ԵՐԳ
Թ
ՅԱԿԻՆԹ
Ըսէ՛
ինձ,
ինչո՞ւ
Գըլխիկոր
այսպէս
Կը
սըգաս
թախծոտ,
Ծաղի՛կ
վըշտակէզ:
Ախորժելի
չէ
Բոյրըդ
մեղմագին,
Թերթերըդ
թօշնած`
Հողին
կը
նային:
Ցուրտ
ճակտիդ
նըսեմ
Նըշոյլներն
աղու
Կը
փալփլին
աղօտ,
Մօտ
են
նըւաղելու:
Ա՜հ,
գեղդ
ի՞նչ
եղաւ.
Ի՞նչ
եղաւ
փափկիկ
Քու
վայելչութիւն.
Ըսէ
ինձ
ծաղի՛կ.
-»Հէգ
պատանի
մը
Տեսայ
սըգացող.
Մարած
էր
ճակտին
Սիրո՜յ,
յուսո՜յ,
շող:
Կեանքին
արեւը,
Սիրա՜ծը
հոգւոյն,
Կորզած
էր
իրմէ
Մահն
անագորոյն:
Սիրտէն
հառաչներ,
Ու
սե՜ւ
ափսոսանք
Շըրթներէն
թըռան`
Գըլխուս
իբրեւ
շանթք:
Այն
ատեն
հիքին
Աչքերն
արցունքով
Լեցուեցաւ
աղօտ,
Սիրտն
էր
միշտ
խըռով:
Երկու
գաղջ
արտօսր,
Ցուրտ
այտերէն
վար
Ինկաւ
թերթերուս.
Պատանին
կու
լա՜ր…
Այս
արցունք`
հալած
Սըրտի
շիթեր
են,
Որոնք
գոյնս
ու
գեղս
Ընդ
փոյթ
կը
խամրեն»:
Ծաղիկն
այս
ըսաւ,
Եւ
գլուխն`
անտարբեր
Ծըռեց,
որ
կարծես
Ինձ
կ’ուզէր
մընչել: