ԱՐԵԱՆ
ՅԱՂԹԱՆԱԿ
Բըռնակալն
էր
նըստած
գահին
վրայ
բոսոր`
Շիրմաքար
մ’իր
պատուանդան,
ա՛մպ
մ’հովանեակ…
Հարճերո՛ւն
հետ
ան
իշխելու
էր
սովոր
Ժողովուրդի
մ’որ
կը
ծնանէր
նահատակ:
Շուրջն
իր
յաւէտ
կը
բարձրանար
ծով
մ’արեան`
Զոր
կը
խըմէ՜ր:
«Հպատակներուս
սըրտի՛ն
մէջ
Ամենահին
գինին
կ’եռայ»:
Կ’ըսէր
ան.
Եւ
կը
սըրբէր
ծիրանիով
կլափը
գէջ:
Կը
բարձրանա՜ր
միշտ
արիւնն:
Ան
կը
զբօսնուր
Հերձելով
տաք
հեղուկն
ոտքով
զերդ
քեղի:
Հոն
խեղդուելու
ամէն
կասկած
էր
իզուր.
Թագն
արքայի
մ’համար
դըդում
չէ՞
լիւղի:
Բայց
զոհերուն
արիւնն
հըզօր,
ժըրաջան,
Գահին
հիմերն
կը
փըտեցնէր
լըռակեաց.
Եւ
օր
մ’ալ
զայն
տապալելով`
կըլլեց
ան
Բըռնակալն
իր
ծիրանւոյն
մէջ
քընացած: