ՎԵՐԱԾՆՈՒԹԻՒՆ
Ա՛յսպէս
երգեց
Վերածնուհին`
երբ
բացաւ
Թեւերն
ուղիղ
դէպ
երկինք,
Երբ
մատերն
իր
մըխըրճեցան
մեղմօրէն
Կապոյտին
մէջ
լուսածոր.
–»Կ’ելլե՜մ,
կ’ելլեմ.
նախճիրներու
ծընունդ
եմ.
Կըրակին
չափ
գերահըզօր,
գերբնական
Ինչպէս
մարդուն
գիտակցութիւնն.
ու
կ’ելլե՜մ:
Վայրկեան
մ’ալ
դեռ
եւ
ահա
Վարդի
թերթէ
ծընած
ոգւոյ
մ’հանգունակ
Ա՛լ
կ’ազատեմ
ոտքերս
արեան
քօղերէն:
Զիս
յըղացող
արգանդէն
Եւ
այն
ծոցէն
որ
խուճապներս
օրօրեց
Մեծցած
կուսան`
կը
յառնեմ
Վե՜ր,
դէպի
վե՜ր,
լըւալու,
Գլուխս
աստղերու
ալիքներուն
մէջ
հրաբորբ:
Ոտքերէս
ա՛լ
վար
կը
թօթուեմ
մըզանքներս
Եւ
խանձարուրս
եւ
պորտընկերս
եւ
մըթարս
Ու
ամպերէն
կը
դիտեմ
Զիս
իբր
աղիք
պատող
փողերն
հրացանին,
Ծո՛վն
արիւնի
դիակներով
խարակուած`
Որ
բուստապսակ
մարմար
ճակատս
ողորկեց
Եւ
օծանեց
մայրօրէն
Մազերըս
լի՛
մըրրիկներու
համբոյրով.
Կը
դիտեմ
մեծ
հոգիներն
հայ
Հանճարին,
Որոնք
իրենց
գանկին
թասով
ըղեղնին
Ջամբեցին
իմ
շըրթունքներուս
մանկական.
Կը
դիտեմ
գոռ
պայթած
ռումբերն
հրակոկոն,
Այդ
կըճեպներն
իմ
սըրտիս
Որոնց
բոցերն
արիւնս
յուռթի
կ’ընէին.
Կը
դիտեմ
վարն
նաեւ
մեռած
եղբայրներ
Նոյն
արգանդի
մէջ
սընած,
Որոնց,
ինծի
հաւասար,
Մեր
Մայրը
կեանք
չըտըւաւ,
Չը
կամեցաւ
իր
սիրտը
լայն
եւ
աստղերն`
Իրմէ
զանոնք
մոլեբար
դուրս
վիժելով.
Գուցէ
մեր
Մայրն
այդ
լաւ
գիտնար`
թէ
անոնց
Սեւ
սաղմին
մէջ
կը
լայննան
Եղբայրակուլ
անդունդներ,
Եւ
թագչած
իր
աղիքներուն
խորքին
մէջ
Վաղուան
համար
նենգաբար
Կը
դարանին
սըղոսկումին
մատնըչի:
Մե՜ծ
պիտ’
ըլլամ,
յաւէրժական
պիտ’
ըլլամ.
Զիս
տաքցընողն,
ո՛վ
Ազգեր,
Ձեզ
տաքցընող
ճաճանչի
նոյն
թափը
չէ՞.
Մոխիրն
հըսկայ
պապերուս
-
Արեւու
շէջ
մընացորդ
-
Օր
մը
նըւա՞զ
միթէ
եղաւ
ահաւոր,
Կամ
միթէ
ան`
մատեաններու
մէջ
այսօր
Դեռ
չի՞
սըրսփար,
չի՞
յուսար:
Մե՜ծ
պիտ’
ըլլամ,
յաւէրժական
պիտ’
ըլլամ.
Զարկիս
ներքեւ
կը
բաբախէ
զարկն
հուժկու
Մըշեցիի,
Վանցիի.
Մարմարեղէն
բազուկներուս
թափն
ըմբոստ
Փայլակն
աչքիս,
կոյս
հոգւոյս
մռունչն
անվեհեր.
Կ’ըսեն
թէ
ներսըս
կ’ապրի
Սիրտ
մը
մատակ
առիւծի,
Սիրտ
լի
պղընձէ
սիրով,
վրէժով
քինայոյզ,
Որ
կը
խոտէ
վարդերն
հարսի
վաւաշոտ,
Եւ
հանգըստի
անկողնոյն
մէջ
կը
տեսնայ
Մեկոնաբոյր
շըրթունքներով
Ցոփութիւնն
Որ
կը
խեղդէ
համբուրելով:
Կը
ճանչնա՛յ,
Կը
ճանչնայ
սիրտն
այդ`
թէ
հըզօր
է
ինք
միշտ,
Ինչպէս
Ապրիլն`
յըղի
ատոք
գարունով,
Ինչպէս
մըրրիկն`
ազատութեամբ
հոլաթեւ.
Գիտէ
որ
մէջն
հանճարէ
լո՜յս
է
ծորած.
Բոց
է,
եւ
է
բոց
ապագան.
ան
գիտէ
Որ
հաւատքով
գաղափարին
խարըսխուած`
Պիտի
բանայ
կայծակով
դուռը
Դրախտին»: