Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

Ու կու տամ մերձաւոր գոհացում մը այդ հարցականին։

Խաղաղ գիշեր մը բերէք ձեր մտքին։ Կանխապէս կ՚երաշխաւորեմ ձեզ, որ պիտի խնայուին ձեզի 1900ի մարդոց արձակ քերթուածը, 1930ի հանճարներուն՝ տպաւորապաշտ խոյանքները, երկինքն ու երկիրը իրարու համադրող։ Հովերուն պիտի արգիլեն, որ « մի հսկայական, անիմանալի, որով եւ աւելի խորահաս ողբանուագ /373/ ճարտարապետեն տերեւների արանքից », այն հոյակապ օրքէսթրան, զոր ճակատագիրը եւ մեր անհաս ուժերը կը վարեն «մեզանից դուրս ազդմունքների սինֆոնիով », մեր բառերով սուլեն, սուլուլեն, հեծեծեն ու տնքան, ոռնան ու հայհոյեն, սա հայոց աշխարհին դառնահիւս ու արիւնավառ ողբն ու խորհուրդը իրենց թաւշանուշ թեւերուն վրայ ամբարձիկ, թափառական ու թշուառ, մեծսիրտ ու լալկան իրենց աչքերը աստղերով լուսաշէկ՝ գտնեն… Երուսաղէմի մէկ թաղին, պատշգամի մը վրայ մենաւոր խոկացող, սրտէն պատառ-պատառ, կորաքամակ ու իր երակներու փլատակներուն տակ դեռ շունչին, կեանքին վերջին կայծին իր շրթները ծարաւահիւծ, թրթռագին, քրմաբար երկարող… քննադատ Յակոբ Օշականը։ Կ՚երաշխաւորեմ ձեզ դարձեալ, որ պիտի չխանգարեմ աստղերը, իրենց լռին բռնկումները հասկնալու համար գործածելով յանդուգն, նորակերտ փոխաբերութիւններ, որոնք միշտ կը յոգնեցնեն ձեր անընկալ, քաղքենի տրամադրութիւնները ու պիտի գոհանամ՝ միայն թելադրելով ձեզի խորհրդաւոր, «մի ինչ որ» անբացատրելի, բայց տարօրէն զգալի աղերսները, որոնք թաւալման ու թրթռման քոզմիք տրոփումներով իրարու կը հաղորդեն, հայոց աշխարհին «խորքերում պպզած», մեծաթռիչ, բայց ծուարած հսկումները աննինջ հոգիներուն, հայոց ժողովուրդէն հոն ինկած, բայց լուռ սպասմանը մէջ միշտ «մի ինչ որ» հեռանուշ, հեռանուագ, քաղցրախորհուրդ հրաշքի, որ մթասոյզ, բայց ջահաճաճանչ ու անմահ հրդեհները հեռափայլէր մեր ապագային…։ Պիտի չընեմ անհանգիստ յիմար, գունազուրկ դշխոն ալ «եթերաց», մեր ռոմանթիքները լապտերող լուսինը, որ տակաւին «չի ամաչում», մեր արեան ծովերուն վրայ իր սատափահիւս ձանձրոյթը… յօրանջելու, ու մեր նորապաշտ վիպողներուն մօտ անսկահակ սկաւառակն է դարձած, նետուած, «անպէտքական» ամայութեան կապտաւուն «պարտէզներում», «դաշտերում»։ Ո՜չ, ո՛չ։ Կրնաք ըլլալ ապահով, որ այս ամենէն պիտի չգտնէք ո՛չ իսկ մի փշրանք…։ Արտաքին աշխարհը շահագործելը իմ գործը չէ։ Ուրիշներ ըրած են ատիկա ո՛չ միայն գեղեցկութեամբ, այլեւ՝ տաղանդով ու նոյնիսկ հանճարով։ Ունինք, յաւիտեաններու համար շահուած հանճարային փառքը Տիրան Չրաքեանին, որ առանց իրական յոյզի գտած էր կերպը քերթող պսակուելու եւ նորակտուր, շողշողուն փառքը Կոստան Զարեանին, որ նկարագրելը բարձրացուց գրականութեան եւ այսօր հայ մտքին հսկան կը դաւանուի։ Բարի վայելում առաջինին ուրուականին։

Երկրորդին ալ «այս բարեբաստիկ առիթին» համար խնդակ/374/ցութիւն։

Խաղաղ գիշեր է…

Կաթիլ–կաթիլ օրը կ՚աստղանայ հոգիէս ներս, խորագոյն յուզումներով հերձուած օրը հիւանդին։ Օրը լոյսի անձրեւ է իմ մէջ։ Ու կը զգամ, որ այդ կաթիլները կ՚իյնան մտքիս ածուներուն (ի՜նչ չարաշուք բան է ըլլալ Արեւմտահայ գրականութեան աշխատաւոր, հալածուիլ աւելի քան քառորդ դար արձակ քերթուածին ուրուականէն, փորձուիլ փոխաբերութեան սոսինձէն ու պատկերակերտութեան խայծէն, ինչպէս սնափառութենէն, այսպէս տեղի-անտեղի անտիպ կամ յանդուգն նմանութիւններ ձեւել–կտրելու համար) ու հոն հաւաքուած կրակը կը ջանան մեղմել։ Մի վախնաք սակայն, որ գրողներու յատուկ աճպարարութեամբ մը ես այդ ածուները պիտի վերածեմ ծաղկալից անհունութեան սաւաններու, բարձերու, ու անոնց ընդերքն ի վար, նոր ծլարձակումներու, նոր սարսուռներու բիւրեղակերպ փթթումին ի խնդիր պիտի արձակեմ հոգեղէն իմ բջիջները, միգամածային վերյօրինում, տիեզերական նոր տրոփներու իբրեւ դժբախտ սերմնացան մը։ Խաղաղ գիշեր է, ու ամբողջ ցերեկը ես նորէն ապրեր եմ չորրորդ տիմանսիոն ըսուած վիճակը, որ երկրաչափական բառ մը չէ սա էջերուն, այլ՝ այն շատ յստակ հոգեվիճակը, ուր գիտե՛ս որ կաս, բայց չես այս աշխարհինը, կը մնաս կապուած քու շուրջը իրերուն դրութեան, քու բոլոր զգայարանքներովը, ըլլալով հայր, գրող, հայ, ներող ու տառապող, մահուան մէջ մտած այնքան իրաւ անձուկին հետ շիջող կեանքին, բայց չկրնալով ազատագրուիլ աշխարհէն։ Կ՚ուզես, որ իջնայ վարագոյրը, կը գոցես աչքերդ՝ չտեսնելու համար սիրելի դէմքեր ու կը զգաս, որ անոնց հոգեղէն անդրադարձը քու քայքայուած ուղեղիդ խորը անհուն սարսուռ մըն է, քեզ spasmeի մէջ աւելի տանջող։ Չորրորդ տիմանսիոնը մեզի ծանօթ դիակին վրայ յաւելում մըն է, շատ բացառիկ, շատ տագնապալից։ Անիկա ճակտին գիրն է երկինքին ու երկրին նորակերպ խառնուրդին, «ընդմէջ երկուց աշխարհաց»։ Սրտով կործանածները, երբեմն՝ այդ երկրաշարժն ալ պարտաւոր են ապրիլ։

Մեռած է, ինձմէ դուրս, վար՝ պարտէզը, այնքան թշուառ, ինչպէս զինքը մշակող կինը, որ ամէն օր կը մորթէ հեղ մը իր սիրտը, իր կարգին, ուրիշներու սուրին բանալով զայն։ Մեռած՝ դէմի տունը, ուրկէ առտուն մեռել մը դրուեցաւ ճամբայ։ Ոչ մէկ շշուկ։ Ոչ մէկ սպասում, բացի տժգոյն ճամբորդէն, նաւորդ մը, որուն հետ բաւական հին է իմ մտերմութիւնը, իր խարխուլ նաւակով, սեւի /375/ զարնող առագաստով ու տարօրինակ մատովը, որ հորիզոնները ոճաւորող կողմնացոյց մը իբրեւ կ՚ապրի իմ մէջ ահա ութը տարի կայ։ Ու խնամքով, տրտում, կը խորանամ ինձմէ պճպճուն, խուլ, նոր, եղերական ձայներու, գորշ ու տաք, այրելու աստիճան մարմնիս բաւիղները։ Սրտի նոր տագնա՞պ մը, ինչպէս կ՚ըսեն, քանի որ օրը այնքան խորունկ խռովքներէ է հերկուած։

Մէկը կարծես կ՚ըսէ.

Դարձիր։

Աջիս մարդ մը բուսած է, բուսային լռութեամբ, բայց ուրուային թանձրութեամբ։ Չեմ առած դուռի զարկ, քայլի աղմուկ, նոյնիսկ թեթեւ պղտորումը օդին։ Ուրկէ՞։ Ի՞նչպէս։ Մա՛նաւանդ այդ մէկը։

Թեթեւ է մութը, արտօնելու չափ, որ յստակ ըլլան կարգ մը բաներ։ Գլո՜ւխ, հաստ, չոր, ցանցառ ճերմակ մը կ՚ընէ աւելի ուրուային։ Աչքին փոսերը, խորունկ այնքան, որպէսզի չըլլայ զգալի անձնաւորութեան շեշտը։ Դէ՜մք։ Բայց մօտ, ընտանիք, գրեթէ ծանօթ, զոր չես գիտեր, թէ ուր ես տեսած, բայց գիտես, որ օտար մը չէ քեզի։ Հասա՜կ։ Բայց այս ամէնը՝ առանց այն ապահով բարիքին, որ գոյնն է մեր զգայութիւնները տեղաւորող։ Զգայախաբութիւնները նոր չեն ինծի համար։ Պզտիկուց եկեր են ինծի չորրորդ տիմանսիոնի պատկերներ։ Հիւանդութի՞ւնը։

Անհանգի՞ստ կ՚ընեմ։

Ուրեմն, ուրուական ալ չէ, քանի որ ո՛չ միայն կը խօսի, այլեւ ունի շեշտ ինծի չափ, պէս, նկուն, այն թեւատ, անամբողջ հովը, որ սրտէն զարնուածները կը զատէ հիւանդներու, առողջներու հանդէսէն։

Ո՞վ էք դուք։

Կ՚իմանաք։ Ուրախ եմ, որ չանցաք իրար, ինչպէս կը պատահի ամէն անակնկալ այցելուի հետ։

Ուրկէ՞ եկաք, երբ փակ են դռները։

Բայց դուք հարցնելու չէիք ատիկա, քանի որ գրած էք տեղ մը, որ «մենք մինակ դռնէն չենք գար»…

Նախադասութիւնը մտքիս մէջ կը վերածուի տեսարանին « Մինչեւ ո՞ւր »էն, ուր մահը տեսարան կը մտնէր, առանց դուռ զարկած ըլլալու։

Մա՞հն էք։

Հարցումը կը պահէ կարելի հանդարտութիւն, ընտանութիւն նոյնիսկ, քանի որ տարիներու սպասումը, յետոյ համակերպուն մար/376/զանք մը այդ րոպէն, այդ այցելութիւնը, այդ անդոհն ալ հաշտեցուցած է ինծի։ Տարիներէ ի վեր կ՚ընեմ այդ րոպէին մտատեսութիւնը, նոր տեսարանումով, նոր կերպարանքներու մէջ։ Ո՜վ յիմարութիւնը գրողներուն, որոնք կ՚արգիլուին մահուան երթալու պայծառ հնարաւորութենէն։

Կ՚աճապարէք։ Չէ՞ք ճանչնար զայն, որ կը շփոթէք ինծի հետ։

Շատ են անոր դիմակները ու ես ինքս՝ այնքան հասուն։

Մենք չենք ճանչնար անմահութեան խմորը, մահուան համար այնքան անհրաժեշտ։ Խելացի մէկն էք ու անիմաստ բառերու հսկայ հակառակորդ մը։

Կը չափեմ հասակը, զարմանքի նայուածքով։ Կտրուկ, առնական իր արտայայտութիւնը ընտանի է ինծի։ Թէեւ առանց տարիքին առարկայող փաստին, անիկա մօտիկ մարդ մըն է իմ ապրումներուս ծիրով ու ինծի չափ առեղծուածային։ Կը լռեմ ուրիշ մանրամասնութիւններ դէմքէ, զգեստէ, նայուածքէ, հովէ, արտայայտութենէ, որոնք մէկիկ–մէկիկ արժեւորելը համարժէք է հոգեբան գրող ըլլալու՝ Շիրվանզատէէն մինչեւ Կոստան Զարեան։ Իրապաշտ վարպետը այդ թեքնիքով ո՛չ միայն էջեր կը շահէր, այլեւ՝ անզուգական վիպասանի դափնեպսակ։ Տպաւորապաշտ վարպետը, նոյն թեքնիքով կը կարծէ թանձրացնել Խորհուրդը, գլխագրեալ, «ճաշակի հարց», պիտի մտածէի, եթէ երբեք այդ տարազն ալ հիմա չըլլար զինանշան բարձր քննադատութեան։

Ուրեմն, գործածելու համար սովորական բառը, ինծի պէս մարդ մըն է։ Մաշումի, յոգնութեան, չըսելու համար յուսահատութեան շատ յստակ, միգամածային տպաւորութիւն մը կը հոսի սակայն անոր կերպարանքէն։ Կեցած է, բայց նման մէկու մը, որուն ուսերուն նստէին ծանր բեռներ, չըսելու համար յղի լեռները հայոց աշխարհին, որոնք Սփիւռքի մեր գրականութեան մէջ չեն գոհանար պատմութիւն ընելու առիթներ ստեղծելով ու կ՚ապրին, կը քալեն, կը տնքան, կը փիլիսոփայեն, գեղագիտական, ընկերաբանական, հոգեբանական տեսութիւններ կը պաշտպանեն, այնքան իմաստուն բառերով, շլացիկ պատկերներով, որ լուսահոգի Պարոնեան պիտի գրէր, առանց վարանելու, «այսքան խելացի ըլլալու համար, լեռ ըլլալդ կու գայ»։ Բայց ո՞ւր է նայուածքը, որ քանի մը տող ալ ինծի թելադրէր, միշտ հայոց աշխարհին անպեղելի խորքերէն իր վերբերած, բերելիք հրաշքներուն գովքին, դիւցազներգումին արժանի։

Բացեր եմ լամպը։ Ելեքտրական լոյսին մէջ, որ անգայտ ալիքի /377/ մը պէս կը վէտվէտի անոր ձեւին հետ, եկուորը հեռի է ինծի թելադրելէ վախի, անդոհի, մա՛նաւանդ սրտի տագնապի սենարիոն, իր անխուսափելի լքումներովը, երբ րոպէի մը մէջ կը դադրիս պատկանելէ մարդոց ու իրենց դրութիւններուն ու կը լրջանաս, իմաստնանալու կը մղուիս, քեզմէ վեր իրողութիւններու նոր, տարօրինակ դրութիւններու պատրաստ։ Ո՛չ։ Այս անծանօթը պճպճուն ձեւ մըն է, մարդկայինին բոլոր իրականութեամբը։ Կրելով հանդերձ մարմնայինին կնիքը, ճարտարապետութիւնը ուրուականը եղծումն իսկ է այդ ճարտարապետութեան է՛ թափանցիկ, դարձեալ մնալու չափ մարդկայինին երանգաւորման ծիրին։ Ինծի պատահած է տեսնել դէմքեր, որոնց միսէ կտաւը թափանցիկ էր, եգիպտական մեհեաններէ հանուած անֆոր ներուն մեղրագոյն մարմարէն, ուրկէ կարմիրը, կապոյտը կրնան անցնիլ արիւն ու նայուածք թելադրելու չափ։ Չեմ կրնար գործածել շոգեւոր առաձգականութիւնը, բացատրելու համար թեթեւութեան շատ յստակ տպաւորութիւնը, որ եկուորին ներքին հոսումն է, իմ զգայարանքներուս վրայ։ Չունի ուրուականին մշուշէ կարծրութիւնը, սրութիւնը, սառոյցը, բայց չի պատկանիր մեր ալ դրութիւններուն։ Կը հաստատեմ աւելին ալ։ Իմ մտածումը, զինքը վերլուծելու աշխատանքը այդ մարմինին վրայ, իբրեւ թեթեւ բաբախում կը քալեն իր վրայէն, եւ կ՚ունենան թեթեւ ալ վերլուծում, ինքզինքս ուրիշէ մը պատրած զգալէ։ Անոր գանկը չելլեր ու չիջներ անշուշտ, բայց իմ մտածումին հետ կը կարծեմ, թէ կը բացուի ու կը գոցուի։ Անոր դէմքը կը հետեւի իմ ներքին յուզումներու կարաւանին, հայելիի մը նման։ Անոր սիրտը, մա՛նաւանդ որ թեւէն կոտրած թռչունի մը կտուցին նման կը սեղմուի, կը թրթռայ ու պոռթկալու, բռնկելու տեղ կը չարչարուի։ Իմ բոլոր զգայարանքներս անոր մէջ կ՚ընեն անդրադարձ շարժումներ։ Այս ամէնը յստակ սակայն, զիս խռովելու չափ, միշտ կարելի սէնարիոյէն։ Ձեռքս գացած է սրտիս։ Խաղաղ գիշեր է։ Ու եկուորին ետեւէն, իբր անոր երկարաձգումները, ինծի կը թուի զգալ Պէրնանոսի սատանան, Տոսթոեւսկիի անորակելի խօսակիցը (Իվան Գարամազովին հետ սեղանի մը շուրջ)։

Մի կասկածիր ու մի վախնար:

Գիւղացի, սրտամօտ, խաղաղ ու պարզ է այս ձայնը, շրջելու չափ իմ մէջ յօրինուելու վրայ այլայլումը, որուն կտորները, տեսարանները, տրաման կ՚ապրիմ տարիներէ ի վեր։ Ո՞վ գիտէ ձեզմէ, որ « ընդմէջ երկուց աշխարհացը » տիրապէս իրական ապրում է Օշականին համար։

/378/ Ի՞նչ կարիք՝ մտածելու գիրքերու աշխարհէն, վարպետներու ուղեղէն դուրս ժայթքած ձեւերու, ուրուականներ, սատանաներ ենթադրելու, երբ դժուար չէ քեզի զիս հասկնալ, դաւանիլ քու սեպհական ջիղերովը, քեզի ձգուած սրտին բաժինովը, մա՛նաւանդ արիւնովդ, որուն վրայ հաւատքդ եղաւ այնքան ամուր, գրելը, ստեղծելը երբ փոխադրեցիր ջիղերու ցանցին, արեան վէտերուն, անոնց ներքին կերպարանքներուն, զարմացնելով շրջապատդ, որ գրականութիւնը պաշտօնը կը դաւանի ուղեղին։ Չէ՞ որ տեղ մը ըսած ես նորէն, թէ կը գրենք թոքերով։

Ո՞վ ես դուն, այսքան մօտէն ճանչնալու համար մեր գրականութեան անծանօթ աշխարհը ։

Oշականը։

Տեղն է կրկնելու, թէ գիշերը աւելի քան խաղաղ։ Հովը շատ թեթեւ, որպէսզի թեւ իսկ չունենայ, զայն կոտրտելու համար դէմի տան խորշոմահար պատին։ Աստղերը աստղ, այսինքն՝ սուտ ու փուտ բաներ, թերեւս սատափէ կոճակներ՝ երկինքին մեծ վարագոյրը գամուած պահելու համար մեծ անծանօթին երեսին։ Ու ելեքտրական լոյսին մէջ ինչպէս անգայտ, մարմաշային սուզում՝ լուսնին գունատ մետաքսը, առանց բանաստեղծական նազանքի, սանկ տեսակ մը արծաթ-ջուր, որ սողալու տեղ, պղպջար ու իջնալու տեղ վեր ելլէր։

Ալլահ ու էքպէր, Ալլահ ու էքպէր.

Դէմի տունէն։ Ողբը, կոյսերու բերանէն։ Հոգիին համար մարդուն, որ գիշեր մը առաջ ջուր ուզեց կնիկէն ու գաւաթը շրթներուն մնաց ծարաւ։ Բարի, սրտցաւ, երիտասարդ։ Ութը զաւակ, կինը, սֆինքսի հետ շփոթուող սպասուհի մը, որ լեզու ելած էր առտուն, դագաղին ետեւէն ըսելու համար այնքան սրտառուչ

Մաա սէլէմի, մաա սէլէմի ողջերթը։ Լման օրը ձայնը կ՚ապրէր իմ մէջը այդ քարի հետ շփոթուող ձեւէն։

Ու ո՜ղբը, որ կը կրկնուի, կը կրկնուի, կը կրկնուի, այնքան յուզիչ, այնքան իրաւ, որ ինծի կու գայ, թէ կը տեսնեմ մեռելը դարձած ետ, իր սանդուխները առնելու, իբր թէ բան մը չըլլար պատահած։ Ու մեռելը կը մտնէ ներս։ Դուռը կը գոցուի, անձայն, բայց իրաւ։ Այս զգայութիւնները, ողբին տաք ցաւը, մեռելին հետ մահուան հովը այնքան յստակ են, որ պաղ քրտինք մը կը բուսնի ճակտիս։ Վա՜խն է չորրորդ տիմանսիոնին։ Նորէ՞ն բաներ մը կը դառնան իմ գլխուն։

Մի վախնար, կ՚ըսէ եկուորը։

/379/ Ու կը տեսնեմ, որ իր մատը, նո՛ւրբ՝ երկարումին մէջ տարօրէն թեթեւ ու իմաստալից, կը բանայ ճամբան։ Տարիներ առաջ, հիւանդանոցին մէջ արաբական գիւղաքաղաքին։ Կու գայ իմ մտքի դաշտին անոր առաստաղը, ուր զարկեր եմ իմ մահիճը։ Բարձունքէն, մատուըներովս փաթթուած մահիճին երկաթներուն, որպէսզի վար չհոսի ինձմէ ինչ որ տակաւին կը զգամ, թէ կը մնայ, ոսկոր ու ապրում, սիրտ ու անոր խորշերուն թաքնուած անտուն կտորներ, սէր ու տառապանք, խաղաղութեան ծարաւ, բաժակ մը ջուրը, զոր ինծի կու տայ ֆէլլահ մը, բարի, զարմացկոտ, որ այդքան ցաւին, դեռ իմ բառերը կը պահեն մարդկայինին շեշտը։ Ու մատը կը բանայ կապոցը ժապաւէնին, ուրկէ կախարդական արագութեամբ, բայց անգերազանցելի յստակութեամբ՝ կը ցատկէ տեսարան այն ատենուան նաւորդը, ան ալ պարզ, իմ ձեւովս, թափանցիկ ու մարդկային։ Բացեր է առագաստը իր նաւակին, որ սիրուն է ու թեթեւ։ Առջին՝ կեանքին մեծ ծովը, որ այնքան պզտիկ թուեցաւ ինծի այն ատեն, կոնքէն ալ պզտիկ, կապտաւուն բաժակ մը պարապութեան լեռներու եզերքին։ Ան պիտի նետէր զիս իր նաւակը, թեթեւ, բարի, իրաւ։ Ու կու գային, ինչպէս ծանրութիւն չունեցող ձեւեր՝ իմ սիրելիները, հերոսները, կիրքերն ու մեղքերը, բոլոր պրիսմակէն անցնող բաներու կախարդական քաղցրութեամբը։ Ինկանք հովի բերնին ու բացուեցանք։

Ի՞նչ թանձրամիտ, մա՛նաւանդ յամառ գիւղացի մըն ես դուն։ Ըսի քեզի, թէ ով եմ ես։ Ըսի մա՛նաւանդ, որ չեմ անիկա, որ եկեր էր քեզ հանգիստին հանելու։ Որքան պարտքեր ունիս վճարելու, որքան մեղքեր՝ քաւելու։ Յիմար մը չէ անշուշտ անիկա, երբ ճամբայ իյնալէ վերջ քեզ դարձուց ետ։ Հաւանաբար շատ ծանր էր նաւակը ու քու կիրքերը չէին հոգիացած։

Իմ խօսակիցը խելացի ալ է։

Անշուշտ, գոնէ բեռներ պակաս կ՚ունենայիր հոգիիդ։ Ի՜նչ շահեցար, տառապանքը երկարաձգելէ զատ։ Քեզի ըսինք, որ մեռնիլը կ՚ապրին եւ ոչ թէ կը ծամծմեն, ինչպէս ըրիր մօրդ փորէն ինկած օրէն ասդին։ Ես Օշականն եմ, մահուան չհաւատացող, անոր անընդունակ, անոր համար տհաս Օշականը։

Սրտի կաթուածներուն ընտանի գլխապտո՞յտը։ Ինչ հարկ երկար վերլուծումի։ Անժուժելին, ահաւորը այդ ամենուն մէջ ա՛ն՝ որ կեանքէն դուրս գիտես դուն քեզ, բայց չես ազատագրուած անկէ։ Մարմինդ թեթեւ է, առաստաղին փակած մնալու չափ, բայց քու սրտիդ բոլոր մեծ ձայները կը քաշեն քեզ դէպի վար։

/380/ Անսրբագրելի կերպով դժբախտ մը, մարդ ըլլալու անկարող գրագէտ մը…

Կ՚ըսէ մարդը ու կը հասկնամ իր հեգնութիւնը, բոլոր վիճակները, աշխարհին բոլոր ապրումները գրականութեան համար շահագործող յիմարը…

Ալլահ ու էքպէր, Ալլահ ու էքպէր.

Այո՛, բայց յետո՞յ։ Ինչո՞ւ չեմ ըսեր մարդուն, որ նստի։

Ի՜նչ կարիք նստելու։

Ախտաբանական հոգեբանութեան դասախօս մը պիտի ուրախանար, այնքան յստակութեան վրայ հոգեղէն կեանքին, սա փաստին մէջը։ Ոչ մէկ կասկած, որ իմ դէմինը ինձմէ բխած երկրորդ մըն է։ Ու այդ երկրորդը հաղորդ է առաջինին։

Քալե՞լ։

Ինչ կարիք քալելու։

Ի՛նչ կ՚ուզես, սակայն։ Ինչո՞ւ ես եկեր։

Ըսի, թէ Օշականն եմ։

Գիտեմ։

Բայց չըսի, թէ հեքիաթին Օշականն եմ։

Տարբե՞ր են որ այդ մարդիկը։

Չգիտնայիր։ Ո՛չ միայն տարբեր, այլեւ՝ երբեմն հերքումը իրարու։ Ես հեքիաթին Օշականն եմ։ Եկեր եմ քեզմէ խնդրելու, որ գթաս ինծի, վերջ մը տալով իմ շատ դժուար, տառապագին սա կեանքին։

Չուա՞ն, հրացա՞ն թէ սիանիւռ տը փոթաս կամ քլորիւր տը մերքիւր պիտի ուզէիր, տղաս։ Իրա՛ւ որ ցաւալի մէկն ես։

Կատակը մէկդի։ Դուն լուրջ մարդ մըն ես ու քաշքշուքը չվայելեց քեզի։ Մահուան վրայ չեն խնդար։ Գիտեմ, որ տարիներով այդ կախարդական հարցերը պահեցիր ծոցիդ։ Բայց Երուսաղէմը Պոլիս չէ ու թուրք ոստիկանութիւնը իր մեղքը պիտի չքաւէ քեզ ողջ թաղած ըլլալու։

Անգութ ես, որքան ամբարտաւան։

Ինծի ոչ մէկ որակում տուր, քանի որ քեզի կ՚ըլլաս տուած։ Ածականներով մարդ յօրինելը գրագէտներուն մոլութիւնն է։ Եկեր եմ քեզի լուրջ խնդրանքով։ Ու դուն չես տառապիր իմ արդար պահանջին դէմ հանելու ծաղրը, որ չի վայելեր քեզի, զոր չես փորձած կեանքիդ ընթացքին ոչ ոքի վրայ։ Հաւաքուէ լրջութեանդ մէջ։ Ես մահը չեմ։ Խօսինք։ Քաշուեր ես առանձնութեանդ կախարդական բոլորակին մէջ, ոսկեզօծելու համար հոյակապ, անսրբագրելի /381/ լքումդ, փակեր՝ քեզ հանող բոլոր ճամբաները, աշտարակային մարդու անընդունակութիւնը վերածելու համար մտածման քրմութեան, կուրցուցեր՝ դէպի քեզ ու քեզմէ դուրս բոլոր անցքերը, լուսամուտները, խաւարին ու լռութեան հինցած մարզանքը նորոգելով, որպէսզի միամիտները տպաւորես։

Սուտ կը խօսիս, պարոն հեքիաթ։

Զիս մի ընդմիջեր, ի՛նչ որ կ՚ելլէ իմ բերանէն, ընդունելու ես բացարձակ վստահութեամբ մը։ Ի վերջոյ, այս քառորդ դար է, իմ ոսկորներն իսկ կշտացան այս մեղադրանքներէն։ Իմ քեզի բերած բոլոր դառնութիւնները ապրեր եմ իմ հաշւոյն, քեզմէ աւելի ծանր չափերով, վասնզի զուրկ եմ քու պաշտպանութեանդ միջոցներէն։ Առնուազն կը լռես ու կը հեռանաս, ոտքիդ փոշիները թօթուելով։ Ե՞ս։ Ստիպուած եմ կենալ կրկէսին կեդրոնը, ընդունիլ քարերը ու դիմանալ նախատինքին, նահատակութեան։ Յետոյ, կը փորձես այդ նահանջով, խուսափումով խաբել աշխարհը, կեղծելով անտարբերութիւն, դերելով հանճարութիւն։

Ուրկէ՞ կը հանես այս բոլորը։ Մեր գրականութիւնը մէկ հանճար ունի ու ատոր մունետիկը ինքը ըլլալու մէջ այդ մարդը դրած է բոլոր իր կարողութիւնները կրկէս։

Բայց քու ընկերդ է։

Իրա՛ւ որ յստակ չի գործեր միտքդ։ Գոնէ ինչո՞ւ չես նետեր ամենուն հասողութեան կեանքը, որուն ժապաւէնները կը հաւաքես այնքան ատենէ ի վեր։ Ճգնաւորն ու հանճարութիւնը ի՞նչպէս կը հաշտեցնեն մարդիկ։

Ծաղրին մէջ բոլոր վերագրումները կը կենդանանան, կ՚ազնուանան։ Ճգնաւորութիւնը կը թարգմանեն պայքարէ, պարտքէ փախուստ։

Հանճարութի՞ւնը։

Փուչ–պսակին պէս, քեզ ծաղրելու մէջ դնելով իրենց միամիտ երջանկութիւնն ալ։ Ի վերջոյ, Սփիւռքը քու գիւղդ չըլլալէն զատ՝ գիւղն ալ չէ, որպէսզի գրածդ արձագանք գտնէր հոն։

Բայց ո՞վ ըսաւ, թէ պայքարէն փախած ըլլամ։

Պայքարը մարդիկ կը հասկնան թերթի սիւնակներուն մէջ, կուսակցական համագումարներու մէջ, սանկ թեմական, քաղաքական ժողովներու ներսը։ Ինչո՞ւ կը կը փակուիս խեղճ ու կրակ վարժապետի շապիկիդ մէջը ու կը թողուս որ խօսին, կոտրեն, ջարդէն քու այգիիդ մէջ տղաք, որոնց խելքը իրենց կօշիկներէն դեռ չէ ազատագրուած։ Ինչո՞ւ չես պատասխաներ հայհուչներուն, զրպար/382/տանքին, անհեթեթ վերագրումներուն, բոլորն ալ մեր գրականութեան զանազան խմբակներէն հասցէագրուած քեզի, բոլորն ալ իւղոտ ու առատ, շքեղ ու արձակ, առանց արուեստի, առանց թիւրիմացութեան պատրուակ իսկ ձգելու քեզի։ Քու անճարակ հպարտութիւնդ վարագուրելու նոյնքան անճարակ միջոց մը, ըստ այդ պարոններուն, քու ինքնամոռաց ու ինքնակորոյս տարփանքը՝ հանդէպ քու գործիդ, որ, իր կարգին, կ՚ազդուի քու մեղքերէդ, թէեւ մարդիկ, ի յառաջագունէ արդէն կշռած են քեզմէ գալիք որեւէ գործին արժէքը ու պատրաստ ունին, գրպաններուն խորը, այդ խաղաղ վճիռները դատապարտութեան։

Ատիկա գիտնալէդ վերջը, ալ ի՞նչ կարիք զիս նեղը դնելու, պարոն հեքիաթ։

Բայց մարդ չի կրնար հանդուրժել, որ երէկի տղան, չափահաս վարժապետը, ծերացած լրագրողը իրարու հետ մրցումի ելլեն քեզ կործանելու։

Հեքիա՞թը։

Ձգեր ես ան ալ աշխարհի թուքին ու մուրին։ Աժեմն ու չաժեմը քու մեղքերուդ վրայ Կիկերոն կը դառնան։

Ու դուն կը տառապի՞ս։

Կը ճաթիմ, պարզապէս։

Ի՞մ հաշւոյս։

Տղայ չեմ։ Գիտեմ, որ ծով մը նախատինք մինչեւ կրունկներդ հասնի, կը չորնայ քու անտարբերութեանդ դիմաց։ Բայց հեքիաթը մարդը չէ։

Ուրեմն ենթակայ մարդոց ճակատագրին։

Ան ալ քեզի պէս մէկո՜ւ մը հեքիաթը։ Ինքզինքը չպաշտպանելը եթէ փախուստ չէ պայքարէ, է՛ մեծամտութիւն մը, շրջուած ու տղայական, մա՛նաւանդ երբ վերածուի լուռ, աննահանջ նահատակութեան։

Չե՞ս գորովիր:

Ի՞նչ կու գայ իմ ձեռքէն։ Որքա՞ն դիւրին, աշխատանքդ կործանելու համար, անձէդ առաջ յարձակիլ այդ աշխատանքին իսկ վրայ։ Ատիկա է, որ կ՚ընեն ահա մարդիկ, քառորդ դարէ ի վեր։ Ո՞ր օրիդ կը սպասես, գոնէ գործդ պաշտպանելու։ Ես գիտեմ, որ քեզմէ տպուած ամէն մէկ էջի մէջ առնուազն քսան վրիպակ կը դաւակցին հակառակորդներուդ, գրածներդ անհասկնալի, սխալ, յիմարական դասելու արարքը փաստացի կշռելով։ Ու չեղաւ օր մը, որ ընես սրբագրում։ Մարդիկ հարկաւ կը հայհոյեն, երբ չեն հասկնար։ Յե/383/տոյ, քեզ կ՚որակեն էշ, շոշորթ, դիւահար, խենթ, ապուշ, անբարոյ, անբան դուրսը մնա՞ց տակաւին այս անուշիկ որակականներէն ու դուն գլուխդ հողին թաղելով, կը կարծես չէզոքացնել այս ածականներուն վեհափառութիւնը։ Հալածանքին միակտուր, մեծատարած հանգամանքը, զայն գործադրող խուժանին ամէն խաւերէ ուռեցած ըլլալը՝ ուրիշ ողբերգութիւն։ Ո՛ւր որ մտնեմ, հոն են այդ մունետիկները, դատախազները, դատաւորները, ոստիկանները, մեծանուն, ազգային գրագէտներէն մինչեւ դպրոցը նոր ձգած սագուկները, որոնք իրարու կը դաշնաւորեն իրենց փորձառութիւնն ու խանդը։ Դուն ինձմէ լաւ գիտես։

Ի՞նչպէս լաւ գիտնամ, երբ չեմ կարդար։

Չեն հաւատար։ Ու այդ խոստովանութիւնդ ալ կը վերածեն ժխտական արժանիքներուդ։ Ելիր մէջտեղ։

Ի՞նչ ընելու։

Տալու չափը իրենց բերաններուն։ Չունենայիր ուժը այդ ամբոխը կարկելու, պիտի չցաւէի այս աստիճան։

Ո՛չ լեռն ենք, ոչ ալ գրուանի տակ։ Կը խօսիմ ու կը գրեմ։

Ո՛չ քու ուզած տեղդ, ժամանակդ։ Անոնց թերթերուն, բեմերուն։ Անոնց վերագրումները բզիկ-բզիկ ընելու։ Քրմապետի լրջութեամբ, գլուխդ սէգ, բայց աչքերդ հեռուն, կ՚անցնիս կարաւանին առջեւէն ու չես դառնար ետ, խեղճ հեքիաթդ ազատելու փղշտացիներուն նետերէն, նիզակներէն։

Քեզմէ ի՞նչ կ՚ուզեն։

Ի՛նչ որ կ՚ուզեն քեզմէ։

Ի՞նչ, սակայն։

Շատ պարզ, շատ պարզ, չափազանց պարզ բան մը, գովէ՛ զիրենք ու այդ խուժանը քեզի համար դափնիներ պիտի քաշէ ձեռքէ ձեռք։ Կը հասկնաս։

Բայց ի՞նչ կայ ատկէ դիւրին, մա՛նաւանդ աժան։

Այն ատեն ինչո՞ւ գիւղացիի յամառութեամբ կը շարունակես զլանալ իրենց ինչ որ կ՚ուզեն։ Ողողէ հրապարակը։ Գովէ, աստուածացուր։ Ո՛րը մեր գրական քննադատներէն ըրաւ քու յիմարութիւնդ։ Ամէն յանգաբան, լրագրող, վարժապետ, դպրոցաւարտ պնակները բռնած կը սպասեն սրբազան մանանային ու դուն, փոխանակ իրենց ուզածը տալու իրենց, օձ ու կարիճ, թոյն ու դաշոյն կը դնես անոնց մէջ։ Հարկաւ պիտի դաշնակցին քեզի դէմ։ Հարկաւ պիտի կատղին, պիտի կործանեն քեզ ալ, հեքիաթդ ալ։ Գովելը, շողոքորթելը սկիզբն է գրականութեան։

/384/ Դո՞ւն ալ դասատու։

Քեզի պէս յամառ աշակերտին։

Բայց չկա՞ն մարդեր, որ չգովեն ու մեծարուին։

Գրեթէ։

Լաւ չեն աչքերդ։

Կը հասկնամ ակնարկութիւնդ։ Այդ մարդերը թուղթի վրայ, թերթի մէջ, բեմէն, խօսակցութեան շրջանակի մը չեն գովեր, բայց քեզի պէս չեն ալ արհամարհեր, մտքէն անցածը իրենց բերնէն դուրս թափեր։ Անոնք գտած են կերպը ոչ ոք ցաւցնելու։ Կը խնդան ամենուն, անշուշտ քիչ մըն ալ քթին։ Ասոնք մի բաղդատեր քու հաստաթաղանթ անկեղծութեանդ հետ։ Անոնք, երբ մեծ խելքի ասպետներ իսկ, պիտի չխզեն իրենց ասպետական լռութիւնը, ողիմպիական անզգածութիւնը նոյնիսկ հո՛ն՝ ուր անկանգնելի խիկար մը իր սիրամարգութիւնը կը բեմադրէ եւ կը փնտռէ լռին հաճութիւնը ասպետներուն։ Այսպէս է այս աշխարհին կարգը։ Պիտի գովես։ Ասոր անընդունակ ըլլալու պարագայիդ պիտի շրջես վտանգին շրջանը, լռելով՝ որ դարձեալ գովեստ կը նշանակէ, անկէ աւելի արժանաւորութեամբ։ Խնդա՛յ, յօնքերով ըրէ զիջում, ոչինչ ըսէ, երբ կը դիմեն կարծիքիդ կամ ըսէ բան մը, որ կիներուն հարցուկները ուրախացնէ ու մարդերը դնէ երազանքի։ Ի՜նչ շահ, ինքզինքը պատռտելէն։ Ինչո՞ւդ էր պէտք ըսելը, մեռելները գովելը, որոնցմէ ոչ մէկ շահ, ողջերը քարկոծելու արարքը անկարող դիմակալելու։ Դո՞ւն մնացիր ծուռ գեղին շիտակ տէրտէրը։ Ի՜նչ գիւղացիի հեշտանք էր քուկդ, երբ կացինը շալակդ, տրեխներովդ հպարտ ու ամբարտաւան մուտք ըրիր պոլսեցիներուն, այսինքն՝ գերազանց քաղաքին գրական բուրաստաններէն ներս, նման մէկու մը, որ կ՚աւրէ։ Ի՜նչ գայթակղութիւն էր այդ երեւումը այդ կանոնի, սուտ ու փուտ ծաղիկներու, հիւծախտաւոր ածուներու լուսնազօծ քաղցրութեանց մէջ։ Մարդիկ կ՚ապշէին, որ առանց վարանքի, հինաւուրց մեծահամբաւ ծառեր, անխնայ կը տապալէիր ու կը հարցնէին իրարու՝ «ո՞վ է սա ասպատակը»։

Մինակ տապալեցի՞։

Օ՜, գիտեմ։ Բայց «ինչ արած» կ՚ըսեն քու բարեկամներդ։ Մարդիկ իրենց միտքը կը պահեն, անշուշտ իրենց հաշիւներուն հպատակ, ինչ որ կ՚ուզեն եւ ոչ թէ ինչ որ կը տեսնեն։ Դուն կը յաւակնիս հոգեբան ըլլալ, այսինքն՝ չհաւատալ բառերու, որոնք միւռոնոտ ու կեղծ, կը շրջագային դարէ դար, օր մը անշուշտ ապրած, բայց շատ շուտ մեռած ու գերեզման իսկ չընդունած, ինչպէս են արդարութիւն, իրաւունք, քաղաքակրթութիւն ոսկեզօծ դիակները աչքիդ առջեւ։ Ու /385/ գիտնալու ես, աւելի խոնարհ բաներու կարգին, իրողութիւնը չի փոխուիր։ Քու տապալած փառքերը անշուշտ ողջ դիակներ էին, բայց տապալելու արարքն էր, որ ստեղծեց զայրոյթ։ Ու չտեսան, թէ ի՜նչ սրտագին խանդավառութեամբ դուն այդ բուրաստանէն ներս իրաւ, արդար փառքեր բացիր իրենց աչուըներուն, մոռցուած, ուրացուած, արհամարհուած գեղեցկութիւններ պարտադրելով անոնց գորովին ու հիացման։ Բայց ասիկա չի պատկանիր քննադատութեան, որ, բառին իսկ թելադրանքովը, պիտի կործանէ։ Ահա թէ ինչպէս վարուեցար շրջապատիդ հետ։ Քու բարեկամներուդ կը հաւատայիր նման ամէն գիւղացիի ու գործի ընկերներդ կը հանդուրժէիր իրենց տրտում, նանրախնդիր կամ այլապէս երազանուէր, անգործնական իրենց խառնուածքները հաշտեցնելով Հին Ուխտի մարգարէի մը չափ բիրտ, միակտուր, անխառն ու կատաղի զայրոյթիդ հետ։ Տեսար, որ մինակ էիր։ Տեսար, որ կը մատնուէիր քիչ–քիչ ու միշտ յիմարի մը պէս ձեռնարկեցիր քու «աշխարհդ», քու «կայսրութիւնդ» ստեղծելու, չկասկածելով, որ ատոր բնակիչները պիտի ըլլային նոյն մարդերը։ Ու յօրինեցիր զիս, քու թշուառական զաւակը, որ կը կրէ բոլոր հարուածներուդ անդրադարձ հետքերը իր մարմինին վրայ։ Դժուար էր քեզ ձեռք ձգել, վասնզի չէիր երեւար ոչ մէկ հանդէսի, ոչ մէկ ներկայացման, ոչ մէկ սրահի։ Եղար մա՛նաւանդ յիմարէն անդին թշուառական մը՝ կիները քու դէմդ հանելով, երբ անոնց զլացար դարպասին տուրքը ու անցար աւելի անասելի մեղքերու, անոնց գրականութիւնը, ունայնութիւնը, հոգեկան չարութիւնը, իմացական ստերջութիւնը տալով իրենց երեսին։ Կը տեսնես, թէ որքան արժանի ըրած ես ինքզինքդ, քու բառովդ՝ «քու ողբերգութեան»։ Բայց չես ալ մտածեր քու պատասխանատուութեանդ, մա՛նաւանդ իմ ճակատագրիս մէջ։ Հակառակ անոր, որ կու գանք իրարմէ, կը թուինք կրկնել զիրար, տարօրինակ չէ՞, որ իրար հարուածենք, հիմա նոյնիսկ, օտարներու դէմ գործադրելի միջոցներով։ Անգթութիւն, անաստուածութիւն չէ՞ զիս ձգել հասարակաց քամահրանքին, ծաղրին, բամբասանքի կաթսային։ Դուն չես ուրանար քու գործդ, ոչ անշուշտ փառասէր ու նանրամիտ մարդու այլուրութիւն մը չներելուդ համար այդ գործիդ դէմ։ Բայց լքեր ես ահա շուքդ։ Ո՛ւր որ մուտք գործեմ, զիս կը գտնեմ պաշարուած՝ ներելի ու աններելի ամբաստանութիւններով։ Ի՜նչ դժնդակ ճակատագիր սակայն։ Որքա՜ն պիտի ուզէի ուրիշի մը հեքիաթը ըլլալ, եթէ գրուած է, որ հեքիաթ մը սահմանուած եմ ապրելու։

Օրինա՛ կ։

/386/ Օրինա՞կ։ Պէշիկթաշլեան, Թերզեան, Պէրպէրեան, Եղիա ու նոյնիսկ քու չհաւնած Չրաքեան անուններով ոսկեճամուկ, ամենապատիւ ու սրբազան հեքիաթներէն մէկը։

Ի՞նչ պիտի ըլլար շահդ, խեղճ տղաս։ Չե՞ս իմացած, որ քու յիշած հեքիաթներէն գոյնը թափած է արդէն… 

Իմ ինչուս պէտք փոշին։ Սանկ շէնք–շնորհք, քառորդ դար մը ու աւելի այդ հեքիաթները ապրած են ու լիուլի վայելած իրենց արձանային փառքը։ Մարդիկ ո՛չ միայն խունկով, մոմով, ծանրագին շուրջառներով ու մեծաղաղակ ովսաննաներով թափօրեցին անոնց ողջութիւնը, այլեւ օրհնութեամբ, հպարտութեամբ, երախտագիտութեան սրտառուչ սաղմոսներով կատարեցին անոնց քառասունքները, տարեդարձ, հոգեհանգիստ հանդէսները, անցուցին անոնց անունները, տօնելի սուրբերու կարգին ու անոնց գերեզմանները վերածեցին ուխտավայրի։ Ի՞նչ լաւ օրեր ապրեցուցիր ինծի, մտածէ անգամ մը։ Քանի ինքզինքս գիտեմ, հայհոյութիւն ու հալածանք կը հաստատեմ իմ հետքերուս, դժնդակ հաւատարմութեամբ մը։ Գիրքեր կը յորդին՝ ինծի դէմ արձանագրուած մեղադրանքներուն գումարովը։

Կրնա՞մ գիտնալ, թէ ինչ մեղքերով կը դատապարտեն քեզ, ա՛յ իմ թշուառական հեքիաթս։

Լուրջ եղիր։ Ըսի անգամ մը՝ ծաղրը չի վայելեր բերնիդ։ Գործնական գիւղացի մըն ես։ Մտածէ դարմանին, սա առեղծուած-ողբերգութիւնը լուծող։

Ինչպէ՞ս։

Ինծի կը հարցնես։ Մարդո՛ւ պէս։ Պատասխանելով, պարտ ու պատշաճ, երբ քու առջեւդ փռեմ մէկ քանի կարեւոր մեղադրանքներ։

Կարճ պիտի ըլլա՞ս։

Որքա՜ն տարօրինակ մէկն ես։ Ուրիշներէ, նոյնիսկ հեքիաթներէ կը պահանջես, որ ըլլան կարճ, երբ ինքդ ժամանակին, երկարութեան զգացումը կ՚ուրանաս, երբ կը մտնես գործի մը մէջ։

Անխելք ես, պարոն հեքիաթ։ Չէ՞ որ Օշական մեղաւոր է խիտ, կարճ, մէկ բառով նախադասութիւն գրելու մեղքերով։ Վերջակէտի վաճառական, վանկով մը տող կազմող աճպարար։ Ասոնք լսած ես հարկաւ։

Մէկ երեսն է ասիկա մեղքերուդ։ Ինչո՞ւ չես յիշեր հարիւրաւոր էջերը, որոնք կը դառնան ու կը դառնան, ահաւոր յուսահատութեան մատնելով ընթերցողը, առանց նոր տողի, առանց գլուխի, մա՛նաւանդ առանց պարունակութեան ալ փոփոխումին։ Պզտիկ փաս/387/տեր չեն ասոնք ալ քու հակառակորդներուդ տոսիէ ին մէջ։ Ի՜նչ կը նշանակէ մարդ մը դաշտ ղրկել ու այդ մարդուն տուն դարձը մինչեւ հարիւրի մօտ էջեր գրաւող ապրումներ նետել թուղթին։ Բայց իրարու հետ կռիւէն ոչ մէկ շահ։ Դուն ալ կ՚ատես վիճաբանութիւնը։ Կարճ պիտի ըլլամ։ Բայց կ՚ուզեմ, որ պատասխանես պարզ, յստակ, «մեկին» բառերով, ինչպէս կ՚ըսէին քառորդ դար առաջ, թէ ինչ կ՚ուզես քեզ կանխողներէն, քու ընկերներէդ, քու յաջորդներէդ ։ Շատ յստակ է հարցը։ Վաստակաւոր մեծ անունները ըրիր ծաղրի առարկայ, քեզ կանխողներէն, քեզ մտիկ ընողներուն մէջ անոնց հանդէպ մշակելով ապերախտ զգացումներ, անոնց մատաղ հոգիներէն ներս նետելով լիաբուռն սերմերը քու ամբարտաւանութեանդ։ Այս մէկ։ Ի՞նչ կ՚ուզես քեզի հետ աշխատողներէն, պայքարի ընկերներէդ, երբ այնքան անգութ չափեր կը գործածես զանոնք կշռելու մէջ, քմայքին ակնոցներով, ուզածդ եօթը երկինք բարձրացնելով, չուզածդ ալ հարթայատակ փոշիացնելով։ Կը մեծցնեն փաստը քու հիացումներուդ, որոնք ժամանակին հետ կը շրջուին, ըլլալու համար դաժան, վիրալից պարսաւ։ 1914ին արժէքաւոր գրող մը, 1944ին չի կրնար անտաղանդ մուրացկան մը ըլլալ փառքի, կ՚իմանա՞ս։ Յետոյ ինչ կ՚ուզես մա՛նաւանդ քեզմէ վերջ եկողներէն, երբ անոնց արժանիքներն ու թերութիւնները կ՚աճեցնես կամ կ՚ուրանաս, ամբարիշտ ու անզգած, քաջալերի տեղ կործանելով անոնց վախկոտ թռիչքները, ծաղրելով անոնց յանդուգն սլացքները հաւասար մոլեռանդութեամբ մը, ուրանալով, նախանձաբեկ, չոր, ինքնապաշտ ու ճիղճ քու հոգեբանութեամբդ, այդ մատղշուկ տղոց տաղանդները։ Ահա, հարիւրներու մէջէն, քանի մը կարկառուն, տիրական, ամենէն վաւերացուած մեղքերդ։ Այս վերագրումները, անշուշտ լաւատեղեակ ես, պաշտպանուած են մեր մտաւորականութեան բոլոր խաւերուն ստորագրութեամբը, կնիքներովը։ Հինն ու միջակը երկու կարծիք չունին այս մասին։ Բայց անոր տիրական փաստը տուին քու իսկ հասցուցած տղաքը, որոնց առաջին գործը պիտի ըլլար քեզի դիմել, պահանջելու համար իրենց կոչումին վաւերացումը ու մերժումի պարագայիդ, առաջին իսկ առիթով, թուղթ մը գտնէին իրենց տրամադրութեան տակ, դարձնել քու ռազմավարութիւնդ, զէնքերդ, խառնուածքիդ կարողութիւնը ընդդէմ քեզի, ու դժնդակ հեգնութեամբ մը քու միջոցները գործածելու քեզ հարթելու։

Այս ամէնը, այսքան լաւ գիտնալէ վերջ, ալ ինչո՞ւ սա անպատեհ այցելութիւնը։

Բայց աշխարհ է աս։ Մեր ո՛ր բանը շիտակ է հոս, որպէսզի /388/ ըլլայ շիտակ սլաքը մեր մտածողութեան։ Դիւրին չէ այսքան աղաղակող հակասութիւններ մարսել։ Քու հին հակառակորդներդ հասկնալի են։ Չգովեցիր։ Նորե՞րը։

Բայց ինչո՞ւ չես մտածեր, որ նոյնն ու մէկ է պարագան։

Այսի՞նքն։

Թէ այդ հարթողները, այդ արարքէն առաջ գրած են Օշականին ամենէն շքեղ գովասանքները։

Ատոր տարակոյսը չունիմ։

Թէ այդ թուղթերը երբ դրուին հրապարակ, պիտի ըսէին շատ տրտմութիւններ…

Ատիկա նանրամտութիւն միայն պիտի նշանակէր քու հասցէիդ, բայց պիտի չհերքէր փաստը, փառաւոր, իմաստալից քու ձեռնասուններէդ հայթայթուած քու հակառակորդներուդ։ «Oշականին դպրո՜ցը», «Օշականին քլիքը», «Օշականին լակոտները» օրակարգ կազմեցին մեր գրականութեան մէջ։ Ասոնք չեն հերքուիր, ինչպէս չի հերքուիր այդ լակոտութեան իրաւունքը, ամենէն առաջ այդ լակոտներուն, քանի որ արար աշխարհ գիտէ, որ դուն դրիր անոնց բերնին այդ լրբենի լեզուն ու թոյն կաթող գրիչը՝ անոնց ձեռքին։

Հետաքրքրուա՞ծ ես, թէ Օշականը հարթողները որոնց կը մատուցանեն մերժուած իրենց խունկն ու մեծարանքը։

Այդ փոքրութիւններով զբաղիլն իսկ չի ներուիր քեզի, որ ճանչցուած ես քու սառնութեամբդ, պարսաւի հանդէպ ախտազերծութեամբդ ու գովեստէ դուրս մնալ կրնալու քիչ մը դժուար հաւասարակշռութեամբդ։ Յետոյ անոնց խունկն ու մոմը, իրենց կիսաստուածներուն հասցէին, մեր տագնապին մէջ պիտի ըլլար զուրկ որեւէ իմաստէ։ Կտրուկ, կը մերժեմ քեզմէ ամէն փորձ այդ տղոց հոգեվիճակը վերլուծելու իրողութիւններէ յորդող ընդհանրութիւններով, բացատրել անոնց ամբարտաւանութիւնը «վերջալուսային» (աստուածներու, արեւմուտքի եւ որ, ի կարգին՝ ուրիշ օրակարգերու) հոգեբանութեամբ։ Ըսել, թէ այդ տղաքը կը հարթեն ամէն բան, որ իրենցմէ չի գար, ու ատոնց կարգին՝ իրենց ուսուցիչը, փաստ մը չէ Սփիւռքի իմացական բարեխառնութեան, քանի որ ամէն սերունդ ուրիշ ճամբէ չիջներ կրկէս։ Դուն մոռցար քու շռնդալից ուրացումներդ։ Այդ տղաքը ունին իրենց պաշտած վարպետները քու, ինչպէս քեզ կանխողներու սերունդներէն։ Անոնք ի՜նչ մեծարանքով, ի՜նչ փարթամ տիտղոսներով վերտառուած գտան իրենց դպրոցականի շարադրութիւնները հնօրեայ ու մեծահռչակ հանդէսներու մէջ, երբ խակ–խակ բաղդատուեցան մեր ամենէն վաստակաւոր գրողներուն /389/ հետ։ Անոնք այդ գնահատումին համար իրենց վճարածը կրնային անգիտանալ։ Անոնք մտքի հսկաներ տեսան, գտան, աղաղակեցին քու ընկերներուդ մէջ, քեզ խորապէս անարգելու համար անշուշտ։ Անոնք քեզ իշական որակողին հանդէսին մէջ ստորագրեցին անմահ գլուխ–գործոցներ, եթէ սուտ չեն այդ առթիւ ըսուած դրուատիքները։ Ասոնք չես կրնար ուրանալ։

Իրաւ որ շահեկան մէկն ես, պարոն հեքիաթ։ Կարճ տողերով աշխարհ մը խնդիրներ յուզելը ամենուն տրուած չարագործութիւն մը չէ։

Քեզմէ անշուշտ, պարոն գրագէտ։ Ի վերջոյ, անպատւութիւն պիտի ըլլար գիւղացիի իմ ծագումս մոռնալ։ Բայց ես խօսք տուի կարճ ըլլալու։ Դուն ալ, քու կարգիդ, կը հրաւիրուիս պարկեշտ ըլլալու, պատասխաններդ ընելու կտրուկ, մեկին, «անստերիւր», ինչպէս պիտի գրէին 1860ին։ Պիտի ըսես, թէ ի՞նչ ունիս առնելիք ու տալիք մեր երէցներէն, որոնց մէջ աւելի քան կէս դար մեր հրապարակը ողջունեց սուրբ, արդար, մեծատարած համբաւներ, ու ըստ այնմ արժեւորեց իր երախտագիտութիւնը։ 1900ին մեր ժողովուրդը շռայլ էր յոբելեաններով անոնց փառքին, որոնց դուք այսօր տկլոր տիտղոս մը իսկ զիջելու մէջ կը պարզես խորաբիբ դառնութիւն, չկամութիւն։

Որո՞նք, այդ համբաւները։

Ինծի կը հարցնես։ « Համապատկեր »ը բրածոներն իսկ փորձեց արժեւորել սակայն, երբ կ՚ըսես ինծի, չեմ խորհիր, որ ապացոյցը տուած կ՚ըլլաս հողմաղացային հոգեբանութեան։

Կը պոռան, որ փոխա՞ծ եմ արժէքներու չափանիշերը։

Աելի՛ն. կը յայտարարեն, որ դարձած ես « ի լոյս աստուածգիտութեան », վերջին գիրքիդ մէջ Հայ գրականութիւն ») կարդալով մեղմ գնահատումներ, թաքուն ամբաստանութիւն մըն ալ հեռուէ հեռու պատրաստելու համար այդ ճոխ հաւաքածոյին քու մեղքերուդ։

Թքածդ լզելու պղտոր, գէջ զիջումով քեզ աստիճան մը աւելի ստորնացնելու նպատակով։

Դարձիր փաստերուդ։ Կուշտ եմ աժան, հասարակաց, գորտակառոյց պարսաւէն, հիացումէն, իմաստ/ակ/ութենէն։ Փաստ ու անուն։ Կարճ ու կտրուկ։

Լաւ։ Կու տամ անունը սրբազնասուրբ աշխատաւորին, որուն ազգովին շնորհաբաշխուած տիտղոսներն ու դափնիները, կէսէ աւելի դարով նուիրականացած եւ խորհրդանշանի բարձրացած փառ/390/քը կ՚ուրանաս սառնասիրտ պարզութեամբ, անկշիռ, իր օրը ապրած ու անկէ ոչ-առաւելեալ, ստուերի մը վերածելով մարդ մը, որուն քերթուածները, պատմուածքները, բանասիրական վաստակը մեր նորազարթ մտաւորականութեան սնունդը եղաւ աւելի քան յիսուն տարի։ Քեզմէ աւելի անհաւասարակշիռ, քեզմէ աւելի եսակեդրոն, եսակուռ Չրաքեանն անգամ չվարանեցաւ զայն հանդիսաւորապէս « անհունն Ալիշան » հռչակելէ, մինչ մեծավաստակ, ծերունազարդ ուրիշ բանասէր-քննադատ մը, Մխիթարայ տունէն, զայն կը յայտարարէր « եզակի քերթող »։

Ուրի՞շ։

Բայց մազերուդ թիւէն շատ են յանցանքներդ, «իբրեւ զաւազ առ ափն ծովու»։ Քուկդ է կարգը այս վերագրումները իրենց լուծումին տանելու։ Չէր կրնար հսկայ կեղծաւոր մը ըլլալ Չրաքեան։

Կեղծաւոր մը չէր, այլ՝ ուղիղ յիմար մը։

Քեզի՞ պէս։

Երանի ինծի պէս։ Բայց այդ յիմարութիւնը կ՚անուանուի ուրիշները, միամիտները զարմացնելու խաչագողութիւն։ 1910ին Ալիշանը անհունն է իբր գիրքերու հեղինակ, բայց նոյնքան անհուն մեռել մըն է իբրեւ ներշնչարան։ Չրաքեան իր սերունդին իրաւ անունները չհանդուրժելու իր սնապարծ նախանձը կը պարտկէ, հաւնելով ուրիշ սերունդի մը թանգարանեալ համբաւները։ Ասիկա մեր լեզուով կը թարգմանուի հետքը կորսնցնել։ Մեծ անուններ են իր սերունդին իրաւ փառքերը։ Բայց զանոնք անգոսնելու լաւագոյն կերպը անիկա գտած եղաւ լռելով անոնց մասին եւ իր հիացումները բանաձեւելով մարդոց մասին, որոնցմէ 1910ին անկարելի էր քերթուած մը, արձակ մը աւարտել։ Այնպէս որ, զիս մի ստիպեր հոս ինքզինքս կրկնելու։ Ես այդ ամէնը ըսեր եմ « Համապատկեր »ին մէջ, իրենց տեղերը։ Գնա՛ հոն, ուզածդ պիտի գտնես աւելի քան առատ։

Ես չունիմ ժամանակ հազարաւոր էջեր կարդալու, մարդ Աստուծոյ։ Ի վերջոյ, տիեզերական պատմութիւն չէ գրածդ։ Եղածը-չեղածը հարիւր տարուան կեանքի մը ու յիսունի մօտ աշխատաւորներու արձանագրութիւն մըն է։ Ինչո՞ւ չես յիշեր, որ դարը արագութեան, համառօտութեան էրզաց ի դար է։ Ի՞նչ յիմարութիւն, այդ ձեռնարկը։ Բայց քառակուսեալ ուրիշ յիմարութիւն՝ անոր վրայ դրած վստահութիւնդ։ Դուն ալ փայփայէ պատրանքը այդ հսկայական աշխատանքը տպուած տեսնելու։ Իրա՛ւ որ ոչինչ է փոխուած գիւղացիի ուղեղիդ խորը։ Բայց այս խաբկանքները գրականութեան չեն պատկանիր։ Տրտում ու յատկանշական մանրավէպ մըն է Եղիայի /391/ ձեռագիրներուն պարկով վաճառուիլը պանիր ծախողներու։ Քու ձեռագիրներուդ ես պիտի փափաքէի աւելի արդար բախտ մը։ Դուն հիմա ըսէ ինծի յստակ, թէ Ալիշանի (ասիկա առանձին անուն մը չէ, կան՝ Նար-Պէյը, Տիւսաբը, Մամուրեանը, Չերազը, Պէշիկթաշլեանը, Եղիան, Ծերենցը, Թերզեանը, Սէթեանը, Պէրպէրեանը, բոլորն ալ խարանուած, սեւցուած քեզմէ հանդիսաւորապէս) փառքը չի՞ պաշտպանուիր իրաւ, հաստատ արժանիքներով։ Սո՞ւտ է այդ փառքին խորքը, եթէ երբեք շէնքը կը թուի քեզի քիչ մը խոշորցուած։ Սո՞ւտ է այդ մարդուն հայրենասիրութիւնը, սո՞ւտ՝ անոր հաւաքած նիւթեղէնին տեսակարար ծանրութիւնը։ Ի՞նչն է այդ գործին մէջ փոշիացածը։ Ինչո՞ւ։ Չունի՞ այդ անունը երախտիքի վարկ մը։ Չէ՞ կարելի քանի մը պատմում, քանի մը քերթուած, քանի մը ուսումնասիրութիւն այսօր ալ հանդուրժել իրմէն։ Կը տեսնես, որ լուրջ եմ։

Նոյնիսկ աւելի, քան չափը։

Ինչ ընել։ Պարտաւոր եմ լեզուս ալ յարմարցնել քու ողիմպիական, ապողոնեան արտայայտութեանդ։ Քու հեքիաթդ եմ ի վերջոյ։

Կը շեղիս։ Բոլոր նկատողութիւնները, որոնք բանի մը չեն ծառայեր, խնայէ մեզի։

Բայց խօսքը գրուած էջ մը չէ, որպէսզի մեթոտը արտօնուիս գործածել։

Հիմնականի՛ն, երբեք՝ քովնտիին, շողշողունին, տափակին։ Բոլոր երեւոյթները իրենց շուքն ու մշուշը ունին։

Չէ կարելի վիճաբանիլ մարդու մը հետ, որ քեզի պէս ամէն բան կը վերածէ տեսութիւններու։ Հանդարտ։ Մտիկ ընել խոստացար։ Դուն ուրացար վարկաւոր, տաղանդաշատ աշխատաւորներ։ Եղար աւելի անգութ ուրիշներու հետ, որոնք գրեթէ ոչինչէն ստեղծեցին մեր ժողովուրդին վերջին գիտակցութիւնը, կանխող դարու կէսերուն, « Համապատկեր »իդ մէջ քիթի պոչով անկիւն մը միայն շնորհելով հսկայական աշխատաւորներու, քու նորելուկ որակումներովդ` Զարթօնքի սերունդին մեծ վաստակաւորներուն ու փակելով անոնց առջեւ մեր գրականութեան դռները, մենծ-աղայի մը առատաձեռնութեամբ զանոնք փոխանցեցիր ազգային պատմութեան։

Տղաս, սխալ է ճամբադ։ Այդ բոլոր հարցերովդ Օշականը կը դնես ծիծաղելիին առջեւ։ Անոնք Օշականի գործին մէջ « Համապատկեր » չափուած, ձեւուած, յարդարուած են վերջնականապէս:

Քու կանգունովդ անշուշտ։

/392/ Յաւիտենական է Լափալէսը։ Որո՞ւ կանգունով պիտի կատարէի այդ աշխատանքը։

Ես քու ճաշակովդ։

Տղաս, ազատ ես ուզած դերձակիդ երթալու։

Այդպէս մարդ չեն ճամբեր։ Զուր տեղը չէ, որ ոչ մէկ բարեկամ կրցար ճարել։

Բարեկամը հացկատակ մըն է։

Գիտե՞ս, այդ դառն, ապաբարոյ վճիռներովդ Պարթեւեանը կը յիշեցնես։

Կրնայ ըլլալ։ Երկայն ու անպէտք կը խօսիս։ Ինքզինքը չկրկնելը նկարագիրն է Օշականի գրականութեան։ Գնա՛ ու Կարդա՛։

Բայց ով անծակ միամտութի՜ւնդ։ Գիտե՞ս, որ մինակ ես քու եզրակացութիւններուդ դէզին տակ, խղդուած ու թշուառ։ Չէ՞ր կարելի գործածել աւելի արդար չափեր այդ մարդերը արժեւորելու: Չե՞ս ընդունիր, որ աշխատած են առնուազն։

Կը մղես զիս ինքզիքս կրկնելու։ Ունի՞ս նոր, կախարդական չափեր։

Օրինակի համար, չզլանայիր հիացման տուրքդ որմէ այնքան առատ զիջումներ ըրիր քու սիրածներուդ պատմաբան Ալիշանի մը, ըմբռնելով հանդերձ պահ մը բանաստեղծ Ալիշանի մը դէմ կարգ մը անհերքելի տկարութիւններուն իրական կշիռը։

Գլո՜ւխ, կ՚ըսէին մեր գեղը, քեզի պէսներուն։

Ինչու զարմանալ, ի վերջոյ Չօպանեանին գլուխը չեմ։

Ատիկա ըրած եմ « Համապատկեր »ին մէջ։ Զարկած եմ կշիռի Մխիթարեան երկու հաստատութիւններուն մէջ պատմական զգայարանքը։ Ու աւելի հանգամանօրէն քննած ատիկա Ծերենցին, Եղիշէ Դուրեանին, Օշականին նուիրուած փորձերուն մէջ։

Oշակա՞նն ալ պատմիչ։

Ո՛չ, երկրաբան, բժիշկ։ Հազարաւոր էջեր, որոնք մեր գրականութեան են յատկացուած, գեղեցկագիտութեան ընթացք մը չեն անշուշտ, դիրքերը դատելու պատուելիական աշխատանք մը։

Կը մտածեն աւելի թշուառ բանի մը։ Արդէն գործը լոյս չտեսած՝ գտած են անունը եղջերուաքաղ ինչպէս ըրին « Մնացորդաց »ին համար, զայն անուանելով անասելի բան մը։ Ես հեքիաթ եմ

Եւ հետեւաբար արտօնուած չես ինծի չափ գիտակցաբար արտայայտուելու։ Պատկառելի ու պատուական Աբբային պատմական գործը ծայրէ ի ծայր կարդացող մը վստահ եղիր, որ պիտի մ/393/նար հեռու մեր ժողովուրդին հասկացողութենէն ա՛յնքան, որքան էր արդէն այդ մեծատարած հատորները կուլ տալէ առաջ։

Ներէ, որ ընդմիջեմ, քանի որ չհասկցայ, թէ ինչ կ՚ուզես ըսել։

Սա շատ պարզ բանը, որ Ալիշանի պատմական հսկայ աշխատանքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մինչեւ իր օրը թուղթերու, յիշատակարաններու, գիրքերու, դիւաններու, մատենադարաններու մէջ տառերու ձեւով պառկած իրողութեանց փարախ առաջնորդուիլ մը։ Ոչ մէկ բան է ստեղծած այդ մարդը։

Բայց ինչ պիտի ուզէիր, որ ըլլար ստեղծած։ Պատմութիւնը ո՞վ կը ստեղծէ։ Վէ՞պ կը գրենք, թէ դէպքերը կը նուաճենք։

Անշուշտ։ Դուն կը կասկածի՞ս երբեք մեր պատմիչներով մեզի հասած իրողութեանց փաստերուն վրայ։

Վիեննացիները կատարած են այդ աշխատանքն ալ, անհուն արդիւնքներով։ Բայց դուն անոնց ըրածն ալ հովին կու տաս։

Վասնզի « Քննական պատմութիւն հայոցը » եղջերուաքաղ է, քննադատութիւն ըլլալէ առաջ։ Վասնզի պատմիչ մը կեանքի աշխատաւոր մը, բանասէր մը՝ միտքի բանուոր մը։ Առաջինը կ՚աշխատի կենդանի միսին, երկրորդը՝ փոշիներու վրայ։

Պատմութիւնը մեծ գերեզման մը չէ՞, եւ հետեւաբար փոշիարան մը։

Քու խելապատակիդ մէջ։ Պատմութեան փոշին միայն ինկած է գիրքերու։ Ինքը՝ պատմութիւնը կ՚ապրի, այդ փոշիներէն դուրս։

Վրա՞ս կը խնդաս։

Չէ, տղաս, խնդալու սիրտ չէ մնացեր։ Երկու հարիւր տարի է ճամբայ ենք ինկած մեր ժողովուրդը գտնելու եւ աւերակներ, մեռելաստաններ կը տեղեկագրենք, առանց անդրադառնալու, որ ատոնցմէ դուրս էր մեր ժողովուրդը։

Բայց ի՞նչպէս պիտի ընէինք այդ ճամբան։

Ինչպէս ինքը, մեր ժողովուրդը ըրած է զայն ապրելով։

Այսի՞նքն։

Դէպքերը վերակազմելով ու հոգին վերադարձնելով անոնց ծոցը։ Մտքովդ եղիր Ախուրեանի ափին։ Մտիր Անիի աւերակներուն մէջ։ Որքան ատեն որ քար կը տեսնես, ու կը տեսնես այդ քարեղէնը բոլոր արուեստներուն ամենաստոյգ չափերովը, պատմաբան մը չես։

Ե՞րբ եմ այդ պատմաբանը։

Երբ այդ աւերակները կը քակես ու կը գտնես մարդերը հոգի, դէմք, միտք, կիրք, արիւն, խեղճութիւն, երազ, երկինք, դ/394/ժոխք ինչպէս են բոլոր ժամանակներու բոլոր մարդերը անոնք քով քովի բերելու արարքներուն մէջ ու կը թափանցես ու կը թափանցուիս, նոյն ատեն, անոնց ապրումներուն զարկին ու հոսանուտովը, ու այդ զգայութիւնները կը վերածես կենդանի պատկերի, այն ատեն փոշի, քար, ձեւ չես ցուցակագրեր, այն ատեն կու տաս կեանքը։ Հասկցա՞ր։ Հմտութիւնը չեմ արհամարհեր։ Բայց միամիտ չեմ զայն փոխարինելու կեանքով։ Գիտնալ բոլոր թիւերը, անունները, չափերը, նիւթերը իր միտքը բնակարան հանդերձել է անպէտք մեռելներուն։ Գտնել այդ անուններուն, չափերուն եւայլնին սրտազարկը՝ ինքզինքդ անոնց սրտին կապել կը նշանակէ։ Պատմութիւը կեանք է, գիտնալը՝ մեռելութիւն։ Հիմա չեմ նորոգեր վէճը։ Պատմիչ Ալիշան մը գոյութիւն ունի. այնպէս՝ ինչպէս էր պատմութեան ըմբռնումը կանխող դարու կէսերը մինչեւ։ Անկէ ասդին մարդիկ գտած են կեանքին հասնելու հաստատ, վճռական եղանակներ։ Արեւմտահայ գրականութեան ամենէն տիրական վրիպանքը, թատերականէն վերջ, կու գայ պատմականէն։

Բայց ունինք « Ազգապատում »ը, որ կոթող է, ինչպէս դատած է ազգին իմացական բարձրագոյն խաւերէն։

Ինչպէս դատուած էր « Սիսուան »ը 1880ի չիմացական ընտրանիէն։ Այսօ՞ր։

Ինչո՞ւ չես դներ մարդերը իրենց ժամանակին մէջ։

Տղա՛յ, հասկցիր ու մի նեղեր զիս։

Որպեսզի հասկնամ, խօսէ օրինակներով։ Կրնա՞ս կործանել « Ազգապատում »ը։

Ո՛չ անշուշտ, ինչպէս չեն կործանուիր « Վարք սրբոց» ը, « Յայսմաւուրք »ը։

Բայց այդ գիրքերը բաղդատելի՞՝ « Ազգապատում» ին։

Կատարելապէս։ Հայոց եկեղեցին, Հայոց գրականութեան նման նուիրական շատ խորունկ, շատ կենդանի կազմակերպութիւն մըն է։ Զայն չենք կրնար գիտնալ, զայն պարտաւոր ենք ապրիլ։ Կը հասկնա՞ս երկու նախադասութեանց տարբերութիւնը։ Շնորհալիի մը բոլոր արարքները շարայարել, իրենց թուականներովը, փաստերովը, հակափաստերովը, չի նշանակեր Շնորհալի մը ապրիլ։

Բացատրէ՛։

Կարդա՛ « Ազգապատում »ը։ Ընդարձակ այդ դրուագումէն քու միտքդ կը հետեւի իրողութիւններու, ճիշդ ինչպէս կտաւին վրայ շուքերը ձեռնածուէն խաղցուած խամաճիկներուն։ Բայց խօսքին վերջը չի գար։ Կը կեցնեմ քու միտքդ լեռներու խորը կորսուած թշ/395/ուառունակ կաթողիկոսարանին մէջ։ Հիւանդ է այդ պատուական աշխատաւորը։ Խորունկ յուզումներու տակ։ Հաղորդ, արեան ճամբաներով, իր ժողովուրդին ճակատագրին։ Կը թափանցէ խաղերուն։ Յստակ կը տեսնէ Արեւմուտքին ու Հարաւին բախումներուն կրկէս իր ժողովուրդին բնակավայրը։ Խորացուր հիմա այդ հոգեբանութիւնը։ Բռնէ մտքիդ առջեւ եպիսկոպոսապետին թառամած դիմագիծերը, յոգնած մօրուքը, նուաղելու վրայ աչքերը, իր ժողովուրդին յիմարութիւնները, իշխաններուն անոպայ, անմիտ հակամարտութիւնները, արթնցուր անոր հոգիին մէջ քաղցր երազն ալ համաքրիստոնէական եղբայրութեան։ Թող անիկա տառապի մարդկային նանրամտութեան անլուր փաստերէն, որոնք կը վկայեն այնքան պերճ խենթութիւններէ։ Գինիին մէջ ջուր, հացին մէջ խմոր մը, երգի կտոր մը, մոլի հարցեր պատճառ են, որ Արեւելքի ժողովուրդները հայն ու յոյնը իրար կոտորեն։ Այս տառապագին հոգեբանութիւնը վերածէ ներքին տրամայի։ Դուն կ՚ունենաս ո՛չ թէ Օրմանեանին « Յայսմաւուրք »ը, այլ՝ ամենէն սրտակեղեք, ամենէն իրաւ ապրումներուն հանդէսը։ Պատմութիւնը վէպ է, սա տարբերութեամբ, որ գործողութեան լարերը, ասոր թափը չեն հպատակիր գրողին երեւակակութեան, այլ իրենք կը վարեն զայն։ Բայց գործողութիւնը մէկ է միշտ, նոյն խաղը արեան ու կիրքին, նոյն հերոսութիւնները, նոյն ոճիրը։ Ահա թէ ինչու պատմական վէպը, երբ ազատագրուի թերթօնին ճնշումէն ու ենթարկուի կեանքին գերագոյն կնիքին, կը դառնայ ամենէն սրտառուչ արուեստի գործը։ Ու ասիկա անոր համար, վասնզի պատմականին մէջ տիպար, տրամա, տագնապ, բարքեր, բոլորը կը ներկայանան վաւերականէն պաշտպանուած։ Հայաստանեայց եկեղեցին այս ժողովուրդին ամենէն մեծ բեմն է, անոր առաքինութեանց հանդիսարանը, անոր երազանքին տնկարանը, անոր մեծութեանց դամբարանը ու անոր շքեղ անձնաւորութեանց կարաւանը։ Ամէն մէկ կաթողիկոսի հետ կը տրուին բիւրաւոր տագնապներ, միշտ մեր երկրին հզօր ձայներովը թրթռուն, մեր ժողովուրդին սխրալի հերոսութեամբը խենթացած ու խենթեցնող։ Կա՞յ աւելի սիրտի հասնող գործ, քան ոգեկոչումը ոչ թուղթի, այլ՝ ոգեղէնին լիակատար տիմանսիոններուն ընդմէջէն այդ մարդերուն։ Արուեստի գործերուն գերագոյնն է մեր եկեղեցիին պատմութիւնը, միայն ու միայն անձնաւորութեանց կերտումին ծիրով։ Անդին կան տակաւին ժամանակին նուաճումը, գաղափարներու գուպարը, օտարը, բանակներ ու մորթողներ, նահատակներ ու սուրբեր։ Լման երկրամաս մը, որ 1900ի նսեմաստուեր ամբոխին մտա/396/պատկերը չէր, օրինակ, տասներորդ դարուն, այլ՝ իրաւ մարդերու կրունկներուն, ժանիքներուն մէջ թրթռացող հայոց հայրենիքը։ Կ՚առնե՞ս « Ազգապատում »էն այս ամէնը։

Բայց ինչո՞ւ կը պահանջես մարդէն իր չըրածը։ Ինչո՞ւ իր ժամանակին, մտադրութեանց փաստերովը չես կշռեր հեղինակը, մա՛նաւանդ գործը։ Կը խորհիմ, թէ քու առաջարկած ձեւով, ամէն կաթողիկոս պիտի յորդէր հատորը։ Այն ատեն։ Ո՞ր մարդուն ուժը պիտի հասնէր նուաճելու այսքան ընդարձակ վաստակ։

Պէտք չունէր Օրմանեան սրբազան լման Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմութիւնը գրել փառասիրելու։ Թող առնէր դար մը ու գործադրէր վրան մեթոտը։ Ուրիշներ, յաջորդներ, պիտի քալէին իր ճամբով ու պիտի գրուէր, հոգ չէ երկար ընդհատներով, իրական պատմութիւնը։ Ալիշանով մեր պատմութիւնը ո՛չ ակօս է փոխած, ոչ ալ տեղ մը քալած։ Նոյնն է Օրմանեանին վաստակը։ Եթէ երբեք արդիւնքը վրիպանք մըն է երկու եկեղեցականներուն հաշւոյն, օրինակը աշխատանքին կը մնայ սրտառուչ։ Ու այդ աշխատանքն է, որ զիս մղած է զիջումի, գրականութեան հետ ուղղակի աղերս չպարզող վաստակաւորներ ընդունելու իմ « Համապատկեր »էն ներս, առաջինին համար լայն մենագրութեամբ, երկրորդին՝ ակնարկովի։

Բայց երբ գրող մը մէկէ աւելի սերունդներու երախտագէտ հիացումը կ՚ապահովէ, ատով իսկ տուած չըլլա՞ր ապացոյցը, փնտռած արժէքներուդ։

Այնչափ ամբոխներու հետ ապրեր ես, որ մտածելու, եզրակացնելու եղանակներդ կը կրկնեն անոնց նախադասութիւնները։ Կու տամ անունը ուրիշ աշխատաւորի մը։ Ասիկա գրականութեան գործիքը կազմող լեզուին վրայ առաջին ընդարձակ համադրումը փորձող մարդն է, աշխարհաբար լեզուին ճարտարապետը, Հ. Ա. Այտընեանը։ Այս մարդը չէ ստեղծած անշուշտ մեր քերականութեան օրէնքները, բայց դիտած է զանոնք, մինչեւ իր օրը չմտածուած նիւթերու ներսը։ Ու այդ դիտողութիւնները համակարգելով գրած է իր մագիստրոսական գիրքը։ Յարգ ու պատիւ իրեն։ Չէ գտած անշուշտ մեր քաղաքակրթութեան, մեր ժողովուրդին հոգին, բայց գտած է անոր մշակոյթին մէկ էատարրին հիմնական կերպարանքը։ Աս է ահա կեանքին սպասը ։ Կոմիտաս վարդապետ ոչ մէկ երգ է հեղինակած, բայց ստեղծած է հայ երգին պատկերը, դիտելով անոր ոճը բազմասարիք փոփոխակներու մէջէն ու հասնելով իր համերգներուն սենֆոնիք ճարտարապետութեան։ Այս անունները կը լուսաւորե՞ն արդեօք հարցը։ Ինչո՞ւ մեր պատմութիւնը չըլլար ձեռնարկուած ն/397/ման հանճարային մարդոց ձեռքով։ Չրաքեան, ըսի անգամ մը, « անհունն Ալիշան » կ՚անուանէ պատուական պէնէտիկդէնը։ Բայց կրնաս վստահ ըլլալ, որ գրական փայլուն, որքան փցուն ձեւ մը (figure) գործածելէ զատ քիչ բան կը թելադրէ։ 1880ին մարդիկ անշուշտ չէին մոռցեր, որ Ալիշան մը կար, իր գիրքերուն զրահաւորներովը հրապարակին փառքն ու սարսափը կազմելու համար, բայց մոռցած էին, թէ այդ գիրքերը ինչեր ունէին իրենց չորցած էջերէն ներս։ Տասը տարի վերջը մարդիկ, նոյն շքեղ այլուրութեամբ՝ իր գործէն, տօնեցին անոր յոբելեանը, քանի որ նախատօնը ամէն մահուան յոբելեանն է յաճախ, որ կարծես իրաւ մոռացումին նախապայմանը կը մնայ։ 1913ին, ազգային փառքի քնարական փառաբանութեանց տօներուն, մարդիկ մեր հին սերունդներուն շարքին էին անցուցած այդ անունը։ Ոչ ոք, սակայն, որ մտքէն անցընէր անգամ մը բանալ չեմ ըսեր « Նուագք » շարքէն գիրք մը, այլ թէկուզ սրտագին գրուած « Սիսուան »ը։ Թող փորձէին անգամ մը, ինծի պէս, կարդալ, փառակազմ այդ հատորներուն անգայտափառ պարունակութիւնը։ Այն ատեն պիտի հասկնային, թէ ինչ կը նշանակէ հատոր շարել հատորներու վրայ, առանց տող մը նոր բան, կենդանի հայեացք մը, թելադրական մտածում մը փոխանցել կարենալու ընթերցողին։ Ալիշան շքեղ աշխատաւոր մըն է։ Կատարած է, հասարակութեան միջինին համար բազմերախտ վաստակ։ Մենք կը սիրենք իր յիշատակը, այս վերագրումներով պաշտպանուած։ Բայց գրականութեան մը պատմութիւնը կեանքին պատմութիւնն է ու կը զբաղի այդ կեանքին հետ աս ու ան ձեւով իրենց աղերսը չխզող գործերով, դէմքերով։ Ա՛լ չեմ դառնար, այս ամենուն վրայ։ Գիտցիր միայն, որ բոլոր Ալիշան կարդացողները այս տպաւորութիւնը կ՚առնեն անոր գործէն, բայց կը վախնան այդ տպաւորութիւնը հրապարակելէ։ Հոս, ու միայն հո՛ս կը զատուի Օշական մի ոմն Մարկոսեանէ եւ ուրիշներէ, որոնք իրենց սեպհական հաշիւներով կը սքողէն խնամքով իրենց հարազատ տպաւորութիւնները եւ կը մատուցանեն հրապարակին՝ անոր ուզածը։ Բայց ահա քեզի հակափորձը։ Բաց « Տաղք եւ թատրերգութիւնք » Պ. Դուրեանի գիրքին ոտանաւորներու բաժինը (Պէշիկթաշլեանէն ալ կարգ մը քերթուածներ)։ Բոլորովին տարբեր տպաւորութիւններ պիտի յառնեն քու ներսդ։ Իրաւ է, որ այդ անուններուն կապուած ուրիշ շատ ընդարձակ փառքեր թատերականները թառամած են անվերադարձ։ Բայց բանաստեղծութիւնները դեռ կը պահեն գարնանային իրենց շաղը։ Ի՞նչն է, ուրեմն, որ մեծահամբաւ « Տխրունի »ն Նուագք », Ալիշան այսօր բառակոյտ մը իբրեւ մեզ տպաւորէ, « Առ /398/ զեփիւռն Ալէմտաղի »ն մեզ յուզէ լացնելու չափ։ Խորհած ունի՞ս, թէ ինչ մեծատարած, միահեծան, անսասան հեղինակութիւն է Տէրոյենց 1850ին, աւելի վերջը նոյնիսկ։ Առանց անոր տերեւ (թուղթ հասկցէք) չէր շարժեր հայոց գրականութեան մէջ։ 1870ին այդ փառքը կը հագնէր պարտ ու պատշաճ քուրձերը սուգին, մտնելու համար իր խաղաղ, այլեւս անվրդով քունին։ Արդ, զրահապատ հատորներու սեպհականութեան մէջ Ջամուրճի պատուելին քանի մը պատիկ առաւելեալ թիւերով կը պաշտպանէր իր յիշատակը։ Տպեալ թէ անտիպ 150ը կ՚անցնի այդ մարդուն գործերուն գումարը։ Ո՞ր կախարդական բանաձեւը ստորագրեց այդ մարդուն մահը, բայց փառագրեց ալիշանեան անմահութիւնը։ Ինչո՞վ կը տարբերին Ալիշանի, Նար–Պէյի փառքերը Միսաքեանին, Տէրոյենցին, Ոսկանին փառքերէն։ Աւելի քան ճիշդ է, որ այսօր մեր չափը մեզի կու տայ հարցումին պատասխանը։ Ընթերցումը, նոյնիսկ կարելի համակրութեամբ։ Աշխարհ բոլոր պարտադրանքները անկարող պիտի ըլլային, որ քերթուած մը աւարտեմ Ալիշանէն, բացի զայն դատելու պարտքէն։ Իմացէք այս խոստովանանքը միւս յիշուած անուններուն համար ալ։ Ու աշխարհի բոլոր արգելքները պիտի մնային անկարող, որպէսզի ես չաւարտէի քերթուած մը Պ. Դուրեանէն։ Ասիկա փաստն է փաստերուն։ Օշական ինչու նախանձէր առաջիններէն ու չյարձակէր տկլոր փառքին վրայ իւսկիւտարցի տկլոր քերթողին, որ մեղաւոր ալ է մեծ մեղքերով։ Այս ամէնը ըսելը չի նշանակեր ուրեմն հայրենադաւութիւն, ամբարտաւանութիւն։ Իր մտածումին հանդէպ ամէն պարկեշտ մարդ պարտքեր ունի եւ ոչ թէ պատրուակներ։ Ըսել պարզութեամբ, անկեղծութեամբ ու անցնիլ անդին, թէկուզ քու կործանումիդ։ Oշական, այդ սերունդին գործը դատած ատեն, ուրիշ բան չըրաւ։

Կը մեղադրուիս հասկացողութեան եղանակիդ մէջ։ Կը մեղադրուիս, որ զիջում չես ըներ ժամանակին, դերին, ճաշակին, բարիքին, երբ կը վերլուծես գրողները։

Թեթեւ սրտով կ՚ընդունիմ այդ մեղադրանքները, պաշտպանուած ըլլալուս իմ պարտքիս զգացումովը։ Աւելի քան քսան դար, մարդեր պատմութիւնը (բառին ուղղափառ իմաստը տուր, այսինքն՝ անցեալին արձանագրութիւնը) գործածեցին հայրենասիրութեան մշակավայր։ Կրօնքը կը մնար հաւաքավայրը բոլոր իմացական կրթանքներուն։ Մեր մէջ, սա օրերուն, գրականութեան պատմութիւնը չես գիտեր ինչպէ՞ս ու ինչո՞ւ շատ ընդարձակ դերեր սահմանած ըլլայ իրեն։ Ուսուցիչ ես, ու պարտաւոր ես խաբել քեզ մտիկ ընող տղաքը, երբ ասոնք չկարենան կարդալ աս ու ան փառաբանեալ գրա/399/գէտները։ Քննադատ ես, ու պարտաւոր ես, անպայմա՛ն, քեզ կանխող սերունդին տկարութիւնները վերածել արժէքներու։ Գրականութեան պատմիչ ես, ու պարտաւոր ես մէկիկ–մէկիկ թարմացնել մգլոտած փառքերը մեռելներուն ու ողջերուն։ Ինչպէս կը տեսնես, գրականութեան մը համապատկերը գրել՝ քաղաքական հաւասարակշռութեան ճարտար քննութիւն մը անցընել կը նշանակէ եւ ոչ թէ իրաւ ապրումներու քաղ մը։ Հինն ու նորը, երբ կ՚ապրին, կը մնան, այդ իսկ բարիքով, արժանի քու համակրանքին։ Ի վերջոյ, ես մուրհակ չեմ ստորագրած, որ Արեւմտահայ գրականութեան բոլոր մշակները պիտի սրբագործեմ ու անտաղանդները, յիմարները, հոսհոսները պիտի օժտեմ երախտապարտ կոթողներով։ Ժամանակ, դեր, բարիք մարդոց փառքին աշխատաւորները կ՚ըլլան։ Կը խօսիս ուղիղ յիմարութենէ մը, ճաշակէ, որ միջին դարը անցած ու մեր օրերը մինչեւ հասնող ոսկեզօծ պարապութիւն մըն է։ 1830ին ֆրանսացիները չէին կրնար, իրենց դերասաններուն բերանէն լսել թաշկինակ բառը, ազնուականներուն ականջներուն, այսինքն՝ ճաշակին իբր խորթ հնչող ու կը պարտադրէին, որ այդ պարզ առարկան ներկայանար ազնուական հիւսուած իսկապէս ազնուական կերպարանքին տակ։ Նոյն այդ ճաշակն էր, որ մի բառը կը յաւակնէր փոխարինել մարդկային ազնուական յաղթանակ եռաբառ ողբերգութեամբ։ Չէիր կրնար շուն անուանել այդ անունին տակ ծանօթ չորքոտանին, պիտի ըսէիր մարդուն հաւատարիմ բարեկամ կենդանին: Աս է ճաշակը։ Հանէ պատեանէն իր մէջ թաղուածը, յաճախ մոխիր իսկ պիտի չգտնես։ Կու գամ մերիններուն։ 1870ին ո՛չ միայն բարձր ճաշակի փաստ, այլեւ հայրենասիրութեան գրաւական էր երգել

Թէ թեւ ունէի, ես կը թռչէի

ոտանաւորը, ծափով եւ խնդութեամբ, կիրքով եւ հերոսութեամբ, կոկորդ պատռելով եւ թեւերը վեր-վեր արձակելով, որպէսզի ըլլար աւելի թելադրիչ, աւելի կատարեալ բառերուն պատրանքը։ Այսօ՞ր։ Արեւելահայերը չեն միայն, որ կը ծաղրեն այդ միամտութիւնը, հոսհոսութիւնը «Մասեաց գագաթը թռելու» եւ անկէ կարդալու հրաւէր

Թ՚եկէք հայեր ըլլանք, մէկ սիրտ մէկ մարմին,
Սիրենք ընկեր զընկեր, սիրե՜նք կաթոգին …։

այլեւ՝ հայերէն հասկցող ամէն տղայ, որ կ՚ըմբռնէ ծիծաղելիութիւնը հինգ հազարէն վեր բարձրութեամբ լերան մը կատարը թռչիլ ստիպ/400/ուած ըլլալու, ըսելու համար բան մը, զոր քովինդ… կը լսէ, նոյնիսկ շշուկով արտասանուած։

Սո՞ւտ են այդ վիճակները, որոնց արտայայտութիւնն է մեր ազգային երգահանութիւնը՝ իբր բառ ու իբր եղանակ։

Աւելի քան իրաւ։ Սուտը, հոսհոսականը՝ այդ վիճակները արտայայտող սա յիմարութեան հագցուած ճաշակին շուրջառն է։ Սուտը այդ հռետորութիւնը արժեւորել ուզող յաւակնութիւնն է։ Ու այս հանգիտութեամբ, պիտի հասկնաս բարիքը, որ գրողէ մը կրնայ գալ։ Մենք չունեցանք այդ բարիքը, իր էջերէն մեզի խորագոյն բխումով մը հեղեղող գրագէտ մը Րաֆֆիին աստիճանովը։ Բայց « Ոսկի աքաղաղ »ը այդ մարդուն գլուխ-գործոցն է երբ կ՚ըսեմ, անդին անցած կ՚ըլլամ բարիքին ժողովրդական սահմանէն։ Պիտի հասկնաս դերը դարձեալ վերի թելադրանքներով։ « Յուշիկք հայրենեաց »ը մեր մէջ գիրք մըն է, որ դեր մը կատարեց։ Գրականութեան պատմիչը այդ դերը կը լուսաւորէ, պարտ ու պատշաճ, բայց չի փակեր իր աչքերը այդ գիրքին անբաւարարութեանը, անգրականութեանը փաստերուն առջեւ։ Արշակ Չօպանեան մեր գրականութեան մէջ մեծագոյն դերերէն մէկը ունի կատարած, առանց այդ գրականութեան մնայուն գործ մը ձգած ըլլալու։ Մենք հալածեցինք Աբովեանը, որով անկարելի դարձուցինք այդ մարդէն որեւէ դեր մեր գրականութեան վրայ։ « Վէրք Հայաստանի »ն գերագոյն պակասը պիտի կազմէր, եթէ երբեք զայն հեղինակող մարդը բացառիկ հանճար մը չըլլար, իր դէմ կազմակերպուած խաչակրութիւնը մարսելու ձեւ մը ստեղծելով ու ընդդէմ անհուն չկամութեան, տմարդութեան իր սիրտը պարպելով իր ժողովուրդին սրբութեանց աւազանին։ Բոլոր այս մեղադրանքները այսպէս կը չքանան, փաստերի լոյսին տակ, ինչպէս կը սիրեն խօսիլ արեւելահայերը։ Կարելի է այսօր խանդավառուիլ Ալիշանի սերունդով, արժեւորել անոր իրագործումները լայն, սրտաբուխ եւ որոշ չափով ալ արդար խօսքերով, բայց չմոռնալ մանաւանդ, նոյն ատեն, նոյն էջին վրայ, խնամքով փնտռել, գտնել, զատել ու այլապէս արժեւորել այդ սերունդէն մեզի եկածին մէջ կենդանի տարրին քանակը, ա՛յն պուտ մը սրբութիւնը, որ չի մեռնիր, անմահ ծնած ըլլալուն։ Լափալէս մը չեմ, երբ կ՚ըսեմ ասիկա։ Կարդա՝ « Տիկնայք փափկասունք »ը։ Պատկեր մըն է, ամբողջովին անհետացած բարքերի, մտայնութիւններէ։ Բայց որուն ներքին աշխարհը տարօրէն տաք է եւ այսօր։ Այդ կնիկները կրնան բնաւ ալ ապրած չըլլալ այդ Ե. դարուն։ Բայց անոնց կենդանագրումին մէջ գործածուած խմորը ես կը զգամ եւ այսօր։ Մտիր Ս. Յակոբի սենեակներէն /401/ ներս։ Այն կինը, այրի, որ չորս մանրիկ զաւակները մեծցնելու համար կ՚երթայ հարուստներուն շորերը լուալու, փափկասուն տիկիններուն հոգեբանութեան մէկ փոփոխակը կ՚ըլլայ վերբերած։ Կը հասկնա՞ս, ինչ պարապ-տակառ տարազ մըն է քու ճաշակդ, ժամանակը եւ ընկերք բացատրութիւնը։ Այս իրողութեան խորունկ մտատեսութիւնն ունի Oշական եւ զայն պաշտպանելու իր կիրքին մէջն է, որ կը զատուի արեւմտահայ գրական հրապարակին աճուրդը վարող մունետիկներէն։ Յամառիլ, 1929ին, ինչպէս կ՚ընէ Արշակ Չօպանեան, Թովմաս Թերզեան անունին ետին մեծատաղանդ բանաստեղծ մը տեսնել, շատ մը բաներ նշանակելէ վերջ, կը նշանակէ ընթերցողը ծաղրել, որ այդ արժեւորումը փորձաքարի զարնելու պարզագոյն միջոցը ունի իր տրամադրութեան տակ կարդալ քերթուած մը ։ Բանաստեղծութիւնը թուղթի ծաղիկ չէ, որ քանի մը տարուան մէջ դալկանայ, ու փտի։ Անոր իրաւին կտաւը երբեմն քանի մը հազար տարիներուն արեւն ու բուքը կը հերքէ, մինչ ինքդ գիտես, որ աժան–կարապետ ճափոնական կտաւը առաջին լուացքէն կը պարպուի իր նկարեղէնէն։ Անոր կեղծին թիթեղեայ փայլը շատ–շատ տարի մը–երկուք կը յաջողի ինքզինքը արգիլել ժանգին ժանտ գերեզմանէն։ Ինչո՞ւ, երբ ժամանակը առած է այդ սերունդի գործին երեսէն իր փայլը, տակաւին կտոր–կտոր ըլլալ, պնդելու համար, որ ժանգահար այդ թիթեղը ատենին արծաթ էր։ Ինչո՞ւ մեր ժողովրդական բանաստեղծութեան լաւագոյն նմոյշները զերծ են ժամանակին ժանգէն: Ինչո՞ւ մեր հին աղօթքները ոմանք անշուշտ փշուր մը բան չեն հինցած։ Ես կրնամ տասնեակներով էջերու վրայ վերապրիլ « Փառք քեզ, Տէր Աստուած մեր » կէս էջնոց աղօթքին սրտայոյզ հայութիւնը։ Ժամանակը աժան կտաւ է, տղա՛ս։ Անով արդարութիւն չեն չափեր։ Յետոյ, չեմ ընդունիր, որ 1870ին, մարդիկ Չերազին պէս, Եղիային պէս կը հասկնային գրականութիւնը։ Կայ գերազանց վկայութիւնը Պ. Դուրեանին, այդ օրերէն, որ ճիշդ Չերազի ըմբռնողութեան հակառակը կ՚ապացուցանէ։ Այդ ամիրայի թոռ խասգիւղցին իր լուսաղբօրներուն՝ Եղիային եւ Պէրպէրեանին հետ հեղինակն է գրական ծանր զառածումի մը։ Անպաշտպան որովհետեւ լքուած հրապարակի մը վրայ (լուրջ մարդեր պաշտօններ կը հետապնդեն, թերթ կը հիմնեն, դրամ կը շահին, եպիսկոպոս կ՚ըլլան) քսանէն վար տղայ մը, Չերազ, իրեն կը ներէ նետել ու բռնել, պատգամներ որոտալ, ու վարել յաւակնիլ ո՛չ միայն մեր կրթական այնքան բարդ մեքենան, այլեւ՝ մեր դժբախտ գրականութիւնը։ Ինչո՞ւ, հարցուցէք ու կեցէք։ Գրիգոր Օտեան յիմար մը չէր անշուշտ։ Պետրոս Դուրեան սրբագրելի տաղաչափ /402/ մը չէր անշուշտ։ Մարդիկ միշտ ունին իրենց արդարացուցիչ դէպք յանցանաց ները։ Ի՞նչ կարիք այդ կռուազան տղոց հետ ճակատելու վտանգին։ Պիտի քաշուինք մեր պատեանին ու պիտի ձգենք, որ այդ տղան պոռայ, սպառնայ, բանաստեղծէ, ճառախօսէ, քերականութիւն պատգամէ ու անցնի… հանճարային գրագէտ։ Ահա ժամանակ ըսուած յիմարութեան բերելիք տրտում փառքերուն մէկ նմոյշը։ Երբ Օշական այս ամէնը կը զգայ մարդոց գործին ետին ու կը յայտնէ զանոնք առանց նկատումի, կ՚ըլլայ ազգադաւ, սերունդները ապաբարոյ հոգեբանութեան մը առաջնորդող։ Ու մարդիկ մտքէ չեն անցներ այդ սոփեստութիւններուն հեղինակները մեղադրել։ Բաց « Գրական փորձեր »ը։ Շքեղ, յորդ, պերճիմաստ յառաջաբանը, որ կը կազմէ գիրքին քառորդը, կարծես դիմաւորելու համար մնացածին հատուկոտորային անիմաստութիւնը, բայց աւելի շքեղ՝ անշուշտ, այդ յառաջաբանին մէջ այն ծանօթագրութիւնները, որոնք « Փորձեր »ը լեցնող ոտանաւորներուն, ճառերուն ծննդոցը կը պատմեն, անդիմադրելի լրջութեամբ մը, որուն միամտութիւնը կը մօտենայ վսեմին։ Երանելի տղան ի՜նչ հեշտագին, յանձնապաստան հաճոյքով մը կը թուէ առիթները, որոնք ծնունդ տուին այդ հրաշակերտներուն իր հանճարէն դուրս պոռթկալուն ու կը յամենայ ի՞նչ սխրագին հիացումով անոնց արթնցուցած գովասանական գրականութեան։ Մարդիկ 1875ին, այդ չտեսութիւնը պիտի ջանան վարագուրել տարիքին խակութիւններով։ 1890ին կազմուած է հեքիաթը։ 1925ին յոբելեանը, որ կը նուիրագործէ այս շքեղ հոսհոսութիւնը, աշխատանք մը լուսապսակող, ուր չես գիտեր ինչպէս կաթիլ մը լրջմտութիւն, ողջմտութիւն, առնուազն տարրական պարկեշտութիւն Օշական, հակառակ իր բուռն փափաքին, չէ գտած։ Ու ասիկա ըսելը, հրապարակաւ, կը թարգմանուի հայրենադաւութիւն, քանի որ կազմուած հեքիաթ մը կը կործանէ, որմէ ոչ ոք, որ վնասուէր սակայն։ Գործունեայ, գործնական, հաստ, իր բանը գիտցող եպիսկոպոս մը իր հասարակ տեղիք խօսքերը ո՛չ միայն իբր գրական էջեր միջոցը ճարած է արժեւորելու, այլեւ՝ այդ քարոզները իբր թանկագին գրականութիւն չորս անգամ տպագրելու, միշտ մեկենասի մը ազնուամեծա՜ր պաշտպանութեամբը։ « Մարգարիտ արքայութեան երկնից »ը մարգըրտի հանք մըն է իր հեղինակին համար, անշուշտ երկրայինին սահմանէն ներս։ Ու, այս տրտմութիւններուն շարքին, իր զայրոյթը պոռացող Օշականը գիտէ աւելի իրաւ, սրտաճմլիկ ալ խոստովանութիւններ։ Անիկա կը մտապատկերէ Պ. Դուրեան պատանին, որ Չերազին չա՜փ ոտանաւոր կրնար գրել, Խրիմեանին չափ ճառ խօսիլ, Պէշիկ/403/թաշլեանին հաւասար թատրոն գրել, բայց ծնած էր սեւ աստղի տակ։ Մահուան մահիճին, աչքերը ընդմիշտ փակելէն քանի մը ժամ առաջ, այդ տղան իր եղբօր գութին կը յանձնէ իր մտքին որբերը՝ իր քերթուածները։ « Քանի մը կտոր բան եմ գրած նայէ որ չկորսուին» կ՚ըսէ այդ տղան, այնքան բնական, իրաւ վախին մէջը արդար բանաստեղծին։ Այդ գերագոյն րոպէին յիշե՞ց արդեօք իր այն քերթուածն ալ, որով Խրիմեան եպիսկոպոսին Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը բարձրանալը կ՚աւետէր ազգին, եւ կամ այն սրտառուչ նամակը, որ ուղղուած է Նար–Պէյի, անշուշտ խորունկ տագնապին մէջ ուտելու հաց, տաքնալու կրակ, սիրելու սիրտ չունեցող… հանճարին։ Հո՞ս ես, ժողովուրդ հայոց։ Քու անունովդ է, որ այս լրբութիւնները փառքի փոխուեցան, այս հտպիտութիւնները լուսապսակուեցան բանաստեղծական դափնիներով։ 1944ին, երբ այս տողերը կը գրուին, կացութիւնը նոյնն է եղերապէս։ Իմաստի հացկատակ մը նորէն աննման հսկայ մըն է մտքի։ Նորէն գնչու պատմող մը, մեծ վիպասանի մը պատմուճանը ուսերուն, կը սիրամարգէ…

Միշտ նոյն յանկերգը, չբարկանաս։

Ուրիշ ի՜նչ, տղա՛ս։ Պիտի չտառապէի՞ր քու խորագոյն խղճմտանքիդ մէջ, եթէ երբեք այս հոսհոսութիւնները, յիմարութիւնը, մերկելու տեղ, խնամքով սքողէի, որպէսզի առաւ–փախաւներու, խաչագողներու, սնապարծներու ու զարդի վաճառականներու փառքը մնար անսասան, որպէսզի այդ հեքիաթները ապրէին անձեռնմխելի։ Պիտի ուզէ՞իր, որ կեանքին մէջ րոպէ մը իսկ բանաստեղծ չեղած Աճէմեան մը հռչակէի սերունդի մը բանաստեղծ։ Ես կատաղի պայքարներու, յարձակումներու, դէզերով նախատինքի յանձնառու եմ եղեր՝ Արեւմտահայ գրականութիւնը պաշտպանելու համար ներսէն ու դուրսէն աշխարհ մը հակառակորդներու դէմ։ Պէտք կա՞յ, աւելցնելու, որ այդ գրականութեան տրտմութիւնները թաղելու մէջ ալ պիտի ըլլայի հաւատարիմ իմ ուխտին։ Ա՛ն՝ որ 1914ին, ամբողջ երազ ու աւիւն, կ՚իջնէ կրկէս հարթելու մեր գրականութեան անարժէք փառքերը, ատկէ երեսուն տարի վերջ չի կրնար դաւել իր հաւատքին։ Իմ կիրքն է, կրօնքն է Արեւմտահայ գրականութիւնը, ըսեր եմ ու կը կրկնեմ։ Բայց իմ պաշտպանութիւնը մասնաւորուած է այդ գրականութեան հարազատ, անթառամ արժէքներուն։

- Որոնք պայմանաւոր են քու յարգաչափերովդ սակայն։

Ատ ալ աւելորդ փութկոտութիւն, մեղադրանքը իւղոտելու բարուրանք։ Գրականութիւնը սեպհականութիւնը չէր Եղիային, Չօպանեանին, Արտաշէս Յարութիւնեանին կամ Օշականին։ Անցեալը /404/ միշտ փոշի, մոխիր, առնուազն մեռելութիւն չի նշանակեր, որպէսզի անոր հանդէպ մեր տնավարի, խնամիական, բարեկամական փոխյարաբերութիւնները փորձարկենք։ Երբ Թերզեանէն, Չերազէն, Ալիշանէն, Նար–Պէյէն ես չեմ գտներ կարդացուելու արժանի որեւէ քերթուած, անշուշտ որ կը սրտմտիմ, այդ անուններուն շուրջը ստեղծուած սուտ ու փուտ լուսապսակէն,

Որ իրաւ էր իր ժամանակին։

Բայց հարիւր տարի իսկ չէ անցած այդ անուններուն եւ իմ մէջէն։ Երկու հարիւր տարուան սիրային երգ մը, Սայեաթ-Նովայէն, այսօրուան մեծադղորդ, մեծատաղանդ քերթողներու ծնունդ կտորները կը ձգէ շուքի։ Ուրեմն՝ ժամանակը աւանդութեան քղամիդն է եւ քիչ ուրիշ բան։ Իմ արժէքները կու գան շատ աւելի վարերէն, սանկ կէս–երկվեցեակ մը դար թօթուելով իրենց վճիտ մարմիններուն վրայէն ու կը կենան իմ աչքերուն իրենց թարմութեան ամբողջ խռովքովը, անաղարտ ու իրաւ։ Մեր ժողովրդական բանաստեղծութիւնները, իրենց լաւագոյններուն կերպարանքովը, ո՛չ միայն ժամանակը, այլեւ բոլոր քննադատները, Օշականները կ՚արհամարհեն։ Ինչ կրնամ, իբր աւելորդ, փրցնել ես սա պատառիկէն

 

«Հոգիս ես, հոգեկս ուզես,
Չէ չըսեմ, հանեմ տամ ի քեզ,
Վախեմ թէ աչերս ուզես,
Էլ ինչով հայիմ ես ի քեզ…»

 

Աշխարհի մեծագոյն համալսարաններու մագաղաթներովը պսակաւոր գեղագէտ—քննադատները, մուսաներուն բոլոր շփացումներովը, շինծու շնորհներովը հռչակազարդ բանաստեղծները քիչ պիտի գային այդ տունին յաւիտենական գեղեցկութիւնը, խորութիւնը, մարդկայնութիւնը ասեղին ծայրովն իսկ հարուածելու։ Ու հակափաստը, ըսի վերերը, Ալիշանին եւ ընկերքին քերթուածներուն վրայ պիտի գար ճիշդ տարբեր արդիւնքներով լուսաւորելու դառնագոյն իրականութիւնը։ Թող Արշակ Չօպանեան երկու հարիւր էջ գովեստ շռայլէ Թերզեանին քերթուածներուն, պիտի չկրնայ այդ հարիւրաւոր տողերուն մէկն իսկ կենագործել։ Հիմա չեմ կրնար այս խօսակցութիւնը վերածել գրական վերլուծման դասի մը։ Դուն լսած ըլլալու ես հարկաւ, թէ Օշական վերի տասը–տասնըհինգ բառերը երբ բանայ, տասը-տասնըհինգ էջեր անբաւական պիտի գային անոնց տակ ծածկուած, մեհենագրուած յոյզերը, ապրումները, հայեցի շնորհն ու /405/ հարազատութիւնը լիուլի սպառելու, բոլորն ալ իմ ժողովուրդին խորագոյն շնորհներէն, զգայնութեանը ազնուագոյն փաստերէն, երեւակայութեանը գերագոյն ծաղիկներէն, հոդ այդ բառերուն ծոցը ինկած, բայց երբեք մեռած, միշտ պատրաստ կեանքին վազելու, հերիք է, որ զիրենք կանչողը ունենայ այդ ուժը գերեզմաններ պատռելու։

Դո՞ւն ալ վարակուած՝ հայկական խորհուրդ, արմէնիզմ, հայապաշտութիւն որակուած նորութենէն, որուն անունով հիմա երդում կ՚ընեն մարդիկ, քու ընկերներդ, երէցներդ, յաջորդներդ, ամերիկեան համալսարաններու մէջ գրականութեան պսակաւորները, անգոյ արժէքներու մունետիկները, մեր պզտիկ ժողովուրդին հսկայական արուեստ մը ճարտարապետողները, ու աշխարհի մեծ մշակոյթներուն համադաս, եթէ ոչ գերադաս հայ մշակոյթի մը առասպելին ասպետները։

Թափանցիկ են ակնարկութիւններդ։ Կիրքդ՝ զգալի։ Բայց կը զգուշացնեմ քեզ աջէն, ինչպէս ձախէն։ Հիմա աճպարարութեան դար է կ՚ըսեն ու կ՚անցնին, նոյն ափսէին վրայ ապակիին կտորը եւ ադամանդը քով քովի դնելով, ապրանք ծախելու։ Հիմա դիւրին է խորհուրդին շեմա մը թելադրել ու նուաճել բառակերտութեամբ, պատկերակերտութեամբ, աճպարարութեամբ։ Ես ամէն առիթով պահանջեր եմ որեւէ տեղ քերթուած, վէպ թատրոն տպաւորապաշտ վերլուծումներու արձակութեանց երեսին բառերը կարենան պաշտպանել իրենց ներկայութիւնը, դիւանագիտական հին տարազով մը՝ հաւատարմագիրները, այսինքն՝ արդարացնեն իրենք զիրենք։ Ազգային թերութիւններու զօրաւորներէն մէկն է մեր շատ խօսելու, բառ կուտակելու, փչելու վարժութիւնը։ Մեր հին մատենագրութիւնը մեզ կը ձգէ տխուր, այդ դժնդակ զառածումին պատկերովը, ամէն դարու, իրական աղէտ մը կազմող, որպէսզի մեր գրողները կեանքին տեղ բառ աղան։ Դիւրին, անշուշտ, խաբել գիւղացիները, անգէտները, գնչուէն ծախու առնուած ապակիները իբր ադամանդ քշելով անոնց հաւատաւորութեան։ Դժուար՝ այդ խաղը, հասկցողներուն համար։ Այս օրինակը պիտի յիշես, ամէն անգամ, որ քեզի ներկայացնեն բառերով յօրինուած թէկուզ շողշողուն քառամանեակներ։ Մեր արձակ քերթուածը ատոր շքեղ մէկ նմոյշը կրնաս նկատել։ Հայկական խորհուրդը (յիշէ տարազին միւս փոփոխակները, արմէնիզմ, հայապաշտութիւն եւ ասոնց կապուած ընդարձակ բաջաղանքը) ընդհանրացած տարազ մըն է, սանկ կէս դարէ ասդին։ Առաջին Մեծ պատերազմէն առաջ անոր առաքեալն էր Արշակ Չօպանեան, անկէ վերջ՝ Կոստան Զարեան։ 1800ին՝ Մխիթարեաններու անցելապաշտ ռո/406/մանթիզմը, աւելի վար դարերուն՝ Լուսաւորչի հաւատքը։ Մօտ հարիւր տարի, մինչեւ Արեւմտահայ գրականութեան երկրորդ սերունդին կրկէս իջնելը, այդ մտայնութիւնը մեր աչքին ու մտքին ճամբաներուն փռուած տարօրինակ մշուշ մը կազմեց, մեզ արգիլող իրականութեան զգայարանքը յարմարցնելու նոր աշխարհին թելադրանքներուն։ 1800ին ալ կար այդ extaseը, ինչպէս անկէ հարիւր տարի վերջը կայ անոր տարբեր երեսը։ 1800ին, երիտասարդ մտաւորականին համար աբեղայ ընդհանրապէս կամ պատուելիացու գերագոյն հպարտութիւնն էր մեր լեզուին աստուածախօս ըլլալը, տապանին Արարատ նստիլը։ Այս միթերը երբ վերածէք այդ դարու հասկացողութեան, դուք կ՚ունենաք մտապատկերը այդ երիտասարդուդութեան գիւտը այդ փառքերուն, վերստացումը կորսուած բախտին (բախտաւորութեան)։ 1850ին աննշան ըսուելու չափ անկշիռ է իր յղացքէն ներս մուտք ըրած նորութիւնը։ Բագրատունիի սերունդը գրականութիւնը հասկացողութիւն՝ ինչպէս գործադրում վերածած է գրաբարի ուսումին, անոր օրէնքներուն կիրառումին, անոր հեշտանքներուն մատուցումին։ Մեծ քերական ու մեծ թարգմանիչ, բայց երբեք բանաստեղծ Բագրատունիէն խօսեր եմ իր տեղին։ Շքեղ աշխատաւոր մը՝ Ալիշան, դրախտապաշտ այդ հոգեբանութիւնը ունեցաւ իրեն մտերիմ ու, հակառակ լման երիտասարդութեան մը առաջին խանդին, չհասաւ արուեստի գործ մը նուաճելու իր երազին։ Արուեստի գործ մը առանձին միութիւն մը չէ։ Չի բաւեր հզօր յատակ մը, նոր բառով՝ խորք մը, որպէսզի այդ փառասիրութիւնը դառնայ փառք։ Չի բաւեր ճկուն, բազմահնար զգայարանքներու խուրձ մը ականջ, աչք որպէսզի փայտի կտոր մը վերածուի կենդանի էակի մը։ Արուեստի գործը համաձոյլ միութիւնն է այդ երկուքին։ 1850ին, դասական գրականութիւնները ճանչցող, իր ժամանակին գրական ձգտումներուն ալ որոշ չափով հաղորդ մեր մտաւորականութեան չէի՞ն ներկայանար իրաւ ապրումներ, արուեստի գործերով սեւեռելի, որով եւ շատ թանկագին, որպէսզի քերական ու թարգմանիչ մեծ Բագրատունին այդքան սուտ ու փուտ, փոխառիկ, յարմարցուկ տարրերով յաւակներ «դարերու լռութեան» վրէժը լուծել, գրելով « Հայկ դիւցազն » բառապաշտական կոթողը, անգիտելով, զարմացնելու չափ, կեանքին հանդէպ նախնական, խեղճ իսկ պարտք մը։ Այս ամէնը մանրամասնօրէն ճշդուած են իրենց տեղերը։ Անցան տարիներ։ Խորհուրդը չի կրնար մեռնիլ։ Իր նոր կերպարանքին մէջ մենք զայն կը տեսնենք Չօպանեանի դրօշին, որ զայն օգտագործէր պիտի քաղաքական դատի մը սպասին համար ու կը հաւատար, թէ մեր հին գրողներուն, /407/ աշուղներուն, արուեստագէտներուն գործերը փոխադրելով եւրոպական լեզուի մը, պիտի յաջողէր անոնց գեղեցկութեամբը, արժէքովը խանդավառել արեւմտեան դիւանագիտութեան գլխաւոր կեդրոնները։ 1850ի բառապաշտութիւնը, քերականամոլութիւնն էր, որ տարբեր կերպարանքի մը տակ կը մտնէր հրապարակ։ Խորքը մէկ էր ու անայլայլ իր ժողովուրդը խոշորցնել, խոշորցնել, խոշորցնել։ Արշակ Չօպանեան, խորահաւատ, միամիտ ու պարկեշտ, չէր տարբերեր Ալիշանէն, երբ կը դասախօսէր, օտարներու ափիբերան ձանձրոյթին անուշադիր, հայոց գրականութեան փառքերը, մարդկային հոգիէն իր ըրած սեւեռումները։

Սո՞ւտ էին այդ փառքերը։

Երբեք։ Սուտը՝ ատոնք փրոփականտի ապրանք իբրեւ օգտագործելը։ Սխալը՝ հաւա՛տքը, թէ քանի մը հարիւր փրոֆեսէօրներու, սանկ ու նանկ ուսանողներու, լրագրողներու ներկայութիւնը մեր դասախօսութեան պիտի ըլլար բաւական՝ շարժման հանելու դիւանագիտական միջազգային այնքան բարդ մեքենականութիւնը։ Այս մասին ալ խօսած եմ իր տեղը։ Ու արդիւնքը գիտենք։ 1930ին Կոստան Զարեան կ՚անցնի գլուխը կարաւանին։ Եռանդուն էր ու խօսքէ հարուստ։ Կը տպաւորէր ու գիտէր ինքզինքը lancer ընել։ Բայց տարօրէն անընդունակ էր առաքելութեան։ Ի՜նչ հարկ դատել փաստերը։ Ի՜նչ կ՚արժէր փորձառութիւնը, որ, ըստ իր արժեցոյցին, պայծառ ու անկշիռ զգուշաւորութեան մը մեր հագցուցած պատմուճանն է յաճախ։ Վրիպած էին, ըստ Զարեանի, հիները, վասնզի չէին պոռացած, քնարերգած, եօթը երկինքները բարձրացուցած Հայկական խորհուրդը, որ նոր օրերու իբրեւ գերագոյն կարգախօս, պիտի գար իր ժողովուրդը աշխարհին հիացման յանձնելու, քանի որ այդ ժողովուրդը Կոստան Զարեանի նման անհաւասարելի արուեստագէտ մը, դարերուն մէջ իսկ իր նմանը հազիւ ունեցող հանճար մը կրնար պարգեւել մարդկութեան եւ Զարեան անշուշտ ունէր ծիծաղելիին զգացումը մեր մեծագոյն երգիծողն է անիկա ու գիտէր միջոցները սա նորօրինակ տոնքիշոթութիւնը ըստ արժանւոյն դիմակելու։ Իր եռանդը անիկա պիտի պահէր իր բարձրակէտին։ Բայց քառորդ դար աշխարհ սպառեց այդ խորհուրդին ապացոյցները, այսինքն՝ գիրքեր, գործեր, որոնք միջակ ուշադրութիւն մը գոնէ կարողանային արթնցնել փղշտացի Եւրոպայի եւ վաճառամոլ Ամերիկայի մտաւորական խաւերուն մէջ։ Չօպանեանէն աւելի գէշ էր պաշտպանուած սակայն անիկա։ Զարեանի Հայկական խորհուրդը աւելի սնամէջ, գրքունակ, գրական տարազ մըն է, վասնզի կու գայ մէկու մը կողմէ, որ չի ճանչնար իր /408/ ժողովուրդը։ Կը հաւատամ, թէ Զարեան, արագ քրոքին երու մասնագէտ, քիչ մը աւելի պարկեշտ աշխատանքով պիտի կրնար իր ապրումներուն սիլուէթ ները սեւեռել, որոշ շահեկանութեամբ, ու առնուազն Փօլ–մորանեան գծագրութիւններով շրջանէ մը վերբերել շահեկան, սիրուն, հաճելի տիպարներ։ Անշուշտ պայմանը հոս իմացական պարկեշտութիւնը կու տայ։ Կոստան Զարեան 1900ի առաջաւոր երիտասարդութիւնը (Եւրոպա եւ երբեք Հայաստան, ուր չէ եղած) կը ճանչնար միսերու վկայութեամբ մը, տարօրինակ ակումբները, գրական–գեղարուեստական վերջին նորոյթները, ինչ որ Արեւմուտքին մեծ ոստանները ունին՝ իրենց տարակեդրոն երիտասարդութեան զգայարանքներուն մատուցանելի, իբր ինքնատպութեան գրգիռ։ Թող գրէր պատմութիւնը այդ հոգեբանութեան, որ գաղիացի է ու գերման, ֆլաման է եւ իտալացի, սլաւ է ու հունգար, այսինքն՝ ջեղերու նրբութիւնը ոսկեզօծ երիտասարդութեան, որ կ՚ընէր երդում Պօտլէռի անունով ու կու տար ծնունդ արուեստի այնքան զարմանազան քոթէրի ներու։ Չունիմ առարկութիւն։ Այդ տեղերէն կու գար ու այդ տեղերուն մարդը մնաց դժբախտաբար, երբ դարձաւ իր ժողովուրդին։ Կոստան Զարեան եւ հայկական խորհուրդը քովէ քով դրուելիք եզրեր չեն կրնար կազմել։ Ժողովուրդի մը խորհուրդը արեան հանգոյց է, ջիղերու բարիք մը, առնուազն առջի մանկութենէն մինչեւ պատանութեան մեր ամենէն անխորտակելի յատակը տուող տասը-տասնըհինգ տարիներու հոգեհիւսքը։ Կոստան Զարեան մօրը կաթին հետ ծծա՞ծ է ինչ որ ժողովուրդի մը ճերմակ հոգին է առանց կասկածի։ Կոստան Զարեան մանուկի իր մարմինին բիւրաւոր ճամբաներովը պուտ–պուտ առած, իւրացա՞ծ է ինչ որ հողին, ջուրին, երկինքին, հովին ու լոյսերուն, ցաւին ու արցունքին, ժպիտին ու քաղցր ձայներուն, կարճ՝ մեր հոգիին մարմինը յօրինող ազդմունքներուն անհասանելի, բայց տարօրէն հզօր, տիրական ազդմունքներով է գոյաւոր, այն սրբազան աւիշով, որ երկրի մը տղան կը ցեղադրէ այնքան տարբեր, այնքան հեռու միջին տիպարէն։ Կոստան Զարեան, իբր պատանի, այդպէս կազմաւորուած ու իրենց հասունութեան տարուած զգայարանքներով կեցա՞ծ է, համբերատար, խոնարհ, բարի՝ տարափին տակ զգայութիւններու այն անձրեւին, որուն անբացատրելի տարրալուծումներուն մէջ կը մասնաւորուի, կը սեռաւորուի (ներեցէք այս բառին) ամէն պատանիի հոգին։ Զարեան, իբրեւ երիտասարդ՝ ուրախացա՞ծ, լացա՞ծ է միշտ անբացատրելի այն ապրումներու ասեղներուն տակ, որոնք մեր միտքն ու սիրտը այդ տարիներուն կ՚ընեն աշխարհին ամենէն հրաշալի նուագարանը, թրթռացա՞ծ է, /409/ իբրեւ միտքի մարդ մա՛նաւանդ, երբ մտաւ շփումի իր ժողովուրդին ամենէն խորունկ յոյզերուն հետ, անմիջապէս առաջ անդրանիկ սպանդէն (Մեծ պատերազմէն) ու վերջը այդ հսկայ գերեզմանին։ Այս հարցումները, արագ, որքան կարճ, կը նային իրենցմէ անդին, այսինքն՝ կազմաւորմանը արուեստագէտին, առանց ծանր յաւակնութիւններու նոյնիսկ, մինչ մենք գիտենք, որ անիկա կը մերժէր տաղանդին դարպասը, բարձրաղաղակ պոռալով իր հանճարութիւնը։ Բայց այս փոքրութիւններէն անդին կը նայիմ։ Արուեստագէտը յօրինումն է, տասէն–տասնըհինգ տարիներու ապրումներուն։ Մենք գիտենք սակայն, որ Կ. Զարեան դարձաւ այս ժողովուրդին, երբ լիուլի աւարտած էր հէնքը իր զգայնութեան։ 1914ին անիկա անունը կը ճանչնար իր ազգատոհմին, ան ալ կոտորակելէ վերջ ( Եղիազարեանը բաւական հայ կը հոտէր ու հետեւաբար կրնար անպատեհ հետեւանքներ թելադրել, երկու վանկերը կրճատումով մականունը կը գտնէր թէ՛ էկզոթիք, թէ՛ տոհմիկ հնչականութիւն մը), բայց չէր գիտեր իր հայրերուն լեզուն։ Անիկա ռուս մըն էր, իտալացի մը, ֆրանսացի մը, գերման մը, այսինքն՝ աշխարհաքաղաքացի տիպարը, որ 1900ին, Եւրոպայի առաջաւոր ոստաններուն մէջ, իր ջիղերը կը մարզեր առաջաւոր, հազուադէպ, քիչ մը շատ նուրբ, անսովոր, կծու, կիզիչ զգայութիւններուն որսին մէջ։ Կը հասկնար այդ առաջամարտիկները, իրենց ժողովուրդներէն յոգնած, ուծացած, որոնք բոլոր դարակեդրոն վարդապետութիւնները ընկերային ինչպէս գրական կը հոտուըտան, ագահ ու ռնգալար, կը կենան պահ մը, շուրջը դիտելու ու կ՚անցնին ուրիշներու։ Նկարիչ, արուեստի քննադատ, մեծ դասախօսութիւններու վաճառորդ, քննադատ ու անկապաշտ բանաստեղծ, բանջարապաշտ միսթիք, միշտ ծանր, նոր, յախուռն ապրումներու սպասաւորը՝ Կոստան Զարեան մեր ժողովուրդի սթանտարտէն բարձր արուեստագէտ մը կը հաւատար զինքը։ Իրաւ արուեստագէ՞տ մը։ Երեսուն տարիներ անցեր են այդ 1914–ն ու ես կը սպասեմ այդ իրաւ արուեստագէտին: Կը յայտարարեմ, որ իմ աչքին հազիւ թէ կ՚ուրուանայ ողբերգութիւնը այդ կեանքին, մարդկայինին, ընկերայինին պարունակներէն, որոնք երբեմն սակայն արուեստի ձեռնածուէ մը . Ուայլտ), իրաւ գիրք մը Տը փրոֆոնտիս »ը) կը հանդերձէին, ու կը մնամ ակնակառոյց իր տաղանդը արդարացնող իրաւ գործին։ Ոչ մէկ տարակոյս այդ տաղանդին ուժէն, լայնքէն։ Բայց դարձեալ ոչ մէկ տարակոյս՝ այդ տաղանդէն մեզի եկած գործին ներքին տարողութեանը վրայ։ Զարեան իր փնտռածը գտած է սակայն աղմուկը, իր անունին շուրջը։ Զինքը ուրացող/410/ները եւ պաշտողները ազատ են իրենց հաշւոյն։ « Համապատկեր »ին հեղինակը կը խոստովանի, թէ « Անցորդը եւ իր ճամբան » մեծ գործ մըն է, Զարեանի գլուխ–գործոցը նոյնիսկ եւ ոչ թէ ասոր ճապաղումը միայն ըլլալ կրցող « Նաւը լերան վրայ » անվաւեր, ոչ մէկ իրաւ ու խորունկ վիճակ սեւեռող եղջերուաքաղը։ « Անցորդը եւ իր ճամբան », իր յաջողութիւնը պարտական է Զարեանի յայտնութենական երեւակայութեան, որուն ընդմէջէն իրերը կ՚անձնաւորուին ու անձերը կը հսկայանան, կ՚այլանդակուին, նկարչականին համար խոր ընկալչութեամբ դարսուած իր տեսողական զգայարանքին, որ կրնայ ներկն ու գիծը իրարու փոխակերպել ու տարրերը շոգեւորել, իր հրաշալի պատկերակերտութեան, որ առջի երկու յատկութիւններուն հետեւոյթն է ինքնին։ Գիրքը հանդիսարան մըն է շքեղ պատկերներու, մեզի համար, որ անծանօթ ենք այդ զգայութիւններուն, քանի որ այնքան քիչ բան գիտենք այդ հայրենիքէն ու այնքան գէշ ենք շինած անոր նկարը մեր ներսը։ Թերեւս հոս է գաղտնիքը այն տարօրինակ գրաւչութեան, որով համակուած են այդ տեղերէն խօսող նոյնիսկ օտար անցորդները։ Սրուանձտեանց, այդ հայրենիքին մէկ կարեւոր մասը ուզեր էր պատկերել իր գեղջուկ մատիտով ու մենք այդ ուրուագիծն իսկ խանդաղատագին միացումով մը սիրեցինք արժեւորել։ Պէտք պիտի ըլլար սպասել անգլիացի անցորդին (Լինչ), որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը զգար, իր խորհուրդին լիութեանը մէջ, պապենական լեռը, ինչպէս արաբները Լորանսի գիրքին մէջ գտան իրենց զգայնութեան հարազատ փաստերը։ Մեր հայրենիքին տեսարանումը նուաճող ամէն նկարիչ մեզ պիտի խանդավառէ, եթէ երբեք իրաւ արուեստագէտին քանի մը տարրական շնորհները ըլլայ ապահոված։ Ու պիտի չհարցնենք յատակին, այսինքն՝ յատակագիծին հաւատարմութենէն, հարազատութենէն։ Յետոյ, Կոստան Զարեանի հոգեկան բառեխառնութիւնը իր հաւասարակշռութիւնը գտած է ահաւոր ծաղրի մը, անգութ հեգնութեան մը, անսիրտ յոռետեսութեան մը հանգոյցներուն ներսը։ 1900ի առաջամարտիկները եւրոպական երիտասարդութեան ծաղիկը 1860, Les possédésին նրբացածներն են։ Միտք բերէք գեղարուեստական բազմազանակ հանգանակները։ Ու շինեցէք այդ տղոց հոգին, որ բնակարան է ամենէն լաւ, ինչպէս ամենէն վատ ապրումներուն, ահաւոր անտարբերութեամբ մը։ Զարեան մարդն է, որ առանց ուտելու, գիտնալու, իր տեսածները կը տեսնէ շրջուած, ծաղրանկարուած ։ Իր սրամտութիւնը զուարթ էր, որքան սպաննող, ճիշդ, որքան յանկուցիչ։ Ուրեմն՝ տիրական քանի մը ընդունակութիւններ դիւցազնաշունչ épique երեւակայութեան մը ծնունդ /411/ պատկերակերտութիւն, եւ շատ ապրած, շատ տեսած, փորձառու ու անյագ զգայապաշտութիւն կը միանան իրարու, որպէսզի անոնցմէ ծնած գործը տպաւորէ հաւասարապէս իբրեւ վերացում ու իբր դիմածռում, բանաստեղծութիւն եւ ծաղրանկար։ Անիկա այնքան իրաւ կը տեսնէ մարդերը, այնքան ազատ, ամէն շուքէ, կապանքէ, որ սեւեռումները կը կրեն այդ առատութեան, չափազանցութեան անդրադարձը, ինչպէս կը պատահի ատիկա մեր աչքերուն, շատ զօրաւոր, յորդ լոյսի մը հեղեղին դիմաց։ Կարելի է, առանց սխալի մէջ իյնալու, ըսել, թէ չունինք իր երկրորդը, անձնաւորման եւ ծաղրանկարի վերածման սա յատկութիւնները իր չափովը տիրակալող։ Անշուշտ, ասոնցմէ առաջինը մեծ բանաստեղծ մը պայմանող հզօր տուրք մըն է։ Խորհեցէք Վ. Հիւկոյին, բայց ոչ հեքիաթի Հիւկոյին, այսինքն՝ իմաստասէրին կամ իրաւ բանաստեղծ Հիւկոյին, այլ « Դարերու զրոյցները » (Legendes des siècles) ճարտաարպետող յայտնութենական տեսանողին։ Այդ յատկութիւններէն երկրորդը ընդարձակ քաղաքակրթութիւններ արագ ու թիփիք կերպարանքներու տակ համադրող, ու յիմարութեանց, թանձրութեանց, սեթեւեթին, կիրքերուն, ունայնասոյզ հեշտանքներուն ճամբով, վճռական պատկերներ, պատկերացումներ նուաճող միւս տուրքն է, որով մեր շրջանը, երբեմն լման մարդկայնութեան վրայ տարածուող բարքերէ վկայութիւններ կը սեւեռենք։ Խորհեցէք Մոլիէռին։ Բայց ո՞վ չի գիտեր, որ մարդկային կատակերգութիւնը, մեր օրերու բառով՝ ողբերգութիւնը, այդ երկու եզրերուն մէջ չի կրնար բանտարկուիլ։ Կան Հիւկոները, Մոլիէռները, այսինքն՝ իր ժամանակին հպատակ կամ զայն ուրացող մարդերը, առանց տաղանդին պաշտպանութեանը։ Ու կան, աւաղ, անոնցմէ անդին։ Բացէք ձեր դիտողութեան ծիրերը։ Որչափ զանազանութիւն մէկ հատիկ կիրքի կերպարանքներուն մէջ։ Ու մարդոց միջինը օ՜, զարհուրագին ճնշումը զանգուածին պիտի նայի աւելի պարզ, աւելի համեստ առաքինութիւններու, պիտի ուզէ, որ « Դարերու զրոյցները » ըլլային ոչ թէ այդ շողարձակ, փայլակնաթեւ ու մեր կեանքէն շատ հեռացած կեդրոնախոյս պատմութիւններ, այլ տային մեզի ինչ որ քանի մը հարիւր, երբեմն հազար տարիներու, դատանք մը, չարքաշ աշխատանք մը, պարկեշտ կամ թշուառ զգայնութիւններու հանդէս մը այդ զրոյցներով մեզի ըլլային մատուցուած, որով եւ մեր օրերուն, մեր միջակութեան ու խեղճութեան մէջ փախստեայ սփոփանք մը։ Այդ մարդկութիւնը, զրուցային, բարձր, շէկ ու դժբախտ, մեծ ու տարօրինակ, խարանահար է մեզմէ ոչ ըմբռնելի մարդկութեան մը պատկանելուն մեղքովը։ Իր լաւագոյն գոր/412/ծին մէջ իսկ ուրեմն, ԺԹ. դարը իր աղմուկով ու փառքով լեցնող հանճարը տարօրէն փոքր է իրաւ մարդոց կշիռին մէջ, վասնզի կեանքը, այդ երեւակայութեան տակ դարձուցած է քմայքի, բառի, պատկերի, խօլ շարժումներու եւ անկայուն թռիչքներու հանդիսարան մը։ Ու անգութ հակազդեցութիւնը, իր դարը լեցնող, իր փառքը իրեն հետ գերեզման տանող մարդը ենթարկուեցաւ ամենէն անողոք կործանումին։ Անոր գերեզմանին հողը դեռ չէր չորցած, երբ եկաւ վճիռը, անոր յիշատակը զարնող nuին բառախաղաց մը։ Ճաշա՜կը չէր, որ կը հեղինակէր այս անողոք դատապարտութիւնը, ոչ ալ նորութեան ասպետները կը խուժէին սուսերամերկ, ուրուականի մը վրայ։ Վճիռը արդիւնք էր աւելի պարզ իրողութիւններու։ Հիւկօ մէկն էր ռոմանթիզմին վարպետներէն։ Ռոմանթիզմը կեանքը հանդուրժելու համար մտածեր էր զայն այլակերպելու, մեր օրերու բառով՝ պայծառակերպելու։ Ու 1890ին պատրանքը, շատ տեւող մշուշի մը նման, փարատած էր մարդոց աչքերէն, որոնք կը տեսնէին իրենց յաւիտենական հարցերը, իրենց իսկ սոսկական շապիկին եւ ոչ թէ դարերու զրոյցներուն շքեղաշուք պատմուճանին մէջ։ Ռոմանթիքներով զառածած, պղտորած, իր հարազատ իմաստէն տարագիր բանաստեղծութիւնը կ՚ազատագրուէր բառէն, պատկերէն, վսեմէն, կախարդականէն, լոյսէն ու շուքէն, Աստուծմէն ու սատանայէն, դառնալու համար իր վաւերական դերին, կերպարանքին, զգացումին, զիջումով մը՝ զգայնութեան ։ Ու առօք–փառօք, մարդիկ թանգարան առաջնորդեցին ԺԹ. դարու մեծ բանաստեղծը, որուն գործը կարելի չէր կարդալ։ Ու փառքը բացատրելու համար կը ստեղծուէր դժուարութիւն։ Թանգարան մտնող առարկաները իրենց տոտիկին կը կրեն ճերմակ թղթեայ պիտակ մը։ Հիւկոյին համար մարդիկ պիտի գտնէին հսկայական երեւակայութեամբ կենդանին ։ Կ՚անցնիմ Մոլիէռին։ Ան ալ քանի մը հարիւր տարի իր փառքը կրեց իր ետեւէն, ծանր, իրաւ, հաստ ու գեղջուկ փառք մը։ Բայց մարդիկ կը գտնէին, որ այդ հանճարին ալ աշխարհը կը թուէր քիչ մը շատ շղթայուած իր ժամանակին պզտիկ, մանր հետաքրքրութիւններէն։ Դիւրին էր Մոլիէռով սեւեռուած մասնայատկութիւնները հաւաքել որեւէ ժամանակի պզտիկ–մզտիկ, քիչիկ մը կանանչ ըսի–ըսաւներէն։ Անբաւարարութի՞ւն։ Անշուշտ։ Ու կու գայ ասիկա սեռին իսկ նկարագրէն։ Հեգնողը մեծ մարդ մըն է, երբ իր աշխարհը կը տիրապետէ լրիւ ու բացարձակ։ Բայց այդ տիրապետութիւնն ալ ենթակայ է հակադիր վտանգին, յիմարներէ կազմուած աշխարհի մը անճշդութեան։ Ծաղրանկարը կը թելադրէ անհեթեթին, աղաւաղեալին, յիմարականին ճամբով իր ներհակները։ Ո՞ւր /413/ փնտռել պարզ, սիրտցաւ, իրաւ, իր տառապանքին մէջ սրբացած միջակ մարդկութիւնը։ Ինչպէս կը տեսնես, իմ մտածումներու շրջանակը տակաւ կ՚ընդարձակուի։ Իմ ժամանակը սուղ է սակայն, որպէսզի արտօնուիմ զայն յատկացնել մեզմէ դուրս ուրիշ հարցերու վերլուծումին։ Իմ նիւթն էր Հայկական խուրհուրդը, ու ասոր տեսաբան Կոստան Զարեան անունով աշխատաւորը։ Ըսի, թէ այս մարդուն տաղանդին հիմնական գիծերը կու գային հեգնելու, անձնաւորելու յատկութիւններէն։ Զարեանի այս տուրքերը հազիւ կարելի աղերս մը կը պարզեն սակայն Հայկական խորհուրդին հետ, որ որքան ալ խնդրական իբրեւ տարազ, չի դադրիր ինքզինքը պարտադրելէ մեր նկատառումին, այս անգամ իր իսկ ներքին տարողութեանը գնով։ Ի վերջոյ, կայ այդ խորհուրդը, ուզենք կամ չուզենք, գիրքերէն շատ առաջ ու վեր՝ գրողներու առաւել կամ նուազ արկածախնդրական տեսութիւններէն, ճամարտակութիւններէն, փառասիրական մեղքերէն, կերպարանքներու մէջ, որոնք չեն կրնար հերքուիլ։ Ամբողջ պատմութիւն մը, այս երկուքէն արտահանուած աւելի քան ամբողջ աշխարհահայեացք մը մէկէն կը բռնանան մեր մտքին, երբ դնենք սեղանի վրայ այդ կախարդական տարազը ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ։ Դարերով, տարրերով, կենդանի հողով ու միջոցը նուաճող ձեւերով յօրինուած մութ, բայց առինքնող հանգոյց մըն է ան, դժուար նուաճելի, վասնզի մեր բառերը, այսինքն՝ անոնք, զորս Օշական կը գործածէ հիմա, չեն կրնար երկու հազար տարի առաջուան ապրումները հաւասարապէս, պատշաճապէս կերպարանել։ Որքան շատ են մեզմէ մոռցուած բառերը, այսինքն՝ իրենց իմաստէն բոլորովին պարպուած ու իրենց շուքն իսկ չմնացած բացատրութիւնները։ Կ՚առնեմ օրինակ մը մեր շարականէն.

Լերինք ամենայն այսօր ցնծացէք
Ընդ մեծապայծառ փառսըն Սեպուհոյ
Գերազանց լերինն…:

Զարեանն ալ մեր լեռները պարի կը հանէ, բայց երանելի վարդապետէն որքան տժգոյն հոգեբանութեամբ մը։ Այս տողերուն հեղինակը իր լեռը կը տեսնէ ոչ իր երեւակայութեան ձեւազեղծող բանդագուշային ազդմունքներովը, այլ՝ հզօր առքին մէջը մարդուն, որ սարսռագին մտապատկերը ունի իր հոգիին վրայ սաւառնող, Աստուծոյ սուրբին հոգեվարքը իր ծոցին մէջ ընդունող գերազանց փառքը գերազանց լերան։ Երկու գրողները իրարմէ բաժնող անջրպետը չի լեցուիր այդ /414/ գրականութեամբ, ո՛չ երեւակայական շնորհներով, ոչ ալ ժամանակով։ Կաթիլ մը իրաւ զգացում պիտի բաւէր այդ հրաշքը իրագործելու։ Ու այդ իրաւ զգացումը կայ շարականին հեղինակին ներսը ու չկայ Կոստան Զարեան ըսուած մարդուն ներսը, որուն համար արտաքին աշխարհը պատկերներու հանք մըն է, երբեք զգացման մը ներշնչարանը: Զարեան կը հաւատայ, թէ խորհուրդին մտատեսութիւնը բաւ է իրեն, որպէսզի ինքզինքը իրաւասու նկատէ զայն անձնաւորելու ուզած եղանակովը։ Ու, իր բառերը, այդ խորհուրդը ձեւի կապելու, բնական է, որ առնէին իր հիմնական շնորհին, անձնաւորման կնիքը, բայց ուրուային, բայց բառական, ու մնային կեանքէն ասդին։ Ի վերջոյ, մտայղացքները մարդերու նման կերպընկալ տարրերէ չեն գոյաւոր, որպէսզի սեւեռուին յաջողութեամբ։ Զարեան կրնայ մէկ էջի մէջ վերջնաքանդակ նուաճել « Ազգային հնդկահաւուհին », որ ծաղրանկար մըն է ու կերպընկալ պատառ մը։ Յիսուն–վաթսուն էջեր անիկա պիտի գործածէ, որպէսզի իր ժողովուրդին խորհուրդին մէկ երեսը միայն եղող լեռնականին տրոփը դարձնէր զգալի ու չի յաջողիր Տատրագոմի հարսը »)։ Ու տեղի կ՚ունենայ անխուսափելին։ Զարեանի գտնել յաւակնած տարրերը այդ խորհուրդին, փոխանակ տարրէն, պուտ-պուտ, անհուն թորումներու իբր արդիւնք, իր ուղեղին իյնալու, կու գան ներսէն, իր ուղեղէն, աժան, դիւրին, բառերու ձայնական թելադրանքներուն հպատակ ու կը հագնին ուրուայնութիւն մը, անհաստատութիւն մը, որ կը տպաւորէ թէեւ, բայց հետզհետէ կը ստեղծէ մշուշ ու օդայնութիւն։ Զարեանի նկարագրումները, վերագրումները, թելադրանքները իբր թրթռացումները այդ խորհուրդին ուղեղէն մեկնած, ստիպուած են ուղեղին դառնալու։ Իր ուղեղէն դուրս ուրիշ ոչ մէկ գործիք է, որ դիմաւորէր, հակակշռէր, առնուազն ցեղականացնէր այդ fantasmagorieն։ Վերցուցէք, այդ խորհուրդին վրայէն, որակականը հայկական ու դրէք, օրինակի համար, հունգարականը ։ Պիտի գտնէք, որ տարօրէն իրաւ, անկարեւոր են այդ տարազային բառերը այն մարդկեղէն զանգուածին համար, որ Կարպաթներու զառիթափերուն կամ անոնցմէ քիչ վերօք, կը շփէ իր կոշտացած մատուըներով գուղձն ու խիճերը, կը մաղէ հողը ու կը սանտրէ գեղանի գլուխները հասկերուն, երբ հովին դէմ հասակ կու տան ու կ՚առնեն անոնք, խարտեաշ հարսները այդ դեղնորակ դաշտերուն։ Կենդանի, հաստ, ապառաժի պէս միակտուր հոգիով այդ լեռնականին ու Արագածի փէշերուն իր գոմշուկները հանգչելու տանող հօտաղին ներքին աշխարհնե՞րը։ Անշուշտ որ չեն կրնար նման ըլլալ իրարու։ Բայց այդ աշխարհներուն արտաքնացո՞ւ/415/մը։ Ինչո՞վ հունգարական դաշտագետինը կը զատուի Այրարատի հովիտէն…։ Զարեան կը հաւատայ, թէ շքեղ, ալապուճիկ, հնչական նկարագրականները պիտի բաւեն այդ տարբերացումը ընել զգալի։ Իրականութեան մէջ մեզի հասած թելադրանքներ դատապարտուած են բառ միայն մնալու, ինչպէս բառ էին արդէն հեղինակին մտքին մէջ, ուր լարուած ու մշտապատրաստ կը գործէ պատկերակերտ մեքենան։ Ու Հայաստանի արտաքին կշիռէն իբր թէ մեկնող ու անոր հոգեղէն խորհուրդը ճամբայ պեղող, յարդարող միջոցները տպաւորապաշտ նկարագրումին թեքնիքն ու ձայնական պատկերներուն թելադրանքները բառ առ բառ, ծուէն առ ծուէն գործածելի, պատշաճելի են Զուիցերիոյ կեղեւին ու անոր տակ շրջան ընող հոգիին։ Զարեան այս եղանակին մէջ զառածումը պիտի վերածէր հսկայ խարդախութիւններու։ Իր « Երկիրներ եւ աստուածներ » տպաւորապաշտ գործը չի պատկաներ ո՛չ մէկ երկրի եւ չի վայելեր պաշտպանութիւնը ո՛չ մէկ Աստուծոյ։ Իր Սպանիան փոխանակելի ապրանք մըն է, ու իր Ամերիկան ինքնահնար, ծախու ուրիշ ապրանք մը։ Իր Հայաստանը տարբեր պիտի չըլլար։ Կը պատժուինք, ամէն անգամ, որ կը ձգտինք իրաւէն անդին, զայն զանցող իրականութեան մը ճարտարապետումին, ու կը կարծենք ատոր հասած ըլլալ, երբ մեր դաշտանկարներուն վրայ մտացածին բոլոր գիծերը կը լարենք ու անգոյ բոլոր գոյները կը հանգուցենք ու մեր մարդերը քանի մը կարկառներով ցցելէ ետքը, կը նետենք այդ նկարներուն երեսին։ Խորհո՜ւրդը փրկուած է, վասնզի մշուշը կը պառկի, այդ այլակերպուած տեսարանումը սքողելու։ Զարեանի նկարագրութիւնները ծնունդն են իր միտքին, չեն գար արտաքին թելադրանքէ, թուղթին առջեւ են յղացուած ու չեն պատկերեր աշխարի մը։ Ու այս դժբախտութիւնը այլապէս ծանր պիտի կշռէ հոգեղէնին համար, որ արդէն անօսր իրողութիւն, բառերուն սարիքին մէջ ամբողջովին պիտի աղաւաղուի։ Մի կարծեր, որ հարազատ, լուսանկարչական պատկերացում մը ունիմ նկատի այս վերապահումներու ետին, ու կը պահանջեմ, որ արուեստագէտը քոտաքի պաշտօնատար մը ըլլայ, իրաւ փլաքներու, տեսարաններու որսորդ մը, ամերիկեան աշխարհագրական մակազէնի մը ի հաշիւ աշխատող։ Արուեստագէտը ազատ է բնութեան առջեւ, ինչպէս ազատ է հոգիին առջեւ։ Ի՞նչ է աշխարհ մը, եթէ ոչ՝ գիծերու, գոյներու, հակումներու եւ ամբարձումներու բարդ հանդէս մը աս ու ան գիծին, կարկառին, երանգին աւելի կամ նուազ շեշտումովը, նուազումովը, այլայլումովը պայմանաւոր։ Ի՞նչ է հոգին, եթէ ոչ՝ կարգ մը հասարակաց, հիմնական ապրումներու հէնքին մէջ աս ու ան յոյզին, շեշտին, ձգ/416/տումին, թրթռման աւելի կամ նուազ խտացումներովը պայմանաւոր վերացում մը, մտայղացք մը։ Յետո՞յ։ Երբ այնքան անբաւական են մեր տրամադրելի նախանիւթերը, ու հասարակաց՝ զանոնք արժեւորելու մեր թեքնիքը, յաւակնիլ տալու հայոց աշխարհը իբր գիծերու մասնաւոր շէնք մը, գոյներու մասնակի, հոյակերպ փառք մը, կը նշանակէ իրաւ ապրումներու տեղ տարտամ բառեր դնել ու թուղթով կշտանալ։ Յաւակնիլ սեւեռել հայուն հոգին, խորհուրդը նոյն ճամբով, այսինքն՝ ըսել, թէ այդ հոգին գումար է մըն է մութ, անաւարտ, խորունկէն փրթող ու արնաներկ ապրումներու, կը նշանակէ աւելի գէշ գրականութիւն մը ըրած ըլլալ, քան թէ հայեցի հարազատութիւնը սեւեռած ըլլալ Հայաստան անուանուած հողամասին ու հայ որակումով մասնաւորուած հոգեղէն դրութեան մը։ Զարեանի տեսնել կարծած գոյները տեսանելի ու իրաւ, որով եւ ոչ մասնաւորեալ են աշխարհի որեւէ մէկ կէտին։ Զարեանի լսած կարծած ձայները այդ հողերէն լսելի կրնան ըլլալ աշխարհի որեւէ մէկ կէտին ընդերքներէն: Զարեանի հասկնալ կարծած մեղքերը, թրթռումները (այդ մարդերէն) միշտ պիտի գտնեն մեր պարզագոյն խելամտումը, դարձեալ աշխարհի որեւէ մէկ կէտին։ Եթէ նոյնն են լացն ու ուրախութիւնը, ու եթէ նոյնն են քարը, սառոյցը, տերեւը, հողը, ամէն տեղ նոյնը չեն այդ ամէնը զգացող դրութիւնները, այսինքն՝ ժողովուրդներու հոգիներուն։ Ի. դարու բացառիկ, հեշտախտաւոր ցանկութիւնները այդ աննոյնութիւնը սեւեռելու։ Ստեղծուելու վրայ է գրականութիւն մը, որ արտաքին պատկերացումներէ մեկնող ( Փօլ Մորան ), կը յաւակնի ներքին դրութիւններու թափանցումին ( Քէյզէրլինկ ) ու կը տառապի հողն ու հոգին իրարու անդրադարձելու արարքը բարձր իմաստասիրութեան վարկին հանելու։ Անշուշտ յիշուած հեղինակներէն առաջինը տեղեկաբեր մըն է գրեթէ արտաքին ապրումներու, ու երկրորդը ներքին ապրումները կը կարծէ ոճաւորել դուրսի տարազներուն réalisationներովը։ Ամէն պարագայի, երկուքին մօտ ալ յաւակնութիւնը կը մնայ տանելի, երբ բաղդատուի Զարեանի սեւեռել կարծածներուն։ Հարաւային Ամերիկա մը, որ խնդրական Քէյզէրլինկի գիրքէն, ինքիր մէջ կը տպաւորէ, պարկեշտութեամբ մը, ամօթխածութեամբ մը, որոնք դիտողին, փնտռողին, հաւաքողին հիմնական յատկութիւնները կազմեցին։ Գէթ այդ հաւաքումներուն նիւթեղէն ծանրութիւնը բանի մը պէտք կու գայ։ Զարեան կու տա՞յ, այդ մեթոտով, տեղի մը, հոգիի մը տեսակարար խտութիւնը, գէշ բառով մը՝ կշիռը։ Ուրիշ խօսքով՝ երբ տասնեակներով էջ խօսք ու նկարագրութիւն ծամելէ վերջ դուք ձեզ կ՚ամփոփէք, գտնելու համար ձեր /417/ մտքէն ներս աւելցածը, կը զգաք, որ գոհացած էք նկարագրութեան նիւթական համովը։ Ձեր գիտցածը ոչինչ է առաւելած։ Ուրեմն Հայկական խորհուրդը կախարդական թռչունին նման հեռացած է միշտ աւելի վար, ու կը պահէ իր առեղծուածային դիւթքը ձեր երեւակայութեան վրայ։ Գէթ մինչեւ այսօր, Զարեանէն ստորագրուած էջերուն փաստը զիս կ՚ընէ աւելի քան վստահ իր վրիպանքէն այդ խորհուրդը, որեւէ խորհուրդ նուաճելու։ Կը մերժեմ Զարեանին եւ իր աշակերտներուն, հիացողներուն միամիտ հաւատքը, հայեցի խորհուրդին վրայ տող մը լուսաբանութիւն իսկ բերած ըլլալու։ Իմաստասէր ըլլալու կարիք չկայ խորհուրդին հասնելու համար։ Գեղջուկ պատմող մը՝ Համաստեղ, իր պարզ մարդերուն բերանով այդ խորհուրդին վրայ շատ թանկագին վկայութիւններ բերած է մեր գրականութեան, քան երկինքն ու երկիրը, ազգերն ու արուեստները պատմութիւնն ու իմաստասիրութիւնները իրարու խառնող պատկերակերտ ու պատկերամարտ Կոստան Զարեանը։ Ասոնք ալ իրաւ խօսքեր են, ըսուած առանց դառնութեան։

Չեմ կարծեր։ Այնքան թաքուն կիրք մը դրիր այդ ամէնը բացատրելու ատեն, որ մարդու ներքին ցաւի մը կը մտածէ ինքնաբերաբար։

Ի՞նչ տեսակ ցաւ է ատիկա։

Ցա՛ւը մարդուն, որ մինակ է ընդհանուր խաբեբայութիւն մը հասկնալու մէջ, երբ հասարակութիւնը այդ խաբեբայութիւնը կը դաւանի աննման, եզական ստեղծագործին, հայ մտքին գերագոյն շողարձակումը ու քեզ, որ կը յաւակնիս այդ խաղին ըրած ըլլալ թափանցումը, կը դատապարտէ իբր յաջաղկոտ մը, ասոնք ալ պարզ խօսքեր են։

Սխալի մէջ ես, անոր համար, որ այդ հասարակութիւնը չի ներկայացներ արուեստին մարդերը։ Նոյնիսկ այդ պարագային իրողութիւնը պիտի չփոխուէր։ 1870ին տարակուսիլ « Հայկ դիւցազն »ի արժէքին վրայ՝ սրբապղծութիւն մըն էր ո՛չ միայն աններելի, այլեւ՝ անմտածելի։ Օշական բաւական բան գիտէ համբաւին եւ արժէքին յարաբերականութեանց մասին։ Բայց ստոյգ է, որ ցաւ մը կայ իմ ներսը, ո՛չ այդ մարդուն փառքէն, այլ՝ այդ մարդուն կարողութեանցը իսկ հաշւոյն, զորս կը յայտարարեմ իրաւ ու բաւարար, մեր գրականութեան համար ո՛չ թէ հանճարափայլ, այլ սանկ մարդկային պարտքեր կտակելու։ Ես զինքը կը ճանչնամ երեսուն իսկ տարիներէ ի վեր։ Երիտասարդ էր ու ես չէի տեսներ իր վրայ գրողի նանրամտութիւն, փառասիրութիւն, քանի որ հիմնովին անծանօթ մըն էր մեր գրական /418/ հրապարակին եւ իր ցեղին համար միջոցներ կը գործածէր, որոնք ոչ-յանձնարարելի կարգ մը միտքերու վրայ, իր մօտ, զիս կ՚ընէին գրեթէ անտարբեր, վասնզի նորութիւն մըն էր։ Այսպէս կը տառապէինք, իր այդ փառասիրութենէն ես, Գեղամը, Վարուժանը, երբ կու գար մեզմէ ուզելու այդ գովեստը, զոր այսինչ սրահին մէջ այնինչ կինը հիւսեր էր « Մեհեան» ի մէջ իր մէկ յօդուածին: Ծիծաղելիէն անդին էր այս վիճակը մեզի։ Ու կը յիշեմ, որ յայտարարեցի իրեն. «Զարեա՛ն, կնիկներէն, տիկիններէն, աղջիկներէն, աս ու ան մտաւորականներէն առաջ մենք կանք քու փառքդ ո՛չ թէ գովելու, այլ՝ քնարերգելու։ Ինչ ես իրար անցեր։ Մարդ երկու թթու յօդուածով, մէկ ու կէս պոչատ ոտանաւորով չի կրնար գլուխ բռնել։ Տուր իրաւ գործ, ու հոս ենք մենք այդ գործին տալու քու ուզածէդ աւելին»։ Վարուժան չկրցաւ հանդուրժել ու քաշուեցաւ։ Գեղամ Բարսեղեանը, գրականութեան լուռ նահատակ մը, ասոր սիրոյն սեղմեց ակռաները ու շարունակեց թարգմանել Զարեանէն ֆրանսերէն գրուած էջեր։ Oշական կը հաւատար, թէ այդքան շնորհներ չէին կրնար փճանալ այդ յիմար փառասիրութեան բագինին առջեւ։ Ասոնք երեսուն տարի առաջուան ապրումներ են։ Անկէ ասդին Զարեան քալեց իր ճամբան, փառքով ու տատասկով պսակաւոր։ Կը ցաւիմ, որ հայ գրականութիւնը իրմէն չէ ժառանգած իր տաղանդէն արժանաւոր գործեր։

Բայց ինչպէ՞ս կը բացատրես իր ստեղծած հիացումը։

Նորէն պինդ գլուխդ ցոյց կու տաս։ Ա՛ռ որ էջը որ կ՚ուզես այդ մարդուն, իր ամենէն սիրած էջը նոյնիսկ, որ միշտ խորհուրդին թաքուն փառասիրութեամբը կը ջերմանայ։ Ամբոխը հոն կը գտնէ շքեղագոյն պատկերներ, արագ փայլակներ, կտրուկ վճիռներ, բոլորը տարօրէն տպաւորիչ, հասկցողին համար բառ, միշտ բառ, իրաւ է թէ ներկուած, անճանաչելի ըսուելու չափ։ Քակէ Զարեանին ամենէն շքեղ պատկերները, պիտի գտնես ամենէն հասարակ գիծերու թնճուկ մը։ Ջանա՛ խորանալ անոր քնարական խորհուրդին բաւիղներն ի վար, պիտի զգաս, որ խորհուրդ որակուած մթին իրողութիւնը սովորական ապրում մըն է, ամենուն ծանօթ։ Գոնէ հոս խնայէ ինծի, որ վարժապետ չըլլամ։ Խորունկ, իրաւ մտածումը անպայման զինաթափ կ՚ընէ զիս։ Ալ քեզի կը ձգեմ դատել իր ըրածը գիտցող ձեռնածուին հոգին, երբ կը յաւակնի այդ սուտ ու փուտ, առնուազն հասարակ տարրերը իբր անգիւտ արժէք տեղաւորել։ Արւեստագէտը ասոր իրա՛ւը թերեւս չունի աւելի բարձր առաքինութիւն մը, քաղցր պարտք մը, քան անկեղծութիւնը ինքը իրեն հանդէպ։ Ենթադրել, թէ Եղիան կ՚անգիտանար ըրածը, ներելի զիջում մը /419/ պիտի նշանակէր, վասնզի հիւանդութիւնը անոր մօտ իրական էր ու թերեւս հեղինակ այդ զառածումին, վասնզի Զարեանէն շատ առաջ Եղիան ապրեցաւ այդ տագնապը, իր հանճարին համար փառքի խմբերգին պէտքն ու կարօտը։ Ենթադրել, թէ Զարեան կ՚անգիտանայ արարքը, պիտի ըլլար միամտութիւն մը՝ փղշտացիներուն, «երախայից» միայն ներելի։ Այս ամէնը կամաւո՞ր աճպարարութիւն մը։ Դուն մտածէ ատոր։ Ես կ՚անցնիմ իմ ըսելիքներուս։ Գիտեմ միայն, որ արժէքի մը վրայ ամենէն քիչ ու ուշ խաբուողը ինք արուեստագէտն է դարձեալ, իր ներսէն անշուշտ, երբ յիմար մը չէ կամ անկանգնելի ունայնամիտ մը։ Արտաքին աշխարհին բոլոր խունկն ու մոմը, սաղմոսն ու շարականները անբաւական պիտի գային արուեստագէտին խղճմտանքը մշուշելու, ինչպէս նոյն այդ աշխարհին բոլոր պարսաւանքը անզօր պիտի մնար իրաւ արուեստագէտ մը կործանելու։ Ու չարաշուք կերպով մը ահա կը բռնանան իմ մտքին վերեւ ա * կիին ու ադամանդին յարաբերական արժէքները։ Գոյն, տեսք, դիրք, թերեւս հիւլէական դրութիւն իրարու մօտիկ կը բերեն երկու բիւրեղները։ Անոնց արժէ՞քը։ Հասկցողը միայն մէկդի կը նետէ ապակին, հիանալու համար ադամանդին վրայ, որ հոս հոգի, խորհուրդ կը թարգմանուի, անշուշտ բառերէն դուրս։ Զարեան սուտ գործաւորն է սուտ խորհուրդին։

Սո՞ւտ է քու ժողովուրդիդ խորհուրդը։

Կարգին յիմար ես, տղա՛ս, մի ցաւիր։ Ապակին եթէ ադամանդ չէ, ադամանդը ադամանդ է միշտ։ Խնդրոյ առարկայ վէճին մէջ ամբողջ հարցը կը վերածուի երեւան բերելու իր ճշմարիտ կերպարանքին տակ այն աճպարարութիւնը, որ պայմանաւոր է ապակին իբր ադամանդ արժեւորելով։ Կա՞յ ժողովուրդ, որ մնացած ըլլայ զուրկ հոգիէ մը ասոր լուսապսակը կազմող խորհուրդին նրբանուշ ոստայնէն։ Երբ մեր պարզագոյն նայուածքը այդ անբացատրելի, զաղփաղփուն շնորհը կը հաստատէ նոյնիսկ ամենէն յիմար փուշերուն, թաւուտէ մը ներս, հողերու սկաւառակէն, ա՛լ ինչպէս ըլլայ ներելի զայն մերժել երկրի մը, որուն հեքիաթը մարդիկ կը մեծցնեն ու կը մեծցնեն, առանց հասնիլ կարենալու անոր աննուաճելի բարձրութեան, ժողովուրդի մը հոգիին, ուր դարերը իրենց ամենէն անպատմելի ապրումները հեղեղօրէն պարպեցին…։ Այս լարը վտանգաւոր է սակայն ու, Oշական, Սփիւռքի գրագէտ, պարտադիր կերպով մը պիտի զգայ ինքզինքը տկար իր երկրին ու ժողովուրդին անասելի ձգողութեան, փառքին, առքին, հիացքին հանդէպ։ Կը զգա՞ս, որ բառերը կը յորդին։ Ու կը դառնաս զգոյշ։ Եթէ իրաւ է, /420/ որ կան պատմութիւն չունեցող ժողովուրդներ, այս դժբախտութեամբ գնելու համար անժուռ երջանկութիւն մը ( երջանիկ ժողովուրդները պատմութիւն չունին ), ապա ուրեմն ինչպէս մերժել երազին ոստայնը, խորհուրդին ստեղծագործ կայլակը, տրոփը՝ ժողովուրդի մը հոգիին, որուն ամէն մէկ բջիջին մէջ փլազմայի տեղ արիւն ու արցունք է թաղեր իր ճակատագիրը։ Գիտե՞ս ուր է հրաշքը։ Հրաշքը ցանցին մէջն իսկ է այն հակազդեցութեան ազդակներուն, որոնցմէ ծորած հակաթոյներով այդ ժողովուրդը կրցաւ այդ արիւնն ու արցունքը վերածել… ադամանդի։ Ու կան այդ միութիւնները, բայց առանց բառական մշուշի, պարզ, իրաւ, հաստատ, ամենուն մատչելի, որովհետեւ ամենէն ապրուած, ամենով իրացած։ Կ՚ուզե՞ս քանի մը հատ։

Ատկէ աւելի մեծ հաճոյք մը չունիս ինծի պատճառելու, միայն խնդրանք մը. մի՛ իյնար այն զեղծանումին մէջ, որով կը մեղադրես Զարեանը, երբ այդ խորհուրդը կը ջանայ թարգմանել։ Եղիր յստակ, մա՛նաւանդ ոչ-արագ, տուր ինծի ժամանակ մտքիս մէջ տեղաւորելու ըսածներուդ տարողութիւնը։

Օրինակնե՞ր պիտի ուզէիր։

Ո՛չ, անշուշտ։ Բայց այնքան շատ բան կ՚ըսես քիչ բառերով, որ ատեն չեմ գտներ ատոնք իմ մտքիս մէջ տեղաւորելու։ Կամաց ու բաց պիտի խօսիս։

Պէտք է կրկնել. կարգին յիմար ես։ Ես բառ չեմ աղացած, չեմ ալ աղալու, տղա՛ս։ Իմ ժողովուրդը ունի իր խորհուրդը։ Ահա իր դիմացկունութիւնը ։

Որմէ զուրկ ոչ մէկ ժողովուրդ չկայ Մերձաւոր, Միջին ու Հեռու Արեւելքին մէջ սակայն։

Մի՛ աճապարեր։ Քեզի չափ պատմութիւն սերտած եմ հարկաւ։ Դիմացկուն է ֆէլլահը, ղպտին, պարսիկը, հնդիկը։ Շփենգլըր այդ ցեղային խորհուրդին նուիրած է իր գործին մէջ ընդարձակ վերլուծում։ Դիմանալը, որուն աւելի խորունկ հոմանիշն է տեւելը, իմ պատմութեան ամենէն բարձր փաստն է, եթէ քիչիկ մը իրաւ կենաս այն երեսուն դարերուն դիմաց, որոնք անցան այդ ժողովուրդին ոսկորներուն վրայէն, բայց մնացին անկարող զանոնք փոշիացնելու։ Պատմութիւնը ընելէ չեմ ախորժիր, վասնզի էջեր պիտի ուռէին՝ ապացուցանելու համար պարզագոյն իրողութիւնը, որ գոյութիւնն է այսօր այդ ժողովուրդին։ Անշուշտ իմ ժողովուրդիս չափ պինդ է հրեան, բայց տարբերութեամբ մը. այդ պնդութիւնը անիկա պարտական չէ իր արեան, այլ ա՛յն ահաւոր հալածանքին, որով եղան /421/ պաշարուած իր քսանէն աւելի դարերը։ Իմ ժողովուրդը արհամարհուած չապրեցաւ, որպէսզի գերութեան, ստորնութեան քոմփլէքսներ ստեղծէր։ Ան իր հողերուն մնաց կառչած, ու այդ հողերէն սորվեցաւ դիմանալը: Դուն չես կրնար պէտք եղած լրջութեամբ արժեւորելու փաստը, որուն համեմատ, ամէն բանէ զուրկ ու միայն կաշին ու ոսկորը իրեն սեպհական ունեցող խումբ մը մարդեր, ինչ դիւրութեամբ ու արագութեամբ իրենք զիրենք կը գտնեն քանի մը տարուան մէջ, սկսելով թիթեղեայ խրճիթներէն իրենց նոր բնակութիւնը, օրինակ Փարիզի շրջակայքը, ու կը հասնին տունին, անկէ արդիական կառոյցներուն։ Ինչպէ՞ս, ե՞րբ կը կատարուի այս հրաշալի փոփոխութիւնը։ Անցէք հինգ տարի վերջ, թիթեղներու աւանէն ու պիտի գտնէք արդի բնակարանները։ Դիմանալը, յարմարուիլը միայն ընկերաբանական, կենսաբանական երեւոյթներ չեն, գիրքերու երեսին փքացած պառկող, ոչ ալ արեւելեան ճակատագրապաշտ վարդապետութեանց նոր տիտղոս մը։ Քու պապերդ իրենց հողերուն վրայ դիմացան։ Ատիկա անշուշտ չի նշանակեր, որ մեծ մշակոյթներ իրագործեցին, բայց կը նշանակէ աճման, զօրացման անմահ ընդունակութիւն։ Թուրքերը կը տաճկացնեն մեր հողերը, թերեւս իմաստնանալով մեծ փաստէն։ Պայքարը չէ վերջացած։ Ու բանաձեւ. հայ խորհուրդին աւագ միութիւններէն մէկն է իր անսպառ կենսունակութիւնը։ Տուէք իրեն հիմնովին աւերակ Հայաստան մը, քառորդ դարի վերջը այդ ամայքէն անիկա պիտի վերակերտէր շքեղ հայրենիք մը։

Փա՞ռքը Խորհրդային Հայաստանին։

Փառքը եւ աւելին։ Գրականութենէն շեղիլ չէ անշուշտ կենսունակութեան փաստեր արժեւորելու համար զբաղիլ ակնբախ իրողութիւններով։ Ու ինչ հա՜րկ խոշոր բառերու, հնչական տարազներու, սա ճշմարտութիւնը խորհրդաւորելու, առնուազն հռետորական զեղումներու առիթ առնելու։

Ուրի՞շ։

Կու տամ իր իմաստութիւնը, որ մեր դպրոցներով չի նուաճուիր։ Իմ ժողովուրդը կեանքը կշռելու մէջ չախորժեցաւ տարօրինակ, այլամերժ, ինքնապաշտ տարազներէ, չնետեց, օրինակի համար, հրեաներու նման արժէքներու նժարին աշխարհին տիրապետութիւնը եւ իր գոյութեան միթը։ Մեր Մհերը անշուշտ պիտի բարձրանայ իր քարայրէն ու նուաճէ աշխարհը։ Հեքիաթը չի ճշդեր աշխարհին անունը, բայց չի տար իր ժողովուրդին ալ անունը։ Որքան խորունկ են երբեմն այդ տղայական կառոյցները։ Ո՛րքան նր/422/բանաս իմաստութեան հետ, ա՛յնքան կը խորանաս քու ժողովուրդիդ հանդէպ քու զգացումներուդ մէջ։ Եթէ անկեղծ ես, պիտի պարուրուիս անկեղծ հիացումով մը, ուր սնոտի փառքը, սուտին արբշանքը, ոսկիին դեղին հպարտանքը մուտք չունին։ Պզտիկ ժողովուրդ, գէշ աշխարհներէ շրջապատ, մա՛նաւանդ մեր երկրին ներքին խելքովը, ազդմունքներովը հոգեւորուած, չենք կրցած մեծ միութիւն մը, մշակոյթ մը, պատմութիւնը դնել աշխարհի համապատկերին, բայց պահեր ենք մեր բախտակիցներուն բոլորէն աւելի մեր սկզբնական արձակութիւնները, հոգեղէն հարստութիւնները, դիմագիծը՝ նուազագոյն խոտորումներով։ Չտուինք բանակներ, բայց տուինք զօրավարներ։ Չտուինք մեծ գրականութիւն մը, բայց տուինք սխրալի գրողներ։ Ու մեր քարեղէն իմաստութիւնը դեռ փառք մըն է, յիշատակ ըլլալէ առաջ։ Մեր երաժշտութիւնը սխրանք սփռեց յափրացած զգայարանքներուն (Եւրոպայի)։ Ու մեր հոգեղէն լրջութիւնը մարդիկ զգացին իր բովանդակ խորութեամբ, երբ քառորդ դարու մէջ. օտարներու հսկող աչքերուն ներքեւ հայ հոգի մը երեւան եկաւ։

Ո՞ւր կը տարբերիս դուն սակայն, երբ ասոնք ամէնը Զարեան կը յաւակնի լաւագոյն ու պերճաբարբառ ձեւով մը պատգամած ըլլալ։ Մի նանրանար ըսուածքի ձեւին մեղքերով, խորքը քու ժողովուրդիդ արժէքին փառաբանումն է ի վերջոյ։

Ոչ թէ այդ արժէքներուն աստուածացումը, ինչպէս կը զգանք ատիկա խորհուրդի երգիչներուն մօտ։ Ատեն մը, Եւրոպայի մատուցուած տեղեկագիրներուն մէջ սովորութիւն էր յիշել անդրանիկ քրիստոնեայ ազգին առասպելը։ Այսօր այդ ազգին իմացական արժէքները կը շահագործենք։ Բայց օտարներու մօտ այդ աշխատանքին արձագանգները զիս կը ձգեն անտարբեր։ Մեր ներքին ճակատին վրայ մեր պապենական իմաստութիւնը պէտք է գտնէ իր համեստ, բայց լուրջ կշիռը։ Կան ժողովուրդներ, որոնք տասը դար մորթեցին, այրեցին, կործանեցին ու դար մըն ալ այդ կոտորածին փառքը մատռուակեցին իրենց զաւկըներուն։ 1900ին, թուրք կրթութեան վառարան մը ուրիշ փառապսակ մը չունէր իր տղոցը մատուցանելի։ 1930ին, թուրքերը անշուշտ չէին մոռցած կոտորելու քոմփլէքսները, բայց եղած էին իմաստուն՝ անոնցմով չփառաւորուելու։ Կարիք կար նոր յուռութքներու։ Ու ճարուեցան ասոնք տարօրինակ տխրութեամբ։ Գերմանները, Քէյզէրլինկի բերնով, այդ ժողովուրդին տուին հոգեկան ազնուութիւնը։ Ռուսերը՝ զէնք ու զրահ։ Գաղիացիք՝ դրամ։ Ու իրենք ալ, այդ ամէնը օգտագործելու խելքը վերածեցին ցեղային իմաստութեան։ Եւ սակայն բաւական չէր այսքա/423/նը։ Կարիք կար աւելի խորունկէն, վարէն արժանիքներու։ Ու միակտուր ստեղծուեցաւ հեքիաթը, Արեւելքի քաղաքակրթութեան ռահահորդ ժողովուրդին մեսիան։ Ու մենք ապշած կարդացինք, որ տասը դար միայն կործանել կրցող ազգ մը Արեւելքին վրայ քաղաքակրթութեան խմոր մը իբրեւ աճեր էր ու աճեցուցեր։ Այս օրինա՞կը՝ որպէսզի ըլլայ յստակ, թէ ո՞ւր եւ ինչպե՞ս ազգեր կ՚իմաստնանան։ Մենք ուրիշները չկոտորեցինք անշուշտ։ Բայց ուրիշներէն կոտորուելու մեր ճակատագիրը դիմաւորեցինք մեր խելքով։ Շատ դիւրութեամբ այս խելքը կը փոխակերպեն չարամիտներ, գերութեան, չարչիութեան, հրէութեան քոմփլէքսներու։ Մի՛ տարուիք անոնցմէ։ Ով որ կը ճանչնայ մեր ժողովուրդին իրաւ գլուխները, պիտի զմայլի այդ գլուխներուն պարզած փաստերէն, բոլորն ալ պարագաներու սալին վրայ կռանուած ու արդար։ Խելացի ժողովուրդ մը միշտ հոգեւոր խորհուրդի ընդունակ չէ, վկայ՝ հրեան, որ քսան դար իրեն համար գործածեց իր խելքը։ Ո՞վ կ՚անգիտանայ, թէ հայուն խելքը աւելի քան տասը դար օտարներուն ծառայեց։ Ըսէք այս ժողովուրդին, որ վստահի իր իմաստութեան ու դուք տուած կ՚ըլլաք իրեն լաւագոյն երաշխիքներէն մէկը իր գոյութեան։ Աշուղը երբ կ՚ըսէ « երկիրը ուսեալ զաւկին է փայփայում մօր պէս », նկատի ունի այս իմաստութիւնը։ Ու անոր վճիռը՝ « անկիրթ ցեղերը թափառական, կու գան ու կ՚երթան », օր մը անշուշտ պիտի ըլլայ աւելի, քան անվերադարձ։ Ահա հայկական խորհուրդին երկրորդ մէկ միութիւնը։

Ուրի՞շ։

Իր քաղցրութիւնը, որ ամբողջ արուեստի մը հիմնանիւթ հանգանակը կը կազմէ, եթէ վերածուի իր բաղադրիչներուն, այնքան ամէն բան իմ ժողովուրդին վրայ մարմին, մոյնք, հոգի կնքաւոր է անով։ Մեր հայրենի՜քը։ Դուն հոս գալու համար անցար անշուշտ կաթ ու իւղ բխող սա աշխարհէն, որուն անունն է Յուդայաստան։ Ես տասը տարի է այդ մեղրէն ու կարագէն ո՛չ հոտ, ո՛չ իսկ շուք եմ տեսեր։ Ամերիկեան թիթեղեայ տուփերը միայն այդ ամէնը հոս կը բերեն ծովերուն անդիէն։ Բայց աւելի՛ն։ Դուն տեսար, թէ ի՜նչ զարհուրագին կերպարանք է այս երկրին երեսը, ուր ծառն իսկ կ՚ամչնայ աճելու, պարտէզը՝ կը հալածուի, վասնզի տեղ կը բռնէ չարչիի հաշիւներուն վրայ աւազակ ժողովուրդի մը։ Ի՜նչ բորոտ, ի՜նչ թշուառ բաներ են գիւղերը, առանց շուքի ու առանց կանանչի։ Բնութիւնը չէ անշուշտ մինակ հեղինակը սա տրամային, քանի որ այդ բնութիւնը կը գործէ քիչ մը ամէն տեղ։ Անապատէն մշտապէս սպառնացուած այս տողերուն վրայ անապատի ալ ժողո/424/վուրդ մը լրացուցած է աղէտը։ Իմ երկիրը նոյնքան հարուածուած է բնութենէն ու տրորուած ուրիշ անապատներու, տափաստանեան հորդաներէն։ Բայց իմ ժողովուրդը գտած է կերպը այդ աւերմունքը դարմանելու, կոտրած է երկրաշարժին սուր սլաքներով ժայռերուն բարբարոսութիւնը, ծածկած լաւային խանձովը գոյաւոր լերկութիւնները, դրած, հորիզոնին ամենէն կքուն վայրերուն՝ գմբէթներուն, վանքերուն գողտր կլորութիւնը, քաղցրութիւնը պիտի ըսէին գաղիացիք, աւաններուն անուշիկ խոստումը, ուր նայուածքը, կը հեշտանայ, այնքան այդ պզտիկ համախմբումները իրարու կը վերածուին քաղցրութեան, հզօրութեան հեռաւոր տրոփներով։ Քաղցրութիւնը այս ժողովուրդին ամենէն ինքնածոր հեղանուտն է, այն մթին հրապոյրը, ձգողութիւնը, որ գեղեցկութեան աւելի ընդարձակ զգայնութեան մը մէջէն կը տարրանայ ու կ՚ըլլայ հոգեղէն կերպարանք։ Տեսեր եմ զայն, այդ քաղցրութիւնը, բազմաթիւ ժողովուրդներու մէջ, երբե՛ք այն ներդաշնակութեամբ, ամբողջականութեամբ, որոնք մերը կը յատկանշեն։ Ամենէն սրտագրաւ անուշութիւնը դուն կը զգաս անգլիացի տղուն վրայ, սանկ մինչեւ տասը, որմէ անդին դասական, հրեշտակային շէնքը այդ մանուկներուն կ՚այլակերպի։ Պատանին արդէն կը տառապի մանկութեան մնացորդ շուքէն ու երիտասարդ՝ ըրած է ամէն բան, իրմէ վտարելու համար այդ քնքուշ փառքը։ Մի կարծեր, որ առաքինութիւն մըն է առնանալը, քանի որ այրերուն վրայ քաղցրութիւնը տգեղ է ու իգական։ Բայց անգլիացի կի՜նը։ Ու պէտք է լռել։ Տեսել եմ այդ քաղցրութիւնը գաղիացիներուն վրայ, որոնք տաք արեան դրութեամբ մը հարաւի կաթում հաւանաբար կը ջանան մեղմել պայծառ, թանձր փլասթիքին մարմնի ցուրտը, բայց կը մնան անյաջող։ Հոն կինը մեծ չէ անշուշտ, բայց պարտաւոր է օգտագործել այդ միսը հոգիի մօտեցնող բոլոր միջոցները, զարդն ու ներկը, խելքն ու հրապոյրը, հակակշռելու համար մարմնեղէնին պայծառ պաղին ծանր կշիռը։ Զուր տեղը չէ, որ Փարիզը դասական հայրենիքն է արուեստով նրբացման մը գիտութեան։ Անշուշտ քիչ մը շատ պատեհապաշտութիւն պիտի նշանակէր այդ քաղաքին ներկայ շինծու, անկնիք, ճարտարարուեստեալ կերպարանքը իբրեւ ոճ արժեւորել ու դատապարտել։ Չեմ եղեր Գերմանիա, բայց տեսեր եմ այդ բիրտ ժողովուրդը կին ու տղայ որ ատեն չէ ունեցած կարծես ինքզինքը յօրինելու, իր բնազդները արդիացնելու վայրագ շահատակութեան ստորադասելով ամէն հոգեղէն ոճ։ Անոնց կիները տիկիններ են, կոկիկ, մեթոտիկ, տանտիկին, բայց տարօրէն անկնիք։ /425/ Անշուշտ իր դաշտանկարէն հեռացած նմոյշներու վրայ չի ներուիր դատել անտառը։ Բայց կան այդ դատումը արտօնող, պաշտպանող գործեր, արուեստի ու կեանքի, իրենց այնքան գերարժեւորած Մայր եկեղեցիները, ոմանք վեց-եօթը դար վարերէ բխած ու սառած, ուրիշներ՝ տասնըհինգերորդ ու վեցերորդ դարու կրօնական տագնապին բռնութեան կնիքին տակ, հաստ, բիրտ, տգեղ ու չոր։ Կան մեծ գետերու օղերուն թառած, քիչ մը վերօք իրենց դղեակները դարձեալ բիրտ, ծանր ու չարքաշ։ Ու նկարները, փայտագրութիւնները, մա՛նաւանդ գրականութիւնը, ուր միշտ բրտութիւնն ու ծանր յաւակնութիւնը երկար դարեր մնացին տիրական նկարագիր։ Ու իրենց լեզուն, խուժ ու բարբարոս, որ այդ բրտութիւնն ու կորովը կը ջանայ թեթեւցնել, թեւաւորել։ Ու իրենց գիրը, որ համակ փուշ է, աչքը սպաննող, նենգ, սողոսկուն ու էգ։ Այս արագ թուումէ անցած փաստերէն իմ ընդհանրացումը կը վերածեմ քաղցրութեան իսկ հերքումին։ Ու ատիկա այսպէս, իր կարգին, հոգեղէն մարզէն դուրս, ֆիզիք ալ աշխարհին համար։ Զուր տեղը չէ, որ այդ ժողովուրդը պիտի մերժէ հրաժարիլ իր գիրէն, հակառակ բժշակական բացայայտ վճիռներու, աչքը կործանող անոր դերէն։ Զուր տեղը չէ, որ պիտի դժուարանայ թօթափել իր զրահանքէն, փուշերը միտքէն, հոգիէն ու աշխարհահայեացքէն։ Ես տեղ մը կոչեր եմ զիրենք Եւրոպայի թուրքերը, այնքան անքաղցր ըլլալու ճակատագիրը անոնք սիրեցին ո՛չ միայն իրենց ոսկեդարուն (ԺԸ. դար) այլ՝ մա՛նաւանդ մեր օրերուն։ Ի՜նչ հարկ այս թուումներուն։ Քաղցր է թուրք կինը իբր մայր ու սիրուհի եւ կամ երբ կու լայ ու կը սաւառնէ իր հոգին, ըլլալէ ետքը աշխարհի մէջ իր նմանը չունեցող էգը, ատելութեանը մէջ, իրմէն դուրս ամէն բանի։ Տեսայ ռուսերը թշուառ, միշտ խռովիչ, կործանած, երբ իրենց պալատներէն հալածական, իրենց մորթերուն անհաւասարելի թաւշայնութիւնը ու աչքերուն խոնաւ կրակը կը դնէին անցորդներու արգահատանքին, Պոլսոյ մայթերուն, ու կը մնային միշտ խորհրդաւոր, պարզ ու անհասկանալի։ Բա՞խտը։ Չեմ արտօնուած բառը գործածել վիճակներու վրայ, որոնք դարերու մէջ հազիւ կը պատահին ու իրենց բացառիկ հանգամանքովն իսկ կը հերքեն ամէն որակում։ Ու անցեր եմ Պալքաններէն, ուր զգացի ուժ, պարկեշտութիւն, հռետորութիւն, թեթեւութիւն, անիմաստ յաւակնութիւն, չարքաշ ու ծանր աշխատանքին երկաթ հովը։ Այս վերագրումները դուն բաշխէ պուլկարին ու սերպին, յոյնին ու ռումէնին, ալպանին ու թուրքին։ Բայց մի մտածեր այդ ցանկին մէջ գտնել քաղցրութիւնը։ Դարձեալ ասիկա /426/ անիմաստ բառ է Միջին Արեւելքին համար, իբր հողագրական արտայայտութիւն ու բնակիչներուն համար իբր հոգեղէն յատկանշում։ Մերձաւոր Արեւելքը տարբեր որակում մը պիտի չարտօնէր։ Բոլոր այս օրինակներուն թելադրանքը ա՛ն՝ որ իմ ժողովուրդին քաղցրութիւնը խորունկ յարաբերութիւններ համադրող ստուգութիւն մըն է։ Բաց զայն մեր երկրին կերպարանքին ու պիտի տեսնես, որ ամենէն բզկտուած մասերէն մէկը աշխարհի ծերունի կեղեւին, ըլլալու տեղ hérissé, խառնախուռն, լերկ կամ խղդուկ պատմուճան, է՛ սրտառուչ պատկերներու անընդմէջ ժապաւէն մը, դաշտէն, ուր արտը պայծառ է իբր մեծ էջ մը գիրքի, բլուրէն, ուր այգին կանանչուկ սաւան է խարտեաշ հարսներու նմանող ցցունքներուն, անտառէն, ուր տերեւուտքը թարմութիւն է, յոյս ու անմահութեան խորհրդանիշ, երբ ամառը կը պահէ իր մթին կամարումները ու ձմեռը կը հագնի միակտուր փառքը պսպղուն սառնամանիքին, լեռներէն, որոնք կը նային, երիտասարդ ու առոյգ, ճերմակ ու շքեղ։ Բոլոր այս տեսարանումը քաղցրութեան կնիքէ մը ամրօրէն տիրապետուած։ Բառ ու երանգ։ Հոգի ու մարմին։ Համակրանք ու գորով։ Ուրիշին հասնիլ ու փախչիլ չարիքէն։ Այս բոլոր խիտ տարազները ինծի համար ընդարձակ էջեր են։ Ու մորթն ու մոյնքը։ Ու նայուածքն ու արցունքը։ Ու ցաւն ու վայելքը բոլորն ալ լերան ու դաշտին ամենէն նրբին ու ազնուական կաթումներովը տարրացած։ Ան է, աստուածային տարազին կնիքը, զոր կը գտնես, երբ իջնէ շինելու յօնքերը պարմաններուն, բիբը՝ աղջիկներու աչուըներուն, դեղձան ու թաւիշը, կաթն ու կարագը, մեղրն ու բալը հարսներուն երեսներուն։ Ու է՛ նոյն ատեն անըմբռնելի գրաւչութիւնը անոնց, երբ կը թողուն ձեւերուն շէնքը, կը մտնեն երգի մը, պարի մը կշռոյթին մէջ, ու արձակ, թրթռագին, հիւլէ ու բիւրեղ, կը դառնան ու կը դառնան, դադրելով իրենց շէնքին ըմբռնելի ճարտարապետութէնէն, ըլլալու համար փունջ մը։ Երազ, որ դողար, որայ մը հեքիաթ, որ բացուէր դէպի վեր։ Որ մա՛նաւանդ սիրտ առնող շարպաթն է մեր ժողովրդական երգերուն, կարճ, թեթեւ, բայց, որոնց բառերը մէյ-մէկ կրակ են չայրող, մէյ-մէկ համբոյր են զովարար, երբ սրտերէն կը ձգուին դէպի արտերը, կանչելով աշխատանքի ոգին դէպի իրենց ծոցը, դէպի հողին արգանդը, օծելու համար հոն նետուած սերմին աչուըները ու հողին յանձնուած մեռելներուն հոգիները, եւ կամ կը կամարուին բլուրէ բլուր, ծառերուն ճիւղերը միւռոնելով, պտուղներուն հոգին մեղրելով, կամ անոնց մորթերուն վրայ արիւն ու ոսկի դրուագելով, եւ կամ կը սաւառնին գեղէ գեղ, տուներուն սիր/427/տերը փոխադրելով իրարու, ցեղին խորագոյն ապրումները աղբերելով, անձրեւելով, որպէսզի անուշնան ողջերը, իրենց տառապանքը փոխելու համար ցեղային խորհուրդին, հանգչին, դինջանան մեռելները, իրենցմէ արտաբուրելու համար ինչ որ արիւնը փոխադրեր էր դարերու ակունքներէն իրենց երակներուն ճամբաներովը։ Այդ անուշութիւնն է ձայնին, որ մահն իսկ կը զգեստաւորէ, անոր ահաւոր տագնապը վերածելով մեծ հանգստեան նախատօնի մը, երբ կու գայ Աստուծմէ ղրկուած եւ ոչ թէ մարդերէն բռնավար։ Որ մատուռ է ու կամար, հոգի է ու հեշտանք։ Մաքրութիւն է ու պարկեշտութիւն։ Ո՞ճն է անիկա հայ հոգիին։

Ի՞նչ յորդութիւն է ասիկա, չնեղանաս։ Դուն ինչո՞վ վար ես արմէնիզմին մունետիկներէն։ Ուրիշներու քով դատապարտուած (քեզմէ) եղանակները ինչո՞ւ կը գործածես, երբ խօսք էիր տուած պարզ ըլլալու։

Շատախօս պարո՛ն։ Գտար ընդմիջելուն վայրկեանը։ Բայց պէտք է կարճ ըլլալ։ Դուն այս ամէնը դիր սեղանիդ ու մտածէ անոնց վրայ։ Պիտի գտնես, որ արմէնիզմի մունետիկներուն կողմէ հռետորութեամբ, առատ-առատ բաշխուած շնորհներուն չեն նմանիր անոնք։ Անոնք բոլորն ալ երեք հազար տարիներու արեան թորումները ունին իրենց ակ ու աղբիւր։

Հակաշնորհները կը մոռնա՞ս։

Անոնք ալ իրաւ են։ Բայց գայ կարգը խօսելու անոնցմէ ալ, իմ լեզուն կ՚ըլլայ ամենէն ծանր, թունալից գործիքը։ Վասնզի ես եմ դարձեալ, որ այդ հակաշնորհները տեսեր եմ ուրիշներու վրայ, ոչ թէ հեռուէ հեռու, զբօսաշրջիկին արագութեամբը, comme voyageurին հաշիւներովը, ինչպէս կ՚ընեն ազգերը, իրար խաբելու համար, այլ՝ ծանրագոյն, անվրէպ միջամտութեամբը մեր ջիղերուն։ Հիմա նորութիւն է Արեւելքն ու Հարաւը վերլուծել ցեղային նոր, նեւտոնեան սկաւառակներով։ Իմաստասիրութիւն՝ թուրքը ազնուացնել, օրինակի համար ու անոր մէջ գտած ըլլալ մեծահոգի ժողովուրդ մը։ Բայց բոլոր այդ դիւանագիտական առաքեալներուն իմ մերժածը ճշմարտութիւնը չէ անշուշտ։ Այդ մարդերուն մօտ ողբալին՝ իրենց նայուածքի դաշտին ինկածը միամտութեամբ կամ չարամտութեամբ վերածելն է նոր տախտակներու։ 1915ին, Պրուսայի կառավարական պալատին առջեւ թուրքերէ մորթուած հայեր ներկայացուեցան իբր զոհուած թուրքեր, ժանտարմըրիի հարիւրապետին խելքովը իբր թուրք զգեստաւորուած ու հոդ բերուած, որպէսզի գերմանները համոզուին ջարդարար ցեղին առասպելին։ 1924ին Քէյզերլինկ երբ /428/ կ՚անցնի այդ Թուրքիայէն, իրեն մատուցուած պանիր-հացը կը խորհրդաւորէ ազնուականութեան իբր հզօրագոյն փաստը։ Անշուշտ մոռնալով, որ այդ պանիր–հացը մատուցանող ձեռքերը ինչ ազնուութեամբ խեղդեր էին մանուկներ, հայու արիւնէն, ու կը պահէին, հաւանաբար, իրենց մառաններէն ներս մնացորդները իրենց չվաստկած բարիքներուն, զանոնք այդպէս օտարներուն մեծարելու։ Ո՞վ կը ճանչնայ մեզմէ աւելի իրաւ, խորունկ, անվերածելի ձեւով թուրքը ո՛չ միայն իբր հանդերձուած, դասականացած աւազակներու, դահիճներու, բարբարոսներու ընկերութիւն մը, այլեւ՝ իբրեւ տրտում կենդանի մը, կորովէն ինկած, թոյլ ու խելօքէն ալ խոնարհ կիրքերով բացի սեռայինին անասնութենէն երբ փշրուին իրմէն իր գազանի ժանիքները։ Կիպրոս, Ռումանիա, Յունաստան, Պուլկարիա, Կովկաս ի՜նչ իրաւ, անկանգնելի թշուառութիւններ են անոնք, ըլլալէ վերջ, իրենց թերեւս հայրերուն կերպարանքին մէջ առիւծները նոյն այդ հողերուն երեսին, երբ կը մնային ասոնք բռնագրաւուած, սպառնալիքին ընդմէջէն, որ կը տարածուէր Վիեննայէն ալ անդին, մինչեւ Արեւմտեան Եւրոպա։ Բայց պէտք է գոցել այս փակագիծն ալ։ Միտք պահէ, որ ունիմ ըսելիք աշխարհի բոլոր մեծ ազգերուն, անգլիացիին, որ մեր պատմութեան Նենգ Ալպիոնը չէ միայն, այլեւ՝ անխելք, անարդար միտքը այդ Եւրոպային. գաղիացիին, որ չտեսաւ, թէ ինչ կ՚արժէին չորնալու վրայ արգանդները. գերմանին, որ հաւատաց գրական հերոսներու եւ մոռցաւ, որ աշխատողէն մեծ հերոս չկայ սա աշխարհի երեսին…։ Թող շնորհուի ինծի օր, ու դուն կ՚ունենաս Եւրոպայի նոր analyse spectrale, առանց գերմանական յաւակնութեան անշուշտ։

Ուրի՞շ։

Ինչ անկուշտ կենդանի մըն ես դուն։

Այնքան քիչ ու գէշ են խօսած իմ ժողովուրդիս արժանիքներէն, որ նոյնիսկ նիհար փառքերն ալ պիտի ուզէի խոշորցնել ու կը տեսնեմ, որ դուն գերազանց ես այդ պաշտօնին մէջ, քան ուրիշները, անոնք իսկ, որոնք ինկան քու դատապարտութեանդ տակ։ Տուր ուզած անունդ այդ գործողութեան. բայց շարունակէ։

Լաւատեսութիւնը իմ ժողովուրդին, որ, ըլլալէ առաջ ամերիկացիներու տափակ փրոփականտան, դրամ շահելու համար գործադրուած պրակային գրականութեան մը մէջ, է՛ դարաւոր բիւրեղացում։ Որ զինքը ըրած է ընդունակ բռնութեան, գերութեան, անարշալոյս թշուառութեան իր դարերը ո՛չ միայն կրելու, այլեւ՝ այդ ամենուն խորը գտած է կերպը բոյծի դնելու անմահ խմորը իր հո/429/գեղէն կարծրութեան։ Կը յայտարարեն իմ ժողովուրդը տարօրէն փաթթուած իր կարգ մը արժէքներուն բարքեր, կրօնք, մտապատկեր։ Չեմ նանրամտիր ու չեմ ըներ գիտութիւն։ Մեր ժողովուրդը իր հողերէն պաշտպանուած անփշրելի կարծրութիւն մըն է, անոնցմէ դուրս՝ վիճելի միութիւն։ Ինչպէս կը համոզուիս քիչ-քիչ, դժուար չէ էջերը ուռեցնել ժողովուրդի մը ենթադրեալ առաքինութիւններով, ինչպէս զեղծանիլ անոր թերութիւններով։ Դժուարը՝ իրաւին յարաբերաբար մօտիկ մնալու կարողութիւնն է։ Դժուարը՝ առաքինութիւններն ու թերութիւնները պահելն է իրենց համեմատական կշիռին մէջը։ Քիչ առաջ ես խօսեցայ ծիծաղելիէն բանաստեղծին, որ «իրար սիրելու» համար մեզի հրաւէր պիտի կարդար Մասիսի սարերէն։ Ասկէ երեք քառորդ դար առաջ այդ հրաւէրը փաստն էր բանի մը, զոր աւելորդ է բացատրել։ Երէկ, մտիկ կ՚ընէի թուրք ռատիոն։ Խօսողը, որ կրթական նախարար մըն էր, պառակտուած ուսանողութեան ուղղուած իր ճառին մէջ կը պոռար ո՛չ թէ սիրոյ հրաւէր մը հանդէպ կարգին, հեղինակութեան, այլ՝ իրենց հողերուն վրայ օտարները ջնջող փառքին դիւցազնաշունչ իրականութիւնը կը քնարերգէր։ Հողին տէրն էր այդ ուսանողութիւնը, ա՛յն հողին, ուրկէ անհետացած էին հայն ու քիւրտը, յոյնն ու ալպանը, պուլկարն ու սերպը եւ որ, ի կարգին…։ Ա՛ս է ահա ցեղային կնիքը։ Ու ասիկա չտեսնելն է տղայականը։ Հանդարտ, կեանքէն վերցուած պատկերներով, իրողութիւններով, առանց մեծ բառերու, փչուած տարազներու, դրական հռետորութեան։

Երբ թուրքը կը գովես, ինչո՞ւ չես հանդուրժեր մեր մէջ մարդեր, որոնք մեր ժողովուրդին արժանիքները կ՚աճեցնեն։

Թուրքը պատմութենէն չէ դատուած, երբ կը գովէ բնաջնջման իր բնազդները։ Հայը, երբ կը խօսի աշխարհը զարմացնող գործողութիւններէ, իր միջոցներով, ինքնին կը դառնայ անվստահելի։ Ապագային վրայ շահարկելը դժուար կը հաշտուի մեր ժողովուրդի գիւղացի բնազդներուն։ Չեղած բանէն խօսիլը ժամավաճառութիւն է։

Բայց դուն անցեալն ալ կը փոքրես։

Կու գայ այդ մասին խօսելու ատենն ալ։ Նոր–նոր շեղումներու մի առաջնորդեր զիս։ Ես emballé մէկը չեմ արդէն։ Գիտեմ ոեւէ մէկէն աւելի, թէ ընդհանրացնելու սա եղանակը կը պատշաճի խոնարհագոյն ցեղերն իսկ զարմանազան առաքինութիւններով պատմուճանելու դերի մը։ Սեղմէ ծիրը ուրեմն հայեցողութիւններուն։ Ամփոփուէ ու դիր հարցականը, բոլորովին պարզ ու մերկ բառերով, ու /430/ մա՛նաւանդ քիչ։ Ո՞ւր կը տարբերի իմ ժողովուրդը ուրիշներէ ։ Ահա՛ հիմնականը ինծի համար։ Պարտաւոր եմ թանձրացնել հայեցի խորհուրդը կարելի պարկեշտութեամբ։ Կ՚ընդունիմ, որ հարիւր տարի կայ, որ մեր մտաւորականներէն որոշ խումբեր այդ մտայղացքը ջանացած են կերպարանել, արժեւորել սխրալի եռանդով մը։ Ակնարկեցի անոնց, որոնք այդ մթին ու բարդ հանգոյցէն կը թուէին ըլլալ առանձնացուցած որոշ շերտեր, երիզներ (Մխիթարեաններու հայրենապաշտութիւնը, Չօպանեանի արմէնիզմը)։ Բայց որքան անբաւարար են այդ փշրանքները, որպէսզի մեր միտքը յստակ գտնէ իրողութիւնը, որ ընդարձակ է չափազանց, անշուշտ տեւողութեան միջամտութեամբ մը։ Երեսուն դար է հասակը այդ տագնապին։ Այս դարուն սկիզբները « Մեհեան » հանդէսը դրած էր իր հանգանակին մէջ հիմնական մտահոգութիւններ, որոնցմէ մէկն էր գիւտը հայ հոգիին, դուք փոխեցէք բառը՝ խորհուրդին, զիջում մը ըրած ըլլալու համար Կոստան Զարեանին։ Երեսուն տարիներ անցել են այդ օրերէն։ Այս ժողովուրդին կէսը չքացած է ո՛չ միայն իր խորհուրդէն, այլեւ՝ իր մարմինէն։ Արցունք է ինծի այդ շրջանին վերադարձ մը, մտքով, հիմա, որ այդ ժողովուրդը դարձած է անկշիռ թեմա, որմէ ձանձրոյթով հեռացած են նոյնիսկ հնաբանները։ Իր զաւակներն անգամ։ Սփիւռքը՝ իր նոր փառասիրութիւններով, գաղափարագրութիւններով, կիրքերով կը կարծէ լուծած ըլլալ այդ խորհուրդը, աղեքսանդրեան միջոցներով, ու չի տառապիր ինքզինքը սրէ անցնելու դաւաճանութեան։ Կա՞յ աւելի տրտում բան իմ տարիքի մարդոց համար, քան պատկերը երիտասարդութեան մը, ուր մտաւորականութիւնը կը պատրաստուի օտարներու մշակոյթով, կը հպարտանայ իր պապերը անարգելու մէջ ծանրակշիռ փաստեր գտնելով։

Նորէ՞ն երեմիական։

Լռէ՛, յիմար։ Երեմիան շէն, հաւատաւոր, աւելի քան հարուստ թէեւ սոխ ու հաց միայն ունեցող իր սեղանին զօրաւոր ժողովուրդի մը դիմաց Եգիպտոսի հրէութիւնը իր խեղճութիւնը, կորանքը ողբացող ողորմելի մարդ մըն է եւ ոչ թէ հեքիաթին մեծիմաստ մարգարէն։ Օշական, անշէն, հաւատուրաց, աւելի քան պապուկ թէեւ իր սեղանին վրայ գարեջուրն ու խորտիկը չեն պակսիր, ինչպէս շատերուն տունէն ներս վատուժ ու անջիղ ժողովուրդի մը դիմաց Սփիւռքի հայութիւնը իր հարստութենէն, ամբարտաւան հաւատքէն հիւլէ մը իսկ չզիջող մոլեռանդ մարգարէ մըն է։ Հասկցիր ասիկա։ Ու իր ողբը հայհոյութիւն եւ ոչ թէ հռետորական սանթիմանթալիզմ: Քեզ կ՚արգիլեմ, որ ընդմիջես զիս յիմար-/431/ յիմար, երբ կը մտապատկերեմ իմ ժողովուրդին խորհուրդը, հեռուներէն, խորքերէն, պարերէն եւ ոչ թէ քու համբաւներուդ նման թուղթերէն…

Մէկ վայրկեան, քու վերլուծումներդ կը պարագրկեն ամբողջ հայութիւնը, թէ հատուածներ։

Խորհրդային Հայաստանը ուրիշ երեւոյթ է ու դուրս իմ հասողութենէն։ Անկէ իմ գիտցածս շուք է միայն ու շուքերու շէնք չի ներուիր։ Իմ վերլուծումը կը պատկանի Սփիւռքին, զայն կանխող մեր զոյգ գրականութիւններով սեւեռուած հոգեվիճակներուն, ու այդ երկուքէն ալ վար ա՛յն երկու տասնեակ դարերուն, որոնց ընթացքին իմ ժողովուրդի ապրումներուն մէկ կարեւոր մասը ինկած է սեւեռման, զանազան ձեւերով։ Թէեւ իբր տեւողութիւն շատ անկշիռ, Սփիւռքը իր պարզած աղաւաղման կերպարանքներով, իմ ժողովուրդի պատմութեան ամենէն դժբախտ մէկ հատուածը իբրեւ կերպարանք է իմ մտքին։ Այս ժողովուրդը տոկաց ու մարսեց հազարամները իր գերութեան ու մնաց ազատ, վասնզի իր ուժերը դրած է պահեստի իր պապերուն հոգետունին։

Ո՞ւր կը դնես հողը, որուն փառքը չդադրեցար երգելէ։

Մի՛ աճապարեր։ Հողը յատակն է ամէն ստեղծումի։ Ամենէն գեղեցիկ քերթուածը, ճերմակ թուղթին վրայ բնակելէ առաջ, ապրած է այդ հողին ծոցը։ Այս մասին աւելորդ է խօսք հեղեղել։ Կէս դար իսկ չհասնող օտարութիւն հոգիէ, բաւ եղած է այսօր, որպէսզի տկարանար սքանչելի խմորը այդ ժողովուրդին։ Խորհուրդ, մշակոյթ, ազգային նկարագիր, բառեր են, բոլորն ալ ձգտող՝ տարազելու մէկ ու նոյն բանը կեանքը այս ժողովուրդին, հոգեղէն, ինչպէս մարմնեղէն դրութեան վրայ։ Ասոնք յստակ խօսքեր են դարձեալ։ Կ՚ուզե՞ս տասը էջ բաջաղանք շռայլեմ այդ հոգին վերլուծելու, ինչպէս կ՚ընէ Կոստան Զարեան, քառորդ դարէ ի վեր, մէկ ու նոյն միթը մեզի ներկայացնելու, երբ ամբոխները շլացնելու իր փոյթին մէջ կապոցները կը քակէ իր պատկերներուն, փոխաբերութիւն, բանաստեղծական նմանութիւններ, ոճի խոյանքներ կամովին շփոթելով հաստատ, փայլուն, բայց իրաւ մտածողութեան հետ։ Մտադրած եմ սակայն ուրիշներով չզբաղիլ, քանի որ տխուր այդ բռնավաստակը կատարած եմ արդէն ոեւէ մէկէ աւելի լայն համբերատարութեամբ։ Քննադատին դժբախտութի՞ւնը։ Ինքզինքը հերթի մէջ դնելու ստիպուած ըլլալն է, առնուազն կարդալը մարդեր, որոնց գործէն պուտ մը եղ չունի հանելիք։ Կ՚ամփոփուիմ ուրեմն։ Ու հարցը ո՞ւր է խորհուրդը իմ ժողովուրդին: Բացիր հարցը ու կ՚արգիլեմ, որ միջամտութիւննե/432/րովդ խանգարես ծանր մտապատկերացումը, որ կը փռուի իմ ուղեղին ներքեւ։ Երեք-չորս բառնոց այդ հարցականին ետին, ետեւէն կը յառնեն, անտարազելի խտութեամբ իրողութիւններ, ոմանք սեւեռած, ուրիշներ ծփուն, միգամածային, ուրիշներ բոլորովին անծանօթ, բայց որոնց ճակատագիրն է չվերածուիլ հակակշռելի դրութիւններու։ Գիտենք, թէ որքան աննշան է դրութեան տակ ընկած նիւթին քանակը մեզ շրջապատող տիեզերքէն։ Ի՜նչ ճիղճ է կշիռը մեր գիտնալ յաւակնածին՝ բաղդատմամբ անոր, զոր առայժմ յայտարարած ենք անճանաչելի։ Նիւթական տիեզերքին համար ճիշդ սա հաւաստումը որքա՞ն աւելի ծանր ճնշումով մը ճիշդ է հոգեղէն տիեզերքին ալ վրայ, որմէ մասնիկ մըն է անշուշտ իմ ժողովուրդին հոգին։ Մի հետեւցներ, թէ այսպէս ընդարձակելով վերլուծումին ծիրը, փախուստի ճամբաներ կ՚ըլլանք պատրաստած դէպի քմայականը, նետողականը, արկածախնդրականը ։ Մնալով մեր պայմաններուն անողոք խեղճութեանը մէջ, այդ խորհուրդը տարազող տարրեր օգտագործելու, պարկեշտ ու պարզ դնենք իրողութիւնը սեղանին։ Ունի՞նք քանի մը իրաւ միջոցներ, տարրեր, անառարկելի վկայութիւններ, անոնց ընդմէջէն այս հոգին եթէ ոչ ամբողջովին ճանչնալու, գէթ զգալու զայն իր քանի մը զօրաւոր, մեկին կերպարանքներուն ներքեւ։ Թերե՛ւս։ Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի կալուածը տարօրէն լպրծուն կը թուի ինծի։ Կան հողամասեր, որոնք դարերով կը ծածանին ընդմէջ հողին ու ջուրին։ Մեծ գետերու տելթաներն են ասոնք։ Ժողովուրդէ մը պատմութեան ինկած հետքերը, փշուրները կը կազմեն այդ երկակենցաղ հողերուն փաստը։ Օտարները մեծատարած համադրումներ կը նուիրեն անցեալին ու հոն աճած, զարգացած ու մեռած մշակոյթներուն, հասնելով անշուշտ խնդրական, բայց նոյն ատեն տարօրէն թելադրական պատկերացումներու։ Կա՞յ հայ մշակոյթի պատմութիւն մը։ Անմիջապէս կը հրաւիրեմ քեզ համեստութեան։ Իմ բերնին մէջ մշակոյթը երբեք ծանր, իմաստասիրական տարազ մը չէ, միգամածային ու առաձիգ, պարփակելու չափ զգալին ու անզգալին։ Անիկա թելադրել կը ձգտի գտնել, գտած ըլլալ քանի մը շատ իրաւ, իրական կտաւներ, ուր, իբր հրաշահիւս դաստառակի մը վրայ, ինկած ըլլային մեր ապրումներուն ծուփերը, վէտերը, առնուազն կնիքը, շօշափելի, տեսանելի, ոչ–ցնդական։ Բառը, որ խորունկ, հեռու ապրումներու խորհրդանշան մըն է ու իբր այդ ունի տարողութիւն, քանի որ երեք-չորս հատ քով քովի՝ այդ ապրումները կ՚ոճաւորէ։ Քերականութիւն մը նիւթեղէն ապրում է ու կը պատմէ ժողովուրդ մը։ Լեզու մը քաղաքակրթութիւն մըն է ու կը փաստէ մտքի դրութիւն մը։ Գրակա /433/ նութիւն մը այդ լեզուով նուաճուած ծանրածանր իրողութիւններու գումար մըն է։ Ունինք: Վանկը, որ ներքին ապրումները թեւաւորող, գունաւորող ուրիշ լեզու մըն է, քիչ մը շատ անձնական, բայց աւելի թաթխուած հոգեղէնով։ Մտիկ ըրէք երգի մը, ու դուք ճամբու մը վրայ էք հոգիին հասնելու, նուազ սայթաքումով, քան բառերով արտօնուածը։ Երկրի մը երաժշտութիւնը հոգեղէնին ամենէն ազատ, ընդարձակ, բայց նոյնչափ ալ յստակ արտարձակումն է։ Ունինք ։ Քարը, որ մինակ սարերը չի կնճռոտեր կամ բլուրները չի զարդարեր, այլ է՛ ամենէն կռանելի ու դիմացկուն եղանակներէն մէկը միշտ հոգին թեւաւորելու։ Տաճար մը քար է, հոգի ըլլալէն առաջ։ Ունինք ։ Ու կան տակաւին ներկն ու մելանը: Շէնքն ու արտորան: Վանքն ու ոստանները, պարզ, թեթեւ, այնպէս՝ ինչպէս կը գտնենք զանոնք իբր աւերակ, իբր արձանագրութիւն, յիշատակարան, առարկայ ու հնութիւն։ Բացէք այս տարազներէն իւրաքանչիւրին ետին ծրարում զգայութեանց մթերքը։ Թերեւս պիտի հանդիպիք մէկէ աւելի անգամներ, մէկէ աւելի հրիտակներու վրայ, մէկէ աւելի իրերանման տարրերու։ Բայց հոգեբանութիւնը իմացական շէնք մը չէ։ Ես կը մերժեմ այս կարգի ընդհանրացումներուն փխրուն, անկայուն, շատ շուտ մոխրանալու հակամէտ բիւրեղացման դրութիւնը։ Մի ուզեր հաստատ, մաթեմաթիքական, գիտական գործողութիւնները յատկանշող ապացուցման processus: Չկայ ատիկա։ Նոյն ատեն մի փախչիր ճիգէն ալ, յարաբերական, ոչ թէ սեւեռումներու, այլ հպումներու, ճշդումներու ճամբով՝ պուտ մը բան առանձնացնելու։ Կը մերժեմ վերէն նետելու, ի յառաջագունէ օրէնքներու հեղինակութեամբ կտրել–թափելու, հռետորութեամբ, հայրենասիրութեամբ փքուած բառատարափին որեւէ բարիք։ Հետեւաբար հայապաշտութիւնը, արմէնիզմը դուրս կը մնան իմ միջոցներէն։ Այն ատե՞ն։ Անշուշտ։ Դժուար չէ ըլլալ համեստ, չպոռալու համար մեր արժէքներուն քերթուածը «տանիքներէն»։ Ըսել, թէ Արեւմուտքին տուած ենք գոթական ճարտարապետութիւն՝ չէ պարզ իրողութեան մը փաստը, այլ ընդունիլ, որ այդ ճարտարապետութիւնը մենք ենք ստեղծած։ Ասիկա ահա անցնիլ է իրողութիւններէն անդին։ Ինչպէս որ Բիւզանդիոն ի գահին կայսրեր տուած ըլլալու իրողութիւնը չի նշանակեր այդ կայսրութիւնը հայացնել, գոթական ոճին մէջ հայ վարպետին հանճարը զգալը չի նշանակեր այդ ճարտարապետութիւնը ըլլալ հեղինակած։ Ամէն ճարտարապետութիւն իր երկրէն դուրս կ՚օտարանայ, բոլորովին ուրիշ բան մը ապացուցանող։ Ես կրնամ քեզի տալ անունը ճարտարապետ Սինանին, հայ առաւել հայ, զոր, ամէն արժէք մե/434/նաշնորհի վերածելու իրենց աճապարանքին մէջ, թուրքերը տաճկցուցած են՝ յաղթողներու յատուկ թեթեւութեամբ մը։ Այդ մարդուն Պոլսոյ մէջ ոտքի նետած մզկիթներէն՝ հա՞յը։ Տղայութիւն պիտի ըլլար մտածել ատոր։ Ունիմ շատ աւելի հզօր պատկերներ։ Իմ ծննդավայր քաղաքիս մէջ ինծի համար խորունկ վախ ու անասելի ձգողութիւններ էին թուրքերու առաջին սուլթաններէն (Պրուսան թուրքերուն անդրանիկ մայրաքաղաքն է) մզկիթներ, դամբարաններ, ոմանք ամայքներու մէջ, ուրիշներ՝ ամենէն խուռնամբոխ կեդրոններու։ Բոլորն ալ հեռու զիս իբր գեղեցկութիւն, ոճ, երկնայնութիւն տպաւորելէ պէտք կը զգամ հիմա խոստովանելու, որ այդքան իրաւ շնորհ եւ իրաւ ուժ քիչ անգամ տեսայ ուրիշ մեծ մշակոյթներու այդ կարգէ յիշատակարաններու ներսն ու դուրսը ունէին անբացատրելի ճնշում մը, հաւանաբար իմ արեանը վրայ։ Կը քակէի այդ ձիւնէն աւելի սպիտակ պատերը, անոնց ամէն մէկ քարին մէջ մտիկ ընելու համար կործանած պալատի մը, եկեղեցիի մը, դամբարանի մը լուռ բողոքը, վասնզի պատմութենէն գիտէի, որ սարսափախառն պչրանքով ու բրտութեամբ հարսնեւոր այդ կառոյցներէն ամէն մէկը սուլթանի մը Արեւելքէն ու Արեւմուտքէն ջարդուած, փշրուած, հետախաղաղ բնաջնջուած պզտիկ թագաւորութիւններու կապուտն ու կողոպուտը կը խորհրդաւորէին։ Ուլու ճամին, իր քառեակ մը մենարէներով, որոնք անկիւններուն իբր սուին ու նիզակ կը մխուէին, ու բանակ մը գմբէթներով, որոնք հին արշաւողներուն գլուխներէ գողցուած ու հոդ քարանալու բերուած սաղաւարտներ կը թուէին, իրենց ծանր մատիկներուն մետաղ սարսափը դեղնաւորող, է՛ր մանաւանդ շարժուն ու կախարդանքի մը գնով զսպուած զօրաբանակ մը, յարձակման ամբողջ սաստկութեամբը թրթռուն, ամբոխեալ ու զարհուրագին։ Աւանդութիւնը այդ կառոյցին ալ հեղինակը տաճկըցուցած էր։ Ու տկարամտութիւն է, այս օրերու իմ մտածողութեանս մէջ, այդ սարսափը մշակոյթ որակել, թէեւ թուրքերը այդ շէնքին ներսը դրած են, չորս ու աւելի դարերու ուրիշ մշակոյթ մը, աղօթողներու հոգիէն փրթած ու անոր քարեղէն նեարդերը իսկապէս տաճկըցուցած։ Հոդ, իմ ամբողջ ուժին մէջ, պիտի ներուի տեսնել սկզբնական, արարչագործ խոյանքը։ Ու ատկէ անդին տեսնել ուզելն է ահա զառածումը։ Ատոր համար է, որ կը զգուշանամ անտեղի, փչողական յաւակնութիւններէ, ու կը մնամ սպասարկու աւելի համեստ տարազներու, որոնք չըլլան շողշողուն պատկերակերտութիւն, քմահաճ վարդապետութիւն, աժան, վերերէն սաւառնող ընդհանրացումներ ու առնուազն շօշափեն մեզամօտ իրողութիւններ։ Այսպէս պիտի մտածեմ, որ /435/ հարիւրներ, հազարներ, մերձաւոր չափերու վրայ իրարու մօտիկ զգայութիւններ կ՚ունենան, երբ իրենց թելադրուի ընդունիլ, որ հայկական աչք մը կայ, այդ ժողովուրդին յատուկ։ Դրէք գաղափարը ու հետեւեցէք անկէ զարգացող բազմապիսակ զգացողութիւններուն։ Արտաքին իրողութիւն մը իբրեւ, անհերքելի է սեւ աչքն հայուն, զոր օտարները աւելի պարզութեամբ կը զգան, երբ կը հանդիպին այդ երանգին, մա՛նաւանդ վասպուրականեան կամ տարօնեան կաղապարներու վրայ։ Անհուն է անշուշտ այդ սեւին զանազանութիւնը, բայց այդ զանազանութիւնն իսկ ի վերջոյ կը համախռնուի իրմէն վեր միութեան մը մէջ։ Փակեցէք ձեր արտաքին աչքը ու բացէք ձեր ներսին վրայ աչքը ձեր հոգիին, ճշդելու, հասկնալու համար այդ սեւութիւնը իբր մասնակի երանգ մը, ցեղի մը յատուկ գոյներու դրութիւն մը, իբր խաղ մը, անորակելի, բայց իրաւ, որ կը թրթռայ, բայց իր բիւրեղը կը պահէ անաղարտ, որ կը թուի հանգչիլ, խորանալ, ծաւալիլ դէպի վար, բայց կը քաշէ, կը կապէ քեզ իրեն։ Դրէք հիմա ձեր այդ զգայութիւնները ուրիշներու մօտիկ, որոնք կը յառնեն ուրիշ արեան դրութեան մը պատկանող սեւութիւններէ։ Պիտի գտնէք զձեզ անբացատրելի դժուարութեանց մէջ։ Ո՞ւր կը զատուի սեւը հայուն աչքին ուրիշ սեւերէ։ Չունիք պատասխան։ Ու ասիկա՛, տակաւին արտաքին, ֆիզիք աշխարհին վրայ։ Ուր, բաղդատաբար, ունինք որոշ ազատութիւն, դիւրութիւն գոյները, գիծերը, շէնքը, մոյնքը կերպընկալ, քիչ շատ հակակշռելի պատկերներու մէջ տեղաւորելու։ Հոգեղէ՞ն աշխարհին համար, ուրկէ կ՚ընդունինք, թէ կը հոսին մշակոյթին ամենէն նրբին ծորումները։ ՀԱՅ ՀՈԳԻ՜Ն։ Հասկնալի, այս պարզ օրինակով, որ մեր ջանքը շատ ու շատ պիտի զառածի, գրեթէ պարտադրեալ, դէպի փչումը, բաջաղանքը, առնելն ու տալը անպատասխանատու առատաձեռնութեամբ, շնորհաբաշխութեամբ, ներկելով աններկելի գոնջութիւններ, սրբագրելով անդարման խեղաթիւրումներ, ենթադրելով, հաւաստելով, մերժելով կամ դիզելով, ուրանալով կամ քնարափառ յաղթերգելով պզտիկ, մասնակի յատկութիւններ, որոնք հազիւ թէ շատ ընդհանուր աղերս մը կը յաջողին պահել խոր, անհասանելի իրականութեան հետ, որ հոգին է սակայն ոեւէ ժողովուրդի, համադրական յղացք, ապրող մարմին կամ մեռած մարմին, այսինքն կենդանի մշակոյթը միսով, ձայնով, մորթով, մարմնեղէն շէնքով գոյաւոր, ու հոգեղէն մշակոյթը, այսինքն՝ մեռելներու անմիս, հողի երեսին կամ անոր ներսը, հողէն վեր, երկինքին մէջ անդրարձաուած կամ գիրքերու խորը բիւրեղակերպ սաւառնո՜ղ։ Հայ հոգի՞ն։ Անշուշտ։ Ինչպէս է այդ հոգին ռուս, թուրք, գերման։ Յաւակնիլ /436/  հերքել այս տարօրէն մութ, բայց աւելի քան իրաւ փաստը, առնուազն ծանծաղամտութիւն, աւելորդ պոռոտամտութիւն է։ Բայց առաւելեալ ծանծաղամտութիւն ու խորանարդեալ պոռոտամտութիւն՝ այդ տարազին բաղադրիչները տարրալուծօրէն գտնելը յայտարարել։ Ու գտնելէ վերջ՝ անոնցմով գրական տեսութիւններ լաստակերտել։ Մեր մէջ է, որ գրագէտ մը բնական պիտի դաւանի պատկերով, բառով, փոխաբերութիւնով վերլուծել օրէնքները, օրինակի համար հայ ճարտարապետութեան, երբ կեանքին մէջ քար մը չէ դրած ուրիշ քարի մը վրայ, բայց կը հաւատայ, թէ աչքը, խելքը լայնօրէն կը հակակշռեն արհեստին պակասը։ Մեր մէջ է, որ նկարչական քննադատութիւններ կը ստորագրեն մարդեր, որոնք գիրքեր դատելէն կ՚անցնին նկարներ ներկայացնելու փառասիրութեան։ Ու ասիկա, այսպէս, արուեստի միւս կրթանքներուն համար։ Սփիւռքի նկարագիրը բացատրողական շեշտ ախորժակ մըն է, դիտուած՝ մշակոյթներու պատմութեան մէջ, մէկէ աւելի անգամներ։ Ու գրականութիւնը հիմա կը փոխարինէ մեր հին մատենագրութեան մէջ պատմութիւնը, որ ամէն բան էր, դէպքերուն հետ ու մէջէն ե՛ւ աստուածաբանութիւն, ե՛ւ հայրենասիրութիւն, ե՛ւ ողբասացութիւն։ Հայ հոգիին արգանաւորդները, իրենց գրական լաստերուն վրայ, իրենց փառասիրութիւնները բեռնաւորած, իրենց խուզարկութիւնները երբ իբր գիւտի ձգտում սիրեցին արժեւորել, գրագէտ ըլլալէ չէին դադրած։ Ու տրտում է ասիկա անշուշտ, որ մարդեր իրենց զգացած, բայց չգիտցած բաներուն շուրջը վճռական պատգամներ արձակեն։ Բայց աւելի տրտումը կայ։ Կը ձգեմ խորունկ կասկածի տակ ձգտումին պարկեշտութիւնն իսկ։ Բան մը ստոյգ է։ Այս արարքը կը բխի իր ժողովուրդը մեծցնելու մարդկային պարտքէ մը։ Ասիկա 1850ին, առնուազն գողտր ռոմանթիզմ էր, միամտութեան մէջ իսկ համակրելի։ Ալիշան իր ժողովուրդը կը մեծցնէր այդ ժողովուրդին իսկ հաշւոյն, երբեք չմտածելով այդ մեծացումէն իրեն հասնելիք փշուր մը մեծութեան։ 1900ին Չօպանեանի մշակութային արմէնիզմը միշտ պարկեշտ նպատակներու գահաւորակ մը կը մնայ։ Բայց 1930ին, երեւոյթը ինծի կը թելադրէ, ըսի անգամ մը, շատ աւելի պղտոր բան մը իր ժողովուրդին մեծացումը ի հաշիւ անձ մը արժեւորելու տխուր փառասիրանքը։ Ես ակնարկութիւններուն մարդը չեմ։ Կոստան Զարեան չի յոգնիր փոքրիկ Նորվեկիան օրինակ առնելէ ու տալէ, անոր ետին գտնելու համար անշուշտ Հենրիք Իպսէնը, որ Առաջին պատերազմին Պերնառ Շոյի հետ աս ալ պզտիկ ժողովուրդի մը շառաւիղ եւրոպական փառք մըն էր, ինչպէս կը մտածէ, ներելի հանգիտութեամբ մը ըլլալ այդ /437/ փառքը իր հաշւոյն։ Այս ախորժակները անշուշտ անուններ ունին։ Կ՚անցնիմ։ Ու գրող մը հայ հոգիին, ասոր խորհուրդին, ճակատագրին տագնապանքը երբ կը փոքրէ այսքան անկշիռ հետեւանքներու սիրոյն, կը դադրի պատկանելէ լրջութեան, պարկեշտութեան։ Ասիկա իմ նկատառումիս մէջ, ուրացումն իսկ է ձգտումին, որ չմոռնալ, ամէն բանէ առաջ, գիւտն էր մեր հոգիին։ Ի՞նչ է հոգին։ Տղայական սա հարցումը բոլոր տղայական իրողութիւններուն թարմութիւնն ու պարզութիւնը կը խառնէ ծանրածանր տագնապներու։ Անշուշտ հարցումին հետ կ՚այցուիք ընդարձակ դրութիւններէ, իմաստի, ինչպէս հաւատքի, որոնք փորձեցին պատասխաններ թոթովել։ Մի վստահիք բառերու հեղեղին։ Եղէք գոհ, համեստութեամբ ու պարզսրտութեամբ, երբ կը յաջողիք դիտել (գոնէ կարծել, ցեղային ակունքներէ բխող արեան երկու դրութիւններ, իրարմէ որոշ տարբերութեամբ։ Մի յոխորտաք, թէ գտած էք այդ տարբերութիւնը, երբ պարագայական իրողութիւն մը կ՚ընդհանրացնէք, քանի մը աղօթատեղիներու, քարայրներու վրայ բարձրանալէն, ձեր կարգին բարձրանալով քարայրեան հոգեբանութեան մը։ Շփենգլըր կը հաւատայ, թէ Ս. Ծննդեան եկեղեցին (Բեթղեհեմ) քարայրի մը վրայ է կառուցուած։ Այդ քարայրը գրական բացատրութիւն մըն է, զոր գտած է գերման համադրողը գիրքերու մէջ, ու չի պատկանիր իրական զգայութեան մը։ Այդ տաճարին մէկ անկիւնը քանի մը մեթրոնոց փորուածք մը վանականի հնարք մըն է ու երբեք քարայրը։ Ընդերկրեայ փորուածքները յատուկ չեն մոգական մշակոյթին։ Ուր դնել դասական մշակոյթին քարայրները, հարցուկներէ այնքան դղրդագին շահագործուած։ Չէք գտած, նմանապէս, ձեր հարցումին պատասխանը, երբ թուրք մեծ քաղաքներու վերեւ ձեր նայուածքը կը պլլուի աւերակին նուրբ շամանդաղներուն, վերմինին դանդաղ գարշանքին ու կը թուի ծանրանալ հոտին մէջը չորցած արիւնի ճենճին բոլորը այնքան իրաւ, զգալի այդ քաղաքներուն զբօսաշրջիկ այցելուներէն։ Աղբը, գարշահոտութիւնը, գէջ բորբոսը, իրաւ ու միշտ զգալի, մինակ թուրքերէ բռնագրաւուած հողերը չեն մասնաւորեր։ Արեւելքի որոշ գօտիներուն՝ հսկայ, հոյակապ մզկիթներու շրջափակը բորոտութիւն էր ու միզային թթուի կծու ալիքներովը յագեցուն արտաբուրում։ Նման զգայութիւններ յատուկ չեն սակայն բացառաբար Արեւելքին։ Անոնք կը յառնեն ձեր ներսը նոյնիսկ Փարիզ, երբ ձգելով մայր պողոտաները, քիչ մը կը զառածիք դէպի ներքին փողոցները։ Ու արկածախնդրութիւն՝ այդ զգայութիւնները վերածել հոգեղէն դրութիւններ առաջնորդող ազդակներու։ Մօտ երկու հազար տարի, հրեան, այդ /438/ վերմինին ու այդ բորին ու հոգեւոր գոնջութեան ճախճախուտքին մէջ, տարաւ իր ցhettoն, չարութեամբ, չարքաշութեամբ։ Եթէ Թել-Աւիւը արեւին տակ նոր բան մը չէ, ինչպէս ներհակը կ՚ուզեն ապացուցանել հրեաները, այդ սուտ ու փուտ, անճարակ, անհոգի քաղաքը երբ կ՚արժեւորեն այնքան թանկ, է՛ սակայն փաստ մը հոգիի մէկ ուրիշ կերպարանքի, դրամով ու աժան լիւքս ով կաղապարուած մշակոյթին, ամէն բանէ առաջ՝ թաղումը սակայն հազարամեայ քոմփլէքսներու։ Անշուշտ ժողովուրդ մը տասը տարին անգամ մը հոգի չի փոխեր։ Բայց կան սահմաններ, ուր այդ ժողովուրդը հաւատարիմ է իր առհաւական հոգիին։ 1915ին, չկար թուրք մը, որ իր հոգեղէն դրութեան մէջ չաճեր, չազնուանար, երբ կայսրութեան բոլոր մարզերուն վրայ կը հոսէր ո՛չ միայն հայուն արիւնը, այլեւ կը գերաճէր մա՛նաւանդ այդ արիւնը թափող հեշտախառն հոգեբանութիւնը։ Քաղաքակրթութի՞ւն։ Բայց դուք գտէք ուրիշ որակում մը, առհաւական ապրումներու մթին հանգոյցներուն այնքան հայտ սա հոգեվիճակներուն։ Կը մորթէին ամենէն սուրբերը, հերոսները, պաշտօնեայ, զինուորական, ոճրագործ, բայց արարքին հեշտանքը հասարակաց էր դաշտի բանուորին, ինչպէս քաղաքի արհեստաւորին, քանի որ հազարէ աւելի տարիներ ուրիշ քիչ բան ըրած էին ազգային այդ կատարելութեամբ աւերում ու արեան հեղում։ Անշուշտ, իմ գրչին տակ սա բառերը սովորական մեղադրանքը չեն ձգտիր համադրել մեր ջարդաբողոք գրականութեան։ Գիտեմ, թէ աշխարհ՝ այս արարքները մորթելու, կործանելու այսօր վերածած է բարձրագոյն քաղաքակրթութեան զինանշանային փառքերու, ամենէն բարձրաշնորհ ազգերուն ընտրանիին իսկ բերանովը։ Բայց կը կարծեմ հասկցած, հասկցածի պէս ըլլալ, թէ ինչպէս մէկ օրէն երկրորդը, Եւրոպա ըրած բժիշկներ ու բանտերու մէջ հարիւր մէկ տարուան դատապարտուած մարդասպաններ կ՚եղբայրանան իրարու՝ մանուկներ սպաննելու վսեմ հերոսութեան մէջ։ Լման երկիր մը, դահի՛ճ, այնքան հեշտագին յուզումով։ Այս է հոգեղէն հաւատարմութիւնը ու քիչ մը յանդգնելով՝ հոգին իսկ։ Անցէք ուրիշ մարզի, հաստատելու համար նոյն իրողութիւնը, մեծ փաստաշխարհէն, որ պատմութիւնն է ոեւէ ժողովուրդի։ Այս անգամ ձեր ժողովուրդին պատմութեան։ Դէպքերը հոն, դարձեալ։ Դերակատարները, նոյնքան պայծառ: Պատմեցի՞ ձեզի՝ իմ մատները վրայ չգացին առնելու փողկապ մը այն դէզերէն, որոնք կը նետուէին պուլկար զինուորի մը ձեռքով սպաննուած թուրքի մը խանութէն։ Բայց պզտիկ դէպքերէն աւելի ուրիշներ։ Երբ տասը դարու ընթացքին, մարդերու զանգուած մը, /439/ երկու տասը անգամ կը կրկնէ նման արարքներ, մերձաւոր պարմաններու մէջ, չըլլա՞ր արտայայտած իր հոգեղէն դրութեան վրայ գէշ-աղէկ արժեւորելի փաստեր։ Կ՚ընդունիմ մեր գերութիւնը, մեր պատմութեան վճիռները ու դասական բոլոր աժան տարազները՝ մեր արժանիքները ու թերութիւնները մունետիկող։ Բայց կը կենամ մեր անհասկնալի ալ ընդվզումներուն առջեւ, նոյնքան պայծառ, անհերքելի։ Ասոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ մեր արդէն անհաստատ, անկայուն հաւասարակշռութեանց վերիվայրումը աս ու ան ազդակներու մագնիսին ներքեւ։ Ու գերութիւնը, որ պիտի տայ գոյնը մեր ապրումներուն, բայց պիտի չկարենայ դիտողին աչքէն սքողել թաքուն իրականութիւնը լեռներու ժողովուրդին, որ կը դառնայ մահուան գնով, երբեմն-երբեմն իր բնազդներուն։ Այսպէս հասկցէք կործանած մեր հարստութիւնները արքայական գերդաստաններուն, առաւելեալ ու ճոխացեալ, իբր փաստեր նոյն ու մէկ հոգեվիճակին։ Մեր հիմնայատակ ոստաննե՞րը։ Անշուշտ։ Բայց մա՛նաւանդ զանոնք վերականգնող նոյնքան յամառ, նոյնքան հզօր իրողութիւնը, որ ժողովուրդ մը կը մասնաւորէ։ Մեր մեծատարած սպանդնե՞րը։ Այո՜։ Բայց մեր զօրավարները, որոնք հեռու դարերէն մինչեւ մեր օրերու պատերազմը, եղան աւելի քան իրաւ, մեծ, դարձեալ անհերքելի։ Ու մեր պատմութի՛ւնը, որ գլխովին հակասութիւններու տիրական հանդէս մըն է անշուշտ, բայց զոր դարձեալ, դատապարտելէ առաջ խորհեցէք ուրիշներուն ալ հակասութիւններուն ու պիտի ըլլաք աւելի զգուշաւոր, աւելի համեստ։ Տուէք, ըսի անգամ մը, այս ժողովուրդին քառորդ մը դար, առանց արիւնի, ու դուք պիտի ունենաք զարմանահրաշ փաստեր՝ շինող, շէնցնող ժողովուրդէն։ Ըսել չէ, թէ ուրիշները ուրիշ ժողովուրդները կը բնաջնջեն։ Բայց ինչո՞ւ չըսել նաեւ, որ կառուցանող բնազդները իրական են այնքան, որքան կործանարար ախորժակները ժողովուրդէ ժողովուրդ։ Աս մէկը մոխիրէն ու կրակէն պիտի առնէ գերագոյն վայելքներ։ Ան միւսը՝ շէնէն ու ապատէն։ Ասոնք ալ յստակ խօսքեր են։ Ուրի՞շ։ Այսինքն՝ քանի մը ցուցմունքներ, գիծեր դարձեալ, որոնք դարէ դար ըլլային զգալի։ Ու կան անոնք ալ։ Վերերը խօսեցայ անոնցմէ մէկ քանիներուն վրայ ( դիմացկունութիւն, իմաստութիւն, քաղցրութիւն Ահա ուրիշներ։ Դուն պէտք եղած խորութեամբ պիտի չկարենաս հասկնալ բարութիւնը քու ժողովուրդիդ, երբեք՝ գերութեան մէջ ճարուած քոմփլէքս, այլ թերեւս մեր երկրէն իսկ մեր արեան մէջ ինկած հոգեղէն ճարտարապետութիւն։ Եսասէր, կամահաճ, նախանձաբեկ ու անմիաբան հռչակուած այս ժողովուրդը, իր խոնար/440/հագոյն խաւերուն մէջ սրտառուչ գեղեցկութիւն մըն էր, երբ կը բանար իր հիւղակին դուռը օտարին, եկուորին, նեղուածին ու չունեցողին, առնելու համար անկէ ներս հիւանդն ու որբը, անկարն ու թշուառը։ Ըսե՞ր եմ քեզի, թէ աշխարհ մը տղայ ձգող կինը, երկունքի իր մահիճին մէջ, ժպտադէմ կը մտնէր մահէն ներս, քանի որ գիտէր, թէ իր նորածինը պիտի ունենար իր զոյգ մը ծիծերուն պտուկին տեղ հարիւրներ ստինքները գեղին հարսներուն։ Հիմա չեմ կրնար լայնել այս զգացումներուն ծիրը, հոնկէ ներս տեղ բանալու համար մեր հոգեղէն դրութիւնը ամբողջութեանը մէջ շահագրգռող այն եղելութիւններուն, որոնց համագումարը կը ստանայ արտայայտիչ կերպարանք մը։ Բարութիւնը քրիստոնեայ առաքինութիւն ըլլալէ շատ առաջ թերեւս մեր ամենէն նուրբ, խորունկ ապրումներուն մէկ ոճաւորումն է մեզմէ ներս։ Անապատի ժողովուրդները, արգաւանդ դաշտերու հանդարտասուն զանգուածները նոյն հոգեկանութիւնը պիտի չունենային իւրացուցած դարերու փորձերէն, փորձանքներէն։ Արաբը, իր սորված հիւրասիրութիւնը պիտի յարգէ, իր վրանին տակ ընդունելու չափ իր զաւկին սպաննիչը, բայց պիտի չտառապի, այդ վրանին շուքէն դուրս ո՛չ միայն այդ թշնամին ոչնչացնելու, այլեւ՝ ճամբու պարզ անցորդը, ու ասիկա՝ առանց տառապանքի։ Ահա քեզի բարութիւնը զատորոշող փաստ մը։ Քու ժողովուրդդ բարի եղաւ իրեն արեան պատկանողներուն, որքան այդ արիւնէն դուրս Աստուծոյ արարածներուն համար։ Ու երկու հազար տարի այս զգացումները մեր ներսը յօրինեցին հոգեղէն մասնաւոր ոստայն մը։ Մեր արուեստին, մեր մոյնքին, մեր ցաւին իսկ վարակիչ, հաղորդական համը կու գայ այդ յատկութենէն, որուն աւելի նրբացած, բարոյախօսական մարզին հանուած մէկ ուրիշ կերպարանքն է հեզութիւնը, անշուշտ աւելի հեռահաս տարողութեամբ մը, քանի որ իր ներքին տագնապներուն, բռնկումներուն վրայ տիրապէս գործադրուած կրթանքի մը գինն է անիկա։ Հեզեր էինք, կրօնքէն շատ առաջ, յօրինուած մեր իսկ երկրին հզօր ու խորունկ ազդմունքներէն։ Հիմալայի ոտքին մարդը կարծես չունի իրաւունք ամբարտաւանելու։ Այրարատի դիմաց նոյն ճնշումը կ՚ըսեն, թէ կը զգան ճամբորդները։ Դուն կրնաս այս վերլուծման եղանակը տարածել ու մեր պատմութեան մեծ ձայներուն ալ արձագանգը գտնել այս պարզուկ վանկին մէջ։ Իմ աչքիս կը բերեմ Սփիւռքէն առաջ, իմ ժողովուրդը, թուրքերէ բռնակալուած հողերու երեսին։ Գերիներ էինք։ Չեմ ուրանար։ Բայց մեր հեզութեան հպարտութիւնը մեզ կը պաշտպանէր։ Նիւթական տիեզերքէն երբ կը փոխա/441/դրէինք մեր տկարութիւնները, ցաւերը մեր հոգեղէն տիեզերքին, կը գտնէինք, որ առնուազն անիմաստութիւն էր շեշտ, յաւակնութիւն, յոխորտանք դնել այնքան անկայուն, այնքան գէշ ու քիչ արժէքերու վրայ։ Մեր հեզութիւնը մեր համակերպումին, յարմարուելու պարտքին, աշխարհը հանդուրժելու դրութեան մէկ վերացումը մի դատեր։ Անիկա մեր արեան, մորթին, մոյնքին ու ձայնին իսկ վրայ թեթեւօրէն թրթռուն, ծփանուտ շղարշի մը նման վառ ու վառող ծորում մըն է, շամանդաղումը մեր հոգիին։ Ու մեր բանաստեղծութեան, մեր մատուռներուն, մեր կարգ մը շարականներուն, մա՛նաւանդ մեր ժողովրդական գոհար երգերուն մէջ բառ ու վանկ ես դժուարութիւն չունիմ այդ զգացական շաղը, մանանան վայելելու։ Հեզութիւնը հայ հոգիին ամենէն մասնաւոր մէկ բաղադրիչն է, անոր գերութեան դարերը անուշցնող, անոր ներքին աշխարհին մատուցուած ու անկէ իրեն դարձած սփոփանքին երկնային ցօղը։ Անկէ զուրկ է, օրինակ, հրեան, մեզի չափ տառապած, բայց պնդանալու համար ինքզինքը կարծրացուցած, քարեղինած։ Չկայ ուրիշ զանազանութիւն այդ երկու ժողովուրդները բաժնող, որքան հեզութիւնը։ Հայը այդ հոգեվիճակը ազնուականացուցած է, հրեան՝ վերածած աներես խոնարհութեան։ Արեւելքի մէջ, դար մը առաջ իմ ժողովուրդին գաղթականները անշուշտ կը կրէին այդ վիճակին ստորադիր (intériorité complexe) հետեւանքները, բայց կը գտնէին կերպը զայն վերածելու մեղմ համակրանքի։ Ժամանակին հետ կը հաշտուէինք մեր նոր միջավայրին, կը մնայինք վերապահ, բայց համակրանքով, այսինքն՝ չէինք զատեր մեզ ու մեզ հիւրընկալող հողերը իրարմէ։ Ա՛ս է պատճառը, որ հայը դեռ չէ եղած երբեք, հրեային նման։ Թուրքերը ամենէն անգութ ամբաստանութիւնը կ՚ընեն, երբ մեզ կ՚ամբաստանեն իրենց հողերուն վրայ հարստացող մեր հաշւոյն, մինչ իրողութիւնը ուրիշ է հիմնովին, քանի որ այդ հողերը արժեւորելու մէջ մերը եղած է խմորի մը դերը։ Կը խօսիմ տակաւին իմ ժողովուրդին բացսիրտ, հաւատաւոր հաղորդականութենէն: Կը սորվէինք արդէն լեզուն, անմիջական ու ամբողջական, կրելով մեր շրջապատը, հայլիացնելով զայն։ Էինք, ենք թուրքին չափ ընդունակ՝ խօսելու իրենց լեզուն, ռուսին հետ՝ զգալու չափ այդ ժողովուրդին ծանրագոյն ապրումները, միշտ խորունկ, հաւատաւոր։ Ե. դարուն, երբ մեր այրուձին գրոհ կու տար պարսիկ բանակին շարքերուն մէջ, կ՚ընէր ատիկա իրաւ, հաւատաւոր, խորունկ հոգիով մը։ Մենք մեր տէրերը չենք ատած, աւելորդ սաստկութեամբ, որքան ատեն, ոչ մեր հաղորդականութիւնը չէ են/442/թարկուած հակառակ ազդեցութիւններու։ Հանդուրժած ենք, որ մեր բերքին, բարիքին մասերը անցնին ուրիշներու, ճիշդ նոյն հոգեբանութեան հպատակ։ Մեր օրերուն իրենք զիրենք աշխարհի բարեկարգումին համար զոհ յայտարարող ժողովուրդներ են ֆրանսացիները, որոշ չափով ռուսերը։ Մենք ատոր կենդանի ապացոյցները եղանք դարերով։ Էինք պարզ, վստահող ու կը զայրանայինք ամենէն շատ բարդ, անվստահ ազգերու դէմ։ Չկրցանք հասկնալ արաբը, չափազանց բարդ զգայնութեամբ ժողովուրդ մը ու ատեցինք յոյները, ազգերուն ամենէն անվստահելին քանի՜–քանի՜ անգամներ հաստատելով իր վրայ։ Մեր ժողովուրդը թուրքերուն հետ դարեր ապրեցաւ, կրնար ապրիլ տակաւին, միշտ հաղորդական, բացսիրտ իր առաքինութիւններով, բայց թուրքին կշիռը հասկցաւ երբ 1850էն ասդին այդ ժողովուրդը որդեգրեց, կարճ ու կտրուկ, ուրիշ ժողովուրդներ բնաջնջելու վարդապետութիւնը։ Կը խօսիմ չարքաշութենէն, որ գերութեան քոմփլէքսի մը կնիքը չէ մեր մարմինին վրայ։ Ծուռ ու մուռ մարդերու զանգուածներ են գերիները։ Չարքաշութիւնը արի, համաչափ ինքնամփոփում մըն է, դէպի ներսը հաւաքում մը, երբ քիչ են լոյսը, հողը, աւիշը։ Չարքաշ ծառեր են ձիթենին, մայրին։ Տեսէք անոնց բունէն սկսող ու դէպի վար սուզուող արմատի շերտերուն գալարագին տառապանքը։ Ու կան առատահիւթ, յոգնամարմին ծառեր, ուռին ու կաղնին, որոնք միսի ոճեր կը թուին տալ ու առնել։ Չարքաշութի՞ւնը հոգեղէն մարզին վրայ։ Անշուշտ, աւելի քան իրաւ։ Մեր պզտիկ տաճարները, մատուռները ինչո՞ւ կ՚ամրանան, կը նստին իրենք զիրենք հաւաքող, դէպի վար, արմատը լայնցնող, երբ կարելիութիւն կար լայննալու, հաստնալու։ Մեր երգը ինչո՞ւ զուսպ, հաւաքուն է այնքան, երբ մեր շուրջի ազգերուն բերաններէն նոյն զգացումները դուրս կ՚ելլեն այնքան անզուսպ, ձգձգուն, մանուածապատ։ Գեղեցկութիւնը ։ Որ արուեստի որակում մը թելադրելէ աւելի, զգացական գետնի վրայ ծանր իրողութիւն մըն է նախ։ Օտարները, աւազակները ունին տիպարային արտայայտութիւններ այդ հոգեվիճակը որոշ չափով բացատրող։ Մարդիկ գիրքեր կը յօրինեն գեղեցկութիւնը վերլուծող, անոր օրէնքները կերպադրող։ Իմ ըսելիքս պարզ գումարն է քանի մը զգայարանքներէ նոյնամանակ ծորող այն հեղանուտին, որով մեր աչքին մատուցուածը ձեւերու եւ գոյներու աշխարհէն կը թուի ինքնիր մէջ դաշնաւորուիլ ու իջնել մեզմէ ներս տաք ու պարզ, քիչ ու սեղմ, բայց տարօրէն առնող, յուզող։ Անգլիացի ճամբորդին խոստովանութիւնը, որուն համեմատ հայ կինը անդիմադրելի տպա/443/ւորութիւն մը կ՚արարձակէ իրմէն, փաստ մըն է անշուշտ այդ մասնակի վիճակը պարզաբանող։ Դարձեալ, նոյն այդ հեղանուտին անտես ոստայնին մէջէն կը մատուցուի մեր ականջներուն ինչ որ ձայներու եւ լռութիւններու աշխարհը ունի իր մէջ այնքան յանկուցիչ ու սիրտ առնող, էապէս արուեստին հետ շփոթուող ապրումին կերպարանքին մէջ, որ երգ մը, բառ մը, նայուածք մը որ լռին խօսքն է այնքան աւելի արտայայտիչ մեր ներսը կ՚երկարաձգէ, միշտ պարզ, քիչ, սեղմ, բայց անդիմադրելի։ Քանի մը եղանակ, մեր գեղջուկ երգերէն, այս դարուն սկիզբը Եւրոպան խռովեցին, ձայներու մեծ կախարդներին առանց տկարանալու։ Ու գեղեցկութիւնը, որ երբեմն կ՚առնէ մարմինը էջ մը թուղթի, մեր անանուն կամ նշանաւոր մէկ գրողին բառերը լուսավառող։ Չես կրնար չառնուիլ հզօր այն խռովքէն, որ կը յառնէ մեր հին գիրքերէն ոմանց էջերէն։ Կախարդ վարդապետ մը երբ կը բացատրէ կիներու ցաւին պատկերը, իրենց տարագիր ամուսիններու սուգին մէջէն պուտ-պուտ յօրինուող, անգիտակցաբար կու տայ ոճը այդ զգայնութեան, զուսպ, քիչ, պարզ, տարօրէն մարդկային ու պատկանող նոյն ատեն երկու աշխարհներու, մարմինին ու հոգիին։ Զանազան զգայարանքներով մեր հոգիին մատուցուած այս տպաւորութիւնները բերէք քով քովի ու դուք կ՚ունենաք մտատեսեալ թափանցումը ա՛յն բարեխառնութեան, որ գեղեցկութիւնն է առնուազն չորս երկվեցեակ դարերէ ասդին, մեծ իմաստասէրներու ծանրածանր traitéները ծանրաբեռնող ու իմ ժողովուրդին ապրումներուն հէնքին մէջ իբր տիրական մոթիֆ ինքզինքը հարկադրող։ Ալ չեմ բանար նկատողութիւններու կարկինը, ընդլայնելու համար մեր հողին, անոր կենդանի կտաւին մարմինին լուռ ճարտարապետութեան զարմանալի օրենքները, որոնց Համ եմ ատ մեր կերկերը պիտի ներէ այդ մտայղացքին կազմաւորման մէջ իր ամենէն տիրական տարրը, առուակէն՝ քնքշութիւն, կանանչէն՝ թաւշային մեղմութիւն, ծաղիկներէն՝ հովն ու թեւը ու զգլխանքը, արտէն՝ իր մայրենի բարութիւնը, լեռներէն՝ իրենց սլացքն ու կապոյտէն՝ իր անհունը։ Դուք այս պատկերները քակեցէք մէկիկ–մէկիկ ու պիտի գտնէք անոնց իւրաքանչիւրին մէկ շուքը գումարին մէջը զգացական այն ամբողջութեան, որով գրագէտները, իմաստասէրները կը յաւակնին համադրել ոեւէ ժողովուրդի հոգեկան գերագոյն մոյնքը, ոճը ու կը բարձրանան, այդ եղանակով, այդ մասնաւորէն դէպի ընդհանուրը։ Չեմ նանրամտիր գեղեցկութեան յղացքը վերածելու իր բաղադրիչներուն։ Գիտեմ, որ այդ բաղադրիչները տեղէ տեղ կը ներ/444/կայանան անխուսափելի զանազանութեամբ։ Բայց ատկէ աւելի յստակ գիտեմ միւս իրողութիւնն ալ, որուն համեմատ տեղեր, կայքեր, ժողովուրդներ երբեմն մեզի կը բերեն այդ զգացական դաշնակութեան աւելի հարազատ, աւելի սեղմ, աւելի պարզ, բայց սիրտ առնող փաստեր։ Իմ ժողովուրդը, ըսեր եմ այնքան անգամներ, լերան ու դաշտին էատարրերը կը համադրէ, իր հոգին յօրինելու համար։ Անշուշտ ան ապրել է լայն ու պայծառ դարեր, որոնց թաւալման ընթացքին, անիկա այդ դաշնակութիւնը դրեր էր իր արտայայտութեան ամէն միջոցներուն։ Մեր հեթանոսութիւնը հազիւ թէ փշրանքներու ծիրով մեզի հասած է անշուշտ, բայց այդ իսկ պատառիկներով մեզի կը թելադրէ մաս մը բան այդ ներդաշնակ–գեղեցկութեան ամենէն պարզ կերպարանքը գումարին, ու մա՛նաւանդ իրեն յաջորդ հոգեբանութեան մէջ լայնօրէն զգալի այն միւս ոճը, մթնոլորտը, որոնք Ե. դարու մեր գիրքերը կ՚ընեն այնքան տարբեր, ծածանող՝ ընդմէջ նոր մտայղացքներուն ու հին քոմփլէսքներուն։ Մարդ դժուար կը հաշտուի ընդունիլ, որ Փաւստոսի գիրքը կրնայ պատկանած ըլլալ մեր ժողովուրդին, այնքան ամէն բան այդ յիշատակարանին մէջ մեզի կը բերէ աւելի հին դարերու, ապրումներու զգայնութիւններ։ Մեր Եղիշէն, իր լաւագոյն մասերուն մէջ հեթանոսութեան ամբողջ պայծառ մարդկայնութիւնը կը փոխադրէ մեզի, երբ գիտնանք նայիլ բառերէն անդին ու մա՛նաւանդ բառերուն ետին դնենք զիրենք թելադրող վիճակները։ Ոսկեդարը . ) եթէ իբրեւ գրական իրողութիւն մեզի կ՚ազդէ տրտում վրիպանքի շեշտ փաստ մը ինչպէս, իբրեւ հոգեկան իրողութիւն լիապայծառ վկայութիւն մըն է մեր գեղեցկագիտական (գէշ, բարբարոս բառը) խուլ, թաքուն տարուածէն։ Եղեր եմ, զարմանքով, ունկնդիր, Ս. Յարութեան տաճարին մէջ, Ս. գերեզմանին կից ղպտիներու տուփին դուրսը, ժամը երկարաձգուող ճաթած ձայնի չուանի մը քակուելուն։ Միակտուր, անծաւալ, անսկիզբն ու անվերջ այդ ձայնին կերպարանքը այն ատեն նոյնացուցի անապատին։ Հիմա կը խորհիմ, թէ իմ զգացած անհուն ձայնձրոյթս այդ միօրինակ բզզիւնէն գինն էր լեռնական ժողովուրդի իմ դեռ առկայծ քոմփլէքսներուս։ Գեղեցկութիւնը, այսինքն՝ զուսպ ներդաշնակութիւնը մեր զգացական աշխարհները ոճաւորող, է՛ հայ հոգիին անհերքելի միաւորներէն մէկը, անոր բոլոր դարերուն վրայ բաց ու պայծառ, անոր բոլոր արտայայտութեան միջոցները իր կնիքին տակ առնող, իրարմէ հեռու ակունքներէ ելլող ջուրերուն նման, որոնք դաշտի պորտին կը կազմեն փարթամ գետը։

/445/ Իր բովանդակ թշուառութիւնը, իր գերութեան անժուժելի դժոխքին մէջ այս ժողովուրդը պահեր է այդ կախարդական պրիսմակը, որուն ընդմէջէն անիկա գտեր է կերպը այդ ամէնը հրաշափոխելու։ Ի՜նչ սրտառուչ գեղեցկութիւն է « Կռունկ »ը, ձեւի ինկած ամենէն դժբախտ հոգեբանութեան մը մէջ, բայց այդ տառապանքը ապրումի անմահ բնազդի մը փոխակերպող։ Ի՜նչ անմահ քաղցրութիւն կը յառնէ մեր երկրէն փրցուած ամէն պատառիկէն, թուղթի վրայ, երբ կը նայինք հոն լուսանկար հրիտակին. մեր մէկ խաչքարը, մեր մէկ աւերակը այդպէս մեր լուռ ծծումին յարդարող։ Ահա՛ քեզի քիչ մը աւելի մանրամասնեալ տպաւորութիւններ։ Ասոնք բառեր չեն։ Ասոնք խորհրդաւոր ու խորհրդայոյզ արմէնիզմն ալ չեն։ Ասոնք, ամէն հայու հոգիին խորունկը՝ իրաւ ուխտավայրերու կը նմանին։ Աշտարակներ ու ձգողութեան կեդրոններ։ Թող անցնին բռնութիւններուն ուրուականները։ Թող շարժերը քրքրեն այդ ակունքներուն ընդերքները։ Անոնք չեն ցամքիր, հերիք է, որ զանոնք տաղաւարող մարմինը պահէ իր ընկալչութեան մէկ քանի աչքերը կանանչուկ ու ողջ։ Անոնք կ՚ապրին, երբեմն դար մը–երկուք նոյնիսկ, երբ մեր երկրին ու անկէ աշխարհներով հեռու նետուած իր զաւկըներուն հոգիին մէջտեղ լարը մնայ կենդանի, իրարու փոխադրելու համար անսպառ ռատիոմի լուսարձակումները։ Թող ըլլայ մութը թանձր, բայց այդ ապրումները պիտի շարունակեն ապրիլ, ու մութը լոյսի վերածել մեր ներսը։ Մեր ժողովուրդը այս շնորհները, առաքինութիւնները, կախարդանքը չէ պոռացած տանիքներու վրայէն։ Զանոնք քաշեր, բերեր է իր ետեւէն, միշտ դարէ դար։ Խօսեցէք ինծի, որքան որ ունիք ուժ ու շնորհ, այդ իրաւ բառերու ետին զետեղելի աշխարհ մը արարքներէ, որոնք ամենէն խոնարհ հայու հոգիին մատչելի, իրական, շօշափելի, խորացող ու ջերմացնող զգայութիւններ են, էին։ Հայ խորհո՞ւրդը։ Տէրտէրը, որ Սփիւռքի նսեմ կայանները կ՚այցելէ, ուր իր ժողովուրդէն երեք–չորս տուն, օրուան հացը կը հալածէ սրբազան ու հերոս յամառութեամբ մը, իր աղօտացող հոգեյատակին կանթեղը տրտմագին դիտելով, իր աշխատանքին, ինչպէս հանգիստի րոպէներուն, այդ խորհուրդը կը մարմնացնէ նոյնքան քաղցր վեհափառութեամբ մը, այդ մարդոց աչքերուն, որքան գոհար մատուռի մը ոսկեքանդակ կամարիկը. մեր պատմութեամբ խանդավառ արուեստագէտը գիտէ հիացնել, խանդավառուիլ քարթոնի վրայ իրմով պառկած խորհուրդէն: Պատարագ մը, այդ տէրտէրին բերանին, փսիաթով ծածկուած սենեակի մը խորը, բացի սեղանին խորանի վերածումովը պայմանաւոր, իր մատուցումին մէջ /446/ կը գտնէ մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն մեզի հասանելի խռովքներն ու յուզումները զինքը լալագին, լուռ մտիկ ընող բանուորին ներսը։ Դուք ուղիղ ճամբուն մէջն էք, դէպի հայ խորհուրդը, հայ հոգին։ Մեծ-մեծ տարազները։ Յաւակնոտ տեսութիւննե՞րը։ Փառատենչիկ կառոյցնե՞րը։ Կը մնամ վերապահ, եթէ ոչ սկեպտիկ, վասնզի այդ աշխատանքը գրեթէ միշտ կը զառածի դէպի ինքնատպութիւն ու ասոր հարկադրած խաթարումները։ Ըսի, թէ ուր կը նայէր այդ աշխատաւորներէն ոմանց մէջ այդ հոգին խոշորցնելու խաչակրութիւնը։ Բայց կայ աւելի պղտորը։ Հիմա չեն պակսիր տեսաբաններ, որոնք չեն գոհանար անցեալը այդպէս ճարտարապետելով։ Ըսել, թէ հայ հոգին ունի դեր մը, կատարելի, աշխարհի սա ճակատագրական րոպէներուն, կը նշանակէ անցելապաշտ ռոմանթիզմը, արմէնիզմը փոխադրել ապառնիին, հասկցած ըլլալ, թէ աշխարհը, իր քաղաքակրթութիւններու սիքլերովը (Շփենգլիր) տեղ մը կ՚երթայ, մեր կամքէն առաջնորդուած, առնուազն մեր իմացականութեան ցուցմունքներով։ Արդ, նման ըմբռնում մը հերքումն իսկ է պատմութեան, որ անտարբեր է անշուշտ իր անունով գործադրուած խոշոր–խոշոր խաղարկութիւններուն ու կը քալէ իր գլխուն, անխելք, որքան անհասկնալի։ Կերպարանք մը, օրէնքներ, ասոնց գործերովը մարմնաւոր նկարագիրներ ունի՞ քաղաքակրթութիւնը, զոր կ՚ապրինք այսօր։ Իրա՞ւ են մեր կրօնքները, մեր արդարութեան սպասարկութիւնները, մեր արուեստները, մեր դիրքերը, մեր գաղափարագրութիւնները, նոյնիսկ քառորդ դարու մը երկայնքին։ Հարցուցէք ու պիտի զարհուրիք, երբ խելամտիք այդ ամենուն անսրբագրելի, անհուն խարդաւանքէն։ 1850էն մինչեւ 1940 այդ քաղաքակրթութեան օրրանն ու տնկարանը, ինչպէս դամբարանը քանի՜-քանի՜ անգամներ կերպարանք է փոխած, մէկը միւսէն խաթարուն, մէկը միւսէն ստորին։ 1850ին հաստ գերման մը, միտքը, արուեստը խորունկ արհամարհանքի մը մէջ ստորնացնող, հիմքը դրաւ նիւթին, ուժին, դրամին ու արեան քաղաքակրթութեան։ 1914ին այդ քաղաքակրթութիւնը իրարու դէմ պիտի հանէր միլիոնաւոր բանակներ ու 1940ին պիտի կրկնէր սպանդը խաղաղ զանգուածներու, առաւելազանց տարողութեամբ մը։ Ըմբռնելի չեն ո՛չ Պիզմարքը, ո՛չ Քայզերը, ո՛չ, մա՛նաւանդ Հիթլերը, բայց աւելի քան իրաւ փաստեր, թէ մարդկութիւնը տակաւին չէ գտած միջոցը այդ աւազակները, աւանակները իրենց պատիժին քաւարանը կամ ախոռները առաջնորդելու։ Ու յուսահատական է, այս փաստերէն վերջ դերեր գտնել, արկածախնդրեալ, պարտադրեալ, ի յառաջագու/447/նէ, ժողովուրդներու։ Ու կատակերգական՝ դրութիւններ առաջարկել, որոնք մեր ժողովուրդին ալ դեր մը, բաժին մը ապահովէին գալոց փառքերու, գեղեցկութիւններու հանդիսանքներուն։ Մի վախնաք, որ ձեզի պիտի առաջարկեմ յիմար, անզգած, վերջ ի վերջոյ բնաջնջման յանգող անարգ սկեպտութիւնը, որմէ աշխարհներ կործանեցան, ոչ ալ կը մարգարէանամ Արեւմուտքներու անկումը, ինչպէս կ՚ընէ գերման իմացականութիւնը, իրողութիւնները նոր կերպարանքներու մէջ տեսնելու աճապարանքով մը, լուն ուղտի վերածելով։ Իմ ժողովուրդը ապրեր է իր դարերը, երբ չունէին գոյութիւն իր զոյգ նոր գրականութիւնները, խորհողները, գրագէտները, մեծատաղանդ հռչակուած եռամեծ բանաստեղծներն ու միտքի հսկայ մկրտուած շատախօսները։

Ուրեմն չունի՞ անելիք այս ժողովուրդը, գործածելու համար բախտաւոր բացատրութիւն մը։

Նորէն կը յիմարանաս։ Ո՞վ ըսաւ, թէ չունի։ Բայց վա՜յ իմ ժողովուրդին, եթէ երբեք իր անելիքին համար երթայ աշկերտի իր գրագէտներուն, արուեստագէտներուն, իմաստասէրներուն, իր անունով երդում–պատառ եղող լրագրողներուն, որոնց մեծ մասը փառքի մուրացկան, սուտի ու փուտի թափառական ասպետներ են։

Պարոնեանին հոգին լուսաւորէ։

Ի՞նչ Պարոնեան։ Մեր օրերու մուրացկանները ահաւոր են՝ էտիրնեցին իսկ լեղապատառ ընելու աստիճան։ Մեր ժողովուրդը կ՚ընէ իր ընելիքը իր ողջմտութեան իսկ սլաքներէն առաջնորդուած։ Մէջտեղն է կշռոյթը այդ անելիքին, իր պատմութեան տարեգրութեանց մէջ աննինջ կերպով արձանագրուած։ Քանի՜-քանի՜ տասնեակ անգամներ մեր երկիրը անցել է այն կերպարանքէն, զոր թուրքերը կը պարծենան, թէ տուին իրենց Արեւելեան նահանգներուն, ջնջելէ ետքը այդ հողերէն անհաւատին հետքերուն իսկ հետքը, այդ հողերը վերածելու աստիճան Քիւսպէին չափ սրբազնասուրբ ուխտավայրի մը։ Կ՚աճապարեն, իրենց յատուկ մեծամտութեան փաստէն ալ անցնելով անդին։ Անոնք, անշուշտ, իրենց պատերազմները չեն մոռցած պարսիկ շահերուն հետ։ ԺԷ. դարուն մեր երկիրը նախադիր պատկերն է Լօզանի դաշնագրով թուրքերուն շնորհաբաշխուած Հայաստանին։ Ու այս տողերը կը գրուին այդ թուականէն քառորդ դար վերջը։ Արդ, ամայաստանին այն մասը, որ կորզուեցաւ թուրքերուն ճիրաններէն ու կլափէն, կը կազմէ այսօր ամենէն գողտր միութիւններէն մէկը աշխարհի մէկ վեցերորդին կայսրութեան։ Այսի՞նքն։

/148/ Դո՜ւն ալ։

Ես ալ, տղա՛ս։ Ե՛ս, այդ կայսրութեան փառքին սպասն եմ ըրեր քսան տարի առաջ, քանի որ աւելի քան դառնակսկիծ հասկացողութիւնը ունեցանք արեւմտեան ու քաղաքակիրթ միւս կայսրութեանց, որոնք թուրքերուն յանձնեցին, այդ աւերակը հեղինակած ըլլալու իբր հոնորար, այդ դժբախտ հողերը։ Պա՞րզ, իմ ցաւը, իմ կատաղութիւնը այդ ամենուն իրական ստեղծիչներուն, Արեւմուտքին դէմ։

Դէպի Արեւելք։

Միշտ կ՚աճապարես։ Ի՞նչ է իմ ժողովուրդին գործը այդ Արեւելքին մէջ, որ գրական ինքնատպութեան աժան թեմա մըն է եւ բղաւանք։ Իմ ժողովուրդը, իր տեղին մէջ, իր հոգիին խորը, իր դարերուն շալակին, իր պատգամին մէջ, որոնք բոլորը կը խտանան դարձեալ պարզագոյն եզրերու վրայ։ Արեւելքը թեմա իմաստակներու, լարախաղացներու, աճպարարներու։ Իմ հայրենիքը՝ իրական գործը, ստեղծումը իմ ժողովուրդին մատուըներուն ։ Կը հասկնա՞ս, իմ ժողովուրդին շէն բնաւորութիւնը, իմ ժողովուրդին մարդկայնօրէն անուշ, ինքնաբաւ, իրմով հպարտ եւ օտարին երբեք նախանձաւոր զգայարանքները ։ Իմ ժողովուրդին մա՛նաւանդ կուշտ հոգին, որ հեռու սնամէջ տարազ մը ըլլալէ, է՛ ամենէն իրաւ տարրերէն մէկը հայոց խորհուրդին, զոր ահա կը գործածեմ, ստիպուած, բայց որոշ զգուշաւորութեամբ, քանի որ հաստատ, իրաւ, տիրական, անփոփոխ ապրումները կը խորհրդանշեն անոնք։ Ատոնք բարձրացնել գրական փայլուն տարազներու փառքին, կը նշանակէ այդ ամենը վերածել անհաստատ, խնդրական, առնուազն ոչ-պայծառ բաներու, բառերով տաղաւարել անբնական իրաւութիւններ։ Թերեւս, բառապաշտ հռետորութիւն մը յաջողի խորհուրդը հագուեցնել պոռոտ, հեռուէն տպաւորիչ, յաճախ աչք շլացնող զգեստանքով մը, բայց պիտի մնար հեռու այն ապահովութենէն, որ գոյաւոր է իրաւ ապրումներով։ Ըսի մատուըները իմ ժողովուրդին ։ Անշուշտ արհամարհել չէ ասիկա միտքը իմ ժողովուրդին։ Կ՚ուզէի թելադրել հանդարտ, խորացող հոգեբանութիւնը մարդուն, մարդոց, որոնք իրենց շրջապատին այլապէս խռով, իրենց պատմութեան ամէն արիւն, դրութեան պատմութիւն մըն է ողջ մնացած, մեր ներսը ու իր բջիջային գործարանարութեան խորը կը կրկնէ տարրերը, դարերը դէպքերուն, ինչպէս կ՚ըսեն կ՚ընէ սաղմը, մոր արգանդին մէջ, համառօտակի ապրելով միլիոնաւոր դարերը տեսակին կերպարանքներուն, պարզելու համար օրէնքներուն ամենէն հզօր առհաւութիւնը այ/449/լապէս աննուաճ ցուցմունքներուն ներքեւ: Պիտի բերեն քով քովի ուրականին մագիլներէն պրծած բեկորները նիւթի, հոգիի՝ որքան խորունկ է սա բառին թելադրանքը ու պիտի շարունակեն մոխիրին ու խանձին պատանքէն կտոր–կտոր վերակազմել ինչ որ իրենց աչքերը գտեր էին պապենական հողերու երեսին ու պապենական հոգիին բազմազան կերպարանքներուն տակ։ Հոգիին, խորհուրդին իրաւ ու մեծ գործաւորները այդ մատուըներն են ահա, մեր իրական, հանճարային արուեստագէտները եւ ոչ թէ այն միւսները, որոնք այդ որակականին համար աշխարհ մը յիմարութիւն պիտի ներեն իրենց սնամէջ, սուտ ու փուտ կիրքերով հանդիսաւորել, հազիւ թէ մեր ժողովուրդին պատկանող ու մաճի, բահի, բրիչի տեղ երկաթ կտուցով փայտ մը գործածելու արարքը եօթը երկինքներ բարձրացնելու համար իրար գլուխս պատռտելով։ Շինեց մեր ժողովուրդը, ընդդէմ հարիւր արգելքի, հարիւր անգամ իր երկիրը։ Ու այսօր, հայոց հայրենիքը, մասնակի ու մկրատուած, միշտ բխումն է այդ մատուըներուն։ Պա՞րզ են այս խօսքերը։ Ալ ի՞նչ կարիք այնքան յայտ իրողութիւն մը շինուած հայրենիքը փաթթելու խոշոր, պոչաւոր տարազներու, հռետորական պաճուճանքին ու բառերու սուտ փառքերուն։ Ու շէնը նոյն ընդարձակութեամբ ապրումներ կը համադրէ հողէն, ինչպէս հոգիէն։ Արիւնի, գինիի, միսի, վայելքի ծանր հեշտանքները կը յանգին նոյն արդիւնքներուն, նիւթեղէն, ինչպէս հոգեղէն դրութեանց մէջ։ Ամբողջ տասը դար թուրք ժողովուրդը խմեց արիւնը, գինին ու միսը չէն Արեւելքին, հին հռովմայեցիները նորոգող մակաբոյծ ախորժակներուն անձնատուր, բայց գոնէ քանի մը տաճար, բաղնիք, կամուրջ ու ճամբաներ ձգող, այդ հեշտանքները վճարող։ Թո՞ւրքը։ Մինչեւ Լօզանի դաշնագիրը անիկա նախանձն ապրեցաւ Հռովմին։ Տասը դար, արեան ու սերմի ծանր մղումներուն տակաւ, հաստ ու մռայլ, այդ ժողովուրդին հոգին հագաւ տրտում դրութիւնը, որ ակնբախ է անկէ բնակուած հողերուն երեսին։ Մոռցած ըլլալու չես հարկաւ, թէ որքան մութ, լուռ, ահակառոյց բան մըն էր թուրք քաղաքը։ Անոր տուները կը վախնային արեւէն։ Այդ տուներու երեսին, պատուհանները, ցանցամած ու երկաթահիւս, չունեցան ծաղիկի մը թաղարը։ Ու այդ քաղաքին փողոցները կը վախնային լոյսէն։ Ու այդ քաղաքին ամենէն արձակ, գեղաւոր կայքերուն, հիազդեցիկ, մռայլ, միշտ ցուրտ յիշատակարանները, աս ու ան զօրավարին, սուլթանին անունն ու փառքը դիւցազներգող մարմարեայ պերճանքի մէջ։ Ու զարդը, մետաքսը, ոսկին ու արծաթը։ Որոնք չեն կրնար մեղմել իրենց սառուցիկ ելոյթը, /450/ շէն ըլլալ չկրցող հոգիի մը։ Ի վերջոյ, եթէ հեշտանք է աղջիկները ափակելը, մորթելը, ուրիշներուն հացն ու իւղը, մեղրն ու կարագը իր տունը կրելը, հեշտանք չէ մորթուողը հանդուրժելը, հեշտանք չէ նահատակ աղջիկներ թաղելու արարքը, հեշտանք չէ, իր աւերակ բոյնին առջեւ, լուռ անէծքի նստած մարդու մը ոխն ու դժոխքը իր ետեւէն երկարած զգալը։ Ժողովուրդ մը շէն է, երբ գինին կը հանէ արեւին մէջ ու արեւին տակ, այգիներու արձակութեանց վրայ ու կուզ մը խաղողն իսկ օտարին կը խղճահարի նետել իր հնձանին։ Ուտել ու տառապիլ։ Տառապիլ ու զայրանալ։ Զայրանալ ու կործանել։ Բոլորն ալ պարզ, բնական, ժողովուրդներու հաշւոյն, որոնք կեանքը չափեցին այդ արժէքներով։ Դուն, իբր հեքիաթ, եղած ես անշուշտ տղայ ու անցեր ես քաղաքներէն գիւղերը, որոնց ձայնը մռայլ էր աւելի քիչ աստիճանով։ Դուն ինծի հետ էիր անշուշտ պատանութեանդ գարունքին, ճանչնալու համար հասունցած։ Ունիս արձանագրած ծանր ապրումներ անոնց կիներէն։ Տեսար երբ կը մորթէին, երբ դիակները կը նետէին բաղնիքներու հնոցները։ Եղար նեղ մութերու մէջ ու եղար պալատներու ահին ու սարսափին հետ հաղորդ անոնց ահաւոր ալ իգութեան։ Եղար անոնց գերեզմաններուն, երբ կը թաղէին որբերը, հարուստները, աղուորներն ու ծերացած կմախքները։ Ու տրտում էիր անոնց հաշւոյն, մռայլ այն հովէն զարնուած, որ այդ արարմունքները իրարու կը հաշտեցնէր մէկ ու նոյն թանձրութեան մէջ, անասունին վրայ այնքան զգալի։ Ժողովուրդն էր, որ շէն չէր կրնար ըլլալ։ Ու շէն ըլլալ չկրցողը, չի կրնար շէնցնել։ Ու շէնցնելը գերագոյն բարիքն է սա մեր աշխարհի երեսին։

Մեր երգե՞րը, որոնք կ՚ամբաստանուին։

Տիրացուներէն, ճաշակի պազիրկեաններէն իբր տխուր։ Մեր գրականութիւնը, որ տակն է դարձեալ այդ ամբաստանութեան։ Բայց տխրութիւնը հոգեղէն հարստութիւն է, երբ անասունէն չի գար։ Լսած ըլլալու ես, որ անասունը չի կրնար ժպտիլ։ Ու ժպիտը հերքումն է անասնութեան։ Տխուր են մեր երգերը, բայց ի՜նչ տաք, ի՜նչ կենագործող իuկանիւթով մը բարեխառնուած։ Մեր ժողովրդական երգերը փոխանակ լացնելու, մեղկացնելու, կը զովացնեն, կը մեղմեն, կու տան ուժ ու աշխոյժ ու հրաշահիւս, որքան հրաշախառն դաշնաւորմամբ մը կը վերածուին կեանքի, շէնութեան, բարութեան ու հաւատքի։ Թաղելը զուարթ չէ անշուշտ մեր մէջ։ Բայց չէ ալ անսփոփ միւս տեսարանումը, ուր աճապարանքը, մեռելէն ազատուիլը գոյն ու կերպարանք կը դառնան։ Դուն ազատ ես /451/ այս մանրամասնութիւնն ալ անուանելու մէկ տարրը քու ժողովուրդիդ խորհուրդին, եթէ երբեք կը զգաս տակաւին պէտքը խոշոր տարազներու։ Ըսի, թէ կուշտ էր հոգին իմ ժողովուրդին։ Աչքը կուշտը դրութիւն մըն է տնտեսագիտական, ինչպէս հոգեխօսական։ Իմ քաղաքակրթութիւնը կայ այդ խեղճուկ տարազին ետին։

Կը մոռնաս եւրոպացիներուն ընդարձակ, զգայացունց տարազները։

Թուրքերուն դրամովը ճարուած։ Դուն մի ընդհանրացներ ատոնց երկրաչափութիւնը, տրամաբանութիւնը, հիմնովին վաճառականական եւ հայուն վաշխառուն։ Ասոր կցորդ՝ խարդախութիւնը։ Այս երկուքին թագն ու պսակը՝ հոգեղէն նենգութիւնը։ Բայց չարչին, պազիրկեանը ո՛ր ժողովուրդին պակսեր են, որպէսզի պակսէին մեզի ալ։ Աստիճաններ կան սակայն։ Երբ հրեան միակտուր պազիրկեանն է, յոյնը մօտիկ խաբեբան, գրեթէ առանց գիւղացի տարրին, հայը ժողովուրդն է, որուն գումարը ծանր-ծանր կ՚առաւելու գիւղացի տարրով, միշտ գերակշիռ, նոյնիսկ այն դարերուն, ուր մեր գերութիւնը մեր ամբոխները կը քշէր դէպի քաղաք։ Հայը Արեւելքի մէջ ժողովուրդն է, որուն հացի դրութիւնը չի հանգչիր հրացանին ու դանակին, դրացիին պարզմտութեան վրայ։ Ես տղայ էի ու գիտէի, թէ հրեայէն ապրանք գնելու համար պայման էր առնուազն պահանջուած գինին ¾ը զեղչել։ Ես ծերացած մարդ մըն եմ ու այդ տղու հոգիով կը գնեմ նոյն մարդէն նոյն ապրանքը, վճարման նոյն եղանակին հաւատարիմ։ Թուրքերը կ՚ըսեն, հոգին կոկորդէն կ՚անցնի եւ իրենց պատմութիւնը կը համադրեն այդ կարճ տարազին մէջ։ Հրեային համար Մովսէսի տապանակը դրամապանակն է։ Հա՞յը։ Կուշտ էր իմ ժողովուրդը, երաշտի, ինչպէս առատութեան տարիներուն։ Կը հասնէր ունեցողը չունեցողին, ոչ՝ քրիստոնեան կողոպտելու մէջ յաջողակ զէնքեր հայթայթելու համար, նոր զինուորներ մարզելու կիրքով, այլ՝ պարզ բաշխումի սիրոյն։ Բաց էին մեր սեղանները օտարներու անօթութեան, մեր բերքերը՝ ուրիշներու սովին։ Ու եթէ այսօր հացին տագնապը տնտեսագիտական խոշոր տարողութեամբ հարց մըն է, կէս դար առաջ մեր մէջ հոգեբանական նուրբ խռովքներու հանդէս մըն էր։ Մուրացկան չունեցող ժողովուրդը գտեր էր սա հաւասարակշռութիւնը, կուշտ մնալու իր եղանակը բաշխելով՝ ինչպէս կ՚ըսէին իրեն ընել դարերու ձայները իրմէն ներս։ Ամբողջ դրութիւն մը, մինչեւ Առաջին Մեծ պատերազմ, հիմնուած այդ զգացումին վրայ, մեզի ապահովեց պետականին հաւասար միջոցներ, որպէսզի ապրէին մեր իմա/452/ցական, կրօնական, կրթական բոլոր կազմակերպութիւնները։ Իմ խելահասութենէս ասդին, իմ զգայարանքներովս սեւեռելի շրջաններու վրայ, թուրքերը ճիշդ երեք անգամ աւլեցին մեր ամբողջ տնտեսութիւնը, արեան անդարման տուրքէն զատ։ Հինգ տարին բաւ էր, որ այդպէս պակսած բազուկներով իսկ մեր տուները վերագտնէին իրենց նախաւոր յարդարանքը, ու մեր հացը բազմէր մեր սեղաններուն, արդար, ուրիշին փշրանքէն անմասն, անխառնօրէն հայ։ Հայու հացը համ մըն էր, պատմութիւն մը, դրութիւն մը։ Թուրքերը զայն ծաղրելով, արժեզրկելով հանդերձ, կը զգային անոր խորունկ իմաստը։ Է՜, պիտի մտածես հիմա, խորհուրդի ասպետներուն բառերէն տարուած «որքան հին, մոռցուած բաներու մարդը կը մնայ այս գիւղացին»։ Ջրհեհեղէն չեմ գար, տղա՛ս։ Բայց լաւ իմացիր, որ այդ մոռցուած գեղեցկութիւններուն, խորութիւններուն, քաղցրութիւններուն գոլն է, որ դեռ կը ջերմացնէ Սփիւռքի նսեմաստանը։

Իրաւ որ, մարդիկ արդար են վրադ յարձակումներու մէջ։ Ըսի քեզի, թէ ինչո՞ւ եկեր եմ ոտքդ ու դուն ժամերով կը խօսիս քու կիրքերէդ, խելքէդ, դիտածներէդ։ Նոր բան չեմ ուզեր սորվիլ։ Եկեր եմ, որ լսեմ արդարացումներդ ու դուն ուրիշներուն տկարութիւնները, անբաւարարութիւնը կը վերլուծես։ Լման սերունդ մը կործանողի, ուրիշի մը կէսը ուրացողի, Սփիւռքը արհամարհողի մեղքերդ կը մնան մեղք։ Տուր ինծի ատոնց հերքումները։

Չունիմ ժամանակ իմ գործը քու հասողութեանդ իջեցնելու։ Գնա՛ ըսէ քեզ հալածողներուն, որ կարդան ուշադրութեամբ եւ ոչ թէ պատրաստ ամբաստանութիւններ փոխանցեն իրարու։ Արեւմտահայ գրականութեան համադրումը ինծի արժած է հազարաւոր էջեր։ Քեզ տանջողները կրնան դիմել ուղղակի աղբիւրին։ Հոն է, որ պիտի գտնեն, որ Օշական ո՛չ ջարդարար մըն է, ոչ ալ ամբարհաւաճ հերետիկոս մը։ Իր ուրացումները հարթումներ են, այսինքն՝ ճշդումներ, արդարութեան արարքներ։ Գրականութիւնը, առարկայական իրողութիւններու դրութիւն մը չէ անշուշտ, որպէսզի մնար ենթակայ յարաբերութեանց օրէնքներու, բայց չէ նոյն ատեն աս ու ան պարզամիտին, թանձրամիտին, նանրամիտին խելքին ծիրովը տեղագրելի բաց-դաշտ մը։ Անիկա արտ մըն է, ուր կը ծլին, ինչպէս գերեզմաննոց մը, ուր կը թաղուին, անուններուն հետ ու անոնցմէ արագ երբեմն, գործերը։ Դուն տուիր անունը Տիւսաբին, բայց չըսիր, թէ կը կարդան զայն անոնք, որ կը դատապարտեն Օշականը այդ կնիկին վարկը կործանելու մեղքով։

/453/ Սխալ է ճամբադ, քանի որ պոռացել ես, որ կարդացուիլը ոչինչ կ՚ապացուցանէ։

Դաս մի տար ինծի։

Բայց շատ լաւ գիտես, որ քեզ ալ չեն կարդար, երբ դեռ կը պաշտպանես, կրնաս պաշտպանել գործդ։

Դարձեալ վարժապետ։ Տղա՛ս, հարիւրներով չի սպառիր ցանկը չկարդացուող հեղինակներուն։

Բոլորն ալ մեծ, անշուշտ։

Գրեթէ, բայց բոլորն ալ փառքը չճանչցած։ Դուն այսօր հազիւ պիտի յիշես, որ քու այդ Տիւսաբդ ո՛չ միայն փառքը ճանչցաւ, այլեւ անով պատմուճանուած, շքեղազարդ քալեց իր ճակատագրին։ Զինքը ո՛չ միայն գովեցին, այլեւ՝ օրհներգեցին։ Իր գործը ձոյլ հիացում էր ութսունէն–իննըսուն շրջաններուն։ Բայց, չցաւիս, զինքը գովողները այսօր կը բաժնեն իր բախտը, հաւասար տրտմութեամբ, սուգով։ Գրականութեան պատմիչ մը միայն, ան ալ իր գործին ստիպման տակ, պիտի հանդուրժէ այդ վէպերուն անհուն անիմաստութիւնը, ինչպէս ասիկա ոսկեզօծող շողոմանքը։ Ի՞նչ կայ այդ գործին մէջ։

Բայց կրնա՞ս հերքել, թէ մէկը չկայ այդ գործին ետին։

Օ՜, ադ բոլորովին ուրիշ հարց է։ Անձը զատ, գործը զատ։ Ատոնք ջոկ բաներ են, ինչպէս կ՚ըսեն արեւելահայերը։ Անշուշտ որ այդ գործին ետին կեցող կինը այլապէս շահեկան է, ոչ իբր գրագէտ սակայն, այլ իբր իրողութիւն։ Դեռ չէ պաղած հիացումին ջերմութիւնը յիշատակին վրայ այն կնոջ, որ ներշնչեց մեր մեծ բանաստեղծներէն մէկը, գէթ անոր քանի մը իրաւ քերթուածները ու, ատկէ դուրս, մեր կեանքի որոշ մէկ շրջանին վրայ պտըտցուց այսօր դժուար ըմբռնելի խռովքներ։ Ի՜նչ ողբերգութիւն, որ մեր գրողներէն շատ քիչերու շնորհուած բախտ մը այդ կինը վատնեց միջատահաւաք ախորժակներու, հոսկէ ու հոնկէ մտածումներ հաւաքելու ու մեզի կտակելու, փառասիրութիւնը շփոթելով իրաւ արուեստին, իրաւ մտածման հետ, երբ ի վիճակի էր առնուազն իր ապրումներով, այսինքն՝ ասոնց անխարդախ սեւեռումովը իր հռչակաւոր օրագիրէն ներս, մեզի կտակել ամենէն թանկ վկայութիւններէն մէկը այսօր հիմնովին շիջած ընկերութեան մը, մտայնութեան մը, հոգեվիճակներու վրայ։ Առանց ճիգի, կը մտապատկերեմ հրապոյրն ու խռովքը աղջկան, որ կեցաւ Մ. Պէշիկթաշլեանի սնարին, անկարելի ընծայելով մահը, ասոր հանգիստը հոգեվարք քերթողին, զայն մահէն ետ դառնալու, ռոմանթիզմին մղելու չափ բռնկեցնելով ու… /454/ գնաց յիմարօրէն դաշնակի վարժապետի մը յանձնեց իր հրաշքը, օտար, հոգեպէս իրեն անհաղորդ։ Ի՜նչ կին էր անիկա, երբ կը մտնէր ու կ՚ելլէր շատ բարձր դասերու, շրջանակներու մոգական խորհուրդէն ներս, խելացի, տպաւորիչ, պուպրիկ, ինչպէս գիտեն ըլլալ երբեմն կիները, երբ մարմնականին աւելցնեն քանի մը իմացական ալ շնորհներ։ Այդ փորձառութիւններէն մեզի ձգա՞ծը։ Բայց սուտ ու փուտ իր վէպերը, ուր այդ ամենէն ոչինչ կը թրթռայ։ Ու ի՜նչ սրտառուչ, իրաւ, ողբերգական մայր էր այդ կինը, երբ Փարիզէն դրուեցաւ ճամբու, աղջկան ողջ դիակը ձեռքերուն, Պոլիս, իր հասակին, տարիքին բոլոր թարմութեամբը, բանաստեղծութեամբը հողին յանձնելու ինքզինքը այդ աղջկան մարմնին վրայով։ Այս արագ գիծերուն մէջ ես կը սեղմեմ վէպերուն ամենէն իրաւը, մարդկայինը։ Գրագէ՞տը։ Ի՜նչ կարիք այդ յիմար բառին։ Օշական կը հաւատայ, որ այդպէս ուրուագրուած այս տիպարին ետին կարելի էր գերագոյն արուեստագէտներէն մէկը։ Զգայնութիւն, միջավայր, բարեխառնութիւն, իմացականութիւն, այսինքն՝ հիմնական տարրերը, որոնց շահագործումով, քսանէն վեր, ուղղագրութիւնը կանոնաւոր իսկ չունեցող որեւէ գրիչ բռնող ի վիճակի էր անգին բարիք ճարելու ո՛չ միայն իր, այլեւ՝ իր ժողովուրդին հաշւոյն։ Իր դատե՞րը, պաշտպանած տեսութիւննե՞րը։ Որոնք իր մտքին մէջ միայն ունէին գոյութիւն։ Գաղտնիք չէ, որ 1885ին, այդ վէպերը կարդացող ոեւէ կին եղաւ նուազ տառապող, քիչ մը աւելի երջանիկ, առնուազն քիչ մը քիչ յիմար։

Բայց ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ իր ժամանակը այդքան խոշոր բարիքներ գուշակեց այդ հատորներուն համար։

Կ՚ակնարկես գրողներուն անշուշտ, որոնք գովեցին։ Կիները գովելը պարտք մըն է ու բարիք մը։ Յաջողութեան ալֆան ու օմեղան։

Օ՜, նոր բարի լոյս։ Որքան ալ լաւ գործադրեցիր պատգամդ, քու հաշւոյդ։

Դուն յիմարին մեծն ես, զիս եզր ընդունելով, մա՛նաւանդ իմ ձախողանքիս ճարտարապետը իբրեւ զիս ամբաստանելով։ Ես գրելէն ոչինչ սպասեցի իմ հաշւոյն։

Ուրիշներ կը սպասե՞ն որ։

Ատ ալ դուրս է իմ նկատողութենէս։ Տալիք չունեցող մը պիտի չզբաղէր առնելիքով։ Յաջողութիւնն ու փառքը կը նմանին դրամին։ Պիտի դիմեն անոնց, որոնք տեղ մը կրնան տրամադրել իրենց։ Տիւսաբը գովեցին ու պարզ են այսօր այդ գովեստին զսպա/455/նակները։ 1850ի ծնունդ ոսկեզօծ երիտասարդութիւնը (Եղիա, Չերազ, Պէրպէրեան) կեղծաւոր, շահախնդիր եռանդի մը չէր պարտական իր անհակակշիռ հիացումը, երբ այդ անիմաստ բաջաղանքին մէջ (Տիկին Տիւսաբի վէպը՝ իբր գործադրութիւն, գաղափարագրութիւն) կը կարծէր գտած ըլլալ ընկերային ծանրածանր հարցեր ու ասոնք արուեստի լոյսին առաջնորդող հզօր տաղանդ մը։ Այսօր աւելի քան ստոյգ է, որ մեր 1850ը, ուրկէ կու գայ այդ վէպը, բոլորովին տարբեր իմացական հետաքրքրութիւններ կը պարզէր, ամէնքն ալ իրաւ, կենդանի, ժամանակէն ու միջավայրէն բխած եւ ոչ թէ ֆրանսացի ռոմանթիքներուն յիմար բղաւանքը, ինչպէս սեւեռուած է ասիկա այդ վէպին մէջ։ Բայց զայն դիմաւորող երիտասարդութիւնը կեանքը ընդունելու իր կերպն էր, որ կը դնէր կերպարանքի տակ, երբ գրելը նորակտուր կրօնք մըն էր մեր մէջ ու անոր քուրմերը, ճառագայթո՜ւն, այդ աստուածութեան միսթիքովը։ Կը գրէին անդիմադրելի հուրքով, լրջութեամբ ու կը հաւատային, թէ իրենց մէկ արձակը, ոտանաւորը, ճառը ընկերային խոշոր իրողութիւն մըն էր։ Ու գովեստը այդ մարդերը կու տային կամ կ՚առնէին այդ միսթիքին, ընկերային պահանջներուն, պատշաճութեանց պիտակներուն ընդմէջէն։

Զօհրա՞պը, որ կը զատուի այդ խմբակէն։

Զօհրապ տասնեակ մը տարիով պզտիկ է Խասգեղի համաստեղութենէն։ Բայց անիկա գրագէտ ըլլալէ առաջ իրաւ մարդ մըն է։ Անիկա կոյր մը չէր, չտեսնելու համար այդ վէպերը լեցնող գաղափարներուն օտարոտի, մեզի համար անպէտ նկարագիրը։ Ու երբ իր վերապահ խօսքերը հարկ տեսաւ ըսելու, մօտիկն էր իր երէցներուն գրական հանգանակներուն։ Ան ալ կը հաւատար այդ վէպին գրական տարողութեան, իր տարակոյսը տարածելով հոն սեղան հանուած գաղափարներուն։ Ուրե՞մն։ Այսինքն՝ ինչո՞ւ մտաւորականութեան մը առաջամարտիկ թեւը ո՛չ միայն չհասկցաւ այդ վէպին գրական կորանքը, այլեւ՝ երէցներն իսկ (Գրիգոր Չիլինկիրեան, Իզմիրի դպրոցը այդ կնոջ մէջ հիացան մեծագոյն դէմքերէն մէկը ո՛չ միայն հայ գրականութեան, այլեւ՝ հայ ընկերութեան) գերազանցող իր գովասանքին մէջ պարզեց սա անբացատրելի փոքրութիւնը, հարուստ, գեղանի կին մը լուսապսակելու արուեստին ալ palmeերովը։ « Մայտա »յին յաջորդ հատորը արդէն բացարձակ վրիպանք մըն էր, առաջինին վրիպանքը նուիրագործող։ Ու ահա պատասխանը։ Դրէ՛ք, այդ 1895ին Եղիային, Պէրպէրեանին տեղ, այսինքն՝ լուսներգակ ու զեփիւռապաշտ տղոց տեղ Արփիարեան մը, Չօպան/456/եան մը, որոնք կու գան բոլորովին ուրիշ կիսագունտէ մը, որպէսզի ըսէին այդ կնոջ, թէ իր գործերը ո՛չ միայն չէին բխեր մեր իրականութենէն, այլեւ չէին պատկաներ մեր գրականութեան։

Բայց չէին գրուած չինարէնով։

Ինչպէս չէ գրուած չինարէնով գործը Զարուհի Գալեմքէրեանին, որ դարձեալ դուրս է Հայ գրականութենէն։ Արփիարեան մը, մերձաւոր կերպով մը սա լեզուն պիտի գործածէր « Մայտա »յի հեղինակուհիին. «Տիկին, շնորհակալ ենք, որ շնորհակալ ենք, որ ձեր մոնտին հաճոյքներէն, տանտիկինի այնքան բարձր պարտականութիւններէն, ձեր գեղեցիկ, այլապէս բարձր լուազիր ներէն բարի կ՚ըլլաք ժամեր խնայելու, գողնալու, զանոնք յատկացնելու համար մեր գրականութեան սպասին։ Արարքը, ինքիր մէջ դիտուած ու դատուած, վեր է մեր գնահատումէն, մա՛նաւանդ երբ նկատի առնենք ձեր սեռը։ Բայց ներեցէք մեզի, որ համարձակինք ձեր ուշադրութեան յանձնել քանի մը թելադրանքներ։ Չէ՞ր կարելի այդ առօրեայէն հեռու, կանխող մտայնութեան մը պատկանող գաղափարներով, գէշ յօրինուած, մա՛նաւանդ գէշ նուաճուած կիներով քալեցնելու տեղ ձեր վէպերը, մնալ աւելի իրաւ, գործնական արդիւնքներու հետամուտ։ Դուք կու գաք 1850էն։ Եղեր էք ծանր, խորունկ շարժումներու ծիրին, երբեմն՝ վառարանին։ Ձեր զգայնութիւնը հաղորդ էր ուրիշ ապրումներու, ուրիշ խռովքներու։ Ապրեր էք մեր նորաթեւ քաղքենին, մեր լըվանթէն հոգեբանութիւնը, մեր զարթօնքին հրայրքն ու հաւատքը։ Կը ճանչնաք Արեւելքն ու Արեւմուտքը։ Անցեր էք ցաւէն, որբութենէն։ Պալատն ու զրկանքը տուեր են ձեզի իրենց անփոխարինելի կնիքը։ Եղել էք մեր մեծագոյն միտքերուն ու հզօր քերթողներուն ակօսներուն։ Ու քալեր վարդի ճամբէն ձեր զգացումներուն ու ներքին յուզումներուն։ Տուէք մեզի այդ ամենէն թէկուզ աղօտ, անբաւարար նշմարանք, վկայութիւն, մենք պիտի ըլլայինք ձեզի անհունօրէն երախտապարտ, վասնզի այս մտահոգութեամբ ձեր փրկելիքը պիտի ըլլար ա՛լ ուրիշի մը կողմէ երբեք սեւեռելի, վճռական գեղեցկութիւն մը։ Բարքերու հետազօտիչ մը ձեր վէպերը պիտի ունենար առաջնորդ։ Հոգին ճանչնալու հետամուտ իմաստուն մը պիտի ունենար իր առաջին արժանահաւատ վաւերաթուղթը։ Առնուազն տայիք դուք ձեզ»։ Կը կասկածիմ, թէ Տիկին Տիւսաբ պիտի տար ականջ այս շատ կալան նկատողութիւններուն, բայց պիտի մտածէր « Մայտա »յէն վերջ բան մը փոխել թեքնիքին մէջ։ Ու թերեւս « Վարժուհին » մօտենար « Աղջկան մը սիրտը »ին կաղապարին։ Օշական կ՚ողբայ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ թղ/457/թեղէն հսկայ մթերքը ընդդէմ իրաւ ապրումի գաճաճ, նիհար փաստերուն։ Տիւսաբի սերունդը, յաջորդները ապրեցան այգալոյսը նոր ժողովուրդի մը։ Արեւմտահայ գրականութիւնը թելադրող մտայնութիւնը, զայն կերպարանող հոգեղէն դրութիւնը կը զատուին 1840ը կանխող հոգեբանութենէն։ Սփիւռքի նսեմաստանը եւ 1870ի շքեղ հայութիւնը իրարու հերքումը թուելով հանդերձ, ե՛ն նոյն ատեն կերպարանքներ միշտ մեր ժողովուրդին հոգիէն։ Այդ մեծ, փարթամ օրերուն վարակիչ ջերմութիւնն ու տենդը, կիրքն ու արձակութիւնը, երազն ու երիտասարդութիւնը երբ կը յիշեմ հոս, իմ մենութիւնը, կորանքը, կործանումը չեմ ոսկեզօծեր, վասնզի սա տողերուն գրուելէն կէս դար վերջը Oշական անունը մոխիր իսկ չձգող բան մը պիտի դառնայ, բայց անոր փրկել յաւակնած աշխարհը պիտի կարծրանայ, բիւրեղանայ։ Նոյնիսկ իմ ողբալի պատանութիւնը, ջարդերէն կտոր-կտոր ճմռթկուած մեր 1900ի հոգեբանութիւնը առնուազն իրաւ, եթէ ոչ մեծափառ գեղեցկութիւն մըն է, երբ բաղդատուի 1940ի երիտասարդութեան հոգիին։

Որ, իր կարգին ձեզ կ՚ամբաստանէ։

Ատիկա՝ իր չտեսութիւնը, ապերախտութիւնը։ Օշական քաղաքականութիւնը կ՚ատէ, բայց չի դադրիր ըսելէ իր պարսաւը երեսին այդ երիտասարդութեան, որ առնուազն ունի իր գլխուն ապահովութիւնը, իր արուեստը պաշտպանող, գործ մը՝ զինքը կուշտ պահող, վստահութիւն՝ իր մարմինէն, որ հաղորդ է զանազան խաղերու, մարզանքներու, վայելքներու բարիքին, լեզուներ՝ իր ապագան յարդարող, ու ասոնց հետ, այնքան փոքրուած, անճանաչելի փառասիրութեանց շարքին, սնոպութիւնն ալ գրականութիւն չափելու, ընելու։ 1900ին մեր երիտասարդութիւնը սրախողխող ինկած էր, մռայլ ողջակէզ մը ինչպէս, մեր պատմութեան աստուածներուն, բայց անոնք լոյսին բերող արգանդները, անոնց պզտիկ ճիւղերը կը մնային կանանչ, կենդանի, թէեւ ազազուն։ Չէր չորցած մեր արուեստին աւշային դրութիւնը, ինչպէս հիմա կը զգանք, թէ է՛ ատիկա ներկայ սերունդին հոգիէն ներս։ Իմ ժողովուրդը, յիսուն տարի առաջ այդպէս արիւնլուայ, կենդանութիւն էր «անանց»։ Այսօ՞ր: Նայէ չորսդիդ։ Ու ըսէ ինծի, թէ պիտի կրնա՞ս գտնել… երկու երիտասարդ, տարիքով, խելքով, ուսումով իրարու հաւասարակից, որոնք հարցի մը վրայ ոչ թէ մէկ մտածել մը զիջին իրարու, այլ այդ հարցը հասկնալու պարզ, մարդկային պարտքը, տուրքը չվերածեն իրար բզկտելու, փողոտելու ողբերգութեան։ Որքան մեծ թիւը երկու եղբայրներ, որոնք հակադիր ճակատներէ իրար կը քարկոծեն։ /458/ Գտի՜ր տասը մարդ, որոնք զգան մէկ ամենէն ընդարձակ, ամենէն ճակատագրական տագնապներու առջեւ, որոնցմէ մէկն է, օրինակ, մեր ապագան, մեր հայրենիքը, մեր գոյութեան կշիռը, քու բառով՝ հայուն խորքն ու խորհուրդը։ Ի՞նչ տարօրինակ բախտ է, որ մէկ ու նոյն սէրը այսպէս կատաղի մոլեգնութեամբ մը կործանման խմոր մը դառնայ կուրծքին տակը մեր զաւակներուն։ Գտիր նոյն արիւնը կրող հարիւր մարդ, նոյն քաղաքին մէջ, նոյն տաճարէն ներս, որոնք մեր պատմութեան ու ներկային ամենէն հզօր ապրումները չվերածէին ամենէն տղայական սոփեստութեանց վկայարան։ Միլիոն մը նահատակներու յիշատակը յարգելու մենք չենք կրնար մեր ողջ, վայրագ սրտերը իրարու հաղորդ ընծայել ու կը հարուածենք զիրար կատաղութեամբ մը, որուն առջեւ թուրքն իսկ պիտի սորվէր նոր բան, գտնէր նոր յաւելում, իր պապենական ահաւոր պահեստին պակսող։ Մի ստիպեր զիս բանալու իմ լեզուն սա եղբայրասպան հոգեդաւին համար, գործը՝ քիչ մը մեր ամենուն անշուշտ, բայց մա՛նաւանդ անոնց, որոնք ամենէն աւելի հանգամանքներ կը մէկտեղէին խրամատը լեցնելու։ Մեր անցեալին բոլոր աղէտները մեր ազգային խղճմտանքին մէջ կ՚արձանագրուէին միակնիք։ Մեր մեծագոյն աղէտը ո՛չ միայն մեզի արժեց մեր թիւին կէսը, այլեւ կ՚արժէ տակաւին ապասերումը մնացած կէսին։ Սփիւռքի մէջ մեր տեսածը մեր պատմութեան ոչ մէկ շրջանին համեմատելի ողբերգութիւն մըն է հոգիի մարզին վրայ։ Ես իմ քոռնալիք ականջներովս լսեր եմ սրբապղծութիւններ, որոնց թուղթի վրայ պառկիլը պիտի կազմէր աններելի ուրիշ սրբապղծութիւն մը։ Մեզ մորթողները, որբացնողները դիւրին է իբրեւ ճիւաղներ պիտակաւորել, բայց անոնց գաղափարներուն թափանցումը դժուար արգիլել։ Յիշեցիր Երեմիան ու գտար, թէ որքան սուտ, մեղմ, յաջող անմարգարէ մարդ մըն էր ան բաղդատուած Օշականին, որ պարտքին տակն է չողբալու ու կամ չնայ հայհոյելէն, կը սարսափի յուսահատութենէն ու զալար–զալար կու գայ իր աչքերուն իսկ, պատմութեան մթագոյն դժոխքը ընդոտնող մարդոց շառաւիղին սա անկանգնելի ապազգայնացման դիմաց։ Սփիւռքը իմ ժողովուրդին հերքումն է, ամէն ճակատի վրայ, անոր դարաւոր ուժերուն անդարձ շոգիացումը, անոր ճակատագրին վերջնական հաշուեյարդարը։

Հայրենի՞քը։

Թուղթի վրայ։ Աւելի դժբախտ, քան նսեմաստանին կայանները, ուր մեռնելու համար կարգի սպասող խլեակները աղէտին ի զուր կը կոտրտեն իրենց գանկը, հասկանալու համար, որ անիմա/458/նալի, դիւային իմաստութիւնը կը թելադրէ, որ իր կէսին վերածուած ժողովուրդ մը, իր բոլոր միջոցներովը չհասնի արդէն իսկ ոչնչացման տանող մարդերը կեցնելու անդունդի շրթունքին, զայն նետելու համար գոնէ շիջելափառ հանգիստի մը, որուն համար անիկա իր արժանաւորութիւնը գնած է յաճախ կիսադարեան նահատակութեամբ մը, թուրքի ձեռքով, ու անկէ վերջ իր եղբայրներուն թուքովն ու մուրովը։ Սփիւռքը գովեր է զիս կամ պարսաւեր, չի հասնիր իմ ցաւը ամոքելու։ 1910ին ընթերցող հասարակութիւնը տաքուկ ձեռք մըն էր, սիրտ մը, մխիթարանք մը, քաջալեր մը։ Մենք չէինք գրեր մեզի համար, այլ՝ մեզմէ դուրս, մեր խօսքին կարօտ հոգիներուն համար։ Կարդացուիլը գերազանց էր, քան գրելը։ 1945ին, գրելը իմ սերունդէս մնացորդներուն համար գերազանց է կարդացուելէն։

Հալածուի՞լը։

Ատ ալ բախտին ուրիշ մէկ քմայքը։ « Գրականութիւնը ընկերային երեւոյթ է » կը պոռայ Օշական քառորդ դարէ ի վեր, ուր մենք կը գտնենք գրականութիւն, բայց չունինք ընկերութիւն, անշուշտ խորհելով Սփիւռքին կարեւոր կեդրոններուն (Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Արեւմտեան կիսագունտ)։ Բոլոր այդ վայրերուն տուներ կան, երբեմն խեղճ, երբեմն հոյակառոյց, բայց չկայ հայ ընտանիքը, այնպէս՝ ինչպէս իրական էր դար մը առաջ, կիսաքաղց կամ փարթամ, բայց տունին բոլոր սրբութիւններովը, զօրքերովը պաշտպանուած։ Ընկերայի՜ն երեւոյթը միայն մենաշնորհը չեմ վերածեր գրականութեան։ Առանց գիրի, ձեւի՝ կայ արուեստը, հոգիի, ճառագայթման ծաւալումով, որ մեր միւս պատմական Սփիւռքները գոնէ քանի մը դար ջերմացուց։ Երկու հարիւր տարի դրաւ հնդկական հայութիւնը իր հիւթէն պարպուելու համար։ ԺԷ. դարուն, դար մը պէտք եղաւ, որպէսզի լեհական հայ Սփիւռքը տարրալուծուի։ Տասը տարին բաւ այսօր, որպէսզի Փարիզի տղաքը զառածին իրենց արուեստէն։ Ներքին ճառագայթումը նոյն ատեն դրութեան վառարաններէն դադրած է այսօր, գրեթէ անվերադարձ։ Ամենէն ահաւորը կործանման սա յեղաշրջումներուն մէջ պատկերն է երիտասարդութեան մը, որ կ՚ամչնայ իր ժողովուրդէն, օտարին տրամադրելով ո՛չ միայն իր խելքը, բազուկը, այլեւ՝ իր պապերուն ամենէն նուիրական կտակը, իր արեան միւռոնը, իր սերմը։ Ու մեր աղջիկները կ՚ամչնան իրենց սեւ աչքերէն ու յօնքերէն, « օսկի գրիչով քաշած », ինչպէս կը պատկերէ ժողովրդային երգը։ Ու այս տրտմութիւններուն իբր անխուսափելի հակադարձ, անսփոփ կսկիծը մեր ծերունիներուն, որոնք կ՚ամչնան իրենց զաւակներէն։ « Գրականու /460/ թիւնը ընկերային երեւո՜յթ է »։ Ու այդ երեւոյթը հոս ձեւի կապել ձգտող սա տողերն ալ ողբասացութիւն մը մի նկատեր, այլ՝ հեռու, հեռո՜ւ ջանք մը, լաստերու փոյթ մը, Սփիւռքի գրականութեան կորանքը հասկնալու։ Ու ո՞վ հակասութիւնը մեր ճակատագրին։ Մեր ժողովուրդի նորագոյն ընկերային ոսկեդարուն (1850–1895), երբ այնքան հարուստ, հարազատ, փարթամ ու աղուոր էր կեանքը մեր հողերուն մօտ, ու մեր հոգին շքեղ հիւսիսայգ՝ իրարմէ գեղեցիկ ճարտարապետութիւններու, մենք պիտի ունենայինք այնքան գործաւոր այդ ամէնը նուաճելու, փրկելու ու մեր մշակոյթը իր նոր ոճին մէջը ընդմիշտ արձանելու։ Ու մեր Սփիւռքին պարզած միւս ողբերգութի՜ւնը։ Գիտէ՞ք, թէ մեր միտքը ոչ մէկ ատեն այսքան արժէքաւոր տարրերով յորդուն սերունդ մը չէր հանդերձած իր սպասին։ Ու գիտէ՞ք նաեւ, որ այսքան շքեղ ուժեր անըմբռնելի առաքելութիւնն են ընտրած իրենք զիրենք սպառելու, որպէսզի աւելի շուտ, աւելի թեթեւասիրտ հեռանան իրենց պապերուն հոգիէն այն տղաքը, որոնք ուրիշ ժողովուրդներու մէջ կանչուածները կ՚ըլլան՝ սերունդ անուանուած խորհուրդը ճարտարապետելու։ Պակսա՞ծը։

Հարկ կա՞յ պոռալու, թէ հոգեղէն հեղանուտն է, առանց որուն բոլոր խռովքները ջղային, ջղասլաց պրկումներ են, ստեղծումի համար անբովանդակ, բոլոր գեղեցկութիւնները՝ անճառագայթ ձեւեր, որոնք տաքցնելու տեղ կը մրսեցնեն, բոլոր արդիւնքները, զաւակները, յոյսերն ու սպասումները կը զառածին, կ՚այլասերին ու կը մեռնին, աճման անընդունակ։

Բայց ամէն բան կը փորձուի, այդ աղէտը դիմաւորելու, ինչպէս կը գրեն ու կը պոռան բեմերէն ու թերթերէն։

Ճիշդ այդ իսկ չարաշուք գործունէութիւնն է սակայն գլխաւոր հեղինակը այս աղէտին։ Կու տամ անունը « Հայրենիք » հանդէսին, որուն ընթերցողներու բանակը կ՚անցնի կէս բիւրը, աննախընթաց փառք մը հայ պարբերականի մը, բայց որ անկարող է մնացած ընթերցող հասարակութիւն հայթայթելու, այն հասարակութիւնը, որ ո՛չ միայն գրականութիւն մը իբր ընկերային երեւոյթ կը հանդերձէ, անոր պաշտպանութիւնը, զարգացումը անզգալաբար, բայց անվրէպ արդիւնքներով կ՚իրագործէ, այլեւ անոր ձգտումները կը հեռազդէ եւ ոչ թէ զայն կ՚ենթարկէ իր աժան, փղշտացի, հասարակ հետաքրքրութեանց գոհացումին։ Այս ճնշումն է ահա, որ դպրոց կը կազմէ, օրուան ախորժակները կը պարտադրէ, գրողները կը բանտարկէ իրենց խեցիներէն ներս, զանոնք ընելով անընդունակ ստեղծումին, որ միշտ ազատութիւնն է, նորոգումին, որ պայմանաւոր /461/ է փլուզումներով։ «Հայրենիք » մատենադարան մը կ՚արժէ իբր մթերք։ Բայց իբր գրականութի՞ւն։ Հիմա չեմ կրկներ իմ մեղադրանքները, որոնք կ՚ուղղուին ոգիին ամբոխներու բռնութեան ։ Ամէն ժամանակ ամբոխը իր կուռքերը կը յօրինէ։ Ամէն ժամանակ Եղիաներ պիտի չպակսին այդ անվաւեր աստուածները կործանող։ Ի՞նչ է կարգախօսը այդ ամբոխին։ Դիւրին, աժան, ճիգ չպահանջող ժամանց մը իր գրագէտներէն։ Մեր հանդէսն ու օրագիրը այդ դերն է, որ նախասիրեց, ստեղծելով իրական տագնապը Սփիւռքի գրականութեան։ Վաւերական, նորոգող, յանդուգն տաղանդները կամաց–կամաց չէզոքացուեցան։ Ու բանուորի մտայնութիւն մը վարեց մեր լաւագոյն միջոցները, տրամադրութիւնները, ձգելով իր գարշապարին տաղանդը, ինչպէս ընթերցող հասարակութիւնը։

Ի՞նչ կարիք հին ցաւեր բանալու։

Օշական իր հաշւոյն չի ցաւիր։ Բայց կը ցաւի, որ վաւերական տաղանդները ըլլան ճակատագրուած անողոք զառածումի մը, որ արդիւնք է այդ ամբոխային ճնշումին։ « Յարիցեն սուտ մարգարէք » կ՚ըսէ Աւետարանը, անշուշտ խորհելով մեր ամբոխավար քննադատութեան, որ այդ զառածումը կը վարէ իրեն վայել ապիմաստութեամբ, անզգածութեամբ, գովելով կամ պարսաւելով։ Թող պակսէին քանի մը մունետիկներ ու Համաստեղ պիտի ըլլար իրագործած իր մեծ ճակատագիրը, Զարեան պիտի զղջար իր անլրջութեան, Oշական պիտի կատարին տանէր իր դիւցազնամարտը։ Ահա այս խոշոր վրիպանքներն են, որ թելադիրն են իր ցասումին։ Օշական այս ամէնը չի վերածեր աժան, անգութ, անիրաւ պարսաւի։ Անիկա այդ ամէնը մտածելուն ու ըսելուն մեղքը կը քաւէ։ Զայն որակեցին անդրջրհեղեղեան կենդանի մը, մարդեր, որոնք գրականութիւնն ու մանկավարժութիւնը ջոկելու չափ խելք չէին ամբարած։ Որոնք աս ու ան լրագրին մէջ իրենց մեղքը յօրինած, աս ու ան ասպարէզին պարապոյթները, արձակուրդները քանի մը հասարակ պատմումի կամ քերթումի յատկացնելու ձանձրոյթը կը բարձրացնեն գրականութիւն ըրած ըլլալու փառքին։ Ի վերջոյ մարդկային է, որ տառապիս, երբ կը տեսնես գիրեր, գիրքեր, որոնց ներսը քու աստուածութիւնդ ամէն էջի կ՚ենթարկուի ծաղրանկարային ներկայացման մը։ Oշական անգութ է ու զայրացկոտ ո՛չ միայն հիներուն, այլեւ՝ նորերուն դէմ։ Հիները, այսինքն՝ անոնք, որ գրելը ծառայեցուցին իրենց ունայնութեանց պաշտամունքին, նորերը, այսինքն՝ անոնք, որ գրելը վերածեցին արհամարհոտ մեծամտութեան մը ցուցադրումին, հաւասարապէս կը խռովեն զինքը։ Քէնոտ, մինակ, խուլ ու /462/ կոյր։ Ինչո՞ւ չէ։ Բայց զերծ ամէն նկատումէ։ Իր ցասումին մէջ ինքզինքը զրահած։ Բայց այս պատկերուն բացատրութիւնները անբաւական՝ համադրելէ համագումար խռովքը, որուն ձայները, գալարգին թրթռումը կը զգան մարդիկ անոր գործին ընդմէջէն։ Ստոյգ է, որ ամէն սերունդ գումար մըն է տարարժէ արդիւնքներու։ Ստոյգ է, որ Արուեստագէտ սերունդը ջոջ դէմքերու որոշ թիւ մը ունեցաւ իր վարկի էջին, բայց քիչեր միայն գիտեն, որ այդ սերունդէն գրականութիւնը հազիւ կը ցոլացնէ այդ ջոջերուն մեղքերը։ Տիրան Չրաքեան, այդ սերունդին ջոջերէն, իր անպէտ, անիմաստ սանձարձակութեամբը քիչ մնաց ստեղծէր աղէտ, եթէ երբեք Զապէլ Եսայեան, նոյնքան մեծատաղանդ գրող մը, անուղղակի, որքան անգիտակից հակազդեցութիւններով մեր գրականութիւնը քաշկռտելով չկապէր կեանքին սպասին: Նման աղէտ մը ես արձանագրած եմ արդէն Եղիայի անձին, որ գերագոյն պատասխանատուն է ստերջ շրջանի մը (1870–85), ճիշդ նոյն մեղքերով մեղաւոր։ Այս վերջինը մեծագոյն վարպետ մը յորջորջուեցաւ, երբ հազարաւոր էջերու բեռ մը իր յիշատակին վրայ լերան մը պէս կը նստի այսօր։ Առաջինը դեռ չէ ազատագրուած գովեստին սոսինձէն։ Բարեբախտաբար անդրջրհեղեղեան կենդանին գիւղացի մըն էր, այսինքն՝ շատ զօրաւոր կիրքերու սպասասրկու մարդը կամքը երբեմն կիրք մըն է, ինչպէս է միշտ բարկութիւնը՝ այդ կիրքը որ իր գրիչը չկոտրելու պարտքը հասկնալու չափ պարկեշտ եղաւ, ու ժողովուրդին անընկալչութիւնը, երբեմն հալածանքը իր գործին հանդէպ նիւթ չըրաւ ունայն ցոյցերու, քէներու փառաբանութեան։ Նախասիրեց առանձնանալ ու ընդդէմ ամէն արգելքի շարունակել իր գործը։ Կրնար քրմանալ, իր ընկերներուն սուգը իրեն պատմուճան առած, տարին հեղ մը–երկուք, սանկ ու նանկ առիթներու տօնական խօսքեր հանդիսաւորել, մեռելները մեծարող ու ողջերը շողոմող, հանդարտ ու անտարբեր յարդարել… իր յոբելեանը։ Օ՜, տրտո՛ւմ, տրտո՛ւմ, տրտո՜ւմ է գրելը… ցմահ։ Բայց գրեց անիկա ու մի՛ զարմանաք, որ այդ ցաւէն շուք միայն կը զգաք ընդարձակ իր գործէն։ Աշխատող մըն էր ու մշակոյթի բանուոր մը։

Կը հաւատա՞ս մշակոյթիդ փառքին ու արժէքին։

Կը փնտռեմ այդ մշակոյթը։

Օ՜, «Դու միայն կաս յԵրուսաղէմ»։ Ամերիկայէն Փարիզ, ճարտարապետութեան երէկի ուսանողէն մինչեւ բոցաճաճանչ գրագէտները ամերիկահայ գաղութին անոր ո՛չ միայն տեսակարար կշիռը, այլեւ տիրական օրէնքները կը յաւակնին գտած ըլլալ, դասա/463/ւորած, վերջնական եզրակացութիւններու հասած։ Այդ օրէնքներով այդ մշակոյթը մարդկութեան գերագոյն փառքերէն մէկն է։ Ի՞նչ կը փնտռես։

Աւելի բա՛ց, պարոն հեքիաթ։ Իմ ականջները ծանր կ՚առնեն մա՛նաւանդ թեթեւ, չըսելու համար անկշիռ բառերը։

Բայց իրա՞ւ է, որ կ՚անգիտանայ Սփիւռքի մտքի հսկաներուն մեծատարած եզրակացութիւնները

Ի՞նչ բանի մասին։

Իսկի հայ մշակոյթի մասին, խօսելու համար իրենց պէս։ Հայ մշակոյթի

Որ

Որ երբեք չէ ենթարկուած ուրիշ մշակոյթներու, ինքզինքն է, ու մոգական, ապողոնեան, բրուսիական ծանօթ տարազներէն կը զատուի, ըլլալու համար

Ըլլալու համար

Արեւի, պայծառութեան, միութեան, ներդաշնակութեան համադրական հանդէս մը, հայ մշակոյթը։

Կը հասկնամ. այսինքն՝ բառերով շրջագծեալ, բառերով կարելի է ոչ մէկ արտաքին իրողութիւն, նիւթ ընդգրկող տարազ մը, սիրելի՛ հեքիաթ։ Դուն ես, որ պաղ ջուր կը լեցնես քու հիացմանը եռացող կաթսային։

Սո՞ւտ են այլ շքեղ եզրակացութիւնները բանաձեւուած մտքի հսկաներէ։

Կուշտ եմ բոլոր այդ հռչակաւոր վարդապետութիւններէն։ Հռչակաւոր հեղինակը մեծ մշակոյթներու տեսութեան, Բովալա Շփենգլըր կ՚արժէ ո՛ անշուշտ իբր հնարիչը այդ տարազներուն, այլ իբրեւ միտք մը, որ ապացոյցն է տուած ընդհանրացման ուժով ընդունակութեանց։ Անշուշտ մէկիկ-մէկիկ կարելի է ջուրին տալ այդ տեսութիւնները, քանի որ գերմանական իմաստասիրութեան մը իբր կոթող կը յաւակնի գրած ըլլալ իր Le Cléolin de l՚ouest-ը։ Բայց կարելի չէ այդ մարդէն դիտուած, սեւեռուած իրողութիւնները հերքել, ու հո՛ս է իր արժանիքը։ Դարձեալ կ՚անցնիմ առանց նեղուելու ազգերու խորհուրդը, մշակոյթներուն իմաստը հասկնալու իր գերմանական գործիքներուն առջեւէն, կենալու համար փաստին առջեւ իր ահաւոր հմտութեան, մտածման կորովին, կիրքին, տենդին։ Անոնք, որ առանց այս շնորհներէն պաշտպանուելու կ՚որդեգրեն ու կը կրկնեն թութակօրէն իր տարազները եւ կը ճարտարապետեն ինքնա/464/տիպ հայ մշակոյթ մը, արիւնով, ներդաշնակութեամբ spécifié, բառախաղացներ են։

Չկա՞, հայ մշակոյթ։

Ինչպէ՛ս թէ չկայ։

Այն ատե՞ն։

Բայց այդ մշակոյթին մասին խօսելու ամենէն քիչ արտօնուած մարդերը վիպասաններն են, քննադատները, բանաստեղծները, ոճի վարպետները, վարժապետները։

Որո՞նք, ուրեմն, որ ըլլային իրաւասուն այդ փառքին։

Գիտունները, բանուորի շապիկով ու մուրճով մեր աւերակները խուզարկողները, առնուազն ճերմակ թուղթին սեւ յատակագիծ մը, պարզ կտաւին քանի մը պուտ ներկ նետելու ընդունակ մարդերը։

Ո՞ւր կը նետես գրականութիւնը։

Կ՚աճապարես։ Ամէն հայերէն գրող հայ գրականութեան չի պատկանիր, որպէսզի արտօնուի այդ մշակոյթին անունով առնելու եւ տանելու խելքին փչածը։ Այդ մասին խօսել եմ արդէն։

Ո՞րն է հայ գրագէտը, որ շնորհ գտնէր քու առջին։

Ա՛ն՝ որ իր ժողովուրդէն է բխած, անոր ծոցը աճած, անոր հոգիով յագեցած ու անոր կեանքն է ապրած։ Ա՛ն՝ որ զգացած է այդ ժողովուրդը ճամբովը իր յուզումներուն խորագոյն ակունքներուն ու տեղումներուն, ու գործադրած, կազմած, կազմակերպած է իր հոգեղէն դրութիւնը, տեսակարար խտութիւնը, կշիռը՝ ազդմունքներուն տակը այդ ժողովուրդի զգայնութեան։

Շատ չե՞ն այդ բառերը։

Անբաւական, նոյնիսկ։ Արեւմտահայ գրականութեան դժբախտութի՛ւնը՝ այս տարազները արդարացնող մարդեր քիչ ունենալուն մէջ չէ անշուշտ (բոլորն ալ այդ գրականութեան մշակներուն կը պարզեն պատկերը այդ վերագրումները կէտ առ կէտ արդարացնող), այլ այդ ամենը անօգուտ մրցանքի, նիւթեղէն պայմաններու վերածող այն մտավիճակին մէջ, որ իրականութիւն էր եւ է՛ մինչեւ այսօր մեր գրողներուն ջախջախիչ մեծամասնութեան համար։ Նայէ ետ, մինչեւ 1850։ Պիտի գտնես կէս հարիւրը անցնող անուններ, որոնք անկախաբար մեր շփացումներէն, զեղչուած իրենց դափնիներէն, առնուազն ապրել են իմ թելադրած հոգեվիճակներուն ու պայմաններուն մէջ։ Այդ մասին ոչ մէկ կասկած։ Բայց ահա տարօրինակը. այդ ապրումներէն այդ մարդոց մեզի ձգածը։ Խօսեցայ քիչ մը աւելի հանգամանօրէն Ալիշանին, Տիւսաբին վրայ։ Լայն էջեր նուիրած եմ ու /4 65/րիշներու ալ, որոնց գործը չի պատկանիր մեր զգայնութեան, ուղղակի, ու ատով իսկ կը դադրի մեր գրականութեան պատկանելէ։

Օրինակ։

Բայց ամբողջ Զարթօնքի սերունդը,

Որուն կը պատկանի սակայն քու փառաբանած Պետրոս Դուրեանը։

Մի սոփեստանար։ Գրագէտը եւ հանճարը տարբեր իրողութիւններ են, իրենց միջոցները միայն իրարու հասարակաց ունեցող, բայց իրենց դրութեան, ասկէ բխող արդիւնքին մէջ իրարու հիմնովին օտար։ Նոյն խաւէն մենք ունինք իրար հերքող վկայութիւններ։ Նոյն մօրմէն՝ իրար չյիշեցնող զաւակներ։ Պետրոս Դուրեան այս ժողովուրդին կը պատկանի իր տաղարանին այն ձայներովը, որոնք ամենէն անուշ ապրումները արձանագրած են, դարերու պողոտաներուն, բոլորն ալ մեզմէ կրուած, մեզմէ ծորուած։ Այդ տղուն ցաւը երբ դնես իր հարազատ հէնքին ներսը, պիտի գտնես, որ ցաւն է մեր ամենուն, սա աշխարհէն մուրատը չառած մեկնող տղուն ու սա աշխարհէն սեւ ու լաց միայն տեսնող ժողովուրդին։ Այդ տղուն արտայայտութեան մէջ իմ հաստատած նորութիւնը, յանդգնութիւնը, փայլը, փայլակնային հուրքը կան աւելի նախնական ձեւերով, բայց խորքին անխուսափելի հանգիտութեամբը, մեր շարականներէն ոմանց, մեր ժողովրդական բանաստեղծութեանց ներսը: Ահա թէ ո՛ւր Բագրատունի մը պոլսեցի, եւրոպացի, ապազգային տաղաչափ մը կ՚ըլլայ եւ Պետրոս Դուրեան ազգային բանաստեղծ մը, խորապէս հայ։ Հիմա հարցուր, թէ որոնք են Արեւմտահայ գրականութեան իրաւ, հարազատ, ներկայացուցչական անձնաւորութիւնները։ Անշուշտ պատրաստ տարազներ քեզի կու տան շքեղ ցանկ մը։ Առ մէկիկ-մէկիկ ո՛չ թէ անունները, որոնք հայ են, այլ՝ անոնցմէ մեզի հասած գործերը։ 1870ին Խորէն Նար–Պէյ անգերազանցելի փառք մըն է։ Կ՚ընդունիմ։ « Քնար պանդխտին »ը իրաւ գիրք մը ըլլալու բոլոր բախտերը կը միացնէ (Նար–Պէյ յաւիտենական պանդուխտ մըն է, թափառական մը, մեծ կիրքերու ախոյեան մը), բայց անկանգնելի՛, հարուածին տակը անբանաստեղծութեան։ Մենք ենք, որ ամէն գրուած արձակ թէ ոտանաւոր գրականութեան կը վերածենք երանելի միամտութեամբ։ Խորհէ անգամ մը անհուն թղթեղէնին, զոր կը սպառէ ընթերցող հասարակութիւնը, իր կարիքներուն համաձայն։ Ու խորհէ, թէ մէկ տարուայ մէջ տպուած հարիւրաւոր գիրքերէն քանի հատը կ՚անցնի գրականութեան պահեստին։ Բայց մենք չենք տառապիր այս օրէնքէն ու կը շարունակենք արժէքներ ընդու/466/նիլ հարազատին չափ ու քով անհարազատը։ Փնտռէ այդ Նար-Պէյին գործին մէջ իրաւ հայը։ Ու պիտի գտնես, որ յիմար կատակերգութեան մը մէջ Ալաֆրանկա ») այդ եպիսկոպոսը դրեր է քանի մը տող իրաւ, հայեցի տարր։ Մնացեա՞լը։ Բառ առաւել բառ։ Տարածէ արժէքներու սա կշիռը արեւմտահայ գրական արդիւնքին, ու պիտի տեսնես, որ կախարդական հարուածով մը մէկէն կը չքանայ այդ գրականութեան ամենէն մեծահամբաւ մարդերէն մէկը։ Ըսի՞, թէ այդ գրականութեան չէին կրնար պատկանիլ Ռոմանթիքները, Զարթօնքին մեծ աշխատաւորները, Դէպի իրապաշտները խումբը գրեթէ ամբողջութեամբ, մեծ թիւ մը Իրապաշտներուն, ու կէսէն շատ աւելին Արուեստագէտ որակուած սերունդին, քանի որ բոլոր յիշուած անուններէն մեզի եկած գործերը կը ցոլացնեն, նոյնիսկ յաջողակ մասերու մէջ, քաղքենի ապրումներ ու մեր ժողովուրդը Պոլիսը չէ։ Փոխադրէ մտածելու եղանակը ուրեմն գրականութենէն դուրս ուրիշ դաշտի մը, միշտ գտնելու համար հայեցին։ Այդ Պոլիսը տուա՞ծ է մեզի նմոյշ մը հայ ճարտարապետութեան։

Ո՞ւր կը նետես փառքը Պալեաններու, Եւրոպայէն իսկ վաւերացուած։

Միշտ կ՚աճապարես։ Դուն լրջօրէն կը հաւատա՞ս, որ պալատական այդ ոճին մէջ, քաղքենի այդ շէնքերուն գծական, դասական, սիրունիկ–միրունիկ յօրինուածքին մէջ կրնայ իջած, ծաւալած ըլլալ մասնիկ մը քու ժողովուրդիդ հոգիէն։

Թո՞ւրք են այդ հրաշակերտները, որոնք մինչեւ այսօր կը պահեն իրենց հիազդեցիկ շնորհն ու գեղեցկութիւնը արուեստի ամենազգի ուխտաւորներուն վրայ։ Պոլիս այցելող զբօսաշրջիկ մը, ինչպէս մեծատաղանդ արուեստի քննադատներ, ճարտարապետներ, պատմաբաններ երկու կարծիք չունին այդ մասին։

Թո՛ւրք՝ երանի՜ թէ ըլլային, գէթ բան մը եղած կ՚ըլլային։ Մեծութիւնը, նրբութիւնը, ճոխութիւնը, քարեղէն մեծ գիրքերուն ներսն ու վրան անշուշտ արհամարհելի ուժեր չեն, բայց չեն յաճախ ժողովուրդի մը հոգին։ Ես եղել եմ այդ յիշատակարաններուն հետ, ԺԹ. դարու Իտալիա եւ Ֆրանսա ըրած ճարտարապետներու անձնական զգայութիւններով ու ապրումներով ոտքի բարձրացած, բայց որոնց ներսը ինծի դժուար էր կարդալ ժողովուրդ մը։ Թուրքը գերազանցօրէն թուրք էր Պրուսայի իր պատմական յիշատակարաններուն մէջ, մեծ ու պզտիկ, ըսի անգամ մը։ Մեր գրականութեան մէջ Թովմաս Թերզեան, Պալեաններուն մունետիկը, կարծած է այդ յիշատակարաններուն ( Չրաղանի ապարանքը, Օրթագեղի մզկիթը ) խռով/467/քը, հրապոյրը քնարերգել ու չէ իսկ նուաճած անոնց փլասթիքը, վասնզի այդ շէնքերը չէին պատկաներ հոգեղէն դրութեան մը։ Անոնք կտաւն են մարմարի, ներկի, գոյնի, կարկառի վերածուած ու այդքան։ Բայց ուրիշ բան են Սուլթան Ահմէտը, Սիւլէյմանները, Էյուպը մանաւանդ, ինչպէս են այդ ուրիշ բանը Սէլիմի մզկիթը (Էտիրնէ), Պայազիտի մզկիթը (Պրուսա)։ Պալեաններու, ինչպէս անկման դարերու (թուրքերուն ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերը այդ շրջանը կը ճշդեն) բոլոր շէնքերէն իմ գտածը թուլութիւնն է, քնքուշութիւնը, mièvre, մենք կ՚ըսենք զաղփաղփուն հրապոյր, այսինքն՝ թրքութեան հիմնովին անհարազատ հոգեվիճակներ։

Ո՞ւր կը դնես ճարտարապետին ազգային նկարագիրը։

Հոն է այդ նկարագիրը, այսինքն՝ հայու հոգիին մէկ ընդարձակ երեսը։ Բայց գիտնալու ես, որ իրարու ներհակ մշակոյթներ երբ պատմական յեղաշրջումներով կ՚առընթերդրուին իրարու՝ արդիւնքը յաճախ անհարազատ կերպարանք մըն է։ Թուրքերուն ցեղային խոյանքը, անգթութիւնը, վայրագութիւնը այնքան իրաւ, հաղորդական, նուաճող իրենց հարազատ ստեղծումներուն մէջ, ԺԹ. դարու շէնքերէն վտարուած է, թերեւս իմ ժողովուրդին հոգեղէն դրութեան խորհրդաւոր մէկ միջամտութեամբը։ Բայց այդ միջամտութիւնն ալ, իր կարգին, անբաւական է մնացած այդ շէնքերուն պարտադրելու ոգին, որ մերն է առհաւրօրէն։ Ու կ՚ունենաք գործը, որ չի պատկանիր ո՛չ մէկ զգայնութեան։ Բայց իմ նկատողութիւնները ես ստիպուած եմ պահել իմ ժողովուրդի արդիւնքներուն։ Երբ սեղմենք անոնց գօտին մեր իսկ միջոցներով պայմանաւոր շինուածքներուն, մեր գտնելիքը, իբր գետին, Պոլսոյ մեր ժամերն են, դպրոցները, ծովեզերեայ քանի մը մեծկակ տուները։ Ու ողբերգութիւն ողբերգութեանց էին անոնք բոլորը։ Արուեստը ազատութիւն է, յաղթանակ ու յաւելումին գինը։ Գերի, պարտուած ու միշտ պակաս ժողովուրդ մը մեր վերջին չորս–հինգ դարերը կը մտնեն այս պարունակին կը հասկնամ, որ չըլլար ընդունակ բարձր արուեստի մը։ Վկայ այս տեսութեան՝ Երուսաղէմը, որ հազարամ մը միակտուր գերութիւնն է քրիստոնեայ հոգիին, իսլամին շղթաներուն մէջը օղիկ-օղիկ գալարուող։ Հոն ալ քրիստոնեայ ճարտարապետութիւն մը պիտի չունենար տարբեր ճակատագիր: Ըսի անգամ մը, թէ որքան անմարդկային, անկնիք, աներազ, մա՛նաւանդ անթռիչ կառոյց մըն է քարի, կիրի, փայտի ու վաշխի կոյտը, որ կը կոչուի Ս. Յարութիւն ։ Ասիկա թերեւս անոր համար, վասնզի ոչ մէկ ազգ չէ տառապած անոր երկունքին մէջ։ Մարդիկ այդ մթին, անհասկնա/468/լի քարայրները (երբեմն մեր վրան կը զգանք այդ փակ աշխարհը) իրարու կապած են, լոյսէն վախով։ Ու մէջտեղ բերած անորակելի կծիկը, թնճուկը իրերահիւս անձաւներու։ Դուն գիտե՞ս, որ Երուսաղէմի մէջ մեր օրերուն լատին ազգ մը կայ, իր քովնտի ազդակներով, բազմաթիւ ուխտավայրեր, միաբանութիւններ, պատրիարքարան, աղքատանոց, դպրոց, սրճարան ու տնկարան, բոլորը ծնունդ դրամի, խաղի, փրոփականտի. կայ հրեայ ազգ մը, նմանապէս ծնունդ սիոնիստներու քարոզչութեան, միջազգային դրամապաշտութեան նպաստին. նոր–նոր՝ արաբ ազգ մը, կերպարանքի ելած հրեային դէմ մղուած ու մղելի մեծատարած ճակատամարտներու կրկէսէն։ Նորէն հեռացայ սակայն իմ նկատողութիւններէն։ Մեր ոգին, այսինքն՝ մեր մշակոյթին կերպարա՞նքը՝ Պոլսոյ մէջ։ Մեր եկեղեցիները ապացոյց են մեր գերութեան, մեր տուները՝ յաւելեալ փաստեր։ Ու երբ շինելու ամենէն ազգային արուեստը մեր մէջ հերքումն իսկ կ՚ըլլայ մեր ոգիին, մենք ո՞ւր պիտի փնտռենք մեր մշակոյթը։ Չեմ արտօնուած խորհիլ քանդակին, նկարին, տեքորաթիֆ ուրիշ յաջողուածքներու, որոնք պակսեցան մեր ամբողջ պատմութեան։ Գրական ճակատը ծանօթ, հայեցիէն իր պակասովը։ Ի՞նչ մնաց։

Ո՞ւր կը դնես ամենէն ազգայինը, երաժշտութիւնը։

Երաժշտութիւնը, ըլլալով ամենէն անձնականը արուեստներուն, պիտի ըլլար նոյնիսկ հանգամանքով, ամենէն քիչ հաւաքականը, այսինքն՝ ազգայինը, բայց մենք նոր չէ, որ հակադրութեանց ժողովուրդ ենք հանդիսացեր։ Ու փոխանակ քարին, ներկին, առնուազն մագաղաթին վստահելու մեր ոգիին բիւրեղացումները, յաւակներ ենք ու կը յաւակնինք կորստական նիւթի մը աղիքին, փողին վստահելու այդ սրբազան պարտքը։ Ի՞նչ կ՚արժէ հայ երաժշտութիւնը։

Ո՞ւր կը դնես Կոմիտասը ու իր անունին կապուած հայ երաժշտութեան խորհրդաւոր յուռութքը։

Միշտ յուռութքով կը սպառնաս։ Բայց ուրախ եմ, որ հաստատ գետնի վրայ ես այս անգամ։

Կոմիտասը չի հերքուիր, ինչպէս հերքել փորձեցին Սինանը, ինչպէս հերքեցիր Պալեանները։

Կ՚աճապարես։ Եղիր հանդարտ ու մտածէ, թէ ուրկէ կու գայ այդ Կոմիտասը։

Թուրքէ՞ն։

Ատ ալ պոռաց ու պատգամեց այդ ժողովուրդը, որ, ըսի /469/ անգամ մը, մշակոյթ ճարելու իր կիրքին մէջ կը պարզէ ժողովուրդ ջնջելու իր ախորժակները։ Բայց ասոնք մանրամասնութիւնները կը ներկայացնեն վէճին։ Կոմիտասի երաժշտութիւնը պէտք է անուն մը ճարել ի վերջոյ այն ձեւով, որով ժողովրդական բխում մը եղող արուեստի զգայութիւններ ընդհանրացան, համերգներով, մերն է խոր հարազատութեամբ մը։ Բայց ահա տագնապը։ Այն հողերը, ուրկէ բխած է այդ ոսկի երիզը, բնակուած են նոյն ատեն թուրքով։ Ու երաժշտութիւնը թերեւս այդ հողերուն թեւաւորումն է, անգայտացումը։ Ու հարցումը. ո՞ւր կը սկսի հայը այդ երաժշտութեան մէջ, ե՞րբ կը սկսի։ Միամիտ չես հարկաւ այդ խորհրդաւոր սկիզբը կապելու կախարդ վարդապետին փառքին։ Մենք ապրեր ենք առնուազն տասնըհինգ դար երաժշտութիւն, հրաժարելով իջնել քրիստոնէութենէն վար։ Ո՞ւր է արուեստագէտը, որ համարձակէր վերլուծել մեր սրբազան երաժշտութիւնը ու գտնէր անոր մէջ կշիռը ինքնեկին եւ օտարամուտին։

Ի՞նչ շահ ատկէ, երբ կը մերժես արդէն քու սեպհական մշակոյթիդ փառքը։

Փա՛ռքը եւ ոչ մշակոյթը։

Չե՞ս խաղար բառերու վրայ։

Մտիկ ըրէ ու կա՛րճ կապէ մանաւանդ։ Մեր եղանակները, սրբազանէն կը խօսիմ, երբեմն ձգձգուն, անտանելի ըսուելու չափ բռնազբօսեալ, իրենց մեղքերը թերեւս կը պարտին արտաքին ազդեցութիւններու։ Բա՛ց միտքիդ փակոցները, որպէսզի անկէ ներս խուժեն, հազար տարուայ մը հասակով, Արեւելքի մեծ ու պզտիկ ժողովուրդներու ոգեղէն արտադրութիւնները։ Ե. դարուն սաղմոսներ թարգմանող մեր վարդապետները անշուշտ հայ բան մը դրին այդ բառերուն ետին իբր ներքին կշռոյթ, երբ այդպէս բեռնաւորուած խօսքին վրայ զարկին եղանակին ալ թեւերը։ Որքա՞նը առին դուրսէն, այսօր մութ է մեզի։ Բայց խորունկ վերլուծում մը պիտի բանար ճեղքեր այդ մութին մարմինին երեսին։ Ըրէ այդ ճիգը պարսիկներուն, ասորիներուն, յոյներուն, կովկասեան ցեղախումբերուն, թուրքերուն, արաբներուն, ինչպէս կը զգանք այդ ամէնը մեր լեզուին մարմինին վրայ։ Ու պիտի մնաս շուարուն, գտնելու համար իրաւը, խորունկը, ցեղայինը այդ ամալկամին ետին։ Կը տեսնես, թէ որքան բարդ հարցեր կապուած են քեզի համար միակտուր, անխարդախ նկատուած փառքերուն իսկ հաշւոյն։ Սխալի մէջ են բոլոր անոնք, որոնք, առանց Արեւելքը, ասոր խոնարհ, ինչպէս փարթամ ոստայնները, ասոնցմով գոյաւոր յուզումները, արեան ու հեշտանքի /470/ բաղնիքները, ասոնց պալատները դէպի հոսող գինիին ու իւղին առուակները իրենց ճշգրիտ իմաստին վերածելու, կը յաւակնին արեւմտեան բանապաշտ միտքը իրենց առաջնորդ առած, բարձրանալ, հանգիտութիւններու սայլակներով խորհրդաւոր ապալիրները ցեղային ոգիին։

Նորէն կը հարցնեմ, կ՚ուրանա՞ս այդ ոգին։

Նորէն կը պատասխանեմ, կարճամիտ ես ու կ՚աճապարես։ Իմ ուրացածը անշուշտ չէր կրնար ըլլալ այդ ոգին, որ կայ ու կը մնայ անսասան ու անմահ, նոյնիսկ զայն յօրինող նիւթեղէն տարրին անհետացումէն վերջն ալ։ Իմ ուրացածը այդ ոգիին հագցուիլ փորձուած սուտ ու փուտ ծիրանին, նոյնիսկ մնալով երաժշտութեան պարունակին. ես ի՜նչ անձկութեամբ կը սպասեմ հանճարեղ միտքին, արուեստագէտ ու իմաստասէր նոյն ատեն, որ պատկանելով ձայներու աշխարհին երբեք թուղթերու կամ նման մարզանքներու ըլլար նոյն ատեն այնքան մը ազատ, գտնելու համար իրական բաժինը ցեղայինին, ինքնեկին, այն գումարին մէջ, որ մեր երաժշտութիւնն է en bloc, ինչպէս կ՚ըսեն, սրբազանն ու աշխարհիկը, գեղջկականն ու անհատականը, աշուղներով մեզի հասած, նուաղուն ու այլակերպ։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը այդ ինքնեկին ու օտարամուտին։ Կրնամ քեզի պատմել անձնական ապրում մը, ծանր խռովքով մը հանդուրժուած։ Կու գայ անիկա ձայներու աշխարհէն։ Տարիներ առաջ, ինծի տրուեցաւ խաչի տօնախմբութեան երեկոյ մը ներկայ ըլլալ արարողութեան մը, յունական վանքի մը մէջ։ Կիպրոսի լեռներուն խորը, բնակութենէ, ճամբաներէ բոլորովին հեռու, հսկայ ամայութիւնն էր այդ վանքը, որուն բազմասարիք շէնքերը առնուազն հազար մը տարի վարերէն կու գային ու կը պատմէին շքեղ կենդանութեամբ մը այդ օրերը։ Հասկնալի՞, որպէսզի այդ վանքին տաճարիկը ըլլար անաղարտ պահած սկզբնական, բնազդական իր տարրերը, ասոնց ծորած խորհուրդները ու ցեղային հարազատութեան թաքուն տագնապները։ Կ՚ենթադրեմ։ Չեմ նկարագրեր այդ մատուռը, թէեւ հոդ ալ ես զգացեր էի հինին նկարագիրներուն այն ոճը, որով կը թուին ոտքի բարձրացած ըլլալ Կիպրոսի լեռնակորոյս այդ փշրանքները։ Բայց ահա կախարդականը։ Ծանր, հաստ, բիրտ զանգակը կը պոռար, միակտուր խեղդելով վանքի միակ հրապարակին ճուացող նուագածութիւնը, տափակ, ձգձգուն, ռնգահերձ ու անկնիք, ինչպէս է յոյն ժողովրդական երգը, Պոլիս, Հելլադա, Կորկիւրէ (Քորֆու)…։ Կը պոռար բարբարոս պղինձը, դողացնելով խարխուլ կամարիկը մատուռին, ծեծելով բիրտ իր ալիքներովը /471/ հաստ պատերը ու սսլառնալով, ես ալ չէի գիտեր ինչու։ Տեսայ, որ պզտիկ պատուհաններէ, լոյսի զանազան ձեւերով տրապէզ, եռանկիւն, վեցանկիւն, խաչ կտորներ թրթռալ առին, պատին, վարագոյրին, փայտեայ կմախքներուն, կեանք ինկաւ խորշոմած նկարներուն։ Ու խորանը պահող փակ մակերեսի մը վրայ ոսկին կը տարտղնուէր արեւէն հալելով։ Շողարձակումը իրաւ բառ մըն է, երբ գործածուի սա վիճակները սեւեռելու։ Ութը քահանայ։ Ձեզի չեմ ձգեր զանոնք մտապատկերել ձեր ուզածին, կրցածին պէս, դուք, որ կորսնցուցած էք լեռնասոյզ վանականին տիպարը ձեր զգայութեանց ալպոմէն ու կը տարուիք ձեր քաղքենի, փափուկ, ընտանի ձեւերը տեսնել այդ բառին ետին։ Մարդեր էին, որոնց մօրուքը դուրսէն կը թուէր բռնի դրուած դաշտի չափ լայն անոնց կուրծքերուն։ Որոնց դէմքերը պղինձէ վահաններու կը նմանէին, դիմակի մը պէս ծածկող քարակոյտ այդ գլուխներուն առաջամասը։ Բրտութիւն։ Լեռ։ Բարբարոսութիւն ու անաշխարհայնութիւն, այնքան այդ մարդերը կը հերքէին կրօնականէն մեր մէջ յօրինուած յղացքները։ Ըսի՞, թէ 4–500 ոտք բարձրութեամբ ժայռաստանի մը մէկ գաղջ թեւին, հազարէ աւելի տարիներու դիմացող շէնքերէ զատ ոչ մէկ մարդկային ապրում, որ ըլլար եղանակաւորած սա ոսկորներուն ոճը, սա հոգիներուն՝ բերած մեղմացում կամ թուլացում։ Անոնք կը բխէին հոն հասնող անտառներուն թանձր, խուժ, աններող լռութենէն, որ կը պառկի անտառներուն ոտքին ու վայրագ հովերէն ծեծուելով–ծեծուելով միայն զայրագնած կը նետուի ոտքի, յարձակումը փոխադարձող կատաղութեամբ մը, իր կարգին ճմուռ-ճմուռ դողացնելով հսկայական կատարները դարաւոր եղեւիններուն…։ Խոշո՛ր։ Չեմ բացատրեր։ Քա՛ր։ Չեմ վերլուծեր։ Խանծած ու մանր անոնց աչքերուն վայրագ սաստկութիւնը ես զգացեր էի ճամբու ընթացքին, մենութեան, ատելութեան հով մը առնելով հողի կտորներէն, որոնք անտառէն կտրուած էին ու այսպէս տրուած այրելու արեւին կրկին։ Ամուր։ Բիրտ։ Անժպիտ։ Ինչպէս լեռն ու անտառը, զիրենք ծնող։ Կը սպասէի, որ պիտի ըլլամ հանդիսատես անգոյն, աննկարագիր արարողութեան մը։ Մէկը այդ քահանաներէն անցաւ ատեան։ Ծանր էր ու մռայլ։ Ետեւէն երկրորդ մը, երրորդ մը։ Կը դիտէի շուրջառներուն մաշած, հին, շատ հին տժգունութիւնը, հա՛շտ՝ այդ նշանավոր վանքին հեքիաթը միլիոններու կը հասցնէ գումարը անոնց ոսկիին աննշան ու զարդակուռ թշուառութեան։ Ճիգգոյի վանքը (Նիկոսիոյ մօտիկ) ասոր քաղքցած կերպարանքն էր։ Ութի հասած քահանաներէն մէկը պոռաց ։ Այն/472/քա՛ն իր սաղմոսը բիրտ էր, յանկարծակի, ու վայրագութեանը մէջ տպաւորիչ։ Խորաններու վրայ նկարները թօթուեցին իրենց շողիւնները։ Ինծի կու գար, թէ կը պատրաստուէին մտիկ ընելու։ Տքաց լման եկեղեցին։ Քանի մը յոյն կիներ իրենց նստարաններէն ելան ոտքի ու նորէն նստան, ծունկ կոտրելու ուրուախաղ մը դիտելով։ Զանգակը լռեց։ Հեղեղն էր ձայնին։ Յիշեցի Բագրատունին ու « մրրկատարափ կուռ կարկուտը », որ « կը կրծէր, կը կռփէր կառափները », հոս՝ ականջները։ Հեռացան, ինձմէ, կարծես հալածական ու ահաբեկ, վանքի մը, վանքին զուգորդ բոլոր քաղցր մտապատկերները, մանկութենէն իսկ այնքան սիրելի ինծի, իմ ներսը տուն–տեղ եղած։ Գիտէի սակայն, որ սաղմոս մըն էր մարմինը այդ հեղեղին, քահանային բերնէն ինքզինքը ջրվիժող։ Ըստ ողոքի՞։ Մեր Տօնակարգին մէջ այս ցուցմունքը հոս հերքում մըն էր։ Ըլլալու տեղ անիկա աղերսարկու, տրտում ողբը, ուղիղ յարձակողական մըն էր, տարօրէն սպառնալից ու վայրագ։ Մտածեցի թոքերուն, ուրկէ կը բխէր այդ յորձանքին թեւը, ու մտածեցի լեռներուն, քիչ վարը, վերը, որոնց կարծրութեանը մէջ ոսկորները էին ճարուած այդ ձայնին, ու սուրցած փուշերը այդ հեղեղին։ Ի՜նչ խորունկ խեղճութիւն, մենք, քանի մը յոյն ուխտաւորներն ալ մեզի հետ։ Քահանան որո՞ւն կը սպառնար, իր յօնքերը ոզնիի փուշերուն նման սլաքած։ Գիտէր անշուշտ, որ զանգուածը դուրսը ինքզինքը տուած էր խմելու, պարելու, խայտառակուելու։ Ու գիտէր անշուշտ, որ երբ բառերուն քառասմբակ արշաւը կը սուրար իր բերանէն, պարտէզներուն խորը, ու ժայռերու պատսպարաններուն մէջ ամբարիշտ իր ժողովուրդը ինչ հզօր հեշտանքով մեղքը կ՚ապրէր, տօնական ու պայծառ, կարծես երկինքէն հաճուած։ Որքա՞ն էր տեւած այս առաջամարտը։ Զգացի, որ ձայնին միացան ուրիշներ, առաջինին շուքին մէջ, կազմելու համար աւելի տարօրինակ ճակատամարտը։ Ու թաւալ առաւ այդ համերգը, միաձայն, միակտուր, առանց ծալքի ու առանց վէժի։ Առաջին սկսողին քիթը մեծցեր էր, արեան գլուխ խուժումէն հաւանաբար։ Ճակտին՝ առատ քրտինք։ Խոնաւութենէն հիմնովին զերծ սա սրահին մէջ, Սեպտեմբերի կէսերուն, այսքան բարձր դիրքերու վրայ, սա քրտինքը ո՛չ միայն ուշագրաւ, այլեւ է՛ր խռովիչ։ Կը ջանայի հասկնալ։ Պահ մը ձայնը լայն ջուր մը եղաւ, միապաղաղ, սրութեան ու ծանրութեան մէջ միատարր։ Դադրեցան ինծի հասնելէ արտաքին ամէն զգայութիւններ, իբր թէ ըլլայի ամայի ծովի մը վրան, փոթորիկին մէկ թեւին յանձնած ինքզինքս ու վազելով։ Ու ձայնը կը զարգանար, կը հաստնար, կը ծաւալէր, փոխանակ նի/473/հարելու, մեղմանալու։ Ժամանակի զգայութիւններն ալ իմ ներսս ենթարկուեցան լրիւ նուաղման։ Ծովու պատկերը յոգնեցաւ մտքիս մէջ, քանի որ ձայնը կը քալէր: Ինծի այնպէս կու գար, որ բաց դաշտի մը խորերէն դէպի առաջին թափերը սեպ լերան գրոհող բանակ մըն էր այդ ձայնը, բազմակոհակ, անկոկորդ, տարերային, անկիւնաւոր ու սպառազէն, ինչպէս ըլլալու էին հին հռովմայեցիներու լեգէոնները։ Ու կը քալէր այդ բանակը, հետզհետէ սաստկացող կիրքով մը, նուաճելով, դղրդելով, տապալելով ամէն արգելք իր մեծատարած յորձանքին դէմ։ Եղաւ մտքիս դաշտին Երիքովը, անոր պարիսպներուն թուղթի նման պատառ բզկտուիլը պղինձներէ թեւարձակ ձայներու ժանիքներուն տակ։ Հրաշքները նման զգայութիւններու վերացումն են հաւանաբար։ Ու կը զարմանայի, թէ ինչպէս գլխուս վերեւ նիհար կամարիկը վար չէր գար, ճեղք–ճեղք պատռտելով, ինչպէս պատկերները պատերէն չէին ցատկեր, վախէն խուճապահար ու վարագոյրը կը պահէր իր առագաստային փորը՝ առանց մէջտեղէն երկուքի բացուելու։ Աւելի՛ն։ Յստակ էր հիմա հռովմէական զօրաթեւի մը թաղուած մտապատկերը իմ գանկին տակ։ Երազած էի, երբ վանքը հանող մեծ պողոտայէն բաժնուեցայ, մտնելու համար այծերու եւ օձերու ոտքերով գոյաւոր կածաններու ցանցին, այդ զօրքերուն, որոնք իրենց եղունգներով տաշած ըլլալու էին այդ սալերը։ Ու այդ սալերուն վրայէն տեղ-տեղ քանի մը մարդահասակ այդ զինուորները քալեր էին, այս աղմուկին շատ մօտիկ յորդութեամբ ձայներու տարափի մը մէջէն, իրենց զէնքերը, կիրքերը, կառքերը, ձիերը փոխադրելով դէպի ուրիշներուն վայելքները, ամբարները, անկողինները։ Դժուարութեան մէջ չէք, երբ, մտքի գործօնութեան պարզուկ օրենքներով, իմ մէջ բնական գտնէք բանակին հետեւորդ հռովմէական եկեղեցին, որ ժառանգորդը այդ բանակներուն, կիրքերուն, մեղքերուն, երազներուն, իր ծաւալման միջոցներուն համար կը գործածէր իր վանականներուն լեգէոնները, նոյնքան կրակոտ, մեծախորժակ, հեշտախոյզ ու բացարձակ։ Զգացի, որ այս մտապատկերին թելադրանքին մէջ յոյն քահանային ձայնը իրը չէր, չէր կրնար ըլլալ։ Ու այս անհանգիտութիւնը տարի իր հետեւանքներուն։ Ինծի այնպէս եկաւ, որ դասական մշակոյթ յղացքը միութիւնն էր բանակին ու քուրմին, զինուորին ու արուեստագէտին, ինչպէս կատարուեր էր արդէն մեր թուականին սկիզբները երկու հակադիր զգայնութեանց իրարու շաղախումովը գոյաւոր։ Յետոյ ձեւեցի հակասութիւնը պատմութեան մեծ-մե՜ծ, բայց նոյնքան յիմար օրէնքներուն, որոնց խրտուիլակովը կը սպառնային /474/ գերմանները ԺԹ. դարու առաջին կէսին, երկրորդ կէսին մէջ այդ սպառնալիքին համար գործածելով իմաստասէրներու փոխարէն՝ զօրավարները։ Բիւզանդիո՞նը, այսինքն՝ մշակո՞յթ մը։ Իր կործանումը մինչեւ, անիկա քաղաքն էր, որուն մշակոյթին հորիզոնը ձիարձակարանին կիսաղեղովն էր գծուած։ Զոր կը յօրինէին իբրեւ հողեղէն իրողութիւն գահազուրկ վասիլիոսներուն վրայ գործադրուած անդամահատութեան դասերը. աչք, քիթ, ականջ փրցնելու անասնական ախորժանքը, մի քամակին մերկ կապուած ու պտոյտի հանուած պարտեալ զօրավարները, իրենց առագաստներէն կորզուած ու աս ու ան կուսանոցներու մէջ ութսունամենի քահանաներուն կիրքին յանձնուած թագուհիները…։ Էգը։ Նենգը։ Գաղիացիք ունին՝ félonը։ Բարակը։ Ճաթածը։ Մութը։ Ոսկին, որ արգանդները կը լուսապսակէր։ Մեղրամոմը, որ ստինք կը դառնար։ Շպարը։ Ու հսկայ ջորեպանները, որոնց առնութիւնը կը խենթեցնէր կայսերական կանանոցին ծիրենափառ կիները…։ Յետո՞յ։ Ի՞նչ հարկ անցնիլ թուումին, որ Հռովմով է պայմանաւոր։ Ճիգգոյի մատուռին մէջ, սա պահուն ութը քահանաներէն թեւարձակ սա յարձակողականը կռիւ էր, յստակ, անդիմադրելի։ Բայց գաղտնիք չէր, որ 1453էն ասդին այդ ժողովուրդը չէր կռուած։ Ուրեմն ձայնը կու գար աւելի վարերէն։ Ու այդ ձայնը ահա մշակոյթն էր ժողովուրդի մը, որ վարերը, այսինքն՝ կղզիին եզերքներուն, աւելի անդին՝ Փոքր Ասիոյ սարահարթներուն, նոյնիսկ դասական Ելլադայի մէջ դադրեր էր ըլլալէ, բայց կը մնար հոս ողջ, պաշտպանուած լեռներէն ու ամայքէն։ Յոգնած, ջարդուած, անտրամադիր նոյնիսկ իմ զգայութիւններս կարգաւորելու, երբ նետուեցայ դուրս մատուռէն, մութը քողքեր էր ստորոտի անտառներուն մարմինը, ծառերուն գագաթները քաղցրասուգ ու ոսկեփոշի։ Վանքին պարտէզին կը պոռար դաժան, թուրք զուռնան, աս ալ ուրիշ մշակոյթի մը զինանշան, թմբուկը, որ թուրքերուն փորը կը խորհրդանշէ ուրիշներուն բարիքովը պարուրուած ու մեծարձագանգ։ Ու անակօս, անճոռնի, անհամ, որքան անիմաստ ու անոճ յոյն երգը, ժողովրդական ըլլալու անկարող, արուեստին հասնելու անբաւական, որ այնքան նման էր Կորկիւրէի մէջ իմ լսածներուն ոչ մէկ ցեղային երանգով, թաւշութեամբ, արիւնով ջերմացած, թոյլ, կախ, լխկած, ու բերնէն թափելու ատեն իսկ փշուր-փշուր։ Լսեր էի այդ երգը, դարձեալ տօնական խենթութեանց օրերուն, երբ հրաշագործ պատկեր մը քանի մը բիւր մարդոց հայհուչին ընդմէջէն կը թափառէր ուսամբարձ, նենգ, էգ, ոսկեպատ ու մետաքսաւէտ, բայց տարօրէն անկնիք։ Ժանեակ, ծա/475/ղիկ, աղջիկներուն մորթը ու մազերուն խռովքը չէին բաւած նկարը անձնաւորելու, որպէսզի զայն փառաւորող ձայները ըլլային կիրք, իմաստ, յոյզ ու սարսուռ։ Մարմնեղէն կառո՞յցը երկու կղզիներու բնիկներուն։ Ուրիշ ճամբաներ պիտի հանէր զիս այդ զուգակշիռը։ Կը կենամ։ Փնտռելու համար ցեղային ոգին, հելլէն խորհուրդը, որ օտարի մը զգայարանքները մասնակի կերպով կը տպաւորէ ու աւելի մօտիկ, իրաւ արդիւնքներ կը ճարէ։ Անիմաստ, անկնիք երգը Կորկիւրէին կը պահէ իմ մէջ մօտ քառորդ դար է անցեր այդ ապրումէն իր գեղջկական քալիպրը, որ չէր կրցած հաշտուիլ Աթէնքի սուտ ու փուտ ծեքծեքումին ու կը թելադրէր որեւէ ոգի, որեւէ մշակոյթ։ Կոմիտաս, թուրք ժողովրդական երգերը։ Պուլկարական լալիւնները։ Ռուման ոuտոuտուն զարդարանքը, որ ձայն ըլլալէ առաջ կարծես գլուխ դրուելիք ծաղկեփունջ մըն է։ Ռուսական երերուն տրտմութիւնը իմ մէջ ունէին առանձին-առանձին իրենց կերպարանքները։ Կորկիւրէի երգը զուրկ էր ցեղային որեւէ ջերմութենէ։ Կիպրոսի սրբազան երաժշտութիւնը չափազանց առնական, լեռնական, կը հերքէր պատմութիւնը, ասոր սուտ ու փուտ իմաստասիրութիւնը։ Ո՞ր ժողովուրդին բխումն էին ըլլալու սակայն Կիպրոսին վայրագ, փոթորկոտ, մեծաղաղակ պոռթկումը եւ Քորֆուի էգ, նենգ, նուաղուն, անվստահելի, որքան անհամակրելի, ձգձգուն, հիմնովին անխելք նազանքները։ Լեզուն, կրօնքը հոն էին սակայն երկու կղզիներուն ժողովուրդները իրարու ընծայելու, նոյն արիւնէն, անշուշտ որոշ croisementներով, բայց առնուազն աւելի համատարր բաղադրութիւններով, քան այն ջրվրայ, թացիկ արիւնը, որմէ բխումներ էին Յունաստանէն, Պոլսէն իմ ժողված ձայնական զգայութիւնները։ Այս երկար, մանրամասնուած ապրումներուն միտք բանին ա՛ն՝ որ նոյնիսկ ամենէն քիչ խաթարեալ, այլայլուն մարզերու վրայ ի վերջոյ կոկորդ մը աւելի անձնական է, քան մատուռ մը, նուազ կողոպտելի, քան տունն ու պարտէզը ուր օտարացումը դանդաղ կը գործէ, քանի որ գիտենք, թէ ձայնն ու իր ճարտարապետութիւնը քիչ-քիչ կ՚ենթարկուին արտաքին ճնշումներու, մենք այսօր կը դժուարանանք մշակոյթի մը ամենէն վաւերական անձնատարրը ստուգապէս ճանչնալու, ճշդելու։ Յետոյ, անհուն Արեւելք մը կայ մեր ժողովուրդին հոգեյատակին։ Եթէ ներելի է մեզի մեր ապրումները տարածել, հեռացնել շատ վարերը մինչեւ ու խորհիլ հաւանական ազդմունքներու, որոնք կըրնան մեզի եկած ըլլալ մեր կամ օտար միջոցներով (մեր աշուղները կը պտըտէին մեր երկրին սահմաններէն շատ անդիները։ Սայաթ-/476/Նովան կը յիշատակուի իբր Պարսկաստան, Հնդկաստան արշաւող մը։ Մեր առեւտուրին, կարաւանեան փոխադրութեան արքաները մինչեւ Չինաստան թափանցած, իրենց ձիերը երբ կը պառկեցնէին Թուրքեստանի անտուն ստեփ ներուն կամ Հինտի Քուշի զառիթափերուն, անշուշտ « անկաճ կու տային » մռայլ, խորունկ ալ եղանակներու, ֆաքիրներէ, տէրվիշներէ, բորոտ գարգմանակով աղօթատեղիներէ կամ շքեղ մարմարակերտ մենարէներէ վար թափուող, որպէսզի հայրենիք դարձին յիշէին այդ ամէնը ու Լեհաստանի, Վենետիկի, Ամսթերտամի սրբազան երաժշտութիւնն ալ իբրեւ հոգեղէն ապրանք իրենց մտքի ջորիներուն բեռցուցած, պարպէին տրտում Էջմիածինին, աւելի մռայլ Երուսաղէմին ժամերու բակին), այսինքն՝ մօտ ու հեռու Արեւելքը, Իրանը, իր պալատական, միսթիք, ժողովրդական, քիչ բառով, բայց անհուն մարմինով երաժշտութիւնը, Ափրիկէն, այսինքն՝ հապէշ, ղպտի, պէտէվի, արաբ, վայրենի երաժշտութիւնը, որ մեզի անծանօթ չէր կրնար ըլլալ մնացած։ Թուրքը, Եւրոպան, ու կովկասեան խառնարանին հարիւրաւոր նուաղուն ոճերը ձայնէ եթէ իրաւ ապրումներու աղբիւրներ են, ձայնական մարզին վրայ, այն ատեն կը ծագի հիմնական, հսկայական հարցումը. մեր սրբազան երաժշտութեան մէջ որքա՞ն օտար տարրեր տեղաւորուեր են, հալեր ու նոյնացեր մեր սկզբնականին։ Չենք իսկ լուծած մեր շարականներու ձայնանիշներուն խորհուրդը։ Ի՞նչ ձայնական դրութիւն կը սեւեռեն այդ այսօր մեռեալ մեհենագիրները։ Հարցուր եւ լռէ։ Նոյնն է պարագան մեր ժողովրդական երաժշտութեան։ Թուրքը, քիւրտը, ասորին, եզիտին, կովկասեան փախստականներ կ՚երգեն մեզի պէս։ Որքա՞նը Կոմիտասով ոճաւորուած իրաւութիւն կը պարունակէ իսկապէս հայ հոգին։ Ահա անլուծելի հարցականներ։ Եւ որովհետեւ մշակոյթի մը ամենէն հզօր, հարազատ նկատուած կերպարանքներէն, մարմնառութիւններէն մէկն է երգը իբր ձայնէ մարմին եւ ոչ թէ գիրերով հիւսուած կտաւ կը հասկցուի, թէ մշակոյթի պատմիչ մը, միջակ խղճմտութեամբ, գեղեցկագիտութեան դասախօս մը, պարկեշտ յաւակնութիւններով, քննադատ մը, որ հազիւ կը կասկածի չարիքը պատմութեան իմաստասիրութիւն որակուած բաջաղանքին, ինչ վտանգներու կ՚ենթարկեն իրենց պարկեշտութիւնը, երբ կը ջանան ի հաշիւ կարգ մը ապացուցումներու օգտագործել իրենց մեթոտները, ի յառաջագունէ որոշուած արդիւնքներու հասնելու ճամբուն վրայ։ Ո՞ւր է կեդրոնը (ծանրութեան) հայ մշակոյթին։ Երբ մեծ մարզերը ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն, գրականութիւն, նկարչութիւն կը /477/ լռեն, ի՞նչ կը մնայ մեզի, որպէսզի արտօնուինք մշակութային փառքերէ խօսելու, առանց ծիծաղելի ըլլալու։

Բայց, իրա՛ւ որ զարմանալի, անսրբագրելի, անտարազելի մէկն ես։ Հայ մշակոյթը հզօրագոյն կարգախօսներէն մէկն է օրուան։ Ինչպէ՞ս կը համարձակիս կասկածի ենթարկել Սթրիչովսկիի փառապանծ տեսութիւնը, մեր ճարտարապետութիւնը իբր եւրոպական ամենէն հզօր ոճին նախազդակ։ Ինչպէ՞ս կը դարձնես անվստահելի արիականութիւնը, որ աշխարհին մեծագոյն պատերազմին կենսատու վարդապետութիւնը կազմեց աչքերուդ առջեւ ու մորթիդ վրայ։ Ինչպէ՞ս կը կործանես արմէնիզմը, որուն վրայ քու սերունդդ, քեզ անմիջապէս կանխողը այնքան մելան սպառեց, այնքան խոշոր ակնկալութիւններ դնելէն վերջը։ Ինչպէ՞ս կը համարձակիս ծիծաղելի անուանել հայ մտքի հսկաներուն կողմէ բանաձեւուած ներդաշնակութիւն, միութիւն, արդի խորհրդաւոր իրապաշտութիւնը, որով քու ժողովուրդիդ մշակոյթը կը զատուի աշխարհին միւս բոլոր մշակոյթներէն՝ ըլլալու համար փառապանծ յաղթանակ մը, ու մեզի կը խոստանայ ամենէն շքեղ տեղերէն մէկը ապագայ իմաստի աշխարհին մէջը։ Ի՞նչ է շահդ, որպէսզի անվստահելի յայտարարես հզօր, տիրական հեքիաթը ստեղծագործ հայ ժողովուրդի մը։ Այս ամէնը հերքելի փառքե՞ր՝ որպէսզի փաստերու անբաւարարութիւնը, անյատակութիւնը, անվճռականութիւնը ընդարձակես, ուրանալու համար քու ժողովուրդիդ այնքան դժուար ճարուած փառքի տախտակներ։ Կը ծաղրես Մխիթարեան հայրենափառ ռոմանթիզմը, իր արդիւնքին կորանքովը կը չարանկարես արմէնիզմը իրապաշտներուն։ Բայց չե՞ս զգար, թէ որքան ողբալի, տրտում, անկանգնելի, անզետեղելի հակասութիւն մըն ես դուն քու մէջդ ու քու հաշւոյդ, երբ զուարթ, անծակ յիմարութեամբ մը չվախցար կեանք մը լման յատկացնելու՝ քու ժողովուրդիդ հոգին ես կը թարգմանեմ մշակոյթը գտնելու, ոսկի երիտասարդութեանդ իսկ դռներէն ու սա ճերմակ կործանումը անգամ չես վախնար աղէտի վերածել, շարունակելով չսակարկել ուժերդ նոյն ու մէկ նպատակին, նոյն սրբազան տոնքիշոտութեամբ, բոլորովին մինակ։ Սրտառուչ պատրա՞նք, թէ սրտառուչ պարտք։ Սրտառուչ յիմարութի՞ւն։ Աշխատանքդ չէ, որ կը գունաւորեմ։ Գորովանքի արժանի է այդ աննահանջ պարկեշտութիւնը, նպատակի մը անշեղ հետապնդումը, քանի որ վարձքը այդ ամենուն վեր ալ անձէդ ու քանի որ գեղացի մըն ես՝ փառքի ախտէն ինքզինքդ զերծ ընծայած, քու պատրանքներուդ թոքսիններովը: Գտնե՜լ հոգին քու ժողովուրդին, որ անշուշտ կտա/478/ւին վրայ աղաւնիին պատկերը չէ, կամ մահամերձի մահիճին մօտերը դողդոջ ու թափառիկ ուրուական մը, այլ՝ այն իրաւ, պարզ կամ փարթամ, համադրական կերպարանքը, որով ցեղերը կը դասաւորին տեւողութեան պողոտաներուն երկայնքովը, ճառագայթուն կամ մռայլամած, պերճ կամ նուաղ, ապրելով իրենց ճակատագիրը արիւն–արցունքի, ինչպէս զուարթ, կապոյտ երազանքներուն փոփոխակ հանդէսովը։ Ի՞նչ սրտով ուրանալ այդ ամէնը։ Փնտռո՞ղն ես դուն ուրեմն գոյութիւն չունեցող բաներուն, հեքիաթին կղզիին։

Շարունակէ։ Կը զգամ, որ չես յոգնիր խօսքէն։

Այնքան շատ եմ եղեր ստիպուած քեզ պաշտպանելու, որ բառը գործիք է բերնիս։ Ըսէ, սակայն։ Չե՞մ իմ իրաւունքիս մէջ մեղքնալու սա հզօր, այլամերժ, յիմար աշխատանքին, որ քեզի արժեց երիտասարդութիւնդ, չափահասութիւնդ եւ որ դեռ կը պահէ իր կործանարար թափը, երբ մազերուդ չափ ճերմկած են, հինցած՝ պատրանքները։ Կատակ չէ ասիկա։ Քառսուն տարի՜։ Համրէ անգամ մը։ Որքան արգահատիմ, քիչ է դարձեալ, սա աննպատակ, անիմաստ հերոսութեանդ, երբ կեանքէն քաշուելու պարտքն իսկ իբր ապագայի մուրհակ կը ջանաս արժեւորել, ստորագրելով յանձնառութիւններ, որոնց նմանը ներեց իրեն քու վարպետդ, Տոսթոեւսկին, յիմարութեան մէջ, ինչպէս հանճարի, քեզմէ գերազանց, բայց հարիւր անգամ քեզմէ երջանիկ, քանի որ ըրածին կը հաւատար, ըրածը գիտէր արժեւորել…։ Որո՞ւ համար, ա՜յ մարդ, այսքան թուղթ, երբ քու ժողովուրդդ թերեւս իսկ դժուար կը հանդուրժէ։ Որո՞ւ համար այսքան զրկանք, նոյնիսկ լաւագոյն պայմաններու դիմաց։ Ու կը խորհիմ, որ ի՜նչ ահաւոր խեղաթիւրում է, դիմազեղծում, ինչ որ քեզի արժած է այնքան սրտագին նուիրանք, երբ այդ ինչը կ՚իյնայ քու հրապարակիդ գնահատման։ Ատենը չէ, որ երեմիական հիւսեմ բախտէդ։ Բայց ատեն է, որ արթնցնեմ քու յիմարութիւնդ յիմարութենէն։ Արտաքին հալածանքը կրցար չէզոքացնել, անգիտելով զայն։ Քաջութեան արարք մըն էր ատիկա։ Բայց չես կրնար ինքզինքդ գոցել քեզի դէմ։ Ի՜նչ անգութ կորովով մը յարձակեցար քու վրադ, դուն, քու մարտիրոսութիւնդ իսկ անբաւական դասելով կարծես, դուրսէն լաստակերտուած ու հանդիսաւորուած, ու մերժեցիր թուլացումը, հանգիստը, մարդու պէս շունչ մը առնել կարենալու հրամայականները։ Քալեցիր, գիշերը ցերեկին խառնելով։ Խօսելով։ Գրելով։ Երազելով։ Պաշարուած քու մարդերէն, որոնք վէպերէն քեզ հալածելը վերածէին պիտի տանջանքի։ Արձակուրդները եղան ուժգին ստեղծումի շրջաններ։ Չու/479/նեցար, ահա քառորդ դար է, ո՛չ իսկ Կիրակի մը։ Բռնաբարեցիր հիւանդութեամբ քեզի մատուցուած անդիմադարձ հանգիստն ալ։ Անշուշտ։ Մա՞րդ ես դուն, որ չաշխատած օրդ քեզի համար տառապանքի աղբիւր կը դաւանիս, երբ այդ դադարը քեզի կը պարտադրուի քու իսկ հիւանդութենէդ, նուաղուն, իր կէսէն պակասին իջած սրտէդ։ Բայց ներէ ինծի, որ ըսեմ քեզի, փառասիրութիւնը կ՚արժէ առելի քան յուսահատութիւնը, հաւատքը վեր է տաղանդէն։ Մի պատասխաներ ինծի, որ կիրքը գերազանց է փառքէն, ինչպէս տաղանդէն։ Պահ մը ընդունի՜լ, որ աշխատանքը սփոփանք մըն է ուրացուածին։ Բայց որքան քիչ է ճնշումը քու վրադ քեզմէ դուրսին, որպէսզի ատոր դիմաւոր ելոյթ մը որակէի սա անբացատրելի կիրքը։ Պիտի բարկանա՞ս արդեօք, որ մտածեմ քու ճակատագիրդ լաւագոյն կերպով մը պատկերող ապակին, որուն հերոսն է կապիկը։

Իրաւ որ սրբապիղծ մէկն ես, պարոն հեքիաթ։

  Ի վերջոյ երկիւղած, ջերմեռանդ մարդու մը հեքիաթը չեմ, չմոռնաս։

Որքան դիւրաւ, բնական կը խեղաթիւրես ամէն սրբութիւն։ Ո՞վ ըսաւ, թէ անիմաստ պատրանք մըն է իմ ժողովուրդին խորհուրդը։

Երբ կ՚ուրանաս անոր մշակոյթը, մշակոյթ մը, անոր պատմութեան իմաստասիրութիւնը, անոր ստեղծագործական շնորհները, անոր փառաւոր անցեալը, անոր լեզուն, այսինքն՝ այդ լեզուին նորակերտ ու փառաշուք գեղեցկութիւնը, ասով գոյաւոր ոսկեդարը, Արեւմտահայ գրականութեան բոլոր մեծայարգ անունները, Արեւելահայ գրականութեան բոլոր մեծատաղանդ մարդերը։ Ի վերջոյ, խորհուրդը ասոնց համագումարն է։ Ու գումար մը՝ մասերու դէզ մը։ Անշուշտ միամիտ չես բարձրացնել այդ խորհուրդին կոթողը, լուսաւորելու, փառաւորելու համար Սփիւռքին նսեմաuտանը։ Որո՞ւ, ուրեմն, քու աննահանջ, կատաղի խաչակրութիւնդ։ Չես հաւնիր քեզ կանխողներուն վէպը ու կը վատնես տարիներ, որպէսզի գրես չկարդացուող վէպեր։ Չես հաւնիր թատրոնը ու կը գրես խաղեր, որոնք ամենէն պարզ հայրենակցականներն իսկ չեն փորձեր։ Չես հաւնիր դատելու դրութեան ու հազարաւոր էջեր կը սեւցնես այդ ապերախտ, ապիրատ արարքը գործնականապէս կատարող։ Որո՞ւ համար այս ամէնը, երբ աւելի քան տխրագին, տխրառիթ ձեւով մը ծանօթ ես, քու ժամանակիդ, քու հայրենիքիդ արժէքներուն հանդէպ քու ժխտական, արմատական, հերետիկոս, անբուժելի տրամադրութիւններովդ։ Ու կը կրկնեմ. որո՞ւ համար, ա՛յ մարդ։

/480/ Միշտ այդ ժողովուրդին համար,

Որ քեզ ծաղրելը կը վերածէ սրամտութեան շքահանդէսի մը, քեզ չկարդալը՝ հայրենասիրական պարտքի մը, քեզ քննադատելը՝ բարձր մտածողութեան, առողջ ճաշակի մը, քեզի դէմ բողոքը՝ պաշտօնական բարերարութեանդ։ Կ՚ամբաստանուիս, ըսի անգամ մը, մազերուդ թիւէն աւելի առատ մեղքերով։

Այդ ամէնը զիս չեն կրնար խանգարել։ Կը գրեմ՝ իմ մշակոյթիս համար։ Ու իրաւ ենք մենք, իմ մշակոյթը ու անոր բանուորը, ինչպէս իրաւ ես դուն քու հեքիաթիդ ետեւէն։

Եղիր բարի քիչ մը, աւելի բաց, մա՛նաւանդ խելօք խօսելու։ Դուն ըսիր, թէ ականջներդ ծանր էին՝ թեթեւ բաներ պահել կարենալու համար։ Իմիններս շատոնց թեթեւ եմ ըրած՝ ծանր բաներ չպահելու համար։ Հիները երկուքը կը ճշդէին, խորհելով մտնողին ու ելլողին։ Կա՞յ, հայ մշակոյթ մը։

Կա՛յ։ Ու կայ՝ իբրեւ մերը, միակ կարելի մերը։

Այն ատեն ի՞նչ կարիք էջերով խօսքի։

Ես ցորենի տեղ բառ չեմ աղացած։ Ու իմ չարաշուք համբաւը կու գայ ահաւասիկ այդ միամտութենէն։ Եղած եմ անխնայ բոլոր բառարաններուն, բառախաղացներուն։ Տուէք ինծի ոսկի հատիկը եւ ո՛չ թէ հով ու շողշողուն քարեր։ Տուէք ինծի իրաւ մարմինը եւ ո՛չ թէ ժանեկազարդ շուքը։ Իմ կիրքը մէկ է ու անսասան։ Այդ կիրքին մէջ ո՛չ ոքի ես ըրած եմ զիջում, նոյնիսկ ինծի հետ մօտիկ աշխատող ընկերներուս, երբ զգացած եմ այդ մեղքը՝ բառին զեղծումովը պայմանաւոր։ Մտածեցէք պարզ ու քիչ գործածեցէք բառը։ Շատ-շատ գետնին վրայ կը մնաք։ Կայ այդ մշակոյթը, բայց ո՛չ գերման համադրողներու, գաղիացի կամ իտալացի գեղագիրներու, քննադատներու չափերով, տարազներով, ուռկաններով սեւեռելի, որսալի։ Այդ մշակոյթը մասեր ունի մեր ներկային մէջ, լայն մարմին՝ մեր անցեալին մէջ։ Այսինքն՝ կը պատմէ մեզ՝ մեզի։ Նոյնիսկ խեղճ ու պատառ Սփիւռքը հոն իր լարերը ունի։ Բայց անիկա առաւելապէս կը կերպարանուի մեր անցեալէն, կը պատմէ ընդհանուր ոգին մեր լինելութեան, մեր մեղքին դրութիւնը։

Որքան պիտի ուզէի, որ խօսէիր օրինակներով, լուսաւորէիր ինքնին քիչ մը մութ տարազները ամենուն մատչելի նմանութիւններով, հերքած ըլլալու համար հսկայ փաստերը քեզ կործանողներուն, պատասխան մը ճարելու համար ալ քեզ ամբաստանողներուն, որոնք քու կշիռներդ, գնահատումներդ, յայտնաբերած արժէքներդ եւ տապալածները անընդունելի կը դաւանին, քանի որ չեն /481/ փաստաբանուած։ Ի՞նչ է, օրինակի մը վրայ, մէկ պահը, մէկ կերպարանքը մեր մշակոյթին, քու չափերովդ ու գնահատմանդ ծանրութեամբը։

Ե՞տ կը դառնաս։

Երբեք։ Այնքան տարօրինակ մարդ ես, որ դժուար է հաւատալ քեզի, երբ զիս կը փոխադրես գիրքերուն օրէնքներէն, փառաւոր տեսութիւններէն, իմաստասիրական ապահով եզրակացութիւններէն դէպի սովորական բառերու կարաւանները։ Գտար այդ մշակոյթը տեղեր, ուր մենք պատմութի՛ւն իսկ չենք զիջանիր դնելու։

Մի՛ բարկանար։ Պիտի ունենաս օրինակներ։ Պիտի տամ քեզի բառեր, բոլորովին պարզ, ամենօրեայ գործածութեամբ, քեզի աւելի քան ընտանի, բայց որոնց հարազատ իմաստը երբեմն աղօտած է այնքան, որ հեռու է թելադրելէ վաւերական իրողութիւնները, որոնց փոխանորդ կտակն են բառերը։ Մի զարմանար։ Բառերը ժողովուրդի մը մտքի հողին բոյսերն են, ծաղիկները։ Կ՚ապրին, կը ծերանան ու կը մեռնին։ Առ, քու ուզած օրինակիդ համար, վանք բառը։ Այսօր անիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պորտաբոյծ մարդերու ապաստարան մը, այնքան ականջներդ լեցուած են նման մեղադրանքներով։ Արեւմտեան մշակոյթին մէջ անիկա հնութեանց թանգարանին մէկ մասնաբաժինը։ Յառաջամարտիկ ընկերային կարգուuարքերու կրկէսին՝ կործանման, կախաղանի արժանի ոճիր մը։ Բայց պէտք չէ հեռանալ։ Սահմանափակուիլ՝ մեր զգայութեանց ներելի ծիրին։ Թերեւս քեզ չեմ զարմացներ, երբ յայտարարեմ, որ այդ չորս գիրնոց ծածքին տակ կը մնան ծուարած իմ ժողովուրդին ամենէն ընդարձակ, ամենէն խորունկ ապրումները։

Այսի՞նքն։

Երբ բանաս ծրարը, պիտի տեսնես այնքան իրաւ, իրա՛ւ, իրա՛ւ շերտեր, բոլորն ալ քու ժողովուրդիդ կեանքէն։ Վանք մը ընդարձակ կառոյց մըն է։ Առայժմ կեցիր մարդոց դէմ միայն։ Սո՞ւտ էին անոնք, իրենց յիմար–իմաստուն կերպարանքներով։ Սո՞ւտ էին, երբ քուրձը իրենց կաշիին հետ շաղախած կ՚ապրէին ծերպերու խորը, թանն անգամ քամոցէ անցընելով։ Սո՞ւտ էին ան միւսները, որոնք իրենց գրիչները սատաններուն աչքին սեւութեանը մէջ կը թաթխէին, գրելու համար այնքան լուսաւոր բխումներ։ Սո՞ւտ՝ անունները մեր հայրապետներուն, գրագէտներուն, բոլորն ալ այդ բառին տակը թաղուած, բայց ո՜ղջ։

Այդ ճամբով՝ ինչո՞ւ չտարածուիլ ժողովուրդը, ասպետ/482/ները, նախարարները, արքաները դէպի։

Աս ալ ըսէ, որ ընեն գեղեցկագէտ–քննադատ պարոնները, փոխանակ աս ու ան աժան, պատրաստ եւրոպական տարազներով մշակոյթ պատմելու, պատկերելու։ Մենք մոռցած ենք մեր մշակոյթը:

Ա՜։ Մարդիկ հիմա կը հալածեն քու « Մոռցուած բաներ »ուն անունին տակ վերբերումներդ։

Հալածելու տեղ թող կենան ուշադիր։ Ասոնք ո՛չ աժան տեսութիւն, ոչ ալ յառաջահայեաց շատաբանութիւն են։ Անոնք թաղուած կեանքէն լոյսին հանուելէն տարբեր նպատակի մը չեն սպասարկեր։ Նախարար մը, իմ մտքին առջեւ ահաւոր տարողութեամբ բառ մըն է, ուր ինծի կը ներուի տեսնել հերոսները իմ ողջ պատմութեան։ Արքայ մը՝ ուրիշ։ Աւերակ բերդ մը՝ լման արքայութիւն մը… այս բառին հետ զուգորդօրէն դարձեալ կեանք մը, իր ամենէն խիտ թելադրանքներով։ Այսպէս է, որ կը կենամ ես բառերուն դէմ։ Վանքը մշակոյթ մըն է, երբ, ըլլալու տեղ պատահական իրողութիւն մը, լման երկրի մը երեսին, ինքզինքը կը պարտադրէ մեր նկատառման, այդ երկրին ամենէն յատկանշական կայքերուն։ Զիս կանխող սերունդը, իր ապիմաստ իմաստութեանը մէջ բանադրանքի տարազներ գտաւ մեր պատմութիւնը խարանող, հոն կարդալու համար թիւը վանքերուն, որոնց գումարը կ՚անցնէր երկու հազարը։ Այդ սերունդը պիտի ուզէր, որ այդ թիւը փոխարինուէր բերդերով ու կ՚անգիտանար, որ անոնց ալ թիւը կ՚անցնէր քանի մը հազարը, բոլորն ալ բուսած երկրին ձայներէն, ինչպէս առաջինները։ Կարիք կար ուրեմն, որ բուսնէին այդ շէնքերը, ոմանք հազիւ մատուռի մը սաղաւարտիկը ունեցող իրենց վահան, ուրիշներ՝ քաղաքիկի մը չափ ընդարձակ։ Ի՞նչ կը հետապնդէին զանոնք հիմնող հոգիները։ Աժան-կարապետ իմաստութիւն ծախել պիտի նշանակէր այդ բխումը բացատրել կրօնական ձգտումներով կամ դիմել պատմութեան, անոնց գոյութիւնը դիմակշռելու համար գոյութեամբը իրենց նմաններուն Սուրիա, Եգիպտոս, Փոքր Ասիա, Եւրոպա։ Մշակոյթ մը թանձրացած ձայն մըն է, տեսանելի կերպարանքը արեան դրութեան մը, ոճ մը՝ հասարակաց լինելութեան մը մէջ, պահ մը՝ դարձեալ հասարակաց զգայնութեան: Կարելի է երկարել այս ոճաւոր բացատրութիւնները։ Ու դուն գիտնալու ես, որ զգոյշ եմ այդ պատկերակերտ ախորժակներուն մէջ։ Վանք մը, վանքերու հարիւրեակ մը կը վկայեն, թէ իմ ժողովուրդին մէջ հոգեղէնին կշիռը հաւասար էր մարմնեղէնին։

/483/ Բայց կա՞յ ժողովուրդ մը, որուն մէջ այդ հաւասարութիւնը չըլլար հաստատելի։

Մի՛ շփոթեր շէնքը, զայն ոտքի տանող զգացումին հետ։ Քառորդ դար առաջ թուրքերը փակեցին իրենց թէքքէ ները, որոնց թիւը կ՚անցնէր քանի մը հազարը դարձեալ։ Բայց փակեցին՝ հոն ապաստանող կէս միլիոն երիտասարդութիւնը բանակ առաջնորդելու համար։ Արդ, չորս դար առաջ այդ երիտասարդութիւնը փոխանակ թէքքէներու ներսը աղօթք համրելու, համրիչով, մորթուած գլուխներ կը համրէր պատերազմի դաշտերէն, գրաւած քաղաքներէն։ Միտքդ պահէ այս փաստը։ Իմ ժողովուրդին հոգեղէն դրութեան մէջ վանքը ո՛չ ծուլութիւն է, ոչ ալ փախուստ՝ պարտքէ։ Ընդհանրացուր մտածումը, ու պիտի գտնես, որ ժողովուրդներէն ոմանք իրենց հոգեղէն դրութենէն պիտի լսեն պատգամներ՝ ուրիշներուն հողը, բերքը, կեանքը բռնագրաւելու։ Ոմանք պիտի հասկնան այդ ձայներէն հրամայականներ՝ պարտուածները տուրքի կապելու։ Ուրիշներ՝ դրամի պիտի վերածեն այդ ձայներուն իմաստը: Ու ասիկա, այսպէ՛ս, համաձայն ժողովուրդներու հոգեբանութեան։ Որո՞նք էին թաքուն ազդակները, որպէսզի իմ ժողովուրդը իր գերագոյն ճակատագիրը վստահէր իր իսկ խորհուրդին, հողէն վեր, բայց հողին հետ նոյն ատեն, որպէսզի անկէ վտարուած պահուն զգար ինքզինքը կապուած, քաշուած դէպի անոր խորքը։ Ահա թէ ինչու երբ բերդերը մէկ կողմէն կը բրգանան մեր երկրին ամենէն բախտորոշ հանգոյցներուն, իբր քարի ձայները իմ ժողովուրդին տիրական բնազդներէն մէկուն ապրելու բնազդին մեր վանքերը, ուրիշ բնազդի մը նոյնքան տիրական իբր ձայն, կը կազմակերպեն իրենց մեծ կամ համեստ կառոյցները։ Ուրեմն՝ իմ ժողովուրդին կռուի, արեան, աշխարհիկ ցանկութեանց ու կիրքին ձայները կը խտանան մեր բերդերուն ժանեկաւոր մթութիւններուն բաւիղէն ու կը դիզուին, կուտակ–կուտակ, աւազանելով հեղեղը արեան բոլոր խռովքներուն։ Իմ ժողովուրդին խաղաղութեան, ներքին յաղթանակի հոգեղէն հաճոյքին կտաւներն ալ կը սիրեն փռուիլ վանքերու պատերովը։

Ըսածներդ նոյնութեամբ կը պատշաճին եւրոպացիներու միջնադարեան կեանքին,

Որ սատանաներէն կամ հրեշտակներէն դրութիւն չէ անշուշտ։ Զուիցերիացի լեռնական մը սիւնեցի լեռնականէն ո՞ւր կը տարբերի։ Ո՛չ իր աչքերովը, մարմինովը կամ հաւատալիքներուն տարազներովը, անշուշտ։ Այլ այն դժուար սեւեռելի երանգին, կէս /484/ երանգին մէջ, որով երկու տարբեր արիւնի դրութիւններ, նետուած երկու տարբեր հողային դրութիւններու ծոցը, կը ճարեն իրենց սեպհական մոյնք մը, կերպարանք մը։ Ու ասիկա ճիշդ է հոգիին ալ վրայ։ Տասներորդ դարուն, մեր վանքերը մեր քաղաքակրթութեան սկիզբն են։ ԺԹ. դարուն՝ այդ քաղաքակրթութի՛ւն իսկ։ Ու չես զարմանար, որ ինչու մենք ներկայ մեր զարթօնքը այնքան սուղ երբ կը փորձենք արժեւորել, կը տառապինք նոյն ատեն խորունկ անբաւարարութեան մը հաշւոյն։ Ատիկա նոր շրջաններու մեր պարզած ընդունակութեանց ու մեր արձանացուցած տկարութեանց կշիռն է, երբ իյնայ անշահախնդիր վերլուծման։ Ո՛վ որ, տասներորդ դարու հաշւոյն, կ՚արտաբերէ վանք բառը, կը զգայ, որ իր մտքի դաշտին բուսած են աբեղայ մը, իշխան մը, երկուքն ալ արեան շատ հզօր ճնշումով մը պայմանաւոր յղացքներ։ Այդ աբեղան միւս երեսն է իշխանին։ Անոնք կռուի բնազդին զոյգ կերպարանքներ են, այսպէս պարզեցուած։ Կը կռուին ու կ՚աղօթեն մարդիկ այդ տասներորդ դարուն։ Մէկը սատանաներու վոհմակին, միւսը թշնամիներուն բանակին դէմ։ Տակաւի՞ն։ Անշուշտ երկու այդ տիպարներու միջի՛նը՝ ոճի չելած խմորը մարդոց, միջին կամ միջակ, որ պիտի կրէ կնիքը այդ տիպարներուն։ Ուրի՞շ։ Կեա՜նքը, առանց յաւելուածի, հողին, սերմին, արեան ու կիրքին բոլոր գէջ ու իրաւ տրոփներովը։ Ով որ տասներկուերորդ դարուն համար կ՚արտասանէ նոյն բառը, վանքը, իր մտքին կ՚ունենայ շքախումբը իմաստի մեծ իշխաններուն, գրող, ուսուցանող, հայեցող, գիտուն, բժշկապետ, պատուիրակ ու միջնորդ, հայրապետ կամ աստուածաբան։ Բոլորն ալ, այդ լռութիւններու ծոցին, լարած մեքենան իրենց իմացականութեան, տարիներով սորվելու կիրքով, որպէսզի իրենց կարգին սորվեցնել կարենան…։ Ուրի՞շ։ Անշուշտ։ Կեանքը բաժինը չէր միայն գրողներուն եւ իշխողներուն։ Ով որ վանք բառը կ՚ըսէ, այս անգամ անորոշ ժամանակներու վրայ, մտքով կը տեսնէ բազմութիւններ, որոնք դարեր ու դարեր կը կոխկռտեն, գալու, բերելու համար իրենց ցաւերն ու մաղթանքները նուիրական աղբիւրի մը, մռայլ ջրհորի մը, որոնք պատմութեամբ, հրաշքով ընդելոյզ ձգողութեան մարզեր են, ուր պատկեր մը կը հսկէ մշտավառ լոյսին։ Ու բազմութիւննե՜րը, որոնք այդ դողդոջ լոյսերուն պիտի բանան, բազմաբաւիղ ճամբաներէ, ջուրերը իրենց անսպառ ցաւերուն, որոնք չեն նուաճուիր սովորական դարմաններով, կ՚արհամարհեն տարիքին փաստերը, շատ կանուխէն տեղաւորուելով մատաղ տղոց ոսկորներու խաղերուն կամ փարթամ հարսներու արգանդին, երեխաները ընելով կոխ, ազա/485/զուն, չորնալու հակամէտ, փոխանակ կանչւորելու, չափահասները զարնելով իրենց ամենէն կենսունակ կեդրոններէն, ուտելով քիթը, ուղեղը, ընելով ծերերը՝ բե՜ռ իրենց կարկամ, լոյծ, ապակի գոյնով սրունքներու։ Միշտ, այդ դարերուն համար, դուք պիտի տեղ պատրաստէք ձեր մտքին մէջ ուրիշ կարգէ իրողութիւններու։ Սուրբերը, բժշկողները, տեսանողները, անիծողները, օրհնողները, վհուկները։ Որոնք կը պտըտին, մեռնելէն դարձող, կ՚օրհնեն առանց բառի, կը լուան ցաւին բոլոր նեխած արմատները ու կը ջանան դնել պարզ մարդոց հոգիէն ներս խաղաղութեան ու յոյսին սերմերը, բարիքին հացն ու կարագը։ Մտիկ կ՚ընե՞ս, պարոն հեքիաթ։ Մէկ բառին ետին մշակոյթներու նման վարագոյներ, աստուածներ կը մնան դարսուած։ Մօտեցէք ու խնամքով բերէք լոյսին այդ թանկ վկայութիւնները ու դուք պիտի ունենաք իրաւ տախտակներ։ Այդպէս ըմբռնուած իրողութիւն մըն է հայ մշակոյթը։ Հիմա, երբ սա չոր, պարզ, հիմնականին միայն հետամուտ ու դէպքերուն մօտիկէն հետեւող վերլուծումը ուզես սազել, զարդարել, գրական պերճ տարազներու տակ հանդիսաւորել, մեր օրերու մտքի հսկայի մը ոճին ալ պաշտպանութեամբը, հեռու չես շատ ունենալէ սա տեսակ նախադասութիւններու շարք մը։ « Վանքը, թէեւ օտարամուտ, բայց մեզամերձ հոգեղէն իրողութեանց վկայութիւն, մեր երկրին մէջ գտած է աւելի ընդարձակ, չըսելու համար քոզմիք տարողութիւն, դառնալով ժամանակին սերմերովը՝ հրաշաբուխ «մի հոգեղէն բիւրեղակերպում »։ Միամտութիւն է, աս ու ան դիւրին, անհորիզոն, գետնաքարշ վարդապետութեանց յօդուածներով, հանգանակներով բացատրել յաւակնիլ ինչ որ դարեր ու դարեր մնացած է ընդունարան ամբողջ մեր երկրին ներքին ուժերուն, հակատարր ձգտումներուն, բիւրաւոր հոգիներուն շատ հզօր տագնապներուն։ Միամտութիւն է այդ «հոգեփաստը» վերածել ծանօթ տարազներու, արեւելեան վաղածանօթ ապաթիա ին, մոգական ափոքալիպթիք երեւակայութեան վատառողջ ծնունդ այն կենսամարտ վարդապետութեան, որով կը չորցուին արեան ակունքները, կը մերժուին հողն ու անոր արքայութիւնը, կը փոխադրուին մեր պէտքերուն սլաքները դէպի անգործօն, առանձին անդաճմունքները, ասոնց հեշտանքները, լքելով մեր իրականութիւնն ու անոր դրութիւնը։ Իսթերիք մշուշներու «մի յարձակում է» անիկա, երբ դատուի ներկայ յաւակնոտ հոգեվերլուծման մեթոտներով, բայց է ատոնցմէ վեր, զերծ՝ կերպարանքը հայ մշակոյթին, որ անիմանալի իր օրէնքներով իր միութիւնը կը դաշնաւորէ երկարմատեան աշ/486/խարհին հայոց հայրենիքը, Սուրիան, Իրանը, Արաբիան, իսլամէն առաջ, այդպէս տեսած են ու դատած են կեանքը երկու հակադիր փլան ները, երկրայինն ու երկնայինը իրարու շաղախելով, ու չնմանելով ուրիշներու հայրենիքին, որ գրեթէ միշտ դրութիւն մըն է միամակարդակ, առնուազն հաստատուն հող՝ հոգիին ներքեւ, ասոր անհուն սննդարանը, ուրկէ պակսէր օտարին, վայրիին ուրուականը, ուր տղան զգար իր մարմինը իրմէն անբաժան, իրեն հպատակ ու ապրանք եւ ոչ թէ բոյծի դրուած ձագուկ մը որսի, աս ու ան գազանին ժանիքներուն, ուր երիտասարդը, թեկուզ դասակարգօրէն տառապող, ու հարուստի մը արտերուն վրայ ճակատագրուած խարտեաշ իր արիւնը իբր աշխատանք սպառելու, չըլլար բիրտ սպառնալիքին տակը անդոհին, որ թանձր ամօթի, այրող կսկիծի, անսփոփ տառապանքին քար շապիկովը կը փաթթէ մեր ջիղերուն հպարտութիւնը, մեզ ընելէ ամօթահար մեր ծնունդին իսկ տարիքովը…։ Ի՜նչ կարիք այսպէս գրական պատկերներով բացատրել պարզագոյն իրողութիւնը մեր երկի՜րը՝ անսկիզբն ու անվախճան «մի տրամա» է, ուր արիւնը, սկիհներու տեղ, կոյսերու գանկերը կը գործածէ իրեն արգանդ–աւազան։ Ուր վայելքը՝ շրթունք–շրթունք անցնելու ատեն թոյնի կաթիլ մը իբրեւ կը սառի սարսափին ուրուականէն։ Ուր գոհունակութիւնը, հացին լիութիւնը, աշխատանքին համը կը վախնան սիրտէ սիրտ ճամբայ առնել, քանի որ թեւաբեկ չորնալու, իյնալու ճակատագիր մը այդ ամէնը ըրած է բնազդային դիրտ մը մեր մտքին խորը։ Ուր գեղեցկութիւն, երիտասարդութիւն, իմաստութիւն, ստեղծագործող խոյանք ու հանճարային հնարամտութիւնը ըլլալու փոխան մշակոյթին աննահանջ, մշտակենդան խմորները, կ՚ըլլան զսպանակները անբացատրելի զարհուրանքներու, ոճրասարսուռ մտայնութիւններու հանգոյց ու հանդէս։ Հայոց աշխա՜րհ։ Բայց իր վանքերէն առաջ, հայոց ողբերգութեան կենիգոն ։ Կ՚առնեն լոյսի պէս քաղցր աղջիկը, ճիշդ իր լուսութեանը համար, ըսես՝ քաւութիւն, ու կը նետեն պալատի մը զառամ, մռայլ գերութեան։ Կ՚առնեն համակ հողային համ ու քաղցրութիւն, ուժ ու տեւողութիւն, դնդեր ու գողտր երազ երիտասարդը, որ բարութիւնն է, դաշնակութիւնը, պարզութիւնն ու յոյսը ո՛չ միայն իր տունին, այլեւ՝ իր անասուններուն ու արտին, ու կը նետեն ամենէն ծանր կորանքին ներսը, մարդու որդիներուն գրելի, երբ անկէ կը պահանջեն ուրացումը իր աստուածներուն, հայրենիքին, սորվածներուն, բոլոր սիրականներուն ու ամենէն վերջը՝ ինքզինքին, որպէսզի այդպէս գունաթափ, հոտէն ու համէն տարագիր դառնայ /487/ անիկա օտարին պալատները ոճաւորող տարերկրեայ միութիւն, աւելի յետոյ՝ ուժ ու խելք։ Հաշուեցէք մեր տուածը օտարներուն ու պիտի զգաք, թէ ինչպէս չէ մեռած արիւնաքամ այս ժողովուրդը, երբ իր լաւագոյն սերմերը միտքն ալ սերմային դրութեան կը հպատակի այսպէս կը կորզուին իրմէ, օտարին արգանդներուն պարուրման։ Կ՚առնեն տարիներու անձանձիր ճիգով պսակազարդ գլուխը, զոր խելքը ըլլար իրեն խորան ընտրած, ու այդ իսկ փառքը, գեղեցկութիւնը կործանելու համար կը նետեն վոհմակներու ժանիքին ու ծաղրին։ Ա՛յս է մեր երկիրը։ Ա՛յս է մեր աստուածներուն մեզի հանդերձած կտաւը կեանքի։ Ու այդ երկրի երեսին, վանքը տեսակ մը խորհրդաւոր վառարան, որ իրեն քաշէր հոգեղէն բոլոր ճառագայթումները, խորունկէն փրթած բոլոր վերելակող ուժերը, պատրաստելու համար ինչ որ մշակոյթի հոգի կ՚անուանենք։ Խորքի դրութիւնը ճիշդ լայնքի դրութիւններուն չափով։ Պզտիկ ժողովուրդները իրենց ընդարձակումը կը գործադրեն դէպի վար, խորքերը, մեծերուն հակառակ, որոնք այդ ծաւալումը կ՚ընեն լայնքին։ Մեր Ժողովուրդը խորքի ժողովուրդ մըն է, ասիկա տեսած են զայն ճանչցող օտարները։ Ատիկա կը զգանք բնազդային ստուգութեամբ, երբ ծանր գուպարներու դիմաց կը հետեւինք այդ ժողովուրդին հակազդեցութիւններուն։ Մեռնիլը խորութեան ապահով զգայարանքի մը նուէրն է մեզի, երբ վայելք է ու գինովութիւն։ Գիտէ՞ք, թէ որքան ուրախ կը մեռնէին մեր պապերը «անօրէնին» սուրովը կամ կրակովը։ Յիմար են անոնք, որոնք այդ երանութիւնը հասկնալու, մա՛նաւանդ ուրիշներու հասկնալի ընելու պարտքը կը վստահին քիչ մը երկրապաշտ ախորժակներու։ Քահանան երկինք մը ըլլալէ առաջ, գիւղի մը բժիշկն էր այդ դարերուն, երբ մեր վանքերը կը բուսնէին մեր հողերէն։ Աւելի պարզ, բնական պիտի չըլլար մեր պապերը ապրիլ, մեր հաշւոյն, իրենց հարազատ դրութիւններուն ներսը։ Քաղաք մը՝ ապրանք, մեղք, ապականութիւն, արուեստ արտադրող կազմակերպութիւն մըն է։ Վանք մը՝ գործարան, անշուշտ (բառը կը գործածեմ բնախօսական առումով) ներքին ծորումներու։ Endocrine գեղձերը միայն մարմնին սեպհականութիւնը չեն։ Հազար ու աւելի տարիներ մեր հոգիին մէջ այսօր հաստատելի ծորումներ, հաւանաբար հեղինակն են անբացատրելի հակասութիւններու։ Քանինե՜ր հարցուցած են իրենց խղճմտանքին ի՞նչն է միջամտողը, որպէսզի այսքան բազմաշնորհ ժողովուրդ մը այսքան ողբերգական պատմութիւն մը ըլլայ ունեցած։ Ու կը մնան շուար՝ զետեղելու համար իրենց ժողովուրդին ճակատագիրը դուրսին թէ ներսին պարունակին։ Մեր հոգեղէնը թո/488/րեցին մեր վանքերը։ Նայեցէք անոնց ու նայեցէք մեր լեռներուն։ Ըսել, թէ անոնք երկուքն ալ կը նային երկինք, կը ձգտին անոր, մանրանկար երկինքն են արդէն, չի նշանակեր գրական հռետորութիւն մը, պատկերապաշտ ունայնամտութիւն ճամարտակել, այլ թերեւս կը նշանակէ թելադրել մեզի յատուկ, ամենէն շատ մեր մէջ ոճաւորել հոգեխառնութիւն մը, որ մեր հողեղէն կերպարանքը ազատագրեր կոշտ, անբան շեղջերուն ճակատագրէն։ Չեմ ըսեր, թէ վանք չունեցող ժողովուրդներ չեն տուած փաստը հոգեղէնին։ Դասական մշակոյթը իր աստուածները կը պաշտէր մեծ փարթամութիւններով, բայց կը զգուշանար խոշոր ուխտավայրերը բազմացնելէ, վասնզի հոգին կոտորակել պիտի նշանակէր ատիկա։ Խորութեան զգայարանքը մօտէն զուգորդ է երկինքին, բայց ընդարձակուած եւ ոչ թէ եօթը պարկերու վրայ ճարտարապետուած երկինքի մը։ Մեր վանքերուն ստուար մասը կու գայ խորքերէ ու անոնք քերթուածներ են ծաղկած այդ ընդերքներէն։ Հոգիին արգանդնե՜րը։ Անշուշտ։ Ունի՞նք, վայել տրտմութեամբ, հիացումով, սխրանքով խորհած անպատմելի այն ձգողութեան, որ այդ շքեղ կամ համեստուկ կառոյցները կ՚ընէր այնքան զօրաւոր, ամենահաս։ Մեր արքաներուն պալատները իշխանազուն տիկիններուն նազանքն ու քնքշութիւները կը պատմէին հաւանաբար զանգուածներուն բեկ, չորցած զգայարանքներուն։ Մեր մայր տաճարները եպիսկոպոսներուն, կաթողիկոսներուն խուլ փառասիրութիւնները կը հանդիսաւորէին թերեւս, շատ-շատ քաղաքներուն շուքն ու մեղկանքը կը լուսապսակէին ու էին տեսակ մը կրկնութիւնը բարձր դասու ապրումներուն։ Նոյնն է պարագան ազգատոհմեան դամբարաններուն։ Վանքերը անշուշտ աւելի մօտիկ էին սանկ աւանի, շէնի ժամերուն, որոնք չէզոք սրբութեամբ միայն կը մնային պաշտպանուած։ Ամենօրեան մաշեցուցած ըլլալու էր այդ շէնքերուն խորհուրդին մէկ կարեւոր մասը։ Կեանքին խոշոր հանգրուանները ծնունդ, հարսնիք, թաղման կարգ ընտանեցուցած էին այդ եկեղեցիին երկնասլաց պատգամները։ Ուխտավայր մը տարբեր հոգեղէն բխում մը կը պատմէր, կ՚արձանագրէր։ Քիչ մը ծանր ճի՛գ, որպէսզի կարենաք թօթուել ձեր երեւակայութեան թառամած թեւերէն ժամանակին փոշին, գիտութեան յաւակնոտ կարգախօսներուն բեռը, զանոնք ունենալու ազատ ու բանալու դէպի վար դարերը։ Կը տեսնէ՞ք, թէ ինչ անդիմադրելի մղումով մը կը փրթին զանգուածները իրենց տուներէն, մեր երկրին ամենահեռու խորշերէն, իրենց հիւանդները, հաշմանդամները, ցաւագարները իրենց կենդանիներու քամակին տոպրակած, կը քալեն հա՜ կը քալեն, կը /489/ կտրեն դարեր ու փոսեր։ Խո՜ւլը։ Հա՜մրը։ Կոյրն ու լուսահարը։ Խենթն ու տեսանողը։ Ստերջն ու արգանդահարը։ Հարուստն ու աղքատը։ Ոճրագործն ու սուրբը։ Իչխանն ու մուրացիկը։ Լման հայոց ժողովո՜ւրդը։ Միշտ դէպի մթին անդունդները ուխտավայրին կամ լուսաշող մատուռիկը բարձունքներուն։ Փռելո՜ւ իրենց թաքուն մեղքերուն փաստերը սեւաւոր նկարի մը, ոսկեդրուագ պահարանով ոսկորի մը գութին։ Լալու, հառաչելու, բզկտելու իրենց կուրծքերուն ծանր գեղեցկութիւնը, որուն ձգողութիւնն էր ու հաւանական հեղինակը զիրենք անորդի ընող պատուհասին։ Կործանելու իրենց գլուխներուն ամբարտաւանութիւնը։ Կաթիլ-կաթիլ տեղալու ներքին մեղքին մարմինները բիրտ անապատականի շիրմաքարին, երբ կը լուային իրենց արցունքներով ազազուն մտապատկերը քարին տակը աննինջ քնացող նահատակին, իր կրօնքը պահելու համար մերժած անօրէններուն կնիկները (մեր վանքերը մեր պատմութիւնն են սրբագրուած, սազուած ու միթ դարձած Ու շարունակեցէք բաց պահել ձեր մտքին թեւերը, որպէսզի հետեւիք քանի մը օրերու խորունկ հոգեխառնութեան, աղօթքի, խմիչքի, նուագի, հրաշքի, խենթեցման իրարամերժ կերպարանքներուն։ Հետեւիք այդ մարդոց դարձին, իրենց տուները ու իրենց ցաւերը, բայց աւելի արի, թեթեւոտն, որքան չէին ասիկա, երբ կը վազէին իրենց ուխտերուն։ Ամուր պահելով խորն իրենց հոգիներուն պուտը խորհուրդին, փշրանքը երկինքին, որոնք այդ վանքին կամարներուն տակ կը մատուցուէին իրենց, շինական քահանայի մը խնկահամ մատներէն։ Ու կեանքի՜ն։ Անոր այն մասին, զոր պիտի տանինք կորաքամակ կամ բարձրավիզ, բայց միշտ նոյն ակօսով, որ կը յանգի մեր սեպհական միակ ստացուածքին երկու կանգուն խոր ու մէկ կանգուն լայն փոսին, ինչպէս կը պատկերէ զայն մեր իմաստուն ժողովուրդը։ Ու կեանքի՜ն։ Այսինքն՝ անոր այն մասին, որ չերեւար, բայց կայ մեզմէ անդին։ Մենք ամէնքս մաճակալնե՜ր՝ երկինքին անհուն, անտատասկ արտերուն, հոն նետելու համար սերմերը արդարութեան, բարութեան, սրբութեան ու անթառամ վայելքին …։ Մեր վանքերը մեր երկրէն, պարզ աչքերու անտեսանելի, բայց հոգիի աչքերուն համար չափազանց պայծառ բռնկումի, անկէզ մորենիի քարեղէն վկայութիւններ են, եղան դարերով։ Արեան ու կրակի ուրուականները յաճախ անոնց հողէ պատերուն առջեւ զգաստացան, ըսես շանթահար ներսը պառկող սուրբին զայրոյթէն։ Մեր իմացականութիւնը, պալատներէ հալածական, ապաստան որոնեց այդ ամայքներուն ներսը ու պահեց անմար, ազազուն ջահը Լոյսին։ Բռնութեան, գերութեան, կործա/490/նումի, կոտորածի դասական մրցարանը, իր բուն անունով՝ հայոց աշխարհը, եթէ չամայացաւ, չվերածուեցաւ անդարձ կերպով մը անապատի, հրաշքը ես կը փնտռեմ այդ ոսկորներուն խուլ ծորումներէն։ Ու տակաւին ինչե՜ր։ Սրբապիղծներ են բոլոր անոնք, որ մեր միսթիք ին այդ հրաշահիւս գործարանները կ՚ուզեն տեսնել ԺԹ. դարու բանապաշտ ախորժակներով։ Այսպէս գրուած գիրք մը, իրա՛ւ որ մշակոյթի մեծ մատեան մը պիտի դառնար։

Պիտի ներես, որ կապ մը տեսնել չկարենամ ըսածներուդ եւ առհասարակ մշակոյթ որակուած յղացքին միջեւ։

Ի՞նչ կը տեսնես մշակոյթի տարազին ետին։

Օ՜, շատ ու շատ բան։ Բայց մա՛նաւանդ մեծատարած փառք։ Ստեղծագործ խոյանք։ Ցեղային հզօր ընդունակութիւններ։ Գէթ որքան կը հասկնամ գեղագէտ-քննադատներու, մտքի հսկաներու լեզուն։ Վասնզի վանք մը, քու թելադրել ուզած հոգեղէն իրողութիւններուն մրցարան, փեթակ, ապրումներու հանդէս մը ըլլալէ առաջ՝ շէնք մըն է, այս անգամ առանց շքախումբի յաւելումներուն։ Շէնք մը, հոգեղէն թռիչք մը, թեւաւոր սառում մը, երկնայինին մանրանկարը ըլլալէ առաջ՝ քարէ քերթուած մըն է, լաւագոյն ներշնչումներու ծնունդ, ճարտարապետութիւն մը։ Ու ճարտարապետութիւնը իմացական հսկայ բիւրեղացում ըլլալէ առաջ՝ քարին ու գիծին, կիրին ու շաղախին, մարմարին ու երկրաչափութեան դաշն օրէնքներուն գիտութիւնը։ Այսօր «երկիւղիւ եւ հաւատով» կը խոստովանինք, որ Եւրոպայի քարեղէն մշակոյթներուն, մայր եկեղեցիներուն քանի մը մեծ գեղեցկութիւնները, գմբէթը, կամարը, սիւնազարդերը, զուսպ թռիչքը մեր մոթիֆ ներէն փոխ առին անոնք։ Անծանօթ չես կրնար ըլլալ այն գրականութեան, որ այդ փառքն է երգած քնարական զեղումներով։ Սո՞ւտ են մշակոյթի մեծ վարպետներուն եզրակացութիւնները։ Կրնա՞ս հերքել Սթրիչովսկին։

Նոյնիսկ այն պարագային, որ այդ ամէնը ըլլային անառարկելի կերպով ճիշդ, զիս չէին կարող խանդավառել։ Մշակոյթ մը հաւաքական համադրում մըն է։ Ու մեր պատմութիւնը մեզի չէ կտակած շրջաններ, ուր ներելի ըլլար տեսնել կերպարանքը այդ համայնական ապրումներուն։ Շքեղ մշակոյթի մը աւերակները անշուշտ չեն հերքեր ստեղծագործ ընդունակութիւններ։ Իմ վերապահութիւնը կը տարածուի մեր մշակոյթին բռնի ճարուած, որով եւ ոչ-հարազատ վկայութեանց արժէքին։

Լա՛ւ։ Բայց ինչո՞ւ չես ազատագրել այդ մշակոյթը փոքր, անկշիռ, գրեթէ միշտ խեղճ մարդոց ամէն վանական պարտուած /491/ մըն է կեանքէն բազուկներէն, մեղքերէն, առաքինութիւններէն։ Մշակոյթը, անհատներով գոյաւոր, անհատը անհետ ընելու գնով պայմանեալ յաջողուածք մըն է։ Ո՛վ կը մտածէ հսկայական շէնքերու փառքին առջեւ զանոնք ոտքի նետող միտքին, թէկուզ հանճարին։ Եղար բուրքերուն շուքին ու չայցուեցար եպինոսեան ճարտարապետէն, որուն ուղեղէն փրթան օրէնքները այդ ամբարձումներուն։ Այցելեցիր արեւմտեան մեծ յիշատակարանները, բայց չուզեցիր հետաքրքրուիլ զանոնք հողն ի վեր դիզող իմաստուններու հոգեբանութեամբ, ստեղծագործ հանճարովը։

Բայց մտածեցի անոնց, որոնք այդ մարմարները, սիւները, ոսկին, կիրն ու շաղախը հող ըրին տրամադրելի։ Միշտ կը հաւատամ, որ նախանիւթը, հագնելէ առաջ ոգի, է՛ արդէն ոգիի մը շուքովը յղի խմոր մը։ Հանճարի մը մատուըներովը կերպարանք առնելէ առաջ՝ այդ քարն ու կիրը կը մնային յատակ այդ հոգիին։

Դաս չեմ տար։ Բայց քեզմէ սորված եմ, որ տասնըհինգ ու տասնըվեցերորդ դարերու թրքական մեծ յիշատակարանները, քու ակնարկած ոգեղէնը ըլլալէ առաջ, սայլերու վրայ Արեւմուտքէն ու հարաւէն դէպի Պոլիս փոխադրուած կողոպուտը՝ ուրիշ ժողովուրդներու հարստութիւններուն։ Պատմական դաշտ մը ճակատամարտի մը, թուրքին համար կը նշանակէր շքեղարձակ մզկիթ մը, քանի մը մայրաքաղաքներէ մէկուն կամ միւսին ամենէն բարբարոս մէկ հրապարակին։ Այդ մզկիթներուն ամէն ինչը կու գար այդ պարտուած Եւրոպայէն։ Ու քու ենթադրած նախատարր հոգեղէնը ի՞նչ դեր պիտի կրնար ունենալ այդ մզկիթներուն սլացքներուն մէջ։

Պատմութեան վրայ ես։ Սուտ չեն փաստերը։ Զանոնք արժեւորելու եղանակդ է, որ կարօտ է սրբագրութեան։ Ինչո՞ւ չես փնտռեր, տեսներ սայլերու վրայ այդ կապուտն ու կողոպուտը փոխադրող ոգին։ Թուրքերը մեր օրերուն միայն, անսալով խուլ վարժութիւններու, տկարներ կը մորթեն ու թուղթէ, գիրքէ փառքեր կը մուրան, երբ աւելի քան իրաւ էր իրենց պատմութիւնը բանակներ հնձողի։ Արդար է մտածել, որ տասնըհինգերորդ դարուն անոնց զէնքերը չէին տարբեր խմորէ, քան անոնք, որոնք Եւրոպայի արեւելեան ժողովուրդներուն ձեռքերը գտնուեցան, բախտորոշ բախումներու դաշտին։ Ձին ու պողպատը նոյնն էին Պրուսա թէ Նիկոպոլիս։ Յաղթանա՞կը։ Ո՛չ բախտ էր, ոչ ալ վիճակահանութեան տոմսակ։ Վերցուր թուրքին երակներէն այդ կատաղութիւնը, ահաւոր ախորժակը՝ ուրիշներու արիւնէն, ինչքէն, հողէն ու կնիկէն, բերքէն ու բարիքէն, դուն վերցուցած կ՚ըլլաս յաղթանակին ո /492/ գին ։ Հիմա չունիմ ժամանակ պատմութիւնը շրջելու, թուրք ու բոլոր յաղթական արշաւանքները հասկնալի ընելու։ Մէկ բան միայն ստոյգ է։ Ու ատիկա յուզելն է ուժը, ուժին սիրոյն։ Մշակոյթը այդ ուժն է ահա, իր նախնագոյն կերպարանքին տակ, շատ հեռու՝ փառքէ, գեցեցկութենէ ու ասոր գիտութեան յաւակնութիւններէն։ Ուժը միշտ իրմէն դուրս ծաւալում կը նշանակէ։ Անոնք, որ կը բաւեն իրենց, պիտի ունենան այդ բաւածը միայն, որ կրնայ պարզել անուշիկ արժէքներ, բայց երբ հանուի մեծ իրողութեանց շուկան, կը դադրի իր վարկէն։ Կան այդ ժողովուրդները, որոնցմէ մէկն է քու ժողովուրդդ։ Անոնք, որ կ՚աւելնան իրենցմէ, այդ իսկ հանգամանքով, պիտի ողողեն իրենցմէ դուրսը: Առանց յաղթանակի մշակոյթ չկայ։

Թուրքին մշակո՞յթը։

Բայց իր գոյութիւնը, պարոն հեքիաթ, եւ քիչ ուրիշ բան: Ինչպէս հայ մշակոյթը՝ իր գոյութիւնը եւ ոչ ուրիշ բան։ Մշակոյթը հող է, կիրք է, արիւն է, քրտինք՝ գեղեցկութիւն ըլլալէ առաջ։

Քու տիրական վարդապետութիւնդ։ Բոլոր ճամբաները դէպի կեանք ։

Ո՞ւր պիտի ուզէիր, որ յանէին այդ ճամբաները։ Կրնա՞ս հերքել, որ ամէն մշակոյթ երակներով, ողնածուծով կը զարգանայ։ Պարտուող ժողովուրդները պատմութիւն ունին, բայց չունին մշակոյթ։

Քու ժողովո՞ւրդդ։

Իմ ժողովուրդս չէ պարտուած։

Իրաւ տարօրինակ մարդ մըն ես։ Ո՞ւր կը դնես իր գերութիւնը։

Ժողովուրդ մը պարտուած է միայն ա՛յն ատեն, երբ կ՚ընդունի այդ պարտութիւնը։ Իմ ժողովուրդը միայն մեր օրերու Սփիւռքին մէջն է ընդունած իր պարտութիւնը։ Բոլոր ջարդերէն անիկա յաղթական դուրս եկաւ ու հիմա է, որ կը համակերպի իր պարտութեան։ Մեր պապերը խորունկ հաւատքով դիմաւորած են մեր կորուստները, վասնզի վստահ էին, որ հոգեպէս կ՚արժէին աւելի քան զիրենք գերողները։ Այսօր մեր տղաքը կ՚ամչնան այդ հաւատքէն, երբ Միջին Արեւելքի խաժամուժէն իսկ իրենց նուաճուիլը չեն ըներ նիւթ խորհրդածութեան։ Այս խօսքերը վերջ չունին սակայն։ Ժամեր կայ, որ կը դառնան բառերը։ Ու իմ ըսելիքներուս ճղճիմ մասն իսկ դեռ չէ սպառած։ Յոգնեցուցիր զիս ու լաւ կ՚ընես, որ գլուխդ առնես ու քաշուիս։ Քեզ հալածողները պահէ իրենց երանութեան մէջ, չ/493/տալով սակայն առիթ, որպէսզի վէճի բռնուին հետդ։ Սեղմէ ակռաներդ, ո՛չ բարկացոտ կամ նախանձաբեկ, այլ՝ քեզի դէմ, քու կողմէդ գալիք ամէն տկարացման դիմանալու համար։ Վտանգը ո՛չ քեզ կործանողներէն, ոչ ալ շոյողներէն կը կազմուի։ Գիտես, որ ինչպէս չէզոքացուցած եմ ինքզինքս այդ թթուներուն դէմ։ Վտանգը ստոյգ է, երբ կը տարակուսիս քեզմէ։ Հիները պիտի ըսէին, թօթուէ ոտքիդ փոշիները բոլոր այն տեղերէն, ուր քեզի դէմ անարգանք կը հաստատես։ Ես կ՚ըսեմ, անարգանքի ու դրուատիքի կայարանքներդ չորցուր, փրցուր ու նետէ ներսէդ։ Շա՞հը։ Շատ ու շատ, տղա՛ս։ Ի՞նչ խաղաղութիւն ինքզինքը զերծ պահած ըլլալ կիրքէն ու ցանկութենէն, կորանքէն ու պանդոյր փառաբանութենէն։

Յոբելեա՞նը։

Ու այդ գերագոյն ալ ամօթէն։ Մեր ժողովուրդը կը տառապի իր ամէն մէկ բնիոնին հաշւոյն, զոր ստիպուած է զիջիլ իր մտքի մէկ աշխատաւորին։ Ու չեմ զարմանար։ Յոբելեանը պետական միջոց մըն է ու քու ժողովուրդը պետականին զգայարանքը ո՛չ թէ մոռցած է, այլ չէ իսկ ունեցած։ Կարելի է հաշտուիլ ճակատագրին։ Ա՛ն՝ որ ուրացումը կը հանդուրժէ, անոր հետ կը հաշտուի, անիկա ի վիճակի է զրկանքն ալ մարդկայնացնելու։ Մեծապատիւ մուրացկանները ազգային թեմա մը դարձան մեր նոր շրջանին եւ Սփիւռքը աս ալ անկարելի կը դարձնէ ահա։ Գրագէտը Պոլիս ազգային հիւանդանոց մը ու ազգային թաղում մը ապահոված կ՚ըլլար շատ կանուխէն։ Մենք հիւանդ իսկ ըլլալու արտօնուած չենք, կը հասկնա՞ս։ Յիսուն ու աւելի տարիներ մեր ժողովուրդին ծառայող ուսուցիչներ մենք փողոց կը նետենք հիմա։ Ա՛լ խօսք չեմ ըներ գրագէտին, զոր միշտ պիտի դժուարաւ հանդուրժեն։ Գնա՛, բարեւ ըրէ քեզ քարկոծողներուն, որ Օշականը ձեզի համար երկինքէն ներողութիւն իսկ չի մտածեր ուզելու, քանի որ կ՚անգիտանայ ձեզ բոլորդ։ Իրենց խունկն ու մոմը իրենց ու իրենց ժամերուն»։

Մօտ է առտուն։ Աչքերս կը գոցուին։ Խաղաղ կը հետեւիմ հեքիաթին շուքին, որ կը հեռանայ։