ԳԼՈՒԽ
Է.
ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ
/523/
Սովորութիւն
չէ
գրագէտի
մը
գործի
վերլուծումին
ընկերացնել
արուեստի
ընդհանրութիւնները
քանի
մը
կէտերէ
մասնաւորող
մէկէ
աւելի
ցուցմունքներ,
որոնք
գործաւորը
բնորոշեն,
բանալով
անոր
խորագոյն
անձէն
ներս
երբեմն
խորհրդաւոր,
խնդրական
վարագոյրներ
ու
լոյսին
բերեն
անոր
գործին
բացառիկ
նկարագիրը
հասկնալի
ընծայող
թելադրանքները։
Այս
տարազին
տակ
գրագէտ
յղացքը
կը
դնէ
հարազատ
աշխատաւորը,
կաղապարէն
անոնց,
որոնք
կ՚անուանին
Գրիգոր
Օտեան,
Մատթէոս
Մամուրեան,
Ստեփան
Ոսկան,
Սրբուհի
Տիւսաբ,
Ռէթէոս
Պէրպէրեան,
այսինքն՝
են
մարդեր,
որոնք
տիրապետած
են
գրելու
գիտութեան
մը,
ունին
իրենց
սեպհական
գաղափարներու
հանգոյց
մը,
ձգտումներու
որոշ
դրութիւն
մը,
ներքին
յստակ
աղերսներով։
Անոնք
գիրը
կը
սահմանեն
ընկերային,
քաղաքակրթական
դերի
մը։
Ամբողջ
Արեւելահայ
գրականութեան
աշխարհահայեացքը
կը
զետեղուի
այս
բանաձեւին
ներսը։
Արեւմտահայ
գրական
մշակներէն
գրեթէ
բոլոր
ռոմանթիքները,
Դէպի
իրապաշտները
տիտղոսին
տակ
զետեղելի
գրողները,
Իրապաշտները
կ՚իյնան
որակումին
տակ։
Ամէնն
ալ
կը
գրեն
ամէն
բանէ
առաջ,
գրելու
պարտքի
մը
հպատակ,
որ
օգուտն
ու
բարիքն
է
իրենց
ժողովուրդին։
Պետրոս
Դուրեան
մը,
Եղիա
մը
հազիւ
կը
յաջողին
երանգներ
փոխել
այս
մտապատկերէն։
Դարձեալ
քիչ
մը
շատ
նրբութիւն
պիտի
նշանակէր
լրջօրէն
արուեստի
զգայարանք
մը
զատորոշել
Թլկատինցիի
մը
անձին
ներսը,
տրուած
ըլլալով,
որ
այդ
զգայարանքը
յաճախ
մենք
կը
պայմանենք
պատրաստ,
ընկալեալ,
կաղապարուած
ծանօթութեանց,
չըսելու
համար
օրէնքներու
հսկողութեան
մը
տակ։
Չէ՞
որ
հազարաւոր
տարիներէ
ի
վեր
մարդիկ
կը
յաւակնին
օրէնքներ
գտած
ըլլալ
ու
ատոնց
գործադրումին
վստահիլ
գրական
գործերուն
առողջութիւնը։
Քերթողականները,
հռետորականները,
գրելու
արուեստ
ները
դպ/524/րոցականներու
գոհացում
տալէ
առաջ
հասարակութեան
որոշ
խաւերուն
մէջ
ծանրակշիռ
իրողութիւններ
են։
Ճաշա՜կը
ու
իր
բռնութիւնները:
Սեռերը
եւ
իրենց
խրամատները։
Բարձր
ո՜ճը
եւ
բարեխա՜ռնը։
Ի՜նչ
գիտնամ։
Հիմա
հազիւ
կը
համարձակինք
այդ
ամենուն
նանրահիւս
սեթեւեթը
ընդունիլ։
Գոհ
ենք,
գրագէտի
մը
գործին
դիմաց,
երբ
կ՚արտօնուինք
անոր
գործաւորին
մէջ
հաստատել
անձնաւորութիւն
մը,
լայն
ըլլալու
ինքնեկ
եղանակ
մը,
աւելի
խիտ
բառով
մը՝
ինքնատպութիւն
մը,
առանց
որուն
գրագէտը
գիրի
աշխատաւոր
մըն
է՝
«արուեստ»
անուանուած
կախարդական
լուսապսակէն
տարագիր։
Միւս
յատկութիւնները,
որոնք
կը
ճարենք
երբեմն
այնքան
դիրաւ,
ձրի,
նոյնիսկ
հակասական։
Գրողէ
գրող՝
բաղադրիչնե՞րը
տաղանդին,
որոնց
համեմատական
ներկայութիւնն
է,
որ
բանաստեղծ
մը
կ՚ընէ,
նոյն
պայմաններէն
ու
նոյն
ժամանակէն,
տարբեր
իր
ընկերէն։
Դրէք
քով
քովի
տաղանդները
Պէշիկթաշլեանին
եւ
Պ.
Դուրեանին
ու
դիմում
ըրէք
ձեզի
ծանօթ
գրագիտութեան
բոլոր
գիրքերուն,
որպէսզի
կարենաք
այդ
երկուքը
իրարմէ
զատող
իսկութիւնները
կշռել։
Վերածելի,
որով
եւ
հանգամանաւոր
իրողութիւնները,
որոնցմով
գրականութեանց
պատմութիւնները
կը
հաստնան,
հաճելի,
բայց
հետեւակ
մարզանքներ
են
ու
դուրս
լրջութենէ։
Պատմե՞ր
եմ
ձեզի,
իմ
տղայութեանս՝
Մ.
Ասքանազի
ոճէն
հոմանիշի
եւ
հականիշի
հրահանգները
լուծել
կը
նշանակէր
գրականութիւն
ընել։
Ստոյգը
ա՛ն
է,
որ
ամէն
իրաւ,
չըսելու
համար
մեծ
գրագէտ,
իր
կերպովը
արուեստագէտ
մըն
ալ
է,
եթէ
մեղմենք
այս
բառին
շուրջ
մեր
խստապահանջ
կարկինը։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
նոյնիսկ
զգայարանական
տարրական
շնորհէ
զուրկ
ծնածներ
(դրէք
գրեթէ
երեք
արեւմտահայ
գրական
սերունդ
այս
վերագրումին
տակ)
ժամանակին
հետ
իրենց
գաղափարներուն
կը
ճարեն
սեպհական
կերպարանք
մը,
որ
անշուշտ
արուեստին
չի
բարձրանար,
բայց
մեր
բառերն
ալ
տարտամ
մը
կը
գունաւորէ։
Եղիան,
արուեստագէտ,
այդ
գոյնը
կը
պարզէ
նոյնիսկ
հո՛ն՝
ուր
անպէտ
ու
հետեւաբար
վնասակար
պիտի
դառնար։
Ստեփան
Ոսկան,
ոչ–արուեստագէտ,
բայց
զօրաւոր
կիրքերու
հանգոյց,
մեր
բառարանէն
առած
իր
տարրերը
պիտի
բարեխառնէ
այդ
կիրքին
գոլովը։
Ասկէ,
ես
չունիմ
նպատակ
ճամբայ
մը
հարթելու
դէպի
հասարակաց
հանդիսարան
մը,
ուր
ամէն
գրիչ
բռնող,
գէշ-աղէկ
կը
մեծարուի։
Մատաթիա
Գարագաշ
մը,
Եղիա
մը,
Պէրպէրեան
մը,
Չերազ
մը,
Ծերենց
մը,
Մամուրեան
մը
գրագէտներ
են։
Կ՚ընեմ
շեղումը,
բայց
կը
կենամ
միայն
Եղիային
անունին
առջեւ,
/525/
երբ
արուեստագէտ
տարազը
ուզեմ
գործածել
այդ
գործունէութիւնները
որակող։
Ոչ
կախարդական,
ոչ
ալ
ծիծաղելի
բանաձեւ
մըն
է
սակայն
այդ
եզրը։
Անիկա
կը
ձգտի
զանազանութիւն
մը
դնել
բարդ,
խռով
արարքներու
որակումին
«ի
դիւրացումն»,
եթէ
կը
ներէք
սա
գրաբարին։
Այս
տեսակէտէն
դիտուած,
անպատեհութիւն
չկայ
մտքի
բանուորները
բաշխելու
երկու
լայն
ճակատներու։
Ոմանք
պիտի
ունենան
իրենց
ուղեղը
։
Ուրիշներ,
ուղեղին
հետ,
քով՝
իրենց
ջղային
ալ
դրութիւնը,
գրելու
արարքը
պաշտպանող։
Կարիք
կա՞յ,
աւելցնելու,
որ
արուեստագէտները
անո՛նք
են,
որոնք
կը
գրեն
առաւելապէս
իրենց
ջիղերով
ու
ջիղերուն
համար։
Այսպէս
պարզելէ
վերջ
բառին
տարողութիւնը՝
կ՚ըսենք.
«ամէն
արուեստագէտ
գումար
մըն
է
զգայնութեան
(+
ուղեղ)
եւ
թեքնիքի:
Այս
երկու
եզրերէն
առաջինը,
իր
կարգին,
չափազանց
բարդ
յղացք
մըն
է,
ծանրածանր
տարողութեամբ
մտապատկեր
մը,
մարդուն
հոսուն
անձնաւորութեան
շերտերուն,
մասերուն
յարմարցուած
ընդունարան
մը։
Օշականի
գրականութեան
վերծանումը
չէր
կրնար
անտեսել
այդ
եզրին
ընդարձակ
թելադրանքները։
Կանխող
բաժիններու
մէջ,
եղած
են
բաւարար
ցուցմունքներ,
որպէսզի
հոս
կրկին
վերլուծման
չիյնայ
Օշականի
զգայնութիւնը։
Բաւ
է
ամփոփ,
անուանման
ճամբով
աչքէ
անցընել
անոնցմէ
հիմնականները,
որպէսզի
ընդունելի
դառնայ
զարտուղի
գրագէտի,
ինքնատիպ
արուեստագէտի,
բարդ
գրողի
իր
հեքիաթը
ու
մա՛նաւանդ
իր
գրականութեան
վրայ
հրապարակին
խեցեվճիռը
վերածուի
խեցեվճռագին
իր
արժէքին։
Հակառակ
շատ
յստակ
իր
բաղադրիչներուն,
որոնք
ծագում
կ՚առնեն
իր
ժողովուրդին
զգայնութեանը
ընդհանուր
արմատէն,
մարդիկ
կը
դժուարանան
այդ
գրականութիւնը
մաս
նկատել
արեւմտահայ
ամբողջութեան
մը
մէջ
գրական
արդիւնքներէ։
Չեմ
խօսիր
արեւելահայ
անհասկացողութենէն,
որքան
չկամութենէն,
որոնք
արդէն
առիթի
պէտք
չունին
արեւմտահայ
որեւէ
բարդ
գործ
դատապարտելու
ախորժակներուն
բռնութեան
առջեւ։
Բայց
լայն
տարակարծութի՞ւնը։
Նոյնքան
լայն
ուրացո՞ւմը։
—
Տակաւին
երէկ,
անոր
կը
մերժուէր
իր
լեզուն
գրել
կրնալու
տարրական
պարտքը։
Կա՞յ
կերպ
մը,
արուեստագէտին
վերլուծումն
ի
վար,
հասնելու,
այս
անբնական
իրողութեանց
աղբիւրներուն։
Գիւղ՝
«
Երբ
պատանի
են
»ը։
Քաղա՞ք՝
«
Սահակ
Պարգեւեան
»ը։
Հայ
մտայնութեան
մը
վկայութի՞ւն՝
«
Մինչեւ
ո՞ւր
»ը…։
Ո՞ր
ժողովուրդին
զգայնութեանը
կը
պատկանին
«
Հարիւր
մէկ
տարուան
»
շարքին
վէպերը,
/526/
«
Մնացորդաց
»ը։
«
Ծակ–պտուկը
»
հա՞յ
է,
թէ
գնչու։
Այս
բոլոր
հարցականները
գոյութիւն
չունին
Թլկատինցիի
մը
համար,
որուն
ամբողջական
գործը
լայն
չափով
մը
վիրաւոր
է
ժամանակին
մեղքերովը,
Զարդարեանին
համար,
որուն
հեքիաթները,
բանաստեղծական
ու
հռետորաշունչ
արձակները
կրնային
գրուիլ
Փարիզ
կամ
Պոսթըն,
Համաստեղին
համար,
որուն
«
Սրբազան
կատակերգութիւնը
»
տէրվիշական
պատմում
է
Իրանի
պարզամիտները
գոհացնող
ու,
վերջացնելով՝
Զարեանին
համար,
որուն
վերջին
վէպը՝
«
Նաւը
լերան
վրայ
»
անուններ
եւ
տեղեր
ունի
մեր
երկրէն
եւ
ուրիշ
ոչինչով
կապ
կը
պահէ
մեր
ցեղային
զգայնութեան
հետ։
Մարդիկ
այդ
գրողները
ազատ
էին
գնահատելու
կամ
պարսաւելու,
բայց
միտքէ
պիտի
չանցնէին
վիճելի
յայտարարել
անոնց
ցեղային
իմաստն
ու
տարողութիւնը։
Օշականը,
որուն
գործը
թէ՛
իբր
մթերք,
թէ՛
իբր
խորք
ու
ձգտում
առնուազն
չի
տկարանար
յիշուած
անուններով
մեզի
հասած
որեւէ
կառոյցի
առջեւ,
տարտամ
ու
մթին
հարց
մըն
է,
անծանօթ
աշխարհ
մը։
Ըսի՞,
թէ
իր
վէպերը
չեն
կարդացուիր
մեր
գրագէտներէն,
իր
խաղերը
կը
մերժուին
մեր
դերասաններէն,
իր
դասագիրքը
յարձակմանը
կ՚ենթարկուի
մեր
հայերէնի
ուսուցիչներուն։
Եղիան,
նման
կացութեան
մը
առջեւ,
իրաւացի
Պայրըն
մը
կրնար
դառնալ
մեր
գլխուն։
Օշական
կ՚անցնի
անդին
ու
կը
ջանայ
բացատրել
այս
անձնական
իրողութիւնը։
Կը
յիշեցնեմ,
սակայն,
որ
անիկա
գրողն
է,
որուն
ջիղերը
յօրինուած
են
հարազատ
գիւղին,
հարազատ
քաղաքին
ծորումներովը
։
Ծանօթ
ըլլալով
Օշականի
վարդապետութիւնը,
որ
արուեստը
սեղմօրէն,
գրեթէ
այլամերժ
կերպով
մը
կը
դաւանի
արեան
երեւոյթ,
այս
հաւաստումը
ձեզի
կու
տայ
առաջին
ապահովութիւնը։
Դուք
կը
սիրէք
անշուշտ
«
Հացին
երգը
»,
ուր
մեծատաղանդ
քերթող
մը
իր
երանգապնակին
ամենէն
գրաւիչ
գոյները
ու
իր
երեւակայութեան
ամենէն
փարթամ
ծաղիկները
կ՚արժեցնէ
իրեն
վայել
maîtrisenվ
մը,
բայց
տակաւ
կը
պաշարուիք
խուլ
անվստահութեամբ
մը,
որ
ջիղերուն
պաշտպանութենէն
զուրկ
ամէն
ապրում
կը
վարագուրէ։
Կը
տպաւորուիք,
բայց
այդ
տպաւորութիւնը
չի
խորանար
ձեր
միսերուն
անդունդներուն
պահ
դրուած
նոյնախմոր
ապրումները
արթնցնելու։
Գիրքը
երբ
կ՚աւարտէք,
այլեւս
տագնապը
կատարեալ
է։
Այդ
երգերը
հացին
երգը
ըլլալէ
առաջ`
աչքին
ու
երեւակայութեան
յօրինած
թէեւ
աղուոր,
բայց
բանով
մը
անվաւեր
քերթուածներ
են,
ինչպէս
այդ
զգայութիւնը
կ՚առնէք
Պէշիկթաշլեանի
հայրենասիրական
երգերէն,
թէեւ
ատոնք
թելադրող
ոգին
ըլլար
դուրս
կասկածէ
/527/
քերթողի
ու
իր
ժամանակին
համար
ու
կը
փնտռէք
գաղտնիքը
այն
խուլ,
իրաւ,
խորունկ
հրապոյրին,
որ
Աբովեանի
մը
խակ
տաղերէն
կ՚արտածորի։
Պէշիկթաշլեան
հայրենիքը
կը
ճանչնար
գիրքերէն,
Վենետիկէն,
Պոլիսէն,
այսինքն՝
շուքի
մը
վրայէն։
Աբովեան՝
այդ
հայրենի՛քն
էր,
առանց
բացատրութեան։
Արուեստը
արեան
երեւոյթ
է
ու
արիւնը
շուք
մը
չէ։
Դանիէլ
Վարուժան,
տասնամենի,
կը
բաժնուի
իր
գիւղէն։
Պոլիս։
Վենետիկ։
Եւրոպա։
Այս
վերջին
անունները
այդ
երիտասարդին
կու
տան
անոր
ջղային
դրութիւնը
(ուրկէ
կու
գայ
արուեստի
ամէն
իրաւ
յաղթանակ)։
Մահուընէն
հինգ
տարի
առաջ,
Դանիէլ
Վարուժան
կը
դառնայ
հայրենիք,
բայց
եւրոպացիի
ջիղերով։
Ուրեմն
գիւղը,
ուրկէ
կը
մեկնին
լարերը
անոր
զզայնութեան,
նուաճուած
է,
ջնջուելու
աստիճան,
քաղաքով
։
«
Հացին
երգը
»
պիտի
չըլլայ
ո՛չ
գիւղը,
ոչ
ալ
քաղաքը։
Նման
վճիռ
մը
անպատշաճ
է
«
Հեթանոս
երգեր
»ուն
համար,
որուն
կարեւոր
մէկ
մասը
կու
գայ
անցեալէն
(դարաւոր)
ու
ներկայէն,
զոր
ապրեր
էր
անիկա
իր
ամենէն
կերպընկալ
տարիներուն։
Օշական
իր
կեանքը
գտաւ
իրեն
համար
յարդարուած
իրմէն
անկախ
ուժերու
ձեռքով։
Կրնաք
գործածել
ճակատագիր
յաւակնոտ
բառը։
Իրողութիւն
է,
որ
անոր
վաղահաս
որբութիւնը
առաջին
գործաւորն
է
անոր
ջղային
դրութեան։
Կը
խորհիմ,
թէ
այս
գործին
ընթացքին
խօսած
կ՚ըլլամ,
անշուշտ
շատ
հարեւանցի,
անպատմելի
այդ
ապրումներէն։
Որեւէ
վէպ
չեմ
կարդացած,
որ
ըլլար
մերձենալի
այդ
հրաշապատում,
որքան
թշուառագոյն
դժոխքին։
Անիկա
իր
մայրը
ունի
զինքը,
աղբարները,
կոյր
հօրքուրը
կերակրող։
Ու
այդ
մայրն
ալ
իր
երիտասարդութիւնն
ու
բազուկները
միայն։
Ուրեմն՝
գիրքերուն
եւ
քաղաք-ընկերաբանական
յաւակնոտ
վարդապետութեանց
մէջտեղ
նետած
պրոլետարը
արեւմտեան
քաղաքակրթութեան։
Բանուորը
։
Որ
շրջամերձ
գիւղէն
պիտի
գաղթէ
քաղաք,
պիտի
թխմուի
նմաններուն
հետ
չորս
քայլ
լայնքով
սենեակի
մը
մէջ,
չորս
հեղ
չորս
շունչերու
համար
երեք
կանգուն
իսկ
հասակ
մը
չունեցող
տանիքի
մը
տակ,
մուկին
ու
մլուկին,
գորտին
ու
ճճիին
անողոք
յարձակումներուն
ենթակայ,
բայց
պիտի
չտառապի,
քանի
որ
տասնըվեց
ժամ
աշխատանք
մը,
խոզակի
մանարանին
մէջ
արդէն
սպառած
է
ջիղերուն
բոլոր
զգացող
տարրերը,
որպէսզի
բանուորը
դիակէն
տարբեր
բանի
մը
պէս
չիջնայ
իր
տախտակին
ու
աչքերը
բանայ
սուլիչին
բզկտող
դաշոյններովը,
միասին
երկարող,
քան
թէ
ականջներուն։
Լման
ամառը,
ասիկա
այսպէս։
Աշնան
վերջերուն
մանարանը
կը
փակէր
իր
դռները։
Գաղթող
բանուորը
պիտի
դառնայ
գեղ,
ձմեռը
անցընելու
գեղի
/528/
աշխատանքներով։
Խոտ։
Դաշտի
բերքեր։
Հաց
թխել։
Օգնել
հողային
գործերու
ու
ձեռք
ձգել
ամառը։
Այս
է
ահա
հէնքը
Օշականի
կերպընկալ
տարիներուն։
Այս
յիշատակութիւններուն
թելադրել
ուզածը
գիւղին
եւ
քաղաքին
իրար
ամբողջացնող
միութիւնն
է
Օշականի
զգայնութեան
մէջ։
Անշուշտ
մենք
մինակ
տասնամենի
մանուկներ
չեղանք։
Եղանք
նաեւ
վեշտասանամեայ
պատանին,
այսինքն՝
արարչութեան
անպատմելի
հրաշքը։
Դարձեալ
բաշխուած՝
գեղին
ահաւոր
ձգողութեան
եւ
քաղաքին
անասելի
խռովքներուն
մէջտեղ։
Գի՜ւղը,
որ
հողն
էր,
ու
ասոր
արթնցուցած
հայրական,
աստուածային
բոլոր
ապրումները։
Քաղաքը,
որ
թշուառութիւնն
էր,
անօթութիւնը,
սեռը
ու
հարստութեան
մեր
ներսը
լարած
զրկանքին
մեքենան։
Գիւղը՝
տեսարան
ու
արձակութիւն,
լեռներ
ու
ասպատակներ,
լիճ
ու
լոգցող
աղջիկներ։
Քաղաքը՝
թո՜ւրքը,
իր
պալատներուն,
մզկիթներուն,
զօրանոցներուն,
ջերմուկներուն,
կիներուն
անորակելի
ծորումներովը։
Կը
կարդաք
ու
կ՚անցնիք,
առանց
հարցնելու,
թէ
ի՞նչ
զգայութիւններ
կը
քնանան
այդ
բառերուն
ամէն
մէկին
ետին։
Բանալ
զանոնք՝
պիտի
յորդէր
մեծ
վէպի
մը
սահմաններէն։
Ու
ասոնք
իրաւ
էին,
ե՛ն
եւ
մինչեւ
այսօր։
Բացի
Տիկին
Եսայեանէն,
մեր
գրողներուն
մօտ
թուրք
զգայնութիւնը
չէ
ինկած
սեւեռման։
Ամենէն
բախտաւորներէն
է
անշուշտ
Հրանդը,
որ
Պոլիս
գաղթէն
վերջն
ալ
շարունակած
է
պահպանել
իր
հոգեյատակը,
գիւղէն
իրեն
կտակուածը,
անայլայլ։
Գեղին
մէջ
Օշական
կ՚ապրէր
հայը։
Քաղաքին
մէջ՝
թուրքը։
Ապրիլը
մենք
երբեմն
կը
հանենք
մեր
ներսէն,
երբեմն
կ՚առնենք,
կ՚ընդունինք
դուրսէն։
հոգեղէն
դրութիւնները
—
տարբեր
արեան
պատկանող
—
բիւրեղացման
առանձին
օրէնքներու
կը
հպատակին,
հաւանաբար։
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
Օշական
այս
երկու
տարբեր
դրութիւններուն
մէկ
բացառիկ
նմոյշն
է։
Անոր
հոգին
—
որ
մօրը
արգանդին
մէջ
ինը
ամիսով
մարմնական
իր
հէնքը
յօրինող
խլեակէն
պիտի
նետուի
դուրսի
աշխարհին,
ինքզինքը
կազմելու
համար
երկու
ինը
տարիներու
թիւի
մը
երկայնքով
—
պուտ-պուտ
ճարած
է
իր
տարրերը
գեղէն
ու
քաղաքէն,
հայէն
ու
թուրքէն։
Անբնականութեան
սա
փաստը
կ՚արժէ
որ
չմոռնաք։
Ու
ինչպէս
որ
մօրը
արգանդին
մէջ
սեռը
կ՚ապրի
բաւական
մը
ամիսներ,
ինքզինքը
տեսակաւորելու
համար
ի
վերջոյ,
Օշականի
հոգին
ալ
քսանի
դուռներուն
պիտի
դառնայ
իր
արեան
հիմնական
դրութեան։
Պ.
Դուրեան
մէկ
հատիկ
քերթուած
միայն
ունի
թուրքը
յիշեցնող։
Տիկին
Եսայեան
հպանցիկ
դէմքեր
է
ուրուագրած։
Մեր
գրականութեան
քլիշէ
թուրքը
արուեստին
չէ
ելած։
Բայց
«
Մնացոր
/529/
դաց
»ին
(տպուածին)
կէսը
թուրք
հոգեբանութեան
է
յատկացուած:
Չգրուած
«
Մնացորդաց
»ը
դարձեալ
թուրքով
էր
պայմանաւոր:
«
Հարիւր
մէկ
տարուան
»
որակուած
վէպերու
շարքը
կու
գայ
թուրքէն։
Իմա՞ստը
սա
ճշդումներուն։
Օշական
թուրքը
կատէ
ո՛չ
իբր
վայրագ,
բարբարոս
ժողովուրդ,
այլ՝
իր
ջղային
դրութեան
բարիքները
այնքան
յիմարօրէն
ահաւոր
չարիքի
վերածող
անբանութիւն,
անմարդկայնութիւն։
Անիկա
կը
զգար,
որ
այդ
սխրալի
քաղաքին
(Պրուսա)
թուրք
կինն
ալ
կը
խմէր
այն
սարսուռները,
զորս
հայ
պատանին
կը
գտնէր
իր
ջղային
դրութեան
վրայ
անձրեւող։
Իր
մայրը
տասնըվեց
ժամ
աշխատանքէն
ցամաք
հաց
մը
կը
հանէր
իր
տղուն,
որ
այդ
հացով
ճարուած
իր
ջիղերը
կը
տանէր
դնելու
սնդուսով
ու
ոսկիով
հեշտացած
թուրք
պարմանուհիներու
մատուըներուն։
Պալատները
գիրքի
բնակարաններ
չեն։
Անոնք
իրաւ
էին
այդ
քաղաքին
մէջ
ու
անոնց
ժամեր
տեւող
պարտէզներուն
մէջ,
նրբենի
ու
դիւրաբեկ
իշխանուհիներ,
աշխատող
պատանիները
կը
համբուրէին՝
բզկտելով
անոնց
շրթունքները։
Այս
ամէնը
անշուշտ
հեքիաթ
է
հիմա։
Հայ,
խորապէս
հայ
գրագէտի
մը
ստեղծագործութենէն
օտար,
ան
ալ
ահաւոր
չափով
մը
ատուած
ժողովուրդի
մը
զիջուած
բաժինը,
թերեւս
անգիտակից
արդարացումն
է
այս
անբնականութեան։
Ու
չեմ
բացատրեր։
Ատիկա
պիտի
նշանակէր
վերակազմել
Օշականի
զգայութիւնը
վերստին։
Գեղի
եւ
քաղաքի
հակադրութիւնը
ուրեմն
Օշականի
արուեստին
մէջ
սանկ
ետքէն
ճարուած,
քննադատի
վարպետութեան
գրաւական
մը
չէ,
այլ՝
ամենէն
հիմնաւոր,
ամենէն
բախտորոշ
կնիք
մը։
Ու
արա՜գ։
Պատանին
չի
վերլուծուիր,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
կը
յորդի
մեր
մատուըներէն,
երբ
այդ
վերլուծումը
կը
փորձենք
հող
հոտող
մեր
տարիքին։
Կիրք
ու
բանաստեղծութիւն։
Այսինքն՝
հզօր,
պիրկ
ջիղերու
դրութիւն
մը,
ու
կախարդական
զգայութիւններու
(ընդհանրապէս
արտաքին
աշխարհին,
ուրիշ
հանգոյց
մը։
Դրէք
հողերուն
երեսին
գոլը
հոգիներուն
—
հարստութիւն
ու
աղքատութիւն,
հայութիւն
ու
թրքութիւն,
արեան
հեռու
ձայներուն
անմերժելի
մեղեդին,
առօրեան
ու
իր
ահաւոր
ճնշումները,
որպէսզի
շինուին
առջի
երիտասարդութեան
տագնապները,
կիրքերը,
մեղքերը,
յիմարութիւնները,
որոնք
պիտի
ամրանան,
ոսկոր
ճարեն
ու
տանին
մեր
մարմնեղէն
շէնքը
իր
ճամբուն
ոլորքներովը…
դէպի
իր
վախճանական
հանգրուանը։
Ամէն
արուեստագէտ
այսպէս
դասաւորուած
ապրումներու,
հանդիպումներու,
բախումներու
եւ
կործանումներու
հանդէս
մըն
է։
Աւելցուցէք
այս
տեսարանումին
ուրիշ
ալ
տիման/530/սիոններ։
Անշո՛ւշտ
որ
մեր
ուղեղը,
իր
կարգին,
առանձին,
անկախ
դրութիւն
մըն
է
մեր
ներսը,
յաճախ
մեր
մարմինը
վարելու
դերով
մը
ուռեցած,
բայց
աւելի
յաճախ
հպատա՜կ՝
այդ
մարմինին։
Oշականին
իմացականութիւնը
պիտի
«առաւելու»
Եւրոպայով։
Անոր
տարի
մը
դպրեվանքը
թերեւս
անոր
հոգիին
առաջին
կերպարանքը
ուրուաձեւեց,
պատանութեան
դողդոջ
ջուրերուն
վրայ
(հոգիին)։
Բայց
1900ը
մեր
գրականութեան
մէջ
ողբերգութիւն
մըն
էր,
ինչպէս
մեր
կեանքին
մէջ
դժոխք
մը։
Գերութիւն
եւ
ասիկա
հանդուրժելու
համար
շրջուած
ռոմանթիզմը
մեր
յեղափոխութեան,
որ
առանձին
ու
դեռ
չտարբաղադրուած
միսթիք
մըն
է,
այդ
դարասկիզբին
արձակն
ու
խենթութիւնը,
կիրքն
ու
անհուն
գորովանքը
տաղաւարող։
Oշական
ապրած
է
1905ի
սարսափները
(որոնք
«
Մնացորդաց
»ին
մէջ
ինկած
են
սեւեռման)։
Աւելցուցէք
տաղանդը,
այսինքն՝
գեղին
համար
ուղիղ
յիմարութեան
սթիկմաթ,
քաղաքին
համար
տարօրինակ
յուռութք,
ամէն
պարագայի
դժբախտութեան
տիրական
ազդակ,
վասնզի
զայն
ունեցողը
կը
զատէ
միջավայրէն,
բայց
չի
տար
անոր
առնուազն
ցամաք
հացը,
զոր
շատ
չենք
տեսներ
մեր
մակարդակին,
կը
շռայլենք
մեզմէ
խոնարհներուն,
կը
մերժենք
մեզմէ
վերերուն,
մեզի
հետ
չեղողներուն։
Օշական,
պատկերուն
բացատրութեամբ
մը,
ինքզինքը
նկատած
է
դագաղակիրը
իր
տաղանդին։
Անճարակ
են
բոլոր
անսովորները,
որոնք
պիտի
հանդուրժուին,
երբ
կը
զանցեն
իրենք
զիրենք
ալ,
այսինքն՝
շիտկէ
շիտակ
պիտի
յիմարանան
կամ
կործանեն
իրենց
կաղապարը,
դէպի
վար
արարքներու
գուպարով
մը։
Մեր
պատմութիւնը,
այսինքն՝
ասոր
կէս
դարը,
95ի
փողոտումներէն
մինչեւ
Սփիւռքին
նսեմաuտանը,
այնքան
իրար
գերազանցող
կսկիծներու
յաջորդութեամբ
մը։
Մեր
հակազդեցութիւնները
թուրքին
վճիռին
դէմ,
որուն
իմաստը
չհասկցող
չէր
մնացած
այդ
1900ին
ու
այնքան
աններելի
միամտութեամբ
մը
թողուցինք,
որ
վճիռը
գործադրէ
այդ
ժողովուրդը
այնքան
անպատիժ
երանութեամբ
մը։
Կը
խորհիմ,
թէ
1944ին
ֆրանսացի
գրագէտներուն
սիրտը,
մեր
կողմերու
արդար
բացատրութեամբ
մը,
բռնկած
փուռ
է
դարձած։
Բայց
մե՞րը։
Ուր
սուգը,
ցաւը,
ամօթը
տաղաւար
են
զարկած
ահա
քանի
դար
կայ։
Գրողի
մը
զգայնութիւնը
անշո՛ւշտ
որ
առանձին
միութիւն
մը
չէ։
Մեր
միջավայրը
անոր
մեծագոյն
տարրերը
կու
տայ։
Ու
կ՚ուզէ՞ք
տակաւին.
—
Եւրոպան,
իր
գիրքերով,
մտածման
դրութիւններով։
Արուեստը՝
իր
ամենէն
ձախ
կերպարանքներուն
տակ։
Երեւակայութիւն,
որ
թեւերէն
կտրուած
թռչունի
մը
սիրտին
կը
նմանի
հայ
գրագէտին
մտքին
մէջ
նետուած։
Բոլոր
այս
տարազները,
/531/
սա
էջերէն
առաջ,
արդէն
մասամբ
եկած
են
ընթերցողին
նկատառման։
Ու
Oշականէն
դուրս
ալ
կը
պահեն
իրենց
թելադրանքները,
գրեթէ
մեծ
մասին
վրայ
հայ
գրողներուն,
որոնք,
ըսեր
եմ,
չեն
նմանիր
եւրոպացիներուն։
Ու
եթէ
այդ
տարազները
մաթեմաթիքական
կամ
քերականական
հարազատութեամբ
մը,
չեն
պատշաճիր,
օրինակի
մը
համար,
Վարուժանին
կամ
Թլկատինցիին,
մօտ
են
Հրանդի
մը
համար,
իբր
զգայութեանց
հանդէս
ու
թելադրանք։
Գրագէտի
մը
զգայնութիւնը
կ՚ընէ
իր
աւարտը
երիտասարդութեան
մուտքին։
Ամա՞ռը,
աշո՞ւնը,
ձմե՞ռը։
Անոնք
աշխատանքի
եղանակաւորումներ
պայմանող
ժամանակի
շեշտեր
են։
Անոնցմէ
զգայնութեան
գտած
նպաստնե՞րը։
Ջիղերը
կ՚աշխատին
իրենց
հաշւոյն
ու
պահեստ
չեն
կրնար
ճարել։
Արուեստի
գործը
այդ
պահեստէն
կու
գայ
գրեթէ
միշտ։
Կեանքը
ինչե՜ր
է
տուած
Օշականի
մը,
Թլկատինցիի
մը,
Հրանդի
մը,
Օհան
Կարոյի
մը։
Ըսի՞
ձեզի,
թէ
1915ը,
Պոլսոյ
մէջ,
թուրք
ոստիկանութեան
հետ
անոր
խաղերը
կը
կազմեն
վէպերուն
ամենէն
անկարելին։
Օր
է
անցուցած
անիկա,
տարիի
մը
չափ
ծանրաթաւալ
ու
երկար
թուող
անոր
հոգիին։
Ու
Սփիւռքին
դժոխքը։
Միջին
Արեւելքը։
Պալքանները։
Եւրոպան։
Ասոնք
անոր
իմացականութեան
վրայ
ունեցել
են
լայն,
խոր
անդրադարձումներ,
բայց
չեն
գտած
անոր
ջիղերուն
թաղուած
կծիկները։
Իր
վէպը
(իր
մեծ
մասին
մէջ)
կու
գայ
իր
գարունքէն։
Իր
թատրոնը
իր
ամառն
է։
Իր
աշունը՝
տպաւորապաշտ
իր
essaiները
եւ
«
Համապատկեր
»ը։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
իր
գործին
խորագոյն
տարրերը,
դրութիւնները
կը
սնանին
այդ
ենթաշխարհին
մէջ։
Արուեստագէտը
յարդարող
այդ
աշխարհէն
իմ
ըսածները
կը
նկատեմ
բաւարար,
վասնզի
վէպեր
չեն
հասնիր
նուաճելու
այդ
ամէնը։
Անցնելէ
առաջ
արուեստագէտը
յարդարող
երկրորդ
եզրին,
թեքնիքին,
կը
կենամ
անոր
գործին
դիմաց,
անկէ
զգալու
համար
քանի
մը
տիրական
հոսանքներ։
Օշականի
գործը
հարուստ
է
կիրքով,
իր
բոլոր
տեսակներուն
մէջ
դիտուած,
երբ
կը
վարէ
գեղացիներն
ու
մեր
մտքին
բարձր
պաշտօնատարները։
«
Ծակ–պտուկ
»ին
Հաճի
Ստեփանը
եւ
«
Սահակ
Պարգեւեան
»ին
գրագէտը,
«
Մինչեւ
ո՞ւր
»ին
մեծ
բանաստեղծը
եւ
«
Աքիլլէսի
կրունկը
»ին
միլիոնատէր
հաշիշի
մաքսանենգը
կը
կառավարուին
իրենց
կիրքերէն,
մարդկային,
յաճախ
անասնական,
բայց
իրաւ
ու
անդիմադրելի։
Բոլոր
կիները
անոր
գործին
մէջ
կիրքի
խաղալիք
խլեակներ
են։
Օշականին
արուեստը
կը
զատուի
հրապարակի
մեր
մեծ
գործաւորներուն
պարզածէն
անո՛վ,
որ
չի
տկարանար
ո՛չ
մէկ
դժուարութեան
առջեւ,
ու
կը
կո/532/տորէ
բոլոր
պայմանադրական
սանձերը,
սահմանները։
Հիմա
չեմ
դառնար
ետ,
այդ
հաւաստումը
լուսաբանելու
օրէնքներով։
Մտքի
առջեւ
բերէք
բոլոր
իր
անձերը,
գտնելու
համար
անոնց
հոգեյատակին
ուրիշ
զսպանակներ։
Խե՞լք։
Բարոյական
զգայարա՞նք։
Դրա՞մ։
Ճիղճ
ու
աժան
փառասիրութիւննե՞ր,
որոնք
միջակները
կը
հրազինեն
ու
հերոսները
կը
կործանեն։
Զուր
է
ձեր
ջանքը։
Դուք
պիտի
չհասկնաք,
թէ
Օշական
ինչ
ուժերու
մղումին
տակ
յօրինած
է
Զաքարենց
Զաքարը
(«
Ծակ–պտուկ
»),
Միկա
Արանը,
Հայրապենց
Խաթունն
ու
Նալպանտենց
Հաճի
Աննան,
Նազիկն
ու
Կասիա
Արանը,
Հաճի
Մուրատն
ու
Սիւլէյման
էֆէնտին,
Հաճի
Ստեփանն
ու
քէլ
Էտհէմը,
Ալամ
տիկինն
ու
«
Նոր
պսակը
»ին
Ալիսը,
բոլորն
ալ
արուեստէն
ելած,
բայց
բոլորն
ալ
կենսագրական
հաստատ
վկայութիւններով,
կեանքէն
առնուած
ու
տարուած
ձեզի
ծանօթ
կերպարանքներուն։
Ինչ
խուլ
ապրումներու
կը
նային
այդ
մարդոց
ներսը
ճարտարապետուած
կիրքերուն
սլաքները,
կաթողիկէները։
«
Սիւլէյման
էֆէնտի
»ն
վէպն
է,
ուր
կիրքը
հեղեղ
է,
թանձր,
պղտոր,
կործանարար,
իր
առջին
փարթամ,
անուշիկ,
սիրունիկ
արարածներ,
կին
ու
տղայ,
որոնք
պիտի
պահեն
սրտառուչ
իրենց
կերպարանքը
ու
մահուան
մէջ
ալ
պիտի
մնան
անարատ։
Թող
ինքը,
Oշական
խօսի
ձեզի
իր
գիտցածներէն,
տեսածներէն,
ապրածներէն։
Կեանքը
շատ
մը
կերպարանքներ
փոխ
կ՚առնէ։
Քանի՜
հազար
տարի
կայ,
իրարու
յաջորդ
քաղաքակրթութիւններ
ջանացած
են
մեղմել,
ամոքել
այդ
դաժան
աստուածութիւնը,
որ
կը
նստի
մեր
ջիղերուն
կեդրոնին
ու
մեզ
կ՚ընէ
խաղալիքը
իր
խաղերուն։
Արիւն։
Սերմ։
Կիրք։
Մահ։
Ասոնք
յաճախ
իրերահաղորդ
ամաններ
են,
որոնց
բոլորին
մէջ
ալ
կը
թրթռայ
մէկ
ու
նոյն
տարրը։
Արուեստի
գործ
մը
երբ
կը
սնանի
այդ
աշխարհով,
մօտիկն
է
աւելի
մարդոց
իրաւ
միջինին,
քան
միւսները,
որոնք
մարդուն
մէջ
տարբեր
ակունքներու
կը
դնեն
իրենց
բաժակները։
Գրական
փառասիրութիւն
մը,
տրամին
առքը,
տեսքին
շլացքը,
արեան
ձգողութիւնները
(զայն
թափելու
անասնական,
բայց
անհերքելի
ախորժակները
մարդոց,
մա՛նաւանդ
ցեղերէ
ոմանց
մօտ)
կիրքերու
ձեւը
կրնան
հագնիլ։
Բայց
կիրքերուն
կիրքն
է
սեռը,
Ֆրէօյտէն
շատ
առաջ։
Օշական
իր
գործին
ամէն
խորշերուն
մէջ
դրած
է
փաստեր,
որոնք
մեր
ներսը
գահակալ
այդ
սեւ
կամ
կարմիր
վեհապետին
վրայ
որոշ
լոյսեր
կը
ձգեն։
Անշուշտ
պատրաստ
է
հաւարը։
«
Ո՛վ
լալագէ
»ն
պոռնկագրութիւն
որակող
գրիչը
միջին
տափակութիւնն
է
մեր
միտքին։
Մեղադրուեցաւ
Օշականի
վէպը,
թատրոնը
իբր
կիրքի
հանդիսարան։
Նոյնիսկ
գացին
աւելի
առաջ
կիրք
տեսնելու,
իր
քն/533/նադատական
կառոյցներուն
մէջը։
Անիկա
գրողներուն
չէր
հայհոյած
սակայն։
Հազարաւոր
էջերու
ներքին
բարեխառնութիւնը
կը
թրթռայ
այդ
կիրքով
թերեւս
անոր
համար,
որ
միլիառով
մարդոց
ներքին
բարեխառնութիւնը
չունի
անկէ
աւելի
իրաւ
բարիք
մը։
Վերցուցէք
սեռը
այդ
միլիառներէն
ու
ձեր
գտնելիքը
գազանն
է
կամ
ոչխարը,
որոնց
ըլլար
զլացուած
բարիքը
գերագոյն
պատրանքին,
ա՛յն
ներքին
լիութեան,
հպարտութեան,
արքայութեան,
որոնք
նուէրն
են
այդ
կիրքին՝
մեր
կորանքը,
հիւղակը,
սիրտերը,
խորագոյն
տրտմութիւնները
լուսաւորող։
Կիրքէն
անդի՞ն,
վե՞րը։
Կայ
այս
վիճակն
ալ,
կեանքին
միւս
կերպարանքները
հագած,
բայց
դրուած
իր
իսկ
աստիճանին։
Ամէն
ապրող
ամենէն
վեր
ու
առաջ,
կիրքին
հանգոյցն
է
միշտ։
Անոր
դէմ
ըմբոստնե՞րը։
Անշուշտ։
Բայց
սուրբերը,
հերոսները,
մեծերը
անո՛նք
են,
որոնք
կիրքին
դէմ
իրենց
խաչակրութիւնը
ունեցան
դարձեալ
ուրիշ
կիրքի
մը
վարշամակով։
Օշականի
հերոսները,
խոնարհնե՛րը
նոյնիսկ
չեն
ազատագրուած
անկէ,
վասնզի
խորքին
մէջ
այդ
վիճակը
անհրաժեշտ
ջերմութիւնն
է
մարդերը
գործելու
արտօնող։
Ուրի՞շ։
Բայց
կիրք
մըն
է
նորէն
իր
մօտ
արուեստը։
Կիրք
մը՝
գրականութիւնը։
Կիրք
մը՝
իր
ժողովուրդին
համար
իր
զգացումներուն
բռնութիւնը։
Կիրքեր՝
բոլո՛ր
այն
հարցերը,
որոնք
անոր
գործին
(վէպ,
թատրոն,
քննադատութիւն
մէջ
կը
թուին
երկրորդական,
մշակուած
իբր
թէ
մայր
տագնապները
ցցելու,
կարկառի
հանելու,
բայց,
իրենց
կարգին,
կը
ստանան
նոյն
գոլը,
ներքին
խտութիւնը։
Նալպանտենց
հաճի
Աննան
անշուշտ
շատոնց
դադրած
է
իր
կեդրոնական
կիրքէն
(վաթսունը
անցած
է
երբ
իր
հարսին
արգանդին
համար
օտար
սերմը
կը
յարդարէ),
բայց
տանը
շարունակութեան
իր
փափաքը
անիկա
պիտի
վերածէ
երիտասարդ
կնոջ
մը
զգացական
փարթամութեան,
աչքն
առնելով
ամէն
բան,
նոյնիսկ
դժոխքը։
Հարապենց
Խաթունը,
երբ
իր
աղիճ
հարսը
(Նազիկին
մայրը,
«
Ծակ–պտուկ
»ը)
երկունքի
մահիճին
մէջն
իսկ
խեղդել
կու
տայ
իր
տղուն
ձեռքով
ու
պտուղը
այդ
երկունքին
թեւագալար
կ՚ազատէ
գազանին
ճիրաններէն,
անշուշտ
պառաւ
մըն
է,
կեդրոնէն
շատոնց
սառած,
բայց
պատուոյ
զգացումը
առանց
գիտնալու
կիրքի
վերածած,
իր
ներսը։
Ու
ասիկա
այսպէս
բոլոր
իր
անձնաւորութիւններուն
համար։
«
Հարիւր
մէկ
տարուան
»
շարքին
բոլոր
կիները,
հաստն
ու
բարակները,
բազմերանգ
կիրքեր
են,
ոմանք
վէպը
ձգող
իրենց
կրակին,
շառայլին
մէջը
(«
Հաճի
Մուրատ
»ին
Սանամը,
«
Հաճի
Ապտուլլահ
»ին
Պոլսուհին),
ուրիշներ՝
զրկանքի,
տառապանքի
անընդմէջ
փոթո/534/րիկներուն
առջեւ
իրենց
պարզած
անըմբռնելի
քաղցրութիւններով։
Քիչ
կին,
Սիւլէյման
էֆէնտի
ին
մօրը
նման,
մեզ
կը
խռովէ
իր
սիրոյն
մեծութեան
յայտնի
կերպարանքովը
եւ
այդ
զգացումին
հասցուած
չարիքին
դիմաց
իր
կողմէ
ճարուած
աստուածային
բարութեամբը,
որքան
մեզի
կը
տրուի
զգալ
ասիկա
այդ
կնոջ
աղապատանքին,
խենթութեան
խորը
իր
զաւկին
արեւին
համար։
Հոս
մայրական
զգացումը
շեղած
կիրքն
է
(inversionը
գիրքերուն),
այսինքն՝
իր
անկողինէն
վտարուած
կնոջ
գերազանց
սրբութիւնը,
սրբացումը։
Ի՞նչ
է
հոգին
«
Խոնարհները
»
հատորը
կազմող
պատմուածքներուն։
Գարունքի
նման
քաղցրաւէտ,
բանաստեղծական
ապրումները
«
Երբ
պատանի
են
»ին
մէյ–մէկ
փշրանքներ
անկէ։
Ու
մռայլ
դժոխքը
«
Մնացորդաց
»ին,
իր
կրկէս
նետած
մարդերուն
շքախումբովը,
յօրինուած
է
այդ
զգացական
թուխպ,
շոգեղէն
տարրերով։
Նոյնիսկ
իմաստի
գետնին
վրայ
Օշական
չի
կրնար
մարդերը
տեսնել
այնպէս՝
ինչպէս
ապրած
են
այդ
գրողները։
Կը
տառապի
գրողներուն
հաշւոյն,
երբ
կը
կատարէ
անոնց
անհաւատարմութիւնը
իրենց
ներքին
անձնաւորութեանց։
Ներքինի
մը
չէր
անշուշտ
Ալիշան։
Երկինքը,
հայրենիքը,
ասոր
անցեալը
այդ
մարդը
կ՚ապրէր
իբրեւ
իր
կիրքերուն
գուպարը։
Օշական
չի
ներեր,
որ
այդ
գոլը,
ջերմութիւնը,
հրդեհը
այնքան
քիչ
անդրադառնան
Ալիշանին
քերթուածներուն
ներսը,
որպէսզի
փրկուէին
այդ
երկինքները,
թանձրանար
այդ
հայրենիքը,
իրաւ
ապրում
դառնային
հայոց
պատմութեան
աւելի
քան
իրաւ
ապրումները։
Հեղինա՞կը
այս
զառածումին։
—
Կիրքին
հանդէպ
կամաւոր
խստութիւն
մըն
է
ապահովաբար։
Օշական
չի
հանդուրժեր
Թերզեանը,
որ
փոխանակ
իր
կիրքերը
իրենց
մերկութեան,
բռնութեան,
թափին
մէջ
իրեն
ազդակ
ունենալու
(գործին
համար),
անոնց
կեղծերը,
ներկուածները,
զարդարունները
տաղաչափեալ
կերպարանքներու
վստահի
ու
պահէ
իր
իրաւ,
թաքուն
անձին
միակ
արժանաւոր
պատկերը։
Օշականի
մեղադրանքները
մեր
գրագէտներուն
կու
գան
այս
անպարկեշտ
խաղերէն
(խաղալ
է,
իր
զգացածը
պատմելու
փոխարէն,
զայն
աս
ու
ան
նկատումներու
համար
հանդերձելը,
հանդիսաւորելը,
շուրջառելը)։
Երբ
արուեստագէտը
յօրինող
երկրորդ
ազդակը
առնենք
նկատի,
մեր
ըսելիքը
Օշականին
թեքնիքին
վրայ
կը
մասնաւորուի
աւելի
յստակ
ձեւով
մը։
Ի
վերջոյ,
զգայնութիւնը,
Օշականի
մը
կամ
Վարուժանի
մը
մօտ,
իր
կերպարանքը
գտնելէ
առաջ,
այդ
անուններէն
դուրս
ամորֆ
նիւթն
է
կեանքին՝
աս
ու
ան
բաղադրութիւնները
/535/
կարելի
ընող։
Փոխանակեցէք
զայն
խորք
ծանօթ
բաղադրութեամբ,
սխալի
մէջ
պիտի
չըլլաք։
Կիրքը
հասարակաց
գերագոյն
հարստութիւնն
էր։
Բայց
ատիկա
մասնաւորելու
եղանակները
կը
կազմեն
գրողներուն
հանգամանքները։
Ասոր
համար
է,
որ
թեքնիքը
իրաւ
արուեստագէտին
մօտ
տիրական
վկայութիւն
մըն
է։
Անշուշտ
հազարաւոր
վէպերուն
կառուցումը
հարիւրաւոր
թեքնիքներու
անհեթեթութիւն
մը
պիտի
չթելադրէր
մեզի։
Վէպ
մը
կառուցանելու
տասը
կերպ
իսկ
չկայ։
Բայց
ինչպէս
որ
տարրերու
համեմատաբար
շատ
փոքր
թիւէ
մը
կերպարանքներու
անհամեմատ
մեծ
թիւ
մը
կը
ստեղծէ
գերագոյն
Արուեստագէտը
(դուք
դրէք
այս
բառին
ետին
տիեզերքին
տէրն
ու
վարիչը),
միջոցներու
սահմանափակ
թիւէ
մը
պարզուկ
արուեստագէտը
պիտի
ստեղծէ
բիւրաւոր
տարբերակներ։
Բերէք
ձեր
մտքի
դաշտին
Արեւմտահայ
գրականութեան
արժանաւոր
վէպերը
ու
կեցէք
անոնց
դիմաց։
Ձեր
զգացածը
միութեան,
հանգիտութեան
մէջ
անմիութիւնն
է,
տարբերացումը։
Օշական
չէ
նորոգած
(որ
հոս
կը
նշանակէ
վերստեղծել)
մեր
վէպին,
թատրոնին
ներքին
օրէնքները։
Հոգեղէնին
վրայ
նորոգման
աշխատանքներ
քիչ
անգամ
գրագէտներու
կը
մնան
պարտական
իրենց
բարիքը։
Մարգարէ
մը,
պարզ
խօսքին
ուժովը,
պիտի
ըլլայ
աւելի
բախտաւոր
այդ
արդիւնքին
համար։
Ու
մարդիկ
քիչ,
շատ
քիչ
փոխուած
են
հոգեղէն
ընկալչութեան
հարցին
դիմաց։
Ձեր
իսկ
աչքերուն
առջեւ
դուք
տեսաք,
թէ
ինչպէս
միլիոնով
մշակուած
իմացականութիւններ
—
գերման,
ռուս,
իտալացի
մտաւորականութեան
խոշոր
տոկոսը,
—
տեղի
տուին
մարգարէներու,
որոնք
իրենց
ձայնէն
զատ
ուրիշ
ուժ
մը
չէին
ունեցած
իրենց
սեպհական։
1930ի
Գերմանիան
հիմնովին
փոխուած
էր,
հոգեղէնին
մէջ,
1920ի
Գերմանիայէն,
մարգարէի
մը
պատգամներովը։
Ու
այսպէս
ընդհանրացուցէք
նորոգման
սա
պրոցեսը
զօրավարի
մը,
քաղաքական
անձնաւորութիւններու
ակօսէն,
պիտի
չըլլաք
թերեւս
սխալի
մէջ։
Մեր
մօտ
լրագրող
մը,
վարժապետ
մը
աւելի
պատեհութիւններ
ունեցան
ընդարձակ
արդիւնքներու։
Միաբանութիւն
մը
ո՛չ
միայն
նորոգեց
մեր
պատմութիւնը,
այլեւ
յաւակնեցաւ
ու
տակաւին
մինչեւ
երէկ
կը
յաւակնէր
մեր
գրականութիւնը
խնամարկելու,
երբ
կը
թելադրէր
գրել…
Ալիշանին,
Բագրատունիին,
մխիթարեաններուն
նման։
Մի
մոռնաք
փաստը,
որ
կը
վկայէ
այդ
անմիտ
իմաստութենէն,
երբ
վիեննացի
լեզուաբան
մը
գիրք
գրելու
արուեստ
մը
կը
շնորհէ
հայոց
գրականութեան։
Օշականի
մօտ
թեքնիքի
վերլուծում
մը
մեզ
պիտի
դնէր
քանի
մը
յստակ
իրողութեանց
առջեւ։
Օշական
նորոգած
է
մեր
վէպին
թէ՛
/536/
աշխարհը,
թէ՛
սրբագրած
անոր
ճարտարապետութեան
մեր
մէջ
ընկալեալ
օրէնքները
։
Օշական
առաջինն
է
մեր
մէջ,
որ
համարձակի
թատերական
գործի
մը
վրայ
մեր
ամենէն
շատ
փնտրուած
առաքինութիւնը
—
արտաքին
չուաններու
հպատակ
շարժականութիւնը
—
անտեսել
ու,
առանց
նկատի
առնելու
մեր
բեմին
ընկալչութեան
աստիճանը
(հասարակութիւն
եւ
դերասան
իրար
կ՚արժեն
Գահիրէ,
Երուսաղէմ,
Պէյրութ,
Պոսթըն)
գրել
խաղեր,
ուր
գործողութիւնը
զարգանար
ներքին
աշխարհի
մը
վրայ
ու
համար
։
Օշական
այլակերպած
է
մեր
քննադատութիւնը,
ասոր
լրագրական,
փարթիական,
կնավարի
հաճոյքները,
երկար
ատենէ
ի
վեր
շփացուցած
արժէքները,
կուռքերը
արհամարհելով
ու
այդ
աղքատախնամ
սեռը
կանչելով
առնուազն
իրաւ
ապրումներու
արտայայտութեան։
Ու
ազատագրած
է
գրականութիւնը
գիրքերուն,
պատգամներուն
բռնութենէն,
գրելը
յայտարարելով
արեան
երեւոյթ։
Այս
գլխաւոր
հաւաստումներուն
համադրական
սա
կերպարանքը
հոս
չեմ
բանար,
քանի
որ
կանխող
գլուխները
յատկացուած
են
այդ
աշխատանքին։
Իր
զգայնութեան
վերլուծումն
ալ
չի
փորձեր
զիս
հոս
կրկին։
Կը
գոհանամ
քանի
մը
ընդհանրացումներով,
որոնք
անոր
աշխատանքին
տարբեր
երակները
ձգէին
միակերպ
լինելութեան
մը
մէջ։
Ատոնցմէ
մէկն
է
իր
խորունկ,
ազնուական
յարգանքը
հանդէպ
իր
ըրածին։
Ատոնցմէ
երկրորդ
մըն
է
նանրամտութենէ
հիմնական
իր
զերծութիւնը։
Ատոնցմէ
ուրիշ
մըն
է
մշտափոյթ
իր
դժգոհանքը
իրմէ
ու
իրմով՝
հրապարակէն։
Գրելու
իր
ինքնատիպ
եղանակը
—
գիրքերուն
սորվեցուցած
ոճը
—
որ
առանձին
տագնապ
մըն
է։
Անկոխ
ճամբաներու
ուխտաւորի
մը
իր
ապայժմէ
կեցուածքը,
որ
կը
շփոթուի
բռնազբօսութեան
ու
ցոյցին
ասպետներուն
պարզած
տրտմութեան
հետ։
Oշական
կիրք
է
դրած
իր
աշխատանքին
մէջ,
զայն
ազատագրելով
ձեւէն,
հրապարակին
գնահատանքէն՝
ինչպէս
խեցեվճիռէն,
կեանքին
իսկ
օրէնքներէն,
երբ
տարիներ
գամած
է
ինքզինքը
սեղանին
ու
հսկայական
կառոյցներ
նետած
է
աչքի,
տկլոր,
վտանգաւոր
առողջութեան
մը
ճնշումին
ընդդէմ,
իր
օրէն
առնելով
անխուսափելի
իր
բաժինը
իր
գործին։
Ծանօթ
էք
որոշ
չափերով,
թէ
ինչ
տենդի
մէջ
գրուեցաւ
«
Մնացորդաց
»ը։
Նման
տենդ
մը
վարած
է
անոր
գրիչը
«
Համապատկեր
»ին
գործադրումին
մէջ։
Առակին
կապիկը
կը
յիշէք։
Բայց
պարտաւոր
էք
քիչիկ
մը
աւելի
թոյլ
կենալ
երեւոյթին
առջեւ։
Առակին
կապիկը
առնուազն
մարդոց
գովեստը
կը
շահադիտէր։
Օշական
իր
գործով
մարդոց
զայրոյթն
ու
հալածանքը
գիտէր
/537/
որ
կը
հրաւիրէր։
Ու
գիտէր
աւելին
—
ձեռագիրներուն
սպասող
ճակատագիրը։
Այս
ամենուն
շուրջը
եղած
են
թելադրանքներ,
կանխող
էջերուն
մէջ։
Օշական
անխառն,
իր
գործով
հիփնոսացած
արուեստագէտն
է,
եթէ
երբեք
այս
բառը
նկատի
կ՚առնէ
այն
տիպարը,
որ
կը
պտըտի,
ընկերակցութեանը
մէջ
ստուերներու,
յաճախանքին
մէջը
ձայներու,
որոնք
հեքիաթին
պատկանելով
հանդերձ,
կեանքին
փլանները
կը
չափեն,
կը
չափչփեն։
Մեծ
օրինակներ
չեմ
շահագործեր,
իրենց
երազէն
կլանուածներուն։
Եղիա՞ն։
Չրաքեա՞նը։
Արփիարեա՞նը։
Չօպանեա՞նը։
Բոլոր
այս
անունները
ծանր
աշխատանքին
թիապարտները
իբրեւ
կը
ներկայանան։
Բայց
ուշադիր
պրպտումը
անոնց
աշխատանքին
զանազան
երակներէն
մեզ
պիտի
դնէ
արուեստին
հետ
քիչ
աղերսով
ուրիշ
ազդակներու
հետ։
Եղիան
գրեց,
որպէսզի
իր
գովեստէ
անյագ
ջիղերը
կազդուրուէին։
Չրաքեան՝
որպէսզի
ապացուցանէր,
որ
իր
իմացականութիւնը
գերազանց
յաջողուածքն
էր
իր
ժողովուրդին
ու
իր
գիրքը
սահմանուած
էր
իր
նմանը
չունենալու
ո՛չ
միայն
մեր
գրականութեան,
այլեւ՝
համաշխարհիկ
գրականութեան
մէջ
(Տիկին
Եսայեանի
անձնական
վկայութիւնն
է,
որ
կ՚օգտագործեմ)։
Արփիարեան
իր
թերթին
կեանքը,
կիրքերը,
քէները
գործածեց
իր
աշխատանքին
համար
իբրեւ
շոգի,
մղիչ
ուժ։
Չօպանեան
կը
հաւատար,
թէ
գրականութեամբ
իր
ժողովուրդը
պիտի
ազատագրուէր։
Օշակա՞ն։
—
Գրեց։
Մինակ։
Լքուած։
Պատժուած։
Գրեց
իր
ուժերէն
վեր,
անդին։
Գրեց,
չկարդացուելու
ճակատագիրը
հաշտեցնելով
աշխատանքի
իր
յարգանքին
հետ։
Անցէք
աւելի
հեռուները։
Արեւելահայ
գրականութեան
հիմնադիրը
տարբեր
հոգեվիճակի
մը
չէր
ենթակայ,
երբ
խենթի
պէս
ապրեցաւ,
ծոցին
իր
ձեռագիրը,
մերժուելով
իր
ժողովուրդէն,
զոր
կը
սիրէր
խելագարներու
սաստկութեամբ,
մատնուելով
իր
իսկ
ուժերէն։
Արուեստագէտը
չափի,
կարկինի,
գիծի,
օրէնքի
մարդը
չէ
միշտ։
Արուեստագէտը
անխառն,
բուռն,
կործանարար
կիրքին
ալ
առաքեալն
է։
Արուեստագէտը
է՛
մարդը,
որ
իր
գործին
կիրքը,
տարփանքը,
առքը
կը
գերադասէ,
քան
ի՛ր
իսկ
կեանքը։
Այս
նմանութիւնները
ձրի
չեն։
Երբ
կը
բանաք
Օշականի
մէկ
վէպը,
դուք
անհանգիստ
էք։
Ձեր
տրամադրութիւնը
ազդուած
է
անոր
սեւ
հռչակէն
ամենէն
առաջ։
Բայց
ձեր
գտած
առաջին
քանի
մը
էջերն
ալ
ձեզ
կը
նեղեն
եւ
փորձութիւն
է
ասիկա։
Երբ
կը
տկարանաք,
թուղթերը
կ՚իյնան
ձեր
ձեռքէն։
Պիտի
չկարդաք
ու
պիտի
ամրանաք
հեքիաթին
ձեզի
կտակած
մտայնութեան
ներսը։
Օշականին
հակառակորդ
մըն
էք,
առանց
գիտնալու,
վասնզի
չէք
իսկ
կարդացած։
Բայց
երբ
յաղթէք
փորձութեան
ու
անցնիք
խութերէն,
/538/
քանի
մը
տասնեակ
էջերէ
վերջ
դուք
առնուած
էք
անվերլուծելի
մղումի
մը
մէջ,
որ
ձեզի
մատուցուած
կեանքէն
չի
բխիր
հաւանաբար,
այլ՝
այդ
կեանքը
ձեզի
բերող
հովէն,
կիրքէն,
բարեխառնութենէն։
Միակտուր
գործեր
են
այդ
վէպերը,
ըլլան
պատմուածք
թէ
հազարաւոր
էջերու
վրայ
երկարող։
Բոլորին
ալ
ներսը
մէկ
ու
նոյն
ձգողութի՛ւնը.
վասնզի
աշխատանքը
երբեք
չէ
թուլցած,
ուրիշ
խօսքով՝
Օշական
չէ
հանած
իր
սեղանէն
էջ
մը,
որուն
վրայ
իր
ներքին
դժգոհութիւնը
չըլլար
ինքզինքը
փորձի
ենթարկած։
Էրիկ–կնիկ,
Թոլսթոյ,
քսան
անգամ
օրինակած
են
«
Պատերազմ
եւ
խաղաղութիւն
»
վէպը։
Օշական,
առանձին,
հինգ
անգամ
գրած
է
«
Մնացորդաց
»էն
մէկէ
աւելի
գիրքեր։
Գիտէ՞ք,
որ
անիկա
առաջին
բխումով
կը
ստեղծէր
իր
փոքրածաւալ
բոլոր
կտորները,
թէ
իրենց
առաջին
տեղումին
մէջ
անոր
էջերը
տպագրելի
էին
ու
բաւարար՝
ոեւէ
գրողի
փառասիրութիւնը
գոհացնելու։
«
Մոռցուած
բաներ
»ու
շարքէն
«
Վանքը
»
սկզբնական
ձեռագիր
ունէր
քսան
տող։
Երեք
յաջորդական
վերակազմութիւն
քսան
այդ
տողերը
պիտի
բանար
հարիւր
էջերու
լայնքով։
Ասիկա
ահաւասիկ
կը
նշանակէ
յարգանքը
իր
աշխատանքին
հանդէպ։
Դժգոհա՞նքը։
Որ
հոս
յարգանք
մըն
է
նորէն,
կենագործող
սակայն։
Դժգոհութիւնը
արուեստագէտի
մը
համար
յաճախ
ժխտական
ոգի
մըն
է,
անշուշտ
միշտ
աւելի
արժող,
քան
գեղջուկ
լաւատեսութիւնը,
ինքնագոհութիւնը,
որոնք
մեզ
կը
խնայեն
մեր
գործին,
բայց
երբեմն
չորցնող
ալ
մտայնութիւն
մը։
Ապահովաբար
տաղանդ
ունէր
Տիգրան
Կամսարական
անունով
հարուստ
զգայնութիւնը,
բայց
ունէր
նաեւ
դժբախտութիւնը
դիւրազգած
ծնած
ըլլալու,
ուրիշներու
կարծիքին
համար
լայն
ընկալչութեամբ
մը։
Զինքը
դատապարտեցին
իր
վէպին
համար։
Արդիւնքը
այս
յիմարութեան
ան
եղաւ,
որ
Կամսարական
վախցաւ
իր
տաղանդին
հաշւոյն
ու
իր
արժանապատուութիւնը
կարծեց
պաշտպանել…
չգրելով
ու
ստեղծեց
ինքնիրմէ
դժգոհելու
վնասակար
հոգեբանութիւն
մը։
«
Վարժապետին
աղջիկը
»
այս
տրամայով
չունեցաւ
իր
յաջորդները։
Օշական
դժգոհ
էր,
ո՛չ
անշուշտ
մեր
գրականութեան
մէջ
իր
գտած
վարկէն
—
որ
լայն
ու
գեղեցիկ
դատապարտութիւն
մըն
էր
—
այլ
իր
մտապատկերին
ու
գործադրումին
միջեւ
իրական
անդունդը
անցնելու
անկարող
մնալուն։
Ի
վերջոյ
իրականութիւնը
գերագոյն
կշիռներէն
մէկն
է
արուեստագէտը
իր
տեղը
ծանր
ձգող։
Դժուար
բան
մը
չէ
ֆրանսացի
թատերագիրի
մը
համար
Փարիզի
5–6
միլիոննոց
զանգուածէն
5–6
հարիւր
հոգի
ունենալ,
որոնք
յօժարէին
իրեն
հետ
ըլլալ
աս
ու
ան
յանդուգն
մտապատկերը
/539/
հանդուրժելու,
սիրելու,
երբ
բեմին
վրայ
անիկա
այդ
մտապատկերը
գործադրելու
համար,
դիմէր
նորէն
տարօրինակին։
Փաստ
է,
որ
Սփիւռքը,
սա
տողերը
գրուած
պահուն,
կերպարանք
է
տուած
ունեւոր
հասարակութեան
մէջ,
որ
չի
վախնար
իր
դրամը
տալէ,
հանդիպող
հանգանակութեան
ու
կ՚ախորժի
իր
նոր
հարստութիւնը
արժեւորել
ներկայացումները
պատուելով
իր
փնտռուած,
շփացուած
ներկայութեամբը։
Ու
շահագործումը
սա
կացութեան
մեր
օրերու
մեծապատիւ
պազիրկեաններէն։
Խաղ
մը,
ներկայացում
մը
օրուան
նորոյթին
մասերը
կը
կազմեն։
Օշական
պարտաւորուեցաւ
«
Մինչեւ
ո՞ւր
»ը
իր
կէսին
վերածել,
որպէսզի
հասարակութեան
մը
ըլլայ
մատչելի։
Ու
նահատակութիւն
էր
անշուշտ
հանդիսատես
ըլլալ
խաղին
կերպարանքին,
քանի
որ
դերակատարները
—
բարի
մտադրութեամբ
միայն
հարուստ
տղաք
—
դուրս
էին
անոր
տարողութենէն
ու
իրենց
կրցածը
ըրին
դժնդակ
նահատակութիւնը
մեղմելու
հեղինակին։
Գահիրէ՝
աւելի
հանգամանաւոր
ուժեր
կը
մտած
են
դերասանուհիի
մը
մահարձան
մը
ճարելու
համար
ներկայացում
սարքել
ու
կը
բեմադրեն
«
Նամուս
»ը
կամ
«
Պատուի
համար
»ը,
վասնզի
ներկայացում
սարքելը
հանդիսականին
համար
թատրոն
մը
երթալ
է,
դերակատարին
համար
աւելի
տրտում
բան
մը։
Մեր
հասարակութիւնը,
ուրեմն,
այդքան
քի՜չ
էր
փոխուած։
Բայց
այդ
հասարակութեան
համար
ահա
գրած
է
Օշական
իր
թատրոնները
—
ինչ
որ
կը
նշանակէ
ապառաժի
վրայ
ցորեն
նետել։
Եւ
սակայն
գրած
է
անիկա,
առանց
ազդուելու
այդ
ամենէն։
Դժգոհութիւնը
բարիք
մըն
էր
իր
մօտ։
Ամէն
նանրամտութենէ
զերծ
սա
հոգեխառնութիւնը
արուեստագէտի
մը
մօտ
ուրիշ
բարիք։
Նանրամիտը
մարդն
է,
որ
կը
դողդողայ
գովեստի
փշրանքներուն
ի
հաշիւ,
կը
զարմանայ
պարսաւին
փոքրագոյն
իսկ
սլաքներէն,
ինքզինքը
կը
ջանայ
կեդրոն
յարդարել,
կը
գործածէ
իր
միջոցները,
յաճախ
տաղանդը,
որպէսզի
հայոց
գրականութիւնը
մեծ
գործերու
ծնունդ
տայ
իր
ծոցէն։
Տիպարը
յաւիտենական
է։
1860ին
անիկա
կը
խօսէր,
կը
գրէր,
երգեր
կը
հեղինակէր,
գիրքեր
կը
տպագրէր
«իւրովսանն»
ծառայելու
համար
դպրութեան
«ազգիս
հայոց»։
1940ին
անիկա
դարձեալ
կը
գրէ,
կը
խօսի,
կը
քերթէ,
վէպեր
կը
հրատարակէ,
որպէսզի
ապացուցանէ
աշխարհին,
թէ
հայոց
ազգը
մեծ
բանաստեղծ
մը,
մեծ
վիպագիր
մը,
միտքի
հսկայ
մը
ունի,
արժանի
բոլոր
ժողովուրդներուն
յարգանքին,
հիացման։
Հանճարին
պաշտամո՜ւնքը։
Երկու
եզրերէն
ալ
իմ
հանելիքը
ահաւոր
փաստն
է
նանրամտութեան։
1860ի
մարդը
խեղճ
ու
պատառ
տաղաչափ
մըն
էր,
տիրացու
մը։
1940ի
հանճարը
անկէ
աւելի
ունի
/540/
աշխարհէն
փորձառութիւն
մը
ու
ոճ
մը։
Նանրամտութիւնը
պողպատահիւս
կամուրջի
մը
նման
կը
ձգուի
երկու
թուականները
իրարու
կապելու
ու
երկու
վաստակաւորները
իրարու
ընծայելու։
Ի՜նչ
հարկ
անուններով
թանձրացնելու
իրողութիւնը։
Այն՝
որ
1940ին
կը
գրէր
իր
ցուցամոլ
ոճին
պաշտպանութեանը
տակ
իր
հոգիէն
երբեք
մաս
չառած
ապրումներ
ու
կը
յօրինէր
սուտ
աշխարհներ,
սուտ
աստուածներ,
սուտ
տրամաներ՝
ապահովաբար
շքեղ
նանրամիտ
մըն
էր,
արուեստը
գործածելու
համար
այդքան
պզտիկ,
ու
այդքան
նենգ
նպատակներու։
«Տիկին
այսինչը
կը
հիանայ
իմ
գրածներուս
վրայ
ու
դուք
զիս
չէք
գովեր»
կ՚ըսէր
մէկը
իր
ընկերներուն,
որոնց
մէջ
կար
Վարուժանը:
Արդ,
եթէ
այդ
մէկը
արժանի
էր
գովեստի,
զայն
իրեն
պիտի
տային
Վարուժանները
եւ
ոչ
թէ
տիկին
Օհանեանները
կամ
Դաւիթեանները։
Նանրամտութիւնը
ձեր
կարծածէն
աւելի
մեծ
չարիք
է
պատճառած
Արեւմտահայ
գրականութեան։
Նախ
այդ
թերութիւնը
հեղինակն
է
մեր
մէջ
ծանր
մեղքերու,
այսինքն՝
վրիպած
գործերու։
Չեմ
ըսեր,
թէ
նանրամիտ
մէկն
էր
Ալիշանը,
գովեստի
մուրացկան
մը։
Բայց
կ՚ըսեմ,
թէ
իր
ոտանաւորները
չգրելու
չափ
խելքով
մը
պարտաւոր
էր
պաշտպանել
իր
պարկեշտութիւնը
եւ
ոչ
թէ
խուլ,
թաքուն
փառասիրութիւններ
հալածել
Հիւրմիւզ
մը,
Բագրատունի
մը
intriguer
ընելու։
Եղիա
մը
նանրամիտ
մը
չէր
անշուշտ,
բայց
հիւանդութիւնը
բաւական
իրաւ
էր
իր
մօտ,
որպէսզի
անլրջութիւնը,
բնազդական
մղումը,
հրապարակին
շրջումը
զառածումի
ազդակներ
դառնային
իր
մօտ։
Ինչո՞ւ
աշխարհը
հիացնելու
համար
գրուէր
«
Ներաշխարհ
»ը,
երբ
շատ
աւելի
մարդկային
պիտի
ըլլար
հեղինակին
համար
իր
ապրումները
նուաճելի,
կարելի,
պարզագոյն
պարկեշտութեամբ
մը
ու
ձգել
մեր
գրականութեան
իրաւ
գործ
մը,
ինչպէս
են
«
Աւերակներու
մէջ
»ը,
«
Սիլիհտարի
պարտէզները
»,
նոյն
թեքնիքով
նուաճուած։
Ինչո՞ւ
գրուէին
Զարեանի
վէպերը,
երբ
Կոստան
Զարեան
իր
կարողութեանց
ծիրին,
տարողութեանը
վրայ
չունէր
վարանում
ու
գիտէր,
թէ
մարդիկ
իրենց
անձերովը
իրենց
տպաւորութիւնները
կրնային
շատ-շատ…
գնել,
բայց
ուրիշները
նուաճելու
համար
—
վէպը
ուրիշ
բան
չէ
յաճախ,
ինքնակենսագրումէն
վերջ
—
անհրաժեշտ
էին
տաղանդին
ուրիշ
կերպեր,
առնուազն
ինքիրմէն
հրաժարիլ
կարելնալու
պարկեշտութիւնը,
մեր
տիպարները
յարգելու
տարրական
խղճահարութիւն
մը,
ուրիշներուն
հոգին
իրը
ընելու
քիչ
մը
դժուար
զոհողութեան
ձրի
յօժարում
մը
եւ
ոչ
թէ
զանոնք
մեր
ուզածին
պէս
կերպարանելու
անհակակշիռ
ազատութիւնը,
որով
մարդերը
կ՚ընենք
կա՛մ
հերոսներ,
կա՛մ
ծիծաղելի
ծաղրա/541/նկարներ։
Կը
կեցնեմ
օրինակներու
սա
թաւալը։
Եղան
այս
տկարացումները,
մեղքերը
Հոգւոյն
Սրբոյ
դէմ,
վասնզի
նանրամտութիւնը
կը
մնար
թաղուած
ուղեղներուն
խորը
այդ
տաղանդաւոր
մարդոց։
Հոս
է,
որ
ընթացք
կու
տամ
Օշականի
արիութիւնը
բացատրող
տողերու,
երբ
անիկա
աննահանջ
յամառութեամբ
մը
մերժած
է
կարդալ
իր
վրայ
ամէն
մասնակի
պարսաւ
կամ
գովեստ։
Ասիկա
փաստ
մըն
է
ինքզինքը
ազատագրելու
ամենէն
առաջ
գրական
նանրամտութենէն։
Իր
ինչո՞ւն
էր
պէտք,
որ
տիրացու
Մարկոսը
կամ
մեծ
քննադատ
Արշակ
Չօպանեանը
ինչ
կը
մտածէին
իր
մէկ
վէպին
կամ
ներկայացման
վրայ։
Տիրացու
Մարկոսը
ազատ
էր
այդ
վէպը
պէտքարանի
մէջ
կախուելու
թուղթ
յայտարարել,
ատիկա
իր
մտքին
հորիզոնը
կ՚ըլլար
ճշդած։
Իր
ինչո՜ւն
կը
վնասէր,
որպէսզի
Արշակ
Չօպանեանի
գրիչը
իր
անունը
փոխէր..
Օշականի։
Բազմավաստակ
գրագէտը
պզտիկութեան
շքեղ,
անմոռանալի
փաստէ
մը
զատ
բան
մը
չէր
աւելցներ
Օշականին,
որ
այդ
վճիռէն
ազդուելու
համար
տկար
ջիղերով
ծնած
մէկը
չէր։
Այս
ուսումնասիրութիւնը
հաշուեյարդար
մը
չէ
սակայն։
Նանրամտութիւնը,
ինչ
կերպարանք
ալ
հագնի,
վնաս
մըն
է
երկսայրի։
Գրականութիւնը
սրբազնասուրբ
պաշտամունք
մըն
ալ
չէ
սակայն,
որպէսզի
անոր
հաշւոյն
մենք
մեզի
ներենք
ծանր
զանցումներ։
Գրագէտը
գրագէտ
է
ամենէն
առաջ
իր
ներքին
խղճմտանքին
առջեւ
եւ
ոչ
թէ
արտաքին
խղճմտանքին
համար,
որ
հասարակաց
կարծիքով
է
հանդիսաւորուած։
Գրագէտը
ոչ
ոքի
պարտական
պէտք
է
մնայ,
մա՛նաւանդ
մերինին
նման
անծակ,
անմասն,
ամբարիշտ
—
արուեստի
վայելքներու
դիմաց
—
հասարակութեան
մը
մէջ,
որ
ոչ
միայն
կը
լքէ
իր
մտքին
աշխատաւորները,
այլեւ
խուլ
ու
խորունկ
հեշտանքով
մը
կը
ջանայ
քաւել
տալ
անոր
իր
զարտուղութիւնը։
Չեմ
նորոգեր
Փարպեցիին,
Խորենացիին
վկայութիւնները։
Ու
չեմ
ալ
սեւցներ
յոբելեաններուն
մուրացածոյ
փառքը։
Մեր
հարուստները
իրենց
ձիերուն
ոսկի
գարի
կը
կերցնէին
Փարիզ,
բայց
անօթի,
չորս
զաւկներով
այդ
քաղաքը
ինկած
գրագէտը
նախատելու
մէջ
կը
դնէին
շքեղ
հեշտանք
մը։
Մեր
հասկցող
հասարակութի՞ւնը։
Ան
ալ
պապենական
վարժութեան
կը
մնար
հպատակ,
երբ
կը
դիմէինք
իրեն,
ծանօթ
գրագէտի
մը
յոբելեանին
առիթով։
Կը
վճարէր,
բայց
կը
մտածէր
իր
բարերարութեան։
Այս
տողերը
կը
գրուին
խորունկ
անկեղծութեամբ,
անյուսութեամբ։
Այդ
ամենուն
անգթութիւնը
անկարող
է
դառնացնել
իմ
գրիչը։
Չեմ
սպասեր
ազնուութիւն,
մեծութիւն,
ինձմէ
վեր
զգալու
երանութիւն
ոչ
ոքէ,
անոր
համար
որ
ընկերային
աւելի
բարգաւաճ
աստիճանի
մը
հասած
է
իր
դրամով։
/542/
Չեմ
տար
այդ
վայելքը
այդ
մարդոց։
Oշական
մշակն
է
մեր
մէջ
ծանր
դժգոհանքի
մը։
Մեր
գրողները
այդ
դժգոհանքը
ունեցեր
են
իրենց
կարգին,
շրջապատէն,
հասարակութենէն,
գնահատման
կերպերէն,
բայց
չեն
ունեցեր
զայն
իրենք
իրենց
հաշւոյն։
Բացառիկ
երեւոյթ
է
մեր
գրականութեան
համար
սա
դժգոհութիւնը
իր
ըրածէն,
ընելիքին
առքովը
տարուած
մտայնութիւնը,
ինքզինքը
իրեն
անարժան
դաւանելու
պարզմտութիւնը։
Առէք
ամենէն
մեծ
անունները
այդ
գրականութեան
ու
փնտռեցէք,
թէ
որո՞նք
են
այն
մարդերը,
որ
մտածէին
իրենց
ըրածին
անբաւարարութեանը
վրայ։
Հակառակն
էր,
որ
ճիշդ
պիտի
ըլլար։
Կը
յիշեմ
«
Նայինի
պատանին
»
(Եղիշէ
վարդապետ
Դուրեան),
որ
հասարակ
տաղաչափութիւն
մըն
էր
1890ին։
Անոր
բանաստեղծ
հեղինակը
1905ին
պիտի
գրէր
«
Եմմաւուսի
ճամբորդները
»։
Փոխո՞ւածը։
Կարեւոր
անշուշտ,
բայց
երբեք
արդիւնք
դժգոհութեան,
Աճումը,
նրբացումը
տարիքի
երեւոյթներ
են։
Դժգոհութիւնը
ծնունդ
է
ու
խառնուածք։
Եղիշէ
եպիսկոպոս
գրած
է
լաւ
քերթուածներ,
իր
ջիղերը
փայփայելով։
1920էն
վերջ
«
Յիսուս
մանուկ
»ը
շքեղ
հերքումն
էր
դժգոհութեան
զգայարանքի
մը
այդ
պատուական,
մեծ
իմացականութեան
ներսը։
Ուրի՞շ։
1910ին
Ռուբէն
Զարդարեան
«
Ցայգալոյս
»էն
դուրս
է
ձգած
«
Եկեղեցիին
առիւծը
»
պատմուածքը,
հաւանաբար
տպագրական
նկատումներով,
վասնզի
1914ին
«
Ով
որ
սուլթան
մը
ունի
իր
հոգիին
մէջ
»ը
գրող
արուեստագէտը
դժգոհ
մը
չէր
կրնար
ըլլալ։
Այս
օրինակներէն
յետոյ,
փռեցէք
աչքերնուդ
առջեւ
«
Խոնարհները
»էն
մինչեւ
«
Համապատկեր
»ը
երկարող
տարածութիւնը
ու
հոն
ուրուացող
գործերուն
նկարագիրները։
Պարզ
պատմումէն
մինչեւ
հոգեբանական
շատ
յանդուգն,
բարդ
կառոյցները
իր
ծանր
վէպերուն,
Օշական
քալած
է
խթանին
տակը
իր
դժգոհութեան։
Գիրք
մը
լեցնելու
չափ
ընդարձակ
վերլուծումներ
պիտի
արժէին
անոր
պատճառներուն
ուսումնասիրութիւնը։
Կ՚անցնիմ։
Յառաջատու
սա
վերելքը
իր
գործին
հետ
ու
մէջ՝
Օշական
պարտական
է
իր
դժգոհութեան,
որ
հոս
այլեւս
անհաւան,
ամբարիշտ
հոգեբանութիւն
մը
չի
յատկանշեր,
այլ՝
արուեստագէտի
բարձր
խղճմտանք
մը։
Ուրիշ
հարց
մը,
Օշականէն
դուրս,
այդ
դժգոհութեան
անդրադարձը
Արեւմտահայ
գրականութեան
ընդհանուր
շրջափոխութեան
վրայ։
Oշական
չէ
ազդած
միայն
իր
գիրքերով,
այլեւ
հազարաւորներու
հաղորդած
է
իր
պաշտամունքը
Արեւմտահայ
գրականութեան
հանդէպ։
Եթէ
Օշականի
սերունդ
մը
չկայ
այսօր
գրողներու
իբրեւ
փաղանգ,
չկայ՝
որովհետեւ
գրագէտ
յղացքը
ինքնին
հերքումն
է
այդ
/543/
յիմար
կախումին։
Օշականին
պէս
պիտի
չգրեն
—
ասիկա
պայման
է։
Պիտի
գրեն
իրենք
իրենց
պէս
—
երկրորդ
պայման։
Յետո՞յ։
Պիտի
աւելցնեն
հասարակաց
ժառանգութեան
վրայ
միշտ
բան
մը
ու
աւելին,
որ
կը
նշանակէր
պակաս
մը։
Ի՞նչ
գտաւ
Օշական
իր
երէցներէն։
Մէջտեղն
է
մեր
1900ը։
1940ին
մեր
վէպը
չէր
կրնար
դառնալ
Զօհրապին
պատմումին։
Մի
շփոթեք
տաղանդը,
որ
անձնականութիւն
է։
Մա՛նաւանդ
մի
մեծցընէք
անտաղանդութիւնը,
որով
մեծ
վիպողները
կը
դառնան
Վալադեան
մը,
Լեւոն
Մեսրոպ
մը,
Զարոյեան
մը։
Տաղանդը
ընդունելով
նախապայման,
«
Մեր
կեանքը
»
պիտի
ըլլար
աւելի
ընդարձակ
իմաստով
նուաճում
մը,
քան
«
Ցայգալոյս
»ը
(ասոր
վիպական
մասը)։
Ահա
թէ
ինչ
կը
նշանակէ
դժգոհել։
Օշական
եթէ
գրողներու
մօտ
հասկացողութեան,
մտայնութեան,
ախորժակներու
ընդարձակման
թելադրանքներ
ու
արդիւնքներ
է
արժեւորած,
ըրած
է
ատոնք
պատգամէ
աւելի
անձին,
գործին
օրինակովը։
Գրականութիւնը
անձնականութիւն
է
անշուշտ,
բայց
է՛
մանաւանդ
ընկերային
երեւոյթ։
Այսինքն՝
գրագէտը
հասարակաց
խմորին
պատկանող
միութիւն
մը
ըլլալով
հանդերձ,
անոր
մէջ
յաւելման
ազդակ
մըն
է։
Օշական
չէ
ազդած
մեր
հասարակութեան,
գուցէ
անո՛ր
համար,
որ
այդ
հասարակութիւնը,
Սփիւռքի
հասարակութիւն,
դեռ
չէ
հասունցած
կամ
անցած
է
հասունանալէն
անդին:
Ուղիղ
ու
լռիկ,
առանց
ականջի
ու
առանց
կիրքի,
իր
սեղանին
առջեւ
ինքզինքը
միայն
ունենալով
դատաւոր
ու
դատախազ,
Oշական
ստեղծած
է
իր
գործը։
Ու
ասիկա
արուեստագէտի
մը
հասցէին,
յիշատակին
ըսուելիք
պարզ
ու
սրտառուչ
երախտագիտութիւն
մըն
է։
Օշականի
համակիրները,
ինչպէս
ոխերիմ
հակառակորդները
համամիտ
են
իրարու
կէտի
մը
վրայ
—
ատիկա
ինքնատիպութիւնն
է
անոր։
Կը
փութամ
ճշդելու,
որ
տարազը
գրական
ըլլալուն
չափ
անձնական
է,
այսինքն՝
կը
պատշաճի
կեանքը
ըմբռնելու,
զայն
հասկնալու,
զայն
վարելու
անոր
կերպերուն։
Անոր
չեն
խօսած
մարդոց
միջինին,
ինչպէս
բացառիկներուն
համար
հզօր,
յարանշական
ցանկութիւններ։
Անիկա
ամբոխը,
ամբոխանքը,
հանդէսը,
հանդիսանքը,
ցոյցը
ու
աքաղաղութիւնը
ատող
գիւղացին
էր
ոչ
միայն
մեր
գրականութեան,
այլեւ
կեանքին
հարուածներովը
իր
փոխադրուած
բազմապիսակ
ընկերային
շրջանակներու
մէջ։
Ըսի
ձեզի,
թէ
կրնար
ամենէն
խռովայոյզ
բազմութեան
մը
մէջ
կուղպ
պահել
իր
շրթները,
եթէ
երբեք
հարցերը
չպարզէին
աղերս
իր
ներքին
մտահոգութիւններուն։
Բայց
իր
առանձին,
ընտրովի
ընկերութեան
մէջ
հաճելի
խօսող
մըն
էր։
Այս
լռապաշտ,
առաջին
փլանները
ատող
ու
պարզ
/544/
կամ
մտերիմ
մարդոց
մօտ
հեշտացող
խառնուածքը
ստեղծած
է
մէկ
թեւն
ալ
իր
հեքիաթին։
Իր
դասերուն
մէջ
տղոց
հետ
ու
նոյն
գիծի։
Իր
բարեկամութեանց
մէջ
խորունկ
ու
խստապահանջ
հսկողութեան
մը
ինքզինքը
ըրած
ենթակայ։
Իր
կիրքերուն
դիմաց
ինքզինքը
բացած,
առանց
վերապահութեան։
Տաք,
բիրտ,
մանուկ,
կայծկլտուն,
տպաւորիչ,
անսովոր։
Ասոնք
նկարագրի
շեշտեր
են,
բայց
այնքան
մօտիկ
իր
գրականութեան
մայր
յատկանիշներուն։
Ինքնատպութիւնը
ուրեմն
ոճի
յատկանիշ
մը
ըլլալէ
առաջ,
մարդկեղէն
յարդարանք
մըն
է
իր
մօտ։
Ո՛չ
սեթեւեթ,
ոչ
ալ
խորունկութիւն
ծախելու
նանրամտութիւն։
Այս
տողերը
պարզ
են
բաւական։
Ու
Օշական
ամենուն
չափ
ծանօթ
է
գիրքերուն
օրէնքներուն,
փայլուն
ու
բախտ
շինած
պատգամներուն։
Ոճը
մարդը
չէ,
եթէ
երբեք
երկու
բառերը
մեզի
կ՚ըսեն
որոշ
ապրումներ։
Ոճը
մարդն
է,
եթէ
երբեք
իբրեւ
մարդէ
մը
բխում,
չէր
կրնար
առած
չըլլալ
այդ
մարդուն
կնիքը,
ինչպէս
այդ
մարդէն
անոր
կնիքը
կ՚առնեն
քալելը,
խօսիլը,
մտածելը:
Ամէն
պարագայի
գրականութիւնը
պաշտօնագործութիւն
մըն
է
երբ
կ՚ըսենք,
ընդունած
կ՚ըլլանք
անկէ
ներս
մեր
խորագոյն
անձնաւորութեան
ձայներն
ու
մղումները։
Բայց
արուեստագէտի
մը
վերլուծումը
լայն
չափով
կ՚օգտագործէ
ոճ
ին
փաստերը։
Այս
աշխատասիրութեան
սկիզբները
ես
անցողակի
զբաղեցայ
հարցով։
Հոն,
ինչպէս
հոս,
ոճին
հետ
իմ
յարաբերութիւնը
չի
բխիր
սակայն
գիրքերու,
գրականութեանց
դասախօսներու
ցուցմունքներէն։
Օշական
ուրիշները
վերլուծելու
ատեն
չէ
վախցած
անոնց
ոճը
կշիռի
զարնելէ
բայց
պզտիկ
ուշադրութիւն
մը
բաւ
է՝
զգալու
համար
տարբերութիւն
մը
իր
եւ
դասագիրքերու
եղանակներուն
ընդմէջ։
Դուք,
որ
հաւանաբար
զանազան
քերթողականներու
մէջ
սորված
էք
ոճը,
տեսակները,
մտածման
ձեւերը
ու
շարակից
բաջաղանքը,
ձեր
մտքին
մէջ
նորոգեցէք,
այս
անգամ
ձեր
հաշւոյն,
թէ
ինչ
անիմաստ
վարժանքներ
եղան
ձեր
ժամերը,
երբ
ձեզի
տրամադրուած
աս
ու
ան
հեղինակէն
էջ
մը
նորէն
գրեցիք,
շեղագիր
բառերուն
տեղ
հոմանիշները
գտնելով
ու
գործածելով։
Ու
կշռեցէք
դառնութիւնը
կեղծիքին։
Կեանքը
ունի՞
օրէնքներ։
Հաւանաբար։
Որո՞նք
են
անոնք։
Հոս
կը
սկսի
տագնապը։
Տեղէ
տեղ,
ժողովուրդէ
ժողովուրդ
այդ
տիեզերական
նկատուած
օրէնքները
երբեմն
իրար
հերքելով
է,
որ
կ՚ըլլան
ուշագրաւ։
Գրականութիւնը
ունի՞
օրէնքներ։
Հաւանաբար։
1870ին
մեր
ոտանաւորը
երկակենցաղ
կենդանի
մըն
էր,
որ
գրաբարի
ջուրերէն
իր
հեշտանքը
կը
ջանար
մեղմել
աշխարհաբարին
ալ
քանի
մը
սիրաբանութիւններով։
Դրէք
/545/
դէմ
դէմի
Պէշիկթաշլեանի
եւ
Դուրեանի
տաղարանները։
Պիտի
գտնէք
երկուքէն
ալ
կտորներ,
որոնք
այդ
շրջանին
կնիքը
պարզեն
ձեզի,
այսինքն՝
ինչ
որ
կը
սորվինք
ուրիշներէն,
ուրիշներուն
համար։
Ու
պիտի
գտնէք
դարձեալ
կտորներ,
ուր
երկու
քերթողները
իրար
կը
հերքեն,
այսինքն`
իրենք
զիրենք
կ՚ըլլան։
Մարդիկ
կը
հեշտանային
ներդաշնակ
ոտանաւորէն
Պէշիկթաշլեանին,
որ
զայն
սորվեր
էր
Վենետիկի
աբբաներուն
հնոցին
մէջ,
բառերը
զարնելով
տաղաչափութեան
ու
քերականութեան
սալերուն
վրայ։
Ու
կը
զարմանային
Պ.
Դուրեանին
քերթուածներուն,
որոնց
կաղապարները
տեղ
մը
չէին
յիշեր
տեսած
ըլլալ։
Օրէ՞նքը։
Այս
ամէնը
առանց
տոյժի
կրնան
անգիտանալ
զայն։
Մոռցէք
ուրեմն
ոճը
եւ
յարակից
նանրանքը,
լեզուն
(անոր
մէջ
արժանիքները
ոսկեզօծելու
ուրիշ
նանրանքը)
եւ
զայն
պերճ
կամ
հետեւակ
գործածելու
իրողութիւնները
իբրեւ
փառք
կամ
մեղք
պիտակելու
վարժանքները։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
իր
կարճ,
որքան
խեղճուկ
կեանքին
մէջ
տառապած
է
ընդարձակ
տառապանքներ
այդ
ունայնամիտ
օրէնսդիրներէն։
Գրելը,
այսիքն՝
գրականութիւն
ընելը
բոլորովին
տարբեր
իրողութիւն
մըն
է,
քան
ծանօթութիւններ
դասաւորելը
կամ
գիրքեր
հրատարակելը։
Այս
վերջինը
ամենուն
մատչելի
գործողութիւն
մըն
է,
ինչպէս
երկոտանի
ըլլալը՝
ուրիշ
վարժութիւն
մը
մեզ
կանգուն
քալելու
արտօնող։
Յետո՞յ։
Չունի՞
գոյութիւն
աղերս
մը
ընդմէջ
Եղիայի
իրականութեան
եւ
անոր
ոճին,
Չրաքեանի
խորհուրդին
եւ
անոր
արտայայտութեան
բարդ
պատկերին։
Զարեանին
խոշոր
ցանկութիւններուն
ու
ասոնք
կերպարանող
կառոյցին։
Հարցականները
սեղմեցէք,
ասոնցմէ
առնելու
համար
հաստատ
հետեւանքներ։
Այսինքն՝
ջանացէք
Եղիան
—
մարդը,
իր
բոլոր
տկարութիւններով,
խօթութիւններով,
միտքէ՝
ինչպէս
մարմինէ
—
ու
անոր
անունով
մեզի
հասած
գրական
վաստակը
հաշտեցնել
իրարու,
ըստ
ուղղափառ
օրէնքներու
պահանջին։
Ջանացէք
Չրաքեանը
—
մարդը,
իր
բոլոր
դերբուկներով,
անժպիտ
բրտութեամբը,
անհամբոյր
ծաղրովը,
ամբարիշտ
հպարտութեամբը
—
ու
«
Ներաշխարհ
»ը
կամ
«
Նոճաստան
»ը
իրարու
վերընծայել,
քանի
որ,
միշտ
ըստ
ուղղափառ
հանգանակներու,
ոճը
մարդն
է
։
Նոյնը՝
Զարեանին
համար։
Ու
պիտի
զգաք
ձեր
տառապագին
անկարողութիւնը։
Քիչ
մը
մշուշ,
քանի
մը
պատկեր,
մէկ–երկու
անուշիկ
ձայներ
որքան
անբաւական,
որպէսզի
մեզի
ըլլային
մատչելի
այն
քանի
մը
տագնապները,
որոնք
շքեղ
արուեստագէտ
մը
ձգեցին
իրենց
կիկլոնին
առջեւ,
Եղիա
անունին
ետին,
ուր
կ՚ապրէին
խենթը,
հիւանդը,
մանուկը,
ախտավարակ
ջղայնութիւնը
/546/
եւ
երկնալոյց
ալ
հետաքրքրութիւններ։
Քիչ
մը
սեթեւեթ,
քիչ
մը
ճիգ,
քանի
մը
մտքի
փշրանք,
չըսելու
համար
մտածումներու
փոշի,
երբեմն
սուր
փայլակներ
ու
ամենէն
նուրբ
համադրումները
ձեւերու
աշխարհին՝
որքան
անբաւական,
որպէսզի
մենք
զգայինք
անոնց
ետին
շուքին
հետ
կռուող
մեծամիտը,
հանճարութիւն
ծախող
ունայնամիտը,
աշխարհը
անակնկալի
առջեւ
դնելու
հետամուտ
ցնորումները,
ու
ամենէն
շատ
անորակելի
մարդը,
որ
Տիրան
Չրաքեանն
էր,
իր
վարժապետի,
գրողի,
ոգեհարցի,
շաբաթապահ
քարոզիչի
իրար
կործանող,
բայց
նոյնքան
իրաւ
կերպարանքներուն
տակ։
Ոճը
մարդը
չէ
։
Ի՞նչ
է
ուրեմն։
1880ին
Պէրպէրեան
կը
հարցնէր՝
ի՞նչ
է
գեղեցիկը
։
Ու
կը
պատասխանէր
լսարանի
մը
մէջ,
այդ
հարցումին,
էջերու
վրայ
քալող
տեսութիւններով։
1944ին
Օշական
չի
կրկներ
մեղքը
ապրումը
մտածումի
վերածելու։
Արուեստագէտը
գործաւոր
մըն
է,
բոլոր
գործաւորներուն
նման։
Աշխատանքը
հեշտանք
է
ու
գինովութիւն,
ինչպէս
ագահութիւն,
ինքը
իր
մէջը։
Հսկայ
մթերքը
այդ
աշխատանքին
Օշական
իրագործած
է
երկու
հիմնական
եղանակներով։
Այդ
մթերքին
մէկ
կարեւոր
մասը
ուղղակի
բխում
է,
հեղինակներուն
փառասէր
տարազներովը
մէկ
գրչի
ծնունդ։
Ուրիշ
մաս
մը
գինն
է
ծանրածանր
տագնապներու։
Օշական
յուսահատ
մըն
է
ինքիրմէ,
քանի
որ
չունի
էջ
մը,
որուն
ըլլար
զիջած
իր
գոհունակութիւնը։
Ասիկա
քիչ
վերը
թելադրուած
դժգոհութիւնը
չի
նշանակեր
հոս։
Ինք
տեղ
մը
գրելը
նմանցուցած
է
լուղորդի
մը
նուաճածին,
առաջին
բազուկներով։
Հասակին
ու
բազուկին
կանգունովը
կը
չափեն
մարդիկ
ջուրէն
առնուածը
։
Երկրորդ
սուզումը
մեզի
կը
բերէ
նոր
մաս
մը։
Երրորդը՝
ուրիշ
մը,
ու
այսպէս
շարունակաբար։
«
Համապատկեր
»ին
միութիւնները
չեն
գրուած
։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
կը
պարունակեն
մտածումները,
հիմնականներէն։
Դնել
կրկին
սեղանի
վրայ
Թլկատինցի
մը,
համազօր
է
Օշականին
համար
չորս
հարիւր
էջնոց
հատորի
մը
կառուցումին։
«
Համապատկեր
»ին
մէջ
այդ
հեղինակը
ուրեմն
միայն
ու
միայն
իր
ուրուագիծը
ունի։
Թերեւս
շատ
կանուխէն
սկսուած,
ձեռնարկը
գտնէր
հիմնական
դէմքերու
վրայ
մտապատկերեալ
կերպարանքը։
Թլկատինցիին
վրայ
աւելնալիք
երեք
հարիւր
էջե՞րը։
Անշուշտ։
Գործին
լիակատար
վերլուծումը,
գործաւորին
լրիւ
պատկերը,
հարցերը,
որոնք
իրմով
ինկած
են
սեւեռման,
գրականութեան
պատմութիւն,
տաղանդին
բաղադրիչները։
Բոլորը
երբ
գրուէին,
այնպէս՝
ինչպէս
գրած
է
Օշականը
(անոր
ալ
ինը
տասներորդը
առաջին
բխում
է
սակայն),
էջերը
պիտի
մնային
անբաւարար։
Աշխատանքէն
չէ
/547/
փախած
Oշական,
բայց
մարդկայինին
սահմաններէն
դուրս
էր
իր
ծրագրին
իրագործումը։
Յամառ,
յիմար
անիկա
իր
կեանքին
վերջին
կէսը
վերածած
է
այդ
աշխատանքին,
որ
իր
հեշտանքն
էր
յիսունէն
վար,
ու
իր
մխիթարութիւնը՝
յիսունին,
իր
գողգոթան՝
հարուածէն
ետքը։
Մանրամասնութիւնները
ձգուած
են
այս
գիրքին
ճամբաներուն,
այդ
աշխատանքը
պատկերող։
«
Համապատկեր
»ը
յղացուած
ու
գործադրուած
է
տառապագին
հոգեխառնութեան
մէջ։
Ուղեղային
congestionի
վտանգը
ամէն
անգամ
իր
գրիչին
վրայ
թառած
պատկեր
մըն
էր։
Ժամացոյցը՝
ուրիշ
փարոս,
վտանգը
կերպարանող։
Դուրսէն
միջամտութիւնը
պարտադիր,
որպէսզի
ուղեղին
սպառնացող
տագնապը
դիմաւորուէր
ճիշդ
ատենին։
Ասիկա
ինքը
անուանած
է
մահուան
հետ
աչք–կապուկ
։
1943
Նոյեմբերէն
մինչեւ
1944
Յունիս՝
Օշական,
այս
յստակ
վտանգին
մռայլ
յաճախանքին
մէջ,
գրած
է
«
Աքիլլէսի
կրունկը
»,
Զարթօնքի
սերունդին
400
էջերը,
Միքայէլ
Կիւրճեան,
Արամ
Անտոնեան,
Կրտսեր
ռոմանթիքները
(Թերզեան,
Սէթեան,
Պէրպէրեան,
Աճէմեան),
«
Օշական
»ը։
Գումարեցէք
էջերը,
դուք
պիտի
ունենաք
աւելի
քան
հազար
հինգ
հարիւր։
Ասիկա
պիտի
լրացնէք
տակաւին
«
Սայաթ-Նովա
»յով
(70
էջ)
«
Մոռցուած
բաներ
»ով
(ութսուն
էջ)։
Ինչո՞ւ
այս
յիշատակութիւնները,
երբ
մեզի
համար
այնքան
քիչ
է
դերը
աշխատաւորին,
անգամ
մը,
որ
անիկա
դադրի
իր
գործը
պաշտպանելէ՝
զայն
մինակ
ձգելով
ինքզինքը
պարտադրելու։
Արուեստագէտը
գործաւոր
մըն
է։
Ու
իր
գործին
հանդէպ
իր
կիրքը
արժէք
մըն
է
յաճախ։
Մարդ
կ՚այցուի
մեծ
գործերու
մթերքին
առջեւ
մեծ
գործաւորներու
նահատակութենէն,
յուզուելու
համար
այդ
ինքնամոռաց,
ինքզինքը
կործանող
լարումէն։
Պալզաք
մը,
առանց
գործաւորի
սա
հզօր
տենդին,
հաւանաբար
առաջնակարգ
գրագէտ
մըն
էր,
բայց
ոչ՝
ֆրանսական
հանճարին
շքեղագոյն
կերպարանքը։
Նոյնն
էր
Տոսթոեւսկին։
Նոյնը՝
Փրուստը։
Այսինքն՝
այս
անուններուն
հետ
մեր
մտքին
կը
յառնեն
այդ
մարդերուն
ո՛չ
միայն
գրական
կարողութիւնները,
այլեւ՝
այդ
կարողութիւնները
օգուտով,
յամառութեամբ,
կիրքով
կազմակերպելու
ուրիշ
առաքինութիւններ։
Մեր
տաղանդը
մեր
ձեռքին
վարժանքովը,
դիւրութեամբ
կը
բաւարարէ
մեր
աշխատանքը։
Մեր
տաղանդը
բարիքի
կը
վերածուի,
երբ
աշխատանքի
սա
կիրքով
ալ
կը
ներկայանայ
մշտապէս
խթանուած։
Շատ
արտադրելը
չի
նշանակեր
շատ
աշխատիլ։
Իր
գործին
հետ
չյոգնիլը
թերեւս
սկիզբն
է
տաղանդին։
Ֆլօպէռ
Պալզաքի
հետ
չի
բաղդատուիր
իբրեւ
մթերք։
Բայց
անոր
չափ
ժամանակ,
սիրտ,
մտահոգութիւն
է
/548/
վատնած
այդ
քիչին
վրայ։
«
Սալանպօ»
ն
գինն
էր
երկու
հազար
հատոր
ընթերցումի,
Եւրոպայի
բոլոր
թանգարաններուն
մէջ
փիւնիկեան
արուեստէ
հրիտակներուն
մանրամասն
ուսումնասիրութեան,
տասներկու
տարի
Կարկեդոնի
աւերակներուն
շուրջը
մորթովի,
մտովի,
հոգեպէս
ողողումի
մը։
Վէպէն
առաջ
այս
յամառ
նորման–գիւղացին՝
սրբագրեցէք
դուք
—
թիզ–թիզ
ո՛չ
միայն
կը
ճանչնար
անոր
գործողութեան
ամբողջ
թատերավայրը,
այլեւ
ապրեր
էր
զայն,
ա՛յն
ուժգնութեամբ,
այլուրութեամբ,
որով
խենթերը
—
արուեստագէտը
խենթ
մըն
է,
բայց
ոչ
կապուելիք
—
կ՚ապրին
երկու,
երեք,
երբեմն
աւելի
կեանքեր
միաժամանակ,
երբ
կը
խօսին
իրենց
դէմինին,
իրենց
մտքին
մէջ
կերպարանուող
ուրուականներուն,
իրենց
արեան
մէջ
քալող
ուժերուն,
բանակներուն
հետ։
Ուրի՞շ։
—
Բայց
եղերական
է,
որ
գործ
մը
ու
ասոր
գործաւորը
երբեմն
ըլլան
իրարմէ
անկախ։
Գրուած
է,
որ
գործաւորին
կորստական
կաւը
տարրալուծուի,
փտի,
հիմնովին
փոշիանայ,
բայց
գործը
ապրի,
ապրի,
քանի
քաղաքակրթութիւններ
կրէ
ու
դուրս
գայ
կրկին,
երբեմն
ճղակոտոր,
երբեմն
պռկունքին
գոյնը
չկորսնցուցած։
Կարդացէք
«
Նարեկ
»ը
ու
ողողուեցէք
այդ
աղօթքները
այդպէս
դիւահար
հոգեխառնութեամբ
մը
թուղթին
նետող
վանականին
մեծ
կիրքովը,
շունչովը։
Վստահ
եմ,
որ
մեզմէ
շատ
քիչեր
պիտի
մտածեն
վանականին
իսկ
անձին,
որ
հեքիաթին
կը
պատկանի՝
հագած
ըլլալով
ժողովուրդին
շռայլած
շնորհներուն
պատմուճանն
ու
թեւերը։
Աւելի
մեզամօտ
շրջաններէ,
կարդացեք
Դուրեանը
ու
կեցէք
ձեր
մտքին
մէջէն
արթնցող
յոյզերուն
դիմաց։
Ամենէն
ուշ
պիտի
անդրադառնաք
այդ
տղուն
մարմնեղէն
կազմին,
տարի
տեւող
ջրջրագին
(Օտեանէն
կ՚առնեմ
այս
պատկերալից
վերադիրը)
մահիճին,
ուր
խոնաւ
կրակ
մը
մխար,
մխա՛ր,
մխա՜ր,
երբեմն-երբեմն
կարմիր
մուխի
մը
պոռթկումով
մը,
ինչպէս
հրաբուխի
մը
խառնարանէն։
«
Տրտունջք
»ը
այդ
ողջակէզն
է
ահա։
«
Կռունկ
»ը
ունի
քառեակներ,
որոնք
անցեր
են
առնուազն
հինգ
դարու
հայ
կեանք
մը։
Կատակ
չէ։
Հինգ
դա՜ր
այս
ժողովուրդը
ապրել
է
իր
կռունկները
ու
երգը
անմահ,
անցել
է
այդ
դժոխքէն։
Տասը
դարեր
զիս
կը
բաժնեն
«
Նորահրաշ
»էն
ու
շարականը
չէ
հինցած
մէկ
տասներորդի
իսկ
համեմատութեամբ։
Թող
իրաւ
գրագէտ
մը
1915էն
բերէր
մեր
կիները
այն
արուեստով,
որ
կայ
Տիկնայք
փափկասունք
ին
մէջ,
պիտի
չգերազանցէր
հաւանաբար
Եղիշէն։
Գրուած
է
ուրեմն,
որ
անցնի
գործաւորը,
ու
գործը
մնայ
մի/549/նակ,
գործաւորէն
վերջ,
իր
ճակատագրին։
Այսօր,
երբ
սովորական
ընթերցողը
ձեռք
կ՚առնէ
Արեւմտահայ
գրականութեան
ամենէն
վաւերական
գործերը,
հազիւ
թէ
կ՚այցուի
զանոնք
հեղինակողներուն
լաւ
կամ
վատ
բախտէն,
լաւ
կամ
վատ
նկարագիրներէն։
Շրջաններ
վերակազմող
քննադատ
մը
անշուշտ,
իր
կարգին,
պարտքին
տակն
է
իր
ուսումնասիրութեանց
կեանքը
պաշտպանել
գերեզմաններն
ալ
կենագործելով,
բայց
ատիկա
բացառութիւնն
է։
Ու
ահա
տարօրինակը։
Երդուա՞ծ
է
«
Առ
զեփիւռն
Ալէմտաղի
»
վերնագրուած
Երգը
ու
եթէ
այո,
ո՞ւր,
ե՞րբ։
Ո՞ր
ապրումներուն
արձագանգը
դրել
էր
աստուածային
բանաստեղծը
այդ
պատառիկ
մը,
ափ
մը
իսկ
լեցնելու
անբաւական
էջին
ներսերը,
ապրումնե՜ր
այնքան
ընդարձակ,
իրաւ,
խորունկ,
ժամանակն
ու
պահը
հագած,
բայց
երկուքէն
ալ
անհունապէս
ձերբազատ։
Ո՞ր
ծառին
տուած
իր
կոր
կռնակը,
այդ
ոտանաւորը
հանեց
իր
սիրտէն,
հաւանաբար
բերնին
խորերը
արեան
թեթեւ
համ
մը
մարսելէն,
Պէշիկթաշլեան
ըսուած
այսօր
ուրուական
կերպարանքը,
այնքան
իրա՜ւ
սակայն
ահա
հարիւրի
մօտ
տարիներ
վերջը
այդ
օրէն,
երբ
պահ
մը
յոգնած,
կամացուկ-կամացուկ
զգաց
հողին
ձայնը,
շրթները,
որոնք
կը
քսուէին
իր
անհամբոյր,
մեռնելու
սահմանուած
երեսներուն
ու
զինքը,
վա՜ր,
իրենց
ծոցը
կը
կանչէին,
գերագոյն
հանգիստին.
Մտերմութի՜ւն,
ինձ
երանի.
Թէ
հոս
ծոցէդ
հոգիս
թռանի
…
Անշուշտ։
Իրաւ,
իրա՛ւ,
իրա՜ւ
կեանքն
է
ասիկա։
Բայց
նոյն
այդ
հեղինակէն
տասնեակներով
ուրիշ
կտորներ,
անոնք
ալ
երգ
վերտառութեամբ,
ինչու
մեզի
կը
թուին
մեռել,
մեռե՛լ,
մեռե՜լ,
նոյնքան
ահաւոր
իրաւութեամբ
մը։
Հեշտանք
է
«
Առ
զեփիւռն
Ալէմտաղի
»ն
ու
տրտում
կորանք՝
քանի
մը
տասնեակ
երգերը
նոյն
բանաստեղծին։
Ողբերգութիւն
ու
արցունք
է
Պ.
Դուրեանի
«
Տաղարան»
ը,
իրաւէն
վեր
կենդանութեամբ
մը,
ջերմութեամբ,
սրտի
դպող
շեշտով
մը,
բայց
անպատմելի
մանկամտութիւն՝
նոյն
հեղինակին
թատրոնները
։
Կան
գործեր,
որոնք
նոյնիսկ
մեռել,
դիակ
իսկ
մնալու
անկարող,
պիտի
խօսին
մեր
մտքին
։
Տրտմութիւն
է,
որ
գրականութեանց
պատմութիւնը
յաճախ
այդ
գործերուն
դամբարանը
ըլլայ։
Նետեցէք
աչք
մը
հարիւրամեայ
հասակին
Արեւմտահայ
գրականութեան
ու
ըսէք,
թէ
քանի
գերեզման
դեռ
ծուխ
կ՚արձակէ,
գործածելու
համար
ժողովրդական
երգին
անմահ
պատկերը
ողջ
մնացող
սիրտին,
հողերուն
ալ
ծոցը,
քանի
որ
սիրու
տէրը
չի
մեռնիր
գե/550/րեզմանէն
ալ
անցնի։
Պիտի
չկարդանք
այսօր
«
Մայտա
»ն,
բայց
պիտի
տանք
այդ
գիրքին
իր
տեղը,
շրջանային
իմաստը,
եթէ
ոչ
դերը՝
մեր
միտքին
շրջափոխութիւնը
կերպարանող
իբրեւ
վկայութիւն
մը։
Կան
գործեր,
որոնք
պիտի
խօսին
մեզի
մեր
պատմութիւնը
լուսաւորող
միութիւններու
նման։
Ուրի՞շ։
Միշտ
այս
մօտիկ
անցեալէն,
Եղիայի
մը
քերթուածները
մեզ
պիտի
հետաքրքրեն
իբր
քմայքներ,
սիրուն
կամ
խուժ,
տանելի
կամ
այլանդակ,
ու
պիտի
արթնցնեն
մեր
ընտրանիին
մէկ
կերպարանքը,
մեր
ներսը,
երբ
այդ
ընտրանին
ձգած
իր
ցեղին
հզօրագոյն
սարսուռները,
արնավառ
ապրումները,
գլուխը
ամպերուն
մէջ
ու
աչքերն
ալ
արշալոյսներուն,
արեան
խորը
թիթեռնիկ
կամ
Մայիս
կը
հալածէր
ու
չէր
զգար
իր
ըրածին
տրտմութիւնը։
Անշուշտ
պիտի
հեշտանանք
Տիկին
Եսայեանի
«
Վերջին
բաժակը
»
հատորին
ներսը։
Բայց
պիտի
ապրինք,
իր
փոքրագոյն
իսկ
բջիջներուն
ներսը՝
«
Աւերակներու
մէջ
»ը։
Միտք
բանի՞ն,
ինչպէս
միշտ,
այս
օրինակներուն,
յիշատակութիւններուն։
—
Պիտի
կարդացուի՞ն,
իբրեւ
իրաւ
արուեստով
մը
պաշտպանուած
կառոյցներ,
էջերը,
գիրքերը,
որոնք
մեզի
հասած
են
տպաւորապաշտ,
վիպասան,
թատերագիր
Օշականէն,
արիւնելու
բախտով
մը
մեր
ներսը
այն
իրաւ
ապրումները,
որոնցմէ
վկայութիւններ
են
վերի
յիշատակութիւնները,
թէ
պիտի
առնեն
կերպարանքը
այն
միւսներուն,
որոնք
մեր
գրականութեան
շրջափոխումին
վրայ
պարագայական
լուսաւորութիւններ
են,
չոր,
անդարձ
մեռած
փաստեր,
ինչպէս
են
«
Գրական
փորձեր
»ը,
«
Առաջին
տերեւք
»ը,
«
Ստուերք
հայկականք
»ը,
«
Սեւ
լերին
մարդը
»,
յիշելու
համար
իրենց
օրին
համբաւի
հասած
գործեր,
այսօր
անունէ
զատ
ուրիշ
տեղ
մը
չբռնող
մեր
հետաքրքրութեանց
պարունակին.
կամ
այն
միւսներուն
նման,
որոնք
մեր
պատմութեան
մէկ
տագնապը
կը
սեւեռեն,
խակ,
հում,
արուեստի
չելած,
ինչպէս
է
մեր
տպաւորութիւնը
«
Կարմիր
ժամուց
»էն,
«Շ
ողոքորթը
»էն,
«
Ալաֆրանկա
»էն,
գիրքեր
ասոնք,
որոնք
անշուշտ
աւելի
պարկեշտ
բարիքներ
են,
քան
առաջինները,
բայց
չեն
գտած
կշիռը
իրաւ
գործերուն։
Նոյնիսկ
պիտի
արժանանա՞ն
այն
տկլոր
գնահատումին,
որով
մենք
կը
պատուենք
«
Սօս
ու
Վարդիթեր
»ը՝
իրմով
կորուստէ
փրկուած
բարքերու
մթերքին
սիրոյն։
Ու
վերածելով
հարցը
աւելի
իրաւ
կերպարանքի.
—
Oշական,
իր
ընդարձակ
վաստակին
մէջ
ունի՞
կտակած
գիրքեր,
էջեր,
որոնք
ըլլան
վեր
մեր
գրականութեան
տարողութենէն,
ժամանակէն
ու
միջոցէն,
գործածելու
համար
ընկալեալ
բա/551/նաձեւ
մը
ու
արժեւորուին
անխառն
ստեղծագործութիւններ,
մեր
ժողովուրդին
ամենէն
խոր
ալքերէն
վերբերուած,
անոր
առաքինութիւններէն
որոշ
փունջ
մը
առանձնացնեն,
ըլլան
նուաճած
անոր
հոգեղէն
աշխարհէն
քանի
մը
գագաթներ,
ուրկէ
մեր
նայուածքը
արտօնուէր
ընդգրկել
մեր
ցեղին
միտքին
ու
զգայնութեան
համապատկերը,
քանի
մը
անմոռանալի,
ինչպէս
անվերածելի
տեսարաններ,
բոլոր
դարերուն
ալ
իրենց
գծագրութիւնը,
դիւթքը,
ինքնութիւնը
պահած,
ինչպէս
մեզի
կը
տրուի
ասոնք
զգալ
երբեմն
աղօտակի,
երբեմն
լիուլի
յստակ՝
Փաւստոսին,
Փարպեցիին,
Եղիշէին,
Խորենացիին,
Նարեկացիին,
Շնորհալիին,
Քուչակին,
Սայաթ–Նովային
անուններուն
ետեւէն,
բոլորին
մէջ
ալ
մասնակի
կամ
աւելի
ծաւալուն
չափերով
գոյ,
այնքան
հեռուներէն,
շրջափոխումներէն
վերջն
ալ
դեռ
պատող
իրենց
շեշտը,
համը,
հոտը,
կեանքին
տրոփը,
շնորհը
ու
ապրող,
այրող,
բայց
չսպառող,
ինչպէս
կը
պատկերէ
այս
վիճակներէն
մէկը
մեր
ժողովրդական
երգիչը
սիրով
գերեզման
ինկածներուն,
որոնց
հողքին
վերեւ,
բաց
ձգուած
ծակէ
մը
մխար,
ծիրանի
ու
անմար,
սիրտը
սիրողներուն
ու
վառէր
«
սիրու
տէր
սիրտն
է
կ՚այրի
»,
հաւանաբար
«
գերեզմանէն
ալ
անդին
»։
Այս
հարցականը
որքան
անձակլից,
նոյնքան
մըն
ալ
իրաւ
է
սակայն,
որ
կարենար
դրուիլ
այսքան
յանդգնութեամբ
ու
հաւատքով
հետապնդուած
գործի
մը
առիթով։
Պատասխա՞ն։
—
Ահա
դժուարը:
Այս
ուսումնասիրութեան
գաղափարը
իմ
մէջ
ծնունդ
առած
է
«
Համապատկեր
»ին
առաջին
սաղմնաւորման
շրջանին։
Գրելէ
վերջ
Զարդարեանը,
Մեծարենցը,
Չրաքեանը,
այս
տողերուն
հեղինակը
մտածած
է
նոյն
ոգիով
վերլուծել
իր
գործը։
Թէքէեանը
իրագործուած
նմոյշ
մըն
էր
ատկէ։
Բայց
հարցին
փշոտ
կողմը
կը
բռնանար։
Ուզէր
կամ
չուզէր
Օշական,
տագնապը
ինքնաբերաբար
պիտի
ներկայանար։
—
Ի՞նչ
կ՚ազատի
Օշականէն,
որ
գրած
ու
ըսած
էր
այդ
ազատուածին
նիհարութիւնը
կամ
չգոյութիւնը
մեր
գրականութեան
բազմաթիւ
մեծավաստակ
համբաւներէն։
Յետոյ,
ամէն
հերձուածողի
նման,
անոր
գործը
կը
տառապէր
ընդարձակ
տարակարծութեանց
հակամարտ
վճիռներով։
Գաղտնիք
չէ,
որ
մեր
զոյգ
գրականութիւններու
բազմաթիւ
գործաւորները
մերժեցին
այդ
գործը
նկատի
առնել
լրջութեամբ։
Հասարակութեան
մը
սեպհականութիւնը
չէր
կրցած
ըլլալ
անիկա։
Ու
վերջալուսա/552/յին
պայմաններու
կնիքը
զայն
կը
վիրաւորէր
իր
խորագոյն
իսկ
խաւերուն
ներսը։
Սփիւռքը
հասարակութիւնն
էր
ու
չէր,
ժողովուրդ
էր
ու
չէր։
Բայց
վճռապէս
չէր
գրականութիւն
մը
ապրեցնող
հոգեղէն
իրականութիւնը։
Օշական
չի
գար
Սփիւռքէն,
բայց
կու
գայ
Սփիւռքին:
Այս
երկու
եզրերը
թերեւս
կը
բացատրեն
իր
գործին
զոյգ
դժբախտութիւնները։
Սփիւռքը
զայն
մերժեց,
որովհետեւ
հազիւ
թէ
կը
ճանչնար
անոր
հոգին։
Ինք
անգիտացաւ
այդ
Սփիւռքը,
զոր
պահեց
հեռու
իր
հոգեղէն
պարիսպներուն
հասողութենէն։
Ահա
թէ
ինչու
ներկայ
աշխատութիւնը
ստիպուած
է
հարցականը
դիմաւորել
այս
ու
այն
ձեւով,
որպէսզի
մտնէ,
դաշնաւորի
«
Համապատկեր
»ին
հոգեբանութեան
մէջ։
Oշական
փաստը
տուած
է,
թէ
կրնար
խօսեցնել
մեռելները
իրենց
բերնով
ու
իր
բերնով
։
Անիկա
խօսեցուցած
է
Գրիգոր
Օտեանը
(«
Համապատկեր,
Զարթօնքի
սերունդ,
Գրիգոր
Օտեան
ընդարձակ
երկասացութեան
մը
մէջ,
ուր
Ճէյմս
Ճոյսի
ներքին
տիալոկը
կ՚ենթարկուի
նոր
փորձի,
հաշտեցնելու
համար
կեանքէն
վեր,
կեանքէն
ետ,
հեռու,
վար
փլաններուն
անհայտ
սիմեթրին,
մեռելն
ու
ողջը
բերող
նոյն
տագնապանքին
ու
ողջը
լինելով
մեռելին
շշունջովը։
Անիկա
խօսեցուցած
է
իր
հեքիաթը
(տես
այս
աշխատանքին
Քննադատը
գլուխը),
կերպով
մը
բիւրեղացնելով
իր
երկու
դրութիւնները,
որոնք
այնքան
իրաւ
կը
թուին
նստիլ
իրողութիւններուն
խորքը
ու
այնքան
հակառակ
են
իրարու,
ինչպէս
խօսեցուցած
էր
«
Հրաշքը
»
վերտառուած
երկասացութեան
մը
մէջ
մեր
օրերու
միտքը
ինքիր
մէջ
երկճղուած,
ինչպէս
խօսեցուցած
էր
Մաթիկ
Մելիքխանեանը
եւ
ոստիկանապետ
փաշան
(«
Մնացորդաց
»,
«
Արեան
ճամբով
»
գիրք
Ե.
)
կորովով,
կիրքով,
տիպարային
հարազատութեամբ։
Այս
աշխատասիրութեան
վերջին
գլուխն
եմ
հասած։
Ծրագրին
մէջ
ան
կ՚անուանուի
Համադրութիւն
։
Հասկնալի՞՝
վարանքը,
դժուարութիւնը,
իր
վարժութիւններուն
ընդդէմ
գործելու
դժկամութիւնը։
Ան՝
որ
չէ
կարդացած
իր
վրայ
յարձակումները,
չէ
զբաղած,
ինչպէս
զբաղեցուցած
իրմով
(ուրիշներուն
ըրածը
անգիտելը
մեղք
մը
չէ,
երբ
այդ
ուրիշներէն
ոչինչ
ունինք
ուսանելի),
մասնաւոր
կերպով
մը
պիտի
զգար
ինքզինքը
անընդունակ
այդ
համադրումին,
որ
կը
նշանակէ
գործ
մը
կշռել,
անոր
մէջ
գտնել
յաւակնիլ
իրաւ–սուտին,
անցաւոր–մնայունին,
ողջ–մեռածին
տարազները։
Օշական
կրկին
կը
դիմէ
ուրուականներուն,
որոնք
մեղքի
տարրերէն
—
մարմինը,
աշխարհիկ
նկատումները,
մեր
կարգերուն
/553/
պարտադրանքները
կը
կազմեն
անոնք
—
համեմատաբար
ազատագրած
են
իրենք
զիրենք։
Կ՚ենթադրեմ
ուրեմն
մեր
օրերէն
բաւական
վերջը
գործադրուած
երկու
աշխատանքներ,
որոնք
նիւթ
ունենային
Արեւմտահայ
գրականութեան
յատկանշական
դէմքերէն
Յակոբ
Օշական
անունին
տակ
քնացող
թուղթերուն
դէզը։
Երկու
ուսումնասիրութիւնները
կու
գան
հակադիր
մտայնութիւններէ։