Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Oշականի վէպին մէջ առանձին աշխարհ մը չէ անշուշտ վիպակը։ Բայց մենք անոր գործին մէջ վիպական կը հաստատենք մասնաւոր կաղապար մը, իրեն միայն յատուկ։ Հեռու ըլլալէ պատա/117/հական, այդ եղանակը Օշականի ստեղծագործութեան վրայ գրեթէ հրես մըն է, վիպելու բացառիկ կերպ մը, ուր «Խոնարհները»ին թեթեւութիւնը եւ «Ծակ–պտուկը»ին ծանրութիւնը գտնէին դժուար, բայց իրական հաւասարակշռութիւն մը։ Վիպակը, պատմուածքը, նոր ու բախտաւոր բառով մը` նորավէպը, կը պահանջէ ուրիշ շնորհներ, գրեթէ մասնաւոր։ Եւրոպացիները ունին conteurը, այդ իմաստը շրջանակող։ Ուրիչ է վիպասանը, romancierն։ Քիչ անգամ լաւ Վիպասան մը լաւ ալ պատմող մըն է։ Չեն կարդացուիր գրեթէ Տոսթոեւսկիի վիպակները։ Չեն կարդացուիր գրեթէ Մօփասանի վիպակները (մէկի բացառութեամբ)։ Երկու շնորհներուն ընդունարան կա՞ն գրողներ։ Կա՛ն, թէ եւ հազուագիւտ։

Մեր մէջ այս զանազանութիւնը դեռ դրուած իսկ չէ։ Լաւ վէպ մըն է «Վարժապետին աղջիկը»: Գ-էշ վիպակներ են Կամսարականի բոլոր պատմուածքները։ Լաւ վիպակներ ունի Մ. Կիւրճեան։ Անբալական վէպ մըն է «Մարտիկ աղաթն։ Անհաւասար վէպ մըն է «Աղջկան մը սիրտը»։ Յաջողակ պատմուածքներ կրնանք նկատել «Կնոջ հոգիները»։ Նորավէպի իշխանը (Զօհրապ) չտառապեցաւ անաւարտ ձգելէ Նորդիկը։ Ան, որ կը կարդայ «Երբ պատանի են»ը, կ՚այցուի՞ մռայլ կառոյցովը «Մնացորդաց»ին։ Բայց ան, որ կը կարդայ «Վերջին բաժակը»էն ետքը «Քողը» . Եսայեան) կ՚այցուի անպայման առաջին գործէն։

Օշականի վիպակները [1] իբր քանակ վար չեն «Խոնարհները» էն։ Իբր որակ՝ անոնք պահելով հանդերձ ասոնց ազատութիւնը, գործադրումը, մթնոլորտը՝ ներքին ապրումներէ, տակաւ կը ստանան բանաստեղծական որոշ խտութիւն մը, որ համադրական նկարագիր մը կու տայ մարդոց, ինչպէս զանոնք լարող յոյզերուն։ Առանձին եղանակ մը, իրենց մեծ մասին մէջ, հեքիաթ մը շատ մօտիկէն յիշեցնող, որ նոյն ատեն կը քսուի համբաւաւոր արձակ քերթուածին, վտանգելու չափ պատմում էին հիմնական առաքինութիւնը, թուելով զառոստիլ դէպի արձակ նկարագրումը, բայց մնալով վտանգէն ասդին: Այս կարգի էջ մըն է «Մահուան ծաղիկները» («Խորհուրդներու մեհհանը» ), ուր սիրոյ անլրջագիծ պատմութիւն մը կ՚ազատագրուի զինքը իրականութեան կապող պարտքերէն ու կ՚ըլլայ առանձին ինքնութիւն մը : Եւ որովհետեւ թեքնիքը կանչուած է պաշտպանելու իրար/118/մէ տարբեր մտահոգութիւններ, չըսել ինչ որ նման պահերու մեր հոգին պիտի ըսէր ինքնաբուխ Հուրքով մը: ըսել ինչ որ չի կրնար Լռել, արդիւնքը, այսինքն՝ սեւեռուածը, կ՚ըլլայ այդ երկու վիճակներուն հակադիր կերպարանքը։ Մտէք հոգեբանութեանը մէջ երիտասարդին, որ իր փնտռուած գլուխը ազատելու համար բախտէն բացուած դուռնէ մը կը մտնէ ներս։ 915ի Պոլիսն էր ատիկա։ Այդ երիտասարդը մա՛նաւանդ կալանաւոր ողբերգութիւն մըն է, աշխարհի ամենէն սրտաճմլիկ խորհուրդներէն մէկը։ Կարիք չկայ զայն յօրինող ուրիշ յատկութիւններու թուումին։ Փնտռուած այդ տղաքը գործիչ էին, գրող էին, կուսակցական էին, կրակ ու բոց զգայնութիւններ էին։ Լռեցուցէք բոլոր այդ հանգամանքները։ Ու կեցէ ք ամ են էն պարգին առջեւ, որ երեսուն տարեկանին հրաշքն է սա մեր աշխարհի երեսին։ Ու այդ հրաշքը մասնաւորեցէք Հայ հոգեբանութեան մը խորը։ 1915ը բա՞ւ էր ձեզի թելադրելու, թե ինչ կրակ էր մեր ժողովուրդին սիրտը։ Կը մնար Պոլիսը միայն այդ կրակի կույտին։ Ու դրէք այդ երիտասարդին զգայարանքները սուգի մը հետ դէմ առ դէմ սուգը երիտասարդ կնոջ մը, որուն սիրելին ինկած էր հեռուն, տարագրութեան դժոխքին մէջ, Պոլսէն աքսորական։ Կը կարդաք դիւրութեամբ սա տրաման։ Բայց ապրի՞լը։ Օշական ապրած [2] է այդ տրաման, որ /119/ թատերական բառ մը չէ։ Մեր կեանքին մէջ կան պահեր, ուր մատը այնքան ընտանի, մօտ, իրաւ կը դառնայ մեզի իր սարսափէն սրբագրած, նոյնիսկ ցանկալի։ Հեշտանք մըն էր անիկա, իր ամ ենէն նեղ, խորունկ տագնապան. քը կախարդօրէն փարատող։ Ինքնասպանութիւնը իբրեւ մտածում կրնայ մեզ մատնել անձկութեան, իբրեւ արարը՝ ազատութիւն մըն է, ամենէն սրբազաններէն։ Բայց անդին է հեշտանքէն, երբ այդ մատը կերպարանքը կ՚առնէ մեր հզօրագոյն շգացումին պատմուճանովը։ Այդ զգայնութեան, ապրումներուն ընդմէջէն գիրի ինկած են «Մահուան ծաղիկներ»ը կազմող կտորները։ Այս լուսաբանութիւնները փղշտացիներուն բաւարարութիւն չեն խոստանար հոս, այլ կը ջանան թելադրել խորութիւնը, որ այդ բառե/120/րուն ներքեւ կը փորուի, հերիք է, որ զանոնք քակել ուզէ ինք։ «Մահուան ծաղիկներ»ը սիմպոլիսթ պատմումը կը յիշեցնէ, բայց առաւել քան իրաւ է իբրեւ մանր սղոցուած ապրում։

Նոյն անլրջագիծ իրականութեան սեւեռումներ են «Վկայութիւններ»ը, մահուան հետ ուրիշ ճակատէ մը ոգորող խլեակին, որ իր խենթ ու յամառ կիրքերուն մէջ յանկարծ կ՚ընդունի տժգոյն նաւորդը, ճակատագրին նաւակը քչելով այդ խլեակին կմախքին։ «Եկուր»ը պատմում ըլլալէ առաջ տառացի ապրում է, իր ամենէն յետին մանրամասնութեանց մէջ իսկ վաւերական։ Կը կարդաք ու կ՚անցնիք, բայց չէք /121/ կրնար չհամակուիլ պատահարին ամենախոր մարդկայնութեամբը։ Նոյնն է պարագան «Մայր սուրբ»ին, որ իբր թէ գրական վերլուծում՝ դարձեալ մահուան հանդէս մըն է եկեղեցական արարողութեան մը պաչուն ապրուած։ Նոյնն է պարագան «Աղաչեմ զամփոփոխելի) աղօթքին վերլուծում էին մէջ, ուր աղօթքին թեւովը Օշական կեանքին կը դառնայ, մահուան Հետ ճիտ-ճիտի։ «Սիոն»ի մէջ գրական վերտառութեան տակ բազմաթիւ կտորներ այդ մարզանքէն կը բերեն կարելի թանձրացումներ։ Բոլոր այս պատմումները իրենց նախատիպը չունին մեր գրականութեան մէջ։ Անոնք չեն ալ պատկանիր տպաւորապաշտ սեռին, որ անձէն դուրս ու անդին առաւելապէս իմացապաշտ ձգտումներու կը սպասարկէ, այս մէկին մօտ դէպի նկարչութիւն եւ մտածում (Չրաքեան ), ան մ իւսին մօտ դէպի զգացական կեդրոններու մղձաւանջը (Տիկին Եսայեան), երրորդի մը մօտ ձեւի, ձայնի փոփոխութիւններ (Աղեքսանդր Շաքլեան)։ Կեանքը իր աստեղային ճառագայթում ին վերածող սա թեքնիքը ու իրերը կեանքով չոգեւորելու սա կախարդութիւնը կը մնան առաւել քան պարկեշտ։ Նման վիճակներէ Եղիա (Վերլուծումներ) Հանած է, թէ եւ իրաւ, բայց միշտ ալ յաւակնոտ էջեր, գրականութիւն փառասիրող ու զայն հոտող։ Օշական գրականութենէ իր խորշանքը մա՛նաւանդ այդ ծփուն նիւթերուն վրայ զգոյշ ու արթուն հոգով մը բարիքի է վերածած։

Ու կան տակաւին «Երբ պատանի են»ը, «Երբ պզտիկ են»ը, առաջինը հատորի մէջ, երկրորդը ցրուած թերթերու մէջ։ Այս գրուածքներուն յատակը կեանքն է դարձեալ, բայց հանուած զինքը մասնաւորող բոլոր հանգամանքներէն ու տարուած միակ լոյսի մը, գոյնի մը, կերպարանքի մը խստապահանջ պարզեցման։ Ո՞վ չէ եղած պատանի։ Բայց Օշականի հատորին մէջ այդ տարիքը տրուած է կախարդական պրիսմյակին ընդմէջէն, որ տարիքը բնորոշող անլրջագիծ ըզդացումն է դարձեալ։ Ըլլա՛յ անիկա քաղաքի մը մէջ, ըլլա՛յ, դեղին այգիներուն խորը, պատանին է, որուն համար աշխարհին միւս բոլոր ապրումները գրեթէ կշիռ չունին, բացի այդ մէկէն։ Տարփանքի ո'չ թէ պատմութիւններ են «Երբ պատանի են»ը կազմող կտորները, այլ՝ այդ տարփանքին կախարդական հայելիները։ Եւ որովհետեւ այդ ապրումները պայմանաւոր են իրաւ ալ կեանքով, դուք կ՚ունենա երազին բարձրանալու համար դժկամ, բայց հողին վրայ փռուելու համար ալ անտրամադիր յօրինումը։ Կը շինուին պատկերները, արագ, կտրուկ, թելադրական, վաղանցուկ, ճիշդ ինչպէս կը տրուի է եզի այս գնացքը հաստատել մեր կրունկներուն ետին, երբ վար ենք քսանէն ու կը քաչուին. ք դէպի մութ մագնիսները սեռին։ Խռովք, /122/ տրտմութիւն, կրակ, կիրք, սեռը յատկանչող ուրիշ մասնաւորումներ։ Ու արտաքին աշխարհ էն ա յն. քան մը բան, որքան անհրաժեշտ է կայք, կա յան ճարելու համար այդ ծփանուտ զգայնութիւններուն։ «Երբ պզտիկ էն»ը ուրիշ աշխարհի մը երազայնացումն է դարձել։ Անոր մանկութենէն ձեր գիտցածը քիչ, որքան անբաւական, որպէսզի կարենային ապրիլ լիութիւնը տղուն, տասնէն վար, որ կեանքը խըմած է լեղիի բաժակով, ճարած իր ջիղերուն սրբազան հիւթը աշխարհի ամենէն ահաւոր, աղտոտ ալշիմիի մը գնով, զրկանքին ու անօթութեան հաճ, հաշտ որովհետեւ անխուսափելի միւռոնովը։ Գրուէին այդ ամէնը, դուք կունենայիք ամ ենէն տրտում ու իրաւ դիրքերէն մէկը։

Ուրիշ եղանակ «կայսերական յաղթերգութիւն»ը։ Այդ պատմուածքներուն յատակը կու գայ տարագրութիւնը։ Բոլորն ալ պատմուած են հեղինակին՝ վաւերական վկաներու բերանով։ 1920–22ին, այդ նիւթը դեռ չէր բիւրեղացած։ Օշական, այդ կտորները գիրի նետած պահուն, խռովքին մէջն էր վերապրողներու դրուագումներուն։ Աւելի յետոյ, անոր մէջ իրականութիւն՝ «Մնացորդաց»ին երրորդ հատորը, «Դժոխք»ը։ «Կայսերական յաղթերգութիւն»ը նախափորձ մը չէ անլույս ապագայ մեծ կառոյցին։ Բայց կը պատմէ հեղինակին հիմնական ձգտումէն, իրականութիւնը սեպհական ոճի հանելու իր կիրքէն։ Այդ կտորները, գրուած օրը օրին, խմբագրատունը, Կիրակիի թիմերուն համար, կարելի է ուրուագիծեր ընդունիլ։ Անոնք չեն բառեր տրամը ընդգրկող փառասիրութեան մը։ Բայց կը նուաճեն պահը, տեղը, դրուազը։

«Հինէն ու նորէն»ը, «Հին պատմութիւններ»ը, մէկէ աւելի հեքիաթներ Օշականի երկրորդ եղանակին վրայ ապահով նմոյշներ են։ Անշուշտ շատ անձնական, շատ եսակեդրոն (հիները պիտի ըսէին Ենթակայական է այդ կտորները պատմումներ են ամ էն բանէ առաջ, հեռու է հեռու մեր իրապաշտ նորավէպը թելադրող, բայց անկէ հիմնովին տարբեր, քանի որ ո՛չ բարքեր, ոչ ալ ընկերային ցանկութիւններ, ո'չ բողոք, ոչ ալ գրական յաւակնութիւններ չեն խաթարեր անոնց պարզ կառոյցը, կեանքին իրը հանդիսարան ծառայելու իրենց պարկեշտութիւնը, բնական է, ու բնութեան նման վեր ամ էն կազմակերպուած, վարդապետական ձգտում է։ Զօհրապ երբ կը պատմէ տրամա մը, նախ խանդավառ է անկէ հանուելիք բարոյական դասով։ Դուք տեսաք, որ «Խոնարհները» հեռու էին նման ամեն առաջադրութենէ։ Նոյնն են պայմանները միւս վիպակներուն։ Այս պարզութի՛ւնը անոր համար, վասնզի թեթեւ լեյտ մը կրնար այդ պատմումները աղ/123/մկել։ Ի վերջոյ, վիպակին գոյապատճառը ինքզինքը փռելը չէ տողերուն ներքեւ, մելոտրամ, հիւանդութիւն, նարկիսականութիւն հետապնդող կամ սիմպոլիստներուն նկար չափող ախորժակները սպասարկող։ Փոքր շրջանակի մը մէջ, առանց որեւէ յաւակնութեան, համախմբել քանի մը զգայարանքներու առածն ու տուածը, երբեմն ինք իր հաշւոյն, երբեմն երկու քով։ Քանի մը էջ՝ ու դուք կունենաք շատ յստակ արտաքին աշխարհ մը, վրան՝ իրաւ մարդեր, անոնց ներսը` իրաւ խռովքներ, բոլորին վերեւ` կախարդական պատմուճանը, որ կը քողէ անոնց խստութիւնները, կարծր ցցունքները, հեւացող բաներու տարտամութիւն մը թելադրող, բայց պատող ամենէն անհրաժեշտ գիծերն ու կարկառները, որպէսզի այդ պատկերները այլաբանութեան ցուրտ բախտին չարժանանան, մնան կեանք : Պահ մը խորացուցէք սա պզտիկ թելադրութիւնները։ Պիտի տեսնէք, որ ձեր ամենուն մտքին մէջ այդ գործողութիւնը տեղի կունենայ, երբ ուզէք տեսարան կանչել տեղը, պահը, ապրումը՝ տարիներ առաջ ձեր ջիղերուն վրայ իր պատկերը արձանագրող։ Յիշատակը կա՛մ մեռել է կամ կեանք։

Մէկէ աւելի վտանգներ սակայն, որոնք շատ մօտիկէն կը սեղմ են սա թեթեւ, նրբին, գունագեղ, «լղարշային» յօրինումները։ Ատոնցմէ մէկը՝ անտեղի, փնտռուած, մղուած, գաղիացիք կ՚ըսեն՝ աւելի փոխաբերեալ ձեւով մը, faisandë ոճին քիչ մը օդային, քիչ մը շատ սեթեւեթուն բանաստեղծականութիւնն է, որ կ՚առնէ նպաստ պատկերներէն, գոյներէն, ձայներէն, ճիչդ ինչպէս կը դիտուի սա երեւոյթը քնարական յօրինումներու մէջ [3], ամէն տողի մէջ ինքզինքը կայծակի մը պէս շողարձակող։ Կարդացէք

 

«Արեւ:

Բայց յստակ ինչպես հին գինի մը, որ կ՚ոսկիանայ բաժակի շրթունքին. բայց տաքուկ՝ ինչպէս ծոցը նշանով աղջիկներուն։

/124/ Շուքեր, մեծ ու պզտիկ, գետինէն կտրելով սեփ–սեւ իրենց կերպասը։

Գառնուկ մը, կաթէն նոր ինկած, որուն աչքերը կը վառին ձիւնին նետուած մատնիի մը քարերուն նման։

Անկիւնէն, քուռակը, իր գլխուն անհեթեթ սինտուկովը եւ ոտքերուն խորտ ու բորտ կարկինովը։

Պառաւներ, հարսներ, աղջիկներ, պատանի մը եւ պզտիկներ։

Օրն է Շաբաթ, գարնան մէկ ամսին:

Ու խումբը կ՚ելլէ գեղէն` աղցան փետտելու»։

(«Երբ պատանի են», էջ 51)

 

ու ըսէք ինծի, թէ ո՞ր քերթուածին մէջ, ասկէ քիչ տողերու վրայ, ասկէ շատ փոխաբերութեան հանդիպած էք դուք մեր ամենէն իրաւ, տաղանդաւոր բանաստեղծներէն։ Դիւրի՞ն՝ սա առատութիւնը, հարստութիւնը շփոթել այն միւս կերպին, որ մօտիկն է ասոր, բայց զայն չէ, կ՚ակնարկեմ պատկերակերտ, պատկերամոլ մարզանքին, որմէ նմոյշ մըն է Կոստան Զարեանի ոճը։ Դիւրին` Նոյն ատեն այս պարտութիւնը, համառօտութիւնը, ուրուայնութիւնը չողացող ու Հեռացող հրթիռներուն մեղադրել գրական նկարչութիւն մը իբրեւ, երբ տասը տողի մէջ պահ մը, տեղ մը, մարդեր մը կ՚իյնան սեւեռման, ա՛լ ձեր մտքէն չհեռանալու բախտով մը։ Կը խորհիմ, թէ վտանգը մնացած է վտանգ, բայց չէ տապալած, քանի որ խորունկ բնազդ մը չափի, ճիշդ կէտին ըրած է իր բարերար միջամտութիւնը, որպէսզի կենայ պատկերակերտութիւնը, մեղմանան գոյները, դաշնաւորուի նորութիւնը ըսուած քին անփոխարինելի միւս բարիքով, որ կյանքն է, ամէն տեղ ու ամէն պահի։ Քիչ մը աւելի թանձրացուցէք այդ կեանքը, դուք կ՚իյնաք հասարակ գիւղագրութեան մէջ, որ արուեստին չի պատկանիր։ Քիչ մը աւելի նրբացուցէք այս գույները ու դուք կ՚ունենաք 1900ի ցուրտ նըկարագրականը։ Քիչ մը աւելի շատցուցէք փոխաբերութիւնները ու դուք կարօտով պիտի սպասէք պարզ ապրում էին նորոգող տարիքին։ Ով որ կարդայ Տիկին Եսայեանի «Աշուղը», « Եոշմագը»։ կ՚առնուի զօրաւոր տպաւորութիւններէ, բոլորն ալ ծնունդ Տիկինին յորդ զգայնութեան, հարուստ զգայարանքներուն, բայց կայցուի նոյն ատեն թեթեւ ալ անձուկով մը ատիկա ապահովաբար արձագանգն է 1900ի արձակ քերթուած ին։ Նոյն վախը գո՞, է մեր ներսը, երբ կը մտնենք Օշականի վիպակէն ներս։ Ապահովաբար։ «Խորհուրդներու Մեհեանը», «Երբ պատանի են»ը գրքեր են, որոնք մեզ կը նախապաշարեն։ Մտէք այս վերջինէն որեւէ պատմուածքի մէջ։ Բանաստեղ/125/ծական, տնտեւաբար ոչ-իրաւ պատմում ը եւ ասոր զուգորդ տհաճութ եան զգացումը մեզ է` ընեն առնուազն անտրամադիր։ Էջ մը հանդարտ ընթերցում սակայն բաւ է, որ պայծառանանք, հանգչինք։ Մեր միտքը կը յստակի։ Կը վանենք, առանց գիտնալու, մեր վախը, որուն մէջ ուլուատիպ կը թրթռան մեր մի շատակները Անայիսի մը, Գալեմքերեանի մքը, Հայկանոյշ Մառքի մը, Ենովք Արմէնի մը, Հրանդ Գալայճեանի մը շողշողուն բառակոյտներէն։ Հաստատ գետնին վրայ մնալու զգայութիւնը ապահովութիւն մըն է մեզի։ Փորձեցէք կարդալ Կոստան Զարեան նկարագրական էջերը [4], անոնցմէ, որոնք մօտէն կը հետապնդ են մեր 1900ը, ասոր նկարագրապաշտ թեւը («Երկիրներ եւ աստուածներ», «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները», «կուրացած նաւը») ու դուք պիտի համակուիք որոշ անվստահութեամբ մը, մ իչ. արդ իւնք՝ սա յախուռն, անժամանակ, ինչպէս աննահանջ պատկերակերտութեան։ Բայց այս վտանգը տիրական է եւ կործանարար Վազգէն Շուշանեանի պատմում էին մէջ։ Խռովք, յոյզ, գոյն, զգայնութիւն, հեշտանք ինչ որ արձակ մը կ՚ընէ հրապուրիշ, տաք, համակող։ Բայց որմ է երեք էջ բաւ են մեզի կշտանալու, յափրանալու չափ, վասնզի պատմում ը պայմանաւոր է, այս ա մ ենուն Հետ ու ասոնցմէ վեր՝ գնացքով, որ դժնդակօրէն պակսեցաւ այդ շատ իրաւ սառնուած քին ու բոլոր այդ տուրքերը պահեց իրենց նախնականութեան ծիրին։ Մեծ վիպասան մը կար այդ խառնուածքին ետին, որ թառամեցաւ ֆրազի այս դալկութեանց հեշտանքին մէջ։ Օշականի վիպակը չէ անշուշտ հեղինակը սա զառածումին։ Բանաստեղծութիւնը, վիճակներու քնքուշ, օդային քաղցրութիւնն ու տարտամանքը, քմայքին գերաճուն կշիռը (գերիրապաշտութիւնը յետ-պատերազմեան երեւոյթ է)։ Ճէյմս Ճոյսի «Ոդիսեւս»ը 1920էն վերջ համաշխարհիկ համբաւ մը կը վայելէ, վէպին կայուն ճարտարապետութիւնը անկայունի փոխելու յաջողած յանդգնութեամբ մը) /126/ Պոլսէն դուրս ալ իրականութիւն են, արեւմտեան մեծ գրականութեանց մէջ։ Կարելի՞ է վայրկեան մը կենալ տարազին վրայ, որ Օշականը կամուրջ կ՚առաջարկէր ընդմ է Արուեստագէտ եւ Սփիւռքի սերունդներուն։ Հիները եւ նորե՛րը։ Փաստ է, որ Անաթոլ Ֆրանսի վէպ պը փառք մ՚ըն է այս դարուն սկիզբը։ Ուրիչ փառքեր՝ Լոթի, Պուրժէ։ Բայց որոնք կքեցան իրենք իրենց, առանց որ ոչ ոք մտքէն անցնէր Հարթել զանոնք։ Եւրոպական միւս մեծ վիպողները՝ Թովմաս Մանն, Զուտերման, Կնուտ Համսուն, Սելմա Լակերլոֆ, Թովմաս Հարտի, Ճոյս, Վիրճինիա Վուլֆ, Փիրանտելլ, Օսքար Ուայլտ, Ժան Ժիրոտու, Քոքթօ, Քոլէթ, Ժան Քասու, Նոյնիսկ Անտրէ Ժիտը, յիշելու համար քանի մը յատկանշական անուններ, վէպը ազատագրած են 1900ի ամուր ճարտարապետութեան օրէնքներէն ու անոր ճարել աչխատած թեւաւոր տարածութիւնը, զոր կը զգանք գոթական կառոյցներուն դիմաց։ Քերթողական զգայնութի՛ւն։ Դէպի սիւրռեալիզմ Անտրէ Սալմոն, Մարլ., Պըրըթոն ուրիշ անուններ, որոնք պատմումին բռնավարական հիմունքները գիտցան այնքան օգուտով արՀա մարհել ու գտան իրականէն անդին (դէպի վար, ինչպէս դէպի վեր) ապրումներուն խորունկ իրականութիւնը սեւեռել, մեր ուղեղին ecranին վրայ ուրուացող, չինուող, նուազող փոսփորափայլութեանց Հիւսիսայգը ընդունելով այնքան իրաւ, որքան էին մեր նայւածքի դաշտին փռուած ուրիշ խաղերը լոյսով կերպարանած ձեւերուն։ Անշուշտ Oշական գերաշխարհ մը չէ տուած մեզի։ Բայց առաջին Հայ գրողն է, որ Ֆրէօյտը դիմաւորած է, մեր ներքին անձնաւորութեան վառարանը հաստատելով սեռին խառնունքին։ Բայց յետպատերազմեան մեր գրականութեան մէջ տակաւ ուշադրութիւնը կը կեդրոնանալ այդ ուղղութեան։ Հոս ոչինչ կայ զարմանալի եւ Փարիզի տղաքը, Սփիւռքին ձախ թեւը, կ՚ապրէին ակունքին մէջն իսկ այդ գրականութեան (դիտելի է, որ Նարդունիի, Շահնուրի, Որբունիի, նոյնիսկ Նշան Պէշիկթաշլեանի այդ բարեխառնութեամբ պատմումները չգտան իրենց արժանաւոր ընդունելութիւնը Սփիւռքի զօրաւոր կեդրոնին՝ Ամերիկայի մէջ Փարիզի «Յառաջ»ը յայտնաբերեց Շահնուրը, Նարդունին, Փայլակ Միքայէլեանը, նույնիսկ Օհան Կարոն, որոնք այդ գրականութեան ամենէն արդիւնաւոր դէմքերն են։ «Հայրենիք» հանդուրժեց Շուշանեանը, բայց մերժեց Շահնուրը)։

Բանաստեղծական պատմումը Օշականի վէպին մէջ ըլլալէ առաջ ընդհանուր բարեխառնութիւն, վիպակին մէջ տիրական մտահոգութիւն մըն է սակայն։ Մենք, 1920էն վերջ, ժողովուրդ մըն ենք, որ ամենէն առաջ գրականութիւն մը ո՛չ միայն չ'ապրեցներ, այլեւ` ատոր /127/ կարելիութիւնը կը դարձնէ ցնտրական փառասիրութիւն մը։ Ամէն տղայ, պարզ իր լո խը ողջ պահելուն հրաշքը պիտի տարած է դէպի գրականութիւն, բանաստեղծութիւն մանաւանդ։ Մէկը Սփիւռքի պրպտողներէն տեղ մը գրած էր, որ 1930ին հայոց բանաստեղծութիւնը հարիւրէ աւելի անուններ կը հաշուէր։ Կ՚ըմբռնեմ զարմանքը այդ պրպտողին, երբ գիտեմ, որ սերունդի մը մէջ իրաւ բանաստեղծները հազիւ երկուքը-- երեքը կ՚անցնին։ Մնացեա՞լը։— Բայց բոլոր այդ տըղաքը, որ կը սիրեն իրենց մուսաները դարպասել, հերիք է, որ մանտոլին մը կարենան ձայնի հանել, որ հոս կը նշանակէ արձակ էջի մը ոտանաւոր կերպարանք ճարճրել։ Ու ամէն մարդ, իր օրին, ընդունակ է այս հերոսութեան։ Աւելի դժուար չէ պատմումը, քանի որ ամէն տղայ ազատած է միջակէն վեր պայմաններու նպաստովը։

Օշականի վիպակը կամուրջ մըն է ընդմէջ «Խոնարհները»ին. եւ ծանր վէպին: Տեսակ մը մարզանք, նախապատրաստութիւն նոյնիսկ, քանի որ թեւաւոր, թրթռուն այդ ճարտարապետութիւնը դժուար է մէկէն գործադրել ծաւալուն միջոցներու վրայ։ Չեմ հարցներ, թէ այդ վիպակներով ի՞նչ է չափած Արեւմտահայ գրականութիւնը։ Բայց գիտեմ, որ շահած է ծանր վէպին աշխատաւոր Օշականը։ ԱրԺէ՞ք։ Չեմ դներ այս հարցականն ալ լրջօրէն սեղանին վրայ։ Անոր միութիւնները, իրենց լոյս տեսած օրերուն կը ստեղծ է ին որոշ հետաքըրքրութիւն, զարմանք, այսպէս հովով, ոչինչով ընթերցողը իր հետ ունենալու, եթէ երբեք այդ ընթերցողը ուխտուած հակառակորդ մը չէր Օշականին, որ իր սեւ բախտքն այնքան մագիստրոս մըն է եղած այդ մարդերը բուսցնելու, կեանքին, ինչպես գրականութեան մէջ։ _ Այդ վիպակներուն մէջ գործադրուած թեքնիքը, արուեստի նրբութիւնները, արտայայտութեան ջերմութիւնն ու նորափայլ չընորները հոս չեմ զարներ կշիռի։ Այս ուսումնասիրութեան մէջ «Արուեստագէտը» վերնագրին տակ, համադրական դատում ի ձեւով, այդ ամէնը կիյնան գնահատման։ Քաղցր, լուսաւոր, նուրբ էջեր կան այդ վիպակներուն մէջ, որոնց պակսածը կրնանք պակաս մը նկատել Արեւմտահայ գրականութեան զանազան շնորհներուն հանդիսանքին մէջ։

Իբր ծաւալ, այդ վիպակները բաւ են լեցնելու մէկէ աւելի հատորներ։ Ու աս ալ ուրիշ հաստատում է գրականութեան մը մէջ, ուր ամենէն տաղանդաւոր անուններէն մեր ժառանգածը այնքան քիչ է ինքնին։



[1]     «Երբ պատանի Են», «Երբ պզտիկ են», «Հինէն ու նորէն», «Կայսերակառ յաղթերգութիւն», «Վկայութիւններ», կարեւոր թիւ մը մեր օրերու հեքիաթներուն, մեծ մասով «Խորհուրդներու մեհեանը» հատորին մէջ։

[2]     1915ի ամենէն ահաւոր օրերուն այս գիրքին հեղինակը ապաստանած էր տպարան մը, որուն մէջ կազմարարի բաժինը յանձնուած էր հայ երիտասարդի մը։ Տպարանը ամենէն ապահով, ինչպէս ամենէն վտանգաւոր պայմանները կը միացնէր։ Հոն կը տպուէին պետութեան բոլոր թուղթերը։ Իմ գործատորի շապիկիս տակ ամրածածուկ, ես տեսեր եմ այդ բաց դուռնէն 1915ի պետական աւագանին՝ Էնվերը, Թալալաթը, Պէհաէտտին Շաքիրը, ոստիկանութէ ան զոյգ տնօրէնները, որոնք կը մտնէին տպարան, կը տեսնէին փորձերը թուղթերուն, երբեմն մինչեւ կազմատուն ալ կը յառաջանային Կեավուր Գրիգորին - - այս էր վարպետին Անունը զայն սաստելու համար, որպէսզի չքնանային իր աշխատաւորները՝ պետութեան գործերը գիշերը ցերեկին խառնելով, ժամ առաջ աւարտելու։ Ոստիկանութեան քաղաքական Ա. բաժնին տնօրէնը որ կը վարէր հայ մտաւորականներու սպանդը խղճամիտ պաշտօնատար մըն էր, թուղթերուն մէջ ո՛չ մէկ ծռմռուք հանդուրժող։ Դուք կրնա՞ք ըմբռնել կացութիւնը երիտասարդին, որ գիտէր, թէ այդ իրաւ, լեցուն, զուարթ, գրեթէ բարեկիրթ թուրքը Պոլսոյ ոստիկանութիւնը ամիսներէ ի վեր կը պահէր սպառնալիքի տակ, որպէսզի իրենց հանկէն փախած որսը գտնէին անպատճառ։ Ու այդ որսը՝ այդ երիտասարդն էր, որ կը խօսէր հետը այդ գազանին, պարզ, անտարբե՞ր։ Անշո՛ւշտ։ Դիւրին է ասոնք ալ կարդալը։ Բայց ահա՛ աւելին։ Ինծի հետ հոդ կ՛աշխատէին յոյներ, որոնք զանազան թուղթերով - բոլորն ալ կեղծ, հելլէնահպատակ իրենց զինուորութենէ զե՛րծ գլուխը ապահոված էին։ Խուզարկութիւն։ Թուղթերու ստուգում։ Զինուորական թուղթերու քբենութիւն։ Վարպետը վախցաւ: Իմ կարգիս, վախը բառ մը չէր, քանի որ մինչեւ այդ ծակը իյնալս ես անցեր էի սմեն էն անըմբռնելի վիճակների, որոնց մէջ վըտանգը վախէն կու գար ու փրկութիւնը գինը եղաւ այդ զգացումը հոգիէս փրցնելնետելուն մէջ։ Վարպետը մտածեց զիս ապահով տեղ մը փոխադրել։ Յոյն բանուորները գտան այդ տեղը: Հելլէնահպատակ յոյնի մը տունն էր ատիկա, աւելի շիտակը՝ հայու մը տունէն սենեակ մը - Երկու։ Վարպետը ուրախ էր: Յաջորդ գիշեր պիտի մեկնէի մութ ին իջնելէն վերջը։ Խորունկ տրտմութեամբ մը ստուգեցի սակայն, որ թէ՝ հայ տանտէրը, թէ՛ յոյն վարձակալուհին ունէին մէյ-մէկ աղջիկ, երկուքն ալ քսանէն վեր։ Խօսեցայ վարպետին վտանգէն, որ կը մարմնանար այդ աղջիկներով։ Պարզ մարդ, կազմարարը, չէր հասկնար վտանգը։ Բացատրեցի իրեն, թէ՛ այդ երկու աղջիկներուն նախանձը պիտի ստեղծ էր շատ պարզ բան մը, աշխարհի սկիզբէն իսկ մարդուն հոգիին վրայ իր փաստը արձանագրած։ Ըսի, թէ յոյն աղջիկը առաջին իսկ հանդիպումին պիտի իյնար նուաճուած ո'չ անշուշտ անծանօթ հայ երիտասարդին կախարդական հրապոյրներէն, այլ՝ աւելի պարզ բանէ մը, ինքը` իր մարմին էն։ Յետո՞յ։ Ըսի վարպետին, որ չաճապարէր։ Տանտիրուհիին աղջիկը, իր կարգին, պիտի իջնէր կրկէս ու պիտի սկիզբ ընէր շատ հասարակ, շատ սովորական տեսարանը երկու էգերու յաւիտենական բախումին։ Այս ամենը այնքան իրալ էին ինծի համար, որ վարպետը չուշացաւ խնդալէ։ Գրողները կեանքը որքան դիւրութեամբ վէպի կը վերածէին։ Նոյն օրուան ցերեկին աւելի Խիստ խուզարկութիւն մը՝ փութացուց սակայն իմ «ապահովութեանս» կարգադրումը։ Մութին, յոյն տղայէն առաջնորդուած, գացի իմ «ապահով» ապաստանարանը։ Վարագոյրները իջած սենեակ մըն էր։ Դասական պիւրոները, որոնց վրայ բիւրեղ, թոփուզ ու. նկարազարդ ապակեղէնով լամպերը։ Լուսանկարները: Զոյգ հայելիները։ 1890ական թուականներու պոլսահայ interieur-ին թիփիկ մէկ պատկերը։ Կին մը, վարձակալուհին, քառասուն էի վեր, պատմեց իր կացութիւնը։ Պատերազմը գոցեր էր ապրուստի իրենց միջոցները։ Տղան գինով մըն էր ու աղջիկը կաշխատէր։ Իր բառին հետ ներս մտա, հելլէնական տիպարով, բարակ քիթով ու թեթեւ մը քսուած իր աղջիկը։ Խոժոռ էր ու տրտում։ Կը խօսէր թերի գաղիերէն մը։ Գիշե՞րը: Պոլսոյ սարսափին գիշերը։ Լոյսը ստիպուած էինք ընել քիչ։ Գինով տղան կը կանչէր մայրը ճաշի։ Աղջիկը մնաց։ Խօսեցանք ու քառորդ ժամ վերջը բարեկամներ էինք։ Գիշերը յառաջացաւ։ Աղջիկը գնաց իր մօրը ծոցը։ Հետեւեալ առտուն Երկուքով այցելեցին փախստականին։ Երկրորդը` հայուհին։ Ինչերնուդ պէտք անոր ալ նկախ րագիրը։ Այն րոպէին, որ հելլէնուհին կանչուեցաւ, մօրը կողմէն, հայուհին ճառագայթեց։ Զգոյշ էի շատ անունէս, հահ դաման քէս, անձէս։ Բոլոր իր հետաքրքրութիւնները մնացին անպատասխան։ Կը նեղուէր ու կը զգայի աստիկա: Ու շաբաթ մը վերջը տեղի ունեցաւ վճռական բախումը երկու աղջիկներուն։ Չեմ պատմեր հոս, այդ տունէն իմ հեռանալուն այլապէս սարսռազդեցիկ մանրամասնութիւնները։ Հելլէնուհիին հղբայրը շանթած կ՚ընէր իմ անձիս վրայ, սպառնալով ոստիկանութեան մատնել, եթէ երբեք իր պահանջած գումարը չվճարէր իրեն Վարպետ Գրիգորը։ Աս ալ ուիրիշ դժոխք, քանի որ դրամը, այդ 1915ին, անգտանելի հրաշքի էր: Երկու շաբաթ վերջ, երբ նոր տարուած բոյնի մը խորը այդ պատուական Վարպետ Գրիգորը եկաւ ինծի այցելութեան, զարմացա իմ նախատեսութեանցս ստուգութեանը վրայ։ Խեղճ տղան ի՜նչ գիտնար, թէ մահուան մէջ մտնողները ունէին առանձին ճակատագիր, թէ անոնցմէ կը հոսէին ձայներ, լոյսեր, որոնք անծանօթ էին ուրիշներու վրայ։ Հիմա, սա ապրումներու ծիրը ընդարձակեցէք, տարէք զայն ընդգրկելու «Մահուան ծաղիկները» քերթուած-պատմումին մռայլ, բայց անլելի քան իրաւ խորհուրդը։ Այն ատեն միայն այդ բառերուն նկարագիրը կը դառնայ հասկնալի, քիչ, բայց այդ ամենէն անցած մտքերու համար։ Օշականի վիպակները, եսակեդրոն, անոր անձովը լեցուն, դուրս չեն կեանքէն։ Բոլորն ալ կու գան անկէ, կեանքէն, ասոր աս ու ան պարզ, բայց մէկէն ի մէկ տրամի վերածուող պահերէն: Երիտասարդութիւնը գարնան երկինք մըն է մեր կեանքին մէջ։ Խազազ, պարզ, բայց փայլակներու մրցարան գիշեր մը։

[3]     Այնքան ակնբախ է այս նմանութիւնը, որ բազմաթիւ կտորներու մէջ («Երբ պատանի են», «Երբ պզտիկ են») ոճը ինքնաբերաբար, առանց հիգի կը գտնէ կշռաւոր գնացքը, ըլլալով արձակ քերթուածի մը աւելի պարտադրիչ, ձայնական կշիռին չափ, քերթուած մը յատկանշող պատկերուն, առատափայլ, կտրատ, բայց դաշնանուագ կողմերով։ Էջերու վրայ այս եղանակը, որ պաշտպանուած է միօրինակութեան, ձանձրոյթին ալ չարիքներէն, քանի որ հատկտուն հանգամանքը արտայայտութեան կը թուի բխիլ վիճակներուն անընդհատ փրթող ու վերստին իրենք զիրենք գտնող առատութենէն։

[4]     Թելադրական ոճի այս վարպետին մօտ մեծ արժանի էներ տրտմօրէն վտանգուած են պատկերապաշտ, անօգուտ ախորժակներով։ Զարեանին համար արտաքին աշխարհը պատրուակ մըն է իր պատկերները դարբնելու, տեղի կամ անտեղի։ Այս պարագան չ'ազդեր ստեղծագործ այդ երեւակայութեան թափին։ Ու կ՚ունենանք ափերով պատկերներ, որոնք հոգիին հետ չեն գտներ դաշնաւորում ու ատով կը դառնան տողին վրայ աւելորդ պերճանք: Անշուշտ շատ ուրիշ տեղեր, Զարեան կեանքին կը սպասարկէ նոյն կիրքով։ «Անցորդը եւ իր ճամ բանչ հրաշալի ծաղրանկարներու հանդէս մըն է նոյն ատեն, ըլլալէ ետքը ծանր գոյներու մութ հանդէս մը։