Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

/101/ « Օշականի վէպը երեւոյթ մըն է Արեւմտահայ գրականութեան մէջ ». այսպէս արտայայտուած է արեւելահայ դատող մը, Օշականի նուիրուած ցերեկոյթի մը մէջ։

Արեւմտահայ գրականութեան մէկ վաստակին վրայ սա բարեհա՜ճ զեղումը հոս կը յիշեմ անոր համար, որ արեւելահայ դատաստանը արեւմտահայ գրական արդիւնքին վրայ մեզի համար ոչ մէկ պատրանքի դուռ կը թողու։ Դուրեանն իսկ «անպէտք» յայտարարող ոգին կ՚երեւի Այրարատեան նահանգին ներքին բխումն իսկ է։ Բայց վերի վարկածին հեղինակը ատկէ ալ անդին է անցած։ Կամuարականի նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական նպաստովը ի պատիւ Շիրվանզատէի գործին արեւմտահայ գրագէտներու կողմէ կազմուած հատորի մը վրայ, ուր մեր ամենէն տիտղոսաւոր գրողները իրենց մասնակցութիւնն են բերած, նոյն այդ մարդը քսան մը տարի առաջ չէր վարանած մահավճիռը արձակել։ Ըստ այդ դատողին, այդ հատորը «գերեզմանային վկայութիւն մը» կը բերէր արեւմտահայ մտքէն։

Այդ վկայութիւնը Oշականի վէպին վրայ այդ մարդուն երբ վերածենք իր եզրերուն, բաղադրիչներուն, կ՚ունենանք հաստատ նշմարանքներ մեր նոր զոյգ գրականութեանց մէջ իր փառքի օրերը ապրած գրական սեռի մը վրայ։ Արդարեւ, Աբովեան, (Պռոշեանց), Րաֆֆի, Շիրվանզատէ, Մուրացան, Նար-Դոս մեծ անուններ են, մեծ գործերու երախտիքովը իրենք զիրենք պարտադրող մօտաւորապէս դար մը հայ կեանքի ո՛չ միայն արեւելահայերուն, այլեւ՝ արեւմտահայերուն։ Բայց ահա, վերյիշումներու նոյն ճամբով, մենք կ՚ունենանք Մ. Մամուրեանը, Սրբուհի Տիւսաբը, Գր. Զօհրապը, Տիգրան Կամսարականը, Լեւոն Բաշալեանը, Արփիար Արփիարեանը, Տիկին Սիպիլը, Տիկին Եսայեանը, Երուխանը, բոլորն ալ շահեկան, եթէ ոչ մեծ դէմքեր, ոմանք իրենց մտադրութիւններով, ուրիշներ /102/ իրենց իրագործումներով։ Գումարը այս խօսքերուն ա՛ն՝ որ մինչեւ Առաջին Մեծ պատերազմը հայ վէպը գտած է իր ճարտարապետութիւնը, նկարագիրը, դէմքը, անոնց, արեւելահայերուն մօտ շեշտապէս ժողովրդապաշտ, հայրենանուէր, մեր մօտ՝ զբօսապաշտ, թերթօնախորժ, քիչ անգամ արուեստաւոր, աւելի շատ արուեստակեալ։

Երկու հատուածներէն ալ, առայժմ նկատի չեմ առներ յետպատերազմեան կերպարանքը գրելու այդ սեռին, երբ կը պատրաստուիմ դատել Օշականի վէպը, որ միայն ժամանակովը ու շատ–շատ կսկիծի մը ձեւովը կը կաղապարուի յետ-պատերազմեան հոգեբանութեան ներսը, քանի որ այդ իրագործումը կատարուած է ծանր, Ահարոնեան պիտի ըսէր՝ «հոգեկան խաւարին մէջ», աւելի պարկեշտ տարազով մը՝ բացարձակ առանձնացման մը մէջ։ Օշականի վէպին մեծագոյն միութիւնը, « Մնացորդաց » ծրագրած էր ինքզինք աւարտել տարագրութեան մէջ (1915), ինչ որ կը նշանակէ համադրումը 1840ին սկսող մեր նորագոյն շրջանին, մօտաւորապէս դարու մը կեանք, իր բոլոր երեսներով։ Յետ–պատերազմը ուրիշ աշխարհ է, մա՛նաւանդ ուրիշ հոգեբանութիւն։

Այսպէս բացատրելէ վերջ Օշականի վէպին օտարութիւնը իր ժամանակէն, թերեւս արդարացուցած կ՚ըլլանք վերը յիշուած դատողին վճիռը, ուրիշ երեսով մը։ Րաֆֆիին գործը աշխարհ մը կարիք, երազ, առնուազն բարի–կամեցողութիւն կը դիմաւորէր։ Ինչո՞ւ, ո՞ր պէտքերուն համար գիրի են ինկած խոշոր կառոյցները [1] արեւմ/103/տահայ այդ վիպասանին, որ Օշական կ՚անուանուի։ Մենագրութիւններ, շրջանային կառոյցներ, հսկայ համադրումներ, որոնք գրագէտի փառասիրութիւններ ըլլալէ առաջ, պարտքի պարտադրանքն են այդ գիւղացիին բարոյական զգայարանքին վրայ։ Ամէն ինչ կ՚ար/104/գիլէր զինքը այդ աշխատանքէն, ամենէն առաջ մեր գրականութեան ընկալչութիւնը, որ վէպին համար դարբնած էր փոխառիկ կաղապարներ (ռոմանթիք թարգմանական թերթօնները Իզմիրի դպրոցին) ու չէր կրնար հաշտուիլ թերթօնէն դուրս ուրիշ կերպարանքով լայնա/105/շունչ ստեղծագործութիւններու։ « Մնացորդաց »ը համադրութիւն մըն է։ Օշական ունի համադրական ուրիշ ձեռնարկ մը, « Եռանկար » ընդհանուր խորագրով։ Գործը կը ձգտի նուաճել արեւմտահայ քաղաքը, անոր ընտրանին, որմէ զատուած են երեք յատկանշական անձնաւորութիւններ, երեքն ալ արուեստի կալուածէն Գրագէտ մը, /106/ երաժիշտ մեծ արուեստագէտ մը, դերասան մը, իւրաքանչիւրին [2] մէջ վերլուծելու առաջադրութեամբ միտքին եւ մարմինին, մտածումին եւ սեռին, երազին եւ կիրքին փոխ-յարաբերութիւնները։ Իւրաքանչիւրը կը մեկնէր անեքտոթիք, բայց իրական ապրումէ մը, արկածէ մը, աղէտէ մը, կը ծաւալէր ասոնք որոշադրող ազդակներու /107/ ամբողջ ընդերկրեայ հայ աւազաններուն ու կը գտնէր միջին կերպպարանքը հայ հաւաքական յղացքին Պոլիս, գաւառ, Այրարատեան Հայաստանը, Ռուսաստանը, գաղթաշխարհը, հեռու Արեւելքը մինչեւ։

/108/ Շատ ուզողին քիչ անգամ պիտի տրուի։ «Այսպէս է բախտը», ըսեր է մեր իմաստուն ժողովուրդը։

 

 


[1]     « Մնացորդաց »ի առաջին երեք հատորները (ինը գիրք) Տիկին Եսայեանի խնդրանքովը ղրկուած են ատենին Երեւան, իր հասցէին։ Երկու ամիս վերջը մերժուած, ետ կը դառնար ղրկողին։ Երեւանէն, Մոսկուայէ՞ն։ Հոդ չէ հարցը։ Տիկին Եսայեան աննշան անուն մը չէր ու իր պահանջը անշուշտ չէր հակառակ երկրին ներքին օրէնքներուն։ Գրաքննութիւնը չէր կրնար կարդացած իսկ ըլլալ այդ տպագրօրէն նահատակ ալ ծանր հատորները։ Հիմա այդ մերժումը հոս կը յիշեմ տալու համար տարակոյսը, զոր այդ գործը արթնցուց արեւելահայ մտայնութեամբ մարդոց մէջ։ Ըստ ինծի գրուած արժանահաւատ վկայութեանց` անիկա հակա–յեղափոխական մտայնութեան մը ծնո՜ւնդն էր։ Ինչո՞ւ չէ։ Այսպէս է գրուած կարգ մը մարդոց բախտը։ Պիտի անցնինք լրջութեամբ, կիրքով, խենթութեամբ մեր առանձնարանը։ Պիտի փոխենք բոլոր հաղորդակցութեան միջոցները դուրսի աշխարհին հետ: Պիտի արգիլենք սենեակէն մուտքը ամենէն անմերժելի աչքերուն, պիտի սուզուինք մեր նիւթին, որ մեր ժողովուրդին կեանքն է, մինչեւ 1915ի տարտարոսը ու պիտի ապրինք այդ ամէնը, որպէսզի հակա–յեղափոխական որակուինք։ Արդարութիւնն ալ այսքան կ՚ըլլայ, քանի որ այդ հարիւրի մօտեցող տարիներուն մէջ հայ հոգիին վրայ հաւատքի միակ խորհրդանիշ անձնաւորութիւնները կու գան այդ փաղանգէն, որ նման ամէն փաղանգի իր մէջ կրնայ պարունակել անկշիռ միութիւններ ալ, բայց անկարող՝ փաղանգին նկարագիրը եղծելու։ Երկրորդաբար կ՚աւելցնեմ, որ այդ գործին Գ. հատորը Դժոխք »), այն պարագային, որ նուաճուի (երազ է ասիկա ու երազներու հետ չունինք իրաւունք քիթի պոչով վարուելու) պիտի պատկերէր, իւրաքանչիւրը, հրեք հարիւրը անցնող տասը գիրքերու վրայ մեր տարագրութիւնը, իբր պատմական իրողութիւն եւ իբր արուեստի ելած հում նիւթ, ինչպէս Թոլսթոյ փորձած է 1812ը նուաճել « Պատերազմ եւ խաղաղութիւն » իր վէպին մէջ։ « Դժոխք »էն հատոր մը սա ուրուագիծը ունի հեղինակին մտքին մէջ. այդ գիրքը կը բացուի Չանղըրիի մէկ խանին վրայ, ուր աքսորուած էին 1915ին զոհերէն պոլսահայ մտաւորականներ (ունիմ շատ մանրամասն պատկերը վայրին, ինծի հաղորդուած այդ խումբին մաս կազմող ու հրաշքով Պոլիս դարձող մարդու մը կողմէ, Բիւզանդ Պոզաճեան, որ մեր լրագրութեան մէջ կատարած է պարկեշտ աշխատանք եւ իր թարգմանածոյ թերթօններով նպաստած ալ է մեր աշխարհաբարին)։ Հոն են մեր տիտղոսաւոր կուսակցական պատերը, լրագրողները, երեսփոխանները, քիչ-շատ ժողովրդանուէր հոգեւորականները, կռուի մարդերը, ճարտար արհեստաւորները, գրագէտները, հանգամանաւոր ուսուցիչները, տաքգլուխ գործիչները, պետական ծառայութեան մէջ թուրք ոգիին խոր թափանցումը ըրած ու թուրքէն աւելի թուրք, բայց այդ իսկ պատճառով կասկածելի, նախանձուած որովհետեւ գէշ հասկցուած պետական պաշտօնեաները, որոշ թիւով փաստաբաններ, բժիշկներ, դեղագործներ, մեծ հանգանակութեանց մէջ առատ բաժին վերցնող առեւտրականներ, հռչակաւոր մարտիկներ, կարճ` այն երանգաճոխ փիթորեսք խառնուրդը, որով կը ներկայանար Առաջին Մեծ պատերազմը կանխող տարիներուն արեւմտահայ իմացական եւ հանրային դերով մը ուշքի ինկած ընտրանին։ Արեւելահայ մտայնութիւնը կուսակցական պետերու հանգամանքին ընդմէջէն վէպին թերեւս չորս հարիւր էջերը պիտի լեցուէին քանի մը պարզ, բայց խորութեան տարուած դրուագներով։ Ատոնցմէ ամենէն ծաւալունը, հանգամանաւորը, պատասխանատու տարողութիւն մը ներկայացնողն էր խօսակցութիւն մը, տարածուող հաւանաբար գիրքին կէսէն ու աւելիին վրայ (այն տիպէն, որմէ նմոյշ է, իրագործուած, « Մնացորդաց »ի Բ. հատորին Ե. գիրքին մէջ խօսակցութիւն մը թուրք ոստիկանական բարձր պաշտօնատարի մը եւ յեղափոխական Մաթիկ Մելիքխանեանին միջեւ), ուր 1914ի մեր մտահայեացքը պիտի կերպարանք դառնար, մարդոց իւրաքանչիւրին մասնակցելովը ընդհանուր հարցին հայ-թուրք հարցը մեր ժողովուրդին խելքը ու դժբախտութեան խարիսխները։ Ամէն մէկ խօսակից պիտի բերէր իր ըմբռնողութիւնը իր ժողովուրդին ընդհանուր իմաստութենէ, անոր ճակատագրին, զայն բարւոքելու, սրբագրելու իր հասկացողութենէն։ Համագումարը այդ խօսքերուն հայ միտքն ու հոգին ՝ ԺԹ. դարուն։ Հեղինակը կը հաւատայ, թէ այս խօսակցութիւնը պիտի տանէր առաջ, ինքզինքը բոլորովին ջնջելով, կատարեալ ազատութիւն կարենալ տալու համար տիպարներուն, որպէսզի անոնք ըսէին իրենց մտածումը իր բացարձակ անկեղծութեանը մէջ. (հոս աւելորդ չէ յիշել այն քանի մը բերանացի եւ գրաւոր դիտողութիւնները, զորս ընդունած է Օշական « Մնացորդաց »ի Բ. հատոր Ե գիրքին վերը ակնարկուած խօսակցութեան մասին ընդմէջ փաշային եւ Մաթիկին։ Ոմանք կը զարմանային, որ հայ վէպի մը մէջ թուրքը ինչու այսքան իրաւ, զօրաւոր, համոզիչ շեշտ մը ունի եւ հայը ըլլար այդքան պարզ, քիչ։ Այդ մարդիկը չէին տեսներ սակայն վէպէն դուրս իրականութիւնը, զոր չենք արտօնուած եղծելու, ինչ գնով ալ ըլլայ։ Ուրիշներ կը հիանային թուրքին ու կ՚առաջարկէին մեր պատմութիւնը տեսնել անոր փաստերովը։ Հայ-թուրք հարցը միայն արեան հարց մը չէ, այլեւ՝ իմացականութեան)։ Գրուելիք այդ գիրքին մէկ ուրիշ դրուագն էր, այդ խօսակցութենէն վերջ, բացուող արշալոյսին վրայ պատարագ մը, զոր ըրած էր Կոմիտաս վարդապետ, մէկը աքսորականներէն, յանկարծապատրաստ խորանի մը վրայ, ջուրի գաւաթի մը մէջ, հացի կտորով մը իրագործելով սրբազան խորհուրդը « Սուրբ եւ անմա՝ պատարագին », ունկնդրուած, մատուցուած՝ համախումբ պաղատանքին մէջը մահուան համար հասունցած մարդոց, խոր, թերեւս իրապէս զգացուած մեր կեանքին մէջ կան պահեր, ուր երկինքը մեզի տարօրէն իրաւ, մօտ, քաղցր կը թուի քանի որ անհուն սպանդը կերպը գտած էր գուցէ մինչեւ այդ զնդանները ուրուային թափանցում մը ընելու։ Կը բերէ՞ք աչքերնուդ առջեւ այդ քանի մը հարիւր մարդերը, բոլորն ալ այդ արարողութեան ընթացքին գտնելով անբացատրելի ճամբով իրենց հայութեան թերեւս պղտոր, թերեւս սուտ մինչեւ այդ րոպէն խելամտումը…: Ըստ Պոզաճեանին պատմումին, ողջոյնի ժամանակ տեղի էր ունեցեր ամենէն սրտաշարժ րոպէն իր ու անոնց կեանքերուն։ Ինկած էին իրարու ճիտ, ամէն մէկը իր բազուկներուն ամբարձումին ծիրովը համբառնալով դէպի իր հայրենիքը, իր օճախը, սիրելի դէմքերու ու անպատմելի զգայութիւններու յաճախանքին մէջը տրտմելով, քաղցրանալով, կրկնապէս հասուննալով, ծնրադիր, երանաւէտ, մինչ կախարդ վարդապետը հետզհետէ կը վերանար, կը քակուէր իր մարդկային տարրերէն, դառնալու համար Աստծոյն մօտիկ պատկերը, թափելով իր ձայնին բաւիղներէ եւ ինչ որ մեր պապերը առեր էին աշխարհէն, այնքա՜ն դարերու ընթացքին, երկինքէն մեզի գալիք գերագոյն սփոփանքին ձեւովը…: Յետոյ, միշտ Բ. Պոզաճեանին պատմումովը անպատմելի Տէր ողորմեան, զոր երգելու տեղ վերածեր էին աստուածային թանձրացեալ կտորներու, ամէն մէկ բառի ետին դնելով միախորհուրդ երկինքն ու երկիրը, գլխահակ կամ ձեռամբարձ…։ Մօտեցեր էին այդպէս օրհնուած եւ աստուածացած հացէն իրենց բաժինին, իրենց մտքի դաշտին իրենց բոլոր կեանքը բաց թուղթի մը նման փռուած։ Աւելի՛ ն. իրենց ժողովուրդին հազարամեայ ողջակիզումը, դարե՜րը, որոնց ամէն մէկուն ընթացքին ութը-տասը անգամ այս ժողովուրդին մեղքը, իր գրողներով, նախարարներով, կրօնականներով ու մարտիկներով իր զոհն էր ըրեր, իր խորհուրդը « անմահ պատարագին » ձգելով իբր անմահ պատգամ իր արիւնը շարունակողներուն։ Այս տողերը կը կարդաք: Բայց « Մնացորդաց »ին այդ գիրքը պիտի նուաճէր այդ ժամը տեւողութեան ամէն մէկ մանրերկրորդը վերածելով ապրող իրականութեան։ Վարդապետը ըսեր էր, շատ ծանր, մեծավայելուչ, սրբաշեշտ իր « Օրհնեալ եղերուքը » արշալոյսին փառքին մէջը…։ Բացուեր էին դռները ։ Զինուորներու մռայլ, կատաղի դէմքերը։ Ոստիկանապե՛տը, որ թուղթը ձեռքին կը կարդայ անունները, հատիկ-հատիկ։ Ամէն կանչուած կը համբուրուի մնացողներուն հետ, կ՚ելլէ դուրս ու զինուորներու շղթային մէջէն կ՚անցնի առաջ, կապուելու, երկաթ ձեռնակապերով, վեց-վեց, նոյն չուանին։ Խօսք, արցունք չունին դուռնէն ելլողները։ Գիտե՞ն, թէ ուր կ՚երթան։ Բայց անոնց մեծ մասը ծանօթ էր իրենց պատմութեան։ Մօտիկ անցեալին պատկերնե՜րը, 1895ի սպանդին, որոնք կը յառնեն անոնց հոգիներուն մէջ…: Թուղթին ընթերցումը աւարտած է։ Ներսը կը մնան երեք-չորս մարդ։ Անոնցմէ մէկը մեծփոր խմբագրապետն էր «Բիւզանդիոն» հայաթերթի՜ն։ Միւսը, այս մանրամասնութիւնները ինծի պատմողը, որ ազատեր էր սպանդէն կաթին իրաւունքովը, մօրը ստինքին մէկ հատը տրամադրած ըլլալով հեռու Երզնկային մէջ թուրք տղու մը, որ 1915ին մեծաստիճան անձնաւորութիւն, միջամտեր էր իր կաթնեղբօրը կեանքին (նման յեղում մըն ալ լսած եմ Շաւարշ Միսաքեանին ազատումին համար)։ Երրորդը՝ պատարագիչը, Կոմիտաս վարդապետ, որուն վերադարձին մէջ դեր էր ունեցեր երաժշտասէր գահաժառանգը օսմաններու գահոյքին։ Ճակատագի՜րը, որ զայն Պոլիս կը կանչէր, բանալու համար ուրիշ դժոխք մը անոր անհուն հոգիին ներսերը։ 1915ին, Պոլիս, Կոմիտաս կ՚ապրի այդ գիշերապաշտօն պատարագին սարսուռները ամէն րոպէ։ Մնացածը նիւթն է ուրիշ վէպի մը, դարձեալ ծրագիր։ Կը տեսնէք, որ երբեմն գիրք մը որքան խորունկներէ կը ճարէ իր տարրերը, որքան իրաւ բաներու անդրադարձն է։ Ուրիշ տեղ մը (Արամ Անտոնեան, Արուեստագէտ սերունդը « Համապատկեր» ին) ես խօսեր եմ « դժոխք »ին չգրուած ուրիշ գիրքերէն։

[2]     «Եռանկար»ին Ա. հատորը գրուած է եւ իբր հերոս ունի գրագէտ մը Սահակ Պարգեւեան։ Բ. հատորը իբր հերոս պիտի ունենար Կոմիտաս Վարդապետը ։ Գ. ը՝ արեւելահայ դերասան մը, դարձեալ տաղանդաւոր, որ 1920–22ին Պոլսոյ մէջ ստեղծեց լուրջ խռովքներ: « Եռանկար »ին առաջին հատորէն չեմ խօսիր հոն: Միւս երկուքէն Կոմիտասին նուիրածը պիտի զբաղէր այդ կախարդական մարդուն ո՛չ մի այն հեքիաթունակ ոդիսականովը, մթին Անատոլուի աւելի մութ մէկ գիւդաքաղաքէն մինչեւ արեւմտեան բարձրագոյն ոստաններուն մէջ իր արձագանգները երկարող այլեւ՝ ձայնն ի վեր, ու ձայնն ի վար, աղբերացումո՜վը այս ժողովուրդին հոգիին։ Առաւել հզօր, հանճարային արուեստագէտին անձնական դիւթքը, որ ծնունդ է տուած այլապէս սարսռազդեցիկ զգացական տրամայի մը։ Անատոլու: Այրարատեան աշխարհ։ Երաժիշտներուն Գերմանիան։ Վանք մը։ Պոլիս մը։ Իզմիր։ Գահիրէ: Եւրոպական մեծ ոստանները։ Ու Չանղըրըի տարագրութիւնը։ Tréponemeը եւ խաւարումը այդ աստուածային տաճարին, որ անոր ուղեղն էր եղած, աւելի քան քառորդ դար։ Վէպը պիտի տար մեր արուեստը, արուեստագէտը, կախարդը եւ անոր ստեղծած արցունքները… « Եռանկար »ին Գ. հատորը պիտի նուիրուէր մեր հասարակութեան սնոպ, ապաբարոյ, հոսհոս, ինչպէս տոն–քիշոթեան տարրերուն։ Դերասա՞նը, որ միս–մինակը քոմփլէքս մըն է արդէն, եւ բաւ՝ վէպ մը սնուցանելու։ Բայց անոր հետ, հետեւէն մեր հասարակութեան բարձրագոյն խաւերը, դրամին դեղնախտաւոր կրկներեւոյթները, ա՛յն դասակարգը, որուն մէջ հայրը գաւառէն բոպիկ ինկած քաղաք խստեռանդն, զրկանքով, գողութեամբ եւ բոզութեամբ հիմը կը դնէ մեծ տուներու, տղուն կտակելով ազնուաշուք տիտղոսներ, խաներ, մեծատարած կալուածներ ու արեան աննահանջ մեղքեր։ Չեմ երթար առաջ Պոլսոյ բոլոր մեծ առեւտրական հաստատութեանց հիմնարկուները, պետական բարձր պաշտօնականց ճկուն, խելացի, բայց աւելի շատ սմսեղուկ, ապականած վսեմաշուքները դնելու այդ հասարակութեան իբր նմոյշ: Բայց ունէի նկատի Գատը-գիւղի ջոջ վաճառականները, Բերայի ջոջ տիկինները, Մանջեսթըր Ճերմակի սեպհական գործարան վարողները։ Յիմարութիւնները, որոնք այդ կարգէն նոյն արիւնին մէջ իրենք զիրենք կը յանձնեն ամենուն ուշադրութեան, բարքերու հանդէպ շատ արհամարհոտ յանդգնութիւններով ու կ՚ըլլան « առակաց առակ » տիպարներ, կիներու, դրամին, փառասիրութեանց, գաղտ հիւանդութիւններու հարուածներուն տակ կործանելով ինչ որ իրենց հայրերը յօրիներ էին այնքան խուժադուժ զրկանքներով, իրենց անձին ու ընտանիքին վրայ։ Կինե՛րը այս տիպարներուն, բարձր կամ խոնարհ ծագումներով, որոնց բնական հրապոյրը ըլլար համեմուած լըվանթէն ուրիշ միջոցներով, սեռին բովքէն ճարուած ու անվրէպ։ Որոնք ազգային բազմակարօտ հաստատութեանց համար նազանքով ու բարձրօրէն ղեկավարուած շնորհաբաշխութեամբ մը գիտէին պարահանդէս, ներկայացումներ սարքել, իրենց մութ հաշիւները ծածկելով միշտ կատարելատիպ պարկեշտութեամբ մը, իրենց կառապաններուն, խոհարարներուն, նաւակը վարողներու հետ իրենց անյագուրդ արգանդը չարչարելով ու կրնային դեսպանները, փաշաները, բարձր եպիսկոպոսները, պատրիարքները դարձնել իրենց ազդեցութեան գերին, հին ռեժիմին, ու նորին մէջ ալ թաթ երկարել գրողներու, արուեստագէտներու, դերասաններու, գայթակղութենէն անահ, լքելու չափ քապոթենի մը ետեւէն, անոր սեւ աչուըներուն սիրոյն տուն, տեղ, զաւակ ու էրիկ…: « Եռանկար »ին երրորդ հատորը (ինչպէս առաջինն ու երկրորդը իբրեւ հանգոյց ունէին նման կիներու պատմութիւններ) պիտի նուիրուէր 1914ի աշնան ամբողջ Պոլիսը զարմացնող այս կարգի յիմարութեան մը վերլուծումին։ Պոլսոյ ամենէն ջոջ տուներէն երիտասարդ կին մը կը փախչէր դերասանի մը հետ: Այս շարքին մէջ Օշական կը հետապնդէ ծանր փառասիրութիւնը մեր քաղքենին նուաճելու, պալզաքեան տենդով եւ Տոսթոեւսկիով ընդհանրացած ընդերկրեայ (underground) աշխարհին խորաչափումներովը։ Շա՞տ՝ այսքան ընդարձակ սիքլերու փառասիրութիւն մը։ Օշական « Մնացորդաց »ին մէջ հետապնդած ու իրագործման մէջ վրիպած իր պարտքը կը մտածէր կատարել։ Իր վէպը, բարքերով պաշտպանուած, անոնցմով միայն ինքզինքը արդարացնող, այդ աշխարհներէն շաhելիք միայն ունէր։ Տրուած ըլլալով « Մնացորդաց »ի մէջ (գործադրուած մասը) գաղափարագրութեան նիհարութիւնը, Օշական կը մտածէր քաղաքը առնել իրեն գետին, կարելի շահեկանութեան բարձրանալու համար գաղափարներու ալ մարզին վրայ։ Հիմա, երբ կ՚ըսուին այս խօսքերը, Օշական կ՚ընդունի, որ պարտուած է, քանի որ երկու հատորներն ալ կը պակսին։ Բայց եղերական է ցաւը, այս ամէնը հետը հողք տանելու, երբ երկու հատորներն ալ իրենց յետնագոյն իսկ մանրամասնութիւններով « կազմ ու պատրաստ », կը սպասեն, իր ուղեղին արգանդէն լոյս աշխարհ իջնալու... ու չեն կրնար: