ՎԱՀԱԳՆ
Ո՛վ
Աստուածն
իմ
հայրերուս,
Կը
մօտենամ
ահա
բագնիդ,
եւ
ինձ
հետ
Իր
պախուրցէն
քաշելով
Կը
բերեմ
ցուլ
մ’հովիտներէն
Տարօնի:
Տե՛ս,
պարարտ
է
զոհս
իմին.
Երբուծին
մէջ
կաթնաթոյր
Հողին
ամբողջ
կեանքը
կայ.
Պարանոցն
իր
մըսուրն
ի՛նչ
է
չի՛
գիտեր.
Ան
սընած
է
արօտներուն
մէջ
ազատ,
Ու
ակռաներն
իր
լըւացուած
են
միայն
Հացեաց
Դրախտի
աղբիւրին
մէջ
նուիրական:
Երբ
կը
հեւայ`
իր
հզօր
շունչն
առջեւէդ
Կը
վանէ
հողն
ու
աւազները
գետնէն,
Եւ
կու
գայ
սեւ
ռունգերէն
հոտը
ամբողջ
Դաշտային
թաց
կանանչին:
Տե՛ս,
զոհս
իմին
գեղեցիկ
է
եւ
վըսեմ.
Գըլխուն
վըրայ
կոր
եղջիւրները
խարտեաշ
Փառքի
պսակն
իր
կ’ըլլան.
Կը
բորբոքին
աչքերուն
մէջ
ամեհի
Հըզօրութեան
սեւ
խունկեր.
Եւ
թաւամազ
իր
ագին
Իբրեւ
լորտու
կողերուն
շուրջն
յարասող
Գոռեխներէն,
բոռերէն
Մարմինն
անբի՜ծ,
մարմինը
սո՜ւրբ
կը
պահէ:
Ո՛վ
դու
Վահագն,
աստուածահա՛յր
զօրութեան,
Ո՛վ
Տիգրանի
սերմին
մէջ
Դու
մարդացածԱրեգակ,
Լըւայ
հոգիս,
ճառագայթով
մը
օծէ
Շըրթունքներս
այս,
զի
աւասիկ
կ’համբուրեմ
Բագինըդ
սուրբ
եւ
առած
մուրճը
ահեղ`
Ըսպասարկու
յաղթ
բազուկով
կը
ջարդեմ
Ցուլիս
ճակատն
եւ
իր
արիւնն
յորդավէժ
Կը
նըւիրեմ
ծունկերուդ:
…Արդէն
ահա
կը
մըխայ
Նըւիրական
խարոյկն
առջեւդ
ճարճատուն.
Կը
շըրջի
բոցն
ոստերուն
մէջ
ձիթենւոյ,
Եւ
գիերուն
հալած
խէժէն
արբեցած
Կ’ոստնու
ուղիղ,
եւ
կ’երգէ
Վերափոխումն
իրերուն
ջինջ
հոգիին:
Ա՛ռ.
արիւնոտ
ասոնք
կողերն
են
զոհիս.
Ցըռուկն
է
այս,
ասոնք
ճարպոտ
զիստերն
են,
Ահա
ըղեղն`
որ
ուղղեց
բնա՛զդն
ու
շընչեց
Եղջիւրներուն
խեռութիւն,
Ահա
ջերմ
սիրտն`
որ
տակաւին
կը
սըրսփայ,
Եւ
իր
լեղին`
զոր
ազդրին
վրայ
կը
դընեմ
Յոյսով
մ’որ
ան
պիտ’
տոչորի
ամբողջ.
ա՛ռ:
Եւ
բոցն
որ
արդ
նետած
պըսակն
իր
ծուխի
Վըճիտօրէն
կը
բարձրանայ.
կը
տանի
Ցուլը
ճենճեր
առ
ճենճեր
Վերն,
ապարանքըդ
երկնային
խընկելու.
Ո՛վ
դու
Հըզօր,
ընդունէ
Նըւերներս
իմ`
զոր
մաքրափայլ
սափորով
Կըրակին
վրայ
կը
հեղում:
Ահա
գինին.
պինչերըդ
բա՛ց
ու
շընչէ
Քաղցրաբոյր
հոտն,
եւ
հաշտուէ`
Աստուածային
գինովութեամբ
մը
զըւարթ`
Այսօրուան
քու
ժող’վուրդիդ
հետ
կրօնափոխ:
Ահա
հոման.
-
առջեւըդ
զայն
կը
թափեմ
Մաքո՜ւր,
անո՜ւշ
եւ
առա՜տ,
Ինչպէս
թափեց
ծառն
իր
կուրծքէն
վիրաւոր
Իմ
եօթն
անգամ
լըւացուած
Թակոյկներուս
մէջ
շըքեղ,
Զայն
ընդունէ,
համարէ
Ինչպէս
արիւնն
երեխայի
մը`
անմեղ,
Ինչպէս
քըրտինքն
յըղիներու`
թանկագին:
Ո՛վ
վեհ,
գո՞հ
ես,
տըւի
քեզի
ի՛նչ
որ
կար
Խըրճիթիս
մէջ
եւ
հոգիիս,
քեզ
տըւի
Թըշնամին
ի՛նչ
որ
մոռցած
էր
այսօրուան
Այրիացած
Յաշտիշատիդ
մէջ
ամա:
Արդ
մեր
տոհմին
իբրեւ
վերջին
Վահունի
Բագնիդ
առջեւ
ծունկի
կու
գամ
երկիւղած
Կը
համբուրեմ
հողն
ուր
քու
Հոգիէդ
մաս
մ’արմատ
կու
տայ
շոճերուն,
Եւ
վերցուցած
քեզի՜,
քեզի՜
կարկառուն
Սա
սոթտըւած
թեւերս`
որոնց
արմուկէն
Ցուլին
արիւնը
տակաւին
կը
կաթի,
Ո՛վ
դու
Վահագն,
ո՛վ
աստուածն
իմ
հայրերուս
Կ’աղօթե՜մ
ես…
կ’աղօթե՜մ…
Ուժի՜ն
համար,
կրօնքի՜ն
համար
բազուկիդ,
Որով
դու
օր
մը
պատռեցիր
բերաններ
Վիշապներու,
երկընքին
մէջ
սըփռեցիր
Զերդ
արեւու
հունտեր,
աստղերն
Յարդգողին.
Ուժի՜ն
համար`
որ
թըռիչն
է
եւ
հոգին
Արարչութեան
անվախճան,
Որուն
անհուն
համբիւրին
տակ
կը
ծընի
Աշխարհներէն
մաս
մը
ծաղիկ,
մաս
մը
բոց,
Կ’ապրի
սկըզբունքն
Անմահութեան
հիւլին
մէջ
Եւ
ըղեղին
եւ
կամքին,
Որուն
հըզօր
մատին
տակ
Կը
ճեղքուին
սերմերն,
աւիշն
երգելով
Կաղնիներուն
մինչեւ
գագաթը
կ’ելլէ.
Ուժի՜ն
համար`
որ
կը
լեցնէ
ստինքներ,
Կ’օրօրէ
մեր
օրրանն,
ու
մեզ,
մահէն
վերջ,
Մինչեւ
աստղերը
կը
տանի,
ու
մինչեւ
Երկրորդ
կեանքի
մ’արարչագործ
պատճառին,
Որ
կը
կանգնէ
Ազգ
մ’ինչպէս
խումբ
մ’առիւծի,
Բազուկդ
անոր
բազուկին
մէջ
կը
հեղու,
Եւ
զերդ
հրեղէն
վարազահաւ`
իր
լուսեղ
Թըռիչներուն
ամփոփման
տակ
կը
թըխսէ
Մեր
մայրերուն
ծոցին
մէջ
Դիւցազուննե՜ր,
հանճարնե՜ր,
Այդ
սուրբ
Ուժին
համար
կ’ըսեմ
որուն
դու
Իմացական
աղբերակն
ես
յորդահոս,
Ո՜վ
դու
Վահագն,
ահա
քեզի
կարկառած
Բազուկներս
իմ
արիւնոտ
Կ’աղօթե՜մ
ես…
կ’աղօթե՜մ…