Կրկէսին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՊՍ

Ձըմերային հրապոյրով ծեր մ’է շըքեղ,
Մերկացուցած են տարիները մէջտեղ
Իր գանկին
Իր լուսափայլ մազերը շուրջ կը պատեն
Անոր պըսակ մ’որ կը հասնի ճակատէն
Ծոծրակին:
Ջինջ պըսակն այդ կարծես դափնի մ’է տըժգոյն
Սնած ամէնէ՛ն ճերմակ շողովն արեւուն.
Ան չունի
Բիծերն արեան կայսերական թագի վէս.
Մաքուր կեանքի մ’արտաբըխումն է, ինչպէս
Ձիւնն երկնի:
Ճակտին վըրայ խորշումներ ծալ ծալ կ’իջնեն.
Մինչեւ անոր թաւ թաւ յօնքերը գըլխէն
Կը շարուին
Շատ մ’աշխարհներ, շատ մ’աշխարհներ զանազան
Երկար կեանքի մը սիւքերուն, եւ որոտման,
Աշունին:
Կորաքամակ եւ հեւքոտ ան կը քալէ.
Ա՛լ չի տեսներ երկինքն. երկինքը մէջն է
Հոգւոյն տաք
Ու երկիրս ալ աչքին ներքեւ ըղձական.
Նըպատակն է գըլխուն վըրայ, իսկ ճամբան
Ոտքին տակ:
Երբեմն իր հետ կը պըտըտինք սիրասոյզ,
Եղած ես իր խոնջած մարմնոյն, ինքն` հոգւոյս
Յենացուպ.
Ու ան վըրաս ձըմեռ, գարուն ես իր տակ,
Կը յառաջենք միշտ իրարու հակառակ,
Միշտ ալ հուպ:
Երբոր իրեն այսպէս կու տամ թիկունքն իմ,
Կը զգամ թէ վրաս արմատն ամբողջ կը տանիմ
Մեր ցեղին:
Կը զգամ եղած փըթթուն խեչակ մ’ուռենի`
Որ հազիւ հազ ա՛լ կը վերցնէ հայրենի
Դրան կաղնին:
Ո՛հ, ո՜րքան ինձ քաղցր է ըլլալ միշտ իր քով,
Զինքը դիտել` երբ Խորհուրդին մէջ հոգւով
Կը սուզի,
Լըսել` երբ ուշ ատեն նըստած մեր բակին
Ջըրհորին քով` Աստուծոյ հետ առանձին
Կը խօսի:
Մըտածումներըս շատ անգամ կը մագլեն
Դէպի վե՜ր իր տարիներուն աստղերէն,
Բայց չընչին
Թիթեռնիկս իմ չըհասած իր արեւուն`
Կ’ուժասպառի. թերթելէն գիրքն իր անհուն`
Կը խոնջիմ:
Մերթ կը պատմէ թէ մըղած է ի՛նչ պայքար
Մարդուն դէմ նենգ, եւ այս հողին դէմ յամառ,
Եւ զերդ հին
Զինուոր մ’որ պարծ` կը թըւէ իր ըսպիներ`
Ան ցոյց կու տայ իր կընճիռներն ու մազեր
Ձիւնային:
Ես երկիւղած կը համբուրեմ մազերն այդ`
Որոնք այսօր իրենց ներքեւ անարատ
Կը սքողեն
Այլեւս առանց մըրրկի ովկիան մ’ամփոփուած,
Եւ շուշաններն են բարութեան` մընացած
Անցեալէն:
Եւ կը դըպչի ճակատս իմ իր ճակատին
Եւ անդամներս անգիտակից կը սարսըռին,
Զի ընդդէմ
Հանդըգնօրէն կ’հանեմ Խորշս իր անհունին,
Եւ տասնեւինս ութսունին հետ միասին
Կը չափե՜մ…