Կրկէսին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՌՈՒԻ ԵՐԹ

Երթա՛նք, երթա՛նք, Հայուհի՛,
Դու, ո՛վ արծուիկ, հեղեղատին բոմբիւնով
Լերան կողին օրօրերգուած եւ մեծցած,
Երթանք արդար բախումին:
Անդի՜ն անդի՜ն կը մորթեն
Կեանքն արտին մէջ, եւ գաղափարը` գանկին.
Դեռ արեւուն շողը սերմին չըհասած`
Անդի՜ն անդի՜ն կը մորթեն:
Ո՛վ սեւաչուի, աւելի բորբ սիրով քեզ
Պիտի սիրեմ եթէ մէկտեղ տըրոփեն
Քու զամբիկդ, իմ խարըստիս:
Կըկոցը թո՛ղ, որուն շաչող ոլորտներ
Ներշընչեցին քեզ երգն հանդարտ սըրտերու.
Ալ թո՛ղ երդիքն` որուն վրայ
Կ’ուռճանայիր գարնան արձակ հովերէն,
Մերթ ըլլալով սըրտաթունդ
Վառեակի մ’հէգ ճըւոցէն`
Զոր ցինն արտին մէջ կըտցահար կը խեղդէր:

Յիշէ՛ այն լեռն` ուր քեզ առջի հեղ տեսայ
Նախ վարդի թուփ կարծելով,
Մենք գիշերուան մէջ անկէ վար պիտ’ իջնենք
Նըժոյգ հեծած, զուգահետ,
Խաւարակուռ դաշտին մէջ
Դաշոյնիդ ցուրտ փայլին հետ, ո՛վ մարտկուհիս,
Շանթերն աչքիդ ցայտած վրէժի երկընքէդ`
Ռազմի ճամբան պիտ’ ցոյց տան:
Մազերդ արձակ պիտի նետես ուսերուդ`
Թողլով որ գոռ մըրրիկն անոնց մէջ երգէ
Բարբարոս երգը բնութեան:
Եւ երբ ասա՛նկ ընթանանք,
Երբ նըժոյգիդ ամէն մէկ խրոխտ ոստումին
Մըկանունքներըդ ցունցերէն զօրեղնան,
Երբ այն ծաղիկն` որ լանջքիդ վրայ պիտ’ բուրէր`
Սըմբակի տակ ճըմլըւի,
Ես այն ատեն գըգուանքի տեղ փափկասուն
Պիտի դիմեմ փոթորկատիպ, կորովի,
Եւ մեղրածոր համբոյրի՜դ:
Ի՜նչ, երբ տեսար գրասեղանիս միշտ առջեւ
Այս իմ մըռայլ հոգիս, ով կո՛յս, կարծեցիր
Թէ պիտի հե՞ղգ մընայ միշտ.
Ի՜նչ, կարծեցիր թէ չե՞մ կըրնար ես ընել
Գրիչըս դաշոյն եւ կաղամարըս` կարմիր
Սիրտը գազան ոսոխին:
Ես շատ, շա՛տ լաւ կըրնամ Երազը փոխել,
Մերկացելով իր զեփիւռէ ըզգեստէն`
Աստղեր ցընցող մըրրիկն անոր հագցընել:
Երբոր անդին միշտ կու լան
Զի կը մեռնին, ու կը մեռնին զի կու լան`
Ինծմէ հեռո՜ւ թուղթ եւ գիրք.
Տանդէն բոցին ես կը նետեմ,
Գերեզմաննոց կը նետեմ ես
Դուրեանն` որ ա՛յնքան ժամանակ սիրեցի:

Աղուո՛ր աղջիկ, ուրիշներու արցունքին
Գիտե՞ս թէ ո՛րչափ աշխարհս է անտարբեր.
Մենք իր քունով չընիրհենք.
Իր վերմակին տակ` տըռփոտ`
Աստղիկն անուշ կը բոզանայ, ու լըլկուած
Թեմիսը հոն նոր Բագոսներ կը ծընի:

Բըզիք, բըզիք, արիւնլուայ,
Հոն վարը մեզ կը սպասեն.
Ես կապարճիս մէջ դընելու չըմոռցայ
Հրաշէկ շանթերը Արէսի երկընքին.
Հիմա սիրոյ նայուածքէ մ’իսկ ուժեղ եմ,
Եւ անյողդողդ` ճակատագրէն աւելի`
Քանի որ կո՛յսն է ընկերս,
Ու սէրն հրաթեւ ռահվիրաս:
Դու, ո՛վ վարդ կոյս, հոն լափող բոց պիտ’ ըլլաս.
Դու, ո՛վ տատրակ, կարշնեղ արծիւ պիտ’ ըլլաս.
Քանի որ այրն է ընկերդ,
Ու գաղափարն ռահվիրադ:
Ես թերեւս հոն պիտի մեռնիմ - իցի՜ւ թէ -
Երկա՜ր ատեն բաղձացի
Արիւնն ինծի վերմակ ընել, բարձ ընել
Կողը ձիուս` ինկած վէրքի խըրխինջով:
Մեռցընելէ վերջ մեռնիլ
Երկա՜ր ատեն բաղձացի:

Լուսնին վըկայ նայուածքին տակ, քանի մ’հեղ
Լեցընելէ վերջ ոսոխին արիւնով
Մեծ սաղաւարտը Հայկին`
Հոգ չէ թէ ա՛յսպէս իյնամ.
Երբ օր մ’հոգիս լայնախոց
Հայրենական հողին մէջէ արթընցած
Պիտի տեսնէ որբն յագ եւ յագն` ապահով,
Մըշակն անվախ արտին մէջ` արտն` անաւեր,
Կեանքը ազատ, ազատութիւնն` յառաջադէմ,
Հոգ չէ թէ ա՛յսպէս իյնամ.
Գիտեմ որ իմ շիրմիս քով
Պիտի երբեք օձ չըսողայ, պիտի միշտ
Կապոյտ մընայ անմոռուկդ, ո՛վ Հայուհիս,
Եւ յաղթական առիւծ մ’հոն թաթը դըրած
Բորենիի մը կուրծքին
Աստղերն ի վեր, լիաթոք,
Պիտի յաւէտ մըռընչէ՜…