Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ես երջանիկ էի, մունջ ու անխառն երջանկութեամբ մը։

Սերաֆիթան, իր աշխարհային կապերը ու պակասութիւնները թօթափած վրայէն, երազաշէն ու միանգամայն իրական կին մըն էր ինծի համար։ Անոր մահը՝ հալոցն էր, մերկացնող, զատող, հարազատող այս ոսկին՝ խառնուրդէն, ազնուական մետաղը պահելով միայն։ Միայն բան մը չէր կրցած հեռացնել անկէ, պչրանքը. թերեւս անոր համար որ առանց անոր՝ Սերաֆիթան կին մը ըլլալէ պիտի դադրէր հրեշտակ մը դառնալու համար։

Գլուխ գլխի կ՚ապրէի անոր հետ. հիմա ինէ զատ ոչ ոք ունէր անիկա. պզտիկ նախանձ մը սակայն. երբ իր վռթկած աղջկան ձեւերը կը տեսնէի իր քալուածքին, իր ժպտելուն, իր գլուխը ծռելուն մէջ։

Հայրը ամեն օր մէյմէկ պատմութիւն ունէր անոր վրայ պատմելիք ինծի. ես՝ տպաւորութիւններ միայն եւ հեռուէն նշմարուած բաներ որոնք մօտը ապրող մարդուն համար նորութիւններ են միշտ։

Մանրամասն գիտէի ա՛լ իմ սիրած կնոջս մանկութիւնը ու երիտասարդութիւնը։ Այս խօսակցութիւններուն մէջ անոր ամուսնութեան դժբաղդ պատմութիւնը կուգար երբեմն. բաժանումը, ամուսնալուծման դատը, որուն մէջ էրկանը փաստաբանները այս կնոջ թեթեւ մէկ շարժումը՝ քրէական յանցանքի մը պէս ցուցնելու յաջողեր էին. վերջապէս գայթակղութիւնը որ ծամոցը եղած էր ամենուն բերնին։

Հայրը տաք ու պաղ տեսած ու երիտասարդութեանը մէջ շատ մը հոգեկան տագնապներ անցուցած մարդ՝ կանուխէն յանգած էր ներողամիտ վարդապետութեան մը որուն մէջ աղջիկը արդարացնելու դիտում մը չունէր։

Ես ալ, ըսաւ օր մը ինծի, շատ տառապեցայ սկիզբը իմ կնոջս երեսէն. ճիշդ Սերաֆիթան էր ան. անոր գեղեցկութեամբը, անոր ուրոյնութեամբը ու անոր զարտուղութեամբը։ Քսանըհինգ տարու էի երբոր սիրեցինք իրար. իր ընտանիքը մեր ամուսնութեան ընդդիմանալուն համար՝ առեւանգեցի զայն ու ամուսնացանք հեռու տեղ մը, գիւղի մը մէջ։ Երբոր գործերս յաջող կերպարանք մը առին, ամեն ոք զիս ծափահարեց. աներս եւ զոքանչս հոգի տալ սկսան վրաս. աշխարհքը, այն անիրաւ ու ապուշ աշխարհքը, որ յաջողութիւններուն դարպաս կ՚ընէ միայն, իմ շուրջս բոլորուեցաւ։

«Բերայի մէջ մեր երեկոյթները ամենէն փնտռուածներն էին, ու կինս՝ կիներու ամենէն շնորհալին։ Բայց իր գեղեցկութեանը չափ անհաստատ ու թեթեւ էակն էր զոր գովեստներն ու ականջն ի վար փսփսացուած սիրոյ խօսքերը կը յաջողէին ատեն ատեն գինովցնել։ Սկիզբները շատ տառապեցայ ու կը խոստովանիմ որ դժնդակ բան մը եղաւ ինծի այն եզրակացութիւնը որուն հասայ եւ որ հիմա կը ճանչնամ թէ ամենէն ուղիղն է։

«Ամեն չքնաղ առարկայի բաղդն է ձեռքէ ձեռք խլուիլ. գիտակցութիւնը չէ, որ կը մղէ զայն, այլ իրմէ անկախ բան մը՝ ճակատագիրը. զինքը պատասխանատու բռնելուն մէջ արդարութիւն չի կրնար ըլլալ։

«Աստղ մը իր շաւիղը պիտի գծէ, թիթեռնիկը պիտի ոստոստէ, գետը պիտի վազէ երթայ ու աղուոր կնիկը պիտի ժպտի ասոր անոր. կը կարծեմ որ տխուր բան մը պիտի ըլլայ եթէ խոժոռած ճակատ ու սրդողած աչքեր դնենք գեղեցիկ կնկան մը երեսին վրայ։ Կան որ փողոցին մէջ կ՚անցնին միշտ խոժոռած ու գետին նայելով եւ, դիպուածով, եթէ երեսդ ալ նային, զայրացած կերպարանք մը կ՚առնեն. չեմ ախորժիր ատոնցմէ. լկրտած խնդուք մը՝ ամենէն պարկեշտ բայց կախ երեսէն նախամեծար կը սեպեմ ես։

«Իմ կինս, պչրասէր քիչ մը, միշտ իմս մնաց, անոր համար որ չունեցայ իր թեթեւութիւններուն դէմ այդ ծանր ու դաժան վարմունքը որ ամենէն ջերմ սէրերը կը պաղեցնէ։ Չորս տարի առաջ կորսնցուցի զինքը»։

Յետոյ՝ աղջիկը միտքը իյնալուն՝ հառաչեց քիչ մը.

Սերաֆիթաս ճիշդ իր մայրն էր. բայց էրիկը իմ ներողամտութիւնս չունէր. խիստ ու անգութ եղաւ իր կնոջը դէմ. կ՚երեւայ թէ ասով պատուաւոր մարդ հռչակուեցաւ աշխարհի առջեւ։

Ես, պատասխանեցի իրեն, պատիւը շատ աւելի բարձր, շատ աւելի մեծ բաներու մէջ պահուած կը նկատեմ. կնոջ մը՝ էրկանը հանդէպ հաւատարիմ ըլլալը կամ ոչ՝ չեմ նկատեր իբրեւ իրական պատուոյ խնդիր մը, այլ այն եսական պահանջումներէն մէկը որոնք առնական բնազդի ու կիրքի մը գոհացում կուտան։ Սեփականութեան խնդիրն է աս որ անշունչ նիւթերէն անցնելով՝ մինչեւ կնոջ վրայ կը ծանրանայ։

«Ես պատիւը մարդոց իրարու օգտակարութեան մէջ կը տեսնեմ միայն. այն մարդը որ իր նմաններուն ամենէն աւելի օգտակարն է՝ ամենէն պատուաւոր մարդն է ինծի համար»։

Հիմա, ամբողջ օրեր միասին կ՚անցընէինք խօսելով Սերաֆիթային վրայ, եւ այնպէս մը որ իբրեւ թէ դեռ ողջ եղած ըլլայ անիկա. այս կամովին պատիր ու շինծու բանը հաճելի էր մեզի։ Բայց ծերունին երթալով կը տկարանար ու գոհ էր այդպէս հատնելուն համար։ Ձմեռը չկրցաւ տունէն ելլել. ամեն առթիւ բան մը կը գտնէր իր աղջիկը յիշելու համար։

Թէ որ ճանչցած ըլլայիր զայն՝ պիտի սիրէիր զինքը, ըսաւ ինծի օր մը։

Արդէն կը սիրեմ զինքը։

Գիտեմ։

Առաջին անգամն էր որ երեսիս կ՚ըսէր այս խօսքը, թէեւ շատոնց հասկցած ըլլալու էր իմ սէրս։

Ապրիլ ամսուան մէջ իր վիճակը ծանրացաւ բոլորովին. բժիշկը ըսաւ ինծի որ հազիւ քանի մը ժամուան կեանքը մնացած էր։

Խելքը գլուխն էր մինչեւ վերջը ու հոգեվարքի մէջ էր արդէն երբոր նշան ըրաւ ինծի որպէս զի աւելի մօտենամ իրեն. երբոր քովը գացի, իրեն քաշեց զիս ու ճակատս համբուրելով մրմնջեց հազիւ հազ լսելի ձայնով մը որ իր վերջին բառը ու վերջին օրհնէնքը եղաւ.

Փեսա՜ս …։