ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
/VII/
Երկար
տարիներէ
ի
վեր
մտաւորական
եւ
գրականասէր
շրջանակներու
մօտ
կը
խօսուէր
այս
հատորի
մասին։
Կը
սպասուէր
տեսնել
եւ
իմանալ
թէ
Յակոբ
Օշական,
որ
այնքան
լայն
ընդգրկումով
եւ
խոր
ակօսումով
իր
կեանք-քրտինքն
էր
թափած
հայ
գրականութեան
սպասարկուներուն,
անոնց
աշխարհին,
անոնց
երկերուն
վրայ՝
ինչպէ՞ս
կը
դիտէր
ինքզի՛նք
գրական–քննադատական
այն
հայեացքով
որ
իրեն
միայն
յատուկ
էր
եւ
իրմով
միայն
հասկնալի
եւ
բացատրելի։
Երկու
հսկայածաւալ,
մանրատառ
ձեռագիր
տետրակներու
մէջ,
762
էջերու
վրայ,
սփռուած
այս
գործին
հրատարակութիւնը
անկարելի
կը
թուէր
ձեռագրական
ընթերցումի
յատուկ
դժուարութիւններու
պատճառով։
Երեւակայե՜լ
որ
չորս
ամսուան
տեւողութեան
վրայ,
օրական
մէկ
ժամի
բժշկականօրէն
արտօնեալ
նեղ
դրութեան
մէջ,
վայրկեանները
ճակատագրէն
խլելու
եւ
իր
երեկոյացող
աշխարհը
վերջալոյսէն
փրկելու
եւ
թուղթին
վրայ
սեւեռելու
կիրքէն
ու
տագնապէն
[1]
մղուած՝
Օշական
իր
վերջին
ստեղծագործական
շունչն
է
թափած
այս
գործին
վրայ,
ուր
ինք
դիտողն
ու
դիտուողն
է
միանգամայն,
քննողն
ու
քննարկուողը,
ենթական
եւ
առարկան…։
Ինքնատեսութեան,
ինքնավերլուծումի
այս
բացառիկ
եւ
իր
տեսակին
մէջ
առաջին
(գէթ
մեզի
համար)
գոր/VIII/ծը
սակայն
չէր
կարելի
թողուլ
մաշումի
եւ
գունաթափումի
բնական
ճակատագրին
մատնուած
թուղթին
վրայ։
«ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ»ի
9–րդ
հատորի
հրատարակութեան
առթիւ
գրուած
հակիրճ
Յառաջաբանին
մէջ
արդէն
զգացուցեր
էինք
մեր
փափաքը
10–րդ
հատորով
մը
փակելու
այս
եզական
եւ
կոթողական
գործը՝
«ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ»։
Այնտեղ
կ՚ըսէինք.
—
«Կը
հաւատանք,
որ
«Համապատկեր»ի
Օշականեան
այս
շարքը
պէտք
չէ
փակուի
այստեղ,
այլ
իր
լրումը
պէտք
է
գտնէ…
Օշականո՛վ։
Մեր
հայեցողութեամբ՝
իր
«ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ»ը,
տակաւին
ձեռագիր
վիճակի
մէջ,
պէտք
է
գայ
պսակելու
հատորներու
այս
ոսկեշարքը։
«ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ»ը
Օշականի
խորահայեաց
ինքնատեսութեան,
ինքնավերլուծման
ամենէն
խիտ
եւ
ուժեղ
արտայայտութիւնն
է։
Որքա՜ն
յայտնաբերիչ
պիտի
ըլլայ
հայ
գրականութեան
սիրողներուն
եւ
սպասարկուներուն
համար
լսել
Օշականը՝
Օշականի
մասին…»։
Եւ
ահա
այս
հատորով
Օշականը
կը
խօսի
Օշականի
մասին։
Չէինք
սխալած
մեր
հաստատումին
մէջ,
որ
այդ
օրերուն
ձեռագրի
շատ
արագ
թերթատումէն
ստացուած
տպաւորութիւն
մըն
էր
լոկ։
Այսօր,
ձեռագրի
տպուած
այս
էջերուն
մէջէն,
հոգեկան
ամենախոր
վայելքը
ունեցանք
ըմբոշխնելու
Օշականի
տաղանդին
ճառագայթումը
իր
իսկ
անձին
եւ
գործին
վրայ։
Պարզ
տպաւորութիւնը
վերածուեցաւ
ամուր
համոզումի։
Որովհետեւ,
այս
հատորին
մէջ
մենք
գտանք
Օշականը
«ի
խորութեան
եւ
ի
լայնութեան
եւ
ի
բարձրութեան…»։
Oշականը՝
սեւեռումի
իր
ամենէն
բարձրաստիճան
հանգրուանին
վրայ,
Օշականը՝
իր
հոգեխառնութեան
եւ
գրական
դատումներու
ամենէն
խիտ,
թելադրական
հարստութեան
մէջ,
Օշականը՝
իր
պայծառատեսութեան
ամենէն
լայն
համապարփակումով։
Յառաջաբանի
մը
յատուկ
նեղ
սահմանագծումներուն
մէջ
չենք
կրնար
անդրադառնալ
այս
գործի
բազմակողմանի
արժէքներուն
եւ
երեւոյթներուն։
Չենք
ալ
կրնար,
սակայն,
չնշել
այն
քանի
մը
հիմնական,
բարացուցիչ
ե/IX/րեւոյթները,
որոնց
հանդիսարանն
է
այս
շքեղ
եւ
ոսկեպսակ
հատորը,
անոր
ընթերցման
մեր
դեռ
կանաչ
տպաւորութեան
ներքեւ.
—
Իր
արի
անկեղծութիւնն
ու
յանդուգն
արտայայտութիւնը
իր
բոլոր
ըսածներուն
մէջ,
ըլլա՛յ
իր
անձին
ու
գործին,
ըլլայ
անոնց
մէջէն
կամ
անոնց
առիթով
հայ
ժողովուրդի,
գրողներու
եւ
հայ
կեանքի
պատերու,
ընդհանրական
երեւոյթներու
մասին։
Ապրումներու,
յուշերու,
գաղափարներու,
արժեւորումներու,
դատումներու,
պատկերացումներու,
վերլուծումներու,
սեւեռումներու
հսկայ,
յորդահոս
լոյս-հոսանք
մըն
է
որ
կը
բխի
կեանքին
եւ
գրականութեան
մէջ
շաղախուած
իր
անձէն
եւ
կը
հոսի
այս
հատորի
էջերէն՝
լայն
հորիզոններու
վրայ
բանալով
կողմերը
հայ
կեանքին
եւ
գրականութեան
եւ
ընթերցողը
մղելով
մտածումի,
հայեցողութեան,
իմացական
ճիգի,
երբեմն
նոյնիսկ
ներքին
պայքարի,
ոգորումի
եւ
սեպհական,
ստացուած
կամ
աւանդութեամբ
ձեւաւորուած
ըմբռնումները
փորձաքարի
զարնելու
հրամայականին
եւ
քաջութեան։
Յայտնապէս
այս
հատորին
մէջ
կայ
պոռթկո՛ւմը
իր
անձին.
պոռթկում՝
որ
իր
գրական
շեշտեալ
ինքնութեան
կամ
իր
«անձնացեալ»
գրականութեան
արտայայտութիւնն
է։
Երբեմն
դառնութիւն
կայ
այդ
արտայայտութեան
մէջ,
որ
կը
դրսեւորուի
իր
անձին
եւ
արժանիքին
հանդէպ
մերժումին,
ուրացումին,
նոյնիսկ
հալածանքին
անդրադառնալու
պահերուն։
Բայց
իր
ներքին
«անձնացեալ»
հմտութենէն
եւ
զգայնութիւններէն
կենսագոյացած
հարստութիւնը
այնպիսի
ինքնապահովութեան
կեցուածք
մը
կու
տայ
իրեն
որ
իր
համոզումներուն,
ճաշակներուն,
դատումներուն,
արժանիքներուն
ամբողջական
եւ
խորապէս
գիտակցական
տիրութեամբը
զինք
վե՛ր
կը
դասէ
այդ
ուրացումներու
եւ
պարսաւանքներու
ու
յաճախ
«տափակապատում»
քննադատութիւններու
մակարդակէն։
Իր
կողմէ
անոնց
անդրադարձումը՝
պատասխան
տալու
փորձէն
եւ
փորձութենէն
շատ
հեռու
ճիգ
մըն
է.
իր
ինքնութեան
շեշտումն
է
այդ,
ինքնութենէն
իսկ
բխող
ներքին
բնական
պարտադրականութեամբ
բացատրուող։
/X/
«ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ»ը
Օշականէն
Օշականի
վրայ
սեւեռուած
հայեցողութիւնն
է,
ըսինք։
Բայց
ո՞վ
է
Օշական–առարկան
այստեղ։
Սոսկ
Յակո՞բ
Օշականը
եւ
անոր
ստորագրութեամբ
լոյս
տեսած
գրական
գործե՞րը։
Յակոբ
Օշականի
անձին,
կեանքին,
աշխարհին,
գիւղին,
քաղաքին,
ուսման,
գրական
սկզբնական
քայլերուն
եւ
հետագայի
ստեղծագործութիւններուն
լայնօրէն
անդրադառնալով
հանդերձ՝
Օշական–հեղինակը
իր
մտասլացքը
կ՚ուղղէ
եւ
կը
սեւեռէ
հայ
ժողովուրդի՛
կեանքին,
հայ
աշխարհի
պայմաններուն,
զօրեղ
շեշտաւորումով
թուրքի
հոգեբանութեան
եւ
հայութեան
կեանքին
մէջ
բացած
անոր
ահաւոր
վէրքին,
հայ
գրականութեան
հետ
առընչուած
բազմազան
հարցերուն,
հայ
գրողներուն,
անոնց
գործերոն,
հիմնական
արժանիքներուն
(կամ
ապարժանիքներուն),
միջազգային
գրականութեան
որոշ
դէմքերուն,
յատկապէս
ֆրանսական
եւ
ռուսական
գրական
մեծ
դէմքերուն
եւ
անոնց
մէջէն
իր
յայտնագործած
արժէքներուն,
անոնց
գրական
աւանդին,
այդ
աւանդէն
մնայուն
տարրերուն,
մարդկային
հոգեբանութեան,
տաղանդին,
աշխատանքին,
մշակոյթին
եւ
այսպէս
ու
դեռ
հոյլ
մը
այլ
նիւթերու,
որոնք
իր
գրչով
նո՛ր
երանգ
եւ
մասնայատուկ
կարեւորութիւն
եւ
լրջութիւն
կը
ստանան։
Ճիշդ
է,
որ
Օշական
կը
գրէ
Օշականի
մասին,
բայց
Oշականին
առիթով
յարուցուող
այնքան
հարցերու,
անոր
կեանքին
ու
աշխարհին
հանգուցային
այնքան
բարդ
երեւոյթներու
մասին,
որոնք
առընչուած
են
անոր
օրերուն
ապրուած
հայ
կեանքին,
գրականութեան,
աշխարհին,
հայ
եւ
օտար
մշակոյթներուն
հետ։
Աշխա՛րհ
մը
ջուր
կայ
սա
սպունգացեալ
Օշական–առարկային
մէջ,
զոր
կը
ջանայ
սեղմել
Oշական–հեղինակը
իր
այնքան
տարածուն
եւ
միանգամայն
այնքան
պիրկ
էջերուն
եւ
տողերուն
մէջ։
Oշական
իր
այս
գործին
մէջ
կը
հաւաքէ
«
Համապատկեր
»ի
նախորդ
ինը
հատորներուն
եւ
իր
այլ
գործերուն՝
վէպերուն,
տպաւորապաշտ
էջերուն,
թատերական
կտորներուն,
գրական-քննադատական
էջերուն,
մատենագրական
նշմարներուն
մէջ
սփռած
լոյսը
եւ
ոսպնեակէն
անցնող
եւ
լուսախուրձի
վերածուող
ճառագայթին
պէս
զայն
կ՚իջեցնէ
այնտեղ
տեսակ
մը
որպէս
յանգում
իր
տա/XI/րիներու
գրական
լուսախնդիր
ոդիսականին։
Ասով
կը
բացատրուի
այն
որ
երբեմն
տողի
մը
մէջ,
էջի
մը
վրայ
այնպիսի
խտացում
կայ
որ
կարծես
կրնայ
դառնալ
կարողական
կորիզը
թեզի
մը,
յօդուածի
մը,
հատորի
մը…։
Տարօրինակ
կերպով
ինծի
կը
յիշեցնէ
բոլորովին
այլ
պայմաններու
տակ,
այլ
հոգեխառնութեամբ
եւ
այլ
աւանդութեամբ
գրուած
Report
to
Greco–ն
Նիկոս
Քազանծաքիսի,
որ
հայելի
մըն
է
հեղինակին
անձին,
մտածողութեան
եւ
աշխարհի
ու
մարդու
մասին
մտահայեցողութեան,
Կրետէի
եւ
Կրետեան
յունականութեան
կերպարին՝
հիւսուած
համաշխարհային
փորձառութեան
մը
պաստառին
վրայ։
Բայց
մինչ
Report
to
Greco–ն
աւելի
ինքնակենսագրութիւն
մըն
է,
տեսակ
մը
mémoire,
(բայց
այնքա՜ն
տարբեր՝
այլ
mémoireներու
սովորական,
անձնակեդրոն,
եսապաշտ,
ինքնատես
եւ
ինքնացուցական
հասարակացեալ
աւանդութիւններէն)
քան
Օշականի
«ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ»ը,
ուր
ինքնակենսագրական
տարրեր
—
աւելի
ճիշդ՝
նշումներ
—
կան,
բայց
գործը
ինքնաստեղծում
մըն
է,
գրական
վրձինում
մը
իր
անձին,
իր
հոգետեսութենէն
եւ
գրական–քննադատական
փորձառութեան
լայնապարփակ
եւ
բազմախորշ
երանգապնակէն
քաղուած
գոյներու
պոռթկացող,
հոսող,
չզսպուող,
չսահմանափակուող,
չսպառող
գործածութեամբը։
Արտաբխում
մըն
է
այս
գործը
Օշականի
հոգիին
մէջ
տարիներու
յորդացեալ
ծանօթութիւններուն,
ապրումներուն,
ըմբռնողութիւններուն,
տեսակերպերուն,
արժեւորումներուն,
գրական
փիլիսոփայութեան,
որոնք
կը
հանդիսադրուին
այս
հատորին
մէջ…
առանց
սպառելու։
Ահա
թէ
ինչո՛ւ
չափուած-ձեւուած,
ընկալեալ
դասաւորութեանց
սիստեմներու
տակ
չիյնար
ան։
Զայն
կարդացողը
չի
գոհանար
անով,
այլ
անով
եւ
անկէ
կը
մղուի
դէպի
աւելի
լայն
հորիզոններ,
կը
բացուի
նո՛ր
հետաքրքրութիւններու,
կը
պրկուի
դէպի
նո՛ր
ընթերցումներ,
կը
տարուի
ինքզինքին
հարցեր
տալու,
պայքարելու
իր
մէջ
գոյաւորուած
տեսակէտներու
դէմ,
երբեմն
կը
հակի
մերժելու
Օշականի
դատումը,
յաճախ
կը
յափշտակուի
անոր
սեւեռումներու
խոր
ինքնատպութեամբը,
ծանր
լրջութեամբը
եւ
յղի
թելադրականութեամբը։
/XII/
Այս
տեսակէտէն,
բացառիկ
էջեր
կը
պարզէ
մանաւանդ
գործին
ամենէն
ընդարձակ
եւ
ամենէն
ինքնատիպ
բաժինը
հանդիսացող
«ՔՆՆԱԴԱՏԸ»
գլուխը,
յատկապէս
գրական
արուեստի
գործի
մը
մէջ
«
Ո՞վ
կայ
»,
«
Ի՞նչ
կայ
»,
«
Ինչպէ՞ս
կայ
»,
«
Ե՞րբ
կայ
»,
հարցումներու
վերլուծական
պատկերացումներովը
եւ
նամանաւանդ
իր
տիալոկովը
իր
իսկ
հեքիաթին,
իրեն
այցելող
իր
«միւս
անձ»ին
հետ։
Այսպէս,
Արեւմտահայ
գրականութեան
պատմութեան
համար
ընդարձակ
աշխարհ
մը
կը
բացուի
Օշականի
գրչով
եւ
Օշական
նիւթով։
Ոչինչ
կայ
զարմանալի
այս
երեւոյթին
մէջ,
որովհետեւ
Օշական
Օշակա՛ն
է
հայ
գրականութեան
հետ
իր
գոյութենական
շաղուածքովը,
ինչպէս
ինք
պիտի
ըսէր,
իր
ջիղերովը,
իր
երակներովը,
իր
միս
ու
ոսկորովը։
Եւ
մենք
կը
հաւատանք,
որ
Արեւմտահայ
գրականութեան
պատմութենէն
շատ
կարեւոր
գիծ
մը,
երանգ
մը,
հիմնական
բան
մը
պիտի
պակսի
եթէ
այդ
պատմութիւնը
երեւակայուի
եւ
ներկայացուի
առանց
«
Համապատկեր
»ի
այս
տասնեակ
հատորներու
շարքով,
եւ
զանոնք
պսակող
ու
օշականեան
աշխարհը
պատկերացնող
10–րդ
այս
հատորով։
Գիրքեր
կան,
որոնք
եթէ
չըլլան՝
ոչինչ
կը
կորսուի
գրականութենէն
կամ
կեանքէն։
Գիրքեր
ալ
կան,
որոնք
եթէ
չըլլան՝
գրականութիւն
եւ
ժողովուրդներ
չեն
ըլլար
այն՝
ինչ
որ
են։
Եւ
հազուագի՛ւտ
են
այս
գիրքերը։
Ու
այդ
հազուագիւտներուն
մէջ
առանձին
տեղ,
դիրք
եւ
արժէք
ունի
Օշականի
«
Համապատկեր
»ը։
Գրականութեան
պատմութիւն,
գրական
քննադատութիւն,
գրագէտներու
կենսագրութիւն,
գրական
երկերու
վերլուծում,
գրականութեան
շրջաններու
մատնանշում
եւ
բնութագրում,
գրական
գործերու
(յաճախ
վերնագիրներու)
թուում
եւ
արժէքներու
(յաճախ
պարագայական
նմոյշով
մը)
վերլուծում
եւ
ասոնց
նման
«ձեռնարկ»ներու
սովորութենացած
պատշաճութեան
պայմաններուն,
բնական
եւ
աւանդական
կարգերուն
եւ
կանոններուն
շրջագիծին
մէջ
չի
զետեղուիր
այս
գործը։
Զարտուղի
նկարագիր
եւ
ընթացք
մը
ունի
ան,
այնքա՛ն
անձնադրոշմ՝
որ
անկրկնելի
փորձ
մըն
է
հայ
գրականութեան
վրայ
հայեցողութեան
եւ
արժեւորման։
Stereotype
գիրքերու
շարքին
մղոններով
հեռու
կ՚անցնի
ան,
/XIII/
որուն
համար
հեղինակը
ինք
կ՚ըսէ.
«
զօրաւոր
ձեռնարկ
մըն
է
հարիւրամեայ
մեր
գրական
ճիգը
համադրել
փառասիրող
»
(էջ
100)
«
ընդարձակագոյն
կառոյցը
մեր
մէջ
քննադատութեան
»
(էջ
327)։
«
Զօրաւոր
»
է
ան
զօրութեամբը
հեղինակին
ներթափանցող
եւ
դէպքերուն
մէջ
երեւոյթներ
բռնել
գիտցող,
դէմքերուն
մէջ
նկարագիրներ
նկարել
կրցող,
տարիներուն
հետ
սահող-անցնող
կեանքին
մէջէն
ժամանակէն
վեր
մնալիք
կեանքը
ապրեցնել
գիտցող
տաղանդին։
«
Կառոյց
»
է
ան,
եւ
«
ընդարձակագոյն
»ը,
բայց
ո՛չ
չոր
ու
ցամաք,
անհոգի
եւ
ընդհանրացեալ
չափանիշերով,
«
Շրջան
»,
«
Կեանք
»,
«
Գործ
»
եւ
«
Արժէք
»,
ու
նման
բաժանումներու
կաղապարեալ
տարրերով
յատկանշուած,
այլ
կեանքէն
եւ
իրագործուած
գրական
վաստակէն
քաղուած
երեւոյթներու
առանձնացումով,
դասաւորումով
եւ
մանաւանդ
կենդանի
վերապատկերացումով
սնած
«գրական
ճիգ»,
որ
ուսումնասիրութենէ
աւելի
հաղորդութեամբ
եւ
երկունքով
կեանք
կ՚առնէ
եւ
կեա՛նք
կու
տայ
գրականութեան,
որ
Օշականի
ժայռանման
հանգանակով
կը
բխի
կեանքէն՝
երթալու
համար
կեանքին,
անցնելով
ժամանակէն
եւ
անանց
պահելով
ժամանակը
ու
զայն
արձանագրելով
անմահութեան
պաստառին
վրայ,
որուն
անուան
կնքահայրը
եւ
կնքող
քահանան
միանգամայն
եղաւ
ի՛նք
—
իրա՛ւ
գրականութիւն:
Եթէ
հարկ
ըլլար
հասարակաց
մէկ
տարազ
գտնել
բնորոշելու
համար
Օշականի
գրական–քննադատական
արուեստին
ընդհանուր
եւ
իւրայատուկ
նկարագիրը,
ոգին,
ձգտումը,
փիլիսոփայութիւնը,
պիտի
տարուէինք
զինք
դարձեալ
մէջբերելու՝
ըսելու
համար,
թէ
իր
գրչին
շարժումը
կը
հետեւի
իր
հոգեխառնութեան
եւ
տեսլապաշտ
միակ
արեւելումին
դէպի
գիւտը
հայ
ժողովուրդին
—
ապրո՛ղ
ժողովուրդին
—
անոր
վերյայտնումը,
դրոշմումը
գիրին
անմահացնող
կերպին
մէջ,
դէպի
հարազատ,
ամբողջական,
բաբախուն,
անսեթեւեթ
վերբերումը
հայ
հոգիին,
ապրուած
կեանքին
եւ
իրագործուած
գրական
ժառանգութեան
մէջէն։
Հայ
հողին,
գիւղին,
հայ
մարդուն,
գիւղացի
թէ
քաղաքացի,
վանքի
մը
մէկ
պատառիկին
—
նոյնիսկ
պատռտուած
աւերակին
—
շարականի
մը
մէկ
մեղեդիին,
երգի
մը
մէկ
աւաչին,
ձեռագրի
մը
մէկ
յիշատա/XIV/կարանին,
մատենագրի
մը
մէկ
էջին,
ու
մանաւանդ
Արեւմտահայ
անուան
տակ
ճանչցուած
հայ
գրողներու
գործերէն
իր
երնումով
յարդէն
անջատուած,
կեղծ
պայմանադրականութիւններէ
ազատագրուած
ու
փրկուած
գրական
վերստեղծումի
մը
մէկ
նուաճումին
մէջ
ան
կը
փնտռէ
իր
ժողովուրդը,
որուն
սրտին
հետ
ինք
խառնած
է
իր
սիրտը,
որուն
էութեան
մէջ
կը
զգայ
իր
ողջ
ինքնութիւնը։
Ա՛յս
է
պատճառը
որ
«ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ»
անուամբ
իր
մկրտած
այս
գրական
ստեղծագործութեան
մէջ
մենք
Օշականը
կը
գտնենք
ոչ
իբրեւ
սոսկ
անհատ
այլ
որպէս
կենդանի
մանրանկար
հայ
հոգիին։
Այո,
վկայութի՛ւն
է
այս
գործը։
Բայց
վկայութիւն՝
ո՛չ
այնքան
Օշականի
սահմանաւոր
անձին
որքան
Օշականը
ծնող
եւ
սնուցող
հայ
ժողովուրդի
մասին։
Իր
անհատական
բաժինը
այդ
մանրանկարին
մէջ՝
իր
կի՛րքն
է,
կեղծը
հալածելու
իր
ճիգին
մէջ,
արուեստականը
սպաննելու
իր
մոլուցքին
մէջ։
Բնականօրէն,
իր
ստեղծագործութեան
հեղեղահոս
այս
գնացքին
մէջ,
իր
դատումներու,
նշումներու
յորդաբուխ
այս
հանդիմադրութեան
մէջ
կան
գիծեր,
անկիւններ,
պատկերներ,
որոնք
հարցականներու
կ՚առաջնորդեն
մեզ։
Վստատ
եմ,
իր
հոգին
չի
խռովիր
այդ
հարցականներէն,
վերապահութիւններէն,
տարակարծութիւններէն,
մերժումներէն
կամ
ժխտումներէն։
Որովհետեւ,
հայ
ժողովուրդը
կայական
գոյացութիւն
մը
չէ
«գտնուելու»
համար
որպէս
սառած
առարկայ։
Շարժուն,
տագնապող,
փոփոխութիւններու
կրակէն
անցնող
հաւաքականութիւն
է
ան,
եւ
անոր
«գիւտ»ը
չի
նմանիր
քաղաքակրթութենէ
մը
փրկուած,
«գտնուած»
մէկ
յուշարձանի
կամ
յուշամատեանի
«գիւտ»ին։
Այդ
գիւտը
շարունակական
«վերագիւտ»
մըն
է,
անսպառ
հաղորդութիւն
մը
հայ
ժողովուրդի
«ի
լինելութեան»
եղող
հոգիին։
«ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ»ը
սքանչելի,
պաշտելի
անկեղծութեամբ,
հոգեկան
ներքին
տագնապի
աստիճանին
հասնող
սիրոյ
խոր
ապրումով
եւ
միտքի
անաչառ,
անսակարկ,
անվերապահ,
յանդուգն
մօտեցումով
իրագործուած
հաղորդութեան
կենuայորդ
պահ
մըն
է,
որուն
ներգործութիւնը
վստահաբար
վայելքին
հետ,
բայց
վայելքէն
անդին,
անբաղդատելի
բարիք
մըն
է
հայ
ժողովուրդին,
անփոխարինելի
շատ
մը
հայ
գրականութեան,
անստուեր
պատիւ
մը
/XV/
Oշական–հեղինակի
մշտահոս
գրչին
եւ
մշտակենդան
ու
յաւերժադալար
դափնեպսակ
մը
հայ
հոգիին
մէջ
բացուած,
հայ
հոգիին
փնտռտուքին
կիրքովը
խանձուած,
հայ
հոգիին
փառքովը
միայն
երջանիկ
Օշական–մարդուն
աներեկոյ
յիշատակին։
*
*
*
Այս
ամբողջը
հայ
ժողովուրդին
ընծայելու
համար
մենք
մեր
գերագոյն
կարելին
ի
գործ
դրինք
որ
այս
հատորը
լո՛յս
տեսնէ,
որպէսզի
կարենայ
լոյս
տալ…։
Անկարելի
պիտի
ըլլար
մեր
նպատակը
իրականացնել
եթէ
չունենայինք
նախանձախնդիր
եւ
նուիրեալ,
հաւատաւոր
ու
աշխատունակ
գործակիցներ,
որոնց
հանդէպ
կը
մնանք
շնորհապարտ։
Անոնց
մէջ
ամենէն
աւելի
մեր
շնորհակալութեան
եւ
գնահատանքի
ամենաջերմ
խօսքը
կ՚երթայ
մեր
Միաբանութեան
երիտասարդ
անդամներէն
Հոգշ.
Հայր
Վարուժան
Վրդ.
Հերկելեանին,
որ
անխոնջ
աշխատանքով,
բծախնդիր
հոգածութեամբ
մեքենագրեց
ձեռագիրը
յաճախ
ժամեր
ու
օրեր
տրամադրելով
մէկ
կամ
միւս
բառի
ստուգման
եւ
ճշգրիտ
վերարտադրութեան
համար։
Իր
խօսքը,
«
Խմբագրական
նօթեր
»
համեստ
մակագրին
տակ,
քիչ
անդին
տպուած,
լիովին
կը
բացատրէ
իր
տարած
բացառիկ
աշխատանքին
հանգամանքները,
դժուարութիւնները
եւ
արդիւնքները։
Մենք
անձամբ
հետեւեցանք
գործին
եւ
կը
հաստատենք
որ
շատ
դժուար,
գրեթէ
անկարելի,
պիտի
ըլլար
աւելի
խնամոտ
ձեւով
հրատարակել
այս
գործը
քան
այն
ինչ
որ
կը
մատուցուի
այս
տպագրութեամբ։
Վստահ
ենք
որ
Հայր
Վարուժանի
այսպէս
կոչուած
«սեւ»
աշխատանքը
վառօրէն
սպիտակ
գնահատութեամբ
պիտի
դիմաւորուի
ընթերցող
հասարակութեան
կողմէ։
Գործի
հրատարակութեան
պատրաստութեան
մէջ
իր
շատ
կարեւոր,
մեծապէս
օգտակար
բաժինը
բերաւ
դարձեալ
Յակոբ
Օշականի
մօտիկ
աշակերտ,
անոր
գիրին
ու
լեզուին
վարժ
ու
տեղեակ,
անոր
հոգեմտաւոր
աշխարհին
սերտօրէն
հարազատ
եւ
Oշականեան
գրականութեան
մոտ
գրագէտ
Պօղոս
Սնապեան,
որ
տող
առ
տող
հետեւեցաւ
/XVI/
հրատարակութեան
եւ
բերաւ
իր
անգնահատելի
բաժինը
հատորի
մարդկայնօրէն
կարելի
հարազատութեամբ
վերարտադրութեան
այնքան
դժուարին
գործին։
Անգամ
մը
եւս
ջերմօրէն
շնորհակալութիւն
իր
անձնուէր
աշխատանքին
համար։
Շնորհակալութեան
եւ
գնահատանքի
երրորդ
մեր
խօսքը
կ՚ուզենք
արձանագրել
բառին
խորագոյն
եւ
ամբողջական
իմաստով
Բարերար,
Օշականեան
տարազով
«
իրաւ
»
Բարերար,
եգիպտահայ
ազգային՝
Պրն.
Աւետիս
Ն.
Չագըճեանին,
որ
օրինակելի
եւ
վարակիչ
ինքնայօժարութեամբ,
անձնազգած
բայց
գերանձնական
ուրախութեան
զգացումով
փափաքեցաւ
ստանձնել
մեկենասութիւնը
10–րդ
այս
հատորին…
կատարած
ըլլալէ
ետք
բարերարութիւնը
7–րդ
եւ
8-րդ
հատորներուն։
Սրտանց
կը
մաղթենք
որ
Աստուած
իր
երջանկութեան
աւելցնէ
նոր
ալիք,
որ
վստահաբար
կու
գայ
հայ
ժողովուրդի
գրականութեան
զարգացման
ծով
երջանկութենէն…։
*
*
*
Եւ
ահա
այսպէս
կը
գմբէթանայ
Յակոբ
Օշականի
«
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
»
հատորներու
կառոյցը։
Տա՜սը
հատորներ,
որոնց
մէջէն
Արեւմտահայ
գրականութեան
բանական
եւ
գրաձայն
համերգը
կը
նուագուի
Օշականեան
ճպոտով…։
Բեմին
վրայ
են
անոնք՝
գրագէտները,
իրենց
անլռելի
դերակատարութեամբը։
Ո՞ւր
ենք
մենք՝
ժողովուրդն
Հայոց ,
այսօր։
Սրահի՞ն
մէջ։
Ունկնդի՞ր։
Մասնակի՞ց։
Թէ՝
Ա՜յլ
ուրեք
եւ՝
ունկնդիր
ա՜յլ
ձայներու,
եւ
թափառուն
այլ
բաւիղներու
մէջ։
Oշական
իր
ծնունդէն
մինչեւ
մահ,
Պրուսայէն
մինչեւ
Հալէպ,
եղաւ,
ապրեցաւ,
յամառօրէն
մնաց
ինչպէս
սովոր
ենք
ըսել,
իր
ժողովուրդի՛ն
հետ,
իր
ժողովուրդո՛վ
եւ
իր
ժողովուրդի՛ն
համար։
/XVII/
Մենք
կը
հաւատանք,
որ
ան
«
Համապատկեր
»ի
տասը
հատորներով
եւ
այլ
տասնեակ
մը
ուրիշ
հատորներով
կ՚ապրի
դարձեալ
իր
ժողովուրդին
հետ,
իր
ժողովուրդով
եւ
իր
ժողովուրդի՛ն
համար։
«Յետ
մահու»
կեանքը
Օշականին՝
ի՞նչ
չափով
մեր
ժողովուրդին
համար
պիտի
ըլլայ
այն
կեանքը
որ
հայութեան
կեանքին
պիտի
բերէ
ապրող,
ներշնչող,
պայծառակերպող,
հայակերտող
«
Վկայութիւն
»ը
Օշականեան
աշխարհին։
Ինք
եղաւ
իր
ժողովուրդին
հետ։
Ժողովուրդը
պիտի
կրնա՞յ
ըլլալ
իրեն
հետ…
ԳԱՐԵԳԻՆ
Բ.
Աթոռակից
Կաթողիկոս
6
Յունիս
1982
Անթիլիաս