Կրկէսին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԻՒՑԱԶՆԻ ՄԸ ՍՈՒՐԻՆ

Երբ զէնքերով թաթաղուն գօտիէդ դուրս քաշես զայն`
Ամպին ծոցէն սըլացող կայծակին պէս կը փաղփի:
Երկաթն ի վար ցոլցոլուն կը վազէ լոյս մ’հրահոսան
Նայուածքներուդ տակ արփի:
Անոր մետաղը Վրէժին ճոխ հանքերէն են պեղեր:
Գեհենական յաղթ դարբին մ’է կըռեր զայն փողփողէջ,
Յետոյ հըսկայ հասակովն աստուածաբար ջըրդեղեր
Արդարութեան լոյսին մէջ:
Իր փըղոսկրէ դաստապանն է ո՜րքան պերճ ու փարթամ,
Շուրջն են հեռեր մարգրիտներ արցունքներու պէս պայծառ.
Զայն բուռդ հազիւ թէ սեղմէ` աչքերուդ մէջ կը կարդամ
Մահուան վըճիռն անաչառ:
Ո՜հ, իր սայրին նըրբաւարտ, աներեւո՜յթ իր սայրին`
րուն վըրայ ճաճանչն ալ նոյնիսկ թառիլ չի՛ կըրնար.
Ադամանդ իսկ լուսակուռ, մըտածումն իսկ մարդկային
Ան խազերու ունի հնար:
Շե՛ղբը յետոյ պաղպաջուն, իր շեղբը մերկ եւ արու,
Որուն կարծես կիսակոր կաղապարին ձեւին մէջ
Լոյս մ’է սառեր, աղօտ լոյս մ’արիւնահեղձ կեանքերու
Քերովբէի կըռուէդ վերջ:
Ես կը պաշտե՜մ Սուրդ արդար` մահիկին դէմ լուսնային,
Ժամերով ծունըր դընող սուրբ հընդիկի մը նըման.
Ազատ մարդուն պատասխանն, հովուացուպն է Եահուէին.
Ան ցուրտ լեզո՛ւն է Մահուան:
Փայլակնաթափ հարուածն իր` թագերուն վրայ ոճիրէ
Կ’երգէ հանգի՛ստ զոհերուն, գերիներուն` աւետիս.
Հին արիւնով նոր օրէնք դարերուն վրայ կը գըրէ…
Ան հաւա՜տքն է իմ սըրտիս:
Հերո՛ս ընկեր, մօտեցիր իմ այդ հաւատքըս պողպատ
Ես քըրմօրէն վար կախեմ գօտիէդ այդ կարմրավերտ,
Սուրըդ կախե՜մ, դըրած իր պատեանին մէջ թաւշապատ
Համբոյրիս հետ իբր ողջերթ…
Դարձեալ քանդել ըսկըսան բարբարոսները դըժխեմ.
Կացիններուն տակ նորէն կ’արիւնին մեր մարմարներն.
Հերո՛ս ընկեր, մօտեցիր, մօտեցիր Սուրըդ կախեմ…
Ան ըսպաննէ թող եղեռն:
Արշալոյսին կառքն արդէն կը սպասէ մեր դըրան քով.
Պէտք է մեկնի՜լ: Սակայն հոն խառնուրդին մէջ հարուածի
Չըմոռնաս որ Սուրիդ վրայ իմ ոսկեղէն հերիւնով
Ես «Կեանք կա՛մ Մահ» գըրեցի: