Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՆՕԹԵՐ

/ԺԹ/ Յակոբ Օշականի ներկայ հատորը, ձեռագիր 762 էջ, գրուած է Երուսաղէմ, 1944 Մարտ—Յուլիս երկարող ժամանակաշրջանին։

Վատորակ թուղթի վրայ ու գունաթափ մելանով եւ, մա՛նաւանդ՝ «պատուհաս» իր գիրով ընդամէնը չորս ամսուան ընթացքին գրուած այս գործը մեզի արժեց աւելի քան չորս անգամ չորս ամիսներու վրայ երկարած մանրակրկիտ աշխատանք մը։

Թող չափազանցութիւն չթուի, եթէ ըսենք, որ յաճախ մէկ բառին վերծանումը մեզմէ խլեց բազմաթիւ ժամեր եւ երբեմն օրեր՝ բառարաններու, գրականագիտական գիրքերու, եւ Օշականէն հրատարակուած կամ դեռեւս ձեռագիր մնացած գործերուն մէջ փնտռելու եւ գտնելու համար գործածուած ստոյգ բառը, յատուկ անունը, խորագիրը, մէջբերուած տողը, եւայլն։

Յ. Օշականի համար մտասեւեռում էր այն հաւանականութիւնը, որ իր գործերը կրնան երկար ժամանակ ձեռագիր մնալ, եւ մեծ գրագէտին համար երկրորդ մղձաւանջ մըն էր այն՝ որ իր անընթեռնելի ձեռագիրը կրնար պատճառ դառնալ ահաւոր խախտումներու, թիւրիմացութիւններու եւ ակամայ խեղաթիւրումներու։ Ներկայ աշխատասիրութեան մէջ եւս ու քանի մը տեղեր ան կը խօսի նոյն մղձաւանջին մասին, ինչպէս էջ 251–252–ին վրայ:

« Պարագայ մը, որ թէեւ արուեստին չի պատկանիր, բայց Օշականին ոճը խեցեվճիռի ենթարկելու մէջ ունեցած է խոշոր դեր մը։ Ատիկա տպագրութեան ընթացքին մուտք ունեցող վրիպակները կը ստեղծեն։ Օշականի խոնարհագոյն պատկերներուն մէջ նոյնիսկ անոնց մէջ, զորս ինք տեսած է տպագրական փորձերուն սրբագրութեան ընթացքին կը վխտան այդ վրիպակները (…) Եւ այս վրիպակները կը պատկանին քերականութեան, ինչպէս նախադասական շարադրանքին, բառերուն, ինչպէս գիրերուն։ Բայց մա՛նաւանդ սխալ կարդացուած բառերուն։ Գիւտե՜ր, գիւտե՜ ր, գիւտե՜ր։ Որոնց մտածելն իսկ մարդուն զարմանք կը պատճառէ»։

Ուրիշ տեղ մը՝ 454-րդ էջին վրայ, այս անգամ ոգեկոչական ոճով։

« Ես գիտեմ, որ քեզմէ տպուած ամէն մէկ էջի մէջ առնուազն քսան վրիպակ կը դաւակցին հակառակորդներուդ, գրածներդ անհասկնալի, սխալ, յիմարական դասելու արարքը փաստացի կշռելով »։

/Ի/ Մենք հնարաւոր ամէն ճիգ ի գործ դրինք, որ ներկայ հատորին էջերուն վրայ չկրկնուին նման տխուր պատկերներ եւ հատորը նուազագոյն թերութեամբ մը լոյս տեսնէ։

Սակայն, հակառակ մեր տածած ծայրագոյն խնամքին, բնաւ յաւակնութիւնը չունինք ըսելու, որ վրէպներէ զերծ ու կատարեալ հրատարակութեան մը պսակին կրցանք արժանացնել այս հատորը:

Յ. Օշականի ձեռագիրին մէջ կան բազմաթիւ պարագաներ, որոնց փորձութիւնը կարելի չէ հարիւր տոկոսով յաղթահարել, մանաւանդ՝ ա ձայնաւորը եւ ու երկբարբառը բովանդակող բառերուն պարագային։ Օրինակ մը տալու համար, յիշենք գրագէտին այն կարճ գրութիւնը, ուր կը խօսի մահուան մասին։ Այդ գրութիւնը մենք նախապէս չէինք կարդացած ու կը մտածէինք, որ մահուան մասին կարելի է խօսիլ ե՛ւ հաստատական, ե՛ւ կոչական եղանակներով։ Հետեւաբար, խորագիրը կրնար ըլլալ թէ՛ « Եկուր» եւ թէ՛ « Եկար »։ Ատիկա դիւրին գործ պիտի ըլլար սակայն։ Մենք ընտրեցինք դժուարը՝ գտանք աղբիւրը ու գրեցինք օշականեան ստոյգ ճիշդը՝ « Եկար »։

Ուրիշ օրինակ մը.

Օշական ունի բառերը գործածելու իւրայատուկ ոճ մը, որ երբեմն շփոթի կը մատնէ պարզ ընթերցողը։ « Զուգակշիռ Արեւմտահայ եւ Արեւելահայ գրականութեանց » գործին ծննդոցը պատմած ատեն, օրինակ, կը յայտնէ, թէ անիկա « ծնունդն է դասական կարիքներու »։ «Դասական»ը հոս ունի ոչ թէ քլասիք բառին իմաստը, այլ՝ « դասարանական »։ Նման բառերը, իրենց հերթին, վերստին ու վերստին ստուգուած են ու պահուած օշականեան իրենց առումներով։

Կէտադրութիւններու եւ շեշտերու ատեն Օշական հաւատարիմ չէ մնացած ինքն իրեն եւ նոյն պարագաներուն մէջ գործածուած բառերուն առիթով յաճախ տեղ մը որդեգրած է մէկ կէտը եւ ուրիշ տեղ մը՝ միւսը, տեղ մը դիմած է գծիկին, եւ ուրիշ տեղ մը՝ ոչ: Միատեսակութիւնը պահելու համար մենք որդեգրեցինք երկու ձեւերէն մէկը հատորին ամբողջ երկայնքին, ի շարս որոնց նաեւ գլխագիրով սկսող բառերը, ինչպէս այլեւս յատուկ իմաստներ նուաճած՝ Արեւմտահայ գրականութիւն, Արեւելահայ գրականութիւն, Զարթօնքի սերունդ, Արուեստագէտ սերունդ, եւայլն։

Օտար լեզուով գրուած բառերը առաջին պատեհութեամբ պահեցինք իրենց սեպհական գիրերով, իսկ այլ էջերու վրայ եւրոպական տառերը փոխառինեցինք հայերէն տառերով։

Նոյնպէս, առաջին պատեհութեամբ ընդգծեցինք հայերէնով /ԻԱ/ գրուած օտար բառերը, եւ անոնց կրկնութիւնները շարել տուինք պարզ գիրերով։

Պատկերային առումով` Օշականի ձեռագիրին մէջ կան նոյնանման բազմաթիւ բառեր, որոնք անիմաստ չեն ձգեր պարբերութիւնը, բայց պզտիկ անուշադրութիւն մը կրնան Օշականի ըսել ուզածէն տարբեր տեղ տանիլ ընթերցողը, ինչպէս պատահած է շատ անգամ։ Այդ բառերէն են Խաղ-խաչ, գրէ–կրէ, փառքը–փաստը, զեղումներ-զիջումներ, փցուն—փտուն, վիճակներ–վիժուկներ, նետելով–ներելով, եւ ուրիշներ։

Տանք առաջին երկու զոյգերէն կազմուած օրինակ մը, որ լրիւ կը բացայայտէ մեր միտքը:

«Ի վերջոյ չմոռնալ, որ սրտառուչ է մարդ մը, որ խաչ մը կը կրէ, ի յառաջագունէ համոզուած, որ այդ խաչը բեմին պիտի չհասնի»։

Նախադասութիւնը բոլորովին անիմաստ չէ հոս, բայց այդ չէ ճիշդը, ճիշդը կը ստացուի, երբ խաչը խաղ ի վերածենք ու կրէ ն գրէ ի։

«Ի վերջոյ չմոռնանք, որ սրտառուչ է մարդ մը, որ խաղ մը կը գրէ, ի յառաջագունէ համոզուած, որ այդ խաղը բեմին պիտի չհասնի»։

Օշականի գիրը, բառամթերքին անսովորութիւնը, աշխարհին բարդութիւնը, իր մշակած սեռերուն այլազանութիւնը, ինչպէս նաեւ մշակութային կուտակումները հաշուի առած՝ այս գործին մեքենագրութեան թէ սրբագրութեան ատեն, մեր առաջնորդներէն մէկը ինքնավստահութենէն աւելի դարձուցինք կասկածը, որ յաճախ զերծ պահեց մեզ հաւանական վրէպներէ։

Դժուար ընթեռնելի բառերուն յատկացուած յաւելուածական ժամանակին հետեւանքով տպագրական գործը ենթարկուեցաւ բազմաթիւ ընդմիջումներու, եւ այդ իսկ պատճառով միատեսակութիւնը պահելու համար ի գործ դրած մեր ջանքը անպայման ունեցաւ նուաղումներ, բայց կ՚ենթադրենք, որ յղացքային ոչ մէկ խախտում տեղի ունեցաւ այս գործին մէջ եւ կարելի եղաւ մեզի՝ յարգել մեծ գրագէտին ըսելու ձեւերուն, ոճական նորութիւններուն, մտածումի անկախութեան, յանդգնութիւններուն, կշիռներուն ու վճիռներուն ծայրագոյն չափով մը հաւատարիմ մնալու մեր սկզբունքը:

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ