծանօթ
եւ
սիրելի
անուններ
տուող
հայ
իշխան
մը
կը
տեսնեմ,
—
պատասխանեց
Սուրեն,
—
պատմէ՛
ուրեմն
Հայաստանի
վրայ,
ի՞նչ
վիճակի
մէջ
է:
—
Երթանք
տուն,
իշխան,
հոն
կը
պատմեմ
քեզ
եւ
կ'իմացնեմ
վիճակը,
ուր
կը
գտնուին
բուն
Հայաստան
եւ
մեր
Փոքր
Ասիոյ
գաւառը:
Հոն
Վասակ,
Կոստանդին
կայսեր
աթոռ
նստելեն
ի
վեր
ամէն
անգթութիւնքը,
յիմարութիւնքը
սկսաւ
պատմել
Սուրէնի,
որ
արդեն
մեզ
ծանօթ
են,
բայց
երբ
հասաւ
իւր
հօրեղբօր`
Գեւորգ
Մագիստրոսի
մահուան
վրայ`
աչվները
կատաղի
փայլ
մը
առին
եւ
իմացուց
նաեւ
թէ
ինք
արդէն
տաճկաց
ամիրապետին
հետ
բանակցութեան
մտած
էր
յունաց
լուծը
թօթափելու
համար:
Սկսաւ
համրել
այդ
յիմար
աստուածաբանական
կատաղութեանց
արդիւնքը,
որ
ամէն
օր
կրօնքի
նորանոր
փոփոխութիւն
հնտրելով`
նոր
հաւատոյ
հանգանակ
ստեղծելով,
դժգոհ
վիճակի
կը
բերէր
թէ
Կոստանդնուպոլսոյ
ժողովուրդը,
թէ
Իտալիոյ
կողմերը,
թէ
հայերը
եւ
թէ
մարտայիթները:
Եւ
թէ
ինչպէ՛ս
հայք
կայսեր
առաջարկութիւնքը
համարձակ
մերժելուն
համար,
նա
էլ
Կոստանդնուպոլիս
սկսէր
էր
պատերազմի
պատրաստութեան,
եւ
որ
ինք
Վասակ
իմացուցեր
էր
Թէոդորոս
Ռշտունուոյ,
եւ
թէ
իւր
որդին
ղրկած
էր
առ
նա
դաշնադրութիւն
մը
կապելու
համար
միաբան
գործելու,
բայց
հիմա
կը
տեղեկանար
թէ
կայսրը
իմանալով
խլրտմունքը`
պատրաստի
գտնուած
զօրքով
ուղղուէր
էր
Տրապզոն,
եւ
իրեն
նաեւ
հրաման
ղրկէր
էր
նոյնպէս
զօրքով
Բարձր
Հայք
դիմել:
—
Ուրեմն,
—
ըսաւ
Սուրէն,
—
ի՞նչ
կեցէր
ենք,
պէտք
է
ժամ
առաջ
երթանք
քանի
որ
կայսրը
Կարին
չէ
հասեր:
—
Այո՛,
—
պատասխանեց
Վասակ,
—
բայց
Մամիկոնեան
Մուշեղ
միաբանութիւն
կազմեր
է
ընդդէմ
Թէոդորոսի,
կաթողիկոսը
եւ
նախարարաց
մեծ
մասն
էլ
իրեն
հետ
համաձայն
են,
ինչպէս
ինձ
կիմացնէ
Մանանաղեաց
գաւառեն
եկած
նամակ
մը.
արդէն
Եկեղեաց
եւ
Դարանաղեաց
եւ
Ապերոյ
իշխանք
սկսէր
են
ժողովուիլ
իրենց
զօրքերով:
—
Է՜հ
յիմարներ,
—
ըսաւ
Սուրէն,
—
միշտ
միեւնոյն
մարզիկն
են,
միշտ
նախանձ,
ատելութիւն:
Դժբախտութիւն
հոն
է,
որ
ոչ
մեկը
չի
գտնուեցաւ,
որ
ամենմուն
գլուխը
միանգամայն
կոտրէ:
—
Ի՞նչ
կ'ըսես,
եղբայր,
երբ
նոքա
էլ
վերնան
ի՞նչ
կը
մնա:
Համբերենք,
այսօր-վաղը
կ'ուգայ
որդիս
Տիգրան,
նա
արդէն
Թէոդորոսի
հետ
տեսնուած`
մեզ
ճիշտ
տեղեկութիւն
կը
բերէ:
Իրօք
երկու
օրէն
եկաւ
Տիգրան`
Վասակս,
որդին
եւ
պատմեց
ամէն
բան:
Նախ
թէ
Դուին
ասած
ժամանակ
գտեր
էր
ամիրապետին
պատգամաւորները,
որ
Թէոդորոս
եւ
բոլոր
հայ
նախարարաց
հետ
դաշնադրութիւն
կը
կնքէին,
ուստի
ինք
այդ
տեսնելով
երբ
Թէոդորոսի
հետ
առանձին
խօսակցութիւն
ունեցաւ,
նկատեց,
որ
նա
գոհ
չէր,
թէպէտ
ամենեւին
բան
մը
չէր
յայտնէր.
միայն
նշանավոր
խօսք
մը
զրուցէր
էր.
«Մենք
կը
խոստանանք,
դաշինք
կը
կնքենք,
բայց
ոչ
մեր
խոստմունքը
լուրջ
է
եւ
ոչ
դաշինքնիս
ուղղութիւն
ունի.
տեսնենք
թէ
այս
դաշանց
ստորագրողներն
ինչչա՛փ
պիտի
յարդէն
իրենց
խոստմունքը»:
Պատգամաւորք
դեռ
Դուին
էին,
երբ
լուր
հասաւ
թէ
կայսրը
Տրապզոն
ելեր
էր.
Թէոդորոս
ժողուեց
զամենքը`
յորդորեց
միաբանել
զօրքը
եւ
ժամանակ
չի
թողել
յարձակիլ
հունաց
վրայ,
եւ
դիմադրել
մինչեւ
ամիրապետին
զօրքն
օգնութեան
հասնին:
Մուշեղ
Մամիկոնեան
եւ
բոլոր
արեւմտեան
նախարարք
առաջինն
եղան
այս
խորհրդին
դիմադրելու,
կայսեր
զօրութիւնն
սկսան
մեծցնել
եւ
ըսել
թէ`
«Եթէ
մենք
ամիրապետին
հնազանդիլ
խոստացանք,
զմեզ
պիտի
պաշտպանէր
ի
կայսրէ.
կայսրը
ահա
հասաւ,
իսկ
ամիրապետը
դեռ
Դամասկոս
կը
քնէ.
պատգամաւոր
ղրկելէ
դիւրին
բան
չի
կայ,
մեզ
զօրք
պէտք
է»:
Զարմանալի
կը
պատմէր
այդ
խիստ
Թէոդորոսի
համբերութիւնը,
որ
երբեմն
քաղցրութեամբ,
երբեմն
խստութեամբ
կուզեր
համոզել
այդ
մարդիկը
թէ
«Ստորագրյալ
կնքեալ
դաշնադրութեանց
դէմ
կարելի
չէ
մեղանչել,
անքաւելի
ոճիր
է,
եւ
բարբարոս
աւազակաց
միայն
կը
վայելէ»:
Բայց
ամէնքն
անօգուտ
ցրուեցան
ըսելով.
«Ամէն
մարդ
իր
գլուխը
միայն
պարտաւոր
է
փրկել
այսպիսի
պարագայի
մէջ»:
Դարձեալ
Թէոդորոս
վերջին
ճիգ
մը
թափեց,
համոզեց
արաբացի
պատգամաւորքը,
որ
ամիրապետին
կողմեն
երթան
գտնեն
կայսրը
եւ
զինք
ջանան
արգիլել
մտնելու
Հայաստան:
Ուստի
ես
էլ
իբրեւ
անծանօթ
այդ
մարդկանց
հետ
ուղեւորեցայ
Դերջան.
հոն
գտանք
կայսրը
եւ
տեսանք,
որ
զօրաց
թիւը
կ'աւելցնէր:
Խրոխտ
պատասխան
տուաւ
պատգամաւորաց.
«Իմ
աշխարհն
է
Հայաստան,
կ'երթամ,
ոչ
ոք
չի
կրնար
արգելուլ»:
Եւ
կը
սպառնար
հրով
սրով
մաշել
երկիրը:
Ահա
վիճակը
այսպէս
կը
պատմէր
Վասակայ
որդին:
—
Հիմա,
եղբայր,
—
ըսաւ
Վասակ
Սուրէնի,
—
Լսեցիր
պատմութիւնը.
կարծեմ
թէ
ամէն
խելօք
մարդ
սպասելէ
զատ
բան
մը
չի
կրնար
ընել:
Տեսնենք
Թէոդորոս
ի՞նչ
պիտի
ընէ:
—
Ի՞նչ
կրնայ
ընել,
—
պատասխանեց
Սուրէն,
—
երբ
դաւաճաններ
չորս
կողմը
շրջապատէր
են:
—
Բայց
դարձեալ,
—
ըսաւ
Տիգրան,
—
երբ
ես
Դուին
էի
եւ
կ'այսէր
գալստեան
լուրն
հասաւ
եւ
նախարարք
ամէնքը
թողին
ժողովն
ու
գնացին,
Սիւնեաց,
Աղուանից
եւ
Վրաց
նախարարաց
հետ,
որ
միաբան
մնացել
էին
իրեն`
դիմադրութիւն
որոշեց:
Անխռով
եւ
խրոխտ`
իրենց
յայտնեց
թէ
ինք
միտք
ունէր
ամրանալու,
ո՛ւր
որ
կրնար
եւ
դիմադրելու
մինչեւ
վերջին
կէտը,
թողլով
դաշտավայրը
թշնամուոյն.
նոյն
խորհուրդը
տուաւ
նաեւ
իւր
դաշնակցաց
յայտնելով
թէ
«Այ՜դ
Յունաց
կայսրը
երկար
չէր
կարող
կենալ
եւ
պէտք
էր
երթար:
Ուստի
իւր
օրինակին
հետեւեցան
այդ
երեք
մեծ
աշխարհաց
նախարարքր:
Վահեւունեաց
Տէրը
իւր
հրամանաւ
ամրացաւ
Արփայից
բերդը.
Վարազ
Ներսէհ
Դաշտկարի
իշխանին
հրամայեց
առնուլ
բոլոր
աշխարհին,
եկեղեցուոյն,
իշխանաց
եւ
վաճառականաց
գանձերը
եւ
անմատոյց
լեռանց
մէջ
ամրանալ:
Իսկ
ինք
իւր
զօրքով
անցաւ
Արածանի
գետին
ձախ
կողմը
եւ
նստաւ
Աղիովիտ:
Իւր
այս
քաջասիրտ
շարժմունքով
Համազասպ
Մամիկոնեան
եւս
եկաւ
իրեն
միացաւ.
եւ
ամէն
օր
զօրաց
կրթութիւն
ընել
կ'ուտար
իւր
ներկայութեամբ,
եւ
այնպէս
զուարթ
էր,
որ
ամենքը
կը
զարմանային:
—
Ուրեմն,
—
ըսաւ
Վասակ
Սուրէնի,
—
մենք
հոս
այս
աշունն
ու
ձմեռն
կը
պատրաստուինք,
արաբաց
օգնութեամբ
նաեւ
կը
զօրանանք,
եւ
դարնան
կը
յարձակինք
այդ
Բիւզանդիոյ
կայսեր
վրայ,
վասնզի
արդէն
իմ
չերթալովս
իւր
հրաւէրին,
յայտնի
է
թէ
որոշված
վճռուած
բան
մ՚է
իր
կողմեն,
եթէ
իմ
հօրեղբայրս
սպաննած
օրէն
այդ
որոշմունքը
չէր
եղած:
Դու
զօրաժողով
ելիր,
ըրէ՛
ինչ
որ
կրնաս
այս
երկրին
մէջ,
ամէն
դիւրութիւն
ես
քեզ
կ'ուտամ,
եւ
ապահով
եղիր
թէ
ամառը
չի
հասած`
մեր
բանակը
կը
միանայ
Թէոդորոսի
բանակին
հետ,
եւ
քու
Հայաստան
մտնելդ
փառաց
եւ
հաղթանակի
մուտք
կը
լինի:
—
Եղբայր,
—
պատասխանեց
Սուրէն,
—
ես
ոչ
փառք
եւ
ոչ
հաղթանակ
կը
փնտրեմ,
իմ
փափագս
թշուառ
հայրենեաց
օգտակար
լինիլն
է
միայն,
եւ
ցաւով
կը
տեսնեմ,
որ
այդ
անօրէն
արաբաց
օգնութիւնն
ուզելու
կը
պարտաւորինք
ընդդէմ
քրիստոնեայ
տէրութեան:
—
Ի՞նչ
կարելի
է
ընել,
երբ
այդ
քրիստոնեայ
տէրութիւնն
նոյնպէս
անգութ,
նոյնպէս
բռնաւոր
է
մեզ
համար.
Թէոդորոս
Ռշտունի
դաւաճանութեամբ
շղթայներու
մատնեալ,
դարձեալ
հավատարիմ
կուզեր
մնալ
այդ
քրիստոնեայ
տէրութեան,
յանկարծ
ի՛նչ
եղաւ,
որ
ինձ
կը
գրէ
թէ`
«Վերջին
եօթանասուն
տարուան
մէջ`
Բիւզանդական
կայսրութեան
դիւական
խորհուրդները
մեր
ազգը
ոչնչացնելու
համար
ինձ
յայտնի
եղան,
երբ
Թէոդորոս
Երիզացին
ինձ
հաղորդեց
Կարնոյ
դիւանատան
ամէն
գաղտնի
թղթակցութիւնք
եւ
հրամանագիրք.
մեր
նախարարաց
անմիաբանութիւնք
եւ
վատութիւնք
քիչ
մը
թեթեւցան
իմ
աչքիս,
վասնզի
տեսայ
յայտնի
թէ
հունական
ոսկին
ի՛նչ
մեծ
ղեր
խաղացեր
էր
այդ
անխելք
ու
կարճատես
մարդիկը
մոլորցնելու»:
Պատրաստութիւնքը
շարունակեցան`
եւ
նոյն
միջոցին
ինչ
որ
կ'անցնէր
Հայաստանի
Վասակ
մանրամասն
կ'իմանար:
Կայսրը
Կարին
հասած
վայրկենին`
յունաց
զօրավարք
եւ
հայոց
իշխանք
միաբան`
Թէոդորոս
Ռշտունի
պատճառ
ամէն
չարեաց
ամբաստանեցին.
նա
էր,
որ
Մարդոցէից
պատերազմին
մէջ
պատճառ
եղած
էր
յունաց
պարտութեան,
նա
էր
որ
զամենքը
գրգռած
էր
հապստամբութիւն,
նա
էր
որ
զամենքը
վախցնելով
պարտաւորել
էր
արաբաց
հետ
դաշինք
դնելու:
Հոն
եկաւ
նաեւ
Ներսէս
կաթողիկոս,
Բագրատունի
իշխանաց
հետ`
Տայոց
գաւառեն,
ամրապնդելու
համար
այս
ամբաստանութիւնը
յունաց
զօրք
վատութեան
նախատինքէ,
հայոց
իշխանք
եւ
կաթողիկոս
ապստամբութեան
յանցանքէ
արդարացան,
եւ
ամէն
ինչ
Ռշտունի
զօրավարին
վերա
բեռցնելով,
նզովեցին
եւ
դատապարտեցին
եւ
ձգեցին
զինք
ամէն
պատուոյ
եւ
իշխանութենէ,
եւ
իւր
փոխանակ
իշխան
մը
ղրկեցին
քառասուն
հոգուով
եւ
կայսերական
հրովարտակաւ:
Իսկ
Թէոդորոս
բռնեց
կապեց
այդ
մարդիկը
եւ
ղրկեց
ոմանք
կղզիները,
ոմանք
Բաղէշու
բերդը:
Եւ
Կոստանդին
իմանալով
այս
եղածները,
կը
սպառնար
ջնջել,
ոչնչացնել
բոլոր
երկիրը:
Եւ
Մուշեղ
Մամիկոնեան,
Ներսէս
կաթողիկոս
եւ
միւս
իշխանք
գետնամած
կ'աղաչէին`
իւր
բարկութիւնն
իջեցնել
կ'աշխատէին,
մինչեւ
տարին
զինք
Դուին
եւ
հոն
կաթողիկոսական
եկեղեցուոյն
մէջ,
իւր
եկեղեցիեն
իբր
հերետիկոս
դատապարտեալ
մարդուն
ու
քահանայից
յետոյ
հաղորդուեցան:
Իսկ
զօրքը
ցրուեցան
Վրաց,
Սիւնեաց
եւ
Աղուանից
երկիրները,
աւերեցին
ո՛ւր
որ
կրցան,
բայց
Սիւնիք
եւ
Աղուանք
չխոնարհեցան
այդ
կայսեր
առջեւ:
Երբ
լուր
հասաւ
կայսրեն
դեռ
գարուն
չեկած
թէ
Վասակ
պատրիկ`
կուսակալ
Փոքր
Հայոց
ապստամբեցաւ,
եւ
թէ
Կոստանդնուպոլիս
նաեւ
ապստամբութեան
ցոյցեր
կան,
առաւ
զօրաց
մեծ
մասը,
դիմեց
Կապադովկիա
Վասակի
վրան:
Բայց
յաղթուեցաւ
չարաչար,
եւ
դարձաւ
գնաց
Կոստանդնուպոլիս
կորակոր,
շփոթած
եւ
հուսահատ.
եւ
հոն
նոր
անգթութեամբդ
աւելի
ատելի
եղաւ
ամէնուն:
Իսկ
կաթողիկոսը
Թէոդորոսի
երկիւղեն
Տայոց
գաւառը
փախաւ
յունաց
զօրաց
հետ,
բայց
նոքա
եւս
չկրցան
դիմանալ,
վասնզի
հայոց
զօրավարը
հասաւ
ետեւնուն`
հալածեց
զիրենք
անտից:
Եւ
խմբուեցան
բոլոր
յունաց
զօրքերը
Կարին.
Մաւրիանոս
իրենց
սպարապետը
մեծ
պատրաստութեամբ
կը
սպասէր
եւ
կուշացներ
պատերազմի
գործը`
որպէսզի
իւր
ցրուեալ
զօրքը
ժողուի,
ինչպես
Թէոդորոս
կը
սպասէր
հայոց
նախարարաց,
որ
մէկ
կողմէ
կ'ըհասնէին,
ոմանք
համոզուած,
թէ
իրենք
իրենց
վրայ
պէտք
էին
հուսալ
եւ
ոմանք
ակամայ
եւ
ի
յունաց
յոյսերնին
կտրելով,
ոմանք
նաեւ
տեսնելով
թէ
ամիրապետը
Թէոդորոսի
եօթ
հազար
հոգուոյ
գունդ
մը
օգնութեան
ղրկել
էր: