Կրկէսին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԵՒԱՆԳԻՉԸ

Լերկակարկառ եւ ամայի լերան վրայ
Ինչպէս արծիւը` օձին,
Հանդիպեցայ ես անոր
Եւ, ճապռօրէն, ձեռքով ուսն իր պըրկեցի.
Գըլխուս վերեւ նախանձէն
Անգղը երեք հեղ թեւերն իր բաբախեց:
Մինչդեռ պատուին զօրացած
Բազուկիս տակ լիրբ թըշնամիս դեռ յոխորտ
Կը գալարուէր` ես բարկասաստ մըռնչեցի.
-»Գանկդ իբրեւ գուշ կը ջարդեմ.
Ե՛տ. ե՛տ դարձուր հափափած կոյսըդ աչեղ»:
-»Այտերն առած` ծընօտը քեզ կը բերեմ»:
Ընդվըզեցաւ: Ըզգացի
Որ ճակատէս վեր խուժեցին բարկութեան
Վառ երակներս ինչպէս հալած կայծակներ,
Եւ բարկասաստ մըռնչեցի.
-»Ամէն մէկ ո՛սկրըդ զատ զատ շան կը նետեմ.
Ե՛տ, ե՛տ դարձուր հափափած կոյսըդ աչեղ
Զոր սիրտս արբշիռ կը ցանկայ»:
-»Տո՛ւր, դաշոյնս իմ սիրտըդ իրեն կը տանի»:
Ընդվըզեցաւ: Մոլեցայ:
Եւ հակընդդէմ իբրեւ երկու կայծակներ
Մեր դաշոյններն ընդհարեցան բոցաթափ.
Մաքառեցանք. սուրբ է, սո՜ւրբ
Մաքառումն այն` ուրկէ ժայթքած արիւնն հիր
Արդարութեան ոտքերն աղուոր կը լըւայ:
Մեր կրունկներուն տակ թընդաց
Լեռն իր բոլոր ընդերքներուն խորերէն.
Մաքառեցանք. ձորէ ժայռ,
Ժայռերէ ձոր ելեւէջներ գործեցինք:
Մեր սըրտերուն խորը ամպրոպն էր նըստած
Եւ բռունցքներուն վըրայ` շանթ:
Դէմքն իր արեամբ ներկեցի`
Հեղելով դուրս կարմրութիւնն իր ցըռուկին`
Ուր, ո՛վ Սատան, գուցէ հարուածս ըսպաննեց
Համբոյր մ’երկա՜ր լըլկումներով ըստացուած:
Զայն մըղեցի, մըղեցի,
Ըսպասելով կեր ընել
Տարտարոսի մ’աւելի խոր: Գըլխուս վրայ,
Արեգակին շողերուն մէջ քօղարկուած
Հոգին կոյսի մ’անծանօթ
Ուժերուս ուժ կը բարդէր,
Երակներուս մէջ կը ծորէր, շիթ առ շիթ,
Քըրտինքս արեան վերածած:
Զայն մըղեցի, մըղեցի զայն: Ձեռքերէն`
Բուռն հարուածի մը տակ, իբրեւ ընդոստ իժ,
Վիհ մը դաշոյնն իր կըլլեց:
-»Ա՛յ, քեզ անէ՜ծք…»- մըրմըռաց.
Եւ մէկ զարկիս տակ կարշնեղ
Սահմըռտկելով ինչպէս կըրօնք մը խարդախ
Մութ անդունդի մ’արգանդին մէջ, ա՛լ անդարձ,
Թաւալգըլոր, արիւնոտ, խոր, վիժեցա՜ւ…
Հոն վարը. ես լըսեցի.
Զիս օրհնեցին. ես լըսեցի. վա՛րը հոն:
Հայուհիներ հափափուած`
Որոնց համար գեղեցկութիւնը եղաւ
Մագնիսը պիղծ ոճիրին,
Քըրքում կոյսեր, վարդ կոյսեր`
Որոնք բըռնի տըռփանքներու ենթարկուած
Տեսան որ ծոցն իրենց փեթակը դարձաւ
Պիծակներու թունալից,
Շուշանազգեստ նոր հարսեր`
Որոնց ճերմակ քօղերն եղան պատանքներ
Կուսաժըպիտ երազներու. եւ կիներ,
Տժգոյն աստղեր ճահճի մէջ ցոլացած,
Կիներ գերուած, կիներ խեղճ,
Թագըստոցի, քարայրներու ներքեւէն,
Հաւտարմութեան հաւտարիմ,
Անձնասպանի երազներով` դալկահար,
Եւ, ո՛վ Սարսափ, պըղծըւած`
Մեր պապերուն նըշխարքներուն վրայ քինոտ,
Շըղթայուած էգ առիւծներ,
Խոժոռ, ահեղ, մռընչելով զի՛ս օրհնեցին…