ՎԻՐԱՒՈՐԸ
(Հայ-թաթարական
կռիւներուն
առթիւ
գրուած)
Այստեղ
ինկաւ.
ազատութեան
ճամբուն
վրայ,
Խոցը
կուրծքին,
զէնքն
ափին
Այստեղ
ինկաւ,
երբ
յոգնած
Վերջին
կաթիլն
իր
քըրտինքին
ըսպառեց
Իր
վերջին
սեւ
գընտակին
հետ:
Վէրքն
է
խոր.
Հրաբորբ
արիւնը`
ուրախ
Գըտած
ազատ
իր
անցքէն
Դուրս
կը
վազէ:
Կարմրած
ծոցին
մէջ
մազոտ
Մեզի
համար
նոր
Արշալոյս
մը
կ’եփի:
Դեռ
չէ՛
մեռած.
եւ
եթէ
վարն`
ալքին
տակ`
Իպլիսի
թուխ
բազուկն
իրեն
կը
մըղէ
Մոռացօնքի
լայն
գերեզման
մ’հուպ
ընդհուպ,
Իր
սուրբ
անուանը
համար
Մեր
սըրտերուն
մէջ
կը
հիւսուին
շանթերով
Անմահութեան
օրոցքներ
նոր
եւ
կարմիր:
Դեռ
չէ՛
մեռած.
վերջին
անգամ
վեր
կ’առնէ
Թըխահեր
գլուխը
բանուորի,
հերոսի,
Որուն
մէջ
բոյնը
դըրաւ
Կովկասի
վրայ
աստղերէն
յար
լոյս
խըմող
Ազատութեան
արծիւը
վեհ
ու
կարշնեղ,
Եւ
կը
նայի,
շուրջը
կ’նայի
թէ
արդեօք
Իր
արիւնէն
նունուֆարներ
պիտ’
ելլե՞ն,
Կամ
պիտի
օր
մը
ծըլի՞ն
Հեստ
բաղեղներ
ցախերը
սեւ
ընդուլնող:
Կը
դիտէ
դրօշն
եւ
ծուխն
հրագոռ
վառօդին`
Որ
կը
մըխայ
գանկերէ
դուրս`
շընչելով
Իր
ռունգին
կեանք
եւ
գըրգիռ:
Կը
նայի
վերն
աշտարակին
վրայ
թառած
Նօթի
անգղի
մ’աչք
աչքի
Եւ
կը
խորհի
գուցէ
տարուած
իր
սըրտին
Կամ
աղիքին
մասերը
դէ՛պի
ամպեր,
Դէպի
աստղերն
ու
Աստուած:
Կը
պըշնու
վարն
հորիզոնին`
գըտնելով
Ռազմի
դաշտին
երկինքը
շա՛տ
մօտ
իջած.
Յետոյ
կ’յառին
աչքերն
հըսկայ
նոճերուն`
Որոնց
թագուն
արմատներէն
դէպի
վար`
Որոնք
իսլամ
իշխաններու
բըռնաւոր
Գերեզմաններ
կ’ակօսեն
-
Ո՛վ
պատուհաս
հոգեվարքի
-
կը
հոսէ
Սեւ
անէծք
մ’իր
արեանը
հետ
ֆըշշացող:
‘Ւ
անդի՜ն,
անդի՜ն
կզակ
կըզակի,
յոյս
յոյսի
Բախուող
ռազմին,
սակըրներուն,
բռունցքներուն
Եւ
բոցափթիթ
ռումբերուն
մէջ,
ո՛վ
սարսուռ,
Կանանչ
ոստի՞
մը
արդեօք,
Աստղի՞
մը
նոր`
որուն
շողն
հերձ
պիտ’
լայնէ
Ծիրն
աշխարհիս
եւ
մարդուն,
Բառի՞
մ’հրաթեւ,
Մեսիայի՞
մ’ըսպասուած,
Ո՛հ,
ո՜վ
գիտէ.
ան
վերջին
ցուրտ
դողումով
Հանդարտօրէն,
անհունօրէն
կը
ժըպտի՜:
Ժըպտէ՜,
ժըպտէ՜.
ո՜վ
եղբայր,
Մեծ`
ինչպէս
մեծ
է
խաւարումն
արեւու,
Սուրբ`
Նըշխարին
նըման
բեկուող.
դե՛հ,
ժըպտէ՛:
Ժամն
է
որ
քաջ
հայ
մարտիկներն
ա՛լ
ժըպտին.
Զի
մենք
իրենց
եւ
քու
վրէժիդ
ի
խընդիր,
Մենք,
ռամիկ
Ուժ
գիտակից,
Թարմ
բողբոջներ
շըղթաներու,
գերիներ
Ապըստամբած`
որոնց
ճակտի՛ն
տակ
այսօր
Իբրեւ
բոց
պորտն
Ապագային`
զետեղեց
Աստուած
իր
աստղը
փըրկիչ,
Մենք,
բաց
կուրծքեր,
մազոտ
կուրծքեր,
սոթտըւած
Բազուկներ,
մե՛նք,
սուրբ
Գործին
Ընտըրուածներ,
պաշտուածներ
Գաղափարէն
նոր
եւ
լայն.
Մենք,
Ժողովո՜ւրդ.
պըղընձակերտ
աստուածներ
Րաֆֆիներու,
…
մենք
զինուած
Հրացաններով,
բահերով,
Եւ
մուրճերով,
հաւատքով,
Դիիդ
առջեւ,
կուռ
մոլուցքով
մը
սեւցած,
Աւասիկ
վեհ,
ոտքի՛,
ոտքի՛
կեցեր
ենք:
Եւ
կ’երդնո՜ւնք
քեզ,
կ’երդնո՜ւնք
քեզ,
Որ
երբ
դագաղդ
ուղղուի
դէպ
ի
գերեզման`
Պիտ’
սալարկեն
անցած
ճամբան
իր
ամբողջ
Սուրերը
մեր
ծանրակիր
Թըշնամիին
արիւնշաղախ
գանկերով.
Թափօրիդ
ջահ
պիտի
ըլլան,
դէմ
դիմաց,
Հրդեհն
անո՛նց
տուներուն`
Որոնք
իսլամ
ժանիքը
մե՛զ
ուղղեցին:
Եւ
կ’երդնունք
քեզ,
ընկե՛ր,
կ’երդնունք
որ
այսօր
Մինչ
հազար`
վաղն
աստղերու
չափ
պիտ’
ըլլանք.
Վաղը,
այո՛.
երբ
մենք`
իբրեւ
կարմիր
փունջ`
Շիրմիդ
ոտքին
մէկ
ցիցի
վրայ
նիզակենք
Գլուխը
Ցարին
կամ
Սուլթանին.
Բըռնութիւնն.
Մեր
որդիներն
յա՜ղթ,
զըւա՜րթ,
Պիտի
սնարիդ
դընեն
վարդէ
պսակը
ծանր
Ազատութեան:
Կ’երդնո՜ւնք,
ընկե՛ր,
կ’երդնո՜ւնք
քեզ: