Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առտուան ժամերգութիւնը նոր կ՚սկսէր, մթութեան մէջ կորսուած դեկտեմբերի առտու մը, ցուրտ ու խոնաւ. կոչնակը օդին ու բուքին մէջ կ՚արձակէր իր ընդհատուող վայիւնը, մինչդեռ թափուր եկեղեցին պանդուխտ քահանային ձայնովը կ՚արթննար, կը սարսռար իր քարակոփ պատերուն ու կամարներուն մէջ:

Տէրտէրը կ՚երկնցնէր իր աղօթքը, սպասելով բարեպաշտներուն որոնք չէին գար. վասն զի ո՞վ կուգար եկեղեցի, ձմեռ ու լուր օր մը, այս չլուսցող առտուանցով:

Քահանան շուրջառը ուսին իր ժամերգութիւնը կը շարունակէր.

Տէր, զի բազում եղեն մեղք իմ եւ բազում անօրէնութիւնք իմ:

Խուլ ու տարտամ ձայնով մը որ տիրող կէս մթութեան կը յարմարէր, անտարբեր իր շուրջի միայնութեան, եւ անզգայ ձայնագրի մը պէս արտասանելով աղօթքին տուները. իրեն համար քսան տարուան սովորութիւն մը:

Յետոյ երկրորդ ստուեր մը տեսնուեցաւ իր քովը. լուսարարն էր, այս որմերուն պահապանը, անոնց պէս ամուր իր անտանելի պաշտօնին մէջ, սիրելով այս ստուերները, այս լքումը եւ կամարներէն կախուած, կամ սուրբերու պատկերներուն առջեւ հաստատուած կանթեղները, որոնք իր հիւանդագին զաւակներն էին գրեթէ, փութալով անոնց քով, մէկէն միւսին, անոնց շարունակ սպառելու մօտ կեանքը արծարծելով:

Քիչ քիչ մէկ երկու հոգի ալ երեւցան, ժամկոչը, յետոյ մուրացիկ ծերուկ մը իր փայտէ գաւազանին կռթնած. ու յետոյ երկու պանդուխտ որմնադիրներ, հազիւ քուներնուն արթնցած: Հիմա առտուն կը ճշդուէր. կանուխ գործի գացող բանուորներ կուգային խաչ մը հանելու դրան մօտ եւ յաջողութիւն խնդրելու. ժամուն սովորական աղօթողները ասոնք: