ԱՐԾԻՒՆԵՐՈՒ
ԿԱՐԱՒԱՆԸ
Է
կարաւանն
արծիւներու.
կը
ճախրէ
Աշտանակուած
գաղափարի
քաջերէն:
Շառաչ
մը
գոռ
թըռիչքի
Կը
ճեղքէ
սեւ
ամպերն
ու
լայն
կը
բանայ
Կապոյտ
ճամբայ
մը
ազատ:
Ակընկառոյց
կը
դիմեն
Նըպատակին`
իբրեւ
լերան
մ’ադամանդ:
Վեհ
հոգիներ
են
անոնք,
Ռազմիկի
վեհ
հոգիներ.
Անոնք
հազար
գարուններէ
աւելի
Են
գեղեցիկ
եւ
կարող:
Իրենց
աչքին
մէջ,
Արէսի՛
ատրուշան,
Երիտասարդ
կեանքը
առոյգ
կը
ժըպտի:
Սիրողնե՜ր
են.
եւ
սէ՛րն
իրենց
սովրեցուց
Ըսպանութիւնն
ըստեղծիչ.
Եւ
այսպէս
խրոխտ
ու
ազատ,
Վարն
ետեւնին
թողուցած
Աղաչաւոր
մայրեր,
հարսեր
արցունքոտ,
Կ’երթա՜ն,
կ’երթա՜ն
կապոյտին
մէջ
լողալով.
Արծիւներուն
լայն
թըռիչքի
բախիւնէն
Աստղերը
շէկ
կ’արծարծին.
Եւ
անոնց
դուժ
կըռինչներէն,
վըհասոյզ,
Մըռայլ
տարմերն
ագռաւներուն
կը
թագչին,
Եւ
ռազմիկներն
արբշիռ,
սարսռուն
(աւելի
Գուցէ
զիրենք
Աստուծոյ
մօտ
ըզգալէն)
Շարան
շարան
կը
սուրան.
Կ’ըմպեն
շիթ
շիթ
կապոյտէն`
Իբր
ան
ըլլար
բանաստեղծի
մի
հոգին.
Ամպերէն
դուրս
կը
փետեն
Կայծակներն
հուր
եւ
անոնցմով
կը
պսակեն
Ճաճանչաւուխտ
ճակատնին.
Իրենց
արեան
մէջ
կը
խառնեն
մըրրիկներ.
Կ’ըլլան
բնութիւն
եւ
վրիժագոռ
աղօթքով
-
Ըմբոստներու
շարական
-
Աստուած
իրենց
գանկերուն
մէջ
կը
բանտեն.
Յառա՜ջ,
յառա՜ջ:
-
Բայց
կար’ւանն
ա՛լ
կը
կենայ
Սա
ժայռերուն
կարմիր,
սա
սեւ
ժայռերուն:
Կ’ելլէ
գաղջ
հոտ
մ’արիւնի`
Ծոթրիններու
բուրումներէն`
յաղթական.
Կը
բարձրանայ
հովիտներէն
խեղդուկ
լաց
Մ’որուն
մէջ
լա՛ւ
կը
զգացուի
Մարդու
հոգին
կապտըւած
նոյնիսկ,
աւա՜ղ,
Արտասուելու
մեծ
բարիքէն
կենակից:
Հոն
կար’ւանն
ալ
կը
կենայ:
Եւ
արծիւները
ճերմակ
Բաբախելով
թեւերնին`
Կըտուցներով
ժայռերը
կուռ
կը
ծեծեն,
Եւ
ռազմիկներն,
ընձառիւծներ
դարանած,
Ըսպասելով
ահեղահունչ
վայրկեանին
Լերան
կողին
կը
մոլեգնին,
կը
սպառնան,
Մինչդեռ
անդին
գիշերուան
մէջ,
կասկածոտ,
Լուսնին
Մահիկը
ցըրտադող
սարսափով
Տաւրոսին
վրայ
կը
դեղնի՜: