Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

/128/ Այս բաժինը կը յատկացնեմ Օշականի վէպին։

Ահա տպուածները, ժամանակի կարգով « Ծակ–պտուկը » (1928), « Մնացորդաց » (1930–34), « Հաճի Մուրատ » (1933), « Հաճի Ապտուլլահ » (1933), « Սիւլէյման էֆէնտի » (1933)։ Այս վերջին երեք վէպերը ունին հասարակաց խորագիր մը՝ « Հարիւր մէկ տարուան »։ Անոնք զատուած են « Մնացորդաց »էն։

Անտիպները՝ « Սահակ Պարգեւեան » (1933), որ ընդհանուր խորագիր կը կրէ « Եռանկար», բայց այլեւս չի կրնար պահել զայն, քանի որ միւս միութիւնները չեն գործադրուած։ « Մաթիկ Մելիքխանեան » (1933), « Մնացորդաց »էն զատուած, ունենալով մէկը անոր անձերէն իբր հերոս։ Մաթիկ Մելիքխանեանը։

Հոս նկատի ունիմ տպեալներն ու անտիպները հաւասարապէս։

* * *

Թուականները, որոնք գործերուն կ՚ընկերանան, կը պատմե՞ն ընթերցողին բացառիկ պրկումէ մը, որ 1933-34 տարին է, անոնց ստեղծումը պաշտպանող։ Օշական տարած է այդ ստեղծագործութեան ահաւոր ճնշումը քիչ մը դուրս անշուշտ մարդկայինին սահմաններէն ու պայմաններէն։ Ինքզինքը սպաննելու փորձ մը մի տարուիք դատելու։ Oշական մահուան հետ ընտանի է ապրած աւելի իրաւ տարիներու (1915-18)։ Գրելը իրեն համար ո՛չ փառասիրութիւն էր, ոչ ալ հիւանդութիւն։ Անկէ ոչինչ կը սպասէր անիկա։ Բայց կը վախնար հեռուէն ուրուացող բանէ մը։ Աճապարանքը, գիշերը ցերեկին խառնելու, արդիւնքն է այդ վախին։ Երբ 1934-ի գարնան սպառումի հասաւ, սրտի թեթեւ տագնապի մը ձեւով, Oշական վար դրաւ գրիչը։ Չէր կրնար շիտկէ շիտակ քալել մահուան վրայ [1] ։

Անհուն այդ պրկումը, գիրքերը կ՚ըսեն թանսիոն, անձին պատկանող երեւոյթ մը մի կարծէք։ Այդ մասին Օշական շատախօս մը չէր, ինչպէս տեսաք։ Այդ պրկումը ընդհանուր մթնոլորտ մըն է, որ վէպերուն մէջ զգալի ըլլալէ առաջ, ստեղծողին ջղային դրութեան վրայ մշտական ուրուացում մըն է։ Գիրքերը կը յաջորդեն գիրքերուն։ Մէկ օրուան մէջ պատահած է, որ Օշական աւարտէ մէկը ու /129/ առանց սեղանէն շարժելու անցնի նորի մը կառուցումին։ Դադրած են այդ աշխատանքին հեւքին ու տենդին մէջ արտաքին աշխարհի բոլոր ուրիշ լծակները, կիրքերը։ Յետոյ, « Մնացորդաց »ի մէջ կան գիրքեր, որոնք գրուած են մինչեւ ութը անգամ։ Այս բռնավաստակը կը ծանրանայ գրագէտին ցաւովն ալ, որ հոս բժշկական տարազ մըն է՝ mal des écrivainsը, ախտաբանական մեծփոր հատորներուն մէջ լաւ ուսումնասիրուած։ Մատները կը ցաւին: Ցաւը կ՚անցնի ուսին։ Ձախ ձեռքով Oշական կը վերցնէ աջը մինչեւ աշխատանքի սեղանը ու կը գրէ, կը գրէ, կը գրէ։ Վազքի եւ կսկիծի այս զգայութիւնները, Oշականի վէպին մէջ ուրեմն քիչիկ մըն ալ բնախօսական պայմաններէ կը խօսին։

 

Oշականի վէպին հետ կը դրուին բազմաթիւ հարցեր։ Կը մօտենամ կարեւորագոյններուն։ Աշխարհ, տիպարներ, բարքեր, գործողութեան զգայարանք, գաղափարագրութիւն, ճարտարապետութիւն, հոգեբանութիւն, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, ոճի խնդիրներ, արուեստ, կշիռ:

ա) Օշականի վէպին աշխարհը ։ Գրականութեանց պատմութեան հետաքրքիրներ ծանօթ են այս բացատրութեան։ Պալզաք, անշուշտ առաջին օրէն չունէր մտքին մէջ իր գործը համակարգող ընդհանուր վերնագիրը, « Մարդկային կատակերգութիւն »ը (La comédie humaine), բայց ունէր ատկէ աւելի կարեւորը իր գործին ընդհանրութիւնը։ Իր հեւասպառ աշխատանքին մէջ այդ տիտանեան ուղեղը կը հալածուէր իր աշխարհէն, որ հոս գործին հոգին է, զայն իր հեռագոյն խորշերուն մէջ իսկ թրթռման հանող սրբազան իսկութիւնը։ Ի՜նչ փոյթ, որ հատորը աւարտի։ Հոգին կը շարունակէ իր անսպառ բխումը՝ նոր հատորներ նետելով կրկէս։ Քառորդ դար, սա ճնշումին տակ, ստեղծագործութիւն մը Պալզաքին պիտի տար իր յիշատակարանը, իր ամբողջական գործը։ Ծաւալի հարց մը չէ, որ կը վարէ իմ մտածումը։ Պալզաքի ժամանակակից կնիկ մը ոչ-նուազ բեղմնաւոր գրիչ մըն է խաղցուցած իր մատներուն տակ։ Ժորժ Սան ունի երեք տասնեակը անցնող հատորներ, բայց չունի իր աշխարհը, վասնզի գրած է օրուան քմայքին, հաճոյքներուն, կիրքերուն անձնատուր։ Այդ հատորներէն մենք կը կենանք մէկ երկուքին միայն առջեւ, անոնց, ուր կաթնտու կովը (vache à lait) խօսած է իր գեղէն։ Նոյնն է պարագան « Ռուկոն Մագառներ »ու շարքին։ Զոլան, աւելի հանդարտ, աւելի խղճամիտ, ձգած է մեզի նուազ յատկանշական աշխարհ մը։ Կ՚աշխատէր մեքենայի կանոնաւորութեամբ, ըսել կ՚ուզեմ /130/ դուրս ներշնչումին կրակէն։ Կը յիշեմ տագնապը A la recherche du temps perduն մեզի կտակող մեծ հիւանդին։ Ու չեմ կրնար յիշել դիւահար վիպասանը, ահաւոր ու աստուածային, որ խենթի պէս կ՚անցնէր իր աշխատանոցը ու քանի մը ամիսներու հրաբխային տենդին մէջ կը ժայթքէր իր ուղեղէն դուրս զարհուրելի հատորները։ Ու տակաւին Տիքընզը, Ուոլթըրը, Սքոթը, բոլորն ալ հալածուած (հոգիէն, կամ աւելի ճիշդը՝ ոգիէն ) վիպասաններ, որոնք մեզի աշխարհ մը ձգած են (դիտեցէք, որ իբր տեղեկութիւն միայն հոս կու տամ անունը անաշխարհ վիպասանին, Տիւմային, որ չորս հարիւր հատոր է նուաճած, բայց առանց սեպհական անկիւն մը ապահովելու ֆրանսական գրականութեան պատմութեան մէջ)։

Այս լուսաբանութիւններէն կը հետեւի, թէ վիպասանի մը աշխարհը ո՛չ ծաւալով, ոչ ալ շունչով է պայմանաւոր։ Համաստեղի երկու հատոր պատմուածքները վկայութիւններ են աշխարհի մը, մինչ անոր քաղքենի գործերը Սպիտակ լեռներուն մէջ »ը օրինակի համար) եւ աւելի յաւակնոտ « Սպիտակ ձիաւոր »ը աշխարհի մը չպատկանող աշխատանքներ են։ Հազիւ քանի մը հարիւր էջը գտնող « Պանդուխտի կեանքէն »ը ամբողջական աշխարհ մըն է։ Oհան Կարոյի « Խրճիթներէն մինչեւ խորհրդարան »ը (որ հարիւր էջն ալ չի յաջողիր լեցնել) տիրական աշխարհ մըն է։ Կոստան Զարեանի անյաջող « Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները » դարձեալ կուգայ աշխարհէ մը։ Թլկատինցիի պատկերները, վիպակները կը պատկանին, ամենէն յատկանշական ձեւերով՝ աշխարհի մը։ Շիրվանզատէի գործը՝ աշխարհ մըն է։ Ռաֆֆիի գործին մէկ մասը միայն։ Ինչպէս կը տեսնուի այս օրինակներէն, աշխարհը վիպասանով մը նուաճուած, անկէ խորաչափուած, անով անուանակոչելի իրականութիւնն է։ Պիտի տանք վէպի մը անունը ու այդ անունին հետ, հեղինակողին գրական դիմագծութենէն, արժանիքներէն առաջ, մեր մտքին պիտի յառնէ այդ վէպով փրկուած, անոր մեր հոգեկան ժառանգութիւնը դարձած բարոյական իրողութեանց հանդէս մը, ուր տաղանդէն, հետաքրքրութենէն անդին հանգամանքներ ըլլային տիրական։ Աշխարհ մը, որքան ընդարձակ է (ու մի շփոթեք ասիկա դարձեալ ծաւալին հետ), այնքան թանկագին է մեզի իբր վկայութիւն։ Կ՚ըսեն, թէ 1800–1850ի Ֆրանսան շատ աւելի իրաւ, պայծառ պատկերացում մը գտած է Պալզաքի վէպերուն մէջ, որքան ատիկա պիտի մնար անյաջող իրականացնելու պաշտօնական պատմութեան ամբողջ մատենադարան մը։ 1860ի Անգլիան աննուազ կերպով մը կը մնայ սեւեռուած Տիքընզի վէպին մէջ։ Ահա այս աշխարհ տարազին ետեւ իմ թելադրել ուզած /131/ բարոյական իրողութիւնը։

Որչափո՞վ Օշականի վէպը մեզի կ՚արտօնէ մտածել աշխարհի մը մասին։ « Մնացորդաց »ը անշուշտ խոշոր, որքան վճռական փառասիրումն էր աշխարհի մը: Ու այդ աշխարհը ԺԹ. դարու կէսերէն մինչեւ տարագրութեան դժոխքը երկարող մեր ժողովուրդին բարոյական ապրումներուն գումարը իբրեւ դրուած էր անոր աշխատանքի սեղանին։ Գրուած մասին մէջ այդ վէպը կը նուաճէ հայ գիւղ մը, ամբողջական ապրումներով, մեր պատմութեան մէկ որոշ դարձակէտը, մեր մօտիկ անցեալին (որ չանցնիր 1800էն վար) պայծառ մէկ քանի կերպարանքները, դարձեալ՝ շրջանային 1895–1900 հոգեբանութիւններ։ Կու տայ թուրքէն յստակ տախտակներ, միտք, հոգի, կեցուածք, ապրումներ, բոլորն ալ շրջանի մը կնիքովը ամրօրէն դրոշմաւոր, բայց մարդկօրէն, մարդկայնօրէն աւելի անդին, քան շրջանը, շրջանները: Թուրք ոստիկանապետ փաշան, որ « Մնացորդաց »ին մէջ կը վերլուծէ հայ-թուրք հարցը, անշուշտ 1915ի թուրքն է, բայց է նոյն ատեն բոլոր ժամանակներուն թուրքը։

Օշականի վէպին մէջ ուրեմն աշխարհը աւելի ընդարձակ է, քան ոեւէ հայ վիպասանի մօտ մեր գտածը։ Մնաց որ, « Հարիւր մէկ տարուան »ներու շարքը բացառաբար թուրքէն կու գայ։ « Մնացորդաց »ին Բ. հատորը Արիւնի ճամբով », 4–5–6րդ գիրքերը) դարձեալ թուրքը ունին հայուն հաւասար։ « Սահակ Պարգեւեան » վէպին մէջ, մեր 1900ը, 1910ը, 1920-ը, այսինքն՝ քառորդ դարը մեր վերջին պատմութեան, զայն յուզող խոշոր տագնապներուն թափօրովը, տեղի, մտայնութեան լայն փոփոխանքներով, որոնք միայն անձերուն նորութիւնը չեն բերեր էջերուն, այլ կը սեւեռեն ընկերութեան մը բարոյական զգայարանքին վրայ ամէն աճում կամ նուազում։ « Մաթիկ Մելիքխանեանց »ը կը հետապնդէ մեր 1900ը դարձեալ, բայց արտապոլիս հոգեբանութիւն մը, այն պատկերը, զոր կը պարզէր այս դարու սկիզբը մեր ժողովուրդը քիչ մը Այրարատէն մինչեւ Պոլիս, այսինքն՝ հայաբնակ վայրերուն մէջ կեանքը, զոր թուրքերը յօրինած էին մեր գլխուն, 1895–96 սպանդներէն վերջ։

Կարդացեք այդ վէպերը ու դուք յստակ կերպով պիտի զգաք, որ ձեր մտքին մէջ պիտի տեղաւորուի ժամանակէ մը, շրջանէ մը, հոգեխառնութենէ մը յստակ համապատկեր մը։ Թէ այդ համապատկերը հաւատարիմ չէ ամբողջութեանը մէջ, ստոյգ է դարձեալ։ Կ՚ըսեն, թէ 1878էն վերջ Տոսթոեւսկի ծրագրած է 1870ական թուականներուն անհուն Ռուսիոյ համապատկերը նուաճել հինգ հատորներու ներսը, որոնցմէ առաջինն էր « Քարամազով եղբայրներ »ը։ Գիտէք, որ /132/ ճակատագիրը ինչպէս միջամտեց ու կործանեց աստուածային վիպասանին այդ շքեղ երազը։ Ճակատագիրը ուրիշ կերպարանքի տակ նետեց իր մատն ալ Օշականի պուկին։ Օշական վստահաբար գիտէ, որ իր կազմը պիտի ջախջախուէր 1934ի ճնշումին նման նոր ճիգի մը ներքեւ։ « Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան »ը իբրեւ ծաւալ անշո՛ւշտ որ աւելի պատասխանատու չափերու է երկնցած։ Բայց թերեւս քիչեր հաւատան, թէ այդ ընդարձակ կառոյցը այնքան սպառում չէ առթած անոր, որքան « Մնացորդաց »ի մէկ հատորը։ Այս խոստովանութիւնը (ըսեր եմ, թէ կան գիրքեր այդ գործին մէջ, որոնք մինչեւ ութը անգամ են գրուած ) կը կարծեմ, թէ կարօտ է լուսաբանութեան։ « Համապատկեր »ը, որ վէպն է արեւմտահայ գրագէտներուն, կեանքէն պատրաստուած, անոր ենթակայ, անկէ պաշտպանուած գործ մըն է, որուն նուաճումին համար Օշական դիմած է ժամանակին, այսինքն՝ ժամերու թիւի մը, որոնց ընթացքին հայ գրականութեան դէմքերը, գործերը, հոգեխառնութիւնը ելլէին իրենց միգամածային վիճակէն (անոր անգիտակցութեանը, ինչպէս գիտակցութեանը խորը ձգուած իբրեւ սաղմնային էութիւններ) ու մարմին առնէին… թուղթի վրայ։ Աշխատանքին ամենէն սպառիչ մասը, ստեղծագործութիւնը, հայրութիւնը կատարուած էր շատ առաջ, տարուէ տարի։ 1938ին, երբ Օշական կը ծրագրի ու գործադրել կը ձեռնակրէ « Համապատկեր »ը, ամէն ինչ ունէր իր տրամադրութեան տակ։ Ահա թէ ինչու աղէտի մը չէ տարած զինքը այդ աշխատանքը (թէեւ 1942ին կրկին փորձանք մը տապալեց զինքը, վասնզի կէս մնացած « Մաթիկ Մելիքխանեանց »ը Մնացորդաց ») բերեր էր այդ յիմարը նորէն սեղանին ու դարձեր լարումի նոյն աստիճաններուն, անճանաչելի ըլլալու չափ, սեղանէն երբ կը փախչէր, գլուխը ջուրին վազցնելու)։ Օշականի վէպին մէջ այդ աշխարհին ամբողջութիւնը այսպէս բացատրելէ վերջ, դիտել կուտամ, որ նուաճուած մասին մէջ ալ այդ աշխարհը կը մնայ պատկառելի։ Դուք թուրք վէպին մէջ իսկ դժուարութիւն պիտի զգայիք թուրքը այդ իրաւութեամբ, խորութեամբ, կատարելութեամբ ճանչնալու։ « Հաճի Ապտուլլահ »ը կարդացող պարզ մարդ մը, անգիտակցաբար ինծի խոստովանած է, որ նոր կը ճանչնար թուրքը ։ Ու այդ մարդը պոլսեցի մըն էր, այսինքն՝ թրքութեան ամենէն իրաւ կեդրոններէն մէկուն մէջ իր աչքերը բացած, զայն ապրած, իր ջիղերուն ճամբովը։ « Սիւլէյման էֆէնտի »ն կարդացող մը կը գրէր Օշականին, որ թուրքերը իրենք զիրենք ճանչնալու համար, Oշական պարտաւոր են թարգմանել։ Ու խորունկ բան մը կ՚ըսէր անիկա։ Դարձեալ վկայութիւն մը, նամակէ մը, զոր « Մնացորդաց »ի հեղի/133/նակը ստացած է Ֆրանսայէն չորս տիկիններու կողմէ խմբագրուած, ուր կար յատկանշական խոստովանութիւնը, աւելի պարզ, բայց աւելի իրաւ ու անկեղծ (վասնզի չէր ծանրաբեռն գրական նախանձով կամ նանրամտութեամբ)— պարկեշտութեամբ ու յամառութեամբ, իրենց չորս խելքերը ամբողջութեամբ իրարու աւելցնելով, այդ կիները հասկցած էին այդ վէպը ու ատոր համար իրենք զիրենք հպարտ կը զգային: Բոլորովին անծանօթ հոգիներու կողմէ սա խոստովանութիւնը կը կատարուէր անշուշտ Օշականի աշխարհին եւ երբեք զայն նուաճող գրագէտին, թէկուզ ըլլար ատիկա տաղանդաւոր, հրապարակի հտպիտներուն չափ գոնէ, որոնք երկու ծիծի գիջախառն պատմումին հեշտութիւններով վիպողի վարկ դիզեցին։ Oշականի վէպը չհետաքրքրեց մեր մտաւորական դասակարգը։ Կան տրտումէն անդին տրտմութիւններ։ Ու ատոնցմէ մէկն է անշուշտ պատրանքը գրողին, որ իր գործին կ՚անցնի, գլխուն գնովը ու կ՚արժանանայ շքե՜ղ գնահատումներու։ Թերթ մը, Գահիրէէն, « Մնացորդաց »ին թուղթին մեղքցաւ, որ կրնար գոնէ աւելի պիտանի բանի մը գործածուիլ կոխուելով մը։ Ուրիշ մը, Փարիզ, զայն որակեց թրիք։ Ինչո՞ւ չէ։ Այս նկատողութիւնները [2], հոս անտեղի, կը բռնանան սակայն իմ գրչին ծանր նուիրման ու զոհաբերման հինցած դառ/134/նութենէն վեր թախիծով մը։ Քիչ մը աւելի նուազ մախանք, մաղձ, չեմ ըսեր մարդկութիւն՝ թերեւս փոխէին «իրերու դասաւորումը»։ Աշխարհներ նուաճողները իրենց չեն ներեր պզտիկութիւններ, հաշիւ, յարդարանք եւ քաղաքականութիւն։

Օշականի վէպին աշխարհը ահա թէ ինչու կը մնայ անամբողջ ։ Տուէք իրեն պատեհութիւն որ հոս կը նշանակէ աշխարհին ամենէն պարզ քանի մը բաները, այնքան պարզ, որ չեմ համարձակիր անուանել եւ զորս իր հետ ունի անկիւնի կօշկակարը, երբ իր խանութը գոցելէն վերջը կը դառնայ իր տունը, զաւկըներուն սեղանին, դուք պիտի ունենայիք լման աշխարհը ձեր ժողովուրդին։ Այս խօսքերը կ՚ըսուին առանց ռոմանթիզմի, ինչպէս առանց դաժան դառնութեան կամ աժան փառասիրութեան։ Քաշքշեցին, որ Օշական կը փառասիրէր ապագային վրայ, կէս դար վերջը իր գերեզմանին վրայ կանգնտելիք նաբուգոդոնոսորեան արձանի մը յիմարութեան։ Չէ, բարեկամներ, չէ՛։ Հարի՛ւր անգամ չէ։ Օշականին ցաւն է անաւարտ իր աշխարհին ցաւը։

բ) Տիպարներ ։ Օշականի վէպին մէջ տիպարները նկատի ունիմ իբր ամբողջութիւն։ Ատոնք անշուշտ բանուորներն են Օշականի աշխարհին, բայց տարբեր են արեւմտահայ վէպին մէջ խանձարուրուած բոլոր վիպական հերոսներէն։ Անոնք, զիրենք հեղինակողին նման, զարտուղիներ են, որով կը զանցեն միջին հասարակութեան մը ախորժանքները։ « Խոնարհները » շարքն է մարդոց, որոնք ընկերութեան մը պատկանելու տարրական իսկ բարիքէն զուրկ ծնան ու ապրեցան։ Վիպակներուն մէկ կարեւոր մասին մէջ տիպարը ինքը, Օշականն է, պէտք չկայ ներկայացնելու՝ առաջնակարգ զարտուղի մը, դարձեալ։ « Ծակ-պտուկը »ին հերոսուհին այնքան զարտուղի էր, որ իր մահէն տարիներ վերջն ալ կը շարունակէր ապրիլ գեղին շրթներուն, երգին թեւերովը ու կը ստեղծէր իր տրամային միշտ ապրող իրաւունքը հո՛ն՝ ուր սիրոյ պզտիկ պատմութիւն մը սպառնագին հետեւանքներ կը թելադրէր տէրտէրին կամ հաճի աղայի մը։ Զար/135/տուղի մարդեր են Հաճի Մուրատը, չէրքէզ Սանամը, երկուքն ալ առնուած առօրեայ իրականութենէն, բայց մշակուած, ըսել կ՚ուզեմ՝ վիպական իրադարձութիւնները ընթերցողին հանդուրժելի ընծայող հպումներու ենթարկուած։ Սովորական, պարզ հողագործ մը, Հաճի Ապտուլլահ, սիրոյ, խենթեցնող սիրոյ ճամբով մը նոր չէ, որ ոճրագործ մը կախաղան կամ հարիւր մէկ տարուան դատապարտութեան մը նկուղը կը քալէ։ Ինչո՞ւ պիտի խեղղէր այդ անուշիկ մարդը իր կինը, զոր կը սիրէր թերեւս անհաւասարելի սիրով մը։ Տիպարը տիպար է ահաւասիկ այդ ինչո՞ւ ին պատասխան մը ճարել չկրնալուն, մարդոց միջին իմաստութենէն արտահանելի։ Իսկ « Սիւլէյման էֆէնտի » վէպին մէջ (որուն վաւերական անձնաւորութիւնները Օշական կը ճանչնայ ոչ թէ ի լրոյ, այլ Եղիշէին բառովը՝ յականէ յանուանէ) զոյգ հերոսներէն առաջին Էտհէմ պէյը սրիկայ մըն էր մեծափառ, մեծատարած, մեղքը մորթին պէս հագնող իր ոսկորներուն վրայ ու այդ վիճակին անճառ բանաստեղծութիւնը գռաթ-գռաթ արժեւորող։ Անոնք, որ աչքէ կ՚անցնեն այդ մարդուն արարքները, ոճիր եւ արկածի թերթօնէ մը վերցուած անձ մը կը կարծեն ունենալ իրենց թուղթին վրայ։ Օշական կը ճանչնայ այդ մարդը, կերած է անոր սեղանէն (տղուն հետ իր յարաբերութեանցը պատճառով) ու իր կինը արգանդախեղդ սպաննելու փորձը սարսուռով մտիկ ըրած իր մանչէն, որ լուսի պէս, մասունքի պէս թուրք մըն էր, եթէ երբեք այս բառերը կը հանդուրժէք այդ ցեղէն ոեւէ մարդու հետ։ Ու մի զարմանաք։ Ան, որ հիմնադիրն է թուրքերուն հանրապետութեան, պիտի չմերժէր այդ պատկերացումը, քանի որ անգլիացի կենսագիրը գերազանցած է Օշականը, որ վէպ չէ գրած, կրնաք վստահ ըլլալ, այլ իր տեսածները պատմած է այդ աշխարհէն։ Զարտուղիներ են «Մնցորդաց»ի տղաքն ու կիները։ Չեմ դանդաղիր։ Բայց այդ զարտուղին Սիւլէյման էֆէնտիին նման ու առաւելազանց վայելչութեամբ մը կը պատշաճի « Սահակ Պարգեւեան »ին։ Ինծի կը ներեմ այս շեղումները անտիպ վէպերի օգտագործումներ կատարելու։ Այս ուսումնասիրութիւնը, իր կարգին, զարտուղի արարք մըն է, երբ մտածուի։ Ուրիշներուն վէպերը պատմել պիտի չըլլար իմ փառասիրութիւնը։

Եւ որովհետեւ վէպի բոլոր հերոսները քիչ-շատ զարտուղի արարածներ են, ստիպուած եմ հրաժարիլ տիպարները յօրինող թեքնիքին վերլուծումէն ու կը փնտռեմ Օշականի վէպին մէջ այն տիրական գիծերը, որոնք այդ տիպարները կ՚ընեն արժանի իրենց որակումներուն։ Ի՞նչ կայ խորապէս հայ Օշականի մեծ ու պզտիկ անձ/136/նաւորութեանց մէջ։ Ահա հարցումը։ Ան, որ կը մտերմանայ այդ մարդոց, դանդաղ ու խորացող մտերմութեամբ մը, զանոնք կը զգայ իր սրտին մօտ, առնուազն ոչ-օտար։ Այդ հերոսները յանդուգն, հպարտ, վեհանձն մարդեր են, լեռնական ժողովուրդի պայմաններէն ծնած առաքինութիւններով։ Այս մասին չեմ ներեր տարակոյսը։ Ես եղեր եմ անոնց շատին հետ։ Պատմեցի, թէ ինչպէս մաքսանենգ երիտասարդ մը հազարը անցնող խուժան մը պառկեցուց իր երեսներուն վրայ շանթարձակ հրամանով մը ու անցուց իր բեռները մարմնակործան ոստիկաններուն մէջէն։ Քանի՜-քանի՜ անգամներ Հաճի Մուրատները, Մուրատները, Զաքարները, Հաճի Ստեփանները իրենց բառով իրենց « առջին են փաթթած » կառավարական զօրքերը ու լեռ ապաստանած, երբեմն մինակ, երբեմն քանի մը հոգի։ Բայց պատկերը հոս չաւարտիր։ Այդ վեհանձն, ունեցածը աղքատին ծոցը պարպող աւազակը ցեղին պահանջած վայրագ գազանը կ՚ըլլայ, հաւասար բնականութեամբ մը, դիւրութեամբ մը։ Օշականի վէպին մէջ ասպատակը իրական է՝ մեր երեւակայել կրցածէն վեր իրաւութեամբ մը։ Անշուշտ Մէրիմէի, Էտմոն Ապուի քորսիքական, յունական հերոսները, Թոլսթոյի կովկասեան տիպարները պիտի այցելեն ձեզի բառին հետ։ Բայց Օշականին ասպատակը հայ է, այս բառին խտացուցած բոլոր հակամարտ խորհուրդներովը։ Կրքոտ, վայրագ, մանկասիրտ ու բարի, նոյն ատեն ինչպէս են բոլոր լեռնական արիւնէ անմիջապէս սերած եւ դաշտենի կամ քաղքենի տրտմութեանց մէջ ապաuերելու առիթ չգտած տղաքը։ Անոնց կրնայիր վստահիլ ամենէն նուիրական սրբութիւնը, վստահ ըլլալով, որ երկինքին ու երկրին բոլոր փորձանքները անկարող պիտի ըլլային արատաւորել այդ սրբութիւնը, ինչպէս պիտի ըլլայիր վստահ, թէ նոյն այդ մարդը սրտի մեծ խաղաղութեամբ մը նոյն դանակով կը մորթէր մայրն ու որդին։ Իր վէպերուն մէջ այս արարքները ամենօրեայ ըսուելու չափ յաճախադէպ էին։ Ոճիրը հազիւ թէ կը հաւատար քաւութեան։ Ահա թէ ինչու Օշական տուած է ասպատակը, ոճրագործը, բայց զանոնք պատժող թուրք արդարութիւնը զգուշացած է վերլուծելէ, քանի որ այդ արդարութիւնը այնքան նախնական, այնքան տափաստանեան, ծիծաղելի էր թուրք դատարաններուն առջեւ ու թուրք հոգիին խորը, որ յօրինած էր պատուհասումի այդ գործարանները (appareil) ինքն ամենէն առաջ հեգնելով իր ըրածը։ Եւրոպան դատարան կ՚ուզէր թուրքին փոխ դրամ տալու համար ու թուրքը գտած էր կերպը արեւմտեան դատական կազմը « իւր սարօքն » փոխադրելու իր լէվաները, գազաները, պաշտօնական բոլոր գատրա ներով։ Օշականի տի/137/պարները, բացի առնական այդ խառներանգ գիծերէն, գեղէ, լեռնէ, ագարակէ, հայ թէ թուրք, ընտրուած են նաեւ քաղաքային ալ տարրերէ։ Այդ մասին շքեղ շտեմարան մըն է « Սահակ Պարգեւեան »ը, որ ասպարէզ կու տայ մտաւորականին խմբագիր, բանաստեղծ, գրագէտ, գործիչ ։ Վաճառականին ` իզմիրեան կաղապարով, հայ, թուրք, որ կ՚երեւայ, բայց չաշտարակուիր, թերեւս անոր համար, որ այդ տիպարը արեւմտահայ վէպին մէջ ամենէն շատ սեւեռուած տիպարն է (Զօհրապ, Սիպիլ, Կամսարական)։

Օշականի վէպին մէջ կա՞յ կարիք հայ եւ թուրք յատկանիշներու զանազանումի մը։ Հարցականը անիմաստ չէ։ « Ծակ-պտուկը » թուրքով չէ պայմանաւոր անշուշտ, բայց իր տրամաթիք զարգացումը որոշ չափով կը մնայ պարտական այդ տարրին։ Առանց թուրքի` « Հարիւր մէկ տարուան »ներուն շարքը պիտի դառնար խնդրական։ « Մնացորդաց »ը թուրքին ահովն ու խորհուրդովն է երկնուած, վասնզի պատանի Օշականը իր արեան դրութեան մէջ առած էր կնիքը այդ սարսափին աշխարհի ամենէն թուրք քաղաքին մէջ։ Յետոյ ամբողջ վէպեր կու գան թուրքէն Հաճի Մուրատ », « Հաճի Ապտուլլահ », « Սիւլէյման էֆէնտի », « Կայսերական յաղթերգութիւն », « Մնացորդաց »ին « Արիւնի ճամբով »ը)։ Օշականի վէպին մէջ թուրքը եթէ ոչ նոր, գէթ քիչերու ծանօթ ցեղի մը կը պատկանի։ Եւրոպան անկէ ոչինչ գիտէ։ Մեր գրականութիւնը (մա՛նաւանդ արեւելահայ թեւին մէջ) անկէ ստեղծած է քլիշէներ, ամուր ու դժուար խորտակելի։ Թուրքը, բայց իր թրքութեան բոլոր հանդէսովը, մա՛նաւանդ տունէն, օրրանէն, օճախէն ու հոգեյատակէն։ « Մնացորդաց »ի չգրուած մասին մէջ իր ծրագիրն էր ժողովուրդը տալ։ Տիկին Եսայեան « Աւերակներու մէջ » հատորով այդ թուրքէն ըրած է սեւեռումներ։ Կը ղրկեմ ձեզ « Մնացորդաց »ին՝ հոն տեսնելու համար ցեղային ուրիշ կերպարանքներ։ Կարդացէք « Հաճի Ապտուլլահ »ը, մա՛նաւանդ « Սիւլէյման էֆէնտի »ն ու ըսէք, թէ այդ մարդերով ձեզի հասած տպաւորութիւնները կը նմանի՞ն անոնց, զորս կ՚առնէք, օրինակի համար, « Խենթը »էն կամ « Կայծեր »էն։ Չեմ ըսեր, թէ Րաֆֆի միակտուր երեւակայած է Շէյխ Ճալալէտտինը, բայց չէ կրցած ազատել անոր ռոմանթիզմը։ Օշականի բոլոր թուրքերը հիմնովին զերծ են այդ ռոմանթիզմէն, վասնզի թուրքը ինքնին դեռ այդ հոգեվիճակին անընդունակ անասունն է եւ ոչ թէ Քէյզերլինկի essentiellement noble որակած բարձր նմոյշը։ Տոսթոեւսկիէն վերցուած տիպարի մը պէս կը տրամաբանէ « Մնացորդաց »ին մէջ ոստիկանապետ փաշա մը, վարելով խօսակցութիւն մը մահուան (իր մտքէն) դատապար/138/տած հայ յեղափոխականի մը հետ։ Թող վերլուծուին այդ խօսակցութեան հիմունքները ու դուք կ՚ունենաք մարդը, որ կը տառապի թուրք, ամբողջական իրաւ թուրքը ( իր պապե՜րը ) ըլլալ չկրնալուն։ Ու ես խօսեր եմ այդ թուրքերուն հետ, փաշա, գայմագամ, միւտիւր, քեաթիպ, գրող, խմբագիր, Հաճի Ապտուլլահներ, Սիւլէյման էֆէնտիներ, տասնապետներ, հարիւրապետներ, հազարապետներ։ Բոլորն ալ, համաձայն իրենց ստացած կրթութեան ու երկրին, խօսած լեզուներուն թիւին, մասնագիտացած նիւթերուն կշիռին, կը ջանային զղջալ հին թուրքէն իրենց մէջ պակսածին վրայ։ Բայց բոլորն ալ ապահով էին, որ յարմար վայրկեանին անոնք պիտի չամչցնէին իրենց պապերուն հոգիները։ Ու այդ յարմար վայրկեանները օրի ձեւով չէ, որ տրամադրուեցան այդ մարդոց, այլ՝ ամիսի, տարիի, տարիներու։ Զիս լաւ հասկցէք։ Այս յատկանշումները չեմ ընէր Քրիստոսի, կամ քաղաքական կամ բողոքական, միսիոնարական վաղածանօթ լոզունգ ներու ընդդէմ բողոքարկու մտածումով մը։ Եւրոպացի գրողներ, սկսելով Լամարթինէն մինչեւ Քէյզերլինկ այդ մարդոց մէջ կը հաւատան, թէ գտած են պարզ, նախնական ու այս որակումներուն զուգորդ իրաւ արարածը։ Որքան շուտ մոռցաւ Քէյզերլինկը, որ Պոլսոյ անտառներէն մէկուն մէջ իր արեան պատկանող կին մը եւ ամուսինը ի՜նչ հեշտանքով բռնաբարուեցան զինուորներու կողմէ, որոնք պատերազմելու արուեստը կը սորվէին այդ կնոջ հօրը կողմէն, Լիման ֆոն Վանտէրս… փաշայէն։ Ու աւելի տխո՜ւրը։ Լամարթինի հայրենակիցները 1938ին ի՜նչ առատաձեռն երախտագիտութեամբ մը այդ թուրքին յանձնեցին Սանճագը, անշուշտ իբր ակռայի վարձք, երբ դեռ չէին մեռած 1920ի Կիլիկիոյ լեռներուն մէջ գետին ինկած ֆրանսացի զինուորներու եւ սպաներու վրայ գործադրուած գազանային արարքի մը հրապարակային բռնաբարո՜ւմը չափահաս մարդոց աւելի քան իրաւ զոհե՜րը, որպէսզի այդ արարքներուն անջնջելի արատը անցնէր ֆրանսացիներուն հոգիին ու… լուային անոնք այդ արատը երկրամաս մը նուիրելով այդ անասուններուն։ Օշական յիմար մը չէ, որպէսզի այդ զարտուղի, եզական, աւելի քան ինքնատիպ անասնութիւնները մենակ շնորհը նկատէ թուրքին։ Երբեք։ Մարդը մեղքի գործարան մըն է ու անոր ամէն ձեւերուն համար իր մարմինը պատրաստ է խորան, տաղաւար հանդերձել։ Խոստովանիմ եւ հաւատամ։ Uդաւրոկինի (Տոսթոեւսկիի մէկ հերոսը) խոստովանութիւններն ալ կարդալու պէտք չունէր անիկա, այդ յանգումները ըրած ըլլալու։ Բայց թերեւս քիչեր կը յիշեն, որ Պոլսոյ յաղթականը, Ֆաթիհ Երկրորդ, ի՜նչ շքեղ /139/ թրքութեամբ մը, յոյն ազնուականութեան ամենէն բարձր նմոյշներէն հազիւ տասը անցած տղաքը ենթարկեց այն գործողութեան, զոր իր յաջորդները հինգ դար վերջը, Կիլիկիոյ լեռներուն մէջ, որպէսզի սրբանային (իրենց պապերուն հոգւոյն իբր գերագոյն յարգանք մատուցուած), պիտի կրկնէին երեսուն տարեկան գերի սպաներու վրայ։ Ասիկա՛ է ցեղային ձայնը, անխորտակելի բնազդը եւ ոչ թէ աս ու ան հաշիւներով ճարուած հիմնական ազնուութեան ձրի շնորհը, զոր գերման մտածողը կը գտնէ այնքան ինծի համար թափանցիկ մարդահաճութեամբ մը, իր գրքին թուրքերէնի թարգմանութեան հեռանկարէն խայծուած։

Իմ մտքին մէջ ամենէն ամուր կերպարանքը կայ այդ թուրքին, աւելի մեծ, քան Սենաարի դաշտին բաբելական արձանը։ Ժողովուրդ մըն է անիկա, որուն մէջ կան (լա՛ւ ճշդեցէք երանգը) աշխարհի ամենէն անուշ, աղուոր, պարզ մարդերը։ Լափալէս մը ըլլալու պէտք չկայ, սա վարկածը յայտարարելու համար։ Բայց պարտաւոր եմ աւելցնել, որ այդ ամենէն պատուական մարդը պիտի ծնրադրէ իր նամազը ընելու, դանակը խսիրին երկարած, աղօթէ խորունկ գոհունակութեամբ մը ու պիտի ելլէ ոտքի, քիչ անդին կապուած տղեկ մը մորթելու, երբ իրեն ըսուի, որ հայրենիքը այսպէս կ՚ուզէ։ Հոս է ահա ամենէն դժնդակ կողմը հայ եւ թուրք կառոյցին։ Ոչ մէկ հայ պիտի չհամարձակէր իր խիղճը այսքան բնականութեամբ խաբել։ Դուք, որ կը կարդաք այս տողերը չէք կրնար ապրիլ սարսափը, զոր ունեցած է Oշական, մտիկ ընելով երկրորդական կրթութենէ անցած երիտասարդներու խումբ մը, որոնք կը պատմէին ծովեզերեայ քաղաքի մը մէջ 1915ին իրենց պարտադրուած սրբազան պարտականութիւնը, կրցածնուն չափ հայ աղջիկ բռնաբարելու եւ զանոնք սպաննելու։ Ասիկա դիւրին չէ արդարացնել՝ Սատի Մարքիզին յիշատակը ոգեկոչելով։ Ասիկա ցեղային է ահա։

Oշականի վէպին գործադրուած մասին մէջ թուրքը կը ներկայանայ նաեւ կիներով ։ Վէպի հերոսուհի մը չէ չերքէզ Սանամը Հաճի Մուրատ »)։ Անիկա մէկն է հարիւրներով–հազարներով տիպարներէն, որոնք այս քաղաքակրթութեան ծնունդն են։ Զանոնք հասկնալու համար, պարտաւոր էք հրաժարիլ ձեր արեւմտեան կրթութեան ձեզի կտակած հասարակ–տեղիքներէն բարոյական, քրիստոնէական պարզութիւն, առնուազն մարդկութեան յարգանքը, կնոջ հանդէպ քրիստոնեայ հոգեբանութեամբ ստեղծուած կեցուածքը։ Թուրք կինը կը պատկանի նախամիջնադարեան պայմաններուն։ Անիկա պարտաւոր է կինը ըլլալ, եւ ուրիշ ոչինչ։ Չեմ ըսեր էգը ։ Հարէմի բար/140/քերը, հարստութիւնը, թուրք արշաւանքները եւ ասոնց ստեղծած զգացական ահաւոր հեշտանքները սեռային զգացումը վերածած են տարբեր հոգեղէն խորհուրդի մը։ Թուրքը ծարաւ է արեան եւ սերմի։ Կարդացէք « Գորշ գայլը » եւ այն ատեն պիտի զգաք, թէ ի՛նչ ըսել է թուրք հանրապետութեան նախագահութիւն մը, որուն սարքած պարահանդէսին երեսփոխանները կը վախնան իրենց կիները բերել, որուն…։ Աւելորդ է հոս թարմացնել ինչ որ այնքան լայն մանրամասնութիւններով ինկած է սեւեռման Օշականի վէպերուն մէջ։ Ես տեսեր եմ Սիւլէյման էֆէնտիի մայրը, գազան իր ամուսինէն գրեթէ բռնախեղդ մեռնելէ առաջ։

Ո՞րքանով՝ անոնց, այդ կիներուն ու այրերուն ետին կը ծրարուին թուրք քաղաքակրթութեան նկարագիրները։ 1914ին թուրքերը կը պարծենան, որ նոր ժողովուրդ մըն են։ Ատիկա մարդկութեան համար բարիք մը պիտի ըլլար։ Բայց տղայ չեն խաբեր։ Այդ նոր ժողովու՛րդն է այսօր Հիթլէրի Գերմանիան ու պէտք չկայ վերլուծելու, թէ գազանութիւնը ո՛ր համեմատութիւններու կը հասնի այդ իւլդրա գիտուններուն, ընկերաբաններուն, գերմարդուն մարդկութեանը ներսը։ Ահա ողբերգութիւնը։ Օշականի վէպը թուրք կեանքին կէս դարը (1850–1900) կը ձգտի պատկերել, գէթ այն յստակ իրողութիւններու լոյսին մէջ, որոնք ինկած են իր զգայութիւններուն, զգայարանքներուն։ Հաճի Ապտուլլահ ին առաջին ոճիրին նմանող պատահար մը եւս աչքովս եմ ապրեր. պարտէզին մէջ աղջիկ մը կացինով սպաննող մը։ Սպաննեց, բնական ու արագ, ինչպէս կը սպաննէին իր պապերը, երբ հորդա կու տային արեւելք, արեւմուտք, հիւսիս ու հարաւ։ Անշուշտ իմ տեսածները չեն սպառեր թուրք հոգին։ Պալատական ( սարայլը ) կիները 1900ին լեգէոն էին մեր կողմերը։ Անոնց տարփանքները երբեմն կը փռուէին փողոցներուն, երբեմն կը ստեղծէին խոշոր հեշտանքներով ցլամարտ ներ, երբ կնոջ մը համար ութը-տասը երիտասարդ իրար կը կոտորէին, անհնարին կատաղութեամբ։ Սուլթան Համիտին հայրը՝ խոհարար հայ մը շշուկող առասպելը 1850ական բարքերէն արձագանգ մը չէ լոկ, այլեւ 1900էն երկարաձգուող պատմութիւն մը, այս անգամ պատմական ստուգութեամբ։ Պրուսացիք, 1860ին, կը տեսնէին Հավատես աղբար մը, ա՛ն՝ որ « Մնացորդաց »ի մէջ կ՚երեւի։ Կու գար մայրը Բարսեղ ճգնաւորի մը վրայ ծունր դնելու. ժամուն դուրսը, նահատա՞կ, վարդապե՞տ։ Լաւ չեմ՝ յիշեր։ Կ՚աղօթէր ամէն Կիրակի, ու կ՚երթար քոնաքը, սարայլըյի մը պալատը, ջերմուկները։ Իրա՞ւ, սո՞ւտ։ Կը պատմուէր իր տարփանքը Համիտի ծոցին արժանացած ու յետոյ կին /141/ (փաշայի մը) իբրեւ Պրուսա եկած սարայլըյի մը հետ։ Նման արկածներու համար միշտ կարիք չկայ Պալզաքներու։ Երբեմն պարզ մարդերը օժտուած են այս կոչումով, սէքս-ափէլ ըսուածը եւրոպացիներու։

Օշականի վէպին մէջ անշուշտ թուրք տարրը չէ նուաճուած, տիրական գիծերու վրայ։ Ատոր փառասիրութիւնը ունէր անիկա « Դժոխք »ին Ա. գիրքին համար, ուր այս ժողովուրդին բոլոր յատկանշական անձնաւորութիւնները պիտի գային տեսարան, ինչպէս եկած են արդէն իրականին մէջ, կատարելու շէն ու փարթամ բնակչութեան մը (Պրուսայի) տարագրութիւնը։ Գիրքը դարձեալ միջոց ունէր քսանըչորս ժամը, որոնց ընթացքին թուրքերը դարձան տափաստանեան հեշտանքներուն, եւրոպացիներուն աչքին տակ, դիտողները այս պայծառ անասնութեան։ Մորթուած հայերը կը հագցուէին թրքական շալվարով, կիները՝ ֆէրաճէներով ու կը ձգուէին կառավարական պալատին առջեւ, որպէսզի վկայեն հայերուն բարբարոսութենէն, ամերիկացիներուն եւ գերմանական լուսանկարներովը նոյնիսկ։ Պաշտօնական թուրքը։ Բայց անպաշտօնը, այսինքն՝ տղայ, կին, աղջիկ, ուսուցիչ, հոճա, գրագէտ, արհեստաւոր, վաճառական, մոլլա եւ ուսանողութիւնը։ Ամէնքը իրենց կարկինով մասնակցած են այդ խրախճանքին։ Քաղաքին մէջ կոտորածը կրնար յուզել գերմանները, մա՛նաւանդ անոնց շվեսթըր ները։ Ժամ մը հեռու, Աստուծոյ աչքին առջեւ, կարաւանները կ՚անցնէին առաջին մկրտութենէն երիտասարդ աղջիկներուն բռնի կորզուելովը իրենց մայրերէն, կիներուն՝ գեղանիներուն զատուելովը կարաւանէն։ Ի՜նչ հարկ չգրուած բան մը վերլուծելու։ Բայց թուրքերը հոդ է, որ կը գտնեն իրենց պատմութեան հարազատ իմաստը։

Գիւղէն անոր կիները, հասուկն ու տարիքն առածը դարձեալ կը մնան տարօրէն իրաւ, կենդանի ու, ինչպէս իրենց պարտքն է ըլլալ, զարտուղի։ Անմոռանալի դէմքեր են Նազիկը, Ծակ–պտուկը ») ու Հայրապենց Խաթունը նոյն վէպին մէջ։ Հաճի Աննան Մնացորդաց ») ու հարսը մտքին մէջ անգամ մը սեւեռուելէ վերջ չեն ջնջուիր։ « Սահակ Պարգեւեան »ին մէջ Տիկին Ազնաւորեանը, աղջիկը դարձեալ չեն դալկանար։ Չերքէզ Սանամը, Հաճի Ապտուլլահին պոլսեցի կինը, « Սիւլէյման էֆէնտի »ին մէջ այնքան իրաւ խումբը կիներուն, մինակ թրքուհիներ չեն։ Անոնց յօրինումին մէջ Օշական յաճախուած է մա՛նաւանդ Տոսթոեւսկիի կիներէն։ Եթէ այդ կիները չեն գտած ռուս վէպին մէջ այնքան տարօրինակ, խոր դիմագծութիւնը ու անձնային հոգեխառնութիւն, պատճառը Օշականին իմացական պարկեշ/142/տութեան մէջ պէտք է որոնել։ Օշական մեկնած է իրական տիպարներէ։ Այս մասին ոչ մէկ առարկութիւն։ Այլ տիպարները պարտաւոր էր ապրեցնել իրենց միջավայրերուն համար հարազատ, առնուազն ոչ-խորթ ապրումներու հանդէսի մը մէջ։ Իր հայ հերոսուհիներէն Նազիկը, ըսի անգամ մը, ամբաստանուած է իր ապրումներուն մեր մօտ դժուար կարելիութեանցը համար։ Բայց արդիւնքի՞ն մէջ։ Այսինքն՝ սո՞ւտ, որ գեղացի կիները իրենց սիրականներուն ետեւէն մահուան կը վազեն։ Քանինե՜ր թաղեր ենք մենք, տղայութեան իսկ դուռներէն։ Ինչ որ կիրքին, որքան բնազդներու հասողութեան տակ կ՚իյնան, Օշական չէ վախցած իր հերոսուհիներուն ներսը գտնելու, բանալէ, վերլուծելէ։ Անոնց իմացական բարեխառնութիւնն է, որ մնացած է անկշիռ, այն պարզագոյն պատճառով, որ այդ բանը թուրք ու հայ կնոջ մէջ գոյութիւն չունէր 1900ին։ Տիկին Եսայեանի վէպին ծանօթ հոգեբանութիւնը հազիւ փոքրագոյն շրջանակներու մօտ տանելի պարագայ մըն էր։ Լեւոն Սեղբոսեանի շատախօս կիները վարժուհիցու եւ ուրիշ ոչինչ։ Չեղածէն Աստուած միայն կը ստեղծէ։

ԺԹ. դարու մեծ վէպերու մէջ տիպարները բարդ, պատասխանատու յօրինումներ են։ Անոնք, ըսի անգամ մը, աւելի հարազատ կերպով կը վկայեն շրջաններէ։ Անոնք գրագէտին բազմազանակ փորձարկութիւնները, փորձառութիւնները կ՚արձանագրեն։ Անոնք կը խտացնեն նոյնիսկ լման քաղաքակրթութիւններ ու կ՚ըլլան անոնց պիտակները։ Հիմա չեմ ուզեր ծանրաբեռնել այս էջերը այդ վէպերէն տիպարներու անուններով։ Մեր վէպին համար շատ-շատ կը փնտռենք մեր ժողովուրդին տագնապներէն, ապրումներէն յստակ վերբերումներ։ « Անհետացած սերունդ մը » իսկապէս աշխարհէ մը վկայութիւն մըն է՝ ոչ այնքան բարքերէ սեւեռումներով, որքան մարդերէ croquisներով։ « Ամիրային աղջիկը », իր մեծ տիպարներուն ձախողանքը լիուլի քաւած է՝ աշխարհ մը մարդ ընդմիշտ սեւեռելով, այնքան թանկագին՝ մեզի համար այսօր, քանի որ 1880ի Պոլիսը իբր մարդերու հանգոյց ջնջուած է հիմնովին։ Այս անուններուն միտք բանին ա՛ն՝ որ Օշականի վէպերուն մէջ, հայեցի, ընդարձակ մեր տաղանդները, աշխարհահայեացքը իրենց վրայ կրող մարդոց թիւը քիչ է դժբախտաբար։ Զաքարենց Զաքարը ո՛չ յեղափոխական է, ոչ ալ իրաւ, Մշոյ գեղերուն թելադրանքը տուող գեղացի մը։ Սողոմենց Սողոմը նոյնպէս։ « Սահակ Պարգեւեան »ին մէջ Օշական դրած է քանի մը սեւեռումներ, խմբագիր, գործիչ, եկեղեցական, գրագէտ, բանաստեղծ, բայց բոլորն ալ պատուած իրենց ներելի հարազատութեանը մէջ։ Ա /143/ ւելի՛ն. որով հարազատ մարդը տիպարայնութեան կը բարձրանայ, վէպին համար պիտի ստեղծէր surmenageը, եթէ կը ներուի այս բացատրութիւնը։ Հոն կայ եպիսկոպոս մը, մեր բոլորին պէս, միջակ արժանիքներու գումարով մը։ Զայն ուռեցնել, անոր հագցնելու համար աւելի բարձր, պատասխանատու առաքինութիւններ, պարտքը կը դնէր գրողի գրիչին, նոյն ալարքով նաեւ մեր բարքերը, միջավայրն ալ բարձրացնելու, որպէսզի եկեղեցականն ու ժողովուրդը իրարու ըլլային հաշտ, առնուազն զիրար չհերքէին։ Յետոյ, իմացական տիպարներուն ճակատագիրն է միշտ կեդրոնախոյս նկարագիր մը պարզել։ Նոյնն է պարագան գրողներուն։ « Սահակ Պարգեւեան »ի մէջ տիպարը թափանցիկ է բաւական։ Անիկա առնուած է դարձեալ իրականէն։ Արեւելահայ վիպասանն ու աղջիկը կը պատկանին իրականութեան եւ հնդկահայ իշխանը դարձեալ իբրեւ իշխան Գահիրէի պանդոկներուն մէջ իր դալուկ մորթը պտտցուցած է։ Բոլոր այս մարդերուն ետին եղած են խտացումներ, բայց այնքան, որքան կը ներէր ատիկա մեր իրականութիւնը։ Սահակ Պարգեւեանին Եւրոպան բաւ ու ստոյգ է։ Բայց կը կարծեմ, թէ լոյս տեսած պահուն խոցելի նկատուելիք կողմերը պիտի գտնեն մարդիկ այդ Եւրոպայով արտօնուած, կարելի բարքերուն կրկէսէն։ Դարձեալ, այդ վէպին մէջ, կայ Մինաս մարան մը, միշտ իրականէն արտահանուած ու անճանաչելի ընելու համար արհեստէն փոփոխուած։ Բայց հոգին նոյնը։ Ու ասիկա այսպէս այդ վէպին քիչ ու շատ կշիռ մը պարզող անձնաւորութեանց համար։ Ամբողջ դժուարութիւնը՝ այդ մարդերը պահելն էր մեր իրականութեան մակարդակին։ Ու այս հաւաստումին կը հետեւի անխուսափելի միւս տագնապը, մեր հասարակութեան հոգեկան առաձգականութիւնն է ասիկա: Արուեստի գործերը երբեք առանձին իրականութիւններ չեն։ Անոնք գրողներու, արուեստագէտներու ծնունդ ըլլալնուն չափովը, ծնունդն են հասարակութեան մը հոգեղէն արգանդին։ Շարականը զուր տեղը չէ գործածած « յարգանդ մաքուր Մեծին Մեսրոպայ » բացատրութիւնը։ Մեր հասարակութիւնը ինչ ձեւ վէպ մը կարող էր հանդուրժել։ Տեսանք ատոր փաստը։ Մեր ամենէն շատ կարդացուած վէպերն են « Թիապարտը », « Միամիտի մը արկածները », « Եըլտըզէ Սասուն »ը։ Այս վէպերէն երկրորդը խանդավառած է մեր գրագէտներն իսկ։ Այն ատեն։ Ի՞նչ հասարակութեան մը համադրութիւնը պիտի ըլլար 1930ի հայ վէպը։ Գրողներու համար գրուած վէպ մը պիտի դիմաւորէր դժխեմ ճակատագիրը բնաւ չկարդացուելու, վասնզի աշխարհի բոլոր գրողներուն պէս, հայ գրողն ալ եթէ ի պաշտօնէ քննադատ մը չէ եւ հետեւաբար պարտաւոր /144/ իր դատելիք գործը սանկ ու նան աչքէ մը անցընելու չի կարդար ուրիշ հայ գրողի գործը։ Հասարակութեան համար գրուած վէպ մը պիտի զուր տեղը փնտռէր այդ հասարակութիւնը, որ միշտ խորհրդաւոր բան մըն է, մեր մէջ, հազիւ թէ իրականութեան շուք մը, թերաuտուեր մը ծածկող։ Ամերիկայի հասարակութիւնը, ա՛յն՝ որ « Հայրենիք » ամսաթերթին հրաշքը իրագործեց, Օշականին դէմ իր արձակած խեցեվճիռովը չէ, որ եղաւ մեր գրականութեան համար աղէտաբեր, այլ կերպարանք տուաւ յետ–պատերազմեան հայ վէպին։ Այդ հասարակութիւնն էր, որ տուաւ գոյութեան իրաւունք Վալադեաններու, Ռէներու, Լասերու, Պերճուհիներու, Լեւոն Մեսրոպներու, Մալխասներու, Թափառականներու, ու մեր գրականութեան մէջ (նոր) կործանեց ո՛չ միայն վէպը, այլեւ մեր հասարակութեան մէջէն իրաւ, մերօրեայ, խորունկ, մեր ծիրէն դուրս պոռթկացող տիպարին կարելիութիւնը ընդմիշտ արգիլեց։ Ահա թէ ի՞նչ տրտմութիւններ ի զորու են վիպասանին համար, որ պարտքին տակն է եւ ամէն բանէ առաջ զինքը կարդացող մարդոց միջին ճաշակը, ընկալչութեան աստիճանը ունի իր աշխատանքը ղեկավարող [3] ։ Շ. Միսաք/145/եան մը մեր գրականութեան մէջ երիտասարդ մըն է, անկախաբար իր սեպհական աշխատանքէն, այն լայն ոգիովը, որուն փառքը եղան Նարդունիի, Շահնուրի, Փայլակ Միքայէլեանի գործերը։ Անշուշտ Փարիզը իբրեւ մթնոլորտ դեր մը ունի այդ տաղանդներուն կազմաւորման մէջ։ Բայց « Յառաջ »ն էր, որ Շահան Շահնուրի տաղանդը պաշտպանեց, անոր մարմինին անդորրանքին նահանջն ալ աշխատեցաւ դադարի փոխելու, փոյթ չէ ի՜նչ տրտմութիւններ ողջունելու համար։

Իմ ըսելիքները դժբախտաբար շատ են չափազանց, տիպարա/146/յին սա հարցին շուրջ։ Ու չունիմ ատոր հասնելու ո՛չ ուժ, ո՛չ ժամանակ։ Տրուած ըլլալով այն մէկ հատիկ պարագան, որ Օշական արեւմտահայ վէպին այն աշխատաւորն է, որ ընտանի է մեր երեք սերունդներու վաստակին, հոն իրագործուած արժէքներուն, ու հաղորդ է մա՛նաւանդ միջազգային վէպին բոլոր մեծ փառքերուն, ձգտումներուն, տիպարի հարցը այդ մարդուն գրիչին տակ հոգեբանական տագնապ մըն է ամէն բանէ առաջ։ Ըսեր եմ այնքան անգամներ, որ վէպը ինծի համար ամէն հնարաւորութիւն ներկայացնող սրբազան ձեռնարկ մըն է, երբեք մեր քաղքենին զուարճացնող հտպիտի խաղարկութիւն մը, մեր անզբաղները դիւրին մարսողութեան առաջնորդող սանկ ու նանկ, առնուազն զուարթ, հաճելի ժամանց մը։ Վէպը, թատրոնէն աւելի անկախ, որով աւելի ընդունակ ստեղծողի մը բոլոր ուժերը խայծելու, Oշականին մօտ գտած է բարձրագոյն իր ճարտարապետութիւնը, գէթ իբր ձգտում։ Գիտէի, թէ « Մնացորդաց »ը պիտի չկարդային։ Բայց նահանջեցի միայն այն ատեն, երբ իմ հոգին հարուածը առաւ անոնցմէ, որոնք պաշտօնն ունէին զիս պաշտպանելու։ Գիտէի, որ « Սահակ Պարգեւեան »ը պիտի չտպուէր։ Բայց չդաւեցի ներշնչումին ու հանգանակներուն։ Օշականին մօտ վէպը միայն հոգեբանական տագնապ չէ սակայն։ Այդ վէպը իր ժողովուրդին համապատկերն էր։ « Մնացորդաց »ին « Դժոխք »ը պատմական անձնաւորութիւններ պիտի կանչէր տեսարան։ Խօսած եմ այդ մասին։ Տիպարը, ուրեմն, այդ վէպին նուաճուած մասին մէջ, անարժան չէ գրողին ո՛չ տաղանդին, ոչ ալ պարկեշտութեան։

Քանի մը խօսք՝ Օշականի անձնաւորութիւնները բնորոշող։ Ըլլան անոնք ծանր բեռներ իրենց վրայ կրողներ (բոլոր ջոջ դէմքերը իր վէպերուն), ըլլան երրորդական, չորրորդական մարդեր, բոլորն ալ ողողուած են արտակարգ յստակութեամբ մը, պայծառութեամբ մը, որ զանոնք կը պաշտպանէ աղջամուղջին ու շառայլին դէմ՝ հաւասարապէս։ Էջ մը, ու դուք կը ճանչնաք մարդը, որ պիտի ապրի սակայն հարիւրաւոր, երբեմն հազարաւոր էջերու վրայ տակաւին, հետը կրելով գաղտնիքը ինքզինքը միշտ թարմ, միշտ նոր պահելու։ Սողոմենց Սողոմը չի սպառիր ո՛չ միայն իր ապրումներուն անդադար նորոգուող հոգետախտակովը, այլեւ միջավայրէ միջավայր իր ընդունած ազդեցութիւններուն դէմ հանած իր հակազդեցութիւններովը։ « Դժոխք »ին մէջ, անիկա թրքացած փաշայի մը հոգեբանութեամբը պիտի մասնակցէր տարագրութեան սարսափներուն ու պիտի իյնար Տէր-Զօրի դաշտին, ինքնասպան, ջայլին մէջը մեռնող իր քոյրերուն, որոնք տէր-ողորմեան երգեր էին հրացաններուն համազար/147/կին տակ ու յուզեր այդ գերմանացած գիտունը մինչեւ իր ընդերքները։ « Սահակ Պարգեւեան », աւելի քան եօթը հարիւր էջի վրայ, պիտի պահէ իր տիպարային ուժը ու իր մահուան հանդէսն իսկ պիտի ընէ արուեստի էջ մը։ Մաթիկ Մելիքխանեանց՝ լեցնելէ վերջ « Մնացորդաց »ի մէջ երկու գիրք, պիտի չանօսրանայ առանձին իր վէպին մէջ, հինգ-վեց հարիւր էջերու հասակով։ Այս նկատողութիւնները արուեստէն չեն գար։ Անոնք տուն կ՚առնեն իրենց ներշնչուած, գէշ բառով մը՝ փչուած կեանքին հզօր մթերքէն։

Յետոյ այդ մարդերուն ամբողջականութիւնը, իրենք իրենց հաւատարմութիւնը, մա՛նաւանդ ինքնորոշութիւնը ծանր յաջողուածքներ կը նկատուին։ Նոյնն են երկու գլխաւոր անձնաւորութիւնները « Ծակ-պտուկը »ին։ Հայրապենց Հաճի Ստեփանը ասպատակն է, բայց բարոյական զգայարանքէ անմասնութեամբ մը։ Տիպարին միւս յատկանիշները սրտոտութիւն, վեհանձնութիւն, յանդգնութիւն, կիրք կէտ առ կէտ հաստատելի են վէպին բուն հերոսին վրայ, որ Զաքարենց Զաքարն է։ Բայց ինչ որ կը զատէ երկու մարդերը՝ բարոյական զգայնութեան շատ խորունկ փաստն է վերջինին մօտ։ Զաքարենց Զաքարը աղջիկի մը պէս ամչկոտ էր սեռային մարզին վրայ, ծիծաղելի ըսուելու չափ։ Այս պարագան, որ հազիւ թէ նրբերանգ մը կը թուի սա էջերուն վրայ, կեանքին մէջ ստեղծած է ահագին յոյզ ու տրամա։ « Ծակ-պտուկը » գինն էր այդ նրբերանգին։ Բայց վէպին թաւալումին մէջ որքան կը զատուին երկու հերոսները իրարմէ։ « Անդունդ » մը պիտի ըսէր խոշորցնող քննադատ մը։ Օշական կեանքին կը վստահի։ Ան էր հեղինակը այս տարօրինակութիւններուն։ Գրեթէ նոյն արմատէն կու գան Հաճի Աննան եւ Նալպանտենց Խաթունը, Նազիկն ու Աղուորը։ Երկու կեսուրները կ՚ապրին իրենց տարիքին, դիրքին, վարկին փառքերը, նոյնակերպ փառախնդրութեամբ, կ՚ընեն ծանրածանր արարքներ։ Մէկը կը նիւթէ իր աղիճ հարսին (Նազիկին մայրը) խեղդամահ սպաննուիլը իր զաւկին ձեռքով։ Միւսը կը նիւթէ ծանր ոճիրը՝ իր հարսին արգանդին մէջ ունենալու համար ապօրէն զաւակը։ Ու երկուքն ալ կը յաճախուին գեղին բոլոր խռովքներէն։ Բայց որքան շատ կ՚անձնանան, կը մասնաւորին։ Նրբերանգը անկարող է այս զանազանութիւնը երաշխաւորելու։ Օշականի բոլոր անձնաւորութիւնները իրենց ինքնութիւնը կը գտնեն վիպողին արտակարգ ուժէն, որ կրնայ համառօտուիլ իբր կեանք բաշխելու արարք մը, արարչութիւն մը։

Այլեւս դուրս ենք հայ վէպին սահմաններէն։ Ոչ մէկ հայ վիպասան պիտի յանդգնէր « Սահակ Պարգեւեան » մը նուաճելու, քանի /148/որ այս մարդուն հետ տրուած եւ վերը համառօտակի թելադրուած հարցերէն դուրս, կայ լպրծուն գետին մը, տարօրէն վտանգաւոր։ Ատիկա եւրոպացիներուն էնսէսթն է։ Չեմ զգար պէտք շեշտելու պատահարին պարզած խորհուրդը, մթութիւնները, վտանգները։ Այդ վէպին մէջ մայրը կը պատժուի իր աղջկանը վրայ ։ Ու հարիւրաւոր էջերու երկայնքով մը պիտի ծփայ մեղքերուն մեղքը, մայրը գլխէ հանելէ վերջ, աղջիկն ալ ցանկալու ահաւոր ողբերգութիւնը։ Անշո՞ւշտ։ Կեանք է մեր ապրածը եւ ոչ թէ ռոմանթիք վէպին հովուերգութիւնը։ Սահակ Պարգեւեան իր մահուան մահիճին վրայ պիտի ունենայ իր կեանքին գերագոյն բեկումը, ոչ անշուշտ այս աշխարհը ձգել հարկադրուելուն, այլ, ընդմիշտ դադարէն առաջ, գիտնալու այն դժնդակ փաստը, որ մեղքն է դարձեալ, այդ ցանկալի աղջկան վրայ, բայց իր իսկ զաւկին ձեռքովը: Կ՚ըմբռնէք թէ ուրեր կը նային Օշականին վերլուծումները։ Հաճի Ստեփանը, դարձեալ մահուան մահիճին վրայ, իր աղջկանը ձեռքը, ձայնը պիտի վերածէ այդ աղջկան մօրը ձեռքերուն, ձայնին ու պիտի փսփսայ անոր ուրուականին իր աչքերը գոց են եւ ալ պիտի չբացուին թերեւս սիրոյ միակ ու անդրանիկ բառը՝ « Նազի՜կ »։ Այս կացութիւնները դիւրին չէ ղեկավարելը։ Շահպազ, իր մէկ հատիկ իրաւ համբոյրին մէջ իր հոգին պիտի յանձնէ, գիշերային սարսափի մը վրայ, գերեզմանատան հիւղակին խոր…։ Այս բոլորը, արտակարգ, նոյնիսկ իւլդրա-ռոմանթիք, կը ստանան մարդկային բնականութիւն մը, իրաւութիւն մը, որ կը նուաճէ։

Օշականի վէպին տիպարներուն հետ ըսելիքները չեն հատնիր, դիտել տուի վերը։ Անոնք, եւրոպական ամենէն յանդուգն վիպասաններուն հնարածներէն կ՚առնեն իրենց ուրուագիծերը։ Եթէ Սթավրսկին մը չէ Սահակ Պարգեւեանը, պատճառը այն է, որ հայ Պոլիսը, հայ Իզմիրը, հայ Սփիւռքը բաղդատելի չեն անհուն Մոսկուային, անկարելի Փեթերսպուրկին։ Ու ասիկա այսպէս Օշականի վէպին միւս հերոսներուն համար ալ։ Տայիք իրեն ռուս վիպասանին միջավայրը, թերեւս ունենայինք եթէ ոչ նման, գէթ մօտիկ մարդեր։

Այնպէս՝ ինչպէս են իր վէպերուն ընդարձակ գաւառներուն մէջ, իրաւ մարդեր են, շատ մը կողմերով հարազատ հայեր, ուրիշ կողմերով մարդ յղացքին քանի մը սեւ, ինչպէս լուսապայծառ երեսները արտացոլող։ Անոնց մէջ մեզի չէ թոյլատրուած ամբողջ շրջաններ կարդալ, ինչպէս է պարագան Տոսթոեւսկիի վէպին համար։ Բայց անոնց ներսը պարզուած մարդկեղէն տարրը փրկութիւն մըն է, որ երախտիք կը պարտադրէ, սա օրերուն, ուր մեր վէպը դէպի ճճի մար/149/դերուն դիւցազներգութիւնը կը հակի կամ պոռնիկները կը ջանայ աստուածացնել։

Գ. Բարքեր ։ Օշականի քննադատական արժեցոյցին մէջ բարքը կը կազմէ ամենէն բարձր որակը, միս-մինակը բաւ՝ գրելու արարքէն որոշ չափով մը մեղաւոր հանդիսացող, «պակասաւոր» աշխատող մը ազատագրելու։ Բարքերուն հանդէպ անոր զգացածը տառացի տարփանք մըն է, պաշտամունք մը գրեթէ։ « Գրականութեան հանդէպ իր արհամարհանքը » դրական եզրով մը կը վերածուի բարքերու տագնապի մը, Թլկատինցին, Հրանդը, Զարդարեանը, Օշականի գնահատման այնքան թանկ կշիռները, կու գան այս անուններով փրկուած բարքին անփոխարինելի, ինչպէս անվճարելի բարիքէն։ Ուրիշներու մօտ իր փնտռած սա առաքինութիւնը անշո՛ւշտ որ իր գործին ալ անիկա պիտի ընէր անխորտակելի յատակ մը։

Արդարեւ, Օշականի վէպը եթէ կը զարմացնէ, կը ստեղծէ նոյնիսկ շփոթութիւն, առաջին մերձեցումով, ասիկա առաջ կու գայ հոն խտացած կեանքին որ իր թանձրացած կերպարանքին տակ բարքն է ժողովուրդի մը տարականոն մթերքէն։ Եւ որովհետեւ մեր գիւղը, հնամենի ու արենապէս դալկացած մեր քաղաքը, մեր Պոլիսը, Սփիւռքը, թուրքը իր գեղերուն եւ ոստաններուն մէջ կը կազմեն անոր ապրումներուն շրջանակը, կը հասկցուի, թէ բարքի որքան ընդարձակ շերտեր, տախտակներ, աւազաններ կը հայթայթեն անոր վէպին համար ամենէն անկապտելի արժանիքը։ Վիպասան մը պայմանող միւս միութիւնները կրնային պակսիլ Օշականին, դարձեալ իր գործը պիտի մնար պատկառելի։ Պերճ Պռոշեանց անքանքար վիպասան մըն է, յոգնեցուցիչ, դանդաղագնաց, տաղտկալի։ Ի՜նչ փոյթ։ Այս չարիքները գրական են, այսինքն՝ անդարմանելի, բայց կը փոխարինուին այդ մարդուն մօտ գերազանց բարիքովը, բարքերէն իր գործադրած վերբերումներուն։ Օր մը մեծ բախտով մը փառաւորած, ամենուն սիրտը յուզած գիրք մը՝ « Յուշիկք հայրենեաց » թող ըլլար քիչ սրտառուչ, բայց ինծի բերէր այդ հայրենիքին բարքերէն իրաւ տախտակներ, մենք կ՚ունենայինք ոչ թէ համբաւաւոր, այլ իրապէս մեծ գիրք մը։

Տասնըհինգ դար է ահա, մեր միտքը իր գրաւոր արտայայտութիւնները որոշ կարգով մը, որոշ շահեկանութեամբ մը փորձած է վստահիլ սերունդէ սերունդ։ Մտէք իր Ոսկեդարը ու բացէք խորհուրդին դիւանները, ծրարները, ճանչնալու համար ձեր ժողովուրդը։ Ձեր գտա՞ծը։ Անկշիռ, չըսելու համար անարժան բան մը, ժողովուրդէ մը, որ իր շրջափոխութեան հզօրագոյն տագնապները /150/ ապրած է, իր վրայ խուժող վայրենութեան ընդդէմ, որոշ լրջութեամբ, արժանաւորութեամբ, հոգեխռովքով ինքզինքը արձակելով։ Կան մշակոյթին բոլոր ուժերը, ամենէն շատ ու առաջ հոգին, որ կը հրազինէ այդ մարդերը։ Մեզի եկած գիրքերը հազիւ-հազ կը թելադրեն խռովքին զսպանակները։ Ստիպուած էք, անհուն, պրկագին կեդրոնացումներով, վերակազմել 450ը, իբրեւ կիրք, ձգտում, կատաղութիւն, հայկական արդարութիւն, անճարակութիւն, անխելքութիւն, կորով, ճակատագրապաշտութիւն, որպէսզի կարենաք հասկնալ այդ պոռթկումին թաքուն իրականութիւնը։ Բարքե՞րը: Մեր պատմիչները թագաւորներու անուններ, հայրապետներ եւ զօրավարներ, սուրբեր եւ նահատակներ միայն ունին մեզի ձգած։ Փարպեցին արագ, նշմարանքներու ձեւով, մէկ էջ միայն բան ձգած է մեզի հինգերորդ դարու նախարարական կիներէն։ Եղիշէ այդ էջը մշակած է։ Եղածը-չեղածը այս է։ Դրէք այդ ոգիին տեղ ուրիշ մտահոգութիւն ու դուք պիտի ունենայիք մեր ժողովուրդը։ Դարեր ու դարեր մեր մատենագիրները անգիտացած են այդ սրբազան պարտականութիւնը, իրենց ժողովուրդը սեւեռելու։ Կ՚անցնիմ։ Արեւմտահայ գրականութեան առաջին քառորդ դարը եւ աւելին, մինչեւ 1885, իննսուն նոյնիսկ, մեր բարքերը կը մնան նոյն լքումին մատնուած։ 1871ին գրուած « Սեւ լեռին մարդը » վէպը ֆրանսական ռոմանթիք վէպերուն հայացումն է։ Մամուրեան չի՞ ճանչնար իր ժողովուրդը։ Անկարելի է նման ենթադրութիւն մը։ Բայց Մամուրեան չի գիտեր բարքերը դիտել։ Իր երկու խաղերը որոնք հարկադրուած էին բարքերով պաշտպանուիլ, վասնզի կատակերգութիւն են դարձեալ կը մեղանչեն։ Տիւսաբի վէպերը չես գիտեր ո՛ր ժողովուրդին կը պատկանին։ Իրապաշտները առաջին բարերարներն են հայ վէպին։ Բարքը անոնցմով կը դառնայ յատակ գրական կառուցումի։

Այս ընդհանրութիւններուն միտք բանին ա՛ն՝ որ Արուեստագէտ սերունդին գրողները, մա՛նաւանդ պոլսական թեւը, բարքը փոխարինած է ուրիշ քովնտի ապրանքներով, այնպէս որ՝ այնքան յաջող կերպով մը մուտքը ըրած գրական առողջ մտահոգութիւն մը դարձեալ կը նետուի երկրորդ փլանի։ « Շնորհքով մարդիկ »ը (Տիկին Եսայեան) իրաւ գրագէտի մը գործն է անշուշտ, բայց հազիւ-հազ նպաստ մը կը բերէ մեր ընկերային շրջափոխութիւնը հասկնալու։ Լեւոն Սեղբոսեանի վէպերը շատախօս երկասացութիւններ են, ուր մարդերը դէմ դէմի կը խօսին ժամերով, բաներու շուրջ, որոնք երկու տողով իրենց նիւթը կը պարպեն։ « Միամիտի մը արկածները » աժան, պոռնկագրական, շրջանին ճաշակովը համեմուած օտարներու /151/ հեքիաթներէն, իբր թէ անոնց հեղինակը Պոլսոյ մէջ մարդ չգտնէր իր ժողովուրդէն։ « Ամիրային աղջիկը » բացառութիւն մըն է անշուշտ, բայց կը պատկանի իբր յղացք ու գործադրութիւն 1895ին, թէեւ ըլլայ գրուած այդ թուականէն տասը տարի վերջը։ Արուեստագէտ սերունդի գաւառական թեւերէ մարդերը արժանի են այսօր լայն երախտագիտութեան, իրենց քիչ իսկ բաժինովը մեր բարքերէն։ Սփիւռքի հայ վէպը կը վերագտնէ իրապաշտ աւանդութիւնը, բարքերու վրայ փոխադրելով իր աւագ մտահոգութիւնը։

Oշականի վէպը, ծնունդ Սփիւռքի հոգեբանութեան, այլամերժ ուշադրութեամբ մը պիտի նուիրուի բարքերու մեծատարած նուաճումներու։ Անկախաբար գրողին տրամադրութենէն Խոնարհները » Սփիւռքէն առաջ գրուած են), ժամանակն ալ ունեցաւ իր կշիռը, Օշականի վէպին սա ուղղութեանը մէջ։ Ամբողջ ժողովուրդ մը, աննախընթաց փոթորիկի մը մէջ, բնաջինջ էր եղեր։ Հատուկտոր ազատողնե՞րը։ Անշուշտ։ Անոնց գլխուն դիզուած ողբերգութիւնը ի՛նչ կ՚արժէր բաղդատուած կորուստին։ 1920ին ո՛չ հայ գեղը, ոչ ալ հայ քաղաքը ունէին գոյութիւն։ Գրագէտը, ազատողը, շատ դիւրութեամբ իր ազատումին իրական հրաշապատումովը, կարող էր իր փառքը ապահովել։ Երէցներէն ո՛չ մէկը սակայն չփութաց շահագործել։ Կախարդական օրակարգ մը գրողները համախմբեց նոյն կիրքին ներսը։ Ժողովուրդները, իբրեւ միս ու ոսկոր, հողինն էին։ Անոնցմէ ապրողը վկայութիւնն էր այդ ապրումներուն։ Համաստեղ դէմք դարձաւ քանի մը պատմուածքներով, վասնզի այս վարդապետութիւնը ո՛չ միայն հասկցաւ, այլեւ գործադրեց։ Գրողներուն կ՚օգնէր վերապրողներուն հոգեբանութիւնն ալ։ Տակաւին չէին պաղած հողին ձայները ու մենք մտիկ կ՚ընէինք մեր բարքերէն ամէն փշրանքի։

Ըսի, թէ գրողին անձնական տրամադրութիւնը խոշոր դեր ունեցաւ՝ Օշականի վէպին տալու համար շատ զօրաւոր ախորժակ մը բարք իրողութեան հանդէպ։ Արուեստագէտը գլուխին մէջ այս գործին, պատեհութիւն պիտի ներկայանայ արուեստի անոր մտահոգութիւնները վերլուծելու։ Հոս, ուշադրութեան կը յանձնուի սա քիչ մը ծփուն իրողութիւնը, որուն համեմատ ոճի զգայարանքով բախտաւորները իրենց շեշտը ընդհանրապէս պիտի սիրեն դնել գրական, Բանէն (verbe) բխող առաքինութեանց վրայ։ Նոյն պայմաններում ու ժամանակի ծնունդ երկու գրողներ, Թլկատինցի եւ Ռ. Զարդարեան, թերեւս տաղանդի ալ շատ մերձաւոր կշիռով մը, մեզի պիտի ձգեն վաստակ մը, ուր բարքերու քանակն ու որակը կը մնան կնիքին տակը այդ վարկածին։ Թլկատինցին թերեւս եւրոպական լեզուէ մը նպաստ /152/ չգտնելուն, չմտածեց ոճին, արտայայտութեան ։ Իրեն կը բաւէին իր աչքերը, որոնք շատ քիչ անգամ մարդկայինէն դուրս ուրիշ ապրումներ փոխադրեցին անոր հոգետունին։ Արդիւնքը՝ գործն է, բացառաբար մարդկայինին զարմանազան տարրերովը։ Եւ որովհետեւ մարդկայինը վերջին պարզումով մը վերածելի է բարքերու բիւրեղացման, մենք նեղութեան մէջ չենք հասկնալու այդ գրագէտին ո՛չ միայն գործը, այլեւ անոր ընծայուած կարեւորութիւնը։ Թլկատինցին վարպետ մը դաւանող տեսութիւնը անշուշտ հիմնովին կը մոռնայ, նոյնիսկ կ՚ուրանայ այդ մարդուն անկանգնելի ոճը։ Անդին, Զարդարեանի գործէն շատ քիչ մաս մը պիտի պաշտպանուի բարքին բարիքէն։ Այս մարդուն ալ աչքերը արտաքին աշխարհին ծիրին մէջ սիրեցին դառնալ։ Եւ որովհետեւ արտաքին աշխարհն ալ խռովքի, հեշտանքի աղբիւրներ ունի, դարձեալ նեղութեան մէջ չենք՝ հասկնալու համար Զարդարեանի գործին մէջ բարքերու մթերքին նիհարութիւնը։ Այս օրինակները սակայն անբաւական են բացատրելու Օշականի վէպէն մէջ դիզուած հսկայ մթերքը բարքին, քանի որ նոյն այդ գրողին մօտ մեր լեզուին ամենէն տարօրինակ մէկ վիրթէօզը, այդ լեզուէն հանել գիտէր քանդակի պէս տպաւորիչ տախտակներ։

Որա՞կը այդ մթերքին։

Ատկէ առաջ քանակը։ Այսինքն՝ իր ժողովուրդին ո՛ր հատուածներուն, որ շրջանակին բարքերը սեւեռումի են ինկած այդ վէպին մէջ։ Տիպարներ փարակրաֆին մէջ թելադրելի էին անոր հերոսներուն մրցարանները։ Կու տամ, ամփոփ, խոշոր շերտերը այդ բարքերուն։ Գիւղ մը ։ Բայց սեպհական գիծերով։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ մեր հայրենիքին դասական նկարագրէն բաւական այլացած, աղօտած։ Լայն չափով մը բացուած թրքութեան անխուսափելի ազդեցութիւններուն, որոնք կասկածի կ՚ենթարկեն ցեղային հարազատութիւն մը, բայց չեն կործաներ անոր յատակը։ Այդ խստապահանջութիւնը չէ գործադրելի հայ գիւղ յղացքին վրայ, այն պարզ իրականութեամբ, որ տասնըհինգ դարէ ի վեր այդ ժողովուրդը (գեղն ու քաղաքն ալ տեսէք բառին ետին) ապրեր է քով քովի օտարներուն հետ։ Հետեւանքը դարձեալ պարզ։ Բայց գեղը կը զատուի քաղաքէն արեան, հոգեղէն plasimaի բաղադրութեամբ մը։ Օշականի գիւղը, այդ տեսակէտէն դիտուած, հաւատարիմ է արեան վարդապետութեան։ Չեմ կրկներ այն շատ ընդարձակ վերբերումները, որոնք Օշականի վէպին այդ աշխարհէն, եղած են այնքան յստակ հարուածներով։ Բայց կը կենամ բացառիկ իմաստին առջեւ ուրիշ իրողութեան մը։ Ասիկա՝ /153/ բարքերն են մեզի բոլորովին անծանօթ [4] աշխարհի մը։ Մնաց որ, Արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր ախորժանքը քաղաքն է տուած։ Պոլիսը կեդրոնը այդ ճիգին գերազանց քաղաքն է, սանկ տասնըհինգ դարէ ասդին։ Ու հարիւրամեայ իր արդիւնքին մէջ հայ գեղը գրեթէ զանցառելի է իբր բարքերու մթերք։ Կարդացէք Օշականին գիւղը։ Ձեր գտածը ո՛չ միայն նորն է, այլեւ՝ ընդհանուրին շատ մօտիկ հոգեղէն դրութիւն մը։ Հարիւր տարի առաջ, այդ վէպերէն, այդ գիւղէն սեւեռումներ թերեւս ըլլային աւելի ցեղային, աւելի արտայայտիչ Վէրք Հայաստանի » գիրքին ամենէն մեծ փառքը կու գայ այս բախտէն)։ « Մնացորդաց »ին մէջ կենդանագիր մը ( Հաճի Արթինին դրուագը) կազմուած է ամենամեծ խնամքով։ Օշական այդ տունին փշրանքները շօշափած է իր մատուըներով։ Խօսեցուցած, դեռ պատանի, բոլոր ութսունամեաները ու զետեղած է իր մտքին այդ հրաշապատումը։ Մօտ հարիւր էջի վրայ տարածուող այդ ոգեկոչումը տառացի հարազատութեամբ մը կը կրկնէ 1800ը այդ գեղին։ Ու կը խորհիմ, թէ « Մնացորդաց »ի մէջ այդ տիպարին հետ կեանքի ընկած բարքի տախտակները մինակնին բաւ են գնելու դիրքին բոլոր տկարութիւնները եւ « Ծակ-պտուկը » գեղն է դարձեալ, ԺԹ. դարու վերջին քառորդին, թուրքին հետ ու անկէ առաջ։ Բարքերը խոշոր չափով մը այլացած անշուշտ, թուրք տարրին թափանցումէն վերջ, բայց տակաւին հաւատարիմ ցեղային կատակի որոշ մասերուն։ Կ՚իյնաք վէպին հոսանքին մէջ, եւ ինչպէս կախարդական նաւակէ մը, կը հետեւիք այդ հեղեղին, որպէս թէ բաց աչքերով երազի մը մէջէն, այնքան ձեզի մատուցուածները կը տարբերին ձեր գիտցածէն, լսածէն, ապրածէն, բայց չէք կասկածիր այդ ամենուն իրականութեանը, վասնզի բոլոր մարդերը հագուած են իրենց բարքերուն անկապտելի փաստերովը, վասնզի տարօրինակ արուեստ մը այդ հին, սնտուկի հանուած կերպասեղէնը կազմուած դարերուն հոգեղէնովը կ՚ընէ պայծառ, թափանցիկ, իրաւ։ Կենագործող շո՞ւնչը՝ իրաւ արուեստա/154/գէտին, խղճամիտ յօրինո՞ւմը՝ պարկեշտ պրպտողին (Ֆլոպէռին « Սալամպո »ն)։ Ո՛րը որ կ՚ուզէք։ Արդիւնքը մեզի անծանօթ աշխարհի մը նուաճումն է։ Ու ասիկա Օշականին բարիքն է Արեւմտահայ գրականութեան, այսօր իր իմաստը քիչ-քիչ հաւաքող։ Վէպը երբ լոյս կը տեսնէր, ստեղծեց ծանր չկամութիւն։ « Հայրենիք » հանդէսին վարչութիւնը քանի մը անգամ սպառնաց դադարեցնել հրատարակութիւնը, ըսի անգամ մը։ Քսան տարի չեն անցած այդ օրերէն, « Ծակ–պտուկը » անխորտակելի վկայութիւն մը գեղի մը բարքերէն, ճիշդ ա՛յն արժէքով, զոր կու տանք « Վէրք Հայաստանի »ին։ Ուրեմն, ամբողջական (գէթ իր որոշ մասերէն հայ գեղ մը։ « Խոնարհները », « Երբ պատանի են »ը, « Հինէն ու նորէն »ը, « Մնացորդաց »ը, « Հաճի Մուրատ »ը կը միանան իրարու, մեր մտքին մէջ յօրինելու համար մեր բարքերէն յստակ մաս մը, աշխարհամաս մը եթէ կ՚ուզէք։ Հիմա, չեմ լայննար, այդ բարքերուն ալ մանրամասն արտահանումին։ Բայց անոնց հետ մեր Սփիւռքին աղերսը զիս չի տրտմեցներ։ Կ՚երաշխաւորեմ այդ բարքերուն հարազատութիւնը, հայեցիութիւնը, խորհրդանշական տարողութիւնը։ Ու պէտք կա՞յ աւելցնելու, որ նոյն ատեն, անոնք գիտական, բանասիրական, ազգագրական հաւաքումներ չեն։ Մշոյ Գեղամն ալ տուած է հայ գեղը, բայց դրէք զայն Համաստեղի սեւեռումներուն մօտ, դուք կը զգաք գրողին եւ հաւաքողին տարբերութիւնները։ Օշականի գիւղը, իբր բարք, գտած է իւրայատուկ բիւրեղացում։ Ո՛չ մէկ անհարազատ հետաքրքրութիւն։ Ո՛չ մէկ գրական նորամոլութիւն։ Ո՛չ իսկ ոճի փոյթ։ Կեա՜նքը: Որ երբ կ՚ապրուի՝ տրամա է, երբ սուզուի տեւողութեան մշուշներուն ծոցը՝ բարք անունը կ՚առնէ։

Oշականի վէպէն կայ տակաւին մեր քաղաքը: Դուք բաւական կը ճանչնաք զայն, որպէսզի վերադառնամ անոր մայր գիծերուն։ Բայց չեք ճանչնար Սփիւռքը, զոր կը յաւակնի սեւեռած ըլլալ « Սահակ Պարգեւեան » վէպին մէջ։ Եւ որովհետեւ Սփիւռքը, այդ վէպէն ներս, կիսադարեան ապրումներու համագումար մը կը թելադրէ (1890ին մեր բարքերը տակաւին կ՚իյնան Եւրոպայի ազդեցութեան տակ, բոլորովին տարբեր ձեւով մը 1850էն, ուր մեր մտաւորականն է այլ Եւրոպան ապրողը, բայց ժողովուրդը կը պահէ իր քաղաքը, Պոլիսը), կը հասկցուի, թէ որքան հարուստ ենթահող մը կայ հոն, ուր ինկած են աճելու մեր տաղանդները, մազապուր փախչողները, մեր մեղքերուն ու առաքինութեանց բոլոր սերմերը։ Եւ որովհետեւ այդ Սփիւռքը կը բաղդատուի իրարու ներհակ վայրերէ, քաղաքակրթական արժէքներէ, ու աւելի խիտ տարազով մը՝ բարքերէ, մենք կ՚ունենանք աւելի քան ընդարձակ երկրամասեր, մեր արուեստովը /155/ նուաճելի։ Զուր տեղը չէ, որ Սփիւռքին մէջ մեր գրական ճիգը մասնաւորուած ըլլայ վէպին վրայ, քանի որ անոր մէջ միայն մեր բարքերը արտահանելի յաջողուածքներ էին։ « Սահակ Պարգեւեան » վէպը Օշականին համար ինչ պատեհութիւններ կը համախմբէր, ըսուեցաւ վերը։ Ինչ որ « Քայքայում »ը, « Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս »ը չէին համարձակած գործադրել, էապէս քոզմոփոլիթ նկարագիրը Արեւմուտքին նուաճել Oշական յանդգնած է ընել։ Գահիրէն հաղորդ է քիչ մը երեք աշխարհներու, չըսելու համար չորս ցամաքներու քաղաքակրթութեանց։ Հոն է, որ կը ժամադրուին Արեւմուտքին ու Արեւելքին, հարաւին ու հիւսիսին բոլոր մեղքերը, կիրքերը, ճաշակները, հեշտանքն ու վաճառքները։ Ճաշակներ՝ ո՛չ միայն գոյնէ-գոյն զանազանումով մը, այլեւ՝ ոսկորէ-ոսկոր սեպհական ախորժակներով։ Չեմ լայննար։ Այդ տարօրինակ քաղաքին մէջ մեր ալ ժողովուրդը հասած է բուրժուական կերպարանքներուն, գրեթէ հաւասարակշռութեան։ « Սահակ Պարգեւեան » վէպը կու տայ Գահիրէն իբր Սփիւռք, իբր Արեւելք, իբր հեշտանքի, իբր ներքին հիւծումի ու հոգեկան փտախտի քաղաք։ Կու տայ մարդերու աչքին ամուր յատակը քիչ մը ընդարձակ, թէեւ օտարոտի բարքերուն։ Բայց որքան քիչ է սեւեռուածը, երբ բաղդատուի մռայլ մթերքին, որ կը սպասէ իր երկրախոյզին [5] ։

/156/ Oշական հազիւ մօտեցած է Սփիւռքի միւս կեդրոններուն, Սուրիա, Պաղեստին, Ֆրանսա, Ամերիկա։ Այս վայրերուն մէջ մեր բարքերը անշուշտ շատոնց աղօտած են, վրայ տուած հայրենաւանդ յատկանիշները։ Բայց գտած են գէշ-աղէկ հաւասարակշռութիւն։ Ասոնցմէ Ֆրանսան քիչ շատ սեւեռուեցաւ Փարիզի տղոցմէն։ Ասոնցմէ Ամերիկան չկրցաւ ատեն գտնել բարքի խաղեր կազմելու։ Խօսեցայ Գահիրէէն։ Պաղեստինը հոգեպէս անընդունակ է մշակոյթ մը պաշտպանելու։ Կը մնայ Սուրիան, ուր երկու ջոջ քաղաքներու մէջ, կ՚ըսեն թէ մարմին դարձած է մեր ժողովուրդին նորոգեալ մէկ կերպարանքը։ Անշուշտ, լայն ընտանեցում մը այդ միջավայրերուն հետ, թերեւս պիտի արտօնէ, բարքերու խուզարկումը վճռական սեւեռումներու։ Անցած է այդ պատեհութիւնը Օշականին համար։ Միտք բանի՞ն այս հաստատումին։ Ա՛ն՝ որ հոս ալ անոր չէ վիճակուած կարելիութիւնը իր ժողովուրդի համադրումին։

Oշականի վէպը լայն հետաքրքրութիւններ է պարզած թուրք բարքերուն հանդէպ։ Հոս ոչինչ կայ զարմանալի։ Արեւմտահայ հատարակութիւնը ո՛ մէկ շրջանի մէջ ինքզինքը ապրած է ։ Անոր կեանքը եղել է կրնկուած թուրքով, որ ճակատագիրի մը ձեւ ունէր իր օրերուն վերեւ։ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ թուրքը իբրեւ բարքերու հանդէս մենք, ամենէն առաջ ու ամենէն ընդարձակ մանրամասնութիւններով կը հաստատենք Օշականի վէպին մէջ։ Պատկերը, տեսածին միայն վստահող, գիտցածը ստուգելէ վերջ արժեւորող ու չապրածին հանդէպ միշտ զգուշաւոր այս գրագէտը թուրքը լայնօրէն ճանչցած էր, իր բոլոր խաւերով։ Հոս, դարձեալ ոչինչ կայ զարմանալու։ Թուրքերը ընկերային դրութիւն մը չեն, իր օրէնքնե/157/րով ինքզինքը կերպադրած, կերպարանքի մը բարձրացուցած։ Դար մը առաջ, գիւղէն բռնի, մօրը գիրկէն խլուելով Պոլիս տաճկընալու տարուած քրիստոնեայ տղայ մը իր առջին բաց ունէր թուրք կայսրութեան բոլոր բարձրագոյն շրջանակները։ Այդ տղեկը Եպարքոս, բանակներու հրամանատար, ծովակալ, աւագ պաշտօնատար։ Անշուշտ։ Բայց գեղին ձայնը զուռնային նման կրելով իր արեան բոլոր ճամբաներուն։ Թուրքերուն պալատը կայսերականը ներքին քաղաքակրթութիւն մը չէ։ Ու աւելի համեստ, եւրոպացիներուն մօտ՝ ազնուականութեան բարքով դասակարգերն ալ իրենց համար չունին աւանդութիւն։ Սիւլէյման էֆէնտիի հայրը, Քէլ Էտհէմը քաղաքի մը մէջ ամէնէն բարձր անձնաւորութիւնն էր։ Թուրք հանրապետութեան հիմնադիրը ուրիշ փաշայ մըն էր ու դուք գիտեք, ինչ ծագումէ։ Այս նկատողութիւնները անո՛ր համար, վասնզի Արեւմտեան Ասիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի քաղաքակրթութեանց կործանիչ ցեղը, իր արշաւանքներուն թափէն ու յաղթանակներուն գիներբուքէն աչք չբացաւ, քաղաքակրթութիւն մը ճարելու։ Կիներու ընտրութիւն մը (բառին տուէք տարվինեան իր իմաստը) անգամ չկրցաւ գործադրել թուրք կայսերական պալատը, քանի որ ընտանիքը, ամենէն ահաւոր տրամաներուն կրկէսը մնաց առնուազն չորս դար։ Դուք լսած ըլլալու էք հարկաւ, որ շատ բարձրացող գրեթէ ամէն սուլթան իր ոտքերը կը լուար արիւնին մէջը մորթուած իր եղբայրներուն…։ Այնպէս որ՝ պալատին մէջ ծիրենածին թուրքը ու հիւղին մէջ անխանձարուր իր առաջին քունը ընող մանկիկը երկրին, կը կրեն հոգեկան նոյն խորութիւնը։ Օշական մտած է պալատներ, ոչ իբր այցելու, զբօսաշրջիկ կամ վարձուած գրագէտ։ Անիկա թուրք բարքերը նոթով, ազգագրական հաւաքումներու սիրոյն չէ ուսումնասիրած։ Կը ճանչնայ թուրք կինը, բառին տալով հինաւուրց իր առումը։

« Մնացորդաց », « Հարիւր մէկ տարուան » շարքը գործեր են, որոնք այդ բարքերուն վրայ թերեւս առաջին սեւեռումները կը պարունակեն։ Թուրք պալատը ՝ իր թափանցելի կողմերով։ Իրենց յաղթականի ամբարտաւանութեան մէջ թուրք փաշաները չեն տարբերիր թուրք հոգեւորականին պարզած խստեռանդն ատելութենէն հանդէպ ոչ-թուրքին։ Հարիւր տարի առաջ կրօնական կերպարանքով, այսօր ազգային թթուութեամբ, այդ ատելութիւնը անշուշտ կը կործանէ մարդկայինին նրբին տարրերը մեր ներսը։ Եթէ մեծ կործանումներ կը հպատակին ատելութեան քոմփլէքսի մը, մեծ կառոյցները կուգան համակրանքի քոմփլեքսներէ։ Թուրք հոգիին, որմէ հակակշռելի, չափելի վկայութիւններ կրնանք նկատել բարքերը, միւս կող/158/մերը պարզ մարդոց մօտ հանդիպելի բարութիւնը մնայուն հարուածներուն տակն է մնացել վերի խաւերուն հզօր ատելութեանց։ Ատենին « Կրօնքիս հայհոյեց »ը օրակարգ էր՝ քրիստոնեայ մը կախաղան առաջնորդելու բաւող։ Այսօր « թուրքերէն չխօսիլը » մեղք մըն է՝ մարդ մը տունէն-տեղէն զրկելով տարագիր վտարելու։ Նախնական այս ժողովուրդին ճանաչումը չի պարզեր ուրեմն ծանրածանր դժուարութիւններ։ Քննադատները Պալզաքը մեղադրած են, որ իր աշխարհին մէջ ազնուական խաւերը մնացած են անբաւական, հեղինակին այդ աշխարհէն ունեցած քիչ փորձառութեանցը պատճառով։ Օշական չի դիմաւորեր նման մեղադրանք մը, քանի որ թուրք ազնուականութիւնը, իբր ծագում՝ ունի գիւղը, եւ իբր վախճան՝ 1850էն առաջ հետախաղաղ անճիտումը, սուլթաններու գահընկեցութեանց, եպարքոսներու գլխատումներուն, պետական մեծ պաշտօնատարներուն պարբերական կախաղանումին ամենամեծ կրկնումներուն պատճառով։ ԺԹ. դարու մեր տրամաները ( Տիւզեանները ) աղօտ արձագանգն են մեծ փաշաներու տրամաները հեռուէն հեռու կրկնող։ Դեռ 1852ին Ճէզաէտտին ամիրայ մը քանի մը շաբթուան մէջ կը նստի մոխիրի վրայ։ 1850էն վերջ՝ հարէմի դրութիւնը, որ ընտանիքը կը վերածէ սեռային բուժարանի։ Տղաք կը ծնին, զանազան մայրերի ու իրենց մօրը կիրքերը, նախանձը, փառասիրութիւնները կը ծծեն իրենց արեան մէջ, կաթին հետ, հոգեղէն փլազմա պատրաստելով։ Այս պայմաններուն մէջ, կինը թուրք հոգիին համար տիրական աշխարհ մըն է ու անով աւելի աղիտաւոր, որ կը պատրէ այրը, իր անկարողութեան, տկարութեան փաստերը խնամքով այլակերպելով։

Օշականի վէպը տուած է այդ դասակարգին անմոռանալի նմոյշներ։ Սարայլըէն մինչեւ գեղի հոճայի մը հաստ աղջիկը, թուրք կինը ունի իր ներկայացուցիչները, որոնք կը պահեն ոչ միայն ցեղային կնիք, հարազատութիւն, այլեւ՝ թերեւս՝ հեղինակին անգիտակցութեան խորը գոյնաւոր գո՛լը, մարդկային աւելի ընդհանուր, աւելի ազնիւ ոգեղէն իսկութեան մը։ Ի՜նչ նրբենի, ի՜նչ իրաւ, ի՜նչ սրտառուչ է « Հաճի Ապտուլլահ »ին պոլսուհին։ Կը ղրկեմ ձեզ վէպին, որպէսզի համոզուիք ան միւս ալ անբնականութեան, որ կնոջ մը ճակատագիրն էր այդ ընկերութեան մէջ 1900ին։ Ես պատմեր եմ Երբ պատանի են ») ինծի հետ տասնըվեց ժամ աշխատող հարսնուկի մը շքեղ գեղեցկութիւնը։ Այդ պուպրիկը կինն էր բեռնակիր թաթարի մը։ Թուրք ընկերութեան մէջ այրը ամէն բան է, սեռային գետնին վրայ ամենազօր առանձնաշնորհումներով։ Ո՛չ միայն գայթակղութիւն չէին, այդ ընտանեկան դրութեան ներսը, տասնըհինգ տարեկան աղ/159/ջիկներու ամուսնացումը եօթանասնամենի այրերու, մէկէ աւելի սպասուհիներու իրաւատէր դառնալը տանտիրուհիին մահիճէն, տանուտէրի կուշտին, այլեւ ամենէն յարգի բարքերու օրինակներ իբրեւ կը դառնային վարակիչ։ « Սիւլէյման էֆէնտի »ին մէջ կիները գրեթէ արեւմտեան վէպէ մը կը թուին վերցուած։ Բայց պատրանքը գինն է ձեր անբաւական ծանօթութեանց այդ բարքերէն։ 1900ին հարէմը չէ արգիլուած անշուշտ։ Արգիլուած են սակայն 1850ի սանձարձակ սպաննութիւնները։ Կինը փողոց դրուելիք առարկայ մըն է դարձեալ թուրք տունէն ներս, բայց առնուազն կէս դարու վրայ սանկ կայուն դառնալու հակամէտ դրութեան մը մէջ (ենիչերիներու ջնջումը, 1826, թուրք ընտանիքին վերի խաւերը պաշտպանող առաջին քայլն է, 1839ի օրէնքները, իրենց բառովը թանզիմաթը ուրիշ սկիզբ) կինը կերպը գտած է իր էնթրիքները կարգաւորելու։ Միայն սուլթանուհիները չեն, որ կը տուայտին։

Ոճիրը, ապականութիւնը, կիրքը անշուշտ թուրքերուն մենաշնորհը չեն։ Օշական իր վէպին մէջ այդ խտրութիւնը չէ իսկ զգացուցած։ Բայց 1900ին հայ գիւղացին մեղք իսկ չի կրնար գործել, իր գոյութեան մեղքը անկարող ըլլալով կրելու։ Հայ քաղքենին ծածուկ, անհամարձակ շեղումները միայն պիտի արտօնէ բնազդներուն։ Ոճիրը, ապականութիւնը փառք էին, պարծանք, գեղեցկութիւն՝ թուրքերուն մօտ, գեղ թէ քաղաք, խրճիթ թէ պալատ բեմը չի փոխեր ներկայացման նկարագիրը։ « Սիւլէյման էֆէնտի » վէպը այդ պատկերին երկու երեսները կը ձգտի համադրել։ Անոր հայրը չեմ ներկայացներ։ Վէպը տուած է անհրաժեշտը, անշուշտ ուրուային դարձեալ, այդ մարդը ըմբռնելու։ Արեան արատներն են (fare), որ կը քալեն անոր հետքերէն։ Բայց երբ աշխարհի երեսին քիչ վայր (ան ալ թերեւս խաւարակուռն Ափրիկէի խորերէն) նման պտուղ մը ի վիճակի էր այլեւս հասցնել, միշտ այդ 1900ին այդ սրիկաները լեգէոն էին այդ կայսրութեան գրեթէ ամենէն կարեւոր կեդրոններուն մէջ։ Ես իմ աչքերովս եմ տեսել Պրուսայի ամենէն յարգուած, եօթը անգամ հաճի արած, միլիոններու հետ խաղցող մարդուն պէյզատէ ն դանակը մերկ, գլխուն վերեւ, առջին ձգած բոզանոցէն քառսուն աղջիկ, ջերմուկները երթալու վրայ, ոստիկաններու, սպաներու, փաշաներու բարեհաճ, հաւան նայուածքին առջեւ։ Մարդիկ չէին տառապեր, որ քաղաքին ամենէն հանգամանաւոր այդ երիտասարդը, որ ութը-տասը դիւանի մէջ պատուական պաշտօններ ալ ունէր ու կ՚առնէր ամսականները, առանց դիւանին շէնքէն գոնէ գլուխը հեղ մը ներս երկարած ըլլալու, պարզէ սա անասնական հանդիսանքը։ Ա/160/սոր անունը արեան ձայնն է ահա։ Ու թուրքին արիւնը դեռ չէ նստած։

Ի՜նչ հարկ այս ճշդումներուն, հպումներուն։ Գիտեմ որ իմ վէպերը որքան քիչ բան են սեւեռած այդ ահաւոր աշխարհէն։ Ատիկա իմ պարտքը չէր անշուշտ։ Թուրքերը կը հաւատան, թէ փոխուած է ամէն բան։ Ատիկա չանցնիր մեզի, ինչպէս կ՚ըսեն։ Ու այս տողերը գրած պահուն, թուրքերը կը տօնեն յիշատակը յաւիտենական պետին, իրենց հանրապետութեան հիմնադրին. բայց, ինչպէս դիտել տուած է ընթերցող մը, պարտաւոր են Օշական թարգմանել, կէս դար վերջը, ճանչնալու համար իրենց վաւերական կերպարանքը:

Oշականի վէպին մէջ բարքերու բարիքը թերեւս կը կազմէ այդ վէպին ամենէն բարձ արժանիքը։ Առանց յաւակնութեան ու առանց համեստութեան։ Երբ գէշ գրուած, կտրատ, անհաւասար արուեստին դէմ անդադար մեղանչող գործեր (Թլկատինցի, Հրանդ, Երուխան, Աբովեան, Պռոշեանց) Oշական չի վարանիր մեր գրականութեան ամենէն բարերար գիրքերը յայտարարելու, տուած կ՚ըլլայ փաստը իր գնահատման։ Ո՛վ որ կեանքէ ըրած է սեւեռումներ, անշուշտ արուեստի թէկուզ նախնական յարդարանքին հանդէպ որոշ զիջումով մը, անիկա ծառայած է ո՛չ միայն իր ժողովուրդին, այլեւ՝ մարդկային հաւաքական պատմութեան, գէթ ասոր շրջափոխումին։ Դրէք ամէն դարու Եղիշէ մը եւ դուք կ՚ունենայիք հայ ժողովուրդը, գրած է Օշական շատախօս քրոնիկագիրի մը անգամ շնորհելով բարիքի սա պատուանունը։ Բարքերը կ՚անմահացնեն Պարոնեանը։ Բարքերը կը պաշտպանեն նահատակ Վահան Մանուէլեանը, մինչ աշխարհին ոսկիները, ազնուապետական նազանքները Տիկին Տիւսաբ մը պաշտպանող՝ անբաւական կու գան անոր յիշատակը ոչ թէ գործը անգամ պարտադրելու Արեւմտահայ գրականութեան։ Մի մոռնաք այս պարզուկ դասը։ Մեր ամենէն արուեստագէտ, օժտուած, բնութենէն պարգեւատրուած դէմքը սխալ չըլլար ճանչնալ Եղիային մէջ։ Մեր ժառանգա՞ծը այդ մարդուն անհուն թղթեղէնէն։ Գրեթէ ոչինչ։ Եղիա Մայիսն ունէր, սոխակն ունէր զեփիւռն ունէր, ամենէն քիչ` Եղիան ունէր ներշնչարան։ Տուաւ ատոնք ու մենք կ՚անցնինք այդ մարդուն տրտմութիւնները մեղքնալով, վասնզի այդ թեթեւութիւններուն համար չէր արժեր բանաստեղծ, վիպող, գրագէտ, իմաստասէր եւ քիչ մը ամէն բան ըլլալ, բան մը չըլլալու «դժխեմ» ճակատագրով։ Այսօր, Շիրվանզատէն իր գրագէտի բոլոր անբաւարարութիւնը, բոպիկութիւնը իր գլուխին, թանձր, անոճ իր խառնուածքը գրեթէ փրկած է բարիքովը բարքի իր մթերքին։ Ու մի մոռնաք այս դասն ալ, գրողնե՛ր, որոնք թերեւս կը կարդաք այս տողերը, ձեր սիրուն նախադա/161/սութիւնները, նկարագեղ պատկերները, ցոլցլուն փոխաբերութիւնները ծաղկեփունջի նման հրապարակ հանելով։ Չունիք բարիք, բացի այդ սոփեստութեան բարիքէն։ Երբ կ՚ուրանաք ձեր երէցները, որոնք իրենց ժողովուրդը ունէին իրենց մեկնակէտ, անոր բարքերը՝ իրենց ներշնչարան, ու քիչ անգամ իրենց անձին ախորժակները, գրիչ շարժած պահուն։ Սուտը, ներկուածը, կեղծը, épatantը, պատկերներով շողարձակը, կեանքով նիհարը, երբ կ՚ընէք օրակարգ ու համով դարձուածքով նախադասութեանց սիրոյն ութը-տասը էջ շատաբանութիւնը (Սարոյեանի վիպակները) իբրեւ կաղապար կառաջարկէք Սփիւռքի միամիտներուն, յիշեցէք մեր 1900ը, որ ճիշդ ձեզի պէս տարփաւորն էր այդ սնոտիքին ու հետախաղաղ կորսուեցաւ մեր գրականութեան համար առանց օգուտի, յիշատակի։ Ով պիտի յիշէ, թէ Հրանդ Նազարեան մը, Ենովք Արմէն մը, բանաստեղծներ էին, վիպող, դատող։ Վասնզի մնայուն բարքերուն դէմ պարկեշտ մնալով՝ սիրեցին իրենց պզտիկ կիրքերը, բոլորն ալ բառերով նուաճելի։ Օշականի վէպը չէք կրնար կործանել։ Իր բոլոր թերութիւններուն ընդդէմ կը կենան բարքերէն իր ըրած անփոխարինելի նուաճումները։

գ) Գործողութեան զգայարանք: Կարելի է առանց մեծ վնասի մոռնալ գրելու արուեստին շուրջ Արիստոտէլի օրերէն իսկ դէզ կազմող պատուէրները, տեսութիւնները, տոկմաները, մեր օրերու բոլոր գեղեցկագիտական ճարտար վարդապետութիւնները հովին տալ ու դարձեալ գրող մնալ մէկ հատիկ օրէնքով, որ գործողութիւնն է, ասոր զգայարանքը։ Ինչերնո՜ւդ պէտք բառին ուրկէ գալը։ Կարեւորը՝ գիտակցիլն է շատ պարզ, ամենուն մատչելի իրողութեան մը։ Հարիւր մարդ կը լսէ դրուագ մը։ Զայն մէկ հոգի իսկ չի կրնար վերակազմել, այնպէս՝ ինչպէս ատոր սկզբնականը եկեր էր պատմողէն։ Այդ մէկն էր ահա գրագէտը։

Oշական ունի ամրակաղապար համբաւ մը չկարդացուելու: Մեր լեզուով ասիկա կը թարգմանուի գործողութեան զգայարանքէ զրկուածի մը դժբախտութեան: Եթէ երբեք այս հեքիաթը ներկայացնէր իրականութիւնը, Օշականէն ոչինչ կ՚ազատէր, բացի բարքերէն։ Բայց բարեբախտաբար կը խորհիմ այս հեքիաթն ալ արձագանգ մըն է մեծ հեքիաթին (Օշականի)։ Պատմեցի՞ ձեզի, թէ ինչպէս մարդիկ գտան Մարսել Փրուստը։ Ամէն ժամանակ բախտը չի կոտրեր ասպարէզէն քննադատ-քրոնիկագիրի մը ոտքը, զայն ստիպելով օրերում անշարժութեան եւ ձանձրոյթը վանելու համար դժուար ընթերցումի մը։ Այն յիմարը, որ այդ պայմաններուն մէջ գտաւ Մարսել Փրուստին աշխարհը, ունեցած է իր սոզին բժիշկի մը անձին /162/ վրայ, այս անգամ հայ, որ նոյն պայմաններու մօտ վիճակի մը մէջ, ձեռք է երկարած բամբասուած « Ծակ–պտուկը »ին ու ա՛լ չէ կրցած ձեռքէն ձգել զայն: Փա՞ստը։ Անշուշտ։ Օշական չի կարդացուիր մեր գրողներէն, որոնք միշտ աճապարանքի մէջ են, իրենց տրամադրութեան տակ ինքնաշարժ ունին, կամ հիմա՝ օդանաւ, ու կ՚ուզեն, որ վէպին էջերը հպատակին արագութեան ճնշումին։ Մեր գրողները հին՝ ինչպէս նոր իրենց իրաւունքին մէջն են չկարդալու մէկը, որ ժամուան մը ապրումները իր մէկ հերոսին խնամքով կը ջանայ սեւեռել ու չի քայլեր, իր հետ ալ չքալեցնելով հերոսը դէպի կնիկի մը ծոցը կամ յուզումնալից տեսարան մը։ Ի վերջոյ սինեմայի դարուն, սա ուղտի՜ գնացքը։

Այս ուսումնասիրութիւնը չի գրուիր ինքնարդարացման, վիճաբանութեան փափաքներով։ Հետեւաբար կը հրաժարիմ փաստերուն դասէն։ Անշուշտ ծանօթ էք յիմարին պատմութեան, որ նախարարաց խորհուրդի անդամ, 1848ին, չի կրնար չձգել նախարարական ժողովի մը շատ ծանրակշիռ նիստը ու կը վազէ դռնապանէն… լափելու նոր հասած պրակը « Թափառական հրեայ »ին։ Ներեցէք, որ կրկնեմ այս փաստը։ Օշականը մարդիկ պիտի կարդան ճամբորդութեան ընթացքին, շոգեկառքի, օդանաւի, մեթրոյի մէջ ու պիտի հայհոյեն։ Օշականը պիտի կարդան խմբագրական սեղաններու վրայ, անընդհատ կտրտուած ուշադրութեան մը մէջ, հարիւրաւոր ընդմիջումներով, ու… պիտի նետեն մէկդի։ Օշականը պիտի կարդան դպրոցներու մէջ, դասէն… յոգնութիւն առնելու համար ու դարձեալ… պիտի հայհոյեն։ Չեմ գիտեր, թէ բոլոր այս իրաւ պարագաներուն մէջ ո՞վ է պատասխանատուն, վիպո՞ղը, թէ կարդացողը։

Գործողութեան զգայարանքի մը գոյութիւնը ըսի, թէ հիմնական պայմանն էր գրողի մը։ Արդ, այս նախնական պայմանին վրայ, աւելորդ է լայննալ։ Պարզ մարդ, կարդացածը հասկնալու չափ միայն պարզ, « Ծակ-պտուկը » աւարտելէ վերջ ինծի ըսաւ, թէ վէպն էր անիկա, ուրկէ չէր կրցած, հակառակ իր սովորութեան ու փափաքին, էջ մը ցատկել ։ Ասիկա թերթօնական գործողութեան մօտիկ խոստովանութիւն մըն էր։ Ու այս մարդը կ՚արտայայտէր միջին խելքին, աննախապաշար մտքին, առնուազն պարկեշտ մարդուն կեցուածքը, վասնզի Օշական չեն կարդար, գիրքերը բանալէ առաջ, ըսել կ՚ուզեմ՝ նախապաշարուած ։

Oշականի վէպերուն մէջ եղելութիւնները, իրադարձութիւնները չեն, որ կը պակսին։ Քիչ հայ հեղինակ իրադարձութիւնները յանդգնած է այդ չափով կազմակերպել, առաջնորդել ելքերը, որոնց /163/ վրայ մտածելն իսկ դժուար կը թուի։ Թերթօ՞ն։ Մի՛ աճապարէք։ Oշական կեանքէն ունի հազար թերթօնի ստուեր ածող ապրումներ։ Ըսի անգամ մը։ Ու անիկա իր կաշիին վրայ ապրած է տրաման, որ պայքարն է կեանքին ու մահուան, այսպէս դէմքի մը, տեղի մը, ձայնի մը, ձեւի կերպարանքով, իրեն ներկայացող։ Այս ապրումն է, որ զինքը քաջալերած է իրադարձութիւններու հետ վարուիլ, իրենցմէ սպասելի բոլոր արձակութիւնները օգտագործելու համար։ Կեանքը աւելի իրաւ է, քան բոլոր վէպերը միասին։ Ու հազարաւոր էջերու վրայ Օշական, մեր մէջ կենսապաշտութիւնը քարոզող, պահած է կեանքին շահեկանութիւնը, որ շրջուած մէկ կերպարանքն է գիրքերով ուսանելի գործողութեան զգայարանքին։

Անոնք, որ « Մնացորդաց »ի գործողութիւնը ընդհատող գաղափարագրութիւնը, երկար թիրատները, էջեր գրաւող նկատողութիւնները վէպին համար ծանր մեղքեր յայտարարեցին, անշուշտ, գրող որքան ընթերցող, չըսին սակայն, թէ այդ մեղադրուած մասերը աստուածաբանութի՞ւն, փիլիսոփայական վիճաբանութի՞ւն կամ կուսակցական փրոփականտա մը կը կազմէին արդեօք, եթէ ոչ, իրենք իրենց կենդանի, այդ ամենէն ախորժ ունեցող միտքերը գոհ ձգող, առնուազն, գործէն բխած թելադրանքներ էին։ Պատմեցի՞ ձեզի, թէ A la recherche du temps perduն, որ զիս խանդավառած էր Տոսթոեւսկսի գործերուն աստիճանովը, տուի, որ կարդան երկու գրողներու։ Անոնցմէ մէկը խորահմուտ եւրոպական գրական բոլոր ձգտումներուն, նրբիմաց քննադատ, շատ տաղանդաւոր բանաստեղծ, հոգեբանական վիպակներու ախորժակներ ալ յայտնաբերած, քաջութիւնը չունեցաւ ութսուն էջէն անդին անցնելու ու գիրքը ետ դարձուց։ Անոնցմէ միւսը, դարձեալ տաղանդաւոր դատող մը, նորութեանց հետամուտ, խանդավառ ու երիտասարդ, եղաւ աւելի դժբախտ, տասնըհինգ էջը իսկ չհասնելով։ Եւ սակայն Մարսել Փրուստի նորագիւտ փառքը իր բոլոր պայծառութեանը մէջն էր այդ օրերուն։ Տոսթոեւսկիէն վերջը աշխարհ հպարտ էր մեծ վիպասան մը ողջունել կրնալով։ Փաստը, աւելի քան վաւերական, հոս չեմ թարմացներ Օշականի հանդէպ մեր գրողներուն չկամութիւնը, չըսելու համար արհամարհանքը բացատրելի ընելու, այլ շատ աւելի պարզ նպատակով մը։ Իմ յիշած երկու գրողներն ալ թերթ կը վարէին ու չունէին ժամանակ, այդքան լայն բռնուած ու այդքան անպայծառ մատուցուած կեանքի համապատկեր մը հանդուրժելու։ Մարսել Փրուստ հոգեբանական գործողութեան ինքնատիպ եղանակ մը կը կիրարկէր իր վէպին մէջ, որուն ընտենանալու համար մեր խմբագիր-գրագէտները բարի չեղան քանի /164/ մը ժամ տարապարհակ, եւ ինչու չէ՝ չարչարանք յանձն առնելու, որովհետեւ, տառացի կերպով մը ճիշդ էր, որ այդ քանի մը ժամը չունէին, տրուած ըլլալով, որ իրենց սեղաններուն վրայ աշխարհի չորս ծագերէն իւրաքանչիւր օր կը բարդէր թղթեղէնը, յուսահատական դէզ, զոր, այդ գրագէտները պարտաւոր էին քրքրել, չոկել, ստկել, քանի մը տող, երբեմն սիւնակ մը բան ճարելու համար գրաբարին անողոք կլափին։ Սա ալ ճիշդ է եղերապէս։ Չեմ պատմեր Ճէյմս Ճոյսէ փորձառութիւնս։ Օշականի վէպին գաղափարագրական տարողութիւնը առանձին փարակրաֆի մէջ վերլուծուելի, հոս չի զբաղեցներ զիս: Թող ներուի ինծի ինքզինքս առաջարկել գրող, որքան ընթերցող, քանի որ երկուքն ալ եղած եմ նոյն կիրքով, խանդավառութեամբ։ Դարձեալ թող ներուի ինծի առնուազն պարկեշտութիւն մը հանդէպ իմ աշխատանքին (մի մոռնաք յատկանշական խոստովանութիւնը գիրք մը մինչեւ ութը անգամ գրած ըլլալու) ու օգտագործումի առիթ մը իմ իսկ տպաւորութիւնը [6], այդ վէպէն։ Օշականի վէպը չի կարդացուիր, /165/ ընթացիկ պայմաններու մէջ։ Անիկա շատ շուտ կը յոգնեցնէ։ Ահա յստակ՝ իմ տպաւորութիւնը։ Չէ՞ք կարծեր, որ բոլոր խիտ, ծանր գործերուն ճակատագիրն է ասիկա (աւելի անդին երբ այդ վէպին ճարտարապետութիւնը իյնայ վերլուծման, ես կը զբաղիմ խօսքին մացառուտ, աւելորդով ծանրաբեռնումին ալ հարցովը)։

Գործողութիւնը արարքներու եւ քմայքներու բաժնելը վարդապետական, վարժապետական նանրամտութիւն մը չէ հաւանաբար։ Կ՚առաջարկեմ ձեր նկատառման ԺԹ. դարու աւետարանը Թշուառները », Վ. Հիւկօ) իբր գործ մը, ուր արարքն ու մտածումը կը թուին զիրար պաշտպանել, բայց ուր իրաւ, արդար, հաստատ մտածումը ամէն րոպէ կը շփոթուի իր կեղծին հետ։ Հիւկօ, իր սերունդին ամենէն տաղանդաւոր թերթօնագիրը, ոչ ոքի պարտական է (թերեւս բացի Պալզաքէն) վիպական հանգոյց մը իր յետին ծուէններուն մէջ իսկ կարելի, առաւելեալ բարիքով շահագործելու իր գիտութիւնը։ Բայց նոյն այդ գործաւորը գործողութեան հասարակ մտածող մըն է, որ ուրիշներու մտածումները գունաւորելու իր դիւրութիւնը կը վերածէ /166/ դրութեան ու գլխագիրներով, ակնարկութիւններով, հակադրութիւններով ու փոխաբերութեամբ այդ մտածումներուն հռետորական ջերմութիւն մը ապահովելէ յետոյ, կը նետէ էջերն ի վար իր պատմումին՝ ո՛չ միայն ինքզինքը խաբելով, այլեւ՝ ընթերցողը։ Մեր մէջ նման եղանակի մը կը սպասարկեն Տիրան Չրաքեան, Կոստան Զարեան, որոնց մտածումն ալ խորքին մէջ լրագրական անհարազատ, փոխառիկ ու հասարակ, դրական շնորհներով զարդարումը ունի իրեն պաշտպան։ Օշականի մօտ արարքը, իր կարգին, առանձին իրականութիւն մը չէ, տարուած՝ իր անդրագոյն հետեւանքներուն ու եզրին, որ թերթօնին կը յանգի, ամենէն բարեբախտ պարագային (Րաֆֆիի « Խաչագող »ի՝ «Շէյխ Ճելալէտտին»ը)։ Այլ այն կարգաւորումը, փոխ–յարաբերութեանց կշիռը, որով տիրական արարք մը ինքզինքը երկարաձգելու, ճիւղաւորելու կերպը կ՚ազատագրէ ուրիշ կախումներէ ոճէն, պատկերէն, շնորհէն, ուժէն: Դէպի թերթօ՛ն։ Դէպի մելոտրա՛մ։ Դէպի թոյն–դաշունական, ոստիկանական, առնուազն հետաքրքրական պատմո՜ւմ։ Անշուշտ։ Բոլոր այս նուազումները, մեղքերը մտածելի պատահարներ են, վէպի մը ճակատագրին վրայ ծանրօրէն անդրադարձող։ Վէպին աստուածը՝ Տոսթոեւսկին իր գործողութիւնը քալեցուցած է այս խութերուն ընդմէջէն, ամէն րոպէ ջախջախուելու վտանգով մը, բայց ամէն րոպէ շրջանը ընելով վտանգին։ Ըսէք, ինչ որ կ՚ուզէք այդ գործողութիւնը պիտակելու, միշտ պիտի զգաք բառերուն անբաւականութիւնը։ Ուրկէ՞ կ՚առնէ այս պուկէդ քեզ բռնող մղումը իր վէպերուն մէջ։ Ինչո՞ւ չէք այցուիր « Գաղտնիք Փարիզու »ին, « Թափառական հրեայ »ին, « Մոնթէ-Քրիսթո »յին, « Թշուառները »ուն մէջ ձեզի ընտանի յուզումէն, թէեւ կը զգաք որ « Իտիոտ »ն, Les possedesն, « Քարամազով եղբայրները », « Ոճիրն ու պատուհասը » մօտիկ եւ հաղորդ են նոյն թեքնիքին։ Գործողութեան զգայարանքը Օշական ունի մեր վէպին ընկալչութեան ծիրովը։ « Ծակ–պտուկը » ոճիրներ ու արկածներ կը պատմէ բայց ոստիկանական վէպ մը չըլլալուն փաստը կը փրկէ լայն իր վերլուծումներով։ « Մնացորդաց »ը հազարաւոր էջերու վրայ տարածուելու սահմանուած սկզբնական պոռթկում մըն է, որ ստիպուած է չպաղիլ ու ծանր քալել, լաւաներու նման։ Հանդարտ վիպումին շատ մօտիկ « Սիւլէյման էֆէնտի »ն, իր կարգին, ամբողջ ընկերութեան մը բարքերուն շոգիովը կը յառաջանայ։ Օշական այդ զգայարանքը (գործողութեան) կը թուի պաշտպանել ծանր կացութիւններով, իրադարձութեանց հանդէսներով, խորունկ խռովքներով, բայց կը մնայ թերթօնէն անդին, պարզ իր պարկեշտութեամբը պաշտպանուած։ Այդ պարկեշտութիւնը /167/ յարգանքն է հանդէպ իրականին, առնուազն՝ ճշմարտանմանին։ Յետոյ, ինչ որ ձեզի կ՚այցելէ Տոսթոեւսկիի մօտ շփոթութիւն ընդմէջ քմայքին եւ արարքին, յաճախ ունի գոյութիւն Օշականին մօտ։ Առէք « Մնացորդաց »ին երկասացութիւնը (ընդմէջ ոստիկանապետ փաշային եւ յեղափոխական Մաթիկին) ու ջանացեք կանգ առնել։ Պիտի զգաք, որ պիտի չկրնաք։ Ձեզ մղողը, քշողը անշուշտ չի կրնար շարժումը ըլլալ, այսինքն՝ պատահուածին ճնշումը, քանի որ համոզուած էք, որ մարդիկ ձեր դէմ նստած են ու կը խօսին։ Այն ատե՞ն։ Ինչն է մղիչ ուժը։ Մէկը պիտի կրնար պատասխանել պարզուած գաղափարագրութիւնը, առանց անդրադառնալու, որ գաղափարները ստուերներ են, չունին ծանրութիւն եւ թանձրութիւն ու հետեւաբար չեն կրնար քշել, մինչեւ որ կեանքի, այսինքն՝ գործողութեան չվերածուին։ Կատարուա՞ծ է այդ վերածումը, Օշականի վէպերուն մէջ։ Կրնամ յայտարարել, թէ այո՛: Ատոր փաստը հո՛ն է, հարիւր էջի վրայ երկարող այդ երկասացութիւնը ձեզի հազիւ թէ բան մը կը սորվեցնէ, բայց ձեզ կը յուզէ խորապէս։ Ուրիշ տեղ մը, Մնացորդաց ») Սողոմենց Սողոմը տանիքէ մը տուն մը կը թափանցէ՝ սպաննելու համար ներսինները։ Տասնով, քսանով կը դառնան էջերը, այդ արարքը նուաճելու։ Բայց դուք չէք զգար թաւալը այդ էջերուն։ Արդ, ամբողջ տրաման որ պարզ իմաստին մէջ հիներու գործողութիւնն է կը դառնայ այդ տղուն գանկին տակ, այդ թափանցումի պահուն, ու դուք դարձեալ չէք կրնար ձեր ուշադրութիւնը բաժնել րոպէէն, տեղէն, խորհուրդէն։ Բա՞ւ, այս ընդլայնումը, ապացուցանելու համար, որ դանդաղ, անդամալոյծ, թրիքի պէս անողնայար, դիակ նկատուած այդ գործողութիւնը իրաւ է, արագ, տենդավար, ամբողջ կրակ, ու գոթական եկեղեցիի մը նման թրթռուն։ Յետոյ, քանի մը խօսք ներքին գործողութեան, որմէ շքեղ նմոյշներ են Ճէյմս Ճոյսի « Ոդիսեւս »ը, Թակորի La maison et le mondeը։ Ճոյսի վէպը յեղափոխութիւն մըն է, վիպելու արուեստին մէջ։ Կ՚ըսուի, թէ ոչ մէկ վիպող կրնայ, անպատիժ՝ անգիտանալ այդ նորութիւնը։ Թակորի վէպը նորութիւն մը չէ անշուշտ, բայց արեւմտեան վէպին մէջ խուլ, բանաստեղծական, խորունկ, արձագանգուն ապրումին արեւելեան զգայնութեան մէջ քաղցրացումը։ Չենք փափաքիր, որ Թակորի մարդերը գործեն, քանի որ համոզուած ենք, որ յիմարութիւններ, տրտմութիւններ միայն պիտի ըլլային ընդունակ իրագործելու, ու կ՚ուզենք, որ ներսէն ապրին։ Ու այդ ներսէն ապրումը նոյնքան խռովիչ է, որքան ռուս վէպին անտարազելի ձգողութիւնը։ Օշական « Ծակ-պտուկը »ին մէջ, (վերջին մասը) տուած /168/ է այդ ապրումէն նմոյշներ։ Իր մահէն առաջ վէպին հերոսուհին, իր սիրականին ծունկին կ՚ունենայ տեսիլքին ու երազին հետ շփոթելի ապրումներու շարք մը, կեանքին մէջ, բայց անկէ վեր, ինչպէս ինք, մենք ամէնքս, մեր ամենէ իրաւ պահերուն։ « Մնացորդաց »ը ութսունէ աւելի էջեր է յատկացուցած ներքին գործողութեան ուրիշ փորձի մը։ « Արգանդի ճամբով »ին մէջ Սողոմը կ՚իյնայ դաշտ, փորելու, ծառ ջրելու, կանխող գիշերին հեքիաթունակ երազէն վերջը։ Այդ հարիւրի մօտ էջերը, այդ տղուն գանկէն կը փրթին ու կը փրթին, յօրինելու համար ամբողջ կեանք մը։ Եւ որովհետեւ կեանքը համազօր է գործողութեան, կը հասկցուի, թէ Օշական կրնայ մեզ իրեն հետ քաշել, տանի՛լ նոյնիսկ, երբ կը վերլուծէ։ Դարձեալ այդ « Մնացորդաց »ին մէջ ուրիշ տեղ մը, միշտ այդ Սողոմը ոճիրին auraին մէջ, բայց տակաւին անկէ դուրս, լեռ կ՚երթայ, անապատականի մը համբաւը ապրող մարդու մը։ Աւելի քան յիսուն էջեր Օշական յատկացուցած է այդ Սամիկ Սամունը ներկայացնելու, մարդ մը, որ ա՛լ չունի երեւան գալու բախտ մը վէպին միւս մարզերուն վրայ։ Բայց որ հոդ, այդ պահուն, վէպին կեդրոնական հերոսին հետ իր խօսակցութիւնը կ՚ընէ ինքնիրեն համար տարօրէն շահեկան։ Կը ձգենք պագ մը ոճիրին խուլ ձգողութիւնը, Սողոմին անձին վրայով ու կը տարուինք Սամիկ Սամունին մռայլ անձնաւորութեան առեղծուածէն ներս։ Ասիկա տրամային մէջ տրաման է ահաւասիկ։ Ու ասիկա արեւմտահայ վէպին թեքնիքովը նուաճելի յաղթանակ մը չէ։ Իջէք « Մնացորդաց »ի սկիզբը։ Հաճի Արթինին յատկացուած հարիւրի մօտ էջերը անշուշտ կասկածելի ժառանգական տեսութեան մը ապացուցումը չեն հետապնդեր (Օշական Զոլա մը չէ) ու կէս դար առաջ հող իջնող մարդ մը, մեր օրերու վէպին մէջ երբ կը գրաւէ գիրքին կէսը, կը դադրի պատկանելէ մեզի ծանօթ օրէնքներու դրութեան մը, ըլլալու համար ինքզինքը, բայց ձեւով մը, խստութեամբ մը, ուժով մը, որոնք կը պարտադրեն։ « Սահակ Պարգեւեան »ին մէջ Օշական կը կտրէ պատմումը, յօրինելու համար կենդանագիր մը ( Մինաս Մարան ), որ հեռուէ-հեռու հազիւ թէ կը պատկանի վէպին անձնաւորութեանց ողբերգութեան, քանի որ իր հարստութիւնը, վարկը, համբաւը կազմակերպած, հոյակապ սրիկայ մըն է ու ասով ազատ՝ ընկերութեան բոլոր կապանքներէն։ Չէք կրնար ընդհատել այդ ընթերցումն ալ այդ մարդուն շէնքը կանգնող, ձեր աչքերուն դիմաց։ Ինքը՝ Սահակ Պարգեւեանը: հոյակապ սրիկայութեան մէջ կը գերազանցէ բոլոր միւս անձնաւորութիւնները իր վէպին, բայց Օշականի գրիչին տակ պարտաւոր է ինքնայօրինումը մշտապէս իրագործել։ Այս նշմարները /169/ բա՞ւ, որպէսզի գործողութեան զգայարանքէ մը դրապէս ըլլանք խօսելու արտօնուած, հերքելով այդ վէպին համար ձրի ամբաստանութիւն մը, ապահովաբար զայն չկարդացող մարդոց կողմէ նետուած հրապարակ։

Օշականի մօտ գործողութիւնը հաղորդ է արարքին ու քմայքին բոլոր բարիքներուն։ Ասիկա ինքզինքը գովելը չէ։ Երբ կը մտածենք իր վէպին մէջ, իր մտածումներուն հետ, մեր ուշադրութիւնը լարուած է միշտ, մեզի մատուցուած քմայքներու ո՛չ միայն մթերքին, այլեւ` տարողութեան, որակին։ Այդ մտածումները ոչինչով կապ ունին օրուան ընթացիկ, լրագրական թէկուզ ներկուած ու իբրեւ ինքնատիպ քշուած հասարակ–տեղիքին հետ։ Երբ կը քալենք իր արարքին բռնութեան մէջ, ապահով ենք, որ թերթօնական իրադարձութեանց կրկէս մը չէ, ուր կը քալենք։ Օշական կը մերժէ վճիռը, որով զարկին իր վէպը զայն չկարդացող մարդեր, գրագէտ կամ հրապարակագիր։ Արդիւնքը միշտ արդիւնքն է չկարդալուն։ Ընթերցող մը իրեն կը գրէր։ « Կը զարմանամ, որ ինչպէս կրնան մարդիկ` չսիրել այդպիսի գործ մը »։ Ու այդ մարդուն ցաւը իրաւ ցաւ մըն էր։

ե) Գաղափարագրութիւն: Անշուշտ Օշականի մտածողութիւնը վէպի բաժինին մէջ վերլուծելի պարագայ մը չէ։ Գրական իրողութեան շուրջ Օշական շատ կանուխէն ունեցած է իր գաղափարներու codeերը, որոնց հաւատարիմ՝ անիկա մեր գրականութեան (հինն ու նորը) բոլոր մասնակի եւ ընդհանուր արժանիքները ջանացած է զարնել կշիռի։ Այդ մասին՝ լայնօրէն կայ խօսելիք քննադատին մէջ։ Հոս, հարցը, գրականէն անդին, իրողութեան մը կը մնայ կապուած։ Այդ հարցը կեանքին հանդէպ Օշականին կեցուածքն է։ Տոսթոեւսկիի բոլոր վէպերը կեանքէն յառնող հարցերու կենդանի արարածներու վերածումները եղան։ Ուրիշ խօսքով՝ ռուս վիպասանը ներշնչուեցաւ արարքներէ, որոնք, իրենց կարգին, իբրեւ մտածում, գաղափարագրութիւն ո՛չ միայն շրջան կ՚ընէին իր շրջապատին մէջ, այլեւ կը շահագրգռէին ամբողջ արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը, թերեւս լման մարդկութիւնը։ Ռուս ժողովուրդը եւ իր առաքելութիւնը, Արեւելքն ու Արեւմուտքը, կրօնքը եւ գիտութիւնը, խղճմտանքն ու մարդկային արդարադատութեան մեքենան, ընդերկիրը (underground) եւ գերերկինքը (մեր հոգիներուն անդունդներուն ու գիտաշխարհին մէջ), հարցեր են, դիտելու համար ամենէն կարկառունները, որոնք ռուս վիպասանին գործերուն յատակ կը հանդերձեն։ Րաֆֆի ունի քանի մը տիրական գաղափարներ, հայ ազատա /170/ գրութիւնը, հայ յեղափոխութիւնը, հայ հայրենիքը, հայ փառքը (անցեալէն ու ներկայէն կը կազմեն այդ պատուական վիպողին համար իմացական խարիսխներ։ Աւելի համեստ, բայց դարձեալ գաղափարներու սպասարկու կառոյցներ են Արփիարեանի, Զօհրապի, մասամբ Սիպիլի վիպական ստեղծագործութիւնները, մեր պայմաններէն բխած, անոնց ամոքման հետախնդիր։ Չանուանեցի Տիկին Տիւսաբի գործը, որ գաղափարներու դարպաս մըն էր, ըլլալէ առաջ վէպ, բայց որոնք գիրքերէ փոխադրուած, մեր կեանքին հետ աղերս մը չունէին ու չունեցան հետեւաբար որեւէ դեր կնոջ ազատագրման հարցին վրայ։ Ի՞նչ են այն հիմնական գաղափար–խարիսխները [7], որոնք Օշականի վէպին ատաղձը կազմեցին, եթէ կը ներուի այս բացատրութիւնը։ Ուրիշ խօսքով՝ Օշական ունի իր ժողովուրդին ճակատագրէն, աշխարհահայեացքէն, ապագայէն ու դերէն հաստատ մտապատկերներ, պատմութեամբ պաշտպանուած ու իր կեանքովը երաշխաւորուած, քանի որ Օշականի կէս դարը է՛ նաեւ կէս դարը իր ժողովուրդին, որ այս տողերուն վրայ ռոմանթիք յղացք մը չէ, այլ՝ շատ թանձր, տրտում, ցաւառիթ իրականութիւն մը։ 1830ին /171/ այդ ժողովուրդը՝ Աբովեանի մը մտքին առջեւ առած կերպարանքը՝ զոր այսօր կը գտնենք « Վէրք Հայաստանի »ի էջերէն ներս, 1878ին, այդ ժողովուրդը չէր իսկ ներկայ Մատթէոս Մամուրեանի մտքին առջեւ, ո՛չ իր մօտիկ անցեալէն, ոչ ալ անմիջական ներկայէն։ Այդ ժողովուրդը գոյ էր սակայն արեւելահայ վիպասաններուն բոլորին ալ մտքին ներսը, ո՛չ անշուշտ իբր վէպի ատաղձ, այլ այն առումներով, զորս յիշեցի քիչ վերը ճակատագիր, աշխարհահայեացք, դեր ու ապագայ ։ Արեւմտահայ վէպին համար նման ընդհանրացումներ դժուար իրագործելի նպատակներ կը թուին։ Նախ այդ վէպը, այդ գրականութեան մէջ, երբեք չէ անցած թերթօնով փառասիրուած մտահոգութիւններէն անդին, նոյնիսկ իր ամենէն աւագ մշակներուն մօտ։ Ի վերջոյ, Զօհրապին ո՞ւր կը նայէին մտքին աչքերը։ Այնպէս որ՝ խօսիլ կազմակերպուած ծրագրի, ասոր լուրջ ու յամառ հետապնդումէն, պիտի նշանակէր իրողութիւնները այլակերպել։ Սփիւռքի պայմաններէն չէ բխած անշուշտ Օշականի վէպը։ Անոր խարիսխները աւելի խոր ու վար կ՚իյնան։ Բայց անոր իրագործումը ի՜նչ դաժան ազդակներու մնաց ենթակայ։ Գիտէ՞ք, թէ ամէն վէպ, գրուելէ առաջ, Oշականի համար մտատանջութեան պահ մը /172/ կ՚ըլլար, զայն հրապարակին հանելու նիւթական տանջանքը։ Գիտէ՞ք աւելի խոշոր ցաւ, քան ցաւը գրողին, որ կը տեսնէ, թէ մարդիկ 1900ական եւ աւելի հեռու թուականներէ վէպեր կը հրատարակեն ու չեն մտածեր անտիպ, խոշոր ձեռնարկներու։

Օշական չէ կազմակերպած իր վիպական աշխատանքը, ինչպէս (պիտի ընէր աւելի վերջը, իր քննադատական աշխատանքին համար։ « Մնացորդաց »ը ծրագիր մըն էր, միտք մը, ձգտում մը, ճիշդ է, բայց մեր հասարակութեան ընկալչութենէն փարսախներով հեռու՝ իբր իրագործելի ձեռնարկ։ Կային ա) մեր ընթերցողներու խաժամուժը, որուն համար կարդալը ո՛չ ժամանակ է, ոչ ալ տառապանք, այլ՝ ողորմութիւն, իրեն մատուցուած գիրք մը չմերժելու աղայութիւն. բ) մեր գրողներուն այլապէս մեղապարտ խաժամուժը, որ գրելու արարքը յարմարցուցած է իր աւելի ճիղճ ու խեղճ փառասիրութիւններուն, հաշիւներուն, քէներուն, կիրքերուն. գ) մեր երիտասարդութիւնը, որ պաշտօնեայ, քարտուղար, ձեռնարկու, վարժապետ, ազատ ասպարեզներու սպասարկու՝ վէպը, վիպողը, գրականութիւնն ու գրագէտը առիթ կը նկատէ սալոնի մը, հանդիսասրահի մը մէջ ենթարկելու ասուլիսի, այդ քաջագործութեան մէջ իրեն ապահովելու համար սանկ սիրտ–ցաւ նոր օրերու ազգայինճիի համբաւ մը. դ) կուսակցական յարդարանքներ, գործ մը ընելու, գործի վրայ երեւալու պարզ ախորժակները լրջութեամբ, պարկեշտութեամբ չքմեղող. ե) վերաջպէս փոքրիկ թիւը կարդացողներուն, որոնք այս թուումը անցած հանգամանքները ունենալով հանդերձ աս ու այն համեմատութեամբ, ունին ատկէ աւելի ախորժակներ։ Մեր թերթերը, հանդէսները ապրեցնող հասարակութեան մէկ փոքր տոկոսն է ասիկա։ Գումարեցէք բոլորը, ու ձեր գտնելիքը կէս հազարն ալ չի հասնիր, որոնք պիտի հանդուրժեն, թերեւս սիրեն Պերճուհին, Լասը, Լեւոն Մեսրոպը, Համաստեղը, բայց պիտի մտածեն Զօհրապի մը վէպին դիմաց, պիտի հետեւին Շահնուրի, Հրաչ Զարդարեանի, Շուշանեանի անուններուն շուրջը ստեղծուած աղմուկին, որոշ չկամութեամբ մը, զգոյշ, շատ ալ հաւատք չընծայելով ըսուածներուն տարողութեան [8] ։ Այս մարդերը միւս կողմէն պիտի չկրնան բարձրա/173/նալ մտքի անկախութեան անհրաժեշտ աստիճանին, որպէսզի ճիշդ դատեն գապալը, որ կարգ մը մարդոց օրն ու գործը կը հետապնդէ, անշուշտ առանց պատճառի, այսինքն՝ ինքզինքը արդարացնող պատճառի, ճիշդ համբաւին նման, որ իր կարգին, իբր ստուեր կը թափառի կարգ մը մարդոց ու ասոնց գործերուն հետքերէն։ Ո՞ր արդարութիւնն է, որ կը միջամտէ, որպէսզի շինուին հսկայական հռչակները Մամուրեաններու, Թերզեաններու, Եղիաներու ու մնան շուքի, խաւարումի մէջ տիրական արժանիքները Երուխաններու, Թլկատինցիներու…

Օշականի վէպին մէջ գաղափարը չէր կրնար մթնոլորտ կազմել, /174/ ինչպէս կը զգանք ատիկա Տոսթոեւսկիի վէպին ներսը։ Ու կը ճշդեմ, այս պակասը արդիւնք մը չէ գաղափար իրողութիւնը ձեռնելու արարքին մէջ գրագէտի անբաւականութեան մը։ Ա՛ն՝ որ հարիւր էջի վրայ կը պահէ վառ տիալոկ մը, հարցի մը շուրջ (հայ եւ թուրք հարցը, « Մնացորդաց », խօսակցութիւնը փաշայի մը եւ հայ յեղափոխականի մը) զերծ է այդ մեղադրանքէն։ Գաղափարներու կը կռթնի մեծ ձեռնարկը « Համապատկեր »ին։ Ուրե՞մն։ Կու տամ երկու հիմնական պատճառներ, որոնք թերեւս մասամբ կը բացատրեն երեւոյթը։ Անոնցմէ առաջինը ՝ մեր հասարակութեան մէջ գաղափար հարցին մարմին առած չըլլալն է, երկրորդը ՝ մեր գրականութեան համար գաղափարին հանդէպ մարմին առած մասնաւոր կերպարանք մը։

ա) Որո՞նք են այն հիմնական հարցերը, որոնք Օշականի պատանութեան ատեն կը գրաւէին մեր ժողովուրդին քիչ-շատ առաջաւոր խաւերը։ Ձեր տեղը ես ինծի կու տամ յոգնութիւնը այդ հարցերը շատ արագ անուանելու։ Ես քաղաքի մը մէջ առած եմ իմ նախակրթութիւնը ու կրնամ վստահաբար յայտարարել, որ մեր դպրոցը իբր իտէալ մեզի կ՚առաջարկէր թուրքերէնը, թուաբանութիւնը, տոմարակալութիւնը, երեք ու կէսէն (ղրուշ) գիտութիւնը։ ՇՈՒԿԱ՜Ն։ Ուրի՛շ՝ բացարձակապէս ոչինչ։ Եւ որովհետեւ այդ դպրոցին ծրագիրը կու գար Պոլիսէն, կը հետեւցնեմ, թէ հոն ալ տասնըհինգ տարեկան տղաքը տարբեր կրթանք մը չէին տեսներ։ Ամբողջ հայութիւնը (արեւմտեան) ուրեմն իր ամենէն ընկալուչ շրջանին ո՛չ մէկ ապրող գաղափար ի վիճակի էր իբրեւ սերմ ընդունած ըլլալու։ Տարի մը դպրեվանքի ողբերգութենէն խօսած եմ ձեզի։ Ու դպրեվանքը (Արմաշ) կը նկատուէր վառարան մը։ Դարձեալ կը յայտարարեմ, որ իմ գիւղացիի ամուր, հաւատաւոր, խորունկ հայրենասիրութիւնը կը /175/ կործանէր այդ հաստատութեան մէջ ազգային պատմութեան դասին վրայով, զոր կ՚աւանդէր բարձրագոյն հեղինակութիւններէն մէկը այդ ճիւղէն։ Իմ երկրորդ փառասիրութիւնը՝ գրականութիւնը, հոդ ծիծաղելի էր դարձած։ Ո՛չ միայն դասը չուներ գոյութիւն, այլեւ՝ լեզուն ։ Արդի աշխարհաբարը բանասիրական հետաքրքրութիւններու դաշտ մըն էր եւ ոչ թէ հոգեղէն սնունդի միջոց մը։ Մեզի տրուածը գրաբարն էր, ան ալ վիեննացիներու հինգերորդ դարու ոսկեղէնը, այսինքն՝ մեր գրաբարին ամենէն յստակը թէեւ, բայց գրականէն հիմնովին աղքատ մէկ շրջանը։ Ի՜նչ կ՚ուզէիք որ ըլլային Պոլսոյ վարժարանները՝ Կեդրոնականը, Պէրպէրեանը (որոնց համբաւը կը տիրէր մեր մտքերուն)։ Աւելի վերջը ես ճանչցայ այդ դպրոցներուն ալ հոգին։ Պէրպէրեանի Հուսկ–բանքերը այդ ոգիէն ոսկեմատեան արձանագրումը չէ՞ին ներկայացներ։ Ի՞նչ կը պարզէր մեր գրականութիւնը, այդ 1900ին Ինչպէս կը տեսնէք, սա շատ արագ, բայց շատ ալ իրաւ յուշքերուն ընդմէջէն, ատիկա՝ գաղափարին չգոյութիւնն էր ժողովուրդի մը մտաւորական ընտրանիին կազմութեան մէջ։ Ու երբ ձգէք այդ խաւը, իջնելու համար զանգուածին, ձեր գտնելիքը աւելի յուսահատական պատկեր մը պիտի ըլլայ ու պատկերը մարդոց, որոնց գլխուն գինն էր կտրուած, ու կախուած իրենց դէմը։ Հարուստնե՞րը։ Անշուշտ, իրենց հարստութիւնը պահպանելու գերագոյն տագնապով։ Որբանոցները, որոնք ջարդերը կ՚երկարաձգեն։ Ազգային հիւանդանոցը, որ մեր մեղքերը կ՚ուռճացնէր։ Գրագէտնե՜րը, վիպասաննե՜րը, բանաստեղծնե՜րը, պատրիա՜րքը, բարձրաստիճան կղե՜րը, ուսուցիչնե՜րը։ Կատակ չէ ասիկա։ Ժողովուրդի մը մէջ գաղափարը փերեզակներու սնտուկները պիտի չբնակի։ Մինակ մեր մամուլին ընթերցումը ձեր ներսը ծնունդ պիտի տար հսկայ դառնութիւններու։ Ո՞ր հրաշքը պիտի կրնար բան մը փոխել ու նետել այդ մարդոց ներսը քանի մը հզօր սերմեր։

բ) Ի՞նչ սնունդ պիտի առնէր քսանը չմտած կամ մտնելու վրայ երիտասարդը այս անգամ ձգուած իր բախտին։ Ի՞նչ պիտի ըլլար կերպարանքը հոգեղէն դրութեան, զոր դպրոցէն ետք մենք կը հաւաքուենք ծուէն–ծուէն մեր շրջապատէն, ամենէն շատ՝ գրականութենէն։ Մեր հազար ինը հարիւրը ոսկեդարն էր լրագրին։ Մեր մեծագոյն մարդերը, մտքին դաստիարակներն էին Բիւզանդ Քէչեանը, տէր եւ տնօրէն խմբագրապետ « Բիւզանդիոն » հայաթերթին, այսօր տժգոյն անուն, բայց 1900ին՝ աւելի քան կիսաստուած մը, որուն թերթը աւետարանն էր մեր քաղքենիին, կարդալ գիտցող արհեստաւորին, վարժապետին ու տէրտէրին: Երկրորդ կիսաստուածը՝ Երուանդ Տէր /176/ Անդրէասեանը որ, ըսի անգամ մը, Նայէ Ֆրայէ Բրէսէ էն տաքը տաքին գերմաներէն հանրահռչակ, դիւանագիտական տեսութիւններ կը փոխադրէր իր թերթին, « Մանզումէ »ին, անշուշտ որոշ իմաստութեամբ մը, մրցումը վառ ու յաջող կերպով մը շարունակելով ընդդէմ « Բիւզանդիոն »ի։ Ու կային « Սուրհանդակ »ը, « Ճէրիտէ »ն, նոյն մարդէն ձեռնարկուած, հայերէն եւ թուրքերէն հանդէսնե՞րը։ Անշո՛ւշտ։ Բայց իմաստ մը չկայ այս ամէնը թարմացնելուն մէջ։ Մեր գրականութիւնը փոքրութիւն, փոքրոգութիւն միայն ի վիճակի էր մեզի մատուցանելու։ Անզուգական քերթողուհի էր Տիկին Սիպիլը։ Աննման բանաստեղծ՝ Աղեքսանդր Փանոսեանը, Թովմաս Թերզեանը, Մկրտիչ Աճէմեանը։ Մեծիմաստ գրագէտ էր Ռէթէոս Պէրպէրեանը։ Այս անունները հոս դառնութեան յիշատակներէ աւելի են։ Ունէինք չունէինք Զօհրապը ունէինք, որ երկու տարին տեղ մը իր ողջ մնալը կարծես յիշեցնելու համար, սանկ ու նանկ պատմուածք մը կը նետէր հրապարակ, ստեղծելով ընդարձակ աղմուկ։ Այն երիտասարդութիւնը, որ աւելի վերջը հասակ պիտի առնէր (Գեղամ Բարսեղեան, Միսաք Մեծարենց, Շաւարշ Միսաքեան, Վահրամ Թաթուլ մէկ կողմէն եւ, միւս կողմէն՝ պիտի տար անունները Հրանդ Նազարեանցին, Մերուժան Պարսամեանին, Ենովք Արմէնին, Փայլակին, Լեւոն Մեսրոպին) իր հոգիին իսկ խորը կը կրէր իր կորուստին սերմերը։

Ամբողջ շրջաններ վերլուծեցէք, ձեր ուզած ձեւովը։ Գաղափարը, իբրեւ հաւաքական խռովք, խանդ, կիրք, տագնապ երբեք պիտի չգտնէ ո՛չ ծաւալ, ոչ ալ հաղորդական ջերմութիւն, որպէսզի արուեստի գործ մը յղի ընէր։ Ատկէ՝ գաղափարին տառապանքը, որ այլեւս Օշականի մը գործը չի զարներ, այլ կ՚ըլլայ ամբողջ Արեւմտահայ գրականութեան տառապանքը։ Անշուշտ, աւելորդ պիտի ըլլար այսպէս սահմանաւոր կրթանքի մը վրայ ընթացք տալ ուրիշ նկատողութիւններու։ Կը համադրեմ՝ հարցը։ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ հաւաքական գաղափարաբանութիւններ շատ հազուադէպ իրողութիւններ են։ Կրնանք իբր այդ նկատի առնել Մխիթարեան յղացքը, անշուշտ գրականէն դուրս ստորոգելիներով։ Կայ Զարթօնքի սերունդին ծանօթ հանգանակը, դարձեալ գրականին հետ շատ տարտամ աղերսով մը։ Ուրիշ մէկ կերպարանքը՝ այդ մտահոգութեան, մեր ռոմանթիք թատրոնը, ընտանի քնարերգութիւնը։ Կրնաք ներս առնել այս սեղմ շրջանակէն Դէպի իրապաշտները սերունդին հիմնովին գրքունակ, վարժապետական մտահայեացքը։ Իրապաշտներուն մօտ առաջին անգամ գրական յղացք մը կ՚ուրուանայ, /177/ կը թանձրանայ, բայց կարիքը չի զգար կամ կ՚ըլլայ անընդունակ ծանր յոյզին: Մեր յեղափոխութիւնը, մահացու կրթանք մը, չիջներ զանգուածին։ Ուրի՞շ։ Բայց եպիսկոպոսներու քարոզները, երկինքի եւ երկրի արքայութիւնները, խաչին ու չարչարանքին ճառասացութիւնները։ Ուրի՞շ։ Գրաբարի եւ աշխարհաբարի գորտամենամարտ: Ու կը կենամ։

Գաղափա՞ր մը, հայ-թուրք հարցը։ Չեմ կարծեր։ Է՛ ասիկա ամենէն խռովիչ, հաղորդական, համադրական տագնապը Արեւմտահայ գրականութեան։ Այս մասին ո՛չ մէկ տարակոյս։ Այդ տագնապէն արեւելահայ վիպասան մը մեծ գործեր աշխատեցաւ հանել։ Այդ տագնապը դարձեալ ի զօրու է Օշականի վէպին ներսը, բայց տարբերութեամբ մը։ Երբ Րաֆֆի կը գրէր իր վէպերը, իր հետը ունէր քանի մը միլիոն սիրտերուն ամբողջ ծորումները։ Մեր ժողովուրդի հոգիին բոլոր բջիջները բաց էին այդ խռովքին, առնելու, ինչպէս տալու համար սրբազան սարսուռը։ Այդ զգացումը զայն չեմ կրնար գաղափար անուանել հոս ամենէն խորունկ, հեռահաս, իրաւ թրթռումն էր բոլոր հայերը մէկ վառարանի շուրջ համախմբող։ Այդ տագնապէն հանուած արուեստի գործը ինքնին փառք մըն էր, կարիք մը, հոգեղէն հացը հազարներուն։ Վասնզի չկար մէկը անոր անկարօտ։ Օշական կը գրէ իր վէպերը 1930էն վերջը։ Այսինքն՝ շրջանի մը, ուր մեր մտաւորականութիւնը յանուն անքաւելի պոռոտախօսութիւններու, սոփեստութիւններու իրեն օրակարգ էր ըրած ո՛չ միայն հաշուեյարդարը այդ մօտիկ անցեալին, այլեւ կը պարզէր աւելի ստորին հոգեվիճակ մը, ծաղրանքի առարկայ ընելով ամենէն առաջ այդ սրբազան զգացումը իբր շովինիստական, հոսհոսեան, անխելք, ազգադաւ գործողութեան, յարձակելու համար անոր գործաւորներուն վրայ ու ներելով նոյն ատեն անսրտութիւն մը, որ վեր էր անպարկեշտութենէն։ Ան ի՜նչ մեծ խօսիկ բառերով հաշիւը կ՚ուզէին թափուած արիւնին, առանց Պիղատոսներ իսկ կարենալ ըլլալու ու կը հարցնէին, իրենց մռայլ, թշուառ մանսարտ ներուն բարձունքէն ի՞նչ տուած էին իրենց երէցները։ Ի՞նչ տուած էին մեզի մե՛ր երէցները, որպէսզի տայինք, տուած ըլլայինք իրենց ուրիշ բան: Նորոյթէ դուրս էր մեր կէս դարը, այսինքն՝ զայն լեցնող բոլոր յոյզերը, գաղափարները՝ կրնայինք ճշդել։ Հնոտի բան էր խօսիլ մեր զոհողութիւններէն։ Եղան, որ մեր վրայ գործադրուած զուլումը մեր ստեղծածը որակեցին։ Սփիւռքի դժխեմ պայմանները մեր երիտասարդութիւնը ըրած էին աւելի քան անմարդկային։ Տարիներով նոյն դատին սպասարկու տղաք, փուճ, բոլորովին անձնական, չը/178/սելու համար կնիկական հարցերէ գերագրգիռ՝ իրարու դէմ կ՚ելլէին, իրար անուանարկելու մէջ պարզելով ամբողջ ճահիճ մը հոգեղէն դիրտի։ Այս երիտասարդութիւնն էր, որ երէկի կուռքերը կործանելու իր կիրքին մէջ, ինքզինքը իրաւասու կարծեց մեր գրականութիւնը իրեն մենաշնորհ նկատելու եւ ֆրանսական ջրդեղով կոկուած հայերէն մը բաւ սեպեց իր ուրացումները պատգամելու։ Օշականի վէպը կը գտնէր մէկ կողմէն այս ապիմաստ երիտասարդութիւնը, միւս կողմէն՝ իմաստամերժ ամբոխը Սփիւռքին կայաններուն։ ..

Անշուշտ ուրիշ բան է վիճակը ։ Ուրիշ բան՝ մտայնութիւնը ։ Բոլորովին ուրիշ բան՝ գաղափարագրութիւնը, որ կշտացնէր սերունդ մը, առնուազն վիպողի մը գործը արգասաւորէր։ Կը յիշեմ (թող ներուի այս յաճախանքը) Տոսթոեւսկին, որուն վէպերը հաւասարապէս տրամաներ էին ու գաղափարագրութիւն։ Բայց աւելորդ՝ յիշել, թէ նոյն ատեն այդ վէպերը այսքան կենսունակ ընծայող գաղափարները օրուան ամենէն հզօր տագնապները կը կազմէին հարիւր միլիոնը անցնող մարդկեղէն համախմբումի մը։ Տոսթոեւսկի չէ մեկնած թեզէ մը, զայն պաշտպանելու նեղմիտ ու փոքր մտահոգութեամբ, ինչպէս են Տիւմա Որդիի թատրոնն ու վէպը, Զոլայի կառոյցները, Իպսէնի եւ Պէռնար Շոյի գործերը։ Պուրժէ, Փորթօ-րիշ, Հերվիոյ, բոլորն ալ ձգտումի մարդեր ու գաղափարներու հեշտանքովը ճամբայ ինկած գինովներ (չեմ ներեր ինծի հոս անունը տալ Լեւոն Սեղբոսեանին, որ իր ջրվրայ տիալոկովը կը յաւակնէր կարաւանին խառնուիլ, վէպ ու թատրոն տալով, վսեմ, որքան տրտում միամտութեամբ մը մեծ բան մը ընողի)։ Բայց բոլորն ալ գոնէ հասցէի մը վրայ իրենք զիրենք յարմարցուցած։ Կայ Ռոմէն Ռոլանի « Ժան Քրիսթոֆ »ը, Փրուստի համադրական ձեռնարկը (A la recherche du temps perdu), պատերազմէն վերջ Ժիւլ Րոմէնի Les hommes de bonne volontéն։ Ըլլալ պէտք է համեստ ու դնել Օշականի վէպը իր ժողովուրդին ընկալչութեան ծոցը։ Այն ատե՞ն։ Դուք ձեր կարգին կ՚ըլլաք համեստ։

Եթէ երբեք մեծ, համապարփակ գաղափարագրութիւններ մեզի համար արգիլուած գօտիներ եղան (Օշական գաղիացի կամ ռուս վիպասան մը չէ, այս վճիռէն ազատ մնալու համար), գաղափար իրողութեան հանդէպ մեր վէպը, իր կարգին, չեղաւ ընկալուչ: Դուք երբեք մի մտածէք ծիսաբեր վէպերուն մէջ կոկոզավիզ բազմող մտածումներուն։ Անոնք ընթերցումներէ կտրուած, ընդօրինակուած, յետոյ ճարտարութեամբ բաշխուած ծաղկաքաղային կտորներ են։ « Սեւ լեռի մարդը », մա՛նաւանդ « Անգլիական նամա /179/ կանի »ն կազմակերպուած խմբագրականներու ծանծաղացումը կը ճշդեն։ Ծերենց ազատ զգալու համար ինքզինքը, այսինքն՝ իրաւ գաղափարագրութեան մը պատկանելու պատասխանատուութենէն փախչելու համար, առագաստները լայն կը բանայ դէպի անցեալին ջուրերը ու… կը մտածէ երբեք մեր կեանքին վրայ չպատահած իրողութիւններ։ Լեւոն Սեղբոսեանի վէպը իր նիւթերը կը դնէ - գաղափարները այդ ձեւը կ՚առնեն, մեր հասարակութեան մատչելի ըլլալու համար ու կը ճամարտակէ, երկար-երկար վիճաբանական էջերու վրայ, խօսեցնելով ու խօսեցնելով, ու հազիւ-հազ մտքէ անցնելով, որ այդ մարդերը գործելու ալ պարտք մը ունին: Օշականի վէպին մէջ մտածելու որոշ ախորժակ մը կը հաստատենք։ Անորն է նորութիւնը, գէթ մեր մէջ, պատմումը կասեցնելով, խորհրդածութեան շարքեր կրկէս նետելու։ Առաջին ակնարկով այդ մտածումները կը թուին անտեղի, առնուազն ոչ-տեղի։ Բայց երբ կենաց լրջութեամբ, պիտի զգաք որ անոնք օդաքարի նման չեն իյնար գործողութեան դաշտին, անկիւնին։ Անոնք գործողութիւնը չեմ ըսեր բացատրող, գոնէ լուսաւորող ընդլայնումներ են։ Երբեմն տող մը։ Երբեմն կէս էջ։ Երբեմն էջերու հասակով։   Որն ալ ըլլայ իրենց առած ձեւը, այդ մտածումները իրենք իրենց միշտ կը պահեն հաստատ բարիքը հաստատ մտածումին։ Չեն գրական, այսինքն՝ հռետորական, որմէ նմոյշ կու տամ Չերազի, Եղիայի, Պէրպէրեանի, Չրաքեանի մտածումները։ Չեն աճպարարական, ինքնատպութեան, ուրիշները զարմացնելու համար թարապիսքոթեալ թխումներ, որմէ նմոյշ կու տամ Զարեանին մտածումները։ Անոնք այդ պահէն, հոգեբանութենէն բխող ու ասոնք աւելի ընդհանուր, աւելի տարածուն, աւելի մարդկային ընելու ծառայող գործողութիւններ են դարձեալ, բայց մտքին մէջ, մտքի էգրանին վրայ գործադրուած։ Հաւաքեցէք « Մնացորդաց »էն այդ ընդմիջումները, դուք կ՚ունենաք գիրք մը, որ դարձեալ ինքիր մէջ ունի տարողութիւն, մեր հոգիին վրայ որոշ լոյսերով ու մեր տարիները մեզի հասկնալի ընծայող կշիռով մը։ Եղան, որ մեղադրեցին վէպը ընդհատելու այս թեքնիքը, գաղափարներու սա խուժումը վնասակար գտնելով գործողութեան գնացին։ Այդ մարդիկը վէպը ըմբռնելու իրենց եղանակը կը պաշտպանէին։ Օշական յայտարարած է, որ վէպը իրեն համար բաց թուղթ մըն էր ։ Անիկա իրեն իրաւունք կու տար այդ բաց դաշտի վրայ նետելու ինչ որ կը նկատէր յարմար, գործողութիւն, կիրք, սարք, ապրում, յոյզեր, մտածում, որը որ ուզէր, հերիք է, որ նետուած տարրերը արժէքով մը ըլլային երաշխաւորուած եւ ոչ թէ աւազի /180/ հատիկ։ Ուրիշներ ամենէն աւելի այդ մտածական էջերը կը յայտնէին սիրած ըլլալ։ Ասոնք ալ վէպը արհամարհելու պատրուակ գտնող մարդեր էին։

Օշականի վէպերուն մէջ մտածումները, ափերով ճարելի, չեմ ըսեր գանձեր, գէթ ոչ-հասարակ, առնուազն կեանքով պաշտպանուած փորձառութեանց պատգամներ են, հոգիին ամենէն խոր ալքերէն վերբերուած։ Անոնք քով քովի երբ բերուին՝ չեն կազմեր անշուշտ մտածելու դրութիւն մը։ Բայց կան աւելի պարկեշտ վկայութիւններ։ Կեանքը կ՚ապրինք կամ զայն կը տանինք, կը փոխադրենք կեանքէն վեր տարածութեան մը վրայ, աւելի ընդհանուր, որով աւելի իրաւ թերեւս։ Իմաստասիրական դրութիւնները, միտք ըլլալէ առաջ, խառնուածքներու արտայայտութիւններ են։ Մտածումներն ալ, բառ ըլլալէ առաջ, կեանքի թրթռումներ են, աս ու այն ձեւով մեր ներսը առաջացող։ Կարդացէք Օշականի վէպին մտածումները, պիտի չնեղուիք, եթէ երբեք այդ ազատագրումը տուած էք ձեր ուղեղին։ Չմեղադրեցի Փրուստը կարդալ չկրցող մեր գրողները։ Բայց իմ կարգիս խորունկ էր իմ խանդավառութիւնը Փրուստի զեղումներէն։ Դրութիւն մըն է իմաստը վէպին մարմինին սեռ մը նկատելը։ Ուրիշ դրութիւն՝ իմաստի մը ապացուցումին համար վէպ յարդարելը։ Բայց աւելի պարկեշտ բան մըն է, կը կարծեմ, վէպը այսինքն՝ գործողութիւնը եւ իմաստը այսինքն՝ արարքներէն վեր ու վար գոյ, սակայն քիչերէ միայն զգալի ուրիշ գումար մը ապրումներու - չզանազանել իրարմէ, հերիք է, որ արարքէն մեր ստացած յոյզերը չհակասուին զանոնք կենսաւորող խուլ, անհաս ուժերէն։ Այս վերջին պարագան դուք յայտնի կը զգաք Տիկին Տիւսաբի վէպերուն մէջ, ուր արարքն ու իմաստը թէեւ քով քովի, բայց հիմնովին իրարու օտար հիւրեր կը թուին։ Օշական մտածելու համար չի մտածեր: Կու տամ մեքենականութիւնը բացատրող օրինակ մը։ Առէք պարագան ոճիրին, որուն մէջ թուրքը ընտանի կը զգայ ինքզինքը ։ Արդ, ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ այս իրողութիւնը։ Կրնանք բնազդները, ասոնց շրջափոխումին համար ժամանակի անհրաժեշտ խաւէ մը այդ ժողովուրդին զուրկ ըլլալը վերջոյ երեք-չորս դար ուրիշներուն քաղաքակրթութիւնը կործանել չի նշանակեր քաղաքակրթութիւն ստեղծել, որ ոճիրին հակոտնեան է հոս), պատմութեան բեմին վրայ ալ այդ ժողովուրդի պաշտօնականացած ոճիրով ապրիլը, այս պայմաններուն ծնունդ՝ ազգային խառնուածքը, ազգային նկարագիրները նիւթ ընել վերլուծման։ Ինչպէս կը տեսնէք, այս processusը ո՛չ ակադեմական է, ո՛չ վարդապետական։ Միակ իրա/181/կան կալուածը մարդ–կենդանիին խորհուրդները քիչ-շատ լուսաւորելու ատակ՝ պատմութիւնն է, ո՛չ թէ գրուածը, այլ ա՛յն, զոր կ՚ապրինք ամէնքս։ Առնուազն քսան մը բիւր դարերու վրայ մորթող եւ ուտող բնազդներ չեն կուրնար չորս-հինգ դարու հակազդեցութիւններով։ Այն ստեպներուն վրայ, ուրկէ կու գան թուրքերը, կեանքը թերի է ու դժուար։ Այսօրուան եպարքոս փաշային արիւնը չէ անցած յաջորդական բաւարար միջավայրերէ։ Գիտութիւնը թոյն մը մինչեւ 606 անգամ արիւնէ արիւն (ներքին միջավայր), անցընելէ վերջը յաջողած է սանձել անոր աթուներուն մահացու տարողութիւնը, զայն վերածելու համար բարիքի ( արսընիքին կրած ազդեցութիւնները)։ Ու կը բացատրուի, որ բոլոր նոր ժողովուրդներուն մօտ ոճիրի սա ձգտումը ոչինչ ունի գիրքերով ուսանելի մարդակեդրոն բարոյականին հետ, որ հնարք մըն է, թէեւ բարերար։ Անշուշտ, ծիծաղելին՝ այս կերպ մտածման վրայ շեշտ դնելու տոնքիշոթութիւնն է, վասնզի նոյնքան ստոյգ է, որ կան նոր ժողովուրդներ ոճիրին գարշանքը ազգային նկարագրի բարձրացնող։ Ուրե՞մն։ Օշականի մտածումները չեն առաջարկեր մարդկային տառապանքին դարմաններ։ Հոս կը տարբերի անիկա մեր վէպին մէջ իմացապաշտ ձգտումներէն։ Կը մտածէ ու կ՚անցնի։ Ազատ էք զբաղելու, մերժելու։ Տիկին Տիւսաբի պայքարը, գաղափարներով անշուշտ, ոչ մէկ Մայտա չէ ըրած առնուազն քիչ յիմար։ Այդ վէպը կարդացող կիները այդ գաղափարները թերեւս արժեւորեցին իբր թուղթի վրայ համով բաներ, բայց միտքերնուն չանցուցին պարզագոյն իրենց իրաւունքը, շիտկէ շիտակ սիրելու իրաւունքը ենթարկել այդ պատգամներուն։ Առէք ուրիշ օրինակ մը. կ՚ըսեն, թէ անհատական կեանքի մէջ անգլիացին պարկեշտագոյն մարդն է ու իր կայսրութեան օրային, պատգամին, խորհուրդին մէջ՝ ընդունակ ամենէն անպարկեշտ միջոցները գործադրելու։ Փարատոքսը համոզիչ է ինքնին։ Ամէնքս ալ գիտենք, թէ որքան բծախնդիր բարոյամոլութիւն մը այդ փասթէօրներու ժողովուրդը տոգորած է անձնական կեանքի հարցերուն մէջ։ Ու նոյնքան ստոյգ է, ամենօրեայ ստուգութեամբ մը, նենգ Ալպիոնի հեքիաթը։ Ուրե՞մն։ Փնտռել երեւոյթը հասկնալի ընող ազդակներ ներելի՛, եթէ երբեք այդ ազդակները եղջերուաքաղէն չեն հնձուիր։

Oշականի վէպին մէջ մտածումները չեն գտած այն փաղաղիչ հանգամանքը, զոր կը գտնենք Տոսթոեւսկիի վէպերուն մէջ։ Կ՚ընդունիմ։ Բա՛յց։ Անցողակի մօտեցայ այդ մտածողութիւնը թելադրող մտքի, հոգիի, սրտի վիճակներուն, որոնք աշխարհի մէկ վե/182/ցերորդին մէջ հզօրագոյն իրականութիւններն էին։ Այսօր կը զարմանաք, որ ինչպէս հելլէն սքանչելի իմացականութիւնը իւրացուց (գաղիացիք ունին աւելի պարկեշտ բառ մը épouser) թանձր Արեւելքին արիւնոտ միսթիքը եւ ստեղծեց քրիստոնեայ հայրերու գաղափարաբանութիւնը։ Բացատրել երեւոյթը ո՛չ դժուար է եւ ոչ ալ անկարելի։ Այդ միսթիքը մարդկային վիճակ մըն է, ամէն դարու երեւցող։ Բոլոր պատմական մեծ դղրդումները, չըսելու համար յեղաշրջումները, արդիւնքն են նման միսթիքներու։ Ու ձեր աչքերուն առջեւ, քառորդ դարու մը վրայով ունեցանք իրարմէ գերազանց, իրարմէ աւելի արիւնազանգ միսթիքներ։ Թուրք, իտալական, գերմանական, ռուսական միսթիքները, երկու պատերազմներուն միջեւ։ Կա՞ր, այդ երկու Մեծ Պատերազմներուն ընդմէջ եւ անոնցմէ առաջ հոգեվիճակ մը, որ միսթիք մը ըլլար մեզի համար, բացի հայ-թուրք հարցէն, ու ասոր ամենէն խռովիչ բայց խորհրդանշական կերպարանքէն, հայ յեղափոխութենէն ։ Արդ, ծանօթ երկասացութիւնը (փաշային եւ յեղափոխականին միջեւ) գտած է փաղաղիչ այդ հանգամանքը ։ Շատ մը տեղերէ նամակներ կը հասնէին ինծի, իրենց վրդովումը յայտնող, քանի որ երկասացութեան մէջ թուրքին փաստերը աւելի տիրական, աւելի իրաւ կը հնչէին ու հայունը այնքան քիչ, պզտիկ։ Ասիկա ապացոյց մըն է, որ վէպը, իր այդ մասին մէջ կը շահագործէր խորունկ կիրքեր։ Նման վիճակներու վրայ բարձրացած խորհրդածութիւններ դուք կը հանդիպիք « Սահակ Պարգեւեան » վէպին մէջ։

Հեռու՝ բեռ, շեղում, մեղք ըլլալէ, մտածումը Օշականի վէպին մէջ պարկեշտ, անշահախնդիր, հարցերը ճակատէն դիտելու մէջ անվախ ճիգ մըն է։ Յետոյ, հոգեբանական վերլուծումներուն իրերանցիկ երկարաձգումն ալ (որ Օշականի վէպին մէկ ուրիշ մեղքը կը կազմէ, ընդհանրացած հաւաստումներով) մտածական այդ երկասացութեանց մէջ ստիպուած է հպատակիլ խօսքին քալող, աւելի հարազատ բառով մը` գնայուն նկարագրին։ Այս իսկ բարիքով պաշտպանուած, այդ մտածողութիւնը շատ մը, ինքնաբուխ պայման մը, արժանիք մըն է այդ վէպին։ Անոնք, որ կ՚ախորժին այդ կարգի մարզանքներէ, կը կարդան զանոնք, առանց նեղուելու։ Անոնք, որ նման ախորժակներ չեն ճարած իրենց մտքին, կը թաղուին գործողութեան հեղեղին մէջ, որ դարձեալ այդ վէպին մէջ ինքզինքը պարտադրելու երբեք չի թերանար։ Ուրիշ բարիք՝ այդ մտածումներուն գիրք, դպրոց, դրութիւն, գիտութիւն, իմաստասիրութիւն չհոտիլը։ Անոնք կը բխին ընթերցողին աչքին իսկ առջեւ։

զ) Ճարտարապետութիւն: Խոշոր կը թուի տարազը։ Բայց /183/ իրականին մէջ կը ձգտի ծածկել վէպ մը կառուցանելու պարզագոյն օրէնքները։ Զանց կ՚ընեմ՝ վէպի տեսակներուն վրայ գիրքերուն պատգամները, զանոնք մասնաւորող ոճի (կառուցուածքէ) պարտքերը, թերեւս շահեկան, բայց որեւէ լուրջ գրականութեան պատմութեան մէջ լայնորեն օգտագործելի։ Զանց կ՚ընեմ թերեւս անոր համար, որ Օշականի յայտարարութիւնը մէջտեղն է, վէպը ճերմակ թուղթ մը դաւանող։ Այսինքն։ Ա՛ն՝ որ այդ վէպին աշխատաւորը բոլոր ոճերուն (միշտ իմացէք ճարտարապետական երանգի մը մէջ այս բառը) հետ մտերմութիւն ունեցող մարդ մըն է ու շատ կանուխէն դիտած է, որ բոլոր օրէնքները արուեստի գործերուն շուրջ, օրէնքներ են խառնուածքէ մը բխող։ Ամէն արուեստագէտ իր ոճը կը բերէ հետը։ Կաղապարները օգտակար են անոնց համար, որոնք սահմանուած են մինչեւ վերջը աշկերտ մնալու։ Օշականի « Խոնարհները » իրենց նմանը չունէին իբր նիւթ ու կառոյց։ Անոր բանաստեղծական վիպակը դարձեալ կը զատուէր մեր նորավէպէն։ Օշականին ծանր վէպերը չէին կրնար տարբեր ճակատագիր մը դիմաւորել։ Օշական անշուշտ ինք չէ ստեղծած իր ոճը, վէպ մը կառուցանելու: Այդ վէպին օրէնքները, ոճը մենք կը կասկածինք ԺԹ. դարու եւ քսաներորդին բոլոր մեծ վարպետներուն մօտ։ Կեանքին հանդէպ սէրը անիկա սորված է Սթանտալէն, բայց երեւելի վարպետին վէպերը դրուագային ու սեղմ, օրինակներ միայն կու տան։ « Ծակ-պտուկը », Սթանտալէն եկած դրուագները (որոնց թիւը Օշականի այդ վէպին մէջ քսանը չանցնիր) կը վերածէ լայն կառոյցներու, զանցելով Սթանտալին սեղմութիւնը, ընդարձակելով կաղապարը, հոն թափելու համար փրուստեան վերլուծում։ Մտածումի հանդէպ սէրը անիկա ժառանգած է ռուս վիպասանէն։ Բայց իր տիալոկները կը ձգտին առանձին վէպեր դառնալ վէպին մէջ։ « Քարամազով եղբայրները »ին մէջ հաւատաքննիչին հեքիաթ էն Օշական շատ բնականութեամբ մը հատոր մը պիտի տանէր, նոյնքան սիտ, նոյնքան իրաւ տարրերու հանդէսի մը վերածելով այդ քսան էջնոց պատահարը։ Վերլուծումին համար իր տարփանքը անիկա անշուշտ պարտական չէ աս ու ան վարպետին, բայց իր տառապանքն է օտար ճարտարապետութեանց բոլոր յանդգնութիւններէն իր արգիլուած մնալը։ Իր ժողովուրդին գրական ընկալչութիւնն է հեղինակը այս տագնապին։

Վախով գրուած են իր երկու մեծաշունչ աշխատանքները։ Ատոնցմէ մէկն է իր վէպը։ Ըսի, թէ ինչ պայմաններու մէջ ծնունդ է առած այդ արկածախնդրութիւնը։ Ուրիշ որակում պիտի չկարենար ճշդել հոգեկան վիճակը գրողին, որ կ՚անցնի իր սեղանին, ձե/184/ռագիր մը աւելի ձգելու համար թուղթերու դէզին, երբ գիտէ, որ մեր ձեռագիրները յաճախ ինչ բախտի կ՚արժանանան։ Օշականի վէպին սա բացառիկ ճակատագիրը ուրիշ տեղ ես կ՚առնեմ նկատի, հոս քննելն է իմ նպատակը այդ վէպին կառոյցը։

Բայց ատկէ առաջ դիտողութիւն մը։ Խօսեցայ, որ « Մնացորդաց »ի արգանդէն զատուած էին ա) « Մաթիկ Մելիքխանեանց », առանձին մշակուած կէս հազարը անցնող էջերով, բ) « Հաճի Մուրատ », միջակ ծաւալով վէպ մը, գ) « Հաճի Ապտուլլահ », դ) « Սիւլէյման էֆէնտի », վերջին երկուքը ֆրանսական երեք հարիւր էջնոց վէպերուն կաղապարովը։ Համագումար` 1200 էջ, այսինքն՝ « Պատերազմ եւ խաղաղութիւն » վէպին ծաւալը։ Ու գիտնալու էք, որ այս չորս անձերը « Մնացորդաց »ի հերոսին հետ քանի մը գիշերուայ բանտակցութիւն մը ունին հասարակաց։ Բայց ահա պարագային իրաւ, մարդկային կողմը։ Չորսն ալ մահապարտներ են։ Մահը լուծում մըն է։ Կրնայ իր քաղցրութեամբը, վայրագութեամբը, կսկիծովը մեզ յուզել։ Բայց վէպը վերջաբանով չապրիր։ Անիկա մարմին մըն է, մահուան ծոցը իյնալէ առաջ։ Օշական, արդարօրէն, կը խորտի նախամաճին, այսինքն՝ կեանքի այն հանդէսին, որ իւրաքանչիւր մահապարտը կը պաշտպանէր, նախ քան նկուղը, գերեզմանը հարիւր մէկ տարուան արգելափակում էին։ Խորհած ունի՞ք ձեր կարգին, սա իրականութեան։ Կեանքը ո՛չ բարիք է, ո՛չ չարիք, առանձնաբար։ Վիպողը ունի՞ անոր դէմ պարտքեր։ Կ՚ենթադրեմ, առնուազն զայն թուղթին սեւեռելու այնքան իրաւ, որքան էր անոր հիւսքը մարդոց ջիղերուն վրայ, մահապարտի նկուղէն առաջ։ Ու անխուսափելին տալ այդ կեանքը, իր լիութեանը մէջ, որպէսզի ըլլային յստակ մահու գիր այդ մարդերը։ Եւ որովհետեւ ոճիրը երկավանկ բառ մըն է թուղթին վրայ, երկու հարիւր տարուայ խտութիւն ունի երբ կ՚ապրուի, ինքնին կը լրջանայ, երբ իրմէ առաջ կամ իրմէ վերջ ու լոյսին մէջ այդ կեանքը իյնայ թաւալման։ Օշականի հերոս այդ վիճակներու ընդմէջէն է, որ կը յօրինեն իրենց հոգեղէն դրութիւնը։ Արդ, այս ձեւ կեցուածք մը կեանք որակուած երեւոյթին դէմ, հարկադրաբար պիտի զանցէր ծանօթ ոճերը, պիտի ստեղծէր իրը։ Օշականի վէպին ճարտարապետութիւնը կու գայ ուրեմն կեանքին դիմաց կենալու իր մասնաւոր եղանակէն։

Այսպէս ճշդելէ յետոյ ծագումը այդ ոճին, արագ կ՚անցընեմ աչքէ.

ա) Անոր ընդարձակութիւնը, որ կը ձգտի թելադրել մեծ կառոյցները կարելի ընծայող տարածքի յղացքը։ Դրէք ձեր վէպին /185/ յատակագիծը։ Ատիկա պիտի նշանակէր ձեր շէնքին գետինը շրջափակել։ Կեդրոնակա՛ն բարդ շինութիւնը։ Լաւ։ Բայց ատիկա անբաւական է, կը դառնայ շատ շուտով, երբ ձեր վէպը պիտի օգտագործէ ուրիշ ալ մշակոյթներ, աշխարհներէ հոգեղէն խտութիւններ։ Ստիպուած ձեր յատակագիծը կը նեղցնէ իր ծիրը, ներս առնելու համար նոր հողեր։ « Մնացորդաց »ը կը սկսի ժամ ու նեղ փողոցէ մը ու պիտի աւարտի Միջագետքի մէկ անապատին մէջ։ Երկու եզրերուն ընդմէջ ամբողջ կայսրութեան մը գօտիները։ Համաձայն շրջանակին ընդլայնումին, վէպն ալ կը բանայ իր սահմանները եւ կը բարդանայ, պահելով անշուշտ հիմնական կառոյցին կաղապարը անխաթար։ Յետոյ, փոխադրական միջոցներով չէ, որ կը կտրէք-կ՚անցնիք տարածութիւնը Օշականի վէպին մէջ։ Դիւրին է վէպի մը գործողութիւնը Պոլսէն փոխադրել Ամերիկա… շոգենաւով։ Oշականի վէպին մէջ այս տարածումը կը կատարուի հանգրուան առ հանգրուան, գեղ, քաղաք, յետոյ անապատները։ Իւրաքանչիւր հանգրուան, իր կարգին, ըլլալէ առաջ Իջեւան մը, կեանքի մանրամասն սեւեռուած դաշտ մըն է, ուր գործող մարդերը կը գտնեն զիրենք հոն նետող կիկլոնին աննուաղ ուժգնութիւնը, դարձեալ ամենազօր։ Յաւելումները, թէեւ նոր ու անակնկալ, պիտի չխանգարեն կառոյցին հիմնական նկարագիրը։ Նոր թեւեր, նոր մասեր, նոր տաղաւարներ ու գմբէթներ, որոնք պիտի ներդաշնակուին ընդհանուր միութեան մը բարիքին ներսը։ Այսպէս մտապատկերուած, Օշականին վէպին մէջ կառոյցին ընդարձակութիւնը հեռու վնասելէ, կը դառնայ ծանր, գրեթէ վեհաշուք գեղեցկութիւն մը։

բ) Յստակութիւնը, որ արդիւնք է գիծերու եւ կարկառներու ներդաշնակումին։ Ամէն ինչ, այդ շինուածքին մէջ, խիստ հոգածութեամբ մը, ինքզինքը կը պաշտպանէ, կ՚անձնանայ, բայց չի խանգարեր շէնքին ընդհանուր ոճը։ Որքան մարդեր, արարքներ, միջավայրեր ու մտայնութիւններ իրարու կը յաջորդեն, իրար կը հալածեն, բայց կը պահեն, իւրաքանչիւրը, իրենց նկարագիրները։ Ոչ ոք՝ այդ մարդերէն, որքան ալ ծանր ու շքեղ շնորհներ, դերեր, տարողութիւն պարզէ, չի տիրապետեր կեդրոնական անձնաւորութիւնը, որ իր բոլոր անբաւարարութեամբը ( Սողոմենց Սողոմը ), երբեմն փարթամ կատարելութեամբը ( Զաքարենց Զաքարը ), երբեմն սրտայոյզ գեղեցկութեամբը ( Սիւլէյման էֆէնտի ) ու նոյնիսկ գեղջուկ պարզմտութեամբը ( Հաճի Ապտուլլահ ) կը մնայ այդ աշխարհները իր ոճին մէջ, արգանդին մէջ պարտկող, ներդաշնակող։ Ըսի, թէ փոփոխութիւնը մէկ յատկանիշն է այդ շէնքին, բայց չի նշանա/186/կեր այլացում։ Առէք Հաճի Ստեփանը Ծակ–պտուկը »)։ Ճարտարապետութեան մէջ գմբէթ մը կրնաք նկատել զայն։ Բայց նոյն այս վէպին մէկ ուրիշ անձնաւորութիւնը, Հաճի Գրիգորը, օրինակի համար, հազիւ ուրուացած, կը գտնէ քանի մը խօսքով իր դիմագծին սրտառուչ յստակութիւնը, ինքզինքը կ՚ըլլայ, առանց հերքելու վէպին հոգին, ոճը։ Այսպէսով է, որ Օշականի վէպը իբր կառուցում, ստեղծելով հանդերձ ինքնատիպ ոճ, չի զառածիր դէպի քաջաղանքը, այլանդակեալը, խառնափնթորը։ Նոյն շունչն է, որ կը տաքցնէ ընդարձակ յօրինուածութեան ամենէն հեռու բջիջները, խորշերը։

գ) Թելադրականութիւնը, որ բոլոր խտութիւնները պաշտպանող առաքինութիւն մըն է։ Մեծատարած շէնքի մը հսկայական գմբէթ մը անշուշտ կը դառնայ կեդրոն մը, իրեն ձգելով, ամենէն առաջ նայուածքները։ Բայց նոյն այդ կառոյցէն փոքր ուրիշ կարկառներ, իրենց կարգին, չեն դադրիր այդ շչահեկանութենէն։ Գմբէթին տակ պատուհանիկ մը, նոյնքան խռովիչ է երբեմն։ Աւազան մը, սրահի թեւ մը, պատշգամ մը, աշտարակիկ մը, կարճ՝ ներդաշնակ ամբողջէն անջատուող ամէն մաս կը թելադրէ մէկ ու նոյն ոճը։ Այս օրէնքով է, որ Օշականի վէպին բոլոր մարդերը որքան ալ տարբեր մշակոյթներում, քաղաքակրթութեանց, արեան դրութիւններու պատկանին, կը պարզեն երանգի, թոնի, ոսկորի ո՛չ անշուշտ նոյնութիւն մը, այլ իրարու համար մարդկօրէն պահանջելի ընտանութիւն մը։ Օշականի թուրքերը, իրենց բոլոր վայրագութեամբը, կը թելադրեն սա տարօրինակ զգայութիւնը, զգացումը գրեթէ, որ մեր մէջ կը յառնէ հողէն, ջուրէն, երկինքէն մեր ներսը մթերուած դանդաղ, բայց անվրէպ ծորումներուն իբր գումար մը։ Մտիկ ըրէք եղանակը ժողովրդական երգի մը։ Դուք կը մտնէք, այդ եղանակին հետ՝ հոգիին մէջը այդ հողերուն։ Ի՞նչ կայ զարմանալի, ուրեմն, երբ նոյն տողերուն վրայ առնուազն քանի մը հարիւր տարիներ հասնելու դրուած ջիղերու խուրձեր, վերջ ի վերջոյ ստանան իրարու ընտանի ընկալչութիւն։ Քաղաքը, կրօնքը, պատմութիւնը, աւանդութիւնները, կիրքերը շատ–շատ վէտեր կարող են կազմել, հոգիին նոյնահիւսք կտաւին, բայց չեն կարող զայն այլակերպել։ Օշական չախորժիր պալզաքեան մանրամասն նկարագրումէն, որով մեծ վիպասանը կը հաւատար իր ընկերութիւնը նուաճել, ասոր թխումը եւ հետեւաբար զայն բնորոշող ամենէն իրաւ տարերքը ընդունելով տան մը ոճը, կահկարասին, արդուզարդը, քաղաքի մը՝ կերպարանքը, մարդոց զգեստները նոյնիսկ։ Պալզաք իրաւի մէջ էր ո՛չ միայն Ֆրան/187/սային համար, այլեւ՝ թերեւս բոլոր քաղաքակրթութեանց համար։ Իր ժամանակի նորեռանդն աշխատաւորը կը փափաքէր վէպը համադրական ձեռնարկ մը ընել (իր գործերը կը շօշափեն այդ ընկերութեան բոլոր հետաքրքրութիւնները, գործադրումները, հոգիի, ինչպէս մարմնի գետիններուն վրայ) ու հասնելու համար իր առաջադրած արդիւնքին, վէպէն ներս կ՚առնէր անոր հետ քիչ աղերս պարզող ուրիշ դիտողութիւններ։ Այսօր մաքուր պատրաստուած ալպոմ մը, որոշ խելքէ մը ծրագրուած, մեզի կու տայ քաղաք մը, հինգ-տասը վայրկեանի մէջ աւելի կատարեալ, վերջնական ձեւով մը, քան Պալզաքի տասը հատորները միասին, քանի որ բառը գոյն չէ, գիծ չէ, կարկառ չէ, ու ասոնք ըլլալու համար պիտի սպառէ ստեղծագործական խոշոր իսկութիւն ու պիտի լայնէ իր շրջանակը։ Պալզաքի վէպին հինցած մասը կու գայ այդ փառասիրութենէն։ Երբ աւարտէք « Հարիւր մէկ տարուան »ներուն շարքը, դուք աւելի մօտ էք թուրքին, քան ձեր կարդացած բոլոր նկարագրականներուն ձեզի թելադրածը պիտի արտօնէր ձեզի։ Աս է ահա Օշականի կառոյցին ձեր մէջը արթնցուցած ապահով, մասնաւորուած (spécifié) տպաւորութիւնը։ « Հաճի Ապտուլլահ »ը իրեն միջավայր ունի գիւղաքաղաք մը։ Անշուշտ ծանօթ էք կեանքին անհուն զանազանութեան, բաժանականութեան, ընդարձակութեան օրէնքներուն։ Ու պիտի ընդունիք, որ առօրեայ ապրումներուն ներքին տարողութիւնը կը բխի նոյն աղբիւրներէն, խորութեան, տիաբազոնի տարբերութիւններով։ Օշական չէր կրնար այդ գիւղաքաղաքը սպառել երեք հարիւր էջի մէջ։ Բայց կրնար այդ էջերը այնպէս մը յարդարել, որ անոնց մէջէն յառնէր համապատկեր իրականութիւն մը, ամփոփ, դուրսէն ամբողջ, ներսին վրայ լայն բացուածքներով, նոյն ատեն պատկերին վերեւ մթնոլորտովը հոգիին։ Արդ, ասիկա կատարուած է։ Հիմա, ընդհանրացուցէք այս եղանակը անոր բոլոր վէպերուն։ Դուք կ՚ունենաք նոյն մտատեսական (intuitif) թափանցումը տեղէ մը, ցեղէ մը, մշակոյթէ մը։ Ատիկա պարտադիր, անխուսափելի ճնշումն է անշուշտ այդ ամենուն պատկանելու։ Ատիկա գրագէտ մը, արուեստագէտ մը նոյն ընծայող օրէնքն է, որ կը տիրէ անոնցմէ բխող բոլոր գործերուն ու կը թելադրէ ոճ մը, ճարտարապետութիւն մը, իր մասերուն մէջ զանազանակ, բայց ամբողջութեան մէջ միագումար։ Ուրի՞շ է արդեօք սահմանը քարերուն աշխարհէն հանուած մեծատարած կառոյցի մը։

դ) Մեծութիւնը, որ դարձեալ աւելի է, քան ծաւալը։ Օշականի ծանր վէպերը կը խմբուին cyclique, խորունկ ձգտումներու /188/ իբր արտայայտութիւն։ Նախաբան մըն է « Ծակ-պտուկը »։ Աշխարհ մըն է « Խոնարհները »։ Շարք՝ « Հարիւր մէկ տարուան » երեք հատորները։ Շարք՝ (գէթ էին սահմանուած ըլլալու) «Եռանկար»ին երեք հատորները։ Շարք՝ « Մնացորդաց »ին երեք մեծ բաժանումները, քսան գիրքերու վրայ իրենք զիրենք տարածող։ Նոյնիսկ իր վէպը այսպէս ըմբռնելը մէկ էական տարրն է այդ ճարտարապետութեան։ Գործադրուած մասերը բաւ են պաշտպանելու ձգտումին լրջութիւնը, որքան կարելիութիւնը։ Ուրիշ ժողովուրդի մը մէջ ասիկա գրեթէ բնական փառասիրութիւն մը ինչպէս պիտի պաշտպանուէր հասարակութենէն։ Իրաւ է, թէ Մարսէլ Փրուստ իր գործին մայրութեան երկունքը չանցաւ ու աչքերը գոցեց սպառած, բայց Ժիւլ Րոմէն պաշտօնապէս խոստացաւ տարին երկու հատոր Les hommes de bonne volontéի համապատկերէն։ Մինչեւ պատերազմ (Երկրորդ) անիկա պահեց իր խոստումը։ Օշական նուազ յամառ աշխատող մը չէր։ Գիտէք, թէ ով կործանեց « Մնացորդաց »ը։ Ընդարձակ, շատ մեծ ձեռնարկներու համար մեր ժողովուրդին անընկալչութիւնը անբաւական պիտի գար անշուշտ տապալելու այդ աւելի քան յամառ գիւղացին։ Բայց կեանքը գոնէ ցամաք հացի մը գինն էր մեր գրողներուն ու պէտք է լռել…։ Գործադրուած մասին մէջ Օշականի ճարտարապետութիւնը մեզի կու տայ յստակ զգայութիւնը մեծութեան, որ հոս կ՚ընդգրկէ ամբողջը, ինչպէս մասերը։ Այդ վէպին մէջ գլուխները գրեթէ գիրքերու համեմատութեան հասած են։ Ոճիր մը հարիւր էջի վրայ ինքզինքը կը հիւսէ։ Մարդ մը, ինքզինքը ըլլալու համար դարձեալ, հարիւրէն վեր էջերու սպառումը կ՚ընէ։ Խօսակցութիւն մը, քիչ շատ ծանր հարցի մը շուրջ, կարօտ է հարիւրէն վեր էջերու։ Պաշարում մը, յարձակում մը, դիմադրութիւն մը իրողութիւններ են, որոնք հին դիւցազներգութեանց մեծղի կառոյցներուն նախասիրած հսկայականը կը գործադրեն։ « Սահակ Պարգեւեան » վէպը (աւելի քան եօթը հարիւր էջ, իբր տեւողութիւն ունի քսանըչորս ժամուան միջոց մը։ Ինչե՜ ր պիտի միջամտեն՝ լեցնելու համար այդ տեւողութեան չափը։ Մեծութեան հետ ձեր մտքին կը ներկայանան թերեւս անհեթեթը, այլանդակը, անոճը, ինչպէս է պարագան նախնական մշակոյթներու իրագործումներուն։ Օշական է՛ նոյն ատեն չափին, դաշնակութեան, մարդկայինին ուխտուած սպասարկուն։ Այս հակակշիռն է, որ ամէն մեծութեան սպառնացող վտանգը չափազանցութիւնը աւելի արտայայտիչ բառով մը՝ ռոմանթիզմը չենք զգար իր մօտ։ Բոլոր անոնք, որ « Մնացորդաց »ի հազարաւոր էջերը աւարտելու համար ունեցած են ժամանակ + բարեկամեցողութիւն /189/ + պարկեշտութիւն բերանացի կամ խօսքով յայտնած են իրեն իրենց տրամադրութիւնը տրուածին չափ ուրիշ հատորներ ալ հաճոյքով դիմաւորելու։ Արդ, « Մնացորդաց »ը թերթօն մը չէր։ Չէր իսկ հետաքրքրած գրագէտները։ Ուրկէ՞ անով ստեղծած այս տրամադրութիւնը։ Օշականի վէպին մէջ ծաւալի հարցը էջերով չէ պայմանաւոր։ Անիկա վէպը գործադրելու թեքնիք մըն ալ չէ իր մօտ։ Չի կրնար կեանքին հանդէպ խաբեբայ դառնալ ։ Եւ այդ կեանքը գիտենք, թէ որքան մեծ է մեզմէ շատերուն գլխուն կամ սրտին մէջ։ Ըսի, թէ անհեթեթէն, մեծղիէն (ու ասոնց թելադրած տհաճութենէն) զերծ էր այդ կառոյցը։ Ուրեմն, ես ինծի կը ներեմ այդ կառոյցին սա հանգամանքը նկատելու իբր օրէնքներէն մէկը անոր վէպին ճարտարապետութեան։

ե) Ներդաշնակութիւն, որ թէեւ արուեստի որակում, բայց անտեղի չէ սա էջերուն վրայ։ Օշականի վէպը, վերէն վար դիտուած կամ վարէն վեր, ինքը իր մէջ միութիւն մը ինչպէս կը տպաւորէ։ Խստութեան, դառնութեան, կիրքի եւ տառապանքի տարրեր, աս ու ան բաժանումին մէջ, թերեւս ըլլան աւելի զգալի, բայց չեն խանգարեր գործին ընդհանուր կերպարանքը։ Ապարանքներուն ներսն ալ կայ լոյսի խաղերուն սա տարբերակ հանդէսը։ Ներսէն, Օշականի կառոյցը հաւատարիմ է իր ոճին։ Դուրսէն, կարկառները կը մնան հպատակ նոյն օրէնքներուն։ Որքան ալ շատ ըլլան ձեր կտրելիք միջոցները էջերը ձեզի հետ ունիք այն ապահովութիւնը նոյնատարր, նոյներանգ ապրումներուն, որոնց գումարն է միշտ մարդկային ամէն կառոյց։ Ըսել, թէ չենք կարդար զայն, որովհետեւ մեզ չի շահագրգռեր, ըսել է աւելի տրտում բան մը, Օշականի վէպը կործանելու առաջ, ձեր իսկ ընկալչութեան աստիճանը մերժել։ Փրուստ կարդալու անկարող հայ գրագէտները անշուշտ չկործանեցին Փրուստ վիպագրին համբաւը, որ վէպին մէջ վերջին կարելիութիւնն է այսօր։ Զայն անցնիլ, կը նշանակէ նոր աշխարհ մը գտնել յաւակնիլ։ Օշական չի յաւակնիր, որ մեր վէպին տուած է վերջին կերպարանք մը։ Բայց կը յաւակնի, որ մեր վէպը իրմով շրջան կը փոխէ, այսինքն՝ կը փորձէ նոր, յանդուգն ճարտարապետութիւն մը։ Դուք, առանց նեղութեան, կը զգաք ասիկա, երբ ձեր մտքին բերէք արեւմտահայ վէպը իր երեք սերունդներուն ճիգովը պսակաւոր։ Վէպ մը չէ անշուշտ « Յուշիկք հայրենեաց »ը, թէեւ պատուական վարդապետը այդ փառասիրութիւնը կը թուի ըլլալ փայփայած, երբ պատմական իր անբաւարարութիւնը, անցեալներ վերկազմելէ, կը կարծէ փոխարինել պատմումին բարդելով երեւակայականին նպաստը։ Վէպ ըլլալէ ա/190/ւելի բաջաղանք են « Անգլիական նամականի »ն, « Սեւ լեռին մարդը », « Մայտա »ն, « Սիրանոյշ »ը, « Արաքսիա »ն։ Կը կենամ « Վարժապետին աղջիկը », « Անհետացած սերունդ մը », « Աղջկան մը սիրտը » գործերուն եւ իրապաշտ նորավէպին առջեւ, յանգելու համար մտադրութեան, ձգտումին, որոշ զիջումով մը նուաճուածին ալ արժանիքին։ Յաջորդ սերունդին մէջ վէպեր են « Սպասման սրահին մէջ »ը, « Անձկութեան ժամեր »ը։ Վէպը՝ « Ամիրային աղջիկը », եւ Արուեստագէտ սերունդին գաւառիկ թեւէն՝ բարքերու վիպակը։ « Ոսկի ապարանջան »ը, « Կարմիր ժամուց »ը դուրս չեն սահմանէն։ Այս անուանացանկին միտք բանի՞ն։— Ա՛ն՝ թէ մեր վէպը չէ հետապնդած իրեն յատուկ ճարտարապետութիւն մը։ Ան կ՚արձանագրէ, իբր այդ, ազդեցութիւններ, որոնք մեր գրողները գտած են, առանց իրենց ուզելուն։ Սփիւռքին վէպը՝ ուրիշ երեւոյթ։ Որ կը հպատակի բազմաթիւ հակասական ազդակներու։ Օշականին վէպը այդ երեւոյթներէն մէկն է անշուշտ, որ կ՚իրագործէ քանի մը սերունդներու համադրական ձգտումները։ Միամիտ ըլլալ պիտի նշանակէր այդ վէպը իբրեւ տիպար առաջարկել, դատելու համար, անոր օրէնքներովը, արեւմտահայ վէպը, «յընդհանուրն», ինչպէս կ՚ըսեն։ Բայց նոյնքան նանրամիտ ըլլալ է այդ վէպը յայտարարել ապայժմէ, դանդաղ, անարգաւանդ ձեռնարկ, որ դժբախտութեամբ է ծնած իր սեռին իսկ հակասելու, իր չկարդացուելովը։ Օշականի վէպին մէջ յստակ են մէկէ աւելի նուաճումներ, միշտ կառուցման հարցերէն։

Պահ մը ձգելով նմանութեամբ խօսելու հարկը, երբ կը փորձեմ այդ կառոյցը տեսնել քիչ մը բացէն, ինքն իր վրայ, կ՚ունենամ մէկէ աւելի հարազատ ապրումներ։ Ամենէն առաջ զիս կը տպաւորէ այդ կառոյցին ամրութիւնը, սիքլիք ձգտումներու ծանրութիւնն իսկ իրեն ենթարկող։ Սաւառնակի, ռատիոյի սա ոսկեդարուն, ուր ամէն ինչ կայուն իր նկարագիրը կը փորձէ փրցնել–նետել իր վրայէն, ու մա՛նաւանդ ժամանակի մը մէջ, ուր րոպէն իսկ իր կշիռը ունի, կծծի ու աննահանջ, յանդգնութենէ անդին արարք մըն էր ընթերցողը կանչել կէես դար առաջուան հոգեվիճակի մը, լայն loisirին ոսկեդարին, երբ անզբաղութիւնը իր դարմանը կը գտնէր թերթօններու մոռացման մէջ։ Ամուր յատկութիւններ անհրաժեշտ էին այս զիջումը պարտադրելու։ Օշականին վէպը ամուր է եւ ուժով ։ Հեռուէն դիտուած, անիկա կը տպաւորէ այս երկու որակումներուն համադրական խորհուրդովը։ « Ամիրային աղջիկը » մեծ ճիգ մըն է, իրապաշտ վէպին պսակը մեր մէջ։ Գտէք այդ վէպին ընկեր ուրիշ նման կառոյցներ, դուք կ՚ունենայիք մեր ընկերութեան մէկ դարաշրջանէն անփոխարի/191/նելի վկայութիւն։ Ըսի, թէ Օշականին վէպն ալ անբաւարար էր նման փառասիրութիւն մը արդարացնելու։ Բայց կայ նուաճում։ Երուանդ Օտեանին վէպերը իբր ծաւալ ու թիւ կ՚ազդեն որոշ զգայութիւններ։ Ան ալ իր կէս դարը պարզած է իր թերթօններուն խողովակովը։ Բա՛յց։ Ու այս վերապահութիւնը արդիւնքէն առաջ կ՚երթայ ձգտումին։ Երուանդ Օտեան ծաղրած է ամէն բան ու… ինքզինքը, որուն մաս կը կազմէր անշուշտ իր վէպն ալ։ Յետոյ մեկնելով հանդերձ միջին բարքերէ, վախկոտ հոգիով մը, չէ համարձակած լքել այդ բարքերուն տեսանելիութիւնը, նման նաւորդին, որ չի կրնար ցամաքի գիծէն հեռանալ։ Օշական կը զատուի մեր վէպին ընթացիկ օրէնքներէն, ճամբաներէն, ախորժակներէն ու կը սուզուի ուրիշ մտապատկերներու ետեւէն։ Ասիկա մարդիկ կ՚անունեն ինքնատպութիւն ։ Ինք այդ եզրն ալ չի հասկնար իրեն համար գործածած։ Վասնզի այդ եզրը անիկա գիտէ « Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները » վէպին ներսը։ Կեանքին նկարագիրը ինքնատիպ ըլլալէ առաջ ապրելի, իրաւ, հաղորդական, գրեթէ սովորական ըլլալն է անշուշտ: Ու Օշականին ճարտարապետութիւնը կ՚ապաստանի կեանքին։ Իրն է բառը՝ կենսապաշտութիւն, որ հանգանակի միութիւն մը չէ։

Ի՞նչ է դրածը այդ տարազին ներսը։ Ինք ուրիշ ոեւէ մէկէ աւելի իրաւասու է այդ սահմանը լուսաւորելու։ Ուրեմն, մոռցէք գիրքերէն, քննադատներէն ձեր բոլոր սորվածները, լսածները։ Մտէք, առանց նախապաշարման (ի՞նչ ողբերգութիւն, որ այս զգուշութեան պատգամը քանի մը անգամ երեւայ հոս) այս գործէն ներս։ Շփոթութի՛ւն։ Ձեր առաջին տպաւորութիւնը։ Մի՛ վախնաք։ Ամէն անգամ, որ ձեր վարժութիւններուն մէջ կը խանգարուիք, պիտի ունենաք այս հոգեվիճակը։ Շարունակեցէք քալել։ Պիտի զգաք, որ քիչ-քիչ այդ շփոթութեան մէջ կը ծագին լոյսերը, կը սեւեռուին մեծ գիծերը գնացքին, կը յօրինուին կարկառները եւ կը կամարուի ձեր վերեւ ո՛չ թէ կապոյտ երկինքը, այլ՝ վէպին ոլորտը, մթնոլորտը։ Տեղ մը, պահ մը, յստակ ունիք ձեզի առաջնորդ։ Ու ահա մարդեր, որոնք շատ յստակ, շատ ուժով, շատ բիրտ, կը քալեն ձեր առջեւէն։ Իւրաքանչիւրը անոնցմէ կը կրէ մահապարտի նման իր վճիռը իր քամակին։ Այս ծանօթացումը ձեզի կը բերէ ապահովութիւն։ Անցած էք փորձութեան կամուրջը։ Ո՛վ որ « Մնացորդաց »ի առաջին յիսուն էջը կարդայ, ա՛լ չի կրնար ետ դառնալ, պիտի քալէ ճակատագրաբար, վէպին հետ, հետզհետէ առնուած այլեւս զգալի հոսանուտէ մը, որ կեանքն է, առանց վերադիրի, լայն, իրաւ, իր խորքին ու ծաւալին ամբողջ շքեղութեամբը, դիրտերովը, ճահիճներով, եւ երկինքներո/192/վը։ Կ՚անցնիք մէկ հովիտէն միւսը, միշտ նոր աշխարհներ մտնողի հոգեվիճակով մը։ Կը շփուիք ուրիշ խաւերու հետ, կ՚ընկղմիք ուրիշ ջուրերու ծոցը, ամենէն ականակիտէն մինչեւ ամենէն ճախնայինը։ Բայց միշտ պաշտպանուած։ Ձեր ամէն կողմէն մեր բոլոր զգայարանքները ձեզ կը կապեն կեանքին, որ իր բոլոր հրաշքներուն, հեքիաթունակ իրադարձութեանց, ահաւոր սեւութիւններուն, շարուանքին ու դժոխքին հակառակ, մեզ կը վարձատրէ, պարզ իր իրաւութեամբը։ Վէպը այլեւս այդ անողոք հեղեղն է, թաւալուն, փրփրերախ, ծաւալուն ու հայելիի պէս սրտագրաւ, համաձայն հողերուն, որոնց վրայէն կը հոսի։ Օշական իր վէպին համար իբր խորհուրդ, իմաստ, ձգտում, հանգանակ միայն ու միայն կեանքն է ունեցած։ Միւսնե՞րը, թող քննադատները գտնեն, ինք կը հաւատայ կեանքին:

Ճարտարապետութի՞ւն, կեանքը այս եղանակով օգտագործել մը։ Առաջարկեցէք ձեր ուզած բառը, ճերմակ թուղթը սա ձեւով լեցնելու արարքին։ Եթէ ճարտարապետութիւնը անտաշ կոյտերէն, տգեղ նախանիւթէն, մա՛նաւանդ խառնակ դէզէն ոտքի նետելն է շքեղ, անուշ, գեղեցիկ, ներդաշնակ, թելադրական, խորհրդաւոր կառոյց մը ա՛լ մի մտածեք այս հրաշքը իրագործող օրէնքներուն ճնշումին, հետեւակ ուսումին ապա ուրեմն մեր գտածը Օշականի վէպէն ուրիշ բան մը չէ։ Հարիւրի մօտ էջեր պիտի կազմուին, տող առ տող, իւրաքանչիւր տողի մարդկային անասնութեան մէկ փաստը ունեցող իր վրան։ Պիտի տառապիք այդ զազրանքէն, տզրուկներու ծովէ մը ինչպէս ու պիտի քալէք, գտնելու համար այդ հաւաքածոյին խորհուրդը, որ մարդկային արարածի մը փառքն է, 1900ին, թուրքերու մայրաքաղաքին շատ մօտիկ մարզի մը վրայ պոռաս ձայնը կը լսուի այդ Պոլիսէն ու աւելի քան իրաւ։ Աս էր ահա թուրքերուն քաղաքակրթութիւնը, ազգապիղծ, ճահիճէ մը աւելի աղտոտ, արձանէ մը աւելի անուս սրիկայի մը բարձրաստիճան, մեծազդեցիկ փաշացու մը պատրաստող։ Քել Էտհէմ ը Սիւլէյման էֆէնտի »), աւելի յետոյ պէյ, ու հաւանաբար նաեւ փաշա՝ եթէ երբեք չըլլար ինկած իր զաւկին դանակովը, իբր ապրումներու հանդէս մը հազիւ-հազ ուրուագիծը կրնայ տալ վաւերական ապրումներուն, որոնք այդ մէկ հատիկ սրիկային անձը ունեցան իրենց հանդիսարան։ Իրարու վրայ աւելցած տողերը նախանիւթ։ Շէ՛նքը՝ մարդը, որ ա՛լ չէք կրնար մոռնալ։ Հեղինա՞կը հրաշքին ի՛նքը՝ կեանքը եւ ոչ թէ Օշականին տաղանդը, որ կ՚երեւայ, պարզ ու պայծառ, քաղցր ու համեստ, իրաւ ու հայ, « Երբ պատանի են »ին, « Խոնարհները »ին, « Ծակ–պտուկը »ին, « Մնացորդաց »ին մէջ։ Աւելի անդին, « Արուեստագէտը » գլու/193/խին մէջ, ես կը զբաղիմ կեանքի հանդէպ Օշականին կատաղի հաւատքովը, վասնզի այդ հաւատքը ո՛չ միայն իր վէպը կը նետէ ոտքի, այլեւ կը պայմանէ իր քննադատական, թատերական աշխարհները։

է) Հոգեբանութիւն: Օշականի վէպին շուրջ ցարդ աչքէ անցած խոշոր ցուցմունքները բա՞ւ, ճիշդ որակումով մը պիտակելու այդ գործը, գրականութեանց պատմութեանց մէջ ընտանի, անցուկ տարազներէն մէկով։ Ըսին, թէ իրապաշտ վիպասան մըն էր անիկա, բառերու, վիճակներու հանդէպ իր խորունկ անտարբերութենէն պատրուելով, քանի որ անոր վէպին մէջ կ՚իյնային բառեր, որոնք ճաշակի դէմ էին, ու կը վերլուծուէին վիճակներ, որոնք իրապաշտ հանգանակներէ փնտռուած հեշտանքներ կը յիշեցնէին։ Օշական կ՚անգիտանայ իրապաշտութիւնը իբր իր կողմէ որդեգրուած վարդապետութիւն, շատ լաւ գիտակցելով անոր պայմաններուն, հանգանակներուն։ Ըսին, թէ վերլուծական վէպը կը փոխադրէր մեր մէջ, յուշքերով, սեպհական ապրումներ վիպայնացնող թեքնիք մը խառնելով բարուական ձգտումներու։ Իր վէպին մէջ կայ իր անձը, բայց որքան քիչ։ Կան, ծովու պէս կ՚ըսէին իր գեղին մէջ, իր ժողովուրդին բարքերը։ Բայց ո՛չ ինքզինքը, ոչ ալ սարքեր արձանագրողի պարկեշտ գոհունակութիւնը դրած է անիկա իր վիպական վաստակին մէջ։ Ըսին, թէ հոգեբանութիւն մը կ՚ընէր, որ առնուազն անտեղի, եթէ ոչ անկարելի էր իր վէպին մէկ խոշոր կալուածին վրայ։ Ըսին, ըսին։ Երեք քառորդ դար է անցեր Տոսթոեւսկիի վէպին վրայէն ու տակաւին քննադատները համաձայն չեն ածականին համար, որ պիտի պիտակէր այս մարդուն վէպը։ Իրողութիւնը ան էր, որ անիկա դուրս էր դպրոցներէն։ Օշակա՞նը [9] ։ Բայց ի՞նչ գիտնայ խեղճ մարդը։ Անիկա շատ լաւ գիտէ միայն, որ Հոգեբանութիւնը մէկն է ԺԹ. դարու բախտաւոր բառերէն, ինչպէս տնտեսագիտութիւնը, յեղաշրջութիւնը, քննադատութիւնը, ընկերաբանութիւնը, եւայլն, ու է՛, նոյն ատեն, ամենէն անբովանդակը։ Կորովի, ինչպէս ինքնատիպ մտքեր (Օսվալ Շփինգլեր) /194/ անոր կ՚ուրանան որեւէ տարողութիւն։ Այս վերջինը անոր դասաւանդութիւնն ալ կը նկատէ մեր օրերու անկումին փաստերէն մէկը ու անոր նուիրուած մարդերը՝ հաստ, տափակ վարժապետներ։ Բայց կայ հոգեբանական վէպ մը, մեծափառ ու մեծակառոյց, որուն առաջին ու ռահվիրայ վարպետը կը դաւանին Սթանտալը։ Հիմա չունիմ ժամանակ այդ ձեւ վէպին շրջափոխութիւնը ուրուագրելու։ Սթանտալէն անցէք Պուրժէ, բայց մի կենաք, գտէք Մարսէլ Փրուստը։ Ռուս վէ՞պը։ Անգլիակա՞նը։ Գերմանակա՞նը։ Իտալակա՞նը (Փիրանտելլօ)։ Հոգեբանութիւնը ախորժակ մըն է, վարդապետութիւն ըլլալէ առաջ, ճարտարութիւն մը, վէպին ամենէն մեծ առաքինութիւնը գործողութիւնը փոխադրել արտաքին իրողութեանց ճնշումէն ներքին իրողութեանց կրկէսին։ Ասիկա յաւակնոտ սահման մը չէ։ Ունի առաքելութիւն մէկէ աւելի ախորժակներ համադրական ձեւի մը տակ համառօտելու։ Զոլա իրապաշտ վէպը օրինադրելու համար հատոր մը շատախօսութիւն շատ չտեսաւ իրեն (Le roman experimental)։ Ուրիշ հատոր մը կը լեցնեն հարցերը, որոնք Սթանտալի, Պուրժէի, Փրուստի վէպերը կը զատեն իրենց ժամանակին ընդհանուր ախորժակներէն, ըլլալու համար հոգեբանական վէպը։ Դուրս ձգեցի Տոսթոեւսկին։ Մեր մէ՞ջ։ « Թուղթի փառքը » անդրանիկ նմոյշ մըն է այդ ուղղութեամբ։ Ունինք Տիկին Եսայեանի վէպերը։ Այս գործերուն հանդէպ մենք արտօնուած չենք եւրոպական իմաստներ արժեւորել։ Իրողութիւնը աւելի մօտ է իմ տուած սահմանին։ « Թուղթի փառքը » վիպակ մըն է, ուր ներքին գործողութիւն մը բաւ կը մնայ ընթերցողը իրեն կապելու։ Հհազիւ բարք, հազիւ տիպարներ, հազիւ աշխարհ։ Ամէն ինչ տագնապի մը շուրջը կը բոլորուի, կնոջ մը ծիրին մէջ երկու արուներու տարեդարձը։ « Վերջին բաժակը » գիրք մըն է, ուր ամէն ինչ կը ձգտի ներքին ապրումը առարկայելու։ Այս անուանուած գործերուն ետին դուք մի դնէք հանգանակային յաւակնութիւն, դպրոցի տիսիփլիններ։ Նոյն այդ հեղինակներէն « Տղու հոգիներ » . Չօպանեան), « Նահանջող ուժեր » (Տիկին Եսայեան) հազիւ միջակին կը հասնին, այս անգամ անվերադիր վէպի մը աշխատանքին մէջ։ Հոգեբան Շիրվանզատէ մը եղջերուաքաղ մըն է՝ փիլիսոփայ Իսահակեանին նման։

Ուրեմն, կը սեղմեմ տարազը։ Հոգեբանութիւնը, սա էջերուն վրայ, կը ձգտի պատկերել վիճակ մը, ուր ներքին ապրումներուն համար որոշ նախասիրութիւն մը կը դառնայ զգալի։ Այս նախադիրը միտք պահեցէք։ Երկրորդաբար բառը կը գործածեմ պատկերելու համար ներքին ապրումի այնպիսի՛ խտութիւններ, ուր մեր մարմինը /195/ այսինքն՝ արտաքինը իր կարգին կը մնայ ծանրօրէն ենթակայ ներքինին սլաքումներուն։ Տեսակ մը երկու ճակատի վրայ առաջ տարուած գործողութիւն, փոխն ի փոխ գրաւող մեր իմացականութիւնը աւելի թեքնիք տարազով՝ մեր գիտակցութիւնը ըլլալով նոյն րոպէին թէ՛ հոգին, ամբողջական, թէ՛ մարմինը, դարձեալ ամբողջական։ Կը մեկնինք առտուն մեր տունէն, հզօր կիրքէ մը կուրացած։ Պիտի սպաննենք ։ Զո՞վ։ Հազի՛ւ թէ գիտենք։ Հետզհետէ այդ սպաննելու սերմը՝ կ՚աճի մեր ներսը։ Կ՚ապրինք, իր բոլոր խտութեան մէջ, մեր որոշումին նախադրեալները, զարհուրելի ամբողջութեամբ մը, քալելով անտարբեր, ամենուն աչքին, փրցնելով ծաղիկ, պտուղ, պատասխանելով բոլոր հարցումներուն, այսինքն՝ կապը չկտրելով շրջապատ-աշխարհին փոքրագոյն իսկ յարաբերութեանց եւ մեր միջեւ։ Կ՚անցնինք տեղէ տեղ, երբեմն օրէն օրը, քաղաքէն քաղաքը։ Միշտ նուաճուած մեր որոշումէն, որ կ՚աճի, կ՚աճի, կ՚աճի։ Ա՛լ անիկա դադրած է մեր մտքին մէկ բնակիչը ըլլալէ։ Ելած է անկէ, մեզի կը հետեւի շուքի մը պէս, մեզ կը կանխէ կիրքի մը կերպարանքով։ Մեզ կը վարէ անողոք, ինչպէս անխուսափելի։ Օրը մթնած է։ Ժամերուն ապրումները կրնան հատոր մը լեցնել Մնացորդաց ») ու գրեթէ գիշերաշրջիկի մը հոգետարութեամբը կը դնենք սանդուխը տանիք բարձրանալու, հոնկէ խուժելու համար տուն մը, ուր պիտի սպաննենք։ Հարիւրաւոր էջեր վատնած է Օշական այս հոգեվիճակը նուաճելու։ Ու ահա տարօրինակը։ Հոգին եւ մարմինը միշտ մէկ մակարդակի բերելու այս պրկագին կեդրոնացումները քիչ-քիչ Օշականի վէպին մէջ կը դառնան դրութիւն, յաւակնոտ բառով մը՝ ճարտարապետութիւն: Իբրեւ քերթուած սկսող « Երբ պատանի են »ը, իր վերջին բաժանումին մէջ հոգեղէն եւ մարմնեղէն ապրումներու միակտուր հանդէս մը կը դառնայ։ Ո՛չ: Հետաքրքրութեան ծնունդ լարումը, քանի որ Օշական չէ իսկ մտածած իրադարձութեանց նպաստին։ Ո՛չ՝ պատահելիքին գլխապտոյտը, որ թերթօնական շեշտ մը պիտի թելադրէր։ Այլ վիճակին իսկ թրթռումը, անոր մէջ առնուելու, խառնուելու շատ յստակ զգայութիւն մը, որուն անդրադարձը կ՚ապրէր թուղթէն անմիջական ցոլացումով մը քու հաշւոյդ։ Այս պրկումն է (tension), որ տիրական բարեխառնութիւնն է անոր վէպերուն։

Վերերը ես յիշեցի, թէ ինչ պայմաններու մէջ ծնած էին այդ վէպերը։ Օշական առնուած էր այդ պրկումներուն մէջ, անջատուած արտաքին աշխարհէն, նուաճելու համար իր ցաւը։ Դուք մի՛ աճապարէք այդ վիճակը որակել գիրքերու պիտակներով, ներշնչում, խանդ, եւայլն։ Օշական չի հաւատար այս պատրաստ կաղապարներուն։ Ա/196/նիկա թուղթին առջեւ երբ կ՚անցնի մի՛ մոռնաք ճերմակ թուղթը, իր վէպին համար սահման յայտարարած ունի վիճակը իր հետը։ Այդ վիճակը կը նմանի իր գանկը լեցնող մղձաւանջի մը։ Իր ամենէն հեռու խորշերուն իսկ ներսը, լուսաւորուած սակայն վիճակին մթնոլորտէն։ Ճնշումէն։ Տողերը ատկէ քակուած թելեր են, թարմ, բաբախուն, ամբողջ, չմտածուած, այլ փրցուած ու նետուած կտաւին վրայ։ Ստեղծումին գոլը, գոյնը, շարժումներն իսկ, ինչպէս հրաբուխէ մը, կը նետուին այդ կտաւին։ Այդ է թերեւս պատճառը այն տարօրինակ ձգողութեան, որ Օշականի ամենէն միջակ էջն իսկ կը զատէ ուրիշներէն։ Ուրկէ՞ կու գայ այս ձգողութիւնը։ Ատ իր գաղտնիքին մասը կը կազմէ։ Բաներ կան, զորս կը զգանք, բայց չենք կարող բացատրել։

Հիմա կու տամ այս վիճակներէն նմոյշներ։ « Ծակ-պտուկը » նման վիճակներու շարք մըն է, տեսնել կրցողին։ Ունենանք սա տեսակ դրուագ մը նուաճելի։ Ձեր վէպին կարեւոր հերոսներէն մէկը, դաշտը, զարնուած անծանօթներու գնդակով, կը բերուի, պատգարակի վրայ իր տունը։ Պիտի մեռնի Հաճի Ստեփանը, անունը վէպին երկրորդ հերոսին։ Օշական պիտի տայ նման վիճակի մը հետ կապ պահող բոլոր մանրամասնութիւնները, որոնք երբ խնամքով դիտուին, սարքի ապահով տախտակներ են։ Անշուշտ Օշականի մտահոգութիւններէն ամենէն խոնարհն էր բարքերու այդ փոյթը։ Բայց կեանքը բարքերու հանգոյց մըն է։ Ու այդ կեանքը վերակազմելու համար անիկա խնամքով պիտի տայ պատրաստութիւնները, մեռելը լուալու կաթսաները, տախտակը, հոգեվարքի մահիճին յարդարանքը։ Գեղը մեռելները պատուելու իր աւանդութիւններուն մէջ պիտի չթերանար։ Մինչեւ հոս ձեզի վարժապետ մըն ալ կը բաւէր այդ մանրամասնութիւններուն արձանագրութեան։ Բայց ահա կը միջամտէ Օշականին տաղանդը, այդ ահաւոր պահը վերածելու համար շատ քիչ պատահած տրամայի մը։ Անիկա բնախօսութենէն, ախտաբանական հոգեբանութենէն սորված է բացառիկ այդ պահերուն կարելի զարմանազան իրողութիւններ, մտքի կեանքին անտուն կարելիութիւններէն արժանաւոր փաստեր արձանագրող։ Զգայախաբութիւններու (hallucination) գլուխին մէջ, արեան կորուստը մեծ տեղ մը ունի, որպէսզի մենք մեր դէմը ճերմակ պատին վրայ տեսնենք մեռելի գանկ մը, սիրած դէմք մը։ Հաճի Ստեփան, զգայազիրկ, բայց կ՚ապրի իր ուղեղովը։ Ու ասիկա թէեւ բացառիկ, բայց կատարելապէս գիտական է։ Դարձեալ ուղեղին տարօրինակ ապրումներէն կը մնան զարմանալի շրջումներ, մանկութեան օրերուն հեղ մը լսուած ու ալ չկրկնուած բառեր, օտար /197/ լեզուներէ, որոնք հիւանդութեան մը տենդին ընդմէջէն, մէկէն կու գան գիտակցութեան փլանին ու կ՚ըլլան բառ, դարձեալ, զարմանքի մատնելով շրջանակը։ Հաճի Ստեփան ապրած է մեծ ու մէկ հատիկ խղճահարութեան մէջ ան իր կինը խղդած է ՝ զայն ուրիշի մը ծոցը լսելուն, մօրը կողմէ իրեն թելադրուած։ Անոր մայրը, կեսուրի իրաւ տիպար մը, սպասած է համբերութեամբ, որպէսզի յղի հարսը ազատի, այսինքն՝ զաւակը բերէ աշխարհ։ Այն ատեն այդ կինը պիտի պարզէ պիղծ անկողինին սարսափը իր տղուն։ Հետեւանքը, երկունքի մահիճին մէջ, բարձերու ներքեւ սպաննուիլն էր այդ երիտասարդ մեղաւորին։ Կեսուրը մէկ քարով կը զարնէ քանի մը թռչուն։ Կը պատժէ պոռնիկը, բայց կ՚ազատէ թոռը, ընտանիքին արեան աւանդը։ Տղա՞յ։ Ատիկա թերեւս ներէր հարսին ու վարագոյրը չբանար մեղքին։ Հաճի Ստեփան կինը խղդելէն վերջ կ՚ուզէ գլուխը փրցնել նորածինին։ Պառաւը հոն է։ Կը փաթթուի իր թոռանը կեանքին, որ միշտ աւելի իրաւ է ընտանեկան արիւնին մէջ, քան դուրսէն, օտար հարսը։ Թոռնիկը պիտի փախցուի գազանին ճիրաններէն, ըլլալու համար « Ծակ–պտուկը »ի, հերոսուհին։ Պառաւը ազատած է նաեւ իր տղան, քանի որ երկունքի մահիճը յաճախ հոգեվարքի մահիճ մըն էր նոյն ատեն։ Սրբուած է օճախին քսուած արատը։ Հաճի Ստեփան տարիներ պիտի չմոռնայ ոճիրը։ Իր բոլոր շուայտութեանց մէջ անիկա կ՚այցուի իր կնոջը պատկերէն։ Ու իր մահուան մահիճին մէջ, միշտ զգայազիրկ, բայց կենդանի, ընդմէջ երկու աշխարհներու, պիտի տեսարանէ իր կնոջը սպաննումը, զինքը շրջապատողներուն ահուսարսափին առջեւ, գրեթէ գտնելով տասնըհինգ-քսան տարի առաջուան ոճիրին շեշտը, դէմքը, ձայնն ու խառնուածքը ։ Անոր աղջիկը հո՛դ պիտի ըլլար վերահասու իր մօրը մահուան իրական խորհուրդին։ Ահա պատահարը։ Օշականը յիսունի մօտ էջեր է յատկացուցած այս պահը կազմելու ու կազմած է։ Ըրէք քիչ մը աւելի բաց այդ պատմումը, պիտի իյնայիք առասպելին, եղջերուաքաղին, թերթօնին մէջ։ Ըրէք քիչ մը աւելի մութ, պիտի մնայիք բոլորովին կեանքէն հեռու։ Վիճակին ո՛չ միայն տարօրինակութիւնը, այլ մանաւանդ կենդանութիւնը ձեզ կը պահեն խոր, տառապագին անհանգստութեան մը մէջ։ Ու չէք կրնար ձգել ընթերցումը։ Հոգեբանակա՞ն ։ Ի՜նչ գիտնայ Օշականը։ Գիտէ միայն, որ մահիճներու եզերքը շատ-շատ ոճիրներ հրապարակ իջած են, գերեզմանէն անմիջապէս առաջ։ Տուներ կ՚աւրեն երբեմն հոգեվարքները, ստեղծելով անկանգնելի կործանումներ։ Ու Oշական քանինե՛ր տեսած է այդ փլող տուներէն, երէկ շէն, յարգուած, օր մը վերջը, դագաղի մը /198/ ետեւէն, այդ տունը ընդմիշտ կ՚իյնայ գետին։ Ծածկուած մեղքն էր, որ կը թափէր հրապարակ, ու կը լրացնէր մահուամբ սկսածը կամ անոր պակաս թողածը։

Սահակ Պարգեւեան պառկած է իր մահուան մահիճին, Հաճի Ստեփանին նման։ Անոր սիրուհին եւ ասոր հասուկ աղջիկը շրջապատած են զինքը։ Վերջին քառորդ ժամն է, սրտի կաթուածներուն մէջ սովորական vertigeին աղաւաղումներու թեւին։ Անիկա, այդ գերագոյն րոպէներուն յստակ պիտի զգայ ձայնը, իր ներսէն, որ այդ աղջիկը կ՚ուզէ: Որ ուզեր էր տարիներ, բայց միշտ սանձուեր։ Հիմա, որ ուղեղին հակակշիռը դադրած է իր դերէն, Սահակ Պարգեւեան կը դառնայ իր զգայութիւններուն բռնութեան ու թափին։ Ի՜նչ կրակ էր այդ մատաղատի աղջկան մարմինը իր զգայարանքներուն վրայ։ Ու կը հասկնաք եղերականութիւնը սա զգացումին։ Oշական կանգ չառներ այս տրամային առջեւ։ Կ՚անցնի անդին։ Անիկա պիտի կործանէ այդ պատրանքն ալ, այս աշխարհի մէջ պատրանքէ զատ ոչինչ վաստկած այդ գրագէտին հոգիին մէջ։ Այդ աղջիկը, ժամ մը առաջ, անապատին մէջ, Սահակ Պարգեւեանին տղուն (որ եկած էր իր հայրը տեսնելու, առաջին անգամ, հեռու հիւսիսէն, մօրը վրայ ճնշումի գործ դնելով), գինով ու հիփնոսացած (յանձնած է ինքզինքը ու), կը գտնէ կերպը հոգեվարքի այս գերագոյն տագնապը հաղորդելու։ Կը պատժուի գրագէտը։ Կը պատժուի մայրը, որ ապրեր էր այդ աղջիկը ազատելու չարչարանքին մէջ գրագէտին ախորժակէն։ Այս վիճակը Օշական տուած է քառսունէ աւելի էջերու վրայ։ Հոգեբանակա՞ն ։ Ի՜նչ գիտնայ Օշականը։

Ծանր վէպերէն իւրաքանչիւրը այսպէս ընտրուած վիճակներու եւ պահերու իրանցիկ շարք մըն է, շփոթութիւն տուող, բայց միշտ պատկանող իրականութեան փլանին։ Այն պարագաներուն ալ, ուր կացութիւնը այսքան արտակարգ լարերէ չէ պրկուած, Oշական կ՚ախորժի գործողութիւնը քալեցնել գրեթէ միշտ զոյգ ճակատով։ Նոյնիսկ ամենէն խոնարհ, խորացման անընդունակ գեղացիները Խոնարհները ») կը մնան ծիրին մէջը այս մտահոգութեան։ Իր ծանր հերոսներուն արարքները ոճիրէն առաջ, դէպի ոճիրը, ոճիրին մէջ ու անկէ վերջ, գլխի պտոյտ բերող խենթութիւններու նման կ՚ազդեն ու տրուած են այնքան իրաւ, պայծառ, մանրամասնեալ, որ կը պարտադրեն իրենք զիրենք։ Տուէք խորութեան տիմանսիոն մը, այդ վէպերը յատակելու համար, սխալի մէջ չէք։

Ծանօթ է, որ արեւմտահայ վէպը իրապաշտ պիտակուածը շեշտը կ՚ախորժէր դնել արտաքին աշխարհին վրայ, կը սիրէր /199/ հաստ, իրաւ, քիչ մը շատ տգեղ անձնաւորութիւնները ու անոնց մեղքերուն, քիչ անգամ առաքինութիւններուն հանդէսը ըրած էր իր հանգանակներէն ամենէն հաւատարմօրէն գործադրուածը։ Այդ վէպին յաջող միութիւնները բողոքներ են, սքողուն թէեւ, բայց նոյնքան զգալի, ընկերութեան կամայ ու ակամայ զեղծումներուն դէմ։ Ասիկա անշուշտ բարոյախօսական, ձգտումնաւոր կեցուածքը չէ մեր սանկ ու նանկ ռոմանթիք վէպին (Ծերենց, Տիւսաբ, Մամուրեան), բայց կեցուածք մըն է ամէն պարագայի։ Մարդկային, համակրելի, արժանաւոր։ Օշականին վէպը ոչ մէկ ձգտում կը յայտնաբերէ։ Արտաքին աշխարհին ու ասոր վրայ ձեւ հագնող բարքերու խաւին համար Օշական գիտակից կեցուածք մը չէ պաշտպանած։ Բայց անոր վէպը ծանր, խորունկ, բացառիկ մեղքերու մռայլ կրկէս մըն է, իր բառովը՝ կիրքի խառնարան մը։ Իր հերոսները, ամենէն պարզերն իսկ իրենց կիրքերուն ո՛չ միայն խաղալիքները կ՚ապրին, այլեւ զանոնք զայրագնելու համար չեն ընկրկիր ո՛չ մէկ արգելքի դիմաց, յիշեցնելով Տոսթոեւսկիի տիպարները։ « Սահակ Պարգեւեան » վէպը իր եօթը հարիւր էջերը յատկացուցած է կիրքին, յաւակնոտ բառով մը՝ լիպետոյին, միւսները նոյն համեմատութեամբ կը մնան գրաւուած այդ հոգեվիճակէն, թող ներուի՝ հոգեբանութենէն: Մեր կեանքին մէջ ժամանակը գիտակցօրէն սպառուածը այդ մասնաւորումով չենք տրամադրեր այդ կիրքին։ Բայց կը մոռնանք մեր չգիտակցուած ժամանակը, որուն բոլոր հիւլէները եթէ կարելի է այսպէս բացատրել թրթռուն են անով։ Այս թաքուն իրողութիւնն է ահա, որ Օշականի վէպին հողեղէն մթնոլորտը կու տայ։ Զայն սեւեռելու համար գրագէտը կ՚աշխատի հողին հանգամանքներուն պարտադրանքին տակ։ Ագահ մը, փառասէր մը, հիւանդ մը, մենագար մը, հարուստ մը տիպարներ են, որոնք դուրսէն մատչելի, սեւեռելի՝ կրնան նուաճուիլ առանց ներքին աշխատանքի ։ Կիրքին կիկլոնը կ՚անցնի մեր ներսի անդունդներէն ու մեզ կը սարսէ, ընդերկրեայ բախումներուն ամբողջ տրամաթիք արհաւիրքովը։ Այս է թերեւս պատճառը, որ Օշականի վէպին մէջ շատ չնչին բացառութիւններէ զատ, ամէն անձնաւորութիւն կիրքին մարմնաւորեալ, մասնաւորեալ կերպարանքները կը դառնան։ Հարկ կա՞յ ընդգծելու, որ կիրքին զառածումն է, զեղծանումն է « Մնացորդաց »ի հերոսներէն մէկը՝ որձեւէգ Սերոբէ էֆէնտին, որուն տառապանքը ախտաբանական հատորէ մը հանուած դիտողութիւններու չափ մանրամասն պատմուած է վէպին մուտքերուն։ Հարկ կա՞յ ընդգծելու, որ ուրիշ կերպարանք մըն է կիրքի զգացումը, որ վաթսուննոց պառաւ մը՝ Հաճի /200/ Աննան, կը մղէ ոճիրի հաւասար արարքի մը, իր հարսին արգանդին համար օտար սերմը, «ընդդէմ աշխարհքին եւ Աստուծոյ օրինաց» տառապագին գոհունակութեամբ մը, հաճոյքով մը յարդարող։ Այդ կիրքին հեռարձակ, հեքիաթունակ, արեւելեան paroxismeին բարձրացած մէկ յաղթերգութիւնն է, որ կը գրեն ասպատակ մը եւ գեղեցկուհի մը Հաճի Մուրատ »), իւրաքանչիւրը արարքին մէջ դնելով դար մը, ժողովուրդ մը, արիւններ ու հոգեղէն դրութիւններ։ Ու ասիկա այսպէս բոլոր մարդոց վրայ դուք կրնաք տեսնել ու ընդհանրացնել։

Առէք ֆրանսացիներուն հոգեբանական վէպէն նմոյշ մը, օրինակ Le Discipleը (Պուրժէ)։ Այդ վէպին երեք հարիւր էջերէն երկու հարիւրը վիպասանը յատկացուցած է հոգեղէն այլ կարգէ իրողութեանց։ Իմաստասիրական տագնապներ, կրօնք, ասպետութիւն, դատական նանրանք, ազնուական ապարանքներու ներքին մթնոլորտը, քիչ մը արտաքին աշխարհ, քիչ մը բարքեր։ Կիրքին հրայրքը՝ հազիւ մէկ երրորդը կը ծածկէ հոն։ Ասիկա թերեւս անոր համար, որ ֆրանսական հոգեբանութեան մէջ, գէթ այսպէս յեղաշրջուած դասակարգերու վրայ, կիրքը կը հակակշռուի ուրիշ սրբագրումներով։ Օշականի գիւղին ու քաղաքին մէջ քաղաքակրթութիւնը հազիւ քանի մը հզօր ազդակներ կրնայ գործածել, կիրքէն դուրս։ Թուրքը ունի իր կրօնքը, ատելութիւնները ու ասոնց բոլորը դիմակալող վայելքի գործարանները։ Ուրի՞շ։ Խոհանոց եւ մահիճ։ Իմ օրերուս զինուորութիւնը սրբազան ու հետեւաբար երկրորդ փլանի ազդակ մըն էր։ Հայը անշուշտ իր ցաւերէն, տրամայէն երբ գտնէր պահ աչքերը բարձրացնելու ուրիշ բաներու, դարձեալ կը բախէր հացին ու անկողինին։ Ֆրանսացի վիպասանը շատ հեշտանքով պիտի վերլուծէ իր հերոսներուն միտքը, հոն յօրինուող այլապէս բարդ, այլապէս իրաւ ուրիշ, կեանքը, այդ մարդերը վարող դարաւոր զգացողութիւնները, աւելի ազատ, աւելի վեր՝ խոհանոցէն ու մահիճէն, կարճ՝ բարոյական այն ծալքերը, վարժութիւնները, որոնք ժողովուրդ մը կը կերպարանեն, խոհանոցէն ու մահիճէն դուրս մարզերու վրայ։ Le Disciple վէպը պաշտպանուած է անշուշտ վիպողին տաղանդովը։ Բայց ոչ–նուազ պզտիկ չափով մը՝ իր նիւթէն, որ կեանքն էր ֆրանսական ամենէն նրբացած դասակարգերուն, դարաւոր ազնուականութեան մը ու գիտնալու, սորվելու նորակազմ ազնուականութեան մը (իմացականներուն ազնուականութիւնը) բախումովը ստացող իր տրամաթիք յարդարանքը։ Ռուս վիպասանին ալ աշխարհը անոր կ՚ընծայէր որոշ առաւելութիւններ։ Տոսթոեւսկիի մարդերը Պուրժէի մարդոց /201/ նման շատ սահմանաւորուած չեն (délimité), վասնզի դեռ շատ մօտիկ են իրենց ստեպներուն ձայնին ու մղումներուն։ Այս հոգեղէն ոչ–կազմաւորեալ դրութիւնը ազատութիւն մըն է անշուշտ, որպէսզի վէպի հերոս մը իրեն ներէ, քանի մը հարիւր էջ ապրումէ վերջ, պարզել կերպարանքներ այնքան անտարազելի, որքան իրաւ։ Բայց կայ ռուս իմացականութիւնը, որ կ՚ողողէ այդ անհուն աշխարհը։ Օշական կիրքէ ն դուրս ի՞նչ ունէր իր տրամադրութեան տակ, հոգեղէն դրութիւններ, հոգեբանութիւններ սեւեռելու։ Տուի վերը ատոնք։ Կրօնական տրամա մը նահատակութեան հանդէս մըն է շատ–շատ, վերջաբան մը՝ եթէ կ՚ուզէք։ « Մնացորդաց »ին մէջ երկու յեղափոխականներու մահացումը, այսինքն՝ կերպը այդ մարդերը մեռցնելու գտած է իր եղերականութիւնը կրօնականին վրայ անապատականին, տափաստանեան գազանին ալ անասնութեան յաւելումներովը։ Առանձին անիկա մենագրութիւն մը կրնար լեցնել։ Պերնանոս սուրբի մը վերլուծումը ընելու համար իսկ ստիպուած է ոճիրը շահագործել։ Եւ ոճիրը, միշտ գրեթէ, շրջուած կիրքն է, սեռին մէկ շէնքը։ Գաղիացի իմաստասէր մը կ՚ըսէ. «Գինին եւ կրօնքը ժողովուրդին գրականութիւնն են »… 1840ին։ 1900ին թուրքը մէկ գրականութիւն ունէր՝ կինը ։ Հայը մէկ գինի՝ սեռին արբեցնող, պատրող սփոփանքը։ Ահա թէ ինչու, երբ այս երկու հիմնատարրերուն աւելցնենք թուրքին ախորժակներուն՝ արեան պասուքը, հայուն տառապանքին՝ հացին տրաման, մենք համադրական ձեւի մը կ՚ըլլանք վերածած Օշականի վէպին հոգեբանական խարիսխները։

Հոգեբանութիւն տարազով կ՚որակենք նաեւ վէպ մը առաջնորդելու գիտութիւններէն մէկը, որ, ըսի անգամ մը, գործողութեան շրջանակին ընտրութիւնն է, արտաքին ապրումներու փոխարէն, ներքինին մասնաւոր շիջումով մը։ Օշական ունի A la recherche du temps perduն, մա՛նաւանդ « Ոդիսեւս »ը (Ճէյմս Ճոյս), իր աչքին առջեւ, երբ կը գործածէ այս տարազը։ Բայց իր վէպին համար աւելի հարազատ որակում մը պիտի ըլլար Տոսթոեւսկիի գործադրածը։ Երկու աշխարհներուն ալ վրայ ամրօրէն դնել իր ոտքերը։ Ամէն րոպէ մէկէն միւսը անցնելու համար պահել դիւրին, բնական, հաւասարակշիռ aplomb մը։ Վէպը քալեցնելով յաճախ զոյգ այդ փլաններուն վրայէն, միաժամանակ, ինչպէս է արդէն երբեմն կեանքը մեզմէ շատերուն համար (քի՞չ են արթուն երազողները), ըլլալ թէ՝ մէկը եւ թէ միւսը, հաւասար բնականութեամբ մը, պարզութեամբ մը։ Ջնջել երկու աշխարհներուն սահմանները, գիծերը, կարկառները, ապրումին իրողութիւնը բաշխելով երկուքին ալ ներսը, դադ/202/րելով ըլլալէ մէկը նոյն ատեն, երբ կը մտնենք միւսին մէջ, ըլլալու համար կատարելապէս այդ միւսը։ Ասիկա արուեստի հաստատ կաղապարներու հետ թեթեւ վերաբերուիլ չի նշանակեր։ Ասիկա նորերուն գերիրապաշտութիւնն ալ չէ։ Կեանքը թա՞նձր երեւոյթ։ Ինչո՞ւ չէ, երբ ամենէն նրբին մէկ թրթռումն է անիկա սա քոզմոսին նոյն ատեն։ Ո՞վ կը համարձակի չափած ըլլալ անոր բիւրական կերպարանքները, բռնացնել զայն վարող օրէնքները, հաւատալ մա՛նաւանդ այդ օրէնքներուն։ Քաո՜սը։ Անշուշտ։ Հոգին ու անկէ հանուած փշրանքնե՛րը՝ հերիք է, որ չհերքեն ո՛չ թէ միջին ողջմտութիւնը, այլ՝ մարդ յղացքին անհուն, զարհուրելի ընդարձակութիւնը։ Երեսունէ աւելի դարեր անցեր են այս տագնապներուն վրայէն։ Ո՞վ է հերոսը, որ ինքզինքը զերծ պիտի հռչակէր կեանքէն, ասոր շրջումը եղող կիրքէն: Սուրբերը, ճգնաւորները, անձնասպանները չեն հերքեր կեանքը, անոր վրայ ուրիշ շրջումներու պատուհաններու դերը կը բերեն։

Օտար անունները (Սթանտալ, Պուրժէ, Տոսթոեւսկի, Փրուստ, Ճէյմս Ճոյս, սիւրրիալիստներ ), այս փարակրաֆին մէջ յիշատակուած թելադրելու չեն սակայն հետեւակութիւն մը, այն գլխաւոր փաստին պատճառով, որ ամենէն աոաջ այդ մարդոց օտարութիւնն է ու երկրորդաբար այն իրողութեամբ, որ Օշականէն նուաճուած վէպին կերպարանքէն կու գայ։ Այդ մարդերը իրենց ժողովուրդներուն վրայ, իրենց պայմաններուն կնիքովը գրած են իրենց գործը։ Յետոյ, գիտենք, որ վարպետներուն փառքն է, ինչպէս դժբախտութիւնը՝ հետեւելի չըլլալը։ Որքան դիւրին՝ որեւէ գրել կցողի մը համար տալ Կոնքուրներու, Տօտէներու, Մաքոլէյներու գիծով վէպեր (նոյնիսկ Պուրժէն)։ Բայց փորձեցէք հետեւիլ Սթանտալին, դուք պիտի ըլլաք ծիծաղելի, որքան ամօթահար։ Օշականը չէ, որ պիտի անգիտանար այս վտանգը։ Երբ ուզենք սեղմել եզրերը ու հասնիլ քանի մը վճռական կերպաւորումներու, պիտի ունենանք գործ մը, ուր տիրական կարկառ մը իբրեւ մեզ կը տպաւորէ այդ վէպին հոգեղէն կառոյցը, այսինքն՝ կառոյց մը, ուր ոգին, հոգին պահէին նախագահութիւն մը (priorité) ու դառնային անոր տեսակարար արժէքը։ Ուր մարդերը մնացին միշտ ոտքերնին հողին, բայց պահանջուած պահուն ալ, աս ու հզօր զգացումին, կիրքին կռնակը նետուած, վազէին հեքիաթին տիտաններուն նման, իրաւ ու առասպելական նոյն ատեն, մեզմէ ու մեզմէ աղէկներուն աշխարհը թելադրող։ Տառապէին, բայց ձգտէին իրենց շնորհուած կարելիութիւններէն շատ անդին։ Ուր հոգեղէն միութիւններ (կիրք, զգացում, երազ, տառապանք, հեշտանք, իմաստութիւն ու զգացական շատ մը ձգ/203/տումներ) մարմնին հագնէին աս ու ան արարքին, աս ու ան մտայնութեան ու վարէին վէպին մեքենականութիւնը։ Հոգեբանութի՞ւն: Ի՜նչ գիտնայ Օշականը։ Գիտէ միայն, որ որակականները երբեմն սուտ, երբեմն սնամէջ բառեր են, երբ կը կանչուին ընդարձակ կրթանքներ, հզօր փառասիրութիւններ պիտակելու։

ը + թ) Բանաստեղծութիւն եւ գրականութիւն ։ Եթէ կը դնեմ բառերը քով քովի, գիտեմ, թէ կը ծառայեմ կարճ մնալու պէտքի մը։ Առաջինը Բանաստեղծութիւն մեզի ծանօթ է արդէն Օշականի վիպակին առիթով։ Հոս, իր ծանր վէպերուն մէջ, այդ բառը կը ջանայ թելադրել ոլորտային պայման մը։ Կրնաք զայն մօտեցնել հոգեղէնին, որ տուաւ այդ վէպին ներքին բարեխառնութիւնը, աշխարհը։ Ձգողութիւնը, որ հետաքրքրութեան չըլլայ ենթակայ, բայց ընթերցողը պահէ իր ձուածիրին, առաջարկելի արտադրիչ մըն է այդ բանաստեղծութենէն։ Ամենէն մռայլ, գարշագին տեսարաններն իսկ, այդ լոյսին տակ կը գտնեն տեսակ մը անրջական, քաղցր, տաքուկ անիրականութիւն մը, հեքիաթին, երազանքին սահմաններուն։ Մարդերը կ՚ենթարկուին այս այլակերպումին, պայծառացման։ Տեղերը, կայքերը, նոյնիսկ հասարակ հողի կտոր մը կը տարբաղադրուին, պրիսմակէ որպէս թէ ըլլային անցած։ Ասիկա ոճին խաղը, բառերուն մոգութիւնը չունի զսպանակ։ Ասիկա հեղումն է ներքին խտութեան։ Կառուցման ու տիպարային պարտքերու մէջ լայն պակասներ պարզող գործը Վազգէն Շուշանեանին, ինքզինքը փրկած է ահա այս արժանիքով։ Ի՜նչ փոյթ, որ գործողութիւնը ընէ տեղքայլ, մարդերը մնան ուրուային ու օդային այս տղուն վէպին մէջ։ Անիկա կը դիմաւորէ այս պակասութիւնները այդ քաղցրագին, անշրջագիծ զգայութիւններուն հանդէսովը։ Այս հրաշքին հեղինակը այդ կարողութիւնն է ահա, երկու աշխարհներն ալ պատող իր կախարդական լոյսերուն ներքեւ։ Այս շնորհը դարձեալ՝ Շահնուրին, Նարդունիին, Փայլակ Միքայէլեանին վիպական, հեքիաթային կտորներուն մէջ։ Ու կու տամ աւելի պատասխանատու անուններ. Չրաքեանին նկարչամոլութիւնը եւ Տիկին Եսայեանին զգայական, հեշտախտաւոր նուաղումները լոյսէ, արիւնէ, գոյնէ։ Օշական, « Սահակ Պարգեւեան » վէպին, շատ մը տեղեր գործողութիւնն ու տիպարները ընկղմած է այս դիւթախաղին մէջ։ « Սիւլէյման էֆէնտի »ն մեր գիտցած աշխարհին կը պարտի իր խարիսխները, բայց իր հոգին կ՚առնէ այլ բանաստեղծութենէն։ « Ծակ–պտուկը » մթին յոյզերու եւ փոսփորափայլութեանց ուրիշ հանդէս մը, ուր մեր ամենէն գազան կիրքերն իսկ կը ներկայանան «մարմաջով» վարշամակուած։ /204/ Դրէք պարման աղջիկ մը, գիշերը կէսին, մահապարտի մը նկուղին մէջ Մնացորդաց »)։ Պիտի տեսնէր, որ այդ մարմինին հրաշքը, իրմէն հոսող ստեղծումը պիտի երփնանկարի այդ ահաւոր պահը, արդէն սպաննուած երկու երիտասարդի դիակներուն հսկումին դիմաց, պիտի ընէ այդ կառափնարանը հովուերգական տեսարան մը։

Բանաստեղծութիւնը տարտամ բառ մը չէ ուրեմն, երբ կը թելադրէ այդ վէպին ամենէն ներգոյակ մասնայատկութիւններէն մին։ Վտանգ ու արժանիք՝ հաւասարապէս։ Վտանգ՝ վասնզի կարող է մշուշը վերածել ինքնագլուխ լինելութեան մը։ Ինչ որ ռոմանթիք վէպին մէջ հետաքրքրութիւնն ու մարդկայնական ձգտումները կը ստեղծէին, անձերը սրբագրելով, պատշաճեցնելու համար զանոնք թերթօնին քմայքներուն կամ բարենորոգչական հանգանակներուն կնիքին, անշուշտ աղարտելով կեանքին ճշգրտութիւնը, գաղիացիք կ՚ըսեն veritéն, Օշականի վէպին մէջ բանաստեղծականութիւնը կը թուի ըլլալ փոխարինած։ « Ամերիային աղջիկը » լայն չափով կը մնայ ողողուած այդ հեղանուտէն։ Օշականի բոլոր վէպերը անով կը մնան լուսաւոր ու տաքուկ։

Գրականութիւնը մեղք մըն է, մա՛նաւանդ վէպի մը իբրեւ յատկանիշներէն մէկը նկատի առած։ Բառը հոս կը նշանակէ ինչ որ գաղիացիք կը հասկնան լիթերաթիւր հեգնական տարազով։ Լաւ գրելը, ոճ խաղցնելը, երեւակայութիւնը, բռնազբօսութիւնը, տպաւորութիւն ձգելու մարմաջը, կամաւոր մթութիւնը, տարապայման խնամքը, լեզուի բծախնդրականն ու նանրասոյզ կրթանքները եւ տակաւին ուրիշ շատ նուաղումներ կրնան մտածուիլ տարազին հետ։ Օշական մեղադրուած է այդ մեղքերով։ Ըսի, թէ այս ուսումնասիրութիւնը ջատագովութիւն մը չունէր իրեն առաջադրում։ Պիտի ըլլամ կարճ։ Օշական գիտէ մեր լեզուն։ Կը գրէ ոչ ոքի աշակերտելով, չի վախնար ոճի խաղերէն, ստեղծած է իր ֆրազը, մութի նայող, բայց ներսէն միշտ պայծառ։ Կը շփոթեն իր երկարաձիգ նախադասութիւնները բռնազբօսաւեալ գրուածքին հետ սենբոլիստներուն։ Կը կարծեն, թէ իր պատկերաւոր արտայայտութիւնը, արագ, առատ պատկերակերտութիւնը իրենք իրենց համար ու իրենցմէ դուրս իրենց ճարելիք ունայն աղմուկին համար փնտռուած, տաժանագին, գիշերական, քրտինք հոտող մարզանքներ են։ Արդ, այս ամէնը այնքան մօտիկ են լուրջին, իրաւին, նորին, խորունկին, ծանրին, խնամուածին, գրականութեան (իր ժխտական առումին մէջ) գարշանքը քարոզ, իրեն հանգանակ ընելու չափ առաջ գացող, պարզ մտածումին, պարզագոյն բառերուն տարփանքը ընող գրչի բանուոր մը պիտի ու/205/նենար անհրաժեշտ թափանցումը, որով ապակին կը զատուի ադամանդէն։

Oշականի գրականութիւնը իր վէպին համար հեռու ըլլալէ մեղադրելի զեղծանում մը, թերեւս անոր ինքնատպութեան դրոշմը կ՚երաշխաւորէ։

ժ) Ոճ եւ յարակից հարցեր: Քիչ մը նորոյթէ ինկած ախորժակ մըն է գրագէտի մը մօտ ոճի զգայարանք մը առանձին միութիւն մը իբրեւ նկատի ունենալ ու գիրքերէ պատգամուած տարազներով կշռել գրուածքի մը արժէքը։ Բայց Օշականի հեքիաթին ամենէն ծանր argumentներէն մէկն է իր ոճին ենթադրեալ մթութիւնը, բռնազբօսութիւնը, առնուազն աշխատուած [10] հանգամանքը։ Յետոյ, կայ մեր ող/206/նածուծին անցած յիմարապատում առածը, ըստ որուն՝ ոճը մարդն իսկ կ՚ըլլայ (Պիւֆոն)։ Չեմ գիտեր ինչպէս պիտի գտնէիք այդ մարդը Եղիայի ոճին ետին, համակ դաշնակութիւն ու շողարձակում, երբ մարդը աւելի քան խժութիւն էր, առնուազն, անյարիր սայթաքում։ Անշուշտ սոփեստութիւն պիտի ըլլար ոճին դերը հիմնովին ուրանալ ու անոր ետին մարդ մը չընդունիլ, գէթ իր խառնուածքին քանի մը ցուցմունքներուն լոյսովը։ Բայց այսքանը ընդարձակել ու վերածել տեսութեան, օրէնքի, ուրիշ սոփեստութիւն։ Միանգամ ընդմիշտ պարտաւոր եմ ըսել, որ գրականութեան traitéներով ուսանելի օրէնքները առնուազն բաջաղանք են ու չունին, չեն ունեցած որեւէ դեր հասարակ գրագէտէն գրագէտ մը ստեղծելու հրաշքին մէջ։ Բայց /207/ ատոնցմէ դուրս կայ, այս անգամ անհերքելի, կերպարանք մը ոճի, սերունդի մը ընդհանուր թոնալիթէն, զգայնութիւնը հասարակօրէն իր վրայ պահպանող։ Հոս հարցը կը վերածուի շրջանային ճնշումներու, իմ բառովը՝ կնիքին, դրոշմին, որ բոլորովին ուրիշ բան է։ 1850ին վիեննացիները մեծահանդէս տօներ կը սարքէին երեկոյթներու մէջ հինգերորդ դարու զտարիւն որովհետեւ նոր դիտուած քերականութեամբ մը ճառեր, քերթուածներ ըմբոշխնելու։ Միամտութենէն վեր վիճակ մըն էր ասիկա։ Մատաթիա Գարագաշ այդ լեզուով թարգմանեց Լուդովիկոս Հռակինեայ « Զկրօնից» (De la religion) մեծափառ տափակապատումը ու կը հաւատար, թէ իր ժողովուրդին գրականութեան նուիրած էր, այդ վսեմ արարքով, տի/208/րական յաղթանակ մը։ Ու Գաթրճեան։ Եւ ուրիշներ։ Այդ ոճը յետոյ Գարագաշ Պոլիս փոխադրեց։ Կը խորհիմ, թէ Ռէթէոս Պէրպէրեան, առնուազն իբր  բանաստեղծ, ինքզինքը ազատագրած պիտի ըլլար մեր գրականութեան մէջ, եթէ երբեք այս ոսկեղէն գրաբարին հիացումը իր մէջ չվերածէր գրական զգայարանքի։ « Սահրատի մահը » թարգմանուած է իր կողմէն այդ հոգեբանութեամբ։ Այս կերպ դպրոցական խաղերը ոճի կերպարանք կու տան միայն ու գրականութեան հետ չունին առընչութիւն։ Արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը, մեծ խաղաղութեամբ ու անկնճիռ արդարութեամբ կրնայ մոռնալ յիշատակութիւնն իսկ Վիեննայի աբբաներուն, ոսկեղէն գրաբարով հոյակերտուած իրենց տափակութիւնները անկարող ըլլալով արժեւորելու, ինչպէս ըրած է նոյն խաղաղութեամբ ու արդարութեամբ այդ մոռացումը Ջախջախեանի, Աւետիքեանի, Հիւրմիւզի, Բագրատունիի, Ալիշանի փարթամ, պաճուճեալ գրաբարով քերթուածներուն, մինչ կը գորովի նուազ ուղղափառ, բայց քերթող Պէշիկթաշլեանի գրաբար քերթուածներէն ոմանց վրայ, զանոնք նկատելով իսկական բանաստեղծութիւն։

Հեռացած չեմ իմ նիւթէն, որ ոճի հարցերն են Օշականի վէպին մէջ։ Ոճի ընդհանրութիւնները այսպէս հաշուեյարդարելէ վերջ, կու գամ էականին, որ կերպարանքն է Օշականի ոճին, իր վէպերուն երկայնքովը։ Իր առաջին կտորէն մինչեւ « Սահակ Պարգեւեան » վէ/209/պը, այդ ոճը ունեցա՞ծ է նկարագիրներ, որոնք երեւէին, յամառէին ու պարտադրէին ։ Եւ եթէ այո՛, որո՞նք՝ այդ նկարագիրները։ Խաղաղ, պայծառ, տաքուկ, հաղորդական աշխա՛րհ մը, որ թերեւս իր երիտասարդութեան, քան թէ գրականութեան պատկանող վիճակներու վրայ կրնայ հասկնալի մնալ։ « Խոնարհները » մինչեւ վերջերս կը յիշուէր կարօտով, մարդէ մը իբր անցած-կորած վկայութիւն, որ գրուեր էր սակայն աւելի պայծառ, աւելի բուռն, կրակոտ. թրթռագին աշխարհը իր վիպակին, դարձեալ նոյն խառնուածքը պիտակող։ « Ծակ–պտուկը », « Մնացորդաց »ը իբրեւ ո՞ճ։ Բայց կա՞յ իսկապէս այնքան տղայամիտ ընթերցող մը, որ այդ գործերուն մէջ իյնալէ յետոյ անդրադառնար ո՜ճ ըսուած բանի մը, այդ էջերն ի վար։ Գրողին վկայութիւնը բան մը կ՚արժէ անշուշտ։ Արդ, կրնաք վստահ ըլլալ, Օշական երբեք չէ սրբագրած։ Վէմունի, որ հրատարակած է « Մայրիներու շուքին տակ » վերնագրին տակ Օշականի հետ ունեցած զրոյցները Կիպրոս, կ՚ապահովէ ձեզ իմ տուածին վաւերականութեանը մասին։ Oշական բառ մը չէ փոխած, իր ընդարձակ գործին մէջ։ Բայց ութ անգամ գրած գիրքե՞րը։ Անշուշտ, աւելի քան իրական։ Բայց գրել կը նշանակէ կեանք հիւսել: Առաջին, երկրորդ, երրորդ վեցերորդ շեղումները, իր մօտ, ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ յաւելումներ, բայց երբեք ածականի, մակբայի, ֆրազի։ Աւելցածը կեանքն է ։ Պարզ ու պայծա՞ռ՝ այս խոստովանութիւնն ալ։

Ուրեմն մթութիւն, բռնազբօսութիւն եւ ընկերքը արտայայտութիւնն են Օշականէն դուրս իրողութիւններու։ Աւելի անդին, երբ իր արուեստը վերլուծման իյնայ, հոն ես կը խօսիմ այդ ոճին ներքին կշռոյթէն, ծորումներէն, շնորհներէն, որոնք գիրքերու բառ կը թուին, առաջին ակնարկով, բայց հեռու են հռետորական մանրուսմունք հոտելէ։ Հոս կը գոհանամ արձանագրելով տիրական դիտողութիւն մը ատիկա վէպերուն աշխարհին հետ, զայն նուաճելու կանչուած գործիքին պարզած հանգիտութիւնն է։ Ըսել, թէ « Խոնարհները »ին մէջ այդ ոճը շատ մօտիկը կը կենայ հողին համին ու հոտին, ըսել է Օշականը զգալ այդ աշխարհին բարեխառնութեանը մէջ։ Քոքուրները երկրորդական վարժարանէ մը շրջանաւարտ յիմարներ չէին։ Անոնք այդ հողերուն, խոտերուն, ջուրերուն ու մարդոց ծնունդն էին ու այդ ամենուն խառնուրդը, ինչպէս ի՛նքը՝ հեղինակն էր այդ մարդերուն հետ, ծունկ ծունկի, աղբօր պէս…։ Ըսել, թէ « Երբ պատանի են »ը ամբողջ պատկեր է եւ գոյն, կը նշանակէ այդ տարիներուն (ուր անոնք գրուեցան) Օշական ապրած է գոյնի, պատկերի, լոյսի դիւթանքը։ Ու շարունակելով հանգիտու/210/թիւնը ըսել, թէ « Սահակ Պարգեւեան » մռայլ, տրտում, ճախնային, գէջ ու մահահոտ թելադրանքներ կը պատճառէ, բացադրել է մռայլ հոգին այդ գրագէտին եւ ոչ ուրիշ բան։

Ոճը՝ խնամք, հոգ, տառապա՞նք։ Ինչու չէ՜, երբ ատոր հիւանդութեամբը ըլլանք վարակուած առանձին դժբախտութիւն մը ասիկա, որ կը զարնէ երբեմն ազնուազգի տաղանդները նոյնիսկ։ Կամսարականը ստերջ ձգող ազդակը ուրիշ տեղ մի փնտռէք։ Լեւոն Բաշալեանի իրաւ տաղանդէն մեր ժառանգածը անկշիռ բան է, նուաճուած մասէն մեր հետեւութիւններուն ճամբովը դատելով։ Օշական գիտէր, որ ոճի մեծ հիւանդը Ֆլօպէռ, ածական մը փոխելու համար Ռուանէն Փարիզ ճամբորդութեան մը տաժանքը սիրով կը հանդուրժէր։ Ու գիտէր նաեւ, որ ոչ ոք պիտի գորովէր այդ փոյթէն, եթէ երբեք այլ ածականին տակը տրուած կեանքը որով եւ միակ հիմնականը չըլլար արժանի այդ խղճաբար պարկեշտութեան։ Ու գրած է, ինչպէս որ կեանքը մղած է զինքը։ Եւ որովհետեւ այդ կեանքին ձուածիրը մէկէ աւելի աշխարհներ, քաղաքակիրթութիւններ կը կտրէ–կ՚անցնի, ոճն ալ ընդունած է այդ միջավայրերուն ու մտայնութիւններուն անխուսափելի կնիքը։ Դուք չէք կրնար « Երբ պատանի են »ին լուսաւէտ տղան տեսնել « Սիւլէյման էֆէնտի »ին դժոխքին մէջ։ Առաջինին աշխատաւորը արեւի, կրակի, հողի ու ծաղիկի, չըսելու՝ երազի ու կապոյտի զինուոր մըն է։ Երկրորդ վէպը վէպն է երեւակայելի ու աներեւակայելի գարշութիւններու, բոլորն ալ մարդու մը կրունկներէն բաժնուող, նոյնիսկ բարձրագոյն ատեաններու պատկառանքին առջեւ։ Օշական պիտի տայ Սիւլէյման էֆէնտի ին հայրը, իր ռունգները ամուր սեղմած, հազիւ-հազ զսպելով սիրտխառնուքը, ամէն մէկ տողի մէջ այդ մարդուն կենդանագրին դնել տալով ստիպուած ինչ որ թուրք քաղաքակրթութեան դիրտը կը կազմէր, այս դարուն սկիզբը, կիրքէ, մեղքէ, անաստուածութենէ, անմարդկութենէ գոյաւոր։ Ընթերցող մը (այս վէպին) կ՚ըսէր, որ մեղքին ու ոճիրին հոտը կը զգար, նիւթական զգայութեան մը նման, թուրք աւագանիին շքախումբին պատկերացման մէջ։ Ու այդ ընթերցողը իրաւ կ՚ըսէր։

Ոճը ուրեմն ազատագրուած հարց մըն է վիպասանի մը համար, որ նպատակ է ունեցած կեանքեր միայն սեւեռելու։ Ու ձեզ կը ղրկեմ բոլոր մեծ վիպասաններուն։ Բացի Ֆլօպէռէն (որ թէեւ մեծ վիպասան մը չէ, բայց շատ խղճամիտ արուեստագէտ մը ու գրելու գիտութեան մը համար իր միամիտ պաշտամունքը հազիւ փրկած է ծիծաղելիէն, կեանքին հանդէպ ալ հաւասար խղճամտութիւն մը /211/ գործադրելով), պատժուած իր իսկ առաքինութենէն (իրապաշտ հանգանակը « Մատամ Պովառի » վէպին հինցած մասերուն միակ պատասխանատուն է։ Ու գրական հանգանակները իրենց յօդուածներուն կէսը կ՚առնեն ոճին աշխարհէն), միւսները կը կարդաք, չմտածելով, թէ գիրք գրելու արուեստ մը ունի գոյութիւն։ Ձեզ տանո՞ղը։ Անշո՛ւշտ։ Կեանքը, բայց ոչ՝ հետաքրքրականութեան ակօսով։ Կեանքը իբրեւ տաք երեւոյթ, ճերմակ թուղթը սեւ տառերը փոխակերպող աննիւթ միւս երեւոյթէն, որ դարձեալ իրաւ է, երբ մեր նայուածքը նետէք ձեր ներսը։ Այս մղումն է, պրկումի, ահա, բախտաւոր բառով մը՝ թանսիոնը, որ կարգ մը գիրքերու մէջ մեզ կը մղէ, կը տանի, ատեն չտալով, որ անդրադառնանք, հակակշռել աշխատիմք մեզի մատուցուածը։ Բայց տղայութիւն պիտի ըլլար այս իրողութիւնը ոճի կախարդանք մը ընդունիլ։

Երբեմն առողջութիւնը մարդիկ կը վերլուծեն հիւանդութիւններով։ Չեմ երթար առաջ, գէշ ոճ մը յատկանշող կողմեր դնելու մեր առջեւ։ Գիրքերը կը խօսին նաեւ միջակ ոճէ մը։ Ու խանդավառ են վսեմ ոճով մը։ Կրնաք մեծ խաղաղութեամբ մոռնալ այդ ամենը: Ձեր դժգոհա՞նքը Օշականի ոճին դէմ։ Ատ ալ արդար է ու նման ամէն դժգոհանքի։ Որեւէ գիրք բանալ միշտ մեր մէջ համազօր է հաւանական ճիգի մը վատնումին ու մենք խորապէս եսամոլ, մեզ միայն կեդրոն ու առանցք ունեցող կենդանիներ ենք։ Ուրիշ մը կարդալ՝ այս եսէն բան մը զոհել կը նշանակէ։ Բայց կը կարդանք, իւրաքանչիւրս, այդ դժգոհանքը գունաւորող, այլակերպող բարուրանքներ ճարելով։ Օշականի հանդէպ դժգոհանքը ուրեմն հոգեբանական երեւոյթ է, ընդհանուր ու երբեք իր ոճէն պայմանաւոր։ Առաջին հարթումներէն վերջ, մենք արդէն կը քալենք ու եթէ երբեք մեզի տրուածը հասկնալու չափ ճարած ենք նախապատրաստութիւն, կը համակրինք։ Համակրանքը երբեմն կը մնայ համակրանք, երբեմն կը փոխուի խանդավառութեան։ Բոլոր անոնք, որ իրենց կարդացածը համով հասկանալու չափ ընտելացած են մտքի հարցերուն, Օշականի ոճէն պիտի չնեղուին։ Համակրանք ու խանդավառութիւն անիկա առթած է իր ընթերցողներուն։

Պարագայ մը, որ թէեւ արուեստին չի պատկանիր, բայց Օշականի ոճը խեցեվճիռի ենթարկելու մէջ ունեցած է խոշոր դեր մը։ Ատիկա տպագրութեան ընթացքին մուտք ունեցող վրիպակները կը ստեղծեն։ Օշականի խոնարհագոյն պատկերներուն մէջ նոյնիսկ անոնց մէջ, զորս ինք տեսած է, տպագրական փորձերուն սրբագրութեան ընթացքին կը վխտան այդ վրիպակները։ Ու անոնք աղի/212/տաւոր կերպարանք մը կ՚առնեն, երբ ձեռագիրը կը հասնի գրական համեստ մակարդակի մը, չհասած իսկ գրաշարներուն սեղանին։ Ողջակիզո՜ւմը։ Խարո՜յկը։ Այսպիսի բախտ մը ապրած է « Հաճի Ապտուլլահ » վէպը [11] « Հայրենիք » հանդէսին մէջ։ Ամէն էջի ամենէն քիչ քանի մը տասնեակի կը հասնի վրիպակներուն թիւը։ Երբեմն հազարաւո՜ր։ Կը խորհիմ, թէ ընթերցողը հազար անգամէ աւելի ինքզինքը զգացած է խրուտքի, անելի առջեւ, հասկնալու իր դժուարութիւնը իրմէն փոխադրելով գրուածին իսկ նկարագրին։ Հազար անգամ ստիպուած ըլլալ կանգ առնել, ճիգ ընե՞լ, վերստին կարդալ, իմաստին անգոյ որովհետեւ սխալ տպուած կերպարանքը վճռելու համար։ Եւ այս վրիպակները կը պատկանին քերականութեան, ինչպէս նախադասական յարդարանքին, բառերուն, ինչպէս գիրերուն։ Բայց մա՛նաւանդ սխալ կարդացուած բառերուն ։ Գիւտե՜ր, գիւտե՜ր, գիւտե՜ր, որոնց մտածելն իսկ մարդուն զարմանք կը պատճառէ։ Օշականի ծանր վէպերը բոլորն ալ իրմէն դուրս տպուած այդ դժբախտութեամբ կարելի է ըսել, թէ infecté են։ Սրբագրութիւն մը, գիրքին վերջը իբր վրիպակներ ուղղելու ծառայող, էջերով սպառելի չէ։ Օշական հրաժարած է այդ տարապարհակէն ալ։ Բայց պարագան զուրկ չէր նշանակութենէ։ Իր գիրը՝ հեղինա՛կը այդ դժբախտութեան։ Աւելի, իր մտածումին անսովորութիւնը, իր ոճին տեղն է այս բառը հոս ինքնատպութիւնը։

ժա) Արուեստ ։ Որ կախարդական տարազ մը չէ սակայն։ Անիկա փորձ մըն է գործը բեղմնաւորող, աճեցնող, հասունցնող հանգամանքներուն գումարը աւելի ամփոփ ձեւի տակ ընթերցողին առջեւ դնելու։ Գործ մը, այսինքն՝ սեռի մը մէջ նոյնասեռ կամ ազգական ուրիշներու գումար, է՛ զգայնութիւն մը, այսինքն՝ ջիղերով ապրուած, սեւեռուած իրողութիւններու փաստ մը։ Է՛ միտք մը, այսինքն՝ այդ ապրումներուն աղբիւրները հետազօտող, խուզարկող իմացական աշխատանք մը։ Է՛ ձգտում մը, այսինքն՝ արուեստագէտը այդ ճիգին մղող աւելի խոր ու մութ ազդակներու հաւասարակշիռ շէնք մը։ Չունիմ ժամանակ այս բառերը բանալու անհրաժեշտ ընդլայնումնե/213/րով։ Ատոնցմէ զգայնութիւնը ծանօթ է ձեզի, քանի որ վերլուծուած է, այս գործին սկիզբները, բաւարար մանրամասնութիւններով։ Օշականի զգայնութիւնը կու գար ա) գեղէն, բ) քաղաքէն, գ) արեւմտեան քաղաքակրթութիւններէն: Այս տպաւորութիւններուն խորագէտ հիւսքը՝ թուրք, հայ, եւրոպական զգայնութիւնները դարձեալ։ Ու այս պարզ տարազներուն կապուած բոլոր բարդ, ընդարձակ ազդեցութիւններն ու հակազդեցութիւնները, որոնք կը հագնին մեր կիրքերուն, յոյզերուն, ախորժակներուն քղամիթն ու ծիրանին, երբեմն անցնելով աւելի անդին, քան իրենց ընդունարանները։ Տեղը չէ հոս արուեստի շուրջը ծանր, խնդրական տեսութիւններ օգտագործելու։ Ինչ որ ստոյգ է՝ ատիկա Օշականի վէպին մէջ զգալի ընդհանրութիւնն է նոյնաղբիւր ապրումներու, զորս մեզմէ իւրաքանչիւրը կեանքէն առնելու, խորացնելու իր սեպհական կերպը ունի ի՛նչ որ հասարակաց բառով մը կը կոչենք զգայնութիւն։

Առանց վերադառնալու, ասկէ առաջ, զանազան փարակրաֆներու մէջ ըսուածներուն, Օշականի արուեստը զգայնութիւն, միտք, ձգտումներ Արեւմտահայ գրականութեան բոլոր մեծ վարպետներուն մօտ դիտելի թանձրութիւն ու պայծառութիւն է գտած։ Կը յուզուինք այդ վէպին մէջ երբեմն մեր ամենէն խոր աչքերը մինչեւ, քանի որ մեր ժողովուրդին գերագոյն տրամները ու մեր ժողովուրդին ամենէն քաղցր զգայութիւնները կը հաստատենք, հաւասար լրջութեամբ ու խորութեամբ վերբերուած։ Այդ վէպին մէջ կան գիրքեր, հատուածներ, որոնք մեզ հիմնովին կը տարանջատեն մեր առօրեայէն, մեզ մղելով նորանոր փորձառութեանց։ Ամենէն իրաւ կացութիւնները, այդ վէպին մէջ, մշտապէս կը մնան մեր հասողութեան, նոյնիսկ հաւատալիին սակմանները զանցող յանդգնութիւններու հետ, բայց չեն աղարտեր իրենց իրական կերպարանքը։ Պատմեցի՞ ձեզի, թէ Օշական ունէր ապրումներ, որոնք բոլոր վէպերը կը ձգէին ստուերի մէջ, իրենց արտակարգութեանը տեսակէտէն։ Հոն կան դարձեալ էջեր, ընդարձակ հատուածներ, ուր մեր իմացականութիւնը կը մղուի բուռն խռովքներու, իրարմէ տարբեր, իրարու հակադիր մտածողութիւններու հեղեղին առջեւ, մեր միտքին հաւաքական փորձարկութիւնները լայնօրէն օգտագործող ու անցնող միշտ աւելի անդին, ինչպէս եղած էին մեր ապրումները դէպքերէն, պատահարներէն։ Օշական պատմած է նահատակութիւնը երկու յեղափոխականներու Մնացորդաց »), զայն լսած ըլլալով ո՛չ անշուշտ հերոսին բերնէն, այլ ունենալով մտքին առաջ թուրք ջղային դրութիւնը, որ ոճիրը կերպարանելու համար անսպառ ընկալչութեամբ է /214/ օժտուած։ Թուրքերը սատիք իսկ չեն տակաւին, երբ կը մորթեն։ Թուրքերը նախնական մարդոց ջիղերը կրելով հանդերձ, շատ մօտիկը կը մնան իրենց ուղեղովը տղոց, որոնց գերագոյն հեշտանքը չարչարելն է կենդանիները, սպաննելէ առաջ։ Մնաց որ, այս տրամադրութիւնը ձրի գիւտ մը չէ։ Հարիւրաւոր պատմումներ, զոհերէ, ինչպէս վկաներէ, կ՚երաշխաւորեն այդ ձեւ ջղային դրութեան մը անհերքելի իրականութիւնը։ Դեռ իմ ջիղերէս չէ սրբագրուած անտարազելի յուզումը, զոր ունեցեր եմ 1918ին, փախուստէս առաջ, Պոլիս։ Ենթասպաներու վարժարանի մը մէջ նոր տղաք եկեր էին, հազիւ ելած պատանութենէն։ Երկրորդական կրթութեան բարձրագոյն դասարանները կը կոչուէին այդ օրերուն դրօշի տակ։ Բանաստեղծ մըն էր մէկը, օտար լեզու ալ ունեցող։ Բոլորուեցանք շուրջը։ Առաջին իր բառերն էին Օրտուի մէջ իր հերոսութիւնները, հայերուն վրա։ Չորս տարիներու մօտ տեւողութիւն մը կը փռուէր ընդմէջ ներկայ երիտասարդին ու տարագրութեան խարտեաշ պատանիին։ Իր պատմումը այնքա՜ն հեշտագին, այնքա՜ն բնական, այնքա՛ն հանրային էր, զինքը բոլորողներուն վրայ, որ չտեսան օտարը, իրենց մօտիկ, իրենց պէս մտիկ ընելու դրուած, իր խուլնալիք ականջներուն բախտէն։ Որեւէ արուեստագէտ պիտի չկրնար այդ երիտասարդութեան վրայ ձգել այն խենթեցնող արբշռանքը, զոր այդ սպաննութեան ու պղծութեան վէ՜պը ինչ կ՚արժէ, կը տեսնէ՞ք, բառը, երբ մերկացուի իրականութեան կը բանար այդ բոլորին հոգիներէն ներս։ Բառերը մարմիններն էին մորթուած աղջիկներուն, իրենց տարիքին պատանիներուն…։ Ու կու լային ամէնն ալ հեշտանքէ, իրենցը, այսինքն՝ իրենց ապրումները նոյն օրերէն, իրարու պարզելու աճապարանքին, տենդին, խենթութեան մէջ. վերջապէս նշմարելով հայը… լռեցին։ Բայց նայեցան ինծի ու զգացի, թէ ինչ դժբախտ էին այդ երիտասարդները։ Օշականի վէպը տուած է այս զգայնութիւնները կարելի հարազատութեամբ, որքան խորութեամբ։ Գիտէք, թէ որքան վտանգաւոր լար մըն է ջարդին լարը։ Կը շփուիք այդ ճապաղիքին, այդ հրէշներուն, այդ կրակին, բայց չէք կորսնցներ իրականութեան հակակշիռը, այսինքն՝ հեղինակը կը գտնէ այդ իրականութիւնը ձեր յուզումին պարտադրելու կերպը։ Եւրոպական քննադատութիւնը ռուս վէպին մէջ այս զգայնութիւնը կ՚nրակէ կեանքի, ներզօրութեան զգայնութիւն մը (intensité de la vie), Թոլսթոյի, Տոսթոեւսկիի մօտ, հեղինակներ՝ որոնց աշխարհը մորթազերծ մարդոց աշխարհ մը ինչպէս կը տպաւորէ մեզ, երբ նոյն ատեն արտակարգ յստակութեամբ լոյս մը, ոգեղէն հոսանուտ մը /215/ անդադար կը պայծառացնէ մարդերը, ընելով զանոնք մինչեւ ոսկորները ու մինչեւ ծուծը թափանցիկ ու իրաւ։ Արուե՞ստն է ասիկա իրաւ զգայնութիւնը յատկանշող։ Եթէ կ՚ուզէք։ Արուեստի գործէ մը մեզի գալիք հիմնական բարիք է զգացական այս հաղորդումը, առանց ուրիշ ազդակներու միջամտութեան (ոճ, իմաստ, գրական շնորհներ, մշակուած երեւակայութիւն, եւայլն), մենք կ՚առնենք Օշականի բոլոր վիպակներէն, ծանր վէպերէն։

Ըսի, թէ մեր մէջ միակ մարդն էր, որուն հետ մտածել մը, վիպական գործողութեան ամենէն բուռն յոյզերուն ընթացքին, մեզի չի պատճառեր դժգոհութիւն։ Մենք նեղուելով կը ցատկենք մեր ռոմանթիք վէպին մէջ այնքան անճահ, որքան հասարակ-տեղիք գաղափարներու թիթեղեայ փայլուն ու ապսպրեալ աղմուկէն։ Աչքը կը սահի « Մնացորդաց »ի էջերէն, առանց գթալու ու առանց հանգչելու։ Չէք կրնար չկարդալ Օշականը, իր ընդարձակ փակագիծերուն մէջ անգամ, քանի որ հոն բանտարկուած դիտողութիւնները, խորհրդածութիւնները, որքան ալ խնդրական, վիճելի, թերի, դարձեալ կեանքին ձայնը, փորձարկութիւնը ունին մեկնակէտ։ « Ներաշխարհ »ին մէջ Չրաքեան կը մտածէ գրական, ընկերային հարցերու վրայ, ինքիր գլխուն։ Յաճախ այդ անդաճմունքը, երբ մերկացուի իր փաթաթներէն, կը վերածուի տկլոր խեղճութեան մը (քիչ անգամ Չրաքեանին տրուած է բախտը իրաւ մտածումին) ու մեզ կը նեղէ։ Այդ եղանակին մէկ ուրիշ կիրառումը կը հաստատենք Զարեանի վէպին մէջ, ուր բառերու եւ պատկերներու աշխոյժ մարտիկ մը, իր կարգին, կը ջանայ քեզ տպաւորել մտածական առաքինութիւններով։ Կեցէք ու փայլուն այդ ֆրազներէն պահանջեցէք, որ մերկանան, այսինքն՝ առէք ոճին ծիրանին։ Ձեր գտնելիքը նոյն տկլոր, աղքատախնամ, հասարակ–տեղիքն է։ Շահնուր կ՚ախորժի փարատոքսը, սրամտութիւնը վերածել իմացական յուզումի։ Բոլոր այս օրինակները անո՛ր համար, վասնզի Օշականի վէպին մէջ մտածումը ոչ մէկ արտաքին փառասիրութեան կը մնայ ենթակայ։ Ուղղակի բխումն է անիկա, կացութեան, պահին, մարդերուն։ Ու կ՚արժէ, որ կենանք երեւոյթին առջեւ, գրականութեան մը մէջ, ուր մտածելու սրբազան արարքը շփոթուած է գրեթէ միշտ ախորժակներու հետ։ Ի՞նչ հարկ անհանգիստ ընելու ստուերները Ռոմանթիքներուն, Կրտսեր ռոմանթիքներուն, Խաս–գեղի դպրոցին աքաղաղներուն բոլորն ալ մտածելու փառասիրութիւն մը հետապնդող, բայց գիրքերու վերյուշերէն իրենց միտքը չազատագրող։ Անկախ, անխառն, իմաստասիրական մտածումը մի շփոթեք մանկավարժական, դասախօսական, /216/ բարոյագիտական, կրօնական մտածողութիւնները, որոնք զանազան անուններու փառքը յօրինեցին։ Տակաւին քանի մը տարի առաջ, անանուանելի մարդուկ մը թշուառ հանդէսի մը մէջ լրջութեամբ մեզի ամսէ ամիս կ՚աւանդէր գործնական իմաստասիրութեան դասեր, առանց ամչնալու ըրածին ո՛չ թէ ծիծաղելութենէն, այլ` մեղքէն մեր մօտ շատ հազուադէպ, Օշականի կալուածին չի պատկանիր։ Օշական դրութեան մը, դպրոցի չկրնալ աշկերտելու իր մեղքը չէ, որ կը փորձէ արդարացնել։ Համոզուած է, որ իմաստասիրական մտածողութիւնը ինքնին շքեղ մարզանք դուրս է գրականութենէն։ Անշուշտ կարդացած է այդ մարզանքը արժեզրկող, կործանող ժամանակակից ժխտողները։ Բայց ատկէ առաջ, գրագէտ մըն է ու այսքան։ Արուեստին հետ կա՞պ մը՝ մեծ դրութիւններուն (իմաստասիրական)։ Ինչու չէ, երբ ասոնց հեղինակը Պղատոն մըն է, Պղոտին մը, նոյնիսկ Էմմանուէլ Քանդ մը կամ Հանրի Պերկսոն մը։ Բայց ո՛չ` արուեստ մը։ Նիցչէ՞ն։ Արուեստագէտ, մինչեւ իսկ բաջաղանքներուն մէջ։ Աւելի խոնարհ անուններու հետ մենք կ՚ունենանք աւելի պայծառ խելամտում մը այս տագնապէն։ Իր փառաւոր ասպարէզի վախճանին Ռընան գրեց թերեւս իր միակ պաշտօնական իմաստասիրական աշխատանքը Examen de conscienceը, ամփոփ ու հիմնական, այդ մարդուն մտածողութիւնը ճանչնալու տեսակէտով այնքան թանկագին (իր Drames philosophiquesները գրականութիւն են), բայց որքան շատ մտածումներ ներկայ շրջաբերութեամբ իր բանասիրական երկերուն ընդմէջէն։ Երկու սերունդ լիացան այդ փշրանքներով։ Ու սեղմելով մտածողութեան ծիրը, մեր գրականութեան պատշաճութիւններուն դէպի չափը։ Արշակ Չօպանեանին եւ Լեւոն Բաշալեանին որքան բան է պարտական Արուեստագէտ սերունդը։ Ասոնք պարզ խօսքեր են, առանց յետին մտքի։ Բայց մեր ժողովուրդին ընդհանուր շրջափոխութիւնը թեկուզ ուրուային ձեւով մը թելադրող ձեռնա՞րկ։ Պիտի գտնէք ասկէ տարրեր Օշականի վէպին մէջ։ Առնուազն ատոր խելամտումը կը թելադրէ երկար խօսակցութիւն մը, որուն մասին քանի անգամներ է, որ կ՚ըլլայ ակնարկութիւն։ « Մնացորդաց »ի չգրուած հատորէն (ուր մեր գաղափարագրութիւնը պիտի փորձուէր ) չեմ արտօնուած խօսելու։ Բայց իմ մտքին մէջ կայ կերպարանքը իմ ժողովուրդի հոլովոյթին, պատմական գետնին վրայէն, որ միակ հակակշռելի, ստուգելի, թերեւս իրաւ մարզն է հոգեղէնին զանազան փուլերուն։ Երբ կը նայիմ ետ, մինչեւ Ե. դար, իմ մտքի աչքին կը փռուին բարձ առ բարձ, մաս-մաս, երկիր-երկիր իմ ժողովուրդին ո՛չ միայն պատմական ապ/217/րումները, այլեւ՝ անոնց ուրուականին տակ անյողդողդ մարմինը այդ ժողովուրդի հոգիին։ Ես պոլսեցի մը չեմ, որպէսզի հայ գրականութիւնը վերածեմ մեր գրական երեք սերունդներուն ախորժանքներուն։ Հայ գրականութիւնը իմ ժողովուրդի պատմութեան lիմնանիւթն է, քէնթէսանսը: Թէ ինչ կ՚արժէ անիկա, զիս չի մատներ տագնապի։ Թէ ինչ կը փաստէ անիկա ահա՛ իմ մտասեսեւեռումը։ Միշտ կարելի է թէեւ դժուար մեր ոեւէ գրողին մեզի ձգած գործէն երեւան բերել փաստեր, փշրանքներ, որոնք մինչեւ Ե. դար առաքեալի հաստատ իրողութիւններ են, նոյնիսկ ամենէն քիչ ազգային նկարագիրներ արձանագրած արեւմտահայ գրողներու հրիտակին ընդմէջէն։ Արեւմտահայ գրականութիւնը լարախաղացներու, բառախաղացներու, պատկերակերտներու կամ ժանեակի, զեփիւռի, սոխակի եւ լուսինի ցուցահանդէս սարքողներու մենաշնորհը չէ։ Անիկա հայ ժողովուրդին մեղքերուն ու արժանիքներուն տրտում կամ շքեղ հանդիսարանն է։ Օշական ունի մտատեսութիւնը այդ ամենուն, իբր խորունկ, իր արեան մէջ լողացող պատգամ մը ինչպէս։ Կարիք կա՞յ անգամ մըն ալ պոռալու, որ արուեստը արեան ձայն է ՝ մտքի ճարտարապետութիւն ըլլալէ շատ առաջ։ Շեղումի մէջ չեմ, քանի որ Օշականի իմացական ճառագայթումը իր վէպերուն մէջ աւելի անշահախնդիր, քննադատական մտահոգութիւններու զերծ ձեւով մը կ՚ըլլայ զգալի։ Քանի՜-քանի՜ որոշ զարգացումէ անցնող ընթերցողներ, անշուշտ եւրոպական մեծ մշակոյթներուն մէջ ձեռք ձգուած վարժութիւններէն այցուած, գրած, խօսած են Օշականէն, թէ իր վէպին մէջ կայ հայ ժողովուրդը, աւելի ամբողջ, աւելի հասկնալի, քան ուրիշ ոեւէ հայ գրագէտի գործէն հաստատելի։ Լա՛ւ հասկցէք այս տպաւորութեան տարողութիւնը։ Օշական յայտարարած է, թէ հազիւ գրագէտ Խրիմեանի մը գործէն Պապիկ եւ թոռնիկ ») կան արտահանելի հայ հոգիի խոշոր փաստեր։ Գէշ գրագէտ որովհետեւ գրելու արարքը անգիտող, արհամարհող նոյնիսկ Թլկատինցին այլ հոգիէն ունի ընդարձակ սեւեռումներ: Արեւելահայ վէպը հայ հոգիին վրայ դարձեալ հարուստ է իր յայտնաբերումներով։ Բայց գործը, ուր այդ հոգին մեզի կը պարզուի իր լինելութեան ամբողջ կամ գրեթէ ամբողջ (վասնզի « Մնացորդաց »ի կէսը չէ նուաճուած) կերպարանքովը, անիկա վէպն է Օշականին։ Արդ, այս թելադրանքը անշուշտ իր սկիզբները կ՚առնէ այդ վէպին մէջ ներկայ իրողութենէ մը, ու նաեւ այն միւս իրողութենէն, որ նախաներկան է, ամէն ժողովուրդի մէջ իրաւ, անհերքելի։ Մշակոյթներու պատմութիւն մը հոգիներու պատմութիւնն է, սեռերու, /218/ արուեստներու, կրօնքներու, պատերազմներու, քաղաքներու (իբր շէնք ու կերպարանք, ոճ եւ իրագործուած նիւթ) պատմութիւն ըլլալէ առաջ։ Մեր մէջ ոչ մէկ գործի մէջ այս հոգեղէնը մեզի կ՚ըլլայ շօշափելի այն չափով, որ կայ ասոր փաստը Օշականի վէպին մէջ։ Օշականի արուեստին երկու հիմնանիւթերը զգայնութիւն եւ միտք այսպէս վերլուծելէ վերջ, ունինք խօսելիք տակաւին այդ վէպը կերպարանող ուրիշ իրողութենէ մը։ Ճարտարապետութիւնը, քիչ մը առաջները, շօշափեց այդ հարցը, բայց չդրաւ զայն վերլուծման սեղանին։ Չեմ կրկներ գեղագիտական տեսութիւններու, գրականութեանց պատմութեան մէջ այնքան յոխորտ տարազներու ( դպրոցները եւ իրենց հանգանակները ) թերեւս աւելորդ, առնուազն միշտ վիճելի փառքերը։ Մարդիկ այսօր իսկ համաձայն չէին Տոսթոեւսկին այդ պիտակներէն մէկուն ներքեւ անշարժացնելու ունայնամտութեան դիմաց։ Ո՞ւր զետեղել Ճէյմս Ճոյսի վիպող բնազդը։ Բաւ է ծանրանալ այդ անուններով համապատասխան գրականութեանց եւ ասոնցմէ համաշխարհիկ գրականութեան մէջ իրենց մուտքը ընող յաւելումներէ։ Կ՚ընդունի՞ք, որ « Քարամազով եղբայրները » մինակ յաջող վէպ մը չէ, այլեւ` մարդկայինէն հսկայ փաստ մը, մեր անկէ գիտցածին վրայ յաւելում մը։ Կ՚ընդունի՞ք, որ « Ոդիսեւս »ը նոր վէպին ճամբաներէն մէկն է, զոր կը բանայ այնքան տիրական յանդգնութեամբ։ Ապա ուրե՞մն։ Օշական ո՛չ սմսեղուկ յիմար մըն է, որ կեղծ համեստութեան մը քողին ետին պիտի ախորժի իր ըսելիքները ընծայել մեղմ, assoսpi, ոչ ալ անբովանդակ իմաստակ մը, երբ կը խօսի իր գետինէն։ Օշականի վէպը յաւելում մըն է՝ եթէ ո՛չ աշխարհի գրականութեան, գէթ հայ գրականութեան վրայ։ Առաջին վէպն է անիկա մեր մէջ, որ ըլլար խորտակած մեր ընկալչութեան կաղապարները։ Մի՛ ըսէք, թէ այդ յանդգնութիւնը վնասէ շատ ուրիշ բարիք մը չէ բերած Oշականին։ Բայց մի՛ մոռնաք, որ չկարդացուելու բախտը կապ չունի վէպին կաղապարներուն հետ։ « Ծակ–պտուկը », « Հարիւր մէկ տարուան »ները յղացուած ու գործադրուած են մեր ընկալչութեան պայմաններով, բայց կրկին կարդացուեցան թերեւս անոնց կողմէ միայն, որոնք « Մնացորդաց »ը հանդուրժեցին։ Առանց թերթօն ըլլալու, մի մոռնաք ասիկա ինչպէս՝ առանց գործողութեան կառոյց մը իբրեւ ինքզինքը հետաքրքրական ընելու սա հանգամանքը, Օշականի վէպին կը բերէ ուրիշ տարողութիւն մը։ Ժողովրդական վիպասան մը այս վերադիրը կը շահի գրեթէ միշտ գրականութեան հանդէպ ծանր զիջումներով, մեղքերով։ Օշական չէ ըրած ո՛չ զիջումը, ոչ ալ մեղքը։

/219/ Կը մնայ խօսիլ վիպական, այսինքն՝ վէպ մը պայմանող շնորհներէ լեզու, հանգոյց, կիրք, անդրադարձելու ընդունակութիւն, նորութիւն՝ խորքի որքան ձեւի, յիշելու համար քանի մը կարեւոր տուրքեր։ Չեմ բանար այս տարազները, բայց կ՚ընեմ ճշդումներ, հպումներ։ Օշականի լեզուն վէպի մը համար մարդիկ գտան շատ ծանր, ըսել կ՚ուզէին անշուշտ աշխատուած ։ Արդ, վէպի մը ամենէն բարձր արժանիքներէն մէկն է լեզուի հարց մը անգոյ ընծայել որ կ՚իրագործուի կեանքի ծայրայեղ խտութեամբ։ Որ, դարձեալ, շունչ առնել չտալն է ընթերցողին, ո՛չ անշուշտ հետաքրքրականութեան մագնիսին տակ, այլ՝ հրաշքին մէջն իսկ կեանքի վերարտադրումին։ Կեանքը այն պատրանքն է, որմէ մեր առնուիլը պիտի չզգանք։ Նախապատրաստութենէ մը ետք, երբեմն քանի մը էջ, երբեմն գիրք մը, ընթերցողը կը վարժուի Օշականի լեզուին միշտ վէպին պարունակին մէջ ու եթէ չըլլայ խանգարուած պատահական խութերէն վրիպակներուն, կը տարուի կարդալու, հերիք է, որ վէպին տարողութիւնը չըլլայ իր ընկալչութեան օտար։ Աւելորդ է յիշել, որ այդ լեզուն կը մնայ հաղորդ Օշականի ընդհանուր խառնուածքին տաք, կրքոտ, լուսաւոր ու հաստատ։ Այդ լեզուն կը քալէ արեան կշռոյթով մը, վէպին հայթաթելու աստիճան երբեմն հաղորդական քնարականութիւն մը։ Հեքիաթները, « Երբ պատանի են »ը, « Երբ պզտիկ են »ը բանաստեղծական յօրինումներու նման կը տպաւորեն ընթերցողը։ Նոյնիսկ իմաստի հարցերը այդ լեզուին մէջ կը գտնեն որոշ գնացք, գրեթէ թեթեւութիւն։ Համակող, տաք, իրաւ, աւելորդէն հիմնովին զերծ, Oշականի ֆրազը է՛ նոյն ատեն առատափայլ, երանգուն ու հարուստ, պատկերով, գիւտերով։ Oշական իր վէպին արձակը հաղորդ է ըրած մտածման ու ստեղծման զոյգ կրթանքներուն։ Մարդիկ կ՚ախորժին բեմական լեզու մը զատել, քնարական ոճ մը բնորոշել, մտածողական արձակ մը զանազանել՝ երբեմն նոյն մարդէն իրենց հասած արդիւնքները արժանաւորապէս պիտակելու համար։ Նման դժբախտութիւն մը չէ վիճակուած Օշականի, որուն լեզուն մէկ է, այս անգամ Օշականին լեզուն, ինքնատիպ ու պարզ, նիւթին համեմատ արագ կամ ծաւալուն, միշտ կենդանի, միշտ արտայայտիչ։

Oշականի վէպը խնամքով զգոյշ է մնացած էնթրիկի, հետաքրքրութիւնը հեւ ի հեւ պատող միջոցներէ։ Իր հոգեբանութիւնը տեսանք։ Ատկէ առաջ, իր կեցուածքը, որ կեանքին պաշտամունքն էր, ամէն տեղ, ինչպէս արուեստին մէջ։ Իր հերոսները կը քալեն, ո՛չ թէ քաշուած վարպետ հանգոյցներէ, այլ մղուած սկզբնական /220/ թաթառէ մը։ Հելլէնները իրենց թատրոնին համար ընտրած էին շատ նախնական գործողութիւն մը, ու ատ ալ չէին վախնար խաղարկութենէն առաջ եւ մասնաւոր մարդերու բերանէն հանրութեան հաղորդելու։ Հանդիսականը պարզ, բայց անվրէպ այդ միջոցով միանգամ ընդմիշտ կ՚ըլլար ողողուած հետաքրքրութեան բռնութենէն [12], իր ամբողջ ուշադրութիւնը յատկացնելով ապրումին, որ կը թաւալէր աչքերուն առջեւ։ Աչքէ անցուցէք « Ծակ–պտուկը », « Հարիւր մէկ տարուան » շարքը։ Ասոնք կը բացուին այսպէս ըսելու համար, վերջաբաններու վրայ։ Առաջին իսկ քանի մը էջերէն մենք ծանօթ ենք հիմնական պատահարին, ազդակին, որ այդ վէպերուն հերոսները այդ նկուղը առաջնորդած է։ Հիներուն ֆապիւլան ուրեմն՝ վերածուած պարզ պատմումի մը, նոյնիսկ դրուագային կշիռի մէջ ալ չբարձրացած։ Ու այսպէս պարզուելէ վերջը, հարիւրաւոր էջեր, տակաւին այդ գործողութիւնը պիտի մնայ կենդանի, պիտի անցնի /221/ նոյնքան պարզ, բայց հզօր ուրիշ ապրումներու կիկլոններէն, միշտ սկզբնական ազդակէն իրեն տեղուած ուժին սլաքներովը զարգացող, վերադառնալու համար հո՛ն՝ ուրկէ մեկնած էր։ Այս շրջանակին ճնշո՞ւմը։ Ա՛ն՝ որ մենք պիտի քալենք վէպին հերոսներուն հետ, մոռցած մասամբ մը վէպ մը կարդալու հոգեվիճակը, պիտի առնենք անոնց կիրքերուն, տառապանքին, դժբախտութեան բոլոր մարդկային թելադրանքները, ասոնք պիտի ընենք մերը ու փոխանակ միայն մտքով հետեւելու մեզի ներկայացուածին, մաս պիտի վերցնենք այդ տրամայէն, առանց անդրադառնալու մեր ըրածին։ Նման թեքնիք մը ունի ծանր ապօրինութիւններ ալ։ Անոնցմէ խուսափիլը մարդ կը մնայ պարտական արուեստի զգայարանքին, որ հոս, թերեւս կը նշանակէ Օշականէն ուրացուած բառ մը՝ տաղանդը ։

Երբ սեղմենք բառը տաղա՛նդը ի՞նչ դուրս կու գայ անկէ։ Անշուշտ ամէնէն առաջ կայ ունեցողին դէմքը, ո՛չ ֆիզիքականը, այլ՝ կեանքին դէմ կենալու անոր ամենէն ընդհանուր, ամէնէն յաճախած եղանակներուն գումարը։ Ամէնքս ալ մերը ունինք, շինուած մեր իսկ միջոցներով, տարուէ տարի։ Ինքնատպութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ այդ գումարին մէջ ներկայութիւնը քանի մը տարրերու, գիծերու, որոնք կ՚ըլլան ուշագրաւ, կը պարտադրեն իրենք զիրենք, ու դէմքը կը ձգեն իրենց կնիքին տակ։ Բնախօսական ապրումներու կրկէսին վրայ երեւոյթը կը մնայ մօտիկ այն միւսին, որով, ֆիզիք գիծերու, տարրերու յարդարանքին մէջ բան մը, անբացատրելի, որքան իրաւ, կնոջ մը դէմքը կը զատէ, կը մասնաւորէ։ Մի՛ մտածէք գեղեցկութեան, որ յաճախ ալ չթանձրացած յղացք մըն է, մեզմէ ներս, ու մեզմէ պիտի առնէ իր խորհուրդը, քաղցրութիւնը, գրաւչութիւնը։ Երբեմն ամենէն անթերի կաղապար մը, կնոջ մը դէմքին կը վերածուի սառած բանի մը, առաջին իսկ յարաբերութեան։ Երբեմն խորտուբորտ դրութիւն մը մկանային տարրերու, միշտ կնոջ մը դէմքին, կը ստեղծէ խոշոր կիրքեր, տրամներ։ Ինքնատպութիւնը արուեստի մարզին վրայ, այս բացառիկ խորհուրդին ներկայութիւնն է ահա։ Օշականի համար մարդիկ գործածեցին այդ տարազը, թերեւս կարճառօտութեան պէտքի մը համար, առանց մտածելու, որ գրագէտի մը դէմքը միշտ ու միշտ պայմանաւոր է ինքնատպութեամբ։ Առանց այդ կնիքին գրագէտը կ՚ընկղմի միջինին մէջը միլիոնաւոր մարդոց, որոնք թերեւս ամենէն խնամուած կրթութիւնը առին, սորվեցան, մեծ, շատ մեծ դասախօսներէ համալսարաններու այդ ճպուռներէն գրելու ամենէն զտարիւն, անշամանդաղ օրէնքները, ըրին վարժութիւններ. ալ գրելու աշխատանքին զի/222/րենք ընտելացնող, առին հաւանութիւնը, գովեստը իրենց ուսուցիչներուն, բայց շատ-շատ լրագրող, դասագիրքերու հեղինակ կամ ձանձրացուցիչ ճպուռներ դարձան, իրենց կարգին, իրենց առածը, առանց շահարկելու, տալու համար դարձեալ միլիոնները վայելումին։ « Զի բազում են կոչեցեալք, եւ սակաւք ընտրեալք », ճիշդ է, Յիսուսէն առաջ եւ ճիշդ է հիմա։ Ընտրուածին մագաղաթնե՞րը ( ազնուականութիւն Աւա՜ղ, գրեթէ ոչինչ։ Ո՞ւր է Թլկատինցիի ինքնատպութիւնը։ Ո՞ւր՝ Հրանդինը։ Ո՞ւր՝ Մեծարենցինը, Վարուժանինը։ Հարցուցէք ու մի խորանաք։ Ինծի կը պատահի, դասերու ընթացքին դադար տալ վերլուծումին ու մէկէն, առանց որեւէ ճիգի, շարունակել մէկ ոտանաւորը Թերզեանին, Պէրպէրեանին, Ալիշանին, Բագրատունիին, Նար–Պէյին եւ Սիամանթոյին։ Տողը կը բխի չափուած, ներդաշնակ, ինչպէս է իմ առջին բացատրելի կտորը ու կը գտնէ իր յաջորդը, ինծի արժելով ձայնին articulationը եւ ուրիշ ոչինչ։ Քանի մը վայրկեանէն, գրուած պարագային, տղաքը կ՚ունենան երեք չորս տուննոց կտոր մը։ Օշականը փարոտիի վարպետ մը չէ անշուշտ։ Ու լման օր մը աշխատանք պիտի չտային իրեն տուն մը Դուրեան ։ Հետեւութիւնը պարզ է։ Առաջին խումբին համար հասարակաց էին մեր բառարանին բառերը եւ մեր լեզուին օրէնքները: Որեւէ բան կրնային այս երկու տարրերը կազմակերպել իբրեւ գրական էջ։ Բայց որուն պակսէր, անողորմաբար, ինչ որ դէմք մը կը զատէր ուրիշներէ։

Կը զգուշանամ ուրեմն լայն–լայն խօսելէ բանի մը վրայ, որ կը պատկանի քիչ, դժուար կամ երբեք բացատրելի բաներու դրութեան։ Ինքնատպութիւնը արուեստի ազդակ մը չէ, թերեւս է՛ արուեստին ընդհանուր անունն իսկ։ Ուզողը չէ, որ պիտի ըլլար ինքնատիպ։ Սխա՜լը՝ զայն ձեռք ձգելու մեր փառասիրութիւնը։ Այս մէկը պիտի փորձէ գոյնը (Չրաքեան), ան միւսը պիտի գործածէ խորհուրդը, պատկերը (Զարեան), երրորդ մը պիտի դիմէ բառական մոգութեան (Եղիա) չեմ ըսեր միշտ գիտակցուած, որով եւ մեղապարտ ախորժակներով։ Թափեցէք վերլուծման սեղանին վրայ յիշուած հեղինակներէն որեւէ էջ։ Ըրէք խնամքով ձեր մաքրումի, մաքրագործման պարտքը, թօթուելով բառերը, հասնելու համար անոնց ծածկած կեանքի մթերքին։ Երբեմն պիտի վարձատրուիք (իրաւ էջեր որքան շատ « Ներաշխարհ »ին մէջ, սուտէն, ներկուածէն, կեղծէն, բռնիին մթերքէն ստուերի տակ ընկած։ Իրաւ էջեր որքան Զարեանի որեւէ գործին մէջ, որոնք սակայն գրուած են էջային փառասիրութեամբ մը, իրենք իրենց համար խնամուած, լուացուած, մաքրուած, /223/ բայց կը մնան անջատ, անհաղորդ ամբողջութեան խորհուրդին, կիրքին, կեանքին։ Երբեմն Եղիայէն տող մը, տողին մէջ բառ մը փայլակի պէս շլացիկ մեզ կը նուաճէ, բայց կը խոնարհի քերթուածին, այսինքն՝ ընդհանուր, անխուսափելի քաոսին մէջ։ Այս օրինակները աւելի դժբախտ ձեւով մը դուք պիտի զգաք մեր ամենէն համբաւեալ քերթողներուն ալ մօտը։ Գաղտնիք չէ, որ չէք կրնար կարդալ Ալիշանը, Թերզեանը, Սեթեանը, Սիպիլը, Պէրպէրեանը, Աճէմեանը, որոնց գործին վրայէն հազիւ կէս դար է անցել։ Բայց չէք կրնար բառ մը իսկ աննկատ թողուլ Քուչակէ մը, Սայաթ-Նովայէ մը։ Հեղինա՞կը՝ երկու վիճակներուն), երբեմն պիտի դառնաք ձեռնունայն։ Երբեմն պիտի զայրանաք ձեր առջին պարզուող անորակելի խաչագողութենէն, որ ամենէն հասարակ մտածումը պաճուճելն է դուրսէն, օտար, խորթ տարրերով։ Բռնի ինքնատիպութիւնը կը պատրէ շատ-շատ պատրուելու տրամադիր կամ ատոր մէջ շահ, փառք, հաշիւ շահադիտող մարդերը։ Քառորդ դարը բաւ եղաւ՝ որպէսզի Եղիայի, Սիպիլի մեծ հռչակները վերածուէին տկլոր, պարզ իրողութիւններու։ Տասը քառորդ դար չեն կործանած Սայաթ-Նովան։ Յստակ է ասիկա ու անվերաքննելի։ Նենգամտութիւն է ձգել Oշականի տիրական աշխարհը, կեանքին հանդէպ անոր ահաւոր ախորժակները, կիրքին վրայ անոր պարզած հսկայ հրաբխային շառայլները եւ զբաղիլ անոր ոճային ինքնատպութեամբը, որ որքան ալ իրաւ, շնորհալի, կը նմանի ծաղիկի մը հոտին, առտու մը միայն ապրող ու կէսօրին հալածական հեռացող, մեռնող։ Նենգամտութիւն մը՝ անգիտել մեր հոգիէն, մեր ժողովուրդէն, մեր պայմաններէն անոր անփոխարինելի սեւեռումները, գրագէտի ճարտարանք մը նկատել իր գործին մռայլ կամ մեծղի ճարտարապետութիւնը ու գովել կամ հարուածել բառերու գործաւոր մը, երբ աւելի քան ստոյգ է, որ Օշականին ոճը երբեք սառած տարրերու հանդէս մը չէ։ Չէ խորհած բառերուն, որպէսզի անոնք արտօնուէին դեր մը առնելու իր արդիւնքին մէջ։ Քառսունէ աւելի տարիներ անիկա իր գրիչը կը գործածէ կեանք, կիրք, բարք, տրամա, աշխարհ, խռովք, հիացում, պարսաւ հեղեղելու, երբեք չմտածելով այդ ամէնը դասաւորելու, ոճաւորելու փառասիրութեան մը։

Oշականի արուեստը ուրեմն կախարդական տարազ մը չէ, ինչպէս դիտել տուի քիչ մը վերը։ Անիկա ընդհանուր պիտակ մըն ալ չէ, քանի որ կեանքին հարազատ անդրադարձը ըլլալով, պիտի հպատակէր կեանքին մեծագոյն օրէնքներուն։ Տասնամեայ տղան, երբ կ՚անցնի քսանը, պահելով հանդերձ նոյն կազմը, հիմնովին կը ջնջէ /224/ ինքզինքը։ Նոյն տղան քառսունի՞ն։ Նոյն տղան վաթսունի՞ն։ Ինչ որ այնքան անհերքելի ձեւով մը իրաւ է, կեանքի կտաւին վրայ, ինչպէս պիտի չըլլար իրաւ, կեանքին միւս կտաւին վրայ, որ արուեստին գործն է, կեանքէն գողցուած, փրկուած, պատուած պատկեր մը։ Ուրիշ խնդիր՝ երբ այդ կեանքը կացութեան պատերու հանդէս մը կ՚ընդունիք, ու իբր այդ կը ջանաք դասաւորել, արժեւորել այդ կեանքէն կտրուածները, փրկուածները։ Կէս դարու վրայ երկարող դիւանին Թովմաս Թերզեանէն մեր գտածը մէկ ու նոյն կտաւը։ Այդ բանաստեղծը ո՛չ իսկ տղայ կրցած էր ըլլալ, որպէսզի ըլլար երիտասարդը, չափահասը, կործանած ծերը։ Անցէք հիմա « Խոնարհները »էն, մտնելու համար « Երբ պատանի են »ին աշխարհը։ Ասկէ՝ աւելի մռայլ վէպերուն աշխարհը։ Ո՞վ պիտի համարձակէր մէկ ու նոյն մարդը տեսնել այդ գործերուն ճարտարապետ։ Նոյն մարդը չէր, որ գրեց « Երբ պզտիկ են »ը, « Սիւլէյման էֆէնտի ն», « Համապատկերը »։ Ինչպէս պիտի ուզէիք, որ նոյն կաղապարները գործածուէին այդ գործին օրէնքները արտահանելու, զի արուեստը գործէն կը բխի, բայց գործը չէ, գործը կրնայ թելադրել, բայց գործէ վերջ է միշտ։

Օշականի վէպին տիրական օրէնքը, ըսի անգամ մը, օրէնքն է կեանքին, այսինքն՝ բանի մը, զոր կը ջանանք, ահա քանի հազար տարի կայ, ենթարկել օրէնքներու, բայց միշտ առանց յաջողելու: Այս հաւաստումը բացարձակ է։ Այդ վէպին յատակը, եթէ ուզենք, պիտի գտնենք միշտ մեզի բաւարարութիւն տուող բարուրանքներ։ Բայց պիտի չըլլանք ճշմարտութեան մէջ։ Բաներ կան, սա մեր կեանքին մէջ, որոնք չեն կրնար անցեալ դառնալ։ Ու ատոնք մեր մտածողութիւնները չեն անշուշտ, այլ ինչ որ ամէն րոպէ կ՚առնենք մեր շրջապատէն։ Օշական առած է իր կէս դարուն վրայ ամենէն յաճախուած տառապանքով մը իր ժողովուրդին անսկիզբն ու անվախճան ողբերգութիւնը։ Հազիւ քսան մը տարի անիկա զերծ է թուրքէն, բայց չէ ազատ անոր մռայլ մղձաւանջէն։ Ասիկա սովորական բառերով կը թարգմանուի ազգային ցաւը։ Օշական ստախօս մը պիտի ըլլար՝ այդ ցաւէն ամչնալը ոսկեզօծելով աս ու ան նանրամիտ չքմեղանքով։ Զինքը չի հասկնար սերունդը, որ թուրքէն չէ անցած։ Սփիւռքի մարդոց նսեմ հոգեյատակը հիմա կը սիրէ շքաւորուիլ ուրիշ կարգախօսներով։ Հիմա մարդիկ կը հպարտանան հայրենիքով, որուն բոլոր իրաւունքը զիս չի կրնար արգիլել իմ սուդէս, արուեստով, որ աման–կարապետ նաշենիմ ճաշակներուն սնոպութիւնը կը նուիրագործէ, համամարդկային գաղափարագրու /225/ թեամբ, որուն հանդէպ մեր ժողովուրդին խորունկ տարփանքը կը ձեւազեղծեն։ Փարիզի մէջ հանդիպեցայ տղոց, որոնք զիս կը մեղադրէին իմ ժողովուրդս տալու մէջ իմ յամառութեանս համար։ Ինչ հարկ « Մնացորդաց »ին, ըսին ինծի, քանի որ անիկա ջարդապատումէ մը անդին ուրիշ քիչ բան կրնար ըլլալ, ամբողջացած պարագային իսկ։ Զիս տարին իրենց տուները, բանուորներու տուներ, որուն պատերէն հարկ չկայ տալու անունները նկարներուն։ Պէտք էր, իրաւ գրագէտ ըլլալու համար, երգել գալիքը, խանդավառուիլ տիեզերական եղբայրութեան լոզունգներով։ Ու հասարակ էր սեղանը իրենց։ Ու պարզ էին իրենց կահկարասիները։ Ու առանց զարդի՝ իրենց հանդերձանքը։ Շէն էին, կուշտ էին։ Գինի եւ գարեջուր ունէին։ Միս ու կարագ։ Բայց մոռցեր էին, որ այդ ամէնը ունէին անոնք իրենց գեղը, առանց յոգնած դէմքերու մռայլ կնիքին, որ բանւորութիւնն է, օտարին գործատան մէջ, օտարին ոսկին պուտ-պուտ իր արիւնէն արտածորող։ Զիրենք դարձուցի իրենց գեղին կայքերուն, հողին, ջուրին, նոյնիսկ թուրքէն ահակալ իրենց տուներուն ու զգացի, որ կը լրջանային։ Ատ ալ իրենց կեանքն էր։ Ատ ամէնը կային արձանագրուած իրենց ուղեղին բջիջներուն խորը, անջնջելի ու իրաւ։ Ըսի իրենց. «Երգեցէք ձեր սեղանն ու գինին, բանուորութիւնն ու տիեզերական եղբայրութիւնը, բայց մի արգիլէք, որ ուրիշներ, ձեր անարգածը, մոռցածը, կորսնցուցածը աշխատին ազատել ժամանակին ճիրաններէն»։ Օշականի վէպին մէջ այս պաշտամունքը մեր անցեալէն ո՛չ վարդապետութիւն է, ոչ ալ իմաստութիւն (սիրութիւն), այլ մէկ ու նոյն մեծ մտահոգութեան հարկադրանքը։ Անցեալը մեր կեանքն է։ Տակաւին ուրիշ խնդիր, որ ամէն դար, իր ժողովուրդին կ՚ընէ սիրելի զինքը անմիջապէս կանխողը։

Կեանքը կ՚ապրինք ջիղերով, քիչ անգամ ուղեղով ։ Ասոր համար է, որ Օշական իր ժամանակը յուզող իր ժողովուրդին ժամանակը անշուշտ խոշոր հարցերէն քանի մը հատը միայն ունեցաւ իր վէպերուն համար մթնոլորտ։ Խօսեցայ թուրքէն։ Կը խօսիմ կիրքէն, որ թուրքէն աւելի հզօր է, քանի որ առանց անոր կեանքը պիտի ըլլար անապրելի։ Ու կիրքը Օշականի վէպին արարչանիւթն է։ Ա՛լ չեմ վերլուծեր անոր զգեցած այլազան տարազները։ Այդ վէպերէն իւրաքանչիւրը մէյ-մէկ հզօր կիրքի բաբանին ներքեւ կը ծեծուի սկիզբէն մինչեւ վերջը։ Կեանքը կի՞րք միայն։ Ուրիշ ի՜նչ: Դո՛ւն, որ այս տողերը կը կարդաս, անկեղծ սուզումով մը իջիր քու ներսը ու խուզարկէ քու հոգիիդ ջուրերը։ Պիտի տեսնես այդ կիրքին բողկուկները, սերմիկները, որոնք կը լողան ու կը լողան արիւնիդ /226/ ու հոգիիդ ծովերուն մէջ ու քու բոլոր ջանքիդ հակառակ, երբեմն կը կոտրեն զիրենք սանձող ամաններուն պատերը ու կը խուժեն դուրս։ Այդ պահերուն դուն անոնց կը պատկանիս։ Արուեստը այդ պատերը արձանագրող վարժութիւն մըն է, խորհրդաւոր ու սնամէջ տարազ մը ըլլալէ առաջ։

Ուրի՞շ։ Շատ ու շատ բան։ Վէպի արուեստ մը առանձին միութիւն մը չի կրնար ըլլալ։ Ու կը փակեմ այս քիչ մը երկարուն նկատողութիւններու շարքը ուրիշով մը, որ բան մը կը պահէ, արժանի ազատուելու։ Տարօրինակ, յորդ, զարտուղի արուեստագէտներուն մեզի ձգած վաստակին վրայ իր բերած լոյսին չափ էական է ասիկա, ո՛չ միայն զանոնք աւելի լաւ հասկնալու, այլեւ՝ մարդկային մտքին վրայ հաւանական լոյսի մը բարիքին սիրոյն։ Պալզաք մը ինչպէ՞ս կ՚աշխատէր։ Ասիկա հիմա վարժապետական հետաքրքրութիւն մը չի հետապնդեր։ Շրջանէ շրջան այդ տիտանեան գործունէութիւնը կ՚այցուէր անբացատրելի ալ շնչմունքներով, որոնք այսօրուան բառերով երբ կը տարազուին մթնոլորտ, լարում, հոգեղէն միգամածութիւն, եւայլն կը վկայեն միշտ այդ մարդուն ուղեղէն։ Սքոթ, Տիքընզ, Պալզաք՝ ինկան իրենց աշխատանքի սեղաններուն։ Մեր մէջ Րաֆֆին գրիչը ձեռքը գոցեց աչքը։ Տոսթոեւսկի մատնուած աչքերէն, հալածուած իր ուղեղը մրճահարող ցաւերէն երբ կը մտնէր արեւէն ետքը իր աշխատանքին խորանը, հարցուկի մը նման կը խօսէր զինքը մտիկ ընող ընդօրինակիչին ժամերով, առանց դադարի, յաճախ արեւը գտնելով սենեակին հակադիր պատուհանէն։ Այս տեղեկութիւնները կը խմբուին ստեղծագործական տենդի մը մէջ, որ իրաւ է ո՛չ միայն այդ մարդոց, այլեւ՝ Օշականին համեստուկ վաստակին ալ վրայ։

Ըսի՞, թէ Օշական չէր սրբագրած։ Բայց ըսի, թէ ունի գիրքեր մէկէ աւելի անգամներ գրուած։ Շրջաննե՞րը։ Կա՛ն անոնք ալ։ « Ծակ պտուկը » գրուած է երեք ամիսէն։ « Սահակ Պարգեւեան »ին երկու երրորդը (առաջին յեղում) ինկած է գիրի դարձեալ երկու ամիսէն, մէկ երրորդը ուրիշ ամսու մը մէջ, տասը տարիներ վերջը։ Նոյն տարին գրուած են « Մնացորդաց »ի Արեան ճամբովին Դ. Ե. Զ. գիրքերը, « Սահակ Պարգեւեան »ը, « Սիւլէյման էֆէնտի ն», « Հաճի Մուրատ ը», « Հաճի Ապտուլլահ »ը, « Վահան Թէքէեան »ը։ 1938ի Յունուար–Ապրիլին՝ « Իրապաշտները »։ 1939-ին Արուեստագէտ սերունդին հզօրագոյն դէմքերը։ Եղիշէ Դուրեան, Թորգոմ Գուշակեան, Թլկատինցի, Տիկին Եսայեան, եւայլն։ 1913ին Նոյեմբեր–Ապրիլ (1944) « Համապատկեր »ին Մուտքը, Ընդհանրութիւնները, Զարթօնքի սերունդը, /227/ Կրտսեր ռոմանթիքները, Արամ Անտոնեանը, Միքայէլ Կիւրճեանը, Օշականը (մէկն է այսօր Ապրիլին 1944) ու 1944ին սկիզբը « Աքիլլէսի կրունկ »ը։ Գումարեցէք էջերը, պիտի գտնէք, որ անոնք կ՚անցնին հազարը։ Բայց չէք գիտեր, որ անիկա կեանքին հետ կը խաղայ, իր ուղեղը ենթարկելով այս կարգի ճնշումներու ու կը խաղայ շատ յստակ գիտակցութեամբը իր ըրածին։ Այս ճնշումն է ահա, որ իրմէն կ՚անդրադառնայ իր գործին, շատ յստակ զգայութեան մը նման։ Արդ, օրական, երկու ընդհատով, մէկ ու կէս ժամուան շատ պիրկ աշխատանքի մը գինն են վերը յիշուած անունները գործերուն։ Ի՞նչ կ՚ապացուցանեն այս ցուցմունքները։ Ա՛ն՝ թէ Օշական երբեք չունէր նիւթական կարելիութիւնը իր գրածին վրայ մտածելու, այսինքն՝ ոճին։

ժբ) Կշիռը Օշականի վիպական վաստակին: Այս ուսումնասիրութիւնը, սկսուած 1944 Մարտ 10ին, գտած է սա հանգրուանը 1944 Ապրիլ 1ին։ Գործադրուած է ուրեմն սկզբնական յատակագիծին մէկ կարեւոր մասը ( Մուտք, Մարդը եւ գործը, Կողմերը իր տաղանդին, Վիպասանը, նոթի ձեւով խօսուած դասերու վրայէն)։ Կը մնայ գործին երկրորդ կէսը ( Թատերագիրը, Տպաւորապաշտը, Քննադատը, Արուեստագէտը, Համադրութիւն Այս ուսումնասիրութիւնը թելադրուած էր « Համապատկեր »ին տարողութենէն ապրումներու հանդէս մը իբրեւ եւ ոչ թէ դատումներու բեմ մը։ Կը հաւատամ, թէ Օշականը ամբողջ է իր վէպին մէջ։ Ու իբր այդ ինծի կու տամ ազատութիւն այդ գործը համադրելու։ Ոչ մէկ նանրամտութիւն, սուտ համեստութիւն, բարձրամտութիւն կամ նարկիսականութիւն։ Փառասիրութիւնը այնքան սուղ ապրանք մը չէ, որպէսզի ես անոր համար ներէի ինծի խաղալ ծանրագոյն վտանգին հետ, իմ առողջութեանս վրայ բռնացող։ Հանդարտ, պայծառ, գաղիացիք կ՚ըսեն՝ serein, հայեացք մը ուրեմն, որ իր տակ առնէր գրագէտի մը իրագործածին իրաւ կշիռը։

Կու տամ սա տեսակ հաւանականութիւններ

ա) Արեւմտահայ քննադատ մը, կանչուած ներկայացնելու Օշականի վէպը, պիտի ստորագրէր հետեւեալ էջերը։

«… Յակոբ Օշական արեւմտահայ վէպին մէջ տրտում երեւոյթ մըն է, անկարելի, իր հասակէն վեր փառասիրութեանց սպասարկու ձախող, բռնազբօսեալ, մռայլամած ուղեղով եւ վատառողջ հետաքրքրութիւններով վարձուած անտարազելի աճպարար մը։ Հակառակ իր ըրածին վրայ ինքնակառոյց, մոլեռանդ իր հաւատքին, /228/ այդ վաստակը, մեր ժողովուրդին եւ գրագէտ, հասկցող հասարակութեան ողջմիտ դատաստանին առջեւ արդէն ստացած է իր դատապարտութիւնը, չկարդացուելով զանգուածէն, ինչպէս գրագէտներէն։ Չենք թարմացներ յիշատակը խեցեվճռին, որով խարանուած են անոր « Ծակ-պտուկը » Հայրենիք » հանդէսին ընթերցողներուն կողմէ այնքան յստակ կերպով բանաձեւուած է այս վէպին դատապարտութիւնը), անոր « Մնացորդաց »ը (հակառակ օրաթերթի մը անոր շուրջը լաստակերտած ամերիկեան ռեքլամին, մեր ժողովուրդը եւ մեր գրագէտները դարձեալ չեն սխալած, այդ վէպին համար վատնուած թուղթին վրայ իրենց ցաւը այնքան պատկերալից կերպով մը արտայայտելով։ Գահիրէի « Արեւ »ը, որուն աշխատակից ալ էր, ի վերայ ամենայն մեղացս, այդ վէպին համար տուաւ հասցէն տեղի մը, որ չի կրնար գրուիլ հոս։ Փարիզի մէկ ուրիշ թերթին մէջ, իր աշակերտներէն մէկը շատ արդարացի կերպով մը այդ վէպը մկրտեց թրիք փաղաքշական, բայց այնքան իրաւ վերադիրով մը։ Վէպը « Յուսաբեր »ի վարչութեան եւ ընթերցողներուն ճնշումովը ընդհատուեցաւ), անոր « Հարիւր մէկ տարուան »ներու շարքը, դարձեալ սխալմամբ, խմբագրական ընկերակցական ճարտար խաղերով ապօրէն կերպով լոյս տեսած՝ « Հայրենիք »ին մէջ, ընդդէմ ընթերցողներու, պաշտօնական ու բանիմաց քննադատներու բուռն, անվերապահ դժգոհութեան։ Իր վէպին խոշոր միութիւններուն դէմ հասարակաց, հրապարակային այս գնահատումը, իր սովորական սնամտութեամբ, Oշական վերածեց արժանիքի վկայութեան մը։ Գիտէր, իր քննադատական պրպտումներէն, քանի մը արժանաւոր գրագէտներու կարգ մը գործերուն շուրջ քիչ անգամ պատահող, բայց նոյնքան իրաւ իրողութիւններ, ուրացումէ, մոռացումէ, վերագիւտէ։ Քանի՜-քանի՜ անգամներ անիկա փառաբանած է Սթանտալը, ո՛չ անշուշտ այս վիպասանին արդար տաղանդին համար Oշական իրմէ դուրս, իրմէ մեծ ոչ մէկ տաղանդ կ՚ընդունի, անշուշտ հայ գրականութեան պարունակէն եւ, ճարտար, գիւղացիի մը միայն ներելի նենգութեամբ մը նաեւ համաշխարհիկ գրականութեան մէջ, քանի որ իր գործերուն անունները չի վախնար ԺԹ. . դարու մեծ վէպերուն քովիկը այնքան պարկեշտութեա՜բ, համեստութեա՜մբ տեղաւորելէ հասկնալի գնահատման մը իբր արտայայտութիւն, այլ անոր վէպին ճակատագիրը ուզելով իբրեւ վահան գործածել իր չկարդացուող, չծախսուող, գլուխ–արդուկող, մեծ քննադատ Արշակ Ալպօյաճեանի բանաձեւին համեմատ՝ ընթերցողը քնախտի ենթարկող վէպին վրիպանքէն։ Պաշտօնական քննադատութիւնը այս տարազը թող ներուի մեզի գոր/229/ծածել, քանի որ ամէնօրեայ գործածութեան մը մէջ Օշական այդպէս ջանացած է անուանարկել իրմէն դուրս ամէն դատող, սկսելով իր վարպետէն, Արշակ Չօպանեանէն մինչեւ իր աշակերտները, որոնք զինքը հանդիսաւորապէս կործանեցին, Փարիզ, իր վէպին համար գործածելով վերի վերադիրը Օշականի վէպին համար եղաւ անաչառ, խիստ իրմէն առած էր իր միջոցները, զէնքերը, նախատալից, յաչաղկոտ բառամթերքը, մեր գրականութեան մեծագոյն դէմքերը -- Ալիշանն ու Թերզեանը, Պէրպէրեանն ու Մամուրեանը, Եղիան եւ Չերազը, Տիւսաբն ու Սէթեանը, բոլորն ալ անմահութեան իրենց փառքը սկսած շատոնց ու ատով գրգռած այդ մռայլ գեղացիին նախանձը, արժանանալով իր գրիչին տակ ամենէն անարգ, ապերախտ դատապարտութեան ու նուիրագործեց ողջամիտ հասարակութեան բնազդային դատաստանը։ Ի՜նչ հարկ, այս ամենուն մէջ փնտռել ճակատագրական ազդակներ։ Օշական ո՛չ միայն նենգամիտ, այլեւ՝ սնամիտ գեղացի մըն է։ Հո՛ն՝ ուր ուրիշներ իրողութիւններ կը կասկածին, անիկա ճշմարտութիւններ կը պատգամէ։ Չկարդացուիլը իր օրակարգին մէջ չէ՞ր, որ վերածուեցաւ տաղանդի ամենէն ապահով գրաւականին։ Ինք չէ՞ր, որ միւս կողմէն, ժողովրդական հիացումին արժանացած մեր մեծ գրագէտները փորձեց արժեզրկել ճիշդ իրենց մեծութեանը, գտած փառքին պատճառով։ Իր քննադատութիւնը ամօթ մըն է, մեղք մը, մեր մատաղ սերունդին միտքը խաթարող ունայնամիտ, սոփեստ հպարտանք մը։ Իր դասախօսութիւնները, դպրոցներուն մէջ իր մեթոտը աւելի քան քառորդ դար չեն դադրած բուռն դժգոհութիւն ստեղծելէ։ Իր վրայ գործադրուած այդ յարձակումները Օշական կերպը գտած է իր փառքին իբրեւ ազդակներ օգտագործելու, բոլոր ժամանակներու չհասկցուած, հալածուած, խաչը հանուած անուններուն օրինակները չվարանելով օգտագործելէ զարնելով մէկ քարով քանի մը թռչուն իր լուսապսակը, ինչպէս իր փառասիրութիւնը, այդ մեծ անուններուն հետ դասուելու մեղապարտ իր սնապարծութիւնը հպարտօրէն վարագուրելով։ Իր վէպը դատելու ատեն իր գրական ամբողջ գործունէութիւնը նկատի առնելը իրմէն ժառանգ սովորութիւն մըն է։ Չէ՞ որ վէպը ճերմակ թուղթ է յայտարարած, պարզելով այսպիսով անոպայ, որքան թշուառ, դժբախտ յաւակնութիւն մը սեռի մը դիմաց, ուր ամենամեծ հանճարներն իսկ իրենք զիրենք չարտօնեցին այս ապերասանութեան։ Օշական կ՚անարգէ ազգերու յարգանքին մէջ, երախտագիտութեան մէջ կրկնապէս պսակաւոր վարպետները։ Ի՜նչ հեշտանքով անիկա կը յարձակի շատ մեծանուն վէպերու վրայ, որոնցմէ « Թշուառները » . Հիւկօ) այն/230/քան իրաւամբ մեր հին սերունդին մեծատաղանդ վարպետներէն որակուած է ԺԹ. դարու աւետարանը ու այդ փառքը կը քաւէ ահա, Օշականի գրչին տակ վերածուելով, իր բառերով՝ բաջաղանքի։ Իր հիացումները կը նկատեմ դարձեալ ծնունդ նենգութեան, եթէ ոչ անհասկացողութեան։ Ծանօթ է իր արժեչափը մեր գրականութեան աշխատաւորներուն համար։ Չենք կրնար հերքել անշուշտ մեծութիւնը ռուս վիպասանին (Տոսթոեւսկի), որուն անունովը երդում կ՚ընէ գիշեր ու ցերեկ։ Բայց կը ցաւինք ինքզինքը այդ հսկային աշկերտ դաւանող թզուկին վրայ, որ, իր կարգին, պիտի ճօճէ սուրը իր վարպետին, ասով սպառնալով զինքը իր ճիշդ չափին դարձնող ողջմիտ դատողներուն, որոնք բարեբախտաբար չեն պակսիր մեր գրական շրջանակներուն մէջ։ Կը պարծենայ, թէ ամէն օր իր հասցէին հայհոյութիւն մը ունի արձանագրած հայ մամուլը երեսուն տարիէ ի վեր։ Ու մեր կողմէն կը զարմանանք, թէ ինչպէս կը գիտնայ անիկա այս ամէնը, քանի որ հաւաստիացուցած է, որ չի կարդար իր վրայ գրուած որեւէ յօդուած, գովեստ թէ պարսաւ, այսպիսով միտքերու մէջ թելադրելով պղտոր շփոթանք մը։ Անշուշտ պարզ է այս հանելուկին լուծումը։ Օշական հսկայ խաբեբայ մըն է, անտաղանդ գրող մը ըլլալէ առաջ, ինչպէս հսկայ գիւղացի, եւրոպականացած իմացականութիւն մը իբրեւ ինքզինքը տեառնագրած։ Զայն հերքած են իբրեւ վիպող, մա՛նաւանդ քննադատ մեր բոլոր գրողները, սկսեալ Լեւոն Էսաճանեան հանգուցեալ բանաստեղծէն (որուն վրայ անգութ իր ուրացողականը հաւասար կու գայ իր անիմաստութեամբը, իր անարդարութեամբը միւս երիցս մեծ բանաստեղծ, «յանգերու իշխան» մակդիրին այնքան արժանաւորութեամբ տիրապետող Աղեքսանդր Փանոսեանի ուրացողականին) մինչեւ մեծատաղանդ պատմաբան, բանասէր, վաստակառատ Արշակ Ալպօյաճեանը, որ մեր գրականութեան ամենէն բազմերախտ մշակներէն մէկը եղաւ, աւելի քան քառասուն տարիներ խմբագրելով, հրատարակելով, դասախօսելով ու բանախօսելով ու ձգելով մեզի անխորտակելի հատորներ։ Զայն դատապարտած են, իբր ուսուցիչ, մեր վկայեալ մանկավարժները, անոր գործադրած գրական մեթոտը դաւանելով սոփեստութեան նախամարզանք մը։ « Կոչնակ »ի եւ « Արեւ »ի մէջ շատ լուրջ յօդուածներու հեղինակ ուսուցիչ մը, զուիցերիական համալսարաններու վկայականներով պատրաստուած դաստիարակ, նոյն ատեն քննադատ, վիպող, հարիւրաւոր սխալներ գտած է անոր մէկ դասագիրքին մէջ, որ կը յաւակնի մեր գրականութեան հաշուեկշիռը ընել։ Բայց ո՛ր մէկը թուել։ Այսքան հակառակորդներ ի վերջոյ իրարու չեն ժամադրուած /231/ կոյր կամ բոպիկ ատելութեան մը վրայ։ Հիները, Չօպանեանով տուած են իր դասը արդէն, զայն անուանելով իշական, շոշորթ, բախուկ, դիւահար, քամչաթքերէն գրող, եւայլն։ Նորերը գիտէք, թէ որքան կը զգուշանան իր անունէն, զայն նկատելով սրբապղծութեան խորհրդանշան մը, ու առիթը չեն կորսնցներ իրենց արհամարհանքը պարտ ու պատշաճ վճարելու, երբ կանչուին արտայայտուելու իր մասին։ Իր դէմ թշնամանք յարուցանելու իր մասնագիտութիւնը անիկա պիտի վերածէ տաղանդի, որպէսզի հալածականի, նահատակի լուսապսակ մըն ալ աւելցնէ իր համբաւին, որ, ինչպէս խոշոր հանելուկները, իրական է սակայն։ Որքան շատ թիւը անխելքներու, միամիտներու, պարզամիտներու, որոնք աս ու ան ձեւով ինկած են իր ազդեցութեան ծիրին եւ կամ աս ու ան արհամարհելու իրենց հիւանդագին փառասիրութեան մէջ կը ջանան զինքը դպրոցի մը պետը ներկայացնել, դպրոցը՝ մեր գրական վաստակաւորները հաշուեյարդարի, հարթումի ենթարկելու անլուր վանտալութեան։ Ուրիշ տեղ մը, անշուշտ մենք պիտի ունենանք պատեհութիւն, իր քննադատական տեսութիւնները, արժեչափերը իրենց ճիշդ տարողութեան բերելու։ Հոս, մենք կը զբաղինք միայն վիպող Օշականով ու կը ներենք մեզի պահ մը իր կողմէ այնքան սոփեստօրէն գործադրուած դատելու մեթոտը կիրարկել իր իսկ վաստակին վրայ, դատապարտելով անարգութեան սիւնին այս չտես, շփացած, տգէտ ու յանձնապաստան իմաստակը։ Կու տանք Օշականին

ա) Տարրական իսկ ընդունակութիւն վէպ մը կառուցանելու: Կարդացէք իր վէպերը, համոզուելու համար իրերայաջորդ, մինչեւ հարիւր էջ առանց նոր տողի շարունակուող պատկերացումներուն, որոնք սարէն-ձորէն քով քովի են եկած ու կ՚ուռեցնեն պատմումը։ Մարդ կը մոռնայ, թէ ուրկէ էր սկսած, ուրեր էր առաջնորդուած, ուրեր պիտի քաշուի։ Վէպ մը ներդաշնակ շէնք մըն է։ Չենք կրնար դուռի մը ծաւալով պատուհաններ հանդուրժել։ Չենք կրնար ժամերով մնալ նոյն տեղը, ետ մղուիլ ու առաջ քաշուիլ ու չքալած ըլլալը միայն հաստատել։ Երբեմն հարիւր էջեր պիտի դառնան՝ առանց որ քայլ մը առաջ ըլլայ քալած վէպին հերոսը։ Ինչ որ ամենէն պարզ վիպասանը, օրինակի համար երանելի Քասիմը կամ անմոռանալի Սմբատ Բիւրատը կամ մեծատաղանդ Յովհաննէս Ասպետը կամ շնորհալի պատմող Լեւոն Մեսրոպը, Վալադեանը, Ռէնը, Լասը ու աւելի համեստ անուններ տեղի կու տան շատ-շատ մէկ էջի մէջ, Օշականի երկարածը գիրքի։ Հատորներ ունի, որոնք կը սկսին ու կ՚աւարտին քսանչորս ժամէն պակաս տեւողութեան մը ընթացքին ու /232/ մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ, թէ ինչպէս պիտի լեցուին հարիւրաւոր այդ էջերը։ Իսկ իր անոպայ, լիրբ յանդգնութի՞ւնը՝ քսան հատորնոց վիպական կառոյցներուն։ Անշո՜ւշտ, երբ իր հիացման արժանացած եւ սակայն մեր ողջմիտ գրողներէն այնքան պատշաճ կերպով գնահատուած Մարսել Փրուստը իրմէն առաջ, նոյն փառասիրութեան աւելի մեծն էր ապրեր, քսանի տեղ երեսուն հատորներ հետապնդելով։ Վէպը երբ կ՚անցնի իր բնական չափը (ուրիշ է պարագան երբ հանրահռչակ հանճար մը, ինչպէս են Հիւկոն, Տիւման, օրինակի համար), այսինքն՝ երեք հարիւր էջը, այդ իսկ զանցումով վտանգած կ՚ըլլայ իր փառքը։ Յետոյ մոռնալու չենք, որ Օշական իր վէպերը գրած է իր ժողովուրդին համար, անոր գիւտը փ առասիրող սիրտցաւութեամբ մը։ Ո՞ր ժողովուրդին համար, տեղն է հարցնել։ Ա՞ն՝ որ զինքը չի կրնար կարդալ, իր իսկ բխումը մնացող չարիքին երեսէն ոճ, նիւթ, աշխարհ, կառուցման անհուն, աններելի քաոս, հեղինակները, մեր կարծիքով այս չարիքին։

բ) Վէպ մը կենդանի ընծայելու տարրական շնորհ, քանի որ, միշտ մեր կարծիքով ու իր բառերով՝ կօշիկին պարտքն է ոտքին յարմարիլ, ու վէպին ալ պարտքը՝ կարդացուիլ։ Բացի քանի մը մոլեռանդներէն, տարօրինակին, անբնականին, գայթակղալիցին, անբարոյին, շինծուին համար ախտավարակ հետաքրքրութիւններ սնուցանող մարդերը մեր ժողովուրդին, միշտ մեր գրողներուն գլխաւորութեամբը չարաչար պատժեց հեղինակը, պատիժներուն ամենէն ահաւորովը, արդարովը այդ վէպը չկարդալով։ Պարզ կեանքի իր պատկերացումներուն մէջ Խոնարհները ») անիկա գտած էր որոշ շահեկանութիւն, մեզի համար նոր աշխարէ մը ու վրան թէեւ անկարեւոր որովհետեւ կիսախելագար մարդերով, բայց վերջապէս կը քաղէր, ատոնք տալու համար մեր գրականութեան ընդհանուր աւանդութեանցը մէջէն։ Ունէր այդ վիպակներուն համար մագիստրոսական կաղապարները Երուխանի, որուն հանդէպ իր յարգանքը եթէ երբեք հսկայ կեղծիք մը չէ, թերեւս անգիտակից երախտագիտական զգացումէ մը կու գայ, վարպետի եւ աշակերտի հասկնալի յարաբերութիւններով։ Բայց « Խոնարհները », իր իսկ դատաստանին մէջ, կը պատկանին անդրջրհեղեղին։ Նոր Օշականը միայն ուրիշները չուրանար, այլեւ՝ ինքզինքը։ Ան չէ՞ր, որ գրքի մը իբր յառաջաբան Խորհուրդներու մեհեանը ») երկու տող դրաւ, ուր կը մերժէր հայրութիւնը այդ գիրքէն ներս մտնելու արտօնուած իր « զաւկըներուն »։ Նոր Օշականը մեծ վէպերուն ճարտարապետն է, ա՛յն վէպերուն, որոնք բարոյական խեցեվճիռովը պատժուեցան մեր ողջմիտ հասա/233/րակութեան։ Այս պատիժը արդիւնքն է այդ վէպերուն, պարզ բառով մը, չկարդացուելնուն ։ Անշուշտ ծանօթ էք իր միամտութեան անհաւատալի աստիճաններուն։ Չենք գիտեր ինչ բառերով որակելի է իր մտքի սա վիճակը, որ իր պատժուիլն իսկ կը վերածէ արժանիքներու, դաբնիներու։ Չկարդացուի՜լը արժանիք։ Ինչու չէ։ Իր օրինակները, այս պարագան լուսաւորող, թէեւ շատ բացառիկ է, բայց երբեք պատշաճելի չեն իր ենթարկուած դատապարտութեան։ Քանի՞ հատ Սթանտալ, Փրուստ։ Մինչ բիւրերու կը հասնի թիւը այն արուեստագէտներուն, որոնք գնահատուեցան համաշխարհային յարգանքին մէջ երբեմն շատ վաղատի, միշտ գերեզմանէն ասդին։ Օշական իբր թէ կ՚արհամարհէ յետ-մահու փառքը, բայց կը խաբէ մեր միտքերը միայն, այլապէս պիտի չյարձակէր իր մխիթարութեան միակ ազդակին վրայ։ Կը կարդանք անմահ Րաֆֆին, Շիրվանզատէն, մեծատաղանդ Իսահակեանին վէպերը, տիկին Տիւսաբի այնքան յանդուգն, բարոյալից, արդարաբարբառ ու մեր հետաքրքրութիւնը հեւ ի հեւ պահող վէպերը։ Փա՞ստ։ Այդ վէպերը Սփիւռքի նիհար պայմաններուն մէջ իսկ կը տպագրուին, կը վաճառուին ու առնուազն գրավաճառները կը հարստացնեն։ Իր բարեկամները ի՜նչ դժբախտութիւն, որ այդքան հսկայ յաւակնութիւններով ուռած գրագէտ մը ըլլայ ստիպուած բարեկամները նպաստովը, ճարտարութեամբը, չըսելու համար խաբեբայութեամբը իր վէպերը մամուլէն փախստական անցնելու շատ լաւ գիտէին իր անտիպ վէպերը, քանի որ մեծատարած յայտարարութիւններ այդ լոյս չելած փառքերը օրհնաբանելու մէջ կը յիշեցնէին « Մնացորդաց »ի համար գործածուած պղտոր միջոցները բայց, վերջապէս խրատուած « Մնացորդաց »ի գրավաճառական հսկայ աղէտէն գործը քանի մը հարիւր օրինակ միայն ծախուած է եւ կը մնայ սթոք, տպարանին մէջ ահագին տեղ մը գրաւելով, ենթակայ խմբագրապետին, ինչպէս գրաշարին ամէնօրեայ թուքին, հայհոյանքին գտան իրաւ, արդար անուններ, մեր հին գրողներին ու անոնց գործերը վերստին տպագրեցին, մինչ գիտենք, որ մէկէն աւելի վէպեր միշտ գլուխ-գործոց անշուշտ կը սպասեն Օշականի դարանին մէջ։ Այս ամէնը արդիւնք է, մեր կարծիքով, Օշականի վէպին անկենդանութեան:

գ) Վէպ մը շահեկան, բարոյացուցիչ, մարդկային ընելու դարձեալ տարրական տաղանդ ։ Ի վերջոյ, մեր օրերու ընթերցողը հարիւր տարի առաջուան միամիտներէ ո՞ւր պիտի տարբերէր, որոնց հաճելի գիրքերն էին Եզովբոսի առակները, Նասրետտին Հոճային պատմութիւնը, « Աքլոր Եղբայր », եւայլն։ Օշական վէպը կը զատէ /234/ իր հասարակութենէն, անոր մերժելով որեւէ իրաւունք։ Կը հարցնենք, թէ ի՞նչ պէտք այդքան ծանր, յամառ բռնավաստակին, երբ այդ վէպերուն մէջ պարտուած կեանքը վայլողը ինքը միայն պիտի ըլլար։ Ըստ իր խոստովանութեան, իրական կեանք մը ուղեղին տակ շուք մը անգամ չէ թուղթի վրայ։ Ուրե՞մն։ Ինչո՞ւ շուքերով գոհանալ ստիպուիլ այնքան սուղ գին մը վճարելէ վերջ։ (Ինքն է, որ աշխատելու իր զոհողութիւնը կը համեմէ նահատակի ալ անձնուրացութեամբը, իր գործին վրայ դիտապաստ իյնալու հեռաւոր հեքիաթ մը պատրաստելով ապագային համար, զոր կ՚ուրանայ իրեն յատուկ աճպարարութեամբ մը)։ Օշականի վէպը տարօրինակ արկածախնդրութիւն մըն է։ « Մնացորդաց »ը բառախաղ մը չէ անշուշտ։ Այդ վէպը թաքուն փառասիրութիւնն է հետապնդած միչա ըստ հեղինակի բացատրականին մեր ժողովուրդին մնացորդացը կորուստէ փրկելու։ Ազնիւ ու բարձր փառասիրութիւն։ Բայց վէպին մարդե՞րը։ Այդ գիւղացիներէ՞ն կը բաղկանար այդ դարու սկիզբը մեր ժողովուրդը։ Պարզագոյն պահանջկոտութեամբ քննադատութիւն մը պիտի չգոհանար « Մնացորդաց »ը լեցնող մարդոց ներկայացուցչական տարողութեամբը` (իր բառերն են այս բարբարոս, տրտում տարազները եւ մենք կ՚ազդուինք առանց մեր ուզելուն, երբ կը խօսինք իր վրայ)։ Ու տեղն է հարցնել, արդեօք թուրքերն ալ « Մնացորդաց »ի հոգեբանութեամբ մը մուտք ունի՞ն իր վէպերուն մէջ Մնացորդաց »ին կէսը, « Հարիւր մէկ տարուան »ներուն շարքը նուիրուած է թուրք բարքերու, տիպարներու)։ Սպառա՞ծ էին մեր ժողովուրդին այնքան առատ տիպարները, որպէսզի Օշական իր միշտ «սպառած ուժերը» չսակարկէր թուրքեր ալ «նուաճելու», ան ալ իրենց ամենէն անհեթեթ, անբնական, անբարոյ խաւերէն, երբ մենք գիտենք, որ մարդը մարդ է՝ ազգի մը պատկանելէ առաջ։ Օշականի վէպերուն բոլոր հերոսները արտամարդկային տիպարներ են, երբեք գոյութիւն չունեցող։ Անոնք ծնունդն են իր երեւակայութեան ու իբր այդ դարձեալ կը ծառայեն լուսաւորելու անոր իմացականութեան ցեխը։ Ի վերջոյ գրականութիւնը չի կրնար անպատիժ « ճերմակ թուղթի » վերածել մեր քաղաքակրթութեան գերագոյն պարծանքները։ Յետոյ, կու գանք այդ վէպերը լեցնող, զզուելի ու մեղապարտ միւս մեղքին, որ խուլ, թաքուն, ներկրած պոռնկագրութիւնն է, բառ՝ զոր ինք այնքան շնական կեղծիքով մը ուրիշներու աւելի տանելի գոնէ ընթեռնելի բաց պատմութիւնները խարանելու գործածեց, անշուշտ նախաձաբեկ հոգեբանութեամբ մը, քանի որ այդ փարիզեան ջնարակով բացութիւնները լափուեցան ընթերցողներէն, անգամ մըն ալ ապացուցանելով իր վէ/235/պին հիմնական, անբուժելի խօթութիւնը, մեռելածին ճակատագիրը։ Ի՜նչ դաժան փառասիրութիւն է սակայն հազարաւոր էջեր լեցնել ու մէկ հատիկ ազնիւ սիրտ, պարկեշտ միտք, իրաւ մարդ զլանալ ահաւոր այդ վոհմակին մէջ։ Օշականը ինքզինքը ոչ մէկ վիպական դպրոցի աշակերտ կը յայտարարէ, միամիտները խաբելով անշուշտ։ Բնապաշտ վէպը ուրիշ բան չըրաւ, երբ մարդերը վերածեց աղբակոյտի։ Խօսի՞լ, ի վերջոյ, բարոյական զգայարանքէ մը որմէ զուրկ ծնած ըլլալը, նման բանի մը չհաւատալը չէ վախցած յայտարարելէ որ վէպին գերագոյն պաշտպանութիւնը պիտի կազմէր։ Ինչպէ՛ս համարձակիլ այդ վէպը (Օշականի) յանձնել մատաղ սերունդին։ Ի՞նչ ունին սորվելիք անկէ մեր երիտասարդները։ Ի՞նչ դարման կ՚առաջարկէ այդ վէպը Սփիւռքի «Նսեմաuտանին» (իրն է բառը), անոր հոգեղէնին սա ծիւրումը դիմաւորող, ի՛նք՝ որ թեղուած մունետիկն է իր ժողովուրդին պահպանման խաչակրութեան։ Աւելցա՞ծ է հայ հոգին, այդ վէպով։ Ահա հարցեր, որոնք, իրմէն ոսրված, իրեն կը դարձնենք, առանց յետին մտքի։ Օշական կրնայ խղճի հանդարտութեամբ մը դիմաւորել վճիռ մը, զոր ինք, ուրախ ենք ըսելու, տուաւ, օրինակի համար Երուխանի մը վիպական վաստակին համար։ Պիտի դասուի՞, յիսուն տարի վերջը, նոյնիսկ Տիկին Տիւսաբի դասին, երբ աւելի քան պարզ են այսօր տիկինին առնուազն իմացական հարուստ շարժառիթները։ Այդ վէպերը գրուեցան հոգ չէ թէ գէշ բերելու համար տառապող դասակարգերու բարիք, արդարութիւն, երջանկութիւն։ Գէթ մտադրութեան յիշատակումն իսկ պիտի պաշտպանէր յիշատակը անմոռանալի գրագիտուհիին։ Օշականը ի՛նչ ունի ըրած այս ժողովուրդին, անոր տգիտութիւնը լուսաւորելու, անոր տկարութիւնները բառնալու, անոր մեղքերը, ապականութիւնները սրբագրելու։ Ի՞նչ կայ այդ վէպին մէջ հայ բանուորը, հայ քաղքենին, հայ մտաւորականը շահագրգռող։ Ո՞ւր է այդ վէպերուն առնուազն մարդկային արդարացումը։ Մենք պիտի ուզէինք մոռնալ, մոռնա՛լ, մոռնա՜լ այն ամէնը, զոր Օշական կը յամառի թարմացնել, մոռնալ այդ սինլքոր, աղտոտ, մթին բարքերը, այդ անոպայ հայերը, մա՛նաւանդ զարհուրելի թուրքերը։ Այս զգացումը Սփիւռքի իմաստութեան մը պարտական չէ մեր նոր սերունդը, ոչ ալ հաշուեյարդարի ծնունդ մըն է մեր ներսը։ Գրականութիւնը բարւոյն, ճշմարտին եւ գեղեցկին (որքան ալ Օշական ջանայ ծիծաղելի դարձնել այս տարազները, անոնք միշտ կը պահեն իրենց ուժը, վկայ՝ անոնց խուժումը մեր մտածողութեան ամենէն աննենգ կերպարանքներուն վերեւ, որոնցմէ մէկն է ներկայ խարանումը անկիրթ ու անճաշակ գիւղացիի ճիղճ փառասիրութեանց) յա/236/ւիտենական հանդիսարանն է եւ ոչ թէ ճիւաղային արարքներու մրցարան մը։

դ ) Գրելու կարողութիւն մը, միշտ իր բանաձեւները գործածելու համար։ Ինք կը մերժէ զբաղիլ մեր ամենէն շատ կարդացուած մարդերով, անոնց գործն ու անունը մերժելով ընդունիլ իր գրական մայրաքաղաքին մէջ։ Մենք կը փոխադարձենք իր կիրքը ու կը զլանանք իրեն գրագէտին անհրաժեշտ ստորոգելին, որ պայմանաւոր է առնուազն իր գրած լեզուն գիտնալով։ Արդ, աւելի քան ստոյգ է, որ քառորդ դարէ աւելի կայ, որ մեր գրագէտները երկու կարծիք չունին Օշականի լեզուին վրայ։ Տակավին երէկ, պատկառելի մատենագէտ մը, մեծավաստակ, որքան հեղինակաւոր, նորոգեց վճիռը, որ կը հարուածէր Օշականի գրելակերպը։ Մեծահռչակ վիեննական վարդապետին այս շատ արդար դատաստանը գիտենք, որ Օշական շատ դիւրութեամբ պիտի վերածէ փառքի նոր մագաղաթի մը, այնքան ճարտար է այդ գիւղացին դէպքերն ու փաստերը շեղեցնելու իրենց իրական իմաստէն, զանոնք օգտագործելով ի պաշտպանութիւն իր հանգանակներուն։ Վիէննական վարդապետները կրնան գրական դպրոցներու նրբութիւնները մանրամասն չըլլալ ուսումնասիրած։ Բան մը սակայն դուրս է տարակոյսէ ատ ալ մեր լեզուն գիտնալու, զայն գրողին ճարտարութիւնը կամ ամրակութիւնը չափելու մէջ իրենց անվիճելի հեղինակութիւնը։ Օշական կը ծաղրէ լեզուն ու լեզուի աշխատաւորները։ Ան իր տգիտութեան փաստ մը չաւելցնե՞ր արդեօք։ Ի վերջոյ դիւրաւ չեն հերքուիր լոյսի պէս պայծառ ճշմարտութիւններ։ Վիեննայի մատենագէտները, որոնք բնագիրներու ուսումնասիրութեամբը հոյակապ գիւտ ըրին Ե. դարու ոսկեղնիկ, հարազատ, զտարիւն բարբառին, կը կարծենք, ի վիճակի էին այդ դասը տալու նախակրթութենէ մը չանցած այդ բոպիկ գիւղացիին։ Օշականի վէպերուն լեզուն ամէն ինչէ կը մեղանչէ, ո՛չ միայն գրականութեան մէջ, այլեւ՝ քերականութեան։ Ամէն էջի մէջ դուք ի զուր կը չարչարէք ձեր ուղեղը իմաստ մը ճարելու համար նախադասութիւններէ, որոնց կերպարանքը թէեւ հայերէն, բայց պարունակութիւնը անիմաստերէն, եթէ կը ներուի այս նորութիւնը։ Մնաց որ, այս դատակնիքը երեք սերունդի վաւերացումէն ալ անցած, կը մնայ անքակտելի։

ե) Գրագէտի տարրական որակում մը ։ Մենք կը հաւատանք, որ դարերով նուիրագործուած օրէնքներ, գրելու եւ խօսելու, չեն կրնար ըստ կամս չէզոքացուիլ, ուրացուիլ։ Օշական ահագին թուղթ է սեւցուցած այս հաւատքը ծիծաղելի ընող։ Բայց չի բաւեր մարդեր /237/ ծաղրելը։ Պարտաւոր ենք դրապէս ապացուցանել, թէ օրէնքները իսկապէս կը վնասեն գրելու արարքին։ Ասոր ներհակօրէն ապացուցումն է իր վրիպանքը։ Կ՚ենթադրենք, թէ խնամքով ուսումնասիրութիւն մը գրագիտական կանոններու զինքը պիտի ազատէր իր սխալներէն։ Բայց այս չէ էականը։ Գրագէտը է՛ նաեւ լուրջ, լայն, լեցուն, զարգացած անձնաւորութիւն մը, գանձ մը։ Գրագէտը բարոյական ուժ մըն է։ Գրագէտը բարիք մըն է, առաջնորդ մը, ախոյեան մը։ Գրագէտը մեր օրերու քուրմն է։ Կարելի է երկարել այս որակումները ու չհասնիլ այդ բառին ներսը սքողեալ արդար, փառաւոր յղացքները սպառելու։ Ձեզ կը հրաւիրենք այս տարազներէն որեւէ մէկը գործածել այս մարդուն կեանքին ու գործին համար։ Եթէ կը յաջողիք, առանց այդ յղացքները ծիծաղելի, առնուազն հակասական դարձնելու, հաստատել անոնցմէ ամենէն խոնարհին իսկ ներկայութիւնը Օշականին համար, այն ատեն կրկնապէս ցաւալի մէկն էք, կամաւոր կոյր մը, սրբապիղծ սոփեստ մը։ Օշական անունը կը նկատենք նախատինքի խորհրդանշան մը հայ գրականութեան թէ՛ իր վէպերուն, իր թատրոններուն, թէ՛ մանաւանդ իր քննադատութեանց մէջ։ Օշական անունը կը մերժենք մեր նոր գրականութեան բոլոր կալուածներէն, ուր կը յամառի քրմանալ, պատգամներ արձակել ու հերոսանալ։

Կը խորհինք, թէ այս ցուցմունքները կը բաւեն կշիռը տալու համար այս շինականին։ Անսպառ են մեր ըսելիքները, իր թերութեանց անսպառ մթերքին դիմաց։ Իրեն պէս ճերմակ թուղթ չունինք մեր առջեւը՝ հոն նետելու համար մեր մտքին այցելող ամէն բաջաղանք, սուտ ու փուտ խորհրդածութիւն, առնուազն կոյր, շահադէտ վերագրումներ, ոչ ալ պիտի ուզէինք իր մեթոտները գործածելով կործանել մեծ, սրբազան անուններ։ Կը բաւէ գիտնալ, որ Օշական անունին տակ մեր գրականութիւնը պղտորող ու, ինչու չըսել՝ աղտոտող գործը նախատինք մըն է արեւմտահայ գեղեցիկ լեզուին ու փարթամ վաստակին…»։

Ասիկա անշուշտ արտագրութիւն մը չէ, բայց կը խտացնէ Օշականի վէպին վրայ եթէ ոչ լայն, գէթ հաստատ խաւերու մտավիճակ մը։ Չեմ միամիտ, այդ ամէնը հերքելու փորձ մը ընելու, քանի որ վիճաբանութիւնը գրականութեան չի պատկանիր։ Կա՞ն, այս կրակոտ, խայթող, կծու տողերուն ետին գրական ծանր ցաւեր, կիրքեր, հաշիւներ, եւ կամ՝ կա՞ն թանձր անհասկացողութիւն, պարզամտութիւն, չարութիւն եւ բանդագուշանք, Օշականի բառովը՝ բաջա/238/ղանք։ Երկու պարագան ալ զիս կը ձգեն անտարբեր։ Կը հաւատամ, որ այդպէս դասաւորուած այդ մեղադրագիրը աւելի քան վաւերական պատկեր մըն է Օշականի գործը դատող, դատապարտող։

Ինծի կը մնայ իմ սովորական ամփութութեամբ, ընթացք տալ ուրիշ երակէ հաւանականութեան մը, այս անգամ առնուած հակառակ faction-էն։

Ուրեմն, արեւմտահայ քննադատ մը, նոր, միջին կամ տարեց, պիտի դատէր Օշականի անձն ու գործը հետեւեալ կերպով

«… Յակոբ Օշական Արեւմտահայ գրականութեան ամենէն խռովիչ անուններէն մէկն է, իր անձովը, ինչպէս գործովը։ Անիկա պատկանելով հանդերձ այդ գրականութեան ամենէն իրական, սրբազան աւանդութիւններուն, ըլլալով հանդերձ այդ գրականութեան ամենէն տարօրինակ, ինքնատիպ մշակներէն մէկը, է՛ նոյն ատեն մեր առաջին գրագէտը, եւրոպական ըմբռնումով, քանի որ իր հասողութեան տակ յաջողած է պահել գրականութեան մը հիմնական մարզերը, սեռերը։ Իր վէպը, իբր որակ ու ծաւալ, իր նմանը չունի այդ գրականութեան մէջ։ Իր քննադատական վաստակը շքեղ` ինչպէս ձգտում, որպէս իրագործում, դարձեալ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ կը մնայ եզակի, ցարդ անհաւասարելի, որակ ու ծաւալ։ Իր թատերական ճիգը, հաղորդ իր ժողովուրդին արեան մղումներուն, ինչպէս արեւմտեան թատերական ընդհանուր առաջադրութեանց, միշտ իբրեւ որակ ու ծաւալ կը մնայ առանձին։ Իր տպաւորապաշտ էջերը մեր քրոնիկին պատկանելով հանդերձ, անոր բերած են լրջութիւն մը, խորութիւն մը, ընդարձակութիւն մը, որոնք այդ համեստ սեռը կը բարձրացնեն, ամենէն ազնիւ գրական փառասիրութիւնները գոհացնող։ Իբր ուսուցիչ՝ անիկա հազարաւորներու ներշնչած է մեր գրականութեան պաշտամունքը։ Իրմով մեր գրականութեան դժնդակ սպասին եկան տասնեակներով անուններ, բոլորն ալ իրմէն ժառանգած աւելիին, բարձրին, նորին, նոյնիսկ կործանարար ձգտումները։

Յ . Օշականը մեր գրականութեան մէջ ստեղծեց իրարու տրամագծօրէն ներհակ մտավիճակներ։ Զայն ուրացողներու բանակը, աւելի քան իրաւ, ամրակուռ ու ընդարձակ, անոր գրական գործունէութեան ամենէն վաղաւոր շրջանէն մինչեւ այսօր, երբ այլեւս ալեւոյթ մըն է այդ քաջարի մարտիկը, անդուլ ու անողոք, փորձեց կտրատել այդ աշխատաւորին նոյնքան անդուլ ու անողոք թափը։ Պէտք կա՞յ ըսելու, որ ով է պարտուողը։ Զինքը ուրացողները իբր այդ թերեւս օր մը յիշուին մեր գրականութեան մէջ, իր առիթով։

/239/ Բայց Օշականի մեզի ձգած վաստակը ազգային հարստութիւն մըն է։ Կ՚ըսենք այսպէս խորունկ գիտակցութեամբ մը։ Զայն մոլեռանդօրէն պաշտողներու, պաշտպանողներու թի՞ւը։ Անշուշտ։ Առնուազն տմարդութիւն պիտի ըլլար տարուիլ այդ պղտոր մարդոց պղտոր հոսանքէն, ու ձգել իր բախտին մէկը, որ մագիստրոսաբար զարգացուց ուրիշները իր դէմ հանելու անխելք իմաստութիւնը։ Մեր մտաւորականութիւնը քիչ մը տարածեցէք տարազին ծիրը, անկէ ներս առնելու համար գրողն ու կարդալ եւրոպական իմաստով գիտցողը, վարժապետն ու մեծտունը, որ մեկենասանալու փառասիրութիւնն իսկ կը վերածէ տրտմութեան գրեթէ միակտուր չենք ըսեր հալածանք, այլ աւելի մեծ, հեռահաս զէնք մը, միակտուր լռութիւնը, գործածեց իր աշխատանքը դիմաւորող։ Ամբաստանեցին զինքը ուրացող, նախանձոտ, մեր գրականութեան մեծատարած փառքերը հարթող, իր պզտիկ փառասիրութիւնները միայն հետապնդող։ Մենք, որ ճանչցած ենք զինքը իր մտերմութեան, խանդին, հաւատքին մէջ, հիացում միայն տեսանք իր մօտ մեր բոլոր իրաւ արժէքներուն համար։ Անկեղծ էր, բիրտ, վնասակար, կործանարար անկեղծութեամբ մը, հրապարակի մը վրայ, ուր լրագրական նրբութիւնները, նենգութիւնները, առնուազն ճարտարութիւնները ամենազօր էին՝ հռչակ մը յօրինելու, պաշտպանելու, տեւական ընելու արարքներուն համար: Ամբաստանեցին, որ կ՚ուրանար անմոռանալի անուններ, մինչ մենք լսած ենք իր հզօրագոյն հիացումները մեր բոլոր արժանաւոր գրողներուն հասցէին։ Ինք ուսուցիչն էր, որ կրնար էջ մը Պարոնեան վերլուծել ժամերով, իրարմէ խոր ու նոր ապրումներու, զգայութիւններու, մտածումներու հիւսիսայգ մը ընելով այդ տկլոր էջը, զոր կը կարդան մարդիկ, քանի մը բերան խնդալու համար։ Օշական այդ էջը պատրուակ ունէր այդ մարդուն ետեւէն երեւան հանելու բիւրաւոր խռովքներ, ձգտումներ, կեանքի շերտեր, որոնք մերն էին եղեր Պարոնեանի շրջանէն, անկէ առաջ, դարերուն, ուր դարձեալ մեր ժողովուրդը կ՚ապրէր իր տագնապները, արեան դրութիւնը, մարմնին ձայները, պիտի ըլլային մերը թերեւս տակաւին քանի մը դար։ Իր գործադրածը գրական, քերականական վերլուծում չէր մեր որեւէ հեղինակէն։ Բառերը կը բացուէին, կախարդական վարագոյրը ժամանակին ու շրջանին կը վերցուէր տողերուն վրայէն ու մենք կը տեսնէինք մեր կեանքը, իր բոլոր կերպարանքներուն տակ, թարմ, յատկանշական գիծերով առաւել քան թելադրիչ, ինքնատիպ ու իրաւ։ Տողերուն ետեւէն մենք կը զգայինք գրողին ալ սիրտը, ամէն մէկ բառի բաբախուն ու խռովիչ։ Էջ մը երբեմն յաջորդական չորս-հինգ ժա/240/մերու մէջ կը մնար անսպառելի։ Մեր զգացա՞ծը այդ ամենէն։ Անշուշտ։ Մենք կը մոռնայինք զինքը, զմեզ, գրողին անձնաւորութեան վարկը, առասպելը, տարուելով միմիայն այդ էջ մը խորհրդանշական, մեհենագրային հրիտակին ահաւոր խտութենէն։ Այսպէս է սիրած այդ մարդը մեր բոլոր արժանաւոր գրողները։ Այնքան շատ, իրարմէ նոր, իրարմէ աղուոր էին իր վերբերումները Դուրեանի մը Պէշիկթաշլեանի մը, Վարուժանի մը, Մեծարենցի մը քերթուածներէն, որ մենք ատեն չէինք գտներ այդ ամէնը մեր մտքին մէջ տեղաւորելու։ Կրակի անձրեւ մըն էր այդ դասը մեր մարող հոգիներուն։ Անոնք, որ անցած են Օշականի դասէն, անոնք միայն կը զգան դառնութիւնը անիրաւ ամբաստանութիւններուն, մա՛նաւանդ գրական մեծութիւններ կործանողի իր ուրուականը երբ կը պտըտցնեն քողամբարձ խրտուիլակներու նման։

Ըսին, թէ սոփեստներ կը պատրաստէր։ Աւելի լաւ կը նկատենք, այդ զգացումներով, այդ կիրքով ու եռանդով սոփեստներ դառնալ, քան անսիրտ, մարած, մեռած, կոկ կամ հետեւակ իմաստուններ իբրեւ մեր դիրքը, փառքը հաշտեցնել մեր գրական հրապարակին փոքրութիւններուն։ Սոփեստները չեն շինուիր։ Անոնք կը ծնին եւ իրենք են պատասխանատուն այդ դժբախտութեան։ Որքան կը յիշենք, իր հասցէին հեղեղուած հայհոյութեանց փաստերուն մէջ իր հակառակորդները չեն գործածած այդ փաղաքուշ որակականը։ Իր աշակերտները չէին կրնար չտեսնել մարդը, որ չէր կրնար չաշխատիլ։ Ու չէր գոհանար երկրորդական աղբիւրներէ։ Սոփեստը աշխատանքի անընդունակ ծնած մարդն է, կամքէն կոտրած դժբախտ մը: Հազարաւորներ կը համրուին անոնք, որ քառասունէն աւելի տարիներու ընթացքին, անցան անոր դասէն։ Ու աշխարհին պայմանն է զանազանութիւնը։ Ամէն տիպարի տեղ կայ Աստուծոյ արեւին տակ։ Սոփեստութեանց գերագոյնն է անբաւարար մարդոց անբաւարարութիւնը իրենցմէ դուրս ուրիշ ազդակներու վերագրել։

Ըսին, թէ յաւակնոտներ կը հասցնէր։ Սխալի մէջ չեն, եթէ երբեք այդ յաւակնութիւնները ըլլային արդարանալի։ Իր վրայ ամէն ինչ լրջութիւն էր, խորութիւն, լայն, տիրական պատրաստութիւն։ Չէ ներած անիկա իրեն արտայայտուիլ իր կէս գիտցածին, չգիտցածին վրայ, համայնագիտարաններէ, բառարաններէ, դասագիրքերէ ափափոյ քաղուածքներու ապաւինելով ու խօսած, գրած է միայն այն բաները, որոնք իր արեան դրութեան մէջ իջած կ՚ըլլային, երկար խմորումներով։ Ու երբ կը դատէր, կը դատէր ոչ այդ բանին համար պատրաստուած, մասնագիտացած եւ ուրիշի անընդունակ մարդու /241/ սահմանափակ, սորվածը միայն գործադրելու ատակ արհեստաւորին նման, այլ իբրեւ մէկը, որ կրնայ, պահանջուած պարագային, քակել ու նորէն շինել տրուած գործը։ Անիկա կիրքով մերժած է տարրական իրաւունք արեւելահայ ի պաշտօնէ դատողներուն, քանի որ այդ դպրոցին համար դատումը հասարակ կրկնութիւն մըն է, բոլոր մեղքերուն վրայ, գրուած ալ չըլլալու աններելի մեղքով մը: Օշական յաւակնոտը կը հասկնայ մարդ մը, որ իր պահանջածը գործադրելու անկարող կը հանդիսանայ։ Մի՛ խօսիք վէպի մը վրայ, դուք, որ մտքէ չէք անցուցած պարզագոյն պատմումը փրկել տափակութենէ։ Մի՛ խօսիք թատերգութեան մը վրայ, դուք, որ չէք անցած բեմին փորձէն, ուր միայն խաղ մը իր կեանքը կ՚ապահովէ։ Ու ասիկա այսպէս, գրական բոլոր սեռերուն համար։ Մեզի պատմուած է, որ անոր ոտանաւորները, 1900ին, դպրեվանքին մէջ, հաւանութեան էին արժանացած… Եղիշէ Դուրեանին, առնուազն թեքնիք յարմարութեանց մասին որոշ փաստով մը։ Օշական քսանամէնի հրաժարած է մուսաներու դարպասէն, ո՛չ անշուշտ այդ աժան քոյրերը սիրաշահելու համար անհրաժեշտ միջոցներուն պակասէն, այլ՝ շատ աւելի բարդ տագնապի մը գնով։ Անիկա պիտի չգտնէր այդ ճամբուն վրայ, ինքզինքը պարտադրող կերպ մը քերթողութեան, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ չի հասկնար քերթուած մը։ Իր յաւակնութիւնը ուրեմն մենք կը նոյնացնենք իր դժուարահաճութեան, որ վաղ պատանութենէն մինչեւ իր ալեւոյթը ապրեցաւ իրեն հետ։ Մեր գրական հրապարակը իր արժէքները, չափերը, տախտակները կամ պատրաստ կ՚առնէ ու կը գործածէ, կամ կը շինէ իրեն յարմարները, Օշականին բառով՝ կաղապարները, որոնք, իրենց կարգին, բաղադրումներ (combinaison) են այս ու ան նկատումներէ, հաշիւներէ։ Օշական այդ սարիքին համար է, որ կը պահէ խորունկ չկամութիւն։ Իր դժգոհութիւնը ուրեմն աւելիին ձգտումով է պայմանաւոր։ Միշտ ըսեր է մեզի, իրեն աշակերտողներուն. «Պիտի չհաւնիք զիս, ատիկա ձեր պարտքն է։ Բայց պիտի քալէք իմ շուքիս հետ, որ ձեզ ձեր դէմ դժգոհ ձգող մեթոտն է»։

Մարդն է անիկա ամենէն իրաւ, խորունկ հիացումներուն։ Ոչ ոքի գրչին տակ մեր իրաւ փառքերը գտան քնարական աւիւնով լեցուն տարփող մը, որքան ատիկա կը զգանք Օշականի մօտ, երբ իր առջեւ ունի վաւերական առիթներ։ Արեւմտահայ գրականութեան վրայ իր ընդարձակ աշխատանքը բաւ է այդ իրողութիւնը պայծառ արտայայտելու։ Մարդիկ, անշուշտ միշտ իրենց հաշիւներուն թելադրանքին տակ, պիտի անցնին մօտիկէն իր հիացումներուն ու կե/242/նան, հաւար փրցնելու համար, իր ուրացումներուն առջեւ։ Մենք պարտաւոր ենք նախ արդարացնել մեր հիացումները, իրենք իրենց հաշւոյն։ Կրնանք մեծ, երախտագէտ յուզումով մը ոգեկոչել յիշատակը, օրինակի մը համար, Հ. Ղ. Ալիշանի մը, իր դերէն, վաստակէն, ազդեցութենէն դեռ մնալով ողողուած, բայց չենք կրնար հակասել մեր ներքին իրականութեան, մեր հարազատ ապրումներուն, երբ Ալիշանի բանաստեղծութեան մէջ ոչինչ կը գտնենք… մեր օրերուն խօսող։ Այն ատե՞ն։ Առնուազն իմացական պարկեշտութիւն է այդ տպաւորութիւնը իբր այդ արտայայտել եւ ոչ թէ աս ու ան նկատումներով ճիշդ մեր զգացումներուն հակառակը խօսիլ։ Մենք կը կարդանք Պ. Դուրեանին տաղերը եւ կը մնանք համակուած խորունկ յուզումով փաստ՝ թէ այդ տաղերը կը խօսին մեր սրտերուն… էլի այսօր։ Նոյն ժամանակէն, նոյն դպրոցէն, նոյն զգայնութենէն վերցուած երկու գործերու առջեւ մեր տպաւորութեանց սա հիմնական տարբերութիւնը մեզի բան մը կը թելադրէ՞։ Ապահովաբար այո։ Անպարկեշտը ան է, որ այդ թելադրանքը չի համարձակիր գրի տակ ձգել, յաւակնոտ մը, սրբապիղծ մը, սոփեստ մը դասուելու վախէն նահանջելով։ Ամբողջ մեքենականութիւնը Օշականի յաւակնութիւններուն կը վերածուի այս պարզագոյն հաւաստումին։ Դաժան իր համբա՛ւը խստաբիբ, անողոք, կողմնակալ, անարդար դատաւորի։ Մարդիկ իրենք են հեղինակը այդ չարաշուք հռչակին։ Օշական չի սիրեր աղմուկը, չի կարդար իր վրայ յարձակողականները, ու կը քալէ իր ճամբան։ « Երբ կարաւանը կ՚անցնի » ընդհանուր վերնագիր մըն էր իր այդ կեցուածքը լուսաւորելու ծառայող։ Այո՛, անողոք է, բայց որո՞նց հանդէպ։ Անո՛նց միայն, որոնք իրմէն առաջ այդ անողոքը եղան իրենց հանդէպ, իրենց ներելով անհուն, անսրբագրելի, անողոք փառասիրութիւններ։ Անիկա հարթեց բոլոր փափուկ «կլորութիւնները» մեր նոր գրականութեան, բայց բարձրացուց արձանները ոտնակոխ, խղդուած, արժանաւոր տաղանդներու։

Մարդն է լայն հորիզոններու։ Անիկա բացի բանաստեղծութենէն մեր գրական միւս բոլոր սեռերուն վրայ փորձեց դժուար, անընդունելի նորութիւններ, կոտրտելով արմատացած մտայնութիւններ ու խորտակելով ամրակուռ կաղապարներ։ Մեզի պէս իմացօրէն այնքան անբաւական, անպատրաստ, անընկալուչ հասարակութեան համար, անիկա որդեգրեց զայն շփոթեցնող ընդարձակութեամբ, փառասիրութեամբ հորիզոններու սպաս մը, գրելով վէպեր, որոնք չեն պատշաճիր մեր մարսողութեան, թատրոններ, որոնք չեն ներկայանալի հանդիսականին, ինչպէս դերասանին չգոյութեան /243/ պատճառով, քննադատական ձեռնարկներ, որոնց պարունակութիւնը գլխովին հակադիր թեզեր կը պաշտպանէ մեր կողմէ ուղղափառօրէն պաշտուած գաղափարներու, հանգանակներու։ Մենք վստահ ենք սակայն, որ Օշական մեր վէպը աճեցուցած է, մեր թատրոնը ըրած աւելի իրաւ, աւելի մարդկային, մեր քննադատութիւնը՝ աւելի համարձակ, համապարփակ։ Իր գտածը աւելցնելով ուրիշներու յանձնող բանուորն է անիկա։ Լայն իր զարգացումը, իր գործադրումներուն համար բարձրագոյն մտատիպարներու պարկեշտ, հաւատաւոր սպասարկումը, ու այս ամէնը ընելու արարքը արարողութեան մը, հանդէսի մը, ցուցամոլութեան մը չվերածելու իր պարզամիտ փոյթը՝ ուրիշ արժանիք։

Իրմով մեր մէջ մուտք ունեցան մեծ գործերու նմոյշներ, անթիւ գաղափարներ, բոլորն ալ լրագրականէն վեր տարողութեամբ։ Չունի տող մը, ուր իրաւ ապրում մը, իրաւ մտածում մը չըլլան ծրարուած։ Ինչ որ մեր կեանքը ի վիճակի էր անոր տալու իբր փորձառութիւն, անիկա վերածեց իր իմացական թանգարանին յօրինման։ Վէպ, թատրոն, քննադատական կառոյցներ իրեն համար միշտ առիթներ են այդ թանգարանէն լոյսին հանելու շողշողուն, մթին, գեղակերտ կամ անհեթեթ ձեւեր, բոլորն ալ կեանքէն գնուած։ Իր կրթութեան պակասը չարիք մը, անշուշտ։ Բայց թերեւս բարիք մըն ալ։ Այդ համալսարանական կրթութիւնը քանի՜-քանի՞ գրողներ կռնծեցուց։ Մեր գրականութեան շրջափոխութիւնը իրմով չէ կնքաւոր, վասնզի ասիկա ընելը դերն էր, փառասիրութեան բուխքն էր ուրիշ խառնուածքներու։ Նոյնիսկ դաս ըրած րոպէներուն Օշական օրէնսդիր մը, պատգամախօս մը չէր, որպէսզի ատոնք ըլլար փառասիրած իր գրական կառոյցներուն մէջ։ Ծանօթ է իր ելոյթը քննադատութիւն որակուած «բաջաղանքին» դէմ, մա՛նաւանդ՝ երբ այդ խօսքերու դրութիւնը չըլլայ պաշտպանուած արուեստի զգայարանքով մը։ Եւ սակայն, ինչպէս ըսինք վերը, իրմով մեր մէջ մուտք ունեցան շատ մը նոր գաղափարներ, ինքն է հեղինակը անշուշտ Սփիւռքի մեր վէպին, այլ զայն մշակող տղոց մէջ տիրական մտահոգութեան մը, որ նորին, անտիպին ետեւէն խօլ արշաւ մըն է, այդ վէպին յաջողակ նմոյշներուն մէջ։

Իրն է տարփագին պաշտամունքը իր ժողովուրդին, դարձած իր գրականութեան գոյութեան պատճառը, raison d՛êtreն, ինչպէս կ՚ ըսեն։ Ի՛նչ որ բխած է իր ժողովուրդին խորագոյն ալքերէն ու հեռագոյն դարերէն մեղք, ինչպէս առաքինութիւն, տաղանդ, ինչպէս հաստ բարքեր, տրտմութիւն, ինչպէս երազանք անոր /244/ համար կը կազմէ հաւատքի հանգանակի մը չափ ուժգին, անխռով ստուգութիւն, արժանիք։ Մի աճապարէք ասիկա մօտեցնել մեր ռոմանթիզմին, ու իր հայրենապաշտ գաղափարաբանութեան։ Ալիշան չունի տող մը, որ ըլլար հետաքրքրուած իր ժողովուրդին ներկայովը։ Այդ ռոմանթիզմին հիմնական առքը, տարփանքը կու գային բացառաբար, այլամերժաբար մեր անցեալէն։ Մի աճապարէք Օշականի ժողովրդապաշտութիւնը նոյնացնել Արփիարեաններու իրապաշտ, գործնական կիրքովը մեր ժողովուրդի անմիջական վիճակները բարւոքելու, նորոգելու։ Իրապաշտութիւնը իր շեշտը դրաւ իր փորձառութեան դաշտին որ մեծ չափով մը կ՚ընդգրկէր Պոլիսը, իր վէճերը, մէկ քանի տախտակները այդ քաղաքին բարքերուն ու շատ քիչով ալ հայ հայրենիքին մթին զանգուածին թշուառաստան ինկած ապրումներուն, ու մեր գրականութեան մտահոգութիւնները մասնաւորեց այդ ամենուն շուրջը հանրային, հրապարակագրական պրպտումներուն։ Ան ալ չէր այցուած հայ ժողովուրդի մը համայնական գիւտէն։ Օշականին կիրքն է, մոլեռանդութիւնը հայ հոգիին գիւտը։ Այս պարզ, բայց տարօրէն խոր նախատեսութիւնը բանալին է անոր հսկայ կառոյցին։ Իր վէպը ուրիշ փառասիրութիւն չէ հետապնդած, եթէ ոչ այդ հոգիին յայտնաբերումը եղող բարքերուն, կիրքերուն, ապրումներուն կարելի խնամքով, խորութեամբ վերլուծումը։ Եւ որովհետեւ այդ հոգին, իր կարծիքով աւելի հարազատ, քիչ աղարտուած ձեւով մը դեռ կը մնայ մեր այն դասակարգին մէջ, որ ապրեցաւ մեծ ապականութեանց կեդրոններէն հեռու, ոստանիկ Պոլսէն աւելի մռայլ Խարբերդին կամ աւելի յետանկեալ Վասպուրականին մէջ, ու մա՛նաւանդ գիւղերու, գիւղաքաղաքներու մէջ, բանական պիտի ըլլար, այդ հոգիին գիւտովը մտազբաղ մէկու մը համար զայն փնտռել այդ խաւերէն ներս։ Ասկէ՝ զոյգ հետեւանքներ։ Իր գրական գործին երկու կիսագունդերը կ՚իյնան այդ ազդմունքներուն գօտիին։ Օշականի վէպը հայ գիւղն է (իր անտիպ մէկ հատիկ վէպը քաղաքէն է որ կու գայ։ « Մնացորդաց »ին մէջ քաղաք տարրը մնացած է նախնական: Թուրքերուն քաղաքներն իսկ գեղ կը համարուին) ամբողջական ու տարածուն. հետեւաբար հայ հոգին երեւան հանելու համար յարմարագոյն դաշտը։ Օշականի քննադատական ընդարձակ աշխարհը դարձեալ կ՚իյնայ ծիրին մէջը այս հետաքրքրութեան։ Մարդիկ զարմանքէ զարմանք կ՚անցնին, երբ մեծանուն գրողներ իր մօտ կը տժգունին, իրենց բերած հայեցի տարրին անբաւականութեանը պատճառով, իր գնահատման մէջ։ Անիկա կործանեց մեր Ռոմանթիքները, /245/ ցանցառ բացառութեամբը քանի մը ընտրելագոյն, իրաւ քերթողներու։ Ու չէին հասկնար իր մեկնակէտները։ Մեր ռոմանթիզմը մեր այն շարժումն էր, ուր ամենէն քիչ մուտք ունէր մեր ներկան, ան ալ անձնական տարրերով, սանկ ու նանկ քերթողներէ։ Պոլսեցի Թերզեան մը իր աշխարհովն ու նիւթովը, հոգիովն ու զայն արտայայտող արուեստովը ոչինչ ունէր յայտարար իր ժողովուրդին խորունկ, իրաւ, անթեղեալ ապրումներէն։ Օշական չխնայեց այդ թերեւս արժէքաւոր, պատուական, ամենուն համակրանքն ու հիացումը գրաւող մեծահամբաւ անունին։ Օշական դարձեալ եղաւ այլամերժ, մեր 1900ի փառքերէն մեծ թիւ մը իր հետաքրքրութիւններէն դուրս յայտարարելու, անոնց մէջ գտնելով միայն մեր Պոլիսը, ասոր ամենէն ճղճիմ ապրումները, ասոր սեթեւեթն ու հոսհոսութիւնը, ու չգտնելով ինչ որ կը կազմէր իր հետաքրքրութեան դրդապատճառը հայ հոգին։ Գրականութիւնը այսպէս խնդրական, կասկածելի նպատակներու իբր ապացուցում իր օգտագործելը մարդիկ վերագրեցին անձնական կիրքին, անհասկացողութեան, կողմնակալութեան, նախանձի, մախանքի, շարունակելը ձեզմէ։ Իրականին մէջ այս ամէնը կու գային մէկ ու նոյն կիրքէն կիրքը՝ հայ հոգիին գիւտին։ Այս տարօրինակութեանց շարքին է ապահովաբար իր շատ յստակ, շատ բարձր գնահատումը Արեւմտահայ գրականութեան մէջ վաստակէն այն գրողներուն, որոնք իրենց նիւթն ու աշխարհը, մասամբ այդ աշխարհին համն ու հոտը կ՚առնեն իրենց իբր նպատակ ու արտայայտութեան միջոց։ Մեծարժէք, շատ բարձրորակ գրողի դէմք մըն է իրեն համար Թլկատինցին։ Ուրիշ դէմք մը, նոյնքան հանգամանաւոր՝ Հրանդը։ Ծանօթ է, որ Թլկատինցին, գրական վէճերէ հեռու մնալուն՝ խնայուեցաւ պոլսեցիներէն, որոնք անոր շնորհ մը ըրին, իւմէօռ ին ու հայեցի շեշտին զիջում մը շատ չտեսնելով, բայց խուլ արհամարհանքով մը հեռուէ հեռու չթերացան իրենց գնահատումը ժլատ, չկամ ընծայելէ։ Չօպանեան, որ Թլկատինցիի գործը յառաջաբանած է (Ամերիկեան տպագրութիւն մը անոր ամբողջական գործին ), նահատակի իբր յարգանք կը թուի գրած ըլլալ իր ջատագովականը, որ մեծ բան մը չապացուցաներ սակայն, քանի որ նոյն այդ բարիացակամ տրամադրութիւնը մենք կը տեսնենք վերածուած քնարական տարփողի, դարձեալ յառաջաբանի մը մէջ, Թովմաս Թերզեանի քերթողական դիւանին հրատարակութեան սկիզբը։ Արդ, Oշականի կշռին մէջ Թովմաս Թերզեան հասարակ տաղաչափ մըն է ու բոլորովին անարժան այն դափնեպսակին, զոր պոլսեցի քննադատը չէ վարանած ովսաննայով բոլորելէ նոճեպսակ այդ քերթողին ճա/246/կատին։ Արշակ Չօպանեան, չենք մոռնար, Հռօ մը անուանած էր Հրանդը, որ Օշականի գնահատման մէջ այդ Պոլիսին ամենէն իրաւ գրագէտներէն մէկը եղաւ։

Այս հիմնական նկատումներէն մեկնելով է, որ կը փորձենք արժեւորել Օշականի մէջ

ա) Յեղափոխականը, որ մեր գրականութեան մէջ ստեղծեց խորունկ խռովքներ, իր ուրացումներովը, ինչպէս հիացումներովը, խորտակեց ամրակաղապար պատրանքներ ու բարձրացուց նոր տախտակներ, երեւան բերաւ երկրորդական սեռի մը մէջ (Օշական քննադատութիւնը գրականութեան լրագրութիւնը կ՚որակէ, անոր մերժելով արուեստի քաղաքացիութեան իրաւունք մը) առաջնակարգ յատկութիւններ, գաղափարներով աղքատ մեր արձակին մէջ դնելով ծանրութիւնը ամուր, իրաւ մտածումին։ Գաղափարագրութեան մէջ մանկական ըսուելու չափ նախնական ախորժակներ լրաջացնելով օտար, մեծ մշակոյթներու վայել նորանոր յաւելումներով։ Իր քննադատական խոշոր կառոյցները, ինչպէս անջատ մենագրութիւնները արուեստի գործերուն ջերմութեամբը, հաղորդական ոգիով, աւիւնովը կենդանացած, մեզ կը համակեն իրաւ ապրումներով, խօսելով անշուշտ մեր միտքին ինչ որ պարտքն է ընել ամէն իմացական կրթանքի բայց գտնելով նաեւ մեր ջղային դրութիւնը, ներդաշնակ, սահուն, թելադրող, տաք, «միսոտ», իրն է բառը, իր ոճին բարիքովը։ Կը կարդանք իր քննադատականները, ինչպէս պիտի կարդայինք վէպ մը, ամէն էջի խանգարուած մեր պանդոյր սովորութեանցը ներսը, ընդքարշուած դէպի նոր խորհուրդներ, հորիզոններ։ Ինքն է, որ դատելու պաշտօնական, չոր, առաւելապէս վիճարկու եւ ապացուցողական մարզանքը փոխակերպեց կրքոտ ապրումներու հանդէսի մը։ Իր այդ սեռէն գրուածքներուն մէջ դուք չեք կրնար չէզոք մնալ, այսինքն՝ չբաժնել հեղինակին զգացական խանդն ու կիրքը, նուաճուած եւ կամ պարտաւոր էք ձեռքէ նետել, անցնելու համար հակադիր բանակին, որ նոյնքան իրական է, որքան դրական փաղանգը իր համակիրներուն։ Յեղափոխականը յաճախ արտակարգ մարդ մըն է։ Ինքն է ըսողը։ Մենք տեսանք, թէ իր դէմ կազմակերպած գապալը ինչպէս անիկա վերածեց աշխատանքի լուռ, յամառ, այլամերժ աշտարակման մը ու թողուց, որ մարդիկ իրենց վէճերը հարթեն իր գործին վրայ, զայն փառաւորելով կամ աղբակոյտի հետ նոյնացնելով ու չունեցաւ ականջ այդ ամենուն, իր կործանած մարմինը յարդարելով մեծ ստեղծագործութեան մը։ « Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան »ը կոթող մըն է ո՛չ միայն /247/ գրական իր շատ լուրջ, շատ քաղցր արժանիքներով, այլեւ իր յօրինման համար վատնուած կենսամթերքին գնովը։ Այդ գործը երկնուած է ամէն ժամ մահուան անկողնի մը մէջ։ Մենք գիտենք, որ օրը երկու անգամ, սեղանի անցնելէ առաջ, Oշական հաշիւը փակած է կեանքին հետ, ու եթէ չեն փակուած իր աչքերը այդ ահաւոր լարուքին մէջ (մէկ ժամէն աւելի աշխատանքը արգիլուած էր իրեն, մահուան սպառնալիքով), ատ ալ իր դժբախտութիւնը երկարաձգելու աւելորդ լիւքս մը որակեց անիկա ճակատագրին կողմէ կարգադրուած։ Օշական յեղափոխական մըն է դարձեալ մեր վէպին ընդհանուր ձգտումներուն մէջ։ Անոր փառասիրութիւնը, հեռու գրական ճիղճ ախորժակներէ քանի որ տեղեակ էր մեր հասարակութեան ընկալչութեան աստիճաններուն եւ հետեւաբար վստահ էր չկարդացուելուն է՛ հոգեղէն տագնապ մը։ Քանի՜-քանի՜ անգամներ անոր տպաւորապաշտ էջերուն մէջ մեզի կը տրուի զգալ խորունկ տրտմութեան մը շեշտը տրտմութիւնը՝ իր ժողովուրդին արժանիքներուն եւ անոնց հերքումը պարզող անոր ճակատագրին։ Ան մարդն էր, որ առաջին անգամ իր մտքին համար հորիզոն ընտրեց իր ժողովուրդին հեքիաթունակ, հրաշախառն, անկարելի, բայց եղերօրէն իրական պատմադաշտը։ Իր պապե՜րը ու անոնց հոգին, որոնք դարէ դար այդ հայրենիքին հողերուն երեսին եղան իրաւ, ծանր, խոհուն ու հաւատաւոր, բրեցին ու աղօթեցին, սիրեցին ու լացին, նախատուեցան, բայց կեցան ու գտան կերպը այդ պատմութիւնը գրելու իրենց արեամբը, հոգիովը։ Օշական կ՚ապրի իր պապերը, իր աւելի քան քառսուն տարիներուն մէջ, որոնք կարծես թէ հինգերորդ դարէն փրցուած ու նետուած էին իր տարագիր գոյութեան։ Օշականի « Մնացորդաց »ը վէպ մը չէ, այլ այդ ցաւոտ հոգիին, տառապանքին ոստայնացումը, կորուստէն առաջ փառաւոր կտաւի մը տպաւորումը, բառին տալով թեքնիք իմաստ մը։ Իրն է ցաւը՝ ուրիշ ժողովուրդներու պէս ապրելու սահմանուած չըլլալու։ Իրն է ցաւը, զոր մեր հողերը կը պահեն իրենց ծոցը, հոն ինկած ոսկորներէն, սիրտերէն շամանդաղ առ շամանդաղ ծորած ու միւռոնոտած։ Դիւրին՝ այս ճամբով իր վէպը, թատրոնը, քննադատութիւնը փոխակերպել արեան երեւոյթներու։ Մի մեղադրէք զայն, որ իր զգացողութիւնն ու մտածողութիւնը չըլլայ կազմակերպած ծանր, ամուր կառոյցներու, (իմաստէ) դրութիւններու կերպարանքին մէջ։ Եւրոպացի մեծանուն հեղինակներ անիկա ունէր օրինակ, որոնք առանց իմաստասիրելու, այսինքն՝ դրութիւններ լաստակերտելու, իմաստի խոշոր յեղաշրջումներ ստեղծել էին իրենց շրջաններուն։ Օշականի /248/ դերը չի նշանակեր իր չափէն անդին աճեցնել, երբ ուզենք զայն տեսնել հաւասար արեւմտահայ գրական սերունդներու բազմաuարուած ճիգովը գոյաւոր երեւոյթներուն։ Սերունդ առ սերունդ, մեր գրականութիւնը ըրաւ նուաճումներ։ Այսօր կարող ենք այդ նուաճումներուն միութիւնները իրարմէ անջատել, իւրաքանչիւր գրողի վերապահելով արդիւնաւոր դեր մը։ Օշական, անպաշտպան, մինակ, աւելին՝ հալածուած, իրագործեց ինչ որ գրական փաղանգ մը հազիւ գլուխ էր հաներ, լաւագոյն պայմաններէն նպաստաւորուած։ Ընդդէմ Սփիւռքի փղշտացիութեան, չկամութեան, հայհուչին, անարգ խաչակրութեան, մենք ունեինք իր վէպը, դեռ չգերազանցուած, իր թատրոնը, դեռ չգերազանցուած, իր քննադատական կառոյցը, միշտ չգերազանցուած։ Այս հաւաստումները կ՚առնեն իրենց բոլոր լրջութիւնը, երբ ուզենք դնել կատարուած գործը յեղափոխականի մը շեշտ դաւանանքի մը rayonին մէջ։ Ո՞վ չի գիտեր, որ այդ մարդերը կործանումի ազդակներ են։ Օշական սուտ, գաճէ արձաններ միայն կործանեց ու ազնիւ մարմարին համար բերաւ իր արեան հուրքը։ Իր կործանումները չեն պատկանիր մեր փառքերուն։ Երբ փառաբանած գեղեցկութիւնները պիտի կազմեն այս ժողովուրդին հպարտութիւնն ու արուեստին յաղթանակները։

բ) Վերանորոգիչը, որ յեղափոխականին հետ իբր հակապատկեր չի գործածուիր հոս։ Մարդիկ աճեցուցին իր կործանումները, վանտալութիւնները, բայց լռեցին իր հիացումներէն, իր առաջարկած նոր չափերէն, արժէքներու նոր տախտակներէն։ Բազմապատկեցէք Հրանդները, Թլկատինցիները Արեւմտահայ գրականութեան հարիւրամեակին վրայ, դուք պիտի ունենայիք մեր ժողովուրդը ամբողջ եւ ոչ թէ սուտ ու փուտ բառակոյտը Մխիթարեան բանաստեղծութեան, հոսհոս քրոնիկը պոլսեցի վարդապետներուն, ջրվրայ բանաստեղծութիւնը Եղիաներուն, Չերազներուն եւ 1900ի շատախօսներուն։ Պիտի ունենայիք մեր կեանքը, այնպէս՝ ինչպէս անիկա դրուեցաւ միլիոնաւոր մարդերու ատամներուն իբր մեռելի միս ու ցաւի արգանակ, իբր ամօթ ու արցունք, ու իբր հեշտանք ու գեղեցկութիւն, հողին մէջ ու հողին վրան, արեւին հետ ու շաղին արծաթին վրայ։ Հայոց աշխա՜րհ, Հայոց ժողովո՜ւրդ։ Բայց ոչ մինակ՝ ողբի արժանի, բառական հռետորութեան նախապայման, այլ՝ անհո՜ւն, անհամար ջիղերու ծորում, թրթռուն, ձայն ու արիւն։ Օշական ա՛յս կ՚ուզէ մեր գրականութենէն։ Ու ասիկա ո՛չ միայն անկարելի հրաշք մը չի կազմեր, երբ կենանք պարկեշտութեամբ, պահանջին առջեւ, այլեւ իբրեւ պարտք մը կը զգացնէ ինքզինքը։ Ի՜նչ /249/ յիմարութիւն է, որ ձգած մեր ցաւերը, մեր տագնապանքը, մեր ողբերգութիւնը, մեր գրողները մանեակ կը ծախեն ու լուսին կը խաղան, զեփիւռ կը ճամբեն ու ամպեր կը փառաւորեն, իբրեւ թէ չունենային ուրիշ պարտքեր։ Ի՜նչ դժբախտութիւն, որ գեղեցիկ լեզու մը, ստեղծագործ մեծ ընդունակութիւններ մենք ըլլանք վատնած հասարակ բաներու փառքին։ Ի՜նչ ողբերգութիւն, որ գրականութիւնը մենք հասկնանք, ըսել կ՚ուզենք՝ տեսնենք իր ամենէն լռելի մասնայատկութեան մէջ, զայն գործադրող մարդոց տաղանդին, արկածներուն, տագնապանքին, առաւել կամ նուազ պատրաստութեան հարցերուն վրայ դնելով մեր շեշտը ու անտեսելով խուլ, հզօր, աննահանջ, յաւիտենական պայմանը, որ կեանքն էր ամենէն առաջ, այդ տաղանդներուն փառասիրութեան առարկայ դառնալէն ալ առաջ, արեան ջուրերուն մէջը անոնց եղբայրներուն։ Ի՜նչ մտածողութիւն մեզի պիտի պարտադրէր այս տեսութեան հիմնովին հակասող ուրիշ հետաքրքրութիւններ, որոնք հանգանակներու դեր մը ունեցան ու մեր ամենէն իրաւ խմորները վերածեցին անպէտ դասուելու չափ անկշիռ արդիւնքներու։ Ի՜նչ զմայլելի արուեստագէտ մըն է Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը։ Խորհեցէք հեղ մը այդ տղուն կարելիութեանց, ապրումներու գումարին, սեւեռելի (իրմէն) շքեղ գեղեցկութիւններուն ու նետեցէք աչք տղայական երգերուն, քերթուածներուն, որոնք իր տաղանդին ինը տասներորդը կը բռնագրաւեն, խաղերուն, որոնք մեղք մը կը կազմեն իր յիշատակին։ Խորհեցէք անգամ ի՜նչ անմոռանալի ժառանգութիւն պիտի ըլլար մեզի ձգած Տիկին Տիւսաբ մը, պարզ իր տեսածները, ապրածները, խռովքներն ու երազները մեզի համար եթէ ըլլար արձանագրած իր ուզած ձեւին տակ, վէպ, յուշք, խորհրդածութիւն բայց չըլլար ունայնամիտ փառասէրը եւրոպական հրապարակէն աժան, տէմոտէ ապրանքներ մեզի փոխադրող։ Մենք այսօր գիտենք, որ այդ կինը գլուխ մըն էր, առնուազն գրել գիտէր ու չէր կրնար ջիղերու հանգոյց մըն ալ չունենալ իր կուրծքին տակ։ Ուրիշ կին մը, Տիկին Եսայեան, գլուխ-գործոց մը հանեց իր կեանքէն։ Ահա տագնապները Օշականին։ Ու այս պաշտամունքը մեր կեանքին իր պայծառ ու նսեմ պայմաններուն Oշական կ՚առաջարկի մեր գրականութեան համար ամենէն տիրական պայմանը։ Ամբողջական գործեր։ Ամբողջական կեանքը իր ժողովուրդին։ Այս պահանջը ահա Օշականին նորութիւնն է։ Թէ որչափով անիկա յաջողած է իրագործել իր պահանջները, նախ իր հաշւոյն, յետոյ մեր գրականութեան հաշւոյն, ուրիշ հարց մըն է։ Կրնանք յայտարարել, որ գրելը ասկէ վերջ մեր /250/ մէջ չի շփոթուիր լեզուի, ոճի նանրանքներուն, քերականական պատուելի յարգանքին, տաղաչափական աճպարար փառքին հետ։ Գրելը դարձեալ չի շփոթուիր հանրային արձակ, լուրջ սպասին հետ, որուն մէկէ աւելի են կերպարանքները։ Օշական չարհամարհեց զանոնք։ Բայց ատոնցմով հպարտանալու միամտութիւնն ալ կործանեց անվերադարձ։ Ինքն է հեղինակը դրութեան, որ սերունդներու աշխատանքը դատած ատեն, կը կենայ այդ աշխատանքով պարզուած բազմաթիւ երեւոյթներուն դիմաց կրթական, ընկերական, տնտեսական, բարենորոգչական ու գրական, առնելու համար իր նկատումին մէջ այս վերջինը միայն, անշուշտ չարհամարհելով առաջինները, բայց մասնաւորուելով գրականին վրայ։ Այս եղանակով է, որ Օշական վերանորոգած է մեր ըմբռնումները մեր գրական բոլոր սեռերուն նպատակներէն, մշակման ծրագիրներէն ու մեզի առաջարկած է նոր հանգանակներ, բոլորն ալ նոյն խորքէն, մեր կեանքէն։ Իր հաւատքն է, որ ոճը, լեզուն, գրագիտական ճարտարանքները գործի մը, ամենէն խոցելի, փոշիանալի մասերը կը կազմեն։ Վա՜յ այն գրողին, որուն տագնապը կազմուեցաւ այս ցանկութիւններէն։ Ո՜վ գիտէ ինչ շքեղ հեշտանքով մը մարդիկ կը սորվէին գոց Հիւրմիւզի ոտանաւորները, քաղցր ու ներդաշնակ, բայց որոնց տակը դժուար է զգալ կեա՜նքը ոեւէ ժողովուրդի մը։ Այսօ՞ր։ Հարիւր տարի վերջը, երբ մէկը ձեռք առնէ Արեւմտահայ գրականութեան մեծ անուններէն կազմուած հատընտիր մը, գիտէ՞ք, թէ որոնց առջեւ պիտի մնայ հիացիկ, երախտապարտ։ Ապահովաբար անո՛նց, որոնց նմաններուն համար մենք կ՚ընենք մեր զեղումները մեր հին մատենագիրներէն մեզի հասած դէմքերուն վրայ։ Ո՜վ՝ որ չխանդավառուէր մեր կեանքին փաստերովը մեզ կանխող դարերէն։ Արեւմտահայ գրականութեան ամենէն երախտաւոր դէմքերը կու գան, միշտ Օշականին տեսութեան համաձայն, մեր ժողովուրդին կեանքը խորապէս նուաճող մարդոց շարանէն։ Ասիկա նորութիւն մը չէ անշուշտ։ Բայց այս իրողութիւնը կեանքի մը միակտուր նպատակի մը վերածել ահա՝ իր մասնաւորութիւնը։ Օշականին վէպը, թատրոնը, հեքիաթները, քննադատութիւնը կը սպասարկեն այդ կեանքին։ Բայց այս թուումները վերջ չունին։ Ու, ինք պիտի ըսէր՝ պէտք է կարճ ըլլալ։ Ի՞նչ հեգնութիւն սակայն, որ մեր կեանքին ամենէն անայց, մթին խորքերէն վերբերուած այդ գործը մեր գրական հրապարակը դատապարտեց իբր անիրական, հնարովի, անհաղորդ, ձրի վաստակ։ Ի՞նչ հեգնութիւն, որ չտեսան իր կառոյցներուն ներքեւ եռացող հսկայ խառնուրդը այդ կեանքին ու զբաղեցան /251/ կառոյցին արտաքին մանրամասնութիւններովը ոճ, բառ, լեզու, գրական ձեւեր։ Աս ալ իր բախտն է անշուշտ։

գ) Երախտաւորը, որ ընդդէմ անժուժելի բռնութեանց, հալածանքի, պահեց իր առաջադրութեանց լրջութիւնը, արի ու անշեղ, մեծ կործանումէն իր ժողովուրդին, ջանալով ազատել ինչ որ կարելի կը նկատէր։ Չենք գիտեր կա՞յ երկրորդ օրինակ մը, մեր գրական մշակներէն, որ մեզի պարզէր սա խորունկ հաւատաւորութիւնը, նահատակի սառնութիւնը աշխատանքի մը, սահմանուած թերեւս փոշիանալու, քանի որ աւելի քան կը ճանչնար մեր գրական ընկալչութիւնը։ Գրել վէպեր, որոնք լոյս պիտի չտեսնէին։ Թատրոններ, որոնք պիտի չխաղցուէին։ Բայց գրել։ Ասոնք որքան կրկնուին, չեն կորսնցներ իրենց եղերական նշանակութիւնը։ Չենք ալ նանրամտիր, այդ աշխատանքին ետին տեսնելու նիւթեղէն մարդը, հիւանդը, անարգուածը։ Կը վերանանք իր անունէն, զինքը հետապնդող խաչակրութենէն ու կը կենանք սանկ պարզ, իբրեւ մարդեր, որոնք մեր գրողներուն գործերը պիտի ուզէին վերագնահատել։ Այն ատեն է, որ պիտի յուզուէինք այն եզական բարիքէն, որ այդ գործին գոյութիւնն է, երբ զայն լեցնող կեանքը դադրած է բոլորովին։ Օշական թող լրացնէր իր « Մնացորդաց »ը ու մենք կ՚ունենայինք ազգային իրական դիւցազներգութիւնը։ Իր նուաճուած մասին մէջ ալ, Օշականի վէպը հարստութիւն մըն է, փառք մը։ Ասոնք խոշոր բառեր չեն։ Առնուազն տգեղ ու տրտում սուտեր, կեղծիքներ չեն, ինչպէս մարդիկ գործածեցին այդ վէպը արժեւորելու համար։

Անսպառ են Օշականի գործին շուրջ մեր ըսելիքները, ինչպէս իր մօտ թերութիւններու, տկարութիւններու ցուցակագիրները կը յայտարարեն իրենց հաշւոյն։ Չունինք գրող մը, որուն ամէն մէկ տողէն մեզի գային այն լայնքով, տարողութեամբ մտածումներ, յոյզեր, քաղցրութիւններ ու տրտմութիւն, որքան ասոնք իրաւ են Oշականի մօտ։ Մեր ամենէն մեծ, իրա՛ւ բազմերախտ աշխատաւորներէն մէկն է, մեր ժողովուրդին մէջ իր այնքան գնահատած այդ առաքինութիւնը աշխատանքին ու լրջութեան հարազատ խորհրդանշան մըն է։ Անզբաղներու, մանտարիններու, պանդոյրներու մենաշնորհը նկատուելու չափ տարտամած կրթանք մը այս աստիճաններուն մօտ փառասիրութեան մը իջած էր գրելու, դասախօսելու ասպարէզը, երբ ինք իր մտքին աչքերը բացաւ իր շրջապատին Oշական պիտի վերածէ ամենէն կրքոտ, իրաւ, կեանք մը իր ծիրին ետեւէն անդառնալի կերպով մը ընդքարշող մոլեռանդութեան մը։ Սխալ չըլլար իրեն համար ըսել, թէ սիրած է գրականութիւնները /252/ հին դարերու մենաւորի մը կատաղութեամբ։ Զարոյթ, ատելութիւն, բռնութիւն ու կոպտութիւն լեռնականներուն մօտ երբեմն իրենց միամտութեանը գնովն իսկ մեզ կ՚ընեն զինաթափ։ Որքան տարբեր պատկերը իր գործին՝ մեր գիրին միւս վաստակաւորներուն մեզի ձգածէն։

Սխալի մէջ չենք, երբ կը յայտարարենք, որ Օշական մեր գրողներէն ամենէն արուեստագէտն է, երբ այս վերադիրին մէջ ուզենք տեսնել յղացման ու արտայայտման ո՛չ միայն նորութիւնը, ինքնատպութիւնը, կատարելութիւնը իր գրիչէն միջակ էջ չէ դուրս եկած այլեւ՝ գեղեցկութիւնը ըսուածին, հարստութիւնը նորակերտ պատկերներուն, անօրինակ պայծառութիւնը, դիպողութիւնը գոյներուն, իր տարօրէն յստակ կառոյցները գրականութենէն ալ անդին ախորժակներէ, երբ կը զգայ դատելու ատեն ու կը դատէ զգալու արարքին իսկ ընդմէջէն։ Ասիկա դուք մի նոյնացնէք ոճի բնազդին, որմէ զուրկ գրող չենք ընդունիր։ Որով ճոխացածները միշտ մեր լաւագոյն գրողները չեղան վկայ մեր Ռոմանթիքները, Եղիան, Չրաքեանը, երբ ուզենք այդ անուններով մեզի հասած գործին ետին տեսնել մեր ժողովուրդին իրական ապրումները։

Սխալի մէջ չենք, երբ յայտարարենք, որ Օշական մեր ցեղային ընդունակութեանց խորահաւատ առաքեալն է, այս առաքելութեամբ հպարտ։ Բայց շատ աւելի անդին, քան պարզ սահմանները, հիւանդութեան մը պէս վարակիչ ու այլամերժ։ Իր ժողովուրդը սիրելը անշուշտ մարդկային պարզ պարտք մըն է, բայց մեր օրերուն զայն չկրնալ սիրելն ալ ինքնատպութեան պսակ յայտարարողներ պակաս չեղան։ Այս կատաղի սէրը անիկա ողբերգութեան մը նման պտըտցուց իր հետը։ Ի՞նչ ունէր խաժամուժը, որ մեր Սփիւռքն է, խանդավառելու չափ այս խստակրօն մենակեացը, երբ բոլոր իր սրբութիւնները, աստուածները ինկեր էին փոշի, այդ խաժամուժին ուղտապան ոտքերուն կոխան։ Զինքը չէին հասկնար։ Կը ծաղրէին իր հնոտի ձեւերը, գեղացիի պարզսրտութիւնը, մարգարէի կիրքերը։ Մինա՜կ։ Մատնուած իր իսկ հոգեպինդ սիրովը հասցուցած մարդերէն։ Իր իսկ հրայրքէն։ Իր իսկ մարմինէն, քանի որ այդ «յիմար» գործարանը կը մերժէր հնազանդիլ իր մոլեգնութեան, կիրքին աշխատանքէ ու աշխատանքէ, կրելով բեռան ծանրութեան տակ։ Զինքը նմանցուցին ուրիշ ժամանակներու կենդանիի մը, հինաւուրց ծառերու խորհուրդի մը։ Կերպով մը իրաւ էին այդ մարդերը։

Օշական ամենէն սրտառուչ ներկայացուցիչներէն մէկն է իր ժողովուրդին, որ իր ներկայ նուաղումէն վեր խտութեան ու թանձրութեան գեղեցիկ տուրքեր արժեւորած է դարերով։ Ինքն է, որ /253/ մէկէ աւելի անգամներ մեր ժողովուրդին դիմանալու առաքինութիւնը չէ վախեցած վերածելէ անոր բարձրագոյն յատկանիշին։ Գի՞նը։ Մի հարցնէք ու մի նանրամտիք։ Ազգերը, մեծերը, մեծագոյնները մերինէն պակաս չեն վճարած այդ գետինին վրայ։ Ձեր աչքերուն առջեւ տեսաք, թէ ինչպէս միտքին, արուեստին, բարոյականին բոլոր հզօրագոյն առաքելութիւններով պսակաւոր ու մարդկայնութեան մեծ ծառայութիւններ կատարած ըլլալու հաւատքով ալ կրկնապէս հպարտ Ֆրանսա մը որքան տխուր անկումի մը պատկերը ստիպուեցաւ գնել յաղթականին… գութէն, քմայքէն։ Ու այն ժողովուրդը, որ 1930էն ասդին ցեղային արիւնին, ասպետական արժանիքներուն, ինքնազոհութեան ու հերոսութեան պատգամները մենաշնորհը ըրաւ իր զաւկըներուն, սանկ 100–150 մը տարի առաջ ո՛ր աստիճան սողոսկուն, ո՛ր աստիճան գձուձ ու անմարդկային եղաւ յաղթականին ոտքերուն ներքեւ։ Նափոլիոնի Գերմանիան սուտ մը չէ, թէեւ գերմանները կը մերժեն անոր հաւատալ։ Օշական իր ժողովուրդին ո՛չ միայն հաւատաց, այլեւ հպարտ է անով։ Թերութիւննե՞րը։ Բայց ո՞ր ժողովուրդը զերծ է անոնցմէ։ Բայց անկումնե՞րը։ Ո՞ր ժողովուրդը չէ ինկած։

Այս հայրենասիրութիւնը, ցաւագին, կսկիծի մը պէս բաց, ամէն օր, անոր արեան ջուրերուն կոծման, ոչինչ ունի մեր ռոմանթիքներէն։ Անիկա կը մօտեցուի մեր յեղափոխական միսթիքին։ Ինչ որ այդ առնական, հզօր կիրքերէն ինկած է սեւեռման իր վէպերուն մէջ, ասպատակներուն, նահատակներուն, չարքաշ, աննահանջ գիւղացիներուն վրայով, մենք կը նկատենք Արեւմտահայ գրականութեան ամենէն զօրեղ, տիրական, տեւող նուաճումներէն։ Նայեցէք ետ, բարձր ու իջէք վար։ Մեր ամենէն յաջող դրական գործը Փարպեցիին պատմութիւնն է, Օշականին կարծիքով։ Ի՞նչ է ըրածը այդ Փարպեցիին, եթէ ոչ ասպատակային կռիւներու միայն ընդունակ զօրավար մը ապրեցնել։ Անոր Վահան Մամիկոնեանը մեր օրերուն խմբապետներէն հազիւ թէ կը տարբերի։ Թերեւս աւելի արիութիւն, աւելի երիտասարդութիւն, աւելի արիւն։ Բայց անոնք, որ տարիներով մեր երկրին լեռներուն մէջ զբաղեցուցին մեծ թիւով թշնամի զինուորներ, անոնք մօտիկն էին Մամիկոնեան Վահանի հոգիին։ Օշականի մէջ այդ մարդերը գտած են իրենց արժանի կարկառը։

Ահա խօսքեր, ըսուած ընդարձակ արիութեամբ, բնականութեամբ, քնարականութեամբ։ Մենք հազիւ թէ մօտեցած ենք իրեն»։

 

***

Ընթացք տուի, ինծի յատուկ լայնամտութեամբ մը ենթադրա/254/կան, բայց իրաւին այնքան սերտօրէն հաղորդ երկու կենդանագիրներուն։ Չեմ գիտեր ինչպէս պիտի տպաւորեն անոնք ընթերցողը։ Բայց բան մը ստոյգ է ինծի։ Ու ատիկա՝ այդ կենդանագիրներէն իմ չխորշիլը։ Ո՛չ անշուշտ ծիծաղելի, սնապարծ, սմսեղուկ փառասիրութեամբ մը կենալով անոնց դէմ, ոչ ալ այդ հակամարտութիւններուն վրայ հեգնական moue մը ընելու այլապէս տրտում բոպիկութեամբը։ Արտաշէս Յարութիւնեան կը պատմէր, որ Չրաքեան կը փնտռէր, որ իրմով զբաղէին, մա՛նաւանդ դատափետէին զինքը, որպէսզի առիթ ունենար իր հանճարային արհամարհանքը փայլեցնելու իր շքեղ ճակատն ի վեր։ Ուրիշներու վրայ խնդալը ոչ միայն հաճոյք է կարգ մը մարդոց, այլեւ՝ տառապագին մոլութիւն մը։

Ընթերցողը, եթէ երբեք ծանօթ է Օշականի գրականութեան, պէտք է ըլլայ վարժուած այս կարգի շեղումներու։ « Համապատկեր »ին Ա. հատորին մէջ անիկա ունի խօսակցութիւն մը Գրիգոր Օտեանի ուրուականին հետ, գրական, որքան ազգային ։ Մեռել մը ունենալու իրեն խօսակիցը նորութիւն մը չէ անշուշտ։ Բայց ինքզինքը լսել մեռելին մէջէն, առնուազն մեր մէջ չփորձուած տարօրինակութիւն մը։ Նոյն ոգիով, ահա տեղ տուի այդ երկու կենդանագիրներուն։

Թէ ի՛նչ կ՚արժեն անոնք ասիկա չի կազմեր հարցին կարեւոր երեսը։ Արուեստի գործերը դժբախտ կը ծնին գրեթէ միշտ։ Հարցը կարեւոր է ուրիշ երեսով։ Այդ երկու գրութիւններուն համար, հետաքրքիր մը շատ դիւրութեամբ, բնականութեամբ պիտի հաւաքէր հարիւրաւոր ստորագրութիւններ, իրենց հաւանութիւնը, համամտութիւնը յայտարարող։ Ու աւելի տարօրինակը։ Երկու գրութիւնները պիտի կրէին ստորագրութիւնը ո՛չ միայն պարզ ընթերցողներու, այլեւ՝ համբաւով գրողներու, գրագէտներու։ Փա՞ստը՝ սա իրողութեան։ Ա՛ն՝ որ Օշական ստեղծած է, անշուշտ իր գործին ընդմէջէն երկարող կարգ մը տպաւորութիւններու գնով, այդ կենդանագիրները թելադրող հոգեբանութիւնները։ «Թող վիճին գործին վրայ, հերիք է, որ գրողը ըլլայ ինքը իրեն հաւատարիմ», ըսած է կամ ասոր մօտ բան մը, Օսքար Ուայլտ։ Չեմ բաժներ այս անհարազատ, ինքնապատիր չքմեղանքը։ Չեմ ալ զիջիր երկու եղանակներուն միջին մը առաջարկելու քաղքենի, դիւանագիտական լուծումին։ Ու կը կենամ ընելու համար, այս անգամ իմ կողմէս, նման փորձեր մեր գրագէտներէն շատին համար։ Կը զգուշանամ ապրողէ մը վերցնել օրինակը, քանի որ Սփիւռքը լպրծուն, կասկածելի գետին մըն է, մեր մէջ կիրքերը աճեցնող ու մեր արի բնազդները արմատէն ուժասպառող։

/255/ Կ՚ենթադրեմ, թէ այսօր, միջին կրթութեամբ մեր մէկ ընթերցողը, որուն հասած են մեր գրականութեան մեծ փառքերուն հեքիաթը, մեր պատրաստ հիացումները ու անոր մէջ գտած որոշ հաւասարակշռութիւն, ստեղծելով անոր ազգային, հոգեկան խորքը, յատակը, այդ ընթերցողը, երբ բանար Թովմաս Թերզեան « անզուգական, մեծ, սքանչելի արուեստագէտ » որակումներով ծանրաբեռն դիւանը այդ մարդուն քերթողութեան, լուրջ ու խոհուն, հպարտ ու գոհ, պիտի աշխատէր զգալ իր նախապատրաստութեան, նախատրամադրութեան էջ առ էջ տժգունիլը, ցածնալը, ցնդելը, բայց պիտի հսկէր իր տպաւորութեան վրայ, միշտ առքին մէջը տիրական գովեստին, տիրական բերաններէ, որոնք իրմէն աւելի հանգամանաւոր էին այդ քերթուածները կշռելու, քանի որ ազգին պաշտօնական, ծիրենաւոր դատողներն էին, մեծահռչակ մունետիկները արժէքներու պուրսա յին, ու պիտի զգուշանալ իր տպաւորութիւնը բանաձեւելէ, համոզման վերածելէ, չհամարձակելով կասկածի տակ ձգելու այդ դիւանին միակտուր փառքը ու նետելով հանդերձ ձեռքին հատորը, պիտի շփէր աչքերը, պիտի հաւաքէր իր յոգնութիւնը ու պիտի լռէր, խաղաղ ու անտարբեր, մարսելու իր դարձեալ միակտուր ձանձրոյթը։ Ասիկա ո՛չ միայն իրական, կարելի, այլեւ վաւերական մտավիճակ մըն է։ Ա՛լ չեմ ծանրանար երեւոյթին ազդակներուն, տարողութեան։ Բայց ահա տարօրինակը, նոյն այդ ընթերցողը, նոյն մտայնութեամբ, նոյն անտրամադրութեամբ թերեւս պիտի համակուէր Օշականի մէկ վէպին առջեւ, վրիպակներուն առաջացուցած, մտածումներու առատութեամբ իր միտքը անհանգիստ ընող դառնութեան անձնատուր, բայց փոխանակ կասկածելու, ինքիր վրայ հսկելու ու, մա՛նաւանդ՝ լռելու, պիտի առնէր գրիչը ձեռք եթէ երբեք այդքան մը գրել գիտէր -- պոռթկալու համար քանի մը էջ հայհոյանք գործին, ինչպէս ու, մա՛նաւանդ՝ գործաւորին հասցէին, անշուշտ ինքն ալ լաւ մը չգիտակցելով ըրածին խուլ, հեռաւոր պատճառներուն։ Ի զո՜ւր, վէպը պիտի կանչէր զինքը կտոր մը խելքի, համբերութեան։ Ի զո՜ւր ողջմտութիւնը պիտի ուրուանար իր ներսը իրեն թելադրելու չափ աւելի բանաւոր, պարկեշտ դատումներ, առնուազն իրեն չափ խելք մը այդ վէպին հեղինակին մօտ։ Հոգեկան տրամադրութիւնները ամբոխային են ու մեր ընթերցողը պիտի իյնար այդ վիճակին մէջ։ Ու այս կերպ կեցուածք մըն ալ ո՛չ միայն իրական, կարելի, այլեւ վաւերական է դժբախտաբար։ Ինչո՞ւ մենք մարդ մը մտքով արհամարհելով հանդերձ, կը վարանինք անոր դէմքին պոռալ մեր այդ տրամադրութիւնը եւ երկրորդի մը վրայ հեշտագին կը /256/ փորձենք մեր քաջամարտիկ անկեղծութեան զէնքերը։ Աս ալ ուրիշ նրբութիւն մը։

Կա՞յ, սակայն միջին գետին մը, ուր հաշտուէին Օշականի գործին լուրջ սա շատ սուր, շատ հիմնական տարակարծութիւնները: Յետոյ, ներելի՞ է հարցումը. Ի՞նչ է Օշականի մտածումը իր գործին վրայ։

Օշական իրմով զբաղիլը պիտի չներէր իրեն։ Բայց կայ տրտում փորձառութիւնը կանխող էջերու վրայ եւ ուրիշ շատ մը տեղեր անիկա յայտարարած է, թէ չի կարդար իր վրայ ուղղակի ամէն գրուած, դրուատական կամ պարսաւալից։ Տուած է այս կեցուածքին ալ բացատրութիւն։ Բայց գիտէ մա՛նաւանդ, թէ որքան ծուռ, սխալ կը հասկնան մարդիկ զինքը։ Իր « Համապատկեր »ը ով գիտէ ի՜նչ փոթորիկներու ծնունդ պիտի տայ։ Բայց « Համապատկեր »ը դրական, առաքինի, հաւատաւոր գործ մըն է, արեւմտահայ ժողովուրդին փառքին համար բարձրացած կոթող մը, ներեցէք այս մեծ բառին։ Վստահ եմ, որ Թերզեանի մը, Պէրպէրեանի մը, Չերազի մը, Նար–Պէյի մը եւ բոլոր նման անուններով քլիշէ փառքերու վրայ անկեղծ դատաստան մը պիտի արթնցնէ ճիշդ ու ճիշդ հակադիր ազդեցութիւն։ Մարդիկ պիտի մոռնան, թէ որքան շքեղ էջեր նուիրուած են հոն Պ. Դուրեանին, Յ. Պարոնեանին, Թլկատինցիին, Դ. Վարուժանին, Միսաք Մեծարենցին, Տիկին Եսայեանին, Վ. Թէքէեանին, Ռ. Զարդարեանին, Իրապաշտներէն արժանաւորներուն, որոնք հօրեղբօր տղաքը չէին անշուշտ Օշականին, բայց որոնց գործին ներսը անիկա կը հաւատար գտած ըլլալ այս ժողովուրդին հզօրագոյն յատկանիշները։ Սխա՞լ։ Կարելի է։ Ճաշակները մինակ անվիճելի չեն, մանաւանդ փոփոխելի ։ Ու այս մարդիկը կրակ ու բոց պիտի ժայթքէին անտեսուած փառքերուն վրէժը լուծելու, հասկնալի, մարդկային՝ իր կարգին։ Պիտի պոռային քնարական կիրքով, խարանելով գործուած սրբապղծութիւնը մեր ամենէն նուիրական անուններուն կազմակերպուած, ամրախարիսխ հռչակին ընդդէմ, ընդդէմ մա՛նաւանդ զանցուածներուն, որոնց մէջ Անայիս մը, Գալեմքեարեան մը, Յովհաննէս Ասպետ մը, Ենովք Արմէն մը, Ռ. Նաւարեան մը, Գ. Խանճեան մը, յիշելու համար քանի մը շատ կարկառուն, շատ տարածուն համբաւներ։ Ու խեցեվճիռ, առանց անդրադառնալու այդ զանցումներուն հիմնական զսպանակներուն։ Այս մասին աւելի անդին սակայն։ Հոս կը գոհանամ սա պարզ բառերով։

Օշականին վրայ ներկայ աշխատանքը ապրումներու հանդէս մըն է եւ ոչ թէ հաշիւ յարդարելու բեմ մը։

  



[1]     1933ին Օշական թելադրած է « Արեւմտահայ գրականութեան » համառօտ պատմութիւն մը Մելքոնեանի մէջ։ Գրած է, միշտ այդ 1933ին, « Արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը եւ Վահան Թէքէեան » հատորը եւ... « Երկինքի ճամբով »ը 1934-ին:

[2]     1942ին Օշական կու տայ « Հայ-գրականութիւն » դասագիրքը։ Անսպասելի չէր, որ Օշականի հետ հին ու նոր հաշիւ ունեցողներ շահագործէին առիթը։ Բայց այս նոթին նպատակը իր գործը պաշտպանելէն հեռու է։ Գահիրէի Հ. Գ. Բարեկամները, լա՛ւ հասկցէք, այսինքն` մարդեր, որոնք քով քովի եկած են հայ գիրքը պաշտպանելու, եւ որոնք բազմաթիւ գիրքեր պաշտպանած էին, զանոնք դափնիներու տակ խեղդելու աստիճան (ա՛յնքան, որ երանելի Արշակ Ալպօյաճեան խանդաղատագին խնդրել էր, որ բարեհաճէին գոնէ քանի մը թերութիւններ գտնել հիմնովին լից ք, այսինքն` ասկէ-անկէ հաւաքուած, մաշած իրողութիւններու հանդէս մը կազմող իր մէկ հստորին մէջ) երեք հատ դատախազ ճարեր էին այդ հատորին թերութիւնները հրապարակելու։ Այդ մարդերը յիմարներ չէին անշուշտ։ Օշական, որ գիտէք, թէ ինչ գնով իր մուտքը ըրաւ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ, վարժ էր այդ հարուածներուն։ Բայց այդ մարդերը չէին գիտեր, որ այդ գիրքը, իր երեք-չորրորդին մէջ, խօսուած էր տղոց ու խօսուած` դասէ շունչ առնելու յատկացուած պահերուն, կամ հիւանդի մը մահիճին մէջ երկարած մէկու մը տանջանքին մէջ։ Չունէ՞ր այդ գիրքը արժանիքներ։ Այսպէս է « գիրը կարգ մը մարդոց »։ Օշական պէտքը չէ զգացած սիրոյ, Չրաքեանին նման։ Բայց մեր գրողներուն հոգեկան անպարկեշտութիւնը զգացած է դառնագին հետեւանքներով։ « Մնացորդաց »ը կործանողները (զայն կէս ձգելու սահմանող մարդերը) Արշակ Չօպանեան, Լեւոն Բաշալեան, Վահան Մալէզեան անուններուն տակ մեր մտքին եւ գրականութեան պաշտպանութիւնը մենաշնորհ ընող մարդերը եղան, անլուր տմարդութեամբ մը, իրենց հաշիւները յարմարցնելով կաթողիկոսի մըն ալ զառամած մարդահաճութեան, որ իր խմած գինիներուն իբր երախտահատոյց հետեւանք՝ Օշականը ներկայացուց դաշնակցական, եւ հետեւաբար վնասակար ոչ-դաշնակցական հաստատութեան մէջ դասախօսելու (Մելքոնեան հաստատութիւն), մնացեալը պիղատոսութիւն, ու չեմ զբաղիր:

[3]     1933ին « Հայրենիք » հանդէսին խմբագրութիւնը, որ « Ծակ-պտուկը »ին հրատարակութիւնը սպառնացեր էր ատկէ առաջ դադրեցնել (անշուշտ իր ընթերցողներուն ճնշումին վրայ), առերեւոյթ երկարութեան մը պատճառով, Վէմունիին միջնորդութեամբը ուզած էր Օշականէն սանկ՝ չորս-հինգ ֆորմա նոց պատմուածք մը։ « Մնացորդաց »ի երկունքին տարօրինակ շրջանն էր ատիկա: Օշական ունէր այդ պատմուածքը մտքին մէջ, Վահան Թէքէեանէ պատմուած դրուագ մը, մեր գրողներէն մէկուն կեանքէն: Եւրոպայի մեծահամբաւ ըսուելու մօտ արուեստագէտ մը զաւակը հայ գրագէտի մը եւ անկէ լքուած ուսանողուհիի մը եկած էր Գահիրէ իր հայրը ճանչնալու։ Վահան Թէքէեան, որքան հաւատարիմ է ինծի իմ յիմար յիշողութիւնը, կարգադրած էր հանդիպումը: Ահա դրուագը: Անոր ետին՝ մեր գրականութիւնը, մեր 1896ի ուսանողութիւնը, ասոր ահաւոր Եւրոպան, տարագիր մեր յեղափոխականներուն ողբերգութիւնը, մեր 1900–1905ը։ Սահմանադրութեան (1908) խելայեղ իրականութիւնը, Կիլիկիոյ աղէտը (1909), Իզմիր, բոլորը կը յայտնէին տարօրինակ յստակութեամբ մը։ 1900ի պոհեմ ուսանողը 1910ին մեծ գրագէտ, թելադրեր էր զգացական խորունկ տրամա մը, իր ետեւէն Եգիպտոս քաշելով ամուսնացած կին մը, հասուկ աղջիկովը միասին։ Հանգոյցը ուրեմն պատմուածքին կու գար բոլորովին կեանքէն, պատրաստ ու ամբողջ: 1910ի եւ Առաջին Մեծ պատերազմին Եգիպտոսը։ Մեր հաւաքական ողբերգութիւնը։ Յետ–պատերազմը։ Մեր հոգեկան կործանումը։ Սփիւռքը, որ կը շղթայազերծուէր մեր կրունկներուն։ Տարիքը եւ գրագէտին տակաւ նահանջը իր չունեցած ուժերէն։ Դժոխք տուն մը, դժոխագիր գրագէտի մը գլխուն: Այդ պայմաններուն մէջն է, որ այդ կործանած մարդը կ՚ընդունի իր տղան, անոր մայրը իր դժոխքին մէջ: Մեծ վէպի մը համար ամեն ինչ կը թելադրէին ինծի սա իրողութիւնները։ Ու առանց նկատի առնելու հիմնականը, այսինքն՝ այդ վէպը մեր հասարակութեան ընկալչութիւնը նիւթին շատ բացառիկ հանգամանքէն դուրս, աշխարհին ալ, իմացական տարողութիւնը այցելած էր իմ փառասիրութեան ընդհատեցի շաբթուայ մը համար « Մնացորդաց »ը։ Պատրաստ էր Վէմունիի ուզածը։ Մաքուրի առի իմ գիրը ինձմէ դուրս, մա՛նաւանդ Ամերիկայի գրաշարներուն համար՝ կարդալը արդար պատուհաս մը, դժոխքի արժանի —— ու վիպակը եռապատկուած էր։ Վէմունի անողոք էր ծաւալին վրայ։ Յայտնի էր, որ « Հայրենիք »ի խմբագրութիւնը, հակառակ իր բոլոր բարի կամեցողութեան, պիտի չկրնար հանդէսին վարչական մարմինը յօժարեցնել այդ յաւելեալ վիպակին: Պահեցի ձեռագիրը։ Բայց նիւթին յաճախա՜նքը կ՚ըսեն մարդիկ եւ իրաւի մէջ են։ Կրկին ձեռք առի զայն։ Կատաղի, անխելք, միայն մտիկ ընելով ինքզինքս, գրողի խղճմտանքս, ինկայ աշխատանքի։ Արդիւնքը քառսունհինգ-յիսուն ֆորմանոց վէպ մըն էր։ Մտածել զայն որեւէ թերթի կամ հանդէսի մէջ լոյսին հանելու՝ յիմարութի՜ւն, քանի որ օրաթերթէն (Մնացորդաց»ը տպուած էր օրաթերթի մէջ ու ստեղծած իր կործանումը) համը դեռ չէր ջնջուած հոգիէս: Այս է ահա արուեստագէտին ողբերգութիւնը: Ասոնք գրական իրողութիւններ ըլլալնուն չափ, մեր ընկերային պայմաններն ալ կը լուսաւորեն։ Փոխադրեցէք պարագան թատերականին ։ Ու դուք կ՚ունենաք ասկէ աւելին: Վասնզի թատրոնը գիր մը չէ, այլ՝ խաղցուելու սահմանուած ձեռնարկ մը: Ու այդ ձեռնարկը ամէն բանէ առաջ կշիռին, թաթին տակն է հասարակութեան մը, որ պիտի աղերսուի, պաղատուի, որպէսզի զիջի իր բարձր ներկայութիւնը թատերասրահին, ու ազգային բարերարի մը գոհունակութեամբը տոմսով մը մարդիկ մեր մէջ այդ բարերարը կը դառնան ըմբոշխնէ ... չարաչար հայհոյելով գրողին, ինչպէս դերակատարներուն, որոնք միայն իր դրամը չէին արժած, այլեւ իր գիշերային զուարճութիւնները, առնուազն ... քունը։ Հո՞ս ես, ժողովուրդ հայոց։

[4]     Ի վերջոյ արեւելահայ վէպը կատարած է որոշ նուաճումներ մեր գեղէն։ Արեւմտահայ գաւառացի գրողները, իրենց կարգին, ունին դարձեալ որոշ սեւեռումներ։ Հարիւր տարի ետքը ուսումնասիրող մը, օգտագործելով այդ նշխարները, ազգագրական հաւաքումները, դժուարութեան մէջ պիտի չզգար ինքզինքը ԺԹ. դարու հայ համայնական գիւղը տալու: Այդ պատկերացումին մէջ Օշականին գիւղը պիտի ըլլար թանկագին դրուագ մը, դրասանք մը եթէ կ՚ուզէք, որ, օգտուելով հանդերձ մեր ժողովուրդին աչքերէն, պարզէր պիտի որոշ տարբերակներ: Օշականի մօտ հայ գիւղը այս բարիքովը միայն բաւ է ինքզինքը պարտադրելու։

[5]     Բախտը կարգադրած է, որ Գահիրէն գրական կեդրոն մը ըլլայ, Պոլսոյ կործանումէն ետքը, տեսակ մը կրկնութիւն այդ Պոլիսին, բարքերու, ինչպէս գիրքերու կրկէսին վրայ։ Դարձեալ ճակատագիրը կ՚ուզէ, որ այդ Գահիրէն միշտ ալ վրիպի իր դերին մէջ։ Ըսե՞ր եմ տեղ մը, թէ ոչ, 1924ին ութը տասը հատ գրողներ, որոնց մէջ ջոջերը կը կազմէին մեծամասնութիւն, անկարող եղան հանդէս մը ոտքի նետելու, երբ հիմնականը, այսինքն` նիւթականը ապահովուած էր բացառիկ բախտով մըն ալ։ Անկէ ի վեր քսան տարիներ են անցեր։ Հոն ունինք մշակոյթ մը պայմանող բոլոր միութիւնները, մամուլ, կուսակցական լայն գործունէութիւն (որ մշակոյթի մը բերած վնասը կը հակակշռէ իր ստեղծած գրգիռներով), մշակոյթի համար բոլորովին հասուն հասարակութիւն մը։ Սփիւռքին լաւագոյն, ապահով կրթական հաստատութիւնները։ Պոլսոյ մէջ ժողովուրդ մը մէջտեղ բերող ազդակները, որոնք գաւառներէ եւ հոն ապաստանող թարմ ուժերը կը մարզէին, երեւան բերելու համար արեւմտահայ որակուած քաղաքակրթական կերպարանքը։ Իրարու հետ մրցումի ելած թատերական խումբեր: Հարուստներ ու արհեստաւոր կարգեր։ Եւ սակայն այդ մամուլէն մեզի հասած իրաւ գիրքերուն թի՞ւը։ Նոյնիսկ դրական հաւաստում մը այս հարցականին անբաւական կուգայ՝ պատկերին մռայլութիւնը մեղմելու։ Ոչ մէկ գաղութի մէջ մեր երիտասարդութիւնը կը համրէ Գահիրէին մէջ տեսնուածին գումարով երկրորդական կրթութէնէ անցած անհատներ։ Ու ցաւ է ըսել, որ այդ ամենը անկարող դուրս կու գան քիչ-շատ տանելի գրականութիւն մը, 1910ի թատրոն մը, 1890ի վէպ մը անգամ ապրեցնելու։ Գահիրէն Հրանդ Նազարեանը յիշեցնող բանաստեղծներու քաղաք մըն է դարձեր։ Կը կոտրեն, կը թափեն մարդեր, որոնք մեր գրականութեան խորհուրդին փակ զգայնութիւններ են, կազմուած ըլլալով օտարներու մէջ։ Գահիրէն քաղաքն է անկարելի թատերական ներկայացումներու, բան մը չսորվելէն զատ, 1910ն ալ մոռնալու ատեն չունեցող։ Գահիրէն կ՚աշխատի ու իր աշխատանքը բամբասելն է այս ու այն գրողին գործին ետեւէն։ Գահիրէն կ՚անգիտանայ, թէ ինչ պարարտ է հողը իր բարքերուն։ Թող երիտասարդները նային այդ խաւերուն ու հանէին երեւան կերպարանքներ, չըսելու համար տիպարներ, որոնք այդ աստուածարեալ երկրին մէջ կը բուսնին նեղոսեան սիկերուն բարիքովը, արեւին դիւրութեամբը:

[6]     Առողջութիւն, աչքերու անբաւարարութիւն, ժամանակ ազդակներ են, որ չկարենամ վերադառնալ իմ գրածներուն եւ իմ անցեալ գործը գործ մըն է, գրեթէ ինձմէ անկախ, ինծի հետ պահող այնքան մը կապ, որքան գրական որեւէ գործ, անշուշտ որոշ տաղանդով մը պաշտպանուած: Գիտէք, թէ որքան չարաշուք ծառայութիւն մը ինծի կը մատուցանէ իմ յիշողութիւնը։ « Համապատկեր »ին մէջ մեր գրողներու շարքին Օշականին տրուած սա տեղը կ՚արդարանար այն քանի մը նկատումներով, որոնց մասին խօսեցայ առաջները: Հոս կ՚ուզեմ նկատողութեան յանձնել ուրիշ հոգեվիճակ մը, առարկայական ըսուելու չափ պարզ: Ատիկա իր գործին վերադարձի մը առիթով իր տպաւորութիւններուն նկարագիրն է։ 1922ին հրատարկուած գործի մը սկիզբը դրական տողով մը յայտարարած է, որ « այդ գիրքին շատ մը էջերուն օտար կը մնար » Խորհուրդներու մեհեանը »)։ Ու սուտ չէր ըսեր անիկա։ Ամիս մը առաջ, դեռ չսկսած այս ուսումնասիրութիւնը, ձեռք առի « Մնացորդաց »ը։ Ինծի այնպէս կու գար, թէ օտարի մը գործն էր, որ ունէի աչքիս առջեւ: Կարդացի։ Հինգ, տասը, քսան էջ: Կը քալէի, դանդաղ ատիկա հաճոյք մըն էր ու կ՚անդրադառնայի պարտքիս, որ կը կայանար անաչառութեամբ դատել տրուածը։ Արդ, զիս շահագրգռող մասերը այդ վերընթերցումին մէջ առաւելապէս գաղափարագրական կալուածին կը պատկանէին: Բացատրեցի տպաւորութեանս թաքուն ազդակները ես ինծի։ Գործողութիւնը, ուղղուած ըլլալով գրեթէ միշտ մեր հետաքրքրութեան, կը դադրի իր դերէն անգամ մը, որ հասած է իր նպատակին։ Ամենէն շքեղ գիրքը, որ գործողութիւնը ըլլար պաշտպանուած նաեւ տաղանդով, հաւանաբար Սթանտալի Rouge et noirն է։ Այս վէպին առաջին ընթերցումը կախարդանք մըն է ուղղակի։ Բայց միտքէ մի անցնէք երկրորդ ընթերցում մը։ Գիրքը կը կործանի։ Ուրիշ փորձառութիւն մը։ Աղէտ մըն է « Քարամազով եղբայրները »ուն ընթերցումը, հրաբուխի մը մօտիկ դղրդումներ թելադրող։ Երկրորդ ընթերցո՞ւմը, նոյն գործին։ Հեշտանքներու հեշտանքը։ Օշականի վէպին մէջ վերընթերցումը, գէթ այս տողերը գրողին հաշւոյն, կործանում մը չէ եղած։ Այս իրողութիւնը կ՚օգտագործեմ ահա, այդ վէպին մէջ, պաշտպան ազդակներուն կարգին, երախտապարտ մնալով մա՛նաւանդ գաղափարներուն։ Յետոյ, միշտ այդ վերընթերցումի պահուն, յստակ ունեցայ յոգնութեան զգացում մը ։ Կանգ առի ու վերլուծել ջանացի այդ զգացումին իմաստը։ Միտքս ետ, դէպի կարդացուած մասերը նետեցի։ Այն ատեն ինծի ներկայացան շատ մը բաներ, տարօրէն խիտ, թելադրիչ, բայց մռայլ, որովհետեւ թանձր։ Օշականին յոգնութիւնը ծնունդ էր այդ խտութեան։ Ամէն մէկ էջ այնքան բան տուեր էր ինծի։ Առեր էի, ամէն առնողի անգիտակցութեամբը, ու չէի խորհեր, որ իմ ուղեղը երկաթէ պատեր չունէր։ Յոգնութիւնը ուրեմն գինն էր խտութեան, յաւակնոտ բառով մը՝ հարստութեան։ Յիշեցի տասը տարի առաջ խօսքէ մը փշրանք մը։ « Մնացորդաց »ի ընթերցողուհի մը կ՚ըսէր ինծի. « Ձեր գործը դասական երաժշտութեան կը նմանի, ո՛ր կէտէն որ սկսիք, ինքզինքն է, կարօտ չէ ո՛չ սկիզբի, ո՛չ վերջի »։ Միամիտ այս խոստովանութիւնը կրնաք վերածել դատապարտութեան փաստի մը: Բայց կրնաք օգտագործել նաեւ աւելի դրական արդիւնքի մը համար: Ինչպէս որ Օշական խորտակած է վէպին ընթացիկ կաղապարները, գործողութեան հարցն ալ ենթարկած է անձնական տեսակէտներու: Կարդացուի՜լ ։ Բայց Սմբատ Բիւրատն ալ կը կարադցուէր։ Երբ գիրքի մը մէջ կը մտածենք, հեղինակին հետ, այդ գիրքը ինքզինքը արդարացուցած է։

[7]     Անցողակի դիտել կու տամ, որ քննադատական մարզանք մըն է յաճախ վիպական գործի մը մէջ տիրական դրութիւններու (գաղափարներէ) բարձրանալը, երբ աւելի քան ստոյգ է, որ արուեստագէտը, իր ամէն մէկ գործին մէջ, ստիպուած է արդէն իր խարիսխը, խարիսխները հարել, եթէ չուզեր, որ քմայքին եթարկէ իր գործը։ Պատմական վէպն իսկ չի կրնար ինքզինքը ատկէ զերծ նկատել, եթէ պիտի չուզէր ընկղմիլ թերթօնին ծանծաղուտքէն ներս։ Պալզաք, իր ամենէն յաջող գործերուն մէջ « Քուզին պէթ », « Էօժէնի Կրանտէ », « Հայր Կօրիս », « Կորսուած պատրանքները իշխան »ին (La peau de chagrin) մարդկային քանի մը հզօր կիրքեր, մեղքեր վերլուծելու փառասիրութիւնն է հետապնդած։ Բայց այն վէպերը, ուր յառաջադրեալ գաղափարներու սպաս մը փառասիրած է (ամուսնութեան իմաստասիրութիւնը, օրինակի համար), կը պարզեն տրտում վրիպանքներ: Ո՞րն է հիմնական գաղափարը « Քարամազով եղբայրները » ոտքի նետող։ Գաղափարը, վէպի մէջ, տարր մըն է, միշտ կեանքին ենթակայ, թէեւ կը թուի զայն իրեն ըլլալ ենթարկած։ Գաղափարները պատրաստ էին « Մայտայ »ին, Տիւսաբի մտքին մէջ, վէպէն առաջ ու վէպը վարեցին, զայն տանելու համար բացարձակ վրիպանքին։ Այս ընդհանրութեանց միտք բանի՞ն։ Ա՛ն` որ վէպերը չեն կրնար գաղափարներու ամրակառոյց դրութիւններու բեռը տանիլ, այն գլխաւոր պատճառով, որ մեր կեանքը դեռ չէր ազատագրուած կենդանականին կը գրեմ բառը՝ անասնականին ընդհանուր ճնշումէն։ 1900ին մենք չունէինք պատեհութիւն միտքի կեանք մը կազմակերպելու, երբ մեր մարմինին տէրերը կային, թուրքին, հայ-թուրքին կերպարանքներուն տակ։ Ու մեր վէպը իրեն հասողութեան տակ գիտէր մեր ազգային ցաւը, թուրքին ահաւոր քաղցկեղը մեր հոգիներուն վրայ, լինելու-չլինելու երկսայրանքը, որ դրուած էր մեր երիտասարդութեան խղճմտանքին։ Բայց գրաքննութիւնը մեզի արգիլեց այս հարցերը փոխադրել մեր արուեստին մէջ։ Արեւմտահայ վէպը, այս իսկ կապանքներով, անատակ պիտի մնար մեր ժողովուրդին հոգին խռովող գերագոյն ապրումներուն ասոնք են ահա գաղափար-ուժերը արեւմտեան հոգեբան դպրոցէն պաշտպանուած ընդունարան, արծարծիչը ըլլալու: Ահա թէ ինչու Օշականի վէպը իբր յատակ ունենայ հայ-թուրք հարցը, իր ընդարձակութեան ամբողջ սարսափովը: Մի՛ ըսէք, թէ այս հարցը իմացական ըլլալէ առաջ, ընկերական հարց մըն է։ 1880էն մինչեւ 1910ը մեր ժողովուրդը գոյութեան հարց միայն ունի, իր անգիտակցութեան իջած։ Ու այս հարցը թուրքով է պայմանաւոր։ Ուրեմն, թուրքին լիակատար վերլուծումը տիրական ազդակ մը ինչպէս իջած էր Օշականի անգիտակցութեան ու կը գործէր։ Աչքէ անցուցէք իր վէպը։ Նոյնիսկ « Սահակ Պարգեւեան »ը զերծ չէ այդ քոմփլեքսէն, քանի որ արեան դրութիւն մըն էր թուրքը մեր ներսը։ Ըսել, թէ օտար ժողովուրդի մը թափանցումը մեր պարտքը չէր, կրնայ չափով մը արդարանալ Փարիզի մեր վէպին ճակատագրին առջեւ: Ի վերջոյ ֆրանսացի պոռնիկ մը պատկերելու պարտքը ֆրանսացիները ըրած են մեզմէ շատ աւելի յաջողութեամբ: Բայց թուրքը ահաւոր ազդակ մըն էր ու ճակատագիր մը։ Որով` վէպի ատաղձ։

[8]     Հետաքրքրական ու բարձրօրէն յատկանշական են Սիւրիա, Եգիպտոս զանազան ձեւերու տակ հայ գրականութեան շուրջ ասուլիսները ։ Երբ կը գրեմ այս տողերը, ունիմ աչքի առաջ, Գահիրէ, դասախօսութեան մը հաշուետուութիւնը։ Հոն շատ մը մարդեր, որոնցմէ ոմանք գրողներ, կը խօսին հայ գրականութեան ( նո՜րը, որ պէտք է լրջօրէն շեշտել, կը սկսի 1918էն ասդին) ձգտումներէն։ Գիտէք ի՛նչ է ողբերգականը, բոլոր նման ձեռնարկներուն ետին, սա շատ ստոյգ զգացումը   իրենց ըսածէն հիմնովին օտար, անգէտ շատախօսութեան մը փաղանգին։ Աս մէկը կը փաստէ, որ Վարուժան մը չունինք ու ընթացք կու տայ իր նկատողութիւններուն։ Ան միւսը կը ջանայ ապացուցանել, որ հայ վէպ մը չունի գոյութիւն եւ կը վերանայ Զօհրապին, Թլկատինցիին վիպական վաստակներուն։ Երրորդ մը կ՚ապացուցանէ, որ հայ քննադատութիւն մը չունի գոյութիւն, որովհետեւ, որովհետեւ..: Արդ, հարցուցէք անգամ մը դուք ձեզի, ինչո՞ւ Վարուժան մը չէ տուած Սփիւռքը։ Բայց ինչո՞ւ Վարուժան մը պիտի սպասէինք Սփիւռքէն: Վարուժանին աշխա՞րհը ։ Վարուժանին արուե՞ստը ։ Վարուժանին հոգի՞ն ։ Ասոնք բառեր են, պիտակներ, ա՛լ չեղող վիճակներէ։ Ունի՞ Սփիւռքը իր բանաստեղծը։ Դրէք հարցը, այս կերպարանքին տակ, ու պիտի տեսնէք, որ կայ այդ բանաստեղծը իր հղովը, պայմաններովը: Ինչո՞ւ Զօհրապ մը չունի Սփիւռքը։ Բայց դրէք հարցը՝ ունի՞ Սփիւռքը իր վէպը ։ Պատասխանը աւելի քան պարզ ու փառաւոր: Այդ վէպը Շահնուր, Հ. Զարդարեան, Համաստեղ, Զարեան, Օշական յիշելու համար ամենէն յատկանշական անունները, արդեօք իբր որակ ու քանակ կը մնա՞յ ստորադաս, քան Իրապաշտ, Արուեստագէտ սերունդներով մեր ժառանգած վաստակը: Ինքզինքս չեմ պաշտպաներ։ Մինակ ձգտումին ընդարձակութիւնը բաւ էր զինաթափելու, ամենէն պահանջկոտ փղշտացիներու չկամութիւնը։ Համաստեղ կը ձեռնարկէ, հասակէն վեր եւ ուժերուն հետ ոչ-համեմատական կառոյցի Սպիտակ ձիաւորը ») ու կը վրիպի։ Վրիպանքը մարդկային է, բայց ոչ՝ Համաստեղին ճակտին քսուելիք մուր մը: Վրիպանքին պատասխանատուն « Հայրենիք » հանդէսն է, գաղթահայ քննադատութիւնը, կուսակցական հաշիւները, որոնք բոլորը կը մնան մեղաւոր, երբ գիւղը հազիւ նուաճող շատ պատուական արուեստագէտ մը կը մղեն աշխարհ մը հայ յեղափոխութիւնը աւելի քան սանկ ու նանկ աշխարհ մը նուաճելու: Համաստեղ տարիներու յամառ աշխատանքի մը վերջ միայն ու մա՛նաւանդ իր հասցէին հիւսուած գովասանքներուն գինովցնող կրկներեւոյթը ձեռքերովը բզկտելէ վերջ, պիտի նստէր պարկեշտ, խորունկ, հաւատաւոր, իր գործին, « Սպիտակ ձիաւորը » նուաճելու այսպէս բարձր իր պարտքին։ Ի՞նչ էր մեր ըրածը, եթէ ոչ քաջալերել խակը, անբաւականը: Նոյնն է պարագան Զարեանին, որ աւելի վարժ, եփուն արուեստագէտ, մղուեցաւ իր ծանօթ արկածախնդրութեան Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները »։ Նոր կ՚իմանամ որ, նոր վէպ մը ստորագրած է « Հայրենիք »ի տպարանէն) Համաստեղէն աւելի բախտով մը, բայց դիմաւորուեցաւ, նոյն ճակատագրէն, վասնզի Զարեանն ալ չէր հասունցած, ըսել կ՚ուզեմ մեծ վէպին համար անհրաժեշտ համբերատարութիւնը, աշխատանքը, մա՛նաւանդ իմացական պարկեշտութիւնը կարծեց փոխարինել ոճին շողշողանքովը, սրամտութեան, իրաւ ծաղրին համեմովը, սուտ մտածումին աղմուկովը։ Բայց հակառակ այս փաստերուն, երկու ձեռնարկներն ալ աւելի կ՚արժեն, քան ամբողջ իրապաշտ վէպը, ո՛չ անշուշտ իբր իրագործում, այլ՝ իբր ձգտում։

 

[9]     Ռուս եւ թերեւս աշխարհի մեծագոյն վիպասանին անունը իբր եզր շատ մի տեսնէք սա էջերուն վրայ: Միշտ ունեցէք նկատի մեր եւ ռուս ժողովուրդներուն համեմատականութիւնը։ Օշական երկու մարդերէ ազդուած է: Անոնցմէ մէկն է Տոսթոեւսկին: Ու իր կամքէն անկախ ձեւով մը այդ անունը կը բուսնի սա էջերուն, գրեթէ առանց ինքզինքը յայտարարելու: Թէ անիկա մտատիպար մը կազմած է Օշականին, դուրս է կասկածէ։ Թէ այդ մտատիպարը նուաճուած է, կը մնայ աւելի քան խնդրական։

[10]   Հոս առիթը կ՚օգտագործեմ (վասնզի ալ ուրիշ տեղ չեմ անդրադառնար հարցին) Օշականի ոճին ժխտական մեծ փառքին վրայ ըսելու քանի մը խօսք։ Տակաւին երէկ չէին պակասեր մարդեր, գրելու տարրական իսկ զգայարանքէն եղերօրէեն զուրկ ծնած բանասէրներ, վարժապետներ, քննադատներ, անունները մեղք մը պիտի կամէին սա էջերուն որոնք հրապարակին վրայ մեծատարած պատգամներ կը շաչեցնէին Օշական մութ կը գրէ, Օշական բռնազբօսեալ ոճ մը ունի, Օշական գրել իսկ չի գիտեր ։ Այս վճիռները հերքելու միամտութիւնը չեմ շփոթեր զանոնք արձակելու ապուշ փառասիրութեանց հետ: Թէ անոնք հաշիւներու ծնունդ են, դարձեալ զիս չի հետաքրքրեր: Իրողութիւնը կը վերածեմ իր կարելի պարզագոյն եզրին: Արշակ Չօպանեան, Լեւոն Բաշալեան երբ կը խօսին Օշականին ոճէն, անշուշտ նկատի ունին հիմնական մտայղացք մը, ոճ կոչուած առասպելէն։ Արդ, կը ղրկեմ ընթերցողը այդ երկու հեղինակներէն ստորագրուած ու ովսաննացուած երկու կտորներու: « Գեղօն ի պատիւ հայ լեզուին »ը երբ վերածուի ողջմիտ, արդար, միջակ իսկ խստապահանջութեամբ մը, կը դառնայ նմոյշ մը 1900ի արձակ քերթողութեան դժնդակ փառքէն։ « Կրիայ »ն կամ « Փարիզեան գիշերներ »ը (երկուքն ալ Լ. Բաշալեանէն ու լոյս տեսած « Հայրենիք » օրաթերթին մէջ) այն ծանր, տափակ, բան մը չըսող գրուածքներէն են, որոնց ներքին յօրինուածութիւնը կու գայ խնամքէն, չարչարանքէն, լաւ ըսելու տագնապէն ։ Բայց այս մարդերը բանասէր կամ վարժապետ չեն։ Ասոնք մեր տաղանդաւոր գրողներէն կը մնան ու տուած են այդ տաղանդին փաստերը շքեղ, անմոռանալի էջերու վրայ։ Այն ատե՞ն։ Դիւրին է պիղատոսաբար գործածել իրենց համար Աւետարանին պատգամը։ « Կեղծաւոր, նախ հան զգերան յականէ քումմէ» ։ Բայց ասիկա լոյս մը պիտի չբերէր գէշ ոճին հմայքէն, որ իրականութիւն է Չօպանեանի, Լ. Բաշալեանի յիշուած կտորներէն ներս: Ինչո՞ւ այդ մարդերը կ՚անգիտանային այդ բառակուտական հերոսութեան տխուր փառքերը։ Երկուքն ալ մէկէ աւելի անթերի կտորներով մեր գրականութեան մէջ երախտանքի արժանի անուններ են։ Ո՞ւր են Օշականի էջերը, ուր քրտինքը, խնամքը, բառակոյտը, կեղծիքը իրենք զիրենք պարտադրել յաւակնէին: Միքայէլ Կիւրճեան, որ հաստատ ոճի գեղեցիկ արժանիքներով եղած է ուշագրաւ, իր կարգին ստորագրած է բառակոյտ եւ զարդեղէն։ Ան է, որ իր քննութեան յանձնուած գործի մը մէջ . Թէքէեան) կը հաստատէ աւելորդ մթութիւն։ Արդ, մթութիւնը ուրիշ հարց, բռնազբօսութիւնը ուրիշ մեղք։ Մթութիւնը երկար վերլուծելի իրողութիւն մըն է գրելու արուեստին մէջ: Անոր մէկ ձեւը միայն հոս կը ձգեմ նկատառման։ Ատիկա այդ մթութեան պատկեր՝ արուեստակեալ, բռնի, տպաւորութեան համար հնարուած լարախաղացութիւնն է ահա Կիւրճեանէն պաշտուած Չրաքեանին, « Ներաշխարհ »ը իր փառքին կէսէն կործանող ձրի, չըսելու համար սնոտի փառասիրութիւնը: Օշական չի յիշեր էջ մը իրմէ, ուր իր մտածածը չըլլայ ըսած իր վերջնական պարզութեամբ: Նորերէն Շահան Շահնուր, աւելի անբարեխիղճ, երեւակայած է սուտերէն վեր տրտմութիւն մը, քաղելով Օշականի գրականութենէն բառեր, ֆրազի փշրանքներ, հոսկէ, հոնկէ, դրած քով քովի, ստեղծելու համար թիրատ մը, ուր բառերը որեւէ իմաստի չեն կապուած: Ասիկա աճպարարութիւնն է ու աւելորդ է բարոյապէս աճպարարը զատել ճգնիլ գրական աճպարարէն։ Օշական չէ ստորագրած իմաստէ հաստատ, իր պարազագոյն ձեւին վերածած զուրկ որեւէ էջ։ Մթութի՞ւն։ Անշուշտ: Երբ հարցերը, որոնք կը ծածկուին բառերուն ետին, անծանօթ են կարդացողին։ Դրէք այդ հարցերը պարզագոյն իսկ բառերու քամակին, դարձեալ պիտի չըլլան լուսաւոր: Ուրիշ է բառակոյտ մթութիւնը, ուրիշ՝ իմաստակոյտ մթութիւնը։ Այս վերջինն ալ, իր կարգին, իրողութիւն է դարձեալ: Մարդիկ, ըսի անգամ մը, Մարսել Փրուստի գրականութիւնը չվախցան ամօթ մը յայտարարելէ ֆրանսական պայծառութեան ։ Բայց այդ մարդերը չէին տառապեր, իրենց կիրքին մէջ միամակարդակ (uniplan) արտայայտութեան հանդէպ, երբ ասոր ճնշումով, չէին զգար իրենց անգթութիւնը, մերժելով ուրիշներու սեպհական թէկուզ բազմամակարդակ արտայայտութիւններ ունենալու անբռնաբարելի իրաւունքը։ Արդ, Մարսել Փրուստ քսաներորդ դարու իրաւագոյն անուններէն մէկն է համաշխարհիկ գրականութեան։ Ու կու տամ անունները, ոմանք քիչ մը հին, Հանրի Ամիէլ, Մալարմէ, Կէլ, նոյնիսկ Ռէնպոն, որոնք խիտ եղան, բայց առ երեւոյթ մթութիւն մը չհալածեցին։ Վալէրի, մա՛նաւանդ Ճէյմս Ճոյս մութ մարդեր են, նոյն ատեն շատ մեծ անուններ: Ինչպէս կը տեսնէք, բոլոր այս անուններուն վերագրուած մեղքը, մեղքն է թերեւս իրենց ինքնատիպութեան։ «Այս» մէկը պիտի ուզէր, որ որեւէ էջ ըլլար իրեն մարսելի՝ շոգեկառքին, մեթրոյին մէջ: Հիմա, հայ գրողները կարդալու ուրիշ ժամանակ չունին։ Օշականը կարդալու համար բարեկամ գրող մը չունէր այդ ժամանակը եւ կը զարմանար, որ « Մնացորդաց » չէր կրնար կարդալ մեթրոյին մէջ, մինչ Հանրի Պորտօ մը (անշուշտ շատ աւելի մե՜ծ գրող մը, մա՛նաւանդ օտար ալ լեզուով մը) առանց նեղութեան կը մարսուէր այդ մեթրոյին մէջ: «Այն» միւսը պիտի ուզէր, որ Օշականի տպաւորապաշտ թեքնիքով դատումները միակտուր իջնէին իր ուղեղին, երբ այդ ուղեղը այդ հարցերուն գոյութիւնն իսկ դեռ չէր կասկածած: Օշականի մթութիւնը ո՛չ կեղծիք է, ո՛չ աճպարարութիւն եւ ոչ՝ մթութիւն, խտութիւնը մեղք չէ։ Ու կու գամ միւս առարկութեան։ Ամէն մտածում պարտաւոր է ամենէն պայծառ զգեստով մատուցուիլ հանրութեան։ Կ՚ընդունիմ, եթէ երբեք այդ զիջումը ընելու տրամադրութիւն կամ կարելիութիւն կայ մտածողին մօտ։ Կու տամ անունը մարդերէն մարդուն ֆիզիսիէն, մաթեմաթիկոս, մեծ իմացականութեան եւ առաջնակարգ հանճար՝ Փասքալին ։ Երկուքուկէս դար է ահա այս մարդուն մտածումները կը սնուցանեն որոշ դասակարգ մը մտքերու ու չեն սպառած։ Չունէ՞ր այդ երկրաչափական միտքը ին տիրական վարպետը անհրաժեշտ ժամանակը իր այդ մտածումներուն հագցնելու առնուազն իր փրովէնսիալներուն զգեստը: Կ՚երեւի չունէր, որ չէ ըրած: Թէ անոնք ապագային ընդլայնելի նոթեր էին, ու հետեւաբար անմշակ, ոչինչ կ՚ապացուցանէ: Ինչուները տեղ մը չեն հաներ մեզ։ Օշական փակագիծներու զեղծանող մը կը նկատուի ու չեն անդրադառնար, որ փակագիծը էապէս զիջում մըն է պայծառութեան բնազդին։ Հիմնականին հետ մեր միտքը կ՚այցուի շատ մը քիչ-հիմնական լոյսերէ։ Այդ փակագծեալ կամ էջին վարը փոխադրուած տարրերուն ներգոյակ արժանիքն է միայն կշիռ ունեցողը: Երբ այս քիչ-հիմնական որակուած տողերը, իրենց կարգին, ունին իրենց արդարացումը, այսինքն` գրուածքին մարմինը կը լիացնեն նորութիւններով, կը նշանակէ, թէ խճողում, հմտութիւն, ծանրաբեռնում չեն կազմեր։ Քննադատական էջերու վրայ սա ծանօթագրութիւնները քիչ-շատ ընտանի դարձած միջոցներ են, բայց վէպին մէջ դեռ ոչ - հանդուրժելի։ Մարսել Փրուստ կարծած է դարման գտած ըլլալ, ստեղծելով փակագիծը, որ երբեմն քանի մը էջերուն վրայ կ՚երկարաձգուի։ Ճոյս, կտրուկ ու յեղափոխական, անցած է անդին պայծառութեան, կանոնին օրէնքներէն ու առանց այլեւայլի, նոյնիսկ գծիկ փոխելու կամ նոր տողին դիմելու՝ վէպը քալեցուցած է, խօսակցութիւն կամ ապրում չլուսաւորելով տպագրական մեզի ծանօթ նշաններով։ «Ոդիսեւս»ին մէջ ունի իբր վերջաբան երկու հարիւր էջնոց կտոր մը, որ միակտուր կը թաւալի, առանց նոր տողի, ստորակէտի, կէտի, որոնք, պանդոյրները առաջնորդելու համար հնարուած նորութիւններ են։ Հին ձեռագիրները կ՚անգիտանային այս ամէնը։ Խելացի ընթերցողը, քանի մը վարժութիւններէ վերջ, կը մտերմանար ու կը շահէր, աւելի ուշադիր կարդալու եւ հետեւաբար աւելի իւրացնելու բնագիրը։

[11]   Այդ վէպին ձեռագիրը Իտալիա բնակող տիկին մը ուզած էր իրմէն թարգմանելու համար… իտալերէնի։ Տարիներ անցան: Ձեռագիրը ստացող տիկինը պահեց լռութիւններուն ամենէն լիրբը ու ստացման փոսթի թուղթը միայն յաջողեցայ ունենալ, թղթատարական վարչութեան մօտ կատարած դիմումներովս: Կը խորհիմ, թէ սանկ ու հանկ փոփոխութիւններով այդ տիկինը վէպը փոխադրեց իտալերէնի ու իբրեւ ի՛րը արժեցուց։ Այս ալ տխուր ծանօթութիւն մը, այդ վէպին բախտէն։

[12]   Բանգիտութիւն ծախել չի նշանակեր հոս, խօսիլ 1800ի ֆրանսիական թատրոնէն (Լա Պիշ, Uգրիպ, եւայլն), ուր հանդիսականը կը մնար կապուած բեմին, գործողութեան անակնկալներէն բռնավար։ Որքան կացութիւնները բարդանային, իրադարձութիւնները բազմանային, այնքան հանգոյցը, այսինքն՝ լուծումը կը դառնար հետաքրքրական ։ Ասիկա թատերական ապրումը վերածելն էր թերթօնական փառասիրութեանց։ Խաղ մը աչքի նետելու համար բաւ էր էնթրիկի զգայարանք մը, անկէ առնելու համար ներելի, երբեմն աններելի լուծումներ։ Այդ խաղերուն արժանի՞քը «սրահները լեցնել»։ Ուրի՞շ: Բայց մոռցուիլ նոյն ատեն։ Արուեստը կեանքն է։ Ու կեանքին նկարագիրը՝ չհիննալը։ Ահա թե ինչու մեր օրերու կիրթ, բազմապահանջ ճաշակը ո՛չ միայն հանդուրժեց, այլեւ սիրեց հելլէն տրաման, երբ երկու տասնեակ ու աւելի դար առաջուան հոգեվիճակը մարդիկ յաջողեցան վերստեղծել, բեմական հարազատ վերարտադրումը գործադրելով ու գտնելով զանգուածային ապրումները Քրիստոսէ առաջ Ի. դարու հանդիսականներուն: Այս հրաշքը անշուշտ տարրական գործողութեան չենք պարտական հելլէն տրամային, ո՛չ ալ անոր բարձրաթռիչ երեւակայութեան կամ իմաստասիրական խոյանքներուն։ Կեանքը կը բաւէ նման արդիւնքներու համար։ Օշական պէտք չէ զգացած որեւէ էնթրիքի։ « Ծակ–պտուկը »ին հինգ հարիւրի մօտ էջերը կը մատնէն ինքնատիպ թեքնիք մը։ Վէպը կը բացուի ամենէն տրամաթիք պատահարով։ Սովորական վիպասանը ատով պիտի աւարտէր վէպը: Վասնզի մեր հետաքրքրութիւնը պիտի մնայ վառ տրամին ամենէն խռովիչ հանգոյցովը, որ աղջկան մը խաբուիլն էր, այդ օրերուն։ Արդ, ի՞նչ միջոցներ պիտի գործածուին, որպէսզի այդ մուտքը, պահելով հանդերձ իր ահաւոր կշիռը, պահէ իր թարմութիւնը, իմաստը վէպին յառաջիկայ ընդարձակ շարժումներու ընթացքին։