Կրկէսին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՏՆԻՉԸ

Բաւակա՜ն է. գընտակ մ’առած կը մեռնի,
Դէմքը` գետնին, իբրեւ հողին սըրբութեան
Ներքեւ թաղել ջանար իր մեղքն հոլանի,
Իբրեւ ճընշէր մեծ Դատաւորն իր վըրան:
Զինքը չի լար ո՛չ ոք, ո՛չ ոք չի սըգար.
Աւելորդ է: Հըրէշ մ’էր ան անդունդի
Նետեց հոգին, հոգին նետեց դէպ խաւար,
Ինչպէս տըզրուկ մ’արիւն ծըծած կը պայթի:

Փոսի՜ն, փոսի՜ն. արեւը թող իր վըրան
Չը պըղծըւի. շողն անկեղծ է, անձնուէր է.
Իր համբոյրին մէջ թոյն չապրիր մատնութեան,
Հողին, սերմին մէջ կեանք, արիւն կը ծորէ:

Փոսի՜ն, փոսի՜ն. եւ թող ըլլայ փոսն այդ խոր,
Խո՛ր` անդունդէն, խոր` դըժոխքի պարոյրէն.
Լոյսին տարափն հոն չըսուզի հեշտածոր,
Եւ ձայնն հովին, եւ կամ արցունք մ’աստղերէն:
Փոսի՜ն, փոսի՜ն. մեծ է վարձքն, ո՛վ մարդիկներ.
Վերցուցէք օձն` որ կը թունէր թագնըւած,
Հեռացուցէք լիզողն օտար կօշիկներ,
Կամ մեր այն շունն` որ մեր քղանցքէն էր խածած:
Ո՛հ, ան շատե՜ր լացուց, լացուց ուղխօրէն,
Իր բացած լայն վէրքերը դեռ կը ցաւին
Հիւղակներու եւ բանտերու խորերէն…
Իր սիրոյ ափն ելունդ թողուց ափին:

Մեր արցունքով արիւնով հացն է խմորած,
Եւ մեր ոսկրէն ոսկըր ջիղէն ջիղ էր ան.
Սընուած մ’էր լոկ մեր հիւծանքէն գոյացած.
Մեր կառափտեղն էր խընջոյքի իր սեղանն:

Եղբայր մը զինք ընդգըրկեցինք. Կայէ՜նն էր:
Մեր պորտն իրար կը զօդէր մօր մէկ աղիք.
Կը հանգչէին նոյն խաչին վրայ մեր շըրթներ.
Մատնեցին մեզ այդ շըրթունքներն աւասիկ:

Ազատութեան գըլխարկին տեղ փռիւգական`
Զոր ընդվըզումն արիւն թելով է հիւսեր,
Ան Սուլթանին մահիկն ընտրեց լանջքին վրան.
Մըզկիթ գընաց, Նեմեսիսն ‘րաւ փէյղամպեր:

Առաջնորդեց հոտառու շան մը նըման
Թըշնամին մեր հիւղերուն մէջ, ռումբի բով.
Յետոյ պառկած մեր բանտերուն շեմին վրան`
Հըրճուանքի երգն ոռնաց կարմիր ցըռուկով:

Խածաւ պատռեց ըստինքն այրի իր մօրկան.
Ուրկէ ծըծած էր ումպ առ ումպ իր օրեր.
Եւ կոտրեց զինք մեծցընող այն օրօրանն`
Ուր մեր եւ իր Վաղը տըժգոյն կը նիրհէր:

Դիակ մ’է արդ, խորխ` զոր թողուց օձ հոգին.
Սիրտը ժահրի թակոյկ մ’է ալ խորտակուած,
Ափին մէջ պինդ` զոր կը սեղմէ տակաւին
Արծաթը թեփ եւ ոսկին հող է դարձած:

Ոչի՜նչն է ան. Ժողված գանկին թասին մէջ
Հիւլէներն իր մըսին, տառերն իր անուան`
Թողէք իջնէ մոռացման վիհը անվերջ,
Թող մեր անէ՛ծքն իրեն ըլլայ լոկ դամբան:

Չըլաս, ո՛վ կին, դու, որ պիտի չըտաս ալ
Արգանդ հրէշի մ’որուն սերմն է իժի թոյն.
Չըլաս, ո՛վ կոյս, չըլաս հոգին այդ մըռայլ.
Հայրը հայր չէ` երբ դահիճ է շատերուն:

Մոռցի՛ր սէրն իր, ըսպաննէ՛ այդ արեան սէրն.
Հոգիիդ մէջ ճըզմէ հունտերն իր համայն.
Իր վիզն անցուր երկար մազիդ խոպոպներն
Եւ սուրբ վրէժով, ո՛վ կոյս, խեղդէ՛, խեղդէ՛ զայն: