Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՈՒՏՔ

/1/ Գրականութեանց պատմութեան մէջ երբեմն մարդերու գործ մը, երբեմն ասոնց հեղինակը, ու ցանցառակի ալ այս երկուքէն վեր, անդին, հանգամանքներ պատճառ են կրքոտ, անճիշդ, խանդավառ հեքիաթներու, ժամանակները հերքող, բայց զանոնք տարօրէն լուսաւորող։ Չեմ իջնար օտարներու։ Մեր ժամանակակից զոյգ գրականութիւնները հանդիսարաններ են նման յօրինումներու։ Թէ անոնք ինչպէս կը ծնին, հարցին հիմնականը չի կազմեր։ Թէ անոնք ինչպէս կ՚աճին, պարագայ մըն է, որ կ՚անդրադառնայ շրջանային փաստերու արժեւորման։ Անոնց մա՞հը։ Որ ըլլալով հանդերձ սրտառուչ, դարձեալ կը ծառայէ այդ գրականութիւնները աւելի պայծառ տեսնելու, հասկնալու։

Ու կան այս մարդերը,

որոնք ճակատագրուած են չպատկանելու իրենց ժամանակին, անգիտակից կամ կամաւոր մեկուսացմամբ մը, իրենց ըրածին վրայ խորունկ, մենագարային վստահութեամբ մը (եւրոպացիներուն «փղոսկրէ աշտարակ»ը նանիր փոխաբերութիւն մը չէ)։ Որոնք դարձեալ կամաւոր կամ ակամայ զանցառութիւններու գնով, անօգուտ հանդէսի մը կը վերածեն քննադատները, ուսումնասիրողներու ամբողջ ճարտարանքն ու փաստարկութիւնները, քանի որ զետեղելի չեն տուեալ կաղապարներու ներսը։ Որոնք, աս ու ան ճնշումին տակ կը հագնին աս ու ան տարազները լուսանց ի, կամուրջ ի աշխատաւորներ կ՚որակուին ու, ըստ իրենց բախտին, կը պատժուին կամ կը վարձատրուին կեանքին մէջ եւ կամ ասկէ անդին։ Այս է գրողներու հեքիաթ կոչուած իրողութիւնը։

Երբեմն, անըմբռնելի, արտակեդրոն իրողութիւնն է հանճարին, առանց պատճառաբանութեան, այսինքն՝ ինքզինքը բացատրելի ընծայող հանգամանքներու մեղմացումին։ Ի զուր է փաստեր գտնելու աշխատիլ, գտած ըլլալու փառասիրութիւն մը ոսկեզօծել աս ու ան գրական տեսութեան պատմուճաններով, հասկնալու համար իրականութիւնը Աբովեանի մը, Պետրոս Դուրեանի մը հանճարներուն։ Փորձեցէք այդ մարդերը հասկնալ որեւէ վարդապետութեան /2/ տարազներով։ Սխալի մէջ էք։ Բայց իրական է հեքիաթը։ Երբեմն բացառիկ խառնուածք մըն է հեղինակը այս հեքիաթին, իմացական, ֆիզիք բազմատեսակ տագնապներու մէջ ինքզինքը ճարտարապետած, հիւանդութիւն, խարանաբար ջղային դրութիւն, անզետեղելի հետաքրքրութիւն, մշտաշարժ ու մշտանորոգ, որոնք գրելու բացառիկ տուրքերով ընդելոյզ, կը կերպադրուին անհաւասար ձեւերու ներքեւ, կը նուաճեն, բայց չեն տիրապետեր։ Եղիա՞ն։ Անշուշտ։ Ուրիշ անգամ ՝ նորին, անտիպին, անլուրին, նոյնիսկ այլանդակին սպասարկու, իմացական մեծ ու խորունկ փառասիրութիւններով տոգորուն նոյն ատեն, ինքնաբաւ, որքան ինքնավստահ, արհամարհող, որքան անհանդուրժող, իր ուժերուն վրայ լայնօրէն շահարկող եւ յոխորտացող ու իբր այդ իր ժամանակը ու անոր հետ ինքզինքն ալ հերքող անորակելի արկածախնդիր մըն է այս դէմքը, որ իր առաւելութիւններն ու խօթութիւնները կը կրէ քրմաբար, կը թքնէ մարդոց չափերուն ու կը սուզուի հո՛ն՝ ուր կը մղեն զինքը իր կիրքերը, աւելի բախտաւոր պարագայի՝ իր բնազդները։ Տիրան Չրաքեանն է նմոյշը այս կիսաստուածներուն։ Իրարու հակադիր, իրարմէ ժամանակով ու պատրաստութեամբ հեռու այս մարդոց մէկ է սակայն ճակատագիրը իրենց հեքիաթն է ասիկա։ Կարելի՞ է այդ հեքիաթին համար առաջարկել Յ. Օշական անունը։

Ապահովաբար այո՛։

Ու ասիկա անոր համար, վասնզի զայն կարդացողը անզգալաբար կը տարուի այդ գործին ժամանակազանցութենէն, որքան անիրականութենէն, նեղուելով այս անորոշութեան, միգամածային աշխարհին տարտամութեան չափովը` տարօրէն իրական ու շատ որոշ կենսաշերտ մը, կեանքերու խաւ մը (երկրաբանական իմաստով) անոր նկատառմանը պարտադրող անոր ուժէն։ Անոնք, որ առանց զայն կարդացած ըլլալու ու բիւր է ասոնց թիւը դիրք են բռնած այդ գործին դէմ, զայն արհամարհելու, ուրանալու արարքները կը շքազարդէն կարելի եւ ներելի բոլոր սոփեստութիւններով, մեղադրանքներով։ Երկու իրողութիւններն ալ կը յանգին հեքիաթին [1] ։ Եւ որով/3/հետեւ այս ամենուն նախասկիզբ ազդակը զանցելն է իր ժամանակը դէպի վար կամ դէպի վեր (պարագան բան չի փոխեր), ներկայ ուսումնասիրութիւնը պիտի ծառայէ այդ ժամանակավրէպը քաւելի մեղքի մը վերածելու:

Արդարեւ, այս դարու սկիզբը իր գրական առաջին փորձերը թուող պատանին որ գաւառացի պատմող մը ըլլալու յաւակնութիւնները պիտի չուրանայ մինչեւ 1944, Երուսաղէմ, « Սիոն» ամսաթերթին մէջ գրական վերտառուած անորակելի էջերուն ալեւոր հեղինակը ըլլալու իր ճամբան ըրած է կիրքով, այլուրութեամբ մը այդ կիրքէն դուրս ամէն փառասիրութեան հանդէպ, ստեղծելով շփոթութիւն, հասկցողին, ինչպէս ոչխարամիտ հայհոյողին մտքին մէջ իր ձգտումներէն, որքան կարողութեանցը իրականութենէն։ Այդ գործը պատկերն է աշխատանքի մը, որ իր ընդարձակութեամբը, բազմազանութեամբը, ինքը իրեն հաւատարիմ (խորքին մէջ) բայց այնքան իր տարիքին կերպարանքներուն մէջ այլացող հանգամանքներովը կը մնայ տպաւորիչ։ Չեմ խօսիր արժէքէն, որ ուրիշ հարց է։ 1902ին « Արեւելք » օրաթերթի Յունիսի թէ Յուլիսի թիւերէն մէկուն մէջ իր սկիզբը ընող գործը Առաջին արցունքը ») հազիւ թէ կը յիշեցնէ 1914ին « Սիոն » հանդէսին մէջ « Համապատկեր »ին մուտքը ճարտարապետող կառոյցը, թէ՛ իբր թեքնիք, թէ՛ իբր արտայայտու/4/թիւն։ Յետոյ այդ գործին երկու եզրերուն միջեւ անջրպետը կը մնայ գրաւուած երբեմն ապայժմէ, երբեմն յառաջահայեաց, երբեմն անցելասոյզ նկարագիրներ երեւան բերող միութիւններով բոլորն ալ գրական առաջ բերելով ծանր դժուարութիւն, անպատեհութիւն՝ համադրական ձեռնարկի։ Ասիկա՝ իրողութիւնն է։ Հեքիա՞թը։ Ինչո՞ւ միակտուր, բացարձակ, ընդարձակ ուրացում, (մարդիկ տակաւին երէկ անոր կը մերժէին հայերէն գրել կարենալու տարրական արժանիքը։ Լուսահոգի Լեւոն Բաշալեան անոր ոճը անուանած է ոչ-հայերէն։ Արշակ Չօպանեան այդ ոճը որակած է քամչաթքայերէն։ Ասոնք փաստեր ըլլալէ աւելի են), ինչպէս նոյնքան միակտուր, բացարձակ, բայց սահմանափակ պաշտամունք. (1944ին Սուրիա պտոյտէ մը եկող խմբագիր մը կը հաւաստէր, որ Օշական անունը յուռութք մըն էր կարգ մը շրջանակներու համար, ուրիշներու մէջ հոմանիշ ամենէն անարգ ապիկարութեան)։ Կա՞յ միջին մը այս երկու հակադրութիւնները ընդհանուր յայտարարի վերածող։ Oշական բազմիցս յայտարարած է, որ չէ կարդացած իր մասին գրուած որեւէ յօդուած, աւելի քան երեսուն տարիներէ ասդին։ Արդարացո՞ւմը՝ սա տարօրինակ բարբարոսութեան։ Ա՛ն՝ որ իր վրայ յարձակողները իր մտադրութեանցը հիմնովին հակառակ ազդակներ կը շահագործեն։ Տառապագին անհասկացողութեան մը այդ փաստերը ոչինչ ունին արդիւնաւէտ նախ մեր գրականութեան, յետոյ հեղինակին հաշւոյն։ Չէ պատասխանած որեւէ քննադատութեան, այս արարքին ալ ի յառաջագունէ մերժելով տարրական իսկ բարիք։ Ինքն է, որ այնքան հանդիսաւորապէս յայտարարած է որեւէ քննադատութեան որեւէ դրական դերէ անմասն ցուցամոլութիւն մը միայն ըլլալը։ Իր յարձակումնե՞րը ուրիշներու վրայ։ Անոնք ապրումներ են. ու իբր այդ կը պատկանին իր գրականութեան, որ ապրումին, իր բառովը՝ կեանքին պաշտամունքն է, իր բոլոր երեսներուն վրայ ու ալքերուն խորը։ Իր վէպը քննադատութեան մը չափ յորդ է գաղափարներով եւ իր քննադատութիւնը ապրումներու հանդէս մըն է, մտքի երեւոյթ ըլլալէ խորշող մենագարութեամբ մը։ Oշական դարձեալ կը յայտարարէ, որ չէ կարդացած իր վրայ որեւէ գնահատական։ Աս ալ հակառակէն բարբարոսութիւն մը մի՛ աճապարէք դատելու։ Oշական անագօրէթ (anachorète) մը չէ մեր գրականութեան մէջ, ոչ ալ ինքնիր կարողութեանց մէջ խորասոյզ այլամերժ յիմար մը։ Իր մտերմութեան մէջ այնքան մօտիկ այս մարդը տղու հոգի մը կը կրէ, մինչեւ իսկ ճերմկած մազերուն տակ, ու ատով՝ բոլոր պարզերուն, միամիտներուն մօտ դիտուած նախնակա/5/նութեան լայնօրէն տրամադրուած հոգեղէն զէնք մը։ Այս հաստատումէն դէպի գովեստի, քաջալերի չեմ ըսեր մուրացկանութիւն մը, գէթ փոյթ մը՝ թերեւս բնական պիտի գար ոեւէ վերլուծողի համար։ Բայց Օշական կեանքէն իր տեսածը, մանկատի օրերէն մինչեւ ալեւոյթը, տեսած է ուրիշ լոյսի մը տակ։ Սեւ լոյսը չէ ատիկա, անշուշտ, որով ապրեցան Եղիան, Դուրեանը, Հրանդը։ Բայց զուարթ լոյսն ալ չէ մեր բախտաւոր, նպաստաւորեալ գրողներուն (անուն չեմ տար)։ Կը կարդաք Թլկատինցին, կը ժպտիք այդ մարդուն գործը լիացնող չար համով հոգեղէնին հաշւոյն։ Արդ, ինչ որ ողբերգութիւնն է այդ գրողին, ատիկա՝ իր տաղանդին դիակիրը ըլլալու խուլ, անջնջելի գիտակցութիւնն է։ Աշխարհի բոլոր բարիքները անբաւական պիտի գային ի ծնէ կոյր մը գոյնի զգայութիւններու վայելքին հաղորդ ընելու։ Թլկատինցին չէ խնդացած, այդ զգայարանքէն զուրկ ծնած ըլլալուն։ Օշական չէ փնտռած որեւէ քաղցր յենակ, խօսք, անոնցմէ որեւէ բարիք մարսելու (հոգեղէնին վրայ) անընդունակ ծնած ըլլալուն։

Ինչո՞ւ ուրեմն այս ուսումնասիրութիւնը։

Վասնզի, ինչպէս « Համապատկեր »ը հանդէս մըն է մարդերու, այնպէս ալ Յակոբ Օշական մարդ մըն է մեր գրականութեան մէջ, որոշ մեղքերով ու առաքինութիւններով։ Տակաւին երէկ Գահիրէէն հիւր բժիշկ մը կ՚ընէր սա յատկանշական յայտարարութիւնը։ « Օշականի մեղքերն ալ մեր գրականութեան մէջ պիտի ունենան նշանակութիւն »։ Իրողութիւն է, որ մարդեր տալու իր տիրական, գերագոյն ցանկութեան ծնունդն է այս մենագրութիւնը [2] ։ Հիւանդագին ախորժակ մը։ Իր վէպերը, շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ մարդեր են։ Իր « Համապատկեր »ը մարդերու հանդէս մը նորէն, ուր միսն ու միտքը, արիւնն ու ասոր անըմբռնելի միւս կերպարանքները երազանք, մտածումներ, յոյզեր ամէն էջի կը վերածուին իրարու։ Ու ինք /6/ գիտէ, թէ որքան դժուար բան է մարդերը ճանչնալ ։ Որքան սուտ՝ ատոր յաւակնիլը փոխակերպել ստոյգ նուաճումի։ Ու գիտէ նաեւ աւելին։ Այսինքն տրտում դժուարութի՛ւնը՝ ինքզինքը ճանչնալու: Ահա թէ ուրկէ կը բխի ներկայ ուսումնասիրութիւնը։

* * *

Եղան, որ զինքը անուանեցին կամուրջ մը ընդմէջ երկու սերունդներու։ Ատոնցմէ մին ան է, որ Սփիւռքի բազմապիսակ կեդրոններուն մէջ յօրինեց իր միտքին հասակը, իր արեան դրութիւնը ժառանգած ըլլալով ահաւոր պայմաններէ։ Այդ սերունդին իմացական ողբերգութիւնը անշուշտ զգալի է Օշականի գործին ալ ներսը։ Երկրորդը՝ սերունդն է, որ ինկաւ դաշունահար 1915ի աղէտին, իր երազին վրայ փլող անպատմելի ողբերգութեան մը մէջ։ Օշական իր « Մնացորդաց »ը փառասիրած է, այդ սերունդին տալու համար իր արժանաւոր դիւցազներգութիւնը։ Երկու վերագրումներն ալ վերագրումներ են, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։

Oշական չի պատկանիր, չի կրնար պատկանիլ ոչ մէկ սերունդի, եթէ ուզենք այս եզրին տալ իր ուղղափառ նշանակութիւնը։ Ու հոս է իր ողբերգութիւնը։ Ասիկա առանձնութեան մենամոլ հեքիաթը չի թելադրեր հոս։ Ասիկա՝ իր անկարողութիւնն էր, ժամանակի մը մէջ զետեղելի ըլլալու։ Ու անիկա չանգիտանար հրէշները, որոնք գինն են այս կարգի պայմաններու։ Անիկա չի հաւատար դարձեալ յետ–մահու փառքի մը առասպելին, որ իր հեքիաթին վրայ չարաշուք պատմուճանի մը, չըսելու համար պատանքի մը նման փռուած է ահա քառորդ դարէ ի վեր, անշուշտ առանց իր գիտնալուն եւ ոչ ալ ուզելուն։ Ըսուած ու գրուած են չըսուած ու մտքէ չանցած բաներ այդ ուղղութեամբ։ Յետ-մահու փառքը իմացական délicatesse մը կը խորհրդանշէ, ու անմատոյց է կարգ մը նկարագիրներու, առնուազն ապառիկ փառք մըն է։ Եւ գիւղացիներ կան, որ երբեք պիտի չվստահին մուրհակին, փոխագիրին։ Օշական չուրանար իր գիւղացի ըլլալը, մնալը, նոյնիսկ ժամանակակից մտքի /7/ մեծ վարպետներուն հետ շփումի մը դժբախտութենէն վերջ։ Համբաւը, որ այս ճիղճ ախորժակներուն ծիրովը կը քալէ, անկարող եղաւ տապալելու կոշտ այս գիւղացին։ Իր շուրջը ստեղծուած հակամարտութիւնները, կրքոտ կեցուածքները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ համբաւին վրայ յարձակման սքողեալ ձեռնարկներ։ Անիկա Սթանտալ մը չէր։

Եւ սակայն Արեւմտահայ գրականութիւնը այս անունին պարտական է մէկէ աւելի սխրալի յաջողուածքներ, գրական բազմաթիւ սեռերէ միասնաբար։ Խօսեցայ իր թելադրած արհամարհանքէն, որքան պաշտամունքէն։ Ան ընդունած է աւելի միատարր, մեղմ, արդար վկայութիւններ։ Իր ամենէն գիսախռիւ գործը « Մնացորդաց »ը եղած է յուզումի, հեշտագին ապրումներու աղբիւր, անոնց համար, որոնք առանց նախապաշարման ու առանց կիրքի մօտեցած են այդ վէպին, կասկածանքով, նեղութեամբ, եւ սակայն պուտ մը բարի-կամեցողութիւնը բաւ է եղած փարատելու այդ պղտոր վախերը։ Ասիկա խոստովանութիւն մըն է պարզէն վեր ու բարդէն վար միտքերու կողմէ իրեն հասած։

Oշականի ստեղծումն է լայն, համապարփակ, տիրական, կենսայորդ վէպը [3], որ արեւմտեան գրականութեանց մէջ, երկարաշունչ ու հետաքրքրական թերթօններուն ճակատագիրն է կնքած, անկարելի դարձնելով « Թշուառները », « Մոնթէ Քրիսթո »ն, բայց La chartreuse de Parmeը ձգտած է ազատագրել իր տեղական կապանքներէն, ու A la recherche du temps perduին կաղապարին է վերածած պալզաքեան եղանակը։ Այսինքն՝ վէպը պարտադրած է իր դերին, ընկերութեան մը ցոլարանը ըլլալու դերին։ « Սպիտակ ձիաւորը », « Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները » մեր մէջ փորձեր են այդ ճիգէն։

Ան է, որ գաղափարագրական, որով ոչ-բեմական երկասացութենէն (Շանթի տրամաները) եւ թանձրօրէն իրական, որով եւ տափակ բարքերու խաղապատկերէն (Շիրվանզատէի թատրոնը) յանդգնած է անցնիլ անդին, շատ անդին նոյնիսկ, ու մեր օրերու իրա/8/կան տրաման, հոգեկան, ինչպէս ֆիզիքական մարզէ, նուաճել փորձել։ Վսեմ պատրանքին մէջը հովին դէմ աշխատողի, հոսանքն ի վեր թի քաշողի, քանի որ իր խաղերէն շատեր ճակատագրուած էին չծնած մեռնելու, ըլլալով հիմնովին վեր՝ մեր հասարակութեան իմացական ընկալչութենէն, անպատրաստութեան ու տափակութեան դաշնակցելովը՝ գոյաւոր գապալին կապանքներուն մէջը կծկտած, դերասաններու եւ առաւ–փախաւներու այլապէս մեղապարտ քլիքին անձնատուր։ Սփիւռքը, իբր յղացք ու իրականութիւն, հազիւ թէ բեմական յուզումին համար քանի մը կցկտուր հոգեվիճակներ ու ասոնք արտաբերելու համար քիչ-շատ տանելի միջավայրեր ունի այսօր։ Բեմական լեզո՞ւն։ Բայց ատկէ առաջ՝ հասարակութի՜ւնը։

Ան էր, որ լրագրութիւնը, աւելի յաւակնոտ բառով՝ հրապարակագրութիւնը լայնօրէն օգտագործող ու քրոնիկին խանձարուրքէն հեշտագին ախորժող ու այդ երկու փառասիրութիւնները դատման արարքի մը բարձրացնել յաւակնող մեր աժան, կողմնակալ, տնավարի, երբեմն մութ շահերու ալ հետամուտ քննադատութիւնը ազատագրել աշխատեցաւ, բրտութեամբ, անկեղծութեամբ, կորովով, նոյնիսկ կատաղութեամբ, կիրքով թաթաղուն կրթանքի մը կերպարանքին հանելով այդ հիմնովին լրագրական զբաղումը, ասկէ առնելու համար, արուեստին հետ շփոթուելու աստիճան կենդանի, բաբախուն, խռովայոյզ բարքեր (բառին տուէք հին առումը). ստեղծումներ ասոնք, ուր գործերը, անոնց հեղինակները, այս մարդերը լարող կիրքերը, թունդ հանող մտայնութիւննե՛րը, իր իսկ ժողովուրդին դարաւոր հոգին իրարու փոխակերպեց, դատումը վէպի մը չափ կենդանի ստեղծում մը իբրեւ կենսագործելով։

Ան է, որ շրջան մը նուաճեց, մեր ժողովուրդին բարքերէն անփոխարինելի իր սեւեռումներով։ Վերցուցէք « Վէրք Հայաստանի » հայ հոգիէն։ Դուք պիտի չունենայիք 1800ը։ Վերցուցէք « Ծակ–պտուկը », դուք պիտի գիտնայիք քիչ բան մեր գեղին վերջին կերպարանքներէն։ Շատցուցէք նման հատորներ, գէթ Արեւմտահայ գրականութեան քանի մը սերունդներու գործօնութեանը ծիրին։ Դուք պիտի ունենայիք մեր ժողովուրդը, իր կործանումէն վերջ տակաւին անմեռ։ Յետոյ, ան է, որ տուած է մեզի տիրական նմոյշներ թուրքէն, որ միայն հայ ժողովուրդին դահիճը չէ, այլեւ՝ անոր հոգիին ընկերը, դարերով, հեղինակը անոր ողբերգութեան, բայց նոյն ատեն մարդկային վկայութիւն մը։ Անկէ մեզի եկած են մեղքեր անշուշտ։ Ու թերեւս առաքինութիւններ։ Հայ վէպին մէջ թուրքը քլիշէ, արեւելահայ բառով մը շափլոն խրտուիլակ մըն է, առաս/9/պելին մարդագայլը (ogre): Օշական չէ սրբագրած անշուշտ պատկերը, տուած է անոր հարազատը։

Բայց ինչ որ ամենէն ուշագրաւը կը մնայ այս գիւղացիին իրագործումներուն մէջ, ատիկա՝ իր յամառ, աննահանջ նահատակութիւնն է (տուէք բառին հին իր առումը) այս ամբողջ աշխատանքը ազատագրելու Արեւմտահայ գրականութեան պայմաններուն մամուլէն, պարունակէն, զայն դնելու համար հունին մէջը Արեւմուտքի մեծ կրթանքներուն։ Ի վերջոյ, հերոսութիւն է թատրոն գրել՝ երբ գիտէր որ պիտի չներկայացուի անիկա, վէպ ճարտարապետել՝ երբ գրագէտն իսկ պիտի դժկամի աչք նետել հազարաւոր էջերու վրայ, գրականութեան պատմութիւն փառասիրել՝ երբ մեր մէջ լրագրին երեք սիւնակն է բաւ, մարդեր աստուածացնելու կամ դժոխք գահավիժելու։ Արեւմուտքի մեծ վարպետներուն սրտագին յաճախանքը զայն զրահաւորած է ընդդէմ մեզմէ գալիք ամէն տրտմութեան, անթարթ դիմաւորելով արհամարհանքը, համակերպելով մոռացման, ուրացումին։

Իր վարպետնե՞րը։ Չէ պատած անոնց հանդէպ իր պարտքը։ Պալզաք, Uթանտալ, Տոսթոեւսկի, Փրուստ, Ճէյմս Ճոյս, իրեն համար գրողներու անուններ չեն, այլ՝ իրենց կիրքերուն մեծ թիապարտները, իրենց ընելիքով հիպնոսացածները։ Իր ցա՜ւը՝ այդ մեծութիւններուն, մարտիրոսութիւններուն մեր գրականութեան համար անհաս, անծանօթ, տրտում թելադրանքներ մնալու, երբ ոչ մէկ արգելք ունէր գոյութիւն, մեր գրականութիւնը այդ բարձր փառասիրութեանց ճամբով զարգացնելու, քանի որ մեր լաւագոյն գրողները արդէն չէին իջներ զանգուածին։ Ո՞ր սեւ աստուածը կարգադրեց, որ Հիւկոն եւ Էօժէն Սիւն, իրենց հայերէն թարգմանութիւններովը մտապատկերներ կազմէին… Րաֆֆիին, երբ շքեղագոյն մարդը՝ Տոսթոեւսկին, ո՛չ միայն Ռուսաստանը, Եւրոպան կը նուաճէր, այլեւ մայրենի լեզուի մը պէս կը ներկայանար արեւելահայերուն, ուր ռուսերէնը օրուան չէ, տուներուն լեզուն էր դարձեր։ Եւ սակայն ուրիշ բան չըրաւ Րաֆֆիին յաջորդ արեւելահայ վիպողներու սերունդը, գլուխն ունենալով Շիրվանզատէն։ Դրէք այս մարդոց փառասիրութեան ծիրին կիսաստուածը վէպին (Տոսթոեւսկին), « Քաոսը », փոխանակ ըլլալու սանկ ու նանկ վէպ մը, պիտի դառնար ութսունական թուականներէն անգին վկայութիւն։ Այս նկատողութիւնները աւելի են, քան պարզ ցաւի մը թելադրանքները։ Ամէն ժամանակ քով քովի չեն գար Մուրացան, Նար-Դոս, Շիրվանզատէ, Րաֆֆի բոլորն ալ մեծատաղանդ մար/10/դեր, որոնց պակսածն էր մտատիպարը։ Որոնք սպասարկեցին տափակ հանգանակներու, լրագրութեան ու վարժապետական ցանկութիւններու։ Հերոսական արեւելահայ վէպը, այսօր, հեռուէն ի՜նչ տրտում, սահմանափակ ճիգ է, երբ բաղդատուի զինքը ծնողներուն վաւերական արժանիքներուն։

Oշականի կողմէ սա մոլեռանդ, հերետիկոս յարումը արեւմտեան բարձրագոյն վարպետներուն, անոնցմէ իրագործուած արուեստի չափանիշներուն, անշուշտ ուրիշ ալ ողբերգութիւն մը կը ծածկէ իր ներսը, քանի որ անիկա չվայելեց պաշտպանութիւնը թէկուզ ստոր, թէկուզ փղշտացի, որով գրեցին Յ. Թումանեան, Շիրվանզատէ, Րաֆֆի, մեր քաղքենիին աժան փառասիրութիւնները որոշ օգուտով մը ի նպաստ իրենց գործին պտղաբերելով։ Օշական մարդն էր, որ շատ արժանաւորութեամբ պիտի հաշտուէր չկարդացուելու ճակատագրին [4], բայց չէր կրնար անգիտանալ հսկայ /11/ տագնապը, զոր կ՚արժէին այդ կարգի յամառ տարփանքներ մտքի հասարակ բանուորի մը, հայ վարժապետի մը բառն իսկ աշխարհ մը թշուառութեան հոմանիշ է նոյնիսկ ամենէն վաստակաւորին համար նոյնքան հալածուած, ինչպէս չհասկցուած ուժերուն, օրերուն։

Եւ սակայն, ընդդէմ ամէն արգելքի, կորանքի, կործանման, այդ մարդը աշխատած է։ Ու իր գործն է մէջտեղը, միակտուր իր խորքին յատակները մինչեւ, բազմազանակ իր արտաքին կերպարանքովը, լայնանիստ, պայծառ՝ ինչպէս միջնադարեան կաթողիկէ մը, հեռու, մշուշային լեռներու ծոցը կորսուած անորակելի երեւոյթի մը նման։ Մենք կրնանք խնայել մեր յոգնութիւնը այդ հեռուները բարձրանալու ու կ՚անցնինք մեր դաշտային վայելքներուն։ Բայց մեր զանցումը անյաջող կը մնայ՝ այդ գործին խորանիստ իրականութիւնը հերքելու։

Իրողութիւն է, որ Օշական չէ ստորագրած էջ մը, ուրկէ պակսէր մնայուն ու վաւերական արուեստին չեմ ըսեր յաջողուածքը, կ՚ըսեմ առնուազն մտահոգութիւնը։ Ասիկա հաստատելն է անշուշտ իր մէջ ժամանակէն զեղծումի մը բարբարոս իր կամքը։ Անխառն ստեղծումը եթէ պատրանք մը չէ, չէ անոր համար, որ միշտ կու գայ դարձեալ կեանքէն, որ կը նմանի աշխարհին, ուր, ծաղիկն ու աղբը կ՚ապրին իրարմով եւ իրարու համար, ինչպէս եւ արուեստին մէջ։ Անխառն ստեղծումի սա պատկառելի մթերքը Օշականին լիագումար գործը առանձին երեւոյթ է Արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Վէպ, թատրոն, քննադատական լայն համապատկերներ, տպաւորապաշտ ընդարձակ էջեր, բարքերու անհուն սեւեռումներ, ամէ՛նը՝ առանց հրապարակագրական խառնուրդի։ Օշական չի յիշեր օրաթերթի մէջ օրուան հարցերու շուրջ կցկտուր նոթերէ զատ որեւէ բան գրած ըլլալը։ Սա բացարձակութիւնը ստեղծման մարզին վրայ, սա ընդարձակութեամբ կայ Յ. Պարոնեանին ալ գործէն ներս։

Հոս չեմ ըներ կշիռը Օշականի ստեղծագործութեան մէջ տեսակարար մթերքին։ Կա՞յ իր այժմէութենէն ինկած, հինցած մթերք մը, այդ զանգուածեղ արդիւնքին մէջ։ Հաւանաբար։ Բայց ատոր արտահանումէն առաջ որ միշտ քննադատութեան մէջ ամենէն աժան երեսը կը կազմէ երբ այս տողերը կը գրուին, Օշական իր սեղանին վրայ ունի խոշոր գործեր, միշտ ստեղծումի բովքէն, որոնք իրեն իրաւունք չեն տար վերադարձ մը ընել իր նախկին գործերուն, ինքզինքը տալէ աւելի (որ այս ուսումնասիրութեան երկրորդ մեծ փառասիրութիւնն է, իր սերունդին վրայ վկայութիւն մը իբրեւ /12/ եւ իր ժողովուրդին թաքուն ուժերուն մէկ հանդէսը) այդ մեռածին քանակովը զբաղելու։ Այս աշխատանքը անիկա կը ձգէ ասոր ձեռնհաս, որքան իրաւասու միակ մարմինին, որ ժամանակն է սանկ առնուազն երկու սերունդի օրերովը հաստըցած։ Ուրիշ սերունդի մը պարտքն է ատիկա։ 1914ին Ռուբէն Զարդարեան երբ կը վարէր « Ազատամարտ » օրաթերթը, հազիւ կը յիշէր տասը տարի առաջուան իր գրական կիրքերը։ Վարուժանին պնդումովը դարձ մը փորձեց այդ երիտասարդութեան Ով որ սուլթան մը ունի հոգիին մէջ ») ու չէր զգար, թէ բառերու վրայ կը խաղար։ Նման փորձանքէ մը մտադրած եմ խուսափիլ ամէն գնով։ Մեռելները թաղելը ողջերուն գործն է անշուշտ, բայց ա՛յն ողջերուն, որոնք ուրիշ ընելիք չունին։

Ընդհանրութեանց սա արագ թուումին մէջ աւելորդ չէ ծանրանալ Օշականի աշխարհին, որ բացառիկ է դարձեալ։ Կեանքը զայն կկոցի պէս քաղաքէն գիւղ, գիւղէն քաղաք նետած ըլլալուն, աւելի վերջը քաղաքակրթութենէ քաղաքակրթութիւն, անկումէ անկում, օժտած է անոր պատանութեան արուեստին համար այնքան անհրաժեշտ) ընկալուչ ցանցերը, հէնքերը անհաւասարելի խտութեամբ մթերումներով, գիւղէն՝ որ անոր ուղեղին բջիջները, արեան ճամբով ճարտարապետած է (անոր ծնողքը անխառն, բացարձակ ու իրաւ գիւղացիներ են) ու տուած անոր ոսկորները, զգայարանքները, կտաւը (ուր պիտի առնուին պատկերները ապրումներուն), քաղաքէն՝ որ այդպէս յարդարուած էջերուն վրայ պիտի նետէ իր անջինջ պատկերաշարքը, միջավայրի, դէմքերու, խռովքներու անսպասելի առատութեամբ, զանազանութեամբ։ Այս բախտը անշուշտ եղած է բախտը Սփիւռքի տղոց մեծ մասին։ Բայց Սփիւռքը հայ գեղը չէ։ Ահա թէ ինչու Օշականի գիւղացիները ըլլան աւելի քան իրաւ, թէ բացառիկ։ Անոնք, որ « Ծակ–պտուկը » կարդացին, տարակոյսով ընդունեցին վէպին գլխաւոր հերոսներուն առնուազն հոգեբանութիւնը։ Եւ սակայն դեռ Օշականի ողջ մնացող հայրենակիցները կ՚երգեն

 

Սիրեմ, Նազիկ, ընքուընիդ

Օսկի գրիչէն քաշած

 

երգը, որ « Ծակ–պտուկը »ին հերոսուհին կը պատմուճանէր, Oշականի երկրորդ մանկութեան օրերուն։ Իր վէպին բոլոր անձնաւորութիւնները (գիւղէն) ապրած մարդեր են, անշուշտ փոխակերպուած այնքան, որքան կը պահանջէ արուեստը։ Ամենէն շքեղ արձանը քարի կոյտէ մը կու գայ։ Օշականի գիւղը, ըսինք անցողակի, հայ հայրենիքին գիւղը չէ, բայց գիւղն է աւելի համապարփակ, աւելի ընդհա/13/նուր գիծերով։ Ու անոր աշխարհին երկրորդ կիսագունդը՝ քաղաքը [5], նոյնքան շահեկան, հայութեան միւս մասին համար հիմնովին նոր, վասնզի Պրուսան, Էտիրնէին հետ այն մէկ հատիկ քաղաքն է, ուր սկզբնական գաղթականութիւնը ըլլար ստիպուած ինքիր եղով տապկուելու, կղզիացման բարիքն ու չարիքը հակակշռել ջանալով։ Ու կային, տակաւին, իր փառասիրութեանց ծիրին մէջ հայոց աշխարհին պատմական բաժանումներուն ցուցմունքները, այսինքն՝ քաղքենին, որ Վանն է, հազիւ–հազ թօթափած գիւղին կեղեւը՝ գէթ զգեստէն, մտքին մէջ պահելով գրեթէ անաղա՛րտ՝ շեշտը Ռշտունեաց լեռնաշխարհին։ Քաղքենի՛ն՝ որ Կարինն է իր տաք, նուրբ խառնուածքովը, ինչպէս երկու քաղաքակրթութեանց հանգոյցէն ապրելու ճակատագրուած տիպարին կռականութեամբը, ճկունութեամբը ։ Տարօնն է, իր ապառաժի չափ հաստ, աննահանջ հոգեղէն յօրին/14/ուածքովը, ուր դարերը անկարող էին եղած ճեղքեր բանալու։ Oշականի հիւանդութիւնը արգելք է հանդիսացած այս փառասիրութեանց իրականացումին, ինչպէս իր ճիգը անդամալուծող Սփիւռքի հոգեբանութիւնը։ Les hommes de bonne volontés (Jules Romains) իրմէն վերջ գործադրութեան դրուած կառոյց մըն է։

Աշխարհի հարցէն դուրս կայ խօսելի տակաւին այն տարօրինակ, ինքնատիպ, յանդուգն ճարտարապետութիւնը, որով նուաճուեցաւ մէկ մասը այս աշխարհին։ Գրելը անոր համար ապրիլ է։ Թուղթին առջեւ անիկա կը յայտարարէ, որ կը մոռնայ իր ուղեղը, լայն բանալու համար իր ջիղերը, իր զգայութիւնները, ապրումները, որոնք կը սպասեն մեր ամենուն ներսը ու կը խուժեն դուրս, երբ զանոնք կանչողը լուրջ է անոնց դիմաց։ Ոճին սովորական վարդապետութի՞ւնը։ Երբեք։ Ամէն ոք խառնուածք մըն է անշուշտ։ Չեմ զարմանար։ Բայց ամէն խառնուածք ոճ մը չէ։ Ահա թէ ինչո՞ւ իր վէպերուն, հեքիաթներուն, տրամային, նոյնիսկ քննադատական վերլուծումներուն մէջ դուք չէք անդրադառնար նախադասութեան, ինչպէս ինքը չէ խորհած գրելու գրութեան մը։

Իր ոճին մթութեան, բռնազբօսութեան առասպելը առասպել մըն է։ Անոր ոճին չափ պայծառ ոճի քիչ անգամ մենք կը հանդիպինք մեր ոճապաշտ սերունդին մօտ։

 



[1]     Թելադրանքը այս հեքիաթին գիրի տակ առնելն է այս տարօրինակութեանց անդրադարձումները: Միւս կողմէ՝ պէտք է անմիջապէս աւելցնել, որ Յ. Օշական իր մոլեռանդ հաւատացեալները ունի, բոլոր մոլեռանդներուն կիրքովը, վայրագութեամբը։ Անշուշտ անսովոր է ձեռնարկը։ Բայց ահա արդարացումը: Քառսուն տարի կայ կը գրէ այդ մարդը: Բայց տարի չանցնիր, որ ութը-տասը տեղերէ անոր վրայ չարձակուին սլաքները այս ու այն աղեղնաւորին ... փերեզակին։ « Համապատկեր »ը դատարան մը չէ իմ մտքին մէջ, ոչ ալ լուացարան մը։ Հոն մարդոց չափ, բայց աւելի լրջութեամբ մտայնութիւններն ու ապրումները կը նախասիրեմ պատկերել։ Այս մեկնակէտէն՝ Յ. Օշական իր ջիղերով կընկղմի իր ժողովուրդին վերջին յիսնամեակին ալքերը մինչեւ: Անիկա, այդ ջիղերով, սնած է անփոխարինելի զգայութիւններ: Իր գրականութիւնը ուրեմն գումարն է այդ ամենուն։ Այսպէս ներկայացած Օշականի գործը ոչ ոքէ այնքան հարազատութեամբ բացատրելի է, որքան իրմէ։ Մի՛ մօտեցնէք « Ներաշխարհ »ը եւ իր « Մեկնողական »ը Բիւզանդիոն »ի մէջ) այս ուսումնասիրութիւնը թելադրող մտայնութեան։ Չրաքեան կը ջանայ բացատրել, արդարանալ, հասկցուելու ճամբով։ Օշական այդ հարցը հիմնովին կ՚ուրանայ։ Ինք չէ ապրած հասկցուելուն, սիրուելուն տագնապները, որպէսզի ատոնց վրայ շահարկէր։ Օշական իր կեանքէն առած ապրումները պիտի անձնաւորէ, մասնաւորէ, ինչպէս ըրած է այնքան անգամներ, ուրիշներու հաշւոյն, ուրիշներու գործին դիմաց։ Օշականի համար գրականութիւնը կեանքն է, առանց պիտակի։ Ու մենք մեր միսերով միայն չէ որ կ՚ապրինք։ Մեր իմացականութիւնը լայնագոյն չափերով բաժին կ՚առնէ այդ ապրումներէն։ Ու ներելի է մտածել, որ հեղինակ մը ուրիշ ոեւէ մէկէ աւելի մօտիկն է իր ներքին վիճակներուն։ Ու ատով` իրաւասու՝ այդ վիճակները վերլուծելու։

[2]     Անցողակի դիտել, որ հրապարակին, կարգ ու սարքին, պատշաճութեան, կիրթ շրջանակին եւ իր օրէնքներուն հանդէպ խորունկ իր անտարբերութիւնը թերեւս ստեղծած է իր կեանքին տրաման։ Բայց պէտք է աւելցնել, որ այդ անտարբերութիւնն է, որ առաջնորդած է իր միտքը, մեր գրականութեան համար անմարսելի, անընդունելի արկածախնդրութեանց: Երբ այնքան դիւրին էր իրեն համար գոհացում տալ այդ հրապարակին ճաշակին, անիկա բիրտ հպարտութեամբ մը, դուք ըսէք՝ գիւղացիութեամբ մը, փորձեց ձեռնարկներ, որոնք զարմացուցին, ու յետոյ արհամարհուեցան։ Իր « Մնացորդաց »ը փաստ մըն է մեր հրապարակին մարսողական դրութեան վրայ, իր բերած յստակ վճիռովը։ Իր թատրոնը մարդիկ չեն իսկ զիջիր կարդալու, ո՛ւր մնաց բեմ հանելու: Իր գրական վերլուծումները գայթակղութիւններ են, ազգադաւ ու վնասակար։ Այս ամէնը կ՚ընդունի Օշական, առանց տառապանքի, վասնզի մենագար մըն է, իր քանի մը հզօր գաղափար-կիրքերուն խանդահար պաշտողը։ Ոչ մէկ գրական նորութիւն չէ վախցուցած զինքը, հերիք է, որ անոր նուաճումին վստահութիւնը ունենար իր ներսը։ Ատկէ՝ իր գործին զանազան կերպարանքները։

[3]     Որ կը սկսի պատկերներով, մենագրութիւններով, հասնելու համար մեր զոյգ գրականութեանց պարունակները զանցող համադրական յօրինումներու: « Խոնարհները » չեն գար Արեւմտահայ գրականութենէն, ինչպէս « Մնացորդաց »ը չի գար Սփիւռքի ճարտարապետութենէն։ Անաւարտ իր ճակատագիրը այս վերջին վէպը կրնայ հաշտեցնել իր ձգտումներուն, քանի որ այդ վէպը երեք սերունդի տիրական գիծերը սեւեռելու փառասիրութեամբ է ընթացք առած Օշականի մտքին մէջ։ Հայ վէպը, այդ գիրքով կը մտնէ ծանր կառուցումներու յանձնառութեան տակ։

[4]     Յետ–պատերազմեան գրականութեան մէջ Ամերիկա հրատարակուող « Հայրենիք » հանդէսը, անոր մէկ քանի գործերը ընդունելէ վերջը, ընթերցողներու ճնշումին տակ գոցեց իր էջերը անոր երեսին։ Իրողութեան տրտում կողմը անշուշտ, « Մնացորդաց »ի նման (հանդէսին համար իսկ ծանր կշռող) վէպի մը օրաթերթի մէջ լոյս տեսնելու դատապարտուիլը չէր, այլ՝ այդ ընթերցողներուն միջին ճաշակին բռնութիւնը մեր արուեստին վրայ։ Վէպը, որ այդ հանդէսին մէջ կաղապար առաւ Վալադեաններու, Լեւոն Մեսրոպներու կնիքին տակ, անշուշտ հայ գրականութեան համար մեռեալ տարր է, այսօրուընէ իսկ, ինչպէս այդ մեռեալ տարրն են Յովհաննէս Ասպետի, Սմբատ Բիւրատի, Արմէն Շիտանեանի վէպերը, այնքան լայն ժողովրդականութիւն վայելած հասարակութեան մը մէջ, որ բանուորներէ ալ չէր բաղկացած։ Յետո՜յ։ Բայց աս ու ան յաջողութի՛ւնը՝ որ մտատիպարային փառքի գօտի մը կազմեց մեր նոր սերունդին: Բոլոր գրիչ բռնողները ձեռնարկեցին պատմել իրենց փորձառութիւնները, դիւրին, աժան, անկնիք պատմումը արուեստէն գերագահ յայտարարելով։ Ահա թէ ինչպէս Հիւկօ մը, Էoժէն Սիւ մը կը կրկնուին կէս դար վերջն ալ, իրենց չարիքը կրկնելով մեր գրական արտադրութեան վրայ։ « Մնացորդաց »ը յղացուած է ու գործադրուած՝— լաւ միտք պահեցէք այս խոստովանութիւնը լոյսին արժանանալու յոյսէ մը հիմնովին հեռու հոգեբանութեան մը մէջ: Կար, Օշականին աչքին, օրինակը Փրուստին, որ իր գործին ճակատագիրովը տառապելով հանդերձ, չէ կրցած հրաժարիլ անոր հանդէպ իր պարտքէն։ Անգլիացի օրիժինալ մը պիտի փնտռէր արտակարգ գործ մը, տպելու համար, որպէսզի լոյս տեսնէր A la recherche du temps perduն: Բա՜խտ: Պիտի ըսէք ու անցնիք։ Բայց « Մնացորդաց »ը կեանքն իսկ արժած է Օշականին։ Իր հիւանդութեան հեղինակը այդ գործն է եղած:

[5]     «Մնացորդաց»ին մէջ անոր երազն էր մեր քաղաքը նուաճել, իր քանի մը տիպարային, բարուական մասնայատկութեանց մէջ։ « Դժոխք »ին («Մնացորդաց»ի Գ. հատորը) առաջին գիրքը իր մեծ գիծերուն մէջ քաղաքին պարպումն էր քսան եւ չորս ժամուան ընթացքին։ Մեր ոստաններէն ամենէն յատկանշականն էր այդ քաղաքը՝ Պրուսան, որուն մէջ ապրող հայութիւնը կը պարզէր բոլորովին մասնայատուկ նկարագիրներ, արիւնէ, մորթէ, հոգիէ, ցեղային ուրիշ գիծերէ։ Ես կը ճանչնամ իմ ժողովուրդին կարելի կերպարանքները, Պոլսոյ վրայով անշուշտ, ուր, իմ Երիտասարդութեան, դեռ կը մնային անավարտ մեծ կողմերը մեր ժողովուրդին զանազան ոստաններուն։ Պոլիսը ատեն չէր գտած մարսելու, ամբողջութեամբ, մեր գաւառները։ Պրուսան քիչ անգամ հանդիպելի նմոյշ մըն էր մարդոց խումբի մը, ուր արեան նորոգման պատեհութիւնը ըլլար անկարելի: Այդ գաղութը չէ ընդունած եկուոր տարր։ Ու պահած էր ԺԷ. դարու մեր բարքերուն գումարը, ուր ունենային մուտք ժամանակին ժանիքովը ներս նետուած օտար ալ յատկանիշներ։ Չէին խօսեր մեր լեզուն, բայց կ՚ապրէին մեր հայրենիքին ամենէն հզօր աւանդութեանցը մէջ։ Ըսեր եմ տեղ մը, հիւանդն իսկ չէր կրնար Կիրակի օր մը պատարագը փախցնել։ Ու փարթամ վաճառականներ հոգի կու տային շապիկ հագնելու, ժամուն լուր Կիրակիներն իսկ. տաղաւարները շինել՝ ձեզի։ Այդ քաղաքը ապրեցաւ, 1915ին իր ամենէն ահաւոր քսանըչորս ժամը: Իմ մտքիս մէջ չորս հարիւր էջ է գումարը այդ քսանըչորս ժամուն ապրումներուն, զուտ քաղաքէն: Քաղաքը պիտի երեւար դարձեալ Չանղըրի, Պոլսէն տարագիր մտաւորականներու խումբով։ Քաղաքը նիւթը կու տայ « Սահակ Պարգեւեան » անտիպ վէպին, ուր Սփիւռքի Գահիրէն կը կազմէ յատակ։ Իր մէկ անտիպ ուրիշ վէպը « Մաթիկ Մելիքխանեանց » («Մնացորդաց»ի Բ. հատորին յաւելուած) կը փառասիրէ Վանը, Կարինը, Տարօնը կերպադրել։