Կրկէսին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԱՔԵԱԼԸ

Ա

Պիտի մեկնի: Ուսին մախաղ մը լեցուն
Իր հօր այգւոյն թըզերով.
Քեմուխտ գօտին կը պընդէ մէ՛ջքն առնական
Կրօնքի մը պէս ջերմեռանդ.
Տրեխներն հագա՛ծ է եւ ձեռքին մէջ ունի
Ցուպը կըտրած թըմբենիէ մը աղուոր.
Հին մարգարէ մը ասա՛նկ
Պիտի Սիոն ճամբորդէր:
Պիտի մեկնի: Չի գըթար
Նըշանածի մ’որ ցորենին դէզին վրայ
Ինկած կու լայ մանգաղը դեռ ձեռքին մէջ.
Ոչ ալ հիւանդ մայրը փաթթուած իր վըզին
Աղերսներով զինքը կըրնայ ողոքել:
Գաղափարն իր վըճռի թեւե՛ր է հագած.
Եւ իր հաւատքն աչքերուն մէջ երկնագոյն,
Աստղի մը պէս հեռաւոր,
Անհունով լի եւ անհունի խոստումով,
Հանդարտածո՜ւփ կը ժըպտի:
Ու ան կ’երթայ…
Կ’անցնի լեռներն ամպածրար
Եւ հեռուէն մըշակներուն կը թըւի
Թափառող լոյս մ’անդունդներու զարթուցիչ.
Ոտքին տակ մեր հողը հին
Կը սարսըռայ, կը խորխոլի, կը կըլլէ
Կարծես թէ կէսն արեւուն,
Եւ վերածնիչ քիրտովն կը թըրջէ
Իր շըրթունքներն` ուր կակաչներ կը բացուին:
Ան կը նըստի` գիշերով`
Խարոյկին շուրջն հովիւներու հետ բարի
Ու անոնց պարզ հոգիներուն կը բանայ,
Իբրեւ ուրիշ խարոյկներ,
Հին փառքերն այդ մեր լեռներուն սըգաւոր.
Կը յուզէ այդ Երկընքի մօտ մարդերուն
Արծըւային բընազդումներն, ու խօսքն իր
Կըտուցն անոնց կը սըրէ:
Երբ կը մեկնի` գոռ գամփըռները հօտին
Դարվարին վրայ կը հալածեն զինքն ու սուրբ
Մաս մ’ըզգեստէն կը պատռեն:

Բ

Կալերուն մէջ, կամին վըրայ մերթ նըստած
Աշխատանքներ կը մեղմէ,
Եւ մերթ շուքին տակ որայի դէզերուն
Ան կը ժողվէ շուրջն իր տղաները ջըլեբաց,
Կիներ հեւքոտ, այրեր` որոնց կոպերուն
Յարդի փոշին կը մատնէ դառն աշխատանք,
Ու կը խօսի. «Ո՛վ Յոգնածներ, լըսեցէք,
Ազատութեան արեգակին տակ միայն
Քըրտինքը ձեր կը սերմանէ ադամանդ,
Եւ մանգաղին տակ հունձքը ձեր կը փոխուի
Ճաճանչներու. օ՛ն, լըսեցէք թէ ի՛նչ բան
Ակօսաբեկ խոփերուն տակ ձեր` կ’ըսեն
Նըշխարներն յաղթ մեր պապերուն.
Ի՛նչ Աստղի, ի՛նչ Հաւատքի ձեզ կը կանչեն`
Որուն լուսեղ սեղանին վրայ վաղը դուք
Պիտի զոհող ըլլաք եւ զոհ նուիրական.
Եւ ձեր կամերը կայծքարով զինազարդ
Վաղը քըշէք պիտի դուք
Ոսկըրներու վրայ ոսոխ…
Ո՛վ Յոգնածներ, լըսեցէք այս, լըսեցէք»:
Կ’ըսէ, եւ զերդ խորհըրդանիշ ըմբոստման,
Ոսկեհատիկ գարիներու կոյտին վրայ
Տէրութենէն դըրուած կնիքները տուրքի
Գաւազանովն իր կ’աւրէ:

Գ

Յետոյ դարձեա՜լ լեռներ, դարձեա՜լ դարափներ…
Ի՛նչ փոյթ թէ գազը ոզնիի փուշերով
Տրեխներն անոր կըցելու,
Կամ թէ ճամբուն վըրայ արեւն հեղձուցիչ
Սարերուն տակ կը չորցընէ աղբիւրներն.
Ան կը հասնի գիւղերն` եւ մուտքն իր կ’ըլլայ
Անուշաբե՜ր, նըման սիւքի մ’որ կ’հեղու`
Բաց դըռներէն շինական`
Համեմն ու խունկը հեռաւոր թուփերուն:
Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ` ուր ամբոխն
Աղօթքէն վերջ կը ժողվի
Աստուծոյ մօտ խորհելու իր բախտին վրայ`
Կը տեսնըւի Ան, Առաքեա՜լ եւ Վըհո՜ւկ,
Գլուխը փոշոտ, դէմքն արփակէզ, աչքերն հուր
Ճառագայթէ ցանց մը կարծես կը նետեն
Ամէնուն վրայ` եւ կը գրաւեն, կը գերեն:
Ան կը խօսի, եւ խօսքն իր
Կը բուրէ մերթ մեռոն եւ մե՛րթ ալ արիւն.
-»Ո՛վ եղբայրներ, պատրաստ եղէք, զի ահա
Խըմեցին մեր դաշտերն ա՛լ
Արեան յետին կաթիլն Հայկի Երինջին.
Անհունութեան մէջ մեռաւ
Յետին պոչիւնն աստղերն ի գութ շարժելով:
Պատրաստ եղէք, - իւրաքանչիւր վիհի մէջ
Այս իրիկուն պիտ’ կանգնի
Հայրենական ըստուեր մ’ու վրէժ պիտ’ գոչէ.
Այն ատեն թող ձեր սըրտերուն մէջ ըլլայ
Ցեղին կորովն եւ ցեղին թոյնն արթընցած,
Ձեր հիւղակները փոխուին
Մարտկոցներու, եւ մամերն ալ երգելով
Հենասանտրին առջեւ նըստած թող հիւսեն
Ձեզ կամ դրօշա՜կ, կամ պատա՜նք:
Պատրա՜ստ եղէք Արշալոյսին` որ կու գայ
Ձեր կողին վէրքը լըւալ.
Պատրա՜ստ Խաչին, Ձիթենիին, Դափնիին»:
Այսպէս կ’ըսէ, երբ կը զգայ
Կըրունկներուն լուսաբուխ
Ոստիկանի կամ լըրտեսի մը անարգ
Գելոցներուն սեղմումը ցուրտ…

Դ

Ո՛հ, ի՜նչ փոյթ
Թէ իր սուրբի անբիծ մարմինը կ’երթայ
Դառըն համա՛ր տալու հոգւոյն գործերուն,
Թէ կը տանի թըշնամին
Վաստակաբեկ իր միսին վրայ յաղթանակ,
Ի՜նչ փոյթ թէ բանտը խաւար
Ծարաւ լոյսի` լոյսն աչքերուն կը խըմէ,
Թէ կը թունէ տամկութիւնն
Իր ողնածուծն եւ խոռոչները թոքին,
Ան կը մընայ հաւատքին մէջ` աննըւա՜ճ,
Վագրերուն պէս իր երկրին:
Իսկ եթէ օր մ’ալ ազատի, ու նորէն
Շընչեն ռունգերն հովն հայրենի սարերուն,
Պիտի առնէ` ապահով`
Դարձեա՜լ իր ցուպն ու դարձեա՜լ
Վըսեմ պաշտօ՛նը լոյս եւ բոց սըփռելու.
Սակայն, աւա՜ղ, կոշկոճ մարմինը պիտ’ ա՛լ
Անհունութիւնն հոգւոյն կըրել չըկըրնայ
Եւ պիտ’ կոտրի խընձորենի մ’ինչպէս իր
Պըտուղներուն ճոխութեան տակ կորակոր…
Թափառելո՜վ, թափառելո՜վ ընդերկար
Փոշւոյն, տապին, անձրեւին մէջ երբ դեղնի
Դէմքն, ու յոգնին ոսկըրներն,
Երբ նօթութիւնն երակներն իր ցամքեցնէ,
Ջերմը թեքէ ծունկերն` հեղլով ըղեղին
Արհաւրալի խուճապներ,
Երբ կուրծքին տակ արթըննայ
Անգութ հիւծախտն ու ա՛լ խեղդէ յոյսն յետին,
Յետին ծաղիկն երիտասարդ տարիքին,
Ան պիտ’ հասնի գուցէ, այո՛, պիտ’ հասնի
Մայրամուտքի մը ժամուն
Գըլուխը բաց, ոտքերը բոկ, արիւնլուայ,
Ըզգեստներով փոշելից
Հո՛ն, ուրկէ օր մ’առողջ, տոկուն, մեկնած էր…
Բայց, ո՜հ, ոչ մէկն իրեններէն գըրկաբաց
Պիտի գայ զինքն ողջագուրել ճամբուն վրայ.
Հայրենական տան դուռը բաց պիտ’ գըտնէ,
Ջրհորին քովի ուռենի ծառը չորցած,
Բակն ամայի, օճախն ամբո՜ղջ աւերակ…
Ա՜խ, այն ատեն, դողդոջուն,
Ցուպն իր առջեւը հողին մէջ պիտ’ խըրէ
Ու պիտ’ նըստի, դըրան քով,
Գերեզմանին վըրայ իր մօր (յարդարուած
Հոն ով գիտէ որո՛ւ գըթոտ ձեռքերով)
Եւ դալկահար շողերուն մէջ իրիկուան,
Մեռելի դէմքն իր կախ ձըգած կուրծքն ի վար,
Պիտի հազա՜յ, պիտի հազա՜յ դառնօրէն,
Եւ բիբին մէջ արցունքի շիթ մը սառած
Պիտի հատնի՜…
Բայց հայրենի հողին մէջ
Խըրած ցուպն իր, Արշալոյսին, ըսկըսի
Պիտի առջեւն իր` ծաղիկնե՛ր արձակել: