ՀԱՅՐԵՆԻ
ԼԵՌՆԵՐ
Լեռնե՜ր,
լեռնե՜ր
հայրենի,
անմահական
դըշխոներ`
Որոնց
արփին
կը
դնէ
թագ
եւ
մըշուշն
ալ
պատմուճան.
Լեռներ
սառէ
ծոցերով,
գըլուխներով
ձիւնահեր`
Զոր
կ’օծանէ
լուսընկան:
Ձեր
ճակատները
կոյս
են
լոկ
Աստուծմէ
համբուրուած,
Թըխակարկառ
ուսերնիդ
կը
լուայ
կապոյտն
երկընքին.
Վիհերու
մէջ
ուր
լիճեր
կը
քընանան
մենակեաց,
Աստղերը
սոսկ
կը
ծաղկին:
Քարայրներէն`
որոնց
մէջ
հովը
գայլի
պէս
կ’ոռնայ`
Գետեր
բըխած
գարնան
դէմ
կը
գահվիժին
փըրփրահեր,
Եւ
կ’երթան
ձեր
ոտքերուն
սըփռել
գորգեր
միշտ
ծաղկեայ`
Ուր
կը
նըստին
հովիւներ:
Կը
սողայ
շանթն
օձի
պէս
ձեր
գըլխուն
շուրջ
կրանիտէ,
Որմէ
բռընկած
կը
մըխան
եղեւնիներ
օրերով.
Արծիւն
այդտեղ
աստղերէն
միայն
իր
կուտը
կ’ուտէ,
Կը
խըմէ
ջուրն
ամպէն
զով:
Օրհնեա՜լ
ըլլաք,
ո՛վ
լեռներ,
օրօրոցներ
ադամանդ,
Ուր
մեր
պապերն
առջի
հեղ
իրենց
աչքերը
բացին,
Եւ
վագրի
մորթ
մ’ուսերնուն
իջան
դաշտերն
արգաւանդ,
Կըրթեցին
եզը`
լուծին:
Փայլակնաբիբ
ամպրոպին
մէջէ
-
երկնի
գոռ
գազան
-
Մեր
արքաներն
որսալու
ելան
փախչող
սատրապներ.
Իրենց
ձիուն
խըրխինջէն`
անդունդներուն
մէջ
սուզան
Ժայռին
մրափող
վիշապներ:
Օրհնեա՜լ
ըլլաք
դո՛ւք`
որ
տուիք
գըրկերը
ձեր
շաղածին
Անակորդւոյն,
Տըրդատին
պատըսպարան
եւ
անդոյր,
Որոնք
քաշուած
այրերու
մէջ`
լուսնին
տակ
կարդացին
Ժամագըրքեր
խընկաբոյր:
Դո՛ւք
որ
տեսաք
փապարի
մէջ
կոյսերու
ոսկըրներ`
Զոր
յետոյ
լոյս
մ’երկնային
փոխակերպեց
շուշանի,
Դո՛ւք
որոնց
մէջ
ճըգնազգեստ
քուրձերով
են
վախճաներ
Արքաներ
նման
տիտանի:
Արծաթն,
ոսկի՛ն
կ’եռան
ձեր
արգանդներուն
մէջ
հրագանձ,
Որոնցմով
հայ
տիկիններն
իրենց
զարդեր
շինեցին,
Հայրապետներն
ըսկիհներ,
եւ
ասպետներն
հերապանծ
Նետերն
իրենց
մահածին:
Ձեր
մայրենի
ծոցին
մէջ
կաթը
մարմարն
է
առատ`
Զոր
կըթեցին
մեր
հայրերն
օր
մը
ձեռքով
ժըրաջան,
Ու
կերտեցին
աստուածներն
ու
բագիններն
անարատ,
Ուր
տատրակներ
մորթուեցան:
Կառոյց
Երուանդ
իր
քաղաքն
ու
Երուազն
ալ
իր
մեհեանն.
Հըսկայ
սիւներ
խոյագլուխ
Մասիսի
պէս
շողացին,
Ու
ձեր
մարմարն
արփացոլ
հագաւ
ձեւերը
տիտան
Մեր
պապերուն
հանճարին:
Արշակ
կապեց
կամուրջներ
Եփրատին
վրայ
դիւաձայն`
Որոնք
այդ
խեռ
դիցուհւոյն
ճապուկ
մէջքը
պարուրող
Եղան
գօտի
ալեսանձ`
որոնցմէ
վար
կախուեցան
Մորմենիներ
աղամող:
Քանդակուեցան
ձեր
կուճով
դամբարաններն
Անիի
Եւ
սափորները
լեցուն
Արշակունի
աճիւնով`
Որոնց
մէջէ
ծըլեցաւ
իբրեւ
ընձիւղ
կաղնիի
Բագրատունին
մարտախռով:
Լեռնե՜ր,
լեռնե՜ր,
սե՜ւ
լեռներ,
այլեւս
աւա՜ղ
թափուր
էք
Շողապըսակ
փառքերէն,
հերոսներէն
հինօրեայ.
Դիոսի
տեղ
ամպ
մ’այսօր`
զերդ
քօղն
այրի
կընոջ
մ’հէգ`
Կը
նըստի
ձեր
գըլխուն
վրայ:
Թող
ձե՛զ
դառնայ
նոր
Սերունդն,
ըլլայ
դրացի
արեւուն.
Իրեն
դըղեակ
թող
ընէ
իր
հայրերուն
օրօրանն.
Արծուի
թեւերն
իր
վըրա՛յ,
իր
վրա՛յ
երկինքը
անհուն.
Թող
շանթերո՛վ
զինուի
ան:
Փըրկութիւնն
ա՛լ
ձեր
մէջ
է,
ձեր
փապերուն
մէջ
մըթին,
Սեպերուն
վրա՛յ
է`
ուր
այծն
ելած
վիհին
կը
նայի
Հոդ
ջըրվէժներն`
որոնց
քով
վարդենիներ
կը
ծաղկին`
Կու
տան
հրաւէր
պայքարի:
Թող
ձե՜զ
դառնայ
նոր
Սերունդն,
աստղահամարզ
ըլլայ
զօրք,
Թըշնամւոյն
դէմ
բերդ
էք
դուք,
դիւցազներու`
ապարանք.
Լոկ
քաջերո՛ւն
համար
ձեր
ժայռերը
լալ,
ջրողորկ,
Կ’ըլլան
գահեր
ոսկեզանգ:
Եւ
թող
տրոփեն
վեհօրէն
լոկ
քաջերո՛ւն
ոտքի
տակ
Հըրաբուխներն
ըսքողուած,
ձեր
սըրտերն
այդ
ծըծմբաեռ.
Եւ
վաղը
թող
շինուին
ձեր
մարմարներէն
ըսպիտակ
Հերոսներու
արձաններ:
-