Կրկէսին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՂԹՈՂԸ

Ահագնադռինչ բացուեցան պըղնձէ դըռները Քաղքին.
Պատերազմի տաք փոշին դէպ ներս խուժեց մրըրկագին`
Որուն միջեւ իր ձիուն վըրայ Յաղթողն երեւցաւ,
Ու յառաջեց փառապանծ: Գերիներու շարք մ’անբաւ,
Ասորիներ եւ մարեր, պարսկուհիներ թխագանգուր,
Վիզ վըզի հետ շըղթայուած օղակներով ոսկեկուռ`
Ետեւէն լռիկ գային ծախուելու վաղն աճուրդի:
Ահա սայլերն աւարին` լի հակերով արծաթի,
Ահա թագերն անոնց մէջ եւ գահերու բեկորներ,
Գերի բերուած աստուածներ, նախնիներու ոսկորներ:
Եւ Յաղթողն ի՜նք - առջեւէն - միշտ ըսպիտակ ձիուն վրայ
Անոնց կ’իշխէ, կը բերէ զանոնք Քաղքին իբր ընծայ:
Արդէն կըռուի դաշտին մէջ զօրքերը զինք պսակեցին.
Երկու թարմ ոստ դափնիի շուրջը գըլխուն դեռ կ’աճին.
Սուրն իր կուշտէն կը կաթէ արի՛ւն ծորան առ ծորան.
Ճօշանին վրայ կը փայլի խոժոռադէմ Գորգոնան,
Եւ իր հասակն հերոսի կը ցըցուի ա՛յնքան հըսկայ`
Որ արեւն իբր ադամանդ սաղաւարտին կը շողայ:

Քաղքին մէջ սով կար երէկ, այսօր խրախճանքն է համակ
Փողերն ահա կը հընչեն աշտարակէ աշտարակ,
Ձիւն տատրակներ օդին մէջ կը դառնան հիռ եւ հոլով`
Գիրգ փետուրներ լանջքերէն կոյսերուն վրայ թափելով:
Յաղթողին դէմ կը խուժէ ամբոխին ահա զերդ ալիք.
Կը թողու հիւսն իր սըղոց, ջաղացպանն իր աղօրիք.
Ջահրակ դարձնող պառաւները կը վազեն դողդոջուն`
Դեռ մազերնէն չըմաքրած բուրդի ծուէնները կառչուն.
Կու գան կոյսեր վարդերով եւ Աստղիկէն կը ցանկան
Յաղթողին քով կըռուող գէ՛թ զինուոր մ’իրենց սիրական.
Քուրմերն ահա կը վառեն արձանին դէմ Վահագնի
Նըւիրական խարոյկներ ու կը զոհեն կենդանի.
Կը խոշոշեն հովիւներն անոր անցած ճամբուն քով
Քառսուն ոչխար դեռ յըղի քառսուն ջուխտակ գառներով.
Տըղաք արմա՛ւ են բըռներ եւ աղջիկները հիրիկ`
Որոնք դեռ փոքր` արեան տօնն այդ կը կարծեն հարսանիք.
Քօղերն իրենց կը փըռեն հարսերն անոր անցքին վրան.
Կիներ բերած սափորներ` գինիի մէջ կը լըւան
Ձիուն տըղմուտ սըմբակներն ու լայն երբուծն հըրատապ:
Ան, լուռ, կ’անցնի բիւրաւոր կամարներէն ծաղկակապ`
Ուրկէ վըրան կը թափէ թերթերն հրագոյն վարդենին.
Ամբոխին վրայ կը նայի ինչպէս արեւն ովկիանին.
Նայուածքն իրե՛ն կը քաշէ ալիքներն այդ թըխաթոյր`
Որոնք այսօր կը խայտան, կը մռընչեն վաղը կոյր,
Ւ’ արփւոյն բիծերը լըւալ չըկըրնալէն` վրիժասուն`
Դէպի անոր կը թըքնեն սարսափն ամբողջ վիհերուն:
Ու ամբոխն յար կը յորդի, կ’յորդի ամբոխն արբեցած.
Դոյլին մէջ ա՛լ կաթ ունի, տաշտին մէջ ա՛լ ունի հաց.
Եւ կը հենու ծիրանի, կը հիւսէ թագ-մարգարիտ.
Կը գոչէ. «Փա՜ռք քեզ, Յաղթող, համբո՜յր կարմիր քու սուրիդ.
Դու` որ զինուոր մեկնեցար, վերադարձար դիւցազ յաղթ,
Սէգ Քաղաքս այս պաշարող թըշնամւոյն դէմ եղար լախտ,
Դու` որուն ճօշն արեւն է, եւ կայծակն է` իր գեղարդ`
Զոր Հեփեստո՛սն է դարբներ սալին վրայ ուռնայարդ,
Դու` որ բեղուն ըրիր մեր դաշտերն արեամբ, բերիր մեզ
Թագուհիներ` աղախին, եւ իշխաններ` ծառայ հեզ,
Փա՜ռք քեզի, ո՛վ Յաղթական, համբո՜յր կարմիր քու սուրիդ,
Յառա՜ջ անցիր, մենք ըզքեզ կ’ուզենք արքայ լուսամիտ:
Ո՛ւր որ նիզակդ հասնի` հոն իրաւունքիդ ըլլայ գիծ.
Մեզ դատաւոր դո՛ւ միայն, լոկ քեզ Թեմի՛ս գահակից.
Պիտի միշտ մեր դաշտերուն մէջ սերմանենք յոգնաշխատ
Ճակտիդ համար բրաբիոն, եւ բանակիդ հացն առատ:
Յառա՜ջ անցիր, ո՛վ Փըրկիչ, ձիդ հըրապարա՛կը վարէ.
Քեզ ոսկի գահ ենք կանգներ պալատին մէջ մարմարէ.
Քառսուն կոյսեր նուիրուած Անահիտի մեհեանին`
Գիշեր ցորեկ կը հիւսեն գոհարով քու ծիրանին.
Քու գաւազանդ ենք կըտրեր անտառներէն սուրբ Սօսեաց`
Որոնց միջեւ սարդը պիղծ ոստայնն երբեք չէ՛ կապած.
Եւ թագըդ քու մարգարտէ` սաղաւարտիդ պէս հըսկայ`
Ինքն Արամազդ երկընքէն պիտի դընէ գըլխուդ վրայ:
Փա՜ռք քեզի, ո՛վ Յաղթական, համբո՜յր սուրիդ այդ կարմիր,
Արքայ կ’ուզենք մենք ըզքեզ, գահը՜դ դէպի բարձրացիր»:
Յաղթողը լուռ ունկընդրեց` աչքերն յառած հորիզոն,
Յետոյ իջաւ նըժոյգէն, դըրաւ թամբին վըրայ հոն
Դափընէպսակն հանելով իր ծեր ճակտէն դիւցազնի,
Տըւաւ ճոխ սանձը խարտեաշ տըղու մը ձեռքն արքենի`
Որ կեցած էր հոն ձիուն բաշերուն տակ աղեբեկ.
Եւ ըսաւ խօլ ամբոխին. «Իմ գիւղըս զիս ղըրկեցէք»: