Բ.
…
«Տմարդութիւն
պիտի
նշանակէր,
մեր
օրերու
հոգեկան
ու
ֆիզիք
սա
բարօրութիւնը
մենաշնորհը
նկատել
մեր
իրատես,
զօրաւոր
բնազդներուն
ու
անտեսել
կամ
անկշիռ
իրողութեանց
վերածել
ինչ
որ
մեր
մերձաւոր
ու
հեռաւոր
նախնիքները
կատարած
են,
յաճախ
իրենց
ճիղճ
միջոցներով,
աշխարհ
մը
արգելքներու
ընդդէմ,
մեր
հոգեկան
եւ
ֆիզիք
այս
անգամ
անգնահատելի
գոյութիւնը
կորուստէ
փրկելու
ամենէն
սրբազան
պարտականութեան
ճամբուն։
Մեր
ժողովուրդը
սեպհականութիւնը
չէր
կրնար
ըլլալ
աս
ու
ան
fonctionին։
Անիկա
հաւաքական
յաջողուածք
մըն
է.
ու
մեզի
համար
շատ
մեծարժէք,
երբ
ուզենք
արդարութեամբ
վերլուծել
այդ
յաջողուածքը։
Մտքէ
մի՛
անցընէք,
որ
ձեզի
պիտի
առաջարկեմ
քլիշէ
օրինակները
անհետացող
ու
հզօր
ցեղերուն,
պիտի
շահագործեմ
դարձեալ
քլիշէ
պատգամներ
մեր
գոյութիւնը
բացատրել
յաւակնող
—
եկեղեցի,
լեզու,
գրականութիւն,
որոնք
անշուշտ
ունեցած
են
իրենց
բաժինը
այդ
հրաշքին
իրագործման
մէջ,
բայց
կը
տարուին
իրենցմէ
վեր
դերերու։
Ես
պիտի
ընդունիմ
իմ
ժողովուրդը
աղբիւր
իր
բոլոր
բարիքներուն,
ինչպէս
զինքը
տառապանքէ
տառապանք
նետող
չարիքներուն։
Իմ
գրածը,
ընելիքը
գրական
քննադատութիւն
չէ,
սա
տողերուն
վրայ,
թէեւ
ասոնց
շարժառիթը
գրական
աշխատաւոր
մը
ըլլայ։
Յակոբ
Օշական
անունին
տակ
կայ
ընդարձակ,
հզօր
թելադրանքներով
հարուստ
ժառանգութիւն
մը,
մեր
մօտիկ
անցեալէն։
Այդ
գործը,
զայն
թելադրող
ժողովուրդը,
զայն
կարելի
ընող
գրականութիւնն
ու
հոգեբանութիւնը
անվերադարձ
կը
պատկանին
մեր
պատմութեան։
Մտածելի
չէ,
որ
մեր
օրերուն
ոեւէ
գրագէտ,
թեկուզ
ամենէն
ոճաւորը,
գործածելու
համար
օշականեան
բացատրութիւն
մը,
պիտի
յաջողէր
գնել
ծիծաղելիութիւնը,
երբ
փորձէր
«
Երբ
պատանի
են
»
մը
հրատարակել,
մինչ
աւելի
քան
ստոյգ
է
որ
այդ
հատորիկը
այսօր,
չխօսելով
հանդերձ
մեր
ճաշակներուն,
մեզ
կը
գրաւէ
հնoրեայ,
թանկ
գեղօրի
մը
նման։
Փոխուած
է
ճակատա/597/գիրը
իմ
ժողովուրդին։
Այդ
ժողովուրդը
այսօր
տէրն
է
երկաթին
ու
ռատիոյին,
օդին
ու
հողին
ընդերքի
գանձերուն,
կը
ստեղծէ
տէմպին
մէջը
իր
դարուն,
առատ
է
հոգիով,
կիրքով,
զուարթութեամբ
ու
գրականութիւնը
փոխադրած
է
գրագէտներու
սենեակներէն
դէպի
հանրային
հանդիսարանները,
լսարանները։
Ամէն
երիտասարդ
բանւորն
է
նիւթին,
ինչպէս
հոգիին։
Բայց,
կը
կրկնեմ,
ապերախտութիւն,
հոգեկան
փոքրութիւն,
չտեսութիւն
պիտի
նշանակէր
այս
փաստերով
պատմուճանել
(օշականեան
բացատրութիւն
մըն
ալ
աս)
ու
մոռնալ
գինը
այս
բոլոր
բարիքներուն։
Այս
ամենուն
մէջ
իրենց
լայն–լայն
բաժիններով
իրաւատէր
են
մեր
հազարամները,
այն
խուժդուժ
դարերուն
մեր
հողերէն
չպակսող
սրբազնասուրբ
բազմութիւնները,
որոնք
արեան
մէջ
ու
կրակի
մէջ
ծնան
ու
մեռան,
բայց
իրենցմէ
վեր,
իբր
կեանքի
սերմ
ու
պատգամ,
գիտցան
ձգել
իրենց
ժողովուրդին
խորհուրդը,
հրաշքը
գրեր
էր
Յ.
Oշական
անունով
յիմար
մարգարէն,
կայ
հարիւրի
մօտ
տարի։
Այս
ամենուն
մէջ
իր
լայն
բաժինը
ունի
մա՛նաւանդ
մեր
մերձաւոր
անցեալը,
անոր
ամենէն
պայծառ,
ամենէն
հանգամանաւոր
մէկ
կերպարանքը,
զոր
երկու
հարիւր
տարիէ
ի
վեր
կը
ծաղրենք
ու
կը
ծաղրենք,
չեմ
գիտեր
մեր
ո՛ր
արժանիքներէն
թեւաւոր,
երբ
հոսհոսներու
հպարտանք
կ՚անուանենք
մեր
ժողովուրդին
հզօրագոյն
բխումներէն
մէկը
նկատուելու
արժանի
անոր
գրականութիւնը,
ծանօթ
մեր
պատմիչներուն՝
իբրեւ
Արեւմտահայ
գրականութիւն,
ա՛ն՝
զոր
Յակոբ
Օշական
ընդունած
է
մեր
հաւաքական
ուժերուն
շքեղագոյն
կերպարանքներէն
մէկը,
հաւասար՝
եթէ
ոչ
գերազանց,
մեր
ժողովուրդին
դարերն
ի
վար
կազմակերպած
միւս
գեղեցկութիւններուն։
1860ին
արեւելահայերը
գրականութիւնը
կը
դնեն
քաղաքական,
գործնական
տարազներու
ներքեւ։
Անոնց
ստեղծել
ուզածը
անշուշտ
բարիքն
է
իրենց
ժողովուրդին,
բայց
1880ին
արեւմտահայերը,
իրաւ
դժոխքի
մը
խորէն՝
այդ
բարիքին
կու
տան
կերպարանքը
հարազատ
գրականութեան
մը։
Ու
մի՛
ստորագնահատէք
այս
փաստը։
Նիւթեղէնը,
շէնքը,
առուտուրը
կ՚անցնին
ու
թերեւս
չեն
ալ
դառնար։
Ժողովուրդ
մը
կ՚ապրի
խանդին
մէջը
իր
ձեռակերտ
գեղեցկութեանց։
Այո՛։
Հայաստանեայց
եկեղեցի,
Հայոց
լեզու,
Պատմութիւն
հայոց,
Հայ
հոգի,
Հայ
երաժշտութիւն,
Հայ
ճարտարապետութիւն
գրական
տարազներ
չեն։
Անոնց
իւրաքանչիւրին
ետեւը
աշխարհ
մը
ապրում,
խռովք,
գեղեցկութիւն
ու
քաղցրութիւն
է
դրած
մեր
ժողովուրդը։
Oշական
այս
տարազներուն
համահաւասար
տարազ
մը
իբրեւ
առաջարկած
է
Արեւմտահայ
գրականութիւնը,
որ,
իր
կարգին
է,
մեր
իմա/598/ցական
բազմադարեան
հոլովոյթին
մէջ
ո՛չ
միայն
պատմապէս
շրջագծեալ
իրողութիւն
մը,
այլեւ՝
հոգեպէս
շքեղ,
փառաւոր
յաջողուածք
մըն
է,
ինչպէս
դիտել
տուի
քիչ
վերը։
Ներկայ
ուսումնասիրութիւնը
կը
զբաղի
այդ
յաջողուածքին
մէկ
քանի
ընդհանրութիւններովը
եւ
այդ
յաջողուածքին
ճարտարապետներէն
մէկուն
քանի
մը
զօրաւոր
յատկանիշներովը։
Յակոբ
Օշական,
երբ
կ՚ապրէր,
մնացած
է
անծանօթ
աշխարհ
մը
։
Եկած
է
ժամանակը,
որպէսզի
մենք
գտնենք
այդ
աշխարհը։
Ինչ
որ
զիս
կը
մղէր
սա
աշխատանքին,
ատիկա
հատուցումը
չէ
արդարութեան
առնուազն
յապաղած
պարտքի
մը։
Մենք
ունինք
միջոցներ
բլուրներ
ու
լեռներ
քանդելու,
անոնց
տակ
թաղուած
գեղեցկութեանց
փշրանքները
լոյսին
բերելու։
Ես
կը
գրեմ
այս
աշխատութիւնը,
խորունկ
գոհունակութեամբ
մը,
հպարտութեամբ
մը։
Մեծութիւն
է
մեր
ճարտարապետութիւնը,
ինք
իր
չափերուն
վերածուած։
Գեղեցկութիւն
է
մեր
երգը։
Քաղցրութիւն
ու
գգուանք
է
մեր
երկիրը
—
բոլորն
ալ
մեր
ժողովուրդով
պայմանաւոր։
Մեր
գնահատանքը
կը
տառապի
սակայն,
երբ
զայն
ուզենք
տարածել
մեր
գրական
ժառանգութեան
վրայ։
Թեթեւ,
հոսհոս,
ազգայնամոլ,
տիրացու
մեծամտութիւնը
ուրախ
եմ
ըսելու,
որ
մեռած
է
մեր
սերունդին
համար։
Բայց
այդ
սերունդը
պէտք
ունի
հզօր
կիրքերու,
հոգիին
ալքերէն
բիւրեղակերպ
վերբերուած։
Կը
հաւատամ,
թէ
Հայոց
գրականութիւնը
իր
ամբողջութեամբը
տեսնուած,
առնուազն
հաւասար
է
մեր
միւս
իմացական
կրթանքներէն
մեզի
խօսող
բարիքին։
Զուարթնոց
մը
գոհար
մըն
է,
բայց
հազարներով
խոնարհ
մատուռներ
կը
կանխեն
զինքը,
ինչպէս
կը
հետեւին
անոր։
Փարթամ
ձայնադաշտ
մըն
է
«
Հորովել
»ը,
մեր
հայրենիքին
ամենէն
իրաւ
կողերուն
ամբողջ
սխրանքովը,
փառքովը,
վճիտ
ու
տաք
մարդկայնութեամբը,
բայց
չի
կրնար
հերքել
հազարաւոր
տափակուկ
գեղգեղանքները,
որոնք
մեր
կարգ
մը
շարականները
եղան,
մեր
աշուղներէն
մեզի
հասած
անոճ
ու
անճոռնի
ճըւոցները։
Չեմ
շարունակեր
նմանութիւնները։
Հայոց
գրականութիւնը,
իր
զանգուածին
մէջ
խեղճ,
յաճախ
անկնիք,
բայց
իր
մասերուն
մէջ
կը
պահէ
ամենէն
խստապահանջ
ճաշակները
նուաճող
գեղեցկութիւններ։
Օշական
կը
գրէր.
«
երբ
քաղաքը
կ՚անցնի,
արձանը
կը
մնայ
»,
փոխադրելով
մեր
իրականութեան
եւրոպական
մտածում
մը։
Այդ
արձա՛նը,
արձաննե՞
րը։
Ահա՛
ներկայ
աշխատանքին
հետապնդածը։
/599/
Այսօր,
հայոց
գրականութիւնը
իրաւ,
ազգային,
ժողովուրդէն
բխած
ու
անոր
ուղղուած,
անոր
հզօրագոյն
զգայութիւններն
ու
կիրքերը
արտայայտել
ձգտող
ծանրագին
կրթանք
մըն
է,
Օշական
պիտի
ըսէր՝
մասնաւորուած,
իր
ծրագրին
ու
արդիւնքին
բոլորովին
հաշտ
ու
ատով
դադրած
իր
նանրանքէն,
զայն
մշակողներու
ներքին
տրտմութիւններէն
քիչիկ
մը
արատաւոր։
1880ին
Եղիա
Տէմիրճիպաշեան
կը
գրէր
իրեն
համար:
Թերզեան՝
իրեն
համար:
Մենք
կը
գրենք
մեր
ժողովուրդին
համար։
Բայց
դէպքերը
այնքան
պարզ
գնացք
մը
չեն
ունեցած։
Սրտայոյզ
բան
է
մտովի
բարձրանալ
շրջանին,
գտնելու
համար
1800էն
քիչ
ասդին
երիտասարդութիւն
մը,
որ
կը
բացուէր
առաջին
անգամ
ըլլալով
այս
ժողովուրդին
պատմութեան
մէջ,
գրականութեան
իրաւ
հրաշքին
։
Որքան
ալ
ձախող՝
1830–45ի
գրաբար
պոեմաները,
վենետիկեան
քերթողութիւնը,
փաստեր
են,
թէ
բան
մը
կը
սկսէր
այս
ժողովուրդին
մէջ,
ուր
գրականութիւնը,
մօտ
տասնըհինգ
դար,
ապրեր
էր
մէկ
ու
միակ
իր
տագնապը
—
ատիկա
տագնապն
էր
հոգիին
փրկութեան:
Մեր
հին
մատենագրութիւնը
այդ
տագնապին
հանդիսարանն
է,
բացառիկ,
որքան
հասկնալի
այլամերժութեամբ
մը։
Հոգիին
տագնապը
գերազանց
էր
մարմինին
տագնապէն
գրեթէ
բոլոր
ժողովուրդներու
համար։
Ահա
թէ
ինչու
մօտ
տասնըհինգ
դար
արուեստը
կերպեր
է
փնտռած
այդ
տագնապին
ծառայելով
հանդերձ,
ինքզինքը
ըլլալու:
Դիւրին
է
մեկնել
շքեղ
քաթետրալ
ները,
տասնըչորս
ու
տասնըհինգերորդ
դարու
նկարչութիւնը,
Արեւմուտքին
մեծ
պալատները,
ատոնց
բոլորին
ալ
ներսը
մենք
կը
հաստատենք
երկինքը,
բայց
անոր
շուքին
մէջ՝
երկիրը,
որ
չէր
կրնար
զգալի
չըլլալ։
Բայց
հոգեխառնութեան
սա
խաւերը
մեզի
պէս
փոքր,
տառապահար
ժողովուրդներու
մէջ
կը
ստանան
բոլորովին
տարբեր
կերպարանք։
Կարդացէք
Հայաստանեայց
եկեղեցիին
պատմութիւնը
ու
ըսէք,
թէ
ինչ
ունէին
ընելիք
անոր
գահակալները։
Գրականութիւնը
այդ
մարդոց
համար
բարեպաշտիկ
կրթանք
մըն
էր
ամենէն
երջանիկ
պարագային։
Շնորհալի
մը
խորունկ
բանաստեղծ,
կ՚անգիտանայ,
թէ
իր
տաղերը
կրնային
պարտքեր
ունենալ
արուեստին
հանդէպ։
Բայց
երջանիկ
է
իր
ներշնչումին
խորութեան
եւ
անկեղծութեան
մէջ։
Սխալ
չըլլար
յիշել
անունը
Խ.
Աբովեանին,
որ
նոր
շրջանի
սեմին
անդրանիկ
գրագէտն
է,
մեր
գիրը
գործածել
մտածող
հոգեղէն
տագնապէն
տարբեր,
մարմնեղէն
կարիքներու։
Տասնըհինգ
դարերով
արմատացած
մտայղացք
մը
վերակոչել
ուրիշ
պարտքի
մը՝
ահա՛
հանճարայինը։
Աբովեան
մտատեսօրէն
տուած
էր
ինքզինքը
իր
ժողովուրդի
մարմնեղէն
/600/
փրկութեան
տագնապին
։
Շատ
հեռուները
չեմ
իջած։
Օշական
ըսած
է,
որ
քանի
մը
դարերու
հասակն
ի
վար
արեւմտահայ
գրողներու
լեզուական
տարբերութիւնները
սահմանուած
էին
ինքնաբերաբար
չքանալու։
Կը
մարգարէանար,
որ
Քռթենաւոր,
Նարեկացի,
Մագիստրոս,
Եղիա,
Չրաքեան,
Վարուժան
իրարու
մօտիկ
գրողներ
պիտի
դառնային
իրենց
գործածած
լեզուին
ընդհանրութեանցը
մէջ։
Ասիկա
բանաձեւելն
էր
շքեղ
յղացքը
հայ
գրականութեան
միութեան
։
Մեր
սերունդը
շատոնց
հրաժարած
է
գրական
քննադատութեան
անլուրջ
փառասիրութիւններէն։
Մեռած
է
գրական
քննադատութիւնը
արեւմտեան
մշակոյթին
բոլոր
մեծ
կեդրոններուն
մէջ,
որպէսզի
արտօնուէինք
Օշականի
համար
գործածել
իր
ժամանակին
դրութիւնը
[1]
։
Ներկայ
ուսումնասիրութիւնը
առիթ
մըն
է
ուրեմն
Յակոբ
Օշական
անունին
ետեւէն
դարձեալ
մեր
ժողովուրդը,
ասոր
զգայնութեան
մէկ
դաշտը,
հոգիին
մէկ
ակունքը
գտնելու։
Թէ
Օշական
բեղուն
հող
մըն
էր
այդ
գործողութիւնները
կարելի
ընծայող,
կը
յայտարարեմ
դուրս
կասկածէ։
Ի՛նչ
որ
ինք
համարձակած
է
գործադրել
երեք
սերունդի
վաստակն
ի
վար,
ես
վերստին
կը
փորձեմ
իր
վրայ,
վասնզի
կը
հաւատամ,
թէ
Օշականի
անունով
մեզի
հասած
մթերքին
մէջ
կան,
/601/
իրենց
մայր
ցանկութիւններով,
կիրքերով
ու
շնորհներով
ո՛չ
միայն
Արեւմտահայ
գրականութեան
երեք
սերունդները,
այլեւ՝
մեր
ժողովուրդին
մայր
առաքինութիւնները։
Սխրագին
էջեր
են
իր
Հեքիաթին
հետ
իր
վերլուծումները
այդ
յատկութիւններէն,
չպատկանող
այդ
իսկ
հանգամանքով
սոսկական
անհատներու,
այլ
զանոնք
զանցող
ժամանակն
ի
վար։
Այս
տպաւորութիւնները
հոս
արձանագրած
ատեն
մենք
պարտաւոր
ենք
վերապրիլ
անհուն
յուզումը,
լարումը,
կիրքը,
որոնցմով
համակուած
[2]
էին
մեր
նորոգ
Զարթօնքին
առաջին
բանուորները:
Գիրքերու
կարիք
կայ
այդ
հոգեխառնութիւնը,
այդ
երիտասարդութիւնը,
միջավայրն
ու
պայմանները
վերակազմելու,
իրենց
լիութեան
ու
խռովիչ
գեղեցկութեանց
մէջ։
Ներկան
մեզ
կը
տանի,
տաք
ու
հաւատալից,
մեզմէ
քիչերուն
թելադրելով
անցած
բաներուն.
Oշական
պիտի
ըսէր՝
մոռցուած
բաներուն
անհուն
տինամին
։
Մեր
արդի
գրականութիւնը
իր
առօրեային
բոլորանուէր,
կարծես
ատեն
չի
գտներ
հետաքրքրուելու
այն
խորունկ
ու
մեծ
կեանքով,
որ
այդ
օրերուն
կերպարանքն
էր
մեր
ժողովուրդին,
մարդկային
գործօնութեան
բոլոր
ճիւղերուն
վրայ։
Ժողովուրդ
մը,
իր
գլուխէն,
ինքզինքը
/602/
կը
գտնէր,
կը
հասկնար,
կը
դատէր
ու
կը
զգար,
թէ
որքան
պայծառութեանց
մրուրն
էին
իր
ապրումները,
օտարութեան
գռիհներուն,
իր
հողերուն
վրայ
իր
գերութեան
լռին
մռունչները
ի՜նչ
արձակ
թռիչքներու
մոխիրը
կը
պատմէին։
Հայոց
պատմութիւնը,
իր
բովանդակ
տրտմազդեցիկ
վկայաբանութիւններով,
պատմութիւնն
էր
արեան
ու
բարիքի,
կռուի
ու
կոտորածի,
ճիշդ
ու
ճիշդ
այն
շրջագիծերով,
որոնց
ա՛լ
ընտելացած
էին
1800ի
մարդոց
աչքերն
ու
բազուկները։
Գերութիւնը։
Ստորնաքարշ
կիրքերը։
Երազը։
Երկինքը։
Կարօ՜տը
մեր
լեռներուն։
Ազատութիւնը
մեր
տուներուն։
Մեր
հողը
ու
հաւատքը։
Բոլորը
հեռու
դրուած
մեր
վայելումէն,
բոլորը
ծախու
ապրանք,
մեր
իսկ
ձեռուըներով,
օտարներու
շուկային։
Այդ
ապրումները
այս
տողերուն
հետ
կը
յառնեն
իմ
մէջ,
ու
սխրանքէ
անդին
տրտմութիւն
մըն
է,
որ
զիս
կը
համակէ,
մեր
արդի
չտեսութենէն
առաջացող։
Իր
դարուն,
Յակոբ
Օշական
կը
տառապէր,
որ
չէին
գրուած
ա)
—
Մեր
պատմութիւնը,
այսինքն՝
չունէր
գոյութիւն
աշխատանք
մը,
ուր
իր
ժողովուրդի
քաղաքական
եւ
ընկերային
յեղաշրջումը
ըլլար
հասկնալի
առնուազն
անոր
զաւկըներուն։
1900ին,
1950ին
մեր
գիտցա՞ծը։
Կը
ղրկեմ
ձեզ
«
Համապատկեր
»ին,
ուր
Ծերենցի,
Դուրեան
պատրիարքի
առիթներով
Օշական
հիմնական
թելադրանքներ
է
սեւեռած
այդ
գիտցուածէն։
Օշական
կ՚ուզէր
մեր
պատմութիւնը,
անհաւատալի,
անկարելի
իրականութեամբ
մը,
քանի
որ
անհաւատալի,
անկարելի
իրողութիւններու
գուպայ
մըն
էր
մեզի
եկածը
այդ
մռայլ,
մեծատարած
երեւոյթէն։
Պատմութիւնը
կեանքն
էր
Օշականին
զգայարանքներուն
համար։
Անիկա
կը
գոհանար
այդ
կեանքին
վերարտադրումով,
բայց
կարելի
հարազատութեամբ։
Ու
կը
հաւատար,
թէ
այդ
պատմութիւնը
հասկնալու
իր
անկարողութիւնը
պիտի
դադրէր
իր
չարաշուք
կշիռէն,
եթէ
երբեք
այդ
կեանքը՝
ինքը
ըլլար
իրաւ։
Մեզմէ
ո՞րը
ապրած
է,
գործածելով
իր
խելքը,
որպէսզի
ընէր
այդ
այնքան
դիւրին,
բայց
այնքան
դժուարահաս
զիջումը
իր
հաւաքական
կերպարանքին
մէջ
ժողովուրդի
մը։
բ)
—
Մեր
եկեղեցիին
պատմութիւնը,
զոր
աժան,
տոկմաթիք
մտածողութիւն
մը
մեծ
բան
մը
ընելու
պատրանքին
մէջ,
կը
նոյնացնէր
մեր
ժողովուրդին
պատմութեան։
Մարդիկ
ԺԹ.
դարուն,
ընդհանրացումներու
համար
լայն
ախորժակներ
ունէին
ու
բեղուն
երակ
մը
գտնողի
հոգեբանութեամբ
կը
համադրէին
իրարու
իրարմէ
հիմնովին
տարբեր
եղելութիւններ։
Հայոց
եկեղեցին
մասն
էր
մեր
ժողովուրդին,
թերեւս
անոր
լաւագոյն
յատկութեանց
մէկ
հաւաքա/603/ծոն։
Սխալ՝
այդ
կազմակերպութիւնը
ընդարձակ
այս
ծիրէն
աւելի
անդին
ու
անոր
մէջ
տեսնել
յաւակնիլ
ինչ
որ
մեր
ժողովուրդը
պահեր
է
դարուց
ի
դարս։
Մեր
եկեղեցիները
հողեղէնին
կերպարանքները
իբրեւ
կը
կենային
մեր
գերութեան
դժոխքին
խորերը
ու
կը
խօսէին
մեր
երանութենէն,
կորսնցուցած
դրախտէն։
Մեր
եկեղեցիները
շէնքեր
չէին,
այլ՝
մարդեր։
Գլխու
պտոյտ
կու
տայ
խորհիլը
այն
ահաւոր
դէպքերուն,
որոնք
անցեր
էին
փարթամ
կամ
խեղճուկ
մեր
հայրապետանոցներէն,
պարագային
համեմատ
երկիր
ու
երկինք
փոխած,
բայց
պահող՝
խորհուրդի
նոյն
հիւսքը։
Գրել
հայոց
եկեղեցիին
պատմութիւնը՝
վերակազմելն
էր
փաղանգը
մարդոց,
յաճախ
արի,
մեծ,
գեղեցիկ,
երբեմն
մութ,
տրտում,
վատարի,
որոնք
կը
թափառէին,
ազատ
կամ
շղթայապիրկ,
Տիզբոնէն
Պոլիս,
դարերու
խռովքն
ու
խելքը
ամբարած
իրենց
նայուածքին
ու
գանկին,
միշտ
անճար
ամբոխներուն
բարիքը
որսալու,
իրենց
անձին
քաշելով
տարրերուն
չարիքը։
Գրել
հայոց
եկեղեցիին
պատմութիւնը՝
հետեւիլն
էր
այն
ոսկի
երակին,
որ
մեր
հոգեղէն
ուժն
էր
սերունդէ
սերունդ
անցնող,
նոյն
uպաuին
ու
նոյն
ողբերգութեան
սահմանուած։
Անոր
ո՞ր
գահակալը
արցունքով
չողողեց
իր
օրհնութեան
կոնդակները
իր
զաւկըներուն։
Անոր
ո՞ր
գահակալը
իր
ժողովուրդին
հպարտութիւնովը,
յաղթանակներովը,
մեծագործութիւններովը
արիացած
իր
գոհունակութիւնը
չվերառաքեց
երկնաւոր
Գահակալին։
Ասոնք
հարցումներ
չեն։
Բացէք
(օշականեան
բացատրութիւն
մըն
ալ
աս)
այդ
եկեղեցին
իբրեւ
հանդէս,
դուք
պիտի
ունենաք
շատ
աւելի
հզօր
յուզումներու
հանդէս
մը,
որքան
ատիկա
պիտի
չառնէինք
գուցէ
քաղաքական
մեր
պատմութենէն։
Արքաները,
նախարարները,
իշխանները
քիչ
անգամ
իրաւ
մարդեր
եղած
մեր
մէջ։
Մեր
հայրապետները
իսկապէս
մեր
ժողովուրդին
գերագոյն
խտութիւնները
կը
համադրէին,
քանի
որ
կու
գային
ամենէն
խոնարհ
խաւերէն։
Ինչպէս
կը
տեսնէք,
Oշական
մարդերուն
պատմութիւնը
կ՚ուզէր
մարդերէն
վեր
փառքերու
համար։
գ)
—
Մեր
գրականութեան
պատմութիւնը,
ո՛չ
այն
անլրջութեամբ,
որով
աբեղայ
մը,
վարժապետ
մը,
բանասէր
մը,
հաւաքիչ
մը,
կենսագրողներ,
հանդիպող
ունայնամիտը
յաւակնեցան
զայն
կերպարանել։
Յաջող
բացատրութեամբ
մը,
վաղ
իր
երիտասարդութեան
օրերէն,
Օշական
այդ
պատմութիւնը
անուաներ
էր
«
մեր
ոսկի
երազին
պատմութիւնը
»ը,
անով
զբաղիլը
չներելով
պատահական
դարբիններու։
Անիկա
յաճախանքին
մէջն
էր
ապրած
այդ
պատմութեան։
Իր
կեանքին
վերջին
տարիները
անիկա
նուիրեց
իր
մտայղացքը
իրագործելու
պարտքին,
փոքր
շրջանի
մը
վրայ
(Արեւմտահայ
/604/
գրականութեան
«
Համապատկեր
»ը),
խորունկ
տառապանքին
մէջ
նիւթական
անբաւարարութեան։
Հարիւր
տարիներու
իմացական
գործունէութիւն
մը
անկէ
առաւ
հազարաւոր
էջեր։
Ու
կային,
իր
օրերուն,
հաւասար
լայնքով
ու
շահեկանութեամբ
Արեւելահայ
գրականութիւնը,
Մխիթարեան
վաստակը,
ուրիշ
տասնէն
աւելի
դարեր,
բոլորն
ալ
իրենց
սեպհական
նկարագիրներով,
մասնայատկութիւններով,
մա՛նաւանդ
իրենց
մէջ
թաղուած
շատ
աւելի
թելադրական
կեանքին
փաստերովը։
Գտնել
Ե.
դարը
մեր
գրականութեան,
գտնելն
էր
ո՛չ
միայն
արքաները,
ժողովուրդը,
եկեղեցին
ու
իր
իշխանաւորները
—
որոնք
երբեմն
նիւթեղէնէն
չանցան
անդին
—
այլեւ՝
այդ
ամենէն
վեր
հոգին
ու
միտքը,
մեր
արեան
ամենէն
անհերքելի
վկայութիւնները:
Գրող
մը
միշտ
աւելի
առաձիգ
արժէք
է,
վասնզի
պաշտպանուած
է
իմացական
ալ
խտութեամբ
մը։
դ)
—
Մեր
մշակոյթին
համապատկերը,
մեր
ճարտարապետութիւնը,
իսկական
իր
կերպարանքներուն
ընտանի
մարդոց
գրիչով
եւ
ոչ
թէ
գրել
կրցող
բառախաղացներու
կողմէ,
մեր
մանրանկարչութիւնը,
ուր
գոյներու
գիծեր
չբռնանային,
այլ
զանոնք
մագաղաթին
նետող
միտքին,
սիրտին
անհերքելի
թրթռումները
դառնային
զգալի։
Մեր
երաժշտութիւնը,
որ
ժամերուն
մէջ
կոկորդ
էր
ու
տիրացութիւն,
մշակի
բերնին՝
լաց
ու
յոգնութիւն,
բայց
ատոնցմէ
առաջ
մեր
ժողովուրդն
էր՝
ինքզինքը
ազատագրած
նիւթէն,
իր
հոգեղէն
դրութեան
կազմաւորման
ի
խնդիր
էր,
այդ
դրութիւնն
իսկ
էր,
անցած
այնքան
ահաւոր
մթնոլորտներէ,
բարեխառնութիւններէ։
Մեր
կրտսեր
արուեստները,
մետաղի
վրայ
ու
սնդուսի
վրայ,
ուր
մեր
հոգին
ինկեր
էր
նորէն
կերպարանքի,
մէկ
խօսքով՝
ինչ
որ
դանդաղ
կամ
արագ
կաթումներով,
խմորումներով,
մեր
ժողովուրդը,
իր
ֆիզիք
գոյութեան
տարտարոսին
իսկ
ընդերքէն,
ազատագրել
ու
կազմաւորել
իբր
հոգեղէն
դրութիւն։
Մշակոյթը
հիմա
համատարած
բառ,
Օշականի
օրերուն,
աւելի
համեստ
կ՚առաջադրէր։
ե)
—
Մեր
ժողովուրդին
կենդանագիրը,
որ
գրքի
բառ
որը
չէր
անոր
հոգիի
աչքերուն,
այլ՝
զինքը
խորապէս
խռովող
դարձեալ
մեծատարած
տագնապ
մը։
Այդ
ժողովուրդը
իր
դարերն
ի
վար
ունէր
պարզած,
իր
մեծերուն,
գիտցողներուն,
իշխողներուն,
ստեղծողներուն
ճամբով
շքեղ
ու
սխրալի
շնորհներ
ու
անզետեղելի
անասնութիւններ։
Օշական
ապրած
չէ
տարագրութիւնը
(1915),
բայց
ապրած
է
անոր
վերացումը,
պատմել
տալով
դժոխքէն
ազատողներուն
իրենց
ապրումները
կարելի
պարզութեամբ,
մանրամասնութեամբ։
Օշական
ապրած
է
թուրքը,
անոր
բանտերուն
մէջ,
ու
ան/605/ցած
է
անոր
պալատներէն,
ճանչցած
այդ
ժողովուրդին
մէջ
աղբն
ու
ոսկին
ու
հասկցած
զայն:
Բայց
չէ
կրցած
հասկնալ
իր
ժողովուրդը,
վասնզի
զայն
կազմող
նկարագիրները
այնքան
իրար
կը
հերքէին։
Իր
«
Համապատկեր
»ը
կը
ջանայ
վերլուծել
այդ
ժողովուրդին
խորհուրդը։
Ցաւը
սրտին
անիկա
գոցած
է
իր
աչքերը։
Քանի՜-քանի՜
տեղ
անիկա
հարցուցած
էր
—
ո՞ր
հրաշքին
գնովն
է,
որ
այսքան
օժտուած
ժողովուրդ
մը
այսքան
քամբախտ
կեանք
մը
ըլլայ
հանդերձած։
Դար
է
անցեր
այդ
տարօրինակ
տեսանողին
հեռացումէն։
Գրուա՞ծը,
գործադրուա՞ծը,
նուաճուա՞ծը՝
այդ
մարդուն
ուզածներէն.
—
Շատ
քիչ
բան։
Թերեւս
պզտիկ
կը
տեսնենք։
Թերեւս
մեծ
կը
չափենք
ու
կը
ձեւենք։
Օշական
մեր
անցեալը
հասկնալու
մտատեսութիւնը
չէ
վերածած
այն
մշշային
բառախաղացութեան,
որով
իր
օրերուն
մեր
գրողները
մեր
ժողովուրդը
կը
ջանային
պատկերել,
զայն
թուղթի
վրայ
հազիւ
իսկ
ճանչցած։
Օշական
իր
ժամանակը
ապրելու
իր
ճակատագիրը
չէ
վերածած
հերոսապատումի
կամ
ողբասացութեան։
Անոր
վէպն
ու
թատրոնը
այդ
ժամանակէն
անփոխարինելի
վկայութիւններ
են,
իրենց
հատուածական,
ուրիշներ
կը
մեղադրեն,
անամբողջ
կերպարանքներուն
ներքեւ
անգամ։
Բայց
զայն
դասողները,
այսօր,
բան
մը
կը
մոռնան,
ատիկա
այդ
մարդուն
ձգտումներուն
ընդարձակութիւնն
է,
նեղ
ու
կամարակապ
ուղեղներու
համագործակցութեան
մը
մէջ
խեղդուելու
ճակատագրուած։
Վերի
գլխաւոր
ցուցմունքները
անիկա
ընդզգաց
(իրն
է
բառը),
երբ
իր
շուրջը
մարդիկ
գտած
էին,
այսինքն՝
կը
հաւատային,
թէ
գտած
էին
իր
ուզած
հինգ
մեծ
կրթանքներուն
կշիռը։
Ո՛չ
միայն
չլսեցին
զինքը,
այլեւ
ծաղրեցին
իր
ձգտումները։
Ինչ
հա՛րկ,
օրինակ
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
պատմութեան,
երբ
ունէր
գոյութիւն
Մաղաքիա
Օրմանեանի
հերոսափառ
«
Ազգապատում
»ը։
Ինչ
հա՜րկ
Հայոց
պատմութեան
մը,
երբ
այդ
հերոսութիւնը
փառքով
ու
պատիւով
զգեցած
էր
Մատաթիա
Գարագաշ
մը։
Այս
օրինակները
հոս,
որպէսզի
իր
ճիշդ
տագնապին
մէջ
զգանք
Օշական
ըսուած
ողբերգութիւնը։
Եւրոպայէն
չէր
գար
այս
գիւղացին։
Իր
ըսածները
փափկելու
գիտութիւնը
կ՚արհամարհէր
այդ
գեղջուկ
բնազդով։
Հռովմէացիք,
վտանգի
պահերուն,
չէին
վախնար
հողագործի
մը
բանակներ
յանձնելու։
Մենք
մերժեցինք
Օշականին
կշիռները,
մեզի
յատուկ
թեթեւութեամբ։
Արեւմտահայերը
զայն
անգիտելու
պատճառներ
կրնային
ունենալ։
Բայց
մեր
նորակազմ
/606/
պետութիւնը
այդ
աշխատաւորին
գործն
ալ
բարի
չէր
եղած
ընդունելու
իր
մատենադարանին
համար։
Ի
լրոյ
գիտենք,
որ
«
Մնացորդաց
»ը
ուղարկուած
Երեւանի
մատենադարանին,
ետ
է
դարձուած
իր
հասցէին։
Անգիտութեան,
աճապարանքի,
հերոսութեան
տարիներ
էին
անոնք։
Անցան։
Հանդարտութեան,
ինքամփոփ
մտածումի
տարիներ
յաջորդեցին
անոնց։
Մենք
մեր
Պանթէոնին
մէջ
հիւրընկալեցինք
կասկածելի
մոխիրներ։
Օշականին
ոսկորները
կը
շարունակեն
տառապիլ
օտար
հողերէն։
Ըսի,
թէ
շատ
քիչ
բան
գործադրուած
էր
Օշականի
պահանջներէն։
Վասնզի՝
մեր
նորոգեալ
իմացականութիւնը
ի
սպաս
է
դրուած
անմիջականին։
Կը
յիշենք,
ահա
կայ
հարիւր
տարի,
բայց
չենք
մտածեր,
որ
կը
շինենք
երկու
հազար
տարիներու
աւրածը։
Գիտնալու
ենք,
որ
լինելը
միշտ
աւելի,
հարիւր
անգամ
աւելի
ուժ
ու
ժամանակ
կը
սպառէ։
Մեր
երիտասարդութեան
աւագ
պարտականութիւնն
է,
աւերակները
մաքրելէ
վերջ,
ապրիլ
նախ
իր
հաշւոյն,
այսինքն՝
համակարգել
նախապայմաններ,
առաւելապէս
նիւթեղէն,
որոնց
շնորհիւ
միայն
լայն
շունչ
առնելու
է
երկու
հազար
տարի
նեղ
ապրած
մեր
ժողովուրդը։
Մեր
երիտասարդութիւնը
իր
անմիջական
պապերէն
«
սուգ
ու
շիւան
»
էր
ժառանգած
(դար
ու
կէս
մեր
մշակոյթը
այս
դառնութեան
կաթովը
սնաւ)։
Ու
ժառանգած
այս
ստորադիր
հոգեխառնութեան
հետեւանքները,
ծանրածանր
մեղքերը
ներքին
կորանքին,
իրապաշտ
ցրտութեան,
ցնորաբուք
հպարտութեան
ու
նենգ,
յիմար,
յիմա՜ր
ատելութիւններուն,
իրար
հերքող
յաւակնութիւններուն,
ու
իմացական
մարզին
վրայ
իսկ
անկարելի
համարուած,
բայց
այնքան
իրաւ
կիրքերու,
հակամարտութեանց։
Այո՛։
Փոխուած
է
թերեւս
բաւական
բան,
մա՛նաւանդ
այս
վերջին
գետնին
վրայ։
Այսօր
մեր
երիտասարդութիւնը
կ՚ապրի
իր
տարիքը,
կիրքերը,
երազանքը,
հպարտութիւնները,
հաճոյքները,
առանց
բազմաբաւիղ
տարակոյսներու,
ճեղքուածքներու,
առատ
ու
բարի,
թերեւս
հակակշռելու
համար
զրկանքին
ձիգ-ձիգ
դարերը։
Կ՚ապրի
թափով
ու
տաք,
միշտ
իր
ներքին
ձայներուն
ընդմէջէն,
իր
մօտիկ
անցեալն
ալ,
անշուշտ
հոնկէ
իրեն
օրակարգ
մը
ճարելու
միամտութենէն
հեռու,
բայց
սիրայորդ
մտածումին
մէջը
այդ
անցեալին
բարեխառնութեան
կարելի,
ներելի
մասերով
ինքզինքը
հաղորդ
ընելու։
Օրակարգի
անցնելը,
մերժելը…
թուղթի
վրայ։
Բաներ
կան,
որոնք
դուռէն
վռնտուելով
պատուհանէն
կը
խուժեն
ներս։
Ատոնցմէ
մէկն
է
մեր
անցեալը։
Մենք
ո՛չ
կը
վախնանք,
ո՛չ
կ՚ամչնանք
անկէ։
Չենք
ալ
երթար
առաջ
«զայն
օրակարգ»
առաջարկելու
(գի/607/տենք
այդ
մտայնութեան
արդիւնքը
կէս-տասնեակ
մը
դարերու
հասակով)։
Բայց
մեր
օրերու
այգիները,
ջրանցքները,
խոշոր
կառոյցները,
մեր
ճամբաները,
թատրոնները
մեզ
չեն
կրնար
արգիլել,
որ
մեր
ներքին
կալուածքին
մօտ
բռնենք
—
ի՛նչ
որ
էինք
սանկ
հարիւր
մը
տարի
առաջ
։
Քաղաքականութիւնը
գրականութեան
մէջ
անիմաստ
է,
բայց
անհրաժեշտ։
Մենք
մտադրած
ենք
մեր
ժողովուրդին
հոգին
գտնել,
հիմա,
որ
գտած
ենք
անոր
մարմինը,
տուած
ենք
այդ
մարմինին
անհրաժեշտները։
Ո՞ւր
է
հոգին։
Անշուշտ՝
նայուածքին
մէջը
տասնամեայ
մանուկին,
որ
իր
խաղը
կը
խաղայ
իր
գեղին
արձակութեանցը
վրայ,
առանց
կասկածելու,
որ
դէմի
ճամբէն
իրեն
տարեկից
ուրիշ
մը
պիտի
գայ
զինք
խանգարելու
ու
առնուազն
ծեծելու։
Զուարթ
մարմինին
շուրջը
երիտասարդին,
որ
թեւին
աղջիկ
մը
կ՚ելլէ
դուրս
իր
գործատունէն
ու
երգի
մը
ցանցին
մէջ
առած
իր
զոյգ
մատաղութիւնները
կը
դիմէ
իր
հաճոյքներուն,
խաղերուն,
մտքին
գոհացման,
առանց
կասկածելու,
թէ
ոստիկան
մը
պիտի
մօտենայ
իրենց,
զիրենք
հրաւիրելու…
բանտ,
հաշիւը
պահանջելու
համար
այդ
երգին…։
Ու
ասիկա
այսպէս
ապրումի
բոլոր
երեսներուն
ու
տարիքներուն
համար։
Օշական
կ՚ուզէր
գիւտը
իր
ժողովուրդին։
Մենք
գտանք
անոր
էամասը,
այսինքն՝
պայմանները,
ուր
մարմինները
մարդկային
կերպարանքներու
տակ
կ՚արտօնեն,
որ
կատարեն
իրենց
հոլովոյթը։
Կործանած
երկրէ
մը
դրա՛խտ
մը։
Իր
կէսէն
պակասին
իջած
ժողովուրդի
մը
—
կէս
դարու
հասակի
մը
վրայ
մենք
Oշականի
օրերուն
վրայ
տուինք
այդ
սքանչելի
խմորը
—
մենք
ունինք
առողջ,
լեցուն,
մեծ
կարելիութեանց
համար
լիառագաստ,
շքեղ
գումարը
հայորդիներուն։
Ուրի՞շ։
Անշո՜ւշտ։
Սանկ
հազար
ինը
հարիւրի
սկիզբները
մեր
մտաւորականութիւնը
իր
տանտաղոսին
խորը
սուզուած,
չէր
կասկածեր,
թէ
հայ
հոգի
մը
ունէր
գոյութիւն,
քանի
որ
այդ
թուականէն
կէս
դար
առաջ
ամէն
վարժապետ
կ՚երգէր
հայը,
ամէն
վարդապետ
կը
քարոզէր
Լուսաւորչի
հաւատքը,
ամէն
բանասէր
կը
փառաբանէր
աստուածախօս
լեզուն
ու
ամէն
բանաստեղծ
Հայաստանի
համար
կը
հալէր
ու
կը
մաշէր։
Բոլոր
կոյսերը,
սոխակները,
զեփիւռները,
առուակները
ուրիշ
մոթիֆ
չունէին
պատմելու…
պոլսեցիներուն։
Քանի
որ
դար
մը
աւելի
առաջ
այդ
թուականէն,
ուրիշ
խումբ
մը
մարդոց,
հայրենիքէն
տարագիր,
մերձաւոր
ապրումներու
հանդէս
մը
կ՚ընէր
կեանքը
մեր
մտաւորականներուն,
հայոց
ժողովուրդը,
հայրենիքը,
պատմութիւնը
գտնել
երբ
կը
ձեռնարկէր
…
Վենետիկ։
/608/
1900ին
արեւմտահայերը
տոնքիշոթութիւն
որակեցին
նորոգուած
տարազը
հայ
հոգիին
գիւտին։
Այս
ամէնը
իրաւ
են,
պատմական
գետնի
վրայ։
Մի
ըսէք,
թէ
հմտութիւն
կը
ծախեմ։
Հեռուն
անկշիռ
տարազ
է
հոգեղէն
տիմանսիոն
ները
չափելու
համար։
Երկու-երեք
դար,
մշակոյթի
մը
հոլովոյթին
վրայ
ծանր
իմաստ
մը
չեն
նետեր։
Այսօր
երբ
կ՚ըսենք
մէկ
է
հայ
մշակոյթը,
գիտակ
ենք
օրակարգին
մէջ
մուտք
ունեցող
հակադրութեանց։
Մէ՞կ՝
վեցերորդ,
ութերորդ,
տասներորդ,
երկոտասաներորդ…
քսաներորդ,
քսանըմէկերորդ
դարերու
մեր
գրական
հասկացողութիւնները։
Անշո՛ւշտ
ոչ։
Բայց
մէկ
է
այդ
դերբուկներուն,
տարբերանքներուն
ներքեւ
շրջան
ընող
հոգեղէնը,
որ
բնազանցական
վերացում
մը
չի
նշանակեր
հոս։
Մէկ
է
ուրեմն
հայ
հոգին,
որմէ
միայն
կրնան
բխիլ
բոլոր
մշակոյթները։
Ու
մշակոյթը
ապառաժեայ
անայլայլ
տարազ
մը
չէ
բարեբախտաբար։
Անիկա
երկաթն
է
խմորի
պէս
կակուղ
ու
ընկալուչ,
որպէսզի
արձանագրէ
իր
նեարդներուն
խորը
ինչ
որ
ուզեն
դնել
զինքը
դաշտ
դնողները,
իր
աշխատաւորները։
Արեւմտահայերը,
միշտ
աւելի
թափանցամիտ,
տասնիններորդ
դարու
վերջերուն
իսկ
ըրին
առաջին
փորձերը
ճշդելու
մեծ,
ընդհանուր
օրէնքները,
որոնք
կերպարանք
կրնային
ըլլալ
տուած
մեր
մշակոյթին
Վենետիկը
արհամարհելը,
հիմա
պարզ
միամտութիւն,
չի
հերքեր
այդ
Վենետիկին
իրականութիւնը։
Օշական
կը
տառապէր
այդ
վանականներուն
գրական
անբաւարարութենէն,
բայց
կը
համակրէր
անոնց
ձեռնարկներուն
ներքին
տարողութեան։
Կ՚ուզէր,
որ
Ալիշանի
վրիպած
ձեռնարկը,
Հայոց
պատմութիւնը
վերակազմելու,
օրինակ
ծառայէր
աշխատաւորներու,
որոնք
երանելի
աբբային
կիրքը,
սէրը,
ջանքը
գործածէին
աւելի
արդիւնաւէտ
միջոցներու
ու
մա՛նաւանդ
ազատագրէին
միտքը
կանխեալ
ամէն
ճնշումէ։
Օշական
կը
համակրէր
վիեննացիներուն
լրջութեան,
մեթոտներուն
իրականութեան,
բայց
կը
պահանջէր,
որ
իրական
իմաստը
(վախցած
է
միշտ
Օշական
իմաստասիրութենէն,
այդ
յաւակնոտ
բառը
լղրճուած
գտնելուն
իմաստէն
հիմնովին
զուրկ
մարդոց
բերնով
ու
գրիչով)
լուսաւոր,
տաքցնէր
այդ
միջատաբանի
պրպտումները,
որպէսզի
այդ
մեթոտներով
ճարուած
գիւտերը
—
զանակները
հայ
մշակոյթին,
որով
եւ
հայ
հոգիին
—
վանականի
մը
ստերջ
պատերը
չզարդարէին,
այլ
քով
քովի
բերուելով
յօրինէին
հայ
ամբողջական
հոգին:
Քերականութիւն
մը,
լեզու
մը
փառքեր
չեն,
այլ՝
մասնիկներ
այդ
փառքէն։
Օշական
կ՚ուզէր,
որ
դասական
հայերէնին
մեծադղորդ
գիւտը
Մատաթիա
Գարագաշ
չվերածէր
Լուի
Ռասին
թարգմանելու
կամ
/609/
շարադրութիւն
գրելու,
այլ
գտնէր
իր
ճշգրիտ
կերպարանքին
մէջ
ոգին,
որ
թելադրած
էր
այդ
նրբենի,
ողորկ,
սիրուն,
ներդաշնակ
համաձայնութիւնը
բառին
ու
նախադասութեան։
Ովքե՞ր՝
որոնք
ըլլային
իրենց
մտածելու
գործիքը
յղկած
այդ
կատարելութեամբ։
Ի՞նչ՝
իմացականութիւնը
այդ
գործիքը
գործածողներուն։
Ո՞ւր
կը
նայէին
հոգեղէն
սլաքները
այդ
արուեստագէտներուն։
Ահա
Օշականին
տագնապները,
նման
գիւտէ
մը
ետքը։
Ինք,
«
Համապատկեր
»ին
մէջ,
հազիւ
թէ
զբաղած
է
արեւմտահայ
սքանչելի
լեզուով,
որ
միս–
մինակը
շքեղանք
մըն
է
այսօր
մեր
հաւաքական
հարստութեան
վրայ։
Բայց
այդ
«
Համապատկեր
»ը
այդ
գործաւորներուն
(արեւմտահայ
աշխարհաբարին)
հոգիները
մեզի
վերլուծած
է
լիառատ
փաստերով։
Թէ՛
Ե.
դարը,
թէ՛
ԺԹ.
դարը
մեր
պատմութեան
կը
պատկանին։
Մեր
Ե.
դարը
անծանօթ
աշխարհ
մըն
է
գրեթէ,
ոչ
թէ
հեռու
իյնալուն,
այլ
պեղուած
չըլլալուն
այն
մեթոտներով,
որոնք
գործադրեց
Օշական
իր
ժամանակին
վրայ։
Բանասիրականը՝
յատակ,
բայց
երբեք
ինքնիրեն
համար
նպատակ։
Բանասիրականը՝
ապահով
միջոց,
հաւաքելու
նիւթեղէնը
հոգեղէն
յօրինումին։
Այս
մտածումները
նորոգած
են
ահա
մեր
օրերու
ըմբռնողութիւնը
մշակոյթներէ
ու
մենք
միայն
բառ
չենք
արտասաներ,
երբ
կը
խօսինք
մեր
տաճարներու
ոճէն,
մեր
հայրապետներու
հոգիէն,
մեր
ժողովուրդին
նկարագիրներէն։
Գիտունն
ու
արուեստագէտը
իրարու
հետ
ու
իրարու
մէջ։
Ու
կը
զարմանանք,
որ
այսքան
իրաւ,
արդիւնաւէտ
յղացքներ
ինչո՞ւ
կ՚ենթարկուէին
խեցեվճիռի։
Արեւմտահայերը
սակայն
միայն
բառերու
ճպուռներ
չէին։
Առանց
իրենց
բառամոլ
ու
յաւակնոտ
խառնուածքին,
անոնք
հաւանաբար
մեզի
պիտի
ըլլային
ձգած
շատ
աւելի
յստակ,
դրական,
հաստատ
արդիւնքներ։
Անոնց
մէկ
վարդապետը
գրեթէ
մօտիկէն
անցաւ
շքեղ
համադրութենէն,
որ
հայ
հոգիին
կերպարանքն
էր
ԺԹ.
դարու
վերջերը,
երբ
զգաց
այդ
կերպարանքին
անգնահատելի
փշրանքները
ու
հաւաքեց
զանոնք,
խանդավառ
ու
յիմար։
Ըլլար
անոր
իմացականութիւնը
ազատագրուած
Վենետիկին
մշուշէն,
այն
ատեն
մենք
կ՚ունենայինք
իսկապէս
մեծը,
գիտականը,
գրականը,
իրաւը,
խորապէս
ու
անվերածելի
չափով
հայեցին։
Գաղիացիք
իրենց
ժողովուրդը
գտան
ԺԹ.
դարու
կէսէն
վերջը,
երբ
երեք
խիտ
մշակոյթի
դարեր
ունէին
իրենց
ետին
ձգած,
բայց
մեզի
պէս
բառերով
կ՚ապրէին։
Այսօր
նուաճուած
գաղափար
մըն
է
մեր
մշակոյթին
մեզի
յատուկ
ինքնութիւնը։
Օշական
չի
վախնար
Լափալէսին
ստուերէն,
/610/
երբ
այսքան
պարզ
բաներ
ստիպուած
ըլլար
շեշտով-շեշտով
կրկնելու
իր
օրերուն։
Բայց
անիկա
տառապանքին
մէկն
էր
այն
bariolé
պատկերներուն,
որոնք
պաշտօն
ունէին
այդ
մշակոյթը
պիտակելու։
Իր
օրերուն
ինչե՜ր
չգրեցին
այդ
մշակոյթին
տիեզերական
փառքէն։
Հիմա
աւելի
համեստ
ենք։
Այսօր,
շատ
մը
տարբեր
կրթանքներէ
ճարուած
փաստերու
գնով,
գիտենք,
որ
մեր
մշակոյթին
ինքնութիւնը
բաղադրեալ
յաջողուածք
մըն
է։
Մինակ
հայ
լեզուին
վերլուծական
զննութիւնը
մեզ
դրաւ
այնքան
տարբեր
մշակոյթին
հունին
ու
ձգտումներու
ծիրին։
Անշո՜ւշտ։
Հայ
լեզուն
առանձին
ճարտարապետութիւն
է,
թէեւ
իր
բառերուն
երեք
չորրորդը
ըլլայ
առած
շրջապատէն։
Բայց
ո՞ր
լեզուն,
իր
կեանքին
դարերովը,
չէ
անցած
նման
պարտքերէ։
Ֆրանսերէ՞նը։
Անգլերէ՞նը։
Որքան
տարբեր
մարդեր
են
լատինն
ու
ֆրանքը։
Ըսել,
թէ
արդի
գաղիական
մշակոյթը
զաւակն
է
յունա–լատին
մշակոյթին,
հաւասար
հասկնալն
է
իտալացին
եւ
գաղիացին։
Լեզուական
ծագումները,
մա՛նաւանդ
փոխառութիւնները
չունին
այն
ճնշումը,
ճակատագրական
դերը,
զոր
հողն
ու
արիւնը
կը
պահեն
հոգիներուն
վրայ։
Տասնըվեց,
տանսեօթը,
տասնութերորդ
դարերուն
կէսը
Եւրոպային,
հիւսիսային
երիզը
Ափրիկէին,
գրեթէ
մէկ
չորրորդը
Ասիային
կը
հասկնային
թուրքերէնը,
որ
քառսունի
մօտ
ժողովուրդներու
վրայ
կը
բռնանար։
Բացի
հարազատ
թուրքերէն
ուրիշ
ոչ
մէկ
ցեղախումբի
վրայ
անիկա
ունեցաւ
տարրական
իսկ
կշիռ։
Մեր
օրերու
կայսրութիւններն
ալ
մեզի
կը
պարզեն
նման
երեւոյթներ,
լեզուներու
աշխարհէն։
Փոխադրեցէք
սա
հանգիտութիւնները
մշակոյթի
ուրիշ
ճիւղերուն,
պիտի
հաստատէք
նման
իրողութիւններ։
Հայ
մշակոյթին
ինքնատպութիւնը
ինքնատպութիւնն
է
իր
ժողովուրդին,
որ
կրեց
մեծ
կայսրութիւնները,
բայց
գտաւ
կերպը
ինքզինքը
մնալու։
Այսօր
գիտենք,
որ
իր
ուժերուն
ծիրին
մէջ,
մեր
մշակոյթը
աշխատած
է
հաշտութեան
միջին
մը
գոյացնել
շրջապատի
աւելի
փարթամ
մշակոյթներու
ընդհանուր
գնացքին
մէջ։
Հիմա
չենք
քնարերգեր
մեր
ճարտարապետութեան
անգոյ,
առնուազն
խնդրական
շնորհները,
բայց
հպարտ
ենք
մեր
փոքրին
իրաւ,
անդատապարտ
գեղեցկութեամբը։
Հիմա
չենք
մինչեւ
հիացում
իջեցներ
մեր
լեզուն,
բայց
կը
գուրգուրանք
անոր
վայելչութեան,
փայլին,
կորովին,
ճկուն
օրկանիզմին,
թեթեւ
ու
աշխոյժ
գնացքին,
ինչպէս
հող
ու
ջուր
թելադրող
թանձր
իրականութեան
վրայ,
(ինչպէս
տրուած
է
մեզի
հաստատել
մեկ
կարեւոր
մասը
սա
վերագրումներուն
դասական,
արեւմտեան
լեզուներուն)
ու
միւս
հողային
արժանիքներն
ալ
ներկայ
լեզուին
վրայ։
Այս
ստա/611/ցումները
Օշական
գուշակած
էր
մեզմէ
առաջ։
Այո՛,
դեռ
չէ
գրուած
Հայոց
պատմութիւնը
այնպէս՝
ինչպէս
կ՚ուզէր
Օշական։
Բայց
մեծ
բարիք
է
անոր
վրայ
կատարուած
մաքրագործման
աշխատանքը։
Որքան
ծուռ
ու
սխալ
կը
հասկնայինք
զայն։
Այսօր
մէկդի
են
նետուած
այդ
անպէտք
տարրերը։
Ու
գիտենք,
այդ
պատմութեան
հիմունքը
կազմող
ազդակներուն
տարողութիւնը,
հոն
պղտոր
ձեւով
մը
վրայէ
վրայ
դիզուած
հոգեխառնութեանց
ստոյգ
նկարագիրները։
Կրնանք
մեր
պատմութեան
զանազան
շրջաններուն,
երեւոյթներուն
հակասութիւնները
հասկնալ
առնուազն
ու
որոշ
կաղապարներ
ճարել
մեր
մշակոյթին
անհանգիտութեանց
իւրաքանչիւրը
պիտակող։
Բայց
մա՛նաւանդ
ի
վիճակի
ենք
իր
քաղաքական
կորանքները
վերլուծել,
ու
ապշութեամբ
չկենալ
դէպքերու
դիմաց,
որոնք
չեն
զետեղուիր
տրամաբանող
իմացականութեան
կալուածներուն։
Աւելի
լայն
է
մեր
հայեացքը,
ընդգրկել
կարենալու
համար
դէպքերուն
անհուն,
անսպառ
կարաւանը,
որոնք
աշխարհի
ոչ
մէկ
մասին
մէջ
ունեցել
են
նման
հետեւանքներ։
Բացուած
են
մեր
պատմիչները,
իրենց
այնքան
խիտ,
տարօրինակ,
գրեթէ
առասպելային
էջերն
ի
վար,
մեզի
թելադրելու
համար,
երկու
տողի
վրայ,
երբեմն
լման
դրութիւններ
հոգիէ։
Օշական
կը
կարդար
զանոնք,
ու
կը
գտնէր
իր
ժողովուրդը,
ո՛չ
անշուշտ
մեր
նայուածքին
լիութեամբն
ու
յստակութեամբը։
Ազատագրուած
են
մեր
դարերը
առասպելէն,
հեքիաթէն,
երկինքէն,
ըլլալու
համար
իրենք
զիրենք։
Այսինքն՝
շրջաններ,
ուր
անմահ
յատակի
մը
վրայ
մարդկային
տարրին
—
մեր
ժողովուրդին
—
բուխքեր,
ելոյթներ,
գեղեցկութիւն
ու
տրտմութիւն,
քաղցրութիւն
ու
արիւն,
ամենէն
ահաւոր
սպանդը
ու
ամենէն
վսեմ
զոհողութիւնը
կը
բռնկին,
կը
լուսաւորեն
ու
կը
մեռնին,
անվախճան
ուրուապարը,
այրելով
միշտ
ողջ,
միշտ
յուսավառ
ժողովուրդի
մը
դժոխքին
վրայ:
Թանձրացուցէք
սա
քիչ
մը
բանաստեղծական
նմանութիւնները,
որպէսզի
ըլլան
անուանելի,
շօշափելի։
Պիտի
զգաք,
որ
ձեր
միտքը
չարչարող
քլիշէ
վերնագիրները.
—
Մարզպաններ,
Արաբական
տիրապետութիւն,
Բագրատունիք,
Ռուբինեանք,
Գերութիւն,
Ժամանակակից
շրջաններ
տարբեր
խտութեամբ
կեանքի
շեշտեր
կը
ծածկեն։
Այսինքն՝
մեր
պատմութիւնը
կը
լուսաւորենք
այդ
քլիշէներուն
նորոգուած,
պայծառացած
մարմնառութիւններովը։
Կիրակոս
Գանձակեցին,
Հեթում
պատմիչը
թաթարներուն
վրայ
այնքան
քիչ
գիտեն,
որքան
մենք՝
պարթեւներուն
վրայ։
Քսաներորդ
դարու
ռուս
ու
գերման
ազգագրութիւնները
այդ
ժողովուրդը
վերստին
գտան
ու
մենք
այդ
նոր
ստացումներուն
ուղիով
կը
քալենք
դէպի
պարագրկու/612/մը։
Մեծ
պատմութիւն։
Մեր
մշակոյթը
ազատագրուած
է
մա՛նաւանդ
հռետոր
վարժապետներու
խնամակալութենէն,
որ
այնքան
յոխորտանքով
տիրապետեց
արեւմտահայ
հատուածին
մէջ
ու
դպրոցը
կազմեց
բառերով
պատմութիւն
գրողներուն։
Մեր
մշակոյթը,
մասնաւորուած,
մասնագիտացած,
գտած
է
իր
բանուորներուն
ջանքովը,
խելքովը
իր
հիմնական
գիծերը։
Մեր
ճարտարապետութիւնը
թօթափած
է
գրագէտներու
շողշողուն
ֆրազները։
Մեր
ֆոլքլորը
վերլուծուած
է
քննադատական
ուսումնասիրութենէն
ձերբազատ
ոգիով։
Մեր
նկարչութիւնը
համեստ,
պարզ,
իր
արհեստաւորներուն
կ՚ապաւինի։
Ու
մեր
երաժշտութիւնը
կորովի
պայքարի
մէջ
է
իր
ակունքները
հասնելու։
Այս
ամէնը
կ՚ըսենք
առանց
յաւակնութեան,
ինչպէս
առանց
տրտմութեան։
Մեր
գտածը
մերն
է։
Քիչ,
պզտիկ.
իրաւ
ու
մա՛նաւանդ
մերը:
Բայց
իմ
նպատակէն
դուրս
է
մեր
մշակոյթին
այնքան
վիճելի
նկարագիրները
դնել
սեղանի
(աս
ալ
օշականեան
բացատրութիւն
մը)։
Իմ
մտադրութիւնն
է
Արեւմտահայ
գրականութեան
ամենէն
ընդհանուր
մէկ
քանի
յատկանիշները
վերլուծել,
բացառիկ
այս
ճիգը
կարելի
ընծայող
վաստակի
մը
վրայէն։
Ասիկա,
քիչ
մը
յաւակնոտ
տարազով՝
կը
նշանակէ
գործ
մը
համադրել,
մարդ
մը
կենդանագրել։
Պէտք
կա՞յ,
ըսելու,
որ
այդ
աշխատանքը
ըրած
է
ինքը
իր
գործին
վրայ
բուն
իսկ
աշխատաւորը։
Իմ
ընելի՞քը։
—
Կշիռը
այդ
աշխատանքին,
մա՛նաւանդ
մեր
օրերուն։
Օշական
շատ
պատշաճութեամբ
ծաղրած
էր
արեւելահայ
քննադատութիւնը,
որ
կը
հաւատար,
թէ
հեղինակները
կենսագրել
ու
անոնց
գործերուն
տեղեկագիրը
պատրաստելը
կը
կազմէին
քննադատին
սրբազան
պարտականութիւնը։
Քննադատութիւնը
ծոյլերուն
էլտորատոն
էր։
Օշական
հազարաւոր
էջեր
է
լեցուցած,
առանց
տեղ
մը
բան
պատմելու
գիրքերուն
նիւթական
բովանդակութենէն։
Կ՚ընեմ
իրեն
նման։
Կ՚ենթադրեմ,
թէ
ինքզինքը
յարգող
գրական
ամէն
աշխատաւոր,
ծանօթ
է
Օշականի
գործին
իր
ամբողջութեանը
մէջ։
Կ՚ենթադրեմ
զայն,
նոյնպէս,
անցած
երկու
սերունդի
կշիռէն,
որոնք
շատ
բան
երեւան
բերին
մեր
անցեալէն
ու
շատ
ալ
բան
հողին
տուին
մեր
մօտիկ
դարէն։
Գոյութենէ
դադրած
է
Արեւմտահայ
գրականութիւնը։
Կատարուած
է
անոր
հաշուեյարդարը,
աճապարոտ,
չըսելու
համար
խելքէ
կարճառօտ
տեսութիւններով։
Ես
կը
շեղիմ,
նմանելու
համար
Օշականի,
հասարակաց
ճամբաներէն
ու
Օշականի
վաստակին
կշիռէն
առաջ,
կու
տամ
քանի
մը
էջ
այդ
գրականութեան
ընդհանուր
/613/
տարողութեան։
Չեմ
խօսիր
—
որովհետեւ
չեմ
կրնար
կշտանալ
ըսեր
էր
Օշական
—
այդ
գրականութեան
գործիքին,
լեզուին
շնորհներէն։
Այդ
լեզուն
իր
նոյնիսկ
ամենէն
դժբախտ
շրջանին
—
Սփիւռքը
—
շքեղագոյն
փաստերէն
մէկն
է
մեր
մշակութային
ընդունակութեանց։
Չեմ
տարածուիր
լեզուի
մը
էսթէթիքային
խնդրական
օրէնքներուն,
որոնք
անշուշտ
կապեր
ունին
զայն
յօրինող
ժողովուրդին
իմացական
տուրքերուն
հետ։
Ես
կը
զբաղիմ
հերքելու
այն
քանի
մը
անիմաստ
մեղադրանքները,
որոնք
ի
զօրու
էին
1900ին
ու
ե՛ն
տակաւին։
Մեղադրանքներ՝
որոնք
զարկած
են
չորն
ու
կանանչը
հաւասարապէս։
Ատոնցմէ
ոմանք՝
Օշական
ինքը
քայքայած
է
արդէն
իր
«
Համապատկեր
»ին
մէջ։
Հիմա
ծաղրել
այդ
գրականութեան
ռոմանթիզմը,
հոսհոսութիւնը,
զարդամոլութիւնը,
նրբապաշտութիւնը,
օդայնութիւնը
կը
նշանակէ
քլիշէներ
վերակոչել
կեանքի։
Ոչ
ոք,
մեր
դատողներուն
մէջ,
այս
կողմերը
տեսած
ու
խարանած
է
այդ
գրականութեան
մէջ
այն
ճշդութեամբ,
թափանցումով,
որքան
ինքը՝
Յակոբ
Օշական։
Oշական
պաշտպանած
է
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
հայեցիութիւն,
մարդկայնութիւն,
գեղեցկութիւն,
մշակութային
բարձրորակ
տարողութիւն,
մեր
ժողովուրդը
արտայայտող
ընդարձակ
վկայութիւն,
մեր
ժողովուրդին
ամենէն
տիրական,
անմահ
քանի
մը
շնորհները՝
—
ջերմութիւն,
հարստութիւն,
կիրք,
փայլ,
—
փարթամ
ձեւերուն
մէջ
զուսպը
սիրելու
պարզութիւն
։
Երբ
ենթարկենք
այս
տարազները
արագ
վերլուծման,
պիտի
գտնենք
որ
ա)
—
Արեւելահայ
քննադատութեան
մեծագոյն
մեղադրանքը՝
անհայեցիութիւնը
այդ
գրականութեան
վրայ,
արտաքին
բազմատեսակ
ու
ընդարձակ
փաստերէ
կը
թուի
ըլլալ
պաշտպանուած։
Բայց
պզտիկ
բարիկամեցողութիւն
մը
պիտի
չուշանար
զգալու
այդ
մեղադրանքին
առնուազն
անտեղութիւնը։
Մենք
օտար
գրականութիւններու
ուսումնասիրութիւններուն
մէջ
չե՞նք
հաստատած
երեւոյթը։
Միայն
ԺԹ.
դարը
առէք
օրինակ
ու
ըսէք,
թէ
ո՞ւր
են
մեծադղորդ
փառքերը,
որոնցմով
կը
հպարտանային
արեւմտեան
մեծ
գրականութիւնները։
Ժամանակը
անդարձ
թաղած
է
աւելի
քան
հոյակապ
դաւանուած
հանճարներու
գործը։
Որքան
քիչ
է
ազատուածին
քանակը
այդ
հհսկայ
աւերակոյտէն։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
բացառութիւն
պիտի
չկազմէր։
Անոր
մեզի
ձգած
վաստակին
մէջ
մնայունին,
իրաւին,
ողջին
քանակը,
հասկնալի
անշուշտ,
որ
ըլլար
պայմանաւոր,
միայն
ու
միայն
հայեցիով
։
Արդարեւ,
որակականը
—
/614/
հայեցին
—
մոգական
տարազի
մը
կը
նմանի։
Փակցուցէք
զայն
Քամառ-Քաթիպայի,
Շահազիզի,
Նալպանտեանցի,
Խրիմեանի,
Նար-Պէյի,
Պէշիկթաշլեանի,
նոյնիսկ
Պետրոս
Դուրեանի
ազգայնական
քերթուածներուն
վրայ,
դուք
պիտի
մնաք
շուարած։
Արտաքնապէս,
այդ
քերթուածները
խորանարդեալ
չափերով
մեզի
կը
թուին
բերել
հայեցի
յուզումներ։
Այդ
քերթուածները
1870ին
կը
պատմէին
մեզի
մեր
պատմութիւնը,
մեր
շրջանային
հոգեբանութիւնը,
կը
հասնէին
բոլորին
ալ
սիրտին
ու
կը
խանդավառէին
ուսեալն
ու
անուսը,
հաւասարապէս։
Ասոնք
չեն
հերքելի։
Բայց
արուե՞ստը։
Այսինքն՝
ի՛նչ
որ
անցաւոր
ձեւերը
կը
յարդարէ
աւելի
մնայուն,
որով
եւ
աւելի
խորունկ
յօրինուածքներու
համար։
Այսինքն՝
այն
կախարդական
կնիքը,
որով
իրաւ
ապրումներ,
երազանք
ու
յոյզ
կը
դիմանան
զիրենք
զգացող
ձեւերուն
շիջումէն
ալ
վերջը,
քանի
որ
կը
յայտնուին
ուրիշ
ձեւերու
ալ
ներսը,
նոյն
processusով
ու
նոյն
սենարիոյով։
Անշուշտ
որ
հայեցի
էին
«
Հիմի
էլ
լռենք
»ը,
«
Հայ
ապրինք
»ը,
«
Արիք
հայկազունք
»ը,
«
Մայր
Արաքսի
»ն,
«
Ո՛հ,
ինչ
անուշ
»ը,
«
Լեւոնի
վիշտը
»,
«
Լուսնկայն
գերեզմանաց
»ը,
«
Ազատն
Աստուած
»ը,
յիշելու
համար
ամենէն
հայեցի,
ժողովրդական
քերթուածները
ԺԹ.
դարու
մեր
քնարերգութեան։
Բայց
ո՞վ,
մեզմէ,
այսօր,
պիտի
համարձակէր
այդ
քերթուածները
վերլուծելու
ատեն
խօսիլ
անոնց
ներսը
թաքուն
իսկութենէ
մը,
որով
միայն
կը
պաշտպանուին
հարազատ
բխումները։
Այդ
քերթուածները
տուին
իրենց
ժամանակը,
անցան
ու
ալ
չեն
դառնալու։
Բայց
առէք
հիմա,
նոյն
մտահոգութիւններով,
«
Կռունկ
»ը,
«
Ի
քէն
հայցեմք
»ը,
«
Լեառն
վիմածին
»ը,
«
Մայր
սուրբ
սքանչելի
լուսոյն
»ը,
Քուչակէն,
Սայաթ-Նովայէն
տաղեր,
ժողովրդական
երգեր,
Թլկատինցիէն
քանի
մը
քերթուած
ու
խորացուցէք
ձեր
զգայութիւնները,
հասնելու
համար,
ժամանակով
իրարմէ
հեռու,
մտայնութեամբ
իրարու
ներհակ
այդ
ապրումներուն
սեւեռած
թաքուն
իմաստին։
Պիտի
զգաք,
որ
այդ
կտորներուն
մէջը
կան
տողեր,
տուներ,
երբեմն
ամբողջութիւններ,
որոնք
քուկդ
են
այսօր
ալ։
Որոնց
խտացուցած
յուզումը,
նոյնութեամբ,
կը
պարուրէ
քու
ալ
ջիղերդ։
Այն
աբեղան,
որ
թերեւս
հազար
տարի
առաջ
խնդրած
է
Աստուածամարէն,
որպէսզի
աղաչէ
իրմէն
մարմնացած
Աստուծոյն
«Աճեցուցանել
յերկրի
յերում
Զքաղցր
բըխումն
աղբերաց.
Զառատ
պտղաբերութիւն
բուսոց
եւ
տնկոց.
Առ
ի
զուարճալի
լինիլ
ամենայն
հարկաւոր
պիտոյից
մերոց»,
/615/
այդ
աբեղան
հայ
հողերուն
պաղատանքն
է,
որ
կը
հեռարձակէ
դէպի
երկինք,
շատ
աւելի
պարզ
ու
մարդկային,
որքան
չէր
ատիկա
Սիամանթոյի
մը
բառակառոյց
տողերուն
ետին։
Հայեցին,
ուրեմն,
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
նիհար,
դժուար,
բռնազբօս
տարի
մը
չէ,
ինչպէս
չի
պաշտպաներ
արեւելահայ
քնարերգութեան
անկանգնելի
հետեւակութիւնը։
Հայեցին
մնայունին
մէկ
ուրիշ
որակումն
է
ու
ատով
աւելի
վեր,
քան
գնահատանքն
ու
մեղադրանքները
քննադատներէն
բաշխուած
ու
բանաձեւուած։
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
այդ
հայեցիութիւնը
մասնաւոր
կողմով
մըն
ալ
կը
մնայ
ուշագրաւ,
վասնզի
յաճախ
կը
ներկայանայ
մեզի
ձեւին
ալ
անթառամ
պաշտպանութեանը
մէջ։
Տուէք
հովին
ու
հեղեղին
մեր
ռոմանթիքներուն
քերթուածները,
բայց
չէք
կրնար
չդողդղալ
այն
փշրանքներուն
վրայ,
որոնք
Խրիմեանի
մը
ընդարձակ
շատաբանութեանց
մէջ
անակնկալ
կերպով
մը
կը
բուսնին,
ձեզ
կը
տանին
երազկոտ
յուզումի
ճամբով
դէպի
ապրումներ,
որոնք
մեր
հողերուն
վրայ
մեր
օրերը
կը
կատարէին
իրարու,
լեռնէն
վար
ու
դաշտն
ի
վեր,
հաստատ,
իրաւ,
ապառաժի
պէս
ամուր
հայ
հոգին
կ՚ընէին
ծով
մը
բարութեան
ու
բերքի,
կուշտ,
օտարին
հասնող,
օտարին
յարդին,
շիւղին,
աւազի
հատիկին
իսկ
աչք
չունեցող,
իր
մատուըներէն
հոսեցնելով
խարտեաշ
արիւնը
գինիին
ու
ցորենին,
իր
բերնէն
թռցնելով
իր
գինովցնող
երաժշտութեան
ոսկի
ալիքները…։
Հայեցի՞ն։
Անշուշտ։
Արփիարեան,
Բաշալեան,
Կամսարական,
իրենց
լաւագոյն
էջերուն
մէջ։
Ամբողջ
Հրանդը,
ամբողջ
Թլկատինցին
գրեթէ։
Շաքարեանը,
Սրուանձտեանցը,
Մանուէլեանը,
Համաստեղը։
Զարդարեանն
ու
Օհան
Կարոն։
Հաւաքեցէք
այս
անուններով
մեզի
հասած
գործերէն
պատկեր,
քերթուած,
վիպակ,
տպաւորապաշտ
էջեր,
դուք
պիտի
ունենաք
հող
մը,
հայրենիք
մը,
ժողովուրդ
մը,
բարքերու
դրութիւն
մը,
հոգի
մը.
—
ՀԱՅ
ՀՈԳԻՆ,
իր
ամենէն
խոնարհ,
բայց
ամենէն
քիչ
վերածելի,
որով
եւ
պարզագոյն
կերպարանքներուն
ներքեւ։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը,
միմիայն
այսքանին
ալ
բաժինովը,
մեր
հաւաքական
հարստութեան
մէջ
անգնահատելի
բարիք
է
այսօր։
Ստիպուած
եմ
կարճ
ըլլալ,
քանի
որ
այս
ամենուն
շուրջը
Oշական
ունի
լայն
վերլուծումներ։
Մի
ըսէք,
թէ
այդ
նկարագիրները
Արեւելահայ
գրականութեան
մէջ
տիրական
արժանիքներ
էին։
Պռօշեանց,
Աբովեան,
Րաֆֆի,
Մուրացան,
Նար–Դոս,
Տէրեան,
Շիրվանզատէ,
Թումանեան
անշուշտ
ծաւալով
աւելի
ընդարձակ
հարստութիւն
մը
ձգած
են
մեզի։
Չենք
բաղդատեր
քանակները։
Գիտենք
միայն,
որ
կտորներու,
ինչպէս
ամբողջութիւններու
վրայ
սեւեռուած
ՄՆԱՅՈՒՆԸ
միշտ
/616/
հատուածական
է
մնացած,
թերեւս
մեր
հասարակութեան
ընկալչութեան,
թերեւս
մեր
տաղանդներուն
դերակատար
ուժէն
պայմանաւոր։
Գիտենք,
որ
հայ
ժողովուրդը
իբր
հաւաքական
համադրութիւն
չունի
գոյութիւն
արեւելահայ,
ինչպէս
արեւմտահայ
ժառանգութեանց
ներսը։
Ստիպուած
ենք
ուրեմն
մասնակին
արժեւորել։
Հոս,
այսինքն՝
մասնակիին
վրայ
քանակը
հազիւ
թէ
դեր
մը
պարզէր։
Այսպէս,
Թլկատինցիին
քիչ
պատկերները,
Համաստեղին
եւ
Զարդարեանին
վիպակները
մենք
կը
դնենք
Շիրվանզատէի
ու
Րաֆֆիի
լայնածաւալ
վաստակներուն
քով,
խորքին
մէջ
հաւասար,
քանի
որ
կու
գան
նոյն
ժողովուրդէն։
Արեւմտահայ
գրականութեան
բախտն
էր,
որ
իր
հայեցի
բխումները
խղդուին
արտահայեցի
զեղումներուն
աժան,
դիւրին,
առատ
մթերքին
մէջ,
ճիշդ
ինչպէս
պատահած
է
արեւելահայ
բանաստեղծութեան
համար,
երբ
շատ
յորդ
յոյզերու,
կիրքի
հեղեղ
մը
մօտ
կէս
դար
(յետ–հոկտեմբերեան
քնարերգութիւն)
մեր
բանաստեղծները
պահեց
իր
բռնութեան
տակ։
Նոր
ապրումին
ընդարձակութիւնը,
ուժը
պատրանք
կը
ստեղծէր,
որպէսզի
ամէն
գրիչ
բռնող
ու
մատի
վրայ
վանկ
չափող
սանկ
ու
նանկ
մարդ
իր
մէջ
իրաւունք
զգար
երգելու
երկաթն
ու
ռատիոն,
մուժն
ու
մշուշը,
աշխատանքն
ու
նորոգեալ
հայրենիքը։
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
այս
հռետորաշունչ
բարեխառնութիւնը
պաշտպանուած
էր
որոշ
ճաշակով։
Գրաբար,
Վենետիկ,
վարժապետութիւն,
վարդապետութիւն,
հանդէսներ,
անոնց
ահաւոր
Սահմանադրութիւնը
իր
անորակելի
տարեդարձի
հանդէսներով,
եկող-գացող
պատրիարքներու
գահակալութիւնները,
վանքերու
տրտում
կշիռը
բոլորը
կը
ժամադրուին,
որպէսզի
անբանաստեղծ
գրչակներ
իրենց
հովը
նետեն
պոռալու
ու
քերթելու։
Երբ
կը
խօսինք
Արեւմտահայ
գրականութենէն,
մեր
միտքը
կ՚ողողուի
այս
դաժան,
չարադէմ
ուրուականներով,
որոնք
կերպը
կը
գտնեն
մօտ
հարիւր
տարի
յարմարուելու
իմացական
կեանքին
շրջափոխեալ
կերպարանքներուն։
1870ին
անոնք
անհակակշիռ,
բացարձակ
աստուածութիւններ
են։
Քսան
տարի
վերջ,
քաղաքական
նոր
դասաւորում
մը
պայմաններու,
անկարելի
ըրած
է
այդ
խաղն
ու
կանչը։
Բայց
բարեխառնութիւնը
պիտի
հագնի
ուրիշ
տարազ։
Խասգեղի
խմբակը
(օշականեան
բացատրութիւն
մը)
պիտի
պատմուճանուի
գիտութեան,
պատմութեան,
բարոյախօսութեան,
իմաստասիրութեան
դրօշներովը
ու
պիտի
ողողէ
գրականութիւնը
անորակելի
ուրիշ
տրտմութիւններով։
Բանաստեղծութիւնը
պիտի
իյնայ
մականին
տակ
մանկական
ոտանաւորին.
վէպը
պիտի
մեռնի
օտարներէն
փոխառիկ
էնթրիկին
ու
մտածումներուն
թերթօնին
ու
թարգմանու/617/թեանց
գրոհին
տակ։
Գրաքննութիւնը
անշուշտ
բարիք
մըն
էր
այդ
օրերուն՝
ջնջելուն
համար
սահմանադրական,
տարեդարձային
քերթուածները,
մա՛նաւանդ
անորակելի
միութիւններու
պիւտճէն
հաւասարակշռելու
համար
սարքուած
թատերական
հանդիսանքը,
որ
պայմանաւոր
էր
ազգային
ողբերգութեամբ
մը,
ներկայացուած
թաղին
բոլոր
հայրենասէր
երիտասարդներէն,
աւելի
քան
հարիւր
տարի
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
թատերական
զգայարանքը
գրողին,
ինչպէս
հասարակութեան
մէջ
սպաննող։
Ու
ասիկա
այսպէս
մինչեւ
Սփիւռքի
գորշութիւնները։
Պարտաւոր
ենք
մոռնալ,
այդ
գրականութիւնը
կշռելու
ատեն,
այս
ամէնը,
զեղչել
մեծատարած
փառքեր
ու
աւելի
քան
անսասան
թուող
համբաւներուն
արմատացած
վարկերը։
Մնացա՞ծը։
Բայց
ճիշդ
ու
ճիշդ
այդ
քիչը,
որ
կը
մնայ
բոլոր
գրականութիւններէն,
երբ
անոնց
արդիւնքը
իյնայ
փոշիին
տակ
երկու
սերունդի
յօրինումներուն։
Կու
գանք
իրաւ
արուեստով
պայմանաւոր
յաջողուածքներուն,
թիւով
քիչ,
բայց
անհերքելի։
Նոյն
այդ
բարեխառնութենէն
կու
գան
լաւ
երակէ
Պէշիկթաշլեանը,
Պ.
Դուրեանը,
շքեղ
Պարոնեանը,
Իրապաշտները,
Վարուժանը,
Մեծարենցը,
Թէքէեանը,
Չրաքեանը՝
յիշելու
համար
ամենէն
վտանգուած
փառքերը
Արեւմտահայ
գրականութեան,
որոնց
գործին
ներսը
այդ
հայեցին
հիմնովին
կը
տարբերի
Խրիմեանով,
Հրանդով,
Զարդարեանով,
Համաստեղով
սեւեռուած
կերպարանքէն։
Օշական
կը
ջանայ
այս
տարբերութիւնը
բացատրել,
դիմելով
գրական
միջոցներու։
Անիկա
կը
հաւատայ,
թէ
մեր
ժողովուրդը
մինակ
պարզութիւն,
հողի
պաշտամունք,
քաղցրութիւն
ու
տրտմութիւն
ծորելու
ճակատագրուած
գեղձ
մը
չէր,
այլ՝
ձեւի,
թռիչքի,
պատկերներու,
նորութեան
ու
փայլի
համադրումի
գործօնութիւն
մը
նոյն
ատեն։
Մեր
գեղջուկը
կը
մշակէր
իր
արտը,
բայց
իր
բերնէն
կը
բխէր,
իր
գոմշուկներուն
ուղղուած
բառերուն
ժապաւէնովը
այն
կախարդական
շղարշը,
որ
երաժշտութիւն
է
ու
բանաստեղծութիւն։
Այս
ժողովուրդը
մինակ
լացով
չապրեցաւ։
Անոր
սուգի
ծովուն
վրայ
երազին,
երկինքին
հեռու
գաւառները
շլացուցիչ
ձեւերով
հրաւէրներ
էին։
Այս
ժողովուրդը
ցաւը
գիտէր
գեղեցկութեան
փոխելու
աստուածային,
ամենաբուժ
արուեստը։
Պետրոս
Դուրեան
մը
մեր
ժողովուրդն
է
դարձեալ,
միշտ
Օշականին
վերլուծումովը,
անոր
այդ
կախարդական
շնորհներուն
դրօշակիր։
Իր
բոլոր
իրաւ
արուեստագէտներուն
մէջ,
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
կը
գտնէր
իր
աս
ու
ան
ցեղային
գիծերուն
դրսեւորումը,
գործածելու
համար
գէշ
բացատրութիւն
մը։
Զարդարեանի
մօտ
այդ
շնորհը
կը
հագնէր
դրութիւնը
մթին
շողիւ/618/նին,
որով
կը
փայլին
դարաւոր
հնութիւնները,
երբ
կ՚ելլեն
բաց
արեւին,
զուսպ
ու
տաք,
սուղ
ու
հրապուրիչ,
քիչ
ու
ճոխ,
ինչպէս
են
այս
որակականները
թելադրող
հոգեկան
իրողութիւնները
մեր
հայրենիքին
խորքերուն
ու
բարձունքներուն
պինդ
փակած
մեր
մարդոց
տեսիլքէն
մեր
մտքի
էկրան
ին
վրայ
նկարուած
կերպարանքներուն։
Թլկատինցին
այս
ժողովուրդին
զուարթ
տրտմութիւնն
է,
կեանքը
ընդունելու
անոր
համակերպուն,
ներսէն
ինքնաբաւ
դրութիւնը,
որուն
պիտի
բախին
դարերու
բռնութիւնները,
բայց
պիտի
մնան
անկարող
զայն
խորտակելու։
Հրանդը
զգայնութիւնն
է
այդ
ժողովուրդին,
պարզ,
իրաւ,
սրտագին
ու
համակրող
ուրիշներու
ցաին,
նոյն
ատեն
հողին
հետ
իր
կապը
անայլայլ
պահող
խելքը,
որ
զինքը
պիտի
հրահանգէ
միշտ
աւելի
նոր
միջոցներու։
Զապէլ
Եսայեանին
մէջ
յոյզն
ու
արբշռանքն
է
մեր
ջիղերուն,
մեր
զգայականութեան
միատարր
ծովը,
դարձեալ
տաք,
հաղորդական,
բայց
արեւմտեան
նրբութեամբ
մը,
վայելչութեամբ
մը
պաշտպանուած։
Վարուժան,
Մեծարենց,
Չրաքեան
մէյ-մէկ
կտորները
կը
պարզեն
մեր
ժողովուրդին
մտապատկերելու,
գինովնալու,
նրբանալու
ուրիշ
շնորհներուն։
Արեւմտահայ
գրականութեան
այս
յաջողուածքները
ամբողջութեամբ
կը
տարածուին
մեր
հաւաքական
յատկանիշներու
հանդէսին։
Օշական
այս
ամէնը
ըսած
է
իր
օրին,
բաւարար
ընդլայնումներով,
ինչպէս
դիտել
տուի
քիչ
վերը։
Ի՞նքը։
Անշո՛ւշտ
որ
հայեցիութիւնը
անոր
հանգանակին
տիրական
պահանջը
պիտի
ըլլար,
լման
կէս
դար։
Ու
զարմանալի
կերպով,
իր
գրական
վաստակին
միւս
յատկանիշները
երբ
այսօր
վերածուած
են
հանդուրժելի
արժանիքներու
կամ
մեղքերու,
այդ
մէկը
կը
դառնայ
տակաւ
ուշագրաւ,
մոռցնելու
աստիճան
այդ
վաստակին
միւս
գեղեցկութիւնները։
Վերցուցէք
իր
վէպը
մեր
գրականութենէն,
վերցուցած
պիտի
չըլլաք
գիրքեր,
հերոսներ,
տրամաներ,
բարքեր,
այլ՝
մեր
ժողովուրդին
շատ
մասնաւոր
մէկ
կերպարանքը,
հայրենիքէն
տարագիր,
թրքութեան
ծովը
նետուած
կենդանի
խմորին
ճարած
միջոցները,
միջավայրը
հակադրելու,
իր
առհաւութիւնները
պահպանելու
ու
այս
ճիգին
կնիքը
տարբեր
դիմայեղմամբ
մը
դարձեալ
սեւեռելու։
Ինք
ըսած
էր,
որ
այդ
վէպին
աշխարհը
չէր
թելադրեր
հաւատարմօրէն
մեր
հայրենիքը,
բայց
կը
թելադրէր
ինքզինքը,
որ
մէկ
մասն
էր
դարձեր
այդ
հայրենիքին։
Կու
գամ
ուրիշ
մասնայատկութեան
մը։
Օշականի
գործին
այժմ
ստացած
կշիռը
թերեւս
սա
աղօտութիւնն
է
շեշտ
հայեցիութենէն,
քանի
որ
անիկա
պիտի
դիւրացնէր
այդ
վէպին
օտար
բարեխառնութեանց
վերածումը։
Ահա
թէ
ինչու
«
Ոսկի
աքաղաղ
»ը
երբ
փոխա/619/դրուի
եւրոպական
լեզուի
մը,
կը
դառնայ
գրեթէ
անկշիռ
պատահար,
բայց
«
Հաճի
Մուրատ
»ը
տարօրէն
հաշտ
գործ
մը
որեւէ
օտար
մշակոյթի
մը
վրայ։
«
Սամուէլ»
ը
վրիպանք
մըն
էր։
Իր
զոյգ
գրականութիւններէն
որեւէ
վիպական
գործ
պիտի
չունենար
անդրադարձ:
Կը
հաւատանք,
որ
Օշականի
վէպերը
փոխադրութեան
պարագային
պիտի
ստեղծէին
բազամատեսակ
հետաքրքրութիւններ,
ոմանք
մեր
ժողովուրդէն
ուղղակի
բխող
—
իբր
բարք
ու
բարեխառնութիւն
—
ոմանք
թուրքերէն
բխող
—
նոյն
նկարագիրներու
ծնունդ
—
ուրիշներ՝
Օշականէն,
քանի
որ
անիկա
մինչեւ
իր
ժամանակը
առաջին
գրագէտն
էր,
որ
ըլլար
տագնապած
տագնապանքը
մեծ
արուեստին։
Իր
վարպետներուն
ընտրութիւնը,
իր
աշխատանքին
այլամերժ
խորութիւնը,
իր
ցանկութիւններուն
ընդարձակ
պարունակները
այդ
մասին
կասկած
չեն
թողուր։
Ո՞ւր
կը
նայէին
ձգտումները
իրապաշտ
վիպասաններուն։
Կամսարական
խոստովանած
է,
թէ
իր
մտատիպարն
էր
Ալֆոնս
Տօտէն։
Զօհրապը
հաճոյք
կը
զգար,
երբ
զինքը
բաղդատէին
Մօփասանին։
Երուխան
Զոլան
ունէր
նկատի։
Տիկին
Եսայեան՝
Քոլէթը
եւ
Պուրժէն։
Չենք
արհամարհեր
այս
անունները,
բայց
այսօր
գիտենք,
որ
այդ
անուններով
մեզի
հասած
գործերը
ժամանակը
չեն
անցած։
Օշական,
ողորմելի
գրականութեան
մը
պայմանները
—
Սփիւռքը
պարսաւագիր
եւ
օրաթերթ
միայն
կարող
էր
ապրեցնելու
—
առանց
նկատի
առնելու
ինքզինքը
տուաւ
ծանրագոյն
արկածախնդրութեան
եւ
ճշմարիտ
հրաշք
մըն
է
«
Մնացորդաց
»ի
ո՛չ
միայն
գործադրութիւնը,
այլեւ՝
յղացումը։
Օրաթերթի
մը
մէջ
ստիպուեցաւ
անիկա
նահատակել
իր
մեծ
գործը
(գիտենք,
որ
զայն
սկսած
էր
տպագրութեան
յոյսէն
հիմնովին
հեռու
հոգեբանութեամբ
մը)։
Եւ
ահա
ճիշդ
այդ
հանգամանքներուն
համար
է,
որ
Օշականի
վէպը
չէ
հինցած։
Աւելի՛ն.
անիկա
կը
դիմագրաւէ
օտարին
փոխադրումը,
ու
կը
պահէ
իր
կշիռը,
վասնզի
անիկա
գործադրուած
էր
արեւմտեան
արուեստին
այն
ժամանակուան
ամենէն
դժուարահաճ
թեքնիքով։
Ռատիոյի,
թելէֆոնի,
սաւառնակի
փառքին
ընդդէմ,
երբ
գիրքերը
Տայճըսթի
ձեւով
կը
մատուցուէին
զանգուածներուն,
քանի
մը
ինքնատիպներու
հետ
(Փրուստ,
Ժիւլ
Ռոմէն)
Օշական
հազարաւոր
էջերուն
մարտկոցները
չվախցաւ
քշելու
ընթերցողներու
հաճոյքներու
սեղանին։
Չկարդացին
զինքը,
գիտէր
ատիկա։
Բայց
եղան
շատեր
ալ,
որոնք
անգամ
մը
զայն
ձեռք
առնելէ
վերջ,
մնացին
անկարող
կէս
ձգելու
այդ
խոշոր
յօրինումները։
Կ՚ըսենք
ասոնք՝
գործը
իր
ժամանակէն
ազատագրելու
համար։
Ինչպէս
որ
իր
վարպետներուն
գործը
տակաւ
կը
բիւրեղանայ,
Օշականի
վէպն
ալ
կը
դառնայ
ազգային
/620/
իրաւ
հարստութիւն,
զոր
չենք
վախնար
օտարին
ներկայացնելու։
Այս
խօսքերը
հոս
կը
գրուին
վճռական
գիտակցութեամբ։
Այդ
վէպը
առանձին
աշխարհ
մըն
է
մեր
գրականութեան
մէջ,
հայեցի
եւ
իրաւ։
Այսինքն՝
Օշական
արուեստագէտն
է,
որ
իր
աշխարհը
յօրինած
է
համաձայն
իր
արեան
դրութեան
ու
ճնշումին,
բայց
նայած
է
աւելի
անդին։
բ)
—
Այդ
աւելի
անդինը
մարդկայինով
որակելի
յաջողուածք
մըն
է։
Մանր,
տեղական,
պատահական
հետաքրքրութիւնը
գործէ
մը
ներս
անոր
կը
շահի
չէզոք
ընթերցողներուն
բանակը։
Այդպէս,
ֆրանսական
ռոմանթիքներուն
թերթօնը,
անգլիացիներուն
վէպը
(Տիքընզ,
Սքոթ,
Մաքոլի),
գերման
իրապաշտներուն
տպաւորապաշտ
վէպը։
Ունեցան
անոնք
թափանցում,
բայց
Պալզաքը
Տիւմայէն
զատող
իրողութիւնը
տեղականով
չէ
պայմանաւոր։
«
Թշուառները
»
մարդկային
վէպ
մըն
է
(պահ
մը
կը
զեղչեմ
իրմէն
իր
ռոմանթիզմը,
խոշորցնող
երեւակայութիւնը,
մելոտրամը
եւ
թերթօնին
թրիւքները
)
ու
առաջին
փաստերէն
մէկը
մարդերը
յուզող
նոր
գաղափարագրութեանց։
Ազնուականութեան
եւ
կղերականութեան
պսակէն
ծնած
ու
ասոնց
հաճոյքներուն,
իմացական
վայելքներուն
սպասարկու
գրականութիւնը
իր
դուռները
կը
բանար
զանգուածներուն,
ասոնք
յուզող
խուլ
ու
խոր
տագնապներուն։
Ռասինի
կինը
հեռուէն
իսկ
բաղդատելի
չէ
Ֆլոպէռի
կամ
Տոստոեւսկիի
հերոսուհիներուն
ոչ
իբրեւ
իմացական
յօրինում,
այլ՝
իբրեւ
ջղային
դրութիւն
եւ
ապրումներու
կծիկ։
Գրականութիւնը
ընկերային
դեր
մը
գիտակցաբար
կը
ստանձնէ
ֆրանսիացի
ռոմանթիքներուն
հետ։
Մեր
հին
մատենագրութեան
խօսքը
չենք
ըներ։
Մեր
նոր
գրականութեան
առաջին
շրջանը
դասակարգի
մը
գերին
չէ
անշուշտ,
բայց
վարդապետ
Խրիմեա՛նն
անգամ
իր
եկեղեցիին
չափը
կ՚անգիտանայ,
երբ
կը
ստեղծէ
իր
գիրքերը
—
բոլորն
ալ
իր
ժողովուրդին
հոգեկան
եւ
մարմնական
ազատագրումին
նուիրուած։
Մարդկայնութիւնը
այս
ընդհանուր
հետաքրքրութիւնները
պիտակող
որակում
մը
չէ
սակայն
սա
տողերուն
վրայ։
Ամենէն
համաքաղաքացի
բարեխառնութեամբ
տոգորուն
գործի
մը
մէջ,
Շիրվանզատէի
«
Քաոս
»ը,
մեզի
համար
դժուար
է
առանձնացնել
այն
նրբութիւնը,
սրտայոյզ
փաթեթիքը,
որոնք
բանտերու
աշխարհի
մը
(souvenirs
de
la
maison
des
morts)
գիտցած
է
հանել
ռուս
վիպասանը։
Ու
ասիկա
անոր
համար,
վասնզի
մեր
գրագէտները,
մասնաւորաբար
արեւելահայ
հատուածին
մէջ
մշակած
են
զուտ
ազգային
հարազատութիւնը,
իրենց
մարդերուն
ներքին
յօրինուածութիւնը
կատարած
իրենց
անմիջական
փորձառու/621/թեանց
լոյսին
մէջ։
«
Քաոս
»ին
Սմբատը
այնքան
քիչ
բան
գիտէ
այն
աշխարհէն,
ուրկէ
կու
գայ
Իվան
Քարամազովը:
Անոր
եղբայրը
այնքան
քիչ
կը
յիշեցնէ
Տիմիթրի
Քարամազովը,
որուն
վրայ
քալքէ
եղած
է
սակայն։
Հոս
տաղանդի
անբաւարարութեան
չափ
դեր
ունի
մեր
գրականութեան
ներքին
բարեխառնութեան
ճնշումը։
Շիրվանզատէ
ազդուած
էր
անշուշտ
«
Յարութիւն»
էն,
«
Քարամազով
եղբայրները
»էն։
Բայց
հաճելի
ըլլալու
համար
Թիֆլիսի
գրական
շրջանակներու
ճաշակներուն
(այսպէս
կը
մտածենք
բացատրելու
համար
տաղանդաւոր
վիպասանին
սակաւապետ,
տնավարի
անբաւարարութիւնը),
պահած
էր
իր
յօրինումը
շրջանային
մակարդակին։
Արդ,
գիտենք,
որ
արուեստի
գործ
մը
այդ
մակարդակէն
իր
գտած
տարբերացումը
կը
գործածէ
ժամանակն
ի
վեր
ապրիլ
կարենալու
համար։
Հանճարին
պահե՞ստը։
Հեռատեսութի՞ւնը
մեծ
գործաւորին։
Մենք
աւելի
պարզ
եզրերու
պիտի
ուզէինք
կապել
պատահարը
ու
ըսել,
որ
մեր
նորոգեալ
գրականութեան
մէջ
ցեղային
հարազատութեան
պաշտամունքը
զանցելի
ներկայացուցած
է
արուեստին
երկրորդ
առաքինութիւնը՝
մարդկայնութիւնը
։
Հազուադէպ
են
օտարներէ
կատարուած
յօրինումներ
մեր
գրողներուն
մօտ։
Շիրվանզատէի
օտարները
ստուերներ
են,
Րաֆֆիի
քիւրտերը,
թուրքերը,
ասորիները
թերթօնային
խամաճիկներ։
Չենք
պահանջեր,
որ
հայ
գրողը
տիրական
նուաճումներ
ի
վիճակի
ըլլայ
գործադրելու
ուրիշ
արեան
դրութիւններէ։
Բայց
կը
պահանջենք,
որ
մարդերը
իրարու
նման
ընծայող
տիրական
տագնապներու
նուաճումը
ազատագրուի
ցեղայինին
գոյնէն,
կարգ
ու
սարքէն։
Կայ
անշուշտ
հայ
ցաւ
մը,
բայց
ծիծաղելի՝
զայն
արտայայտող
արցունքին
հայեցիութիւնը։
Տարածեցէք
այս
նկատումները,
ու
պիտի
մօտ
ըլլաք
հասկնալու,
թէ
ինչու
որեւէ
գործ
մերիններէն
երբ
կը
փոխադրուի
օտարներուն,
կը
մնայ
անկանգնելի
կերպով
միջակ
ու
անկշիռ։
Վասնզի
մենք
հայ
ցաւը
կարծած
ենք
արտայայտել
հայ
արցունքով
։
Մարդկայնութիւնը
ցեղայինէն
բխող,
բայց
անկէ
աւելի
ընդարձակ
գումարն
է
ապրումներու,
որոնք
բարեխառնութիւն,
միջավայր,
հոգեկան
խտութիւն
փոխելով
չեն
դալկանար։
Արդ,
Արեւմտահայ
գրականութեան
իրական
յաջողուածքները
այս
տեսակէտով
շատ
աւելի
բախտաւոր
են,
երբ
բաղդատուին
Արեւելահայ
գրականութեան
նոյն
տեսակէ
փոխադրումներուն
հետ։
Ան,
որ
պիտի
թարգմանէ
Պետրոս
Դուրեանը,
անշուշտ
պիտի
ըլլայ
մեծ
բանաստեղծ
մը,
գրեթէ
հաւասար
Դուրեանին
եւ
ոչ
թէ
իմաստի
հացկատակ
մը
(Մինաս
Չերազ)։
Այն
ատեն
մարդիկ,
այդ
տղուն
կսկիծին
մէջ
հազիւ
պիտի
մտածեն
/622/
հայուն,
այլ
պիտի
համակուին
մարդուն
այնքան
թարմ
տառապանքովը։
Մարդկայնութիւնը
ուրեմն
կը
վերածուի
Օշականէն
այնքան
յստակ
մտատեսուած
բարիքին,
զոր
կ՚ուզէր
այդ
աշխատաւորը
արուեստի
ամէն
իրաւ
գործէ։
Հիմա
մենք
ի
վիճակի
ենք
կենալու
մեզի
հասած
արդիւնքին
առջեւ
մեր
երկդարեան
գրականութեան
(արեւելահայ
եւ
արեւմտահայ)
ու
հաստատելու,
որ
մարդկայնական
արժէքով
հարուստ
գործեր
առաւելապէս
մենք
կը
գտնենք
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ։
Թարգմանեցէք
Տիկին
Եսայեանի
յաջողակ
վէպերը։
Անոնք
օտար
պիտի
չըլլան
ոեւէ
ոչ–հայու
զգայնութեան։
Թէ
այդ
վէպը
կու
գար
օտարութեան
մէջ
մարզուած
ջիղերու
դրութենէ
մը,
փաստ
է
անշուշտ։
Բայց
օտար
մը
չէր
կրնար
զգալ
ու
գրել
«
Աւերակներուն
մէջ
»
գլուխ–գործոցը։
Թարգմանեցէք
Օշականի
վէպերը
ու
դուք
պիտի
տաք
օտարներու
ճանաչումին,
վայելումին
ապրումներ,
հոգեկան
խռովքներ,
որոնք
կը
միացնեն
ցեղի
մը
պատկանելու,
ինչպէս
այդ
ցեղէն
վեր
ըլլալու
դժուար
հաւասարակշռութիւնը։
Ահա
թէ
ինչ
կը
նշանակէ
մարդկայնութիւնը,
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ։
Մենք
ունինք
Խաչատուր
Աբովեանի
«
Վէրք
Հայաստանի
»ն
միայն
որ
ըլլար
միջակ
շահեկանութեամբ
մը
թարգմանելի։
Շիրվանզատէն,
Րաֆֆին
տեղական
պատահարներ
են։
Արեւմտահայերը
տասնեակներով
ունին
գործեր,
որոնք
այդ
փոխադրումը
կ՚ընեն
առանց
տոյժի։
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
մարդկայնութեան
նկարագիրները
ամենէն
աւելի
իր
գործին
ներսը
ամուր
պահպանող
աշխատաւորն
է
Յակոբ
Օշական։
Վասնզի
իր
վէպը
կը
փառասիրէ
այդ
արդիւնքները,
անշուշտ
ատոնց
սիրոյն
ընթանալով
դէպի
ծանրագոյն
ձախողանք։
Օշականի
թուրքերը
ո՛չ
միայն
հարազատ
թուրքեր
են,
այլեւ
ունին
շատ
յստակ
սեւեռուած
հոգեմասեր,
որոնցմով
անոնք
կ՚ազատագրեն
պատահական
իրենց
ցեղայնութիւնը
ու
կ՚ըլլան
միջինէն
վեր
տիպարներ։
Եթէ
երբեք
այդ
մարդկայնութիւնը
մեզի
կը
թուի
տժգոյն,
անբաւարար,
հաստ
ու
քիչ
թելադրական,
այդ
վէպին
մէջ,
պատճառը
գրագէտի
անբաւարարութենէ
մը
չի
գար։
Մեր
ընկերութեան,
մեր
միջավայրին,
մեր
իմացականութեան
մակարդակը
զանցող
ապրումները
տարակոյս
չկայ,
որ
պիտի
ըլլային
կասկածելի։
Իվան
Քարամազով
մը
ըմբռնելի
ու
հետեւաբար
կարելի
անձնաւորութիւն
մը
չէր
քսաներորդ
դարու
մեր
հասարակութեան
խաւերուն
վրայ։
Սողոմենց
Սողոմը
Ռասկոլնիկով
մը
չէր
կրնար
ըլլալ։
Բայց
«
Քարամազով
եղբայրները
»ի
մուտքը
լեցնող
վանականին
տիպարը
երբ
դրուի
քովը
Սամիկ
Սամունին
(«
Մնացորդաց
»),
կը
պահէ
շահեկանութեան
մէջ
մերձաւորութիւն։
Մի՛
աճապարէք
հաւար
փրցնել։
/623/
Սամիկ
Սամունը
վեր
է
հայէն,
այսինքն՝
կը
պարզէ
մարդկայնական
այնպիսի՛
յատկանիշներ,
որոնք
այդ
անձնաւորութեան
ընդհանրական
պայմանները
կը
լուսաւորեն
դէպի
վեր
։
Ըսել
կ՚ուզենք՝
վեր
ըլլալով
հանդերձ
մեր
միջինէն,
չեն
թուիր
յերիւրածոյ,
ինչպէս
է,
օրինակի
մը
համար,
Մայտա
ն
(Տիւսաբ),
ու
կ՚ընծայեն
կարելիութիւն,
ցեղէն
դուրս
տարրերուն
աճումին
ու
տեղին։
Ի՞նչ
էր
տարողութիւնը
մեր
միտքին
Օշականի
օրերուն։
Մեր
վէպը,
թատրոնը
սնանելու
համար
ուրկէ՞
պիտի
առնէին
իրենց
անձերը,
տրամաները։
Գոհ
պէտք
է
ըլլանք,
երբ
մեր
արուեստը
կը
յաջողի
իր
շրջանը,
շրջանակը
նուաճել։
Անշուշտ
ոսկեզօծ
ռոմանթիզմ
էր
անցնող
դարու
կէսերուն
մեր
գրողներէն
ոմանց
հալածած
եւրոպական
հռչակը։
Կը
յիշենք
Րաֆֆին,
Շիրվանզատէն,
Չօպանեանը,
Զարդարեանը,
որոնք
միամիտ
եղանք
օտարին
ներկայացնելու։
Աւելի
տրտմութեամբ
կը
յիշենք
Պարսամեաններ,
Նազարեանցներ,
Զարեաններ,
որոնք
այդ
փառասիրութեան
կերպարանքը
աղարտեցին,
անտաղանդութեան
ալ
եղջիւրներով։
Հայ
գործերը
թարգմանելի
չեն,
վասնզի
անբաւարար
են
մարդկայինէն
։
Պարոնեան,
Օտեան
ճանչցան
այդ
կորանքը։
Կ՚առաջարկենք
փորձը
Oշականի
գործին
վրայ։
Ու
կը
վստահինք,
որ
այդ
փոխադրութիւնը
սահմանուած
է
ապրելու։
Խորքի
մարդկայնութիւնը
Oշական
պաշտպանած
է
ձեւին
ալ
յանդգնութեամբը։
Ու
ասոնցմէ
անդին՝
անիկա
գրել
ալ
գիտէ
։
գ)
—
Գեղեցկութիւն,
որ
ընդարձակ,
խիտ
տարազ
է
դարձեալ։
Կը
զգուշանամ
անոր
շուրջը
վերարծարծելու
դարերու
անհասկացողութիւնները։
Բառը
կը
գործածեմ
առաւելապէս
շնորհի,
ներդաշնակութեան
զգայութիւններու
գումար
մը
իբրեւ։
Արեւելահայ
գրականութիւնը
թէեւ
ծնունդ
մեր
ժողովուրդին
նորագոյն
ժամանակներու
կարիքներուն,
գեղեցկութեան
զգայնութիւնը
հիմնովին
տարբեր
ապրումներու
կը
վստահի։
Զուր
տեղը
չէ
անոր
մօտ
խորունկ,
աննահանջ
արհամարհանք
մը
Արեւմտահայ
գրականութեան
հանդէպ,
որ
շատ
շուտով
կատարեց
իր
յեղաշրջումը
ու
սպասարկելով
հանդերձ
վերանորոգչական
հանգանակներու,
կազմակերպեց
իրաւ
արուեստի
զգայարանք
մը։
Գաղտնիք
չէ,
որ
գեղեցկութեան
զգայարանքը
արուեստին
ամենէն
անառարկելի
յատկանիշներէն
մէկն
է։
Արեւելահայ
գրականութիւնը
դեռ
1900ին
կ՚ապրի
այդ
զգայնութեան
հանդէպ
այն
տրամադրութեան
մէջ,
զոր
սխալ
չըլլար
հաստատել
Տերոյենցի,
Զօրայեանի
փառքերուն
օրովը,
արեւմտահայոց
համար։
Անիկա
շատ
քիչ
անգամ
բախտը
պիտի
ունենար
իրագործելու
համաչափ,
ներդաշնակ,
փայլուն,
գունագեղ,
elegant,
/624/
նոր
ու
յանկուցիչ
(իր
արտաքին
յօրինման
մէջ)
ո՛չ
թէ
լման
գիրք
մը,
այլ
հատուածներ
իսկ
նուաճած
ըլլալու,
որոնց
սիրէինք
նայիլ,
անկախաբար
խորքի,
օգուտի,
շահեկանութեան
մտահոգութիւններէ,
իրենց
վայելչութեան,
շնորհին
սիրոյն։
«
Մայր
Արաքսի
»ն
կը
թուի
ըլլալ
այդ
քիչ
բախտերէն
մէկը,
բայց
երբ
ձգենք
մօտիկ
զննութեան,
պիտի
գտնենք,
թէ
ինչ
աստիճան
այդ
քերթուածը
զուրկ
է
իրաւ
գեղեցկութենէ։
Անիկա
իր
փառքը
կը
պարտէր
խորքին։
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
եթէ
ո՛չ
ամբողջական,
գէթ
հատուածական
յաջողուածքներ
ամէն
սերունդի
համար
ապահովուած
փառքեր
են։
Ձեւին
տագնապը
մի
մտաբերէք
սա
տողերուն
հետ։
Գրական
գործ
մը
բազմաթիւ
կողմերով
մեզի
կը
պարտադրէ
ինքզինքը։
«
Ազատն
Աստուած
»ը
բանաստեղծութիւն
չէ,
բայց
շրջան
մը
խտացնող
բարձրաքանդակի
մը
պէս
մեզ
կը
տպաւորէ
տակաւին
այսօր։
«
Հիմի
էլ
լռենք
»ը՝
ուրիշ
տագնապ։
Գեղեցկութիւնը
արեւելահայերուն
համար
կեանքին
պարկեշտ
կերպարանքովը
պայմանաւոր
արժանիք
մըն
է։
Մինչեւ
Վահան
Տէրեան
արեւելահայ
ոտանաւորը
զայն
կ՚անգիտանայ
ու
մինչեւ
ուշ
ժամանակներ
այդ
քնարերգութեան
մէջ
շեշտը.
պիտի
իյնայ
դարձեալ
ըսուելիքին,
ոչ
թէ
ըսուածքին
(ձեւ)
տարողութեանը
վրայ։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
պիտի
բաւարարուի,
խորքէն
իր
նիհարութիւնը
երբ
կը
յաջողի
դիմաւորել
որոշ
շնորհներով։
Գրաբարի
գեղագիտութիւն,
ֆրանսական
ազդեցութիւն,
Պոլիսը
(իբր
նկարչագեղ
զգայութիւններու
վառարան),
ներքին
ընդունակութիւն
—
տարազներ
ասոնք,
որոնք
գործածուեցան
այդ
փոյթը
(ձեւէն)
բացատրելու։
Մենք
խաղաղութեամբ
մոռցած
ենք
այդ
գեղագիրները,
վասնզի
մեր
ժողովրդական
բանաստեղծութիւնը
այդ
ամենէն
հիմնովին
անմասն,
մէկն
է
գեղեցկագոյն
յօրինումներէն
այս
ժողովուրդին։
Ձեւին
տագնապը
այս
ժողովուրդի
հոգիին
ամենէն
պայծառ
մէկ
կերպարանքը
կը
մատնէ։
Մեր
պապերը
մեծ
քաղաքներ
չեն
շինած,
բայց
մեր
աւանները,
շէները
կը
վկայեն,
թէ
ո՛ր
աստիճան
խնամքով
այդ
մարդերը
իրենց
զգայարանքներուն
համար
փնտռած
են
ամենէն
քաղցր,
ժպտող
պատկերները։
Մեր
մատուռները,
վանքերը,
ուխտավայրերը
խուլ
ցուցմունքին
մէջէն
կու
գան
այս
զգայութիւններուն։
Իրաւ
են
երկրի
երեսին
տեղերը,
ուր
հոգիդ
կը
հեշտանայ
մնալէ,
սիրտդ
կը
զովանայ
տեսնելէ,
մարմինդ
կը
քաղցրանայ
հանգչելէ։
Ու
այդ
տեղերը
մեր
երկրին
թէեւ
ներքին
բխումները
կը
թուին
ըլլալ,
բայց
մեր
ժողովուրդին
հոգեղէն
զգայարանքներուն
ալ
բան
մը
կը
պարտին։
Երկիր
մը
մասով
մը
ժողովուրդ
մըն
է
ըսեր
են
ու
ճիշդ
են
այդ
մարդերը։
Արեւմտահայ
գրա/625/կանութեան
մէջ,
մեր
կարծիքով,
սա
մտահոգութիւնը
ձեւէն,
ուրեմն
ցեղային
յատկանիշ
մըն
է։
Արդ,
գրականութեան
բոլոր
աշխատաւորներուն
համար
այդ
տագնապը
իրական
է
ու
անխուսափելի։
Անով
նուազագոյն
տառապողները
նոյնիսկ,
Իրապաշտները,
իրենց
վիպակին
կառուցումին
վրայ,
անզգալաբար
արտայայտած
եղան
այդ
տագնապը։
Նոյն
ժամանակի,
տաղանդի
նմոյշներ
են
Շիրվանզատէ
եւ
Զօհրապ։
Մօտեցուցէք
այս
գրողներէն
երկու
պատմուածք
(արեւմտահայերը
կ՚ըսեն
նորավէպ),
բաղդատական
մտահոգութեամբ
մը։
Ձեր
առաջին
տպաւորութիւնը
ձեզ
պիտի
չխաբէր։
Դուք
պիտի
համակրէիք
թերեւս
Շիրվանզատէի
իրականութեան,
հաստատ
գոյներուն,
հաստատ
մարդերուն,
բարքերուն
հարազատ
պատկերացման,
բայց
պիտի
գրաւուէիք
Զօհրապին
թեթեւ,
աշխոյժ,
երիտասարդ
կենսաշեշտին,
ծփուն,
տաքուկ,
էգ
գոյներուն,
խռովիչ,
յանկուցիչ
կիներուն
ու
հաստակզակ,
բիրտ,
բայց
միշտ
վայելուչ
այրերուն,
քիչ
մը
թոյլ,
նուրբ,
քաղքենի
բարքերուն
համագումարը
կազմող
եւ
ութը-տասը
էջը
չանցնող
դրուագային
յօրինումէն։
Իրապաշտներ
էին
երկուքն
ալ։
Կ՚ատէին
արտայայտութեան
փարթամ,
կուտակուն,
նրբանուրբ
հնարքներ
(Ռոմանթիքներ,
Եղիա),
բայց
Շիրվանզատէ
կը
մնար
թանձրօրէն
տափակ,
մինչ
Զօհրապ
բնական
մղումներով
կը
գտնէր
վայելչութիւն,
որ
մինչեւ
մեր
օրերը
կը
պահէ
որոշ
հրապոյր,
մինչ
Շիրվանզատէի
ոճը
արդէն
անդրջրհեհեղին
կը
պատկանի։
Մոռնալու
չենք,
որ
ամէն
գրականութիւն
խորք
մը
ըլլալուն
չափովը,
ձեւ
ալ
է։
Երկու
դարու
յեղաշրջում
մը
մեզի
այսօր
ըմբռնելի
կ՚ընէ
այս
հաւաստումները։
Օշական
անխնայ
է
մնացած
արեւելահայ
ձեւին
անհուն
թափթփածութեան
վրայ։
Մի
աճապարէք
այս
մոլեռանդութիւնը
վերածել
իր
հակադիր
փաստին
—
զարդամոլութեան,
զոր
նոյն
կատաղի
խանդով
անիկա
հալածած
է
մա՛նաւանդ
արեւմտահայ
ոճապաշտներուն
վրայ։
Օշական
արհամարհելով
հանդերձ
քննադատութիւնը,
չէ
նահանջած
իր
պարտքէն
–
հարուածելու
զարդամոլութեան
նանրամիտ
կամ
մեծահամբաւ
սպասաւորները։
Ու
գիտնալու
ենք,
որ
Արեւմտահայ
գրականութեան
երկրորդ
մահացու
մեղքը
այդ
գեղապաշտութիւնն
էր
կազմած
(առաջինը՝
հռետորութիւնը,
իւր
սարօքն)։
Հո՛ն՝
ուր
խորքն
ու
ձեւը
իրար
կը
պաշտպանեն
[3],
մենք
կ՚ու/626/նենանք
մեր
ժողովուրդին
իրաւ
հարստութիւնները։
Մեր
անթառամ
փառքերը,
որոնք
ժամանակէ
մը
ծնան
անշուշտ,
բայց
բախտովը՝
այդ
ժամանակը
զանցելու,
անկէ
իրենք
զիրենք
զերծ
ընելու։
Նոյնիսկ
այն
պարագային,
ուր
Օշականի
քննադատական
ամբողջ
զրահանքը
ժանգոտած
իյնար,
սա
մտատեսութիւնը
ներդաշնակ
(ձեւի
եւ
խորքի
հաշտ
շաղապատումով
պայմանաւոր),
գեղեցիկ,
մնայուն
ու
հարազատ
գործին,
պիտի
բաւէր
առանձին
շահելու
մեր
համակրութիւնը։
Անիկա
գորովագին
վերլուծումներ
է
յատկացուցած
հիներուն,
անոնց
մէջ
զգալով
այդ
երջանիկ
միութիւնը։
Արդարեւ,
գեղեցկութիւնը
ի՞նչ
է,
եթէ
ոչ
հանդէս
մը,
ուր
զգայարանքները
հեշտութեամբ
կ՚ապրին
ինչ
որ
կը
մատուցուի
իրենց։
Ե.
դարուն
մենք
ունէինք
նախարարազարմ
մեր
կիներու
շքահոյլը։
Ի՜նչ
փոյթ,
որ
Եղիշէ
անունով
գրագէտ
մը
մեզի
ձգած
ըլլայ
անոնցմէ
նկար
մը,
ուր
շեշտը
կ՚իյնայ
հոգեղէնին
վրայ
։
Գեղեցկութիւնը՝
այդ
շեշտին
անձումը,
զայն
հրաւիրող
պայմաններուն
այլապէս
խռովիչ
նկարագիրը,
զայն
զգալի
ընող
կեանքին
նոյնքան
տպաւորիչ
տրոփիւնը
համադրող
կերպարանքն
էր,
մեզի
հասած
անթառամ
երիտասարդութեան
մը
մէջէն։
Ահա
թէ
ինչու
իրաւ
բանաստեղծութիւնը
չի
կրնար
մեռնիլ։
Օշական
գտած
է
այդ
գեղեցկութիւնը
մեր
մշակոյթի
բոլոր
դարերուն
ու
կերպարանքներուն
մէջ,
խեղդուած
անպէտին,
տափակին,
օտարոտիին
չարիքներէն,
բայց
պահող
իր
նուաղուն
փայլը,
շնորհը,
ինչպէս
է
ըլլալ
բախտը
գոհարներուն,
փողոցի
ցեխին
ու
աղբին
մէջ
անգամ։
Ահա
թէ
ինչու
Օշականի
քննադատութիւնը
չենք
կրնար
կորանք
մը
յայտարարել,
ընդդէմ
հեղինակին
իսկ
շատ
յայտնի
վճիռին։
Այդ
քննադատութիւնը
անիկա
գիտցաւ
համեմել,
խառնել
կեանքին
հազար
ու
մէկ
ցուցմունքներովը։
Անիկա
ունէր
թափանցումին
ուժը
հին
գիրքերէն
տեսնելու
համար
ինչ
որ
վանական
մը
իր
արիւնէն
հաներ
էր
իր
առնելիքը
իր
դէմքին
գոյնովը
մագաղաթին։
Կար,
անոր
աչքերուն
առջեւ,
կենդանի
դէմքը
իր
ժողովուրդին
—
մարմին,
ձայն,
երգ
—
որոնց
մէջ
անիկա
կրցած
էր
կարդալ
գեղեցկու
/627/
թեան
պարզագոյն
փաստերը։
Կրնանք
մտածել,
որ
Հրանդի
գործին
մէջ
մեր
ժողովուրդին
սրտայոյզ
զգայնութիւնը,
ճակատագրական
տառապանքը,
անհուն
բարութիւնը,
անմահն
հաւատքը
մինակ
գրաւականները
չեն
գրագէտի
մը
տաղանդին,
այլեւ
մեր
ժողովուրդին
ամենէն
ամուր
առաքինութիւնները։
Կրնանք
նոյն
ձեւով
մտածել,
որ
Թլկատինցիի
գործին
ետին
մեր
զգայնութիւնը,
կեանքը
ընդունելու
ու
անոր
հակազդելու
մեր
մասնաւոր
մէկ
ոճը,
ցաւը
հագնելու,
բայց
զայն
վայլեցնելու
dignitéն,
ու
ընդդէմ
դժոխք
մը
ողբերգութեանց՝
մեր
ճարտարութիւնը
մեր
պատեանին
մէջն
իսկ
դիմանալ
կրնալու,
գրագէտը
մասնաւորող
նկարագիրներ
չեն
միայն,
այլ
թերեւս
մեր
ժողովուրդին
տիրական
առաքինութիւնները։
Բայց
ահա՛
աւելին։
Նոյն
այդ
պայմաններէն
Ռուբէն
Զարդարեան
գտած
է
գեղեցկութիւնը.
Օհան
Կարօ՝
նոյնպէս։
Համաստեղ՝
նոյնպէս։
Կոստան
Զարեան՝
նոյնպէս։
Ուրե՞մն։
Կը
հրաժարիմ
մտածողութիւնները
իրենց
հետեւանքներուն
վրայ
տարածելէ։
Օշականի
վէպը
միայն
կիրք,
հոգեբանութիւն,
տրամա,
մտածում,
լարում
ու
հեղեղ
չէ,
է՛
նոյն
ատեն
շլացուցիչ
պատկերացում
մը։
Գեղեցկութիւնը,
ըսի,
որ
զգայնութիւններու
ներդաշնակ
հանդէս
մըն
էր
մեզի
մատուցուած։
Այդ
վէպին
մէջ
այդ
ներդաշնակութիւնը
ընդմէջ
մարդուն
ու
աշխարհին,
հոգիին
ու
մարմինին,
կիրքին
ու
ասոր
հագած
արարքներուն,
կերպարանքներուն
դեռ
կը
պահէ
իր
շէնքը
անաղարտ։
Այսօր
ալ
կը
կարդանք
այդ
վէպը
այն
այլուրութեամբ,
ժամանակէ
զերծութեամբ,
իրականին
մէջ
ամրախարիսխ
ըլլալով
հանդերձ՝
անիրականին
ապահով
զգայութիւնովը,
որոնք
այդ
վէպին
համար
զգալի
նկարագիրներ
էին,
երբ
կ՚ապրէր
զանոնք
աչքի
նետող
կախարդական,
հեքիաթունակ,
անիրական
ճարտարապետը։
Անոր
վէպը
գեղեցկութիւնն
իսկ
էր
ու
կը
մնայ
մինչեւ
այսօր։
Ահա
թէ
ինչու
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
Չրաքեանի,
Զապէլ
Եսայեանի,
Մեծարենցի,
Թէքէեանի,
Դուրեանի,
մաս
մը
Պէշիկթաշլեանի
անունները
մեր
ներսը
կը
պահեն
գրականէն
տարբեր
կշիռներ։
Ըսել
կ՚ուզենք՝
կը
համակրինք
այս
անուններուն
թելադրած
զգայնութիւններուն,
իրենցմէ
դուրս
մղումներու
տակ
թերեւս։
Oշական
հարցուցած
է,
թէ
«
Ներաշխարհ
»ը
ո՞ր
պատանիին
ապրումները
կը
բովանդակէր,
թերեւս
տառապագին
տագնապին
մէջը
այդ
գործը
ծանրաբեռնող
աւելորդին,
լրագրականին,
իմաստութիւն
ծախող
խակ
միտքին։
Մեզի
համար
այդ
ապրումներուն
հարազատութենէն
աւելի
անոնց
շնորհը,
անոնց
փայլը,
գեղեցկութիւնը
այսօր
կշիռ
է
առաւելապէս։
Այդ
գործը
ունի
իր
ծալքերուն
մէջ
անթառամ
մասեր
ու
այսքանը
բաւ
է
մեզի,
որ/628/պէսզի
զատուի
անիկա
այն
միւսներէն,
որոնք
ծանրաշուրջառ
փառքով
մը
լեցուցին
մեր
գրական
հրապարակը,
բայց
որոնց
գործին
ներսը
կեանքի
այդ
աղբիւրները
չորցեր
էին
վճռապէս։
Ինչո՞ւ
չէր
կրնար
հանդուրժել
Օշական
Տիւսաբի
վէպը։
Անշուշտ
միայն
արուեստին
դէմ
գործուած
մեղքերը
չէին
զինքը
տառապեցնողը,
այլ՝
այդ
գործին
մէջ՝
պակա՛սը՝
այդ
խորշերուն։
Օշական
Պէշիկթաշլեանի
հարիւրը
անցնող
քերթուածներուն
կշիռը
ըրաւ
ձերբազատ
ոգիով
ու
արդար
միտքով։
Իր
գտա՞ծը
—
աւելորդին
դէզին
ետին
մաս
մը
անմահ
գեղեցկութիւն։
Ու
նոյն
ձեւով
իր
«
Համապատկեր
»ը
ըսաւ
իր
կշիռը
արեւմտահայ
գրական
արդիւնքէն։
Մենք
կը
մերժենք
Oշականի
հիացումներուն
վրայ
մեր
օրերու
աճապարոտ
տարակոյսները,
հերքումի
փորձերը,
որոնք,
մեր
կարծիքով,
յառաջ
կու
գան
գրականութիւնը
ըմբռնելու,
արժեւորելու
մեր
մասնաւոր
կերպերէն։
Մենք
անշուշտ
գրականութենէն
հոգւոյ
փրկութիւն,
ժողովրդային
լուսաւորում,
հայրենասիրութիւն,
բարոյախօսութիւն,
կռիւի
տենդ,
լալկանութիւն
ու
ողբասացութիւն,
անէծք
ու
հայհոյանք
չենք
սպասեր
այսօր։
Մենք
գրականութիւնը
չենք
ենթարկեր
աս
ու
ան
դասակարգին
մենաշնորհը
մնալու
տրտում
դերին։
Մենք
կ՚առնենք
այդ
գրականութեան
պաշտօնագործութեան
(օշականեան
բառ
մը
դարձեալ)
արդիւնքը
—
գեղեցկութիւնը
իբր
ամենէն
թանկ
միութիւնը
նման
կրթանքներէ
մեզի
հասանելի։
Օշականի
հիացումները
երկար
է
վերլուծել։
Բայց
անոնց
աղբիւրը
այդ
գիտակցութենէն
կը
բացուի։
Իր
հիացումները
անխառն
չէին
կրնար
ըլլալ։
Ասիկա
պահանջել՝
անմարդկային։
Բայց
իր
հիացումները
թելադրող
ազդակներէն
ամենէն
ընդարձակը,
կենդանին՝
դարձեալ
գեղեցկութեան
զգայարանքէն
եկածն
էր
անոր
գիտակցութեան։
Ու
անիկա
զգացած
է
այդ
գեղեցկութիւնը
մեր
ժողովուրդին
արուեստի
ամէն
արտայայտութեանցը
մէջ,
շատ
հեռուներէն
մինչեւ
իր
օրերը։
Ու
անիկա
ստեղծած
է
իր
վաստակը,
այդ
զգայութեան
առքին,
գինովութեանը,
տարփանքին
մէջը։
Ամէն
բան
իրեն
առիթ՝
որպէսզի
վերածուի
կախարդական,
նուրբ,
կենդանի,
իրաւ
իր
կերպարանքին։
Ինչի
որ
մօտեցած
է
անիկա,
զայն
փոխակերպած
է
գեղեցկութեան
պատկերի
մը։
Խօսեցայ
իր
վէպէն։
Կարդացէք
իր
թատրոնները՝
գտնելու
համար
ինչ
կախարդական
միջոցներ
կը
գործեն,
որպէսզի
մեզի
խնայուին
Շիրվանզատէի
մը
բեմին
հաստ,
թանձր,
տափակ
մարդերը
եւ
կամ
Շանթի
հերոսներուն
տրտմունակ,
գրքունակ
ուրուապատկերները։
Թող
այդ
խաղերը
մատուցուին
ատոնց
արժանի
հասարակութեան
մը,
լաւագոյն
պատրաստութեամբ
դուք
պիտի
ունենայիք
թատերական
զգայութեան
/629/
ամենէն
յուզիչ
փաստերը
ձեր
մտքին
մէջ,
երբ
պիտի
բաժնուէիք
թատրոնէն։
Տրուէր
իրեն
անկարելի
առիթը,
հեղ
մը
գլուխը
վեր
առնելու
հողէն
ու
աչքով
չափելու
իր
այնքան
սիրած
երկիրը,
որ
անկարելի
միւս
հրաշքի
մը
գնով
չէր
մեռած,
հազարամերը
անցնող
կործանման
փոթորիկներէն
ու
այսօր
գտած
է
դիւթական
շրջանակը,
իրականութիւնը,
հեքիաթն
ու
հրաշքը,
որոնց
մտատեսութիւնը
իրեն
ներշնչած
էր
իր
կարօտի
էջերը,
այնքան
իրաւ,
այնքան
մարդկային։
Այդ
հայրենիքը
այսօր
գեղեցկութիւն
է,
գէթ
այն
չափով,
կերպարանքով,
որոնց
հաղորդ
էին
եղեր
անոր
զգայարանքները,
երբ
կը
պտտէր
թուրքէն
ազատագրուած
հողերը
պալքանեան
ժողովուրդներուն։
Այդ
հայրենիքը
այսօր
համադրութիւնն
իսկ
է
այն
բոլոր
շնորհներուն,
որոնց
վերլուծումն
էր
ըրեր
այնքան
անգամներ։
Ու
անոր
վրայ,
իր
տառապակոծ
ժողովուրդը,
որ
տէրն
է
իր
տունին,
պատիւին,
հացին
ու
կը
ստեղծէ
ազգերու
տէմպին
մէջ
ոչ
ոքէ
ետ
չմնացող
կորովով
ու
արդիւնքով։
Անցնէր
մեր
քաղաքներուն
փարթամ
ապարանքներէն,
որոնց
ետին
իրեն
պէս
աշխատաւորները
կը
յօրինեն
միտքն
ու
զարկերը
միլիոնաւոր
իր
եղբայրներուն։
Մեր
գրապալատները։
Մեր
թատրոնները։
Մեր
օփերաները։
Մեր
գիտական
հսկայ-հսկայ
հաստատութիւնները։
Մեր
մեծ
պարաժ
ները։
Շքեղ
կազմածները,
որոնք
ջուրն
ու
օդը
կը
զսպեն։
Ու
անցնէր
անիկա
մեր
երկինքէն,
որ
լեռներով
բռնուած
սաղաւարտ
մը
չէ
հիմա
մեր
զաւկըներուն
գլխուն,
երկաթ
ու
անգութ,
այլ՝
ապահով
ճամբայ,
թեւին,
թռիչքին,
խոյանքին
ու
երազին
կապտաւուն
արտերը
դարձած,
մեր
զաւկըներուն
բազուկին
ու
խելքին
հլու
հպատակ,
որոնք
կը
լողան
անոր
բոլոր
լայնքերն
ու
խորքերն
ի
վար
ու
ազատագրուած
են
հրդեհին
կարմիր
մեղքերէն,
լացին
թանձր
ամպերէն
ու
լեռները
կը
հանդերձեն
աւելի
քան
թարմ
գեղեցկութեամբ։
Ու
անցնէր
անիկա
մեր
դաշտերէն,
որոնց
վրայ
անկանանչ
թիզ
մը
հող
պիտի
դժուարանար
գտնել,
ծանրաբեռն
բերքով,
բարիքով,
օրհնութեամբ
ու
զուարթութեամբ։
Մեր
ճամբաներուն,
մեր
փոխադրութեան
միջոցներուն,
մեր
մեքենաներուն
իսկ
մենք
տուած
ենք
գեղեցկութիւն։
Ու
այս
բոլոր
գեղեցկութեանց
պսակը,
ի՜նքը՝
մեր
ժողովուրդը,
որ
կ՚ապրի
խիտ,
խոր,
իրաւ,
աղուոր,
առանց
վախի,
առանց
ամօթի,
մաքրուած
դարերուն
նախատինքէն,
արիւնէն
վերանորոգ,
խելքէն
յանդգնաւոր,
զգացումներուն
մէջ
ինքզինքը
խաղաղեցուցած,
լիացուցած։
Օշական
երազեց
այս
ամէնը։
Տեսած
էր
այս
ամենէն
փշրանքներ
մեր
պատմութիւնն
ի
վար։
Խանդավառ
էր
իր
ժողովուրդին
ստեղծագործ
ուժերովը
եւ
կը
հաւատար
անոր
ճակատագրին։
/630/
Այդ
ամէնը
իրաւ
են։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
նախապատրաստութիւն
մըն
էր
սա
գեղեցկութեան
կշռոյթին։
Մոռցէք
անկէ
ինչ
որ
Օշական
արդէն
նետած,
վանած
էր
մէկդի
իբր
փաթաթ,
տաշեղ,
կեղեւանք։
Մնացածը
կը
բաւէր
իրե՛ն
ալ,
մեզի՛
ալ։
Խօսեցայ
Օշականի
վէպէն,
թատրոնէն,
անցողակի։
Անոր
տպաւորապաշտ
էջերը
իբր
կառոյց,
ներքին
հիւսք,
գոյն
ու
կարկառ՝
կը
սնանին
գեղեցկութեան
ակունքէն։
Յետոյ,
կա՞յ
կարիք,
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
յիշեցնելու
այդ
զգայութեան
ճշմարիտ
նկարագիրը։
Գեղեցիկը
մարդիկ
կը
սիրեն
շփոթել
ճաշակին
հետ։
Սերունդէ
սերունդ
որքան
փոփոխելիութիւն,
այդ
գեղեցկութիւնը
զգալու
արարքին
մէջ։
Ինչ
որ
1860ի
մարդոց
հեշտանքը
կը
կազմէր
Պէշիկթաշլեանի
տաղերուն
մէջ,
քառորդ
դար
յետոյ
դադրած
էր
իր
հմայքէն
ու
մեռած։
Իմ
թելադրել
ուզած
գեղեցկութիւնը
կը
մերժէ
նման
փոփոխականութիւններ։
Ես
կ՚ակնարկեմ
այն
զգայութեան,
որ
մեր
ժողովուրդը
կը
կրէ
իր
մարմնեղէն,
ինչպէս
հոգեղէն
շէնքին
վրայ։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
այսպէս
արժեւորել
ո՛չ
չտեսութիւն
է,
ոչ
ալ
ոճիր։
Oշական
առաջինը
չէ
անշուշտ
այս
ամէնը
ընդզգացող։
Բայց
առաջինն
է
մեր
մէջ
այն
գրողներէն,
որոնք
կեանքը
ենթարկեցին
գեղեցկութեան
կենդանակերպի
մը:
Անիկա
աշխարհը
տեսեր
էր
այդ
երազային
մշուշին
ընդմէջէն։
դ)
—
Իմացական
բարձրորակ
բարեխառնութիւն,
որ
դարձեալ
ձրի
վերագրում
մը
չէ,
մա՛նաւանդ
երբ
բաղդատուի
արեւելահայ
աղքատախնամ
գաղափարաբանութեանց
ու
ասոնց
գումարովը
պայմանաւոր
մշակութային
նկարագիրներու
հետ,
Պոլիս
այնքան
բազմազան,
հիմնաւոր,
ժամանակը
ընդգրկող,
Թիֆլիս
ու
Երեւան՝
այնքան
միօրինակ,
հաստ
ու
անհիմնաւոր,
ասկէ
ու
անկէ
հազիւ
թէ
ճարճրուած։
Արեւելահայերուն
համար
գրական
սերունդ
բացատրութիւն
մը
անտեղի
նորաբանութիւն
մըն
էր։
Ծնունդի
մերձաւոր
տարիներ
ու
աշխատանքի
մերձաւոր
պայմաններ
կը
խմբեն
մեր
գրողները,
բայց
ոչ
մէկ
դաւանանք,
արուեստի
տագնապ
զանոնք
չի
բերեր,
փաղանգեր
իրարու
մօտ
կամ
դէմ։
Արեւմտահայերը
գրական
իրողութիւնը
ապրեր
են
իր
բոլոր
փոփոխակներուն
մէջ,
անշուշտ
ազդեցութեանը
տակ
օտար
մեծ
գրականութեանց։
Նկատի
ունիմք
մթերքը
այն
գաղափարագրութեանց,
որոնցմով
խանդավառ
էին
արեւմտահայ
գրական
չորս
սերունդները։
Ատոնցմէ
ոմանք
բնազդական,
նմանողական՝
տեւողութեան
մէջ
նկարագիր
առին։
Իրապաշտները
գիտէին,
թէ
ինչ
կ՚ուզէին,
ինչ
կ՚ընէին
եւ
դիրք
բռնեցին
զիրենք
կանխողներուն
դէմ
աղմուկով,
ցոյցով։
Արուեստագէտ
սերունդին
/631/
գրական
տագնապները
սրտառուչ
են
ու
իրաւ։
1900ին՝
հանգանակ։
1914ին՝
ուրիշ
հանգանակ։
1924ին՝
ուրիշ։
Թէ
այդ
հանգանակները
յաճախ
աղմուկէն
անդին
չեն
անցած,
տարբեր
փաստ
մըն
է։
Օշական
կը
հաւատար
արդարութիւն
հատուցանել
գրական
ու
գաղափարագրական
շարժումներու,
հերիք
է,
որ
անոնց
ետին
ըլլար
հաստատած
արուեստի
հարցերով,
իմացական
տագնապով
յուզուած
խղճմտանքը
գրական
աշխատաւորներու
խումբի
մը։
Գաղտնիք
չէ,
որ
հանգանակները
չեն,
որ
գործը
կը
ստեղծեն։
Հայեցի
գրականութեան
մեծատաղանդ
առաքեալները՝
Սրուանձտեանց,
Հրանդ,
Թլկատինցի
տող
մը
բան
չեն
ձգած
մեզի
գրական
սնոտի
վիճարկութեանց։
Բայց
իրենց
գործը
այդ
հանգանակները
արդարացնող
շքեղ
գրաւական
մըն
է,
էլի՛
էսօր
։
Ու
ամենէն
մեծ
տեսաբանները
գրական
շարժումներուն՝
Չօպանեան,
Պէրպէրեան,
Արտաշէս
Յարութիւնեան
զանոնք
արդարացնող
ո՛չ
մէկ
փշրանք
են
ձգած
մեզի։
Բայց
սերունդի
մը
գործունէութեան
նկարագիրները
երբ
խմբել
ուզենք,
ստիպուած
ենք
փնտռել
զանոնք
լարող
գաղափարները։
Ի՜նչ
անորակելի
բան
է
գաղափարներու
այն
աղքատախնամ
մթերքը,
որոնցմով
ուժաւոր
հաւատացած
են
ստեղծել
արեւելահայ
աշխատաւորները։
Ի՜նչ
բոպիկ
է
Րաֆֆին՝
իբրեւ
իմացականութիւն,
Շիրվանզատէն՝
իբրեւ
զարգացում,
Մուրացանը՝
իբր
գրագէտ։
Ու
մեծ
իտէոլոկ
Գրիգոր
Արծրունի՝
որքա՜ն
կարկտան
հրապարակագիր։
Զարմանալի
կերպով
նիհար
այս
բարեխառնութիւնը
իմացական
կեանքէ,
սերունդներու
մօտ,
որոնք
մեծ
մասով
Եւրոպա
ալ
ըրած
են։
Արեւելահայերուն
համար
գրականութիւնը
հազիւ
թէ
կը
զատուի
հրապարակագրականէն։
Գրական
գիտակցութիւնը
անոնց
մօտ
երբեք
չէ
ազատագրուած
այս
մշուշէն։
Այս
է
պատճառը,
որ
քննադատը,
համադրողը
ըլլայ
անկարող
անոր
շրջափոխութիւնը
ընդգրկելու։
Այս
տարտամութեան
հակառակ
փաստն
է,
որ
մենք
կը
հաստատենք
Արեւմտահայ
գրականութեան
ներսը։
Որքան
ալ
վնասակար,
գործէն
ուշքը
տարտղնող,
ուժերը
աւելորդ
սպառող
կրթանք
մը
ըլլայ
գրական
քննադատութիւնը,
առնուազն
իմացական
կրթանքի
գետին
մըն
է,
ուր
միտքը
ընդունակ
է
իր
արօրը
դնելու։
Ու
Տէրը
հոգին
լուսաւորէ
արեւելահայ
քննադատութեան,
այնքան
ծիծաղելի,
անկշիռ,
յաւակնոտ
ու
ապիմաստ։
Օշական
կատաղի
խաչակրութիւն
մըն
էր,
միս–մինակը
ընդդէմ
այդ
քննադատութեան,
որ
ոչ
միայն
կ՚անգիտէր
իր
դերը
այլեւ
կը
յաւակնէր
այդ
կրթանքը
հասկնալ
ամենէն
տափակ
հրապարակագրութեան
կերպարանքին
տակ,
երբ
կը
պատմէր
հեղինակներու
կեանքին
հիմնաւոր
դրուագները,
ծննդեան,
մկրտութեան,
ամուսնութեան,
/632/
պաշտօններուն
ու
մահուան
թուականները,
յայսմաւուրքեան
երանելիութեամբ
մը
ու
կը
պատմէր
մա՛նաւանդ
հեղինակներուն
գործերը,
իր
կարգին,
վէպի
մը
գործողութիւնը
խտացնելով
չորս–հինգ
էջի
մէջ։
Այս
ամէնը
ահաւոր
սնանկութեանը
մէջ
լրագրողին,
օշականեան
բառովը՝
ղազիթաճիին:
Ի՜նչ
տագնապ
էր
Օշականին
համար
կարդալ
արեւելահայ
գրական
պատմութիւնները,
ուր
այդ
ամէնը
կը
գործադրուէին
շքեղ
այլուրութեամբ
մը
գրական
ալ
խղճմտանքէն,
քանի
որ
անոնց
հեղինակները
դպրոց
կը
կազմէին
պարզ,
տափակ
գրելու
թշուառ
ճակատագիրը
վերածելու
համար
բարձր
օրակարգի։
Oշական
խստագոյն
բառերով
խարանած
է
գրել
չկրցող
քննադատութիւնը
արեւելահայերուն։
Ու
հալածած
է
դարձեալ
գաղափարէ
անդարման
աղքատութիւնը
ջոջ
գրագէտներու,
երկու
ալ
հատուածներէն,
առանց
ազդուելու
անոնց
վարկէն։
Ժխտական
այս
կեցուածքը
մարդիկ
պիտի
շփոթէին
Օշականի
մօտ
ուրիշ
տրամադրութիւններու
հետ։
Օշական
յատկանշական,
խիտ,
թելադրող,
գեղեցիկ,
համադրական
որքան
էջեր
ունի
նուիրած
արեւմտահայ
գրական
շարժումներուն,
անոնց
հանդէպ
այս
ժխտական
տրամադրութիւնը
պահելով
հանդերձ,
վասնզի
կը
հաւատար,
թէ
առանց
գաղափարի
որոշ
մթերքի`
գրական
գործ
մը
միշտ
խոցելի
կողմեր
կրնայ
պարզել
մօտիկ
ապագային
ալ
վրայ
(կարիք
չկայ
ընդգծելու
հոս,
որ
գաղափարը,
ինքը
իրեն
համար,
անիկա
չէ
պահանջած
գրականութեան
մը
մշակումին
իբրեւ
պայման։
Բայց
տառապած
է,
որ
երկու
հատուածներուն
մօտ
ալ
Զարթօնքի
մարդերը
այնքան
քիչ
տեղ
ըլլային
տուած
գրական
գաղափարներու,
որոնք
տարբեր
են
անշուշտ
իմաստասիրականէն։
Օշական,
գաղափարին
հանդէպ
իր
այս
յարգանքը
չէ
կրցած
արմատախիլ
ընել
իրմէն,
երբ
արեւմտահայ
գրական
շարժումներուն
արդիւնքը
իր
ճիշդ
արժէքին
մէջ
կշռելէ
ետքը,
ջանացած
է
գնել
այդ
արդիւնքին
վրիպանքը
շարժումներուն
ետին,
զգալի
պուտիկ
մը
իմաստը
աճումի
հանելով։
Արդարեւ,
«
Համապատկեր
»ին
մէջ
անհերքելի
փաստը,
որով
մեր
գրականութեան
ոչ
մէկ
իրաւ
գործ
չէ
հասած
խումբէն
այն
մարդոց,
որոնք
ուսումնասիրած
են
Դէպի
իրապաշտները
ընդհանուր
պիտակին
տակ,
բացառելով
Պարոնեանը,
որուն
վաստակը
ինքզինքը
կը
պարտադրէ
կեանքէն
ծանրակշիռ
մթերքովը։
Բայց
Օշական
այդ
խումբին
հանդէպ
ունի
գորովի,
յարգանքի
որոշ
փաստեր։
Իմաստի
հանդէպ
խումբին
անհերքելի
հետաքրքրութիւնը
Օշական
չէ
վարանած
արժեւորել
պարտ
ու
պատշաճ
կշիռով
մը։
Իրեն
համար
/633/
Տիւսաբի
գործը
շքեղ
վրիպանք
մըն
է,
բայց
Տիւսաբին
անձնաւորութիւնը,
իմաստի
հանդէպ
թէկուզ
անբաւարար
անոր
յարգանքը՝
Օշական
նկատի
առած
է
որոշ
խանդաղատանքով։
Ասիկա՝
իր
կարգին
փաստ,
թէ
ո՛ր
աստիճան
իմացական
բարեխառնութիւնը
բնական
իրողութիւն
մըն
էր
Արեւմտահայ
գրականութեան
ներսը։
Թէ
այդ
բարեխառնութիւնը
չէ
բարձրացած
հայեցի,
խորունկ,
իրաւ,
մասնաւորեալ
կերպարանքի
մը,
որով
ժողովուրդներու
իմացական
զգայնութիւնը
մարմին
կը
հագնի,
դառնալու
անոր
մշակոյթին
գրաւականը,
խոստովանութիւնը,
համապատկեր
արտայայտութիւնը,
դարձեալ
պիտի
զգուշանանք
դատապարտութեան
փաստ
մը
իբրեւ
օգտագործելէ։
Մոռնալու
չէք
Պոլիսը,
այսինքն՝
թուրքը,
այսինքն՝
այս
վերջին
բառէն
արտահանելի
ամբողջ
տագնապանքը։
Գերութիւնը
մարմինը
զարնելէ
առաջ,
միտքը
կը
շղթայէ
ու
մարմինը
ձգելէ
շատ
վերջն
ալ
դեռ
կը
յամառի
միտքին
վրայ
պահել
հետքերը
իր
օղակներուն։
Ամէն
ինչ
արգելք
էր
արեւմտահայ
մտքին
ինքզինքը
ազատագրելու։
Մի
մոռնաք
մա՛նաւանդ
Վենետիկը,
որուն
ընդմէջէն
միջին
դարը,
հռետորութիւնը
մեր
գրողները
դիեցուցած
են
գրեթէ
շատ
քիչ
բացառութիւններով։
Բայց
այդ
չարաշուք
ազդեցութեանց
իսկ
ընդմէջէն
մեր
ժողովուրդին
իմացականութիւնը
յաջողած
է
գէշ-աղէկ
կերպ
մը
գտնել
գոնէ
տեւողաբար
ինքզինքը
քալեցնելու։
Եթէ
1870ին
«
Սեւ
լերին
մարդը
»
իբր
գաղափարագրական
արարք
անիմաստութիւն
մը
չէ
—
անկախաբար
գրական
իր
վրիպանքէն,
որ
միշտ
ուրիշ
երեւոյթ
է),
1900ին
«
Ներաշխարհ
»ը
դարձեալ
անիմաստութիւն
մը
չենք
կրնար
նկատել։
Միջոց
երեսուն
տարին
արեւմտահայ
միտքը
քալած
է
։
Ու
այդ
գնացքին
պայծառ
տպաւորութիւնները
հաճոյքը
կը
կազմեն
Օշականին,
որ
կը
կարծենք,
թէ
ձեռնարկած
էր
իր
«
Համապատկեր
»ին
այդ
ապրումներէն
ազդուած։
Անիկա
արեւմտահայ
գրական
սերունդները
տեսնել
յամառած
է
իմաստով
գօտեպինդ,
հաւատաւոր։
1900ին
արեւմտահայերը
արուեստէն,
իմաստէն,
մտքին
տագնապանքներէն
գիտեն
ինչ
որ
քաղաքական
խուժդուժ,
դժպհի
պայմաններ
արտօնած
էին
անոնց
գիտնալ։
Ու
լրագրութիւն,
մա՛նաւանդ
քննադատական
ուսումնասիրութիւն
(Չօպանեանի
հանդէպ
Օշականի
կեցուածքը
պարզ
է
ինքնին,
այդ
աշխատաւորին
մէջ
մատնելու
չափ
ստեղծագործականին
կորանքը,
բարիքովը
այն
գաղափարներու
մթերքին,
որոնք
իրմով
մուտք
ունեցան։
Եղիան
Օշականին
մօտ
ունի
որոշ
վարկ,
ճիշդ
նոյն
նկատումներով)։
Բազմադիմի
հետաքրքրութիւններով
մշակուած
գրողներու
/634/
բոլորին
համար
ալ
հասարակաց
կեցուածք
մը
արուեստին,
իմաստին
երեւոյթներուն
դէմ
—
կերպով
մը
երկարաձգումն
են
Արեւելահայ
գրականութեան
ընդհանուր
ախորժանքին։
Ասիկա՝
իմացական
ախորժանքն
է,
այնքան
քիչ
խօսող
Թիֆլիս
ու
Երեւան,
այնքան
տիրական՝
Վենետիկ,
Պոլիս,
աւելի
յետոյ՝
Սփիւռքին
իսկ
դժոխքին
մէջը։
Կարդացէք
արեւելահայ
վէպը,
հոն
հանդիպելու
համար
տարրական
տարողութեամբ
գաղափարներու
ու
պիտի
ցաւիք,
որ
մօտ
դարու
մը
վրայ
այդ
գրականութիւնը
յամառօրէն
անգիտացած
է
դերը
իմաստին,
երբ
Րաֆֆի
մը,
Շիրվանզատէ
մը
աչքերնուն
առջեւ
ունէին
շքեղ
օրինակը
ուժ-գաղափարներուն՝
ռուս
վէպին
վարպետներուն
մօտ։
Րաֆֆիի
մօտ
(«
Կայծեր
»,
«
Խենթը
»)
ատոր
փշրանքները
չեն
պատկանիր
մտածումներու
աշխարհին,
իր
կարճ
կեանքին
մէջ
արեւմտահայ
վէպը
անշուշտ
առանձին
գաղափարագրութիւն
մը
չմշակեց։
Բայց
Տիկին
Եսայեանի,
մա՛նաւանդ
Օշականի
վէպերուն
մէջ
դուք
ափերով,
առատ-առատ
կը
գտնէք
միտքի
այն
իրաւ
հակազդեցութիւնները,
որոնք
երեւոյթները
կը
թուին
լուսաւորել։
Օշական
խոշոր
չափերով,
վէպին
օրէնքները,
ճարտարապետութիւնը
վտանգելու
գնով
մը,
մուտք
է
տուած
մտածումներու,
որոնց
խորութիւնը,
ինքնութիւնը
այսօր
մենք
կը
գնահատենք
այնքան
թանկ։
Ըսուած
է,
որ
ԺԹ.
դարու
ախտաբանական,
ոճրային
հոգեբանութիւնը
—
գիտութիւն
—
շատ
բան
էր
սորված
Տոսթոեւսկիէն։
Հաւաքեցէք
Օշականի
վէպերուն
մէջ
տարտղնած
իմաստի
նշմարանքները,
դուք
կ՚ունենաք
շատ
շահեկան,
իրաւ
ապրումները
վերացումները
ներկայացնող
մտածման
եթէ
ոչ
դրութիւն
մը,
գէթ
որոշ
բարեխառնութիւն
մը։
Գէշ
վիպող
Կոստան
Զարեանի
գործին
մէջ
մտածելու
կիրքը
պատրանք
ստեղծելու
չափ
զօրաւոր
է
սակայն։
Անշուշտ
որոշ
չափով
անպարկեշտութիւն,
աճպարարութիւն,
նոյնիսկ
սոփեստութիւն
կ՚արթննան
մեր
մտքին
մէջ
միջակ
գրողներու
յաւակնոտ
դատաստաններուն
դիմաց,
որոնցմով
այնքան
մեղաւոր
դարձուցինք
արեւմտահայ
վաստակը,
բայց
նոյնիսկ
այդ
պարագային
մենք
նկատի
կ՚առնենք
նպատակը։
Եղիա,
Չրաքեան,
Չօպանեան,
Արտաշէս
Յարութիւնեան,
Պէրպէրեան
քննադատներ
են,
բայց
նոյն
ատեն
բարոյախօսներ,
այսինքն՝
մարդեր,
որոնք
իրողութիւնները
իմաստի
վերածելու
մէջ
կը
դնեն
այնքան
լրջութիւն։
Ի
վերջոյ,
երկու
սերունդ,
Զարթօնքի
եւ
յաջորդները,
գրականութիւնը
կը
հասկնային
այդ
կերպարանքով
ազնուացած։
Անհուն
շատախօս
մըն
է
Խրիմեանը,
բայց
իր
ժողովուրդին,
սերունդին
միջին
խելքին
պաշտօնական
տախտակը
նոյն
ատեն։
/635/
Իրապաշտները
ստեղծեցին
քննադատութիւնը,
որ
կանխողներուն
ազգային,
բարոյախօսական
գետինին
վրայ
փորձածը
կը
փոխադրէ
գրականին
վրայ։
Ա՛լ
չենք
փաթթեր
մատի
այդ
ամենուն
անհարազատութիւնը։
Օշական
Չրաքեանի
առիթով
տուած
է
իմաստասիրական
մտածումին
ու
անտիտղոս
մտածումին
տարբերութեանց
կշիռը։
Չենք
կրկներ
զայն
հոս,
իր
առիթով։
Բայց
պարտք,
որքան
հաճոյք
է
մեզի
հոս
կարենալ
յայտարարել,
որ
պզտիկ
պարկեշտութեամբ
մը
պաշտպանուած
մտածման
ամէն
հոգ,
փորձ,
ձեռնարկ
մեզի
կը
թուի
այսօր
սիրելի
առաջադրութիւն,
տրուած
ըլլալով
այդ
ամենուն
դէմ
արեւելահայ
բութ,
ապառաժ
անընկալչութիւնը։
Մի
ընդարձակէք
աւելի
անդին,
քան
իր
ճշգրիտ
նշանակութիւնը,
փաստը
1900ի,
1930ի
կաչաղակներուն։
Կաչաղակին
մեղքը
ծնունդ
է
եւ
ո՛չ
թէ
ճարտարապետում։
Արեւմտահայերը
ստեղծած
են
անշուշտ
չարիքը
խմբագրականին
։
Բայց
նոյնիսկ
մեղքերը
երբեմն
զառածեալ
առաքինութիւններ
են։
1900ին
ի՞նչ
կը
փնտռէր
արեւելահայը
երբ
իր
թերթը
կը
բանար։
Կը
ղրկեմ
ձեզ
հոն,
որպէսզի
համոզուիք,
թէ
որքան
հաստ
իրողութիւններու
շուրջ
հաստ
գրուածքներ
հեշտանքը
կը
կազմէին
այդ
մարդոց։
Արեւելահայ
հանդէսին
լրջութիւնը
գրական
իրողութեամբ
չէ
պայմանաւոր։
Անշուշտ
«
Փորձ
»,
«
Լումա
»,
«
Բանբեր
»,
«
Արձագանգ
»
կ՚արժեն
աւելի,
քան
«
Արեւելեան
մամուլը
»,
բայց
կը
տժգունին
«
Ծաղիկ
»ի,
«
Անահիտ
»ի,
«
Ոստան
»ի,
«
Մասիս
»ի
մօտիկը
դրուած,
որոնք
իմաստի
բարեխառնութիւններ
կ՚արտայայտեն։
Իմաստի
հանդէպ
բացութիւն
մը,
ընկալչութիւն
մը
անհերքելի
փաստ
մըն
է
արեւմտահայ
մամուլին
համար։
Մեծ
մտածողները
անշուշտ
քիչ
կը
պատկանին
գրականութեան
—
եթէ
երբեք
կը
պատկանին։
Ու
բառ
աղալը,
մութ
գրելը,
մեծ-մեծ
ջարդելը,
յատուկ
անուններու
գումարտակներով
ընթերցողին
միամտութիւնը
վախի
ենթարկելը,
լրագրականը
ներկելը,
փոխառիկը
առանց
մարսելու
քշելը,
—
մեղքեր՝
միայն
արեւմտահայերուն
մենաշնորհեալ
մեղքերը
չեն։
Բայց
արեւելահայերու
մօտ
երեւոյթին
զգեցած
դժպհի
տրտմութիւնները
կը
գլեն–կ՚անցնին
ամէն
կարելիութիւն։
Օշական
զայրագին
բառերով
խարանած
է
Փափազեաններու,
Ֆրանքեաններու,
Իսահակեաններու
անլար
սոփեստութիւնները։
1900ին
մարդիկ
Իսահակեանի
մէջ
Նիցչէ
մը
կ՚ողջունէին։
Ասիկա
լրբութիւն
իսկ
էր.
նման
յիմարութիւններ
երկար
ժամանակի
համար
վտանգած
են
մեր
մէջ
մտածման
ո՛չ
միայն
լրջութիւնը,
այլեւ՝
արեւմտահայ
հոսհոսութիւնը
հանդէպ
իմաստի՝
ենթարկած
որոշ
զառածման։
Այս
ճնշումներուն
կը
մնանք
պարտական
մեծ
չափով
այն
վախը,
որ
վարակած
է
մեր
գրչի
աշխա/636/տաւորները,
զանոնք
զգուշաւորութեան
մղելով
անշուշտ
բաջաղանքէ,
բայց
նոյն
ատեն
իմաստը
«միակտուր»
դատապարտելու
իրենց
շրջուած
հոսհոսութիւնը
իր
անճշգրիտ
երանգին
մէջ
տեսնելէ։
Ի
վերջnյ,
գրականութիւնը
կեանքին
թանձրացեալ
արտայայտութիւնը
չէ
մինակ,
է՛
նաեւ
իմաստին
ալ
մարմնառութիւնը։
Ու
միտքը
կ՚ապրի
նոյնքան
ուժգին,
խորունկ
իր
ճակատագիրը։
Օշականի
գրականութիւնը
հանդէս
մըն
է
ձեւերու,
տարաշխարհ
մը
կիրքերու,
ծանր
մրցարան
մը
բարքերու
։
Բայց
նոյն
ատեն՝
գործն
է
անիկա,
ուր
միշտ
ապահովութեան
մէջն
ես
քեզ
միջակէն
վեր
մղող
բանի
մը
հետն
ըլլալու
—
այն
շատ
ազնուական
վստահութեան,
զոր
իրաւ
ուժը,
իրաւ
գիտութիւնը,
իրաւ
նկարագիրը
կը
ներշնչեն
քեզի,
արտաքին
յարաբերութեանց
ատենն
իսկ։
ե)
—
Վկայութիւն
մը
մեր
ժողովուրդէն
։
Կը
գործած
ենք
այս
եզրը,
պաշտպանելու
համար
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
այն
անվաւեր
մեղադրանքէն,
որով
դատապարտած
են
վենետիկցիներու,
պոլսեցիներու
մէկ
մասին
կողմէ
գործադրուած
գրական
վաստակը,
իբր՝
օտարոտի,
մեզմէ
ոչինչ
պարունակող
արկածախնդրութիւն
մը։
Այսօր,
սա
դատաստանը՝
մեզի
համար
հրապուրիչ
ընդհանրացում,
չի
կրնար
բռնանալ
մեր
դատողութեան
վրայ,
որպէսզի
մեզի
հասած
արդիւնքը
մենք
գունավորենք
հասարակաց
մեղքովը
բառի
ճպուռներուն։
Այո՛,
լման
երկու
սերունդ
չէ
տառապած
այդ
բառերուն
ժահրովը.
բայց
զուր
բառախաղացութիւնն
ալ
կու
գար
մեծ
մտահոգութենէ
մը։
Դրէք
ձեր
դատաստանին
առջեւ
անհուն
մթերքը
թղթեղէնին,
որ
դարու
մը
աշխատանքը
ներկայացնէր,
այս
անգամ
արեւելահայ
միտքէն։
Սո՞ւտ՝
այդ
մթերքին
մէջ
վերի
մեղադրանքը
արդարացնող
հսկայ
բաժինը
անկնիք
խօսքին,
որոնք
այնքան
մօտիկն
ըլլան
վենետիկցիներուն,
պոլսեցիներուն
վարդապետական,
վարժապետական
բղաւումներուն։
Գրական
արդիւնքը
չէր
կրնար
բացառութիւն
կազմել
միւսներէն։
Բայց
ըսինք
քիչ
անդին,
որ
նոյնիսկ
անդարման
չափով
մը
բառակոյտ
մը
կազմող
Խրիմեանին
գործը
ունէր
տախտակներ
մեր
ժողովուրդը
վկայող,
երբեմն
անգերազանցելի
հարազատութեամբ։
Մեր
ամենէն
շատաբան
գրողներէն
մէկն
է
ապահովաբար
Թովմաս
Արծրունի
անուանուած
քրոնիկագիրը։
Բայց
պարզ
բարեացակամութիւնը
պիտի
բաւէր,
որպէսզի
այդ
շատ
խօսքերուն
իսկ
ընդմէջէն
մեզի
հասնէր
անգնահատելի
բարերարութիւնը
ցեղային
վկայութեան
մը,
որ
կայ
այդ
քերթողաբար
զարդարող
պատմիչին
մօտ։
Անխելք,
կրքոտ,
դիւրահաւան,
յախուռն,
հրաշալիին
հետամուտ,
խորապէս
կրօնազգած,
արեւելապէս
ճակատագրապաշտ
/637/
ոգիին
որքան
հարազատ
փաստերը
տուած
է
այդ
մարդը
իր
պատմութեան
ընթացքին։
Եթէ
ուզէինք
այդ
գիրքը
արժեւորել
իբր
ցեղային
վկայութեան
մատեան
մը,
վերի
վերագրումները
մեզի
պիտի
բաւէին,
իբր
տարածելի
իրողութիւններ,
մեր
ժողովուրդին
շատ
մը
գիծերուն
վրայ
ալ,
մինչեւ
այսօր
ալ։
Բայց
ես
կը
նայիմ
աւելի
ընդարձակ,
հանգամանաւոր
պատկերացման
ի
խնդիր։
Զատեցէք,
Օշականին
կողմէ
յանձնարարուած
ու
ցեղային
հարստութեան
մաս
դասուած
հարիւր
մը
հատոր,
Արեւմտահայ
գրականութենէն։
Կարդացէք
զանոնք,
սկսելով
«
Յուշիկք
»էն
մինչեւ
Սփիւռքի
«
Անցորդը
եւ
իր
ճամբան
»
պատկերացումները,
վստահ
եղէք,
որ
դուք
անգերազանցելի
կերպով
մը
պիտի
ունենաք
ձեր
ներսը
բիւրեղացած
կերպարանք
մը
մեր
ժողովուրդէն։
Մօտ
հարիւր
տարիներու
երկայնքով,
այդ
բոլորովին
տարբեր
խառնուածքներու,
բարեխառնութիւններու,
միջավայրերու
ծնունդ
գործերուն
մէջ
դուք
պիտի
զգաք,
հրաշահիւս
արագութեամբ
ու
խտութեամբ,
ինչ
որ
ժամանակը,
պայմանները
ու
ցեղին
խորագոյն,
հեռագոյն
արեան
օրէնքները
կրցեր
են
դնել
իբր
անաղարտելի
դաստառակի
մը
վրայ,
ինչ
որ
ունի
այս
ժողովուրդը
իրաւ
ապրում
ու
անփոխարինելի
ճակատագիր։
Այո՛։
«
Յուշիկք
»ները
մեր
անցեալէն
կը
թուի
գալ,
բայց
որքան
ալ
յատկանշական՝
իբր
կերպարանքներ
զգայնութեան,
Ալիշանի
դարու,
նոյնիսկ
մեր
օրերու
հայ
հոգիէն։
Տեսնել,
Ալիշանի
աչքերով,
այդ
էջերէն
ներս,
աւելի
ասդին
մեր
սրտայnյզ,
անվերածելի
գորովանքը,
խանդոտ
սէրը
մեր
բոլոր
անցելահիւս
սրբութեանց
վրայ,
ասոնց
վրայով
յօրինուած
զգալ
ծանր
շէնքը
մեր
ցեղային,
արիւնէն
եկող
ժառանգութիւններուն,
ինչպէս
կարդալ,
մեր
աչքերով
մեր
հակամարտութիւնները,
մեր
նախնական
կիրքերը,
մեր
տաքութիւնը
երկրի,
մա՛նաւանդ
երկինքի
ձայներուն,
շշուկներուն
իսկ
համար,
չի
նշանակեր
գրական
վերլուծում
մը
գործադրել
խնդրական
տարրերով։
Այո՛,
դիրքին
բոլոր
պատումներուն
վերեւ
երկինք
մը
կամար
կը
կապէ,
բայց
որքան
շատ,
մoտ,
գրեթէ
շօշափելի՝
մեր
բոլորին
հոգիներուն
անհաս,
անշեղ
ճակատագրին։
Որքան
իրաւ
են
այդ
երկինքները,
գիրքին
հերոսներէն
իւրաքանչիւրին
համար։
Ու
երկի՛րը՝
որ
աշխարհագրութիւն
մը
չէ,
այլ՝
այդ
կամարները
բռնող
նոյնքան
սրտառուչ
կարօտ։
Մենք
մեր
հողերուն
հետ
ըրած
ենք
այսօր
մեր
նոյնացումը։
1850ին
այդ
հողերը
մեր
հոգիին
վրայ
միգամածային
խորհրդաւորութեամբ
խռովքներ
էին
ու
ձգողութիւն։
Գրականութիւնը
այդ
թաքուն
ապրումները
կ՚օգտագործէ
անշուշտ
ի
հաշիւ
ցեղային
պահեստին։
Կարդալ
«
Պապիկ
եւ
թոռնիկ
»
հատորը
իբր
երկրագործական
բարոյախօսութիւն,
այսօրուան
մե/638/թոտներուն
լոյսին
ընդմէջէն,
պիտի
նշանակէր
անորակելի
բառախաղացութիւնը
պոլսեցիներուն,
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
դատապարտելու
առիթ
շահագործել,
բայց
կարդալ
զայն
1850ի
գաւառացի
հայուն
հոգեկան
խորագոյն
կիրքերուն
թէկուզ
աղաւաղեալ
տախտակ
մը
իբրեւ,
պիտի
նշանակէր
մոռնալ
զայն
գրողին
բոլոր
մեղքերը
ու
իր
պարզագոյն
կերպարանքին
տակ
ունենալ
պատկերը,
իմացական
մթերքը,
միջին
խելքը
մեր
ժողովուրդի
լայն
խաւերուն,
այն
անմահ
տարրին,
որ
գրեթէ
միս–մինակը,
ընդդէմ
աշխարհ
մը
արգելքներու,
յաջողած
է
առնել-բերել
մեր
արիւնը
մինչեւ
մեր
օրերը։
Մեր
ժողովուրդը
չարչի
չէ,
ոչ
ալ
պազիրկեան,
մեր
ժողովուրդը
քալող
հողն
է
մեր
հայրենիքին։
Ու
այդ
հողին
հոտն
ու
համը
կ՚առնենք
մենք
վանեցի
եկեղեցականին
խոլոր-մոլոր
նետած
բառերէն։
Կարդալ
«
Աւերակներուն
մէջ
»ը
իբր
գրական
տպաւորապաշտութիւն
գլուխ-գործոց
մը,
մեզ
չարգիլեր
անցնել
այդ
տարազէն
անդին,
գտնելու
համար
դարձեալ
այս
ժողովուրդին
հոգեկան
մէկ
տրամադրութիւնը,
մէկ
բարեխառնութիւնը,
որ
մինչեւ
հինգերորդ
դար
կը
պահէ
իր
ներքին
բաղադրութիւնը։
Մեր
հեքիաթները։
Մեր
վկայաբանութիւնը։
Մեր
պատմիչներուն
մօտ
այնքան
բնական
մեր
ազգային
ցաւը,
որուն
արտայայտութեան
մէջ
մեր
գործադրած
չափազանցութիւնը
դեռ
չէ
կրցած
կործանել
անոր
հայեցի
հարազատութիւնը։
Տարբեր
սերունդներէ
վերցուած
այս
վկայութիւնները,
արեւմտահայ
գրական
արդիւնքէն,
այսօր
հասարակաց
խղճմտանքին
համար
դադրած
են
իրենց
գրական
կարելի
մեղքերէն,
դառնալու
համար
կտորները
մէկ
ու
նոյն
զգայնութեան։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
ցեղային
վկայութիւն
մըն
է,
արդար,
հարազատ
իր
ա՛յն
մասերուն
մէջ,
որոնք
կու
գան
արդար,
հարազատ
մարդերէ։
Մեր
ինչո՞ւն
պէտք
կործանել
հաւաքող
Ալիշանը,
քարոզիչ
Խրիմեանը,
պոռնկագիր
Եսայեանը։
Մենք
կը
բաւարարուինք
եթէ
այդ
մեղքերէն
անդին
մենք
կը
տեսնենք
իրաւ
կտորները
մեր
զգայնութեան,
ջիղերուն,
ցաւերուն
ու
սիրոյն։
Վկայութիւն
մը:
Ու
եթէ
ուզէք
սեղմել
քիչ
մը
աւելի
մօտէն
սա
տարազը,
աւելի
յստակ
տեսնելու
համար
անոր
ետին
խտացած
մասնայատկութիւններ
ալ,
միշտ
մեր
ժողովուրդէն,
դուք
տակաւ
պիտի
ողողուիք
ուրիշ
ալ
խռովքներէ։
1950ին
դադրած
է
Արեւմտահայ
գրականութիւնը,
լման
հարիւր
մը
տարի
ապրելէ
վերջ։
Առէք
այդ
հարիւրամեակին
համապատասխան
տեւողութիւն
մը
արեւելահայ
գրական
վաստակէն։
Դուք
այս
վերջինին
մէջ
ունիք
մեր
ժողովուրդը,
անշուշտ,
բայց
անոր
ամենէն
հաստ,
հաստատ
մասերը։
Արեւելահայ
վէպին
թէ՛
աշխարհը,
թէ՛
հոգեխորքը,
թէ՛
հերոսները
կը
պահեն
պարզութիւնը,
/639/
իրաւութիւնը,
վկայագրական
հարազատութիւնը,
բայց
չեն
թելադրեր
մեզի
աւելին։
Այո՛,
մօտ
են
իրարու
Տէրեանն
ու
Մեծարենցը.
բայց
որքան
քիչ՝
առաջինին
մօտ
այն
զաղփաղփուն
տարրերը,
որոնք
արեւմտահայ
քերթողին
գործը
կը
մասնաւորեն,
պոլսեցիներուն
սիրելի
բառախաղին
ընդմէջէն
իսկ,
իրենք
զիրենք
ընդարձակելով,
ոճաւորելով,
խօսելու
չափ
մեզի
բոլորովին
տարբեր
շնորհներէ։
Բաղդատական
այս
աշխատանքը
մեզի
պիտի
ընէր
զգալի
կարգ
մը
իրողութիւններ։
Մեր
ժողովուրդին
ներքին
շնորհներէն
շատերը
Արեւելահայ
գրականութեան
մէջ
աղօտ՝
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
կենդանի
կերպարանքներ
են
գտեր։
Ոչ
մէկ
արեւելահայ
պիտի
յանդգնէր
«
Ներաշխարհ
»
մը
ստորագրել
[4]
։
Կ՚ընդունինք,
որ
այս
գիրքը
զգայնութեան
մը
փաստը
չէ։
Բայց
կ՚աւելցնենք
իսկոյն,
որ
փաստն
է
ծանր
տագնապի
մը,
որ
մեր
ժողովուրդի
մէկ
խաւին
վրայ
գործեր
է
դարէ
դար։
Ատիկա
տագնապն
է
արտայայտութեան:
Աժան
ընդհանրացումներու
աճապարանքը
դիւրութեամբ
կը
դատապարտէ
Կորիւնը,
Ե.
դարուն,
Քռթենաւորը,
Է.
դարուն,
Յունական
դպրոցը,
Նարեկացին,
Ժ.
դարուն,
Մագիստրոսը,
ԺԱ.
դարուն։
Բարկ,
մթին,
տառապահար
սա
ճիգը
մարդիկ
կ՚անուանեն
իրենց
ուզած
բառերով
—
ինքնատպութիւն,
խորհրդաւորութիւն,
տպաւորութիւն
ձգելու
սնամտութիւն,
մարմաջ։
Բայց
մարդիկ
աւելի
արդար
պիտի
չըլլայի՞ն,
փնտռելով
ազդակները
սա
շեղումին։
Ինչո՞ւ
պարբերական
կանոնաւորութեամբ
մը
այդ
ձգտումները
պիտի
գային
երեւան,
երբեմն
կործանելու
չափ
լեզուին
ներքին
միութիւնն
ու
նկարագիրը։
Կը
հարընենք
ու
կը
ջանանք
հասկնալ
ճիգին
ետին
մեր
որոնումի,
նորութեան
ձգտումներուն
նոյնքան
իրաւ
փաստերը,
որքան
իրաւ
են
հողին
կապուելու,
նոյնը
մնալու,
չնորոգուելու
մեր
յամառ,
մեր
աննահանջ
կամակորութիւնները,
հողէն
վերստին
ծնիլ
կարենալու
մեր
հաւատքը։
Նրբամոլութիւնը
ուրեմն
փոխառիկ,
կասկածելի
չարաշահութիւն
մը
չէ
միայն
մեր
պոլսեցիներուն
յատուկ։
Եթէ
այս
վերագրումը
որոշ
/640/
չափով
կը
թուի
արդարանալ
Չրաքեանի
մը
տագնապին
ներսը,
պոլսեցիներուն
գրական
ճիգը
եղանակաւորող,
բայց
կը
դադրի
իր
անիմաստութենէն,
երբ
մերձեցուի
մեր
մտքին
պատմութեան
համապատկերին։
Չենք
վերյիշեր
հիները։
ԺԹ.
դարուն
Բագրատունի
տաներէցը
անգիտակցաբար
կը
կրկնէր
Կորիւնի
ճիգը,
լեզուին
իսկ
վրայ։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
ձեւի
տագնապ
մը
չէ
արձանագրած
Օշականի
երկար
աշխատանքին
վրայ։
Այսօր
դադրած
են
մեղադրանքները
իր
մթին,
բռնազբօս
ոճին
շուրջը։
Բայց
աւելի
քան
պայծառ
փաստը՝
այդ
գործին,
ուր
շնորհի,
վայելչութեան,
գեղեցկութեան,
բիւրեղակերպ
արտայայտութեան
առաքինութիւնները
մենք
այսօր
կը
շահարկենք
Արեւմտահայ
գրականութեան,
որքան
ընդհանուր
հայ
գրականութեան
փառքին
ի
հաշիւ։
Այսպէս
է,
որ
Օշականի
գործեն
կը
հաստատենք
1
—
Ջերմութիւն
մը
կնիքէ,
յոյզերէ,
ծանր
ու
խորունկ
ապրումներէ,
որ
մեր
խառնուածքին
մնայուն
օրան
է
տուած,
մեզմէ
դուրս,
մեզ
շրջապատ,
մեր
ներսը
տաղաւար
դարձած
մեր
հոգեղէն
դրութեան
ամենական
արտայայտութիւններուն։
Հաղորդական,
համակրագին,
պարզ,
բայց
սիրտ
հասնող
հայեցի
քաղցրութեան
ամենէն
յստակ,
զգալի
մէկ
նկարագիրն
է
այդ
տաքութիւնը,
հաւասար
կերպով
իրական՝
մեր
աշուղներուն,
շարականներուն,
քերթողներուն
ու
շատ
մը
արձակագիրներուն
մօտ։
Չէր
եղած
հայոց
հայրենիքը,
բայց
անոր
փշրանքները,
օտարութեան
ափերուն,
Օշականի
կու
տային
շատ
որոշ
կերպով
այդ
զգայութիւնը։
Իր
ոտքերը,
շատ
հեռուներէն,
կը
զգային
այդ
տաքութիւնը,
երբ
կը
մօտենային
մեր
գիւղացիին
քրտինքովը
շաէուըւած
արտերուն։
Անշուշտ
որոշ
մաս
մը
ներքին
թելադրանքի
զայն
կը
մղէր
առնելու
այդ
զգայութիւնը,
երբ
իր
մորթը
շփման
մտնէր
հայ
գերեզմանատան
մը
հասակին,
զայն
կիտաւորող
բորբոսեալ
վէմերուն
ու
զովուկ
աղբիւրին
իսկ
մէջը
ապրող։
Ասոնք
Օշականի
գործէն
անձերով
քաղելի
զգայութիւններ
են։
Կրնանք
զայն
հակադրել
գլխու,
խելքի
գրականութեան
մէջ
մեր
որոշ
անբաւարարութեան,
բայց
կրնանք
ըլլալ
աւելի
համեստ,
իրաւ
այ
նոյն
ատեն,
երբ
ցեղային
խառնուածքը
յատակ
ընդունինք
սա
հանգամանքին։
Տաք
են
մեր
հողերը։
Տաք
է
սիրտը
այդ
հողերէն
բուսնող։
Տաք
է
հոգին
այդ
սիրտերը
մարդկեղէն
դրութեան
մը
ներքին
օրէնք
իբրեւ
ճարտարապետող։
Արեւմտահայ
ու
Արեւելահայ
գրականութեան
ամենէն
յատկանշական
անունները
այս
ջերմութեամբ
տոգորուն,
իրենց
ստեղծումները
ըրին
թերեւս
իրենց
ցեղին
սա
հանգամանքին
կերպարանք։
Սխա՞լ`
այս
ջերմութիւնը
նկատել
հայեցիու/641/թեան
տիրական
ստորոգելիներէն
մէկը։
Չենք
կարծեր։
Պաղ,
անհաղորդ,
մթին
ժողովուրդնե՞ր։
Նայեցէք
ձեր
շուրջը
ու
պիտի
գտնէք։
Մենք
մեր
դարաւոր
ապրումները
չենք
ուզեր
օգտագործել
կարգ
մը
ժողովուրդներէ
մեր
խորշանքը
բացատրելու
համար։
Տաք
ժողովուրդ
մըն
է
ռուսը։
Ու
տաք
ժողովուրդ
մըն
է
գաղիացին։
Ահա
թէ
ինչու
անգլիական
գրականութիւնը,
միտքը
մեր
մէջը
խօսած
են
շատ
մասնաւոր
խաւերու,
ու
չեն
գտած
լայն
թափանցում։
Բժիշկներ
ու
պատուելիներ
միայն
մեզի
եկան
այդ
կրթանքներէն։
2
—
Հարստութիւն,
որ
օրուան
իմաստէն
վեր
գործածում
մը
ունի
սա
տողերուն
վրայ։
Գաղտնիք
չէ,
որ
երազի
կերպարանքին
մէջ
մեկուսանալէ
առաջ,
այդ
բառը
կը
թելադրէ
առատութիւն,
ամենական
բաներով,
ինչպէս
կ՚ըսէր
Օշական։
Հարստութի՛ւն՝
որ
տաք
հողերուն
ուրիշ
մարմնաւորութիւնն
է
թերեւս։
Որ
կ՚երեւայ
մեր
երկրին
գոյներուն
ու
բխումներուն
վրայ։
Մեր
հոգին
կուշտ
է,
ըսած
է
Օշական,
թելադրել
ուզելով
անշուշտ
սա
հարստութիւնը
ապրումներէ։
Ամբողջ
հայ
մշակոյթին
շրջափոխութիւնը
կը
պատմէ
մեզի
այդ
առատութենէն։
Անշուշտ
մեր
պալատները,
մայր
եկեղեցիները
չեն
գտած
ոսկիի,
քարի,
գոյնի
զեխ
հանդէսը,
որուն
վարժ
ենք
արեւելեան
կողոպտող
ժողովուրդներու
յիշատակարաններուն
վրայ։
«
Մեր
տուները
դէպի
ներս
կը
բացուէին:
Մեր
տաճարները
դէպի
ներս
կ՚աղուորնային
»,
երբ
կը
գրէր
Օշական,
կը
խորհէր,
առանց
որոշ
գիտակցութեան,
իր
մշակոյթին
քանի
մը
խորունկ
ու
խուփ
յատկանիշներուն,
որոնք
չեն
պոռար,
հերքելու
չափ
հարստութեան
լեզուն
ու
նկարագիրները։
Ներսէն
«գործող»,
այդ
ազդակները
հաւանական
յօրինիչները՝
մեր
այն
արժէքներուն,
որոնք
մեր
դարերը
կը
լուսաւորեն,
մեր
հողերէն
դուրս
երբ
կը
յայտնաբերեն
ծանր
ձիրքեր։
Վերջին
երկու
դարերուն
մենք
ամէն
գետինի
վրայ
ծնունդ
ենք
տուած
այդ
արժէքներուն։
Զուր
տեղը
չէր,
որ
1900ին
Վրաստանի
մայրաքաղաքը
կեդրոն
մըն
էր
մեր
լիառատ
գործունէութեան։
Մեր
մտքէն
չանցնիր,
ասոնք
հոս
գրելու
ատեն,
մեծամոլութիւնը,
այդ
առատութիւններով,
իբր
բարձր
ժողովուրդ
մը
զմեզ
առաջարկելու
ուրիշներու
հիացումին։
Բայց
պարտաւոր
ենք
գնել
կարգ
մը
մեղքեր,
մեղադրանքներ,
ամբաստանութիւններ,
մա՛նաւանդ
հոգեղէն
մարզի
վրայ։
Տնանկ,
վախկոտ,
աներազ
մարդոց
ծնունդը
չէր
մեր
մշակոյթը,
իր
բոլոր
երեսներով,
որ
կը
վկայէ
մեզմէ,
մեր
անցեալին,
ինչպէս
ներկային
վրայ
քաղցրութեամբ,
համեստութեամբ
տարածուող։
Օտարներու
շահախնդիր
վերլուծումնե՜րը,
մեր
այդ
վրիպանքները
իրաւ
վճիռներու
ձեւով
մեր
/642/
հասցէին
ցուցակագրող։
Թուրքը
շահ
ունի
այդ
խաչակրութենէն։
Մեր
կեցուածքը
կը
ստանայ
նկարագիր
մեր
իսկ
ուրացողներուն
դիմաց։
1950ին
հայ
Սփիւռքը
կ՚ամչնար
իր
ժողովուրդէն,
իր
նուաղումին
մէջ
պատասխանատուներ
որոնող
ու
կարճ,
կտրուկ
տեսնելու
եւ
դատելու
հարկադրեալ։
Այսօր
այդ
քոմփլէքսը
սրբագրուած
է,
ոչ`
ինքնապատիր
հպարտութեամբ
կամ
անխուսափելի
ռոմանթիզմով,
այլ՝
աւելի
ստոյգ
թափանցումով
մը,
մեր
պատմութեան,
ասոր
ստոյգ
իմաստին։
Հարուստ
ժողովուրդի
մը
վերիվայրումները
մինակ
ճակատագրի
խաղեր
չեն,
այլ՝
այդ
հարստութեան
իսկ
կշիռները
թերեւս։
Ատեն
մը
իմաստութիւն
էր
մեր
ժողովուրդին
պատմութիւնը
օգտագործել
իրեն
դէմ,
իր
իսկ
զաւկըներուն
կողմէ,
հաւանաբար
դղրդելու
համար
անբաւ,
անծակ
ռոմանթիզմը
հակառակ
դպրոցին,
որ
աշխարհին
բոլոր
առաքինութիւնները
չէր
կշտանար
մեր
հաշւոյն
արձանագրելու։
Այսօր
դուրս
ենք
երկու
զեղծումներէն
ալ։
Ու
միջակապաշտ
մտածողութեան
մը
չենք
ըլլար
սպասարկած,
երբ
կ՚ուզենք
աւելի
համեստ,
հաստատ,
մեր
չափով
արժանիքներ։
Ծիծաղելի
պիտի
ըլլար
մեր
գրականութիւնը
արժեւորել
օտար
մեծ
գրականութեանց
փառքն
ի
վեր։
Բայց
նոյնքան
ծիծաղելի
ու
տմարդի
չտեսութիւն՝
այդ
ճիգը
որակել
անսիրտ
փոքրութեամբ,
հիմնովին
ապայժմէ։
Օշական
չէ
ուրացած
ո՛չ
մեր
հին
մատենագրութիւնը
(կը
հասկցուի՝
արժէքներու
իր
տախտակին
կշիռը
չէր
համապատասխան
ընթացիկ
հիացումներու),
ոչ
ալ
մեր
նոր
գրականութիւնները։
Անիկա
ուրացած
է
ի՛նչ
որ
այսօր
մեզի
համար
բացարձակ
մեռելութիւն,
բայց
իր
օրին
դեռ
կը
նկատուէր
մեծակնիք
գեղեցկութիւն։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
հարուստ
ժողովուրդի
մը
ժառանգութիւնն
է
մեզի,
ո՛չ
անշուշտ
իր
ընդարձակ
մթերքին
համար,
այլ՝
այն
քանի
մը
շատ
թանկ
մասերով,
որոնք
մինակնին
կը
բաւեն
գրական
ճիգ
մը
վարձատրելու
լիառատ։
Հարուստ
են
անոր
մէջ
արտայայտութեան
եղանակները,
մեծ
մշակոյթին
վայել
պէսպիսութեամբ,
լրջութեամբ,
յարմարութիւններով։
Ան
ունի
իր
ժողովուրդը
պատկերելու
երջանիկ
արժանիքը,
տանուտէր,
ազնուական,
պարզ,
շիտակ
մարդոց
հաղորդականութիւնը,
ինչպէս
նրբախոյզ,
արկածապաշտ,
անհանգիստ
որոնումին
բոլորանուէր
ճամբորդները
յատկանշող
յանդգնութիւնները,
դժգոհանքին
դրօշը
հաճութեամբ
գործածող։
Անոր
մեծ
գործաւորնե՞րը։
Այսինքն՝
անոր
տեղական
նկարագիրը
զանցողները,
որոնք
մարդկային
հոգիին
վրայ
մասնաւոր
լուսամուտներ
ըլլան
թելադրած,
բերելով
երեւան
դրութիւններ,
վիճակներ,
որոնք
բոլոր
մարդկութիւնը
շահագրգռէին։
Կը
խորհինք,
/643/
թէ
այդ
պահանջին
ալ
այդ
գրականութիւնը
կրնայ
բաւարարութիւն
տուած
նկատուիլ։
Խօսեցայ
թարգմանութեանց
հարցէն։
Մեր
հարստութեան
մէկ
փաստն
է
Օշականի
վաստակը։
Հոն
ամէն
ինչ
մեզի
կը
մատուցուի
առատ,
գետային
յորդութեամբ
մը։
Կիրք,
գոյն,
շնորհ՝
առատ–առատ։
Յոյզ,
վայելչութիւն,
քաղցրութիւն
դարձեալ
յորդ
բխումներով։
3
—
Կիրք,
որ
հոս
աւելի
ընդարձակ
բառ
մըն
է,
քան
ատոր
տակ
զետեղուած
ընթացիկ
յղացքները։
Մեր
ժողովուրդը
մարմնական
իր
կիրքերը
պահեց
ծիրին
մէջը
իր
բնածին
ամօթխածութեան։
Մեր
սրբազան
մատենագիրները
գտած
են
միջոցը
մարմնական
յանդգնութեանց
պատկերները
հաշտեցնել
ոգեղէն
երանութեանց
հեշտանքներուն։
Կի՛րքը՝
աշխարհը
գոլի,
փայլի,
քաղցրութեան
բարեխառնութեան
մը
մէջէն
առնելու։
Կի՛րքը՝
ներքին
ապրումները
դուրս
բերել՝
առանց
յայրատ,
նուաղկոտ,
թուլութեան
մէջ
ինքնակորոյս
չափազանցումներու։
Կարդացէք
արեւելեան
ժողովուրդներու
վրացական
քերթուածները,
ժողովրդական,
որքան
ասպարազէն
քերթողներու
գրիչէն
բխած,
դուք
պիտի
զգաք
այդ
կիրքը
աւելի
խոշոր
թերեւս,
քան
իրականութիւնը։
Մեր
մէջ
ճիշդ
ներհակն
է,
որ
կը
հաստատենք։
Օշականի
գրականութեան
ներքին
միատարր
խառնուածքն
է
այդ
կիրքը,
զոր
կը
գտնէք
անոր
փոքրիկ
հեքիաթներէն
մինչեւ
մեծատարած
վէպերը
ողողող։
Գրական
նորութի՜ւնը՝
1900ի
մարմներգակներուն
եւ
յարակից
բոլոր
նրբութիւնները,
հեշտանքները։
Որոնք
պէտք
չէ
խանգարեն
այդ
գեղացի
հոգեբանութեան
միակտուր
պարկեշտութիւնը,
երբ
կը
մտածէք
Օշականի
հերոսները
կործանող
զգացական
ծանր
բախումներու։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
կիրքի
երեւոյթ
է
իր
լաւագոյն
արդիւնքներուն
մէջ,
թերեւս
անո՛ր
համար,
վասնզի
կեանքը
այդ
ժողովուրդին
մատուցուեցաւ
իբրեւ
մեծատարած
զրկանք
մը։
Իմացականութիւնը
մեզի
համար
տարտամ
կարողութիւն
մը
մնաց,
դարերու
վրայով։
Բայց
մեր
զգայարանքներուն
հասած
ամէն
կսկիծ
մեզ
ըրաւ
մշտագրգիռ,
տալով
մեր
արտայայտութեան
այն
վառ,
սպառիչ
անուշութիւնը,
որ
տառապանքին
վսեմացումն
է
մեզմէ
դուրս։
Օշական
ինք,
իր
վրայ
գիրքի
մը
մէջ,
ըրած
է
կարեւոր
ցուցմունքներ
իր
գրականութեան
մէջ
կիրքին
դերը
բացատրող։
Մենք
իր
այդ
ցուցմունքները
կը
ջանանք
հաշտեցնել
Արեւմտահայ
ու
հայ
գրականութեան
ընդհանուր
բարեխառնութեան։
Աչքէ
անցուցէք
հիներէն
մինչեւ
նորերը
այն
հատորները,
որոնք
ձեզ
կը
յուզեն,
խօսելով
ձեր
զգայարանքներուն։
Պիտի
գտնէք,
որ
ձեր
ժողովուրդը
իր
դժբախտութիւնը
բիւրեղացնելու
համար
/644/
կարծես
գործածեր
է
այդ
ներքին
ծորումները։
Ու
աւելի՛ն։
Եթէ
ճիշդ
է,
որ
մարդիկ
իրարու
մօտիկ
են,
նման՝
ամենէն
պարզ
զգայութիւններուն
մէջ
ու
հետ,
ապա
ուրեմն
կիրքը
ինքնաբերաբար
կը
դառնայ
այն
կալուածը,
ուրկէ
մեր
գրականութիւնը
պիտի
կրնար
կապեր
ճարել
օտար
գրականութեանց,
հոգեբանութեանց
հանդէսին։
Արդարեւ,
Օշականի
հերոսները,
հոգեխառնութիւնները,
տրաման,
աշխարհը
մեր
մէջ
կը
մնան
ամենէն
մօտիկը
մեզմէ
դուրս
զգայնութիւնները
շահագրգռող։
Յետոյ,
ի՛նչ
որ
իր
գործին
մէջ
միայն
մեզի
կը
տրուի
այսօր
հաստատել
բացարձակ
հարազատութեամբ
մը,
ատիկա
ցեղային
համն
է,
քոլորին,
որ
խառն
բնակուած
հողերէն
կ՚անցնի
ժողովուրդներուն։
Ոմանք
վախն
ի
վախ
խօսած
են
Օշականի
թուրքերէն,
որոնց
մարդկային
թանձր
ու
գորշ
հարազատութիւնը
պատրանք
ստեղծելու
չափ
զօրաւոր
կը
հնչէր
իր
օրերուն
ու
մինչեւ
հիմա։
1900ին
եւրոպական
գրականութեանց
մէջ
թուրք
կինը
հեշտագրգիռ
մոթիֆ
մըն
էր։
Առաջին
Մեծ
պատերազմէն
վերջ,
ցեղային
խելառութեանց
ոսկեդարուն,
գերմանները,
այդ
ժողովուրդին
մէջ,
աժան
ու
գործնապաշտ
իմաստութեամբ
մը,
կը
յայտարարէին
գտած
ըլլալ
բարձրորակ
առաքինութիւններ։
Սուտ
ու
շահախնդիր
այդ
փրոփականտին
ընդդէմ
մենք
կրնանք
հանել
իրականութեան
անխարդախ
պատկերը։
Ոչ
մէկ
գրագէտ,
օտարներէն
ու
կրնամ
ըսել
թուրքերէն,
յաջողած
է
թուրք
զգայնութիւնը
սեւեռել
այն
անկեղծութեամբ,
խորութեամբ,
հարազատութեամբ,
որքան
ատիկա
կը
հաստատենք
մենք
այսօր
Օշականի
գործէն
ներս։
Ու
կու
տանք,
մեր
կարծիքով,
լուծումը
առեղծուածին,
ընթերցողին
ուշադրութեան
յանձնելով
Օշականի
իսկ
տեսութիւնը,
որ
գրականութիւնը
կը
դաւանէր
արեան
երեւոյթ։
Ի՞նչ
է
արիւնը,
եթէ
ոչ
ներկուած
ու
հեղուկ
դարձող
հող
մը,
որ
կը
պտըտի
իրեն
յատուկ
բաւիղներէն,
բայց
կու
գայ
միշտ
հողէն
։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
ծնունդն
է
այն
հողերուն,
որոնցմէ
երակներ
բացուած
են
հայուն,
թուրքին
միսերէն
ներս։
Անհուն
են
հետեւանքները
այս
տեսութեան։
Օշականի
վաստակը
ուրեմն
կը
վկայէ
նոյն
չափով
հայէն,
որքան
թուրքէն։
Ու
ասիկա
բացառիկն
է
ահա։
Կիրքը
այդ
գրականութեան
մէջ
(արեւմտահայ)
վենետիկցիներու
ազդեցութեամբ,
դրուած
էր
երրորդական,
չորրորդական
փլաններու,
ու
ասիկա
անբնականն
էր։
Օշական
անոր
դարձուց
տեղը,
զոր
ունէր
կեանքին
ներսը։
Ու
ատիկա
աւագ
խորանն
էր
մարդերու
սիրտին։
Ինչ
որ
ռուս
գրականութեան
մէջ
կ՚ընէ
բացառիկ
Տոսթոեւսկին,
—
կիրքն
ու
հոգին
նոյն
երեւոյթը
իբրեւ
վերլուծելու
—
ԿԻՐՔԸ
—
մենք
կը
գտնենք
մերձաւոր
չափերով
/645/
Oշականի
գրականութեան
մէջ։
Մարդերը,
ապրումները
կը
թուին
հողէն
փրթած,
բայց
իրենց
պորտին
կապը
չկտրած
անկէ։
Իր
բառը
չէ
անշուշտ
թէլիւրիք
որակականը։
Բայց
այդ
բառէն
թելադրելի
զգայութեանց
մթերքը
Օշական
կրցած
է
խտացնել
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
ոչ
ոքէ
իր
յաջողութեամբը
փորձուած
արդիւնքներով։
Իր
հեքիաթները
այդ
թէլիւրիքի
ապրումները
կը
թեւաւորեն։
Իր
վէպը
թրթռուն
է
հողին
համովն
ու
հոտովը։
Նոյնիսկ
իր
գրական
վերլուծումները,
կենդանագիրները
հողային
ապրումներու
արոմը
կ՚արձակեն
երբ
քիչ
մը
տրորուին
մտածման
սլաքներով։
Անոր
գրականութիւնը
այն
համայնապատկերն
է,
ուր
կը
թափառին
սերմն
ու
արիւնը,
լացն
ու
վայելքը,
զրկանքն
ու
երջանկութիւնը,
ամենէն
ծանր,
գարշագին
մեղքերը,
ինչպէս
ամենէն
նուրբ
առաքինութիւնները
անկարելի
բնականութեան
մը
մէջ,
ինչպէս
է
արդէն
կերպարանքը
իրաւ
կեանքին։
Ու
հողերը
ճոխ
են
ու
դրախտ։
Ու
ջուրերը
անդունդ
են
ու
երազի
կտաւ։
Ու
լեռները
սարսափ
են
ու
ականակուռ
գեղեցկութիւն։
Ու
արտերը
խարտեաշ
հաց
են
ու
կնոջ
մարմին…։
Այս
խիտ
հակադրումները
գրական
խաղեր
չեն,
այլ՝
կեանքին
իսկ
փոփոխակ
հայելիները։
Օշականի
գրականութիւնը
այդ
ամէնը
արդարութեամբ
արտայայտող
յաջողուածք
մըն
է։
Ու
կիրքը՝
հոգին
իսկ
անոր
գրականութեան։
Իրն
է
յաջողուածքը
օտարներուն
մատուցանելի
ազգային
հարազատ
գործերու
հեղինակութեան։
4
—
Փայլ
ու
պարզութիւն,
որոնք
դարձեալ
կ՚ապաստանին
ցեղային
խորքին։
Չեմ
վերլուծեր
առանձին–առանձին
այդ
տարազները։
Մեր
ժողովուրդը
զարդը
չէ
սիրած,
բայց
չէ
կրցած
անկէ
ազատ
ընել
իր
ընկալչութիւնը։
Մեր
բնավայրին
բացառիկ
հարստութիւնը
չէր
կրնար
չանդրադառնալ
մեր
իմացականութեան
վրայ։
Դիւրին
է
սա
ընդհանրացումներուն
գրական
շահագործումը
վերածել
իմաստ(ասիր)ութեան,
ինչպէս
կը
գրէր
Օշական,
իր
օրերու
արուեստի
տեսութիւններուն
վաւերականութիւնը
երբ
կը
ձգէր
կասկածի
տակ,
իր
ժողովուրդին
վրայ։
Բայց
դիւրին
չէ
հերքել
ճոխութիւնը,
բարդութիւնը
մեր
ապրումներուն։
Նորոյթէ
ինկած
է
շրջափոխութեան,
միջավայրներու
կնիքին
տեսութիւնները
գրական
տարազներով
շահարկելը։
Բայց
տրտմութիւն
է,
այդ
յոգնութեան
հետեւանք
սկեպտութիւնն
ալ
տարածել
ուրիշ
տեսութիւններու։
Իր
մշտաւեր,
առնուազն
ամէն
սերունդին
կողոպտուած
երկրին
երեսին
մեր
ժողովուրդը,
հասկնալի՞՝
որ
ըլլայ
զսպած
իր
ներքին
մղումներուն
թափը
ու
դրած
ժուժկալ,
լուրջ,
ներս
նայող
ձեւերուն
կնիքը
իր
ստեղծումներուն։
Հասկնալի՞`
նոյն
մտածողութեամբ,
նոյն
ատեն
փարթամ
/646/
ձեւերէն
կը
ծորար,
երբ
ամէն
հայու
հոգին
կ՚ողողուէր
իրարմէ
հեշտ,
խռովիչ,
քաղցր
փայլակներով,
չըսելու
համար
փայլով,
որոնք
կը
ծնէին
իր
վրայ,
շուրջը,
ներսը,
զմայլելի
արուեստագէտի
մը
մատուըներէն
ճարտարապետեալ
այդ
հողային
կառոյցէն։
Մեր
արուեստը
զուսպ
է
ու
փարթամ։
Ու
ասիկա
առանց
գրական
հակադրութեան
մը
կարիքին։
Օշականի
գրականութիւնը
ատոր
մէկ
փաստը
երբ
կը
նկատեմ,
զիջումը
ըրած
կ՚ըլլամ
Օշականէն
աւելի
Հայաստանեայց
գրականութեան,
տարազ՝
որ
կու
գայ
իրմէ»։