Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Ա. ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

/15/ Երբեմն գրողները անոնց կեանքին մեծ իրողութիւնները անհրաժեշտ են, իրենց գործին հասկացողութեանը համար, քանի որ այդ գործերուն մէջ հետապնդուած արդիւնքները, թելադրելի հարցերը լայն չափով մը կը բխին այդ կեանքերէն։ « Պանդուխտի կեանքէն » վերնագրուած էջերը չէին նուաճուեր, եթէ երբեք անոնց հեղինակին սրտագին թափառումները չըլլային մեզի ծանօթ, խաներու անկիւնները փտելու դրուած պանդուխտներու բիւրաւոր խումբերուն շուրջը։ Վերցուցէք Օրիորդ Զապէլ Յովհաննէսեանը (Տիկին Եսայեանի « Սիլիհտարի պարտէզները » գլուխ–գործոցէն, այսինքն՝ այդ գիրքը ըրէք պոլսեցի ոեւէ կնիկի, թէկուզ յաջող աշխատասիրութիւն, դուք պիտի չկրնայիք գնահատել այդ գիրքով փրկուածին տարողութիւնը, հայ հոգիին ներքին կազմաւորման, գէշ բառով մը՝ բջիջներուն մէջը։ Դժուար է ըմբռնել Ալիշան մը, իբր բարձրութիւն, ինչպէս տկարութիւն՝ առանց Վենետիկի, այսինքն՝ Մխիթարեան աբբայի միակտուր յղացքին։ Այս օրինակները բա՞ւ, որպէսզի ընդարձակ, պատասխանատու գործի մը դիմաց քննադատը մտածէ գործաւորին։ Միւս կողմէ՝ ի՞նչ է նպաստը գրեթէ ողբերգական այն քանի մը տարիներուն, որոնք հէնքը եղան Տիրան Չրաքեանի մը կեանքին, « Ներաշխարհ »ին հասկացողութեանը տեսակէտէն, երբ ուզենք այդ գիրքին էջերը թանձրացնել, անոնցմէ առնելու համար միշտ՝ ապրումներու որոշ գումար մը։ Կը զգամ տարակոյսը, որ կ՚ուրուանայ ընթերցողին շրթներուն։ Երկու հակադիր մտայղացքներէ մեկնող սա իրողութիւնները եզրեր են սակայն, հաւասարապէս գործածելի՝ բացատրելու, որոշ չափով մը հասկնալու Օշական անունին տակ ծանօթ գրական կառոյցը, ինչպէս նոյն անունին տակ ծածկուած խուլ, խորունկ, արեւին չելած ողբերգութիւնը։

Ուրիշ մը առարկայօրէն ըսել կ՚ուզեմ՝ աս ու ան վարդապետութեան կռնակը տուած, աս ու ան նախամտածուած արդիւնքներուն հասնելու սիրոյն թերեւս գտնէր կերպ մը դուրսէն այդ անհայտ նկատուած եզրերը հաշտեցնելու, ու գործին ծնունդին ու /16/ կեանքին հետ (որ միշտ կշիռ ունեցող իրողութիւնն է գրականութեան մը պատմութեան համար) տար հեղինակը, այսինքն՝ քանի մը թուականներու լուսաւորող փաստը, քանի մը յատուկ անուններ քաղաքներէ, ուսուցիչներէ, գիրքերէ, բոլորը բացատրելու համար անբացատրելի հրաշքը, օրինակ՝ Պ. Դուրեանի մը։ Գէշ-աղէկ եղանակ մըն է ասիկա, որ գործադրելի չէ սա էջերուն վրայ, քանի որ այս աշխատանքը կը կատարուի ներսէն, այսինքն՝ եղանակով մը, ուր այդ եզրերուն նպաստն ու դերը ամէն րոպէ կ՚իյնան կասկածի ներքեւ։ Անշուշտ, հեռուէ հեռու միշտ այդ եզրերը կ՚ուրուանան։ Ու գրագէտ մը երկինքէն կազմ ու պատրաստ չիջներ։ Բայց մեր սոփեստութիւնը այդ է՜ջքը բացատրելու։ Ու ահա անկեղծ խոստովանութիւն մը. Յ. Օշական ոչ ոքէ ոչինչ է ընդունած իր միտքը ազատագրող։ Յստա՞կ։ Կ՚ենթադրեմ։ Ու կ՚ուզէք աւելին։ Ամէն ինչ կը դաւէր անոր այդ ազատագրումը արգիլելու։ Եւ սակայն քսան չմտած, առանց կանոնաւոր կրթութիւն մը տեսնելու, անիկա իր մտքին մէջ ունէր, ուրուագիծ, իր գործին աշխարհը։ Ասիկա ներսէն մեթոտին տարօրինակութիւնն է անշուշտ, բայց որ իրաւ է դարձեալ գործին, ինչպէս գործաւորին հաշւոյն։ Ուրկէ՞ կու գայ « Վէրք Հայաստանի »ն։ Հարցուցէք, բայց ջարդուկոտոր մի ըլլաք պատասխաններ ճարելու։ Աբովեանի ստացած կրթութիւնը հիմնովին ներհակ շնորհներով վէպ մը պարտաւոր էր տալ։ Մեր ունեցածը կը հերքէ այդ ազդեցութիւններու առասպելը։

Եւ սակայն պէտք է բան մը ըսել, ճարտարանք վատնել, առնվազն հանդուրժելի, դաշն շրջավայր, մթնոլորտ, ազդակներ յօրինել, դատապարտելէ առաջ իբր ժամանակավրէպ մը, անհեթեթութիւն մը, աւելորդ պերճանք մը, այդ ընդարձակ վաստակը, որ անցած է աս ու ան մեղադրանքներուն խարանէն ու շարունակած պահել իր հիմնական նկարագիրները, հերքելով ուրացումն ու մերժելով պաշտպանութիւնը։ Քառսունէ աւելի տարիներու երկարաձգուող սա ստեղծագործութիւնը համադրել, իրմէն աւելի ուրիշի մը, աւելի ճիշդը՝ ժամանակէն նպաստ վայելող սերունդէն մէկու մը գործն է ըլլալու։ Ինչ որ իրաւ է, այդ գործին առանձնութիւնն է, տարօրինակութիւնը, մեր գրականութեան ակօսին ու զառիթափերուն հետ աններդաշնակ կերպարանքը ։ Մեր հրապարակը այս իրողութիւնը վերածել փորձեց իր չափանիշներուն։ Եղան մարդեր, որոնք 1930ին, այսինքն՝ « Ծակ–պտուկը »էն վերջ, իբր թէ կարօտով, ցաւով յիշեցին քառորդ դար առաջուան « Խոնարհները », իբր արտայայտութիւն եւ ոգի։ Եղան ուրիշներ, որոնք « Մնացորդաց »էն վերջ, փոյթ ունեցան /17/ մեր վէպին վրայ այդ յաւելումը անորակելի բառերով պիտակելու (երեւոյթը իբրեւ ոգի եւ բառ կը նոյնանայ Մեծարենցի « Նոր տաղեր »ը կղկղանք անուանող սրբապղծութեան հետ)։ Այս ամէնը Օշական դիտած է առանց յուզումի։ Ցա՞ւ։ Ոչ անշուշտ։ Իր ցաւը, իր արեան մէջ ծուարած ցաւը այլ անգթութիւններուն դէմ պէտք չունէր զայրագնուելու, քանի որ գրականութիւնն ալ մարդկային էր, այսինքն՝ մեր բոլոր մեղքերուն ու շնորհներուն վայել ճակատագիր մը։ Յ. Օշական գրագէտի տիտղոս մը չէ աճեցուցած, անոր ներգոյակ նանրամտութենէն իր սարսափին պատճառով։

Այսպէս թէ այնպէս, փաստ մը կայ, որ կը ծանրանայ։ Օշականի գործը չէ ստեղծած այն կիրքը, հակամարտ կեցուածքները, որոնք « Ներաշխարհ » մը քանի մը տարի մեր հրապարակին վրայ տարին աննախընթաց այժմէութեան մը փառքին թերեւս Չրաքեանի գերագոյն իսկ ցանկութիւնը գոհացնող։ Օշականի գործը անգիտացւած է, պարզ ու կտրուկ։ Իր համակիրներն իսկ չեն ունեցած քաջութիւն զինքը կարդալու: Աւելորդ է խօսիլ իր հակառորդներէն, որոնք բանակ են։ Փնտռե՞լ երեւոյթին ազդակները։ «Ի՞նչ օգուտ», պիտի ըսէին արեւելահայ դատողները։ Էականը՝ կարդացուածին բարիքն է, գրողէ մը իր ժամանակին վրայ արձակուած լոյսին, ջերմութեան քանակը։ Կրնայ ըլլալ։ Բայց մի՛ աճապարէք։ « Վէրք Հայաստանի »ն նուաճուած է այդ ամենէն զերծ, այդ ամենուն անտարբեր, այդ ամենէն խորապէս օտար հոգիով մը։ Ու մեծ գործ մըն է։

Ուրուային ընդարձակութեամբ, աչքէ խուսափող գագաթումներով եւ անդնդային խոնարհումներով կարծես իրարու կռնակ դարձուցած, իրարմէ անհաղորդ մէկէ աւելի աշխարհներ, այդ գործին մէջ, թերեւս հեղինակն են սա վիճակին շփոթութիւն, թափանցումի համար՝ ճիգին բռնութիւնը ու ասկէ մեր զգացած յոգնութիւնը: Կան տակաւին մասնակիութիւն մը, մեր հրապարակին համար անսովոր ախորժակներու պաշտամունք մը։ Կայ արտայայտութեան ալ փորձանքը։ Գործէ մը յառնող նման զգայութիւններ բան մը կ՚ապացուցանեն անշուշտ։ Ու թերեւս անիմաստ չէ Օշականի գործը դատապարտող մտայնութիւնը բխած կարծել սա հակամարտ, առնուազն որոշ երկուութենէն։ Վասնզի պարագան բացառիկ ըլլալուն չափ իրաւ ալ է։ Այդ տարակոյսը, երկուութեան զգայութիւնը չեն այցելեր մեզի երբ, օրինակի համար, ձեռք կ՚առնենք Դանիէլ Վարուժան անունին տակ խմբուած գործն ու մարդը։ Այս անունին ընդմէջէն գիրքերը շատ բնական, մարդկային յառաջատուութեամբ մը կը ծնին, սաղմնաւորման իրենց օրինաւոր շրջանը օրինաւոր կերպով /18/ աւարտելով։ Տղայ մըն է թէժ, խակ, բայց խանդավառ այն տաղաչափը, որ հրատարակած է « Սարսուռներ »ը։ Այս սկսնակի հատորը կը հաշտուի Դանիէլ Չպուքեարեանի եւ Վենետիկի քերթող վարդապետներուն հոգեբանութեան հետ, տիրական ներդաշնակութեամբ մը։ Նոր տարրը՝ տաղանդին կայծն է, որ դեռ չէ ազատագրուած ու հազիւ կը զգացուի։ Կատարեալ, շքեղ երիտասարդ մըն է արուեստագէտը, որ ծնունդ է տուած « Ցեղին սիրտը » որակուած փարթամ գարունքին։ Ազգային հասունութիւն, չըսելու համար տրտմութիւն, անցնող բաներուն ետեւէն անդարձ կարօտի նայուածքին ցաւոտ քաղցրութիւն, չեմ ըսեր ծերունի, բայց կեանքին հետ իր հաշիւը աւարտելու վրայ մարդու մը, չափու հասած զգայնութեան ու իմացականութեան մը վայել վկայութիւններու հանդէս մը՝ « Հեթանոս երգեր »ը։ Աւելցուցէք՝ « Հացին երգ »ը, որ գրուած է մահուան ստուերին մէջը։ Կեանք եւ գործ իրար կը պաշտպանեն, իրարու կը վերածուին՝ առանց տագնապի, տառապանքի, մա՛նաւանդ տարակոյսի։ Դանիէլ Վարուժան սկսած է, հասունցած է, տրտմած, ու իր գործին մէջ իր աչքերը գոցած, տակաւին չմեռած։ Երեւոյթը գրեթէ նոյնն է Վահան Թէքէեանին համար, որուն չորս տաղարանները կը պատմեն կեանքին հիմնական գօտիները։ Ո՞ւր է Օշական ըսուած մտայղացքին ծանրութեան կեդրոնը, կեանքէն, ինչպէս գործէն։ Տղու թարմութեամբ էջեր են 1940էն վերջ «Սիոն»ի մէջ իր « Վկայութիւններ »ը, մինչ նոյն հանդէսին մէջ ուրիշ էջեր Կեանքին հետ », « Մոռցուած բաներ » վերնագիրներով) փաստեր են ծանրածանր տրտմութիւններով վիրաւոր, սպառուն, յուսակտուր հոգեբանութենէ մը, մէկ ու նոյն արուեստի կնիքին տակ։ Ո՞ւր է, ո՞ր գործին ներսը՝ նկարագիրը, տիրական թեզանը, որուն վրայ ըլլային բանուած, առնուած արուեստով իւրանալի տարրեր։ Փորձեցէք պատասխան մը ճարել ու պիտի զգաք դժուարութիւնը։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն՝ սնափառ խաղարկութի՞ւն մը, մեծատարած ու յամառ կեղծի՞ք մը, իրականէն դուրս, անկէ անմասն յօրինո՞ւմ մը, առնուազն անկարող, որքան մեղապարտ բանդագուշա՞նք մը՝ հատորներ, որոնց կեանքէ յորդութիւնը, ասոր հաւատարմութիւնը, իրաւութիւնը, խոր մարդկայնութիւնը նոյնքան դժուար է հերքել։ Ո՞վ կայ ետեւը երազային քնքշութեամբ եւ ապրումին խաժ, շաղոտ թարմութեամբը գոլուոր այն պատկերներուն, որոնք կ՚անուանին « Երբ պատանի են », « Երբ պզտիկ են », « Վկայութիւններ », « Խորհուրդներու մեհեանը », բոլորն ալ շատ վաւերական, թէեւ տարօրինակ, շատ իրաւ, թէեւ բացառիկ անձնաւորութեան մը, տրամաներու, զգայնութեան մը կնիքովը բա/19/բախուն, մնայուն կերպով մը, գրեթէ իրենց ամէն մէկ տողին, բայց ստեղծելով նոյնքան վաւերական, տարօրինակ, բացառիկ պատրանքն ալ իրաւէն անդիին։ Գեղամ Բարսեղեան, անիրական տղայ մը, զինքը շատ կանուխէն երբ կ՚որակէր անիրական, բանաձեւած կ՚ըլլայ, յաջողութեամբ սա տպաւորութիւնը գործի մը, ուր իրականն ու երազը քովէ քով կ՚ապրին, առանց նեղելու եւ նեղուելու։ Ու, շարունակելով հարցականը. ո՞վ ետեւը դարձեալ տարօրինակ է դարձեալ վաւերական բայց միշտ շփոթութիւն ստեղծող կառոյցներուն, որոնք կ՚անուանուին « Ծակ–պտուկը », « Մնացորդաց », « Հարիւր մէկ տարուան »ներուն շարքը Հաճի Մուրատ », « Հաճի Ապտուլլահ », « Սիւլէյման էֆէնտի », « Սահակ Պարգեւեան » (անտիպ), « Մաթիկ Մէլիքխանեանց » (անտիպ) բոլորն ալ մեր վէպին ճարտարապետութիւնը հերքող, սեպհական օրէնքներու հպատակ, բայց մնալով ցնորքէն, բանդագուշանքէն, անհեթեթէն՝ ասդին, բոլորն ալ վէպ ըլլալուն չափով աշխարհներ, մութ խորութիւններու, պայծառ բարձունքներու համար իրենց ընկալչութեամբը, պայմանաւորութեամբը դարձեալ իրական, անշուշտ մեր գրականութեան սահմանները զանցող, ընդոտնող, բայց միեւնոյն ատեն այնքան իրաւ, քանի որ մեզի կը թելադրեն, կ՚առարկայեն այնքան ներհակ համայնապատկերներ, մեր աչքերուն տակ փշուր-փշուր ստացուած հողէն, ապատէն ու անապատէն, դրախտէն, որքան դժոխքէն, ժայռաստանէն, որքան մրգաստանէն, զիրար հերքող, բայց իրարու անհրաժեշտ, ինչպէս կեանքն էր, տրուած անոր ջիղերու բողկուկներուն։ Թերեւս մարդ փորձուի սանկ գիւղացի մը տեսնել « Խոնարհները »ին ետին, հովուերգական պարզութեամբ աշխարհ մը, ուր գործող մարդերու ճակատագիրին ու զանոնք մաշող տրաման իսկ կարծես նպաստ մը կը բերեն մեր մտքին մէջ գոյացող անորոշութեան, երբ Օշական կը յաջողի մեզ շահագրգռել ընկերութեան ամենէն զրկուած, ծնունդով անիրաւուած դասակարգի մը, դարձեալ ծփուն ընդմէջ խելքին եւ ոչ–խելքին, հաւասարակշռութեան եւ տատանումին, միշտ տարօրինակ, բայց մարդկային, քանի որ կէս խենթն ալ կ՚ապրի կինը, անոր խորհուրդը, թերեւս առաւելեալ հոծութեամբ մը։ Բայց այդ ապահովութեան ետին կայ պատրանք մը։ Այդ «Խոնարհները» մեղադրուած են իբր անընդունակ զգայական այն նրբախոյզ վերլուծումներուն [1], որոնց գումարն է իրենց տրաման։ Ու /20/ շարունակելով մտածումներու սա գնացքը. ո՞վ է մարդը, որ գրած է « Մինչեւ ո՞ւր »ը, « Նոր պսակը », « Ստեփանոս Սիւնեցի »ն, « Երկինքի ճամբով »ը, « Աքիլլէսի կրունկը » (անտիպ), « Քառսուն տարի վերջ » (անտիպ), « Սասունցի Դաւիթ » խաղերը, բոլորն ալ իրական սակայն, ըլլալով հանդերձ իրականէն շատ անդին, հեռու կարելիութեանց հանդէսով մը, խաղեր, ուր երազանքը՝ իր ամենէն քնքուշ վէտերովը, եւ կիրքը՝ իր ամենէն թանձր ալիքներովը, բանաստեղծութիւնը՝ իբր բարեխառնութիւն, մշուշ ու անդրայնացում եւ արցունքը, տառապանքը, ցաւը իրենց ճենճերովը իրարու կը վերածուին, իրար կը մղեն ու կը քաշեն, ելլելու համար դարձեալ դուրս մեր գրականութեան սահմաններէն։ Այդ խաղերուն ներկայացումն ալ ուրիշ դժբախտութիւն, քանի որ միշտ ծնունդ է տուած ծանր տագնապներու։ Ու կայ տակաւին Օշականէն դատումի գործ մը, կատարուած բոլոր գրականութեանց մեծագոյն խուզարկուներուն ճամբովը, չըսելու համար մեթոտներովը, նախասիրութեամբը, արժէքներ ապրելու, արժէքներ ապրեցնելու եւ փլցնելու իր անտարազելի եղանակը, որ ո՛չ դասական քննադատութիւնն է, փաստերը, հաստատ իրողութիւններու վրայ շահարկող, ոչ ալ վերլուծական քմայքն է, ուրիշին գործերուն ընդմէջէն իրը, շատ-շատ խումբ մը մարդոց ապրումները թարմացնող, համակարգող։

Միտք բանի՞ն, սա հարցականներուն.

Ա՛ն՝ որ այդ գործը թէ՛ իբր ցանկութիւն, թէ՛ իբր իրագործում գրեթէ անկախ է արեւմտահայ գրագէտ Օշականէն, ու անկախ է դարձեալ Արեւմտահայ գրականութենէն։ Վասնզի ո՛չ ոք յիշեցնելը, ո՛չ ոքի պարտական չմնալը տարրական նախապայման ամէն վաւերական գրողի, գրեթէ միշտ կը նուազին, երբ ժամանակին շամանդաղը դիզուի ընդմէջ երկու հետեւողութեանց։ Անոնք, որ այդ գործը երեւոյթ մը կ՚անուանեն, թերեւս կ՚այցուին անզգալաբար այս կարգի մութ ու խուլ թելադրանքներէ։ Այդ գործին ճարտարապետն ալ յաճախ դրած է այս տագնապը, իր խղճմտանքի սեղանին ու ջանացած ինքզինքը հասկնալ։

Եւ սակայն ճիւաղ մը չէր այս մարդը։

/21/ Այս բոլորէն անդին, ինծի կու գայ, թէ Օշական մէկն էր իր սերունդին տասնով, քսանով տղոց, որոնք տաղանդ մը բերած էին իրենց հետ։ Այս մասին աւելորդ է լայննալ։ Բալուի մէկ գիւղին մէջ իր աչքերը բացող Հրանդն ալ բերած էր հետը անշուշտ այդ տաղանդը: Նոյնը կրնանք խորհիլ բոլոր մեր մեծարժէք գրողներուն համար։ Բայց ահա թէ ուր կը զատուի Օշական իր ընկերներէն, տարեկից կամ երէց եւ աւելի վերջը իր իսկ ժողովուրդէն.

Անիկա ծնած է Արեւելքի հին մէկ քաղաքին մէջ (Պրուսա Բիւթանիոյ, 1883 Դեկտեմբեր 9)։ Կէս դար յետոյ, այդ ծնունդէն, կտորի մը մէջ « Նարեկ »ը, « Երբ պզտիկ են »ի շարքէն (տպուած « Սիոն »ի մէջ) կեանքի կանչած է այդ ահաւոր պատկերը ծնող մանուկին, զոր ոչ ոք կ՚ողջունէ։ Մայրը՝ որուն ձեռքերը պիտի կապուին՝ այդ տղուն դիեցումին ու աճումին յատկացնելու համար իրենց միակ դրամագլուխը, աշխատանքը։ Հայրը՝ որ կը գծէ իր սպառած ուժերուն մօտիկ շիջումին հիւծանկարը ու կուլայ՝ իր պզտիկը տեսնելով փողոց՝ առանց հօր ու առանց հացի։ Հօրքուրը՝ որ կոյր ու անկար, իր երգերէն զատ ոչինչ ունի այդ մանուկին օգնելու։ Եղբայրները՝ որոնք արդէն նիհար, ցամաք հացին վրայ կը գուշակեն նոր ակռաներու յարձակում մը։ Այսպէս է կեանքը։ Անոր հօրքուրը պատմած է աւելի ծանր վէպ մը։ Ու կը դնեն պզտիկը հացի տաշտին մէջ, ուր նորածինը աշխարհին վրայ իր առաջին քունը կ՚առնէ։ Օրա՜ն։ Խանձարո՜ւր։ Ասոնք գեղի բարիքներ էին։ Ու քաղքի բանուորը իր զգեստներէն դուրս ոչինչ ունէր. շատ աւելի ուշ, երբ այս տողերը գրողը ա՛լ աչքերը գիտէր պտըտցնել, պալատներէն հիւղակը։ Օշական, « Երբ պզտիկ են »ի շարքին մէջ միշտ անցողակի, ջանացած է թելադրել տեսիլքներ, կեանքի կտորներ, ուր անիկա կը պատմէ իր կաթին ծախուիլը հարուստներու լակոտներուն։ Մօրը կաթին տեղ որ երկու ամիս իսկ չի հոսիր իր ոսկորներուն անիկա պիտի ուտէ հօրքուրէն ծամուած հիւս հացը ու պիտի խմէ անոր լալկան, տարօրէն անուշ, գինովցնող երգերը։ Գերեզմանի մուտքին, երբ այս տողերը կը թելադրուին «հասունցած» մարդուն բերնէն, կեանքին ահաւոր մէկ չարիքին գնովը որ յիշատակը, յիշողութիւնն է, իբր թէ իրականութիւնը ըլլար անբաւական անոր հոգին կ՚ողողուի այդ ահաւոր տարիներէն։ Մանկութի՜ւն։ Ես քեզ տեսայ Արեւմուտքի մեծ ոստաններուն մէջ։ Տեսայ Արեւելքի մէջ դարձեալ։ Քեզ համար աշխարհը հիմա պալատներն ու պարտէզները կը հանդերձէ։ Քեզի համար մեծ քաղաքներ իրենց լաւագոյնը կը տրամադրեն։ Քու հացը, կաթը, խաղերդ, խաղալիքներդ` մեր քաղաքակրթութեան միակ /22/ քաղցր luxeը ինկած են խիստ պաշտպանութեան տակ։ Հիմա, իմ հօրս պէս աշխատաւոր անգլիացի մը իր տղուն բերանովը իշխան մըն է։ Վաթսուն տարի առա՞ջ։ Օշական կը շարունակէ ապրել այդ անպատմելի տառապանքը, որ նեարդ մը բան իսկ չէ կորսնցուցած իր ուժգնութենէն։ Խոր, անսահման տխրութիւնը անոր գրականութեան, անսփոփ իր յուսահատութիւնը, զոր աշխարհին բոլոր պատրանքները, նոյնիսկ իր ամենէն աւելի սիրած գրականութիւնը չեն կրցած մեղմել, գինն են այդ մանկութեան տարիներուն։ Չեմ կենսագրեր [2] ։ Որբ է անիկա, մէկ անգամ միայն յիշելու բախտով իր հօրը բազուկներուն մէջ մօրն օգնութեամբ բարձրանալը, ու անոր կծու համբոյրը, որ կ՚այրէ, կ՚այրէ, ահա վաթսունի մօտ տարիներէ ի վեր…։ …Եւ մայրը, եղբայրները, հօրքուրը որ մտած է իր գրականութեան մէջ կ՚ապրին եղանակաւոր բանուորի կեանքը այդ քաղաքին մէջ, ամրան չորս-հինգ ամիսներուն, մետաքսի մանարաններուն անպատմելի կերպով վատառողջ, սպաննող պայմաններով։ Ձմեռը, գիւղ, տաքնալու համար, քանի որ անտառը կը պատկանի Աստուծոյ /23/ եւ քանակը՝ տղոց սեպհականութիւնն է։ Հա՞ցը։ Ի՞ւղը։ Կա՛ն, բայց ոչ քաղաքին ստորնացնող կերպարանքներուն տակ։ Աշխատանքը դրամի չի փոխուիր, բայց կ՚ըլլայ սեղանին վրայ չոր հացը ու ապուրը: Որքան պիտի ուզէի ժամանակ, այդ վէպը նուաճելու…։ Մանուկէն դէպի տղան, ու անկէ՝ դէպի պատանին վիճակը կը մնայ նոյն պարզութեամբ մէկ ու իրաւ ու անողոք։ Կը հասկցուի՞, թէ Օշականի հոգեյատակը ըլլայ կազմուած քաղաքէն, որուն ամենէն փարթամ մէկ պալատին մէջ, իր բերնէն կտրուած եւ այդ տան լակոտին պուկը պարպուած կաթին իրաւունքովը, տժգոյն, խորունկ, չափազանց նիհար այդ տղան իր մուտքը ունի, հոն տեսնելու համար ա՛լ չմոռցուելիք պատկերներ, ամբարելու համար դէմքերէ, զարդերէ, իրերէ, սեղաններէ, հարսանիքներէ անտուն ապրումներ, որոնք անոր տուած են իր գրականութեան ամուր յատակներէն մէկ կարեւոր մասը, ինչ որ կը գրաւէ « Մնացորդաց »ի (գրուած մասէն) կէսը։

Անոնք, որ անոր աշխարհը պիտի աշխատին խորաչափել, թերեւս պիտի զարմանան անդունդներէ բխող ալիքներու յորդութեամբ կեանքի այն հեղեղէն, որ կը լողայ, ընդերկրեայ, բայց խռովայոյզ, քաղքենի անոր վէպերուն յատակներն ի վար։ Ատիկա կու գայ այդ քաղաքէն։ Ինք միշտ ընդունած է, որ հոգիին կազմութիւնը կ՚ամբողջանայ մինչեւ դռները պատանութեան։ Այդ վարկածին գնովն է ահա, որ մեր գրականութեան մէջ ոչ ոքէ նուաճուած քաղաքը (կը բացառեմ « Սիլիհտարի պարտէզներ »ը, որ իրաւ գործ մըն է։ Քաղաքը իբրեւ բարք, անշուշտ հրապարակներու վաստակին մէջ ինկած է վերլուծման։ Բայց նոյնիսկ Երուխանի վէպին մէջ անիկա բարքերու մանրանկար մըն է, քան թէ իրաւ յատակ մը։ Տիկին Եսայեան կրցած է Պոլսոյ հոգին որոշ խորութիւն մը մինչեւ ունենալ իր աշխարհին մթնոլորտ) Օշականի գործին մէջ կ՚ըլլայ իրաւ ու մարդկային, գրեթէ բացառիկ ապրումներու համադրութիւն մը։ Ի վերջոյ, ինչ ալ ըսենք, մեր հոգին ինքզինքը յայտնաբերելու համար չէ օգտագործած իր սեպհական ընդունարանները ամբողջութեամբ։ Մեր Հայրենիքը իբր հող, tellurique զգայութիւն հազիւ թէ մուտք մը կրցած է ճարել իրեն մեր գաւառացի գրողներու մէկ քանի արտադրութեանցը մէջ։ Մեր զգայնութիւնը մեր երգին ու մոյնքին մէջ ինքզինքը լիուլի չէ կերպադրած։ Նոյնիսկ մեր գրականութեան գործիքը, արեւմտահայ բարբառը, իր շրջափոխութիւնը ատեն չգտաւ ամբողջացնելու, դառնալու համար վճռական վկայութիւն մը այս ժողովուրդին հոգեղէն դրութեան, ինչպէս ըրած էր հին դարերուն։

/24/ Քաղաքը, Օշականի գործին մէջ, կու գայ, տիրական լայնքով, թուրք յատակէ մը: Ձեզի, որ այս տողերը կը կարդաք, այս վերջին բացատրութիւնը քիչ բան կ՚ըսէ։ Մի՛ աճապարէք, այդ բանաձեւին ետին բռնապետութիւն, բարբարոսութիւն եւ նման clichéներ տեղաւորել։ Թուրքը այդ ամէնն է։ Բայց ատոնցմէ անդին ալ է։ Անոնք միայն, որոնց տրուած է պատեհութիւն օտար երկիրները ո՛չ միայն պտըտիլ, այլեւ որոշ չափով ապրիլ, անոնք միայն կը յաջողին իրենց զգայութիւնները դասաւորել, բարձրանալու համար երկիրներու, ժողովուրդներու հոգին։ Թուրքը, նոյնիսկ Պոլսոյ մէջ, նոյնիսկ պալատներու ներսը հազիւ թէ մեղմացած տափաստանեան տիպար մըն է, այնքան ցեղային միջինին զգայական մթերքը դեռ կը մնայ անվթար։ Ես տեսայ թուրքերը Պուլկարիա, Ռումանիա, Յունաստան։ Մարդեր էին Աստուծոյ տարրական շնորհներով, իրենց խեղճութիւնը տիրապէս հագած իբրեւ անթափանց մուշտակ ու արդարացնելով մեր օրերու ցեղային տեսութիւնները։ Այդ թուրքերը շուքն իսկ չէին այն միւսներուն, որոնք օսմանցիներու առաջին մայրաքաղաքը կը փառասիրէին յաւերժել։ Համիտի գահակալութեան տարեդարձներուն ապշեցուցիչ բան էր տեսնել դիւրութիւնը, որով արաբ զարդապաշտութիւնը եւ տափաստանեան գիշախանձութիւնը իրարու կը ներդաշնուէին, անապատէն նոր բերուած ոսկորուտքին վրայ լայնաթեւ վերարկուներուն սեւ սարսափը անբաւական ըլլալով մեղմելու։ Ամէն տուն, ամէն խանութ շղարշուած էին այդ արհաւիրքով։ Շուկաները ուրիշ մղձաւանջ։ Մզկիթները, դամբարանները, ասոնց սպասարկու կանաչ-փաթթոց վայրագութիւնները ուրիշ անժուժելի արհաւիրք։ Աւելցուցէք այս գիծերուն վրայ կամաւոր բռնացումն ալ, զոր 1900ի թուրքերը դրին իրենց կերպարանքներուն։ 1897ին, ջարդերէն տարի մը վերջը, դժուար էր անցնիլ փողոցէն, ուր թուրքերը կը քալեն։ Այս ամէնը Օշականի գործին մէջ անշուշտ չեն նուաճուած։ Բայց « Մնացորդաց »ի դժոխքը պիտի յօրինուէր այս հոգեբանութեամբ։ 1915ը՜։ Թերթեցէք մեր գրական յաջող, նոյնիսկ միջակ սեւեռումները թուրքէն։ Օշական առանձին զոհողութեամբ, իր տկար ուժերէն բաժին չէ խնայած թուրքը տալու։ Երկու ամբողջ վէպ Հաճի Ապտուլլահ » եւ « Հարիւր մէկ տարուան ») այդ բարքերուն են նուիրուած։ Աւելորդ չէ հոս յիշել սա յատկանշական փաստը, որ կ՚առնեմ իր վէպերուն ընթերցողի մը նամակէն։ Արուեստագէտ մըն է տէրը այդ նամակին (նկարիչ), որ « Հարիւր մէկ տարուան » վէպին ընթերցումէն յետոյ կը հաւատայ, որ թուրքերը իրենք զիրենք ճանչնալու համար պարտաւոր են Օշական թարգմանել։

/25/ Պատանութեան հեղումներով կազմուած այս քաղաք բիւրեղացումը անշուշտ անբաւական է մեր ժողովուրդին վերջին յիսնամեակին քաղաքէ կերպարանքը նուաճելու։ Բայց անոր զգայնութիւնը պիտի մտնէ շփման Պոլիսին, Մարմարայի եղերական քաղաքներուն Պալքաններէն մէկ–երկու յատկանշական քաղաքներուն դարձեալ։ Չմոռնալ ուրիշ ալ իրողութիւն. ատիկա Արեւելքի այլ քաղաքներուն նկարչագեղ (pittoresque) ծորումներուն գումարն է։ Իրաւ է, որ Օշական որոշ չկամութիւն է ցոյց տուած այդ տարրին դէմ, « Իւսկիւտարի վերջալոյսները », (Տիկին Եսայեան) եւ պոլսեցիներուն արձակ բանաստեղծութիւն անունին տակ գոյնի բարեկենդանը զինքը նեղած են, ծանր մեղքերու նման։ Բայց ազդած ալ իր երանգապնակին, որ գրական բառ մըն է հոս։ Օշականի մտահոգութիւնը միշտ ուղղուած է կեանքին, անոր ներքին պճպճումին։ « Հարիւր մէկ տարւան »ներուն շարքը քաղաքէն աւելի, նախնական, չըսելու համար գեղջկական կենցաղին դէպի քաղաք յեղաշրջումն է, որ կը հետապնդէ, դարձեալ թանկագին, քանի որ քառորդ դարու տեւողութիւն մը արդէն թաղած է այդ համապատկերը բարքերու, երկու ժողովուրդներէն ալ։ Տասնըհինգ-քսան տարի վերջը կեանքը իր բոլոր երեսներուն վրայ հազիւ թէ պիտի յիշեցնէ յիսուն տարի առաջուան կերպարանքը այն հողերուն ներսը, որոնց բախումներովը այնքան լեցուն է « Հարիւր մէկ տարուան »ներուն շարքը, Բ. հատորը « Մնացորդաց »ին։ Թուրք յեղաշրջումը այդ աշխարհին արտաքին խաւերը հիմն ի վեր պիտի փոխէ։ Անշուշտ հոգին կը քալէ, կ՚աւրուի շատ աւելի դանդաղ։ Բայց գաւառի մը կերպարա՞նքը։

Այն միակ ստուար գործը, անտիպ Սահակ Պարգեւեան »), ուր աշխարհ, հերոսներ, բարքեր, մտայնութիւն կու գան ամբողջովին քաղաքէն, դարձեալ կը պատկանի Օշականի փորձառութեանց դաշտին, քաւարանեան հոգեբանութեամբ, Սփիւռք ով պարտադրուած՝ հինին վրայ։ Ու դարձեալ շահեկան։ Քանի որ ներելի է մտածել, որ մեր Սփիւռքը սահմանուած է ինքնաբերաբար վերջ գտնելու, կա՛մ հետախաղաղ լուծմամբ մը շրջապատներուն ծոցը, կա՛մ այս ժողովուրդին հասնելով, աւետիքներուն երկիրը ։ Ու սա յիսունի մօտ տարիներուն զուգորդ մեր ապրումները, այդ Սփիւռքէն կը տարբերին, Oշականի սեւեռումներուն մէջ բանով մը, զոր չունին Սփիւռքի նոր գրողներուն ձգածները։ Շահնուրի վէպը Նահանջը առանց երգի ») պայմանաւոր է յետ-պատերազմով։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ կը հանգչի այդ երիտասարդութեան, այդ շրջանէն ապրումներու դրութեան մը վրայ։ Վերցուցէք անկէ Փարիզը (իր յարակից բոլոր գրգիռներով), /26/ մնացածը քիչ բան է, մեր ժողովուրդին պատկանող։ Ու Փարիզի վրայ բարձրացող շէնք մը կրնայ ըլլալ գեղեցիկ, բայց չի կրնար դասուիլ հայ ժողովուրդի իրագործութեանց մէջ։ Օշականի Սփիւռքին գործաւորները (վէպին հերոսները) կը գործեն իրենց հոգիներուն առաջին երիտասարդութեան մղումներուն մէջ. կ՚ապրին այդ մղումներուն հակահարուածները, կը հանդուրժեն Սփիւռքը, դեռ պահելով հեռու հայրենիքներուն պաշտպանութիւնը։

Ներելի՞, սա տողերուն ետեւէն, մտածե՜լ քանի մը տարիներու շնորհին, բախտին, ուր, քիչ-շատ խաղաղ հոգիով մը Օշական նուիրէր իր վերջին ուժերը « Մնացորդաց »ի Գ. հատորին, որմէ երեք չորս գիրքեր մեր քաղաքը պիտի ունենային իբր յատակ։ Ըսի Պրուսան։ Բայց մա՛նաւանդ Չանղըրըն, Պոլսէն տարագիր մեր իմացականութեան նոր նախարարներուն ողբերգութիւնը կանխող գիշերուան մէջ նուաճելի, վերլուծական խօսակցութիւններու ձեւով, համադրելու համար արեւմտահայ հողին, ինչպէս արեւելահայ մտաւորականութեան քիչ մը ծփուն իմաստութիւնը, եռուն նկարագիրները։ Բա՜խտ։

Բայց, տխուր բան է խօսիլ քեզմէ դուրս հրաշքներու լուսապսակին մէջ։ Ստիպուած եմ դառնալ նուաճուած աշխարհին արտագրման, որ լայն չափով կը պատկանի գեղին: Ստուար գործեր՝ իբրեւ ծաւալ ու հոգեղէն խտութիւն, կու գան գեղէն։ Յիշեցի « Հարիւր մէկ տարուան »ներուն շարքը։ Կան « Խոնարհները », « Ծակ– պտուկը », « Խորհուրդներու մեհեանը », « Երբ պատանի են »ը, մէկ կարեւոր մասը « Մաթիկ Մէլիքխանեանց »ին, « Մնացորդաց »ը, « Երբ պզտիկ են »ը ու շատ ու շատ տպաւորապաշտ էջեր Հինէն ու նորէն », « Վկայութիւններ ») բոլորն ալ ամրօրէն եւ խորունկ կերպով թաղուած, արմատ արձակած գիւղական բարքերու, բարեխառնութեան, հոգեբանութեան ծոցը, ասոնցմէ առնելով ոչ միայն սնունդ, ոսկոր, մարմին, այլեւ՝ հոգի ու հոգեմոյնք։ Յետոյ, գաղտնիք չէ կերպարանքը, զոր կը պարզէ հայ գեղը Արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Անոր երկու երեսները սեւեռուած են « Պապիկ եւ թոռնիկ »ին եւ « Գիւղը » (Համաստեղ) գործերուն ներսը։ Մօտ երեք քառորդ դարու վրայ Արեւմտահայ գրականութիւնը հայ գիւղէն վերբերած է ու բիւրեղացուցած որոշ տախտակներ։ Օշականի գործին մէջ մենք կը հաստատենք գիւղ մը, որ հազիւ–հազ, հեռուէ հեռու յիշեցնէ այդ տախտակները, այնքան հոն պարզուող ապրումները մեզի կը մատուցուին այլութեամբ մը, նորութեամբ մը, գրեթէ տարօրինակութեամբ մը։

/27/ Պէտք պիտի ըլլար առանձին հատոր մը, « Սիլիհտարի պարտէզները »ին ոգիովը եւ փառասիրութեամբը, նուաճելու համար վայրագ քաղցրութիւնը, նոյնքան վայրենի, բարկ հրապոյրները, հողին համն ու խուլ մրմունջները, սերմին ու արեան տրոփները, որոնք այդ գեղին մէջ Օշական զգաց, անդրանիկ ընկալչութեան ամբողջ ծարաւովը՝ նման ծորումներէ։ Ու բանաստեղծութիւնը, զոր մեր միտքը կ՚ընդելուզէ իրերուն երեսին, ինչպէս մետաքս ոստայնումը՝ փուշերու վերեւ։ Ու խառնուրդը՝ ոճիրին, թռիչքին, նրբութեան ու թանձրութեան, կիրքին ու ցաւին (որ երբեմն պատանի սէրն է, երբեմն ծանր արցունքը) ու տարօրէն գեղակերտ արտաքին աշխարհի մը եւ տարօրէն ահաւոր մարդոց, այս բոլորը ենթարկելու համար արուեստին քուրային, incubationին, որպէսզի թանձրային, իբր իրողութեանց հետքեր, անորակելի այն տասը-տասնըհինգ տարիները, որոնց ընթացքին Օշական խմեց այդ կախարդական բաժակէն (կեանքին), գրեթէ հարազատ շրթներուն հետ իր գիւղը լեցնող մարդոց, շատ մօտէն ընտանութեամբ մը, անոնց կեանքէն, կոխած հողէն, խմած օդէն. ու յօրինեց իր ջիղերը, իր բարակ ոսկորները պաշտպանելով ներսէն ու դուրսէն, միշտ անօթի, միշտ դուրս, միշտ ներս (կեանքին անընդունակները կը սիրենք տեսնել, դատել սա անբնականութեանց կնիքին տակ ու ստիպուած ինքն իր հորը սուզուելու։ Արուեստագէտը, տարակոյս չկայ, որ կը յօրինուի այդ կախարդական օրերուն։ Բայց նոյնքան տարակոյսէ դուրս է, որ նման միջավայր մը, հոգեխառնութիւն մը երբեմն կը վերածուին անպատմելի ողբերգութիւններու։ Զարդարեանի, Թլկատինցիի, Հրանդի գիւղերուն մէջ մենք կ՚ընդզգանք ատիկա։ Շաքարեան մը, Վահան Մանուէլեան մը, աւելի յետոյ Օհան Կարօ մը, երբ կը պատմեն այդ ապրումներուն ներքին ճնշումին տակ, ուրիշ բան չեն ըրած, եթէ ոչ՝ այդ անսեւեռելի ողբերգութիւնը հեռուէ հեռու հետապնդել։ Օշականին գիւղը ո՛չ միայն Օշական է, իր ամբողջ ողբերգութեան հանգոյցովը, այլեւ իր ժողովուրդն ալ է, կերպարանքներու տակ, որոնց հանդիպումը [3] չենք ըրած մեր ոչ մէկ գիւղագիրին մօտ։

/28/ Այսպէս, ի՜նչ փոյթ, որ անոր քաղաքը, իբր ուսում, ըլլայ տուած խեղճ ու կրակ նախակրթութիւնը մեր 1900ին, ու անոր գիւղը, ատկէ առաջ « Սաղմոս »ն ու « Նարեկ» ը։ Ի՜նչ փոյթ, որ անոր ուղեղը թուղթերէն չըլլայ առած ինչ որ ուրիշ գրողները կը հանդերձէ։ Անոր մտքին զլացուած բարիքը, այդ գիւղն ու քաղաքը շռայլօրէն մատռուական են անոր ջիղերուն։ Չունիմ իմ տպաւորութեանցս ընդարձակ դաշտերուն երեսին արտի կտորներ, մրգաստաններ, այգիներ, լեռնանիստ աննկարագրելի վայելչութեամբ կայքեր, ու անհաւասարելի գրաւչութեամբ լճային տեսարաններ, որոնք այդ գիւղինն էին, իբր արտաքին աշխարհ։ Երբ կը նայիմ վար, մտքիս հորիզոնէն դէպի այդ համայնապատկերները, դեռ իմ աչքերու տունին չէ պաղած, այդպէս կը զգամ, տաքութիւնը անոնց կանանչներուն, գարնան տունկերուն, բլրան գագաթին, լճի ափն ի վար փռուած անդաստաններուն, օրուան ու շաբթուան կեանքը երանզի այլութեամբ մը յայտնաբերող, ա՛յնքան, որ դաշտը կ՚ըլլար խատուտիկ հիւսքով կախարդական կտաւ մը։ Երբ կը կենամ, մտքով, իմ լեռներուն նկարչագեղ կայքերուն, այնքան գողտր, այնքան փափուկ, այնքան անուշիկ, կը տարուիմ հասկանալու եղերական վայելքները, որոնք բոլորն ալ ծնունդն ըլալու էին այդ հողերուն ու ժայռերուն մէկ ու նոյն հոգիին, Աստուծոյն։ Այդ գիւղէն է ճարած Oշական փափկութիւնը իր գոյներուն, սրտառուչ քաղցրութիւնը իր ձեւերուն, խոր, հեշտախոյզ, տարփալից յուզականութիւնը իր հերոսներուն (érotiveté), յանդուգն, արիւնռուշտ, բայց գառնուկի պէս խելօք, երբ չեն մտած կիրքին կիսախաւարին, շառայլին մէջը, բացսիրտ ու պարզ, մարդամոտ ու վայրագ։ Այս վերագրումները իր վէպին մէջ ամէն էջի իրենց ներկայութիւնը զուր տեղը չէ, որ կը պարտադրեն։ Գեղացիի հոգեբանութիւն ։ Անշուշտ։ Որ իրաւ էր սակայն այդ մարդոց ներսը։ Զոր Տոսթոեւսկիէն վերջ Օշական ո՛չ միայն հասկցաւ, այլեւ տարփագին, հիւանդագին յուզումով մը կանչեց արուեստի կեանքին։ Մեր հրապարակը (դրական) այդ մարդէն ուզեց ու ուզեց իր ճաշակներուն գոհացում ճարող գործեր։ Օշական յամառեցաւ ու յամառեցաւ իր գիւղը յատակ առնելու ստեղծագործութեան անդրանիկ կէսին համար, մերժելով հանդէսներու, թերթերու վարիչներուն սակարկութիւնները։ Քիչիկ մը անասունները յիշեցնող մռայլ բրտութիւնը շատ մի տեսնէք այս մարդուն մօտ, քանի որ իր աշխարհին /29/ պայմաններէն է կիրքին ու գեղեցկութեան եղբայրութիւնը, նոյն տանիքն տակ ու նոյն այգիին մէջ։ Իր մէկ մօրքուրորդին ժանտարմա մը կտոր-կտոր մանրելէ ու տոպրակին մէջ թխմելէ ետքը, գորովով, գրեթէ յուզումով կը մեղքնար խլուրդի մը դիակին, զոր իր ոտքը խղտեր էր, առանց գիտնալու։ Այսպէս մարդեր էին այդ գիւղացիները։ « Մնացորդաց »ը տուած է այդ հոգեխառնութիւնը կարելի ընդլայնումներով։ Կիրք, գազանութիւն ու սխրագին տարփանք։ Բայց, ինչպէս ասոնք գտած էին իրենց դաշնաւոր համեմատութիւնը մարդոց հոգիներուն խորը, այնպէս ալ այս հակամարտ վիճակները Օշականի արուեստին տաքուկ, պայծառ ոլորտին մէջ կը գտնեն իրենց դժուար հաւասարակշռութիւնը։ Ամենէն կնճռոտ կացութիւնները այդ գիւղին մէջ կրնային համբոյրով մը լուսաւորուիլ ու փոխուիլ սրտազեղ հանդիսանքներու։ Նախնական մարդոց հոգիներէն Խոնարհները ») մինչեւ իմաստին խենթ ջուրերը եւ կիրքին ու մեղքին ծիրանի, կանանչ գեղեցկութիւնները, գերագոյն ապրումները շահադիտող գերմարդերը Սահակ Պարգեւեան » վէպին հերոսը ինքզինքը կը դաւանի այդ վահանին ետին), մանուակնճիռ մոլութիւններու եւ շաղփաղփուն խոյանքներու մոզայիքի մը ընդմէջէն, Օշական պահած է իր հասողութեան սահմանին, ինչպէս էին արդէն իրական կեանքի կրկէսներուն։

Իր արուեստին սա պայծառ մասերը, գօտիները, տաք, վրդովիչ անդունդները եթէ երբեք բացատրելի կը դառնան գեղջկական սա բարեխառնութեամբ, նոյն այդ արուեստին մռայլութիւնները, տրտմութիւնները, խորունկ յուսահատութիւնը սխալ չ՚ըլլար փնտռել անոր քաղաքին մէջ, որ զրկանքի, ինչպէս գէջ ու անարեւ քարայրներու (հոգին ալ քարայրները ունի երբեմն իբր արձակարան) անդրանիկ հանդէսը տուաւ անոր ջիղերուն։ Բայց այդ քաղաքը մինակ տասնըվեց ժամ առնող տաժանակիր աշխատանքը չսեւեռեց անոր հոգիին բոլոր բջիջներուն, սեւ, ցեխ, ցամաք հացի մը փոխարէն, ան ալ անբաւական իբր քանակ, այլ տուաւ անոր աչքերուն նոյն զգլխանքով տրոփուն դաշտանկարներ։ Անոր երկրորդ մանկութիւնը, մինչեւ ալեւոյթը, դեռ չէ աղօտած, պայծառութեանը մէջ տարեկից աղջիկներու թաւշային դալկութիւններուն, քանի որ այդ քաղաքին ջուրը ունէր այդ կախարդական երանգը մետաքսին, ինչպէս դեղձին, աղջիկներու երեսին, ինչպէս խնձորներուն այտերուն։ Ու կային այդ քաղաքին մէջ սրսփուկ ուրիշ ալ պատկերներ, մահուան քաղաքներուն ջուրի քաղաքները համար ընտանի։ Ի՜նչ ապրումներ, ի՜նչ արցունք ու ի՜նչ երազանք էին այդ պատկերները։ Ու ի՜նչ գե/30/ղեցկութիւն։ Հոս ալ, ինչպէս գեղին մէջ, կեանքը զայն ըրած է կախարդական պատերու հանգոյցին, տեսիլներէ ներս, ուր իրականութիւնը ադամանդով բանուած պաստառ կը դառնայ, վրան բեկբեկող հազար ու մէկ լոյսերուն, շնորհներուն, յոյզերուն համանուագին ընդմէջէն։

Պարզ մարդերէն մինչեւ գերմարդ, մթին քարայրներէն մինչեւ ամենապայծառ, փողփողինջ (երբեմն գէշ բառ մը իրաւ է ըսած) հոգեդաշտերը Օշական իր ճամբան կտրած է գեղացիի ոտքերով, այսինքն՝ յամառ՝ զուսպ, ինքնասոյզ ու մթին. ականջը քառակուղպ՝ պարսաւի, ինչպէս գովեստի, մերժելով ամէն համակրանք, արհամարհելով ամէն հայհոյութիւն, մտքին մէջ բարձր պարզած դրօշը իր գործին պատկերին։ Անհուն է այս լարումին պատճառած աւերը իր ո՛չ միայն հոգիին, այլեւ՝ մարմինին վրայ։ Ժամանակէն առաջ կործանո՜ւմ մը։ Մէկը զինքը հայ գրականութեան նահատակը անուանեց։ Ու այդ մէկը յիմար մը չէր։ Ինք տեղ մը կը գրէ. Արեւմտահայ գրականութիւնը իր երկինքն է ու իր դժոխքը։

Այս ճշդումները թերեւս կը ծառայեն բացատրելու այդ գործին մեծութիւնը, ինչպէս տկարութիւնը։ Անհատէ բխած, որով շատ մասնաւոր։ Ժայթքում ու փրփուր։ Բայց որ կը նմանի շատերու դատողութեան մէջ բոլոր ջրվէժներուն ապարդիւն գեղեցկութեան։ Իր եսակեդրոն նկարագրովը այդ գործը կը մասնաւորուի։ Իր ինքնասոյզ ախորժակներով անոր ճարտարապետը վտանգին կը դիմէ զանգուածէն հեռանալու, նոյնիսկ միջակ մտաւորութիւնը զանցելու։ Կ՚ընդունիմ։ Բայց կ՚աւելցնեմ. ի՛նչ որ անձնական է, այդ խորութեամբ, ժամանակին հետ, կը հաշտուի իր իսկ արժանիքներուն փորձանքին։ Անոնք, որ Դուրեանը չհասկցան, մեղաւոր չէին այդ անհասկացողութեան համար։ Անցաւ այդ շողշողուն բառերուն, կրակոտ հայրենասիրութեան շրջանը որուն մէջ միայն մեր գրականութիւնը ինքզինք կը զգար կենդանի ու այսօր անձնական երգին, շեշտին մարդը վերածուած է ցեղային իմաստով խորհրդանշանի մը։

Ըսին, թէ աշտարակի գրագէտ մըն էր։ Կը հերքէին, այդ իսկ ցուցմունքով, անոր գործին խոր մարդկայնականութիւնը։ «Աշտարակի» հոգեբանութիւն մը ծնունդն է հանդիսավայրերու մէջ յղացուած եւ ծափի ու հուռռայի մէջ գործադրուած, ովսաննայով ընդունուած « Գրական փորձեր »ը (Մինաս Չերազ), որուն հեղինակը, քսանամենի անպեխ արքայ մը, ատեն իսկ չունէր տանիքի մը տակ մենանալու, այնքան բեմէ բեմ, սրահէ սրահ, ատեանէ ատեան կարիքը կար իր անխուսափելի ներկայութեան։ Կարդացեք այդ գիրքին ըն/31/ծայականը ու դուք պիտի զգաք, թէ որքան քիչ բան տեսած է այդ հրապարակի գրողը իր շրջապատէն, որքան քիչ կը հասկնայ իր ժողովուրդը, ոչ անշուշտ խելքը չունենալուն այդ պարկեշտութեան, այլ ըլլալուն համար ամենէն առաջ նանրամիտը, հոսհոսը, որ ճշմարիտ աշտարակի բնակիչ մըն է, ո՛ր քաղաքակրթութեան ալ պատկանի։ Սահմանադրութեան տարեդարձի հանդիսավայրերէն մինչեւ Պերլինի վեհաժողովարանները՝ Մինաս Չերազ եղած է ու մնացած իր ժամանակի յոյզերուն միայն մորթովը հաղորդ չգրագէտը։ Առէք, այդ գիրքէն, « Արգոսի խոհեր » վերտառուած մաս մը, ուր ժողովուրդի տօն մը ու անոր մասնակցող հայաստանցիներուն հոգեբանութիւնը կը փորձէ հասկնալ։ Ու դուք պիտի համոզուիք, թէ որքան քիչ կը ճանչնայ այդ ժողովուրդը։ « Աշտարակի գրագէտ » Օշականը, որուն վէպին մէջ ընթերցողը հազիւ կը խորհի հեղինակին, այնքան իր աչքերուն ու հոգիին ներսը այդ ընթերցողը պիտի ողողուի կեանքին թանձր ջուրերովը, չըսելու համար ծովովը։

Այդ մանկութիւնը, ասոր երկրորդ կերպարանքը, անդրանիկ պատանութիւնը առած են շրջանին բոլոր ծանր յուզումները։ Հացը, որ պակսած է միշտ։ Գիւղացին, առանց հողի: Աշխատանքը՝ որ քաղաքին գործարաններուն մէջ օրական տասնըվեց ժամուան սպաննող դժոխք մը կ՚ըլլայ։ Հարուստները, այսինքն՝ այս բառով արթնցող վայելքին բոլոր ստեղները, անդադար շարժման մէջ, քանի որ այդ տղան, կաթին իրաւունքով, մուտք ունէր պալատներէ ներս։ Տարօրինակ գիւղը ու այլասերած քաղաքը, իրենց սեպհական խռովքներով։ Հայկական ջարդերը։ Թուրքերու հոգեբանութիւնը։ Բայց վէպ մը անբաւական պիտի գար սպառելու անոր արբունքին տառապանքները, արդիւնք՝ գիւղին ու քաղաքին իրարու հակադիր ազդեցութիւններուն։

Արագ եմ սակայն, վասնզի դժուար է նուաճել այդ մթին աշխարհները, մեր ամենէն ընկալուչ տարիներուն վրայ այդպէս բիւրեղացած։ Հիմա, կը նայիմ ետ ու իմ աչքերը արցունքն իսկ անկարող են ճարելու։ Անկատար սա ուրուագիծն իսկ ինչպէս ստիպուած են ըլլալ բոլոր այն գործերը, ուր մէկը ինքզինքը տալու իր առաջադրութիւնը, առանց ուզելու պիտի վերածէ ինքզինքը խնայելու [4] ա/32/րարքին, հոգեկան ամօթխածութեան մը ճնշումին ներքեւ սուղ կ՚արժէ իմ հոգեկան վարժութիւններուս։ Ինքն է, որ տեղ մը կը գրէ դարձեալ. «Ո՜վ իմ բայց օգոստափառ մանկութիւնս»։ Ու այս տողը հատոր մը թելադրելու չափ խորունկ է սա տողերուն վրայ։ Կ՚աւելցնեմ. «Ո՜վ մեր պատանութիւնը, զոր կ՚ապրինք այնքան յիմար ու արագ, աճապարելով փախչելու վախին մէջ գոչելով այնքան անդարձ, անգնելի սրբութիւններ, զորս կը սպաննենք սիրով, շատ սիրով, բայց դիակը չենք համարձակիր գերեզման նետելու, կարծես գիտակ՝ սրբապղծութեան, ու կը համակերպինք զայն կրելու մեր ուսին, ու չենք հրաժարիր յարալէզներուն առասպելէն։ Զայն կ՚առնենք վար մեր ուսերէն այն ատեն միայն, երբ հողը կակուղ է մեր ոտքերուն տակ ու ձեւը կ՚առնէ մեր անդունդին…»։

* * *

Չեմ պատմեր ուրեմն այդ ամէնը։ Տարտամ յոյս մը, այդ մ/33/թերքը օգտագործելու ինքնավերլուծման վէպի մը մէջ, հոս արձանագրելի, զիս կ՚ընէր նանրամիտ։ Կը հաւատամ, որ Արեւմտահայ գրականութեան արժանաւոր բանուորները, պարզ իրենց այս տարիներուն վերլուծումովը հայ հոգիին վրայ, պիտի աւելցնէին եթէ ոչ նոր, գէթ իրաւ, տպաւորիչ երեսներ։ Ամէն հայ արուեստագէտ հրաշք մըն է, նոյնիսկ երբ անիկա չէ ազատուած եղեռնէն։ Նոյնիսկ 1870ին. 1850ին։

Օշականի գիտակցութեան շրջանէն թուական մըն է 1899ը։ Պրուսայէն, ոտքով, ծոցին յանձնարարագիրներ, հասած է Արմաշ, իբրեւ ժառանգաւոր, տալու իր խնդրագիրը Դուրեան Սրբազանին, այն օրերուն վանահայր դպրեվանքի։ Ամբողջ տարակարգ հանդէս մը դարձեալ զգայութիւններու, այդ շփումին առաջին ժամերը, Ա/34/րեւմտահայ գրականութեան կախարդներէն մէկուն հետ։…

Հոն անցուած տարի մը անոր տուած է տարրերը բառարանով նուաճուած երկու լեզուներու, դարձեալ միս–մինակը, հիմնանիւթը՝ քանի մը հարիւր հատորներու, որոնք լափուած են, ահաւոր արագութեամբ, ու անդրանիկ նաւաբեկումը անոր նախապաշարումներուն, միամտութիւններուն, չըսելու համար՝ հաւատքին։ Պատմած եմ աւելի մանրամասնօրէն, Դուրեան Սրբազանի նուիրուած գիրքին մէջ Համապատկեր » Գ. հատոր, « Արուեստագէտ սերունդ ») այդ դառն հիասթափումը, որ տարօրինակ էր սակայն, քանի որ մարդուն անձին վրայ անաղարտ պահելով հիացումին տարրերը, կ՚ենթարկէր կասկածի անկէ այնքան փառաբանուած իմացականութիւնը։ Մեր կրթական լաւագոյն հաստատութիւններէն մէկն էր դպրեվանքը սակայն։ Ու առարկելի ուսուցիչներ չէին Դուրեան Սրբազանը, Թորգոմ Վ. Գուշակեանը։ Մնացածնե՞րը։ Ինչպէս ամէն տեղ, հոն ալ աղքատախնամ տարրեր, թերեւս դիտումնաւոր ընտրութեամբ մը հոդ ինկած, աւելի հզօր ցայտեցնելու համար տիրական դէմքերուն կարկառները։ Իր ուսուցիչներուն սա տժգոյն յիշատակներուն դիմաց, անիկա կենդանի ապրումներու հնոց մը իբրեւ, միշտ արժեւորեց իր դասընկերները, հայոց աշխարհին մօտ ու հեռու քաղաքներէն ու գիւղերէն հոդ հաւաքուած, միամիտ, կոշտ, բայց բարի, ահաւոր նեղութեամբ մը մտքի, բայց որոնք շատ շուտով մտան խանդին մէջ հաստատութեան ոգիին ու եղան, իրենց կրցածին չափ, վարդապետներ, ուսուցիչներ։

Օշական, այդ վանքէն ունի անջնջելի ուրիշ յիշատակներ, սեւ բոլորն ալ։ Անոնցմէ մէկն է Եկեղեցական պատմութիւնը (ան որ յետոյ « Ազգապատում » անունին տակ մեր գրականութեան մէջ մեծ գործի մը համբաւը պիտի շահէր, մեր հրապարակին թոյլատու քաջալերը մարսելով մեծ բնականութեամբ մը), զոր առաջին տարիին մէջ պիտի ընդօրինակէինք, առնուազն աւելի քան հազար հինգ էջ։ Գիւղացիի կոշտ իմ գիրը, այդ զարհուրելի տարապարհակը տարաւ սակայն։ Երկրորդ դժնդակ յիշատակը Ներածութիւնն էր, Ղուկասու աւետարանին։ Իմ բթացած ուղեղը, առաջին ընդօրինակութեան տաժանքին մէջ, չէ անդրադարձած հեղինակին, որ կը խորհիմ նոյնն էր հաւանաբար։ Այս երկու ծանծաղապատում տարապարհակները արժեցին ինծի կէսը իմ օրերուն։ Երրորդ յիշատակը Ազգային պատմութիւն մըն էր, դարձեալ ձեռագիր, գործ՝ Դուրեան Սրբազանի։ Լեզուին բոլոր մեղքերովը այդ գործը տեղ մը ունեցաւ սակայն, հաւանաբար նիւթին նպաստովը։ 1900ին, մեր կողմերուն համար հայոց պատմութիւնը մահուան հոմանիշ մեղք մըն էր, բայց թուղթէն քիչ էր դասը։ /35/ Ինչ հարկ այս թարմացումներուն։ Տարեվերջին օրինակուած տետրակներուն գումարն էր 103. թիւ՝ որ կառչած է ուղեղիս։ Ու ոչինչ, այս օրինակութեանց հոգիիս մէջ ստեղծած մելանահոտ դառնութենէն դուրս։

Դպրեվանք իյնալէ առաջ Օշական ծանօթ է մեր երկու նոր գրականութեանց, կարդացած ըլլալով իրենց գեղին բոլոր գիրքերը, պրուսացի բժիշկի մը մատենադարանը։ 17 տարեկան տղու մը վրայ սա հասունութիւնը զարմացուց Դուրեան Սրբազանը, բայց ըրաւ կասկածոտ։ Սխալ չըլլար հոս արձանագրել այլապէս ուշագրաւ միւս փաստը սակայն։ Դասերէն չգտած բարիքը անոր տրամադրուեցաւ հարիւրապատիկ աւելիով մը իր ընթերցումներէն։ Առաջին եռամսեան անիկա վատներ էր ֆրանսերէն եւ գերմաներէն հասկնալու պարտքին։ Դուրեան Սրբազան լայն բացաւ անոր իր ընտրելագոյն մատենադարանը (Ռընան, Թէն, Զոլա, Տօտէ, Ֆլօպեռ, Լոթի, Կէօթէ, Շիլլէր, Մօփասան)։ Ու երբ այնքան անպէտք եղան 103 իր տետրակները իր ուղեղին, Դուրեան Սրբազանին գիրքերը անոր մտքին տուին անդրանիկ հաւասարակշռութիւն մը։ Իր ընթերցումները գինովութիւններ էին, վարակիչ։ Անիկա ատոնք կը փոխադրէր իր ընկերներուն, որոնք առ ի բերան ականջ կու տային այդ նոր, խորունկ գաղափարներուն։ Մշեցի սպառած տղաքն իսկ կը թուէին ազդուիլ։ Ու ազդուիլ՝ դպրոցին, կրթութեան ոգիին աննպաստ ուղղութիւնով մը։ Բախում՝ Դուրեան Սրբազանի հետ, որ կը փակէ անոր երեսին իր մատենադարանը։ Օրմանեան օրինակելու համար չէր արժեր տասնըվեց ժամ ծռիլ սեղանի վրայ։ Կը ձգէ դպրեվանքը։

Տարին հազիւ աւարտած, անհուն հիասթափումով, բայց տառապագին ալ երազներով անիկա կը դառնայ իր գեղը։ Ինչ հարկ անունին։ Սփիւռքը հիմա կորսնցուցած է գեղին զգայնութիւնը։ Պարտաւոր եմ սակայն վերլուծել այդ գեղը, միշտ 1900ին, թէեւ ծանր ու ընդարձակ հատորներ նուիրուած են այդ պարտքին վճարումին։ Պոլսամերձ շրջաններու հայ գիւղը անորակելի բան մըն էր այս դարուն սկիզբը։ Հողերուն բարիքն ու զրկանքը։ Մարդոց խեղճութիւնն ու բարութիւնը։ Ցաւին ծով իրաւութիւնը։ Ասոնք ընդհանուր յատակը կը կազմէին մեր ապրումներուն։ Բայց ժամանակն ալ կը միջամտէր, այդ հոգեվիճակը ընելու համար աւելի սեւ, հոգեհան։ Տասը տարի առաջ, այդ զեղերուն կռնակին լեռները, անտառները իրականութիւն էին ու մարդ սպաննելով (ընդհանրապէս թուրք) հոն ապաստանողները իրենց ուսին հրազէն մը ու կուրծքին տակ սիրտ մը ունէին։ Տասը տարի առաջ, կառավարութիւնը պարտաւոր էր յարգել /36/ այդ տղաքը, ասպատակ անունին տակ ծանօթ (Օշականի գրականութեան մէջ ասպատակը ռոմանիք թիփ մը չէ, ինչպէս են Մէրիմէի տիպարները, այլ՝ 1900ի հոգեբանութեան արտայայտութիւնը)։ Թուրքերը չէին ախորժեր լեռներէն, բայց կերպը գտած էին հարթավայրերը, պարտէզները քամել իրենց մեղրէն ու կարագէն, բնիկներուն ձգելով անօթութենէ չմեռնելու չափ խար ու դարման, անասուններուն վայել։ Ու այս քաղաքականութիւնը որպէսզի ըլլար արգասաբեր, տարին քանի մը հեղ կարմրէր, ճամբաներուն, մենաւոր այգիներուն վրայ մեռնողներու տարապարտ արիւնովը։ Լուրը կուգար ինկողին։ Կը վազէր ժողովուրդը մեռելը բերելու։ Եւ ոչ մէկ արդարութի՛ւն, որ միջամտէր։

Oշական իր երիտասարդութեան մէջ մտած է սա խորունկ յուզումներով, որոնք մատաղ–մեռելներու պատկերովը կը սեւեռուին մեր մտքին մէջ ու ա՛լ չեն սրբուիր։ Իմացական գերութիւնը անիկա պիտի զգար, դպրոցին մէջ, այդ գեղին, ուր անիկա սկիզբն է ըրած իր ասպարէզին… նահատակութեան։ Չի պատմուիր այս դպրոցը։ Բայց կը խօսիմ իր ամսականէն. քսանըհինգ ղրուշ (ձմեռները այդ գեղին մէջ ցորենին օխան մինչեւ երկու ղրուշ կը բարձրանար)։ Ու ասիկա կ՚ըսէ շատ բան։ Տուած դա՞սը։ Չորս տարեկան տղոց մեր այբուբենին ուսուցումը։ Տախտակի վրայ փակցնե՞լը այդ խոշորցուած գիրերուն։ Ու այդ տախտակէն աւելի հաստ այդ գլուխներուն մէջ իմաստին, ծառայութեան անդրանիկ սերմե՜րը։ Անշուշտ այդ դպրոցը, 1900ին, ունէր բարձր դասարաններ, ուր Գարագաշի դպրութիւնն ու աշխարհագրութիւնը, Պոզաճեանի թուաբանութիւնն ու ուրիշի մը կրօնքի պատմութիւնը կ՚աւանդուէին ձեռնհա՜ս մարդոց միջոցով։ Այս բաներն ալ չեն պատմուիր։

Շահեկան է իր գրական մկրտութիւնը։ Օշական այդ գրականութեան մէջ իր մուտքը ընէր պիտի միշտ ողբերգական եղանակով մը։ Անիկա, իր հաշւոյն, իբր գրելու փորձ պատմած էր քանի մը էջի վրայ վարժապետի մը սրտաճմլիկ մէկ դրուագը։ Այդ հազարէ աւելի տուն ու երեք հարիւրէ աւելի ընտանիք ունեցող գեղին մէջ այդ մարդը միակ ամուրին էր։ Չէր ամուսնացած։ Ու մանկութենէն գիտէինք, որ իր նշանածը տուած էին իրմէ աւելի լաւ այգիներ ունեցող երիտասարդի մը։ Օշական համակրանքի խորունկ զգացումով մը պատմեր էր պատահարը, հեռուէ հեռու միայն դպելով տիրական նախապաշարումին, որ հարստութիւնն է մեր կարգերուն մէջ։ Յետոյ, պատահարը աւելի էր, քան սովորական իրողութիւնը: Այդ մարդը, որուն շարականները անկարելի էր մտիկ ընել առանց յուզումի, աւելի քան քառ/37/սուն տարի սաղմոս ու ձայնաւորութիւն էր սորվեցուցեր գեղին բոլոր բնակիչներուն։ Ունէր կոտրած իր անձին սուգը, տարիքէն իսկ ճերմկնալու անկարող։ Վեր էր վաթսունէն ու կը յիշէր իր երիտասարդութիւնը առանց դառնութեան փոքր իսկ նշանի մը։ Տիպարը, իր պարզութեան, որքան մարդկայնութեան մէջ, 1900ի գրական փառասիրութիւնները ի վիճակի էր գոհացնելու։ Նորավէպի ձեւին տակ, « Առաջին արցունքը » (լոյս տեսած Յակոբ Յովհաննէսեան ստորագրութեամբ), առանց իր գիտնալուն, դպրոցին վերի դասարանին պատկանող տղոց կողմէ, որոնք կը հետաքրքրուէին ծաղկոց նետուած վարժապետով եւ կուգային իր մօտ, իր թուղթերը խառնշտկելու, օրինակուած ու ղրկուած էր « Արեւելք »ին։ Մօփասանեան թեքնիքով, անոր « Առաջին ձիւնը » կտորին տպաւորութեանը տակ գրի առնուած ու չզարգացուած հում այդ պատկերը, բոլորովին անծանօթ անունով մը պոլսեցի խմբագրին ուշադրութիւնը ինչո՞վ էր գրաւած։ Բայց պատահարը հոս չմնաց։ Թերթը հասաւ գիւղ։ Ստեղծեց խորունկ տակնուվրայութիւն։ Տարօրինակը ան էր, որ տիպարը կը մնար հանդարտ, նոյնիսկ հաճ, կերպով մը իր անկարող վրէժը լուծած զգալով… ուրիշի մը ձեռքով, այդքան ուշ։ Այդպէս չմտածեցին Օշականի պաշտօնակիցները։ Կազմուեցաւ ատեան, յետոյ թաղական պատկառելի խորհուրդ եւ դատաստան։ Որոշումն էր «վտարել» դպրոցէն ուրիշները անուանարկող այդ անօթի լակոտը։ Եղերա–կատակերգական սա իրողութիւնը տեսակ մը խորհրդանշական մուտքը պիտի կազմէր Օշականի գրական ու հանրային գործունէութեան։ Անոր գործին այսպէս գլխիվար տարուիլը թող չզարմացնէ ո՛չ իր բարեկամները, ոչ ալ իր հակառակորդները։ Հազիւ երկու ամիս տեւող սա ուսուցչութիւնը իր այնքան անակնկալ վերջաբանով կը բանար անոր ասպարէզը բոլոր կուսախաբութեանց, անհասկացողութեանց ու հեքիաթունակ դրուագները, որոնք, քսանէն վերջ, իբրեւ կեանք, պիտի դրուէին անոր առջին։

Քաղա՛ք։ Վաճառականին քով իբրեւ գրագիր, բայց իրականին մէջ բեռնակիր, քանի որ երկաթ կառքի մը պարունակութիւնը արձանագրել, տետրակի մը մէջ րոպէ մը միայն կը գրաւէր։ Ու ժամանակին միւս մասը, վաճառատան տիրոջը տղուն հետ պարտաւոր էր ան պարպել, տեղավորել մթին քարայրներու խորը։ Սպաննող այս աշխատանքին վարձքն էր դարձեալ շաբաթական հինգ ղրո՜ւշը։ Ու լաւ է, որ լռուին այս տրտմութիւնները։

Գի՛ւղ։ Գիւղեր։ Բարեբախտաբար առատ։ Որոնք ընդհանրապէս ձմեռը կը գործէին, ամրան, տղոց դաշտային աշխատանքներով /38/ զբաղուած ըլլալուն։ Վարժապետը, այդ գիւղերուն մէջ գիւղացի մըն էր, լեզուովը, ինչպէս կենցաղովը։ Արեւելահայերը գիւղական վարժապետի տիպար մը սանկ ու նանկ ձեւակերպած են իրենց գրականութեան մէջ, հաւանաբար օգտուելով ռուս վէպէն։ Օշական չէ ճանչցած հայրենիքը, Կարնոյ, Տարօնի դաշտերը։ Միացեալի դպրոցներուն ուսուցիչներէն, անիկա, Սահմանադրութենէն ետք տեսածները արժեւորեց, բոլորովին տարբեր տիպարներ իբրեւ։ Իրը ճշմարիտ գիւղական ուսուցչութիւնն էր։

Վարժապետը, այսպէս կ՚որակէին զինքը, պարտաւոր էր գիւղացիներուն՝ բոլոր ցաւերուն, հոգեկան, ինչպէս մարմնական։ Խնամել հիւանդները, երբ մահը վճռուէր պառաւներէն ու սափրիչէն։ Գրել անոնց բոլոր թուղթերը, նամակ, մուրհակ, աղերսագիր, ամենաբարդ հարցերու շուրջ։ Դիմաւորել կառավարական պաշտօնեաներուն ցանկութիւնները ոստիկանի, հարկահաւաքի, դատական հսկողներու բազմապիսակ կերպարանքներով։ Խօսիլ իր չգիտցած առողջապահութենէն, շերամաբուծութենէն, պայքարիլ թուղթ բացողներուն, կախարդական յուռութքներ ծախողներուն չարաշահութեանց դէմ։ Բայց առանձին վէպ մըն է այս ամենը վերակազմել։

Սա stageը, ինչպէս կ՚ըսեն, խոնարհագոյն խաւերու եւ թշուառագոյն մարդոց մէջ, ամենօրեայ ամառն ալ կը գրէր անոնց բերքերուն տասանորդի տետրակները կերպով մը կը լրացնէր տառապանքէ իր աշկերտութիւնը, մանկութեան եւ պատանութեան վսեմ միամտութեամբը հանդուրժուած։ Հասկնալի՞՝ որ այս պայմաններուն տակ ոչ մէկ գիրք կարդալու կամ գրելու)։ Անոր ըրածը, կրցածը, նուաճումը՝ կեանքն է, բաշխուած այնքան քմայքով ու յիմարօրէն, հարուստին, ինչպէս աղքատին, երիտասարդին, ինչպէս զառամեալին։ Հացին ճակատամարտը, այնքան անողոք, այնքան սեւ։ Թուրքերը, այդ թուականէն առաջ, չըրին այդ կողմերը ջարդ։ Բայց ըրին աւելին։ Ատիկա հայ հոգիին վրայ իրենց ահաւոր կնիքն էր, որուն խարանը այդ մարդը պիտի չկրնար մոռնալ մինչեւ իր կործանումը, թրքազերծ երկինքի մը տակ։ Այսպէս է, որ անոր գրականութեան մէջ թուրք տարրը միակ զգայնութիւններու հանդէս մը կամ զգայութիւններուն մատուցանելի նիւթ մը չէ, այլ՝ հայ կեանքին անոր խոնարհագոյն, ինչպէս բարձրագոյն խաւերուն վրայ աննահանջ «քաղցկեղ» մը։ « Մնացորդաց »ի առաջին կէսին մէջ թուրքը ունի այս պայմաններէն ու շրջանէն բխած, անոնցմով գունաւոր նկարագիր (թուրքը իր ճշմարիտ իմաստը, հոգեղէն դրութիւնը պիտի գտնէր « Մնացորդաց »ի երկրորդ կէսին մէջ)։

/39/ Ինչպէս որ իր զգայնութիւնը անիկա ճարած էր դառնագոյն ապրումներէ, իր իմացականութեան ալ անդրանիկ հակազդեցութիւնները, ամենէն ընկալուչ տարիներուն, պիտի կազմաւորէ սա գիւղերուն ճակատագիրը յօրինող հոգեբանութեան մը մէջ։ Պա՞րզ՝ այս երկու մեծ վկայութիւններէն յետոյ, տրտում, անսփոփ բառեխառնութիւնը ցաւին, որով թաթխուած, «վարշամակեալ» կը քալեն անող ընդարձակ գործին մէջ բոլորը, նախնական մարդերէն մինչեւ գերմարդերը, ծփալով ընդմէջ գրականութեան եւ իրականութեան։ Չապրողը, չտեսնողը դժուար կ՚ըմբռնէ այդ մարդերը, անոնց տրաման։ Շատեր իրեն տուած են հարցումը « ինչո՞ւ այդքան սեւ են այդ մարդերը »։ Ուրիշ չէին հայ (այդ շրջանին) գիւղերը մինչեւ 1908: Կարելի է, որ այդ պատկերը ըլլայ անհարազատ, նոյնիսկ բոլորովին ներհակ՝ անկէ, որ կը փռուէր Տարօնի դաշտի կամ Սասնոյ լեռներուն փէշերուն, զառիթափերուն կամ Բարձր Հայքի սարահարթին։ Չունիմ առարկութիւն։ Իրաւ այդ յուզումը, զոր կ՚առնենք Համաստեղի, Նուրիկեանի, երբեմն Վահէ Հայկին գիւղերէն, անշուշտ դրականին տարբեր ազդակներու գծով։ Չկայ այսօր այդ գիւղը, այդ ապրումը։ Ու նոր չէ, որ անդարձ մեկնողները կ՚ըլլան քաղցր, սրտառուչ։

Սա ձեւ կերպարանուած կեանքին առջեւ, ինչպէս անդիմադրելի, կործանարար կորանքի անոր տաղանդը այդ իրողութեանց այդ դասաւորումէն տառապանքի, թախիծի տարօրինակ կնիք մը։ Տանիքներուն տակ անիկա կը զգար իր ցեղին հիւծախտը։ Տանիքներէն դուրս տաճկցած, հայրենիքին կապոյտն իսկ ցաւ էր անոր։ Ու կը պտըտէր անիկա լեռնէ լեռ, ամայքէ ամայք, հին քաղաքակրթութեանց շքեղ աւերակներուն մէջ ժամերով վերապրելու հոգիները ա՛լ չեղող ժողովուրդներուն, որոնք նոյն այդ հողերուն վրայ թափած էին իրենց արիւնը, քրտինքը, սերմը, գեղեցկութիւնն ու կիրքերը։ Կը պտըտէր անիկա լիճի ափերուն, ձիթենիի շատ ընդարձակ, անհուն անտառներուն սիրտերն ի վար, խմելով քաղցրութիւնը բոյրին, որ այդ ծառերուն հոգին է, հովի թեւերուն, կամ մարմինը՝ եղի ձեւով, գուբերուն խորը։ Ամէն մէկ ծառ անոր աչքին կը բերէր սրտին մօտ թաղուած պարմանի մը, ըլլար այդ սիրտն իսկ ողկուզած։ Այգիներուն ներսը անոր տրուեցաւ ճանչնալ ոչ թէ Նոյի հեղուկը, այլ՝ արեւին տակ ինքզինքը փռած ոսկին, կարկեհանը, սուտակը ողկոյզներուն։ Ան ունի իր մէջ մթերուած, անտարազելի կտաւը հեծքերուն, մրմունջին, որ Աստուծոյ խոտերունն է, դարձեալ հողին ընդերքէն, ինչպէս անհուն, անվախճանօրէն ծնող արգանդէն, խարտեաշ երգը հաս/40/կերուն, որ հացն է, արեւին տակ ինքզինքը հաւաքող, սլաք առ սլաք։ Հովուերգական սա պատկերները, ոգեկոչուած այսքան հեռուներէ, այդ ոսկի օրերուն ալ, անոր համար երբեք չեղան գրական թեմա, նկարագրութեան մթերք, այլ՝ կեանքն իսկ ։ Այսքան անուշութիւն, այսքան հեշտանք ու փարթամութիւն, խառնուած այնքան արցունքի, զրկանքի։ Ու կար սակայն աստուածային հաւասարակշռութիւնը հոն ապրող սրտերուն խորը։ Փոխադրեցէք, հրաշքով մը, այս ամէնը Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, դուք պիտի ունենայիք արուեստի ուրիշ գործեր, խորապէս լաւատես, տաք, հողին պէս բարի, զուարթ։ « Մնացորդաց »ը, « Ծակ–պտուկը », « Հարիւր մէկ տարուան »ներուն շարքը, հազիւ հազ կը թելադրեն այս տրաման, այնքան ընդարձակ է սուգը այդ աշխարհին, որ մթնոլորտը կը կազմէ այդ կառոյցներուն, անշուշտ ըլլալէ ետք զանոնք թելադրող աշխարհը։ Կան արուեստի գործեր, որոնք այդպէս կը ծնին, մօր արգանդին մէջ իսկ զարնուած մանուկներուն ճակատագրովը։ Լրբութիւն է մեր գրականութիւնը մեղադրել իր այս սգաւոր հոգեխառնութեան համար։ Մօտ երեսուն տարի (1870–1900) ֆրանսական գրականութիւնը տրտում այդ շեշտէն չկրցաւ ազատագրել ինքզինքը, արդիւնք՝ այնքան փառքերէ վերջ, ծանր պարտութեան մը հոգիին մէջ առաջացուցած սեւամաղձութեան։ Սոփեստներ են անոնք, որոնք այս ժողովուրդէն զուարթութիւն կը պահանջեն իր արուեստին վրայով։

Կը ծանրանամ զգայութեանց սա հանդէսին, վասնզի այդ գեղերէն ասդին Օշականի ապրումները ընկղմած են շատ աւելի թանձր տրտմութիւններու խորը (տարագրութիւնը, Մեծ Եղեռնը, Սփիւռքի քաւարանը), ու չեն պաշտպանուած նոյնիսկ սա դժխեմ ժանրովը մեր ողբերգութեան։ Կը տառապէինք, բայց կը հաւատայինք։ Մեր քաղաքը (չափահասութեան իր ոլորտները՝ Պոլիս, Գահիրէ, Երուսաղէմ) չունին մեծ դեր մը, բացառիկ, որքան յատկանշական, անոր գրականութիւնը զատորոշող, եթէ նկատի չառնենք « Սահակ Պարգեւեան »ը։ Միւս կողմէ, քննադատական իր ընդարձակ աշխատանքը (զոր չէ դադրած, իրեն վայել անգթութեամբ, որքան յիմարութեամբ, արժեզրկելէ) կու գայ միայն ու միայն քաղաքէն։

* * *

Մարդոց ապրումներուն արժէքն ու տկարութիւնը իրենց ընդարձակութեան մէջն է ապահովաբար։ Ուրիշներու վրայ Օշականի կողմէ գործադրուած զեղչը, հոս ալ։

Տրամաթիք պայմաններով գրականութեան մէջ իր մուտքը ը/41/նող այդ երիտասարդը, տարիներ վերջը միայն պիտի մտածէր դառնալ անոր։ Առաջին վիպակէն եօթը տարի վերջը անիկա պիտի երեւնայ կրկին։ Ոչ անշուշտ աւելի հասունցած։ Այդ եօթը տարիները անոր մտքին մէջ կը ներկայացնեն աւանդութեան եօթը երաշտ տարիները։ Ան ո՛չ կարդաց, ո՛չ գրեց։ Բայց ըրաւ աւելի արժէքաւոր բան մը։— Ատիկա մարդկային մեծ կիրքերուն, տառապանքին, ցաւին հետ իր հաղորդութիւնն էր։ Իր միտքը, անկարող հանդիսացած այս մռայլ, ճենճերուն ողջակիզումին, զգուշացաւ զայն նեղելէ։ Եօթը տարի՛։ Գրողի կեանքին մէջ դարու մը արժէքն ունին անոնք երբեմն։ Օշական թիապարտ մը չէր, Սիպերիայի մը խորը։ Բայց լեռներուն ծոցը ապրելու տեղ, արիւնող այդ գիւղերէն ներս հոգին աւելի սեւ կ՚ապրէր, քան Սիպերիայի հանքերուն խորը։

Կը սկսի « Ազդակ » հանդէսին մէջ (1909) « Պառաւին անէծքը » խորագրով եւ Գեղջուկ ստորագրութեամբ պատմուածքով մը։ Յետոյ շարքը Հեքիաթներուն եւ « Խոնարհները »ին, որոնցմէ վերջինը՝ « Շահպազ », անիկա պիտի ստորագրէ 1924ին։ Իր հեքիաթները կու գային 1900էն։ Բայց « Խոնարհները »` իրմէն։ Ասոնք վաւերական ապրումներու հանդէս մը կը կազմեն։ Բոլոր տիպարները, ասոնք տապկող կրակը, տրաման տող առ տող հաւաքուած են իրականութենէն։ Յիշեցի, թէ ապրած էր այդ մարդոց անմիջական, աննախանձ ընտանութեան մէջ։ Շատ մօտիկէն շփուած ո՛չ միայն անոնց ֆիզիքական պատկերներուն, այլեւ զանոնք խօսեցնելով, պարի մղելով, ակռաներուն տակ խտղտում դնելով ենթարկել էր տարիներ տեւող վերլուծական մարզանքներուն։ Իր տիպարին հետ նոյնացումն է ասիկա։ Անմիջական, անփոխարինելի սա շփումն է թերեւս պատճառ, որպէսզի այդ պատմուածքները անձնանային, մերժելով 900ի վիպակին նրբութիւնները, ինչպէս անբանաստեղծութիւնը, ու ընէին անզգալի նոր ու իրաւ բարեխառնութիւնը, որ այդ կարգէ մարդիկը կը բերէին, թուղթերու ճամբով, մեր գրականութեան։

Գիւղէն դէպի քաղաք ։ Անշուշտ։ Այդ քաղաքը բարիք մը չեղաւ Զարդարեանին, որուն գործին լաւագոյն մասը կու գայ մեծ գիւղաքաղաքէ մը։ Բայց Օշականին համար բախտը ունէր ուրիշ յարդարանք։ Այդ ճամբուն անոր միտքը ըրաւ երկու կարեւոր հանգրուանում ։ Ատոնցմէ առաջինն է Մալկարան ։ Անշուշտ իր քանի մը հազարը չանցնող տուներովը, որոնց մէկ երրորդը միայն բնակուած էր մերիններով, այդ գիւղը կրկնութիւնը պիտի ըլլար իր հայրենի գիւղին։ Բայց Պրուսայէն վերջը, որ գերազանց քաղաքն էր, մահուան համար այն/42/քան հասուն, Մալկարան աւելի էր, քան իր գեղը։ Հոն Օշական պիտի ընէր initiationը մեր ժողովուրդի կեանքին այն խորհուրդին, որ թուրքերու կայսրութեան բոլոր կարեւոր քաղաքներուն մէջ մեր ժողովուրդը կը պաշտպանէր։ Գիւղ մը չէր Մալկարան, բայց քաղաք մըն ալ չէր, Էտիրնէին, Իզմիրին, Պրուսային նման։ Իրաւ է, որ մարդերը հոն կը բնակէին քաղքենի տուներու մէջ, կը հագուէին քաղքենիի պարոնիկներու նման, բայց կիներն ու աղջիկները զերծ էին քաղաքին ո՛չ միայն գոյնէն, այլեւ՝ հոտէն, ծորելով իրենցմէ հողին անմահ բուրումը։ Հաճոյք, լրջութիւն, փառք կը դնէին այդ կիները պարտէզի, այգիի, արտի աշխատանքներուն համար։ Յաճախակի բան էր տեսնել ոսկի շարոցով հարսներ հողին երեսին, իրենց դեռ հինայէն չարձակուած մատներով քաղհանի վրայ։ Ո՛չ իր գեղին ծանր, կործանարար, թանձր կիրքերը, որոնք տուներէն կը յորդէին փողոց, արդարն ու մեղաւորը խռովելով, ոչ ալ տգէտ, անխելք յամառութիւնները՝ հին կարգերուն մէջը ամրանալու։ Ոչ ալ Պրուսային սրսփուն դալկութիւնները, որոնք պալատներէն կը ծաւալին դէմքերուն ու կիներն ու աղջիկները կ՚ընեն այնքան անիրական, երազունակ ու անմարդկային։ Նոր ժողովո՞ւրդ մը։— Մի՛ երթաք առաջ։ Բայց Տիգրանակերտը, Վանը, Սեբաստիան հասկնալի էին հողին ու հին բարքերուն հանդէպ սա խուլ պաշտամունքով։ Օշական ուրախ էր այդ մարդերէն։ Այդ գիւղին մէջ էր, որ դարձեալ անիկա պիտի ճանչնար մտքին, իմացականութեան, առաջին իրաւ խռովքը։ Այս դարու առաջին տասնամեակին Արտաշէս Յարութիւնեան աւելի էր, քան պարզ, թէկուզ համբաւաւոր գրագէտ մը։ 1910ին, իր անդրանիկ երիտասարդութեան միահեծան ու լուսապսակեալ փառքը թէեւ դղրդուած, Պոլիս ժամանող նոր ոգիէն, ազգային նոր խանդէն դէպի ուրիշ արժէքներ, Արտաշէս Յարութիւնեան կը յաջողէր անցնիլ վտանգին գլուխը, ինքզինքը ընելով աւելի զգաստ, իմաստուն, թօթափելէ վերջը աւելորդ, գայթակղալից պերճանքը իր յաւակնութիւններուն, հակելով դէպի իրաւ, ըսել կ՚ուզեմ՝ կեանքով պաշտպանուած հանգանակներ, իր առջի երիտասարդութեան լրագրականութիւնը լայնօրէն հակակշռող լրջութեամբ մը։ 1910էն վերջ Վաղուան գրականութեան աղանդաւոր բրտութիւնը անիկա վարագուրած էր հաստատ մտածողութեան խելամուտ, համեստ ընող ողջմտութեամբ մը։ Գիրքերն ալ տարիք ունին։ Անոնց հետ ապրիլ կրնալը գիտութիւն մըն է։ Իմ՝ զինքը գտած պահուս չէր դադրած անշուշտ իր համբաւին մեղքերէն։ Բայց գիտէր, որ արուեստը իրաւ բան էր, ու անոր աղբիւրը՝ կեանքը, ամէն բանէ առաջ եւ ոչ թէ բառերի բառարաննե/43/րուն [5] ։ Անիկա չէր զղջար անշուշտ իր համբաւէն։ Բայց անով փառաւորուելու նանրամտութենէն ազատագրուած էր ամբողջովին։ Անոր մօտ ես չգտայ անշուշտ իմ գործին յատակը կազմող ժողովուրդ տարրը (l՛élément peuple), բայց գտայ ազնուականութեան ձգտող անհատը, իր բառովը՝ անհատապաշտութիւնը ։ 1900ին կախարդական յուռութք՝ այդ տարազը անշուշտ հերքուած է այսօր։ Բայց իմ գտածս տարազէն դարձեալ բարիք մըն էր ինծի։ Անհատապաշտութիւնը իր անձին վրայ ամբարտաւանիլ մը չէ։ Բայց է՛ աւելի պարզ բան մը. այդ անձը յարգելու պարտք մը, ասոր գիտակցութիւնը առնուազն։ Ինչ կը պակսէր ինծի։ Ատ էր իմ սորվելիքը, այդ անձը գոհացնելու համար, ոչ թէ այդ անձը պարարելու, պաշտելու համար անհրաժեշտ ռազմախաղերուն տարամերժ սպաս մը։ Արտաշէս Յարութիւնեան մշակած էր իր անհատը ու եթէ ատիկա բարիք մը չէր մեր գրականութեան, առնուազն բարիք մը եղած էր անոր անձին։

Դարձեալ Յարութիւնեանի մատենադարանին ճամբովն էր, որ անիկա հասաւ իր երկրորդ հանգրուանին։ Ասիկա Օշականի ծանօթացումը պիտի ըլլար ռուս վէպին։ Souvenirs d՚une maison de /44/ mortը Օշականի համար գիրք մը չէ, այլ՝ ճակատագիր մը։ Անով է, որ անոր մէջ անթեղուած, մանկութեան ու պատանութեան բոլոր դառնաթոյն ու նրբամաղ ծորումներով գոյաւոր տառապանքը պիտի ազատագրուի իր պարագայականէն, մէկու մը պատկանելու փոքրութենէն ու պիտի վերածուի կեանքին իսկ բարձրագոյն իմաստին։ Այս ճակատագրական հանդիպումը անոր արժած է իր տրտում ալ արցունքները, արդիւնք՝ իրաւ մեծութեան մը մեր վրայ յառաջ բերած հակազդեցութեան, որ ճիղճ, իրաւ գիտակցութիւնն է սեպհական տկարութեան։ Միջազգային գրականութեանց բոլոր մեծ գործերուն հետ իր սառնութիւնը պահելը կը նշանակէ լաւ, միջակ դասատու մը ըլլալ գրականութեան, այնքան առատօրէն բաշխուած աշխարհի բոլոր համալսարանական կեդրոններուն։ Ռոմանթիզմի տարիք է։ Իրապաշտութիւնը տրտմութիւն, որքան յաւակնութիւն։ Սիմպոլիզմէ ազատագրում։ Ռուս վիպողին դիմաց Օշական ապրեցաւ արուեստի իր հզօրագոյն տրաման։ Կը յիշէ, թէ հեշտագին, նոյնիսկ յուզիչ խռովքի պահեր էին իրեն համար իր խորասուզումները Պալզաքի, Uթանտալի, Ֆլօպեռի, Մօփասանի աշխարհներուն ծոցը։ Այդ մարդերուն հետ անիկա արուեստագէտ մըն /45/ էր, քիչիկ մը հպարտ նոյնիսկ։ Կը հաւատար անոնց մեծութեան, գեղեցկութեան, սրտագին ու աննախանձ։ Souvenirs d՚une maison de mortը աւարտելէն վերջը, անիկա կտրեց իր գրիչը ո՛չ նախանձէն, ոչ ալ կիրքէն կամ յուզումէն։ Ան յստակ զգացեր էր իր անարժանութիւնը ասպարէզի մը վրայ, որուն մէջ այնքան իրաւ, անհաւասարելի գիտցեր էր մնալ դիւահար վիպասանը։ Տոսթոեւսկի միտքն էր ու ժողովուրդը, այսինքն՝ տակաւին չմեռած երկու աստուածութիւններ։ Տոսթոեւսկիի այս հանդիպումը չտարուեցաւ սակայն իր բնական արդիւնքներուն։ Օշական կտրեց գրիչը. բայց չկրցաւ ինքզինքը ախտազերծել գրականութենէն։ 1910էն վերջ մեր կեանքը խռով էր դարձեալ։ Մեր ժողովուրդը, ստոյգ մահուընէ վերջ, կը հաւատար, թէ մօտ էր վերջնական փրկութիւնը։ Իր զոհաբերման մեծութիւնը զինքը կ՚ընէր իրաւատէր կերպով մը։ Գրականութիւնը այդ խռովքին մեծագոյն արծարծիչներէն մէկն էր։ Ինչպէս որ 1891–96 « Հայրենիք » օրաթերթը ոգի մը, գաղափարագրութիւն մը, գրական յղացք մը ու յեղափոխական տագնապը կը համադրէր, « Ազատամարտ » (1909–1915) օրաթերթն ալ կը կրկնէր պատահարը, հաւասար /46/ լրջութեամբ ու խանդով։ Օշական այդ թերթին յաւելուածին մէջ պիտի ստորագրէ իր առաջին ուշագրաւ հեքիաթներն ու վիպակները։ Շրջանը խանդի, կիրքի, գործօնութեան շրջան մըն էր։ Ու գրականութիւնը ծանր ազդեցութեանը տակն էր ինկած այդ հոգեբանութեան: Եւ որովհետեւ մեր պայմանները այնպէս մը դասաւորուած են, որ մեր իմացական կարելի ուժերը վատնուին ազգային կեանքին, գրականութիւնն ալ իր ձգտումները պարտաւոր եղաւ պատշաճեցնելու այդ կարիքներուն։ Թերթ, հանդէս, տարեցոյց, դասախօսութիւն, ատենաբանութիւն, պրոշիւրի ոսկեդար, ընկերային խմորումներ, կուսակցական բուռն կիրքեր, ու անծակ խանդավառութիւն։ Անշուշտ։ Այդ հոգեվիճակին լրումն էր 1913ի յոբելինական հանդիսանքը, գրերու գիւտին հազար հինգ հարիւրամեակին առիթով։ Ժամանակակից օտար թերթ մը, Պոլսոյ մէջ կը գրէր, որ այս հանդէսները իրենց ոգիով, ընդարձակ եռանդով ու արծարծած հոգեխառնութեամբը իրենց նմանը ունէին միայն ու միայն ռոմանոֆներու (Ռուսերուն արքայական տունը) երկհարիւրեակին առիթով ամբողջ կայսրութեան մէջ, այնքան ճոխ միջոցներով գործադրուած հանդիսութեանց մէջ։ Ու հեղինակը այդ շքեղ ելոյթին կոտորակուած, իր գերութեան մէջ հազիւ պղտորուած ժողովուրդ մըն էր։ Այս ամէնը հոս կը յիշուին, արդարացնելու համար Օշականին ամենէն երիտասարդ տարիներուն մեծ գործերի պակաս ըլլալուն մեղքը։ Կը խորհէինք արուեստէն առաջ, գերազանց՝ մեր ժողովուրդին ազատագրութեան։

Մեթոտ մըն է գրագէտներու կազմաւորման մէջ աս ու ան ազդակները խնամքով վերլուծել ու բացատրել անոնց նպաստովը աս ու ան կերպարանքները։ Մեթոտը կրնայ գործադրելի ըլլալ բարիքով Արշակ Չօպանեանին, Տիգրան Կամսարականին, Լեւոն Բաշալեանին, նոյնիսկ Միսաք Մեծարենցին, բայց չի լուծեր տաղանդներուն տեսակարար տարողութիւնը։ Այս վերապահութիւնն է պատճառ, որպէսզի սա էջերուն վրայ չյիշուին անուններ անձերէ, ինչպէս գիրքերէ։ Ամէն արուեստագէտ կը կրէ իր շրջանը, երբեմն զայն կանխողները։ Բայց արուեստագէտ է՝ այդ շրջանին դէմ իր կեցուածքին որոշ հակադրութեամբը։ Այս է պատճառը, որպէսզի հարազատ գրողները ըլլան քիչ, օրինաւոր, պատշաճապաշտ, ընթացիկ գրողներու լեգէոնին դէմ, բայց դիմանան, երբ այս վերջինները արդէն շիջած են անվերադարձ։ Օշական մինչեւ Առաջին Մեծ պատերազմը պիտի ճարէ իրեն համար գրական դիմագծութիւն մը։ Պիտի չպարտադրէ անշուշտ ինքզինքը։ Բայց պիտի զբաղեցնի գրողները եւ երիտա/47/սարդները իր յանդգնութիւններով, կիրքով, նորութիւններով։

* * *

Անոր գործին արտահանման անցնելէ ու անոր մէջ զգայնութիւնը, մարդը սեւեռելէ առաջ, աւելորդ չէ անգամ մը համադրել փորձել այն պայմանները, որոնց մէջ հասակ առաւ անոր իմացականութիւնը, իր հաւասարակշռութիւնը փարտեց անոր արեան չորութիւնը. իրաւ արուեստին նախատարրերը արիւնէն կու գան, ըսեր եմ ամէն առիթով։

Բոլոր զրկանքները, դուք գիտէք ատիկա, սկսելով անխանձարուր, անօրրան իր առջի քսանէն սկսող, (անպատմելի բան անոր մանկութիւնը, ամիսներով հացի կարօտ պատանութիւնը, դպրոցները, ուսանողութիւնը, ուր անոր կանխահասութիւնը բացառիկ երեւոյթ մըն է)։ Բոլոր քաղցրութիւնները, որոնք հողը, ջուրը, մարդերը գիտեն տալ իրենց ծոցին վրայ լքուած ու կեանքը ասեղ-ասեղ նուաճելու, իրենց միսերուն ամէն մէկ թելին համար իրենց ուժը միայն գործածելու հարկադրուած մանուկներուն։ Փողոցի տղան շատ աւելի արագ ու խոր կերպով հասուն է, քան պալատները պայազատող իշխանիկը։ Օշականի գրական մայր մտահոգութիւններէն մէկն էր այդ մանկութիւնը սեւեռել արուեստի մեծ գործի մը մէջ, բայց ռոմանթիզմէն, անձնականին զեղումէն իր խորշանքը ու քիչ մըն ալ աւելի ծանր պարտքեր զինքը արգիլեցին իր փառասիրութենէն։ Հիմա, երբ կը գրուին այս տողերը, այդ մանուկը ալեւորած, կործանած մարդ մըն է, բայց օրը քանի հեղ կերպը կը գտնէ այդ աւերակոյտը փոխադրելու այդ ոսկի շրջանակին, այդ դրախտային տարիներուն։ Այս մտահոգութեան կը հպատակին « Երբ պզտիկ են »ը, « Երբ պատանի են »ը, « Վկայութիւններ »ը, բոլորն ալ այդ աշխարհէն հանուած, ինչպէս ընդարձակ հանքէ մը։ Անիկա կը հաւատայ, թէ մարդկային, անյաւակնոտ, անխառն պատմում մը, իր կեանքին առաջին տասնամեակէն՝ պիտի ըլլար իրաւ յաջողուածք մը, այնքան այդ շրջանէն իր մէջ պահ դրուած զգայութիւնները, յոյզերը չեն աղօտած ու կը մնան տէր իրենց թարմութեան։ Ան կը գորովի ու կ՚ապրի, երբ այդ ձիւներու մէջէն բոպիկ դպրոց երթալը կը մտաբերէ, վերակազմելով ցուրտին զուգորդ միւս բոլոր զգայութիւնները, հովին կրակը սառած մատուըներուն ու քիթին ծայրին, ջուրին գաղջ համբոյրը սարերուն կռնակէն, երբ կը հալեն ձիւնը, պատուհաններուն վրայ թաւիշը բիւրեղացած ջուրերուն, մուխերը, որոնք խողովակներէն կը խուժեն ու երբեմն վար ալ կ՚իջնեն դողացող պզտիկը /48/ փաթթելով կիսաջերմ, բայց հեղձուցիչ համբոյրով մը։ Կան այս մարդերը, որոնք իրենց անցեալը չեն կրցած գերեզմանի վերածել ու զայն կ՚ապրին ամէն րոպէ, իրականին համահաւասար իրաւութեամբ։ Ու մի մոռնաք, արուեստի ամէն իրաւ գործ ժամանակէն պոկուած, փրցուած կեանքի կտաւ մըն է, տախտակ մը, քանդակ մը, ուրիշ շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ։ Գի՜րքը, որ պիտի գար այդ աշխարհէն Oշականին…

Անոր անդրանիկ պատանութիւնը կը զուգադիպի ջարդերուն, ահաւոր ուրիշ աշխարհ մը, ուր մէկիկ–մէկիկ իրենց արձանները կանգուն կը պահեն բիւրաւոր հրէշները այդ սխրագործութեանց։ « Մնացորդաց »ի Բ. հատորին մէջ («Արեան ճամբով») անիկա մաս մը բան ուզած է սեւեռել։ Բայց որքան քիչ է նուաճուածը։ Ու ինչ ահեղ մթերք է մնացածը։ Ու անպատմելին, այս ամենուն մէջ, անոր այդ դժոխքը ունենալ իրեն շրջավայր աշխարհին ամենէն անուշիկ պատկերաշարքը։ Մռայլ հոգին Պօտլեռին, Վեռլենին, Ներվալին, Հայնէին, նոյնիսկ Պ. Դուրեանին անլուծելի առեղծուած մը չէ, երբ արձակուի իր բոյնէն դէպի շրջապատը։ Ըսի, թէ կը ճանչնայի Միջին, Մերձավոր Արեւելքի եւ Հեռու Արեւմուտքին բոլոր նկարագեղ կայքերը։ Ըսի՞, թէ ոչ մէկ տեղ արտաքին աշխարհը կը պարզէր կախարդական այն կերպարանքները, որոնք Պրուսան, մօտի գիւղերը, Մարմարան եւ Նիկիոյ լճափունքը, կարկինով ձեւուած բլուրները եւ հրաշալի մկրատէ մը դաշնաւորուած պարտէզները, կ՚ընէին ճշմարիտ, իրական հրաշք մը։ Բայց այդ հողերուն երեսին ես զգացեր եմ ամենէն բուռն տրտմութիւնները, արդիւնք՝ մարդ կենդանիին անասնութեանց հանդէսին։ Մեր հեռու հայրենիքէն գաւառացի գրողներու խումբ մը (գլխաւորաբար Թլկատինցի, Զարդարեան) այդ խենթեցնող հակադրութիւնը սեւեռած են յատուկ տարազի մը մէջ։ Զարդարեան այդ որակումով Ցայգալոյս ») տուաւ Աստուծոյ պարգեւ այդ գեղեցկութիւններուն եւ մարդոց ուղեղին արգանդէն թափած ոճիրին տարօրինակ եղբայրութիւնը։ 1900ին կամ անկէ քիչ մը ետք գրուած են « Կարօտներ » եւ « Սեւ հաւը կանչեց » կտորները, ծնունդ՝ նոյն հողին հողն ալ թանձրացած հոգի մըն է ու նոյն լոյսին, որ մինակ արեւէն չի բխիր, այլ՝ ցորենի մը խարտեաշ ժպիտէն, վարդի մը կարմիր խռովքէն ու ջուրի մը ադամանդ համբոյրէն։ Մտքին տրամա՜ն։ Դուք պիտի ըլլա՞ք քիչ մը պարկեշտ, ձեր մօտիկ պապերուն, այսինքն՝ անոնց, որ այս դարուն սկիզբը վար էին երեսունէն ու վեր քսանէն, հոգին, ուղեղը թաւշող ու նոյն ատեն ասեղ-ասեղ բզկտող սա իրերայաջորդ պատկերները վերածել իրենց /49/ իրական տարողութեան։ Այո՜։ Էի՛ն մեր կարօտները այնքան իրաւ, որքան անըմբռնելի պատկերները, որոնք մատուցուեցան մեր աչուըներուն, քիչ մը ամէն տեղ, ամենէն շէն քաղաքներու պողոտաներուն։ Ես տեսեր եմ սուսերամերկ մարդեր ո՛չ թէ սինեմաներու նկարներու սրահներէն ներս, այլ՝ Աստուծոյ ամենէն անուշիկ կայքերու երեսին, որոնք կը մորթէին, ուրախ, խաղաղ, անճառ հեշտանքի մը անձնատուր ու կ՚աղօթէին, զոհերուն կուշտին, իրենց դանակներուն կարմիրը դիտելով դարձեալ անճառ երանութեամբ։ Ըրէք այս տեսարանները դաշտ մը, գեղ մը, քաղաքիկ մը լման լեցնող ընդարձակութեամբ ու դրէք աս ու ան աւերակին, քարի ետին պահուըտած, իրենց մորթուելու կարգին սպասող տղոց ու կիներուն, աղջիկներուն, հայրերուն ու մայրերուն թիւը նոյնքան ընդարձակ ու մի ըսէք, թէ ատոնք տխուր գրականութեան մը խար ու դարման դառնալու սահմանուած պատկերներ էին։ Այդ օրերէն քառորդ դար վերջը այս պատկերները լման երկիրներ ծածկեցին։ Այո՛, այս ամէ՜նը։ Զարդարեանին, ինչպէս Օշականին համար աւելի էին, քան մեր Սփիւռքի դիւրազգած, վարդաջրուած փափկութիւնները, երբ կը պոռաք մեր երեսին «Կը բաւէ՜, կը բաւէ՜, կը բաւէ՜. հանգիստ ձգեցէք մեզ. ձեր ջարդապատում ռոմանթիզմով մի թունաւորէք մեր հոգին, որ ժպիտ կ՚ուզէ». իբր թէ մերը չուզեր ձեր այդ ժպիտը։ Արեւմտահայ գրականութեան հանդէպ արդար ըլլալու համար, այս ճշդումները պայման կը մնան։ Անշուշտ Սուրէն Պարթեւեան մը խենթ մը չէր։ Իր « Քայքայում »ը չի կրնար մոռցուիլ։ Իր բոլոր մելոտրամաթիք հանգամանքներով Ա. Ահարոնեանի գործը չարափոխուած իրականութիւն մը չի կրնար դառնալ ձեր քմայքովը։ Ըսէք այդ գործին մեղքերը, որոնք գրողէն կու գան, բայց կեցէք առնուազն խորունկ սուգով այդ գործին յատակին, որ միլիոնաւոր մարդոց ամենէն նուիրական կսկիծներով է գոյաւոր։ Ու պատռտի՛ն ձեր բերանները, երբ չէք ամչնար այդ ամէնը որակելէ շրջուած ռոմանթիզմ։ Ձեր պապերը այդ ամէնը ու աւելին ունին իրենց ուղեղներուն խորը անջինջ արձանագրած, երբ կը նային ձեր ետեւէն ու ձեր քանի մը լեզուները, քանի մը քերթուածները կը վերածեն իրենց իսկական դատողութեան գնչու ձեր հոգեբանութեան։ Ձեր պապերը, անոնք, որ ինկան այդ սարսափներուն մէջ, չեն կրնար մեռնիլ, եթէ երբեք դուք չմեռցնէք ձեր կրթութեամբը այդ հոգեվիճակները, որովհետեւ զուարթութիւն կ՚ուզէք, վայելք կ՚ուզէք, հանգիստ մնալ կ՚ուզէք մղձաւանջէն…

Oշական իր հոգիին այս մասովը կը պատկանէր անշուշտ իր սերունդին։ Կ՚անցնիմ։ Քանի մը խօսք՝ իր ապրումներէն, լեռներուն /50/ մէջ, ամայքներուն ներսը, քոքուրներուն հետ, որոնք կեանքէն իրենց չգտածը կը փնտռէին, կ՚երազէին ու գտած ըլլալ կը կարծէին պատանքները թանձրացնելու գիտութիւն մը ձեռք ձգած ըլլալով։ « Խոնարհները » վկայութիւններ են այդ պահերէն։ Հետն էր անիկա ասպատակներուն, որոնք իր վէպին տիրական դեմքերը չեն միայն, այլեւ՝ մասով ոսկորով մարդեր, աւելի առիւծ, քան եօթը առիւծ միասին։ Ես պատմեր եմ, թէ ինչպէս չորս հոգինոց խումբ մը մաքսանենգ (ծխախոտի) տղոց պառկեցուց դաշտի երեսին հազարի մօտեցող ամբոխ մը, որուն մէջ հարիւրի կը հասնէր զինուած մարդոց թիւը, ահեղ հրամանովը մաքսանենգներու պետին, որ կը պոռար «Շարժողը կը սատկի, գետի՛ն, բոլորդ ալ»։ Դեռ իմ ականջին մէջն են այդ բառերուն կրակը, կապարը, ու աչքերուս ետին՝ դաշտը, ուր կը փռուէին այդ մարդերը։ Ու մենք կ՚անցնէինք մեր բեռնրը, մարմնակործան այդ մարդոց վրայ տեղ–տեղ կոխելով։ Այս տղաքն ալ իրաւ էին ու տէր այս կարգի արարքներու։ Հետն էր անիկա կռուողներուն, ոչ անշուշտ յեղափոխական դրօշի տակ, որ այդ լեռներուն մէջ իմաստ մը չունէր, այլ այդ տեղերը թիզ առ թիզ ճանչցող ու մէկ շունչով չորս ժամուան լեռ մը վերելակող թոքերու տէր ռազմիկներուն, պարզ ու բարի, որոնք կը զարնէին թագաւորին ճամբաները ու կողոպուտը կը բաժնէին ֆախիր–ֆուխարայի, աղքատներուն։ Ասոնք ռոմանթիզմ չեն։ Ասոնք Օշականի աշխարհը լուսաւորող երփնալուցկի ի դերը կրնան ունենալ։ Հարիւր տարի վերջը Հաճի Մուրատը Հարիւր մէկ տարուան ») անընդունելի հերոս մը պիտի ըլլար վէպի։ Բայց այս տողերէն յիսուն տարի առաջ, մեր լեռներուն վրայ անիկա իրա՛ւ էր, շատ աւելի թանձր իրաւութեամբ մը, քան ան սուտ ու փուտ գրողները Սփիւռքին, որոնք իրենց պոռնիկները, մեքենան, տարփանքի պզտիկ պատմութիւնները միայն կը դասեն այդ իրաւութեան իրաւատէր ու կը մերժեն զայն ուրիշներուն։

Oշական կը ճանչնայ իր ժողովուրդը, իր մտքէն աւելի, իր ջիղերովը։ Ու այդ ժողովուրդը այսօրուան պատրանաթափ, ապազգայնացած, հիները պիտի չվախնային ճշդելէ՝ տաճկցած ամբոխը չէր Սփիւռքի քաւարանին, այլ՝ իր հզօր ցաւին մէջն իսկ ինքնիր մէջը աճուն, աննուաճ, առնուազն դիմանալու համար իր նմանը չունեցող հերոսներու հանդէս մը։ Տառապանքը այն հաստատուն խաւն էր, որուն ներսը բոյծի դրուած էին անոր բոլոր կարողութիւններուն, ինչպէս տկարութիւններուն արմատները։ Խորհեցէք հանդարտութեամբ, առանց սոփեստական ինքնագովութեան, ինչպէս առանց /51/ ինքզինքը հերքող քոմփլէքս ներուն թունաւոր ծորումներուն մարդկայնութեանը մէջ այն պատկերին, որ մեր ժողովուրդն էր առնուազն հեռու միջին դարէն մինչեւ քսաներորդ դարու սկիզբները։ Անիկա հասկնալ կրցողին կը պարզէ իր անթառամ հրաշքը, անշուշտ անոր զգայարանքը սպաննելէ հեռու ամէն մեղքէ։ Ու ըսէք ինծի քառորդ դարը, ուր այդ ժողովուրդին գլխէն պակսէին տրտմութեան ու շիւանին փոթորիկները։ Մեր գրականութեան տրտմութիւնը ֆրանսացի ռոմանթիքներուն յոգնատանջ հոգեբանութիւնը չէ, որպէսզի քաշենք ատեան, դատապարտելու համար անոր աշխատաւորները։ Անիկա ցեղինն է։ Ու այսքան։ Ու Օշական, շատ շատերու հետ՝ մէկն էր այդ ժողովուրդին զաւակներէն։ Անոր կոխած տեղը ցաւ չէր բուսներ անշուշտ, գործածելու համար բարեփոխուած առած մը։ Բայց վարդ ալ չէր բուսներ։

Հետաքրքրակա՞ն անոր մտքին արեւելումին մէջ դերը մեր գրականութեան վարպետներուն։ Հաւանաբար։ Պիտի շարժէր սակայն զբաղիլ այդ հարցով, եթէ երբեք չպարզէր ասիկա դարձեալ յատկանշական երեւոյթ մը։ Դուրեանին հետ իր առաջին հանդիպումը եղել էր բախտորոշ ու տրամաթիք։ Կախարդ այդ եղբայրացումը անոր մտքին կուսութիւնը թաղեր էր վերջնականապէս։ Անոր առաջին յիմարութիւնը, գեղը « Վարդանանց պատերազմ » մը գրելն էր, տասներկու տարեկանին։ Երկրորդը, քաղաքը՝ թատրոն մը ճարտարապետելը։ Դուրեանին « Վարդ եւ շուշանէն » վերջը։ Բայց ասոնք հազիւ թէ Օշականին սեպհական յիմարութիւններ են։ Ահա իր ողբերգական հիացումները՝ Արշակ Չօպանեան, Վահան Մալէզեան, Երուանդ Գոլանճեան։ Ինչո՞ւ։ Չեմ փնտռած պատճառները։ 1900ին, երբ անիկա տասնըեօթը տարեկան էր, կը տառապէր գրել կրնալու համար քննադատական մը՝ Չօպանեանին իմաստութեամբը, պատմուածք մը՝ Մալէզեանին նրբութեամբը, քերթուած մը՝ Գոլանճեանին բարբարոսութեամբը: Արմաշը տապալեց այդ կուռքերը։ Ոչ մէկ հայ վարպետ ի վիճակի էր 1900էն վերջ զինքը խանդավառելու։

Գեղէ գեղ, տրամէ տրամ, Օշական քաղեց իր ժամանակին ու միջոցէն թոյն ու միւռոն, քաղցրութիւն ու դառնութիւն, երազ ու պատրանք, իր ժողովուրդին մեծ ցաւը ու անոր անհուն կարողութեանց մտատեսումը կեանքը հագնելու։ Ու իր հաւաքումները նետեց իր հոգետունը։ Չունէր փոյթ թերթերու մէջ զանոնք վաճառքի կամ փառասիրութեան առարկայ ընելու։ Ու անհնարին կերպով տրտում էր քսանէն քիչ վեր ու երեսունէն շատ վար այդ տարօրինակ /52/ վարժապետը։

Փորձեցէք սա վերլուծականը մեր գրողները հասկնալու աշխատանքին մէջ ու պիտի հասկնաք, թէ ինչու այնքան բարձրորակ արժեւորմամբ մը Օշական գնահատած է Թլկատինցին, Հրանդը, Զարդարեանը, հակառակ այդ մարդոց գրուածքին դէմ իր շատ զօրաւոր վերապահութեանց։ Այս մարդիկը կ՚ապրէին, ապրեր էին, ինչպէս ինքը կ՚ապրէր, ապրեցաւ։ Ի՜նչ էր կշիռը կաղ նախադասութեանց իբր մեղք Թլկատինցիին այնքան թանձր կենսատարածքին դիմաց։ Ու որքան դիւրին աւլել, լուալ Զարդարեանի զարդարանքը իր հեքիաթներէն կամ արձակ քերթուածներէն, հիանալու համար յատակին անխորտակելի ամրութեան, մեր կեանքին սպառած իրականութեամբը։ Ու նոյն ձեւով, որքան պարզ խանդաղատիլ Հրանդին այնքան իրաւ, անսեթեւեթ, միuի չափ տաք պատկերներուն վրայ։ Այն առարկութիւնը, թէ գրագէտի մը ապրումները իրենց անձնականութեան հոծութեամբը կրնան տպաւորութիւնը պղտորել, դատումը գունաւորել, ճիշդ է որոշ չափով, երբ գործ մը արեւելահայերու ըրածին նման ուզենք ենթարկել ընկերային տեսութեանց հարկադիր ապացուցումին։ Յիմար մը (Սիմոն Յակոբեան) Դուրեանին ցաւը հասկնալու համար դասակարգային պայքար ու մարքսիզմ իրար խառնեց… 1870ին, Պոլսոյ մէջ։ Ամէն գրագէտ ապացոյց մըն է պահի մը, տեղի մը, ժողովուրդի մը։ Նոր բան մը չեմ ըսեր։ 1850ի այս ճշմարտութիւնը 1900ին դժուար էր հակասել։ Բա՛յց. ու կեցէք։ Տարածեցէք այս մտածելու կերպը 1680ի Ֆրանսային վրայ ու գտէք պատճառը, որ այնքան տարբեր կ՚ընէ ճակատագիրը երկու Քոռնէյլ եղբայրներուն։ Տարածեցէք, գէթ մեր օրերուն, մտածելու այս կերպը Օշական գործին ու դուք պիտի ունենաք ո՛չ թէ տեսութեան հերքումը, այլ՝ անով սոփեստանալու, կոտրել–թափելու վճիռ ու պատգամներ արձակելու անօգուտ, ստերջ ուրիշ ապացուցում մը։ Կնուտ Համսուն մը, Մաքսիմ Կորքի մը ուրիշ դարու մը չէին պատկաներ։ Բայց անոնց գործին լաւագոյն երակը կու գար շրջանակներէ, որոնք անոնց անձնականը եղած էին։ Անհուն Ռուսաստանի մէջ կային դատարկապորտներ անշուշտ։ Բայց ո՞վ ըսաւ, թէ 1880ի ռուս ընկերութիւնն էին անոնք։ « Դատարկապորտները », «Վ իքթորիա »ն, « Պան »ը իրենք զիրենք պիտի ապրին եւ պիտի չըլլան այդ Կորքին ու այդ Համսունը, ինչպէս որ կ՚ուզէ տեսութիւնը։ Որքան շատ բան, այսինքն՝ զգաստ տրտմութիւն, բարի ներողամտութիւն, ժողովուրդ, բացսիրտութիւն դրած է Յակոբ Պարոնեան իր թեթեւ նոթերուն մէջ, օրինակի մը համար՝ « Քաղաքավարութեան վնասները », /53/   « Ծիծաղ եւ Կերբերոս», «Հոս–հոսի ձեռատետրը » բոլորն ալ իր ջիղերէն առնելով եւ տառապելով։ Ուրիշ մը, Երուանդ Օտեան, այդ պատկերները պիտի պտըտցնէ բողոքական քարոզիչներու նման, որոնք թանձր պայուսակներէ սաղմոսն ու աւետարանները կը հանէին վաճառքի ու Տիրոջը խօսքը կը ցանէին անհաւատներու մտքին անդաստանները։ Այսօր, չենք իսկ մտածեր Պարոնեանին անձնական ապրումներուն, մռայլ տառապանքին, այլ կը զգանք ինքզինքնիս երախտաւորեալ բարիքին համար, որ գինն է այդ տառապանքին, փրկութիւնը ՝ կորսուելու ճակատագրուած բարքի շեշտերու։ Անոնք, որ կը կարդան « Խորհուրդներու մեհեանը », լոյսի եւ ստուերի, հեքիաթի եւ առօրեայ տառապանքի այդ դիւթական աշխարհը, պիտի չայցուին գինէն, որ պարտադրուած էր անոր հեղինակին։ Անձնականին վրայ շահարկե՞լ պիտի նշանակէր արդեօք սա առիթով յիշել արցունքը, զոր արժած է անոր « Նոր ժամանակներու հեքիաթ մը » Խորհուրդներու մեհեանը »), ինկած՝ ծովէն հանուած աղջկան մը դէմքին, Վոսփորի ափերուն, աշնանագեղ տեքորով։ Աղջիկը խղդուած էր։ Ու ոչ ոք գիտէր, թէ անիկա ջուր էր մտած իր մեղքը թաղելու։ Ժամանակն է ասիկա գրողի գործին խորը։ Աւելի՛ն. անոր տրուեցաւ 1920ին ընդունիլ այցելութիւնը աղջիկին, զոր կը ճանչնար վեց տարի առաջուան թերխաշ պարմանութեանը մէջ։ Աղջիկը հասունցեր էր, պոլսական նրբութեան բոլոր բարիքովը, սեռին հրաշքովը ու այդ մարզերուն վրայ կին տիպարին (այդ քանի մը տարիներու ընթացքին, որոնք բուն կինը կը սկսին, մայրը կազմակերպելու ի խնդիր) կերպարանած գրաւչութեամբը։ Տրտում էր ու թշուառ։ Անոր դէմքին՝ այն անպատմելի գիրութիւնը, որուն վրայ հեքիաթը կ՚ախորժի խաղալէ, հեռու պարտէզի մը կախարդական մէկ ծառին արմատներէն։ Ինչ երկարեմ։ Պատմեց, որքան որ կրնար քսանամենի պարման մը պատմել անպատմելին։ Ու… եկեր էր իր ցաւին դարման մը փնտռելու։ Որոշած էր, այդ տարիքին յատուկ ամբողջութեամբ, ջուր մտնել։ Մեր գեղերուն մէջ, այդ դէպքերը որքան եղերական, այնքան պարզ էին։ Բարքերը իրենց շեշտը կը դնէին մեղքին վրայ, հարիւրաւոր ձեւերով։ Ջրհոր, լիճ, ապառաժներէն վար գլորում, ծառ, կախուիլ, ածուխ խմել, մկան–դեղ, ո՛ր մէկը կ՚ուզէք։ Բայց մեղքը մաքրելու պարտքը անողոք կերպով մը կը վճարուէր հազիւ տասնըհինգ մտած հիմնովին անմեղ որովհետեւ իր ըրածը չհասկցող աղջնակին կողմէն։ 1928ին ես այդ բարքերը խտացուցի « Ծակ-պտուկը »ին մէջ։ 1920ին իմ ուսուցչի, գրողի բոլոր հեղինակութիւնը նետեցի նժարին, հասկցնելու համար այդ /54/ այցելուին, որ Պոլիսը գիւղ մը չէր։ Ու իր վիճակը, իրեն համար զարհուրելի, քիչ մը աւելի Արեւմուտք, նոյնիսկ մօտիկ Պուլկարիան, զոր կը ճանչնայի, Ռումանիան, ուրկէ անցեր էի, շատոնց թօթափած էր սարսափին վարշամակը։ Մեռնելէ առաջ ապրիլն էր իր պարտքը։ Բացուած էին Եւրոպայի ճամբաները։ Տարի մը Փարիզ կը ծածկէր չարիքը։ Մտիկ ըրաւ ու կը զարմանար, որ չէի հասկնար։ Իր տագնապը ո՛չ փորէն կու գար եւ ոչ գայթակղութեան վախէն։ Կու գար գիրնալէն։ Իր մօրը վրայ (որուն սիրահարը հեղինակն էր իր ալ մեղքին) իր հիացումը անշուշտ թռած էր։ Ու չէր կրնար հաշտուիլ կեանքին, ուր մեր ամենէն ամուր մէկ զգացումը, մէկ անօթէն միւսը անցնելով, այսքան ողբագին բան մը կը դառնար։ Զո՜ւր անցան իմ թելադրանքները։ Չգնաց Փարիզ։ Ամիս մը վերջը թաղեցինք զինքը։ Ոչ իսկ մայրը պիտի գիտնար խորհրդաոր այդ հիւանդութիւնը, որ մէկ գիշերուան մէջ սպաններ էր այդ հրաշալի գարունքը։ Թաղեցինք. բայց դագաղին մէջ իր մայրը հարսանեկան պսակը երբ կը զետեղէր, տեսայ, որ կը դալկանար։ Ու մայրը մեղմ ընելով մէկդի մեղաւոր իր կնոջ գլուխը, դրաւ իր շրթները մարմարեայ այդ մեռելին ճակտին։ Կը դիտէի երրորդը, որ կը նայէր ապուշ, որքան նկուն, հեղինակը սա տրամին։ Օրեր, ամիսներ այդ մեռելը կրկնեց ինծի իր այցելութիւնը։ Իր թախանձանքէն ազատելու համար իմ խղճահարութիւնը՝ գրեցի « Նոր պսակը »։ 1922ին անոր ներկայացումին եկեր էր ոճրագործը ու դուրս ելեր, առարկելով, թէ քանի մը ճշդում ներ անհրաժեշտ էին, որպէսզի խաղը ճշմարտութիւն դառնա՜ր ։ Կը զգա՞ք այս արագ ու կարկտան պատմումին ընդմէջէն մարդոց ողբերգութիւնը։ Արուեստին դերը՝ դատական ատեանի մը քարտուղարութեան կը վերածուի երբեմն։

Oշականի գործերը կու գան առօրեայ, վաւերական կեանքէ։ Ըսի անգամ մը, թէ անոր հեքիաթը, վէպը, տրաման բոլորն ալ ապրած մարդերէ կ՚առնեն իրենց ամէն ինչը ։ « Նոր–պսակը » (անտիպ խաղ) ճանչցաք։ 1920ին անիկա ընդունեց այցելութիւնը ուրիշ երիտասարդի մը։ Գաւառացի։ Տարագրութենէն հրաշքով իր գլուխը ազատած։ Տրտում էր ու վախկոտ։ Կը տեսնէի զինքը, կնոջը եւ քենիին հետ, երբ գլխահակ կ՚անցնէր փողոցէն։ Ոչինչ անշուշտ արտակարգ՝ պատկերին մէջ։ Բայց այդ երրեակէն քանի մը կանգուն ետ յիսունը անցած մարդ մը։ Գոռոզ։ Ճաղատ։ Հաստ ու նենգ դիմագիծով։ Խալֆան էր թաղին. սանկ ու նանկ ճարտարապե՞տ մը, կապալառո՞ւ մը, մատնի՞չ մը։ Պոլսոյ մէջ ընթացիկ էր այս տիպարը։ Կնքահայրն էր այդ ընտանիքին ու կը պահէր բոլորը իր ծախքովը։ Դրացիները, /55/ անցեալին ծանօթ այդ կնքահայրին, մկրտած էին պատահարը սովորական պարզութեամբ։ Ինչ երկարեմ։ Տղան որոշած էր ինքզինքը սպաննել, ալ չկրնալով տանիլ այդ տարակարգ ամուսնութեան ամօթը։ Հակազդեցութիւնը հզօր եղաւ իմ մէջ։ Տարսոն գոլէճը աւարտած չէր այդ երիտասարդը անոր համար, որ յիմարութեան մը պահուն ըմբըռնուած երկրորդ յիմարութիւն մը զգետնած էր զինքը։ Առնուազն տարագրութենէն ինքզինքը ազատած ըլլալը փաստ մըն էր իր ուժերէն։ Պարտաւոր էր ապրիլ։ Մահուան արժանին ինքը չէր, քանի որ քսանը նոր էր մտեր։ Ու պարտաւոր էր մեռնելէ առաջ մեռցնել։ Տղան գնաց։ Շաբաթ մը վերջը լսեցինք, որ յիմարանոց ն էր։ Ինծի համար կացութիւնը շատ ալ անըմբռնելի չէր։ Բայց յետոյ պիտի պարզուէր դաւադրութիւնը։ Տղան բժշկական տեղեկագրով մը նետուած էր յիմարանոց, վասնզի խալֆան, որ քենին կ՚ուզէր, ենթարկուած էր այդ քսանէն վար աղջկան շքեղ նախատինքին։ Հաստ իր գլուխով, խալֆան ելոյթը վերագրեր էր երիտասարդին ու գտած դարմանը, դրամով, տունէն զայն հեռացնելու… իբր կապուելիք յիմար։ Փախեր էր յիմարանոցէն ու տուն դարձած։ Նոյն իրիկունը իմացանք, որ խալֆան յանկարծամահ եղած էր։ Կազմ ու ապրում նման ելք մը շատ բնական կ՚ընծայէին։ Իրականին մէջ շաբաթ մը վերջը կը հասկնայի երիտասարդին բերնէն մահուան ստոյգ հանդէսը. խալֆան խղդուած էր երիտասարդին մատուըներով։ Տրամա՛։ Անշուշտ։ 1921ին, պուլղարական լեռնագիւղի մը մէջ ութ օրուան ընթացքին, մէկ շունչով կ՚արժէ ըսել, գրուեցան « Նոր–պսակը » եւ « Կնքահայրը »։ Գիրքերու պատմութիւնները ինծի համար գրականութեան չեն պատկանիր, այլ՝ կեանքին արձանագրութիւններն են։

1924ին, Գահիրէ, բարեկամի մը հետ կը խօսէինք նոր ստեղծուած գայթակղութեան մը վրայ։ Մեծահարուստ մարդ մը իմ ներկայութեան լայն բացաւ իր դրամարկղին մշտափակ դուռը։ Դեղին եւ թուղթ ոսկիները շարք–շարք։ Մարդը ընթացիկ դրամատէրն էր. ամուր գրաւներու վրայ թուղթ զեղչող, պոնս գնող։ 1900ի Պոլսոյ վաշխառուն։ Կէս միլիոնի մօտ վարկ մը կու տար իրեն իմ բարեկամը, որ նեղ օրերուն, վճարմանց տագնապին մէջ, ստիպուած էր ափ առնել այդ վաճառատան դուռը։ Կատղած էր էֆէնտին, ազգին դէմ, առաջնորդին դէմ, մա՛նաւանդ որբերուն ու որբուհիներուն դէմ։ Ու չափելով զիս վերէն վար իբր այդ ազգին մէկ ներկայացուցիչը, զարկաւ ամուր դրամարկղին դուռը, գոցելու համար պատկերը իր հարստութեան։

Մօրս գերեզմանին վրայ երդում, որ պիտի չթողում։

/56/ Չթողա՞ծը։ Որբուհիի մը պահանջքը։ Այսինքն՝ իր տունին մէջ կատարուած մութ գործի մը արդար պատասխանատուութեան ստանձնումը։ Պիտի սպառէր, նման կարիքներու դիմաւոր վաստկուած ոսկիները, գնելով դատարանը, ազգը, կառավարութիւնը։ Հպարտ էր, լիրբ ու երանութեան մէջ ճառագայթուն։ Որբուհիին բողոքը իջաւ մայթերուն, բայց լպրծուն էին դատարանին բնագիրները։ Մարդը յաղթեց։ Այս յաղթանակը տրամին, շրջուած ողբերգութեամբ մը, նիւթը կու տայ « Աքիլլէսի կրունկը » խաղին (անտիպ)։

1934ին Թորգոմ Գուշակեան, անցողակի տեսակցութեան մէջ, դրուագ մը կը պատմէ Անդրյորդանան տարագրուած քահանաներու խումբի մը վրայ գործադրուած ճնշումէն։ Հոգեւորականները, որոնց մէջ եւ բողոքական պատուելիները, հրաւէր կը ստանան իսլամանալու։ Քահանաները եւ մէկ մասը պատուելիներուն կը մերժեն առաջարկը, յանձն առնելով պարզ հետեւանքը։ Օշական այս դրուագէն պիտի ստեղծէ « Երկինքի ճամբով »ը։

1937ին Փարիզ է, հայրենակիցի մը տունը։ Թուղթեր խառնած ատեն կը կարդայ երկու-երեք նամակ, գրուած այդ հայրենակիցին կնոջը, մէկու մը կողմէ, որ դարձեալ ծանօթ էր իրեն։ Կինը այդ թուղթերուն մէջ կը պաշտպանէ զինքը, զաւակները լքող ամուսինը, որ գացած է ոսկի հորթին ետեւէն, Ամերիկա։ Ու կը պաշտպանէ, էրկանը այդ արարքը պախարակող հանրային կարծիքին դէմ՝ հանճարը իր ամուսինին։ Կը հաւատար, թէ այդ զոհողութեան գնով իր ամուսինը պիտի ըլլար այն նշանաւոր դէմքը, զոր կը յաւակնէր ըլլալ այդ մարդը։ « Մինչեւ ո՞ւր »ը, այդ տենդին մէջ Օշական պիտի յանձնէր թուղթին, տասնըհինգ օրուան մէջ։

Այս յիշատակութիւններուն միտք բանին ա՛յն՝ որ ծանր, լման իր գործերը Օշական միշտ վերցուցած է կեանքէն։ Ըսի, թէ անկարելի էր սպառել պատանիի մը, երիտասարդի մը զգայութեանց մթերքը։ Ըսել կ՚ուզէի, որ այս դարուն սկիզբը որքան ընդարձակ, իրարմէ գերազանց, խոր տագնապներ դրուած էին քսանը կոխող ամէն երիտասարդ հայու հոգեդաշտին, Պոլիս՝ այլապէս իրաւ, գաւառները՝ ուրիշ ողբերգութեամբ։ Արեւմտահայ գրականութիւնը իր ջոջ աշխատաւորներուն չքանալովը անատակ մնաց այդ ամենը նուաճելու։ Գարշապարին տակն էր թաթարին ու յանձնուած խնամքին սուտ ու փուտ կիներուն ու կնակերպ երիտասարդներուն։ Նորութիւն մի՛ նկատէք, որ 1900ին երեսունէն վար երիտասարդներ կնիկի անուններով ախորժէին երեւնալ մամուլին մէջ։ Այդ 1900ին մարդիկ ի պաշտօնէ արգիլուած ծանր առաջադրութիւններէ, կերպարանք տուին գրակա/57/նութեան մը, որուն մէջ հիմնականին պակասը մեզ կը զարմացնէ այսօր։ Որքան բան պիտի կրնար ձգած ըլլալ մեզի Թլկատինցին, եթէ երբեք մտածէր իր ապրումները կէս մը գունաւորած օգտագործել վիպական թեթեւ [6] իսկ կառոյցներու մէջ։ Մենք կ՚ունենայինք մեր մանուկը։

* * *

1900էն մինչեւ Սահմանադրութեան վերադարձը (1908) Օշական գիւղի վարժապետ մըն է։ Ըսի, թէ տիպարը տրուած է աւելի մանրամասնութեամբ անտիպ վէպի մը մէջ Մաթիկ Մելիքխանեանց »)։ Մէկ հատիկ տէրտէր այդ գիւղին մէջ։ Ասկէ զատ մէկ հատիկ կարդալ գիտցող մը։ Բոլոր հիւանդութիւնները ու անոնց բուծարան մալարիան։ Թուրքը, սառն ու իմաստուն, աղմուկէ համ չառնող, բայց քաղցկեղի մը նման զետեղուած՝ ինքնին անբաւական հողերուն անվրէպ յառաջացումով մը դէպի դեղին սիրտը։ Վարժապետը՝ «որ պիտի հասնի» բոլոր ցաւերուն, հոգիէ, ինչպէս մարմինէ, պիտի բաշխէ քինինը ու յուսադրէ կորանքը։ Բժիշկ ու քահանայ նոյն ատեն, անապակի պատուհաններով դպրոցին մէջ ունենալով /58/ իր գղիաթը, վրան նետելու համար իր տանջուած, սպառած ոսկորները։ Մալարիան անպակաս է, չխնայելու չափ մեծին ու պզտիկին, որքան իմաստունին ու անխելքին։ Իր տղա՛քը, պարզ, բոպիկ, հազիւ ծածկուած գրգլեակներով։ Վարժապետը միայն չ՚ապրիր այդ տղոցը ներկան։ Անիկա կը տառապի սա տղոց հայրերը, ասոնց ալ հայրերը դարուց ի դարս զարնող ցաւով, գլխադրեցէք եթէ կ՚ուզէք։ Ու անպակաս վէճերուն, նեղութենէ առաջացած հոգեկան խաթարումներուն դիմաց հայտարար դատաւոր, յուսադրիչ առաքեալ։ Հոգիովը բոլորովին մօտիկը այդ մարդոց, ընտանի, իրա՛ւ։ Բաժնելով անոնց հետ կեանքին բաժակը, ուր մամոնային տեղ մալարիային մաղձն ու դեղնախտը։ Առանձին վէ՜պ։ Կ՚անցնիմ։ Այսքանն ալ անոր համար, որպէսզի հերքուի կասկածը գեղջկական բարքերէ անհարազատութեան մը մասին, զոր կը թելադրէ Օշականի արուեստը, երբ կը ջանայ այդ ամենը նուաճել։ Մարդիկ, մեկնելով այդ աշխարհին վրայ ճարտարապետուած կառոյցէն, դժուար կը հաշտուին Օշականի մէջ իրաւ գիւղացի մը տեսնելու պարկեշտութեան։ Յետոյ խօսեցայ իր տիպարներուն վերագրական այլ տարողութենէն։

Oշականի աշխարհին մէկ ուրիշ մասնայատկութի՛ւնը՝ տեսակ /59/ մը բանաստեղծականութի՛ւն։ Որմէ մենք նմոյշներ ունինք պոլսեցիներուն, մա՛նաւանդ գաւառացի Զարդարեանի տպաւորապաշտ կտորներուն մէջ։ « Խորհուրդներու մեհեանը » ու հատորի չմտած ուրիշ պատկերներ (գլխաւորաբար 1920–22 « Ճակատամարտ »ին մէջ) լայն թելադրանքներ կը պարունակեն, այդ տեսակէտէն։ Ինքն է, որ վիպակի մը մէջ կը գրէ. « Ոչ մէկ տեղ, ջուրը այսքան լոյսով, ոսկիով եմ տեսած »։ Երիտասարդութեան սա վկայութիւնը Օշական չի կրնար հերքել, վաթսունէն վերջն ալ. ինք տեսաւ Վոսփորը, Յորդանանը, Նեղոսը, Դանուբը, Սէնը, Մարմարան, Ադրիականը, Միջերկրականն ու Սեւ ծովերը։ Մարդուն անսփոփ եղերականութիւնը՝ աշխարհին սա անհաւասարելի գրաւչութեան մէջ ընդելոյ, իր ժողովուրդին մռայլ հոգեպահը… իր երիտասարդութիւնը, այսինքն՝ ասոր կրակները, փոթորիկները, թերեւս պարտաւոր էին քիչ մը աւելի կարկառի հանուիլ, որպէսզի ըլլային հասկնալի Օշականի գործին տարօրինակութիւնները, ճշմարտազանցութիւնները, նոյնիսկ անկարելիութիւնները, որոնք վերագրումներ ըլլալէ, մնալէ աւելի են։ Կարդացին զինքը քիչեր։ Բայց այդ քիչերն ալ դժուար կը հաշտուէին իր պատկերացուցած տրամային։ Սիրեցին իր հերոսները, կասկածելով անոնց հարազատութեան վրայ։ Ու այս շփոթութիւնը մեր գրագէտներէն ոչ ոքի գործին մէջ կը մնայ այսքան ուշագրաւ։ Բայց հոն էր աշխարհը, անոր արուեստին կախարդութեանը մէջ այլացած, պահելով սակայն իր յարինուածքին բոլոր գիծերը անայլայլ։ «Ո՞ր ժողովուրդին ներկայացուցիչն էր այդ մարդը»։ Ըրին հարցումը, բայց չհամարձակեցան մերժել անոր իր հայութիւնը։ Գիւղական վարժապետին սա յիշատակներէն հասկնալի՞` որ Օշական չբաժնուի դիւրութեամբ։

Թուականները, իրենց յաւակնոտ ներկայութեամբը, երբեմն կը պատրեն սակայն։ Քիչ կու տամ անոնցմէ։

Անոր Պոլիսը (1909–1915) այս ժողովուրդին պատմութեան մէջ պզտիկ ովասիս մըն է, նման 1850-78ի շրջաններու Պոլիսին։ Այդ թուականին անիկա ընդունարանն է ամբողջ հայ մտքին եւ հոգիին (արեւելահայ մտաւորականներու մեծ թիւ մը չէր վախնար հոսհոսնալէ, խօսելով ու գրելով հոսհոսներու բեմերէն ու թերթերուն)։ Հոն էին կանխող ռեժիմէն հալածական ու անոր կործանումովը վերադարձող ընտրելագոյն դէմքերը Օշականի սերունդին։ Նոր կեանքին, խանդին, մա՛նաւանդ երազին ամբողջ առքին մէջն էին այդ երիտասարդ, հասնելու վրայ գրողները, որոնք գրաքննութեան շրջանին, Պոլսոյ ու քիչ մըն ալ գաւառներու մէջ, իրենց մտքին ու սրտին /60/ առաջին յոյզերուն վրայ զգացեր էին ահաւոր կնիքը մղձաւանջին, որ սկսող նոր թուրքն էր, իր կատարելագործումը գտնելու ուղղուած դէպի 1915ը։ Երազներ, ընկերային, ազգային, քաղաքական, որոնք շատ մօտիկ էին եկեր, շփոթուելու չափ վճռական ստուգութիւններու հետ։ Խոշոր մահաքունէ մը զարթումն էր ասիկա։ Ու արդար հպարտութիւն մը, աւելի քան յոյս, մեզ կ՚ողողէր, մեր ընելիքին հեռական գեղեցկութիւնը կրկներեւոյթի մը պէս իջեցնելով մեր բազուկներուն ընկալչութեան։ Դարձեալ ուրիշ աշխատանքի մը նիւթ է այդ սերունդին նկարագիրները [7] պարտ ու պատշաճ չափով մը արտահանել։

Oշական այդ սերունդը պիտակելու համար ընտրած է որակում մը, որ հաղորդ է անոր ընդհանուր ձգտումներուն, արուեստի, աւելի ճիշդ մտածումով մը՝ գրուածքի հարցին մէջ անոնց բոլորին ալ հասարակաց ախորժակի մը։ Ատիկա խնամքն է ոճին։ Ազատամարտի սերունդը, որուն մէջ աւագ դէմք մըն էր ոճի մեծ աշխատաւոր մը, Ռ. Զարդարեան, չստեղծեց անշուշտ սեպհական գրականութիւն մը։ Բայց եղաւ բաւական իմաստուն, ինքզինքը տարածելու համար դէպի նուաճումը հայ հոգիին։ Այս անկիւնէն դիտուած՝ Եղիշէ Դուրեան, Տիրան Չրաքեան մեզի կը թուին օտար թերեւս անոր համար, որ երկուքն ալ իրենց գործը արդէն աւարտած են այդ սերունդէն առաջ։ Չրաքեան 1909էն վերջ իր շուքն ալ չարդարացներ։ Դուրեան Սրբա/61/զանի « Յիսուս մանուկը » եւ թարգմանութիւնները վերադարձ մը կը նշանակեն դէպի 1880ը, ալփասլանական յանգահանութիւնը զգալով հանդերձ այդ սերունդին հոգեխառնութիւնը։ Յետոյ « Ազատամարտ »ի մէջ պիտի չվարանին երեւալ Հրանդը, Զօհրապը, այսինքն՝ մեր վաւերական իրապաշտները։ 1913ին Սիպիլն իսկ ինքզինքը երջանիկ կը զգար այդ թերթին մէջ հրատարակել կարենալուն իր « Հայ լեզու »ին հասարակ քերթուածը։

Միշտ այդ շրջանին տարօրինակ չէին այս մտերմութիւնները իրարու հակադիր գաղափարադրութեանց սպասարկու միտքերու։ « Ազդակ » հանդէսը, օրգան 1909ի երիտասարդութեան (Գեղամ Բարսեղեան, Շաւարշ Միսաքեան, Վահրամ Թաթուլ, Գ. Եսայեան), պատուակալ խմբագրութեամբը հաղորդ էր Ռ. Զարդարեանի, Զապէլ Եսայեանի։ «Ոստան» եռամսեային խանդավառ պաշտպաններ էին Հրանդը, Երուխանը։ Չէօկիւրեան, խմբագիրը այդ հանդէսին, կը պատկանէր ուրիշ սերունդի մը։ « Շանթ » կիսամսեային մէջ իրարու հետ քիթ քիթի էին Պարթեւեանն ու Աղեքսանդր Փանոսեանը, եւ կռուազան ուրիշ միջակութիւններ։ « Մեհեան » ամսաթերթը, շեշտօրէն յարձակողական ու ընդդիմադիր, ունէր որոշ ձգողութիւն մը անմիջապէս երէցներու վրայ։ Զարդարեան եւ Արտաշէս Յարութիւնեան աշխատակցեցան անոր։ Կռիւ, կիրք, անգթութիւն, ուրացում, փառաբանութիւն, հաշուեյարդար։ Նոր կուռքեր։ Հին կուռքերուն տապալումը։ Հակամարտ հանգանակներ քաղաքական գործօնութեան դաշտերուն։ Ու նոյնչափ՝ գրականութեան մրցարանին ալ ներսը։ Կուսակցական խանդի ու հաւատքի այդ տենդագին օրերուն Օշական չէ կրցած պատկանիլ ոչ մէկ կուսակցութեան։ Ունէր իր համակիրները, բարեկամները երկու գլխաւոր համախմբութիւններէն։ Կը մեղադրուէր հանրային ջիղի պակասով, ու մեղադրանքին հեղինակները նեղը կը մնային, երբ հրաւիրուէին յղացքը տարրալուծել ու պարզաբանել։ Գիւղացիի անսրբագրելի անհատապաշտութի՞ւն։ Բայց Հրանդը վաւերական գիւղացի մըն էր, Օտեաններու տունէն աղջիկ առնելն իսկ անօգուտ պերճանքի մը վերածելով ու շարունակելով մնալ Բալուին, խանէ-խան, հայրենակիցներուն ցաւին ու շեշտին տառապէս հաւատարիմ։ Ու գիւղացիներ էին, գէթ քիչ փոխուած միւսները՝ Զարդարեանը, Վարուժանը։ Հերետիկո՞ս մը։ Մենամո՞լ մը։ Մեկուսի բանուո՞ր մը։ Լուծէ փախչո՞ղ մը (ըսին, որ կը փախչէր պարտքէն)։ Ըսէք ու անցէք։ Մարդ կրցածը կ՚ընէ ու ըրածը կը քալէ կ՚ըսէ մեր ժողովուրդը։ 1914ին անիկա ունէր որոշ վարկ, ծանր գիւ/62/ղացիութեամբ մը պաշտպանուած, բայց չէր յաջողած ինքզինքը պարտադրել։

Մինչեւ 1914 անիկա ստորագրած է բազմաթիւ յարձակողականներ Ազդակ », « Ազատամարտ », « Հայ-գրականութիւն », « Շանթ ») եւ գրական ինքնայատուկ տեսութիւններ։ Արտայայտութիւն, գաղափարներու մթերք, շեշտը ոճին ու ջերմութիւնը լեզուին նոր են հրապարակին համար։ Մարդիկ կը զգան խառնուածքը, կը վախնան իր հարթումներէն (որ վերնագիր մըն էր « Մեհեան » հանդէսին մէջ), բայց կը ջանան այդ առաւելութիւնները վերածել անօգուտ բանի մը։ Ուրիշներու վրայ յարձակում մը հրաւէր մըն է միշտ իւր վրայ յարձակման մը։ Ինքզինքը արժեւորելու անընդունակ այս գիւղացին, ինքզինքը կործանելու համար ալ չունեցաւ խելք։ Իր շուրջը հիւսեցին լռութեան պատը։ Բայց իր գլխուն աղացին բոլոր հայհոյութիւնները։ Գովեստ չհալածող մարդը չի վախնար պարսաւէն։

Oշականի գրական կերպարանքը իր անդրանիկ լրջութեամբը կ՚երեւայ « Մեհեան » գրական հանդէսին մէջ (1914), ուր անիկա կը ստորագրէ մեր գրականութեան համար բոլորովին անսովոր կենդանագիրներու շարք մը, ուրանալով, կործանելով, փառաւորելով հաւասար անզգածութեամբ մը հրապարակի կուռքերէն, ինչպէս գաճաճ փառքերէն։ « Հարթենք » խորագրին տակ անիկա կործանած է ծանր համբաւներ։ Կեցուածք, ակնոց, շեշտ, արժեչափեր, մա՛նաւանդ արտայայտութեան փայլ ու կորով, մտածման բրտութիւն ու անկեղծութիւն անակնկալ էին։ Արտաշէս Յարութիւնեան, որ իր բարեկամն էր, 1914ին, շրջանին վրայ, գաւառները, կը բերէր այդ յարձակողականին արթնցուցած արձագանքները։ Մինչ այդ նկարագիր առած էին անոր « Խոնարհները »։ Հոս ալ աշխարհը, տիպարները, ինչպէս ասոնք նուաճելու կերպը կը տարբերէին Արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր աւանդութիւններէն։ Ասոնց քովն ի վեր հեքիաթներ, ոմանք՝ հնարովի, այսինքն՝ մշակուած, ոմանք տեղական հարազատութեամբ։ Հոս ալ արտայայտութիւնը, ասոր խնամքը կը մօտենան շրջանային մեղքերուն։

1914ը Արեւմտահայ գրականութեան համար յանգումի թուական մըն է։ Այս հաւաստումը ճակատագրական է, բացատրելու համար ամբողջ ժողովուրդի մը իմացական ճիգին մէկ կերպարանքը։ Ի վերջոյ, որքան ալ անբաւարար, ապարուեստ, քրոնիկները Յովհաննէս Ասպետի մը կը մատնեն շեշտի նոյնութիւն մը, այն էջերուն հետ, որոնք այդ 1914էն 30–40 տարիներ առաջ ստորագրուած էին Մ. /63/ Մամուրեանէն, Տոքթոր Շիշմանեանէն, Գր. Չիլինկիրեանէն, Հրաչիայէն։ Դիւրին է իրարու ընծայել « Ցոլքեր »ը, « Նոր տաղեր »ը, « Հրաշալի յարութիւն »ը եւ « Բլուրն ի վեր »ը . Սէթեան), ըսել կ՚ուզեմ՝ այդ գիրքերուն յատուկ ծառայող հոգեվիճակները, ինչպէս անոնք սեւեռել, արտաքնացնել ձգտող արուեստը (անոր հանգանակները) վերածել հասարակաց եզրերու։ Նման փորձ մը անկարելի է սակայն Օշականին, ինչպէս Կոստան Զարեանին վրայ, որոնք 1914ը անցան, տալու համար իրենց գործին ստուարագոյն մասը, բայց եղան, այդ իսկ փոխադրումով բոլորովին, տարբեր մարդեր։ Անոնք կը յորդին Արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր սահմաններէն, վերջին մասովը իրենց գործին, ոչ անշուշտ նարկիuական հոգերու հետամուտ փառասիրութիւններ արտօնող ոգիէ մը բռնավար, այլ այն գլխաւոր փաստին պատճառով, որ անոնց գրագէտի անձնաւորութեան իրականութիւնն է, բայց առանձնացած, զուրկ՝ զիրենք ծնող հողէն ու ոգիէն։ Առեղծուածնե՛ր։ Անշուշտ, քանի որ չպատկանելով հանդերձ 1910ին, չեն ալ զետեղելի յետպատերազմեան արուեստին, հոգեվիճակին մէջ։

Դատումի, պատմումի, կառուցման փոքր այդ փորձերը (1914էն առաջ) Օշականի գրականութեան մէջ, սխալ կերպով մը զինքը նկատելի ըրին իբրեւ փոխանցումի մարդ մը, մէկ կողմէն իբրեւ այդ գրականութեան ընդհանուր աւանդութեանց սպասարկու, միւս կողմէն Սփիւռքի հոգեբանութեան եւ ախորժակներուն նոյնքան հաւատաւոր, օգտագործելի աշխատաւոր մը։ Արդ, եթէ այս եզրերէն առաջինը ենթակայ չէ որեւէ առարկութեան, երկրորդը անիմաստութիւն մըն է։ Օշական չկարդացուող գրագէտ մըն է հիմա։ Այդ մասին ոչ մէկ տարակոյս։ 1914ին անիկա փնտռուած գրող մըն էր։ Երկու փաստերուն հետեւութիւնը մի հանէք Օշականին գրականութենէն որ երկու եզրերուն միջեւ անշուշտ ինքզինքը չէ աղարտած, հերքելու չափ իր գրական դիմագծութիւնը, ինչպէս ասիկա կը դիտուի Չրաքեանի մը համար այլ մեր իսկ հոգեբանութենէն։ Սփիւռքի գրականութիւնն ալ երկինքէն չինկաւ։ Անիկա նոր հոգիի մը արտայայտութիւնն է։ Բախտը ուզեց, որ մեր գաղութներէն ամենէն լաւ կազմակերպուածը ըլլայ նոյն ատեն ամենէն խոր ամերիկանացածը, որ թարգմանի առօրեային, դիւրին, հաճելիին, ընթացիկին, մակերեսայինին կապարեայ ճնշումը այս ամենուն տրամագծօրէն հակադրեալ յղացքին, արուեստին վրայ, միշտ տեւականին, բարդին, դառնին, խորունկին, ապայժմէին (երբեմն՝ ո՛չ միայն հետամուտ, այլեւ՝ ասոնցմով միայն ապրելու արժանաւոր։ Օշական չկար/64/դացուեցաւ այդ Ամերիկային մէջ, վասնզի չէր պատկաներ այդ հասարակութեան։ Փարիզն ու Միջին Արեւելքը գրականութիւն մը սնուցանելու անկարող էին, շատ-շատ լրագրութիւն մը ոտքի վրայ կեցնելու ընդունակ։ Փոխանցումի մարդը միշտ իրաւ մարդ մըն է, այսինքն՝ կարգ մը հզօր ձգտումներու աւանդառու, որոնք տեղ ունենային նաեւ ուրիշ Սփիւռքի մը մէջ։ Արդ, մենք գիտենք, թէ Օշականի գրական հանգանակները Սփիւռքին մէջ անարձագանգ ճիգեր մնացին։

Ստոյգ է, որ մինչեւ Առաջին Մեծ պատերազմ անոր տաղանդը ինքզինքը չէ ճարտարապետած։ Ձգտումներ, ցանկութիւններ, կիրքեր, նոյնիսկ որոշ ուժեր չեն բաւեր գրագէտը պարտադրելու։ Չէ կարելի ճշգրտօրէն դատել, թէ ինչ նկարագիր առնէր պիտի անոր գործը, եթէ երբեք Արեւմտահայ գրականութիւնը ապրէր իր բնականոն կեանքով եւ ապրեցնէր իր մշակները այն standardով (բառին տուէք իմացական տարողութիւն. նիւթականը անիմաստութիւն պիտի նշանակէր), որով ապրեցուց իր երեք սերունդները։ Պիտի կոտորակուէ՞ր անոր տաղանդը՝ յարմարուելու համար հրապարակին պահանջներուն, որոնք ծանր կերպով լրագրական, ընթացիկ էին։ Ազատութեան վեց տարիներու ընթացքին յիսնեակի մը մօտեցող իր գրողներու փաղանգովը այդ Պոլիսը անկարող դուրս եկաւ քանի մը վէպ գոնէ աւելցնելու մեր ժառանգութեան։ Չէօկիւրեանի « Վանքը » ճիղճ ու դիւրին հատոր մըն է։ Տիկին Եսայեանի « Աւերակներուն մէջ »ը՝ քրոնիկ մը։ Ո՛չ Թլկատինցին, ո՛չ Զարդարեանը, ո՛չ Հրանդը, ո՛չ Զօհրապը, ո՛չ Կամսարականը, ո՛չ Սիպիլը, ոչ ալ Բաշալեանը մտքէ չանցուցին իրենք զիրենք քիչիկ մը խնայել հանդիսական համախմբումներու, չեղան քիչիկ մը պարկեշտ, քաշուելու իրենց աշխատանքի խուցերը եւ մեզի ձգելու լեցուն, իրաւ, կշռող վկայութիւններ, այնքան հարուստ ապրումներու իրենց մթերքը վերածելով մնայուն գործերու փառքին, յաղթանակին։ հեղինակը այս ոճիրին լրագիրն էր։

Պատերազմէն ասդին, Օշական իր գրական հետաքրքրութեանց պարունակը կ՚ընդլայնէ քիչ մը տարօրինակ յանդգնութիւններով։ Մատենադարանի վարժութիւն մը ամէն աշխատաւոր պիտի ընէ ընդունակ առնուազն պարկեշտ քննադատ մը դառնալու։ Մի՛ մոռնաք ասիկա։ Տաղանդը նման աշխատանքի համար անօգուտ է։ Եթէ երբեք չէ վնասակար։ Բայց Օշական պիտի ձեռք նետէր վէպին: Ասոր ամենէն անսովոր, մեր մէջ անըմբռնելի համեմատութիւններով։ « Մնացորդաց »ը, սովորական վէպին (երեք հարիւր էջնոց կաղապա/65/րով) երեսնապատիկը պիտի պարզէր, ամբողջացուած պարագային, ինչպէս է A la recherche du temps perduն։ Ասիկա 1860ի երկարաձիգ թերթօններուն (Les misérables) փառասիրութիւնը չէր իր մօտ, այլ՝ իրաւ ձգտումը մեր ժողովուրդին սանկ մէկ դարը համադրելու։ Իր դարձեալ անաւարտ մէկ ուրիշ փառասիրութիւնն էր մեր իմացական կերպարանքը նուաճել եռապատկերի մը մէջ, ուր մեր գրագէտը, երաժիշտը, դերասանը տային տիրական հերոսները։ Յաղթահարած « Սահակ Պարգեւեան »ը դարձեալ դուրս է արեւմտահայ վէպին ընկալչութենէն։ Օշական պիտի յանդգնի թատերական կառուցումին, դարձեալ իրեն յատուկ բացարձակութեամբ մը։ Վերլուծական, բարուական, հոգեբանական թատրոն մը մեր հասարակութեան համար առնուազն անկարելի արկածխնդրութիւն մըն էր, քանի որ 1914ին « Հին աստուածներ »ը, « Ուրիեէլ Ակօսթա »ն, « Քին »ը, « Տրէլպի »ն, « Պատուոյ համար »ը ո՛չ միայն յաջողուածքներ էին, այլեւ՝ հասարակութեան մը ճաշակին կշիռները։ 1920ին այդ հասարակութիւնը ա՛լ չունէր գոյութիւն։ Անոր տեղը պիտի գրաւէր Սփիւռքը իր անհուն, ահաւոր չտեսներովը, անբաններովը (հիմա թատրոնը դրամական առաւ-փախաւական ձեռնարկ մըն է, դերասանին, ինչպէս զայն գործածող մարմիններուն (միութիւն, մարզական ծախքեր գոցելու համար պիւտճէի յանձնաժողով, ընդհանրապէս հայրենակցականներու բացը ծածկելու համար աժան եղանակ մը նորօրինակ խաչագողութեան) ու մեր թատրոնը վերածէր անորակելի ողբերգութեան մը։ Օշական չէ վախցած, որովհետեւ պիտի գրէր մտքէ չանցընելով բեմին փառքը։ Դարձեալ Առաջին Մեծ Պատերազմէն վերջ Օշական պիտի մշակէր տպաւորապաշտ գրականութիւն մը (վէպ, վիպակ, հեքիաթ, իմացական խոր ձգտումներով նշմարներ գրական հարցերու շուրջ)։ Այս ուսումնասիրութեան ուրիշ մասերուն մէջ այս ամէնը կ՚իյնան վերլուծման։

* * *

Յետ-պատերազմեան իր վաստակը պատկառելի առնուազն իբրեւ ծաւալ թէ՛ իբր մտադրում, թէ՛ իբր իրագործում մթերք մըն է դարձեալ արտասովոր իրողութիւններու, լայնօրէն դուրս մեր ժողովուրդին ընկալչութեան, իւրացման կարողութիւններէն։ Ի՞նչ էր ուզածը Ամերիկայի քանի մը հազար բանուորներուն, որոնք` « Հայրենիք » հանդէսը ապրեցուցին։ Ամենէն առաջ ընկերաբանական, պատմական, քննական ուսումնասիրութիւններ, մեր դարու մը /66/ կեանքը շօշափող։ « Հայրենիք » կատարեց իր յանձնառութիւնները, այդ մարդոց մատակարարելով կարելի առատութեամբ այս ամէնը։ Նոյն ատեն զգոյշ չափերով ու վախով՝ գրականն ալ։ Այդ գրականը ահա, որ ցեղային պահեստին վրայ իր բերելիք յաւելումին մտահոգութիւնը չունեցաւ իրեն նպատակ, այլ իր պարտքը ընդունեց գոհացում՝ տալ ընթերցողներու միջին ճաշակին։ Այդ ճաշակն էր, որ ծնունդ պիտի տար « Հայրենիք » հանդէսի վէպին, ուր Օշականին գործերը առիթ տուին ծանր դժգոհանքներու եւ ուր Մալխասի մը, Վալադեանի մը, Ռէնի մը եւ աւելի դժբախտ թերթօնագիրներու արտադրութիւնները վէպին յղացքը տաճկըցուցին, եթէ կը ներուի այս բացատրութիւնը։ Եղան քննադատներ, որոնք չտառապեցան Վալադեանն ու Ֆլոպէռը զուգակշռել։ Մեր վէպը կ՚իյնար կրունկին տակը թերթօնին, բանուորին ու արեւելահայ մունետիկներու։ Մեր թատրոնը կը բաժնէր վէպին ճակատագիրը։ « Օշին Պայլ » անունով հասարակ երկասացութիւն մը, նոյն ոգիէն ու նոյն ախորժակներէն զգետնուած, կը բարձրանար գրական տարողութեան, վտանգելով « Կայսրը » թատերախաղը ոտքի նետող արուեստագէտին լրջութիւնը։ Զուր տեղը չէ, որ մեր լաւագոյն տաղանդները Ֆրանսա ապաստանածներ անկարող պիտի ըլլային գրականութիւն մը կերպադրելու, քանի որ Փարիզ եւ Մարսէյլ կեանքը գնելը կը մնար առաջին գիծի պարտականութիւն ու աշխատանքը կը կրկնէր կշիռը տոլարին եւ ֆրանքին։ Իրենք զիրենք կարդացող ունենալու ճակատագիր մը այդ գրողները պիտի արգիլէր լուրջ զբաղումներէ։ « Ապագայ », « Անահիտ », « Երեւան », « Մենք », « Կեանք եւ արուեստ », « Վերածնունդ » միայն աւելի կամ նուազ անլուրջ ձեռնարկներ չեն, այլեւ՝ վկայութիւններ Սփիւռքի գրական մարսողութենէն։ Արեւե՞լքը, այսինքն՝ Միջի՞նը։ Անոր հացն իսկ կը պակսէր, որպէսզի արտօնուէր մտածելու հոգիին։ Ու անխուսափելին այսինքն՝ լրագիրը, որ կը տիրանար մեր գրականութեան, գոյութիւն ունեցող տաղանդները շղթայելէ վերջը իր մեքենային ու ընթերցողներուն հորիզոնն ալ ճարտարապետելով, համաձայն իր կարելիութեանց։ Եւ սակայն Սփիւռքի այդ անընկալչութեան մէջն էր, որ պիտի դառնային իրականութիւն յղացքները մեծ վէպին, իրաւ թատրոնին։ Մտածել, սա ճնշումներու ներքեւ, « Մնացորդաց »ի նման հսկայական ձեռնարկներու, անշուշտ կը նշանակէր նուիրագործել շքեղ յիմարութիւններ։

Միշտ, Օշականի յետ-պատերազմեան արտադրութեանց մէջ զգալի ծանրութիւնն է այս հրապարակին հարկադրանքը անգօսնելու գիւղացի յամառութիւն մը։ 1914ին, Օշական կը դատէր մեր գրող/67/ները լրագրին պայմաններով։ Իր « Հարթենք »ը պարսաւն է, քաշան է, թեւաւոր յարձակողականն է, որ 1920էն վերջ անզգալաբար պիտի վերածուի հանդարտ վերլուծումին։ « Բարձրավանք » հանդէսին մէջ (1922, Պոլիս), արդէն թոնը, եղանակը կը պատմեն ուրիշ մարդէ մը ու ուրիշ մտահոգութիւններէ։ Աւելի վերջը այդ դատումի ախորժակները անոր մէջ պիտի ստանան ուսումնասիրութեան, պրպտման, համադրական յօրինումի նկարագիրները։ Ընդարձակ կառուցումներ ասոնք, որոնց մէջ մեր գրողները, արդար ստեղծագործութիւնները կ՚ենթարկուին վերջնական, սպառիչ վերլուծումներու եւ կու տան իրենց կշիռը, հազիւ-հազ յիշեցնելով « Մեհեան »ի հերետիկոսին աղմկայոյզ, կործանարար խանդը։ 1920–22, անիկա մաս կը վերցնէ « Բարձրավանք »ի խմբագրութեան մէջ։ Օրաթերթին մէջ չի քաշուիր գրելէ Ճակատամարտ »)։ Միջոց եւ ատեն կը գտնէ նոյն ատեն երեւալու «Ոստան»ին մէջ, ուր հեքիաթ, պատմում Խոնարհները »էն), քննադատական վերլուծումներ, հոգեբանական ուրիշ նրբազնին թարթափանքներ, տպաւորութիւններ, այդ օրերու ընդհանուր գոյնին, ջերմութեան եւ աղմուկին մէջէն։ Բայց մա՛նաւանդ առաջին փորձերը թատերական գրականութեան։ Այս յորդութիւնը, արդիւնքին ապահով ազնուութիւնը, մա՛նաւանդ մշակեալ դաշտերուն զանազանութիւնը անոր անունը պարտադրեցին գրական մեր հրապարակին, որ սահմանաւոր էր սակայն մէկ հատիկ քաղաքով, Պոլիսով։ Հայութիւնը ուրիշ կեդրոն մը չունէր այլեւս։

Մէկէ աւելի տարիներ, ամէն շաբաթ, անիկա ստորագրեց քանի մը սիւնակ, թերթին կնիքովը, բայց խուլ ալ փառասիրութեամբը անկէ աւելիին։ Հանդէսներու տուաւ երբեմն սեղմ, յաճախ ծաւալուն գրութիւններու շարք մը։ Իր դասախօսութիւնները լրացուցիչ մասը կը կազմէին այդ գործունէութեան։ Ու բոլոր այս տագնապէն երեւան կու գար գրեթէ նոր մարդ մը։ Նոր, իր արտայայտութեան, ինչպէս զգայնութեան մէջ, ոչ ոք յիշեցնող։ Տարօրինակ կտորներ՝ անոր տուածները, ցրուած այդ Պոլիսին քանի մը թերթերուն մէջ, ոմանք հատորի ալ մտած Խորհուրդներու մեհեանը »)։ Յետոյ, կրկին տարագրում մը։ Պոլիսէն Պուլկարիա։ Ուր կը յիշէ, հազար ու մի դժուարութիւններու հետ ճակատումէն վերջ, գիրն ու գրականութիւնը։ 1922ին, « Հայրենիք » հանդէսին հետ անիկա պիտի դառնայ գրականութեան։ Իր խանդը մեղմացած է։ Կը դատէ, բայց առանց աղմուկի։ Այդ հանդէսին մէջ իր անդրանիկ էջը վերլուծումն է Յ. Թումանեանի բանաստեղծական արդիւնքին։ Հոն, 1924ին պիտի տայ վերջինը « Խոնարհները »ին ու Մեծարենցի վրայ սպառիչ ուսումնա/68/սիրութիւն մը։ « Շահպազը », երբ մօտէն դիտուի, դէպի իրաւ, խոր, նոր վէպը՝ անոր առաջին ճիգը։

Դարձեալ այդ հանդէսին մէջ անիկա սկիզբը պիտի ընէ գրական ուսումնասիրութեան իր դրութեան, որ ժամանակին հետ պիտի բարեփոխուի՝ յանգելու համար « Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան » կառոյցին (նախապատերազմեան շրջանէն քննադատական իր ամենէն երկարաշունչ ճիգը ուսումնասիրութիւն մըն էր Դ. Վարուժանի քերթողութեան վրայ, « Հայ-գրականութիւն » հանդէսին մէջ, Իզմիր, 1914)։ Ու կան տակաւին մեծաշունչ իր վէպերը, « Մնացորդաց »էն առաջ ու անոր հետ։ « Հաճի Մուրատ », « Հաճի Ապտուլլաh », « Սիւլէյման էֆէնտի » այսինքն՝ « Հարիւր մէկ տարուան »ներուն շարքը « Մնացորդաց »էն կտրուած ու իրենք իրենց մշակուած միութիւններ են։ Դարձեալ « Մնացորդաց »էն անջատուած ուրիշ միութիւն մըն է « Մաթիկ Մելիքխանեանց »ը։ « Մնացորդաց »էն առաջ՝ « Ծակ–պտուկը »։ « Անգղին կտուցին տակ »։ « Սերմնացան »։ « Երբ պատանի են »։ « Երբ պզտիկ են »։ Վիպակներ ու լրագրական նշմարանք։ 1938ին՝ « Համապատկեր »ը, որ կը սկսի Իրապաշտներու վրայ մենագրութեամբ ու կը զարգանայ, ետ ու առաջ։

Ինչ որ վիճակուած է ապրիլ մեր վերապրող գրագէտներուն՝ նիւթն է ուրիշ հատորի մը, որուն հրայրքը չէ պաղած իր մէջ, երբ իր ուժերը տակաւ կը յանգին իրենց վախճանին։ Օշական կը գրէ վախին մէջը էջին վրայ իր աչքերը գոցելու, ամէն օր, երկու անգամ։ Ու կը լրացնէ իր թիապարտի վաստակը գրեթէ շլմորուն, արեան խուժումովը դէպի ուղեղը, բայց մա՛նաւանդ զինքը չարչարող պատկերներուն, գաղափարներուն։ Իր միտքը միշտ եռացող վիճակին մէջ, կը դառնայ ինքիր վրայ, իր պարունակութիւնը զսպելու տառապանքի մը մէջ։ Բժիշկները այդ վիճակին աս ու ան անունը կու տան։ Ինք միայն գիտէ, թէ ինչեր կը մղուին այդ պատերուն ետին։ Իր աշխատութեան եղանակին վրայ՝ աւելի անդին։ Պիտի տրուի՞ իրեն պատեհութիւն Սփիւռքի արուեստագէտը վերլուծելու, ամբողջական ու վերջնական կերպարանքներու վրայ։ Ո՛վ գիտէ։ Բայց իր տրտում փառասիրութիւնն է այդ երազը։ Նման հոգեվիճակէ մը Իրապաշտները եւ Արուեստագէտ սերունդին երիտասարդ դէմքերը հանեցին իրաւ գործեր։ « Քայքայում », « Հրաշալի յարութիւն », « Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս », « Տարագրի մը յուշատետրը » (անկախաբար իր գրական սեթեւեթէն) վկայութիւններ են գրականէն վեր տարողութեամբ, բայց որոնք դժուար չէ հաշտեցնել Արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր ձգտումներուն, բարեխառնութեան հետ։ Պարագան կը փոխ/69/ուի սակայն Օշականի գործին հանդէպ։ Կը կրկնեմ հոս հարցումը «Ո՞ր ժողովուրդին կը պատկանին « Երբ պատանի են »ը։ « Ծակ պտուկը », « Մնացորդաց »ը, « Հարիւր մէկ տարուան »ները, « Մինչեւ ո՞ւր »ը, ո՛չ իբր բարք, հոգեբանութիւն, այլ գրական կառոյցներ իբրեւ։ Անոնք չունին իրենց նմանները (միտքէ մի անցընէք արժանիքը ) ամենէն առաջ իբր գործադրուած իրողութիւններ, յղացուած են ամենէն մռայլ պայմաններու ներսը, ու մատուցուած հասարակութեան մը, որ արուեստէ զատ ամէն բանի կրնար մտածել։ Գիրքի մը մէջ Հայ գրականութիւն », 1942) Oշական Արեւմտահայ գրականութեան համար վախճանական թուական կը յայտարարէ 1914ը։ Պարզ փարատոքս մը չէ այս վճիռը, քանի որ փաստը ծանր ու անհերքելի՝ կը վկայէ, թէ արեւմտահայ բարբառով լոյս տեսած ծանրագոյն կառոյցները (վէպէ եւ թատերգութենէ) գրուած են երկու մեծ պատերազմներուն միջեւ։ Եւ սակայն առաւել քան իրողութիւն է, որ յետպատերազմեան մեր գրականութիւնը գրեթէ ուրիշ ժողովուրդի մը գրականութիւնն է։ Խօսեցայ ամերիկեան թեւին մէջ մեր վէպին պարզած կերպարանքէն։ Փարիզ տուաւ իրաւ գործեր Նահանջը առանց երգի », « Մեր կեանքը », « Մեղեդինե՛ր, մեղեդինե՛ր », « Արե՛ւ, արե՛ւ », յիշելու համար ամենէն յատկանշականները), որոնք հազիւ թէ կը պատկանին Արեւմտահայ գրականութեան, ըլլալով հանդերձ այդ գրականութեան արժանաւոր միութիւնները։ Այն ատե՞ն։ Կը փորձուիմ ընել սա տեսակ ենթադրութիւն մը. այս տողերը գրուելէն յիսուն տարի վերջը այն հայ երիտասարդը, որ իր ժամանակին ցուցմունքներովը զօրաւոր, պիտի մտածէ իջեալ խոր, իր ժողովուրդին հոգեշրջութիւնը ճանչնալու (ինչպէս կ՚ընեն բոլոր սերունդները, որին մեր Ռոմանթիքները, Իրապաշտները, Արուեստագէտները, սեպհական չափերով, գործիքներով հայ հոգիին գիւտին ի խնդիր) համար ու պիտի կարդայ, օրինակի համար, « Էնդի դէմէն »ը եւ « Ծակ-պտուկը », արդեօք այցուի՞ պիտի այն խղճահարութենէն, որուն փաստը յստակ է այնքան վերի խոստովանութեան մէջ։ Արդ, « Էնդի դէմէն »ը կու գայ « Ցոլքեր » տաղարանին հետ նոյն ժամանակի մը արգանդէն։ « Արե՜ւ, արե՜ւ »ն ու « Ծակ–պտուկը » գրուած են նոյն ժամանակի մը վրայ։ Բայց չեմ կրնար տարակուսիլ, որ Թլկատինցիին թատրոնն ուՕշականին վէպը իրարմէ կէս դարով հեռու շրջանէ մը գալով հանդերձ, չպատկանին Արեմւտահայ գրականութեան։

1914էն վերջն ալ Օշական պիտի շարունակէ իր տպաւորապաշտ էջերը, հեքիաթները, որոնցմէ խումբ մը կազմած են « Խորհուրդներու մեհեանը » (1922)։ Դարձեալ աւելի վերջի տարիներու գործ մըն /70/ է « Երբ պատանի են »ը (1926), որ կը ծփայ ընդմէջ անշրջագիծ երազին եւ ամենէն իրաւ, խռովայոյզ ապրումին։ Անոնց մէջ գործածուած ձեւը թէեւ կը յիշեցնէ նախապատերազմեան արձակ քերթուածը, բայց կը զատուի անկէ կեանքի շատ շեշտ զգայարանքով մը, որ չէ պակսած Օշականի որեւէ գործէն։ Նման պատրանք մը ստեղծեց « Մահուան ծաղիկներ » Խորհուրդներու մեհեանը ») շարքը։ Արեւմտահայ ոգիին աւելի ընտանի մարդեր չտարուեցան սակայն պատրանքէն։ Այդ էջերը 1900ի նկարագրութիւնը չէին։

Կշի՞ռը այս գործին։

Կը խորհիմ, թէ դժուար չէ այս տարրերէն վերջ։

Այդ գործին ծանրութեան կեդրոնը սխալ չըլլար ընդունիլ վէպին, թատերգութեան եւ քննադատական կառոյցներուն մէջ, խոշոր յաւակնութիւններ. դժնդակ իրագործումներ ասոնք, կրկնակ բախտով մը, պատկանելով Արեւմտահայ գրականութեան ամենէն իրաւ, խորունկ ախորժակներուն, ինչպէս արեւմտեան մեծ մշակոյթներուն ծանր տիսիփլին ին։ Տոսթոեւսկի, Uթանտալ, Սէնթ Պէօվ, Թէն, Ռնան, Ֆլօպեռ, Մօփասան, Պուրժէ, Մարսել Պրուստ, Ճէյմս Ճոյս, Եից, Ժիւլ–Րոմէն, Պաթայլ, Ռէմի տը Կուրմոն, Ժիրօտու, Վալերի, Լարպօ, պարզ յիշատակութիւններ չեն անունները, այս տողերուն վրայ, այլ՝ մտապատկերներ, երազներու տախտակներ, որոնց յաճախանքին մէջն է ապրել այդ գիւղացին, տառապելով անշուշտ իր ժողովուրդին, մա՛նաւանդ անոր գրականութիւնը զարնող ճակատագրին, երբեմն կոտրտելով գրիչը (յիշել դրուագը Տոսթոեւսկիի ընթերցումին), բայց չկրնալ չդառնալ աշխատանքին, կիրքէն, յուզումէն, յուսաբեկումէն ինքզինքը ազատագրելով, մտիկ ընելու համար ներքին յստակ ձայնի մը

«Կրցածիդ չափ, տղաս, կրցածի՛դ չափ»։

Խելօք մարդ մըն էր զգաստութեան այդ պահերուն եւ մտիկ ըրաւ։

 

Օշականի վէպերը Խոնարհները » [8], թիւով տասնըվեց, որոնք անոր առաջին եւ երկրորդ շրջանին միջեւ անցումի կապեր են, /71/ « Ծակ–պտուկը », « Մնացորդաց », « Հարիւր մէկ տարուան »ներու չարքը, « Երբ պատանի են » եւ տակաւին ուրիշ պատմումներ « Արեւ »ի, « Յուսաբեր »ի մէջ) իբրեւ ծաւալ ու խտութիւն կը մնան բացառիկ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Անշուշտ « Մնացորդաց »ը կը կերպադրէ մեր մէջ արեւմտեան մեծ մշակոյթներուն մէջ տանելի Roman fleuveը։ Անտիպ « Սահակ Պարգեւեան »ը, « Մաթիկ Մելիքխանեանց »ը վէպեր են, ուր բարքերու ընդարձակ, որքան ամուր յատակի մը վրայ ժամանակակից մեր ընտրանիին զոյգ թեւերը (արեւմտահայ եւ արեւելահայ կ՚իյնան վերլուծման, հոգեբանական եւ իմացական շեշտ ախորժանքով մը։ Պէտք է այս կալուածին մէջ տեղաւորել դարձեալ, հատորի չմտած բազմաթիւ պատկերներ, Արեւ », « Յուսաբեր », « Ճակատամարտ », « Սիոն ») որոնք կը ծփան ընդմէջ հեքիաթին եւ իրականութեան, տպաւորապաշտ թեքնիքով, բայց ամրօրէն իրապաշտ խորքով։ Ասոնցմէ մաս մը, « Երբ պատանի են », խմբուած է հատորի մը ծածքին տակ։ Ուրիշներ՝ « Երբ պզտիկ են », « Հինէն ու նորէն », « Վկայութիւններ », միշտ նոյն թեքնիքով, կը պատկանին նոյն սեռին։ Աւելի իրաւ, այսինքն՝ դէպի վիպակը ախորժակով մը գիրի ինկած է « Կայսերական յաղթերգութիւն »ը. « Ճակատամարտ » օրաթերթին մէջ լոյս տեսած վիպակներու շարք մը (4-5), տարագրութենէն հանուած։ Աւելի անդին այս աշխատանքը կ՚իյնայ լայն նկատառման, քանի որ վէպը կը մնայ Օշականի գործին մէջ իբր ծաւալ ու որակ ամենէն ուշագրաւ գործադրութիւնը։

Oշական գրած է թատրոններ։ « Նոր Պսակը », « Կնքահայրը », « Աքլորամարտը » գրուած են 1921ին, Օգոստոս 1-15ին, Պուլկարիա: Վերջինը միարար, տպուած է 1925ի Ազգային Հիւանդանոցի Տարեցոյցին մէջ. « Երկինքի ճամբով »ը, « Մինչեւ ո՞ւր », տպուած են հանդէսի մէջ Հայրենիք »)։ « Ստեփանոս Սիւնեցի » առանձին հատոր է)։ Անտիպ՝ « Երբ մեռնիլ գիտենք », « Քառսուն տարի վերջ », « Սասունցի Դաւիթ », « Աքիլլէսի կրունկը », « Ան որ կու գայ », « Ոսկի առնակը »։ Կորսուած՝ « Փառք Աստուծոյ », « Բարերարը », « Աւերակներու մէջ »։ Այս գործերէն բեմի փորձը անցուցած են « Նոր պսակը », « Մինչեւ ո՞ւր », « Սասունցի Դաւիթ », « Երբ մեռնիլ գիտենք », « Քառսուն տարի վերջ », « Աքիլլէսի կրունկը » եւ կորսուածները։ Այդ վաստակն ալ իր /72/ տեղին կ՚անցնի վերլուծումի։

Կը մնայ անոր ամենէն ծաւալուն աշխատանքը, ապերախտ գետնի մը վրայ ։ Ատիկա իր վատնած ջանքն է դատումի ասպարէզին վրայ։ Շատ կանուխէն Օշական այդ սպասին մէջ դրած է իր գրականութեան ընդհանուր յատկանիշներէն լրջութիւնը, այսինքն՝ աշխատանք մը, ուր օրուան ախորժակները, հաշիւները, նկատումները չըլլան վարիչ ազդակներ։ Յետոյ, մեր պայմաններուն կշիռը, զոր հազիւ թէ կը զգանք այսօր։ Բայց հեղ մը ձեռք նետեցէք 80ի հանդէսներուն ու թերթերուն՝ համոզուելու համար, թէ ի՜նչ ողբերգութիւն է դատելու պարտքը։ Պարոնեանի տարազը իրերագովական ընկերութիւն միայն գրողներու նանրամտութիւնը չի կերպադրեր, այլ եւ ատկէ աւելի տխուր վիճակ մը. մտքի անողոք նեղութիւնը, որ մեզի կ՚արտօնէ հայհոյել կամ դրուատել, մեր հաշիւներուն ի սպաս։ 1910ին արդէն ունի գոյութիւն մեր քննադատութիւնը, որ տեսակ մը պաշտօնաբաշխութիւն, շնորհաբաշխութիւն կամ վճռաբաշխութիւն կ՚ըլլայ աս ու ան լրագրողին բեմէն։ Կազմուած են թապու ներ։ Կը պաշտուին կուռքեր։ Կան քրմութիւններ։ Ու կայ անձնական նախասիրութեանց, խորշանքներուն ալ ճնշումը։ Աւելի անդին, երբ կը տրուի Օշականի քննադատական վաստակին կշիռը, մենք կ՚ունենանք աւելի լայն նշմարներ։ Առայժմ բաւ է աւելցնել, որ ոչ ոքէ ոչինչ սպասող խառնուածք մը անօգուտ պիտի չըլլար դատելու պաշտօնի մը համար։ Աւելցուցէք կորով, որ հոս կը նշանակէ հրապարակին ընդդէմ դիրք բռնելու յամառութիւն։ Աւելցուցէք զոհողութիւն, որ սրտառուչ է, երբ ճիշդ հասկցուի։ Օշական չի հաւատար քննադատութեան, անոր մերժելով որեւէ դրական դեր գրականութեան մը զարգացման մէջ։ Քանիցս յայտարարած է, թէ ամէն քննադատութիւն ճակատագրուած է կործանման։ Ու ասիկա այսպէս բանաձեւելէ վերջ, իր շատ սուղ ժամանակէն անիկա չէ խնայած լայն բաժին այդ բռնավաստակին համար։ Ասիկա՝ իր զոհողութիւնը։

Մասամբ դասախօսական զբաղանքներու բերում, մասամբ՝ գրական անկախ հետաքրքրութեանց յագեցում, աւելի յաճախ՝ գրական զօրաւոր կիրքերու արտայայտութիւն, ոեւէ մէկէ առաջ, այդ վաստակը Օշական ինքը կը կարծէ խոցելի կողմը իր գործին, ըստ տեսութեան, որ ամէն քննադատական ձեռնարկի համար վաղ կամ անագան կը վճռէ մոռացում եւ փոշեթաթախ թաղում մը։ Լրագրական քրոնիկներէն մինչեւ ամբողջական վերակազմումներ, շրջաններու պարագրկում, ծանր ու կարծր մենագրութիւններէն մինչեւ արուեստի հարազատ ստեղծումներու հետ շփոթուող տպաւորապաշտ յօրի/73/նումներ, ինչպէս ընդարձակ համադրումներ հաստատելի են այդ մթերքին մէջ։ Դիւրութեան համար այս վաստակը կը ստորաբաժանենք.

ա. Մատենագրական ուսումնասիրութիւններ, հին գրականութեան պատկանող դէմքերու շուրջ, որոնց մէջ անիկա, միշտ դասախօսական կարիքներու ընդառաջելով, խօսած է բազմաթիւ յատկանշական դէմքերու վրայ, շեղելով դասական կաղապարներէ, մեթոտներէ, ջանալով կործանել միմիայն հմտական, համեմատական եւ բանասիրական վարժութիւններու հետամուտ դպրոցը եւ իր ջանքը կեդրոնացնելով գրական թափանցումին, որ այդ դէմքերուն թուղթերէն անդին, անոնց վերեւ սաւառնող բարեխառնութիւնը կը բերէ։

բ. Արեւելահայ գրականութիւն, տասնըհինգ–քսան յատկանշական հեղինակներու վրայ դարձեալ դասախօսական կարիքներու գոհացումին սպասարկու աշխատասիրութիւն մը։ Քիչ մը աւելի խնամքով՝ Յովհաննէս Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան (իր « Աբու Լաալա Մահարի »ն), Եղիշէ Չարենց, Րաֆֆի, համադրական ախորժակներով։

գ. Զուգակշիռ Արեւմտահայ եւ Արեւելահայ գրականութեանց, դարձեալ դասական կարիքներու ծնունդ վաստակ մը, ուր մեր նոր զոյգ գրականութեանց ընդհանուր ձգտումները, իրագործումները, դէմքերը եւ գործերը կ՚իյնան վերլուծման։

դ. Արեւմտահայ գրականութիւն, դասական աշխատանք մը։

ե. Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, բազմաթիւ հատորներու վրայ տարածուող ձեռնարկ, ուր Արեւմտահայ գրականութեան վճռական վերլուծումը կը գործադրուի ամէն նկատումէ զերծ ոգիով մը։

 

Այս հիմնական ու համադրական գործադրումներէն դուրս, առատ յօդուածներ լրագրի եւ հանդէսի մէջ, գիրքերուն, դէմքերուն, երեւոյթներուն շուրջ, զանազան վերնագիրներու տակ Մեր բանաստեղծները », « Մեր վիպասանները », « Անգղին կտուցին տակ », « Գրականութեան համար », « Սերմնացան », « Գիրքերու քովն ի վեր », « Կեանքին հետ », « Մոռցուած բաներ », « Մայրիներու շուքին տակ », « Ես ինծի ») բոլորն ալ օրէն անդին նայող մտահոգութեամբ գրուած։ Անտեղի՞, այս շարքին յիշել նաեւ դասագիրք մը, « Հայ գրականութիւն », որ կը պարունակէ գրական մեր չորս սերունդներուն ցանկութեանց համադրական պատկերը (tableau synoptique) եւ կը պարունակէ դասէն վեր վերլուծումներ։

Քառսունէ աւելի տարիներու վրայ, գրեթէ բոլոր հանդէս/74/ներու մէջ Օշական ստորագրած է այս ոգիէն բխող գրութիւններ, բոլորին մէջ ալ երեւան բերելով նորին սպասարկու, ձեւին հանդէպ խստապահանջ, մնայուն արժէքներու մշտապաշտօն եւ կեղծ փառքերու վրայ մոլեռանդ խաչակրութիւն մը որակելի աշխատանք մը։ Իր գործին կէսը, եթէ ոչ աւելին, այս իսկ բախտով, կ՚իյնայ այս կշիռին մէջ։

* * *

Տրտում մարդ մը, արեան, լեարդի, ներքին գործարաններու, չըսելու համար ներքին գործարաններու հոսմունք, յարդարանք տրտմութեամբ մը։ Բայց պայծառ, առանց դեղնախտին թոյնին։ Այդ տրտմութիւնը քիչ մը կը յիշեցնէ մեր բոլոր իրաւ արուեստագէտներուն խառնուածքը, ա՛յն՝ որ կը զգանք Թլկատինցիին, Զարդարեանին, Հրանդին, Պարթեւեանին, Թէքէեանին գործերուն ընդմէջէն, երբ ուզենք զանոնք թափանցել։

Յախուռն ու յանձնապաստան ։ Այս վերադիրները միայն իր գրականութիւնը որակելու յարմար մի՛ ընդունիք։ Անոնք այդ մարդունն են՝ ինչպէս կաշին, ոսկորը կը պատկանին անձի մը ամբողջութեան։ Մի՛ ալ ընդլայնէք անոնց փաստը։ Իր կեանքին մէջ անիկա այդ վերադիրներուն երեսէն դիմաւորեց շատ ու շատ տառապանք, բայց մէկէ աւելի անգամներ ալ իր մահապարտ գլուխը յաջողեցաւ ազատել Թալաաթի ոստիկանութենէն, երբ կը փնտռուէր 914-15-16–17ին։

Ծեծուած կեանքէն, որ քիչ բացառութեամբ մեր գրողներուն տուաւ այդ «գանը», հարիւրաւոր կերպարանքներու տակ, մէկուն ջիղերը խարանելով, միւսին ուղեղին խորը նետելով «աւազին հատիկը», երրորդի մը թոքերը մաղ-մաղ ծակծկելով…։ Վերջ չունի այս թուումը։ Ուրիշ ժողովուրդներու մէջ գրագէտը, արուեստագէտը կը կազմաւորուին այդ ժողովուրդներուն իբրեւ գերագոյն ծաղկեւորումները։ Մեր մէ՞ջ։

Հերքուած իրմէ, ինչպէս իր ժողովուրդէն, յաճախ յուսակորոյս, բայց երբեք յուսահատ, պատրանաթափ, բայց այդ վիճակին վրայ տնտնալը արհամարհող այդ գիւղացին չենք կրնար նկատի առնել իբրեւ խորհրդանշական անձնաւորութիւն մը, ինչպէս կ՚ընենք ատիկա Արեւմտահայ գրականութեան ուրիշ աշխատաւորներուն համար, թէկուզ վաստակէ այլապէս անբաւարար փաստերու առջեւ։ Արեւմտահայ գրականութիւնը Մկրտիչ Խրիմեանէն քանի մը տասնեակ էջ հազիւ կը պահէ այսօր, իրաւ է թէ ամենէն աղուորներէն։ Բայց /75/ մէկ ծաղիկով միայն դաշտին մէջ չէ որ չի գար գարունը։ Խրիմեանը ազգին խղճմտանքին մէջ տեղաւորուած խորհրդանշան մըն է։ Օշական իր մտերիմներէն դուրս անծանօթ անուն մըն է։

Կ՚առաջարկեմ սակայն անոր անձը ոչ իբրեւ խորհրդանշան, այլ՝ սրտապնդիչ օրինակ մը ինչպէս, բաւական ամփոփ ու աւելի քան պայծառ, բոլոր անոնց համար, որոնք աշխարհ են եկած առանց օրրանի մը իրաւունքին, կերած են կեանքին ամենէն դառն զրկանքները, բայց չեն լքած իրենք զիրենք, այդ կարգերը անիծելու դերի մը մէջ իրենք զիրենք արժեւորել ուզելով։ Օշական չի հաւատար տաղանդին, որ միջոցներէն մէկն է աշխատանքին, զայն դիւրացնող մը, բայց երբեք՝ զայն փոխանորդող մը։ « Ի սկզբանէ էր աշխատանքը », ահա՛ Օշականին օրակարգը։ Ճիշդ է, որ մեր գրողներէն ստուար մաս մը, իրեն նման, չէ անցած բարձրագոյն կրթութեան մը բարիքէն։ Ու աւելի քան ճիշդ է որ մեր կեանքին յարդարանքը, «դասաւորումը» ամենէն քիչ մեզ կ՚ընէին ընդունակ գրագէտի դերի մը, ասոր իրագործումին։ Բայց նոյնքան ճիշդ է, որ հարիւր տարի վերջ, Արեւմտահայ գրականութեան ամենէն երախտաշատ մարդերը պիտի դաւանուին մեր այն գրողները, որոնք ստեղծագործեցին առանց այդ բարիքին, եւրոպական հանգանակներու սատարին։ Գուցէ գրականութեան պատմութիւն մը յիշէ Արշակ Չօպանեանը իբրեւ անուն մը, բայց պիտի չմտածէ այդ մարդուն գործին հետախաղաղ անհետացած բայց պիտի գուրգուրայ, այս անգամ անձը բոլորովին մոռցած ըլլալուն իսկ հակառակ, Թլկատինցիի վիպակներուն, պատկերներուն։ Իմ ինչո՞ւն է պէտք Սայաթ-Նովայի փառքը, դերը, դիրքը իր դարուն։ Այսօր զիս խանդավառողը իր տաղարանն է, որ պիտի պահէ այդ կրակը քանի մեր լեզուն կը յաջողի յուզել մեր սիրտը։

Oշական, հակառակ այդ բարիքէն իր անմասնութեան, կը զատուի սակայն մեր հարազատ գրական հանգամանքներէն սա տարօրինակութեամբ, որ իր դատումներուն ու ստեղծագործական կառոյցներուն մէջ անիկա եւրոպական բարձրագոյն, յառաջամարտիկ աւանդութիւններ, հանգանակներ հետապնդած, գտած ու գործադրած է մեր գրականութեան վրայ։ Զարտուղութի՞ւն, ուրիշների խորշա՞նք, ինք իր վրայ նարկիսապաշտութի՞ւն։ Ասոնք բառեր են։ Իր վէպը չկարդացուեցաւ անշուշտ այդ հանգանակներուն իբրեւ հետեւանք։ Բայց մի մոռնաք, որ անիկա այդ վէպը լաստակերտած ատեն ամենէն քիչ է մտածած այդ կարդացողներուն բարիքին։ Իր թատրոնը մեր բեմերէն չընդունուիր։ Բայց իրողութիւն է, որ չէ խորհած այդ բեմին փառքին։

/76/ Յեղափոխական մըն է, եթէ այդ բառին տանք պայքարի խառնվածքէն դուրս՝ կործանելու եւ լինելու հաւասարապէս բիրտ, բնազդային տարողութիւն մը, նոր բառով մը՝ complexe մը։ Այսպէս [9], այս մղումներուն ունկնդիր, անիկա նորոգած է մեր քննադատութիւնը։ Մեր հիացման առաջարկած անոր արժեչափերը կու գան բոլոր գրականութեանց ամենէն բարձր, քիչ ծանօթ, խրթին բարքերէն։ Ի՛նչ փոյթ իրեն, թէ այդ չափերը իր ժողովուրդին ընդհանուր ընկալչութեան անյարմար կը մնային ու կը վերածէին իր ճիգը անօգուտ խաչակրութեան մը։ Ամենէն ձախ իր հակումները շատ-շատ իրեն պիտի ճարէին պատրանքներ, դառնութիւններ։ 1922ին, « Նոր պսակը »ին ներկայացումը Պոլսոյ մէջ փրցուց լրագրական հաւար մը, գապալէ մը աւելի ընդարձակ։ Ամէն թերթ (մէկ հատի բացառութեամբ) յար/77/ձակեցաւ խաղին վրայ, որ ստեղծեր էր թատրոնին մէջ ընդարձակ յուզում։ Արտաշէս Կարինեան, Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցիչը կը մխիթարէր զինքը, այդ հայհուչէն ազդուած կարծելով հեղինակը, որ անզգայ էր սակայն։ Կը յիշեմ յստակ իր մէկ խօսքը։ «Ի՞նչ են ուզում քեզանից այս հոսհոսները, այ տղայ. ամէն նոր բանի ճակատագիրն է ասիկա, մի՛ք ցաւի»։ Որո՞ւ դէմ։ Օշական թշնամանք, հալածանք, տրտմութիւններ միայն ճանչցաւ քննադատութենէն, երբ նոյն այդ կրթանքը ուրիշներու լայն փառք, ժողովրդականութիւն, քանի մը յոբելեան էր հայթայթած։ Յեղափոխական է անիկա այս տեսակէտէն դիտուած։ Բայց քննադատութիւնը, առանց սոփեստութեան, տրտում փառասիրութիւն մը անգամ չէ։ Օշական չկործանեց անշուշտ Չօպանեանի մը տիրապետութիւնը, գրական դատաստաններու կրկէսին մէջ, բայց կործանեց քննադատութեամբ հպարտանալու, փառաւորուելու նանրամտութիւնը [10] ։

Յետոյ առանց վարանոտ խաղարկութիւններու, Oշական յստակ ու պատասխանատու ընդարձակ էջեր է ստորագրած քննադատութիւնը տախտապարող։ Իրեն ուղղուած են գիրեր, ուր իր խանդը կը նոյնացնեն Արեւելքի խիկարին, որ իր ապաստանած ճիւղը կը հարուածէ։ Անշո՜ւշտ։ Բացի վատնուած ժամանակէն որ կրնար ուրիշ մարզերու վրայ պաշտպանել մնալու սահմանուած վաստակ մը Oշական քննադատութենէն ոչինչ ունի ցաւելիք։ Իր առաջարկած նոր տախ/78/տակները արժէքներէ գէթ իր հաշւոյն գործադրելի հեռանկարներ էին։ Գրեց, կը հաւատայ ատոր, վէպը, որուն հանգանակները բանաձեւելու ատեն զինքը հալածեցին։ Գրեց, կը հաւատայ ատոր, թատրոնները, որոնցմէ առաջ ան ճակատ էր պարզած Շիրվանզատէի եւ Շանթի երկերուն դէմ։ Բարձրորակ այդ ձգտումները ո՛չ ցուցամոլութիւն էին, ոչ ալ բաջաղանք։ Իր անիրաւութիւնները վիրաւորեցին ո՛չ միայն ենթակաները, այլեւ՝ լճացումը գրական խղճմտանքներուն, որոնք այնքան արագ կ՚անհանգստանան։ Հաւա՜րը, որուն վարպետները կը մնան քովնտի ջրհանկիրները, պազիրկեանները գրելու շուկային։ Իր ուրացումները գայթակղութիւններ էին։ 1912ին Օշական հերքեց Լեւոն Էսաճանեանի մը մօտ կարելի բանաստեղծի մը հեքիաթը։ Զարդարեան, որ արտօնած էր յօդուածը Մեր բանաստեղծները », Լեւոն Էսաճանեան ) լրագրապետի ճարպիկ դարձուածքով մը պաշտպանեց անիմաստ քնարակիրը։ Արդ, մինչեւ իր մահը Լեւոն Էսաճանեան ոչինչ է տուած ո՛չ միայն իր վարկը արդարացնող, այլեւ՝ իր բանաստեղծի անունը տարրական պարտքով մը պաշտպանող։ « Ուրուականը » . Փանոսեան) վերնագրուած ուրիշ հարթում մը Հայ-գրականութիւն »ը հանդէսին մէջ, Իզմիր) ստեղծեց աղմուկ։ Բայց 1910ին այդ մարդէն քերթուածներու հատոր մը հայհոյանք մըն էր արեւմտահայ բանաստեղծութեան հասցէին նետուած։ Ու մեր մամուլը գովեց այդ ուրուականը։ Ասիկա այսպէս մինչեւ « Մեհեան »ի հարթումները։ Անիկա չկործանեց, կործանելու հաճոյքով (Պարթեւեան)։ Իր կիրքը կիրքն էր Արեւմտահայ գրականութեան, այսինքն՝ անոր բարձրագոյն խղճմտանքին, խղճահարութեան։ Բոլոր այս բռնութիւնները ունին իրենց արդարացումը ատիկա իր նպատակին միակտուր, բիրտ անկեղծութիւնն է, պատշաճութեան, ասոր թոնին ու պահանջներուն յարմարուելու դարձեալ բիրտ ընդվզում մը։

Մեր մէջ առաջինն է, որ իր դժգոհանքը, տարակոյսները, որոնումին տենդը ու աւելիին ձգտումները չծամծմեց ու ըսաւ ըսելիքները պարզութեամբ, արիութեամբ ու պարկեշտութեամբ։ Մեր հին գրողները իր դէմ գապալը վերածեցին տրտում խաչակրութեան։ Անիկա պիտի մնար անյողդողդ։ Մեր լրագրողները կերպը գտան զայն indexի մէջ պահելու։ Աշխատեցաւ, իր առանձնութիւնը մարսելու մէջ, ինքնավստահ ու դարձեալ արի։ Ու ըսաւ իր մտածածը ։ Որքան շատ է թիւը անոնց, որոնք համբաւներու, դարերու դիզած հիացմանց, աս ու ան նկատումներու հաշւոյն կը զգուշանան իրենց տպաւորութիւնները, արդար ու հարազատ կերպարանքով մը արտայայ/79/տելէ։ Ստախօսներ չեն անշուշտ այդ յաճախ զարգացած, ճաշակի տէր մարդերը։ Բայց բարեկրթութեան սիրոյն կը մերժեն սիրտ կոտրել։ Չեն կարդար, օրինակի մը համար, Ալիշանը, որովհետեւ չեն կրնար, այդ բանաստեղծին մէջ չգտնելով ինչ որ հիները կը յաւակնէին գտած ըլլալ, բայց այդ յուսախաբութիւնը կը զգուշանան բանաձեւելէ ու կը գոհանան լռելով։ Օշական այս գետնին վրայ պարզած է վիրաւորիչ, վնասակար, բիրտ անկեղծութիւն մը, զոր մեր հրապարակը անկարող եղաւ հանդուրժելու։

Չի բաւեր սակայն անկեղծութիւն։ Ոչ ալ կիրքը մեզի կ՚ապահովէ դրական արդիւնք։ Առանց հիացման՝ չկայ բարձր արուեստ ։ Համակրանքը միայն հակակրանքին հականիշ չէ, այլեւ՝ իրաւ արուեստին մթնոլորտը։ Որքան ալ ուժով ըլլաք, չարիքի մէջ, ընդունակ չէք միայն չարիք արտադրելու։ Մեր գրականութեան շատ էին մեղքերը։ Հոն տուն–տեղ էին եղած բամբասանքը, տնավարի գովասանքը, շուկայիկ չարախօսութիւնը, առնուազն բարեհաճ, ներքինի չէզոքութիւնը։ Յիսուն տարի մարդիկ Թովմաս Թերզեանին մէջ ազնուական, բարձրորակ բանաստեղծ մը փառաբանեցին։ Կը ստէ՞ին, թէ կամաւ կը խաբէին իրենց ճաշակը։ Օշական չվարանեցաւ իր մտածումը արտայայտելէ՝ այդ բառախաղային վարկէն առանց ազդուելու: Մարդիկ ապշեցան երբ Ալիշանը անբանաստեղծ տաղաչափի մը վերածուեցաւ անոր գնահատման մէջ։ Օշական չազդուեցաւ։ Անիկա այդ կործանումները հակակշռող ուրիշ գեղեցկութիւններ բերաւ մեր հիացումին։ Անիկա երկար տարիներ թափառած էր ազգերու գրականութեանց ճամբաներուն ու հասկցած, թէ ուր է, որ արուեստի գործի մը իսկութիւնը կը խտանայ։ Իր դատումներուն համար այս բացէն փաստերը ու ասոնք արժեւորելու մէջ իր խանդը մարդիկ շփոթեցին անարժէքները կործանող իր զայրոյթին հետ։ Անիրաւ էին։ Քիչ գրող գտած է քնարական տաքութիւն մեր իրաւ արժէքները տարփողելու աննախանձ արարքին մէջ։

Ամէն յեղափոխական գիծէ դուրս մարդ մըն է, արեւելահայերը կ՚ըսեն՝ գծից դուրս: Oշական գիտէ ատիկա ու չափսոսար ատոր համար։ Ըսի, թէ մարդն էր անիկա, որուն հասցէին հայոց մամուլը քառսուն տարիներէ ի վեր չէր դադրած մեղադրանք, մեղք, ցնորք, սուտն ու իրաւը իրարու խառնող վերագրումներ պարսատիկելէ։ Տարօրինա՞կ, սա դիմաւորումը սա բացարձակութեամբ իր նպատակին դիմող աշխատանքի մը։ Ինք չի կարծեր։ Ըսի, թէ վճռած է չկարդալ իր մասին գրուած որեւէ բան, գովեստ՝ ինչպէս պարսաւ։ Ասիկա արծիւին յիմար ու ստերջ արհամարհանքը կամ խլուրդին անխելք /80/ ինքնապատումը չէ հողերու ընդերքին։ Ասիկա իր կողմէ իրեն ընծայուած կարելի բարիքը։ Իր շատ կոշտ, շատ բուռն զգայնութեան մատուցուած անվնաս պահպանակ մը։ Կը պատմուի, որ Ֆլօպէռ կու լար իր հասցէին մեղմ խայթում մը պարունակող ակնարկութեան մը վրայ, նոյնիսկ ամենէն աննշան թերթուկին մէջ։ Օշական, հաստ ու հաստատ գիւղացի, չէ լացած անշուշտ, որ զինքը խաչած [11] են գլխիվայր, բայց գտած է կերպը իր դիւրազգածութիւնը պաշտպանելու մախանքին թոյնէն, ինչպէս գովեստին սոսինձէն, շատ կանուխէն արժեւորած ըլլալով մարդերու յարգերը (բառին տուէք ոսկերչական տարողութիւն)։ Այս վարժանքը զինքը պիտի ընէ ընդունակ, իր գործէն դուրս ուրիշ մարդկային ախորժակներէ, փառասիրութիւններէ զերծ պահելու։ Պատրա՞նք՝ իր գործին ալ վրայ։ Անշուշտ միամիտ մը, յիմար մը ըլլալու գինն էր այդ տկարութիւնը։ Ոչ մէկ փառասիրութեան սպասարկու մէկը պիտի չընէր զիջում ատոր ամենէն անտանելի, ահաւոր, կորստաբեր ձեւին գրական փառասիրութեան, որ երբ կը վերածուի հրապարակային հտպտանքի, սիրամարգութեան, ամենէն առաջ գործը կը կործանէ։

Յեղափոխականներու վախճանը կառափնատն է յաճախ։ Գրականութեան մէջ տիպարին համար այդ վարձատրութիւնը կը պարզէ մէկէ աւելի ձեւեր։ Անոնցմէ մէկն է լքումը, ամբողջական ու բացարձակ, զոր երբեմն կը զիջինք բացատրականով մը արդարացնել Արփիարեան, Պարթեւեան աւելի յաճախ կը գործադրենք, վարպետ ու նենգ հաշիւներով։ Խորունկ լքումը Օշականին սեպհական հեղինակութիւնն է։ Ինք ուզեց ու բարի թող վայելէ այդ լքումը։ Լաւ է զայն չխանգարել։

Գիւղացի մըն է, անսրբագրելի ու դարձեալ բացարձակ։ Ալ մի փնտռէք քաղաքին տիրական կնիքէն հետքեր, ա՛յն քաղաքին, որ իր առջի մանկութիւնն ու պատանութիւնը տուեր էր իրեն, բայց չէր կրցած չէզոքացնել արեան պատգամները։ Այդ գեղին պարզամտութիւնը, բաց-սրտութիւնը, յամառութիւնը, չարքաշութիւնը, արիու/81/թիւնը դժուար չէ հաստատել իր ալ վրայ։ Դարձեալ ամէն գիւղացի ճակատագրապաշտ է, անվստահ, այսինքն՝ ինքնավստահ։ Կը կրէ դէպքերը, երբ անկարող է զանոնք այլացնելու։ Ասկէ բուռն, դիւրայոյզ զգայնութիւնը, որ շատ արագ կը վերածուի կիրքի։ Ասոր մէջ ամէն գիւղացի ծիծաղելի է, բայց նաեւ համակրելի։

Համախմբումներու մէջ երբ մտայնութիւնը, մթնոլորտը չեն խօսիր իրեն, կրնայ տասներկու ժամ կուղպ պահել շրթները, բարեւ տալէ, առնելէ անգամ անփոյթ, ստեղծելով զօրաւոր զարմանք։ Երբ շրջուին այս պայմանները, այն ատեն դիւրահաղորդ, կայծկլտուն, արագաբան խօսող մըն է, որ միշտ մտիկ ընել տալ գիտէ ինքզինքը։ Հզօր, աղիտալի կիրքեր յատակը կը կազմեն իր զգայնութեան։ Կիրք մըն է անշուշտ, որ իրեն տուած է սա հերոսական զոհողութեան հրայրքը, իր սպառած ուժերէն բռնի առնելի, փլցնելու իր վրայ, սա քանի մը հարիւր էջերուն աշխատանքը։ Իր կիրքերէն ամէնէն զօրաւորը՝ գրականութեան կիրքը, որ ստեղծելով հանդերձ իր ձախողանքը, պաշտպանած է զինքը մահուան դէմ, այնքան կանուխէն իր կրունկներուն վրայ։ Առօրեայ կեանքին բոլոր տրտմութիւնները կու գան փշրուելու այդ կիրքի զրահանքին առջեւ, շատ քիչ անգամ զայն որեւէ կէտէ վիրաւորել յաջողելով։ Ատոր համար է, որ զինքը անուանած են հայ գրականութեան նահատակը, որ հին իմաստով մը կռուող ալ կը նշանակէ։ Հիմնականով միայն գոհացող այս գիւղացին ուրիշներու պչրանքները, թեթեւ մեղքերը, նանրազգած սիրամարգութիւնները, առաջին դարու վանականի մը խստեռանդն դատաստանովը չէ կշռած սակայն։ Ատիկա, իր կարգին, փաստը պիտի ըլլար նման ախորժանքներու։ Չէ հայհոյած անշուշտ (ներքին նրբազգածութեան մը իբր անդրադարձ, քանի որ բոլորին չափ գիտէր մեր լեզուն, ու անոր ամենէն թունալից բառերը գործածելու մէջ ոչ ոքէ ետ կը մնար։ Ունէր աչքին առջեւ օրինակները Չօպանեանին, Պարթեւեանին, կիներուն, որոնց համար բրտութեամբ, անգթութեամբ կամ նազանքով հայհոյելը տաղանդի վկայական էր դարձած), բայց չէ ալ աղմկած։ Ըսի, թէ չէր կարդար իր վրայ գրուածները։ Բայց կը կարդար մեր զոյգ գրականութիւնները մօտէն, հեռուէն շօշափող ամէն բան ։ Այդ ամէն բանին մէջ անշուշտ՝ սլաքներն ալ իր հասցէին։ Միտքէ չէ անցուցած ոչ ոքի պատասխանել։ Բայց երբ խօսած է որեւէ հարցի մասին, չէ ծածկած իր մտածումին ոչ մէկ ծալքը։ Երբ առիթը յարմար է դատած, չէ վարանած մարդերու վրայ իր կարծիքները բանաձեւելէ։ (Սպաննելը իսկ քիչ է իրեն համար)։

/82/ Ըսուեցաւ, թէ չէր ախորժեր խօսքէն, մասնակի թէ ընդհանուր։ Մի տանիք այս խոստովանութիւնը timiditéի մը քոմփլէքսին։ Անիկա մարդն է, որ երբեք չէ զգուշացած իր մտածումները կոշտութեամբ իսկ արտայայտելէ։ Թերեւս հոս է գաղտնիքը իր շուրջը ստեղծուած այլընդայլոյ աղմուկներուն։ Օշական չի ցաւիր, որ ամենէն ծանր նախատինքները, ուրացումները ըլլայ ընդունած անոնցմէ, որոնց մտքին ազատագրմանը, գրիչին կազմաւորմանը աշխատեր էր սիրտ–բաց եռանդով մը։ Իր աշակերտներն էին այս տղաքը։ Սա մէկը, աճապարոտ, անամբողջ գործերու փառասիրութեանը մէջ խորասոյզ, իրեն կը ղրկէր իր վիպակները, թատրոնները, սպասելով, որ իր հին ուսուցիչը մաս կազմէր այդ վիժուկները փառաբանող շահադէտ գովաբանութեան։ Օշական պիտի չուշանար իր տպաւորութիւնները խնամքով թուղթին յանձնելու ու ղրկելու իր հասցէին։ Արդիւնքը գուշակելու համար պէտք չէ մարգարէ ըլլալ։ Ասոնք հոս կը յիշուին բացատրելու համար սա անբնական իրողութիւնները։

Ուշագրաւ է, որ կարգի, կանոնի, պատշաճութեան կոկ բարբառի ու տափակ, սրահական կարգուuարքի հետամուտ պատշաճամոլներ, աւանդապաշտներ, պատկառանքի, սուտ ու փուտ, շահախնդիր յարգանքի կեղծ ու պատիր ասպետներ կազմած ըլլան իր դէմ միակտուր ճակատ։ Այս պառականիին դէմ, անիկա ունէր իրեն համար սրտագին մտերմութիւններ։ «Աղբօր պէս» էին իրեն հետ Վարուժանը, Գեղամ Բարսեղեանը, Սեւակը, Արտաշէս Յարութիւնեանը, Հրանդը, Սիամանթոն՝ յիշելու համար քանի մը նուիրական մեռելներ։ Բայց միւս կողմէն՝ նոյնքան իրաւ է, որ քառորդ դարու վրայ չթուլցող քէներ արծարծեց իր շուրջը, մեծերէն, ինչպէս կրտսերներէն։ Անշուշտ այս մանրամասնութիւնները կրնան շարափոխուիլ, դէպի ինքնասփռում։ Բայց զանոնք տուողը նկատի ունի միայն իր գործին վրայ իր խոր հաւատաւորութեան փաստերը իբրեւ։

Իր ուսուցչի աշխատանքն ալ դարձեալ կը պատկանի իր գրականութեան։ Հոս անիկա կատարեալ անապատականի մը խստութեամբ պաշտած է իր կիրքը։ Գրականութենէն դուրս ուրիշ ո՛չ մէկ յուզում։ Բոլոր ճամբաները միայն Հռովմ չեն տանիր։ Կը տանին նաեւ գրականութեան։ Պիտի քալեն իր տղաքը իր ճամբով։ Երբեք զինքը կապկելու տկարութիւնը չէ ներած իր ոչ մէկ աշակերտին։ Ամէն մէկը ինքը իրեն համար։ Ամէն մէկը միշտ աւելիին։ Ամէն մէկը տոգորուած անոր չկրցածը օր մը իրագործելու ցանկութիւնով։ Այս բծախնդիր կիրքը տղուն անկախութեան, թերեւս կը բացատրէ դպրոցի մը չգո/83/յութիւնը, թէեւ ընդհանուր հոգեկանութիւն մը տղաքը ժառանգած են իրմէ։ Ու հոս ալ իր բախտը ուրիշ չեղաւ։ Մեղադրեցին զինքը, որ իր տղաքը շատ մօտիկէն կը յիշեցնէին ուսուցիչը։ Մեղադրեցին զինքը, որ իր տղաքը ուսուցիչէն առած էին իր կիրքերը, բայց ոչ իր իմացականութիւնը։ Կ՚անցնին ասոնք։ Օշական սեղմ է ըրած ծիրը իր գործունէութեան։ Անիկա կը զբաղէր գրականութեամբ։ Պաշտօնատարն էր այդ գրականութեան։ Ու ատկէ անդին ուրիշ նպատակներ չեն խանդավառած զինքը։

Յոռետես մըն է։ Անշուշտ ազատ էր ուզածը ըլլալու։ Պիտի մնանք անտարբեր մարդերու մասնայատկութեանց, մեղքերուն, արժանիքներուն, երբ ասոնք դեր մը չունին գրականութեան հասկացողութեան տեսակէտէն։ Յոռետես մըն է, վասնզի իր գործին մէջ մարդկայինը կը դիտուի, կը լուսաւորուի այդ ակնոցով։ Կիրքերը, ըսեր եմ այնքան անգամներ, կու տան յատակը անոր գրականութեան։ Ու քիչ է թիւը այն կիրքերուն, որոնք մեզ ձգեն զուարթ։ Հակառակն է, որ ճիշդ է։ Ամենէն քիչ թանձր մէկ կիրքը, գրականութեան կիրքը, անոր մէջ կը ստեղծէր ծանր յուզումներ։ Այս վիճակը, հոգեխառնութիւնը իր մեծ վարպետներէն փոխառիկ հանգամանք մը մի դաւանիք։ Օշականի աշխարհը Արեւելքն է։ Տոսթոեւսկիի տրտմութիւնը հայու տրտմութիւն մը չէ անշուշտ։ Աւելի արդար պիտի չըլլա՞ր զայն խառնուածքի, արեան, անդրանիկ զրկանքներու ծորում մը ընդունիլ։ Բայց կայ հակասութիւնը։ Օշականի գրականութիւնը պատերազմով կը զատուի երկուքի։ Անոր առաջին շրջանը պայծառ, գրեթէ շէնշող թարմութեամբ մը կը տպաւորէ ընթերցողը։ Անոր երկրորդ շրջանը հզօր մառախուղի մը մէջ կը ներկայանայ մթագնած։ Բայց մի աճապարէք։ Գրականութիւնը բնախօսական երեւոյթ մըն է նոյն ատեն։ Ինքն է ըսողը, որ մենք կը գրենք մեր թոքերով ու վա՜յ այն գրողին, որ միայն ուղեղը ունի իրեն պաշտպան։ Այդ թարմութիւնը թարմութիւնն է գործարաններուն, երիտասարդութեան։ Ու բոլոր դժոխքները անհատական կու գան երբեմն այդ սրբազան հեղումը չորցնելու։ Օշականի երկրորդ կերպին պատասխանատո՞ւն։ Կեա՞նքը թէ Տոսթոեւսկին, որուն հետ իր երկրորդ, այս անգամ բախտորոշ հանդիպումը, ան պիտի ունենար պատերազմէն վերջ։ Ծանր ու ահաւոր այդ գործէն անոր սորվա՞ծը։ Ա՛ն՝ որ կեանքը կ՚արժէր ապրիլ նոյնիսկ իր սեւութիւններուն համար։ Այդ կեանքը կ՚ապրէին հերոսները Les Possédésին, Crime et Chatimentին, Idiotին, մա՛նաւանդ Les frères Karamazovին։ Գեղեցկութիւնն էր այդ զարհուրելի աշխարհին, այնքան մօտիկ մեր ան/84/հուն ստորնաշխարհին: Օշական գրիչը չկոտրեց այս անգամ։ Խորունկ իր խռովքին մէջ անիկա զարնուած էր լոյսէն, դիւային վիպասանին փոսփորափայլումներէն։ Տոսթոեւսկի առանց ծանր տագնապներու, գտած էր կեանքը, անոր տիրական մոյնքը, որ ջրվրայ յոռետեսութենէն շատ աւելի մութ բան մըն էր վիպասանին սեւեռումներուն մէջ։ Այդ աշխարհէն դէպի հայ ժողովուրդին ապրումնե՞րը։ Օշական զգաց, որ տիրական մոյնքը հազիւ թէ կը փոխուէր: Մեզի պակսածը իմացական զօրաւոր ճնշումն էր (tension), որ ռուս վէպին հերոսները կայլակերպէր։ Բայց այդ հերոսներուն հիմնայատակ trameը դարձեալ կեանքն էր, որ շատ չէր տարբերեր Սիպերիա թէ Պոլիս։ Ռուս վիպասանը իր բոլոր ուժը կը քաղէր իր պարզ մարդերէն, ասոնք հակակշռող բարոյական contrainteներէն, ամենէն շատ մարդուն խորը թաղուած (underground) բարոյական դիրտէն, որուն վերբերումները կը կազմեն մեր քաղաքակրթութեան սխալանքն ու դառնագոյն կորանքները։ Յոռետեսութիւնը, որով կը դադրի աժան դրութիւն մը պիտակելէ, ըլլալու համար մեր ամենուն ներսը միակ իրական յատակը։ Ռուս ազնուականութեան, ոստիկանութեան, չինովնիկներուն փոխարէն՝ մենք ունէինք թուրքը, գրեթէ համազօր անասնութեամբ կիրքին մէջ, բայց գերազանց անաuնութեամբ կիրքէն վար, այսինքն՝ հո՛ն՝ ուր կիրքը կը վերածուի հոգիի տիղմին։ Թուրքերը իրենց կեանքին արտաքին յարդարանքին մէջ կը նմանին մարդոց միջինին, բայց այդ կեանքին ընդերքին մէջ դեռ չեն խորաչափուած։ Ռուս վէպէն անցնող մը մարդուն վրայ պարտաւոր է ակնոց, առնուազն տեսակէտ փոխել բայց չի հեռանար մարդէն, շատ-շատ, այդ մռայլ աղբութենէն տրտմած, կը ցաւի անոր։ Թուրքը ճանչցող մը չի կրնար այդ բարիքով ալ պաշտպանուիլ։ Տոսթոեւսկիի հերոսները ոճիրին մէջ իսկ մարդ են։ Անոնք, որ տեսան թուրքերը հաւաքական ոճիրին մէջ անզէն մարդեր փողոտելու արարքը անորակելի հեշտանքի վերածող, անոնք չեն հասկնար աշխարհը ուրիշ լոյսի տակ։ Բա՞ւ, այսքան մը պարզում (աւելի անդին Օշականի վէպին առիթով հարցը կը վերլուծուի աւելի հանգամանօրէն), որպէսզի Օշականի յոռետեսութիւնը չշփոթուի գրքունակ կեցուածքի մը։ Յետոյ, պէտք է դիտել տալ, որ Օշականի երկու կերպերուն ընդմէջ կը փռուի ո՛չ միայն աշխարհի ամենէն ահաւոր եղեռնագործութիւնը, որ իր ժողովուրդին կէսը բնաջնջեց, այլեւ պոռնկացումը Եւրոպային, որուն մտքէն իր հիացումը, այդ տարիներուն կը դառնար անհուն հիասթափում։ Օշական, գիտէք ասիկա, կեանքէն վարդեր չունեցաւ։ Ատիկա նուազագոյնն էր սակայն իր /85/ հոգերուն։ Մեր ո՞ր գրողը վայելեց այդ բախտը։ Բայց ահա աւելին։ Oշական տեղ մը կը գրէ. դժուար է մեռնիլ, հոգէառին իսկ վրայ իրեն ներելով ծիծաղելի յարձակում մը։ Թուրքին դանակին տակ իր աչքը գոցող Վարուժանը անիկա կը կարծէ բախտաւոր, քան ինքը, քանի որ « Ցեղին սիրտը »ին անմահ երգիչը կը հաւատար իր ողջակիզումին։ Ու ասիկա ճիշդ է արժանաւորապէս իր բոլոր ընկերներուն, որոնք կը հաւատային, թէ իրենց արիւնով կը գնէին հայրենիքին, իրենց ժողովուրդին ազատագրումը։ Պէտք կա՞յ պոռալու, թէ ի՛նչ դժոխք է հոգին Օշականի եւ նմաններուն, որոնք իրենց ժողովուրդին վրայ գործադրուած ոճիրն իսկ ափսոսալու կ՚արգիլուին, ռոմանթիզմէ, ծիծաղելիութենէ, անիմաստութենէ իրենց վախին, խորշանքին պատճառով։ Տիկին Եսայեանի հետ Օշականի բախումը կու գայ սա անտարազելի հոգեխառնութենէն։ Անշուշտ « Աւերակներու մէջ »ին անմահ հեղինակուհին չգնաց առաջ իր « Պրոմէթէոս ազատագրուած »ին մէջ մեր մորթուելուն պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն բարդելու, ինչպէս ըրին ու կ՚ընեն ահաւոր անզգամութեամբ ու սոփեստութեամբ քրիստոնեայ ամերիկացին եւ հայ հայրենիքին նորատաղանդ տեսարաններ։ Այս ամէնը, այս ամենուն հոգիին մէջ յառաջ բերած հակահարուածները միայն Օշականին յատուկ տրամա մը չեն կազմեր։ Անոնք անկապուտ ժառանգութիւնն են բոլոր հայերուն, ո՛ւր որ ալ ըլլան, եթէ երբեք անցած են թուրքէն ։ Յոռետեսութիւնը որքան փափուկ, նուրբ, ազնուական կտաւ է այդ տրտմութիւնները շղարշող։ Այս ընդհանրութիւններէն երբ կը դառնամ գրողէ մը պարագրկելի փոքր շրջանակին, դժուարութեան մէջ չեմ իր կրունկն ի վար քալող տրտմութիւնը ներանձնական բխում մը նկատել իր գործին ու կեանքին տիրական յոռետեսութեան Բայց զարմանալին կը սկսի ասկէ անդին։ Քառսունէ աւելի տարիներ այս մարդը կը սորվեցնէ։ Ու կը սորվեցնէ անշուշտ ա՛ն՝ որուն կը հաւատայ։ Ամէն մարդ ծիրանաւորն է պատրանքի։ Ու առանց այդ պատրանքի ծիրանիին Օշական դադրած կ՚ըլլար ապրելէ շատ կանուխ։ Ասիկա մահուան հետ խաղալ մը չի նշանակեր սա էջերուն վրայ։ Առնուազն երկու տասնեակ անգամներ անիկա չափուած է այդ մահուան հետ վաղ մանկութենէն մինչեւ Երուսաղէմի ճամբուն վրայ դիտապաստ իր անկումը։ Ռոմանթիզմ չէ յիշել հոս, որ 1915, 16, 17ին Պոլսոյ մէջ միայն, անիկա յաջողած է խզել Թալաաթի ոստիկանութեան ցանցը ու ազատել ողբերգական մահապարտ իր գլուխը, Մեծ պատերազմին ամենէն տագնապի օրերուն (1918), յանդգնելով հագնիլ գերման /86/ սպայի տարազ ու Պոլսէն փախիլ Պուլկարիա։ Ասիկա կը գրուի հոս երկու տողի մէջ, բայց զայն ապրելու հերոսութիւնը մարդ չի կրնար մարսել երկու հազար ժամուան մէջ։ Եւ սակայն փախած է։ Ու ասիկա կը նշանակէ հաւատք, լաւատեսութիւն, երբ վերածուի իր վերջին եզրին։ Բայց նորէն չլսուած մը։ 1915ին։ Պոլիս, ոստիկաններու ձեռքէն երեք ցերեկ ու երեք գիշեր հալածուելէ վերջ՝ ուժասպառ, յուսակորոյս, անօթի ու անքնութենէն թունաւորուած երբ կը փորձէ կամուրջին վրայ սիւպէմէի գնդիկը բերանը նետելէ վերջ գլխիվայր ջուրը իյնալու, ձեռք մը կը զգայ ուսին։ Կը դառնայ։ Ոչ ոք։ Բայց ձեռքին մեղմ ճնշումը յստակ էր, որքան ճակատագրական։ Կը թքնէ գնդիկը բերնէն։ Ոստիկաններ։ Մէկը իրեն կ՚երկարէ թուղթ մը, ուր գրուած էր իր անունը. կը հարցուի իրեն, թէ կը ճանչնա՞ր այս անունով մարդ մը։ Աս ալ կը կարդաք։ Տոսթոեւսկի պատմած է, թէ իր հրացանազարկութիւնը հրամայող պատգամը ուշացած էր հինգ վայրկեանով։ Ու այդ հինգ վայրկեանը արժեւորած է հինգ անհունութիւններով։ Օշական չի կրնար ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ այդ հարցումը կ՚ըլլար իրեն։ Ցոյց կու տայ, ձեռքովը, հեռացող անծանօթ մը ու կը դառնայ ետ, կամուրջին հակառակ ուղղութեամբ։ Ճակատագրին մատն էր, որ կը միջամտէր այսպէս։ Անիկա յստակ կը կարդայ այդ մատի ցուցմունքը։ Պարտաւոր էր ազատել իր գլուխը եւ ոչ թէ ջուրին յանձնել զայն։ Այդ Պոլիսին այդ իր տարիները անպատմելի բաներ են։ Որեւէ վէպ, աշխարհի ամենէն առաջնակարգ թերթօնագրին կողմէ գրուած, տժգոյն, անբաւական կը թուին իրեն, երբ կը մտաբերէ անհաւատալի իրադարձութիւններու անհատնում շղթան, իրարու յաջորդող, իրարու հիւսուող, փրթող ու նորէն ինքզինքը օղակող։ Oշական ապրած է այդ Պոլիսը։ Ու այդ ապրումները, աղէտէն վերջ, տակաւին քառորդ դար, պուտ մը անգամ չեն աղօտած, այնքան հզօր է եղած անոնց կնիքը իր հոգետունին։ Շաբաթ չանցնիր, որ իր ալեւոյթին մէջ անիկա չիյնայ առջին այդ վոհմակին, բարձրանալու համար կառափնատ ու… կ՚արթննայ ընդոստ։ « Ամէն հայ ողբերգութիւն մըն է »։ Ինքն է տարազին հեղինակը։ Ու իրը՝ ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։ Բայց, կը խորհի՝ աւելի խորունկ, քանի որ գրական տագնապ մըն ալ կը միջամտէ այդ նսեմութիւնները ընելու աւելի պայծառ, արեան, անհուն զրկանքի կսկիծներովը։ Պատմեցի՞, թէ ընթերցող մը իրեն հարցուցած էր. «Ինչո՞ւ այսքան սեւ են իր մարդերը»։ Ու տեղն է հարցնել. «Ե՞րբ ճերմակ են մարդիկ»։

Միամտութի՜ւնը մարդ մը համադրելու։ Ո՞վ ըսաւ, թէ կը /87/ սպառին ապրումին ակերը։ Ու ամէն մարդ, ամէն րոպէ կը բխի ինքիրմէ։ Երկար է շրջափոխութիւնը, որուն աղօտ կերպարանքն իսկ չէ նուաճուած Օշականի գործին մէջ, նախնական գիւղացիէն մինչեւ փրուստեան վերլուծումի կաղապարներ շահագործող արուեստագէտը։ Ու այս հաստատումէն կը հետեւին իրարմէ բարդ հարցեր։ Պարզ, իրաւ, անմիջական, հաղորդական արուեստ մը։ Կարդացէք « Թիւրքմէնին աղջիկը » Խոնարհները ») ու դուք պիտի զգաք այդ ամէնը։ Կարդացէք « Մնացորդաց »ը։ Ու պիտի մտածէք A la recherche du temps perduին, այսինքն՝ բարդ, իրերանցիկ, հեռահայեաց, տառապեցնող ուրիշ արուեստի մը։ Թէ իր գործին մէջ այս երկուութիւնը բնական իրողութիւն մը ինչպէս կը տպաւորէ ընթերցողը, դուրս է կասկածէ։ Միւս կողմէն՝ այս գիւղացիին, այս տգէտին, գրել չգիտցողին յանդգնութիւնը, վճռականութիւնը, հովիւի իր մախաղով, չըսելու համար ճօկանով, իր լեռներէն իջեալը հայոց գրական անդաստանները, հոն ընելու համար խորունկ շրջումներ ուրիշ գայթակղութիւն, քանի որ իբր ծաւալ դատումի իր աշխատանքն ալ վար չի մնար իր ստեղծագործական վաստակէն։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն՝ ուրկէ՞ ճարեց այս գիւղացին իր արժէքներու նիշերը, տախտակները, երբ իր կենսագրութիւնը տուաւ իր կրթութեան կարելի աստիճանը։ Ինքնօգնութիւնը մի՛ մտածէք։ Անոր առաջին տասնամեակը քսանին եւ երեսունին ընդմէջ ուր կը ճարուին մեր միտքին բոլոր զօրութիւնները, կ՚ընդարձակուին ընդունակութիւնները, կը կազմուի մարմինը (միտքին), գեղի վարժապետի թափառումները, վերիվայրումները, տագնապները կը լեցնեն։ Ո՛չ գիրք, ո՛չ գրիչ։ Ըսի անգամ մը։ Ողորմելի դպրոցները ու նոյնքան ողորմելի դպրեվանքը։

Կրնանք վստահաբար ըսել սակայն, որ Օշականի մտածման պարունակը ընդարձակ է ըստ բաւականին, ընդգրկելու չափ համաշխարհային գրականութեան բոլոր կարեւոր կրթանքները, հիներէն մինչեւ նորերը, նորագոյնները։ Ուսուցչի հետաքրքրութիւն, գրողի անյագուրդ որոնումներ։ Պէտք է կարճ ըլլալ։ Մեր գրագէտները մտքի գործաւորներ ըլլալէ առաջ կեանքին թիապարտներն են։ Հոս կը գրեմ սա անբնականութիւնն ալ, որ ակնբախ է դարձեալ, քանի որ Օշական չէ ծածկած իր արհամարհանքը դատումի արարքէն, ասոր զուգորդ սնապարծութեան հանդէպ իր խորունկ խորշանքին պատճառով։ Ամէն դատաւոր առնուազն անիրաւ մարդ մըն է, այսինքն՝ ճիշդ ու ճիշդ հակոտնեայ մէկը իր կերպարանած դերին։ Եւ սակայն Օշական դատած է, այսինքն՝ նուազագոյն մեղքով /88/ մը կատարելու համար այս տարապարհակը, վատնած է ահաւոր ուժ ու ժամանակ [12] ։

Ան տուած է երբեմն իրեն հարցումը. Ի՞նչ պիտի բերէր իրեն համալսարանական կրթութիւն մը, որուն երազովը տառապեր էր կեանքին կէսէն աւելին։ Ու չէ համարձակած պատասխան մը բանաձեւել։ Վէպը մարդ համալսարանէն չի սորվիր անշուշտ։ Բայց դատելու արարքը գրեթէ ուսանելի գիտութիւն մըն է։ Կը պարզուի սակայն իր տառապանքը իր հիացումներէն։ Անիկա այդ հիացումը անպարագիծ ըրած է Les frères Karamazovին վրայ, բայց մեղքցած նոյն հեղինակէն Le journal d՚un écrivain վերտառութեամբ գրեթէ /89/ հասարակ խօսքերուն։ Աւելի՛ն. Պուշկինի վրայ անոր ուսումնասիրութիւնը, զոր կատարած է 1881ին, ռուս ազգային բանաստեղծի հարիւրամեակը հանդիսաւորող հսկայ, միլիոնի հասնող բազմութեան մը առջեւ, զայն տառացի հիպնոսացնելով, ինչպէս կարդացած եմ ունկնդիրի մը վկայութենէն, այսօր հասարակին շատ մօտիկ, առնուազն դատման անապահով, խնդրական, կամայական պաշտպանողական մըն է, մղոններով հեռու դիւային վիպասանին անմահ շունչէն։ Փա՞ստը՝ սա յիշատակութեան։ Ա՜ն շատ տխուր իրողութիւնը, որ կապուած է գրական-քննադատական ողբերգութեան։ Մեծցած էր հիացումին մէջը Թէնին, զոր քառորդ դարը բաւ եղաւ թանգարան առաջնորդելու։ Եւ սակայն Բիւրտիուս, Քէյզէրլինկ, Վալէռի, Կուրման, Մոսին, Աբբա Պրեմոն, Քոքթօ, Թիպոտէ մարդեր են, որոնց կը նախանձի, այսինքն՝ որոնց վերլուծումին խռովքը տառապանքի կը վերածուի։ Այդ մարդերը պատեհութեան մէջն են կեանքը, մտածումը իրերահաղորդ մատուցանելու, ինչպէս իրերածնունդ գտնելու։ Արեւմտահայ գրականութիւնը ունի անջատ գեղեցկութիւններ, բայց դաշտ մը, սարահարթ մը, երկիր մը չէ, ուր ներուէր ոեւէ հայ քննադատի գործադրել հարթաչափումներ, տեղագրումներ։ Առէք մեր վէպը ու դրէք սեղանին վրայ քննադատին։ Իր ընելի՞քը։ Ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ սեռը, այսինքն՝ ասոր նման չորքոտանի մը բացատրել։ Նոյնիսկ այն պարագային, երբ գործադրելի ըլլար Սէնթ–Պէօվի մեթոտը, օրինակի համար Երուխանի մը « Ամիրային աղջիկը » վէպին վրայ, մէկիկ–մէկիկ արտահանելով այդ վէպէն, այդ Պոլիսին քանի մը տիրական կերպարանքները, դարձեալ քննադատին վաստակը պիտի չհեռանար ճակատագրական վրիպանքէն, քանի որ վէպին հեղինակը մեր ամենէն դժբախտ վարժապետներէն մէկն էր ու յիմար լրագրող մը նոյն ատեն։ Հայ ուսուցչութիւնը առանց խորքի (այսինքն՝ մեր հասարակութեան մէջ իր արմատները չունեցող երեսէն դասակարգ մըն է։ Հայ խմբագիրը վարժապետին չափ ալ արմատախիլ տունկ մը) դասակարգ մըն է, որպէսզի գէթ ընկերային տեսակէտներու օգտագործում մը ըլլար ընդունելի։ Ինչպէս կը տեսնէք, նոյնիսկ տաղանդը անկարող է իրերու դասաւորումը յեղաշրջելու։ Port-Royal մը (Սէնթ-Պէօվ, Le sentiment religieux en France մը (Աբբա Պրեմոն) կարելի չեն մեր մէջ։ Վենետիկեան հայրերը իրենց հաստատութեան երկհարիւրամեակին առիթով հատոր մը հրատարակած են Հ. Բ. Սարգիսեանի ստորագրութեամբ… 1905ին, այսինքն՝ երբ վերի կառոյցներէն առաջինը արդէն փառք մըն էր միջազգային, երկրորդը կը յօրինուէր իրենց աչքին /90/ տակ։ Ցաւիլ անշուշտ, որ այդ պատուական հաստատութիւնը այսքան գէշ կը պատկերացուի, բայց խորհիլ ալ պէտք է, որ Հ. Սարգիսեան ստեղծելու չէր ոգի մը, խելք մը, մշակոյթի դրութեան մը համախմբումէ, որ թէեւ խորունկ, հաւատաւոր աշխատաւորներէ կազմուած, հեռու էր մեծ կրթանքներէն, իրեն համար գծած ծիրին մէջն իսկ դառնալու եւ դառնալու ըլլալով պարտադրուած։ Արեւմտահայ գրականութիւնը վերէն նայողի մը համար որքան քիչ, խեղճ, ճիղճ՝ անընդունակ է համադրական կառոյցներ թելադրելու։ Ու ասիկա ալ դժբախտութիւն մըն է։

Oշական չի վախնար իր վերապահութիւնը բանաձեւելէ որոշադրապաշտ (déterministe) եւ տպաւորապաշտ (impressionniste) դատողներուն դէմ։ Իրեն համար լաւ գրողներ են Ռընանը, Թէնը, Ժիւլ Լըմէթրը, Ա. Ֆրանսը, Ժիտը։ Այդքան։ Տոկմաթիվ դատող Պրիւնըթիէրը, երկարաբան Ֆակէն վարժապետներ են։ Այս անզգածութիւնը, չըսելու համար անտարբերութիւնը միամիտ չէ ան դրութեան վերածելու։ Չի բաւեր քննադատութիւնը, գէթ անոր մեր մէջ գործադրուած ձեւը արհամարհել։ Չի բաւեր զայն ուրանալ, քանի որ ամէնքս եւ ինք ամենէն շատ գիտենք, որ դարը քննադատինն է, իմացապէս ծոյլերուն այդ խար ու դարման մատակարարողին, գործերուն տեղ անոնց էսանսները, էրզացը վաճառողին։ Թէ տառապանք մըն է իրեն համար իր ժողովուրդին իմացական ընկալչութեան այսքան խոնարհ յարգաստիճանը, նիւթ է շատ-շատ ողբի։ Յիշել Խորենացին եւ մխիթարուիլ։

Իր եւ իր ժամանակին ընդմէջ անջրպետը աստեղային ըսուելու չափ սառն է եւ ամայի։ Իրապաշտները, Զարթօնքի մարդերը մօտիկն էին իրենց ժողովուրդին, որ կը թուի, թէ չի փոխուիր արագ։ Գահիրէի մէջ 1944ին, մարդիկ, որոնց վրայ ոչ մէկ տարակոյս կը բանաձեւեմ խաչագողութեան, երբ կը հրատարակեն Արփիարեանի գրական նշմարանքները, այնքան անկշիռ, այնքան հասարակ տեղիք ու հասարակ պատմութիւն, փաստը կու տան այդ ընկալչութեան։ Oշական խոշոր գրաւի մը մէջ կը վատնէ թերեւս իրեն այնքան կենսական իր վերջին ուժերը, կարողութիւնը։ « Համապատկեր »ը կըրնայ դիմաւորուիլ « Մնացորդաց »ին բախտովը։ Այն ատե՞ն։

Թէ իր վիպական աշխարհը աշխարհն է իր ժողովուրդին, իրաւ է աւելի քան։ Թէ այդ ժողովուրդը կ՚անգիտանայ զայն, ատ ալ աւելի քան իրաւ։ Ըսի, թէ երբեք չայցուեցաւ հոսանքն ի վեր թի քաշողի սնոպութենէն (Ոսկան)։ Ոչ մէկ նանրամտանք՝ զգացական, ինչպէս իմացական։ Սառն, խղճալի պարզութեամբ մը անիկա հաշ/91/տուած է ահա քառորդ դարէ աւելի կայ, իր ճակատագրին։ Բայց ահա աւելին շարունակել մինակ, ետին նայելու ոչ իսկ րոպէ մը ունենալով պարապ, խուլ, սառն ապահովութեամբը այդ ճամբուն յանգումին, որ երկու կանգուն խոր եւ մէկ կանգուն լայն փոսին է հոմանիշ։ Ու, պէտք է ըսել, տրտում, տրտում է ասիկա։

Իր անտիպները անտիպ են, երբ մեր մամուլը դրամ շահելու համար յիսուն տարի առաջուան միջակութիւններն իսկ կեանքի, վերակեանքի կ՚արժանացնէ։ Ի վերջոյ չմոռնալ, որ սրտառուչ է մարդ մը, որ խաղ մը կը գրէ, ի յառաջագունէ համոզուած, որ այդ խաղը բեմին պիտի չհասնի։ Սրտառուչ է մարդ մը, որ վէպ կը գրէ, գիտնալով հանդերձ, որ իր ժողովուրդին ընկալչութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ փակուած է իր դէմ։ Մարդիկ հիմա շուտ յոգնող կենդանիներ են եւ խիտը, նորը, յանդուգնը կը դրուին խենթին, այլանդակին, ֆանթասթիքին հետ նոյն մակարդակի։ Աստիճան մը ընդունելի դարձեալ սա խենթութիւնը Օշականի մօտ, եթէ երբեք չըլլային ուրիշ հզօր ազդակներ, արդէն բաւ տրորելու իր մէջ ամբողջ կծիկները իր ջիղերուն, սիրտին, քանդելու իր հոգին։ Եւ սակայն ասիկա այսպէս է։

«Չեմ քայլեր ձեր ուզածին պէս։ Կը քալեմ իմ ճամբովս»։ Ըսելը դիւրի՜ն։ Բայց քալելը։ Իրաւ գիծերու զեղում մը իր կեանքէն պիտի արդարացնէր Օշականին վէպը, այսինքն՝ այն գիրքը, որուն կարօտը չէ պաղած դեռ իր սրտէն։ Գրել միայն իր պատրանքները, պիտի նշանակէր մեր ժողովուրդին վերջին կէս դարը իր ամենէն կսկծալի պատրանքներուն մէջ հանդիսաւորել։ 1860ին մեր մտաւորականը կը տառապէր անշուշտ, բայց քաղցր առողջ, յուսապատար տառապանք մը։ 1942ին մեր մտաւորականը դարձեալ կը տառապի, այս անգամ ուրիշ որակականներու հանդէսով մը։ Ու գիտէ՞ք ցաւ մը աւելի խորունկ, քան ցաւը այդ տառապանքն իսկ ամչնալու, ըսել կ՚ուզեմ՝ զայն ստիպուած ըլլալու ծածկել, քանի որ քու ժողովուրդդ քեզ տնաւեր, յիմար, բրածոյ, առնուազն շրջուած ռոմանթիք մը պիտի ճանչնար, դարձեալ այդ մտաւորականին նորոգեալ, սպրիկ, սնոպ ու ապազգայնացած բերանովը։

Գրել Սփիւռքին համար՝ համազօր է ահա այդ խաչելութիւնը ամէն օր գործադրելու ո՛չ միայն տաղանդիդ, այլեւ՝ հոգիիդ վրայ։ Մէկը ըսաւ, որ Օշականը անդրջրհեղեղեան կենդանի մըն էր։ Այդ մէկը անշուշտ նկատի չունէր այդ մարդուն ախորժակները, վիպակին վաստակը, այլ՝ ապայժմէութիւնը իր ժամանակին հոգեկան բարեխառնութենէն։ Ու տակաւին ինչե՜ր, ինչե՜ր։

/92/ Անիկա իր կէսէն ալ պակասի իջած ուժերով (իր սիրտին վիճակին արգասիք) երբ ձեռնարկեց իր « Համապատկեր »ին, հազիւ թէ յոյսն ունէր անոր նուաճումին։ Մի կենաք։ Այս մէկը խորունկ ալ կասկածներ ունէր, ունի իր այդ տաժանագին վաստակին տպագրութեան լոյսին արժանի ըլլալուն։ Եւ սակայն գրեց։ Տարի մը առաջ անիկա կրկին ընդունեց ծանր ազդարարութիւն նոյն տարօրինակ պարոնէն, որ ութը տարի առաջ բռներ էր օձիքէն ու իր կախարդական նաւը նետած։ Դէպի խաղաղութեան նաւահանգիստը։ Կրկին ապրեցաւ այդ տրաման։ Տարօրինակ պարոնը կ՚արգիլեր իրեն գիրը։ Ու այդ օրէն ասդին քանի մը հազարը կ՚անցնին անոր գողցած էջերը իր պարտապահանջէն։ Ասիկա աչք–կապուկ խաղալն է ահա մահուան հետ։ Գիւղացին յամառ կ՚ըլլայ, գիտէք ատիկա։ Բայց մտքի մարդը՝ գրեթէ միշտ պատեհապաշտ մը։

Չեմ զղջար, ցաւիր՝ եթէ երբեք պարտուիմ։ Խոստումնադրուժ կ՚ըլլանք երբեմն մեր յիմարութիւնները գգուել կարենալու համար։ Մեզմէ դուրս արժէքներու սիրո՞յն։ Անշուշտ ապագան պիտի ըլլայ ներող։

 



[1]     Աւելի անդին, երբ մտնենք Օշականի վէպին պարագրկումին, պիտի սորվինք, որ այդ պիտակին տակ վերլուծուած մարդերը վաւերական մարդեր են, որոնց հետ հեղինակը սիրեր է տարիներով նստիլ, ուտել, խօսիլ ու մա՛նաւանդ խօսեցնել զանոնք, իրենց գերագոյն տագնապէն, որ կնիկն էր, այսինքն` անոր զրկանքը իրենց կէս-առնութիւններուն, անառնութեան մօտեցող։

[2]     Արեւմտահայ գրականութեան բոլոր վաստակաւորները մերձաւոր պայմաններու ծնունդը կրնան նկատուիլ։ Եւ այդ պայմանները թերեւս մեր կեանքին կերպարանքը, ասոր հասկացողութիւնը սեւեռելու տեսակէտով, իրենց հաւասարները չունին։ Ոչինչ՝ սակայն, այդ բախտորոշ տարիներէն: Աւետիս Ահարոնեանի լաւագոյն գործը, « Իմ գիրքը », գրուած առանց բռնի ռոմանթիզմի, թերեւս պիտի ըլլար իրաւ գիրք մը, ինչպէս այդ իրաւ գիրքն է « Սիլիհտարի պարտէզները », այս անգամ արեւմտահայ հոգեբանութեան վրայ անհաշուելի իր բարիքովը։ Մի՛ ըսէք, թէ գրականութեան պատմութիւն մը վէպ չէ։ Գրականութեան պատմութիւն մը կեանքին պատմութիւնն է ամէն բանէ առաջ։ 1880ին, հողազուրկ, գեղէն քաղաք նետուած հայ բանուորը վիճա՞կ է, թէ ոչ։ 1880ին գաւառներէն Պոլիս պանդուխտներու հոսանքը ողբերգութի՞ւն է, թէ ոչ։ 1880ին հայ արտերուն, կալուածներուն օրինական խաբեբայութեամբ իրենց տէրերէն կորզուելով իսլամ գաղթականներուն փոխանցուիլը պատմական, պետական քաղաքականութի՞ւն է, թէ ոչ։ Այս հարցումները չեն հատնիր: Անշուշտ վէպ մը, շատ աւելի քիչ անտեղութեամբ պիտի կրնայ մարսել բոլոր այս տագնապները։ Իմ մասիս, կը հաւատամ, թէ Պ. Դուրեանի գործին հասկացողութեանը, ընդհանրացմանը համար շատ աւելի տիրական վկայութիւններ կրնայինք ունենալ, եթէ երբեք այդ տղուն առաջին տասը տարիները ըլլային մեզի ծանօթ: « Համապատկեր »ը մարդերու կեանքին հանդէպ իր զիջումը կ՚ընէ ահա այս ոգիով։ Ու անոր հեղինակը գէթ այս պատեհութիւնը ի վիճակի է գործածելու, որոշ չափով (իր մտքին մէջ իր վէպը, լայնօրէն, պիտի սպառէ այս ապրումներուն անփոխարինելի փաստերը), իր հաշւոյն։

[3]     Իմ կշիռները չեն շօշափեր գրական գեղեցկութիւնը, յաջողուածքը, որոնք կեանքէն վեր իրողութիւններ են։ Այս գլուխին մէջ, իմ նպատակն է այդ գործը խորունկէն վեր նետող հոգեղէն աշխարհը, կարելի չափերով, մօտեցնել ընթերցողին հասողութեան։ Ան, որ կը կարդայ « Երբ պատանի են »ը, անշուշտ կը փոխադրուի կախարդական աշխարհ մը, որ աւա՜ղ, իր ամենէն փոքր ծուէններուն իսկ մէջը երերուն, բիրտ, ցաւոտ, զարհուրելի իրականութեան աշխարհ մըն է, զոր ինք սղոցած է իր ջիղերուն ակռաներովը։

[4]     Արուեստագէտի մը վկայութիւնները այսինքն` յիշատակներ, որոնք չըլլան պարզ պատմում, անցեալին վերբերումովը միայն պաշտպանուած, այլ ըլլան նաեւ այդ անցեալին tonalitéն, լոյսն ու ջերմութիւնը, կեանքին իսկութիւնն իսկ, այնպէս՝ ինչպէս տրուած էին մեզի այդ ապրումները ո՞ր չափով կը շահագրգռէ այդ արուեստագէտին դատողութիւնը իբր այդ, բ- շրջանը, ուրկէ ազատագրումներ են անոնք։ Մի շփոթէք ասիկա Երուանդ Օտեանով իրագործուած վերարտադրումին հետ Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս »), որ իրողութիւններուն տրամաբանութեամբը կը ղեկավարուի, ոչ ալ Տիկին Եսայեանի գրական յուշքերուն հետ: Կ՚առնեմ մեր ամենէն իրաւ մէկ արուեստագէտը՝ Արփիար Արփիարեանը։ Այս մարդուն, վերը մատնանիշ շրջաններէն մասնաւոր, շատ անձնական ապրումներ եթէ երբէք ըլլային մեզի հասած, գէթ այն ձեւին տակ, որ իրականութիւն է « Սիլիհտարի պարտէզները » գործին մէջ, մենք ունենայինք պիտի անտարազելի այդ մարդէն վկայութիւններ, որ բացատրէին Արփիարեանի վիպակին տխուր անբաւարարութիւնը, շնորհներու առատութեան հետ համեմատուած։ Աւելի՛ն. « Նոր կեանք » հանդէսին մէջ (1898–1901) անոր հասուն տարիքի յուշերը, գրուած լրագրական ախորժակներով, այդ մարդէն կը մնան ամենէն բարձր ժառանգութիւնները։ Հիմա, պահ մը ընդարձակեցէք ձեր սպասումներուն ծիրը։ Ու մտքի առջեւ բերէք այն շատ մեծ, տարածուն աւազանը (bassin), ուրկէ այդ զգայնութիւնը քաղեր է կեանքին պղտոր, արնախառն հեղեղները, ինչպէս ամէնէ նրբենի ծորումները: Հին եւ նոր աշխարհը, հաւասարապէս: Հին եւ նոր մեծագոյն ոստանները, Պոլսէն Գահիրէ, Գահիրէէն Փարիզ, Լոնտոն, յիշելու համար միայն խոշորագոյն հատուածները այդ աւազանէն։ Ինչե՜ր չէ տեսած, ինչե՜ր չէ ապրած այդ համայնքներուն, դրախտներուն, դժոխքներուն ներսը, այդ մարդը։ Սեւ ծովէն, ուր ծնաւ, մինչեւ Մարմինա (Գահիրէի հայ գերեզմանատունը), ուր կը հանգչին իր ոսկորները, եւ ուր իր յիշատակը կը սպասէ արեւադարձային արեւով հիւսուած տրտմութեան վարշամակին բարձումին, ազգային փառքին բացուելու, այդ մարդուն կէս դարը, կը խորհի՞ք արդեօք, ի՜նչ ահաւոր, ի՜նչ խորունկ ու ի՜նչ սրտայոյզ ապրումներու կրկէս մը եղաւ: Մեր գիտցա՞ծը։ Բայց պէտք է լռել. վասնզի զայրոյթն ու յուզումը կը ծանրանան գրիչին։ Ահաւոր գեղեցկութեամբ, իրաւութեամբ, կենդանութեամբ հատորներ պիտի տային: Վերը յիշեցի « Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս »ը, գլուխ-գործոց մը, վասնզի պաշտպանուած է ահա այդ բացառիկ շնորհներով։ Յիշեցի « Սիլիհտարի պարտէզները », դարձեալ գլուխ–գործոց մը, քիչ մը աւելի անշուշտ, քանի որ Տիկին Եսայեան Օտեանին նման պատահաբար գրագէտ չէ, այլ` ծնունդով արուեստագէտ մը։ Այս երկու օրինակներէն հայեցէք աւելի անդին։ Օշական, ներկայ գիրքով, կը փորձէ չփորձուած բան մը մեր մէջ: Պիտի արդարանար իր յանդգնութեան մէջ անշուշտ, եթէ երբեք այդ գիրքը մեզի կարենար բերել այդ անհուն ապրումներուն գէթ ստուերովի թելադրանքը։ Կ՚ըսեմ այսպէս, քանի որ փաստ է իր ընկալեալ ժլատութիւնը իր անձէն, իր պայմաններէն խօսելու: Կ՚ըսեմ այսպէս, մտածելով այն միգամածային աշխարհին (ուր ոճիրն ու գեղեցկութիւնը կ՚ապրին ճիտ ճիտի), այսօր հիմնովին անվերականգնելի զգայութեանց հանդէսին, ուր կը հիւսուին կտաւները մարդու մը մնալիք չեմ ըսեր յիշատակին, գէթ այն անփոխարինելի որովհետեւ անդարձ կորսուած բիւրեղացումներուն, որոնց գինն են բոլոր քաղաքակրթութիւնները։ Ջիղերու կծիկ մը ինչե՜ր կ՚ընդունի իր անբաւութեանը ծոցը սա արեւին տակ, սա հողերէն։ Չեմ դառնար ետ ինքզինքս կրկնելու։ Հոս կը գրեմ իր յեղյեղած մէկ խօսքը իր աշակերտներուն. « Հարիւր տարուան կեանք մը, հարիւրաւոր հատորներու վրայ, պիտի մնար անբաւարար նուաճելու իմ գիւղիս ապրումներուն նոյնիսկ մէկ մասը »։ Ու սուտ չէր սա վարկածը։ Արուեստը խտութիւն է։ Անշուշտ: Բայց երբեք մեռելութիւն, քար, արձանագրութիւն։ Ամէն գիծ, հանգիստ մը ըլլալէ առաջ՝ թրթռումներու դրութիւն մըն է։

[5]     Արտաշէս Յարութիւնեանի հետ իմ յարաբերութեանց նկարագիրը, մեր գաղափարներու փոխադարձ պարտքը տեսնել իրեն նուիրուած մենագրութեան մէջ Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան », « Արուեստագէտ սերունդ »)։ 1910ին, այսինքն՝ շրջանի մը, ուր քառորդ դար տեւող զարհուրելի ճնշումէ մը վերջ մեր միտքը կը գտնէր իր ազատութիւնը, Արտաշէս Յարութիւնեան ուրիշ աշխարհի մը պատկանող մարդը կը թուէր, իր դերը աւարտած, հանգստեան կոչուած, ըսելիք ու ընելիք չունեցող պատուական աշխատաւոր մը։ Կործանած էր իր բանաստեղծութեան հմայքը, Վարուժանին եւ Սիամանթոյին նորածագ, շքեղ փառքերուն առջեւ: Իր քննադատութիւնը՝ անբաւարա՛ր սերունդի մը ախորժակներուն, որ համալսարանական խակութիւններն ու ընկերաբանական թեզիս ները կը յաւակնէր փոխադրել՝ մեր գրականութիւնը արժեւորելու արարքը վերածելով մանտարինեան մարզանքի մը, քանի որ մեր գրողները ստեղծեր էին այդ ամենէն հիմնովին հեռու մտքով մը։ Իր լրագրական յօդուածները դարձեալ դուրս էին օրուան վայելումէն, գրուած ըլլալով ծանր, գրքունակին շատ մօտիկ լեզուով մը։ Պոլիս զայն կը նկատէր անպէտք ու հնոտի մարդ մը։ Իմ ուսուցչութիւնը, Մալկարա, այդ արժեթափ գրագէտին մէջ գտաւ կարելի կենդանութեամբ արուեստագէտ մը։ Բառը չէ շփացուած, քանի որ այդ փերեզակը կ՚ապրէր շատ աւելի խորունկ, քան Պոլիսին ճաճանչաւոր, պսակեալ գրագէտները։ Ու մի՛ արհամարհէք կեանքին իմաստը։ Իր կտաւը չափելէ վերջ անիկա ունէր կարելիութիւն, գլուխն առած իյնալու բլուրներն ու պարտէզները, ըլլալու համար մտքի, յոյզերուն քաղցրութեան մէջ, առանձին կամ ընկերովի խորհրդածելով, լրջանալով, իրաւնալով իր առջին փռուած կեանքին գերագոյն պատգամներէն։ Գիրք մը կ՚արժէր գրել սա վերնագրով « Մեծութիւններն ու կորանքները քննադատի մը », վասնզի լաւ քննադատի մը համար չկայ աւելի եղերական, բայց նոյնքան արդար պատիժ մը, քան գէշ բանաստեղծ մը ըլլալու դատապարտութիւն մը: Գիտէի ատիկա ո՛չ միայն օտարներէն, այլեւ՝ Արշակ Չօպանեանէն։ Միւս կողմէ՝ Արտաշէս Յարութիւնեան զոհն էր մեր 1900ին, մեր լրագրական մոլուցքին, մեր չտեսութեան։ Այդ 1900ը կազմակերպած էր անոր տաղանդը, անոր պարտադրելով իր ախորժակները, անկէ առնելով բռնի իր ուզածները, արգիլելով զինքը իր կենդանի հետաքրքրութիւններէն դէպի իրաւ, խոր, տիրական կրթանքները։ Աւելին չեմ բանար հոս։ Ուզողը կը դիմէ վերը ակնարկուած մենագրութեան։ Բայց մարդուն ներսը ես տեսայ բոլոր կարելիութիւնները, իրենց սաղմնային վիճակին մէջ, դատապարտուած այդ փոքրումին, չըսելու համար ճռզումին։ Կ՚ափսոսար, որ լրագիրը, աղմուկը, հրապարակին կիրքերը առած էին իրմէ լաւագոյնը իր ուժերուն։ Բիրտ, յանձնապաստան եղեր էր անիկա, ինծի պէս, իր օրերուն: Խելոք, հեգնող, թափումն էր անիկա, երբ կը խօսէր ինծի իրմէն: Իրարու գլուխ կը պատռտէինք, առանց կարենալու համոզել զիրար։ Ու մեր տարակարծութեանց, վէճին, կռիւին նիւթը իր թշուառ քերթուածներն էին։ Անհուն էր իր անհասկացողութիւնը իր քերթողական անբաւարարութենէն: Եւ սակայն զմայլելի էին իր ճաշակը, իր թափանցումը, հարազատ բանաստեղծութենէն իր հասկացողութիւնը, ինչպէս գէշ բանաստեղծութեան վրայ իր նայուածքը՝ առանց վարագոյրի, պատրանքի: Ո՞ր սեւ սատանան անոր աչքերուն կը նետէր կախարդական ուրիշ ակնոց մը, որպէսզի իր քերթուածներուն վրայ այդ նայուածքը իյնար այնքան այլուրային, անբնական, քմայական: Ու ասիկա աւելի էր, քան յուզիչ ըլլալ մը։ Կը պաշտպանէր ինքզինքը ու իր փաստերը կու գային գրականութեան մերձաւոր շրջաններէն։ Կը ճանչնար ֆրանսական սիմպոլիստ դպրոցը, իր գրական բոլոր յաւակնութիւններով։ Կը զգար 1900ի եւրոպական մտածողութիւնը, ու կը կարծէր, որ կը մտածէր: Բայց իր պաշտպանողականը քիչ-քիչ կը տրտմէր։ Իր խանդը դեռ վարակիչ էր ու իր կիրքերը կը պահէին իրենց կրակը։ Իր բարի՞քը, ինծի։ Իր մատենադարանը, որ օրը օրին, տարուէ տարի կը հպատակէր գրական միջին ճաշակին: Այդ մատենադարանը ինծի համար նորութիւնն էր, քանի որ իմ մտքին սնունդը կը կենար նաթիւրալիստներուն մթերքին մէջը։ Այս է իմ մտքին վրայ կատարուած առաջին լուրջ հերքումը: Ձեւին, խորհուրդին, խորքին, գոյնին եւ կախարդանքին մտահոգութիւնները, Արտաշէսին գիրքերովը իմ մէջ կը դառնային ո՛չ միայն զօրաւոր, այլեւ՝ բռնակալ։ Շրջանն ալ չմոռնալ, որ կ՚ուզէ մեզմէ այդ ամէնը, ամենէն առաջ: Ու ինք, որ արհամարհած էր Պէրպէրեանը, անոր մտածումին հաստատ տարրերը դուրս նկատելով արուեստէն, իր կարգին կու գար այդ իրաւ մտածումին։ 1910էն վերջ Արտաշէս Յարութիւնեան ունի վերլուծական գեղեցիկ էջեր։ Կը խոստովանիմ հոս իմ երախտագիտութիւնը, անոր մտքին։ Իսկ մարդը շքեղ գեղեցկութիւն մըն էր, քաղքենի շատ ամուր առաքինութեանց միջինով մը։

[6]     Կարօ՛տը՝ վէպէն, որ այս տողերը գրողինն է հիմա։ Տղա՜ն, հերոսը այդ վէպին, Պոլիս, Պրուսա, Կարին, Վան, Սեբաստիա։ Այսինքն՝ մեր քաղաքին ու գիւղին խառնարաններուն ծոցը։ Կրնա՞ք, միտքի բուռն ճիգով մը, պահ մը դնել դուք ձեզ տեղը այդ տղուն, որուն կերած ամէն մէկ պատառին մէջ հեքիաթին աղն ու մոխիրը անշուշտ (հօրքուրէս պատմուած իրողախառն դրուագներուն մէջ մեզի պէս տղաք հացի տեղ օճախին մոխիրը բաղարջի կը վերածէին), նետուած ամէն մէկ քայլին՝ դժոխքը թուրքին։ Բայց որուն հոգին աւելի մեծ էր, քան բոլոր արքաներունը։ Զի զրկանքը, ինչպէս վայելքը բառեր են, այսինքն՝ քիչ բան, երբ խարտեաշ է հոգին։ Տալ այդ տղուն այդ հոգին, « Խրճիթներէն մինչեւ խորհրդրան », մինչեւ արցունքները արթնցող արբունքին, կը նշանակէ ունենալ իր տրամադրութեան տակ լման աշխարհ մը, հասարակաց՝ այդ տարիքի բոլոր պզտիկներուն: Չեղան այս ժողովուրդին մանուկները մանուկ, ինչպէս կը տրուի մեզի տեսնել այդ բանը գրեթէ մեզ շրջապատող, մեզմէ աւելի խոնարհ քաղաքակրթութեանց մօտ։ Անշուշտ, ըսի անգամ մը, թէ ի՛նչ արցունք բերող տրտմութիւն մը կը համակէր զիս Փարիզ՝ տուներէն, պանդոկներէն, մեծ վաճառատուներէն բռնագրաւուած հողին վրայ կատարել մանուկներուն յաղթանակը արձանացնող յարդարումներ: Կը մտնես այդ մանկական պարտէզներուն մէջ, ուր պզտիկներ, արգանդէն սպառած ժողովուրդի մը քաղցրութեամբը, թուլիկ, պուպրիկ, խաղը կ՚ընեն այնքան խելօք, սիրուն, խելացի մարզանք մը ու աւազք իրենց մատներէն հոսեցուցած ատեն մաթեմաթիքին խորհուրդը կը թուին սկսիլ։ Հարուստը, աղքատը հաւասար էին իրարու այս նստուկութեան մէջ: Բացի կեանքին սովորական անակնկալներէն ու ամենուն գրուած ցաւերէն, յաճախ խուսափելի, աւելի յաճախ անխուսափելի, բայց ընդունելի միշտ, այդ մանկիկները պիտի ճլտորին անշուշտ, շատ դանդաղ սրբագրելով իրենց մօրը, հօրը արիւնին մեղքերը. բայց երբեք պիտի չայցուին այն անլուր սարսափէն, որ մեր տղոցն էր։ Հիմա հարց կու տամ ինծի, թէ ինչպէ՞ս քով քովի ապրեր են դարերով հայ տղան ու թուրք տղան, քանի որ այնքան խորունկ անոնց արիւնները կը հերքէին զիրար։ Վէ՜պը՝ որ Աստուծոյ ամայքները ընէր յաճախուած այդ մղձաւանջէն: Պարտէզներուն մէջ, ծառերու շուլքերէն բուսցնէր գազանը։ Ու թաղերու մէջ տղաքը ընէր կոկիկ ծերութիւն։ Գերի ժողովուրդի մը բոլոր քոմփլէքսնե՜րը ։ Այս վերլուծումները չեն յաւակնիր նրբանալ, վասնզի կեանքը քիչ կ՚ախորժի այդ նրբացումներէն։ Բայց գրական գործ մը, որ ըլլար իրաւ վկայութիւն մը մանուկին, տղուն հոգեկան աշխարհէն, պիտի մնար աւելի քան բարիք մը։ « Սիլիհտարի պարտէզները » անշուշտ ամբողջ գործ մը չէ: բայց իր պակասները որքան դիւրաւ, չըսելու համար ճարտարութեամբ գիտէ ծածկել։ Յետոյ, Արեւմտահայ գրականութիւնը գրեթէ մանուկներ չէ տուած: Արամ Անտոնեանի երկու գիրքերը Այն սեւ օրերուն », « Մեծ ոճիրը ») զայն կու տան մարդկայինէն դուրս պայմաններու մէջ: Իմ ուզած վէպը վէպն ըլլար տղուն, որ գիտնար, թէ իր ձեռքէն ոչ ոք պիտի մտածէր առնել իր հոլը, վէգը, գնդիկները:

[7]     Սփիւռքի տղաքը, որոնցմէ մէկ քանիներ իրենց տաղանդը սկսած էին այդ օրերէն, փորձած են սեւեռումներ: Ընթացիկ տարազ մըն է Ազատամարտի սերունդը ։ « Հայրենիք » (Ամերիկա) հանդէսին մէջ, վերապրող մը՝ Յ. Ճ. Սիրունի, ըրած է ճշդումներ, հմայքին տակը այդ օրերու խանդին, առաւելազանց ապրումներուն։ Խօսքին, գիրին, փրոփականտին, ուսուցումին ու գործօնութեան համատրոփ կիրքերը, Պոլսէն ղեկավարուած կը թափանցեն մինչեւ հեռանկեալ խորշերը, ուր հայերու խումբ մը կ՚ապրի: Ազատամարտի սերունդը հազիւ քանի մը հատ հարազատ գրողներու փաստ մը կը պարտադրէ այսօր մեր նկատառման, քանի որ գրականութիւնը, բխելով հանդերձ այդ խանդէն, կիրքերէն, անոնց հանդէպ զգուշաւոր, խստապահանջ կեցուածքները միայն կը յաջողի ազատագրել: Չտուաւ շարժումը ոչ մէկ նոր գրողի դէմք (Յակոբ Մնձուրին միակ յայտնութիւնն էր այդ սերունդէն)։ Բայց բոլոր անոնք, որոնք 1909էն առաջ իրենց անունները յաջողեր էին սեւաւորել թուղթի վրայ, այդ շարժումին մէջն էր, որ ճարեցին իրենց անհրաժեշտ սնունդը։ Մեր քաղաքական, ազգային պատմութեան համար շքեղ շրջա՛ն, այդ սերունդը մեր գրականութեան մէջ ալ իրաւատէր է, ըսել կ՚ուզեմ արժանաւոր՝ որոշ երախտագիտութեան:

[8]     Աւելորդ չեմ նկատեր անոնց ամբողջական ցանկը։ 1 («Առաջին արցունքը» («Արեւելք», 1902), 2) «Պառաւին անէծքը» («Ազդակ», 1909, Գեղջուկ ստորագրուած), 3) «Տոպիճը», «Տոգսանը», «Մատմազէլ Եւա», «Պաղտօ», «Ազատամարտ»ի յաւելուածները), 7) «Հորքուր Վարդան» («Հայ գրականութիւն», 1914, Իզմիր), 8) «Աղբարիկ» («Հայրենի տարեցոյց», 1912), 9) «Թիւրքմէնին աղջիկը» («Շանթ», 1913), 10) «Համբոյրի մը պատմութիւնը» («Մեհեան», 1914), 11) «Վաթմանը», «Խենթ Սողմէն», «Մաղաքը», («Ոստան», 1919), 14) «Համարը» («Նաւասարդ», տարեգիրք), 15) «Շահպազ» («Հայրենիք», Ամերիկա, 1924), 16) «Երկինքէն ինկող կնիկը» չեմ յիշեր ուր է լոյս տեսած [հայ գրականութիւն]:

[9]     Հոս տեղն է, մէկ անգամուան համար, յիշելու իր ուսուցչութիւնը, որ, իր կարգին, տեսակ մը հերքում է բոլոր մեթոտներուն եթէ ասոնք ուզենք տեսնել չափի, ձեւի, հաշիւի վրայ կազմակերպուած թէսթեր - թելադրանքներ: Ինք կը հաւատայ, որ մարդ մը մէթոտ մըն է, անշուշտ ամէն բանէ առաջ մարդ մը ըլլալ կարենալու է արժանաւորութեամբ մը։ Օշական արհամարհած է կրթական, մանկավարժական մեծ ու պզտիկ փառասիրութիւններ, մեր դպրոցներուն մէջ այդ կրթանքներով տիտղոսաւոր փոքրութեանց փաստը քիչ մը դառնութեամբ ընդհանրացնելով։ Կուգային այդ վկայեալները Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն ու դասարանի մը մէջ դասի պահը տաժանքի, առնուազն անզբաղ ձանձրոյթի միայն կրնային վերածել։ Աս ալ աւելի քան իրողութիւն։ Առաջին Մեծ պատերազմէն վերջ Օշական խորունկ ու դիմացկուն ուղղութիւններ թելադրեց իր խօսքովն ու գիրովը։ Եթէ այդ ջանքը չունեցաւ իր պսակը, ատիկա դուրս է շարժումին ճակատագրէն: Սփիւռքը մեր հոգիին քանդումն էր ու գրականութիւն մը հոգիով կը մնայ կանգուն։ Յետ–պատերազմեան գրականութիւնը անշուշտ տակաւ կը հեռանայ ցեղային հանգամանքէն։ Մի աճապարէք մեղադրել ո՛չ երէցները եւ ոչ ալ նորերը։ Խորհեցէք միւս փաստին, որ գրական հետաքրքրութիւնն է, անոր մարմին դառնալը Սփիւռքի մէջ: Արդ, այդ երեւոյթին մէջ Օշական ունեցած է խոշոր դեր: Իր աշակերտները, հարիւրով, հազարով, լաւ կ՚ընէին մոռնալով զինքը։ Շատեր արհամարհեցին ալ։ Ատիկա ո՛չ տարօրինակ է, ոչ ալ անհասկնալի: Առնուազն մարդկային է մոռացումը։ Բայց այդ տղաքն ալ քալեցին իր ճամբով։ Անիկա իր տղոց իբրեւ կտակ է ձգած այս պարտքը. - պիտի քալեն ճամբէն, ուրկէ իրենց մուտքը ըրին գրականութեան մէջ: Սոփեստնե՞րը, որոնց մեղքը հրապարակը հեշտագին կը բեռնայ ուսուցչին յիշատակին: Բայց սոփեստները, նախ իրենք իրենց մէջ։ Անոնց դժբախտութիւնը կը բաւէ իրենց։ Անոնք Օշականին չեն պարտական այդ դժբախտութիւնը, այլ՝ իրենց արիւնին։

[10]   Իրարմէ խնամքով զատուելիք եւ կշռուելիք երեւոյթներ են Պարթեւեանի «Խարազան»ը եւ Օշականի Հարթումները։ Օշական ամենէն յստակ, վերջնական, լայնօրէն պատասխանատու էջեր ստորագրելէ չէ վախցած, գրական քննադատութիւնը տախտապարող։ Սկզբունքին, վարդապետութեան դէմ սա վճռական կեցուածքը հեռու է շփոթութիւն ստեղծելէ սակայն պատկառելի մթերքին դիմաց առնուազն « Համապատկեր »ին: Այս վերջինը փառասիրութիւն մըն է ապրումներու հանդէսի մը։ Այդ գործին սկիզբը Արեւմտահայ գրականութիւնը չէ վախցած վէպ մը որակելէ, որուն անձնաւորութիւնները կուգային գրողներէ։ Ու կ՚արժէին իրենց ապրումներով, որոնց արտահանումն է արդէն զինքը խանդավառողը: « Խարազան »ին մէջ Պարթեւեան Չօպանեանին անձէն իր մախանքը, վրէժխնդրական մաղձը ունեցած է մեկնակէտ: Եւ որովհետեւ այդ անձին տիրական փառքը կուգար քննադատական էն, արդիւնքը շփոթուեցաւ այդ պարսաւին։ 1898էն ասդին Արշակ Չօպանեան վրայ տուաւ իր մեղքերը, բայց չհրաժարեցաւ իր փառասիրութենէն։ Ինծի համար գրական քննադատութիւնը բաջաղանք է, գրեթէ միշտ, երբ չէ գրուած, այսինքն՝ գրականութեան չի պատկանիր։ Ահա թէ ինչու հիմնովին կը մերժեմ արեւելահայ քննադատութիւնը, որ չ՚անդրադառնար գրելու պարտքին ու կը սոփեստանայ:

[11]   Մարդիկ պիտի սիրեն խոստովանութիւնները հասկանալ իրենց նախասիրութեան ընդմէջէն: Հոս այս զեղումները երբեք չեն բխիր իր կղզիացումէն իր մէջ ստեղծած ենթադրելի ցաւէն: Տրտում մարդերը պէտք է վերլուծուին այդ տրտմութիւնը արդար ընծայող ազդակներու վրայով։ Չի բաւեր ցաւիլը։ Չի բաւեր այդ ցաւը գրականութեան մը մթնոլորտ դաւանիլը։ Դառնագոյն բանն է ինքզինքը իր ճիշդ պատկերին հակառակ գտնելը իրմէ դուրս, հրապարակին վրայ: Ասիկա սխալ հասկցուիլն ալ չէ, այլ՝ չարափոխուիլը։

[12]   Իր առասպելական յիշողութիւնը (գիրք մը մէկ ընթերցումով կրնար բառ առ բառ գոց ընել) դեռ քսան չմտած զոհուած է մալարիայի մահացու յարձակման մը։ Հրաշքը, որ զինքը ետ առաւ մահէն, վճարեց անիկա իր յիշողութեան ողջակէզովը։ Դժուար կը կարդար, աչքերուն անբաւականութեանը պատճառով։ Ընթերցումները ժամավաճառութիւն են, երբ կը կատարուին առանց նոթի։ Անիկա կը վախնար ու տակաւին կը վախնայ գրիչէն (իր գործը արդիւնքն է օրական երկու ժամ աշխատանքի, իրարմէ բաժնուած բաշխումով մը, ան ալ անգործութեան տասնամեակներէ վերջ) ու այդ տրտում պայմաններու մէջ է, որ ամբարուած է ընդարձակ իր հմտութիւնը, բարբարոս կամքի մը իրաւ մէկ գործը։ Ըսի, թէ կը վախնար գրիչէն։ Ժլատ է եղած, իր նամակներն իսկ երբեմն թելադրելով։ Ընդարձակ գիրքեր անիկա խօսած է, գրիչին այդ վախէն։ Ծանր իր վէպերը, թատրոնները գրուած են, այս անգամ նահատակութեան մօտիկ հոգեվիճակով մը։ Չի սրբագրեր։ Կրկին կը գրէ, երրորդ, չորրորդ, ութերորդ անգամ կը գրէ նոյնիսկ, մինչեւ որ նուաճուի մտատիպարը։ Սկզբնական յեղումին էջը, այս յաջորդական յաւելումներով, կ՚աճի, երբեմն տասնապատիկ։ « Մնացորդաց »ի Ա. հատորին Ա. գիրքէն Հաճի Արթինին կենդանագիրը չորս սկզբնական էջերու աճումն է, իր վերջնական ձեւին մէջ։ Այս մանրամասնութիւնը միայն իր աշխատանքը չի լուսաւորեր, այլեւ եղանակը իր մտքին գործունէութեան: Հոն՝ ուր արտաքին է տրաման (վիպակներ, հեքիաթ, դատում, տպաւորապաշտ էջեր) Օշական զայն նուաճած է մէկ գրիչով, առանց որեւէ քերթուքի։ Քիչ կտորներ, « Համապատկեր »ին մէջ ունեցած են կրկնագրութիւն (Չրաքեան, Զարդարեան, Թէքէեան, Դուրեան, Օշական)։ Մնացածները առաջին յեղումէն կու գան: Տարիներ գրիչ չէ բռնած։ Ուրիշ տարիներ Մնացորդաց »ի եւ « Համապատկեր »ի շրջանները, չորսական տարի) մեքենական կանոնաւորութեամբ մը, ամէն օր, նոյն ժամուն նստած է թուղթին առջեւ, սեւցուցած իր պարտքը (թիապարտի) ու ձգած սեղանը գլխիկորոյս ըսուելու չափ խռով։ Գրելը տաժանք մըն էր այս մարդուն համար, որ թուղթին վրայ րոպէ մը չէ կեցուցած վազքը իր գրիչին։