Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Սարաֆը ուշ եկաւ եկեղեցի այն առտու. Առաւօտ լուսոյին կէսին միայն հասաւ, ինք որ ամեն օր զայն ծայրէ ծայր ըսելուն կը պարծենար:

Դուրսը տիրող ցուրտին հակառակ, քրտնաթոր մտաւ ներս, ծանրաշարժ ու պարարտ մարմնին բեռան տակ շնչասպառ. երեսը խաչակնքեց, ծնրադրեց, ֆէսը վար առած, ցոյց տալով իւղոտ ու հերաթափ գանկ մը. յետոյ բարձրաձայն հառաչանք մը ելաւ կուրծքին խորէն, խորէն.

Մեղա՜յ Տէր:

Երբեք մեղայ բառը այսքան ստոյգ անձկութեամբ, այսքան անկեղծ ապաշաւի մը արտայայտութեան ձեւով լսուած չէր:

Դասին մէջ չոքած սարաֆին կլոր մարմինը, ծռած գլուխը, կիսափակ աչքերը, ողորմելի ու գթութեան արժանի պատկեր մը կը ձեւացնէին աստուածային զայրոյթին տրամադրութեան տակ դրուած. եւ ինք յանցանքին մեծութեանը չափ այսպէս անկեղծ զղջումի մը գալով միայն թողութիւն կ՚ակնկալէր կարծես, երբ հետզհետէ կը կրկնէր մարող, սպառող ձայնով մը, առանց քաշուելու զինքը լսողներէն.

Մեղա՜յ Տէր, մեղա՜յ Տէր:

Յետոյ, թեթեւցած, ոտքի ելաւ ու իր հաստ ձայնը` տէրտէրին ձայնին միացաւ. ու լուռ եկեղեցին կ՚ապշէր, կը խռովէր` ունկնդրելով այս մարդուն:

Ինքը` իր տանը մէջ ըլլալ կը թուէր. դասը, գաւիթը, խորանը բոլորովին իրն էին անշուշտ. ինք կ՚ըսէր աղօթքը միայնակ, քահանայէն առաջ, բառերը հատիկ հատիկ, ամեն պարբերութեան նշանակութիւնն ու սրբութիւնը շեշտելով. պահ մը կը յոգնէր, շունչ առնելու կ՚ստիպուէր, ու վայրկեան մը վերջը նորէն կ՚սկսէր, ընդմիջելով քահանային անորոշ մրմունջը եւ ծուռ ծուռ նայելով անոր երեսը, երբ սխալ մը սպրդէր կամ վարանում մը տեսնէր նոր տուն մը սկսելու ատեն:

Վայրկեան մը նորէն կը մասնաւորուէր իր աղօթքը, անհամար ծնրադրութիւններու խառնուած, համբուրելով գետնի աղտն ու փոշին, ու լալագին եւ սրտաշարժ ձայնով մը վերադառնալով իր անձին.

Մեղա՜յ Տէր: