ԴԵՐԵՆԻԿԸ
Դուռը
կը
բացուի.
Դերենիկն,
ահով,
Իբրեւ
թէ
այծեամ
մ’ըլլար
նետահար,
Մօրը
թեւերուն
մէջ
կ’իյնայ
լալով.
-»Ի՞նչ
ունիս
տըղաս…
ըսէ՛
շուտ…
մի՛
լար.
Օ՞ձը
քեզ
խածաւ,
թէ
աքացեց
ձին»:
-»Գըլուխը՜ս
պատռեց
դըրացի
Ալին…»:
Եւ
ան
ցոյց
կու
տայ
սեւ
գանգուրներուն
Ներքեւ
վէրք
մ’ուրկէ
բըխելով
արիւնն
Հայ
գըլխիկն
այդ`
թո՛ւրք
ոխով
կը
թըրջէ:
Քաջ
մօրն
հոգւոյն
մէջ
վիհեր
կը
բացուին
Լեցուած
ամօթով.
գըգուել
կըրթի՞չ
է
Սըրտի
վրայ`
յաղթուած
ճակատն
երկչոտին:
Պահ
մ’իր
գութին
խուլ`
կը
մըղէ
ի
բաց
Կուրծքէն
գըլուխն
այդ
իր
փոքրիկ
վատին.
Եւ
կը
գոռայ.
«Դո՜ւրս…
մինչեւ
որ
յաղթած`
Արիւններդ
անոր
արեամբ
չըմաքրին`
Այսօր
տուն
չես
գար:
Մատնի՛չ
խնամքներուս,
Միթէ
վարսակի
հացո՞վ
սընար…
Դո՜ւրս»:
Տըղան
ամօթէն
շիկնած`
կ’առարկէ.
-»Բայց,
մայրի՛կ,
Ալին
թուրքի
զաւակ
է.
Աչքին
մէջ
հեռ
կայ
եւ
մէջքը
փալա»:
-»Իսկ
դու
ալ
հայ
ես,
եւ
մէջքըդ
ըլլա՛յ
Թող
իմ
մըկրատս,
իլս,
ի՛նչ
որ
կ’ուզես…
Դո՜ւրս»:
Դերենիկն
այպէն
գետին
նայելով
Կը
մեկնի
անձայն…
Հոն
ծառի
մը
քով
Զինքը
կը
տեսնեմ
լոյսով
լուսնակի.
Մեծ
քար
մը
ձեռքին,
ջլաձիգ,
դալկահար,
(Մինչ
արիւնն
այտէն
վար
կը
կայլակի)
Թըշնամւոյն
շեմին
կը
սպասէ,
երկա՜ր…